Դրախտի երգեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Մեծ անուրջիս աւերակին վըրայ ի զուր,

Կը չարչարուիմ նոր տաճար մը վերկանգնելու,

Հով մը կուգայ ընելով զայն ջարդ ու փըշուր,

Տարտղնելով մտածումներս ակընկալու։

 

Ո՞ր ամպերէն կ՚իջնայ այդ հովն կործանարար,

Ո՞ր երկինքին ուրուրն է ան, չեմ հասկընար,

Որ մանգաղէ քընքոյշ յոյսերս նորափետուր

Կոխկրտելով սիրոյս վրայ՝ հէգ առաթուր։

 

Ես բիւր անգամ համբուրեցի մատներն Անոր

Որ մէկ ժէսթով կրնար կերտել ինձ կեանք մը նոր,

Բայց Ան լըռեց։ Ու ես կ՚անցնիմ ոլորմոլոր

Յիմարութեանց անապատէն անծործոր։

 

Մեծ անուրջիս աւերակին շատ խորերէն,

Հոգիս կուլայ բուի մը պէս ցաւագնօրէն,

Մինչ Ան կանգնած՝ փըլատակին վըրայ սիրոյս,

Կ՚անգիտանայ թ՚ինչո՞ւ կուլայ հոգին անյոյս։

 

Գահիրէ, 1907։