Դրախտի երգեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Դուրեանական մնաս բարով մըն ալ քեզի, ա՛յ սենեակ,

Գաղտնիքներու, արցունքներու դու պահարան ամրափակ,

Պէտք է լքել քեզ վերջապէս, որ դուն ըլլաս ուրիշին,

Մարդ էակին շատ կարճ միայն տեւէ, աւա՜ղ, երախտին։

Կար ժամանակ որ դուն խորան մ՚էիր սիրոյ, պաշտաման,

Անշուք սեմէդ հարսն աննըման մտնելով ներս կուգար ման։

Քաֆէս ներուդ լոյսն մթընշաղ կ՚ոսկեզօծուէր այն արեւէն,

Որ ճաճանչէր դեղձան հարսին խունկ մազերուն վերեւէն։

Եղի՛ր յաւէտ, սիրո՛յ վանդակ, յուզումներուս, լացերուս

Գոց թանգարան, ուր բընաւին չի թափանցէ օտար լոյս.

Հետաքրքիր նայուածքներու չըլլա՛յ ցոյց տաս այն տռամն,

Որ շուքիդ մէջ իբր օձ ահեղ կը գալարուէր յարաժամ։

Քեզմէ հեռու, պիտի յիշեմ սեմդ արաբոճ, հիւրընկալ

Որ սարսըռար քայլերուն տակ փրփօշ հարսին սիրահալ։

Զի լքելով քեզ ես կ՚երթամ ի տեսութիւն այն հարսին,

Որ ո՞վ գիտէ, թերեւս դառնայ քաֆէս ներուդ տմոյն լոյսին։

 

Գահիրէ, 1907