Ամիրային աղջիկը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ա.

Քանի հեռանար այդ խորհրդաւոր տունէն, անոր մութ պերճանքը, խաղաղ ու ազնուական մթնոլորտը կը ճնշէին իր մատղաշ եւ դիւրավառ երեւակայութեան վրայ։ Միտքը կուգար, յստակ գիծերով, մարմարապատ բակը ճերմակ եւ մաքուր. ձեղունէն կախուած մեծ ստեղնաւոր ջահը, զոր եկեղեցիներու մէջ միայն տեսած էր. լայն սանդուխը՝ նկարուն կապերտով մը ծածկուած, ուսկից վեր ելած էին այնքան զգուշութեամբ, դրան առջեւի գաւառացին, իր լայն կարմիր, ապուշ դէմքովը, նոր տարազին մէջ անճարակ կեցուածքով մը, բժիշկին սենեակը՝ այնքան պատկառելի ու խորհրդաւոր, որքան աղօթատեղի մը. յետոյ վերջապէս տոքթորը, ա՛ն մանաւանդ, այնքան հրապուրիչ, գթոտ, հոգածու, իր պլուզով ու գդակովը։ Ի՜նչ սրտառուչ խանդով փարեր էր իր քանդուած մարմնին՝ անոր աւերումները զննելու, անոր քայքայումին պատճառները որոնելու համար։ Օ՛հ, այո՛, հի՛մա մանաւանդ կը զգար այդ փարումին ամբողջ խանդաղատալի հոգեբանութիւնը, անոր գեղեցիկ, խարտեաշ գլուխին տենդոտ պտոյտը իր կուրծքին ու կռնակին վրայ, նչասպառօրէն։ Միտքը կուգային անոր տարփոտ, գթալի նայուածքները զորս գողունի կերպով նետած էր իրեն։

Ու ի՛նչ անուշ, ու ի՛նչ աղուոր ու ի՛նչ տպաւորիչ՝ դէմքը այդ երիտասարդ տոքթորին։ Գլխու ի՛նչ վեհ, հպարտ բռնուածք։ շարժումներու ի՛նչ անբռնազբօս բնականութիւն։ Այս բոլորը, հիմակ որ հեռի էր ինք անոնցմէ, կը խուժէր մտքին մէջ, այն թովանքը ստանալով զոր միայն անսահմանութիւնները կը թողուն ճախրասլաց երեւակայութիւններու վրայ։ Իր անփորձ, միամիտ պարմանուհիի կոյս հոգիին մէջ, գերբուկ սալակներուն վրայէն քալած ատենը մօրը հետ, որ դժնդակ կերպով կը հեւար. Սոֆի անդիմադրելի բաղձանք մը կ՚ունենար դառնալու նորէն այդ տունը, իրեն համար այդ անծանօթ բաներուն հմայքը վայելելու դարձեալ երկարօրէն…

Մայրիկ, տոքթորին ե՞րբ պիտի երթանք նորէն, կը հարցնէր մօրը։

Ախճիկս, նայինք ընտո՞ր պիտի ըլլաս սա իլաճին վրայ, անոր կէօրէ կ՚երթանք, կ՚ըլլայ քի ալ հի՛չ պէտքը չես ունենար տէ մենք ալ չենք երթար կլխու ցաւ տալ…

Մայրիկ, ես մէկ անգամով չեմ աղէկնար, կարելի բան չէ, կը պատասխանէր Սոֆի գրեթէ դողալով այն տխուր պատահականութեան մտածումէն թէ ինք կրնար մէկ անգամով աղէկմնալ ու տոքթորին տունը երթալու պէտքը նորէն չէր ներկայանար։

Պէ եավրում, ինչո՞ւ ատանկ կ՚ըսես, պէլքի կ՚աղէկնաս, կը պնդէր լուացարարուհին, իր աղջկան զգացումներուն բոլորովին անտեղեակ։

Ու կը քալէին անոնք, Հ… գիւղին դերբուկ, խորտուբորտ փողոցներէն, մէկը յոգնութեան տաժանքէն չարչարուած, միւսը հոգիի խռովքներէն ա՛լ բառ մը չուղղելով իրարու, կարծես զիրար չխանգարելու համար։

Անելի մը խորը, տախտակէ խոշոր հին չորցած դուռ մը հրելով ներս մտան Սոֆի եւ իր մայրը։ Պարտէզ մը կը տարածուէր հոն, բարձր խոտերով ծածկուած, ռազիանի անվերջ թուփեր իրենց կանանչ, աղուոր ցօղունները կը խռուացնէին բարակ ծիլերնուն անհատնում դրասանգներովը։ Աջ կողմը, դրան ուղղութեամբը, մէկ մէթր բարձրութեամբ գճգճուած պատ մը կը կանգնէր, որ կ՚երթար կ՚անհետանար հեռուն թուփերու արշաւանքի մը տակ։ Ձախ կողմը, փայտորմ մը, որուն տախտակները ցուրտէն ու արեւէն գալարուեր ծռմրկեր էին, կը յանգէր տեսակ մը շէնքի, որ վրայէն ահագին սայլատան մը, յարդանոցի մը կը նմանէր աւելի քան բնակարանի։ Անոր ընդարձակ տանիքին վրայէն կարծես առասպելական հսկայ մը անցած էր՝ կոխած տեղը վար իջեցնելով, այնքան ելեւէջներ կային հոն, ա՛լ սեւցած կղմինտրներ տեղ տեղ լօռուտ տխուր կանանչով մը թաւիշուած։ Ու այդ շէնքէն անդին միեւնոյն պատը կը շարունակուէր, փլած փլփլած, անշուշտ մողէզներու սերունդներ ապրեցնելով իր մէջ։

Մէկ քանի մեծաբերձ թանթրուենիներ, թթենիներ եւ ուրիշ պաղատու ծառեր, վայրի խոտերու ուղտափուշերու, ռազիաներու այդ վայրի ու անխնամ յատակէն վեր կը բարձրացնէին իրենց վարակոտ բուները, կարշնեղ ճիւղեր երկնցնելով օդին մէջ կանանչ եւ յուռթի, մենաւոր, լքուած պարտէզին ակնահաճոյ գեղջկութիւն մը ընծայելով։ Տնակին հանդիպակաց կողմը, հեռուն, ծառերէն անդին աչքը իսկոյն երեւան կը հանէր անհետացած շէնքի մը ցանցառ մնացորդները, անհարթ գետնի մը վրայ բոլորովին մերկ, պատի փլածներ, հողէն դուրս ցցուած գերաններ ժանգոտ գամերով ծածկուած, սեւ խոռոչ մը որ անշուշտ երբեմնի գետնափոր մառանի մը մուտքն էր, չորցած ջրշեղջի մը լայնաբաց մութ երախը, որմածեփերու ա՛լ քարացած, շաղափուած թուրծեր, վերջապէս բոլոր այն տխուր ու աննշան մանրամասնութիւնները զորս կը թողու բնակարան մը երբ ա՛լ մարդիկ դուրս կ՚ելլան անոր մէջէն եւ ան գոյութիւն ունենալէ կը դադրի, եւ անոր քայքայուած, փտած անդամները մէկիկ մէկիկ կը փրցուին, կը քակուին, կը տարուին։ Յետոյ անձրեւը, ձիւնը, բուքը, արեւը յաջորդաբար կուգան մնացածին վրայ իրենց մթին ու քստմնելի դրոշմը զարնելու։

Պարտէզին կանանչ եւ վայրի ամբողջութեան հետ՝ գետնին այդ մասը իր լերկ, աւերածոյ, տետմալի մերկութեամբ որքան որ ալ ակներեւ հակապատկեր մըն էր, բայց իսկոյն կը զգայիր թէ անոնք երկուքն ալ, թէ՛ պարտէզը եւ թէ աւերակը, լքումի դատապարտուած էին գրեթէ միեւնոյն ժամանակ, շատոնցուընէ ի վեր։ Եւ իրօք, այդ գետնին վրահ ատեն մը կը բարձրանար Հ… գիւղին ամենէն ջոջ ամիրաներէն մէկուն, Մարթոս ամիրային ապարանքը, ու արքայավայել ճոխութեամբ կ՚ապրէր հոն Մարկոս ամիրային մրցակիցը, բայց որ անկէց շատ առաջ կործանման եւ մոռացման անդունդը գլորած էր։ Ակնցի այդ կնամոլ եւ զեղխ ամիրային մահուընէն յետոյ, իր բոյնը, զոր խարդախութիւնը, կողոպուտը եւ յափշտակութիւնը միայն կրցած էին շինել ու կանգուն պահել, քայքայուեցաւ իր կարգին, բնակիչները քիչ քիչ տարտղնեցան՝ խեղճութենէ, անօթութենէ եւ յուսահատութենէ հալածուելով։ Աւուր հացի կարօտ քանի մը աղքատ ընտանիքներ, բաւական ատեն իրենց գրգլիկներովը պատսպարուեցան անոր մէջ, վանելով երբեմնի ճոխութեան, պերճանքի եւ շքեղութեան յետին հմայքները, վառելու համար՝ տան գերանները քակելով, շատ անգամ ծախելով զանոնք հրէայ գողերու, որոնք գիշերանց կուգային այր ամիրայական սիւները փոխադրելու իրենց որջերը։ Աղքատութեան կրծող մագիլներուն տակ, ապարանքը քիչ քիչ հիւծեցաւ. օր մը մէկ կողմը, օր մը միւս կողմը ծռեցաւ ինկաւ, բնակիչները մէկ յարկէն միւսը փախան, քանի քայքայումը փտախտի մը պէս շէնքին մարմնին մէջ տարածուեցաւ հետզհետէ, մինչեւ որ օրին մէկը, անդուլ անձրեւներու յորդումին տակ խխում, լխպիկ եղած, առաստաղը ահագին շառաչումով ինկաւ երկրորդ յարկին վրայ, որ այդ ճնշումին շտոկալով, ահարկու փոր մը դուրս տուաւ։ Ստորին յարկին յետին բնակիչները շէնքին այս քստմնելի յեղաշրջումին առջեը ահաբեկ, ժողովոցին քուրջերնին ու փախան, ու ապարանքը ա՛լ այնուհետեւ քանի մը տարի մնաց բոլորովին իր ճակատագրին, լուռ ու մունջ դիմանալով փտտումի ու կործանման ախտին, որ անոր ընդերքներն ու թոքերը կրծած, կմախքը միայն ձգեր էր։ Բուերը, ջղջիկները իրենց կարեւորագոյն կայանը դարձուցին զայն, անոր մութ, պարապ, դիւային կլափներուն մէջ ամիրային անցեալ փառքը վայելով սգալի վայոցներով, մինչեւ որ վերջապէս օրին մէկը թաղապետութիւնը հասարակաց վտանգ մը նկատելով այդ խարխուլ եւ կիսափուլ շէնքին գոյութիւնը, դատապարտեց զայն գետնի հաւասար ըլլալու. գործաւորներու անգութ ջոլիր մը քանի մը օրուան մէջ կատաղաբար փրցուց քակեց ապարանքին վերջին կապերը. սենեակները բացուեցան, յարկերը վար ինկան, բեկորները սայլերով տարուեցան, շրջակայ աղքատները, որոնք ատեն մը ամիրային սեղանին էւէլցուքները  կը լկէին, հիմակ ալ անոր ապարանքին թափթփուքները առին տարին մրջնային ոգեւորութեամբ մը։ Յետոյ քանի մը տարի, պարապ գետնին վրայ մնացած ցիցերը, գերանները, աղիւսի, կղմինտրի կտորուանքներ, մարմարի բեկորներ, վերցուեցան անցորդ գնչուներու ձեռքով, որոնք Հ…գիւղին մէջէն իրենց ճամբան ատիկա ըրին մինչեւ այն օրը որ ուրիշ բան չմնաց եթէ ոչ գետնափոր մառանին սեւ խոռոչը եւ չորցած ջրշեղջին մութ երախը։ Յափշտակողներու ձեռքերը եւ քայլերը այս վերջնական հատնումին եւ պարապութեան առջեւ՝ պակսեցան, ցանցառցան եւ օր մըն ալ բոլորովին անյայտ եղան՝ յաւերժական անդորութեան յանձնելով ամիրային ապարանքին օրրնաը։

Բայց, այս բոլոր քայքայումներէն վերապրեցաւ, հեռուն, պարտէզին պատին տակ շինուած փոքր միայնակ տունը, ուր ատենօք ամիրային ձիադարմանները եւ կառապանները կ՚ապրէին։ Ցորչափ ապարանքը կանգուն էր, աղքատները արհամարհանքով նայած էին այդ անշուք բնակարանին, ապարանքին լուսաւոր, օդաւէտ սենեակները նախամեծար համարելով։ Բայց երբոր ապարանքը օրհասի մատնուած էր, երկու աղքատիկ ընտանիք այդ տունը ապաստանած էին. մէկը ձկնորս թումիկը իր կնկանը եւ երկու մանչ զաւակններուն հետ, միւսը Կիւլիւկ հանըմը եւ իր աղջիկը Սոֆին, որ դեռ շատ պզտիկ էր այդ փոխադրութեան թուականին։ Երկու համեստ ու խելօք ընտանիքները խաղաղօրէն ու վերջնականապէս հաստատուեր էին այդ տան մէջ, որ երկու բաժանում ունէր իրարմէ բոլորովին անջատ, մէկը մէկ սենեակով, միւսը երկու։ Առաջինին մէջ լուացարար Կիւլիւկը տեղաւորուեր էր, երկրորդին մէջ ձկնորս Թումիկը։ Ժամանակ անցնելով, թաղեցին ա՛լ այդ տան տէրերը սկսած էր նկատել Թումիկը եւ Կիւլիւկը, որոնք նոյնիսկ, օրին մէկը, պզտիկ նորոգութիւն մըն ալ ըրած էին խալխուլ շէնքին, փլչելու վտանգին առաջքը առնելու համար։

Երբոր թաղապետութիւնը փլցունել տուած էր ամիրային ապարանքը, երկու տնւորները շատ վախցեր էին որ փորձանք մըն ալ իրենց նստած շէնքին գլխուն կուգայ. ուստի աճապարած էին անոր վէրքերը գոցել ժամանակուան մը համար։

Ինչպէս ըսինք, Թումիկ՝ կին մը եւ երկու զաւակ ունէր, մեծը քսանըհինգ տարեկան, Գարեգին, զոր աղաւաղելով Գարագի վերածած էին, եւ պզտիկը՝ քսան տարու, Համբարձում, որ կրճատուելով Համբիկ եղած էր։ Թումիկ աղէկ, արեւոտ օրեր տեսած մարդ էր։ Ամիրաներու մեծադղորդ շրջանին, անիկա ահագին դրամ վաստկած էր՝ հազուագիւտ ու համեղ ձուկի պաշար հայթայթելով ամիրայական խոհանոցներուն։ Երբեմն մեծագումար պարգեւներ ընդունած էր՝ իր հայթայթած պատուական մէկ ձուկին։ Բայց Թումիկ, ամուրի եւ հովարատ, աղմկալի կերուխումներու մթջ վատնած էր շահած դրամները, եւ երբ ամուսնանալէն ետք, ամիրաներուն ջահերը իրարու ետեւէ շիջեր էին եւ վաստակի աղբիւրները հետզհետէ ցամքեր, Թումիկ զգացեր էր սխալին մեծութիւնը, եւ ա՛լ սկսեր էր դժուարութիւններու մէջ տապլտկիլ, ընտանիքին ապրուստը հոգալու համար։ Կինը , Հոռոփ, ամուսնութեան առջի մէկ երկու տարին քիչ մը խնդացեր էր, շուտով իյնալու համար խեղճութեան ճանկերուն մէջ։ Երկու մանչեր եկած էին ապրուստի բեռը ծանրացնել։ Թումիկ գիշերները կը լուսցնէր ծովերուն վրայ, ձիւնին, բուքին, անքուն եւ ցրտահար, բայց նորէն զրկանքով կ՚ապրէին իրենները։ Մեծ տղան, ժառանգեր էր, հօրը հետեւեցաւ ծովերուն վրայ՝ դպրոցի երես չտեսնելով։ Տգէտ, բարի եւ հուժկու, Գարագ տասնըհինգ տարեկանէն անվեհեր ձկնորս մը եղաւ, թեթեւցնելով տաժանքը իր հօրը, որուն քամակը ա՛լ սկսած էր կորանալ։ Իսկ Համբիկ, թաղին ազլ. վարժարանը դրուեցաւ, Թումիկին փափաքին համաձայն, որ կ՚ուզէր գոնէ իր զաւկին մէկը ուսումնական ընել։

Կիւլիւկ հանըմ, որուն ամուսինը, նիհար ու բարի երիտասարդ մը, թոքախտէն մեռեր էր իրենց ամուսնութենէն տասը տարի ետք, աղջկան հետ լքուած ու անօգնական, առանց յուսահատելու, կեանքի պայքարին մէջ նետուեր էր իր գէր, հաստակազմ մարմնին բոլոր կորովի տոկունութեամբ, միտքը դնելով իր սիրական մէկ հատիկ զաւակը անմասն ապրեցնել կեանքի զրկանքներէն, մեծցնել զանիկա ինչպէս եթէ հայրը մեռած չըլլար տարաժամօրէն։ Լուացարարութիւնը ընտրեց իրեն ապրուստի միջոց, ուրիշ որեւէ գործով զբաղելու անկարող զգալով ինքզինքը։ Կիւլիւկ հանըմը ճանչցողները զմայլեցան իր անվհատ արիութեան եւ անառիկ առաքինութեան վրայ։ Գիւղին գրեթէ բոլոր բարեկեցիկ ու հարուստ տուները իրենց լուացքի գործը անոր յանձնեցին։ Սոֆի, զոր բարոյական եւ կրթական ձիրքերով զարդարելու մարմաջովը կը տոչորէր մայրը, դրուեցաւ ազգ. վարժարանը. եւ երբ շրջանը աւարտեց հոն, Կիւլիւկ հանըմ, գերագոյն զոհողութիւն յանձն առնելով, գիւղին մէջ ֆրանսուհիի մը բացած դպրոցը փոխադրեց իր աղջիկը, որպէսզի ֆրանսերէն եւ ձեռագործ սորվէր։ Մէկուկէս տարուան մէջ Սոֆի բաւական դիւրութեամօ սկսաւ ֆրանսերէն խօսիլ, հիացումի տագնապներու մատնելով իր մայրը, որ երջանկութեան գագաթնակէտը կը կարծէր ինքզինք՝ երբ օտար բառերու այդ ներդաշնակ թաւալումը կը լսէր իր աղջկան անուշ եւ պաշտելի շրթներուն վրայ։

Խնտամ նէ ախճիկանս էրէսէն պիտի խնտամ, կ՚ըսէր ան իր դրացուհիներուն, իրիկունը օրուան տատանքէն յետոյ, պարտէզին դուռը կայմած։

Վո՜ւյ խերը տեսնաս, ան ի՛նչ կիւզէլիմ շնորհաքով զաւակ է, իշալլա աղուոր խսմէթ մը կ՚ելլայ տէ տուն ալ կ՚ազատիս, կը պատասխանէին սրտցաւ բարեկամուհիներ։

Սակայն, մտաւոր աշխատութիւնը եւ սնունդի տկարութիւնը միանալով կազմուածքին տխեղծութեանը, աւերցին Սոֆիին առողջութիւնը։ Կիւլիւկ հանըմ, ահաբեկ, բժիշկէ բժիշկ վազեց, աղջիկը առողջացնելու համար։ Մեխ օգուտ մը չտեսնելով, Թադէոս աղա Մերկերեանին թելադրանքով, որուն տան լուացքը կ՚ընէր, վերջապէս Տոքթոր Մարկոսեանին դիմեց, որուն ախտազննութեան կերպը եւ հոգածու շարժումները յոյսերով լեցուցին հէք մայրը։

Երկու դրկից ընտանիքները շատ սիրով կ՚ապրէին իրարու հետ։ Թումիկ, հայ ձկնորսի պարկեշտ տիպար, ուրիշ բան չէր ճանչնար եթէ ոչ ծովը, անոր վտանգները, ձուկերը, գիշերէ գիշեր ստուերոտ գինետան մը անկիւնը պուտիկ պուտիկ խմուած շիշ մը օղին, տունը, անշուք սեղանին վրայ լափուած երկու պատառ կերակուրը եւ յետոյ բարերար խշտիկը, որուն վրայ իր կործանուած մարմինը մուշ մուշ կը հռնդար։ Գարագ, դեռ այդ երիտասարդ տարիքին մէջ հինաւուրց ձկնորսի նախապաշարումներով թխմուած, անոնց բարքերը, սովորութիւնները իւրացուցած, մոլեռանդ, պարկեշտ, աստուածավախ եւ յանդուգն, իր տունը կը մտնար միայն պնակ մը ուտելիք լափելու եւ կշտապինդ քուն մը քնանալու համար։ Իսկ Համբիկ, որ դպրոցէն ելլալէ յետոյ, բաւական հայերէն եւ թուաբանութիւն սորված ըլլալուն համար՝ հոգաբարձուի մը միջնորդութեամբ Չախմախճըլար մանիֆաթուրաճիի մը վաճառատունը դրուած էր շաբաթը 20 ղրուշ վարձքով, մինչեւ իրիկուն յաճախորդներուն ետեւէն վազելէն եւ տպածոյի ծրարներ փոխադրելէն յոգնած դադրած՝ տուն կը դառնար ուշ ատեն, եւ վտիտ սեղանէն քանի մը պատառ ուտելուն պէս կը նետուէր անկողին՝ մութնուլուսուն արթննալու եւ Չախմախճըլար վազելու համար նորէն։

Շաբաթուան մէջ, միայն Շաբաթ գիշերներն էր որ երկու ընտանիքները կրնային իրարու այցելել, եւ մինչեւ կէս գիշերուան մօտ նստիլ, ընդհանրապէս Կիւլիւկ հանըմին սենեակը որ բաղդատաբար քիչ մը աւելի աղուոր շտկուած էր՝ շնորհիւ Սոֆիի հոգածութեան։ Ձկնորս Թումիկ իր կեանքին հին դրուագներէն անպատճառ բան մը կը սկսէր պատմել երեւակայութիւնը ալքոլէն մտրակուած, անցուցած հին երջանիկ օրերու վերյիշումէն արբշիռ։

Ի՛նչ վախիթներ էին, պէ՛, կը մռլտար՝ մերթ ընհատելով իր պատմուածքը, բազմոցին անկիւնը ծալապատիկ, երկար սեւ ծխափայտ մը ուժգնօրէն քաշելով, ու յետոյ շարունակելով իր խօսքը։ Հ… գիւղին երանելի ամիրաներուն շահատակութիւնները խորապէս քանդակուած էին ծեր ձկնորսին երեւակայութեան մէջ, ու զանոնք հիմա կը վերակենդանացնէր, կը շպարէր, կ՚աստուածացնէր իր ռամիկ ու ա՛լ ինկած պառուած մարդու սովալլուկ եռանդովը, որուն մէջ կը գտնար այլեւս իր յագեցումը, իր սփոփանքը, իր խեղճութեան տեսակ մը փոխարինումը։

Թադէոս ամիրային եւ Մարկոս ամիրային պերճանքի, փայլելու մրցումը մանաւանդ՝ երանգաւոր եւ ցայտուն բացատրութիւններով կ՚արտայայտուէր այդ տգէտ ձկնորսին բերնէն, որ հրաշազան դրուագի մը յիշակատութեան առջեւ յանկարծ կը կենար, նայուածքը թափառուն եւ երազկոտ, մռլտալու համար.

Ի՛նչ վախիթներ էին, պէ՜…

Կիւլիւկ հանըմ մտիկ կ՚ընէր բերանաբաց՝ տախտակամածին վրայ իր պարարտ մարմինը լքած, երբեմն ցաւի փոքր հառաչանքներով ծունգերը եւ յօդուածները շփելէն, քովը ունենալով ձկնորսին կինը՝ Հոռոփ հանըմը, որ էրկան պատմութիւնները անհամար անգամ մտիկ ըրած ըլլալուն՝ նստած տեղը կը մրափէր. մինչ Սոֆի՝ կամ կարկահի մը վրայ ծռած կամ ձեռագործի մը, մտիկ կ՚ընէր Թումիկին շաղփաղփանքը, շատ հետաքրքրական անցքի մը պահուն միայն դառնալով եւ ձկնորսին այրած դէմքը դիտելով։ Իսկ Համբիկ՝ եթէ երբեք պառկած չըլլար՝ Արեւմուտքի թիւ մը կ՚ունենար անպատճառ, զոր ծայրէ ծայր կը կարդար բնաւ մտիկ չընելով հայրը, երբեմն նոյնիսկ ընդհատելով զանիկա՝ ներքին լուրերէն ոճիր մը կա շահեկան արկած մը կարդալու համար ներկաներուն։ Գալով Գարագի, անիկա բնաւ ներկայ չէր գտնուեր գիշերային այս խաղաղ նիստերուն, գինետան մը մէջ իր ձկնորս եւ ջրհանկիր ընկերներուն հետ մինչեւ առտու զուարճանալու կամ ուշ ատեն տուն դառնալով՝ քնանալու համար։

Սակայն, երկու ընտանիքներուն այս անդորրը եւ անշահախնդիր դրացնութիւնը անվրդով տեւելու սահմանուած չէր։ Բնականօրէն, անհնարին էր ապրիլ Սոֆիի հետզհետէ աճող, զարգացող հրապոյրներուն քովն ի վեր եւ չյափշտակուիլ անոնցմով։ Համբիկ, խպնոտ, համեստ, հանդարտ տղայ, փոքր տարիքէն Սոֆիի ճանչւորութեանը մէջ ապրած էր, կարծես ընտելացած անոր հրապոյրներուն։

Արդէն, դեռ դպրոցը եղած ատեն, Սոֆի, անգիտակցաբար, թաղին հասուկ մանչերուն մէջ բաղձանքի այրող սարսուռներ կը պտտցունէր։ Իր սեւ հրացայտ աչուըներուն ելեկտրականութիւնը շանթահար կ՚ընէր խեղճ դիւրաբեկ հոգիներ, տկար ու մատաղ կազմուածքներ, որոնք անկարելի հաճոյքներու տեսլականութեան մէջ ջիղերնին կը քանդէին։ Քիչեր չէին որ գիշերը, երազնուն մէջ, այդ դիւթիչ էակին տիրացման տագնապները կը հեւային։ Զինքը հետապնդող յայրատ նայուածքներու անառակ հրաւէրին տեսակ մը դիտումնաւոր անզգածութիւն ցոյց կուտար, կարծես զգալով բոլոր պարապութիւնը անտիական տարփանքներուն, ամբողջ մանկական ծաղրելիութիւնը ատ գողունի սիրուըտուքներուն։ Բնազդօրէն, անիկա ձգտում մը ունէր բարձր, շքեղ, անձնուրաց, ասպետական սէրերու համար, որոնք էութիւններ կը յեղաշրջեն, կեանքեր կ՚ազնուացնեն, նախապաշարումներէ, գռեհկութիւններէ շատ վեր կը մնան։ Մայրը, աղջկան այս ձգտումներուն ծանօթ, եւ անոր ֆիզիքական շնորհներովը հպարտ, իր ռամիկ, տգէտ կնոջ բոլոր պերճախօսութիւնը ի սպաս կը դնէր, անոր մէջ արծարծելու մեծասիրութեան հակումները։ Իր զաւկին մարմնական շնորհները անկարելի երջանկութիւններ երազել կուտային Կիւլիւկ հանըմին, որ կարծես իր արկարատեւ տառապանքին, նուաստացուցիչ սպասարկութեան վարձքը իր ընդերքներուն այդ արդիւնքէն քաշել հանել կ՚ուզէր հիմա։

Չէ՜, կ՚ըսէր շատ հեղ իր դրացուհիներուն, չէ՛, ախճիկս օլուր օլմազ մարդու չեմ իտար. տալէս ետքը անանկին տամ քի էս ալ կռնակս կտոր մը պարձին տամ տէ ըռահաթնամ։

Ամառը, Կիրակի օրերը, մայր ու աղջիկ պտոյտի կ՚ելլային Հ… գիւղին լեռը, կամ վարը ծովեզերը, ուր ահագին ու խայտաբղէտ ամբոխ մը կը զուարճանար. Սոֆիին երեւումը շարժում մը առաջ կը բերէր դպրոցէն նոր ելած, աղուամազոտ այտերով տղաքներուն մէջ։

Ծօ՛ տղաք, Սոֆին է, կը մրմնջէին կարծես դող ելած։

Սքանչելի աղջիկ է պէ՛. կը խմբերգէին յետոյ, անոր նայելով հիացմամբ։

Սոֆի կ՚անցնէր իր արդուզարդին պարզութեան մէջ գրգռիչ հրապոյրով մը, յարդէ լայնեզը գլխարկովը՝ նռնածաղիկներու եւ յասմիկներու խրոխտ փունջով մը զարդարուն։

Շատ հեզ, այդ նորաբողբոջ անառակներուն մէջ կը գտնուէր Համբիկ, որուն վիճակը կառաչանքներ կը խլէր անոր կուրծքէն, քանի որ, անփոխարինելի բախտաւորութիւն ունէր այդ աղջկան հետ մէկ տան մէջ բնակելու։

Առաջները, Համբիկ զարմացաւ որ ատանկ նախանձի զգացում մը կը ներշնչէր իր ընկերներուն, նտակելով որ ինք բնաւ չէր զգար ինչ որ իր ընկերները կը զգային Սոիին նկատմամբ։ Պզտիկ տարիքնուն անոնք գրեթէ իրարու քով մեծցած էին, նախ ամիրային ապարանքին մէջ, յետոյ հիմակուան տունը։ Իրիկունները, դպրոցէն վերադարռնալուն, միասին խաղացած էին պարտէզին մէջ, տղայական միամիտ չարաճճիութիւններով, որոնք միշտ անհետեւանք կը մնան։ Տղան աղջիկէն քանի մը տարու մեծ էր, եւ համեմատապէս լուրջ եւ խելօք՝ անոր խնդամոլիկ եւ վառվռուն նկարագրին քով։ Շատ անգամ Սոֆի էր որ կը խոշտանգէր Համբիկը, որ անտրտունջ կը հանդուրժէր՝ էրիկ մարդու վաղահաս վերհանձնութեամբ մը. քիչ քիչ, սակայն, տարիներու լեցուելու չափով, պարտէզի այդ կենակցութիւնը դադրած էր, անվերապահ չարաճճիութիւնները վերացած էին.

Սոֆի, լրջացած, սենեակի աշխատութիւններու անձնատուր եղած էր տակաւ, իսկ Համբիկ դուրսը ընկերներու հետ աւելի համ սկսած է առնել։ Ետքէն, երբոր Համբիկ Չախմախճըլար ելաւ՝ վաստակի պայքարն սկսելու, եւ Սոֆի ֆրանսուհիին դպրոցը գնաց՝ հոնկէց քիչ մը ֆրանսերէն եւ վէսութեան հրապուրիչ հով մը ստանալու համար, աղջկան ու մանչուն մտերմական ամենօրեայ շփումը բոլորովին  դադրեցաւ եւ միայն գիշերային այցելութեանց միջոցին էր որ անոնք զիրար կը տեսնէին, քանի մը բառ հազիւ փոխանակելու համար, այդ գիշերային նիստերը ամբողջովին ծեր ձկնորսին հինաւուրց պատմութիւններովը գրաւուած ըլլալով։

Օր մը սակայն, Համբիկի ընկերները, անոր անտարբերութենէն գրգռուած, իր երեսին պոռացին թէ Սաֆիին հետ սիրահարութիւններ կ՚ընէր գաղտնապէս եւ իրենց չէր իմացներ, վախնալով որ իրենք արգելք կ՚ըլլան ատոր։ Համբիկ, ամչկոտ տղայ, այս բացարձակ ու բարկացոտ ամբաստանութեան առջեւ, կակազեց, կարմրցաւ, շփոթեցաւ՝ իբր թէ մեծ ոճիր մը գործած պահուն բռնուած ըլլար։

Աստուած վկայ, ըսաւ վերջապէս ինքզինքը ժողովելով, ատանկ բան չիկայ, տղաք, անիկա իմ քրոջս տեղնէ, պզտիկուց մէկտեղ մեծցած ենք… Աստուա՜ծ վկայ, չիկայ ատանկ բան…

Որի՞ կը հասկցունես…

Նա՛, կաս կարմիր եղար…

Լեզուդ բռնուեցաւ…

Մանթար կլլող չիկայ… պատասխանեցին տղաքը իրարու ետեւէ աւելի անգութ եւ գրեթէ սպառնալից դառնալով։

Համբիկ, իր ընկերներուն իրեն չհաւատալու այս կատաղի յամառութեան առջեւ ըմբոստացաւ։

Էյ չիկա՛յ ըսինք ատանկ բան, հէմ ձեզի բան մը ըսե՞մ, պոռաց իր ամբաստանիչներուն դառնալով, ուրիշ տեղ ալ ատ այլանդակ խօսքերը մի՛ ընէք՝ Սոֆիին ականջը կ՚իյնայ, ամօ՜թ է… ամօթ…

Ընկերները քահ քահ խնդուքով մը ողջունեցին խեղճ տղուն այս փափկանկատ զգուշաւորութեան պատուէրը։

Ու ցրուեցան՝ գլխու սպառնալից օրօրումներով։

Կամաց կամաց տեսակ մը տրամադրութիւն ծնաւ Համբիկին մէջ, այդ րոպէէն սկսած։ Մէկ  քանի օր այդ կարծեցեալ սիրոյն վրայ խորապէս մտածեց։ Ուրեմն ա՞յդքան բաղձալի էակ մըն էր իր մանկութեան ընկերուհին, որ նախանձութեան կատաղի տագնապ մը կը բռնկցունէր իր բարեկամներուն սրտին մէջ։ Քանի որ ատանկ ուղղակի եւ յամառ ամբաստանութիւն մը կը ճօճար իր գլխուն վրայ, շատ բնական եւ նոյնիսկ անհրաժեշտ ըլլալու էր ուրեմն իր՝ Սոֆիին սիրահարուիլը։ Պահ մը զարմացաւ նոյնիսկ իր անտարբերութեան վրայ, երբոր անդին իր տարեկից ընկերները՝ այդ աղջկան նայուածքին, հրապոյրներուն համար հոգի կուտային։ Այս այլազան մտածումներուն ազդեցութեան տակ, Համբիկ, մէկէն ի մէկ, սքանչելի, անօրինակ հեշտագին բան մը գտաւ Սոֆիին սիրահարուելուն մէջ։ Առաջին առթիւ որ տանը մէջ անոր հանդիպեցաւ, թափանցող նայուածքով մը զննեց անոր բովանդակ հրապուրող իգականութիւնը։ Եւ զմայլեցաւ։ Հակառակ որ այդ աչուըները իր առջեւ կը շարժէին, հիմակ մօտէն, աւելի ուշադրութեամբ դիտելով, խենթեցնող, երկնային գտաւ զանոնք։ Յետոյ, դէմքին մանրամասնութիւններուն անցաւ. օ՛հ, անթերի արձանագործութիւն այդ դիմագծութիւնը հելլէն կերտուածքով մը, որքան վսեմ, նոյնքան խրոխտ, նայուածքին աղապատալից ու ցաւագին անուշութեանը մէջ չես գտիեր ի՛նչ յուզող, մոգող, խելայեղիչ բանով մը։ Ու ամբողջութիւնը, ո՜րքան յարմարութիւն, փափկակազմ, գեղաձոյլ իրանին մասերուն մէջ, ձեռքերու, ոտքերու նրբութիւն, կուրծքի հարուստ ներդաշնակ յորդութիւն, որ կարծես մարմնին քիչ մը արգահատելի նիհարութիւնը կը հակակշռէր։ Ասոնք տեսաւ Համբիկ, մէկիկ մէկիկ վերլուծեց, մանրամասնեց, եւ զարմացաւ եթէ ոչ իր ապուշութեանը, գէթ անտարերութեանը վրայ, որով քուն քնացեր էր այդ հրապոյրներուն քով, որոնք գիւղին նորահաս երիտասարդները կ խենթացնէին, եւ իրենց հանդէպ նախանձի տագնապներու կը մղէին զանոնք։

Առաջին րոպէներուն տղուն մէջ ծնող փոթորիկը դեռ պայմանադրական, ապսպրուած բան մը ունէր. բուն սէրը չէր, որ ինքնիրեն կը ծլի, կ՚ուռճանայ եւ վերջապէս իր հուժկու արմատներուն մէջ էութիւնը կը կաշկանդէ։ Որքան միամիտ, բարի եւ անխորհուրդ տղայ, նոյնքան խակ ու անպատրաստ կեանքի ճիգերուն, որոնք էութիւններու տոկունութիւնը կը դարբնեն, Համբիկ, իսկոյն, սակայն զգացած ցնցումին ուժգնութեան տակ գրեթէ շնչասպառ եղաւ, աչուըները խոշոր խոշոր բացած։ Բայց շուտ մը վարժուեցաւ այդ ցնցումին, անոր ամբողջ քաղցրութիւնը խմելով եւ անոր փաթթուելով հոգեւին, ինչպէս մէկը որ ծխախոտին առաջին մուխը քաշելուն, գլխի ցնորք մը կ՚ունենայ, բայց ատոր համար իսկ այլեւս չի կրնար այդ մուխը կուլ տալու դառն հաճոյքէն հրաժարիլ։

Քիչ, քիչ, կպչուն, մակաբոյծ մտմտուքի մը ձեւ առաւ այդ հանգամանքը։ Գիշերները, հակառակ իր սովորութեան, սկսաւ արթննալ, խռովատանջ եւ սրտատրոփ։ Սոֆիին պատկերը աչքերուն առջեւ կը դառնար, լուսածիր, փողփողուն, տիրող մթութեա մէջ։ Սկիզբները, ջանքեր ըրաւ ինքզինքը ազատելու համար այդ տարօրինակ վիճակէն, որուն յանկարծ մատնուած էր. մաքառումը կարճ եւ դժնդակ եղաւ։ Ու ինք եղաւ յաղթուողը, ու ա՜լ ինքզինքը անձնատուր ըրաւ այդ դառնօրէն քաղցր վիճակին, ու ա՛լ հոսանքն ի վար քշուեցաւ, աչքերը գոց, վտանգներուն անգիտակ, հոգեկան տեսակ մը անդառնալի պարտասումով։

Մանաւանդ որ, առանց գիտնալու, ստահակի չարաճճիութեամբ, իր այդ ընկլուզումին քիչ չնպաստեցին իր նախանձոտ ու սիրաբորբոք ընկերները, որոնք ամէն անգամ զինքը տեսնելուն, առաջին խօսքերնին սա կ՚ըլլար, խածնող հեգնութեամբ մը շեշտուած.

Է՛հ, Համբիկ, Սոֆիին հետ գործը ընտո՞ր ըրիր նայինք։ Կ՚եփե՞ս կոր…

Անտարբերութիւնը զոր ի սկզբան ցոյց կուտար իր դէմքին վրայ, քիչ քիչ շփոփութեան եւ վերջապէս շիկնումի փոխուեցաւ.

Ծօ, նա՛, կը պոռային չարաճճիները անոր կարմրիլը տեսնելով, ծօ, նա՛, կաս կարմիր եղաւ, ծօ, վա՛յ կիտի, պռնուցաւ… հիմա ճէպը նայինք նէ Սոֆիին նամակները դուրս կ՚ելլան…

Եւ լրբութիւնը՝ անոր շփոթութեան, կափկափումի միջոցին՝ գրպանները խառնելու չափ առաջ կը տանէին։ Բայց հէք տղան յանկարծ կը սթափէր, կ՚ըմբոստանար, բարկացած, սպառնագին։

Չափը կ՚անցնէք կոր հա՜, կը պոռար ակռաները սեղմելով։

Եւ կ՚առնէր կը քալէր։

Ցորեկները, մանիֆաթուրայի վաճառատան մէջ սկսաւ մտազբաղ ըլլալ։ Առաջ որ խանութին չորս ծայրերէն արձակուած հրամանները անշփոթ արագութեամբ մը կը կատարէր, հիմա, Սոֆիին դէմքէն յափշտակուած, թախծոտ, տխուր, յանկարծակիի կուգար երբ գրագրին տիրական ձայնը հրահանգ մը կը սուրացնէր իրեն։

Աղջկան հանդէպ իր վերաբերումին այս փոփոխութիւնը անոր բնաւ չզգացնելու տխուր եւ կսկծալի խնամքն ալ ունեցաւ։ Իր տարօրինակ վեհերոտութեան մէջ, քրէական յանցանքի մը չափ ահաւոր բան մը նկատեց աղջիկ մը սիրելը, մանաւանդ Սոֆին, որ պզտիկուց արդէն, երբ դեռ իրիկունները, դպրոցէն վերադարձին, պարտէզը փախուըտուք կամ բռնուուք կը խաղային մէկտեղ, բարոյական գերազանցութիւն մը ունէր մանչերուն վրայ, իր կանխահաս արհամարանքին առարկայ ընելով զայն։ Այդ գերազանցութեան գաղափարը մնացեր էր միշտ անոնց մեծնալուն չափովը, անանկ որ հիմա, երբ Համբիկ խորունկ եւ վշտալի տարփանք մը կը զգար այդ աղջկան հանդէպ, տարապայման երկիւղով մըն ալ կը լեցուէր, քանի կը մտածէր որ ան կրնար իր զգացումներուն թափանցել եւ արհամարհանքի բարձրութենէն ծաղրեր զինք, ջախջախել իր սիրոյն նուիրականութիւնը։

Այլեւս կը քաշուէր շիփ շիտակ նայիլ անոր աչուըներուն մէջ, մատնուելու վտնգէն ահաբեկ։ Որչափ կարելի է, անոր հետ խօսելու առիթները զանց կ՚առնէր, վախնալով որ յանկարծ ձայնը կը դողդղար, լեզուն կը բռնուէր, ու ամէն բան երեւան կ՚ելլար…

Շաբաթ գիշերները, պարբերական այցելութեանց կ՚երթար Արեւմուտքը բռնած զոր միայն Շաբաթ օրերը կը գնէր անոր ընթերցումին մէջ կը թաղուէր, առանց տող մը բան հասկնալու իր կարդացածէն, խելքը միտքը միւսով յափշտակուած։ Ատեն ատեն, գողի պէս, արագ ակնարկ մը կը յանդգնէր դէպի աղջիկը, թէեւ այս վերջինը, անտարբեր շեշտով մը, իրեն դառնար երբեմն եւ ըսէր.

Համբիկ, լրագրին մէջ եթէ հետաքրքրաշարժ բան  մը կայ, մեզի ըսէ։

Ուշաբերած, տղան աչքերը մեծաբաց կը պտտցունէր սիւնակներուն վրայ, վերջապէս բան մը ըմբռնելու եւ սենեակին հասարակութեան հաղորդելու համար. բայց ի զուր. երկրորդ կամ երրորդ տողին՝ դարձեալ կ՚ուշաթափուէր, կը ցրուէր, կը մոռնար, մինչեւ որ Սոֆի, ձեռագործին վրայէն գլուխը նորէն ասդին դարձնելով յամառէր.

Է՛, Համբիկ, բան մը չիկա՞յ։

Չիկայի պէս, Սոֆի։

Եւ հոն, իրեն համար, այլեւս բարիք մըն էր ձկնորս Թումիկը իր անվերջանալի ուշադրութիւնը կը կապտէին՝ իր շփոթութեան լայն ասպարէզ տալու համար։

Շատ հեղ, վաճառատան մէջ, գործերու դադարէ մը օգտուելով, անկիւն մը տպածոյի հակերու ետին քաշուած, իր տխուր եւ ապերախտ սիրոյն վրայ մտածած պահուն, Համբիկ յետադարձ ակնարկի մը մէջ կը պարուրէր իր ամբողջ կեանքը, զոր ապրած էր… Անոր ցամաքութիւնը, պարզութիւնը, խեղճութիւնը, անբանութիւնը հիմա էր որ կը սոսկացնէին զինքը։ Եւ ինք որ տարիներով այդ հմայքոտ էակին քով ապրեր էր, առանց զգալու բոլոր արգաւանդ, հզօր երկնային բաները զորս հիմա այնքան ուժգնօրէն կը զգար։ Ո՞ւր եւ ի՞նչպէս ապրեր էր կեանքը մինչեւ այն ատեն. գետնայարկ խցիկի մը մէջ, երկու ցաւագար էակներէ շրջապատուած, գինով, ցնդած հայր մը եւ տրտնջացող մայր մը։ Առաջները, առտուընէ մինչեւ իրիկուն դպրոցը, հին խաւարապատ հէնքի մը կիսաւեր խոշոր ծակերով, որոնցմէ մուկեր կը մտնային կ՚ելլային. խեռ, չհանդուրժող, խստաբարոյ վարժապետի մը կաշկանդումին տակ, աչքերը շարունակ հեգնարանին խոշոր տառերուն սեւեռած։ Իրիկունները, խրճիթին մէջ կամ պարտէզը, ուր Սոֆիի հետ, արձակ համարձակ կը խաղար, կը վազէր, կը գզուըտէր։ Ո՛հ, կորսուած, անհետացած մանկութեան այդ միակ հեշտալի րոպէներուն անդառնալի քաղցրութիւնը։ Ո՞ւր էին անոնք, այդ ովասիոները իր տխուր եւ դառնակսկիծ մանկութեան։ Անոնց վերյիշումը հիմա արցունքներ կը բերէր կոպերուն տակ։ Յետոյ վաստակւոր կեանքի շրջանը սկսեր էր, նոյնքան ապուշ, նոյնքան ողբալի, նոյնքան ամուլ։ Ահագին վաճառատան մէջ իր քրտնաթոր եւ ստրկային դատանքը, պաշտօնեաներուն ամենէն յետինը ըլլալով, ամենուն հրամաններուն թիրախ ըլլալու դատապարտուած։ Սկիզբները մանաւանդ, ի՜նչ շնչասպառ ճարտարւորումներ էին, կրաւորական հնազանդութեան ի՜նչ նուաստ շարժումներ իր կողմէ, գոհացում տալու համար բոլորին ալ այդ առեւտրական բարկ մթնոլորտին մէջ՝ լեցուած խայսերցի չորպաճիին անհամբեր, բարկացոտ պոռչտուքներովը, եւ անոր բացակայութեան՝ անկիրթ ու չտես գրագրի մը յոխորտ բացագանչութիւններովը.

Համբի՛կ, վազէ՛ ծօ, խահվէ մը։

Ծօ՛, ի՛նչ սէրսէմ սէրսէմ կեցեր էս, սա միւշտէրիին քիպրիթ մը չվառե՞ս։

Իր ազնիւ, տխուր, դիւրազգած հոգին դառնութեամբ լեցուեցաւ այս անարգական վերաբերումին առջեւ. պահ մը դպրոցի պարոն Սերգիսին ախը քաշեց, անոր գաւազանաբարձ բազկին սպառնալիքը նախադաս համարելով։ Բայց քիչ քիչ վարժուեցաւ, ընտելացաւ հոգին, միտքը, սիրտը կաշկանդող. մեռցնող միջավայրին այս պայմաններուն։ Իր մէջ՝ առեւտրաբոյր մթնոլորտը նորանոր ձգտումներ ստեղծեց, դրամ տենդը, շուկայի տրամադրութիւն մը որ կրնար ուրիշ ամէն անախորժ տպաւորութիւն հակակշռել։ Այս նոր ու հաճելի բնազդներուն զարթումին առջեւ, Համբիկ ներքին բուռն գոհունակութիւն մը զգաց. շուկային մէջ ինք ալ շուկայի մարդ պիտի ըլլար, տարիներու ընթացքին մէջ, անշուշտ կարծր դժուարութիւններէ եւ հոգեսպառ դատանքներէ յետոյ, ինքն ալ առեւտուրի ատ մեծփոր, պոռոտախօս, երջանիկ իշխաններէն մէկը դառնալու համար։ Այս հեռաւոր բայց յանկուցանող նպատակակէտը ջահի մը պէս մեծաշող ու վառ մնաց տղուն երեւակայութեան խորը մինչեւ այն րոպէն, ուր սիրոյ հրդեհին բոցավառ շողարձակութիւնը եկաւ նսեմացուց զայն։

Այս թախծոտ մտածումներով յափշտակուած, Համբիկ յանկարծ կը սթափէր՝ հրամանի մը գործադրութեան վազելով խենթի պէս։

Անիկա դեռ հազիւ տասնըինը տարու կար, խելացի, աղուոր սեւ աչուըներով, որոնց նայուածքին մէջ ազնիւ, հեզ, բարի հոգիի մը սարսռալը կը տեսնէիր։ Իր քիչ մը անկանոն դիմագծութիւնը՝ ապրուած տխուր կեանքի մը քայքայումը կը ցոլանէր, աղապատանքդ շարժելով։

Ու հիմա, սիրոյ տառապանքը նայուածքի անուշ տրտամութիւն մը եւ դէմքի տժգոյն գեղեցկութիւն կը բերէր իր հետը, այնքան ակներեւ, այնքան շեշտուած որ իր չարամիտ ընկերներն իսկ նշմարեցին ատիկա, ու բարձրաձայն յայտարարեցին իրարու մէջ.

Տղաք, Համբիկը հապը կը կլլէ կոր, ֆառղի՞ն էք. Սոֆիին կրակէն կ՚երի կոր…

Ա՛լ սկսաւ քայլ առ քայլ անցնիլ սիրահարական կեանքի սովորական փուլերէն։ Հայելիին մէջ ուշադրութեամբ դիտեց իր անձնիքը, քննադատի գնահատողի աչքով։ Վայելուչ, հրապուրիչ երեւանալու բուռն մտահոգութիւն մը, իր հագնուածքին, շարժուձեւերուն մէջ ակներեւ փոփոխութիւն մը մտցուց։ Այնուհետեւ, առտուները մեկնելէ առաջ, երկարօրէն մազերը յարդարեց հայելիին դէմը, ճակատին վրայ գռուզ փունջ մը յօրինելով, որուն ճոթը սկսաւ երեւնալ նոյնիսկ ֆէսին տակէն։ Կիրակի օրերը, բաճկոնին դուրսի գրպանէն սկսաւ ցոյց տալ թաշկինակի մը եզերքը։ Բարակ գաւազան մը գնեց՝ որուն գործածութեան համար տունը հայելիին առջեւ փորձեր ըրաւ։ Պեխեր ունենալու մարմանջէ մը բռնուած, մատներով վերին շուրթը կը խառնէր՝ պարապ ատենները։ Համբիկի վրայ երեւցող այս փոփոխութիւնները նախ եւ առաջ մօրը աչքին զարկին։

Օրդտի, ըսաւ առտու մը, երբ Համբիկ հայելիին առջեւ կը յարդարուէր երկարօրէն, ի՞նչ է չիյտեմ, սիւսի մըն էս ինկեր, ի՞նչ կայ, ի՞նչ էղաւ, մեղաւ Տէր Աստուած, տուն ասանկ պան չունէիր առաջ…

Համբիկ պատրաստամիտ պատասխան մը ունեցաւ.

Մարիկ, չորպաճիս կ՚ուզէ կոր քի մաղազային մէջ թափթփած չպտըտիմ, զէրէ քիպար, զէնկին միւշտէրիներ շատ կուգան, ամօթ է, չըլլար. ետքը գործէս կը հանեն…

Աման, օրդտի, սիւս տուր, սի՛ւս անանկ է նէ, վրայ տուաւ մայրը, սիրտը դող ելած։

Տղան, ամէն սիրահարներու պէս, որոնք իրենց կուռքին սիրտը գրաւելու համար միջոցներ հնարելու բեղմնաւորութեամբ մը կ՚օժտուին յարկած, իր հովուերգութիւնը կարծես բոլորովին բանաստեղծական ընծայելու համար, բնութեան դիմեց։ Ձեռնարկեց մշակել, զարդարել պարտէզին այն մասը որ կը տարածուէր թեթեւ կորութեան մը վրայ, ընդարձակ ու օդաւէտ։ Ոսկեղջիւրի շքեղ համայնապատկերին ամբողջութեամբ տիրելով։ Կը զգար ան թէ պարտէզը, մարմանդը, պուրակը, բնութիւնը համարձակութիւններ թոյլատրող բան մը ունին. սրտին կը խօսին, զգացումներ կը վրդովեն, երեւակայութիւն կը խանդավառեն։ Բնութեան քերթուածը հոգիի քերթուածին հետ կը գիրկընդխառնուի, կը ձուլուի։ Զեփիւռին հեզիկ մնջիւնը, անծեղին զուարթ շաղփաղփը, ծղրիթին ողբական կռինչը սատարներ են այդ փարումին։

Գարնանամուտ էր. բնութիւնը կ՚արթննար, ծառերը կը պտկէին յուշիկ յուշիկ։ Ծղօտները հողէն դուրս կը սլանային։ Ամիրային պարտէզը կանանչ ծիրանիին տակ կ՚ողջննար։ Աքասեաներուն նուրբ, մանր տերեւները կը թրթռային ճեղերնուն վրայ։ Սալորենիներ սպիտակ ծաղիկներով բեռնաւոր՝ պարտէզին կ՚անջատուէին։ Հսկայ սարփինայ մը թզենիի մը կը փաթթուէր՝ միչեւ անոր գագաթը բարձրանալով, եւ գետինը ուր կը նայէր, խոտեր, ուղտափուշեր, րազիանի թփիկներ խառնիխուռն կը բուսնէին, յուռթի եւ պարարտ, վայրի եւ լքուած։

Բահ, բրիչ, ցնցուղ, փոցղ մէջտեղ ելան, եւ Համբիկին ձեռքին մէջ, տենդոտ ու արագ աշխատանքի մը շնորհիւ քիչ ատենուան մէջ կերպարանափոխ ըրին պարտէզին այդ մասը։ Կլոր, ձուաձեւ ածուներ յարդարուեցան՝ կարճուկ, անթառամ թփիկներով եզերուած, վարդի, մեխակի, մանիշակի, յասմիկի նրբացօղուն ծառատունկերով զարդարուն։ Առտուները, մութնուլուսուն, իրիկունները, ուշ ատեն, շուկայէն վերադարձին, սիրաբորբոք երիտասարդը անուշ երազներով օրօրուն, պարտիզպանութեան մը խօլ տատանքին անձնատուր կ՚ըլլար, որոշ, անխուսափելի նպատակի մը հասնելու տենդով բռնկած։

Իսկոյն, Սոֆի, բոլոր փափուկ հոգիներուն պէս որ բնութեան աղուորութիւններուն հոգի կուտան, սկսաւ ածուներուն շուրջ պտտցնել իր նազելաշուք հասակը, թփիկները շոյելով, ծաղիկները գգուելով հոտուըտալով, եւ այդ շատ գեղեցիկ գաղափարին համար գովեստներ ուղղելով տղուն։

Համբիկ, աս ի՛նչ աղուոր խելք էր ըրիր, պռաւօ՛…

Տղան, սրտաբաբախ, կը ծծէր այս քաջալերանքներուն անուշութիւնը, եւ գտած ըլլալ կը կարծէր այն ճամբան որ շիտակ այդ աղջկան սրտին պիտի առաջնորդէր զինք։

Երբեմն Սոֆի աթոռակի մը վրայ կը նստէր, Կիրակի օրերը, ածուի մը կամ հովանուտ ծառի մը շուքին տակ, վայելելու համար բնութիւնը որ հոտ իր առջեւ կը տարածուէր, բազմերանգ ու չքնաղ։ Մայիսի սկիզբն էր, բնութիւնը իր հզօր ու ցնծուն հմայքին մէջ։ Ամիրային պարտէզը դրախտային երեւոյթ մը առած էր, Հ… գիւղի արեւելեան բարձունքին վրայ։ Համբիկ կը տատէր։ Իր շաբաթականին մէկ մասը նորանոր ծաղիկներու գնման կը յատկացնէր։ Կարմիր ու դեղին կակաչներ սէգ տեցուածքով կը ճօճէին իրենց նուրբ ծղօտներուն վրայ։ Բանսէներ, ցիրուցան, իրենց կարճուկ նուրբ ցօղուններուն կը նայէին քթթող աչքերովնին։ Ճերմակ ու մոռ լիլաներուն պարարտ ծոպերը՝ վարսի հոծ գիսակներու պէս վար կը կախուէին կանանչ բարունակներէն։ Երբեմն իր կետրած այդ աղուոր պատկերին առջեւ կանգ կ՚առնէր Համբիկ, ու Սոֆիին գնահատման կը դիմէր.

Աղուոր չըլլա՞ր կոր Սոֆի։

Սքանչելի է, Համբիկ, սքանչելի։

Ու տղան, քաջալերուած, իր գործին կը վերըսկսէր։

Սէրը, միւս կողմէ, իր արշաւանքը կը կատարէր պարտիզպանին էութեան մէջ, լուռ ու մունջ, բայց ահեղ ուժգնութեամօ մը։ Իր հոգեական տանջանքը անոր համար մանաւանդ կը սաստկանար, որովհետեւ, սիրոյ հրդեհին արծարծումին չափովը, իր զգացումը արտայայտելու համարձակութիւն կը պակսէր իր մէջ, անսահման երկչոտութեան մը տեղի տալով։ Բոլոր ծրագիրները զորս հետզհետէ շինեց գիշերները անկողինին մէջ, ցորեկները վաճառատան մէկ անկիւնը, փճացան ամէն անգամ որ ինքզինք այդ աղջկան դէմ գտաւ։ Իր բովանդակ բարի մակեցողութիւնը, իր կամքին հեղինակութիւնը, մտադրութիւններ մէկ րոպէի մէջ կը ջնջուէին Սոֆիի նայուածքին առջեւ։ Քանի քանի անգամներ, հոն, պարտէզին այդ մենաւոր անկիւնը, անոր հետ առանձին մնացած պահուն, գերբնական ճիգեր ըրաւ մէկէն ի մէկ նետուելու աղջկան ոտքերուն, իր սէրը լալու, պաղատելու։ Այն քայլը, որ այդ դիւցազնական ժեսդին պիտի մղէր զինք, չէր առնուէր սակայն. գամուած կը մնար կեցած տեղը, դողահար, ապուշ, խեգացնոր։

Քանի մը ամիս այս տանջանքներուն մէջ տապկուեցաւ հէք սիրահարը։ Այտերը դեղնեցան։ Աչքին հուրքը նուաղեցաւ։ Իր շարժումներուն մէջ դանդաղութիւն մը, մեքենական, անգիտակից բան մը առաջ եկաւ։ Վաճառատան մէջ՝ ուր իր աշխատութիւնը, աչքըբացութիւնը այնքան գովեստներու արժանացած էին, գանգատներ բարձրացան իր դէմ։ Չորպաճին կծու յանդիմանութիւններ արձակեց անոր երեսին. նոյնիսկ առաջին գրագիրը օր մը ըսաւ.

Ծօ, Համբիկ, խելքդ քիրայի՞ տուեր ես ինչ, ասանկ երթայ նէ մեր գործին չես իգար…

Տանը մէջ, մայրը վերջապէս նշմարեց զաւկին վրայ յառաջ եկած փոփոխութիւնը։ Սեղանին վրայ, իրիկունները, տարտամ շարժումներով քանի մը պատառ բան ուտել, անձայն, անխօսուկ, նայուածքը սեւեռուն, ապակիի փայլով մը, յետոյ երկննալ ցած բազմոցին վրայ ու քնանալ կամ այնպէս ձեւացնել, առտուները կանուխ փախչիլ, կամ պարտէզը պտոյտ մը ընել՝ գլխիկոր, ծաղիկներու վրայ երկար վայրկեաններ յամենալով ակնապիշ, այս բոլոր տարօրինակութիւնները խեղճ մօրը քով երկիւղներ արթնցուցին։ Քանի մը անգամ ան ըսաւ իր զաւկին.

Համբիկ, օրդտի, դուն տէրտ մը ունիս… չսե՞ս, զաւակս։

Բան մը չունիկ, մայրիկ, կը ճարտարւորէր տղան՝ պահ մը սթափած, իր գաղտնիքը թափանցուած տեսնելու վախէն մտրակուած։ Չէ, մարիկ, բան չունիմ…

Օր մը պարտէզին մէջ, Համբիկ յանկարծ Սոֆիին դարձաւ եւ ըսաւ.

Սոֆի, աս պատրէզը աղուո՞ր է, հէ՞…

Շատ աղուոր է։

Գիտե՞ս, քեզի համար շտկեցի։

Աղջիկը տղուն ձայնին այլայլած շեշտէն եւ յայտնուած գաղափարին տարօրինակութենէն մղուած, դարձաւ տղուն երեսը նայեցաւ։

Ու այն պատասխանը ունեցաւ զոր խորունկ արհամարհանք մը կրնայ երբեք ներշնչել որեւէ աղջկան, բա՛ռ մը միայն.

Խե՛նթ։

Եւ Համբիկ, կարծես խուլցած, ոչնչացած, մէկէն վար ծռեցաւ, վարդի մը կոկոնին վրայ զայն հոտուըտալու պէս։ Սոֆի հեռացաւ գնաց։ Իրիկուան ստուերներ կ՚իջնային կամաց կամաց։ Գաղջ վերջալոյսի մը կարմրավառ հրախաղութիւնները կը մարմրէին Էյուպի բարձունքին վրայ, անհուն նոճաստանին երկինքին վրայ։ Ծովային բադերը կը ճախրէին օդին մէջ՝ զիկզակ սլացքներով։ Հեզաշնչիկ հովը կ սլուըլար ծառերուն մէջ։ Եղրեւանիներուն յղփուն ողկոյզները կ՚երկերային, ու հեռուն, ծղրիթ մը խոտերուն մէջ պահուըտած, երկար կռկիչ մը կ՚ողբերգէր։

Համբիկ դեռ կը մնար կոկոնին վրայ ծռած, քարացած գրեթէ։ Ու հիմա, արցունքներ կը կաթէին աչուըներէն, վարդին տերեւներուն վրայ կ՚իյնային։ Կուլար տղան անձայն, առանց հեծեծանքի, առանց ջիղ մը շարժելու դէմքին վրայ։ Երբոր գլուխը վեր առաւ, Սոֆի անյայտ եղած էր արդէն։

Խե՛նթ, հեծեց տղան։

Եւ տուն գնաց։

Ասոր վրայ իր սիրային տուայտանքը կրկնապատկուեցաւ։ Հետզհետէ մենասէր եղաւ, խոյս տուաւ իր ըներկներէն, անոնց ծաղրանքներուն չհանդուրժելով։ Մա՛յրը միայն իր զաւկին ցաւերուն հոտառութիւնը ունեցաւ. հայրը, օղիի շոգիներուն, ծխափայտի ամպերուն եւ իր հին անհատնում պատմութեանց հմայքներուն մէջ կորսուած՝ չէր կրնար տեսնել անդունդը, ուր գլորելու վրայ էր իր զաւակը։ Իսկ եղբայրը արդէն երբեք չէր հետաքրքրուած Համբիկով զոր քիչ մըն ալ կ՚արհամարհէր իր քաղքենիի ձգտումներուն համար։ Հէք մայրը, անկարող, կը հառաչէր տղուն նուաղկոտ նայուածքներուն եւ դէմքին ցաւոտ արտայայտութեանը առջեւ. ատեն ատեն միայն, ա՛լ չհանդուրժելով, անոր գլուխը տրտմութեամբ մը շոյելէն.

Օրդտի, ի՞նչ է տէրտդ, չըսե՞ս։

Համբիկ մէկէնիմէկ կը ցցուէր, տկարանալու եւ յայտնուելու վախէն դրդուած, խոժոռ ու անտարբեր երեւոյթ մը տալ ջանալով իր նայուածքին.

Խե՞նթ ես, ի՞նչ ես մայրիկ, բա՛ն չունիմ…

Ա՜խ, ունի՛ս, օրդտիս ունի՛ս…

Սոֆի եւ ոչ իսկ յիշեց աննշան միջադէպը որ ատ արհամարհոտ «խենթ» բառը թռցուցեր էր իր բերնէն, տղուն հասցէին։ Իր գեղեցիկ միամտութեանը մէջ ան չէր կրնար որեւէ դիտում վերագրել տղուն նշանակալից յայտարարութեանը, «գիտե՞ս, քեզի համար շտկեցի»։ Բայց այդ միամտութեան խորը, ամենէն վսեմ բաղձանքները կը սարսռային, ամենէն անմեղ, բայց խրոխտ ձգտումները, զոր աղջիկի անապակ հոգիները միայն կրնար ապրիլ։ Աղքատութեան մութ անդունդէն ուր ծնած էր, ան վեր կը նայէր դէպի լուսաւոր բարձունքները պերճութեան եւ վայելիք։ Տոքթորին տանը մէջ իր այցելութեան պահուն, Սոֆի, ինկած ամիրայութեան խլեակներուն վրայ աղմկոտ, ակնախտիղ փարթամութեան հեշտանքը շօշափեր, զգացեր, ապրեր էր գրեթէ, ու այդ հեշտանքը կ՚ապրէր ա՛լ իր մէջը, կը յաւերժանար հոն։ Սակայն իր անարատ հոգիին մէջ ատելութիւնը, նախանձը, անյագ տիրացումի տենչը չէր որ բոյն կը դնէին. ան յաւէտ զերծ էր որեւէ յետին, գռեհիկ, ստոր միտումէ. նոր տեղացած ձիւնի ճերմակ ու անապակ մաքրութիւնը ունէր, որ արեւին տակ կը ցոլցլայ։ Իր անվերապահ, բնական, չմտածուած խոյացումն էր դէպի գեղեցիկն ու շքեղը, յաւիտենական այս կարթերը կնոջ միամիտ ու տկար հոգիին։

Տղուն հետ իր վերաբերմունքը նոյնը մնաց, բնական, սիրալիր եւ համարձակ, ու չկրցաւ կռահել բովանդակ ահաւոր տառապանքը, որուն մէջ կը տալտկէր հէք Համբիկ լուռ ու մունջ։ Մայիսը անցաւ ծաղիկներուն զուարթ ու աղուոր երազովը։ Ամառուան տաք օրերը պարտէզին կանանչը դալկացուցին քիչ մը. բայց ցաւոտ պարտիզպանը հոն էր, կոյր եւ անխնայ աշխատանքի մը մէջ անյայտ ընել ջանալով իր տուայտանքը։ Տխուր եւ կարմիր մթնշաղներու, ան իր հողասանտրին կռթնած, տարտամ նայուածքները ժուռ կ՚ածէր հորիզոնին երկայնութեամբը։ Անսահմանութեան , գաղտնապահ ու անկարեկիր անջրպետին կը հաղորդէր իր անբացատրելի սիրոյն կսկիծը։ Մարդոցմէ աւելի, որոնց վրայ ահարկու անգթութիւն մը կը մղուէր տեսնել իր վիճակին ողբալիութեանը հանդէպ, բնութեան անքթիթ ու անորոշ վկայութիւնը իր վիշտերուն արծարծումին՝ մխիթարութիւն մը կ՚ըլլար այլեւս խեղծ տղուն արիւնոտ հոգիին համար։

Օր մը, սակայն, իր քայքայուած կամքին յետին մէկ յառնումին պահուն, Համբիկ հազազ մտքով իր փրկութեան միջոցներուն վրայ խորհեցաւ։ Կացութիւնը հանդարտօրէն, տրամաբանօրէն աչքին առջեւ բերաւ, քննեց, ուսումնասիրեց։ Հասկցաւ որ սիրոյ այդ հրդեհը չպիտի կրնար մարել իր մէջ, ուստի պէտք էր անոր գոհացումին հետամտիլ։ Անոր համար միջոցներուն վրայ սկսաւ խորհիլ, գործնական ու վճռական բան մը ընելու համար։ Եւ, երկար վարանքներէ յետոյ, որոշեց բանալ Սոֆիին, իր սէրը լալ անոր, ու դարմանը պաղատիլ։

Նամակ մը գրեմ, մտածեց։

Քանի մը իրիկուն, Համբիկ, փայտէ պարզ սեղանին առջեւ կծկուած, ջղապիրկ մատուըներուն մէջ գրիչ մը սեղմած, թուղթի կտորի մը վրայ հակած. տժգոյն, շնչասպառ, կը գրէր, կ՚աւրէր, նորէն կը գրէր ու նորէն կ՚աւրէր, իր շարադրած խեղճ, ուռուցիկ, սնոտի նախադասութիւններու այս րոպէին հաւնելով, միւս րոպէին տգեղ, անյաջող, ծիծաղելի գտնելով զանոնք։ Մինակ սկզբնաւորութեանը համար քանի մը իրիկուններ տատեցաւ, քրտնեցաւ. դպրոցին մէջ սերված, լրագրին մէջ հանդիպած բոլոր ածականները միտքը կը ջանար բերել. «Սիրելի, պաշտելի, հոգւոյս հատորը, երազներուս հուրին, պաշտեցեալ կուռքս…» բայց ասոնց ոչ մէկին կը հաւնէր վերջնականապէս։ Գրելէ ետքը երբ անգամ մը նորէն կարդար, կը խպնէր ինքիրմէ, ու կը տանջուէր այն մտածումէն թէ Սոֆի կրնար ծիծաղիլ իր վրայ։ Ազդու եւ լուրջ ըլլալ կ՚ուզէր, անոր գութը եւ սէրը միանգամայն հրաւիրելով իր վրայ։

Ու, մռայլ հետեւանքներու վախէն հալածուած, մէկէն կանգ կ՚առնէր, նայուածք սեւեռուն, տժգոյն, հեւքոտ։ Ճակատը կը ծածկուէր քրտինքի մանր կաթիլներով։ Թուղթը կը ճմռթկուէր մատներուն մէջ, մատիտը վար կը սահէր։

Համբիկ, օրդտի, ատ ի՞նչ գիր է քի չլմնցաւ, կ՚ըսէր մայրը, տղուն գիր գրելու այր նոր մոլեգնութենէն խռոված։

Երիտասարդը չէր պատասխաներ, յանկարծական զայրոյթով մը լեցուած մօրը դէմ, որուն վրայ տեսակ մը լրտեսութիւն կը տեսնէր իր անհուն ցաւին համար։

Կը վերսկսէր սակայն, կը մոլեգնէր այդ աշխատանքինլ Գաղափարները, պերճ ու յորդելակ, կը ծառանային մտքին մէջ, բայց ահա զանոնք թուղթին վրայ գեղեցկօրէն արտայայտեոլւ անկարողութիւնը կը կասեցնէր իր ձեռքը. կը մնար անճրկած, յուսահատ, ոչնչացած։ Կը մթնէր. դուրս, պարտէզին մէջ, գիշերուան խորհրդապահ շշուկները կը բարձրանային։ Թումիկ վրայ կը հասնէր, գինով, ծխափայտը քաշելէն։ Մայրը փայտէ ցած սեղանը կը պատրաստէր՝ համեստ ու ժուժկալ ճաշին համար։

Է՛յ, ալ կ՚օգտէ, Համբիկ, էկուր հաց կեր…

Համբիկ, ծօ՛, հա՛յտէ, կը պոռար հայրը տղուն յամենալէն սրտնեղած։

Երբեմն եղբայրն ալ վրայ կը հասնէր, նոյնպէս գինով, ու Համբիկ գիր գրելու յամառութենէն հատղած, կոշտ յանդիմանութիւններու տարափ մը կը տեղար։

Պալիխճութիւնը կէ՞շ զանաաթ էր քի, սվիկա չարշի հանեցիր, կը պոռար հօրը երեսին։

Համբիկ մարտիրոսի համակերպութեամբ կը հանդուրժէր այս դժնդակ կեանքին, ու՝ իր հոգին լեցնող բոցերուն շողարձակումէն շլացած՝ կը քալէր շոշորդ, դանդաղուն քայլերով, դէպի անստոյգ նպատակը, որուն պիտի հասնէր ամէն գնով, ամէն զոհողութեամբ։

Հիմա, ա՛լ գիշեր ցորեկ նամակը կը խորհէր, զայն իր փրկութեան միակ միջոցը դաւանելով։ Առաջին քանի մը ձորփերը անյաջող եղան՝ իր գնահատումովը։ Կ՚ուզէր որ առաջին եւ վերջին փորձը զոր պիտի ընէր աղջկան մօտ իր սրտին գաղտնիքը բանալու համար՝ յաջողութեամբ միայն պսակուէր։ Օր մը վերջապէս գտած ըլլալ կարծես այն ազդու եւ սրտաճմլիկ բանաձեւը, որ սիրոյ դերբուկ ճամբան պիտի հարթէր իր առջեւ։ Իր հոգիին այս մահացու տագնապի օրերուն, պարտէզը զրկուեցաւ անոր մանրահոգ խնամքէն։ Ծաղիկները ըմբոստ ծիլեր արձակեցին. օտար, վայրի խոտեր բուսան մաքուր եւ անթերի ածուներուն մէջ, ու քանի մը հազուագիւտ բոյսեր չորցան, ոռոգումէ զրկուած։ Սոֆի որ սքանչացումով դիտած էր իր բարեկամին անխոնջ եռանդը այդ խոպան, անխնամ պարտէզը փոքր դրախտի մը վերածելու, հիմա, իրիկունները, փայտէ ցածուկ նստարանին վրայ, իր քրոշէն բանած ատեն, կը զարմանար Համբիկին անտարբերութեանը վրայ։

Համբիկ, ըսաւ իրիկուն մը անոր սենեակէն ներս մտնելով, մեղքը չե՞ն, ծաղիկները կը չորնան կոր…

Տղան շուարեցաւ, կապկպուեցաւ։

Մեղքը չե՞ն ծաղիկները, կը կրկնէր Սոֆի մեղմեղագին ձայնով։

Կարեւոր գործ մը ունիմ աս օրերս, թոթովեց Համբիկ, վաղը առտու կը ջրեմ, անհոգ եղիր…

Նամակը աւարտած էր սիրահարը։ Բաճկոնին գրպանը դրած, օրուան մէջ տասն անգամ կը կարդար զայն. շոգենաւին մէջ վաճառատունը, հակերու ետեւը կզկտած, իրիկուան տունը, նոյնիսկ գիշերը քունէն արթննալով, մոմի մը դողդոջ պլպլումովը։ Վերջապէս գոց ըրաւ զայն, միտքովը կարդաց, գինովցաւ անով, երջանկացաւ։

Երբ այսպէս աղէկ մը ըմբոշխնեց իր սիրոյն այդ պերճախօս, ազդու, պաղատագին, լալկան արտայայտութիւնը, զանիկա Սոֆիին ձեռքը հասցնելու միջոցներուն վրայ խորհացաւ։ Այս մասին երկար չեղաւ իր վարանքը։ Իրիկուն մը, աղջկան մէկ հեռացումէն օգտուելով, նամակը տարաւ ձգեց փայտէ ցածուկ աթոռակին վրայ, ուր միշտ կը նստէր Սոֆի։ Ու ինք հեռացաւ գնաց, խենթի մը պէս, քայլամոլոր եւ դողդղահար…

Ու յանկարծ կեանքը փոխուեցաւ տանը եւ պարտէզին մէջ։ Յարդարուած, խնամուած, գուրգուրացուած ածուները լքուեցան, ծաղիկները իրենց բախդին ձգուեցան։ Ցածուկ նստարանը ալ որբ մնաց. ածուի մը քով շրջած կ՚իյնար ցնցուղը, ժանգոտած եւ պարապ. հողասանտրը ծառի մը կռթնած կը կենար անշարժ։ Ծաղիկները, ծղօտնուն վրայ, ցորեկուան արեւէն տաքցած եւ ծարաւ, կարծես ջուր կը մուրային։ Այս լուռ աղերսին ունկնդրող չկար։ Անակնկալ լքումը որ հոն կը տիրէր, սրտաճմլիկ բան մը ունէր իր մէջ։ Գեղջուկ, պարզ եւ գրաւիչ պատկերը իր կենդանութենէն եւ գոյնէն զրկուեր, սգալի երեւոյթի մըն էր առեր։ Մա՞հը պտտած էր հոն, կեանքերը խլելով։

Ոչ։ Թուղթի աղէտաւոր, լալկան, պաղատալից կտոր մը, սրտի մը արիւնին ու արցունքին մէջը թաթխուած, ձեռքէ մը ուրիշ ձեռք անցեր էր։ Ու պարտէզը, ու ծաղիկները, ու ցնցուղը, հողասանարը, փայտէ ցած աթոռակը կը մնային անտերունչ, սրտաճմլիկ լքումի մը մէջ։

Սոֆի դուրս չէր ելլար իր սենեակէն, վասնզի կարդացած էր իրեն ուղղուած սիրոյ այդ անակնկալ եւ ջղայնոտ յայտարարութիւնը։ Պատուհանին առջեւ նստած, գունատ եւ դողահար, իր մեղրամոմէ մատները քրոշէի մը մեքենական շարժումներուն մէջ չարչարելով, աչքը սեւեռուն եւ խոժոռ, կը մտածէր։ Ատիկա՞ էր իր փնտռածը, թուղթի այդ ողորմելի, ցաւագին կտորը։ Հապա ո՞ւր կը մնային իր ոսկեղէն եազները, որոնք իր անրջոտ կեանքին սնունդը կը կազմէին։ Ի՛նչ հարուած՝ սնամիտ, վերացական աղջիկնութեան մը փայփայած, գգուած, խրոխտ ծրագիրներուն։ Սէ՜ր. ու ատա՜նկ սէր. մուրացկան, աղքատ, վատուժ սէր։ Եւ ինք որ, իր երազներուն բարձունքէն, իր հրապոյրներուն գիտակից հպարտութեան վերէն տեսակ մը արհամարհանք նետեր էր՝ իրենց պզտիկ, խենթուկ, ստամբակ սէրերովը զինք հետապնդող պատանիներուն երեսին, անգոսնելով անոնց հրաւիրող ստահակութիւնները ու կրքոտ աղաչանքները։ Ու հիմակ, նորէն, այդ սէրերուն ամենէն աննշանին, ամենէն ողորմելիին, ամենէն արգահատելիին ենթարկուէր։

Իր երեւակայութեան բորբոքումին մէջ, մէկէն ի մէկ ծագող արշալոյսի մը փողփողումով, կը բացուէր ամիրային խաղաղ ու մաքուր ապարանքը։ Տոքթորին բարձր, հմայքոտ, առինքնող, ազնուական սիլուէդը կ՚երեւնար, աչուըներուն գորովալից ու հրայրքոտ վառքովը։ Անոր փարումը իրեն, անոր հեւքը, անոր ջերմ գուրգուրանքը։ Ի՜նչ գինովութիւն։ Ատ չէ՞ր պերճ, շքեղ, սնուցանող, երջանկացնող սէրը։ Համբիկ ի՞նչ հմայքով կրնար պարուրած ըլլալ իր հոգին ու միտքը, մանկութենէն մինչեւ այդ օրը։ Դեռ մինչեւ հիմակ կը յիշէր անոր բոպիկ դպրոց երթալը, պատռտած հագուստներով, գլուխը բաց, խեղճ, ազազուն։ Շատ տափակ անորոշ, սահմանափակ զգացում մը տածեր էր միշտ անոր համար։ Ընկերոջ տարտամ համակրութիւն մը որ ժամանակին հետ կը կազմուի եւ անոր հետ ալ կը կորսուի։

Հիմա մանիֆաթուրաճիի այդ աշկերտը խենթութեան տագնապի մը մէջ՝ դէպի իր սիրտը կ՚ուզէր մագլցիլ, սիրոյ բարձրութիւններուն վրայ կանգնիլ։ Այդ անհնարին տիրապետումին համար, սիրոյ խենթ ողբ մը կը կարդար ան իրեն ծիծաղելի բացատրութիւններով, խակ ու անճարակ լեզուանիութեամբ մը որ իր զգայուն աղջիկին սրտին բան չէրր ըսեր։ Զինքը երջանկացնելու խոստումներ, ապուշ ու նենգամիտ հեռապատկերներու ցուցադրումով մը։

Հետզհետէ, կացութեան աւելի հանդարտ ուսումնասիրութեամբ մը, հատուկտոր, կնքնին աննշան դէպքերու զօդաւորումով մը, Սոֆի կը յաջողէր ամբողջ վիճակ մը պարզել։ Տղուն նայուածքները, շարժումները, վերջնա մէկ քանի ամիսները՝ իրեն հանդէպ անոր վերաբերումին տարօրինակութիւն, անոր անսովոր փութկոտութիւնը իրեն հաճոյանալու, եւ մանաւանդ անոր այն խօսքը թէ «պարտէզը իրեն համար զարդարեր էր», հիմա կը լայննար, կը լուսաւորուէր, հոգիի մը ամբողջ տրամադրութիւնը ցոլացնելով։ Ուրեմն այդ ապարդիւն, տխմար սէրն էր որ մղած էր զանիկա այդ բոլոր գեղեցիկ բայց ունայն աշխատանքին, պարտէզին ածուները, ծաղիկները, ամբողջ ակնապարար յարդարանքը այդ զսպուած, ծամծմուած, երկչոտ, ապիկար սիրոյն արգասիքն էին. ու ինք, Սոֆի, առանց ուզելու, անգիտակիցօրէն, ատոնք առաջ բերեր էր, արծարծելով, հուրք, հեւք տալով այդ մեղաւոր ու չփոխարինուած զգացումին։

Անակնկալի ու սրտնեղութեան առաջին տենդոտ ու վայրագ ժեսդի մը մէջ, Սոֆի պատռտեր էր սիրատոմսը, զայն երկու նեղ, խորունկ ուշադրութեամբ կը կարդալէ եւ անոր անհաւատալի իմաստը վերլուծել, հասկնալ ջանալէ յետոյ։ Թուղթին բեկորները ցիրուցան անյայտ եղած էին պարտէզին մէջ։ Բայց անոր հատուածները աղջկան մտքին մէջ յամառօրէն գամուած կը մնային։ Արցունքոտ պաղատանքի մը տողեր էին անոնք, աղերսարկու հառաչանքը վախկոտ ու թանկագին սիրոյ, միամիտ գեագոյն կոծը չյուսահատեցուած երջանկութեան։

«Սոֆիս, մի՛ մերժեր զիս եւ սէրս, վասն զի պիտի մեռնէի ատկէ, եւ դուն պիտի զրկուէիր այդ սէրէն ու պիտի դժբախտ, թշուառ ըլլայի, վասն զի այդ սէր միայն պիտի կարող ըլլայ քու երջանկութիւնդ ապահովել. քու կեանքիդ սիրոյն՝ իմ սէրս մի՛ մերժեր…»

Նամակին մէկ ուրիշ մասը սլաքի մը պէս մխուած կը մնար իր ըղեղին մէջ, հակառակ որ ինք վանել, նետել ուզեր զայն։

«Մի խաբուիր, մի շլանար սուտ սէրերէն, որ այնքան շատ են եւ որ կեանքերը կը սպաննեն միայն. սուտ տէրերը աւելի վտանգաւոր են քան ամենէն բացայայտ ու խորունկ ատելութիւնները… հաւատա՛ այս ճշմարտութեան, Սո՛ֆի…»

Եւ սակայն, իր հոգիին ըմբոստացումին, խոստովանուած այդ սիրոյն յանդգնութեանը դէմ իր զգացած զայրոյթին հակառակ, մանկամարդ աղջիկը, երբեմն, իր ընդոծին բարկութենէն վարուած, գթութեան ակամայ եւ յեղակարծ շարժումի մը հնազանդելով, կը մեղքնար իր մատաղ բարեկամը, անոր հոգեկան տառապանքներուն գաղափարովը ինքն ալ կը չարչարուէր, կ՚ուզէր հաւատալ այդ սիրոյն մեծութեան, անկեղծութեան, իր մերժումէն այր վշտալի ու մատղաշ էութեան խորտակումին հաւանականութիւնը կը սարսափեցնէր զինք։ Բայց իսկոյն կը սթափէր, կը գօտեպնդուէր իր այդ տկարութեան դէմ, կը յանդիմանէր ինքզինքը այդ վաղանցիկ թուլութեան համար, եւ իրական կեանքի հաճոյաւէտ, եսամոլ անդրադարձումներով կը ջախջախէր իր աղապատանքի փորձութիւնները, որոնք իր չքնաղ հոգիին մէջ կայծերու պէս կը պլպլային ու կը նուաղէին, ճղճիմ փառքերու իր ունայն հետապնդումներուն, անիրականալի յոյսերու իր տխուր որոճացումներուն տեղի տալով։

Ու երիտասարդ տոքթորին պատկերը կուգար կը կանգնէր իր աչուըներուն առջեւ. անոր տունը իր մօրը հետ երկրորդ անգամ այցելելուն ո՜րքան բուռն, ցնցող, խորունկ եղած էր իր կրած տպաւորութիւնը։ Երիտասարդին նայուածքին մէջ այս անգամ տարբեր ցոլքեր, տարբեր կայծեր տեսեր էր։ Նոյնիսկ, զինքը քննած միջոցին, ան աճապարանքով քանի մը բառ փսրտացեր էր ականջին, բայց այնքան յուզումով ու կամաց որ չէր կրցած լսել զանոնք։ Բայց իր այլայլումը նորէն ուժգին էր եղած. ու այդ փսփսուած բառերուն անհաւատալի բացատրութիւններ, նշանակութիւններ կուտար մանկամարդ աղջիկը. ներշնչուելով այն տարփոտ ու հրացայտ նայուածքներէն զորս երիտասարդը ուղղած էր իրեն գաղտագողի։ Մեկնած ատեննին իր ձեռքը սեղմած էր ան՝ տենդալի սեղմումով մը։ Մինչեւ սանդուխին գլուխը հետերնին եկած էր, հակառակ իր սովորութեան, ինչ որ շատ զարմացուցեր էր Խաչօն։ Դուրսը, փողոցին մէջ, Սֆի աւելի լաւ ու ճիշդ մեկներ էր երիտասարդ տոքթորին պերճաբարբառ նայուածքները, հոգածութեան քիչ մը շուարուն, քիչ մը ղջայնոտ շարժումները, ու , այն միամիտ ու անվերապահ ընբռնումով որ աղջիկներու անապակ հոգիներուն միայն յատուկ է, հաւտաց, ջանաց ինքզինքը համոզել թէ այդ երիտասարդը կը սիրէր զինք։

Եւ անխուսափելի զուգակշիռը որ հիմա իր բորբոքած մտքին մէջ կը կատարուէր՝ իր սէրը մուրացող սա երկու էակներուն միջեւ, անհնարին տագնապներու կը մատնէր զինք։ Շաբաթը երեսուն ղրուշ վաստակող Համբիկին, ձկնորս թումիկին ատ խեղճուկ տղուն վարմունքին մէջ որքան լպիրշ յանդգնութիւն մը. անգոսնելի համարձակութիւն մը կը տեսնար, երիտասարդ տոքթորին զսպուած, գողունի կերպով սնուցուած համակրութեան մէջ այնքան վսեմութիւն, հրապոյր, պաշտանք կը գտնէր։

Իր երեւակայութեան բորբոքման մէջ, իր բուռն տենդին մէջ, մանաւանդ երբ կ՚անդրադառնար որ ատ պարտէզին բոլոր աղուոր ծաղիկները, ծառատունկերը, ածուները արհամարհուած սիրոյ մը պանծացումը եւ մատուցումը նպատակակէտ ունեցած էին, երբոր կը մտածէր որ ամիսներով, գուցէ տարիներով այդ խեղճ տղուն մտածմունքին ամբարշտութեան ենթարկուած էր, անախորժ, մերժուած պաշտամունքի մը անգիտակից առարկան դառնալով, կ՚ատէր ա՛լ, ծաղիկներն ալ զորս այնքան սիրած, գգուած էր ածուներն ալ, պարտէզն ալ, ցածուկ աթոռակն ալ, բոլոր այդ ծաղկազարդ, անդորր , երջանիկ անկիւնը իր յետին մանրամասնութիւններուն մէջ։ Բայց, իր զայրոյթին էն բուռն րոպէին, աղեկէզ ողբը՝, բզքտուած նամակին հովին յանձնուած, անջրպետին մէջ կորսուած բեկորներէն կարծես կուլար իր ականջին.

Սոֆի, մի՛ մերժեր սէրս, վասնզի պիտի մեռնէի ատկէ…

Եւ հակառակ իր բովանդակ արիացումին, բոլոր մեծ, փառաւոր, շլացուցիչ բաներուն, որոնց մտածումովը կ՚ուզէր ողողել իր էութիւնը, աղջիկը, ակամայ, կը դողար անկեղծ, ահեղ սիրոյ այդ հծիւնէն, եւ ընկճուած, ջախջախուած. հառաչ մը կ՚արձակէր.

Օ՛հ, խեղճ Համբիկ…

Ու պարտէզը կը մնար ամայի, ցտծուկ աթոռակը որբ… Ու ծաղիկները, ծղօտնուն վրայ, գունագեղ ու հոտաւէտ, իրենց աղուոր տիրուհիին մատուըներուն հպումին կարօտովը կը տառապէին…

Համբիկ ի՞նչպէս ապրեցաւ գիշերը այն օրուան ուր նամակը իր նպատակին հասցուցած էր։ Ջղային, հոգեկան, մտաւորական տեսակ մը անէացում ապրեցաւ, զոր ոչ մէկ բառով կարելի է սահմանել. աչքերը գոց, արտաքին առարկաներէ շլացածի պէս, խոկաց ներքնաշխարհօ մութին մէջ, ուր վիթխարի, հրէշային ստուերներ, հրաշալի լուսաւորութիւններու քով հսկայական մեծութիւններ շարունակ կը դառնային, կը թաւալէին, կը յորձանային, իրենց ցնորական այդ պտուտքին մէջ զինքն ալ դարձնելով, նետելով, քաշելով, խենթացնելով։

Ու երազեց։ Պարտէզը կը լայննար, ծով կ՚ըլլար, տիտանական անտառ մը, խաւարչուտ, անծանօթ եւ ահաւոր խորութիւններով, ճիւաղներէ բնակուած. ծառերը, ահագնատեսիլ սեւ կոճղեր, երկինք կը սլանային իրարու փաթթուած, ագռաւներէ, անգղներէ, բուերէ, գիշերային քստմնելի թեւաւորներէն յաճախուած. օձեր, մեծագալար օղակներով, կը սողային գետինը. մութ թաւուտներու ծակերէն վայրի գազաններու լայնալիճ աչքեր, կաս կարմիր, հրատներու պէս կը շողային։ Հեռուն, երկինքին ու անտառին հպած տեղը, հրդեհ մը կը վառէր դժոխանման, ուր երկար մագիլներով, անսահման պոչերով, սրածայր, անհեթեթ կոտոշներով զինուած կարմիր հրէշներ կ՚ելեւէջէին խուռներամ, կայծերու, հրեղէն փունջերու մէջէն։ Բացաստանի մը վրայ, վագրեր, փիղեր, բորենիներ, ռնգեղջիւրներ, կոկորդիլոսներ, բոլոր ճիւաղային անհեթեթութիւնները զորս զառանցանքը կրնայ կերպաւորել, վիթխարի մեծութեամբ, զիրար կը հալածէին, կը խածատէին, կը յոշոտէին։ Անթիւ անհամար ճճիներ, բարակ, երկար ոտքերով, սրածայր պատիճներով զինուած միջատներ, մանր, խոշոր, սեւ, կանանչ, կը վժժային օդին մէջ, գետինը, ճիւղերուն վրայ։

Հեռաւոր ծառերու տակէն , խաւարը յանկարծ փարատելով, լոյսի ակնախտիղ հեղեղ մը կը խուժէր՝ միլինահոր շողարձակ ջահերու հանդէս մը պարզելով, որուն մէջէն, սպիտակ լուսեղէն հանդերձանքոջ փաթթուած, կին մը կը յառաջանար հերարձակ, ծանրաքայլ եւ վեհաշուք։ Լուսաւոր ասպարէզին հազիւ կէսը հասած, ան կանգ կ՚առնէր, խարտեաշ վարսերու ջրվէժին ներքեւ իր ճեփ ճերմակ դէմքը չորս դին պտտցնելով. եւ ահա, հիւսիսաբնակ եղնիկի մը արագութեամբ, երիտասարդ մը, սուսերամարտ ասպետի մը պէս հագուած, դուրս կը ցատքէր մացառուտքին խորերէն ու կը վազէր ժպտուն, թեւատարած, վարսերը ծածանուտ։ Ու կը հասնէր այդ լուսածին հուրիին, կը նետկուէր անոր ոտքերուն, կ՚երկրպագէր, համբուրելով գետինը, անոր ճերմակ ոտքերը, երեսները քսելով անոր լոյսէ քղանցքներուն։ Ու կինը, այդ գետնամած պաշտամունքի պահուն, յանկարծ իր լանջքին սպիտակութիւններէն թուղթ մը կը քաշէր կը հանէր. արհամարհոտ ժպիտով մը կը նետէր զայն իր երկրպագուին, որ խենթի մը պէս կը յափշտակէր, կ՚առնէր այդ թուղթը, սարսափի նայուածքներ պտտցնելով անոր վրայ եւ ահեղ ոռնումներ թնդացնելով.

Նամա՜կը, նամա՜կը, նամա՜կը…

Ու հորիզոնը այրող հրդեհը մեծաշառաչ ճարճատեց, ելեւէջող հրէշները ոռնացին, ու գազանները մոլեգնօրէն մռնչեցին. անպարագիծ սեւ անտառին խորերէն ահաւոր որոտներ լսուեցան. օձերը, իրենց դանդաղ օղակները քայքայելով, վեր ցատքեցին քստմնիլի սուլիւններով, ու ճճիները վժժացին, իրար խառնուեցան, զիրարա կերան… Ու մարդը ասպարէզին մէջտեղ դժնդակ պրկումներու մէջ, պոռաց աղեխարշ գանչիւններով.

Նամա՜կը, նամա՜կը, նամա՜կը…

Համբիկ, այս ահաւոր տեսիլքին մտրակումին տակ, վեր ցատկեց, քրտնաթաթաւ, սարսափահար, աչքերը տարապայման բաց, դողդղալով, մղձառանջի ահաւորութենէն անէացած, հալածական։

Մինչեւ առտու մնաց ատանկ, սառած անդամներով, ընդարմացած ըղեղով, բան մը մտածելու անկարող։

Լոյսը շատոնց ճեղքուած էր, ու տղան կը մնար ատանկ, անկողինին գամուած, գլուխը ափերուն մէջ, մտամոլոր, կորսուած…

Համբի՛կ, չելլա՞ս, ձայնեց մայրը, է՛լ զաւակս, ուշ կը մնաս։

Համբիկ սթափեցաւ, ելաւ, հագուեցաւ ու գնաց… ճամբան, ատեն ատեն ետին կը դառնար, կարծելով լսել բացաստանին մարդուն ցաւագին աղաղակը. «Նամա՜կը, նամա՜կը»։ Շուկան, առտուան նորազարթ շարժման մէջ, տղան անսովոր տպաւորութիւն մը կը կրէր. սալարկներուն վրայ հնչող ոտնաձայնները, բացուող փեղկերուն աղմուկը, շրջուն ծախողներուն թոքապատառ կանչերը ականջին մէջ կը թնդային քստմնելի շառաչներով. կարմիր մղձաւանջին մէկ իրական շարունակութիւնը կարծես. ու կը խրտչէր անցորդներէն, վախնալով որ անոնք յանկարծ իրեն կը դառնային ու կը պոռային «Նամա՜կը, նամա՜կը, նամա՜կը…»։

Վաճառատան մէջ, միտքը գելանող զարհուրելի տեսիլքները վանելու համար, Համբիկ սկսաւ խենթի պէս աշխատիլ, տենդոտ աճապարանքի մը անձնատուր։ Բայց իր այդ անսովոր փութկոտութեան մէջ մէկէնիմէկ կը կենար, միտքի տանջանքէն յաղթուած, միջավայրը եւ կացութիւնը մոռնալով, սառած, ոչնչացած… Յետոյ, գերագոյն ճիգով մը, նորէն կը սկսէր իր գործին… իր շոշորդ, մոլորուն ձեւերը, նայուածքին խենթութիւնը վերջապէս գրաւեցին գրագրին ուշադրութիւնը։

Ծօ աս տղան կը փախցունէ՞ կոր ի՛նչ կ՚ընէ կոր, ըսաւ ուրիշ պաշտօնեայի մը… հիյէթը նայէ… Համբի՛կ, հոս եկուր, պոռաց տղուն, որ պահ մը կանգ առած գետինը կը դիտէր շլմորուն։

Համբիկ, սթափած, մօտեցաւ։

Ինծի նայէ նայիմ, ըսաւ գրագիրը խիստ շեշտով մը։

Տղան վեր նայեցաւ, իր նայուածքին բոլոր տարտամութեամբը։

Հասկցայ, հասկցայ, շարունակեց գրագիրը… ծօ՛ չորպաճիէն փարան կ՚առնես կոր նէ ի՞նչ կ՚ընես կոր… գիշերները ո՞ւր ես, չե՞ս քնանար կոր…

Համբիկ բառ մը չգտաւ պատասխանելու այս վարնոց եւ անարգ զրպարտութեան։ Լռեց, իր հոգեկան խորունկ, ահաւոր ցաւին մէջ ապաստանած։

Հայտէ, ծօ, հայտէ, խելքդ կլոխդ ժողովէ, աչկր գործիդ մէջ բաց. զէրէ չորպաճին իմանայ էի ատանկ պաներու ետեւէ ես, անկաճէդ պռնածին պէս, կիտե՞ս ա՛… վերջացուց գրագիրը գրասեղանին առջեւ տեղաւորուելով, իր խրատականն տարապայման գոհ։

Համբիկ, սարսափած որ իր վիշտը դէմքին վրայ եւ աչքերուն մէջ կարդացուեր էր, ինքզինքը ամփոփելու, իր սովորական երեւոյթը առնելու յուսահատ ճիգեր փորձեց, որքան կարելի էր իր շլմորած նայուածքը ուրիշներէն սքողնելով։

Իրիկուան, վաճառատունէն մեկնելուն, խառնուեցաւ ամբոխին, անոր յարուցած ժխորին մէջ, իր աղաղակող ցաւը անյայտ ընելուն երջանիկ։ Շոգենաւին մէջ բարամբէն վար ծռած, ջուրերուն խօլական թաւալումը զննեց, անիւին գլորման թաւ աղմուկէն գինովցած։ Նաւամատոյցին վրայ վարանում մը ունեցաւ։ Տո՞ւն երթար։ Հապա եթէ Սոֆին յանկարծ դէմը ելլար դաժան եւ անգութ, երեսին նետէր նամակը, յանդիմանէր, նախատէր, ապտակէր իր ժպըհութիւնը… Շիպ շիտակ գիւղին լեռը ելաւ։ Վերջալոյսի շեջելափառ խորհրդաւորութիւնը, իրիկնամուտի տարտամանօսր մշուշներէն ստուերոտած բլուրներուն անծայրածիր կոհակաւորումը՝ իր մտածումներուն տրտմութիւնը կը շեշտէին։ Կեցաւ կանանչ կարկառի մը վրայ, ակնարկը մշշապատ հեռաուորութեանց մէջ մխրճուած։

Հիմակ, իր խոհանքներուն ցաւագին ալեկոծման մէջ, հարցում մը շարունակ կուգար մտքին առջեւ, կը ցցուէր, հակառակ որ ինք յամառօրէն զայն վանել ուզէր, անոր պատասխանելու անհնարութենէն հարկադրուած։

Ի՞նչ եղած էր նամակը։

Յաւատանջ սրտէ մը փեթած արուն արցունքի այդ կաթիլը ո՞ւր գացած ինկած էր. սրտի մը գգուոտ աղապատանքին վրա՞յ թէ ապառաժի մը կարծրութեանը։

Այս վերջին պարագային հաւանականութիւնը կը սառեցնէր իր երակները. կորսուած, ոչնչացած կը զգար ինքզինք, ու կը թուէր իրեն թէ կարկառը որուն վրայ կանգնած էր, կը խլրտար, կը շարժէր, կը թաւալէր՝ նետելով զինքը վարը անդունդին մէջ։ Ու երկու ձեռքերը յենարան մը բռնելու պէս դէպի առաջ կարկառած, սարսափի պիշ նայուածքով. «ամա՜ն, ամա՜ն» կը պոռար նստելով, գրեթէ իյնալով կռնակին վրայ։ Մութը կոխեց. մշուշները ցրուեցան, հալեցան խաւարին մէջ, դիմացի բլուրներուն սեւ ուրուականը հազիւ կ՚անջատուէր երկինքին գորշ յատակին վրայ, եւ Համբիկ, կարկառին վրայ երկնցած, դեռ կը խոկար։ Գիշերուան զովութիւնը յանկարծ իրականութեան բորաւ տղան, որ թոթվըւեցաւ, ելաւ, ու գնաց, գլխիկոր տուն մտաւ։

Համբիկ, օրդտի, աս ատեն վո՞ւր էս, հարցուց մայրը անձկութեամբ։

Չորպաճիս տեղ ղրկեց, մայրիկ, ուշ մնացի… խայխով էկայ։

Շատ ֆէսկէսէ ըրի, օրդտիս։

Գիշերը անկողնին մէջ, նորէն վրայ հասան զարհուրելի մղձաւանջները, որոնց մէջ ճերմակազգեաց կինը, ասպետի երեւոյթով երիտասարդը, նամակը հետզհետէ երեւան կուգային, պաղ քրտինքներու մէջ ողողելով զինքը, ընդոստ զարթումներու ենթարկելով։

Ու օրերը, հոգեկան մահացու տագնապներով, իրարու նմանեցան։ Պարտէզին մէջ, ածուի մը քով, գետինը շրջած կը մնար ցնցուղը, պարապ եւ ժանգոտ, հողասանտրը ծառի մը կը կռթնէր, ու ծաղիկները, ծղօտնուն վրայ, թարշամած բաժակներնին գլխահակ արեւին տակ տխուր եւ գունատ՝ կարծես իրենց կենդանութիւն տուող բազուկներուն օգնութիւնը կը պաղատէին…

Շարունակ նայուելու պէտք ունի օրիորդը, ըսած էր տոքթոր Մարկոսեան երբոր Կիւլիւկ հանըմ երրորդ անգամ իր աղջիկը տարեր էր երիտասար բժիշկին։

Աստուած օրե՜րդ շատցնէ, զաւակս, պատասխանած էր Կիւլիւկ հանըմ, այս անձնուէր հոգածութեան ցոյցէն յուզուած։

Այս երրորդ անգամուն, մէկ շաբթուան համար միայն դեղ տուած, եւ դեղագիրն ալ իր անձնական քսակէն պատրաստած էր։

Իր թելադրութեամբ, տիկին Մարկոսեան ճարեց իր բազմամեայ լուացարարուհին եւ անոր տեղ Կիւլիւկ հանըմը բռնեց։ Այս պատճառով յարաբերութեանց յաճախութիւն մը հաստատուեցաւ ամիրային տանը հետ։ Սոֆի, որ տոքթորին աչքերուն մէջ փայլատակող կայծերէն հետզհետէ կը մագնիսանար, իբրեւ լուացարարուհի մօրը այդ տունէն ներս մտած ըլլալը արդարանալի պատրուակ մը նկատեց ինքն ալ հոն յաճախելու, օգնելու համար ամիրային աղջկան տնային զբաղումներուն, ինչ որ արդէն չափէն աւելի գոհունակութիւն պատճառեց այս վերջինին։ Քիչ քիչ մտերմութիւն մըն է հաստատուեցաւ։ Տիկին Մարկոսեան համակրեցաւ այդ հմայքոտ ու հեզ աղջկան, եւ նոյնիսկ օրին մէկը յայտարարեց իր զաւկին թէ իր պաշտպանութեան տակ կ՚առնէր զանիկա։ Տոքթորը գովեց մօրը զգացումը։

Սոֆի, ամիրային ապարանքին մթին պերճութեան մէջ, ամսովոր հաճոյք մը, անբացատրելի երանութիւն մը կ՚ապրէր։ Բնազդօրէն կը զգար թէ ատիկա էր միակ միջավայրը, ուր ինք պէտք էե ու արժանի էր ապրելու։ Կահաւորուած անդորր սենեակներուն մէջ պտտիլը հեշտանք մըն էր իրեն համար, բազմիլ թաւիշէ լայն աթոռներուն մէջ, դիտել զանազան մեծագին առարկաները՝ որոնք ամիրայական  փարթամ ժամանակամիջոցի մը աղմկալի դրուագները կը պատմէին, իբրեւ անոնց լուեւ վկաները։

Քանի մը հեղ, տոքթորը, չնչին պատրուակներով, իր բժշկական խուցը տարաւ մանկամարդ աղջիկը, եւ նստեցնելով զայն, բժշկութեան բարիքները եւ հրաշքները պատմեց անոր, Կոստանեանէն սորված ճոռոմ շեշտերով ու լայնածիր շարժումներով։ Աղջիկը, շլացած, հմայուած, մտիկ ըրաւ։ Ի մէջ այլոց դաստիարակութեան եւ քաղաքակրթութեան բարիքներուն վրայ խօսեցաւ։ Իր բազմակողմանի հմտութեան մասին գաղափար մը տալու համար իր գեղանի ունկնդիրին, պատմութենէն էջեր մէջ բերաւ, մեծ մարդոց անուններ յիշեց, բանաստեղծներու գործեր անուանեց, մեխ մասամբ յերիւրելով, խեղաթիւրելով, ստելով։ Հաստատեց թէ ինք գիտուն մդ ըլլալով, միայն գիտութեան չոր ու ցամաք գետնին վրայ չէր շրջագայեր, այլ կը սլանար նաեւ բարձր գրականութեան, բանաստեղծութեան եւ նոյնիսկ դէպի գեղրուեստներու կապտագեղ հորիզոնները, երկնային անհունութիւնները։

Միտքը եւ սիրտը միեւնոյն ժամանակ սնանելու են, օրիորդ, կը կրկնէր, մերթ ընդհատելով իր խօսքը, երազուն եւ խորին ընելով իր նայուածքը։

Սոֆի, որուն համար նորութիւն մըն էին այս նիւթերն ու խօսելու այս եռանդուն եղանակը, սահմռկած կը մնար, ազդուած երիտասարդին շքէղ հասակէն, աղուոր, ազնուական դէմքէն, աչքերուն կրակէն։ Եւ յանկարծ, միտքը կուգար, միւսը, Համբիկը, իր պասմաճիի աշկերտութեան բովանդակ խեղճութեանը, իր մուրացածոյ սիրոյն թոթով, երկչոտ անկարողութեանը մէջ։ Աղջկան մտքին մէջ, կը փճանար հէք սիրահարը, ճղճիմ, ցաւալի համեմատութիւններու կը վերածուէր։

Յետոյ, տոքթորը, ճարպիկ փոխանցումով մը, խօսքը կը բերէր կը յանգեցնէր հայ աղջիկներու դաստիարակութեան կնճռոտ ու կենսական հարցին։ Հոս, մէկէնիմէկ միտքը կ՚իյնային Կոստանեանին բառերն ու շարժումները։ Սենեակին մէջտեղը կեցած, գռուզ, աղուոր մազերը ճերմակ լայն ճակտին վրայ գեղեցիկ խռուացումով մը, աչքերը կիսախուփ, երազական, վշտալի եւ աղապատալից շեշտով կը խօսէր խառնիխուռն, անկապ, ափեղցփեղ, Սփենսըր, Բեստալոցցի, Ռուսօ իրարու զարնելով, հառաչանքներով ընդհատուած եւ անփոփոխօրէն յանկերգուած։

Օրիորդ Սոֆի, մեր հայ աղջիկները կը փճանան կոր, վասնզի թերի է անոնց տրուած դաստիարակութիւնը… ափսո՜ս, ափսո՜ս…