Ամիրային աղջիկը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Դ.

Տարի մը անցած էր յորմեհետէ Սոֆի եւ մայրը ձգած հեռացած էին իրենց խոնարհ տնակը՝ Մարկոս ամիրային մեծափարթամ ապարանքը փոխադրուելու համար։ Այս մէկ տարուան միջոցին աղէտալի փոփոխութիւններ առաջ եկած էին ձկնորս Թումիկի տան մէջ։ Հոռոփ հանըմ գիշեր անդադար հսկեր էր զաւկին սնարին մօտ, անոր զառանցանքները, ջղաձիգ պրկումներն ու ոստումները ջանալով ամբոքել իր մայրական տաք արցունքներուն եւ գգուանքներուն տակ, վասն զի տոքթոր Մարկոսեանին տրամաթիկ պարագաներուն տակ ձգել փախչելէն ետքը, խեղճ կինը չէր համարձկած ուրիշ բժիշկներու օգնութեանը դիմել՝ զաւակը դարմանելու համար։ Իբրեւ միակ դարման՝ թաղին մէջ հաբաւոր աղօթող թէպեր տուտուն, որուն հրաշագործութիւնները մէկէ աւելի էին, կուգար ամէն իրիկուն, մթնշաղին, հիաւնդին անկողնին քով ծունկի վրայ կը տոտոզուէր եւ իր թուլցած կզակովը անվերջանալի աղօթքներ կը մրթմրթար Համբիկի գլխուն, մինչ քիչ մը հեռուն Հոռոփ հանըմ, ոտքի վրայ, ձեռքերը իրարու կցած, աչքերը դէպի երկինք. «ա՛խ, սուրբ Ասվածամար դո՛ւն օղորմիս»ի նման մաղթանքներ կը մռլտար շարունակ։

Գիշերները, Թումիկ տուն կը դառնար, գինով, եւ գլուխը պահ մը հիւանդին սենեակէն ներս խոթելէ եւ «թոհաֆ, աս չոճուխը ի՞նչ էղաւ» մը մրմռալէն յետոյ կ՚երթար կ՚իյնար իր խշտիկին վրայ։ Համբիկին եղբայրը, Գարագ, արդէն չհետաքրքրուեցաւ իր եղբօր հիւանդութեամբը։ Մինակ իր յաւիտենական դիտողութիւնը ըրաւ հօրը երեսն ի վեր։

Պալըխճիութիւնը կէ՞շ զէնաաթ էր քի դպրոց արին, չարշի հանեցին աս զաւալլըն, նա՛հ, նայէ ի՜նչ էղաւ, տուն, էս նայէ պան մը կ՚ըլլա՞նք կոր…

Քիչ քիչ, գուցէ Թէպեր տուտուին հառաչալից ու սրտաբուխ աղօթքներուն ուժովը, Համբիկ հանդարտեցաւ. զառանցանքները դադրեցան, աչքերը բացաւ ու նայեցաւ՝ տարտամ ու հիւանդ նայուածքով մը, սկսաւ ուտել մօրը տուած կերակուրները. միայն խօսելու արագութիւնը կը պակսէր. կցկտուր, միավանկ բառեր կ՚արտասանէր տխուր եւ շնչասպառ շեշտով մը։ Երկար ատեն տեղ մը սեւեռուած կը նայէր. յետոյ կը սթափէր աչքերը թարթափելով. շատ քիչ կը պատահէր որ գիշերները քունէն արթննալով «պագա՜ւ, պագա՜ւ» բացագանչէր։ Այս բացագանչութեան՝ ոչ ոք կրցած էր որեւէ նեկնութիւն տալ, ոչ Հոռոփ հանըմ, ոչ ալ իր դրացուհիները։ Մինակ աղօթող Թէպէր տուտուն կրցած էր միսթիկ բացատրութիւն մը տալ հեղինակօրէն.

Քա եավրում, սատանան փորն է մտեր, ան է…

Ա՛չկը քէօռնայ, անիծած էր անդիէն դրացուհի մը։

Վերջապէս օրին մէկն ալ ոտքի ելաւ Համբիկ, կամաց կամաց պտտեցաւ պարտէզը, սեւեռաբիբ երկար կասումներով իր երբեմնի բազմաշխատ ածուներուն առջեւ, որոնց գծագրութիւնը գրեթէ բոլորովին անյայատ եղեր էր՝ անձրեւի եւ քամիի հարուածներուն տակ։ Հոն էին դեռ հողասանտրը, ցնցուղը, բրիչը, ժանգոտած ու մռմռկած, տխուր փլատակներ սնուցուած վարդագոյն յոյսերու, ապրուած խաբուսիկ հրճուանքներու։ Յետոյ, սենեակին մէջ, բազմոցին անկիւնը կը նստէր, լուռ ու մունջ, մտածկոտ, ապուշի պէտ։ Անկարեկիր կը մնար մբրը գգուանքներուն, զորս խեղճ կինը կը շռայլէր զաւկին՝ զանիկա մխիթարելու, անոր սեւամաղձոտ մտածումները ցրուելու համար։

Գործի երթամ, ըսաւ օր մը Համբիկ։

Ու ելաւ գնաց։

Վաճառատան մէջ իր ընթացքը, շարժուածքը, խօսուածքը բնաւ վստահութիւն չներշնչեցին։

Աս տղան աւրուեր է, ըսին միւս պաշտօնեաները իրարու։

Քանի մը օր այսպէս շարունակուեցաւ։ Ո՜ւր էր առաջուան աշխուժ, դիւրաշարժ, գործունեայ տղան։ Վաճառատան հեռաւոր անկիւնները կը քաշուէր լուռ եւ մաախոհ, եւ գրեթէ բան մը չէր ըներ։ Չորպաճին, որ անողոք ու աններող մարդ մըն էր, քանի մը հեղ կծու եւ տմարդի յանդիմանութիւններ ուղղեց երիտասարդին, որ անոնց խայթումին տակ պահ մը սթափեցաւ՝ իսկոյն նորէն իր առջի անշարժութեան մատնուելու համար։ Վաճառատան մեջ հասկցուեցաւ որ Համբիկ անծանօթ եւ բարոյական հիւանդութեամբ կը մը տառապէր։

Ճամբա՛յ տուր, մեր գործին չի՛ գար, ըսաւ չորպաճին իր առաջին գրագրին, որ շաբաթ գիշեր մը կանչեց Համբիկը, եւ իր այլեւս հոգ աւելորդ ըլլալը յայտնելով, ամսական մը դրաւ ափը ու ճամբեց։

Համբիկի դէմքը որեւէ վրդովում մը չարտայայտեց, երբ վերջնականապէս դուրս ելաւ այդ վաճառատունէն, ուր մտած էր ապագայի ոսկեղէն յոյսերով, ուր շինած էր մեծ մեծ ծրագիրներ։ Մտածկոտ եւ ինքնաշարժ, ելաւ գնաց, առանց ետին դառնալու, առանց շուրջը եռացող ամբոխը տեսնելու։ Կեանքի գործունէութեան դռնէն դուրս վռնտուած էր՝ ա՛լ անկէց ներս ոտք չկոխելու համար, աղջկան մը արհամարհանքին տակ ջախջախուած հէ՛ք տղան։ Իր սեւ ու աղուոր աչուըներուն մէջ աշխատութեան հուրը չէր որ կը վառեր. անդրաշխարհի անորոշ փայլեր ունէին անոնք։

Համբիկ մօրը տուաւ իր աշխատութեան վերջին վարձքը, զոր խեղճ կինը առաւ աչքերը արցունքով լեցուն։ Տղան անտարբեր եւ անշահախնդիր ձեւով մը իմացուցած էր իր ճամբուիլը։

Ա՛խ, օրդտի, ի՜նչ պիտի ընենք հիմա, կը հեծէր Հոռոփ հանըմ ծնկուըները ծեծելէն։

Այս աղէկտուր տեսարանէն զղգածուեցաւ բնաւ Համբիկ. պարտէզ ելաւ՝ կորսուած սիրոյն յիշատակովը կենդանի վայրերը թափառելու, իր յաճախանքներովը տառապելու համար։

Ձկնորս Թումիկ, որուն շահածը բան մը չր եւ չէր բաւեր ընտանիքին ապրուստին, մինչեւ առտու հառաչեց՝ իրենց գլխուն եկած նիւթական այս նոր ազէտին մտածումէն։ Մարդը ծերացած էր ա՛լ ու կորաքամակ։ Ալքոլին ու ծխախոտին չափազանց գործածութենէն դժուարաշնչութիւն գոյացած էր. կուրծքը կը խժար տաժանելի ձեւով մը։ Գիշերները անկողնին մէջ կը պոռար, կը գառանցէր։

Եւ քանի իր տկարութիւնը աւելնար ու թշուառութիւնը սաստկանար, նախկին ամիրաներուն պատմութիւններն ալ այնքան նոր զարկ, նոր թռիչք կը ստանային։ Իր ասպարէզին փայլուն թուականները այդ ամիրաներուն շրջանին հետ սերտօրէն զօդուած էին։ Անոնցմէ ամենէն զօրաւորներուն հետ խօսած էր։

Հոռո՛փ, կ՚ըսէր բազմոցին անկիւնը փլչած, աչքերը կէս գոց կէս բաց, քա էս օղորմած հոգի ճէզայիրլի ամիրային հետ ճակատ չակտի կեցած մարդ էմ, Մարկոս ամիրան գեղ կար նէ «Թումիկ» կը հարցնէր… Կէլկէլներուն խոնախը տունիս պէս կը մտնայի կ՚ելլայի… հէ՜յ կիտի կիւնլէր հէ՜յ… ատանկ մարդը ատանկ կ՚ըլլա՜յ էղեր, վա՛խ, վա՛խ քեզի Թումիկ…

Հարկ եղաւ որ Հոռոփ հանըմ, որ հակառակ կրած տառապանքին, դեռ ոյժը կուժը տեղը կին մըն էր, տախտակ սրբելու, լաթ լուալու երթար ասոր անոր տունը, ընտանիքը անօթութենէ փրկելու համար։ Համբիկ սկսած էր Հ… գիւղին ամայի փողոցները պտտիլ, պատերու տակէ կամաց կամաց քալելով, սաստիկ մտախոհ, աչքը վայրահակ։ Խենթի պէս խոյս կուտար երբոր դիպուածով իր ընկերներէն մէկը դէմը ելլար։ Մօտակայ լեռներն ու հովիտները իր սիրական ճեմավայրերն եղան։ Շատ անգամ, առտուն կանուխ դուրս ելլալով՝ գիշերը ուշ ատեն տուն կը դառնար։ Մայրը ամէն ճիգ թափեց համոզելու իր որդին, որ ուրիշ գործի մը հետամուտ ըլլայ։ Անոր թախանձագին յորդորներուն կա՛մ յամառ լռութեամբ մը կը պատասխանէր կամ ուսերու ցնցումով մը։ Տղուն մէջ կեանքի պայքարին սրբազան հուրը մարած էր, գիտակցութեան ոգին մեռած։ Այլեւս անիկա անդամալուծուած էութիւն մըն էր, սեւեռուն մտածման մը հետամուտ, աշխարհի իրերու բացարձակ մոռացումովը։ Իրականապէս ոչ ոք կրցաւ հասկնալ երիտասարդին այս ցաւալի վիճակին շարժառիթը։ Իր ընկերներէն ոմանք միայն պահ մը կասկածեցան թէ արդեօք Սոֆիին հեռացո՞ւմը առաջ բերած էր այդ բարոյական ու մտաւորական քայքայումը։ Մնաց որ, մտքերը շատ քիչ զբաղեցան Համբիկի վիճակով եւ թողուցին որ ան իր կեանքը անցունէ իր հասկցած եղանակով։ Մինակ մայրը չէր մոռնար ատիկա, ցորեկները օտարներու տուն աշխատած ատեն անձայն, անշշուկ արցունք կը թափէր «վա՛խ օրդտիս» մրմռալով։ Թումիկ, երբեմն, իր կնոջ անմխիթար կերպարանքին առջեւ միայն իր անտարբերութենէն սթափած. «թոհա՛ֆ, աս չօճուղը ի՞նչ էղաւ» մը կը մռլտար։

Շատ չանցած սակայն ձկնորսին տան մէջ ուրի՛շ փոփոխութիւններ առաջ եկան։ Գիշեր մը, երբ Հոռոբ հանըմ, օրուան չարաչար տատանքէն յետոյ, նստած իր զաւկին ցաւովը կ՚որոճար, յանկարծ իր էրկանը բարեկամներէն քանի մը հոգի ներս մտնալով՝ առանց որեւէ յառաջաբանի մէկէնիմէկ ըսին.

Քա Հոռոփ, հայտէ էլ ժամ էկուր, Թումիկը պիրտէն պիրէ պան մը էղաւ հոն տարինք։

Խեղճ կինը վեր ցատքեց լեզուն կապկապուած, չկրնալով իր երկիւղները բանաձեւել. «պէ ճանըմ քալէ՛» ըսին ձկնորսները եւ Հոռոփ հանըմը առջեւնին ձգելով տարին ժամ վազն ի վազ։ Արդէն մութցած էր գրեթէ։ Ժամկոչը բացաւ ժամուն դուռը, ձկնորսները շիտակ եկեղեցիին նկուղը մտան, ժամկոչէին մոմ մը առնելով։ Անդնդախոր տեղ մըն էր, խոնաւ եւ ցուրտ։ Վար իջան քանի մը լպրծուն սանդուխներէ։ Քանի մը քայլ անդին կեցան, ճաղի մը առջեւ, ծածկուած վարնոց եւ հին թաւիշէ ծածկոցով մը։ Հոռոփ հանըմ, պապանձած, մեքենաբար կը նայէր։ Ձկնորսներէն մէկը անկեղծ յայտարարութիւն մը ըրաւ հոդ, տխուր եղանակով մը։

Հոռոփ, ըսաւ, Թումիկին հետ նստած էինք քէօռ Նիքոլիին մեխանան, մէյ մըն ալ ճիկարա խմած ատենը կըռտ կըռտ պան մը էղաւ պօղազը, ի՞նչ կ՚ըլլաս կոր մինչ կ՚ըլլաս կոր ոսելնուն չմնաց, Թումիկ պաշաշաղի ինկաւլ Հէմէն վրան հասանք. վերցուցինք. նէֆէս չիկար, կռնակնիս առինք էզախանէ վազցուցինք. հոն հէքիմ մը նայեցաւ, ըսաւ քի մեռեր է. մենք ալ առինք ժամ պերինք… ի՞նչ ընենք, քուրուկս, ամէնուս ալ կլխուն պիտի կայ աս փորձանքը, հոգդ մ՚ընէր։ Հէյ զաւալլը Թումիկ, Ճէզայիրլի ամիրային խօսքը պերանը մնաց։

Մոմին լոյսը՝ այդ թանձր ու անդորր խաւարին մէջ օձի լեզուի պէս կ՚երկննար, սուր ծուխ մը արձակելով. անոր տկար ու թաղմանական լոյսին մէջ ձկնորսի բիրտ, արեւահար, պղնձագոյն դէմքերը քստմնելի ծամածռումներ կ՚առնէինլ Ծածկոցին տակէն մեռելին ոտքերը եւ գլուխը վեր կը ցցուէին։ Հոռոփ հանըմ խուլ հեծիւններ կը հանէր կոկորդէն՝ քունքին մազերը քաշելէն. «վա՛խ, մարդս, վա՛խ»։ Ձկնորսին մէկը մարդասիրաբար վեր առաւ ծածկոցին մէկ ծայրը՝ ձկնորսին դէմքը ցուցնելով կնոջը։ Նոյնութեամբ մեռեր էր Թումիկ, առանց մկաններու եւ դիմագիծերու այլայլութեան։ Կիսաբաց աչուըներէն բիբերուն լոյսը կ՚երեւար դեռ։ Տխուր չէր։ Երջանիկ ու սփոփարար մտածման մը պահուն շանթահարուեր էր։ Ամիրաներուն յիշատակին տեսակէտովը՝ եղածը անդարմանելի կորուստ էր։ Հ… գիւղին մէջ Թումիկը վերջին մարդն էր որ փողոցէ փողոց, գինետունէ գինետուն կը պտտցունէր լուսահոգի ամիրաներուն մեծագործութեանց պատմութիւնները, պանծացնելով, փառաւորելով զանոնք իր ականատեսի անձնական վկայութիւններով, զորս ոչ ոք կը համարձակէր ժխտել։ Իրեն հետ վերձնական հանգստութեան եւ մոռացումի կ՚ուխտուէին Մարկոս, Ճէզայիրլի, Կէլկէլօղլուն եւ միւս ամիրաները։

Վա՛խ, մարդս, վա՛խ, կ՚ողբար Հոռոփ հանըմ, էրկանը դէմքին վրայ ծռած։

Է՜յ կ՚օգտէ, պոռաց դուրսէն ժամկոչը։

Հա՛յտէ, հա՛յտէ, կ՚օգտէ, Հոռոփ, ըսին հանգուցեալին արհեստակիցները, քաշելով այրիին թեւէն, որ չէր ուզեր այդ դիակէն բաժնուիլ։ Բռնի դուրս հանեցին։ Ու խեղճ կինը ձկնորսի մը ընկերակցութեամբ հեկեկալով, հեծեծալով տուն գնաց։ Մինչեւ կէս գիշեր լացաւ։ Համբիկ, հօրը մահը իմանալով, յանկարծակիի չեկաւ. մինակ աւելի խորունկ մտածեց ու պարտէզը պտտեցաւ մինչեւ լոյս։ Գարագ այն գիշեր տուն չեկաւ. գինետան մէջ զինք մխիթարող ընկերակիցներէն շրջապատուած, օղիի գաւաթներով հօրը սուգը տօնեց։

Հետեւեալ օր Թումիկը անշուք թաղումով մը թաղեցին։ Մեռելին ծախքը Աղքատախնամը ըրաւ, վասն զի հանգուցեալին գրպանէն 5 ղրշ. միայն ելած էր։

Համբիկ եւ Գարագ հօրերնուն դագաղին հետեւեցան քանի մը ձկնորսներու եւ նաւավարներու հետ։ Թաղումէն ետք, բոլոր յուղարկաւորները, բացի Համբիկէն, գինետուն մը մտան՝ առջի գիշերուան մեռելական խրախճանքը շարունակելու։

Ձկնորսին ընտանիքին գլխուն եկած այս երկրորդ դժբախտութիւնը վերջինը չեղաւ։ Այդ ձմեռ սաստիկ ցուրտ տիրեց եւ առատ ձիւն տեղաց։ Տանիքին վրայ օրերով մնալով, ձիւնի դէզեր՝ արդէն խարխուլ այդ շէնքին ուղեւծուծը թափանցեցին, հիմերը վտանգեցին։ Գիշեր մը տանիքին մէկ մասը փլաւ մեծ շառաչմամբ։ Բնակիչները զարհուրանքով արթնցան։ Ձիւնի սառած կոյտեր սենեակին մէկ կողմը խափանած էին։ Առտուն տեսնուեցաւ որ այլեւս անկարելի էր բնակիլ այդ տան մէջ։ Հոռոփ հանըմ, ա՛լ ճարահատ, Աղքատախնամին դիմես, խնդրելու համար որ պատսպարուելու տեղ մը տան իրեն։ Գեղին մէջ մէկ քանի ուրիշ մեծ շէնքեր, որոնք շատոնց լքուած էին, հիմա կը ծառայէին իբրեւ աղքատներու պատսպարան։ Շատ դիւրին էր անմիջապէս անոնցմէ մէկը փոխադրել տալ խեղճերը։ Հոռոփ հանըմ բաւական արցունք թափեց մինչեւ որ Աղքատախնամին մէկ քանի անդամներուն աղիքները շարժեցան։ Նորէն, փոխադրութիւնը անմիջապէս չեղաւ սակայն։ Կարգ մը ձեւակերպութիւններ, քանի մը ստորագրութիւններ, յետին վարանումներ ստիպեցին Հոռոփ հանըմը, որ երեք չորս օր ձիւներուն վրայ պառկի, բացօթեայ սենեակին մէջ, մրրկալի սառնաշունռ եղանակին։ Յետոյ, վերջապէս փոխադրուեցաւ գիւղին Ս… թաղը, ամայի փողոց մը, հին շէնքի մը մէկ սենեակին մէջ։ Ատանկով բոլորովին պարպուեցաւ, ամայացաւ Մաթոս ամիրային գետինը. խրճիթը փլաւ բոլորովին, շրջակայ ցանկապատը խարխլած ինկաւ։ Եւ այն տեղը ուր քառորդ դար առաջ ճոխ ու աղմկալի ապարանք մը կը կանգնէր, շքեղօրէն յարդարուած պարտէզով մը շրջապատուած, մահացու եւ տրտմական ամայութիւնը տիրեց այնուհետեւ։

Սակայն, նոր տուն փոխադրուելով, ձկնորսին կնոջը թշուառութիւնը որեւէ մեղմացում չունեցաւ. ընդհակառակը նորանոր ցաւեր աւելցան։ Գարագ, որ հօրը մահուամբը ինքզինքը բոլորովին ազատ զգաց, արհեստակցի կը աղջկանը սիրահարուելով, ուրիշ հակառակորդներու վրայ իր գերազանցութիւնը եւ յաղթանակը ապահովելու համար, առեւանգեց զայն եւ գնաց Պէյքօզ բնակելու, ո՛լ մէյ մըն ալ մօր տունը չհանդիպելով։ Հոռոփ հանըմ իր այս նոր կսկիծը լացաւ լռիկ մնջիկ, թակոյկներու վրայ ծռած, արցունքները լուացքի ջուրին խառնելով։

Ա՛խ, էյնաւոր տէ՜ր, կը հառաչէր, հիչ չէ նէ Համբիկիս կլխո՛ւն աս ծունը չի գար…

Արդարեւ, տղուն վիճակը երթալով վատթարացաւ։ Օրն ի բուն լեռներն ու ծովեզերքները պտտելով, արեւներուն ու հովերուն, Համբիկ բոլորովին փոխուեցաւ։ Դէմքին մանկական ու երկչոտ արտայայտութիւնը, բիրտ, անգութ, յարձակողական եղաւ։ Մարմինը, որ դիւդաբեկ ու տկար երեւոյթ մը ունէր, հուժկու, ըմբշային, մարտահրաւէր ժեսդեր առաւ։ Մինակ նայուածքը, հակառակ վրէժխնդիր եւ արիւնարբու կայծերուն, որոնցմով մերթ կը լեցուէր ներքին փոթորիկներու պայթումէն, պահեց իր սրտաշարժ քաղցրութիւնը. հեզ ու աղապատալից, բարի եւ համակերպող։ Ան շխենթեցաւ բոլորովին։ Գիտակից ու կամաւոր ինքնամոռացում մըն էր մանաւանդ իրը, մարդկային եսին չարաչար ու վայրագ լքումովը, որուն մէջ կը փնտռուի, ի չգոյէ բարոյական եւ հոգեկան որեւէ սփոփանքի, տեսակ մը մխիթարութիւն ու ինքնապաշտպանութիւն՝ ճակատագրի հարուածներուն դէմ։

Այդ առերեւոյթ ընկճումին մէջ, որ ինքնին դժբախտութեան յաղթանակը կը կարծուի, խորունկ արհամարհանք մը կայ սակայն, անգոսնող, աղուոր ու հպարտ ժեսդը, որուն առջեւ չարութիւնները կը ջախջախուին այլեւս ու ոխերը ուժաթափ վար կ՚իյնան։ Ասանկները, հակառակ իրենց ահռելի ու վերջնական անկումին, միակ յաղթական ու անվախ ճեմողներն են ընկերութեան շարքերուն մէջ, զրահուած ամէն վատութիւններու, ամէն անարգութիւններու դէմ, քմահաճ, ծաղրական, ոխերիմ նայուածքներով դէպի ճղակտոր տապլտուքները, արիւնոտ ու քստմնելի ոգորումները մրցումի, կիրքի, սէրի ու դրամի անվաճխան գզուըտուքին։ Համբիկ, իր բարի, միամիտ , կոյս հոգիին բոլոր թափովը, յանկարծ ամենէն գեղեցիկ յափշտակութեան, ամենէն ազնիւ խոյանքին անձնամատոյց եղեր էր։ Սիրոյ ջահազարդ ու լուսաւոր խորանին կը մօտենար՝ երկրպագու ջերմեռանդութեամբ, հոգիին դողդոջ հիպնոսացումովը։ Այդ հզօր ու գերագոյն մերձեցումին պահուն, լոյսերը կը մարին ու խորանը կը փլչի։ Տղան կ՚իյնայ, վասնզի իր լոյսերն ալ շիջած են, ու երբոր նորէն վեր կ՚ելլայ ու շուրջը կը դիտէ, փոխուած  է ամէն բան։ Ա՛լ հիմա ընկերային մեծ ու մաճկացած ճահիճը կը տեսնէ, ուր դժնդակօրէն կը քաշկռտուին բոլոր վիթխարի ու քստմնաշառաչ կմախքները մարդկային անասունին։ Ինքն ալ կմախք մըն էր այլեւս, որ միւսներուն քովէն կը շարժի, կը քալէ մենաւոր քալուածքով։

Համբիկ մենագար մըն է. խոյս կուտայ մարդերէն, կ՚ատէ զանոնք, կ՚արհամարհէ, բայց ա՛լ չի վախնար անոնցմէ, վասնզի անոնք վերջին ընելիքնին ըրին իրեն. իր իտէալը անարգեցին, իր սէրը ստուընուն տակը առին։

Պագա՜ւ, պագա՜ւ, պագա՜ւ. ասիկա իր յաւիտենական յանկերգն եղաւ, իր բոլոր մտածումներուն, զգացումներուն, ատելութիւններուն հատու եւ տխուր արտայայտութիւնը։ Անոր մէջ իր կեանքին ամբողջ առամը կը տեսնէր, կը լսէր, կ՚ապրէր։ Իրմէ զատ ոչ ոք կրնար գիտնալ թէ այդ մէկ բառին տակ ջախջախուած կեանք մը, դիակ մը կար, որ իրն էր։

Ինչ որ ալ ըլլար, գիւղին մէջ խենթ նկատուեցաւ Համբիկ. նա՛, խենթ Համբիկը կ՚անցնի կոր սովորական խօսք մը եղաւ, երբ տղան պատերուն տակէն, գլուխը կախած կամացուկ մը անցնէր։ Ընկերները ա՛լ քովը չմօտեցան երբ զինքը տեսան փողոցը կամ լեռը, վասնզի անոր թշուառութիւնը ա՛լ չհետաքրքրեց զիրենք։ Շատ շատ մէջերնուն էն չարաճճիները, հեռուէ հեռու, սա անգութ բառը նետեցին ատեն ատեն։

Ծօ Համբիկ, Սոֆիէն ի՞նչ լուր։

Այս անունին հնչումը կը ցնցէր զինքը. երազք արթննալու պէս վեր կ՚առնէր գլուխը եւ շուրջը կը նայէր, իսկոյն նորէն իր ինքնամփոփումին մէջ թաղուելու համար։

Վրան գլուխը երթալով թափեցան թափթփեցան։ Օրն ի բուն իր պտոյտներուն երեսէն կօշիկ չդիմանալով, մայրը վերջապէս ստիպուեցաւ համակերպիլ զաւկին բոկոտն շրջելուն։ Համբիկ դժգոհութեան կամ բողոքի շարժում մը իսկ չըրաւ։ Ֆէս ալ չդիմացաւ իրեն, վասնզի մէկ քանի անգամ, անվերջ ու քրտնաթոր պտոյտներէ յետոյ փոսի մը մէջ կամ բլուրի մը կողը քնացած միջոցին, գնչուի լակոտները կամացուկ կը գլխէին գողցան երկու երեք ֆէսերը զորս մայրը իր լաթ լուացախ տուներէն աղաչանքով գտած էր։ Ասոր վրայ, մայրը յուսահատած, թող տուաւ որ տղան գլխաբաց շրջի։ Բարեբախտաբար մազերը առատ եւ խիտ, մէկ կողմէն մինչեւ ճակատը, միւս կողմէն մինչեւ ծոծրակը արշաուելով, գլբանոցի պակասը զգալի ընել չտուին։

Համբիկ մասնաւորապէս ծովեզերքները սիրեց։ Դարատափներու վրայ ամայի խոռոչներ ընտրեց՝ ժամերով նստելու եւ ալիքին յաւերժական խաղը դիտելու համար։ Խիճերուն վրայ կամ մամռապատ խութերուն շուրջ ջուրին ոստումներն ու մրմունջը իր մտքին համար քաղցր, սփոփարար, գինովցնող երաժշտութիւն մը, հեշտալի պատկեր մը եղան։ Ջուրին այդ համանուագ ու մշտանման երգին մէջ իր ցաւին սգումը լսեց։ Յետոյ, այս ծովեզերեայ կեանքին բերմամբը, տղան քիչ քիչ ուշադրութիւնը գրաւեց ծերուկ ձկնորսներուն, ալիքի վեթերաններ, որոնք իր հօրը հետ ապրած էին եւ զնիկա ճանչցած իբրեւ իրենց վարպետը։ Բարի ու ողորմասէր, անոնք շատ հեղ ցորեկները կամ իրիկունները իրենց նաւակին մէջ կամ ծովեզերեայ ցած եւ մութ կապելան կանչեցին— իրենց սովորական հաւաքատեղին զինքը մասնակից ընելու համար իրենց համեստ ճաշին։ Համբիկ նախ կասկածով վերաբերուեցաւ, այդ հրաւէրին մէջ նոր վտանգ մը վախնալով. բայց յետոյ մարդոց գթոտ ու բարի նայուածքներէն քաջալերուած, մօտեցաւ, նստաւ եւ կերաւ։

Դուն մեր ողորմած ոգին Թումիկին տղան չ՞ես մի, կեր, հելալ ըլլայ, ըսին մարդուկները։

Ծովի այդ միամիտ եւ աննենգ հոգիներուն հետ գրեթէ իր ամենօրեայ շփումին բերմամբը, տղան հետզհետէ տարուեցաւ անոնց ընկերութեանը, իր ինքնագիտակութեան եւ սթափումի ցանցառ րոպէներուն, օգնելու համար անոնց գործին, կարթերու պատրաստութեանը, որդերու հաւաքումին, փոքր ուռկաններու արձակման կամ քաշումին։ Եւ եթէ Թումիկ հողին տակէն պահ մը գլուխը դուրս հանէր ու տեսնէր իր զաւակը ծովուն վրայ, ձուկերուն հետ, անշուշտ պիտի զարմանար ժառանգականութեան ուժին վրայ, որ հակառակ իր այդ տղան ուսումնական մը ընել ուզելուն, զանիկա դարձեալ հօրը ճամբուն կը դարձնէր, ձկնորս կ՚ընէր։

Օր մը, ինչպէս եղաւ, մեծ նեղբայրը, Գարագ, Հ… գիւղ իր հին բարեկամները տեսնելու գալով, երբ իմացաւ որ եղբայրը ձկնորսութեան սկսած էր.

Հա՛, շէօյլէ, պոռաց, էս չէի՞ ըսեր քի դպրոցէն, չարշըէն խեր չիկայ. պալխճիութիւն, պա՛պամ պալխճիութի՛ւն… թող էրթայ տէ հիմա մարդ ըլլայ…

Ու իրիկուն մը, ծովեզերքին վրայ, յանկարծ հանդիպեցաւ անոր որ իր երիտասարդութիւնը, իր ապագան, իր կեանքը ջախջախած էր։ Սոֆին էր իր սիրահարին հետ։

Մակոյկը, իրիկուան մառախուղներուն մէջ, շատոնց անյայտ եղաւ, բայց Համբիկ կը կենար հոն, եզերքին վրայ, դեռ մտքովը հետեւելով անոր, զոր ափսո՛ս, կը սիրէր տակաւին, կը սիրէր իր առջի սիրոյն բովանդակ խանդովը, ու հիմակ առաջուընէ աւելի, ինչպէս խելագարները կը սիրեն իրենց մտածումին միակ ու վերջնական առարկան։

Յետոյ տղան նստաւ ափին վրայ, երբոր ա՛լ իրիկուան ստուերները կը խտանային՝ կապարի երանգներ տալով ալիքներուն։ Ու մութին մէջ, ու տրտում ամայութեան մէջ, խենթը լացաւ իր սիրուհիին ստուերին ետեւէն, զոր տակաւին կը կարծէր տեսնել խաւարին անթափանց հեռաւորութիւններուն մէջ։

Պագա՜ւ, պագա՜ւ, կը մրմնջէր։

  Օգոստոսի հրատապ օր մըն էր։ Համբիկ, Գարա-Աղաճի ձկնորսներուն հետ փորը կշտացնելէ յետոյ, մակոյկով մը դիմացի եզերը անցաւ։ Զով ու ամայի ստուերներու սիրահար, շաբաթը մէկ քանի անգամ այդ ճամբով կ՚երթար մինչեւ Սիլահտար Աղայի հովանուտ ու խաղաղ ծմակները՝ մրափելու կամ քնանալու համար բնութեան աննենգ ու գրգասուն ծոցին մէջ, մարդերէն ու աղմուկներէն հեռու։ Հովտին արեւմտեան բլուրներուն կողերը ծառախիտ պուրակներ են տեղ տեղ։ Մեծաբերձ բարտիներու եւ հաստատուն կաղնիներու զովասուն շուքին տակ կ՚աճէին կարճուկ թուփերու անտառակներ՝ որոնց անդորրութիւնը կը խանգարուի ճագարներու գաղտնապահ ու վախկոտ ոստումներէն եւ խլուրդներու սմսեղուկ պտոյտներէն։ Համբիկ մասնաւորաէս կը սիրէր բլուրը, որուն կողին վրայ պալատ մը կը բարձրանայ եւ որուն սեպ դարուվարը թուփերու, ծառատունկերու մթին խառնամանութիւն մըն է։ Այն ճառատունկերու մթին խառնամանութիւն մըն է։ Այն ճարպիկութեամբն ու դիւրաշարժութեամբը զոր բնութիւնը կուտայ իր ծոցին մէջ ապրողներուն, տղան կը սողոսկէր, կը մագլցէր, կը ցատքէր մինչեւ որ հասնէր բլուրին բարձունքը, հոն փռուելու համար խոնաւ մարմանդին վրայ, ծառերուն բացատներէն դիտելով գետակը, որուն արծաթէ ժապաւէնը կը ցոլցլար վարը արեւին ճառագայթներուն տակ, օձապտոյտ գալարումներով։ Մինակ այծերը կը համարձակէին մինչեւ մօտերը գալ՝ թարմ խոտ ճարակելու իրենց մօրուսաւոր դունչը երեցնելէն։ Համբիկ հազիւ կը տեսնար երկինքին կապոյտը, տերեւներուն խիտ դրասանգումներէն։ Եզնաքարշ սայլերու սուր եւ նուագաւոր ճռինչները մերթ կուգային օրօրել մենասէր խոկմունքը, կա՛մ բլուրին կատարէն, ուր լայն արահետ մը կը բացուէր, կամ վարէն, հովտին ճամբաներէն։ Օգոստոսի ջերմութիւնը չէր կարող թափանցել այդ պատնէշէն ներս, վանքի յաւիտենական խաղաղ թերաստուերի մը մէջ կորսուած։ Հոն, եկեղեցիի մը ձեղունէն կախուած մենաւոր ջահերու կը նմանէին արեւի անգաղտնապահ ճառագայթները, որոնք տերեւներու ժանեկաւորումներէն ու ոստերու խաչաձեւումներէն սողոսկելով վար կը մաղուէին ֆանթասթիկ բեկբեկումներով։ Մեծավայելուչ ու սարսռալի բան մը կար հոդ։ Ատիկա էր որ իրեն կը քաշէր, կը հմայէր մարդերէն ու սէրէն հալածուած երիտասարդը։ Աչքերը գոց, գլուխը գետնին, մտիկ կ՚ընէր ան բնութեան մեծ ու ահեղ շնչառութիւնը, չտեսնուած, անծանօթ, անսահման կեանքերու հեռաւոր հեւքը։ Իր օրօրն էր այդ հեւքը, իր գինովութիւնը, իր մխիթարանքը, միակ անուշ ձայնը՝ որուն մէջ նենգութեան խաղեր չկային, որ շիտակ իր հոգիին կը խօսէր, իր ցաւերը կը բալասանէր, իր մտամոլորանքները կ՚անդորրէր։

Այդ օրը, Համբիկ պուրակին բարձրերը ելաւ, կառանցիկ արահետին այնքան մօտ, որ իր պառկած տեղէն կրնար լսել հայհուչները, պոռչտուքները սայլավար գեղացիներուն, խառնուած բոժոժներու միօրինակ երաժշտութեան մը։ Բլուրին հեռաւոր անկիւններէն յեղակարծ շշուկներ կը բարձրանային մերթ, ճագարներու խղդուկ ճիչեր, հեքոտ սիրուըտուքներու տենդալի գալարումներէն արձակուած։ Կենդանային աշխարհը կ՚արգասաւորէր հոդ, լռիկ մնջիկ, գաղտնի աշխատանքով մը։

Համբիկ կը նիրհէր։ Ատեն ատեն, աչուըները կը բանար, ծառերուն բացուածքներէն գետակին ալեակներուն պսպղումները դիտելու։ Արեւը կը խոնարհէր, հանդիսաւոր ճտճանչումով։ Հանդիպակաց բլուրներուն ստորոտը, հովիւները իրենց հօտերը կը հաւաքէին քիչ քիչ։

Մէկէնիմէկ, Համբիկ թօթուըւեցաւ, պառկած տեղէն աչուըները բացաւ խոշոր, խոշոր, ելաւ նստաւ, չորս դին նայելով՝ անծանօթ վտանգի մը երկիւղէն կարծես։ Ձայն մը զարկած էր ականջին, բոլորովին տարբեր սայլավարներու կոպիտ պոռչտուքէն։ Ճամբուն եզերքէն կուգար, հոն , վերը, շատ մօտ։ Խենթը տժգունեցաւ։ Մազերը տակնուվրայ, կուրծքը բաց, գլուխը կարկառած, մտիկ կ՚ընէր աչքերու անշարժ սեւեռմամբ։ Հազիւ տասնըհինգ քայլ հեռուն, ճամբուն վրայ երկու հոգի կը խօսէին։

Սոֆի՜, մրմնջեց Համբիկ։

Զուարթ ճիչեր, բացագանչութիւններ, ծիծաղներ։

Համբիկ, յուզուվէն սիրտը բռնած, մտիկ կ՚ընէր միշտ, կամաց կամաց մագլցելով դէպի ձայներուն կողմը. թուփերու եւ մացառներու պատուար մը կար որ զինքը կը ծածկէր։ Տղան կը հեւար։ Շատ չանցած, այնքան մօտեցաւ ճամբուն որ ա՛լ սկսաւ որոշապէս իմանալ փոխանակուած խօսքերը։

Սոֆի, մի՛ ըներ, կ՚իյնաս, կը պոռար տոքթորին ձայնը։

Չէ՛, կ՚ըսէր աղջիկը. չէ՛, չեմ իյնար, պէտք է որ գոնէ հովանոցովս քանի մը հատ թափեմ… շատ կը սիրեմ այս պտուղը… ո՛հ, շատ համով է տոքթոր, եթէ ուտես… դուն ինքդ ծառին վրայ պիտի ելլաս…

Բայց Սոֆի, կը պնդէր երիտասարդը, շատ վտանգաւոր է ատ ծառերուն մօտենալը, տես, անդունդին եզերքն են… ոտքդ սահելուն պէս…

Տոքթորին ձայնը քիչ մը աւելի հեռուէն կուգար։ Աղջիկը ճամբուն եզրն էր։

Չէ, չըլլար, գոնէ քանի մը հատիկ կ՚ուզեմ… տոքթոր, կը պոռար ան ծիծաղելով, եթէ վար իյնամ՝ զիս կ՚ազատես… այնպէս չէ՞… Շատ շատ սա թուփերուն մէջ պիտի իյնամ…

Համբիկ այնքան մօտեցած էր որ մացառներուն մէջէն կը տեսնէր աղջկան շրջազգեստին ծածանումը։ Երեք չորս քայլ միայն հեռու էր անկէ։ Ճամբուն եզրին վրայ բարձրացող լուտասենիներէն (չէքգլէպիճ) մէկուն կ՚ուզէր հասնիլ աղջիկը եւ հովանոցի հարուածներով հատիկներէն թափել։ Հիմա երիտասարդը կը յաջողի տեսնել Սոֆիին դէմքը՝ յարդէ կարմիր լայնեզր գլխարկի մը տակ, որուն վրայ կապոյտ քող մը կը ծածանէր։

Մի՛ ըներ, խնդեմ, մի՜ ըներ, Սոֆի, կ՚աղերսէր անդիէն տոքթորը, որ իբրեւ քաջասիրտ քավալիէ թող կուտար որ աղջիկը այդ վտանգաւոր փորձը ընէր, մինչդեռ ինք ճամբուն եզերքին մօտենալ իսկ չէր համարձակեր։

Ես քեզի պէս վախկոտ չեմ, մրմռաց աղջիկը եւ իր յանդուգն փորձին ձեռնարկեց։

Մէկ ձեռքով ծառին բունին կառչած, միւ ձեռքովը հովանոցին նուրբ կոթովը սկսաւ հարուածներ տալ վայրահակ ճիւղի մը, որ սեւ կլոր հատիկներով ծանրաբեռնուած էր։ Քանի մը հատիկներ ճամբուն փոշիին մէջ ինկան, ուրիշներ վարի մացառուտներուն մէջ անյայտ եղան։

Կ՚օգտէ՛, Սոֆի՛, կ՚օգտէ, պոռաց Արշակ, որ կը շարունակէր հեռուէն դիտել մանկամարդ աղջկան այդ խիզտխ փորձը, հաւնելով անոր նրբաձիգ հասակին այդ ծառացող աղուորութեանը։

Քիչ մըն ալ, ըսաւ Սոֆի։

Եւ՝ ոտքերուն ծայրին վրայ լարուած՝ աւելի ուժով հարուածներ սկսաւ տեղալ ճիւղին։

Մէկէնիմէկ սրտաճմլիկ ճիչ մը լսուեցաւ, ու Սոֆի անդունդէն վար գլորեցաւ։ Ոտքին տակ փխրուն հողը տեղի տուած էր եւ աղջիկը՝ հաւասարութիւնը կորսնցնելով՝ ինկած էր։

Տոքթորը՝ սարսափահար եւ ձեռքերը գլխուն զարնելով՝ ճամբուն եզրը վազեց իր զոհին ջախջախուած դիակը տեսնելու համար։ Բայց բոլորովին տարբեր տեսարանի մը ներկայ եղաւ։ Մացառներուն մէջէն, խռուահեր գլուխով, ցնցոտիներով ծածկուած մարդ մը դուրս ելած՝ թեւերուն վրայ բռներ էր Սոֆին՝ անկենդան վիճակի մէջ։ Գլխարկը մացառներէն խգուած էր ու վարսերը քակուելով՝ մարդուն թեւերէն վար կը թափէին։ Այդ անակնալ երեւոյթին առջեւ, տոքթորը ափիբերան եղաւ. անտառներու ո՛ր խորհրդաւոր պահապանն էր այդ տարօրինակ էակը, որ, անդունդներու վրայ կը հսկէր, կեանքեր կը փրկէր այդպէս։ Իր զարհուրանիքին մէջ, ամիրային թոռը չէր յիշեր ծովեզրին մարդը, որ ակնարկովը այնքան սարսափ տուեր էր իրեն ու Սոֆիին։ Մացառներու մթին խորհուրդէն դուրս ցցուած, թեւերուն վրայ ունենալով նուաղած աղջիկը, անոր անշարժ, տժգոյն ու չքնաղ դէմքը կը դիտէր, յափշտակուած ու խորունկ նայուածքով։ Անձկութեան դժնդակ րոպէ մը ապրեցաւ Արշակ։ Այդ այլանդակ ազատարարին կեցուածքը պատկառանք ու սարսափ կուտար միանգամայն իրեն։ Ան կը շարունակէր մնալ աղջկան հայեցողութեանը մէջ, անով հմայուած, անով մոռցած ամէն բան, վիշտի ու զմայլանքի արտայայտութեամբ մը։

Այդ կացութիւնը որքան ալ տեւեց, տոքթորը չհամարձակեցաւ ընդհատել զայն։ Յետոյ տեսաւ, որ մարդուն աչքերէն քանի մը արցունքներ ինկան Սոֆիի դէմքին վրայ։ Աղջիկը արտեւանունքը շարժեց, հառաչանք մը հանեց կոկորդէն ու աչուըները կամաց մը բացաւ։ Բայց հազիւ բացած ու իր վրայ հակող դէմքը տեսած, սարսափի աղաղակով մը նորէն գոցեց զանոնք, նորէն նուաղելով։ Այս անգամ Համբիկ սթափած, դուրս ելաւ մացառէն, զգուշութեամբ վեր ելաւ զառիվերէն, ճամբուն վրայ ցատկեց եւ շիտակ տոքթորին քալելով եւ աղջիկը անոր կարկառելով.

Առ, ըսաւ, զոհդ, բայց նայէ որ ուրիշ անգամ աւելի լաւ պաշտպանես զինքը։

Տոքթորը որուն այս ամէնը զառանցանք կը թուէր, մեքենաբար թեւերուն վրայ առաւ Սոֆիին նուրբ ու անշարժ մարմինը, բառ մը չհանելով բերնէն, դողդողալով այն սպառնական շէշտէն, զոր մարդուն վերջին բառերը առեր էին։

Համբիկ, այծի մը դիւրաշարժութեամբը, անդունդը նորէն վատկեց, ձեռքի շարժումով մը վերը ճամբուն վրայ նետեց աղջկան գլխարկն ու հովանոցը եւ մացառներուն մէջ անյայտ եղաւ։

Տոքթորը հասկնալով որ Սոֆի անմիջական դարմանի պէտք ունէր, արագօրէն իջաւ կառանցիկ ճամբէն եւ մօտակայ սրճարան մը փութաց, ուր աղջկան երեսին ջուր սրսկելով, բազկերակները շփելով վերջապէս յաջողեցաւ սթափեցնել զայն։

Կէս ժամ յետոյ, Սոֆի կրցաւ քալել մինչեւ գետափը, ուր մակոյկ նստան։ Արեւը մարը կը մտնէր՝ իր վերջին ծիրանի ճառագայթներովը ջնարակելով Սիլահտարի բլուրները։

Մակոյկին մէջ քով քովի նստած՝ շատ քիչ բառ կը փոխանակէին անոնք իրարու հետ։

Բայց ո՞վ էր այդ մարդը, կը կրկնէր ատեն ատեն տոքթորը. տեղ մը տեսած եմ, բայց չեմ յիշեր թէ ո՛ւր…

Սոֆի չէր պատասխանէր, բայց մեղմ կերպով մը.

Ան էր ա՛ն, կը հառաչէր։

Ով ալ ըլլայ սակայն, կը շարունակէր տոքթորը, կեանքդ անոր կը պարտիս, Սոֆի…

Անո՜ր, անո՜ր, կը հեծէր աղջիկը խեղդուկ կերպով։

Բայց զարմանալի՜, զարմանալի՜ բան էր, կը կրկնէր երիտասարդը, դեռ այդ անակնալ դէպքին տպաւորութեանը տակ, ու դառնալով ետին ու նայելով այն խորհրդաւոր բլուրին, ուսկից այդ գրեթէ գերբնական էակը երեւցած էր։

Ու մտքէն կը կրկնէր այն մութ ու սպառնալից բառերը, զորս ան իրեն ուղղած էր։

Ա՛ռ զոհդ, բայց նայէ որ ուրիշ անգամ աւելի լաւ պաշտպանես զինքը։

Հապա արցունքնե՜րը որոնք կաթած էին անոր աչուըներէն աղջկան երեսին վրայ։

Առեղծուա՜ծ, հանելո՜ւկ, կը մրմռար ամիրային թոռը, դիտելով Էյուպի բլուրները, որոնք մթնշաղի մշուշներուն ետին կը սքողուէին տակաւ։

Յառաջիկայ ձմեռը շատ լաւ անցուցին երկու սիրահարները։ Շաբաթ օրերը գիւղէն կը մեկնէին ու կ՚երթային Բերա՝ ապերասանօրէն ապրելու լկտի, շուայտ, շէնշող կեանքը որուն համար մասնաւորապէս սկսած էր հոգի տալ լուացարարուհիին աղջիկը, բոլորովին թօթափած իր առջի ամօթլեած համեստութիւնը. համարձակ, ծիծաղկոտ, շատզրոյց էր հիմա։ Ծայրայեղ պչրանք կը դնէր իր հագուածքին, իր շարժուածքին մէջ։ Կարծես պզտիկուց ատանկ սորվեր, ատանկ մեծցեր էր, ամիրայի ապականութեան մէջ։ Հաւասարելու համար այն պերճ ու աղմկոտ միջավայրերուն կարգուսարքին, ուր կ՚առաջնորդէր զինքը ամիրային թոռը, Սոֆի անկարելի ճիգեր կը թափէր, ծիծաղաշարժ ըլլալու աստիճան։ Քոնքորտայի վրան բաց ներկայացումներուն համար հոգի կուտար։ Իր հաճոյքներէն մէկը եղաւ մեծ ու հռչակաւոր բոզերու կեանքին ընթերցումը, Նանա, Սաֆօ, Մարկրիթ, Կօթիէ։

Հէք աղջկան հոգիին փտախտաւորման փուլերուն անկարեկիր վկան եղաւ ամիրային թոռը։ Քաջալերեց զանոնք, թեւ թռիչք տուաւ անոնց, ու այդ արագ ու դիւրին վատասերումին տեսարանը իրեն համար հեշտանք մը եղաւ, զոր խմեց պուտիկ, պուտիկ. անյագօրէն, յարալէզի նման։ Պակասը ինք լրացուց, ու ինք, իր մարդասպան մատուըներովը, բռնեց այդ անապակ ու անբիծ հոգին, թաթխեց ապականութեան թանձր շարաւին մէջ։

Այս գործ կատարելէն ու ատիկա կշտապինդ վայելելէն յետոյ, ամիրային թոռը, օր մը մէկէնիմէկ տարօրինակ տրամադրութեան մը մէջ գտաւ ինքզինքը։ Չանձրոյթի ու զզուանքի նոպա մը ունեցաւ։ Իր բուռն կիրքերուն. իր անարգ քմահաճոյքներուն այդ դիւրին առարկային մէջ գռեհիկ, սովորական, ստոր բան մը տեսաւ։ Անոր հետ իր վայելած ու վայելելիք հաճոյքները, մասնաւոր համէ ու բոյրէ զուրկ, նոր ու անծանօթ ցնցումներ չէին պահեր իրեն համար այլեւս։ Լուացարարուհիին աղջիկ իր կիմակուան հրապոյրներովը, գրեթէ տարբերութիւն մը չունէր այն կիներէն. զորս այնքան շատ վայելած էր մոլութեան ու զեղխութեան պատկան դարաններուն մէջ։ Օ՜, անիկա որքան հրապուրիչ, դիւթող, խենթեցնող եղած էր իր անփորձ, կոյս, խպնոտ, շիկնող աղջիկի անմեղութեանը մէջ, իր պարզ ու անսեթեւեթ արդուզարդովը, իր հիւանդոտ, տժգոյն, դիւրաբեկ երեւոյթովը։ Իր առջի տպաուորութիւնները կը յիշէր հիմա տոքթորը, որքան անուշ, անբաղդատելի, հաճոյաւէտ եղած էին անոնք։ Այլեւս անոնք չէին կրնար վերադառնալ։ Ձեռքովը ըրած էր ամէն բան։ Վէպը, զոր ապրիլ ուզած էր, վերջացած էր։

Այս եզրակացութեան երբոր յանգեցաւ ամիրային թոռը, թափ տուաւ իր չար եւ անողոք բնազդներուն։ Իրեն համար, իր կեանքին մէջ Սոֆիին դերը վերջացած էր։ Ուրիշ մը, կամ ուրիշներ անոր յաջորդելու էին, նորին ու անծանօթին հրապոյրովը։

Իր այս մեղաւոր զգացումներուն վայրագութիւնը շուտով արտացոլաց իր վարմունքէն, իր շարժումներէն, իր ձայնին շեշտերէն։ Սոֆի, որքան որ ալ վարժուած ամիրայի այդ վիժածին բուռն ու բիրտ նկարագրին ու անոր անակնալ ժայթքումներուն՝ իր սիրականին աչուըներուն մէջ արհամարհանքի անանկ տենդ մը զգաց, անոր շարժումներէն, խօսքերէն այնպէս զզուանք մը, ձանձրոյթ մը կռահեց, որ սարսափահար մնաց։ Անհանդուրժելի կերպով վէս ու հեստ եղաւ բժիշկը աղջկան հետ։ Իր խուցին մէջ անոր հետ առանձնացումները մէկէնիմէկ դադրեցան։ Մտերմական շեշտով արտասանուած «Սոֆի»ն, պաշտօնական ցուրտ «Օրիո՛րդ»ի փոխուեցաւ, սրահին մէջ, տիկինին ներկայութեանը, պոռոտ ու սնամէջ, բայց սիրալիր վիճաբանութիւնները վերջացան։ Մարդատեաց ու խոժոժ եղաւ Արշակ։ Օր մըն ալ սեղանատուն իջնալը դադրեցնելով՝ հրամայեց Խաչոյին որ ճաշը իր սենեակը բերէ։ Մաման, հակառակ իր ցնորքին ու մտքին ընդարմացմանը, նշմարեց զաւկին այս յանկարծական փոփոխութիւնը եւ պատճառը ուզեց հասկնալ։ Տոքթորը, որուն միտքը նորանոր ծրագիրներու յղացումովը կը տնքար, շատ լուրջ եւ շատ խոհուն երեւոյթով մը յայտնեց մամային թէ բժշկական խորունկ ուսումնասիրութիւններով զբաղած էր եւ նոյնիսկ շատ կարեւոր գիւտի մը սկզբնաուրութեանը վրայ կը գտնուէր։

Այստեղ մայրը իր բովանդակ անբանութեամբը զաւկին երեսը նայեցաւ, հասկնալի բացատրութիւն մը ուզելու պէս։

Բժշկական նոր գիւտ մը, մամա, աւելցուց տոքթորը, այսինքն ծանր հիւանդութեան մը դարմանը, որ մինչեւ հիմա չէ գտնուած։ Ասիկա խօսքով չ՚ըլլար, մամա, շատ դժուար բան է, նայէ, Ճէննըրը ծաղկախտին դարմանը գտնելու համար երեսունըհինգ տարի եւ եօթը ամիս աշխատեցաւ գիծեր ցորեկ, Բասթէօռ կատաղութեան դարմանին համար քսանըեօթը տարի եւ չորսուկէս ամիս քրտնիք թափեց։

Այս անուններուն եւ մանրամասնութիւններուն առջեւ, մաման իր զմայլանքի տագնապէն բռնուած նորէն, իր փառքին հին փորձութիւններէն տանջուած, խոշոր խոշոր կը բանար աչուըները.

Քո՞ւկդ ագ ատոնց պէս բան մըն է, զաւակս…

Հարկաւ, բայց աշխատիլ կ՚ուզէ, մամա, ծանր ուսումնասիրութիւններու կարօտ է եւ շատ ալ ծախքի…

Աստուա՜ծ յաջողէ. զաւակս, մաղթեց տիկին Մարկոսեան, շոյելով Ճէննըրի եւ Բասթէօռի այդ մրցակցին երեսները։

Շնորհիւ մամային անհամբեր եւ թուլաբերան պարծենկոտութեանը, բժշկական գիւտին այս առասպելը անմիջապէս շրջան ըրաւ գիւղին մէջ, ապուշներու բերանաբաց զմայլանքդ շարժելով, թարթարէնեան շարժումներուն սիրահարներուն լեզուագարութեանը թափ տալով։ Ամիրային կուսակիցներու յետին թափթփուքները, այս մեծադղորդ լուրը մատերնին փաթթելով, հասած տեղերնին ամիրային թոռան փառապսակը հիւսեցին. անոր վարած ապերասան ու շուայտ կեանքը արդարացնել ջանալով կատարուած կամ կատարուելիք մեծ գիւտին համար թափուած աշխատութեամբը, առարկերլով մանաւանդ որ բոլոր մեծ մարդիկը տկար կողմեր կամ երկրորդական թերութիւններ կ՚ունենային, որոնց պէտք էր աչք գոցել։

Ամօթ է մեզի ասանկ մարդ մը վար զարնել, կը պոռային, ազգերնուս պարծանք է. ասանկներն են որ օտարին առջեւ երեսնիս ճերմակ պիտի հանեն…

Արդէն հայը ե՞րբ իր մէջ երեւցող արժանիքները գիտցած է գնահատել եւ վարձատրել, կ՚ողբար ուրիշ մը. հայուվայ ըսեր են նէ սխա՞լ է…

Գիւտին լուրը երթալով մեծ համեմատութիւններ առաւ. Հ… գիւղին սահմաններէն դուրս ելաւ ան, պտտեցաւ, զարդարուեցաւ, ստանալով անանկ մանրամասնութիւններ զորս գիւտին հեղինակը իսկ մտքէն չէր կարող անվընել։ Վերջապէս հանրային ու ազգային այնպիսի հանգամանք մը ստացաւ, որ Արեւմուտք լրագիրը, իբրեւ ազգային շահերու հետամուտ մեծադիր օրկան, հարկադրուեցաւ տոքթոր Մարկոսեանի բժշկական ուսումնասիրութեանց մասին հակիրճ բայց կուռ յօդուած մը հրատարակել, նախ եւ առաջ խնամքը ունենալով իր խմբագիրներէն մէկը ղրկելու երիտասարդ բժիշկին քով, ճիշդ ու որոշ տեղեկութիւններ քաղելու համար նոյնինքն հնարիչին բերնէն։ Արշակ, որուն հոգին կը ցնծար ասանկ երեւոյթներու եւ կացութիւններու առջեւ, քանի մը ժամ առաւ նստաւ խմբագիրը, իր կարծեցեալ գիւտին համար դիպուածաւ ընտրելով հիւանդութիւն մը առանցքը իր աշխատութեանց եւ հետազօտութեանց եւ գիտական բառերու եւ բացատրութիւններու տարափի մը տակ ջախջախելով իր ունկնդիրը եւ անոր շլացած տգիտութիւնը։

Մարդը նօթեր առաւ, շնորհակալութիւններ կմկմաց, գովեստներ թոթովեց եւ խոնարհութիւններով մեկնեցաւ, մինչ ամիրային թոռը ասդին խնդալէն կը գալարուէր իր խուցին մէջ։

Ու յօդուածը երեւցաւ, Գիտական Աշխարհէն վերնագրով։ Նախ բուռն յարձակում մը եղած էր հայ բժիշկներուն դէմ, որոնց մեծագոյն մասը կը մեղանչէր իր ասպարէզին վսեմ կոչումին դէմ՝ զայն լոկ շահագործական տեսակետէն առնելով։ Սակայն մխիթարական ցանցառ երեւոյթներ կային, որոնց մէկն էր տոքթոր Արշակ Մարկոսեան։ «Ամիրաներու այս շառաւիղը, կ՚ըսէր յօդուածագիրը, իր Ոսկեղջիւրի ապարանքին անդորրութեանը մէջ ապաստանած, լռիկ մնջիկ, գիշեր ցորեկ կ՚աշխատի գիտութեան ամենավերջին բարդութիւններէն մինչեւ ամենամթին խորութիւնները իջնալով եւ ահա սկսած արդէն իր տքնութեանց արդիւնքը ձեռք բերել՝ առաջին յոյժ կարեւոր գիւտով մը, որ է խռչափողի վտանգաւոր հիւանդութեան մը դարմանը»։ Յօդուածը կը վերջանար փքուռոոյց դրուատականով մը երեւելի տոքթորին հասցէին, ազգային պարծանք, փառք, պատիւ, շքեղ եւ արդիւնալից ապագայ, մարդկութեան բարերար, եւայլն բառերով շաղուըուած։

  Այս հրատարակութիւնը, որ Թրքահայ առաջին թերթին մէջ երեւցաւ, մեծ տպաւորութիւն գործեց։ Ամենուն բերանը տոքթոր Մարկոսեանին անունն էր, եւ անոնք որ խռչափողի հիւանդութենէն կը տառապէին, սկսան ազատ շունչ առնել եւ նոյնիսկ անոնցմէ ոմանք մինչեւ Հ… գիւղ վազեցին՝ այդ նոր Բասթէօռէն իրենց ախտին բուժումը հայցելու։ Տոքթորը, որ երբեք չէր կարծեր որ մամային սպրդուած սուտ մը ատանկ ծանր համեմատութիւններ պիտի ստանար, համոզեց այդ խեղճերը թէ գիւտը տակաւին չէր կատարելագործուած, բայց թէ կատարելագործուելուն պէս իրենց կեանքը պիտի փրկէր նախ։ Մարդիկը լալով, պաղատելով, աղօթելով մեկնեցան։

Ա՛լ Հ… գիւղին մէջ դիւրին է երեւակայել այս յօդուածին առաջ բերած շլմորեցուցիչ տպաւորութիւնը. ամենէն թերահաւատները, խոշոր խոշոր բացուած աչուըներով, լրագրին այս տողերը կարդացին եւ պապանձեցան. իրենց համար լրագրի մը խօսքը ստուգութեան վերջակէտն էր, անառարկելի եւ անվերաքննելի։

Տեսա՞ք հիմա, կը պոռային տոքթորին ձրի եւ շնչասպառ պաշտպանները, խօ հիչ իրաւ չըլլայ նէ Արեւմուտքը կը գրէ՞… նայէ ի՛նչ կ՚ըսէ կոր, ազգին պարծանքը, փառքը, պատիւը… կեցցե՛ս, կեցցե՛ս ուրեմն տոքթոր Մարկոսեան…

Բէք աղէկ ամա, կ՚առարկէր ողջամիտ մէկը անդիէն, մեր գիտցածը սա է որ ատ տոքթորը աղջիկը թեւը զարկած ամէն օր պտտելու կ՚ելլայ, եազլըխ կ՚երթայ, չեմ գիտեր ինչ կ՚ընէ, ե՞րբ ժամանակ կը գտնայ կոր գիւտեր ընելու, թոհա՜ֆ բան, թոհա՜ֆ…

Մարդ ըսածդ հէ՛մ աշխատեու, հէ՛մ զուարճանալու է, կը տրամաբանէր ուրիշ մը։

Մինակ զինքը շատ մօտէն ճանչցող, իր մտքին ու հոգիին ունայնութեանը խորապէս ծանօթ բարեկամներն էին որ չմարսեցին այս հսկայական սուտը։

Ծօ խենթին, օյինպազին մէկն է անիկա, ըսին դիւրահաւաններուն, անոր բանը գործը զուարճութիւն, անոր ասոր քիթին խնդալ է։

Բայց երբոր Արեւմուտքի մէջ այդ սուտին նուիրագործումը տեսան, այդ թերահաւատներն ալ վայրկեան մը իրենց կարծիքներուն մէջ ցնցուեցան։

Սա մեր գիտցած Արշակը, ըսին իրարու, գիտական գիւտ ըրած ըլլա՜յ, զարմանալի՜, տարօրինա՜կ բան։

Է՜յ, ո՞վ գիտէ, աւելցուց ուրիշ մը, աշխարհքի մէջ երբեմն ասանկ անակնկալներ կ՚ըլլան։

Բայց ետքէն, առաջին շլմորումը անցնելէ յետոյ, երբոր լրջօրէն մարդը սեղանին վրայ դրին, անդամատեցին անոր նկարագիրը, հոգին ճղեցին ու մէջը նայեցան, հասկցան որ հայ լրագրութիւնն ալ տիւբէ եղած էր այդ յաւիտենական հեգնողէն։

Վա՜յ, խեղճ հայ լրագրութիւն, վա՜յ, աւաղեցին, օյինպազներուն ձեռքը խաղալիկ է եղեր։

Բայց Պոլսոյ պէս տեղի մը մէջ հանրային կարծիքի ջախջախիչ հոսանքին դէմ ի՜նչ ոյժ կրնայ ունենա քանի մը ընդդիմախօսներու ճշմարտութեան ձայնը։ Հակառակ ատոնց, մեր ամիրային շնորհալի թոռը բաւական ժամանակ թիրախը եղաւ պատուաբեր ուշադրութիւններու, հիակցոտ մտածումներու եւ նախանձաբեկ նայուածքներու. ձմրան ամբողջ եղանակ մը, Բերայի, Պոլսոյ, Գատըգիւղի եւ ուրիշ թաղերու բարձաստիճան սալոններուն խօսակցութեան կարեւոր նիւթերէն մէկը կազմեցին այս երեւակայական գիւտն ու անոր հեղինակը։ Գրական եւ գիտական շրջանակները ուզեցին անոր ընկերակցութեան պատիւը վայելել։ Բայց տոքթոր Մարկոսեան, իր ամբողջ ունայնամտութեանը համոզուած, այդ գեղեցիկ եղերազաւեշտը խաղքութեամբ չվերջացնելու համար, ասով հետաքրքրութեան եւ հիացումի չափը սաստկացնելով իր շուրջը, ճշմարիտ եւ անփառունակ գիտնականի տեսակ մը համեստութիւն ցուցադրելով հանրութեան միամիտ աչուըներուն։

Երբ դուրսը այս իրարանցումը կը յայտնուէր Մարկոսեան անունին շուրջը, ամիրային տան մէջ նոր առամի մը դրուագները կը պատրաստուէին։ Արշակ, նորանոր փառքերու, նորանոր հաճոյքներու, վայելումներու յաճախանքէն տանջուած, անյաղթելի ձանձրոյթով մը լեցուած էր հաճոյքներու այն սատարին հանդէպ, զոր իր մագիլներուն մէջ սեղմեր, սեղմեր, սեղմեր էր ու անկից ծծեր էր ինչ որ կար անոր մէջ անծանօթ, ցնցող, բուրումնաւէր, քաղցր, գինովցուցիչ, ու ա՛լ նետեր էր հեռու, քուրջի մը պէս, անպէտ բանի մը պէս, ա՛լ բնաւ չհետաքրքրուելով անով, ա՛լ կարծես այդ բանը բոլորովին դադրելով գոյութիւն ունենալէ իրեն համա։

Իր անհեթեթ գանկին տակ նորանոր ծրագիրներ մարմին կ՚առնէին հիմա, հմայող, դիւթող համեմատութիւններով, հետզհետէ ընդլայնուած, հետզհետէ բարեփոխուած, որոնց անդադրում որոճացումը իր ցորեկներուն ու գիշերներուն ալ զբաղումըն էր։

Նորէն, իր բժշկական խուցին մէջ փակուած, իր խորհուրդներովը յափշտակուած, ման կուգար ժամերով. խենթի պէս անխոնջ, իր մտածումներուն համեմատ ժպտելով, խոժոռելով, շարժտկելով, սպառնալով։

Այդ միջոցներուն՝ մաման գրեթէ ամբողջովին գրաւուած ըլլալով համբաւաւոր գիւտին մանրամասնութիւններովը, զորս լրագիրները եւ շահագրգռուող անձեր կը հասցնէին իրեն հետզհետէ, տարապայման համեմատութիւներ տալով գործին, մաման, որ իր պառուութեան այդ տխուր շրջանին մէջ իր վրահ իբր մարդկային բան՝ զաւկին փառաւորման յաճախանքէն զատ ոչինչ ունէր այլեւս, ու ա՛լ զառամած, ցնորած, խենթեցած, չտեսաւ ինչ որ իր շուրջը տեղի կ՚ունենար։ Որքան անտարբեր եւ անշահախնդիր հանդիսատես մը եղաւ այն անպատկառ յարաբերութեան զոր իր զաւակը հաստատեց լուացարարուհիին աղջկանը հետ, նոյնքան եւ աւելի անգիտակից, անուշադիր վերաբերում մը ունեցաւ վայրագ խզումին համար, զոր թերեւս իրմէ առաջ, իր դրացիները, իր բարեկամները նշմարեցին։

Տոքթորը երեսէ ձգեր է Սոֆին։

Վառօգի ծուխի արագութեամբ, այս բանաձեւը տարածուեցաւ բերնէ բերան, ամբողջ գիւղին մէջ։ Ա՛լ մեկնութիւնները, իրարմէ աւելի անհեթեթ, արտառոց, ահաւոր, ծայր տուին, ամէն մարդու հետ փոխուելով, տգեղնալով, ծամածռուելով։ Եւ հանրային կարծիքը, ափսո՛ս, նպաստաւոր չեղաւ հէք, լքուած աղջկան համար։ Անիկա, որ աշխարհին ամենէն աններող եւ ամենէն ուղղամիտ բանն է, դատեց, դատափետեց, բզիկ բզիկ ըրաւ լուացարարուհիին աղջիկը։

Հէլպէթտէ եա՛, կը պոռային կիներ տուներու մէջ, փրփրած շրթունքներով, կիւզէլիմ տղան կուլխէ հանեց, փարաներուն տակէն մտաւ վրայէն ելաւ. ասանկ կ՚ըլլայ իշտէ, չամաշրճիի մը կտորը…

Քա տուն ան նայէ քի, ըսող կիներ ալ կային, ատանկ խելքը կուլխէն առեր էն տէ, նորէն հէքիմութեան տայիր իճատները կ՚ընէ կոր, քա ատ ի՜նչ խելք է, վո՛ւյ խուրպան ըլլամ…

Խեղճ ու անտէր աղջկան վրայ խուժող այս ամբողջ բիրտ ու անմիտ ամբոխին մէջէն մէկը միայն լուռ ու մունջ, ճշմարտութիւնը կը մրմռար, լուտանքներ տեղալով ամիրային թոռանը հասցէին։

Ասիկա Թադէոս աղա Մերկերեանն էր, որ բաւական ատենէ ի վեր թաղային գործերէ ձեռք քաշած՝ ծերութեան հարուածներուն տակ ճնշուած. գրեթէ մեկուսի կ՚ապրէր՝ իր երկարամեայ կողոպուտներուն արգիւնքովը։ Ամիրային ապարանքը շատ քիչ ոտք կը կոխէր ա՛լ, գրեթէ հազիւ ամիսը մէկ անգամ, հակառակ հանըմին թախանձագին հրաւէրներուն։ Այո, Թադէոս աղա, որ կերպով մը պատճառ եղած էր անմեղ աղջկան մը կորուստին, հիմա խղճի խայթերէ կը տանջուէր, կը զղջար ոյժ տուած, օգնած ըլլալուն լուացարարուհիին այդ ապականած տունը փոխադրուելուն։

Ի՞նչ խալթ կերանք տէ ատ կիւզէլիմ աղջիկը ատ չափխընին ճանկը նետեցինք. թո՛ւհ, նա՛հ, էշէկ Թադէոս, կ՚ըսէր գլխուն զարնելով։

Բայց, հակառակ իր այս անկեղծ զիղջերուն, ամենապզտիկ փորձ մը չէր ըսեր հանրութեան անողոք եւ անիրաւ դատաստանին առջեւ Սոֆին չքմեղացնելու, ամիրային թոռան խաղքութիւնն ու անարգութիւնը մերկացնելու։

Ամա Ասված անմեղներուն հետ է, կ՚աւելցնէր իբրեւ արդարացում, ան չափխընը օր մը իր պատիժը պիտի գտնայ։

Այս խորհրդածութեան միջոցին, Մերկերեան չէր մտաբերեր սակայն թէ տարիներէ ի վեր իր գործած չարիքներուն եւ անիրաւութիւններուն պատիժը կրելէ շատ հեռու, հիմա անոնց շնորհիւը հանգստօրէն եւ երջանկօրէն իր կեանքին մնացած օրերը անցընելու պատրաստուած էր այլեւս։

Եթէ երբեմն իր անցեալ կեանքին այդ ամօթալի դրուագները յիշէր ալ. ծերուկը արդարացուցիչ փաստ մը ունէր, որուն շնորհիւը կը հաւատար որ անպարտ պիտի արձակուէր աշխարհի բոլոր դատարաններէն, եթէ երբեք օձիքը ձեռք տալու անկարելի պատահականութիւնը տեղի ունենար օրին մէկը.

Իմ տեղս ո՛վ ալ ըլլար, ինծի պէս պիտի ընէր… եւ ինէ շա՛տ աւելի։

Եւ այս անարգ փաստաբանութեան ետին ապաստանած, նախկին գանձապահը՝ իր աղօթքին, իր ծոմին, իր ժամին, իր մոմին համար վերջին ծայր ուշադիր՝ վստահօրէն պատրաստուած էր հանգիստ, կակուղ եւ տաքուկ տեղ մը գրաւելու արդարներու արքայութեան մէջ։

Հէմ ճանըմ, կը մրմռար երբեմն՝ իբր թէ մէկը գտնուէր դէմը իր երեսը վար առնող, որի՞ն հինգ փարան, որի՞ն հախը կերեր եմ, ազգին սնտուկը ազգինն է, հիչ մէկունը չէ, այնչափ տարի տատեցաւ անոր համար, հէլպէթտէ իրաւունքս պիտի առնէի… պէ ճանըմ, քէֆդ նայէ, Թադէոս, սըտեղ լօխմա մը կեանքդ մնաց, ան ալ պարէ հանգիստ անցուր։

Ամիրային տան մէջ, կացութիւնը հիմնովին փոխուած էր։ Ամէնուն վրայ թախծութիւն եւ լռութիւնլ Սոֆի, տոքթորին իրեն հանդէպ բռնած վարմունքին— այնքան ակներեւ որքան վայրագ չկրնալով որեւէ բացատրութիւն տալ, փոքրիկ վարանումէ մը յետոյ, իրենց միջեւ տերող մտերմութենէն քաջալերուած, համարձակեր էր անոր խուցը մտնել, հարցնելու համար թէ իր կողմէ ի՛նչ բան առիթ տուած էր այդ յանկարծական փոփոխութեանլ Մանկամարդ աղջիկը, սաստիկ յուզուած, տժգոյն, կը դողար, մատուըներուն մէջ մետաքսէ թաշկինակ մը ճմրիթկելով։ Դալկահար դէմքը, վիշտին ուժգնութեան տակ, սրտաճմլիկ էր եւ հրապուրիչ։ Երիտասարդը գրքի մը ընթերցումին մէջ թաղուած երեւցաւ, մինչ աղջիկը բազկաթոռի մը եզրը նստած՝ կը վարանէր ընդհատել զայն։ Ուրիշ անգամ, շիտակ քովը կ՚երթար, ճիտը նետուելու եւ իր համբոյրներովը զանիկա գինովցնելու համար։ Սիրտը, էութիւնը, մարմին այդ երիտասարդին սուեր էր կոյր եւ յիմար մատուցումով մը։ Իր անփորձութեանը, իր կոյր միամտութեանը մէջ, կարծեր էր յաւէտ իրեն կապած ըլլալ զայն՝ անոր ուզածը տալու իր ապերասան եւ մշտապատրաստ փութկոտութեամբը։ Ու ան ո՛րքան կը սիրէր զինքը, ի՜նչ շողշողուն եւ պերճախօս ապացոյցներ տուած էր ան իր անսպառ ու յաւերժական սիրոյն։ Ամէն մէկ գիրկընդխառնում նոր բղակ մըն էր կարծես այն շղթային որ իրար կը յօդէր իր շուշանաթոյր աղջկնութիւնը, իր փթթինաղեղ իգականութիւնը՝ ամիրայածին շարաւոտ տրիփներու եւ կիրքերու յագեցումին ծառայեցուցեր էր ժպտաշուրթն եւ հաճոյակատար։

Մէկէնիմէկ, երիտասարդը ընթերցումը ընդհատելով ետին դարձաւ եւ կտրուկ, խիստ ու կոպիտ շեշտով մը հարցուց։

Ի՞նչ կ՚ուզէք, օրիորդ։

Բայց…

Հեկեկանք մը ելաւ գոցեց Սոֆիին կոկորդը. թաշկինակը շրթներուն տարաւ, որոնք կը դողդղային, ու աչքերը միայն, այն երկնային սեւեռումովը զոր ունէին, յառեց Արշակի վրայ, աղեխարշ ու պաղատական։

Օրիորդ, ձեր ընթացքը ինծի համար անհասկնալի է, վրայ բերաւ երիտասարդը քիչ մը մեղմ շեշտով. սենեակս կուգաք անշուշտ բան մը ըսելու համար եւ այդ բանը ըսելու կը քաշուիք. ըսէք, ըսէք, վասնզի շուտով պիտի մեկնիմ։

Ու ոտքի ելլալով, ձեռքերը տաբատին գրպաններուն մէջ, պատուհանին մօտեցաւ եւ դուրսը սկսաւ դիտել։

Սոֆի գերմարդկային ճիգով մը.

Պարոն, ըսաւ, եկայ խնդրելու ձենէ որ ձեր ընթացքին փոփոխութեան պատճառը յայտնէք եւ իմ թերութիւնս, ինչ որ ալ է, բացատրեցէք, որովհետեւ…

Ներողութիւն, օրիորդ, ընդհատեց Արշակ մէկէն ասդին դառնալով եւ պիշ պիշ աղջկան նայելով, նախ պէտք է գիտնաք թէ ես իմ ընթացքներուս համար ոչ մէկուն բացատրութիւն չեմ տար, իսկ որպէսզի սրտերնիդ հանգստանայ, կրնամ յայտնել ձեզի թէ որեւէ թերութիւն չէք ունեցած։ Արդէն ի՞նչ թերութիւն կրնայիք ունենալ. ասանկ բանի մը համար լաւագոյն կ՚ըլլար մամայիս դիմել, որ գիտէ անշուշտ ձեր թերութիւնները կամ առաւելութիւնները…

Բայց…

Եւ հեկեկանք մը եկաւ նորէն գոցեց հէք աղջկան կոկորդը, թող չտալով որ իր զգացումը յայտնէ։

Բարեկամաբար խորհուրդ կուտամ ձեզի, շարունակեց ամիրայի թոռը, որ այլեւս միմիայն ձեր գործերովը զբաղիք տանը մէջ, մամաս օրէ օր տկարանալու վրայ է, ձեր հոգածութեանը եւ խնամքներուն պէտք ունի ամէն վայրկեան… Մանաւանդ որ ես ի մօտոյ պիտի մեկնիմ Պոլսէն՝ Փարիզ երթալու եւ տեղւոյն համալսարանները աչքէ անցընելու՝ ուսումնասիրութիւններուս համար։ Իմ բացակայութեանս, պէտք է որ մամաս աղէկ նայուի եւ խնամուի, ինչ որ դուք այնքան լաւ կրնաք կատարել։ Ասանկով դուք այնքան լաւ կրնաք կատարել։ Ասանկով դուք շահաւոր կ՚ելլաք, մօրս համակրութիւնը կը վաստկիք, որ կրնայ օր մը օգտակար ըլլալ ձեզի… Ձեր եւ ձեր մօրը աղէկութեանը համար այդպէս վարուելնիդ հարկաւոր է. իրաւ, ասկէց առաջ քիչ մը աւելի ազատ եւ ուրախ ժամանակներ անցուցիք, բայց աշխարհիս վրայ ի՛նչ բան տեւական է. մարդս պէտք է ժամանակին ու պայմաններուն համակերպի… Դարձէք, ուրեմն, օրիորդ, ձեր գործին եւ ինչպէս ըսի, ամէն հոգ տարէք որ մամաս աղէկ խնամուի… ահաւասիկ առաջին եւ վերջին բացատրութիւնը որ կուտամ ձեզի, ինչ որ արդէն իմ կողմէս զոհողութիւն մըն է։

Եւ յարակից խուցին դուռը բանալով, Արշակ մտաւ իր ննջասենեակը՝ հագուելու եւ մեկնելու համար։

Մանկամարդ աղջիկը, այս յոյժ պաշտօնական, կարճ եւ անգութ բացատրութիւնը լսելէ յետոյ, խօսք մը, բառ մը պատասխանելու իր անսահման կսկիծը այդ հրէշին երեսն ի վեր պոռալու անկարող, լուռ ու մունջ սկսաւ լալ, մետաքսէ թաշկինակը ողողելով իր արցունքներովը, կուլ տալով հեծկլտանքները որոնք իր կուրծքը կը պատռէին։ Բան մը կը փլչէր, կը կործանէր իր մէջ։ Կը կարծէր լսել իր էութեան, իր կեանքին այդ քայքայումին հառաչը, խուլ եւ ահաւոր։

Իր երազները, որոնց իրականացումին այնքան մօտեցեր էր, գրեթէ հպանցեր էր զանոնք, յոյսերը որոնք իր հոգին ու երեւակայութիւնը ոգեւորեր, շոյեր, վառեր էին, այս բոլորը մէկ հարուածով կը տարտղնէր, կ՚անհետանար ինչպէս ամպի թեթեւ ծըւէններ զոր քամին կը ցրուէ, կը հալեցնէ։

Սիրած էր այդ տղան նախ իր ամբարհաւաճ ու մեծամոլիկ ձգտումներէն մղուած, յետոյ հրապուրուելով անոր շարժումներէն, անոր խօսուածքէն, անոր ասպետավայել նիստուկացէն, անոր յանդուգն, նոյն իսկ լպիրշ վարմունքներէն, որոնց մէջ աղուոր, հաճելի տարօրինակութիւններ կը տեսնէր, վերջապէս անոր խենթութիւններէն, այլանդակութիւններէն, ափեղցփեղութիւններէն։ Սիրած էր այդ տղան, վասնզի կարծած, հաւատացած էր որ անիկա կը սիրէր զինքը, կեանքը իրենին կապած էր վերջնականապէս ու ա՛լ պիտի չբաժանուէր իրմէ։ Ու այս կոյր ու անյեղլի հաւատքէն մղուելով իր բոլոր ունեցածը անոր տուեր էր, իր կուսութիւնը, իր աղուորութիւնը, իր հրապոյրները, շռայլօրէն, անվերապահօրէն, մոլեգնօրէն։

Հի՞մա։ Ամէն բան վերջացած էր։ Խաբած էին զինքը։ Աղքատ աղջիկ, բնութեան իրեն շնորհած ծաղիկները քաղեր, փրցուցեր, վայելեր էին։ Ու ինք հաճոյքով, կամաւորօրէն թոյլ տուեր էր որ այդ կողոպուտը տեղի ունենայ, ու սարսռալով ականատես եղեր էր այն վայրագ ու շնական նեբանքին, որով այդ աւազակութիւնը կատարուեր էր։

Հի՞մա։ Մերկացած, գօսացած ճիւղ մըն էր ինք, աւերակ մը, դիակ մը։

Ու կուլար հոդ, այդ խուցին մէջ, լուռ վկան այնքան վայելուած հաճոյքներու, այդ թիկնաթոռին վրայ, գիրկընդխառն սիրուըտուքներու, շնչասպառ ու մոլեգին գալարումներու հանգստաւէտ պատուանդանը, շրջապատուած այդ առարկներէն, որոնց ամէն մէկը գինով ու սիրակցորդ զոյգին հպումը կրած էր։

Օրիորդ, գուցէ մամաս ձեզի պէտք ունենայ։

Դրանը մէջ կը կենար ան, կողոպտիչը, անթերի հագնուածքով, երկար սեւ րըտէնկոդի մը մէջ իր ձեւաւոր մարմինը պրկած. դեղին պեխերը խրոխտ գալարուածքով մը շուրթերուն վրայ ամբարձիկ, նայուածքը անողոք եւ ձանձրացած։

Սոֆի ցնցումով մը ոտքի ելաւ, իր լալագին դէմքը անգամ մը դարձուց այդ մարդուն, որ կը վռնտէր ալ զինքը ու անոր նայեցաւ իր արցունքներուն մէջէն, իր ցաւին ամբողջ ու խորունկ սրտաշարժութեամբը, գերագոյն ու անդիմադրելի պաղատանքով։ Երիտասարդը, անդրդուելի, տոկաց այդ նայուածքին, տեսաւ ցաւը, արցունքը, պաղատանքը եւ ուրիշ բան չգտաւ իր զգացումը յայտնելու եթէ ոչ.

Օրիորդ, մամաս գուցէ ձեզի պէտք ունենայ, կրկնեց։   

Մանկամարդ աղջիկը, սթափած, դողդոջ մատուըներով շուտ մը յարդեց մազերը, որոնք թափթփեր էին եւ դուրս ելաւ անձայն, անշշուկ։

Բայց հակառակ որ մաման կրնար պէտք ունենալ իրեն, այդ օրը Սոֆի իր սենեակին մէջ փակուած մնաց մինչեւ իրիկուն, իր ցաւին եւ իր յուսահատութեանը անձնատուր։ Երկարօրէն մտածեց իր վիճակին վրայ եւ աւերը, որուն ինքզինքը ենթարկուած տեսաւ, անսահման եւ անարմանելի գտաւ։ Յանկարծ իր առջեւ բացուող արշալոյսին փառաւորութենէն շլացած, չէր տեսեր այն թակարդը, որ իր շուրջը լարուեր էր եւ որուն մէջ նետուեր էր գլխիվայր, խելայեղ ոստումով։ Այդ անդունդը հիմակ կը տեսնար, ուր գահավիժած էին իր պատիւը, իր յոյսերը, իր կուսութիւնը։ Ի՞նչ կը մնար իրեն, ոչինչ, ոչինչ, ոչինչ։

Եւ յանկարծ, մտային այդ մոլորումին մէջ, բարոյական ու ֆիզիքական քայքայումին մէջ, հեռաւոր կսկծալի յիշատակ մը, իր կեանքին մէջ մոռցուած առամին պարագաները եկան իր աչքին առջեւ պարզուեցան, ահեղ ու սրտակեղեք։

Համբի՜կ, մրմնջեց ան պատուհանին եզրին կառչելով, լալէն ուռած աչուըները յուսատատօրէն պտտցնելով գիւղանկարին վրայ։

Ու մէկիկ մէկիկ, մուրճի հարուածներու որոշ հնչեղութեամբը, յիշողութեանը մէջ թնդացին յուսահատ եւ մերժուած սիրահարին բառերը, պատգամի մը պէս ծանր, ուժգին եւ ողբի մը պէս սրտակտուր.

«Մի՛ խաբուիր, մի՛ շլանար սուտ սէրերէն, որոնք այնքան շատ են, որ կեանքերը կը սպաննեն միայն. սուտ սէրերը աւելի վտանգաւոր են քան բացայայտ եւ խորունկ ատելութիւնները… հաւատա՛ այս ճշմարտութեան, Սոֆի՛…»։

Սուտ սէրե՜րը, կը մրմնջէր աղջիկը, օ՜հ, ի՜նչպէս կարելի է հասկնալ ատոնք։

Ու ինք ժայռի պէս անդրդուելի կեցեր էր անոր պաղատանքին առջեւ, արհամարհեր, անգոսներ էր զայն, ատկէց նախատուած սեպելով ինքզինքը։ Ու գացեր ինկեր էր ամիրայական բազուկներու մէջ։

Համբիկ, խե՛ղճ, խե՛ղճ Համբիկ, կ՚ողբար մանկամարդ աղջիկը, ե՛ս ըրի զինքը ատանկ, ես եմ իր խենթենալուն պատճառը. ե՛ս մեռցուցի իր ապագան, իր կեանքը…

Իր զառանցոտ յուսահատութեան մէջ, կարծեց լսել խորհրդաւոր ձայն մը որ կը մրմռար.

Բայց պատժուեցա՛ր…

Ո՛հ, այո՛, այո, պոռաց աղջիկը բազուկները գալարելէն, պատժուեցա՛յ… Աստուա՜ծ իմ, գթա՛ ինծի… ես յանցաւոր եմ… գթա՜…

Եւ Աստուածը, զոր բաւական ատենէ ի վեր մոռցած էր, սկսաւ օգնութեան կանչել իրեն, անոր գթութիւնը, ներողութիւնը հայցել, ծնրադրած, մազերը ցիրուցան, աչքերը արցունքոտ, շուրթերը դողդոջուն։

Ու բոլոր խեղճ, տկար, դիւրաբեկ հոգիներուն պէս, որոնք բարոյական գահավիժումներու ատեն գերագոյն զօրութիւններու կը կառչին շնչասպառօրէն, Սոֆի՝ երկնային հայեցողութեան տագնապի մը մատնուած մնաց, աղօթելով մարմնադողդոջ ու հեծեծագին։

Այս տագնապէս յետոյ, լքուած աղջիկը տեսակ մը կորովի եռքը զգաց իր մէջ, արիւնալի եւ անարգ խաբէութեան դէմ, որուն զոհ եղած էր, ըմբոստութեան ծառացում մը ունեցաւ։ Ցցուեցաւ սենեակին մէջտեղը, արցունքները աճապարանօք սրբեց, կտրուկ շարժումներով ձեռք մը դրաւ իր արդուզարդին վրայ եւ անդրդուելի, հաստատակամ քայլերով ուղղուեցաւ սենեակին դուռը, ձեռքը երկնցուց սողնակին… եւ հոն մնաց, անշարժ եւ վարանոտ։

Պիտի երթար այդ սրիկային ու խաբեբային երեսն ի վեր պոռալու անոր ամբողջ անարգութիւնն ու ոճիրը, բացատրութիւն պիտի պահանջէր, եւ կա՛մ ետ պիտի ուզէր ինչ որ անիկա առած էր իրմէ վատաբար, կա՛մ հատուցում պիտի պահանջէր։ Սակայն, այս արու եւ ուժգին մտադրութիւնը մինչեւ դուռը առնուած այդ քանի մը քայլերուն հետ միայն ապրեցաւ։ Հոն, մէկէնիմէկ, աղջկան աչուըներուն ներկայացաւ տոքթորին հեգնոտ, անկարեկիր, սինիկ դէմքը, ու իր բոլոր կորովը, զայրոյթը, թափը ծակուած օդապարիկի մը պէս սմքեցան ու կծկուեցան։

Ուժասպառ եւ յուսահատ՝ ինկաւ նորէն աթոռի մը վրայ եւ սկսաւ լալ։

Մէկ քանի օրէ ի վեր տոքթոր Մարկոսեան տենդոտ վիճակի մը մէջ կ՚երեւար, գրեթէ ոչ մէկուն հետ կը խօսէր. շարժումներով եւ նշաններով կը հասկցունէր Խաչոյին իր ուզածները, կամ չափազանց կտրուկ, կարճ, միավանկ բառերով։ Գաւառացին, զգացած տագնապէն, կը կարմրէր, կը ճերմկնար, կը դեղնէր, աչքերու շուրած բացխփումներով, ոտքին մէկը օդին մէջ միշտ պատրաստ՝ հրամանի մը գործադրութեան վազելու համար իսկոյն։ Հակառակ սակայն իր այս շնչասպառ եւ դողդոջուն փութկոտութեանը, Խաչօ շատ, խիստ շատ անգամ գեղեցիկ ու պատկերոտ վերադիրներու տարափի մը տակ կը խխումուէր. բազմաթիւ կենդանիներ, էշէն սկսեալ մինչեւ արջը, մեր խեղճ գաւառացիին հետ բաղդատուելու պատիւը կ՚ունենային։

Ծօ՛, է՛շ, խը՜մպլ, ո՞ւր ես, չիմացա՞ր։

Հոս եմ, տոքթիոր, բերի.

Խաչօ, հակառակ գերմարդկային ճիգերու, եւ մահուան սպառնալիքներու, չէր յաջողած «տոքթոր»ին երկրորդ վանկին «ի»ն ջնջել, անանկ որ վերջիվերջոյ ամէն մարդ ստիպուած էր այս աղէտին առջեւ գլուխ ծռել։

Ապո՛ւշ, կո՛վ, ես քեզի ատա՞նկ ըսի։

Աֆ կ՚ընես, տոքթիոր, չիմացայ…

Գոմէ՛շ, աւանա՛կ։

Եւ Խաչօ, գլխիկոր, սրտատրոփ կը վազէր գործուած սխալ մը դարմանելու։

Ընդունելութեան սրահին մէջ մամային հետ դռնափակ երկար նիստեր տեղի ունեցան, որոնց կարեւորութիւնը հասկնալու համար կը բաւէ ըսել թէ տոքթորը նիստը չսկսած, Խաչոյին կը պատուիրէր ամենախիստ ձայնով։

Խաչօ, ինծի ուզող գայ նէ ըսէ որ տոքթորը հոս չէ։

Բոլոր տնեցիները, պառաւ խոհարարուհիէն սկսեալ մինչեւ Խաչօ, կը հասկնային թէ կարեւոր բան մը պատրաստուելու վրայ էր, մինչեւ այն ատեն տեղի ունեցած տարօրինակութիւններէն շատ աւելի տարօրինակ, որուն հետեւանօք իրենց վիճակը կրնար աղէկ կամ գէշ ըլլալ։

Քանի մը անգամներ, խորհրդակցութիւնները ընդհատելով տոքթորը աճապարանօք մեկնեցաւ եւ իրիկունը ուշ ատեն գալով նոյնքան աճապարանօք՝ հիւրասրահին մէջ շարունակուեցաւ առտուն ընդհատուած նիստը։

Ցանցառ հիւանդեր որոնք մասնաւորապէս կոկորդէ կը տառապէին Խաչոյին կողմէ կը ճամբուէին, որ այս առիթիւ ինքն ալ խորհրդաւոր փեւեր կ՚առնէր.

  Տոքթիորը հոս չէ, յայտնի չէ երբ կուգայ…

Յետոյ, օրին մէկը, դուրս ելլելու համար պատրաստուած միջոցին, Խաչոյին հրամայեց որ նոր հագուստները հագնի իրեն ընկերանալու համար։ Աղային ընկերանալ. այս պատիւին դեռ չէր արժանացած մշեցին. ուստի տեսակ մը հպարտութեամբ նոր նոր հագուցաւ եւ իր տիրոջ հետեւեցաւ հիւպատոսական զավազի մը պերեւեթումովը։

Բերա ելան, վաճառատունները մտան մեծաքանակ գնումներու համար, ճամբորդութեան երեք չորս արկղներու մէջ տեղաւորուեցան հագուստի կապուստի, արդուզարդի վերաբերեալ իրեղէններ։ Խաչօ շուարած կը ժողովէր գնուած առարկաները եւ արկղներու մէջ կը տեղաւորէր, մեքենայի պէս դառնալով իր տիրոջը միավանկ հրամայականներուն շուրջը.

Ա՛ռ, բե՛ր, դի՛ր, շո՛ւտ…

Իրիկուան երբ վերջապէս ամէն բան լմնցաւ, տոքթորը հրամայեց Խաչոյին որ այդ սնտուկները շիտակ գիւղ տանի։

Բան մը չկոտրի, ետքը ես ալ գլուխդ կը կոտրեմ, պատուիրեց։

Խաչօ, շնչասպառ, սնտուկներուն հետ ճամբայ ելաւ դէպի գիւղ, իսկ տոքթորը՝ օրուան խոնջէնքը փոխարինելու համար՝ գնաց նետուելու ցնծութեան եւ շուայտութեան վայրերը, որոնք նոր եւ հզօր մագնիսացումով մը իրենց կը քաշէին զինքը, այն օրէն ի վեր որ ձանձրացած էր լուացարարուհիին աղջկան հրապոյրներէն։

Իր բարեկամները ուրախութեամբ ողջունած էին իր այս վերադարձը, անպատկառ հեգնութիւններ սպրդեցնելով.

Է՛, Արշա՛կ, վերջապէս հինցուցի՞ր…

Գէշ ապրանք չէր ամա՝ քիչ մը շատ նիհար էր։

Քեզի տար նէ չառնէիր։

Է՛հ, ամսուան մը համար… գոնէ դուն ձանձրացար նէ մեզի ձգէին, ապերախտ։

Ծօ ան քուրջ դարձուցած է, քեզի տար տէ ի՞նչ պիտի ընէիր…

Տոքթորը իր սիրած աղջկան հասղէին նետուծա այս վիրաւորիչ եւ նախատական ակնարկութիւններէն փոխանակ նեղուելու, անարգ քմծիծաղներով իր պեխերը կ՚ոլրտկէր, կարծես իր գոհունակութիւնը յայտնելու եւ իր բարեկամներուն լրբութիւները քաջալերելու համար։

Այդ գիշեր, Արշակ, գլուխը ալքօլէն տաքցած, հանրատան մը մէջ յայտնեց իր բարեկամներուն եւ բադեկամուհիներուն թէ ի մօտոյ շատ տարօրինակ եւ անակնկալ բան մը պիտի իմանային իր մասին։

Նոր գի՞ւտ մըն ալ, պոռացին իր բարեկամները։

Ոչ, պատասխանեց Արշատ խնդալով, գիւտերը միշտ չեն ըլլար, հազիւ տասը տարին մէկ անգամ… Աս ուրիշ բան է, ուր՛իշ…

Եւ հակառակ բարեկամներուն թախանփանքին, Մարկոսեան չյայտնեց իր գաղտնիքը եւ թողուց որ ամէն մարդ այդ գաղտնիքին շուրջը գալարուի մնայ։

Այս գաղտնիքը տակաւին մէկը միայն գիտէր, մաման։

Տոքթորը որոշած էր ա՛լ իրականացնել երազը, զոր տարիներէն ի վեր կը սնուցանէր, այն է Փարիզ երթալ «համալսարանները աչքէ անցընելու՝ իր ուսումնասիրութիւններուն համար» ինչպէս յայտարարած էր Սոֆիի։ Բայց, Փարիզ երթալու համար դրամ պէտք էր եւ առատ դրամ։ Մէկ տարուան մէջ լմնցած էր երեք հարիւր ոսկին կալուածի մը գինը։ Ուրեմն նոր կալուած մըն ալ ձեռքէ հանելու էր։ Արշակ այս անգամ Ղալաթիոյ ֆապրիքային նետեց աչքը, կալուածներուն ամենէն կարեւորին, որ անշուշտ առնուազն հինգ վեց հարիւր ոսկի կ՚արժէր։ Մամային հետ դռնփակ երկար նիստերը այս խնդրին սահմանուած էին։ Առաջին անգամ, մաման հակառակեցաւ ֆապրիքային վաճառմանը, նկատելով որ անիկա ձեռքէ հանուելով անդին աննշան բան մը կը մնար։ Մօտալուտ թշուառութեան մը ուրուականը դեռ կը տանջէր այդ կնոջ խախտած երեւակայութիւնը։ Արշակ իր խաբեբայ պերճախօսութիւնը դուրս թափեց մամային այդ երկիւղները վանելու համար։ Իր Փարիզ երթալովը ամէն բան կը փրկուէր, վասնզի շատ չանցած հոն պիտի հասկցուէր իր կարեւորութիւնը եւ շնորհիւ իր գիւտին եւ ըլլալիք գիւտերուն, ահագին գումարներ պիտի վաստակէր։ Ա՛լ կալուածը ի՛նչ կարեւորութիւն կ՚ունենար։ Շքեղ ապագայ, իշխանական, հարստութիւն, փառք, պատիւ եւ ասոնց նման շլացուցիչ բառեր վճռական հարուածը տուին ամիրային աղջկան վարանումներուն։

Եւ միաձայն հաւանութեամբ որոշուեցաւ ծախել Ղալաթիոյ ֆապրիքան։

Գնորդը շուտ գտնուեցաւ այդ հասութաբեր կալուածին։ Տոքթորը մեծ աճապարանքով բոլոր գործողութիւնները ըսաւ լմնցուց եւ հրճուանքէն գրեթէ դողդղալով գրպանը դրաւ հինգ հարիւր յիսուն ոսկիի գումարը։

Այդ րոպէին, իր յաւիտենական քունին մէջ անշուշտ սարսռաց հէք Բարթող աղայի հոգին։ Ֆապրիքան որ այդպէս կը ծախուէր առանց իրեն, որքա՜ն տանջած էր իր ուղեղը երբ դեռ երկրի վրայ էր ինք։ Անոր շնորհիւ որքա՜ն գումարներ գրպանած էր անիրաւօրէն։ Իր բարձր հսկողութեան տակ գտնուած միջոցին, այդ երանելի շէնքը գոնէ մէկ անգամ հիմնայտակ քանդուած ու վերաշինուած էր՝ շնորհիւ Բարթող աղային բեղմնաւոր երեւակայութեանը եւ տիկին Մարկոսեանին անդրդուելի միամտութեանը, իրականապէս, կղմինար մը իսկ չէր ինկած անոր վրայէն։ Այդ շէնքին առջեւ, որ իր ձեռքն էր առանց իրը ըլլալու, շիլ մսավճարը ի՜նչ անուշ երաներով օրօրուեր էր։ Ամբողջովին անոր տիրանա՜լ, եւ իր տատրակներուն փրկութիւնը ապահովել էր։ Անոր սեւ, մրոտ, կարծր պատերէն վեր ի՜նչ հառաչանքներ թռչած էին։ Եւ ի՜նչ անկարելի եւ արիւնոտ ոճիրներ բոյն դրած էին իր գանկին տակ, այս սեւ որմերուն հրապուրոտ տեսքին սադրանքէն։ Տեսակցութեան տէր դառնալ, լայն տեղ կը գրաւէր ոճիրներուն շարքին մէջ։ Եւ գործադրութեան անկարելիութեանը առջեւ, Բարթող աղա կը հեւար, կը մռմնչէր, կը հայհոյէր։ Եւ վերջապէս ճիշդ այդ երանելի ֆապրիքաին կը պարտէր մահը որ այնքան անժամանակ կերպով ողջունած էր զինքը իր տատրակներուն մէջտեղ։ Հիմակ, ահա բոլորովին կ՚անհետանայ ֆապրիքադ, խե՜ղճ Բարթող աղա, հանգի՛ստ ոսկորներուդ։

Տոքթ. Մարկոսեան խնամքը ունեցաւ իսկական գինը չյայտնելու իր մօր։ Չորս հարիւր ոսկի ցուցուց միայն, որուն երեք հարիւր ոսկին ինք վար դրաւ իր ճամբորդութեան եւ Փարիզ բնակութեան համար, եւ հարիւր ոսկին մօրը յանձնեց։ Ֆապրիքան չորս հարիւր յիսուն ոսկի կը բերէ ուրեմն ամիրային թոռանը։

Այս կլորիկ գումարը ձեռք անցընելուն պէս, ճամբորդութեան պատրաստութիւններուն սկսաւ։ Խաչօ քանի մը անգամ Բերա ելաւ տիրոջը հետ եւ բեռնաւորուած գիւղ դարձաւ։ Տան մէջ, այս իրարանցումներուն ոչ ոք կը հետաքրքրուէր բացի մամաէն, որ թէեւ չպիտի մխիթարուէր զաւկին բաժնուելուն, սակայն անոր լուռ ու մունջ մեկնումին ետեւը ամբողջ փառաւոր ու հրաշալի ապագայ ցոյց տրուելով իրեն, գիշեր ցորեկ նորէն ոսկեզօծ երազներով կ՚օրօրէր իր հիւանդ երեւակայութիւնը եւ մանկական հրճուանքով մը կը ցնծար։ Սոֆի, այն օրէն ի վեր, մեքենայի մը պէս կը շարժէր տան մէջ, ջանալով չթերանալ իր պարտականութիւններուն մէջ տիկինին հանդէպ, պարապ ատենները իր խուցը քաշուելով՝ արձակ համարձակ անձնատուր ըլլալու համար իր անդարմանելի ցաւին։ Իր ընթացքը այնքան անհաղորդ եւ պաշտօնական եղաւ որ հանըմը վերջապէս օրին մէկը այդ բանը դիտել տուաւ տոքթորին։

Մամա, ըսաւ ան, ասանկներուն շատ երես տաս նէ գլուխդ կ՚ելլան. յանցանքը իմս է որ քիչ մը շատ կարեւորութիւն տուի։ Ինչ եւ է, եղածը եղած է. կը տեսնաս որ գործիդ չի գար նէ կը ճամբես, կը լմննայ կ՚երթայ։

Մեղք է, զաւակս, պատասխանեց մաման, աւելի մարդկային։

Եւ գեղեցիկ առտու մը, բեռնակիրներ եկան Մարկոս ամիրային ապարանքը, արկղներ առին կռնակնին եւ տարին։ Յետոյ մայր ու որդի, անոնց ետեւէն, առանց մէկուն բան մը ըսելու, թեւ թեւի ելան գացին։ Դրացիները տեսան այս եղելութիւնը. բերանաբաց. եւ չկրցան ոեւէ որոշ մեկնութիւն տալ։ Մինչեւ իրիկուն գիւղին մէջ լուր տարածուեցաւ թէ տիկին Մարկոսեան եւ տոքթորը գիւղէն գացած էին։ Քանի մը կիներ որոնք իրենց կատաղի հետաքրքրութիւնը չկրցան զսպել, պարտէզին կողմէն կամաց մը ապարանքին խոհանոցը վտան՝ պառաւ խոհարարուհիին եւ Կիւլիւկ հանըմին վրայ իյնալու համար, որոնք դժբախտաշար դէպքի մասին նոյնքան տգէտ էին, որքան իրենց դիմողները։

Քա քուրուկ, մենք ալ պանէ խապար չունինք, ըսին անոնք, գացին ամա ո՛ւր գացին չիյտենք, վերջերնիս բարի ըլլայ։

Մետաժըրիի շոգենաւով այն օրը մեկնեցաւ տոքթոր Մարկոսեան, լացերուն եւ հեկեկանքներուն մէջ իր մօրը, որ վերջին վայրկեանին տկարացեր էր։ Մութը կոխելու մօտ էր, երբ հանըմը տրամաթախիծ եւ խոժոռ, տուն դարձաւ։

Յաջորդ օրը, որ իր ընդունելութեան օրն էր, տիկին Մարկոսեան գրեթէ զուարթ շեշտով մը կը պատմէր իր հիւրերուն տոքթորին մեկնումին պատճառներն ու պարագաները, մասնաւորապէս պնդելով սա կէտին վրայ որ իր վերջին գիւտը եւ ուրիշ գիւտեր Փարիզի բժշկ. աշխարհին ծանօթացնելու եւ միեւնոյն ժամանակ տեղւոյն համալսարանները աչքէ անցընելու համար էր որ տոքթորը այդ ճամբորդութեան համակերպեր էր։

Եւ երկու օր չանցած ոչ միայն Հ… գիւղին հասարակութիւնը, այլեւ ամբողջ Պոլսոյ եւ Թուրքիոյ հայութիւնը կ՚իմանար հայ գիտական աշխարհին վարկը օտարին առջեւ բարձրացնելու ծառայող այս դէպքը. շնորհիւ փութկոտութեանը Արեւմուտք լրագրին, որ իր խմբագիրներէն մէկը շտապեցուց ամիրային, որ իր խմբագիրներէն մէկը շտապեցուց ամիրային աղջկանը մօտ, կատարեալ տեղեկութիւններ քաղելու համար տոքթորին այս տեղափոխութեան շարժառիթներուն եւ պարագաներուն վրայ։ Խմբագիրը, որ ամէն խմբագիրներու պէս աշխարհի սովորական իրերը խոշորացոյցով կը դիտէր, թափ տուաւ իր գրչին, իր երեւակայութեանը, ճոռոմ եւ ուռուցիկ ոճով մը ծանուցանելու համար Կոստանեանի արժանաւոր սանին մեկնումը։ Այս առթիւ ծանօթ գիւտը նորէն յիշուեցաւ, եւ ապագայ դեռ անծանօթ գիւտեր յայտարարուեցան։ Խմբագիրը սա վսեմ բառով կը վերջացնէր իր բանեժիռիքը. «Թո՛ղ աշխարհ հասկնայ թէ հայը ասանկ հանճարներ ալ կը ծնի»։

Տոքթոր Մարկոսեանին մեկնումը ամիրային տանը մէջ ոմանց ուրախութիւն պատճառեց, ոմանց տխրութիւն։ Խաչօ, չգիտնալով ինչպէս յայտնել իր անսահման գոհունակութիւնը, իր սենեակը քաշուելով թեւերը վեր առած կը պարէր։ Կիւլիւկ հանըմ այդ մեկնումին մէջ իր աղջկանը փրկութիւնը տեսնելով, սփոփանքի լայն հառաչանքներ կ՚արձակէր, եթէ գիտնար որ այդ մեկնումը փրկութիւն մը ըլլալէ շատ հեռու, իրենց դժբախտութեան բուն շարժառիթը պիտի ըլլար…

Այսպէս ուրեմն ամէն յոյս կորսուած էր Սոֆիի համար։ Հեռացած էր, գուցէ վերջնականապէս, ան զոր սիրած էր եւ զոր, աւա՜ղ, կը սիրէր տակաւին, հակառակ ինքն իրեն դեմ մղած պայքարին։ Դեռ երկու շաբաթ առաջ, աշխարհիս ամենէն եռանդուն, անկեղծ, հաւատարիմ սիրահարն էր ան։ Ու հիմա կը մեկնէր առանց մնաս բարով մը իսկ ըսելու իրեն։

Ու գիշեր ցորեկ, իր ազատ ժամերուն, որոնք օրուան մեծագոյն մասը կը կազմէին, լքուած աղջիկը իր սենեակին մխիթարիչ առանձնութեանը մէջ կ՚ապաստանէր, հեք ու հուր տալու համար իր անկարելի ցաւին, ուզածին պէս դուրս պոռթկալու համար իր հոգիին տանջանքները. բարկութեան, յուսահատութեան, ընդվզումի, ոչնչացումի, խռովուած, ալեկոծուած էութեան մը բոլոր հակառակամարտ զգացումներուն եւ յուզումներուն մատնուելու համար փոխնիփոխ։ Մինչեւ իսկ, ծայրայեղ վհատութեան վայրկեաններուն, անձնասպանութիւն մտածեց։ Ոչի՛նչ։ Ամենակարճ ժամանակի մը մէջ, կեանքի հեշտագոյն րոպէն ապրած էր, դառնագոյնին անցնելու համար իսկոյն։ Այս փոխանցումին մէջ, ուժգին եւ անակնկալ, իրենինին պէս նուրբ, տկար, ազազուն հոգի մը ուժասպառ պիտի իյնար։

Սակայն, օր մը, այդ առանձնութենէն սոսկաց։ Անսանձ ու տիրական պէտք մը զգաց իր տառապանքը ուրիշի մը հաղորդելու, ուրիշի մը՝ որուն սէրը իրեն հետ ապրէր, զգար, լար իր տառապանքը որ սփոփանքի զովարար բառով մը պալասնէր իր վիրաւորուած, արիւնահոսած սիրտը։ Այդ թանկագին էակը փնտռելու համար շուրջը պտտցուց աչուըները ու… մայրը տեսաւ։ Հոն էր ան, կը հսկէր, կը տեսնար, կը տառապէր միշտ։ Ան բացաւ իր բազուկները, որոնց մէջ լալահառաչ ինկաւ հէք աղջիկը, Օ՜, մայրական տաք գիրկը երկնային սնար, եր գանկին կրակները կը շիջանին, սրտին հեւքերը կ՚անդորրի ու եդեմական անուշակ զովոըթւըմ մը ամբողջ էութիւնը կը պարուրէ։ Ո՜հ, անուշութիւնը արցունքներուն զոր խեղճ աղջիկը թափեց հոդ։ Մայրական մատուըները եկան հետզհետէ սրբել զանոնք, ըղձակաթ համբոյրներով խմել՝ որդիական վիշտի այդ կաթիլները։

Մայրական այս կենսատու հպումին տակ, որուն սփոփարար քաղցրութիւնը մոռցեր էր՝ կեղծ ու անարգ սիրոյ մը թունաւոր գգուանքներէն մոլորած, մանկամարդ աղջիկը պատմեց իր ցաւը, բոլոր տրտմալի մանրամասնութիւններովը, ստրջանքի հառաչանքներով։ Ու մայրը մխիթարութեան, ներողամտութեան բառեր շռայլեց, իրենց ռամկութեանը մէջ հզօր եւ ազդու։

Վա՜խ, կը հառաչէր խեղճ մայրը ձեռքը գլխուն զարնելով, ընտո՛ր աս տունէն ներս մտանք… առաջուան աղքատութիւննիս ասկէ աղէկ էր, աղջիկս։ Ի՜նչ ըսեմ ան Թադէոս աղային քի սէպէպ եղաւ…

Պահ մը, անոնք մտածեցին ձգել փախչիլ այդ չարաշուք տունէն, սակայն վերահաս խեղճութեան մը մտածումը կասեցուց իրենց այդ արհամարահական ժեսդը։ Ատ շէնքէն դուրս, ի՞նչպէս պիտի ապրէին։

Մնանք, աղջիկս, մնանք, պնդեց լուացարարուհին։ Դուրս էլլանք նէ անօթի կը մեռնինք… ալ հիմա հոս չէ ատ չափխընը. ո՞ւրկէ կը վախնանք. մարը ըսես ցնդեր ցնորեր է… մնանք, մնանք, աղջիկս… նայինք վերջերնիս ի՞նչ կ՚ըլլայ։ Ասված օղորմած է… սիրտ առ, եավրում, մի մտմտար, բան չիկայ…

Ու մնացին հոդ, ու ամէն բան, արարածներէն սկսեալ մինչեւ առարկաները, ամէն վայրկեան դժբախտ աղջկան կը յիշեցնէին իր արատաւորման յետին մանրամասնութիւնները, երազի մը պէս ապրուած կեանքին դառն եւ անգութ դրուագները, չկասկածուած անարգութեան մը պարագաները։ Եւ հպարտութեան զգացումով մը, որուն արդէն կը պարտէր իր դժբախտութիւններուն մեխագոյն մասը, Սոֆի, իր սուր ցաւերէն կրծուելոմվ հանդերձ, ներքնապէս, հզօր ճիգեր կ՚ընէր իր երեւոյթէն բան մը կասկածել չտալու օտարներուն։Ըստ սովորութեան, հանըմին կ՚ընկերանար նորէն սեղանին, ընդունելութեան, եկեղեցիին, եւ այցելութիւններուն։ Բայց, հակառակ իր ճիգերուն իր դէմքը պատող տխրութեան հովը, աչքերուն տարտամ, հեռաւոր ցաւագին պշնումը, շարժումներուն դանդաղութիւնը կը մատնէին իր փոթորկալից ներքնաշխարհը՝ անգութ եւ գռեհիկ հետաքրքութեան մը խուզարկումին։

Եւ տոքթորին մեկնումէն յետոյ ռամիկ եւ ապուշ վայրահաջութիւններու անյատակ ծրարը բացուեցաւ նորէն։ Լուացարաուհիին աղջկան վիճակին նախանձողները, այդ անակնկալ եւ լռիկ մեկնումին մէջ ուզեցին տեսնալ բոլորովին սարբեր պատճառներ։

Սոֆիին ձեռքէն փախչէր է, ըսին։ Ա՛լ չէ դիմացեր այդ աղջկանը աներեսութիւններուն։

Տուներու մէջ, գիշերային հաւաքումներու մէջ, նորէն խօսակցութեան միակ առանցքը կազմեց լքուած աղջիկը, որուն ընկերային ու բարոյական անկումը առակ նշաւակի եղաւ այն անվճար ու ինքնամատոյց դատաւորներէն՝ որոնք հանթալին կարծիք հաւաքական ասացուածքով կը յատկանշուին։ Անողորմ ենթադրութիւններ իբրեւ ստուգութիւններ ընդունուեցան, ամենէն անհեթեթ ստուգութիւնները իրողութիւններ հռչակուեցան, եւ դատ դատարան լմննալէն ետքը, զոհը յանցաւոր նկատուեցաւ եւ դատապարտուեցաւ։ Հանրատանց աղիճները անոր քով առաքինի կիներ եղան, իսկ իր դատաւորները սուրբեր ու կոյսեր։ Գալով ամիրային թոռանը, անիկա անարատ եղի պէս ջուրին երեսը ելաւ, մոլորած ոչխարի մը անմեղութեան մորթը հագած, անբարոյական աղջկան մը անարգ մեքենայութիւններուն միամիտ ու դիւրին զոհը իբրեւ։

Աղջիկները, բիրտ ու վայրագ ժեսդերով, իրենց թունաւոր նախանձութեան խորունկէն կ՚ոռնային.

Օ՛խ, առա՞ւ մի տոքթորը, նա՜հ, ջլդի՛կ։

Մնաց որ, Սոֆի, ամիրային տունը ոտք կոխած օրէն, զգացեր, տեսեր էր այն ատելութիւնն ու թշնամութիւնը զոր իր վիճակին փոփոխութիւնը ստեղծեր էր գիւղին հասարակութեան մէջ, իր դէմ։ Իր երեւմանը տոքթորին հետ կամ հանըմին, նայուածները կը խոժոռնային, ականջէ ականջ փսփսուքներու ընկերացութեամբ։ Իրենց հանդէպ հանրութեան այս վերաբերմունքը, զոր իր երէկուան ընկերուհիներուն վրայ ալ կը տեսնար, վերջիվերջոյ սկսեր էր անտարբեր թողուլ զինքը, նկատելով որ իր առանձնաշնորհեալի այս բարձր դիրքէին մէջ արհամարհել միայն կը մնար հասարակաց կարծիքը։ Իր այս ընթացքէն, թշնամութիւնները սրուած, ատելութիւնները հրահրուած էին, եւ, հակառակ հանդարտ երեւոյթի մը, առիթի մը կը սպասէին, ուժգնօրէն դուրս պոռթկալու համար։

Եւ հիմակ որ ամէն բան վերջացած էր, ու Սոֆի արթնցած էր անուշ երազէն զոր միամտօրէն յաւերժական դարձած նկատած էր, հիմակ որ աշխարհի իրերն ու առարկաները իրենց նախկին երեւոյթը կ՚առնէին իր աչուըներուն, որոնք աղէկցած էին իրենց շլացումէն, ամէն բան իր իսկական գոյնովը տեսնելու կարող, հիմակ որ տոքթորը մեկնած էր… արհամարհուած հանրային կարծիքը իր կարգին իր վրէժը կը լուծէր խեղճ լքուած աղջիկէ մը։

Բայց Սոֆի ալ չկրցաւ արհամարհոտ անտարբերութեամբ մը պատասխանել փսփսուքներուն, որոնք մերկապարանոց ցոյց կուտային իր դժբախտութեան պատճառը կուշտ գոհունակութիւնը, իր հիմակուան կացութեան առաջ բերած զզուանքն ու քամահրանքը։

Ոչ մէկուն աչուըներուն մէջ արգահատանքի կայծ մը տեսաւ իր վիչակին հանդէպ ամէն կողմ յամառ եւ դիտումնաւոր անգթութիւն մը իր անպատուութեան ամբողջ պատասխանատուն զինքը նկատելու, իր ցաւագին պատմութեան մանրամասնութեանցը բոլորովին անտեղեակ, անշուշտ անմեղութեանցը բոլորովին անտեղեակ, անշուշտ անմեղ աղջիկ մը դատափետելու, անուանարկելու, նշաւակելու անպատիժ եւ հաճելի դիւրութենէն միայն հրապուրուած։ Ամբոխը իր ծանրութեան ամբողջ բիրտ ուժգնութեամբը այդ ազազուն եւ դիւրաբեկ զոհին վրայ կը նետուէր աչուըները գոց, ոռնալով։

Քանի անգամներ, տուներու տակէ անցած ատենը, որոշակի լսեց պատուհաններէ իր հասցէին ուղղուած սա նախատական որակումները.

Նա՛, լկրտածը կ՚անցնի կոր։

Չխպնա՛ծը։

Անամօ՛թը, ջլդի՛կը։

Նոյնիսկ, փողոցը, մայրեր իրենց աղջիկները մէկ կողմ կը քաշէին՝ լքուած աղջկան թունաւոր հպումէն զգուշացնելու զանոնք։

Քա աղջի՛կ, ասդին էկուր, չելլաս քսուիս։

Այնքան խորունկ եւ ուժգին եղաւ զգացած ցաւը որ Սոֆիի առողջութիւնը իսկոյն այլայլեցաւ։ Այտերը իրենց առաջուան տժգունութիւնը վերստացան, աչուըներուն առինքնող եւ ժպտուն աշխուժութիւնը արցունքները առին տարին, սեւեռուն ու մթին տրտմութիւն մը ձգելով։ Անքուն մնալով եւ սնունդ չառնելով՝ նիհարութիւնը շեշտուեցաւ եւ շնչառութիւնը, որ արդէն տկար էր, դժուարացաւ։ Սրտի բուռն եւ գահավէժ բախումները այնքան յաճախեցան որ գիշերները քանի մը վայրկեանի համար աչուըները հազիւ գոցած, մանկամարդ աղջիկը ընդոստ կ՚արթննար, շնչահեղձ, պատուհան վազելով՝ ազատ ու զով օդով թոքերը հովահրելու։ Քիչ ատենուան մէջ, տկարութիւնը այնքան սաստկացաւ որ Կիւլիւկ հանըմ, րոպէ առ րոպէ, քայլ առ քայլ իր աղջկան փոփոխութիւններուն կը հետեւէր լալագին, եւ տեսաւ վտանգը որ աղջկանը կեանքին կը սպառնար։ Իր մայրական խնամքը, գուրգուրանքը, մխիթարանքը անկարող էին ջնջելու ցաւին ուտիճները, որ բոյն դրեր էին այդ խարխուլ կազմին մէջ։

Հէքիմի մը տանիմ քեզի, զաւակս, աղաչեց մայրը։

Բան չունիմ, մայրիկ, կ՚անցնի կոգ մ՚ընէր, ըսաւ աղջիկը։

Բայց տոքթորին մեկնումէն ամիս մը յետոյ, Սոֆիի վիճակը ծանրացաւ։ Հակառակ իր ճիգերուն, շաբաթուան քանի մը օրը կը ստիպուէր անկողինը անցընելու, ոտքի վրայ կենալու անկարող, գլուխը բարձէն չկրնալով վեր առնել։ Հանըմը որ մղոններով հեռի էր հասկնալէ իր զաւկին զոհին վիճակը, սկսաւ առտռալ այս դժպատեհ բացակայութիւններուն համար։ Երկար ատենէ ի վեր, Սոֆիին խնամքներուն եւ ծառայութիւններուն վարժուած, անոնք պակսելուն պէս, անհանգիստ կը զգար ինքզինքը։ Քանի մը անգամ, աղջկան սենեակը գնաց թթուած դէմքով, կանանչ աչուըներուն խոժոռ նայուածքովը։

Ո՞ւր ես, Սոֆի, հարցուց, դրանը մէջէն, խիստ ու յանդիմանող ձայնով։

Ներողութիւն, տիկին, պատասխանեց աղջիկը, նուաղկոտ ու դողդոջուն, անկարող եմ ոտքի ելլալու…բայց պիտի ջանամ…

Գործերը երեսի վրայ են…

Ու հանըմը կ՚առնէր կը քալէր մռլտալէն, ատեն ատեն կրկնելով զաւկին խօսքը.

Ատանկներուն երես տաս նէ, գլուխդ կ՚ելլան։

Սոֆի, հզօր ճիգերով, կ՚ելլար անկողնէն ու դժնդակ շարժումներով ու շնչասպառ կը փութար իր սպասուհիի դերը կատարել այդ չարաշուք տան մէջ, կատարած լմնցուցած ըլլալով այն յոյժ կարեւոր դերը, որուն համար արդէն յարկին տակ քաշուած բերուած էր։

Ուրիշ անգամներ, հանըմը, սրտմտած, Խաչօին կը պատուիրէր խստիւ երթալ օրիորդը հանել անկողնէն ու բերել։ Ամչկոս ու խղճահար գաւառացին, որ առանց դէպքերուն ուղղակի ծանօթ ըլլալու ու իր շուրջը տեղի ունեցած անարգութիւնները հասկնալու, բնազդաբար կը զգար թէ օրիորդը, որուն սրտանց կը համակէր, անօրէնութեան մը զոհը եղած էր, գաւառացին մեծ զգուշութեամբ ու փափկութեամբ եթէ կարելի է այսպէս ըսելճ կը մօտենար Սոֆիին սենեակին դրանը, կամացուկ մը կը զարնէր ու նուաղկոտ «մտէք»ի մը վրայ, դուռը կիսովին բանալով։

Օրիորդ, ներեցէք, հանըմ ձիէզ կ՚ուզէ… կը թոթվէր։

Անգամ մը, Կիւլիւկ հանըմ, աղջկանը յուսահատական վիճակէն թելադրուած, հանըմին դիմեց խնդրելու համար որ Սոֆին բժիշկի մը ցոյց տան։ Հանըմը բարկացաւ որ չնչին բանի մը համար տոքթորի դիմել կ՚ուզուի։ Ըսաւ որ քանի որ տոքթոր Մարկոսեանը մեկնած էր, գիւղին մէջ ուրիշ յարմար բժիշկ չկար, ու ինքը իր զաւկին համար անպատուաբեր կը սեպէր ոչինչ բժիշկներ մտցնել իր տունէն ներս։ Յետոյ, շնորհ մը ընելու պէս, խոստացաւ, իր զաւկին գրելիք յառաջիկայ նամակին մէջ յիշել նաեւ Սոֆիին հիւանդութիւնը եւ դարման ուզել։

Հեռուէն կ՚ըլլա՞յ հանըմ, առարկեց խեղճ կինը երկչոտութեամբ.

Ի՞նչ ըսել է, հարկաւ կ՚ըլլայ, տոքթորին պէս բժիշկ մը ամէն բան կրնայ հասկնալ, հեռուէն ըլլայ մօտէն ըլլայ։  

Լուացարարուհին, յուսաբեկ եւ ընկճուած, հառաչելով ելաւ գնաց, անիծելով այն օրը ուր այդ դժոխային տունն ներս մտած էին։

Աչքը քէօրնա՛յ այն Թադէոս աղային էի սէպէպ էղաւ, կը մռլտար շարունակ։

Տիկին Մարկոսեան գրեց Փարիզ, Սոֆիի վիճակի մասին։ Պատասանը չուշացաւ. տոքթորը կ՚ըսէր մամաին որ կարեւորութիւն չտար այդ աղջկան արարքներուն, որոնք շփացածաութիւններ էին, ու եթէ շատ ձանձրացնէր զինքը, դուռը բանար դուրս ընէր, «Ատանկներուն շատ երես տալ չըլլար, գլուխդ կ՚ելլան», կը վերջացնէր.

Հանըմը այս նամակին հիման վրայ պատասանեց լուացարարուհիին, փրկարար լուրի մը համար իրեն դիմած ատենը…։

Աղջիկդ բան մը չունի եղեր, Կիւլիւկ՝ տոքթորը անանկ կ՚ըսէ կոր… Դուք տոքթորէն աղէ՞կ գիտէք։

Որպէսզի ուրիշ բժիշկի դիմէր, դրամ հարկաւոր էր, ու Կիւլիւկ հանըմ դրամ չունէր։ Ծայրայեղութեան մղուած, խեղճ կինը մտածեց Աղքատախնամին դիմել բժիշկի դէղի համար։ Բայց ի՞նչպէս ընէր։ Ո՞վ պիտի հաւատար թէ ինք դրամ չունէր, ամիրայի մը տունը սպասարկելով հանդերձ։ Մանաւանդ որ իր աղջիկը ամիսներով ամիրայի մը թոռան նաանձելի գուրգուրանքին առարկան եղեր էր, իշխանուհիի մը հպարտ ու ճոխ կեանքը ապրելով։

Բայց եւ այնպէս Կիւլիւկ հանըմ առտու մը սեւ վարշամակը գլխուն ծածկելով կամաց մը եկեղեցի գնաց, Աղքատախնամին գրասենեակը, ստանալու համար քննիչին ստորագրութիւնը կրող այն թուղթը, որով աղքատ հիւանդները կը ներկայանային ընկերութեան մասնաւոր բժիշկին։ Մարդը դեռ հոն չըլլալով, լուացարարուհին բակը սպասեց, ցուրտէն ու ցաւէն դողդղահար։ Տաճարն ի վեր նայելով աղօթքներ քրթմնջեց, պաղատեցաւ Հայր Աստուածէն սկսեալ մինչեւ յետին սուրբին։ Յետոյ մարդը եկաւ խոժոռ կախերես մէկդ, հազալով թքնելով, եւ աճապարանօք մտաւ սենեակ. քննիչին կերպարանքէն Կիւլիւկ հանըմ սարսափեցաւ։ Վայրկեան մը վարանեցաւ դրանը առջեւ, բայց աղջկան վիճակը մտաբերելով, դուռը հրեց ներս մտաւ։

Բարի լուս, Գառնիկ աղա, ըսաւ։

Գառնիկ աղա, բարեւը առնելէ առաջ, կնոջը երեսը նայեցաւ։

Աստծու բարին, մրմռաց, քիթ բերան ծռմռկելով. առտուն կանուխ ի՞նչ է ան։

Այս Գառնիկ աղան կարեւոր մարդ մըն էր Հ… գիւղին մէջ, տարիներէ ի վեր Աղքատախնամին քննիչը, քիչ մը գրեթէ ամէն բանը ըլլալով։ Առաջ շուկան ձեռքի վրայ բան ծախող էր։ Ետքը ձեռքի բաները շուկան նետելով, թաղականի մը հովանաւոր մարմինին տակէն սպրդա՜ծ եւ Աղքատախնամին վրայ ինկած էր գիշակերի հեւքով։ Նախ հաւաքիչ ըրած էին զինքը։ Բայց որովհետեւ Գառնիկ աղա ախորժակի եւ սուր հոտառութեան տէր մարդ էր, որքան որ ալ գոհ մնացած էր հաւաքչութենէն, իր անձնուիրութեան անսահմանութիւնը հասկնալու համար քննիչութեան պաշտօնն ալ շալկեր էր անձնուիրաբար։ Այս վերջին զբաղումը յետին ծայր համեղ գտած էր։ Իբրեւ քննիչ, իր ձեռքն էր ուզած մարդը աղքատ ընել, ուզած մարդը չընել։ Ով որ իրեն դրամ տար, անիկա աղքատ կ՚ըլլար եւ Աղքատախնամէն նպաստ կ՚ընդունէր։ Հակառակ իր այս անարգ զեղծագործութեան, համբաւ մը կը վայելէր։ Տարիներու ընթացքին մէջ, Աղքատախնամի վարչութիւնները փոխուած, ինկած ելած էին, Գառնիկ աղա հոն ցցուած մնացեր էր, կարծես ընկերութեան սիւնը՝ որուն վրայ կառուցուած ըլլար ամէն բան։ Ասանկով, Գառնիկ աղա նոյնիսկ եկող գացող խնամակալներէն աւելի ազդու հեղինակութիւն մը ձեռք բերած էր, եւ բոլոր որոշումները չէին կրնար առանց անոր հաւանութեանը գործադրութեան դրուիլ։

Աղքատախնամին անդամները, իրենց հազուադէպ ժողովներուն մէջ, նոր կարգադրութեան մը մասին խորհելէ վերջը, Գառնիկ աղան կը կանչէին.

Գառնիկ աղա, աս ասանկ ընենք կը մտածենք կոր, դո՞ւն ինչ կ՚ըսես, դուն աս գործերուն խուռտն ես։

Եւ «խուռտը» նշանակալից կերպով կը խորհրդածէր, սիկառ մը կը քաշէր, մուխերուն կը նայէր, եւ յետոյ յանկարծ սեղանին քշելով աթոռը.

Էֆէնտիմ, աղէկ ամա… կը սկսէր։

Անդամները երկիւղածութեամբ մտիկ կ՚ընէին անոր բացատրութիւնները, առարկութիւնները եւ կարծիքները, եւ շատ անգամ կը պատահէր որ «խուռտը» ժամերով կատարուած խորհրդակցութիւնները մէկ ջուրով լուար եւ իրմէ բխած նոր առաջարկը, լաւագոյնը, միաձայնութեամբ ընդունուէր, դրուատիքներու առատ բաշխումով։

Աֆէրի՛մ, Գառնիմ աղա, ապրիս, աղքատները թող խըյմէթդ գիտնան քի ատանկ պապա մարդու մը ինկեր են։

Իրաւ է որ ամէն մէկ ասանկ ժողովէ դուրս ելելուն, դիւրային քմծիծաղ մը կը շարժէր Գառնիկ աղային աղեբեկ պեխերուն տակ։

Աւանակնե՜ր, կը մռմռար մարդուկը։

Սոսկալի կերպով կ՚ատէր այն աղքատները որոնք անկեղծօրէն եւ անվերապահօրէն աղքատ էին, եւ հետեւապէս իր զօշաքաղութիւնը գոհացնելու անկարող։ Ընդհակառակը մասնաւոր համակրութիւն մը ունէր այն աղքատներուն համար, որ խնամակալութեան միամտութիւնը կը շահագործէին եւ որ սակայն  առաքինութիւնը ունէին պատեհ առիթներու բան մը դնել հաւաքիչին ափը.

Հէլալ ըրէ, Գառնիկ աղա։

Ճանըմ, ի՞նչ կ՚ընէք, ամօթ բան է ըրածնիդ, ըսելով մարդուկը ի քթթել ական կը գրպանէր կաշառքը։

Վերջապէս, Գառնիկ աղա՝ Մերկերեանին դպրոցին կը պատկնէր եւ նոյնիսկ դասերուն մէջ քիչ մըն ալ անկէց աղէկ էր։

Պաշտօնին բերմամբը, քննիչը բոլոր թաղեցին կը ճանչնար, իւրաքանչիւր ընտանիքի նիւթական վիճակը գիտէր եւ նոյնիսկ իր հետաքրքիր բնաուորութեանը շնորհիւ ընտանեկան ներքին գաղտնիքներուն թափանցած էր, անանկ որ, իր այս յատկութիւնը ճանչցուած ըլլալով, զանազան առիթներու մէջ իրեն դիմում կ՚ըլլար այսինչ ընտանիքին բարոյական եւ նիւթական վիճակին վրայ տեղեկութիւն առնելու համար։ Պզտիկ խլավուզութեան պէս բան մըն ալ կ՚ընէր, եւ երբ աղջիկ հարցնելու գային իրեն, հայրախնամ շեշտով մը կ՚ըսէր. մանաւանդ եթէ պատառը եղոտ ըլլար։

Ծառքս մեծցած է, խաթունիկ աղջիկ է, հիչ մի հարցնէք առէք։

Այս տեսակ մարդու մըն էր որ կը դիմէր Կիւլիւկ հանըմ իր աղջկան վիճակին ճար մը գտնելու համար։ Խեղճ կինը կը վարանէր խնդիրը մատուցանելու, մարդուն խեռ կերպարանքէն խրտչելով։

Գուզում Գառնիկ աղա, սկսաւ վերջապէս, քեզի իրիճա մը ունիմ…

Գառնիկ աղա վեր նայեցաւ, հարցական ձեւով։

Աղջիկս ծանր հիւանդ է, թուղթ մը տայիր տէ տոքթորին տանէին։

Գառնիկ աղա նստած տեղէն ելաւ, ձեւը փոխեց նորէն նստաւ։

Ես քեզի անանկ թուղթ մը չեմ կրնար տալ, ըսաւ քննիչը՝ ծանր լռութենէ մը ետքը։

Գուզում, Գառնիկ աղա, աղաչեց նորէն լուացարարուհին, օդկդ պագմեն։

ՊԷ ճանը՛մ, պոռաց քննիչը, դուք ամիրային տունը չէ՞ք։

Ճանս, հոն ենք։

—Է, ամօթ չէ՞ ձեզի, որ ամիրայի մը տունը նստիք եւ Աղքատախնամին դիմէք, բժիշկի դեղի համար, թոհա՜ֆ բան պէ։

Ամիրային անունը կայ, ախպարս, ծառքս ունենամ նէ հոս կուգա՞մ գլուխ ցաւցնելու։

Աղջի՞կդ ալ չունի, հարցուց Գառնիկ աղա, շեշտով մը որմէ շատ բան կը հասկցուէր։

Աղջկանս փարա՞ն ուրկէց է։

Եա ի՞նչ էր ան, մէկ ատեն մը լորտի կնկան պէս կը հագուէր, կը սքուէր կոր, ան ֆիստանները փարայով կը շինուին, փարայո՛վ…

Ֆիստաննե՜րը, ֆիստաննե՜րը, հեծեց խեղճ կինը՝ ձեռքովը երեսը ծեծելով։

Ատոնցմէ  մէկը ծախեցէք, շարունակեց քննիչը անողոքօրէն, հէքիմի իլաճի տուէք, լպնցաւ գնաց։

Ան ֆիստանները աղջկանս չէին, Գառնիկ աղա…

Քննիչը քահ քահ խնդաց, եւ յետոյ իսկոյն ամենալուրջ դէմք մը առաւ։

Եա՛ որո՞ւնն էին, հարցուց խորունկ ձայնով մը եւ պիշ պիշ կնկանը նայելով։

Այս հարցումին պատասխանը լռութիւնը եղաւ, գլխու օրօրի մը հետ մէկտեղ, ցաւագին խորհրդաուոր օրեր։

Կիւլիւկ հանըմ, վրայ բերաւ քննիչը, մտերիմ բայց կտրուկ շեշտով մը, քեզի բան մը ըսեմ… ես չեմ կրնար քեզի թուղթ տալ, ետքը ինծի բան կ՚ըսեն. ես քեզի համար հացէս չեմ ըլլար։ Հէմ աս Աղքատախնամ ըտուածը աղքատներուն համար է, դուք աղքատ չէք սեպուիր… այսօրուան օրը ամիրայի մը աղջկանը թեւին տակն էք, ձեզի ամօթ է հոս գալը, ամիրային պատիւին ալ դպած կ՚ըլաք։ Առտուն կանուխ գործ ունիմ, ձգէ գործս նայիմ։

Եւ արցակ մը թուղթ հանելով բաճկոնին գրպանէն, սկսաւ զանոնք քննել մի առ մի։ Սակայն լուացարարուհին, այդ մարդուն անողոքութեանը առջեւ, չէր ուզեր զինաթափ ըլլալ. հակառակ ցուրտին, ճակտէն ու քունքերէն քրտնիքի կաթիլներ կը վազէին։ Վերջին փորձ մըն ալ ուզեց փորձել։

Գառնիկ աղա, ըսաւ վիշտէն պղտորած ձայնով, ծռիմ օդկդ պագնեմ, զաւակներուդ խաթերը համար ըլլայ, սա թուղթը տուր, աղջիկս ծանր հիւանդ է…

Քննիչը թուղթերը ձգեց, ոտքի ելաւ, պատուհանը բացաւ։

Կիրակոս աղբար, խահվէ՛ մը, պոռաց։

Յետոյ նորէն նստաւ, թուղթերը ձեռք առաւ եւ քննութիւնը շարունակեց։ Քիչ յետոյ, դուռը բացուելով մարդ մը ներս մտաւ, որուն հետ Գառնիկ աղա քիթ քիթի խօսեցաւ, դէմքի ծամածռումներով, ձեռքի շարժումներով։

Կիւլիւկ հանըմ կը սպասէր։

Ժամկոչը խահվէն բերաւ, զոր քննիչը երկար ֆըռթերով խմեց, մարդուն հետ ցած ձայնով տեսնուելով հանդերձ եւ հաստ սիկառ մը ծխելով։ Հազիւ այցելուն ոտքի ելած էր դուրս ելլելու համար, երբ դուռը բացուելով երկու հոգի ներս մտան։ Քննիչը սիրալիր ընդունելութիւն ըրաւ անոնց, աթոռ հրամցնելով եւ որպիտութիւննին հարցնելով։ Կէս ժամ անցաւ։ Եկեղեցիին արարողութիւնը վերջացաւ եւ ցանցառ ժամուորները Դեկտեմբերի ցուրտին տակ քամակնին ծռած մեկնեցան։

Այդ միջոցին թաղական խորհրդարանին դռնէն մարդ մը ելլելով Աղքատախնամին սենեակին դրանը մօտեցաւ։

Ներսէն, Գառնիկ աղա, նշմարելով այր մարդը, աճապարանօք ոտքի ելաւ։

Հրամմեցէք, Տիգրան էֆէնտի, ձայնեց։

Տիգրան էֆէնտի Սափրիչեան, թաղական խորհուրդի անդամ եւ Աղքատախնամի ատենապետ, նշանաւոր էր իր ազգային գործունէութեան եռանդովը եւ կարմիր վիթխարի քիթովը։

Երբոր ներս մտաւ, ամէնքն ալ ոտքի ելան, ինչպէս նաեւ լուացարարուհին։

Ի՞նչ կայ նայինք, բան մը կա՞յ, հարցուց Տիգրան էֆէնտի ռնգային անդնդախոր ձայնովը։

Ի՞նչ ըլլայ, էֆէնտիս, պատասխանեց քննիչը՝ գարշապար լզող իր խոնարհ ծառայի համեստուկ շեշտովը, կ՚աշխատինք կոր…

Տիգրան էֆէնտի, բոլորշի նայուածքով մը, սենեակին մէջ գտնուողները աչքէ անցուց, կիսաշրջանակ մը գծելով որուն առանցքը իր փառաւոր քիթը եղաւ։

Ասոնք ի՞նչ կ՚ուզեն, հարցուց երկու մարդերը ցուցնելով։

Ասոնք, պատասխանեց քննիչը, խեղճ կնկան մը համար եկած են քի ոտքին ծառքին էմմէ ինջեր է… օգնութեան արժանի է։

Արժանաւորներու տալո՚ւ է, վճռեց ատենապետը, եւ դառնալով լուացարարուհին.

Ա՞ս ինչ կ՚ուզէ, հարցուց։

Կիւլիւկ հանըմ յոյսի եւ երկիւղի րոպէ մը ապրեցաւ։

Աս, էֆէնտիմ, պատասխանեց քննիչը քիթը բերանը թթուեցնելով, Մարկոս ամիրային տունէն է. սա ո՚ւր է, աղջիկը…

Աս, էֆէնտիմ, պատասխանեց քննիչը քիթը բերանը թթուեցնելով, Մարկոս ամիրային տունէն է. սա ո՛ւր է, աղջիկը…

Էյ հա՛, հասկցայ. ինչու հոս եկեր է։

—Աղջիկը հիւանդ է եղեր, բժիշկի դեղի համար թուղթ կ՚ուզէ կոր…

Համմէ՞։

. ՞ . ՞ . ՞

Տիգրան էֆէնտի Սափրիչեանի քիթը երկիւղալի կարմրութիւն մը ստացաւ. շանթարձակ նայուածք մը նետեց Կիւլիւկ հանըմին, որուն միսերը կը դողդղային, եւ իր ռնգային փողին ամբողջ ճայթիւնովը գոռաց.

Մարիկ, դուք աստեղը պապուլխանա՞ գիտցաք. է՞, չէ՞ք ամչնար… չէ՞ք խպնիր, ամիրային աղջիկը հէքիմի մը, իլաճի մը փարա չի՛ կրնար կոր տալ ձեզի… ձեզիպէսները նայինք աստեղ նէ, աղքատնե՞րը ով նայի, թոհաֆ բան…

Եւ ուժգնօրէն սպառնալով քննիչին.

Գառնիկ աղա, որոտաց, յանցանքը քուկդ է քի ասանկները հոս կը խոթես, հետերնին էրկան բարակ հա չէ կ՚ըսես, ճամբէ՜, աղպար, վռնտէ՛…։

Կիւլիւկ հանըմ, որ այս անսպասելի փոթորիկէն սասանած էր, իսկոյն սեւ վարշամակը գլխուն քաշելով աճապարանօք դուրս ելաւ Աղքատախնամին սենեակէն, եւ առանց ետին դառնալու հեռացաւ գնաց։

Յիսո՛ւս փրկիչ, դո՛ւն ողորմիս մեզի, կը մրմնջէր ճամբան հեւ ի հեւ քալելով, ականջներուն մէջ զգալով դեռ ահռելի թաղականին գոռում գոչումը։

Ամիրային տունէն ներս մտած ատենը, լուաղարաուհին կ՚անիծէր այրժդ սեմը, ուրկէ անդին երջանկութիւնը յուսացած էին գտնել, բայց ուր իրենց ունեցած վերջին հարստութիւնը պատիւը վրայ տուած էին։

Անցած դարձածի մասին բան մը չըսաւ իր աղջկանը, եւ իբրեւ երկայնամիտ ու գորովագութ մայր, սկսաւ խորհիլ ուրիշ միջոց մը, որով յաջողէր վերջապէս բժիշկի մը խնամքներուն յանձնել իր զաւակը։ Մտածեց հանըմին ոտքը ձեռքը իյնալ, բայց անոր ջղայնութեանը գիտակ՝ ետ կեցաւ այս դիտաուրութենէն։ Այն ատեն Կիւլիւկ տուտու ուրիշ բան մը ըրաւ։ Իր հարսնութեան ժամանակէն մնացած զոյգ մը ոսկի գինդ, հին օրէնքի գոհարեղէն մը, զոր պահած էր ոչ այնքան իր արժէքին համար որ մեծ բան մը չէր որքան իր հանգուցեալ էրկանը մէկ յիշատակը ըլլալուն, որոշեց ձեռքէ հանել։

Իրիկուն մը. մութը կոխելուն, գինդերը կծիկ մը ըրաւ եւ կամացուկ մը պարտէզի դռնէն դուրս ելլելով իրեն ծանօթ ծեր ոսկերիչի մը տունը գնաց։ Ռուբէն աղա, ակնոցը քիթը անցընելով, լամպարին լոյսին աղէկ մը քննեց գինդերը, վեր վար դարձուց, մեղմիւ քերթեց, մինչ լուացարարուհին սրտատրոփ կը սպասէր, վախնալով որ մի գուցէ «բան չարժեր» ըսէր մարդը։

Տասնէն վար է աս ոսկիին այարը, ըսաւ Ռուբէն աղա գոհարեղէնները Կիւլիւկ հանըմին երկնցնելով եւ ակնոցը վար առնելով։

Ծախեմ նէ քանի՞ ղուրուշ կը բռնէ, հարցուց կինը։

Հարուր ղրուշ, կ՚ընէ պէլքի, ան ալ առնող ըլլայ նէ. ասանկ պաները խօլայ չեն ծախուիր, Կիւլիւկ հանըմ, ըսաւ սմսեղուկ ծերը… ի՜նչ, ծախելու մի՞տք ունիս, հարցուց։

Հա՛, հոգիս, փարայի պէտք ունիմ, ի՞նչ ընեմ. քուզում Ռուբէն աղա, սւիկա դուն առնէիր շուտ մը լմննար…

Նենգամիտ արհեստաւորը, պարագային ստիպողականութիւնը տեսնելով, դժուարահաճ եղաւ։

Հարուր ղրուշ ըսի ամա, նայինք կ՚ընէ ատար, ըսաւ նորէն առնելով գինդերը եւ աչքին մօտեցնելով։ Ոսկին աժանցած է հիմա, իլլէ քի ասիկա բէք վար այար է…մէհէնիկի մը զարնելու է։

Զարկ Ռուբէն աղա։

Վաղը հետս չարշի տանիմ, իրիկունը եկուր պատասխանը առ։

Քուզում Ռուբէն աղա, ծախէ ինչ բռնէ նէ փարան բեր, աղաչեց խեղճ կինը…

Կ՚ըլլայ, Կիւլիւկ հանըմ, կ՚ըլլայ, ըսաւ ծերուկը, որ այդ վաճառումին երեսէ, առնուազն ոսկի մը կը վաստըկէր։

Լուացարարուհին յաջորդ իրիկուան գնաց ոսկերիչին, որ իննըսուն ղրուշի գումար մը յանձնեց իրեն։ Դողդղալով գրպանը դրաւ այդ դրամը, որմէ իր աղջկանը կեանքին փրկութիւնը կը սպասէր Կիւլիւկ հանըմ։

Հետեւեալ օրը, բժիշկին գացին։ Տոքթոր Քէնտիրեան քիթը բերանը ծռմռեց զանոնք տեսնելուն։ Ուրիշներու պէս ինքն ալ շատ ծանր բաներ իմացած էր անոնց մասին։ Իրաւ է որ տոքթոր Մարկոսեանին Փարիզ մեկնելէն ի վեր անիկա մեծապէս հանգստացախ էր՝ այդ վտանգաւոր մրցակցէն ընդմիշտ օձիքը ազատած ըլլալուն։ Իր առողջական վիճակի մասին տոքթորին հարցումներուն՝ Սոֆի կցկտուր պատասխաններ տուաւ, անշահախնդիր եւ յուսահատ շեշտով մը։ Աւելի մայրը խօսեցաւ քան թէ ինք։ Մէկէնիմէկ աղջկան այդ տրտմալի երեւոյթին առջեւ, բժիշկը անհուն արգահատանք մը զգաց։ Քննեց զայն երկաօրէն, մանրահոգ կերպով։

Օրիորդը շատ նիհարցած է, ըսաւ ի վերջոյ, աղէկ դարմանուիլ կ՚ուզէ։

Եւ անոր սննդառութեան ու ապրելակերպի մասին մանրամասն պատուէրներ տուաւ, զորս հառաչանքներով մտիկ ըրաւ մայրը, անոնց անգործադրելիութեանդ կանխաւ համոզուած, մինչ Սոֆի, մտացիր ու երազական, գլուխը պատուհանին դարձուցած, դուրսը կը դիտէր։

Օրիորդ, աւելցուց բժիշկը, ջանացէք շատ մտահոգութիւններ չունենալ. զուարթ ըլլալ, եւ յաճախակի պտոյտներ ընել։

Սոֆի տոքթորին նայեցաւ իր հիանալի աչուըներուն բոլոր նուաղկոտ եւ անդրշիրիմեան տրտմութեամբը։ Մարդը այդ խորունկ նայուածքին մէջ մահուան սարսուռը տեսաւ։ Որքա՜ն լաւ կը ճանչնար ինք այդ սարսուռը, օրհասական մահիճներու քով իր բազմամեայ դեգերումներուն շնորհիւ։

Հոգ մ՚ընէք, օրիորդ, շուտով կ՚աղէկնաք, վրայ բերաւ բժիշկը, գիտնալով հանդերձ որ այդ հոգիին վրայ որ հեռաւորութեանց վրայ կը թեւածէր ա՛լ որքա՛ն աննշան տպաւորութիւն մը պիտի թողուր մխիթարութեան այդ հինցած բանաձեւը։

Թաշկինակին ծայրէն Կիւլիւկ հանըմ հանեց տասը ղրուշնոց մը եւ տոքթորին ափը դրաւ։ Դուրս ելան, Սոֆի իր մօրը թեւին կրթնած։ Լքուած աղջիկը փողոցներէն անցած ատենը կը լսէր շշուկները որ պատուհան կը հաղորդուէին։   

Քա նա՛, կ՚անցնի կոր, ան է… մօրը հետ…

Հիւա՞նդ է ինչ է…

Հապա՛, տոքթորը գնաց ան է։

Օ՛խ. չամչա՜ծ։

Տուն դառնալուն, աւելի հիւանդ զգաց ինքզինքը Սոֆի։ Մայրը իսկոյն շինել տուաւ դեղերը։ Հանըմը չիմացաւ այս եղելութիւնը։ Ապահովապէս պիտի բարկանար եթէ իմանար որ իր տունէն ոեւէ մէկը դուրսէն բժիշկի դիմած էր, իր տոքթոր զաւակը կեցած ատենը, թէեւ անիկա հարիւրաւոր մղոններ հեռու գտնուէր այդ միջոցին։

Սակայն աշխարհի բոլոր դեղերն ու դարմանները անբաւական էին ամոքելու ցաւը, որ մանկարդ աղջկան էութիւնը կը հերիւնէր։ Գիտէր ասիկա, եւ տխրութեամբ գլուխը կ՚երերցնէր ամէն անգամ որ մայրը դեղերը տար իրեն։ Իր սենեակը, օրուան մեծ մասը, առանձին, նստած թիկնաթոռի մը վրայ, պատուհանին մօտ, կը խօսէր։ Վերջին մէկուկէս տարին զոր ապրած էր, իր ակնախտիղ շողարձակութեամբը եւ շանթահարիչ վերջաւորութեամբը, երազ մը կը թուէր իրեն երբեմն։ Բայց իրականութիւնը հոն էր, իր մօտը, իր քովը, իր վրան, իր մէջը հեղձուցիչ եւ խենթացնող, իրականութիւնը զոր հոգիով կրնար պրպտել, միտքովը քրքրել, մատուըներովը շօշափել, տեսնել զննել զայն, անոր թոյնովը թունաւորուիլ, անոր հարուածներուն տակ կիսամեռ իյնալ։ Բորբոքումի րոպէներ կ՚ունենար։ Աչուըները խենթութեան ցոլքեր կ՚արձակէինլ Խեղդւուք մը կոկորդը կը պատռտէր։ Նիհար մատուըներովը, որոնք արտասովոր ուժով մը կ՚օժտուէին յանկարծ, կը քաշէր կը բզքտէր հագուստները, կուրծքը, ուսերը բանալով, շնչասպառ, ու մոլեգնօրէն կը քակէր կուռ վարսերուն հիւսուած յարդարուած կապոցները, կը քաշէր, կը փեթռտէր, չորս կողմէն վար թափելով զանոնք։ Ոտուըներովը գետինը կը դոփէր։ Ու վերջապէս յոգնած պարտասած, երեսի վրայ կ՚իյնար հերարձակ, հեւքոտ ու անշարժ. միջին դարու մոլեռանդ ապաշխարուհիի մը պէս։ Այս տագնապներուն կը յաջորդէր անուշ ու սփոփիչ անդորրութիւն մը. արցունքներ կը բխէին աչուըներէն, ազատ ու լայն շնչառութեան մը տակ կոկորդն ու կուրծքը կը զովանային։ Ու իր առաջուան կեանքին վերյիշումներովը կը մխիթարուէր։ Իրենց յետին դրուագներովը իր մանկութեան պարագաները կը ներկայանային մտքին։ Որքան անշուք էր այդ կեանքը, բայցորքան ալ անուշ։ Ու ամէն անգամ, որ այս քաղցր ու ըղձալի յիշատակները կը յանգէին դէմքի մը նոյնքան քաղցր ու նոյնքան ընձալի—, իր մանկութեան եւ երիտասարդութեան միակ ընկերոջը, Համբիկին։ Իր ցաւերուն անհուն հնոցին մէջ, Սոֆի ա՛լ ասոր կը փաթթուէր, այս յիշատակին, այս դէմքին։ Կը վերաշինէր հին, առաջուան կեանքը, անոր իւրաքանչիւր դրուագին վրայ կանգ առնելով, ուսումնասիրելով, գնահատելով զայն, անոր կարօտովը տառապելով։ Իր ստրջացումի խոյեանքին մէջ, կ՚ուզէր որ կեանքին վերջին մէկուկէս տարուան շրջանը մէկէնիմէկ, հրաշքով մը ջնջուէր, ու այդ առաջուան կեանքը շարունակուէր նորէն խաղաղ, պայծառ, աննենգ, բուրումնաւէտ։ Իր յիմարութեամբը, իր միամտութեամբը, անկարելի փառքերու իր կոյր փարումովը տակնուվրայ ըրեր էր ամէն բան, երկու կեանք մէկէն ջախջախելով, իրը ու անորը։ Խե՜ղճ տղան, որքա՜ն սիրեր էր զինքը, որքա՜ն տառապեր էր իրեն համար։

Ո՜հ, Համբի՛կ, Համբի՛կ, իմ խեղճ Համբի՛կս, կը հեծէր Սոֆի ձեռուըներովը դէմքը ծածկելով, արտասուալից։

«Սոֆիս, ըսած էր ան, մի՛ մերժեր զիս եւ սէրը, վասն զի պիտի մեռնէի ատկէ ու դուն պիտի զրկուէիր այդ սէրէն, ու պիտի դժբախտ, թշուառ ըլլայիր, վասն զի այդ սէրը միայն կարող պիտի ըլլայ քու երջանկութիւնդ ապահովել. քու կեանքիդ սիրոյն՝ իմ սէրս մի՜ մերժեր»։

Իր սիրոյն սաստկութեանը մէջ ան գուշակի ոգի ունեցած էր։ Աղերսուած սիրոյն մերժումէն յետոյ քիչ քիչ ամէն բան ջախջախուեր էր։

Ու աղջիկը, իր ապաշխարող զղջումին մէջ վատին, սրիկային դէմ իր մէջ հետզհետէ, կամաց կամաց վառուող ատելութեան ու վրէժխնդրութեան հրդեհին մէջ, այլեւս սէրը չէր՝ որուն իր ներսը արծարծուիլը կը զգար մերժուած սիրահարին համար։ Գութի զգացում մըն էր հետզհետէ աճող ծաւալող. իր բովանդակ էութիւնը պարուրող. գութը որ ցաւ մը, տանջանք մը կ՚ըլլար, աղապատանքը որ խղճօ ահաւոր խայթի մը համեմատութիւնը կը ստանար։ Երթալով, աւելի յստակ, աւելի որոշ կերպով կը տեսնար թանկագին ու անստգիւտ ճշմարտութիւնը այն զգացումին, զոր իր այդ ազնիւ ու անուշ բարեկամը տածած էր իրեն համար։ Ու, հակառակ որ ինք գիտակցաբար, անգթօրէն անոր կեանքը խորտակած ըլլար, անիկա, ներողամտութիւններուն ամենէն  վսեմովը, այնիշաչարութիւններուն ամենէն զմայլելիովը, իր՝ Սոֆիին կեանքը փրկեր էր, հոն, վերը, գահավրէժի մը մահացու եզրին վրայ, աւանգավէպերու անտառաբնակ պարիկի մը պէս յանկարծ դուրս ցցուելով թաւուտներու խաւարին մէջէն։ Աչքերը բանալով՝ անոր հուժկու թեւերուն վրայ գտեր էր ինքզինքը։ Ո՜հ, անակնկալներուն ամենէն անակնկալը։

Ու իր ստրջանքին զառանցոտ սաստկութեանը տակ մանկամարդ աղջիկը, նորէն ինքզինքը յանկարծ այդ բազուկներուն վրայ կը տեսնէր։ Կը տեսնէր իր վրայ սեւեռուած այդ աչուըները, իրենց վայրենի պշնումին մէջ տակաւին անուշ ներողամիտ ցոլմունքով մը, կրուած այնքան ահռելի տուայտանքներէ, հոգեկան այնքան ահեղ ցնցումներէ ետքն ալ։

Այդ գրկին վրայ, իր սթափումի մէկ րոպէին, զգացեր էր այդ էութեան փոթորիկը, հաղորդուող, սարսափեցնող ջերմութիւն մը որ մագնիսացուցեր էր զինքը, բաբախում մը որմէ անոր ամբողջ մարմինը կը դղրդար, կարծես համաչափ ազդարարը ներքին բոցավառ հնոցի մը։ Վերակոչուած այս յիշատակին տպաւորութեանը տակ, հիւանդ աղջիկը կը սկսէր դողդղալ. ակռարները կը կափկափէին, ճակտին վրայ պաղ քրտինքներ կը թորէին, շնչառութիւնը դժնդակ կ՚ըլլար, մատուըներովը, ջղապիրկ ու դողդոջուն, առարկաներու կը կառչէր, սեւածիր աչուըներուն տարտամ ու սարսափահար նայուածքովը, դէպի անորոշ կէտեր, ուր կը կարծէր ընդնշմարել ֆանթաստիկ ուրուագծումները այդ տեսարանին։

Մերժուած սիրահարին մարտիրոսացած սիլուէթը, տանջանքի գալարումներուն տակ այլակերպուած, յածելով միջոցին մէջ, մերթ պատառուն քուրջերով ծածկուած ողբալի մուրացկանի մը կերպարանքով, մազերը մինչեւ ուսերը վար թափուած, յուսահատ, անմարդկային, մերթ. գերագոյն յանդիմանանքի վսեմ ու ասպետական ժեսդի մը մէջ, սիրտը ցոյց տալով իրեն՝ լայնախոց վէրքով մը պատառուած, ուսկից արիւնը կը ծորէր անհատնում կաթիլներով. ու մերթ առաջուան հեզ, անուշ, խպնոտ տղան, գետնամած պաղատանքի մը կեցուածքովը իր անգութ աղջկան սէրը մուրալով։

Գիշերները, քունդ վրդովուեցաւ։ Ցորեկուան տեսարանները կրկնուեցան, աւելի տխուր, աւելի ահարկու, աւելի հոգեցունց։ Առաջուան կեանքը հետզհետէ կը պատկերանար, եղերախաղի մը յստակ ու բնական հոլովումը, վերը, Մաթոս ամիրային կիսաւեր ապարանքին եւ յետոյ, անոր կործանումէն ետքը փոքր տանը մէջ ապրուած քաղցր ու անվրդով կեանքը ձկնորս Թումիկին ընտանիքին հետ։ Ո՜րքան երջանիկ էին հոն, այդ ծառազարդ, վայրի գեղեցկութեամբ բարձունքին վրայ, մեկուսի ու խաղաղ, մարդկային դաւերէն ու նենգութիւններէն հեռու։ Ո՜հ, եթէ հոն մնացած ըլլային։ Շքեղ գիւղանկարի մը վրայ նայող իր անշուք սենեակին կարօտը կը քաշէր։ Հապա ընդարձակ պարտէզը իր յորդազեղուն կանանչութեամբը, պտղալից, հովանուտ ու զով ծառերովը։

Ու այդ ափսոսուած հեշտալի կեանքէն՝ Սոֆի հիմակ այնպիսի մանրամասնութիւններ, աննշան ոչինչ դէպքեր կը յիշէր։ Բազմաթիւ տղայական  պարագաներ այնպէս կարեւոր համեմատութիւններ կը ստանային իրեն համար, որ անոնցմէ ամէն մէկուն վրայ երկար ատեն կանգ կ՚առնէր, անկէց սփոփանք մը փնտռելով իր տխուր հոգիին համար, որ սակայն կարծես աւելի եւ աւելի կը դառնանար, իր կարօտին ու զղջումին կիզանուտ սաստկութեանը տակ։

Յանկարծ, օրին մէկը, անդիմադրելի փափաք մը զգաց իր մանկութեան վայրերը տեսնելու, անոնց մէջտեղը գտնուելու։ Երկու տարուան միջոցը որ անցած էր զանոնք լքելէն ի վեր, հեռաւոր ժամանակի մը տպաւորութիւնը կը թողուր իր վրայ։ Ի՞նչ եղած էին իրենց տնակը, պարտէզը, ծառերը, դրացիները, Հոռոփ հանըմը ու Համբիկը, մանաւանդ ա՛ն։ Մանկան մը պէս հրճուեցաւ երբ մտածեց որ կարելի էր վայրկեաններ ու ժամեր ալ ապրիլ նորէն այր սիրելական վայրերուն մէջ, տեսնել, շօշափել, ու համբուրել այն առարկաները՝ որոնց մէջտեղ ամենէն անուշ ու անամպ րոպէներն ապրեր էր իր կեանքին։ Ու կ՚ոգեւորէր խեղճ աղջիկը, արիութիւն մը կը զգար, աչքերուն տրտմութիւնը ուրախութեան վաղանցիկ շողիւններու տեղի տալով։

Ու օր մը մօրը հետ դուրս ելաւ, պտոյտի մը պատրուակին տակ, գարնանասկիզբի պայծառ ու խաղաղ յետմիջօրէն մը։ Ճամբան, Սոֆի մայրը կը տանէք դէպի այն փողոցները, որոնք իրենց նախկին թաղը կ՚առաջնորդէին։ Խեղճ կինը, իր աղջկան ներքին ցաւերուն եւ դիտաւորութիւններուն անտեղեակ, կը համակերպէր՝ ինչպէս մայրերը կը համակերպին իրենց հիւանդ զաւակներու քմահաճոյքներուն։

Մայրիկ, սա փողոցէն երթանք։

Երթանք, աղջիկս։

Ու կը հեւար Կիւլիւկ հանըմ այդ զառիվերներէն վեր, որոնցմէ շատոնց ի վեր իր մեծակառոյց մարմինը չէր մագլցած, եւ որոնք հիմա հետզհետէ, անզգալաբար, հին յիշատակներ կ՚արթնցնէին իր մէջ։

Աղջիկս, կ՚ըսէր երբեմն կանգ առնելով շնչասպառ, աստեղէն ո՞ւր կ՚երթանք կոր։

Ասկէց երթանք, մայրիկ, կ՚աղաչեմ, կը կրկնէր Սոֆի անհամբեր եւ շտապելով։

Յետոյ վերջապէս հասան այն վերջին ամայի փողոցը ուսկից քանի մը քայլ անդին իրենց հին բնակարանն էր։ Հոն լուացարարուհին վերջապէս անդրադարձաւ։

Քա աղջիկս, ըսաւ, մեր առջի տո՞ւնը կ՚երթանք, ո՛ւր կ՚երթանք։

Չերթա՞նք, մայրիկ, կը հարցնէր Սոֆի, առաջուան տուներնիս տեսնել չե՞ս ուզեր, մայրիկ։

Հիմա հոն մարդ չի կայ, աղջիկս. Հոռոփենք շատոնց ելեր են անկէ, մարդ չեղած տեղը ի՛նչ երթանք…

Այս յանկարծական տեղեկութիւնը պահ մը սառեցուց աղջիկը, որ խռոված, մօրը նայեցաւ շուարուն։

Հոգ չէ, երթանք, մայրիկ, ըսաւ տրտում ու խորունկ ձայնով։

Վերջապէս հասան այն անելը, որուն խորը փայտէ խոշոր դուռը կար, սեւ ու կռնծած։ Դուռը բանալու հարկ չեղաւ, վասն զի անիկա, վերին ծխնէին անջատուած, կռնակի վրայ շրջեր էր, կարծես իր անկումին մէջ հետը վար առնելով նաեւ պատին մէկ մասը, ուր լայնափեռեկ պատառուածք մը գոյացեր էր։ Քարերը եըղնուած էին հողերու եւ փայտերու խառնուրդի մը հետ։ Այս աւերին ի տես, վիշտի շարժումով մը, Սոֆի, տժգունած, դողդոջուն ճիչ մը ունեցաւ։

Մայրիկ, սա նայէ ի՛նչ է եղեր։

Հէլպէք, զաւակս, նայող ընող չի կայ։

Մանկամարդ աղջիկը, երկու կողմէն փէշերը ժողովելով, բարակ ոտուըներովը զգուշութեամբ անցաւ քարերուն վրայէն, պարտէզ մտնելու համար։ Մայրը իրեն կը հետեւէր. աղջկան շարժուածքին մէջ տենդ ու անհամբերութիւն կար։ Դռնէն անդին, գրեթէ վազելով գնաց իսկոյն գտնելու իրենց նախկին բնակարանը։ Անոր առջեւ հասնելով կեցաւ, շնչասպառ, տակնուվրայ։ Աղեկէզ ճիչ մըն ալ հոն՝ երկու ձեռքերը այտերուն զարնելով.

Ա՜խ, ի՞նչ է աս, Աստուած իմ, ի՞նչ է աս…

Ու կը դիտէր, աչքերը արցունքներով ուռած, բուռն ցաւին տակ արձանացած։

Տնակը աւերակի ամենէն սրտաճմլիկ տեսարանը կ՚ընծայէր, որ երբեք դիտուած ըլլայ։ Բնութիւնը, ամայութիւնը, ժամանակը մոլեգներ էին անոր վրայ, հաշմեր, յօշոտեր էին զայն։ Կարծես՝ տապարներու մոլեգին յարձակում մը կրած էր։ Երդիքը, իր բոլորտիքի կապարէն քակուելով, փլեր էր, իր այդ ծանր անկումին մէջ երկու սենեակներու միջնորմին մէկ մասը իր հետը փլցնելով։ Պատերուն ծեփերը, ձիւնէն ու անձրեւէն քրքուելով՝ թափեր էին, երեւան հանելով սենեակներուն վանդակակերտ կմախքը։ Տախտակամածները, փրցուած ու տարուած, մէյ մէկ խոռոչներ էին՝ լեցուած տանիքին փլածքներովը՝ փայտ, հող, կիր, քար խառնիխուռն։ Ամբողջ շէնքը, խարիսխէն սարսած, մէկ կողմի վրայ ծռեր էր գինովի մը պէս։ Երեւոյթէն այնպէս կարելի էր ենթադրել որ հովի առաջին ուժգին հարուածէ մը բոլորովին պիտի կքէին, իյնային, կործանէին մեծանուն ամիրայի մը փարթամութեան այդ յետին նշխարները, որոնց առջեւ հիմա կանգնած, լքուած աղջիկը աննկարագրելի յուզումով կը դիտէր իր մանկութեան այդ օրրանը, նուիրական իրեն համար, սիրելի յիշատակներու խնկաբոյր սրբարան, ուր իր կեանքին երջանկագոյն շրջանը ապրեր էր։ Ամէն բան կը կործանէր հիմակ ուրեմն. իր երազները, յոյսերը, սէրը, իր մարմինը, սիրտը, հոգին, իր սենեակը, տունը, յիշատակները, ամէն բան, ամէն բան կը կործանէր կ՚իյնար միաժամանակ, անողոք եւ ահռելի զուգադիպութեամբ մը։

Մայրիկ, տե՛ս, տես ի՛նչ է եղեր տուներնիս, կը մրմնջէր Սոֆի, աւերակներու այդ տխուր կոյտը ցուցունելով իր մօրը, որ, ինքնին իսկ, վայրկեան մը ցնցուելով տեսարանին տրտմութենէն, կեցած տեղը կը մնար ափիբերան, կարօտի ինքնաբուխ հառաչանքով մը.

Էրնէկ հոս անցուցած օրերուս…

Ու աղջիկը կը մօտենար փլատակներուն, ձեռքերովը շօշափելու համար զանոնք, շէնքէն՝ ծանօթ բեկորներ գտնելու եւ անոնցմով սփոփուելու համար։ Իրենց նախկին սենեակէն՝ տեղեր, մասեր կ՚ուզէր ճշդել, որոնք բաներ մը ըսէին իր սրտին, որոնց մխիթարութեանը մէջ սուղուեր, մխրճուեր, բայց չէր յաջողեր՝ այդ խառնակութեան մէջ ամէն բան անճանաչ դարձած ըլլալով։

Բայց Կիւլիւկ հանըմ շուտով սթափած էր իր լով անոր յուզումը… Նայելով ի՛նչ կ՚ըլլայ.

Բայց Հոռոփ հանըմե՞նք ուր են գացեր, կը հարցունէր Սոֆի՝ աւերակներու այդ լռութեան մէջէն ապրուած տռամի մը սրտաճմլիկ աղմուկը լսել կարծելով։

Չիյտեմ, աղջիկս, ո՛վ կիտէ ո՛ւր կացեր են. ասկէ ելլալնուս պէրի հի՛չ իրարու երես տեսա՞նք… ո՞վ կիտէ, ո՛ւր են։ Երթանք սըկէ, Սոֆի, կը պնդէր մայրը, ուզելով աղջիկը հեռացնել այդ տխուր վրայրէն, ուրկէ անոր կրած յուզումը ակներեւ էր։

Բայց աղջիկը չէր ուզեր հեռանալ, իրեն համար դժուար ըլլալով բաժնուիլ այդ վայրերէն, որոնք անմեղ, խաղաղ, երջանիկ օրերու դրուագները կը պատմէին իրեն հիմակ՝ ա՛յնքան բարբառուն տխրութեամբ մը։

Մայրիկ, դուն հոս նստէ, աղաչեց իր մօրը, ստիպելով զայն որ նստի ինկած գերանի մը վրայ. ես քիչ մը պիտի պտտիմ պարտէզը։

Կը յոգնիս, զաւակս, կէշ կ՚ըլլաս, հազդ կը շատնայ։

Չէ, մայրիկ, հոգ մ՚ըներ, հոս աւելի աղէկ կ՚ըլլամ , տես ի՜նչ աղուոր օդ է…

Եւ իրաւ, զմայլելի էր վայրը։ Գարունը ուժգին յորդութեամբ կը զեցուր հոդ, երանգաճոխ կանանչի մը փառքին մէջ, խոտերը կը բարձրանային զմրուխտափայլ, վայրի ծաղիկներու կիտուածներով դրակոնտիկոնուած, շուքին տակը հարսնեւորուած ծառերու որոնց սպիտակ ծաղիկներուն ձիւնեղէն ժանեակը գեռ կը մնար, կանանչ ծիրանիի վրայ բանուած ճերմակ մետաքսի պսպղումներով։ Ռազաններուն հոծ թուփերը քմահաճ դրասանգումներով կ՚արշաւէին ամէն կողմէ, անհետացած ապարանքին գետինը կը տարածուէր նորէն լերկ ու աւերածոյ։ Պատի փլածքները կ՚երեւային դեռ, հողէն դուրսը ցցուած գերանի ծայրերը, յետոյ գետնափոր մառանին խոռոչը եւ ջրշեղջին խաւարչուտ կլափը։ Եւ ասոնցմէ անդին անստգիւտ, մաքուր, անսահման կիսաբոլորակի մը վրայ, մեծավայելուչ գիւղանկարը իր անհամար պէսպիսութիւններովը. արծաթափայլ գետը, կանանչագեղ բլուրները, աղուոր հորիզոնը լուսաւորուած մեծանշոյլ արեւէն։

Սոֆի կը նայէր այս բոլորին իր տարտամ ու խոնաւ աչքերովը, լիաթոք շնչառութեամբ, տեսակ մը տարօրինակ հմայքի ներքեւ, որմէ չէր գիտեր թէ իր հոգին կը ցնծա՞ր թէ կը տուայտէր։ Մինակ այդ քաղցր ու արտասովոր յուզումին տակ, կը զգար որ երակներուն մէջ արիւնը ուժգնօրէն կ՚երթեւեկէրպ սրունքները նոր կորով մը կը ստանային, կենդանութիւն մը, ոգեւորութիւն մը կը սփռուէր իր ամբողջ էութեան վրայ։ Գինովութեան պէս բան մըն էր ատիկա, որ վայրկեանական խաբուսիկ եւ անուշ կորով մը կը պարգեւէր։

Հիմա կը փնտռէր պարտէզին այն մասը, ուր մերժուած սիրահարին բազուկները ունայն աշխատանքի մը տակ տատաշ էին օրերով ամիսներով։ Ափսո՜ս, գրեթէ բան մը յայտնի չէր անկէց. խոտերու վայրի եւ ամենակուլ արշաւին տակ բոլոր ածուները, բոլոր ծաղկեթուփերն ու ծառատունկերը աներեւոյթ եղեր էին։ Մինակ հսկայ, հաստատուն թանթրաւենին հոն էր միշտ, որուն շուքին ներքեւ իր ցածուկ աթոռակը կը դնէր՝ դիտելու համար շուրջը, վայելելու համար ծաղիկներուն բուրումը. Անոր կրթնած, Սոֆի շուրջը կը դիտէր։ Նորէն յուզման սաստկութեանը տակ, սիրտը կը հեւար, աչքերը կը լեցուէին։ Համբիկին պատկեր աչքին կը ներկայանար, անոր ազնիւ, երկչոտ, բարեքիկ կերպարանքը՝ հոդ, անհետած ածուներուն շուրջը, աշխատելով անդադրում, սիրոյ կրակէն տանջուած։

Խե՜ղճ, սիրելի՜ բարեկամս, կը մրմնջէր աղջիկը, գրեթէ հեկեկալով։ Ա՛խ, ո՞ւր, ո՞ւր գացին այն ժամանակները։

Ու խոտերուն մէջ կը մտնար, մանր ստուըներովը անդին կը հրէր, կը կոխկռտէր զանոնք, տենդոտ զայրոյթով մը, ուզելով երեւան հանել ածուներուն ձուաձեւ գծագրութիւնը, կանանչ կարճուկ թփիկները ու ծաղիկները, թաղարները, բոլոր նախկին կացութիւնը։ Այո՜, կը մոլեգնէր վերստեղծել ատիկա, ապրիլ նորէն զայն, յաւերժացնել ու վերջապէս երջանկանալ անով։ Իզո՜ւր. ոչինչ կրցաւ գտնել. իր ունայն ու ցաւագին ճիգին յոգնած մանկամարդ աղջիկը ինկաւ խոտերուն վրայ, կարծես չուզելով բաժնուիլ ատկէ, ինք ալ ջնջուելու, անհետանալու համար բոլոր անհետացած բաներուն հետ։

Համբի՛կ, Համբի՛կ, կը կանչէր խղդուկ ու լալագին ձայնով. բարակ ու գեղին մատներովը խոտերուն կառչելով։

Հեռուէն, մօրը ձայնը հնչեց ի ղդուկ ու շնչասպառ.

Սոֆի՛, Սոֆի՛, ո՞ւր ես… Սոֆի՛…

Սթափած, աղջիկը ելաւ կեցաւ խոտերուն մէջ, գլխարկը տեղաւորեց գլխուն վրայ, եւ մօրը միացաւ, որ աղջկանը երկարատեւ  անհետացումէն սկսած էր հոգ ընել։ Անոր դէմքին արտասովոր տժգունութիւնը տեսնելով դող ելաւ։

Եավրում, ի՞նչ էղար, ի՞նչ ունիս, կը հարցունէր։

Քիչ մը անհանգիստ եմ, մայրիկ, երթանք, ըսաւ Սոֆի, որ սաստիկ բաբախումէ մը կը նեղուէր եւ ամբողջ մարմնին վրայ ուժասպառութիւն մը կը զգար։

Ու ելան դուրս ատկէ, մինչ արեւը դէպի հորիզոն ծռելով, տրտմատեսիլ աւերակին խեղ ու հաշմոտ ցցուածներուն կուտար երկար ստուերներ, ամբողջոըթիւնը շէկ լոյսի մը տակ պարուրուելով, որ մտացածին երեւոյթ մը կ՚ընծայէր վայրին։

Մայրիկ, ուրիշ անգամ նորէն գանք, կ՚ըսէր Սոֆի իր մօրը, դռնէն դուրս ելլելուն շարունակ ետին դառնալով, չուզելով բաժնուիլ այդ աւերակներէն ու այդ վայրի, լքուած ու ամայի բնութենէն, ուր հեշտալի ու դառն գինովութեան րոպէներ ապրեր էր։

Աղջիկս, կ՚ըսէր Կիւլիւկ հանըմ, չհասկնալով Սոֆիի հոգեբանութիւնը եւ այդ վայրը վերադառնալու անոր յամառութեան պատճառը, պարզ քմահաճոյքի մը վերագրելով, աղջիկս աս եապանի տեղը ի՞նչ ընենք գանք… տեսնալ էր նէ տեսար…

ՉԷ, մայրիկ, ես հոս շատ կը սիրեմ, կը պնդէր աղջիկը, հոս գամ նէ աղէկ կ՚ըլլամ կոր, ուրիշ անգամ նորէն գանք մայրիկ…

Թոհա՛ֆ, այդ եօխուշներն վեր հոգիս ելաւ, Սոֆի, հէմ քու ալ ըռէնկդ աւելի նետեց…

Երբոր տուն վերադարձան, հանըմը դեռ յետմիջօրէի իր սովորական քունը քնանալու վրայ էր։ Սոֆի իր սենեակը քաշուեցաւ, թիկնաթոռի մը վրայ իյնալու համար ուժասպառ, կրած յուզումներէն քայքայուած։ Այդ ուխտագնացութիւնը որքան քաղցր եւ սփոփարար, այնքան ալ ցնցող եղած էր։ Բայց անոր գինովութիւնը դեռ կը տիրէր իր վրայ. աչքերը գոց, անով կը յափշտակուէր, անով կ՚անէանար։ Միեւնոյն պատկերները, ցաւագին եւ քստմնելի, ը հոլովուէին ցնորականօրէն իր փակ աչքերուն առջեւ. տանը աւերակները՝ օրհասական շառաչումներով, պարտէզին վայրի ու ապերասան կանանչութիւնը՝ դիւային խուացումներով։ Անոնց մէջ, ատեն ատեն, յանկարծ կը ցցուէր ուրուական մը ահաւոր երեւոյթով, վիթխարի հեռարձակ գլխով, արիւնոտ նայուածքով։ Գարա-աղաճի ծավափին եւ Սիլիհտար Աղայի բլուրին մարդն էր սկսէր դողալ, կը լարուէր կը գալարուէր թիկնաթոռին վրայ, ինքզինքը այդ մղձաւանջէն ազատելո ունայն ջանքերով։

Միւս օրերը, իր հոգիին տանջանքը չդադրեցաւ։ Վրիժառութեան կրակը, զղջումի եւ ապաշխարութեան մոլեռանդ թափը, ամէն բան վերսկսելու, վերականգնելու իր անօգուտ կամէութիւնը, փոխնիփոխ, խառնիխուռն, երբեմն միահազոյն կը մրրկէին իր գանկը, կը սպառէին իր վտիտ մարմինը։ Ժամերով, դէմքը ձեռքերովը ծածկած, կը մնար անշարժ, թմրած, ոչնչացած։ Բժիշկին դեղերը ոեւէ նպաստաւոր արդիւնք չունեցան։ Ընդհակառակը։ Սոֆի աւելի դեղնեցաւ, աւելի վատուժցաւ։ Չոր հազը, զոր միշտ ունէր արդէն, հիմա աւելի յաճախ կը ցնցէր անոր տխեղծ կուրծքը, շնչառութիւնը դժուարացնելով։ Իր խոշոր սեւ աչուըները տենդավառ ցոլքեր կ՚արձակէին, տարտամ սեւեռումներով, որոնք կարծես ա՛լ հոս չէին նայեր, հեռաւոր, անծանօթ հորիզոններու հետամուտ։ Դէմքին վրայ իր կուսականութեան պաշտելի սնգոյրը կ՚երեւնար նորէն։ Մոլորումի եւ ապականութեան տիղմը, որուն մէջ ընկղմեր էր պահ մը, չէր կրցած ցայտեր նետել անոր մաքուր, անապական հոգիին վրայ։ Յուսախաբութիւնը, ցաւը, ապաշաւը լուացեր էին զայն, մարմինին տալով իր կոյսի անբծութիւնը, նայուածքին՝ իր տրտմալի քաղցրութիւնը, Սոֆի առաջուանը եղաւ նորէն, անուծ, բարի, գթոտ։ Իր նախկին վիճակին կարօտը քաշեց, ափսոսաց զայն։ Մանկութենէն ի վեր իր ապրած խաղաղ կեանքին վրայ յանկարծ փոթորիկ մը անցած էր, դիմադրելու անկարող, այս ամպրոպին մոլուցքներուն յանձներ էր ինքզինքը։ Բայց հիմա անցած գացած էր ան, տեղի տալով անդորութեան, բայց անդարմանելի աւերմունքներ թողլով իր ետեւը, անցած տեղին վրայ։

Հանդարտ վայրկեաններու, ողջամիտ եւ անաչառ, Սոֆի իր սխալներ կը թուէր, ինքզինքին կը բացատրէր զանոնք, կերպով մը անոնց վերլուծութիւնը կ՚ընէր։ Որքա՜ն յստակ եւ ճիշդ կը տեսնար ու կը դատէր հիմա։ Առանց դժուարութեան, այժմ ինք կ՚ընդունէր որ իրեն համար միակ երջանկութիւնը այն համեստ ու անշուք կացութեան մէջ պիտի ըլլար, ուր ծնած եւ ուր ապրած ալ էր տարիներով։

Որքան խաղաղ պիտի ըլլար իր կեանքը ու իրական, եթէ, օրինակի համար, հոն, վերը, իր աղքատի անշուք խրճիթին մէջ ապրէր նորէն, ու երբ որ Համբիկ իր սէրը գար յայտնելու իրեն, ինքը ընդունէր ու փոխարինէր ատիկա, այդ ազնիւ, աշխատասէր ու խելացի երիտասարդին հետ կապէր իր կեանքը, ու բոյն մը կազմէին տաք եւ արգաւանդ, ուր սիրոյ յարաճուն փթթումի մը մէջ՝ համեստ բայց արռեւոտ կենցաղի մը հեշտանքը վայելէին խաղաղօրէն։

Երազուած ու երջանկութեան հեռապատկերին առջեւ, հիւանդ աղջիկը կենդանութիւն մը, ոգեւորութիւն մը ստանար, զանիկա վերապրելու հնարաւորութեան մը խարկանքէն տարուելով։ Բայց իսկոյն, ուսերուն, մարմինին, հոգիին վրայ ծանրացած, կը սթափեցնէր զինքը։

Ա՜խ, ա՜խ, կը հեծէր աղջիկը՝ անդրադառնալով իր դժնդակ ու անհնարին կացութեան, իր վերջնական փճացումէն սարսափահար։

Իր յուսահատ ու լալահառաչ առանձնացումներուն միջոցին, արցունքներէ պղտորած աչուըներովը երկարօրէն կը դիտէր բոլոր այն առարկները, որոնք սուտ, խաբեբայ, պիղծ սիրոյ մը անարգ առհաւատչեաններն էին եղած։ Հիմա, այդ առարկաներուն մէջտեղը, քովն ի վեր, անոնց յարատեւ ու անխուսափելի շօշափումին տակ, վարնոց, անխոստովանելի, եղեռնական առուտուրի մը, ամօթալի փախանակութեան մը գաղափաըը կը տեսնար։ Ամէն մէկը մէկ համբոյրի գին էր, մէյ մէկ գգուանքի վարձք, ամբարիշտ ու բղջախոհ սարսուռներու բոլորանուէր ու արժանապէս շահուած պարգեւը։ Անոնք, քիչ քիչ, մէկիկ մէկիկ, եկած էին բան մը գողնալու իրմէ. իր սէրը, իր պատիւը, իր կուսականութիւնը, իր երջանկութիւնը, իր կեանքը։ Ահռելի ու արիւնոտ ապացոյցներ, կը կենային հիմա անոնք հոդ, անարգուած, լքուած աղջկան սենեակին մէջ, ամէն րոպէ, դառն եւ անդարմանելի յուսախաբութեան մը խորհրդանշանը։

Ու տենդով մը հրահրուած, ջղաձգօրէն երբեմն կը գոյանար այդ առարկաներուն վրայ, զանոնք փշրելու, ջարդելու, բղքտնելու մոլեգնութիւնով մը։ Փարթամ ու հմայքոտ աղիճի մը զարդախուցին պերճութիւնը կը ներկայացնէր այս առանձնոցը։ Նրբարուեստ կահերու, գեղօրներու, մանր մունր առարկաներու խառնիխուռն բայց սիրուն յարդարումով մը, ժանեակներու ձիւնեղէն սպիտակութեամբ մը երանգաւորուած մեղկ, հաճոյալի, տաքուկ բոյրի մը բորհրդապահ հեշտութիւններուն սարսուռովը լեցուն։ Օթոցոպատ որմերէն կախուած դիցաբանական պատկերներ, ճերմակ յաւերժահարսերու լուսաւոր ու յայրատ մերկութիւններով, ոսկեզօծ շրջանակներու մէջ, թաւշաւոր լայն բազրոցներ՝ սենեակին անկիւնները, ձեղունէն կախուած վարդագոյն կանթեղը, գեղարուեստօրէն բանուած սատափազարդ կահերը, ծածկուած բազմատեսակ պիպլօներով, հայելաւոր զարդասեղան մը մահոկենիէ՝ ու պճնասէր կոնջ մը բոլոր պիտոյքները խնեդուխելառ բայց աղուոր խառնաշփոթութեամբ մը կը հեւային առատ, փալփլուն եւ անուշաբոյր, ու յետոյ բոլոր այն շնորհալի եւ սիրուն ոչնչութիւնները զորս սիրող ու ցնծացող աղջկան մը քմշոտ երեւակայութիւնը կը ծնի, ցանցնուած հոս հոն, պատերուն վրայ, գետինը, անկիւնները, կահերուն վրայ։ Սոֆի ա՛լ չէր դպչեր ատոնց, որոնք երբեմն իր գուրգուրացող խնամքին յարատեւ առարկան եղած էին. անոնց շօշափումը, տեսքն իսկ սոսկում կուտար կարծես իրեն։ Անոնց ամէն մէկը իր մէկուկէս տարուան յուզումնալից կեանքին դրուագներուն յուշարարն էր։ Ու երբեմն, իր ոչնչացումի, ինքնամոռացումի րոպէներուն՝ այնպէս կը թուէր իրեն թէ իր ապրած այդ անհաւատալի շրջանը երազ մը եղած էր լոկ, անուշ ու ֆանթաստիկ մղձաւանջ մը միայն, որուն փաստեը հոն էին, շուրջը, ամէն դին, անհերքելի, շօշափելի ու ջախջախիչ։

Ա՛լ վերջացած էին հայելիին առջեւ երկարաշունչ մանրակրկիտ արդուզարդերը, որոնք օրուան իր ամենէն հաճոյալի ժամանցներն էին, իր վարսերուն հոյակապ շէնքը, իր նրբարուեստ մատուըներուն տակ, շքեղ, յանհուցիչ յարդարումներ կը ստանար, արժեցնելով իր կուսական նշուլագեղ դէմքին աղուորութիւնը։ Հիմա, անոնք անհամբեր ու տենդալի անփութութեամբ մը կ՚ամփոփուէին գանկին վրայ, կը թափթփէին քունքերէն ու ծոծրակէն, շեշտելով իր ապաշխարուհիի արտասուաթոր երեւոյթը։ Հանդերձարանին մէջ, ուր ան երբեմն մեքենաբար կը մտնէր, կը մնար շուարած ու դալկահար, իր բազմաթիւ հարուստ պարեգօտներուն դէզին առջեւ։ Տոքթորը, դէպի ցոփութեան ու շուայտութեան վայրերը իր հետ քաշած տարած ատենը, զանիկա հագուեցնելու խնամքը ունեցեր էր բարիզեան կիսաշխարհիկի մը պերճութեամբը եւ խենթութեամբը, իր իտէալին իրականացումին բան մը պակաս չձգելու համար։ Մետաքսը, թաւիշը, սնգոյրը, ժապաւէնը, մուսլինը իրենց այն բոլոր ձեւերուն տակ, զորս կնոջական քմայքն ու տարօրինակութիւնը միայն կարող են տալ անոր, հոն այդ հանդերձարանին մէջ սեղմուած էին անուշահոտ զգլխիչ, բուրմունքներով թրծուած, իրենց գոյներուն եւ փայլին պերճ ներդաշնակութեամբը։ Անքթիթ եւ շնչասպառ, Սոֆի իր անառակութեան եւ իր անխորհրդութեան այդ աղուոր ու վշտալի ապացոյցներուն կը նայէր երբեմն, կսկիծէն տարուած, յորդ արցունք թափելով հեկեկալից, երբեմն, մատներովը ու ակռաներովը վար քաշելով, պատռտելով, բզքտելով իր ամօթին այդ զարդարուն ու հոտաւէտ վկայութիւնները։

Եւ իր մաքրագործիչ ապաշխարութեան բոլորովին անձնատուր, ա՛լ սկսաւ անդադար մերժուած սիրահարը մտածել, անով սփոփուիլ, անով տանջուիլ, անով ապրիլ։ Իր մէջ, ասիկա սպառիչ ու անողորմ մխիթարութիւն մը եղաւ սակայն։

Հակառակ իր ստրջանքին խորունկ անկեղծութեանը, գործուած սխալը, կատարուած աւերն ու անարգութիւնը դարմանելու իր բացարձակ անկարողութեան դիւրին ըմբռնումը, նոր ու զարհուրելի չարչարանք մը եղաւ իրեն համար։ Իր ջախջախուած, լլկուած եսին, իր անարգուած կամքին, իր երիտասարդական եղծուած կորովին ու ա՛լ անդարմանելի կերպով քայքայուած մարմինին մէջ զգաց, հաստատեց ամէն բան վերսկսելու իր այդ անկարողութիւնը։ Ի՜նչպէս շինել նորէն ամիրային հիւղակը, Հ… գիւղի բարձունքին վրայ։ Ի՞նչպէս փոխադրուիլ հոն նորէն։ Ամբողջ կործանուած կացութիւն մը ի՞նչպէս վերականգնել, մարդերէն սկսեալ մինչեւ իրերը։ Անփորձ աղջիկի իր մէկ դիւրին շարժումը, անխորհուրդ եւ անբարահաւաճ, ետեւէն բերեր էր, շղթայաբար, կործանումի այդ շարքը։ Ու հիմա, հսկաներու ուժը չպիտի բաւէր առաջուան վիճակին մէջ դնելու ամէն բան, շղթայաբար։ Բայց կը մտածէր Սոֆի, եթէ ամէն բան կարելի ըլլար վերաշինել, հնարը կա՞ր արդեօք մերժուած սիրահարը վերաշինելու։ Գարա աղաճի ծովեզերքին վրայ ցցուած ուրուականը, իր խռուահեր գլխովը եւ ահռելի նայուածքովը, ա՛լ անվանելե, փակչտուն, մակաբոյծ պատկերը եղաւ իր վեհերոտ երեւակայութեանը։ Այդ ուրուականէն ի՞նչպէս կարելի էր իր մանկութեան հեզ, համեստուկ, երկչոտ, սիրուն ընկերը դուրս հանել նորէն։ 

Ո՛հ, լմնցած է ամէն բան, կը հեծկլտար մանկամարդ աղջիկը, սրտաճմլիկ յուսահատութեան տագնապներու մէջ գալարուելով ունայնօրէն։

Սակայն, հակառակ իր այս յուսահատութեանը, հակառակ ամէն բան վերջնականապէս վերջացած ըլլալու իր համոզումին, եւ ճիշդ ասոր համար, իր մէջ փափաք մը, պէտք մը ծնաւ տեսնելու նորէն Համբիկը, խօսելու անոր հետ, մխիթարելու զայն՝ եթէ կարելի էր, եւ մխիթարուելու ալ անկից՝ եթէ անկարելի չէր։ Հիմա, հոգիին բոլոր խանդովը կ՚ուզէր որ դարձեալ դիպուած մը իր դէմը հանէր զայն յանկարծ։ Օ՜, գիտէր թէ ի՞նչ պիտի ընէր ինք ա՛լ այս անգամ, եթէ Սիլիհտար Աղայի բլուրին արկածին պէս արկած մը անոր թեւերուն մէջ նետէր զինքը վերստին։ Սարսափէն չպիտի նուաղէր դարձեալ. ընդհակառակը իր վրայ ծռող այդ ահարկու եւ վայրենի գլուխէն փոխանակ սարսափելու, անոր պիտի փարէր, պիտի համբուրէր զայն, ապաշաւի արցունքներովը պիտի ողողէր, «մեղա՜յ, մեղա՜յ, ներէ՛ ինծի, ներէ՛, Համբիկ», պիտի պաղատէր զոհին ականջին։ Անկարելի էր որ անիկա շարունակէր իր անզգածութեանը մէջ մնալ, պիտի խանդաղատէր, պիտի յուզուէր ու արցունքները իր արցունքներուն խառնէր. գուցէ, ո՛ անյուսալի ու երջանիկ պատահականութիւն— բարոյական յեղաշրջմամբ մը, ան նորէն դառնար առջի Համբիկը ըլլար, հեզ, անուշ, աղապատալից։ Ու կտրուած, ընդհատուած կեանք մը վերսկսէր իր բնական ընթացքը ապրիլ նորէն, կեանքը զիրար սիրող երկու էակներու, զորս մրրիկ մը բաժնած էր վայրկեան մը։

Ասանկ երազներ շա՛տ երազեց Սոֆի։ Անկարելի, մտացածին դիպուածներ երեւակայեց, հոգեցունց եզերերգութիւններ որոճաց, ֆանթաստիկ պատկերներ կրկնեց, որոնց ամենուն մէջ ալ երկու զոհերը իրենց հոգիին տանջանքներովը կը գալարուէին, ոչնչացած երջանկութեան ետեւէն վազելով հեւ ի հեւ, առանց երբեք անոր հասնելու։

Իր հոգեկան այս ալեկոծումներուն մէջ հանդարտութեան ցանցառ րոպէներ ալ կ՚ունենար։ Թօթափած ամէն խղճահարութիւն, ամէն ստրջանք, միտքը պատող յուսահատութեան մշուշը վանելով, յանկարծ այնպէս կ՚ուզէր հաւատալ թէ վիճակը, որուն այդքան խելայեղօրէն անձնատուր եղեր էր, մտացածին բան մըն էր լոկ, արդիւնքը իր ֆիզիքական տագնապներուն ու հրահրուած երեւակայութեանը։ Չէ՛, ինքը լքուած, լլկուած աղջիկ մը չէր։ Տոքթորը անգիտակցութեան սովորական մէկ րոպէին այդ սխալը գործեր էր։ Ան ապահովապէս զղջացած էր հիմակ, ու կը պատրաստուէր իր սխալը դարմանելու։

Ու նորէն, մեժուած սիրահարը մոռացութեան ու լքումի մշուշներուն մէջ անյայտ կ՚ըլլար, ամիրային թոռան յաղթական երեւումին առջեւ ոչնչանալով։ Սոֆի, ոգեւորուած, առաջացած, ոտքի կ՚ելլար, կը շրջէր իր սենեակին մէջ, գգուական ակնարկներով դէպի առարկաները, զորս ջախջախելու տենդովը կ՚այրէր քիչ մը առաջ։

Չէ՛, չէ՛, կը մրմնջէր, տոքթորը չի խաբեր զիս, օ՜, անկարելի՛ է, անկարելի՛։

Ու սովորականին պէս, հայելիին առջեւ անցնելով, ձեռք կ՚առնէր իր վարսերուն գիսակները, կը յարդարէր զանոնք երկարօրէն, պատրաստելով այն հրաշալի գլուխներէն մէկը, որոնք իր դէմքին ամբողջ չքնաղութիւնը կ՚արժեցնէր, իր էն գեղեցիկ պարեգօտներէն մէկուն մէջ կը կաղապարէր իր միհար մարմինը. կարծես այն երջանիկ օրերէն մէկը ըլլար ուր ամիրային թոռը հասարակութեան հիացումին կ՚ենթարկէր զինքը այնքան սիգացող պերերեւութով մը։

Յետոյ հանըմին կը ներկայանար ճիշդ ինչպէս երբ տակաւին շնորհազրկութեան հարուածին չէր ենթարկուած։ Գուրգուրալի խնամքով մը կը շրջապատէր ամիրային աղջիկը, մինչեւ իսկ յոյժ բնականօրէն տոքթորին խօսքը կը բանար։

Հանըմ, տոքթորէն ի՞նչ լուր, նամակ կ՚առնէ՞ք կոր… առո՞ղջ է։ Փարիզի մասին ի՞նչ կը գրէ…

Ու հանըմը, իր ցնդածութեան խորունկէն մոռցած ամէն բան, իր զաւկին մտածումովը միայն յափշտակուած, անոր մասին շաղակրատելու այդ բարեդէպ առիթը չուզելով փախցնել, անկէց ստացած նամակներուն մէկին վրայ հազար ալ ինքը դնելով, Սոֆիին ուրախութեան բացագանչութիւններէն ընդհատուելով ատեն ատեն։

Պռա՛ւօ, տոքթոր… ա՛հ, ի՞նչ կ՚ըսէք, հանըմ… ո՛րչափ ուրախ եմ…

Ու յետոյ, անձկալից.

Ե՞րբ պիտի գայ, հանըմ,

Աղջիկս, անիկա հիմա մեծ բրոֆէսօրներու հետ ժամանակ կ՚անցունէ կոր։ Իր գիւտին շատ հաւներ են. ուրիշ գիւտեր  ալ պիտի ընէ… հիչ շուտով կը ձգե՞ն… Ա՛խ ո՜վ գիտէ երբ պիտի գայ, կ՚աւելցնէր տիկին Մարկոսեան աղեխարշ հառաչանքով մը։

Եւ իբր թէ բան մը չեղածի պէս, Սոֆի կը յանդգնէր խնդրելու տիկինէն որ իր յարգանքները հաղորդէր տոքթորին՝ յառաջիկայ նամակով։

Իր այս անգիտակից ու կսկծալի ինքնախաբութեան մէջ կը տատանէր մէկ քանի օր, յետոյ նորէն մատնուելու համար ծանրաթախիծ յուսահատութեան, աւելի բուռն եւ աւելի լալահառաչ։

Եղաւ օր մը, ուր այլեւս անբաւական երեւցաւ իրեն խօսիլ Համբիկի ստուերին հետ, ներում պաղատիլ անկէ՝ իր ըրած չարիքին համար։ Տիրական ու անյաղթելի պէտք մը ծագեցաւ իր մէջ այդ կորսուած տղուն ետեւէն վազելու, իր ցաւը, դժբախտութիւնը անոր երեսին տալու , խոստովանելով իր ոճիրին ծանրութիւնը եւ դարման մը խնդրելու իր վիճակին։ Ու վերջ ի վերջոյ, իր մօրը կուրծքին վրայ ինկած, ամէն բան յայտնեց անոր։ Նամակին պատմութիւնը ըրաւ։ Կիւլիւկ հանըմ մտիկ ըրաւ, ափիբերան, աչքերը խոշոր խոշոր բացած։ Անսահման կսկիծ մը անոր դէմքին թոյլ մաշկերուն վրայ կը ծրագրուէր՝ այս հեկեկալից խոստովանութեան առջեւ։ Իր աղջիկէն ետքը, Համբիկը սիրած էր ան, այդ խելօք անուշ տղան, որուն նման մանչու մը կարբտովը տապկուած էր լուացարարուհին շարունակ։ Ու երբոր Սոֆի իր կսկիծոտ յայտնութիւնը վերջացուց, մայրը չկրցաւ սա բառը չնետել անոր, յանդիմանութեան մը պէս.

Աղջիկս, ըսել է քի ատ տղուն ատանկ ըլլալուն սէպէպը դո՛ւն եղար…

Ե՛ս եղայ, ե՛ս, հառաչեց Սոֆի։

Վախ Եավրում, ողբաց Կիւլիւկ հանըմ, արցունքները սրբելով։

Յետոյ տրտմալի լռութիւն մը տիրեց մայր ու աղջկան միջեւ։ Լուացարարուհին իսկոյն կը մտածէր այն խաղաղ ու երջանիկ կացութեան վրայ, զոր պիտի ունենային, եթէ իր աղջիկը այդ պատուական տղուն սէրը մերժած չըլլար, կեանքը անոր կապած ըլլար, փոխանակ գալու ամիրայական այդ դժոխքին մէջ իյնալու, ուր ավէն բան վրայ տուած էին, պատիւ ու երջանկութիւն։

—Ա՛խ, եավրում, ինծի ինչո՞ւ չըսիր ան ատենը, կ՚աւաղէր խեղճ մայրը, հէմ մեղք էղաւ, հէմ ինծի, հէմ ան զավալլը տղուն։

—Ի՞նչ գիտնայի, մայրիկ, սխալեցայ. ան սրիկան խաբեց ինծի։

Ու ալ խոստովանելու տկարութենէն տարուած, Սոֆի, ամիրային տան մէջ իր ապրած կեանքին գաղտնիքն ալ պատմեց մօրը։ Թէ ի՛նչպէս տոքթորը քիչ քիչ իր սիրտը շահած էր, փայլուն խոստումներով, ապագայի շլացուցիչ յուսադրութիւններով։ Թէ ինչպէս ինք սկսած էր սիրել զանիկա, վայրկեան մը չկասկածելով անոր չար դիտաւորութեանցը վրայ։ Թէ ինչպէս, մոռնալով ինքզինքը, եղեր էր անորը, ու ան վայրենօրէն լլկեր էր զինքը։ Այս ամէնը ըսաւ՝ յուզումէն, ամօթէն, վրիժառութեան տենդէն պղտորած ձայնով, առանց մօրը երեսը նայելու, ինքնիրենը խօսելու պէս։ Ու մայրը մտիկ ըրաւ այս անկարելի պատմութիւնն ալ, իր ռամկական համառօտ բառարանին մէջէն չկարենալով յարմար բառեր գտնել իր զգացումը յայտնելու, այդ կացութիւնը որակելու համար։ Մինակ, իր թաց, ողորմուկ նայուածքին մէջ կատաղութեան կայծեր կածկլտացին, լայն կուրծքը աւելի դժնդակ ժխորով մը ելաւ իջաւ, ու երբեմն ձեռքերով սրբեց շուրթներուն անկիւնը, ուր ինքնաբերաբար թանձր ու փրփրոտ լորձունք մը կը գոյանար։

Սիւրդիւ՜ք շունը, մռլտաց ան, երբ Սոֆի իր խոստովանութիւնը վերջացուց, յանկարծ հեկեկալից լացի մը մէջ պայթելով։

Ա՛լ անկէց ետքը ամէն օր մայր աղջիկը իրարու քով էին, մէկը իր հառաչալից մխիթարութիւնները ջամբելով, միւսը իր խոստովանութիւններուն մէջ պակաս մնացած, մոռցուած մանրամասնութիւնները լրացնելով, հեծեծագին լացերու ընկերակցութեամբ։

Մայրիկ, Համբիկը գտնանք, տեսնա՛նք, անպատճառ… կը պահանջէր հիմա Սոֆի։

Լուացարարուհին անոր այն ուշ մնացած փափաքին՝ գլուխը կ՚օրօրէր սկեպտիկ տխրութեամբ մը։

Ան զավալլըէն խեր չի կայ ա՜լ, զաւակս, կ՚ըսէր, անոր տարին տավան լմնցեր է։

Կ՚աղաչեմ, մայրիկ, մէյ մը տեսնանք, ի՞նչ կ՚ըլլայ…

Քա զաւակս, կը պնդէր մայրը, խելքին եկեր է, խենթին հետ, ի՞նչը պիտի տեսնուիս… էլլայ ճիադ պլլուի, վախնաս, հալխը իմանայ… ե՞տքը։

Բայց Սոֆի չէր յուսահատեր մօրը այս ընդդիմութենէն, կ՚աղաչէր, կը պաղատէր, կուլար, նոյնիսկ յայտնելով որ եթէ տեսնէր զայն՝ ապահովապէս պիտի աղէկնար։ Կիւլիւկ հանըմ վերջապէս ստիպուեցաւ տեղի տալ աղջկնը այս անհեթեթ քմահաճոյքին։

Մայր ու աղջիկ դէպի ծովեզերք ուղղուեցան յամրաքայլ եւ սկսան Համբիկի մասին ձկնորսներուն հարցումներ ընել. ձկնորս մը.

Խե՞նթը, հարցուց սուրճին գաւաթը ձառքը մօտենալով։

Հա՛, ճանըմ, Թումիկին տղան։

Հի՛ւ, ան ո՛վ կիտէ վուր է հիմա, ըսաւ նորեկը, ձեռքը դէպի հեռաւորութիւնները կարկառելով, ան տեղ մը չկենար քի, կլօխը կ՚առնէ կ՚երթայ…

Աֆ կ՚ընէք ամա, աւելցուց ծեր ձկնորսը, ատ խենթը ի՞նչ պիտի ընէք, քուրուկ, անիկա մարդու հետ չիֆթ մը խօրաթա չըներ. ան աս աշխարքէն էլած պան մըն է… անոր ի՛նչ ըսէք քի. ան խօսք չի հասկնար։

Տեսա՞ր, ըսաւ մայրը Սոֆիին դառնալով։

Սոֆիի տժգոյն այտերուն վրայ կարմրութիւն մը երեւցաւ։ Մայրը, մէկ բառով, կը մատնէր զինքը այդ մադրոց։ Երկու ձկնորսները դարձան հիմա աղջկան նայելու զարմացմամբ։

Մայրը շուտով հասկցաւ իր ըրած կաֆը։

Անիկա մեր ծառքը մեծցած է, ախպարս. ըսաւ ձկնորսին. զաւկիս պէս կը սիրէի, քանի քի հոս եկեր ենք նէ մէյ մը տեսնանք, ըսի…

Էյ սանքի կէշ ալ չըլլար, պատասխանեց մարդը. զավալլը տղուն վրան կլօխը Ասված հեռու ընէ. կը թափի կը թափթփի կոր… մայր մը ունէր քիչ շատ կը նայէր, ան ալ քանի մը ամիս առաջ մեռաւ, հի՛չ նայող ընող չունի…

Հռոփը մեռա՞ւ, հարցուցին մայր ու աղջիկ մէկ ձայն, այլայլած։

Մեռա՛ւ եա, հաստատեց Ղազար անդիէն։

Սոֆի՝ աչուըները թարթափեց արցունքի կաթիլ մը զոպելու համար։

Վա՛խ, խեղճ Հոռոփ, ողբաց Կիւլիւկ հանըմ, աչքերը սրբելով։

Ըսել է որ, հարցուց Սոֆի, ա՛լ չպարտկելով իր յուզումը, Համբիկ ա՛լ մարդ չունի, երեսի վրայ մնացած է։

Հապա՛, ախճիկս, գիշերները աս խահվէն, բէքէին վրայ կը պառկի։ էյէր մենք ալ չնայինք նէ երեսի վրայ պիտի մնայ անօթի մեռնի։

Սոֆի խումբէն բաժնուելով քանի մը քայլ առաւ դէպի ծովեզրը։ Յուզումէն կը խեղդուէր։ Հեկեկանքներ կուգային կը խռնուէին կոկորդին մէջ։ Կուրծքը կը տանջուէր։

Նստեցէք, քուրուկ, ըսաւ ծեր ձկնորսը, երկու ցած աթոռակներ առջեւ քշելով… հիմակ ալ չէ նէ՝ իրիկուան անպատճառ կուգայ, ո՞վ կիտէ ո՛ւր կացած է պտտելու, պաշխա տեղ չերթար. կ՚ուզէք նէ պէքլէյէցէք։

Այո, այո, կը սպասենք, ըսաւ Սոֆի, ետ դառնալով իսկոյն եւ աթոռակին մէկուն վրայ նստելով։

Ձկնորսները վերսկսան իրենց ընդհատուած գործը. եւ լռութիւնը տիրեց.

Վա՛խ Հոռոփ, կը մրմնջէր լուացարարուհին, երբոմն անմխիթար իր վաղեմի բարեկամուհիին մահուան լուրէն։

Ինչէ՞ն մեռեր է, հարցուց ծերունիին։

Խեղճութենէ՛… ըսաւ մարդը կտրուկ։

Եւ աւլեցուց.

Մէյ մըն ալ աս տղուն կսկիծէն։

Խուլ հեծկլտանք մը լսուեցաւ մէկէնիմէկ. ձկնորսները նայեցան ու տեսան Սոֆին որ՝ մեռելի պէս տժգոյն՝ ձախ ձեռքովը յենարան մը կը փնտռէր կռթնելու։ Կիւլիւկ հանըմ մինչեւ որ շարժեցաւ, ձկնորսները աղջկան քովը հասան։ Բայց շուտով սթափեցաւ Սոֆի։

Բան մը չունիմ, ըսաւ ոտքի ելլելով, ինքզինքին դէմ արիանալու համար։

Օրը Շաբաթ ըլլալուն՝ հրէայ կիներ ու աղջիկներ գետեզրը կը շրջէին կամ կը նստէին խնդալով պոռչալով. նաւակներ դիմացի կղզեակէն անընդհատ կը բերէին ծով մանողները, որնք տեղւոյն աղմկալից զուարթութիւնը կը շեշտէին։ Գետակին զանազան կէտերուն վրայ, տղմաբարձ՝ տափանաւեր ջուրին հետ հարթ հաւասար կեցած անշարժ, ճնշուած՝ տիղմին ծանրութեան տակ, զոր գործաւորները իրենց երկարաձիգ բրիչներովը վեր կը հանէին, պեղելով, անդունդին վրայ ծռած լուռ ու մունջ։ Յետոյ ձուաձեւ նաւակներ կը սահէին անդորր ջուրը կարծես հազիւ հպանցելով իրենց նրբասլացիկ իրանովը։ Տաք է։ Քրտինքները կը վազեն մսեղ այտերէն Կիւլիւկ հանըմին որ սիկառ մը կը ծխէ նորէն, իրերուն ու կացութիւններուն մշշային մէկ ըմբռնումովը։ Սոֆի կը պտտւ, սպասողի մը անհամբերութեամբը, շուրջի առարկներէն վեր ելած հեռաւոր մտածումներու անձնատուր։

Ժամեր կ՚անցնին։ Ուռկանները կը կարկտուին ծերուկ ձկնորսին անխոնջ ու կոշկռոտ մատուըներուն տակ, բայց Համբիկ չ՚երեւնար։

Քուզում ախպարս, աճապա չի՞ գար, կ՚ըսես։

Կուգայ, մայրիկս, հիմա վուր է նէ կուգայ։

Արեւը կը սկսի խոնարհիլ դէպի Պահարիէի բլուրը։ Գետափը կ՚ամայանայ քիչ քիչ, աղմուկները կը լռեն։

Նա՛, իշտէ՛ Համբիկը, ըսաւ յանկարծ Ղազար՝ խարխուլ նաւամատոյցը ցոյց տալով։ Մայր ու աղջիկ հոն նայեցան։

Ձկնորսի նաւակէ մը արդարեւ դուրս կ՚ելլէր տարաբախտ տղան։ Նոյն վիճակին մէջն էր. աւելի գէշ։ Գլուխը բաց, մազերը խառնիխուռն, պատառատուն բաճկոնի մը տակէն ամբողջ կուրծքը ցուցունելով սեւցած ու աղտոտ։ Տաբատը նեղ, ճըմըռթկուած ու թելատ՝ հազիւ կը ծածկէր անոր մերկութիւնը։

Կիւլիւկ հանըմ, հակառակ ընծայած ուշադրութեանը, չէր յաջողեր տեսնալ Համբիկը ոյց տրուած ուղղութեանը մէջ։

Ո՞րն է , վո՚ւր է, կը հարցնէր՝ չկրնալով հաւատալ որ այդ այլանդակ կերպարանքը կրնար իր ճանչցած Համբիկը ըլլալ։

Իշտէ՛, հանըմ, կրկնեց ձկնորսը, ցուցնելով տղան, որ կը մօտենար։

Ա՛ն է, ա՛ն, հեծեց Սոֆի, թաշկինակովը բերանը ծածկելով։

Համբիկ, առանց նայելու թէ որո՛նք կային հոն, սրճարանէն ներս մտաւ, գործասեղանին վրայէն գաւաթ մը ջուր խմեց, ու գնաց երկնցաւ «բէքէ»ին վրայ, որ իր անկողինն էր։

Քա ճանըմ, եաղլըշ չըլլա՞յ, կ՚ըսէր լուացարարուհին, աղջկանը դառնալով։

Ա՛ն է, մայրիկ, ա՛ն է, աչուըներուն չնայի՞ս, կ՚ըսէր Սոֆի սաստիկ յուզուած։

Ծօ, Համբի՛կ, պոռաց դուրսէն Ղազար՝ առանց ուռկանը ձգելու, էկո՛ւր ծօ, քեզի ուզող կայ։

Տղան վեր առաւ գլուխը, դուրս նայեցաւ անորոշ նայուածքով մը, ու կարծես չիմացած այդ կոչը, նորէն գլուխը վար դրաւ։

Ծօ դուրս չիգա՞ս, պոռաց նորէն Ղազար, քեզի մարդ մը կ՚ուզէ կոր ըսինք։

Այս անգամ Համբիկ ելաւ. մինչեւ դուռը երկնցաւ ու դուրս նայեցաւ։ Կիւլիւկ հանըմ եւ Սոֆի դէմն էին, երկու քայլ անդին։

Ձկնորսներն ալ գլուխնին վեր առին նայելու, վասնզի անոնք ալ, այդ մայրն ու աղջկան, մանաւանդ աղջկան տագնապէն կը կռահէին թէ բան մը կար։ Երկու տարի է որ Համբիկ իրենց քովը կ՚ապրէր, ու ոչ ոք հետաքրքրուած էր անով։ Ու տեսան որ խենթին տարտամ ու խոժոռ նայուածքը մէկէնիմէկ փայլատակեց, բուռն այլայլումի մը նշանները երեւցան անոր արեւակէզ ու անզգած դէմքին վրայ։

Ղազար, կը մրմռար ծերունին իր ընկերոջը, աս տեղը պան մը կայ ամա մենք չենք հասկնար կոր, ծօ նայէ, Համբիկին էրէսը նայէ ի՛նչ կ՚ըլլայ կոր։

Թոհա՜ֆ պան, ծօ կիտես քի լուս տեսաւ, Ասվածամարը տեսաւ…

Էյ սանքի Ասվածամարէն ալ վար չի մնար սա աղջիկը, դիտել տուաւ սմսեղուկ ծերունին կամաց մը։

Սակայն, Սոֆի, օտար նայուածքներու առջեւ, չուզեց երկարել այդ վիճակը։ Զղայնօրէն աշխուժ շարժումով մը տղուն մօտենալով բռնեց անոր թեւէն եւ քաշեց։

Եկուր, Համբիկ, ըսաւ արի ու անխռով, ժամանակ չձգելով որ տղան հակառակելու շարժում մը ընէ։ Մայրի՛կ, քալէ երթանք, աւելցուց, մօրը դառնալով։

Ու երեքը մէկէն, ինք Համբիկին թեւէն բռնած մայրը ափիբերան, հնազանդ իրեն հետեւելով, սկսան քալել դէպի լերան կողմը։

Ու ձկնորսները դեռ անոնց կը նայէին՝ բառ մը չհասկնալով եղածէն, զարմացկոտ աչուըներնին բանալով։

Ծօ վո՞ւր կը տանին կոր մոր խենթը, կը հարցնէր Ղազար։

Շիմէնտիֆէ՞ր զարկած է աճապ, կ՚ըսէր ծերունին։

Երբոր բոլորովին հեռացան մարդոց աչուըներէն, ու ամայութեամբ շրջապատուեցան, Սոֆի, միշտ բռնած տղուն թեւէն, անոր առաջ անցաւ նեղ ու օձապտոյտ կածանի մը վրայ որ լերան կողնիվար կը գալարուէր։ Լուացարարուհին դիտմամբ ետեւ մնաց. կամաց կամաց քալելով, բայց աչքէ չկորսնցնելով այդ զոյգը։ Պահ մը, տեսնելով որ անոնք նստան գառիվայրին մէկ տափարակ կանանչութեանը վրայ, կանգ առաւ, չուզելով անոնց մօտենալ, ու ինքն ալ նստաւ, անոնց շարժումները դիտելով, զգալով որ ինքը ներկայ գտնուելու չէր այդ մտերմական տխուր տեսակցութեանը։ Իր միտքը տկար եւ անհորիզոն, անկարող էր սակայն ընբռնելու անոնց փոխադարձ վերբերումին ամբողջ դառն եղերականութիւնը։ Կսկիծը ցամքեցուցած էր իր հոգիին սլացքները։ Բան մը սակայն յստակօրէն կ՚ըմբռնէր վասնզի ասիկա իրեն յստակօրէն բացատրած էր իր աղջիկը թէ  այդ տղուն խեղճութեան եւ անկումին պատճառը իր աղջիկն էր, որ ատով ալ իր խեղճութեան պատճառ եղեր էր։ Ու տանջուող հետաքրքրութեամբ մը հիմա կը հետեւէր, հեռուանց, այդ տեսակցութեան։ Սոֆի, ծնրադրած Համբիկի դէմը, շարունակ կը խօսէր, բռնած անոր աջ ձեռքը, իր հմայքովը շրջապատելով զայն։ Մերթ, տղան յուզման բուռն նշաններով, ու մէկէն ի մէկ կշտամբական, քանի մը բառ կը նետէր, աղջկան մագնիսող նայուածքին տակ իսկոյն ջախջախուելու, հանդարտելու համար նորէն։ Յետոյ յանկարծ Կիւլիւկ հանըմ տեսաւ որ տղան լալ սկսաւ, մինչ Սոֆի, ինքն ալ յուզուած, ձեռքերովը երեսը կը ծածկէր։ Երկուքն ալ կը հեկեկային իրենց ցաւովը յափշտակուած, զիրար մխիթարելու անկարող։ Լուացարարուհին, առանց գիտնալու թէ ինչո՛ւ, ինքն  ալ կուլար։ Ու իր արցունքներուն մէջէն տեսաւ որ Սոֆի դարձեալ կը խօսէր տղուն, որ ա՛լ հանդարտօրէն, դէմքին վրայ տեսակ մը երանական ճառագայթումով մտիկ կ՚ընէր անոր, կախարդուած։

Կածանին վրայ վերջալոյսի ստուերները կը թանձրանային քիչ քիչ ու ձորակը մութով կը լեցուէր, երբոր Սոֆի եւ Համբիկ ոտքի ելան։ Կիւլիւկ հանըմ տեսաւ որ, իջնող խաւարին մէջ անոնց իրանները իրարու թարեցան, ու յետոյ թափառաշրջիկին քստմնելի ստուերը բաժնուեցաւ ու գահավիժօրէն անյայտ եղաւ լեռնէն վար, ձորակին ստուերներուն մէջ։ Աղջկան վտիտ ու սլացիկ հասակը կը մնար հոն անշարժ, կարծես արձանացած։ Մայրը, անձկագին, ձայնեց։

Սոֆի՛, Սոֆի՛։

Աղջիկը սթափեցաւ որ մօրը քով վազեց։

Ու երկուքը միասին վեր ելան խորտուբորտ կածանէն, գիւղ մտան ուր լոյսերը վառուած էին արդէն։ Մայրը չէր համարձակեր բան մը հարցնել իր աղջկանը՝ խորհրդաւոր տեսակցութեան մասին, անոր տրտմաթախիծ ու խոկուն երեւոյթէն արգիլուած։

Հանըմը պիտի բարկանայ ուշանալնուս, Սոֆի, դիտել տուաւ մայրը։

Հանըմը՜, մրմռաց աղջիկը իր երազին մէջէն, հանըմը՜…

Ու չպատասխանեց։