Ամիրային աղջիկը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Բ.
ՄԱՆԿԱՎԱՐԺԱԿԱՆ ՆՈՐ ՍԻՍՏԵՄ ՄԸ

Երկու ամիս առաջ, իրիկուան մը դէմ, Հ… գիւղի փողոցներէն ուշագրաւ եւ տարօրինակ մարդ մը կ՚անցնէր, երկայնահասակ, հագած լայնածաւալ բելըրին մը, թաղիքէ լայնեզր գլխարկին տակէն մազերը վար կախուած յորդառատ։ Փողոցը խաղացող լաճերը այս երեւոյթին ի տես՝ պահ մը դադրեցուցին իրենց խաղերը եւ տեսակ մը պակուցմամք իրարու ցոյց տուին զայն. «շաբխալը մա՛րդը, շաբխալը մարդը»։ Իսկապէս քառորդ դար առաջ, Պոլսոյ հեռաւոր թաղերուն մէջ, գլխարկաւոր մարդ մը հազուագիւտ երեւոյթ էր։ Պատուհաններէն՝ կիներ ու աղջիկներ ապշութեամբ դիտեցին այդ անակնկալ անցքը. «Քա՛ նայեցէք, ֆռէնկ կ՚անցնի կոր…»։

Մարդը իր առաջ բերած այդ իրարանցումին անգիտակ կ՚երեւար, թանձր եւ կարմիր շրթներէն բուր մը կախած, ատեն ատեն թեթեւ մուխ մը դուրս կուտար։ Նայուածքը խուզարկու եւ անձկոտ բան  մը ունէր. թէ՛ կ՚անցնէր եւ թէ շէնքերը կը դիտէր ուշադրութեամբ, փողոցի անկիւններուն վրայ կենալով տատամսոտ, յառաջանալու վարանելով։

Վերջապէս անցորդի մը մօտեցաւ։

Խնդրեմ, պարոն, կարո՞ղ էք ինձ ասել թէ ո՞ր տեղ է հայկական եկեղեցին։

Անցորդը վերէն վար չափեց օտարականը, գլխարկաւոր ու երկարամազ հայ մը տեսնելուն զարմանալով։

Դուք հա՞յ էք, բարեկամ։

Հայ եմ, պատասխանեց մարդը ժպտելով՝ սիկառը առանց հեռացնելու շրթներէն, ինչո՞ւ էք զարմանում, միթէ չե՞մ նմանում հայի… խնդրեմ, ցոյց տուէք ինձ եկեղեցին։

Անցորդը, իր զարմանքը շարունակելով հանդերձ, ստիպուեցաւ առաջնորդել օտարականը, միտքէն ըսելով, «Ի՞նչ թօհաֆ հայ»։

Շատ չանցած՝ եկեղեցի հասան. օտարականը քահանայ մը տեսնել ուզեց։ Ժամկոչ մը տէրտէրներուն խուցը առաջնորդեց զինքը, ժամարար քահանային ներկայացնելու համար, որ եօթանասնամեայ կէս զառամած ծերուկ մըն էր եւ որուն շուրթերը գրեթէ միշտ կ՚երերային, աղօթք մը մրթմրթալու համար։ Նորեկը յափշտակութեամբ համբուրեց քահանային դողդոջ ձեռքը եւ հրաման ուզեց նստելու։

Առանց վերարկուին եւ գլխարկին, զորս դուրսը թողած էր, օտարականը ոչ նուազ տարօրինակ էր իր կերպարանքով։ Բաճկոն մը հագած էր, պարզ եւ հինկեկ, վիզէն մինչեւ վար կոճկուած, առանց փողկապի եւ առանց ճերմակ օձիքի։ Մէջքը պրկող կաշիէ գօտիէն արծաթ շղթայ մը կախուած էր, որուն ծայրը կ՚անհետանար բաճկոնին մէկ գրպանին մէջ։ Նեղմաշած տաբատ մը անոր նիհար սրունքները կը կաղապարէր, լայն արատներով ծածկուած, միակտուր կաշիէ կոշտ ու խոշոր կօշիկներ ունէր, որոնք յայանապէս շատ տառապած էին եւ հեռու չէր այն ժամանակը, ուր անոնք պիտի հրաժարէին պատսպարելէ այդ ոտքերը։ Կլոր, թուխ դէմքը, թաւ մօրուքով մը շրջանակուած, կոշտ գիծեր ունէր, գռեհիկ, անգութ արտայայտութեամբ։ Լայնաբաց սեւ աչքերը խիստ ու սեւեռուն էին, մութ շողիւններով, արհամարհոտ եւ խուզարկու։ Յափշտակիչ եւ աւազակային բան մը կար այր դէմքին վրայ՝ սեւ, առատ, գեղեվիկ վարսերուն տակ, որոնք քմահաճօրէն կը խռուանային անոր գանկէն մինչեւ ծոծրակն ու քունքերը, ըմբոստ խոպոպներով։ Առատ պեխ  մը, խնամքով յարդարուած, պլորուած ու մարտական, կ՚աւարտէր, կը լրացնէր թափառիկ արկածախնդիր ասպետի այդ տիպարը, որուն մեր օրերուն մէջ՝ խաչագող անունը կուտան։

Ո՞ւր տեղէն կուգանք, ո՞վ էք, օրհնած, հարցուց քահանան, իր աղօթքներուն եւ կրօնական խոկմունքներուն մէջ այդպէս ընդհատուելէն նեղացած։

Տէր հայր, Կովկասից գալիս եմ, պատասխանեց օտարականը, տեղաւորուելով աթոռի մը վրայ մտերմական համարձակութեամբ մը եւ սիկառէն մուխի բարակ գուլայ մը արձակելով. անուանւում եմ Աբգար Կոստանեան… Շվէյցարիայում պէդաքոկիա ուսանելուց յետ վերադարձայ հայրենիք, հայ մանուկին դաստիարակութեան գործովը զբաղւելու… Կովկասում ունենք կիմնազիաներ, ծխական վարժարաններ. ես կարող էի մեծ դիրք ձեռք բերել, առատ փող էին առաջարկել ինձ, որպէս զի յանձն առնեմ մի կարեւոր պաշտօն հէնց այդ կիմնազիաների մէկուն, բայց ես մերժել եմ, ես ուզում եմ ոչ թէ փող այլ անձնուէր ծառայութեամբ օգտակար լինել մեր մանկտիներին, հոն ուր նոքա դժւար պայմանների բերմամբ չեն կարող օգտւել պեդաքոկիայի փրկարար սիստեմից։ Ես պաշտում եմ գաղափարը, տէրհայր ինձ փող հարկաւոր չէ, ինձ հարկաւոր է գործը, գործը՝ հեռաւո՜ր, լքուա՜ծ անկիւններում, ուր հայ մանկտին թողւել է իր ճակատագրին… ափսո՛ս, ափսոս…

Կովկասցին մէկէն ի մէկ բռնկած էր, բերնին անկիւնը ճերմակ լորձունք մըն էր գոյացած. աչքերը տարտամ ու շողարձակ եղած էին, այդ մութ ցացլիկ խուցին պատերէն անցնելով եւ թափառելով «հեռաւո՜ր, լքուած անկիւններում»։ Իր շեշտերուն ընկերացող գլխի շարժումները ոտքի հանած էին վարսերը, որոնք հիմա մինչեւ աչուըները կ՚իջնային։ Խեղճ քահանան իրեն անհասկնալի բարբառով մը լպռտուած, գահավիժուած այդ օառերով կարկուտին տակ ափիբերան եւ ապշահար՝ կովկասցիին կը նայէր, ինչպէս պիտի նայէր խելագարի մը։

Ձեր զարմանքը հասկանում եմ, տէր հայր, շարունակեց մարդը դառն ժպիտով մը, էս տոնով ձեզ ոչ ոք չի խօսել, էս գաղափարները տարօրինակ են թւում ձեզ, այո՛, բայց քիչ ժամանակում պէտք է ամէն ինչ հասկնանք… Պիտի հասկնալ, տէր հայր, թէ առանց պեդաքոկիայի հայ մանուկը մեռնում է, հայ տղամարդը փճանում է, հայութիւնը ջնջւում է, այո՛ ջնջւո՜ւմ է հայութիւնը, տէ՛ր հայր… ափսո՜ս…

Կովկասցին այս վերջին բառերը դառնաշունչ շեշտով մը արտասանած էր, բեմբասացի մը պէս մատը օդին մէջ երկնցուցած, մազերը աւելի ցիրուցան, աչքերը շանթարձակ, սիկառը բերնին անկիւնէն կախուած միշտ։ Քահանան, վտանգ մը նախազգալով, ինք իր վրայ ամփոփուեցաւ, ճերմակ մօրուքը ձեռք առաւ, ի՛նչ ընելիքը չգիտնալով։

Տէր հա՛յր, զգում եմ որ վրդովւել է ձեր հանգիստը, բայց դուք իբր կրօնի պաշտօնեայ, իբր ժողովրդի առաջնորդ, պարտաւոր էք լինելու ուշ դնել իմ ասածներին… Կովկասում իմացել եմ թէ Թրքահայաստանում եւ Պոլսում ոչինչ չէ եղել դաստիարակութեան սուրբ գործին պրոպականդին համար, հէնց էն րոպէին որոշել եմ թողնել ամէն ինչ, փայլուն ասպարէզ, առատ փող, ապահով ապագայ, ճամբայ եմ ընկել դէպ էս կողները, կատարելու այն ինչ որ չեն արել, չեն կարողացել անել հայ կրթութեան մշակները… Ափսո՜ս, ափսո՜ս, մինչ աշխարհ լուսաւորւում է, տէր հայր, մենք հայերս խաւարումն ենք ման գալիս… ոչ ոք չի հետաքրքրուել մեզմով, ոչ ոքի հոգսը չէ եթէ մի օր տգիտութեան անդունդը գլորւենք… Մենք մեր ձեռով պիտի վերականգնել, լուսաւորել, առաջդիմել, եւ ասի ի՞նչպէս կարելի է, եթէ ոչ մեր դաստիարակութեան հնացած սիստեմը դէ՛ն գցելով եւ ընդունելով պեդաքոկիայի փրկարար սիստէմը, որը հիմնած, որը տարածած, որը աղաղակած է Պեստալոցցին. ճանաչո՞ւմ էք, տէր հայր։

Չէ՛, օրհնած, չեմ ճանչնար, ո՞վ է, ստանպոլցի՞ է. հարցուց ծերուկը։

Ի՜նչ էք ասում, տէր հայ աղաղակեց կովկասցին խենթի պէս երկու բազուկները օդին մէջ շարժելով, ի՞նչ էք ասում. Պեսթալոցցին չճանաչե՜լ, սա մի՛ մեծ, ահագին թերութիւն է, սա այսպէս ասած մի անըմբռնելի, անհնարին ոճիր է… ։ Ստամպոլցի՜, օ՛հ, օ՛հ, օ՛հ, միթէ էս հողը, էս օդը, կարող են Պեստալոցցիներ արտադրել… Ափսո՛ս, ափսո՛ս, տէր հայր, որքան վիշտ էք պատճառել ինձ ձեր տգիտութեամբը, ձեր անհասկացողութեամբը, եւ այժմ իրաւամբ մտածում եմ, եթէ ժողովրդեան քարոզիչները էսքան անծանօթ են լուսաւորութեան ֆակտորներին, ապա ուրեմն ի՛նչ են լինելու պարզ անհատները, ո՛հ, ո՛հ, ո՛հ… եւ մարդը երկու բռունցքովը մազերը յափշտակեց՝ զգացած վիշտէն խելայեղ եւ լուռ։

Այս դադարէն օգտուելով՝ ծերուկ տէրտէրը այդ անտանելի կացութենէն փրկուելու համար դիւցազնական որոշում մը տուաւ։

Օրհնած, ըսաւ խիստ ու կտրուկ շեշտով մը, ես ծերացած լմնցած մարդ եմ, աղօթքէ ու պատարագէ դուրս խելքս բանի մը չի հասնիր, այդ բաներուն համար երիտասարդներու դիմեցէք… ինծի ըսէք թէ այս վայրկեանին ինէ ի՞նչ կ՚ուզէք։

Մարդը, կարծես իր ցնորքէն սթափած, մատներովը վարսերը դէպի ետեւ սանտրեց եւ յանկարծ փոխելով իր կշտամբական շեշտը, ողոքիչ, գրեթէ պաղատական եղաւ։

Մի պնակ կերակուր եւ մի ինչ որ քնելու տեղ։

Եւ աւելցուց, տաբատին գրպանները ծեծելով.

Ափսո՛ս, ափսո՛ս, փողս սպառել է, տէր հայր…

Քահանան, որ անշուշտ հեռի էր հաւատալէ թէ այդ այցելութիւնը ատանկ մէկ անախորժ եզրակացութեան մը կրնար յանգիլ, մօրուքը ձեռք առաւ նորէն, անձկոտ եւ խռոված։ Իր վրայ աւազակի մը տպաւորութիւն ձգող այդ այցելուն ի՛նչպէս եկեղեցիին մէջ վար դնել. իսկ ճամբելու համար դրամ տալ հարկ էր, գաղափար մը, որուն հետ քահանայ մը երբե՛ք չի հաշտուիր։ Սակայն, երկու չարեաց փոքրագոյնը ընտրելու համար, առաջին պարագային կայանք տուաւ։ Ժամկոչ մը կանչեց եւ պատուիրեց որ իրենց խուցին մէջ պառկելու տեղ մը եւ պնակ մը կերակուր տան անօթի կովկասցիին։

Օրհնած, ըսաւ, ես վաղը պատարագւոր եմ, ինծի ներեցէք, ստիպուած եմ աղօթել։

Մարդը ժամկոչներուն խուցը փոխադրուեցաւ։ Գայլի մը անյագութեամբը կերաւ, պատառները առանց ծամելու կուլ տալով եւ չնշմարելով որ ժամկոչ աղբարները քիթ բերան կը ծռէին իրենց ուտելիքին վրայ իջնող այդ յանկարծահաս թաթառին հանդէպ։ Ճաշէն ետքը, սիկառը տեղաւորեց բերնին անկիւնը եւ խօսակցութեան բռնուեցաւ ժամկոչներուն հետ, զատ զատ հարցնելով անոնց ո՛վ եւ ուսկից եկած ըլլալը։

Քիչ քիչ ունկնդիրները յափշտակուեցան կովկասցիին եռանդոտ խօսուածքէն, մանաւանդ երբ իմացան որ Եւրոպան պտըտած էր ան։ Եւ շատ շփոթեցան երբոր՝ մանկավարժութեան բարիքները թուելէ յետոյ՝ սա հարցումը ուղղեց իրենց.

—Իսկի ոեւէ գաղափար չունէ՞ք մանկավաժութեան մասին. Պեստալոցցիին չէ՞ք ճանաչում։

Եւ անոնց ժխտական լռութեան վրայ.

Ափսո՛ս, ափսո՛ս, ազգը փճանում է, կորչում է հեռաւո՜ր, լքուա՜ծ անկիւններում… ճիշդ որ ժամանակին եմ հասել, բայց ի՜նչ էիք լինելու եթէ ես ծնած չլինէի։

֍ ֍ ֍

Կոստանեան բնիկ Ղարաբաղցի էր։ Անառակ եւ արկածախնդիր։ Պատանեկութեանը երկիցս արտաքսուած էր Գէորգեան ճեմարանէն, եւ քանի մը տարի հետապնդուած շիկերէի մը պէս՝ Կովկասի սարերն ու ձորերը թափառելէն յետոյ, ինքզինքը յաջող էր Եւրոպա նետել։ Հարուստ մեկենասի մը միամտութիւնը մէկ քանի տարի շահագործած էր՝ Պերլինի, Փարիզի եւ Ժընեւի սալարկներուն վրայ, խաղարաններու եւ հանրատուններու անկիւնը ապրելով ամօթալից ու վատշուէր կեանքը բոլոր այն քայքայուած, գարշահոտ տիպարներուն, որոնք օրին մէկը յանկարծ դիմացդ կը ցցուին, կեղծ համալսարականի կամ սուտ բանաստեղծի տիտղոսի մը մաքրագործումին տակ։ Օտար եւ անծանօթ անկիւններու անհունութեանը մէջ, անոնք կիրքի շնացնող մրրիկներուն մէջ կը տապլտկին, մինչեւ դունչերնին մխրճուած քաղաքակրթութեան յետին կոյուղիները, ուսկից վերջապէս օր մը դուրս կը շպրտուին բարերար ձեռքէ մը, հոգինին մարմիննին շարաւալից, ու կ՚երթան իրենց ապատանութեան թեփերը ցանցնելու մաքուր, կոյս հողերու վրայ։ Ասոնցմէ էր Կոստանեան, որ Պոլիս նետեր էր ինքզինքը՝ ռուսահայ մանկավարժի մորթին տակ, պատրող, շլացնող ծրագիրներով բեռնաւոր, շահագործութեան արկածախնդրութեան անկոխ գետիններու ի խնդիր։

Յաջորդ օրը, գեղին մէջ ամէնուն բերանն էր Պ. Աբգար Կոստանեանին երեւումը։ Անձէ անձ, տունէ տուն՝ անոր անուան շուրջ յերիւրուած պատմութիւնները հսկայ համեմատութիւններ կ՚առնէին, հասնելով հիացումի ու ապուշութեան այն գերագոյն աստիճանին, զոր միայն ամբոխին ռամիկ եւ արգաւանդ երեւակայութիւնը կրնայ ստեղծել։ Կովկասցին յաղթական մուտք մը ըրաւ այն սրճարանը, ուր կը հաւաքուէր գեղին երիտասարդութիւնը, տգէտ ու խանդավառ։ Շուրջը խռնուեցան, բերանաբաց։ Մարգարէի մը տիրական շեշտերը գործածեց, բորբոքեցաւ, գոռաց, ազգային վերածնութիւնը ջատագովեց՝ դաստիարակութիւնը հիմ առնելով։ Ազգին մտաւոր ու բարոյական անկումը նկարագրեց անանկ սրտաճմլիկ, մթին եւ տխուր գիծերով, որ այտերու վրայ արցունքներ իսկ երեւցան։

Գիւղին երիտասարդներէն անոնք, որ ազգասիրական կամ կրթասիրական ձգտումներուն պոռոտ եւ շնչասպառ ցուցադրանքը ընելու համար դիւրին եւ յարմար առիթներու դարանամուտ էին, այդ յանկարծահաս, լորձունքոտ, հեռարձակ քարոզչին վրայ գտնել կարծեցին իրենց փնտռած, հետապնդած առիթներէն լաւագոյնը։ Սեղմուեցան անոր շուրջը, անոր բուռն այպանանքներուն, սրտցաւ ձաղկումներուն, վերանորոգիչի, ազատարարի բարձրասլաց, թարթարէնեան յայտարարութիւններուն «այո՛, այո՛, իրաւունք ունինք, մենք ալ ասանկ մարդու մը պէտք ունինք» արձագանգեցին։

Կովկասցին, որ շուրջիններուն հոգեբանութիւնը կը լրտեսէր, խանդավառութեան գերագոյն րոպէին վճռական հարուածը տուաւ, ոտքի կայնած, աչքերը կիսախուփ, իբնոսացած, երկար բելըրինին տակէն երկու բազուկները երկնցուցած խաղաղութեան լայն ժեսդի մը մէջ. կարծես Մովսէս մարգարէ մը, որ Աստուծոյ պատուիրանքները կը հաղորդէր իր ժողովուրդին։

Սիրելի հայրենակիցներ, մի՛ յուսահատուէք, ահա մերձանում է ձեր փրկութեան մօմէնտը. մի ինչ որ կարճ ժամանակում աշխատութեամբ եւ զոհողութեամբ դուք լինելու էք հաւասար եւրոպական մեծ ժողովուրդներին… Վստահեցնում եմ ձեզ, պատուական եղբայրներ, թէ ես երբեք յոյս չունէի այս հեռաւոր անկիւններում հանդիպել ձեզ նման ազնիւ, եռանդոտ տղամարդերի. գործս դիւրացած պէտք է լինի հէնց որ դուք կամենաք ձեր թանկագին աջակցութիւնը նւիրել ինձ։ Ասացէք, խնդրեմ, ձեր աջակցութեանը կարո՞ղ եմ բոլորովին վստահ լինել։

Այո՛, այո՛, պոռացին չորս կողմէն երիտասարդ ձայներ։

Կովկասցիին շուրթերուն վրայ երանութեան ժպիտ մը թրթռաց։ Ձեռքը ճակատին տարաւ եւ պահ մը խորունկ մտածման մէջ ընկղմած երեւցաւ։

Խորին շնորհակալութիւն, սիրելի հայրենակիցներ, ըսաւ վերջապէս ակնարկը չորս դին պտըտցնելով տարտամօրէն. ա՛ս էի սպասում ձեզանից… եւ երբ ասացի թէ մի ինչ որ կարճ ժամանակում հաւասարւելու էք եւրոպական մեծ ժողովրդներին, սա մի պոռոտանք, սա, այսպէս ասած, մի դատարկ խօսք չէր… Դաստիարակչական մի նոր, մի փրկարար սիստեմ, որին ես հեղինակել եմ, եւ որ կարող է մեծ ապշութիւն, մեծ սքանչացում պատճառել Պեստալոցցիներին եւ Հերպարտներին իսկ, մի սիստեմ որը դեռ գաղտնի եմ պահել, գալու է հրաշքներ գործել աստ, ձեր շրջաններում, ուր տգիտութիւնը դարերէ ի վեր բոյն է դրել, ափսո՛ս, ափսո՛ս…

Ներկաները՝ այս պատգամորոտ աւետումին վրայ իրարու նայեցան երկիւղած սքանչացմամբ մը։ Կարծեցեալ մանկավարժը՝ բոլորշի նայուածքի մը մէջ՝ ընբոշխնեց բոլոր քաղցրութիւնը յաղթանակին, զոր տարած էր շուրջը հաւաքուող բերանաբաց եւ ցաւագին միամտութիւններուն վրայ։

Յետոյ, առանց տպաւորութիւնը պաղեցնելու, խնդրեց ներկաներէն անոնցմէ, որոնք յանձն առնէին այդ ծառայութիւնը ընել իրեն, տեղւոյն ազգային վարժարանը առաջնորդել զինքը, «մի արագ ակնարկ գցելու համար անդ»։

Չորս կողմէն ճարտարւորեցան, այդ առաջնորդութեան պատիւը իրարու ձեռքէ խլելու ապուշ մարմաջէ մը բռնուած, այն աստիճան որ Պ. Կոստանեան, բարեհաճ ժպիտով մը, ստիպուեցաւ ինք ընտրել իր առաջնորդները, մէկիկ մէկիկ մատնանշելով զանոնք, իբր թէ ըստ բախտի, բայց իսկապէս էն բարեկեցիկ երեւոյթ ունեցողները զատելով.

Պարոնի՛ն… պարոնի՛ն… պարոնի՛ն… պարոնի՛ն…

Զատուած չորս պարոնները տեսակ մը հպարտութեամբ առաջ անցան, որոնց հետեւեցաւ կովկասցին՝ բոլոր ներկաներուն ժպտաշուրթն հրաժեշտներ բաշխելէ յետոյ։

Հիմա փողոցներէն անցած ատենը սրճարաններէն. խանութներէն ամէն մարդ դուրս կ՚ելլար այդ նշանաւոր այցելուն տեսնելու համար։ Մանկավարժը իր հետեւած ճամբուն այդ տենդոտ իրարանցումին անտարբեր ցոյց կուտար ինքզինք՝ իր երիտասարդ առաջնորդներուն հետ կարեւոր խօսակցութեան մը բռնուած ձեւանալով։ Վերջապէս թափօրը հասաւ վարժարան, վիթխարի խարխարուած շէնք մը, որուն քստմնելի երեւոյթին առջեւ մանկավարժը կանգ առաւ սարսափահար, եւ գրեթէ լալահառաչ.

Էլի ի՞նչ էք ասում, պոռաց, էս զնտանում հնարաւո՞ր է սերունդ պատրաստել, ափսո՜ս, ափսո՜ս։

Ներսը, ընդարձակ սրահին մէջ, կարգ կարգ մակաղուած մատաղ գանկեր՝ հետաքրքրութեան եւ սարսափի արտայայտութեամբ անշարժ մնացին այդ անսովոր այցելուին դարձած։ Վարժապետը որ արդէն իմացած էր կովկասցիին երեւումը, կապկպուեցաւ անոր առջեւ եւ տեսակ մը խստութեամբ իրեն ուղղուած հարցումներուն կարմրելով ու կակազելով պատասխանեց։ Ուր որ մտաւ ելաւ, ինչ որ տեսաւ քննեց, մանկավարժը մէկ բացագանչութիւն մը ունեցաւ իր զգացումը, իր տպաւորութիւնը յայտնող.

Ափսո՜ս, ափսո՜ս… սերունդը փճանո՛ւմ է։

Այցելութիւնը աւարտելէ ետքը, երբոր վարժարանէն դուրս ելան, մանկավարժը երկինք նայեցաւ, ուր արեւը իր զենիթին հասած էր։

Ախըր ժամանակը անցնում է, եւ մենք չենք զգում, պարոններ… Ստամոքսը բողոքում է, միթէ կարող չե՞նք մի ինչ որ բան գտնել ներս խփելու. ես սովոր չեմ ինձ մօտ փող վերցնել… հէ՞, ի՞նչ էք ասում…

Չորս երիտասարդները իրարու երես նայեցան՝ զիրար յանդիմանելով լռելեայն, որ ատանկ մէկ մարդու մը անօթի ձգած էին մինչեւ այդ վայրկեանը։ Եւ ահա վէճ մըն է ծագեցաւ նորէն. իւրաքանչիւրը կ՚ուզէր իր տունը տանիլ ռուսահայը, չհանդուրժելով որ ուրիշ մը այդ անբաղդատելի պատուին արժանանայ. ի վերջոյ Պ. Կոստանեան ստիպուեցաւ միջամտել քրքջաձայն.

Խօ՛, ի՜նչ սիրուն տղամարդկանց եմ հանդիպել… էլի, ինձ համար մի պնակ կերակուր բաւ է՝ ո՜ւմ մօտ կ՚ուզէ լինի։ Աւելորդ է վիճել մի էսքան չնչին պանի համար, պարոնին մօտ կը ճաշեմ… համաձա՞յն էք։

Միւսները ստիպուեցան համակերպիլ այս գերագոյն փափաքին։ Մանկավարժին ընտրած չորսին մէջ էն հարուստ երեւոյթ ունեցողն էր։

Ք…եան ընտանիքը, գիւղին էն ազդեցիկ հարուստներէն, գրկաբաց ընդունելութիւն մը կատարեց կովկասահայ մանկավարժին, որ մեծարուած հացալից սեղանին վրայ ահագին աւերում գործեց. պոլսական համադամներէն իւրաքանչիւրին նախշուն դրուատիքներ շռայլելով՝ հետզհետէ որ անոնք կ՚երեւնային իր անկուշտ աչուըներուն առջեւ։ Ճաշէն յետոյ, ընտանիքին անդամներուն պարզեց իր մանկավարժական տեսութիւնները, յայտնելով թէ իր սեփական մեթոտները գործադրելու համար Հ… գիւղի մատաղ սերունդին վրայ՝ մտադիր էր վարժարան մը հիմնել, թէեւ ատոր համար դրամը բացարձակապէս պակսէր։

Իրիկուան, ընտանիքին հայրը, բարեմիտ եւ ազնիւ կեսարացի մը, գործին հետաքրքուելով՝ երկար բարակ տեսնուեցաւ մանկավարժին հետ, չհասկցած կէտերը իր որդւոյն բացատրել տալով։ Իր բախտէն, ռուսահայը հոտ կ՚իյնար այնպիսի ատեն մը, ուր գեղին կարգ մը ջոջ աղաները սաստիկ հակառակութեան մէջ էին ազգ. վարժարաններու հոգաբարձութեան եւ թաղ. խորհրդին հետ այն ամենափցուն պատճառներէն մէկովը, որոնցմով գրեթէ միշտ պառակտուած են Պոլսոյ թաղերը։ Հակառակորդ կուսակցութեան պետն ալ, դիպուածով, այդ կեսարացին էր, որ իսկոյն՝ այդ մարդուն եւ անոր փայփայած ծրագրին մէջ տեսաւ սքանչելի գործիք մը, առիթ մը հոգաբարձութեան եւ թաղ. խորհրդին գլուխը ճզմելու համար։ Նոյն գիշերն իսկ իր նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւնը խոստացաւ մանկավարժին եւ յորդորեց զայն անմիջապէս գործի սկսի։

Քանի մը օրէն, կեսարացիին կողմնակիցները, որոնք ամէնքն ալ հարուստ մարդիկներ էին, առաջին հանգանակութեամբ մը՝ հարիւր ոսկիի գումար մը գոյացուցին եւ մանկավարժին ափը դրին։ Երբոր կարմրուկ ոսկիներուն այդքան շուտ իր դատարկ գրպաններուն մէջ հոսիլը տեսաւ, աչքերը գազանային ագահութեամբ մը փայլատակեցին։

Խօ՛, ի՛նչ տղամարդկանց եմ հանդիպել, կ՚ըսէր իր պաշտպաններուն… բայց հէնց որ գիտնայի թէ էսքան մեծ փող հարկաւոր էր լինելու էս գործի համար, Կովկասից առատ փող կը փոխադրէի։

Գիւղին էն հովասուն տեղը մեծ տուն մը վարձուեցաւ։ Իրմով յափշտակուող չորս աղուամազոտ երիտասարդներ ջարդուփշուր եղան կովկասցիին մանկավարժական յիմարութիւններուն մարմին տալու համար։

Այն բոլորովին նոր սիստեմը, կ՚ըսէր, որին գործադրելու եմ՝ պահանջում է դպրոցական կարասիք բոլորովին տարբեր սիստեմով…։

Երկու շաբթուան մէջ ամէն բան պատրաստ էր՝ այդ համբաւաւոր սիստեմին գործադրութեանը համար։ Մանկավարժը նոր «շորեր»ով զարդարուեցաւ, մօրուքը եւ վայրի ծամերը շտկռտեց, հանգստաւէտ խուցի մը վայելքը տուաւ ինքզինքին եւ անմիջապէս գործի ձեռնարկեց։

Կոստանեան վարժարանին պաշտօնական բացման օրը՝ Կիրակի մը՝ բոլոր իր համակիրները, ծնողքներ եւ զաւակներ, ժողովուեցան մեծ սրահին մէջ՝ լսելու համար մանկավարժը, որ խոստացած էր իր հեղինակած չնաշխարհիկ սիստեմին վրայ «մի ինչ որ գաղափար տալու»։

Այդ խայտաբղէտ հաւաքոյթին մէջ կը փայլէին գիւղին իմացական երիտասարդութիւնը, մենծ աղայութիւնը, շուկայի դասակարգը, գեղեցիկ սեռը իր ամէն աստիճաններով եւ մինչեւ իսկ մամիկներ, որոնք չէին կրցած երկար մազերով եւ «թօհաֆ» խօսուածքով այդ հայը տեսնելու հետաքրքութեան յաղթել։ Իր համակիրները սեթեւեթի եւ ցոյցի մուրացկան տղաքներ. սնամիտ գոհացումը ընբոշխնելով իրենց ապուշ եւ ապարդիւն փութկոտութեանը մէջ, մանկավարժին յատկացուած ամպիոնը կը շրջապատէին, կոտրտուելով, վազվզելով, իրարու ականջի բաներ փսփսալով շարունակ։

Ընդհանուր հետաքրքրութեան եւ լռութեան մէջտեղ երեւցաւ վերջապէս Պ. Կոստանեան սեւ զգեստներով, վայելչավար կարճատես նայուածքի մը մէջ ջանալով ամփոփել այդ խառնիխուռն խեղճ հասարակութիւնը, որ միամտօրէն եկած էր խաչագողի մը լպրտելիք շաղփաղփանքը ծափելու, հաւնելու։

Ամպիոնին վրայ՝ թուղթերու ծրար մը քննելէ յետոյ, մարդը սկսաւ խօսիլ բամբ, ուռուցիկ, մարտագոռ ձայնով մը, բառերուն վերջին վանկերը ուժգնօրէն շեշտելով, երբեմն յանկարծ նուաղելով, գութի, պաղտանքի, ողբի սրտաճմլիկ խառնուրդի մը մէջ, գլուխը վայրահակ, մազերը ցիրուցան, աչքերը կիսախուփ, բայց, շքեղ ու ահաւոր վոլթ-ֆասով մը, անակնկալօրէն պայթելով՝ ճաթրտող, ճարճատող բացագանչութեանց ուժգին կոհակաւորմամբ մը, լանջքը հպարտ ու ձիգ, նայուածքը առիւծային։ Նախ յանդիմանութեանց, այպանանքի շնչասպառ տարափ մը տեղաց, այն աներեւոյթ էակներուն հասցէին, որոնք ազգային դաստիարակութեան սխալ, աղէտալի ուղղութիւն մը տալու եղեռնը գործած էին։ Նախատեց, թշնամանեց, քարկոծեց իր այս բոլոր հայհոյալից ժայթքումները աստիճանաւորելով՝ ոտանաւորի տուներու պէս, եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրին սա յանկերգը տալով, տխուր, լալկան շեշտով մը, ձեռքերը հորիզոնաձեւ օդին մէջ կարկառուն.

Հայութիւնը կորչո՜ւմ է… հայ ազգը ջնջո՜ւմ է… հեռաւո՜ր հեռաւո՜ր անկիւններում։

Յետոյ վերսկսելով աւելի բարկաճայթ, աւելի մոլեգին, աւելի հրաբորբոք։

Սրահը, արձանացած, մագնիսացած, այդ փոթորկին ոլորտներուն մէջ ցնորաբեկ մտիկ կ՚ընէր, գրեթէ ոչինչ հասկնալով արեւելեան բարբառով հոլովուած այդ ցաւատանջ ու խելագար բարբանջանքներէն, բայց յափշտակուած այն անպարագիծ անսահման զմայլանքովը, որ բոլոր չհասկցուած բաները կը ներշնչեն տգէտ, նախապաշարուած ամբոխներու։

Ամպիոնը շրջապատող սպայակոյտին երիտասարդ անդամները ատեն ատեն իրեն երես կը նայէին՝ իբր թէ իրարու հասկցնելու համար որ այդ մեծ ճշմարտութիւնները կ՚ըմբռնէին, կը հաւնէին եւ կը վաւերացնէին։

Այս փոթորկալից յառաջաբանէն յետոյ, բեմբասացը կարճառօտ ակնարկ մը նետեց եւրոպական արդի դաստիարակութեան փրկարար դրութեան վրայ, իր անձնական քրիտիքներովը համեմելով զայն, ու վերջապէս եկաւ յանգեցաւ յաւիտենական Պեստալոցցիին։

Հոս, ճարտասանական ազդու դարձուածքի մը եւ ժեսդի մը մէջ, խաչգող յանկարծ ակնարկը սեւեռելով սրահին մէկ անկիւնը, դէպի ձեղուն, սա մեծագոչ ձայնարկութիւնը պոռթկաց։

Պեստալոցցի՛, Պեստալոցցի՛, արի՛ դուրս թռիր գերեզմանիցդ, եւ եկ քո լոյսերդ սփռիր մեր խեղճ ազգին հեռաւոր շրջաններո՜ւմ…

Ուկնդիրներուն շարքին մէջ մամիկ մը, այս ահեղ պոռչտուքէն սարսափահար, քովի կնոջ ձեռքերը բռնելով։

Քա քուրուկ, վո՛ւյ տող կ՚ելլամ կոր նէ. աճապա խենթեցա՞ւ քի բեստիլճին կը կանչէ կոր։

Քա ո՛վ կիտէ, քուրուկ, էս ալ աս մարդուն հիյէթին չեմ հաւնիր կոր. աճապա բէստիլը շա՞տ կը սիրէ…

Բեմբասացը իր բացագանչութենէն յետոյ՝ ակնարկը անկիւնին սեւեռուած մնացեր էր, անշարժ, իբր թէ իրօք Պեստալոցցին յանկարծ երեւցած ըլլար հոն՝ իր կոչին պատասխանելով։ Եւ ներկաներուն մէջ կասկածները քիչ քիչ մարմին պիտի առնէին, եթէ մարդուկը, ուշաբերած, չվերսկսէր իր ճառը, աւելի հանդարտ, աւելի խոհեմ։

Որքան որ էլ հիացումով վերաբերւում եմ դէպի Պեստալոցցին, շարունակեց, այնուամենայնիւ նա չկարողացաւ իր սիստեմը տեխնիքական ամուր հիմքերի վրայ հաստատել։ Ես յաջողեր եմ յետ երկար հետազօտութիւններից՝ լրացնել այդ պակասը։ Ահա թէ ի՛նչպէս. խնդրում եմ ձեզանից լարւած ուշադրութեամբ հետեւիլ իմ բացատրութիւններին։

Բեմբասացը պահ մը նորէն իր թուղթերը աչքէ անցնելէ յետոյ շարունակեց լուրջ, հանդիսաւոր ձայնով, ամբարհաւաճ եւ ինքնավստահ.

Թերեւս չէք լսել դոքթոր Գալին, որ մի հանճարեղ, մի հրաշալի պան է գտել։ Սա մի բժիշկ է, որը ծնւել է 1758-ին Պատում, եւ նախ հաստատուել է Վիեննայում, ուր իր կրամոզկոպիկ վարդապետութիւնը այնքան մեծ աղմուկ, յեղաշրջում առաջ է բերել գիտական աշխարհում որ կառավարութիւնը իսկի սարսափահար է եղել։ Բերլինում նա դասախօսութիւններ է սարքել իր հիմնած բրէնոլոկիայի պրոպագանդայի համար եւ ամենամեծ յաջողութիւնն է ձեռք բերել… Վերջանէս նա յանդգնել է Փարիզում երթալ քարոզել իր վարդապետութիւնը, հրատարակել է իր գործերը ըղեղային անատոմիայի մասին, եւ ունեցել է ահագին հետեւող… Ափսո՜ս որ նախանձը որ ամենուրեք հալածում է արժանիքին, չէ խնայել եւ դոքթոր Գալին. թշնամիներ, հակառակորդներ ճգնել են նրա գործը վարկաբեկել, վնասակար եւ անօգուտ ցոյց տալ… բայց գալիս է մի՛ օր ժամանակ որ նրա անունը պիտի դասուի մարդկային բարերարների շարքում։

«ԹԷ ի՛նչ է դոքթոր Գալին վարդապետութիւնը… մի՛ շատ պարզ բայց եւ մի շատ բարդ պան. նա ասում է, ցուցմունքներով հաստատում է իր ասածներին, թէ՝ մարդկային գանկի արտաքին կազմաւորումը ճիշդ ու ճիշդ պատկերացնում է ըղեղային զանգւածին ձեւն ու կաղապարը, վասն զի, ասում է, գանկային մէն մի բաժանում իր զարգացումով ցոյց է տալիս ստորակայ շրջագծերով համապատասխան զարգացում։ Այն թւականին ուր դոքթոր Գալ աշխարհի յայտարարում էր իր սիստեմին, ջղային դրութեան կենտրոնացումը՝ համարւում էր մի ինչ որ հերետիկոսութիւն։ Հոգին պարզ է, իր բնակութիւնը հարկաւոր է պարզ լինի, գիտակցութիւնը մի է, ապա ուրեմն հոգիի մի բնակութիւն եւեթ գոյութիւն ունի. ահա այս ըմբռնումին էր հակառակում դոքթոր Գալ եւ ասում էր. մարդկային ըղեղը բաղկանում է նոյնքան մասնաւոր սիստեմներից, որքան նա գործում է որոշ որոշ պաշտօններ։ Վերջապէս նա առաջին ինք եղաւ հաստատող, թէ խելագարութեան անմիջական պատճառը ըղեղումն է կայանում։

«Սիրելի հայրենակիցներ, շարունակեց մանկավարժը, գուցէ լինեն հարց գցողներ թէ ինչո՛ւմն է կայանում դոքթոր Գալի սիստեմին եւ մանկավարժութեան՝ այսպէս ասած՝ առնչութիւնը։ Սա էլ շա՛տ պարզ բայց եւ մի շատ բարդ պան է։ Գանկային տոպոկրաֆիան որը մարդկութիւնը դոքթոր Գալին է պարտական, գալիս է մի ահագին դեր խաղալ մանկավարժութեան այն սիստեմին, որին ես խորհել եմ, որին ես գործադրելու եմ՝ հրաշալի արդիւնքների յոյսով։ Աւելի պարզ խօսեմ։ Գանկը (ու երկու ձեռքերով իր գլուխը բռնեց) իր բօսերով, այսպէս ասած՝ իր խորտուբորտութիւններով մարդկային նկարագրին խառնուածքին, տրամադրութեանց մի զարմանալի պատկերն է ներկայացնում։ Այդ պատկերին հարցափորձ անելով, նրա մանրամասնութիւններին ճշդելով՝ կարող ես մարդին տալ մի այնպիտի ձեւ եւ կաղապար որը նրան պատշաճում է, որին շնորհիւ նա կարող է իր բնածին ընդունակութիւններին տալ մի մեծ ծաւալ եւ զարգացում։ Դաստիարարկութիւնը ի՜նչ ոճիրներ է գործում, սխալ ուղղութիւնների առաջնորդելով մարդկային հէք արարածներ։ Պէտք է սակայն մի վերջ տալ այս ոճրագործութիւններին եւ գործնական ո հաստատ հողի վրայ դնել դաստիարակութիւնը։

«Մինչեւ այժմ ոչ ոքի մտքից է անցկացել մի այսպիսի տեխնիքական սիստեմ հաշտեցնել մանկավարժութեան պայմանների հետ եւ ձեռք բերել հրաշալի արդիւնքներ… հէնց այժմ, էստեղ իսկ ուզում եմ սիրելի հայրենակիցներ, մի փորձով ձեր մտքին մատչելի ընծայել ինչ որ տեսականօրէն բացատրեցի ձեզ. »

Եւ ճառախօսը դառնալով ամպիոնը շրջապատող երիտասարդներէն մէկուն.

Խնդրեմ, պարոն, ըսաւ, մի տասնամեայ մանուկ բերէք ինձ։

Երիտասարդը ոտքի ելաւ, եւ մօտերը, ընտանիքի մո քով կեցող տղեկի մը թեւէն բռնելով տարաւ ամպիոնը հանեց։ Սրահին հետաքրքրութիւնը ծայրագոյն աստիճանի էր հասած։ Խոշոր խոշոր բացուած աչուըներ անքիթիթ անյագութեամբ մը ամպիոնին սեւեռուած էին, ճիտերը ձգտուած, շունչերը ընդհատ։ Գերմարդկային բանի մը կը սպասուէր, հրաշքի մը։ Ոչինչ քան ճառախօսին հանդարտ, ինքնավստահ եւ հեղինակաւոր շարժուածքը, իր հրաշալի գործովը ամբողջովին գրաւուածի, յափշտակուածի երեւոյթը, աշխարհի անծանօթ լուսաւոր անկիւններէն եկողի իր հանգամանքը՝ միանալով խօսուածքին տարօրինակութեանը, նայուածքին վայրի ու ցնցող արտայայտութեանը եւ կերպարանքին անսովորութեանը, կրնար ընկճել, ջախջախել հոտ ամբարուած տգէտ հասարակութիւնը։

Հիմա, միշտ հանդարտ եւ միտ խորհրդաւոր, ճառախօսը գրպանէն տուփ մը կը հանէր, կը բանար զայն, փայլուն կարկին մը եւ փոքր մեթրաչափ գործիք մը կ՚առնէր մէջէն ու կը դնէր ամպիոնին վրայ։ Տղեկը, սարսափահար, այդ ահաւոր մարդուն շարժումներուն կը հետեւէր։ Յետոյ, Պ. Կոստանեան բռնեց զայն ու գործիքներուն քովը կեցուց։

Խնդրեմ, ուշադրութիւն, ըսաւ։

Երկու խոշոր ձեռքերովը պահ մը բռնեց տղուն գանկը, եւ աչքերը գոց, շօշափեց, պրպտեց, զննեց։ Յանկարծ, թեթեւ ժպիտ մը լուսաւորեց անոր դէմքը։ Բացաւ աչքերը եւ տղուն նայեցաւ, զմայլանքով մը։

Սա հրաշալի մի մանուկ է, ըսաւ բարձրաձայն… խնդրեմ, ուշադրութիւն։

Առաւ կարկինը եւ թեթեւ մը անոր երկու ոտքերը կռթնցուց տղուն քթին երկու կողմերը, յօնքերու կամարին ներքեւ։ Յետոյ, կարկինին այդ բացուածքը նշանակեց մեթրաչափին վրայ. փորձը կրկնեց աւելի ապահովութեան համար։

Սա մի մանուկ է, ըսաւ վերջապէս պահ մը դիտելէ յետոյ անոր ճակատը, որին մէջ ամենամեծ չափով, այսպէս ասած ամենահզօր չափով գտնւում է պրոզոպոկնոզը, որին շնորհիւ նա դառնալու է մի մեծ պատմաբան… այո՛, ես ասում եմ թէ սա պէտք է դառնայ մի սքանչելի պատմաբան, հէնց որ նրան տրուի հարկաւոր դաստիարակութիւնը իր այդ բնածին կարողութիւնը զարգացնելու։ Արդ, հեշտ է ձեզ հասկնալ թէ իւրաքանչիւր մանկան մէջ գտնելով այն բնական ձիրքը, որով նա օժտւել է եւ հարկաւոր ուղղութիւնը տալով նրան, նա կարող է լինել մի ինչ որ երեւելի մարդ…

«Այս պէտք է լինի ահա իմ դաստիարակչաան մեթոտը, որին շնորհով, վստահացնում եմ ձեզ, սիրելի հայրենակիցներ, որ մի ինչ որ կարճ ժամականկում երեւելի մարդկանց մի սերունդ պատրաստուելու է աստ, զարմանք պատճառելով Պեստալոցցիներին եւ իր նմաններին…»

Ամպիոնին բոլորտիքէն, երիտասարդներու սպայակոյտը յանկարծ մեծաշառաչ ծափահարութիւն մը սկսաւ, որ իսկոյն ամբողջ սրահին մէջ տարածուեցաւ. «Կեցցէ՛ Պ. Կոստանեան, կեցցէ՛» կը պոռային։ Ասիկա ամբոխը բռնկցնող կայծը եղաւ։ Բովանդակ սրահը հիմա ոտքի ելած, էրիկ մարդ, կին, աղջիկ, տղայ, պառաւ, գլխու թեւերու ճղակտոր շարժումներու մէջ «Կեցցէ՛ Պ. Կոստանեան, կեցցէ՛» կը պոռային որոտագին գանչիւններով, որոնց կը պատասխանէր խաչագողը, վերէն, ամպիոնին կատարէն, գլխու շնորհալի տատանումներով, ժպտաշուրթն եւ մեծաշուք։

Երբոր քիչ մը հանդարտութիւնը  տիրեց, մարդը նշանացի լռութիւն պատուիրելով. սկսաւ ըսել.

Սիրելի հայրենակիցներ, մի պան խնդրում եմ ձեզանից…

Կեցցէ՛ Պ. Կոստանեան, պոռաց ամբոխը նորէն, անոր ձայնը խափանելով։

Մի պան, շարունակեց ան, որին վստահ եմ թէ շնորհելու էք ինձ. ձեր աջակցութիւնը…

Եւ դղրդագին ծափերու եւ կեցցէներու մէջ Պ. Կոստանեան վար իջաւ բեմէն, խառնուելու համար ամբոխին։ Երիտասարդները շրջապատեցին զինքը խանդավառ ցոյցերով, գրեթէ գրկելով զայն, համբուրելով իր ձեռքերը։

Իր շուրջը եռացող միամիտ, անկեղծ յորձանուտ խանդավառութեան մէջտեղ, խաբեբան իր ծանրակաց, լուրջ եւ տիրական կեցուածքէն բնաւ չէր հեռանար, համակրութեան եւ գրեթէ պաշտանքի այդ ցոյցերուն լիովին արժանաւոր մէկը ըլլալը ապացուցանելու համար. մինակ՝ մեծ մարդերու յատուկ ներողամիտ վարձահատոյց ժպիտով մը իր գոհունակութիւնը կը յայտնէր, ատեն ատեն քաջալերող գնահատութեամբ մը։

Խօ, ի՛նչ սիրուն տղամարդկանց եմ հանդիպել։

Ժողովուրդը, պատահարին ջախջախիչ տպաւորութեանը տակ, կամաց կամաց ցրուեցաւ ռամիկ գնահատումներու, յափշտակուած դրուատիքներու փունջ մը հիւսելով անծանօթին հասցէին, որ իրենց զաւկներուն համար փրկութեան առաքեալ մը պիտի ըլլար։

Կոստանեան, շրջապատուած իր սպայակոյտէն, դանդաղ թափօրով անցաւ Հ… գիւղի փողոցներէն։

Բազմաթիւ ստամբակներ, ստուար ջոլիր մը կազմած, անոր ետեւէն կ՚երթային, ինչպէս կ՚երթային գնչու արջապաններու ետեւէն երբոր անոնք արջ եւ կապիկ բերէին խաղցնել գիւղին մէջ՝ իրենց տէֆին խուլ թափրտուքովը։

Ք…եաններու տան մէջ շքեղ սեղան մը տրուեցաւ ի պատիւ մանկավարժին։ Բաժակաճառեր արտասանուեցան, Կոստանեան վարժարանին ապագան կապոյտ, ծիրանի, վարդագոյն երանգներու տակ նկարուեցաւ։ Երիտասարդին մէկը, գլուխը գինիէն տաքցած, յանպատրաստից ճառ մը ըսաւ, անկապ խօսքերու, օձապտոյտ դարձուածներով բացատրելով յետադիմական տխուր վիճակը, որուն մատնուած էր հայ ազգը, եւ որուն իբր միակ դարման ցոյց տալով նախախնամական երեւումը Պ. Կոստանեանին եւ իր հազուագիւտ նմաններուն։ Ճառը երբոր վերջացաւ՝ երկսեռ կոչնականները մոլեգնօրէն պատառաքաղները պնակներուն սկսան զարնել «Կեցցէ՛ Պ. Կոստանեան» պոռչտալով։

Խօ՛, ի՜նչ սիրուն տղամարդկանց եմ հանդիպել, կ՚ըսէր խաչագողը տանտիրուհին, որ իր քովը նստած էր։

Հետեւեալ օրը, գիւղին էն բարեկեցիկ ընտանիքները իրենց զաւակները բերին յանձնել մանկավարժին, որ իր աշխատութեան խուցին մէջ փակուած, ծանրաշուք եւ ինքնամփոփ, մէկիկ մէկիկ ներս կ՚առնէր զանոնք, մայրը կամ հայրը նստեցնելով աթոռի մը վրայ, եւ տղուն ենթակելով Գալ-Կոստանեան սիստեմին փորձերուն։ Կարկինը եւ մեթրաչափը կը պտըտէին գանկերուն վրայ, որոնց այտուցները, ելեւէջներն ու խորտուբորտները մանրազնին կը քննուէին եւ կ՚արձանագրուէին։ Միեւնոյն ժամանակ, մանկավարժը հարցաքննութեան մը կ՚ենթարկէր մայրը կամ հայրը, տղուն ունակութիւններուն եւ վարուելակերպին վրայ տեղեկութիւններ առնելով, զորս նոյնպէս կ՚արձանագրէր։ Այս բոլոր գործողութիւնները տեղի կ՚ունենային լուռ եւ խորհրդաւոր լրջութեամբ մը ընկերացած, ինչպէս պիտի ըլլար վտանգաւոր հիւանդի մը սնարին մօտ, բժշկական քննութեան մը պահուն։ Ծնողքներուն դէմքին վրայ կը նշմարուէր խորին անձկութիւն մը, անհամբերութիւնը ժամ առաջ գիտնալ ուզելու թէ իրենց զաւակը ի՛նչ պիտի ըլլար ապագային։ Յանցաւոր մը աւելի սրտատրոփ կերպով չպիտի սպասէր իրեն դէմ արձակուելիք վճիռին։

Վերջապէս, մանկավարժը, արձանագրուած տեղեկութիւններուն վրայ ուշադիր ակնարկէ մը ետք, կը բռնէր տղուն ձեռքէն եւ ժպտաշուրթն կը մօտենար հօրը կամ մօրը, եւ վճիռը կ՚արձակէր։

Տիկին, ձեր զաւակը լինելու է պատկերահան։ Ես տալու եմ մի դաստիարակութիւն, որը նրան առաջնորդելու է դէպի նկարչութեան բարձր արուեստը։

Ի՜նչպէս նկարագրել ուրախութիւնը մօր մը կամ հօր մը, որոնց կը ծանուցուի թէ իրենց զաւակը պատկերահան մը, ճարտարապետ մը, փաստաբան մը, բժիշկ մը եւ այլն պիտի ըլլայ։

Առաջին օրուան իրիկունը, տուներու մէջ արտասաովոր իրարանցում մը կը տիրէր։ Իրարու կ՚այցելէին, իրարու աւետելու համար թէ իրենց զաւակը ի՛նչ պիտի ըլլար ապագային։ Տղաքները ուրախութիւններնէն կը ցատկռտէին, կը պոռչտային, կը խրոխտային, պահանջկոտ, գրեթէ անտանելի կը դառնային։

Ես փաստաբան պիտի ըլլամ, կը պարծենար մանչուկ մը պերեւեթիկ քալուածքով։

Ես ալ տոքթոր պիտի ըլլամ, կը պոռար ուրիշ մը՝ իր ընկերոջը վրայ գերազանցութիւն մը ունենալու յաւականութեամբ։

Փաստաբանը, տոքթորը քանի՞ փարա կ՚ընէ՜, կ՚աղաղակէր երրորդ մը անդիէն. ես փիլիսոփա՛յ պիտի ըլլամ։

Մայրեր կային որ այս տղայական ծիծաղելի յոխորտանքներուն հանդէպ իրենց զգացած ուրախութենէն աչուընին կը լեցուէր։ Հիմակուընէ իրենց մտքին մէջ ծրագիրներ կը պատրաստէին՝ ապագայ տոքթորին կամ փաստաբանին փարթամ, արժանավայել շրջանակ մը, կեանք մը ստեղծելու համար։

Ուրիշ տղաքներ, որոնց ճակատագիրը չէր վճռուած դեռ, տեսակ կը պատկառանքով եւ նախանձով կը նայէին այդ տասերկու-տասերեք տարեկան տոքթորներուն եւ նկարիչներուն, եւ վերջապէս, լալով, պոռալով ծնողքներուն վրայ կը վազէին՝ պահանջելով որ իրենք ալ ատ դպրոցը ղրկուին։

Եւ յաջորդ առտուն նոր թափօրներ ճամբայ ելան դէպի լուսաւորութեան նորահաստատ տաճարը։

Մանկավարժին դրանը առջեւ՝ մայրերը, իրենց սրտատրոփ, անհամբեր սպասումներուն  մէջ, աղեկէզ հառաչանքներ կ՚ունենային՝ ակնապիշ զննելով զաւկներուն գանկերը, շօշափելով զանոնք իրենց դողդոջ մատուըներուն տակ, գտնելու համար այն հրաշալի այտուցը, որ անոնց ապագային խորհրդանշանը պիտի հանդիսանար, եւ որուն գաղտնիքը այնքան դիւրաւ կը լուծէր հիմա մանկավարժը։

Ա՛խ, իմ զաւակս ի՞նչ պիտի ըլլայ աճապա՜…

Եւ կ՚ուզէի իրարմէ առաջ մտնել խորհուրդով ու հմայքով լեցուն այդ սենեակը, որուն դրան անձկալի բացուածքին մէջէն՝ ամէն անգամ որ գործողութիւն մը աւարտէր, ճակատագիր մը վճռուէր, մայր մը զաւկին հետ դուրս ելլէր ճառագայթաշող դէմքով, խորհրդապահ լրջութեամբ մը կ՚ընդնշմարուէր խաչագողին հերարձակ, տժգոյն գլուխը, ըսելու համար իր միշտ ուռուցիկ շեշտովը.

Ո՞ւմն է հերթը։

Եւ ահա ամէնքը մէկէն առաջ կ՚անցնէին տենդոտ աճապարանքով մը, ինչպէս սովելաներ՝ բարեգործական գրասենեակի մը դրան առջեւ։ Երբեմն, մարդը կը ստիպուէր սանձ մը դնել այդ ողբալի անհամբերութիւններուն։

Խնդրեմ, մի՛ շտապիք, խանգարում էք ինձ։ Համմեցէք, տիկին։

Կանչուողը իսկոյն ներս կ՚անցնէր, յաղթական հրճուանքով մը։

Շաբաթ մը չտեւած, ազգային վարժարանին մեծ սրահը, ուր երկու հարիւր աշակերտ կը խտանար, կէսուակէս պարպուեցաւ։ Իրարու նայելով, իրարու նախանձելով տղաքը մէկիկ մէկիկ կծիկը կը դնէին դէպի Կոստանեան կրթարանը, որ հետզհետէ կը հեծէր, կը ճռնչէր խանդավառ ուսանողութեան մը աճեցուն ծանրութեանը տակ։ Վարժապետը, լռիկ կսկիծով մը, իր գրասեղաններուն վրայ բացուած լայն խրամատները կը դիտէր, չգիտնալով ի՛նչ միջոց ընտրել այդ խելայեղ դասալքութիւններուն առաջքը առնելու համար։ Հոգաբարձուները եւ թաղականները ափիբերան մնացին։ Մինչեւ այն ատեն հակառակ կուսակցութիւնը տկար պայքար մը միայն կրցած էր մղել՝ իրենց դէմ մաքառելու համար հռուան մը չունենալով։ Բայց ամէն բան յանկարծ՝ թաւալգլոր եղած էր՝ երբոր աղմկալից խօսքերու, մեծատարած շարժումներու այդ կտրիճը ասպարէզէն ներս վազած էր մէկէն ի մէկ։ Մէկ հարուածով՝ հակառակորդ կուսակցութիւնը յաղթութեան դրօշը կը պարզէր, անխիղճ ու ջախջախիչ կերպով։ Ժամուն ու ազգ. դպրոցին շուրջ սառուցիկ հով մը կը փչէր։ Ամէն մարդ խեթիւ կը նայէր անոնց։ Գիւղը՝ երկարամեայ թմբիրէ մը սթափած էր։ Վերածնութեան մը լոյսին արգաւանդ բախումներուն տակ կը խլրտար, կը խայտար։ Հրաշալի հորիզոններ կ՚ընդնշմարուէր քալէիտոսքոփի մը մէջէն, զոր ճարտար ձեռք մը իր աչքերուն առջեւ կը խաղցունէր՝ անոր բիւրերանգ նկարներուն յանկուցանող պայծառութեամբը։ Քանի մը սովորական բառեր, ազգային դաստիարակութիւն, վերածնութիւն, Պեստալոցցի, դոքթոր Գալ, բոս, սիստեմ, հայութիւն, ափսո՜ս, լիրբ ու խիզախ ուժգնութեամբ մը արձակուելով, բաւական եղած էին աննենգ, միամիտ, ազնիւ հոգիներու ամբողջ լեգէոն մը պատրանքի ծուղակը նետելու։ Ամիս մը չանցած, բովանդակ թաղը սոթեստութեան տագնապի մը մէջ կը հեւար։

Արդէն իսկ, նորահաստատ վարժարանին համբաւը Հ… գիւղի սահմաններէն դուրս ելած էր։ Արեւմուտք լրագրին մէկ խմբագիրը, թաղին երիտասարդութեան հրաւէրովը, վարժարանը այցելեց ու երկար բարակ տեսնուեցաւ մանկավարժին հետ, որ իր «տեխնիքական սիստեմ»ին մանրամասնութիւնները հաղորդեց անոր։ Հետեւեալ օրը ընդարձակ յօդուած մը երեւցաւ թերթին մէջ, որ կենսագրական համառօտ ծանօթութիւններէ յետոյ մանկավարժի մասին, կը ծանրանար դաստիարակչական այդ նորահնար դրութեան եւ անկէ առաջ գալիք արդիւնալից բարիքներուն վրայ։ Թաղին մէջ, Արեւմուտքի այդ թիւը ձեռքէ ձեռք խլուեցաւ, սրճարաններու, գինետուններու մէջ բարձրաձայն կարդացուեցաւ սքանչացման բացագանչութիւններով ընդհատուած։ Կիրակի օրերը, Պոլսոյ հեռաւոր թաղերէն ուսուցիչներ եկան հայ դաստիարակութեան այս առաքեալը եւ անոր գործը տեսնելու։ Անոնց ամէնուն ալ Կոստանեան ջամբեց իր սիստեմի գիտական, կենդանաբանական կնճիռները, շփոթեցնելով, զարմացնելով զանոնք։

Պէ ախպար, խըյախ մարդ է պէ՛, կ՚ըսէին իրարու… Անանկ է եա՛, մարդ մը բան մը ըլլալու համար կը ծնի. գործը այդ բանը հասկնալուն եւ տղան անոր համեմատ մեծցնելուն, կրթելուն վրայ է…

Միամիտ ծեր վարժապետ մըն ալ իր ճաղատ գանկը շօշափելով.

Թօհա՜ֆ, կ՚ըսէր, ծօ ըսելէ քի աս կունտերը ժամանակին նայուէին նէ, ես հիմա ո՛վ գիտէ ի՜նչ մեծ մէկը եղած կ՚ըլլայի… պռաւօ՛, կեցցե՛ս, մարդ, ա՛շգ օլսուն։

Սիստեմը այնքան ժողովրդականացաւ որ գիւղին բոկոտն կավռօշները սկսան փողոցներուն մէջ իրարու գանկի վրայ զննութիւններ կատարել՝ գռեհիկ ու պատկերալից կատակաբանութիւններով, իրենցմէ այսինչը փիլիսոփայ, այնինչը ավուքաթ, երրորդ մը տոքթոր, չորրորդ մը կաթողիկոս անուանելով։ Իրենց չարաճճիութիւնները մասնաւոր թափ մը կը ստանային երբ փողոցը հանդիպէին մանկավարժին։ Իսկոյն հեռուէ հեռու զիրար կը կանչէին, հեգնալից  շեշտերով։

Ծօ՛, Պե՛տիկ, փիլիսոփա պիտի ըլլա՞ս… Ա՛ռ քեզի փիլիսոփայութիւն, ըսելով, քար մը կը թռցնէր կավռօշին մէկը «Փիլիսոփայ»ին, որ իր կարգին.

Ծօ, նա՛ քեզի պէս տոքթորին. սա նավզըս նայէ՛… կը պոռար։

Շատ անգամ, մանկավարժին հաւատարիմները, որ միասին անոր հետ կը պտըտէին, փողոցը, ստամբակներուն ծաղրանքը կռահելով, կը յանդիմանէին զանոնք. «Ամօթ է ծօ՛, չէ՞ք խպնիր» պոռալով։ Այս պատճառով, կռիւներ, բախումներ անգամ տեղի կ՚ունենային Կոստանեան սաներուն եւ փողոցի ստահակներուն միջեւ։

Սակայն, խաչագողը, իր անձին եւ իր անուան շուրջը բարձրացած հիացումի եւ փառաբանութեան այս ճղակտոր աղաղակներուն մէջտեղ համեստ ու անզգած հանդարտութիւն մը կը պահէր, իբր թէ բոլորովին համակուած իր գործին բարձր դաստիարակութեամբը։ Իր համբաւաւոր ու ջախձախիչ ճառէն յետոյ, այլեւս հրապարակային որեւէ ցուցադրանքի չենթարկեց ինքզինքը։ Իր դպրոցին խորհրդաւորութեանը մէջ պատնիշուած, ինքնամփոփ ու արգաւանդ գործունէութեան մը անձնատուր եղաւ։ Մէկ քանի մտերիմներ, գեղին ջոջ աղաներէն, որոնք կազմած էին «Կոստանեան վարժարանի խնամակալութիւնը» խաբուսիկ եւ սնամէջ տիտղոս, զոր անոնք ունայնամտօրէն ինքզինքնուն տալու փոքրոգի փորձութեան չէին կրցած դիմադրել, հազիւ կը յաջողէին ազատ մուտք ունենալ իր մօտ, վայելել իր բարեկամութիւնը, եւ իբրեւ վարձ իրենց մուրացիկ գետնամած խնկարկութիւններուն, լսել գոհունակութեան սովորական բանաձեւը.

Խօ, ի՞նչ սիրուն տղամարդկանց եմ հանդիպել.

Հարիւր յիսունէն աւելի տղաք կը խռնուէին հիմա դպրոցին մէջ։ Իւրաքանչիւրը՝ տնօրէնին ստորագրութիւնը կրող թուղթ մը ունէր ձեռքը, որուն մէջ նշանակուած էին տղուն անունը, տարիքը եւ գիտութեան կամ արուեստի այն ճիւղը, որուն նախասահմանուած էր հետեւելու։ Թուղթի այդ բեկորը, որ զառանցանքներու կը մատնէր հէք ծնողքները, մէկ ոսկիի արժած էր ամէն մէկուն, բացի ամսական կէս ոսկիէն, զոր իւրաքանչիւր աշակերտ պարտաւոր էր վճարել։ Այսպէս ուրեմն, խաչագողը, առաջին հարուածով երեք հարիւր ոսկիի կլորիկ գումար մը շորթած էր այդ թաղէն, որ Պոլսոյ ամենէն աղքատ թաղերէն մէկն էր։ Բայց ընդհանուր խառնակութեան եւ յափշտակութեան մէջտեղ, ոչ մէկը կարող էր ասանկ ճղճիմ հաշիւներու իջնալ։

Մանաւանդ որ մանկավարժը, առթիւ մը, իր մտերիմներուն յայտարարած էր բացորոշ կերպով.

Ախըր, ես փողի մարդ չեմ. ես ատում եմ փողին. իմ նպատակս է վաստակած փողերս յատկացրել մի ինչ որ բարեգործական հաստատութեան։

«Արեւմուտք» լրագրին մէջ երեւցաւ մանկավարժին մէկ ծանուցումը, որով մասնագէտ ուսուցիչներու կոչում կ՚ընէր գալ իր շուրջը ամփոփուիլ վարելու համար այդ չնաշխարհիկ գործը։ Մասնագիտական ճիւղերու երկար թուում մը կար, մաթեմաթիք, քիմիաբանութիւն, բնագիտութիւն, նկարչութիւն, լեզուագիտութիւն, իրաւաբանութիւն, բժշկութիւն, պատմագիտութիւն, այլովքն հանդերձ։ Այս հրաւէրին վրայ իրեն ներկայացող մէկ քանի շնորհքով մասնագէտներ իսկոյն ճամբուեցան, վասն զի խաչագողը այդ մարդոց թափանցող նայուածքին եւ դէմքի ուղղամիտ արտայայտութեանը մէջ իր խաբէութեան քողամերկումին վտանգը նշմարեց։ Ու աստանդիկ խեղճուկ քանի մը թափթփուքներ, որոնք ներկայանալու յանդգնութիւնը ունեցած էին, սիրայօժար ընդունուեցան՝ իբրեւ նպատակայարմար մասնագէտներ, ամսական 2-3 ոսկի վարձքով։ Երբոր ուսուցչական մարմինը կազմուեցաւ այսպէս, Կոստանեան իր աշակերտները եօթը դասարաններու մէջ տեղաւորեց ընդունակութեան եւ կոչումի համեմատ, ու դասերը սկսան։

֍ ֍ ֍

Որքան ալ Բարթող աղա, իր նենգամիտ բնազդներու ուժովը, հեռուանց այս մարդուն մէջ խաչագողի մը հոտը առած ըլլար, չէր կրնար ինքզինքը պաշտպանել յարգանքի եւ երկիւղի տեսակ մը զգացման դէմ, որ հիմա իր վրայ կը տիրէր, հոն դասարանին մէջ, ուր տնտես մը մտցուցած էր զինքը, իր այցելութիւնը տնօրէնին երթալ իմաց տալու համար։ Վայրկենապէս, ներկայացող առիթին հմայքին տակ, ինքն ալ կ՚ենթարկուէր ընդհանուրին մոլութեանը։ Իր զաւկին ի՛նչ ըլլալը հասկնալ ուզելու մոլութեան։ Իր մէջ, որդեսէր ծնողքը կ՚արթննար ուժգնօրէն, անհետացնելով՝ ուրիշի մը խարդաւանանքները գուշակելու կարող նենգաւորը։

Ամա՛, կ՚առարկէր ինքնիրենը, մտատանջ, կեցիր նայինք ախճան նաթուռայէ կը հասկնա՞յ… պէ՛ անգամ մը կը հարցունեմ, մեռնել չէ՛ եա…

Այս վարանումներուն մէջ կը տատանէր մեր մարդուկը երբոր տնտեսը եկաւ զինքը առաջնորդելու տնօրէնին խուցը։ Բարթող աղայի սիրտը կը բաբախէր։ Փէշերը իրարու վրայ բերելով ներս մտաւ։ Խուցը լուսաւորուած էր ձեղունէն կախուած լամպարով մը, որուն ճերմակ ճենապակեայ լուսամփոփը բուռն լոյս մը վար կը թափէր։ Դրան ճիշդ դէմը, ընկուզէնիէ լայն գրասեղանի մը առջեւ, թաւշապատ բազկաթոռի մը վրայ կը գահակալէր մանկավարժը, գրելու զբաղած։

Ի՞նչ էք ուզում, ո՞վ էք, հարցուց մարդուկին դառնալով, առանց գրիչը վար ձգելու։

Պատուելի, կակազեց Բարթող աղա, հանըմը ըսաւ որ իրեն երթաք, տղան դպրոց պիտի ղրկէ…

Հանըմը, ո՞վ է դա…

Մարկոս ամիրային աղջիկը… չէ՞ք իմացած։

Խաչագողը ամիրա բառը լսելուն պէս, գրիչը վար դրաւ ու ոտքի ելաւ։ Իր շիկերէի ռնգունքը պարարտ որսի մը հոտը առած էր։

Չեմ ճանաչում, բայց խնդրեմ ասացէք տիկնոջ որ կարող չեմ թողուլ վարժարանը զբաղմանցս պատճառով… ամէն րոպէ կը սպասեմ վաղը իր այցելութեանը. յարգանքներս հաղորդեցէք իրան…

Կլխուս վրայ, պատուելի։

Իր պաշտօնը աւարտած, մարդուկը պարտաւոր էր հեռանալ. բայց կեցաւ, իր ահաւոր աչքը անձկութեամբ մը բացխփելով։

Էլի մի պան ունէ՞ք ասելո՜ւ, հարցուց Կոստանեան։

Պատուելի, կը ներէք, ըսաւ Բարթող աղա, ձեզի մէկ պզտիկ անկարեա մը տամ… երկու աղջիկ ունիմ, Կատարինէս, Մագթաղինէս…

Մեր վարժարանում աղջիկ չի ընդունւում, պատասխանեց մարդը, կարճ կապել ուզելով։

Դպրոց գան չեմ ըսեր, պատուելի, մինակ սանկ մէյ մը նայէիք, սա ընտոր մանչերուն կը նայիք կոր նէ… պէտք եղածը կուտամ, պատուելի ատ կողմէն հոգ մ՚ընէք…

Գետնամած պաղատանքի իր դիրքին մէջ, Բարթող աղա անդիմադրելի ծիծաղելիութիւն մը ունէր։ Հրէշին վրայ՝ այդ կեցուածքը փոխանակ գութի՝ ծիծաղ միայն կրնար շարժել։ Խաչագողը իր աճպարարական ձեռնարկին սկսելէն ի վեր, այդ սենեկին մէջ դեռ այդքան զաւեշտախառն տեսարանի հանդիպած չէր։ Բայց եւ այնպէս կրցաւ զսպել իր զուարթութեան տագնապը, որ պայթիլ կը սպառնար՝ ապուշ աղաչանքի, աննկարագրելի տգեղութեան այդ խեղկատակ համադրութեան առջեւ։ Մտերմօրէն մօտեցաւ հրէշին եւ կամաց մը անոր կռնակին զարնելով։

Էլի մի պան կ՚անենք, մի յարմար պարագայի ասացէք տիկնոջ որ պատրաստ եմ զինքը ընդունել…

Բարթող աղա, իր ակնկալութեանը մէջ սաստիկ յուսախաբ, աղջիկներուն նկատմամբ եղած այդ զրկանքէն մշտացած, վհատութեան շարժումով մը բացաւ դուռը եւ դուրս ելաւ։ Այդ միջոցին մանկավարժը, ինքնաբերաբար, թերեւս չուզելով որ մարդը բոլորովին յուսահատ մեկնի

Բարեկամ, կանչեց։

Հրէշը ետ դարձաւ։

Աղջիկներդ շա՞տ փոքր են, հարցուց, գրեթէ բան մը հարցուցած ըլլալու համար։

Մարդուկը, զոր յոյսի վերարծարծում մը յանկարծ տակն ու վրայ ըրաւ, վախնալով որ տարիքի պզտիկութիւնը խոչընդոտ մը կ՚ըլլար իր փափաքած քննութեանը, վստահ եւ գոռոզ շեշտով մը ըսաւ։

Չէ, պատուելի, չ՛է, պզտիկ չեն, հէմ շատ մենծ են. Կատարինէս երեսունըհինգը անցաւ, Մագթաղընէս ալ երսու…

Չկրցաւ աւարտել։ Կոստանեան, ջղային արտասովոր, խելայեղ տագնապի մը մատնուած, մեծադղորդ քրքրիջի մը մէջ ա՛լ պայթեցաւ… իր ահագին կուրծքէն քահքահներու որոտումներ փրթան, ցնցելով իր ամբողջ մարմինը, միացած թեւերու ջղաձիգ պրկումներու, գլխի հերարձակ թօթուըտուքներու։ Ատիկա ապերասան, անվերապահ, մոլեգիպ պոռթկումը եղաւ վայելմանը կատակերգութեան բոլոր այն հոյակապ տեսարաններուն, որոնք երկու ամիսէ ի վեր կը հոլովուէին իր շուրջը, անկարող տկարացնելու իր անդրդուելի տոկունութիւնը, առանց վայրկեան մը իսկ վտանգի ենթարկելու իր տիրական լրջութիւնը, իր հաղորդիչ խոհականութիւնը։ Բայց ա՛լգաւաթը լեցուած էր։ ա՛լ անկարելի էր տոկալ։ Կամքը իր ոյժը կորսնցուց։ Ծիծաղի յագեցման այդ տագնապը անխուսափելի եղաւ՝ անհունապէս լարուած, ձգտուած իր ջիղերուն անդորրութիւն մը, թուլացում մը տալու համար վերջապէս։

Ու խնդաց, խնդաց, խնդաց, շէնքը թնդացնելով, մարելու, մեռնելու աստիճան խնդաց, մինչ Բարթող աղա՝ նախ ափիբերան, յետոյ անծանօթ երկիւղով մը պաշարուած՝ ընկրկեցաւ մինչեւ սանդուխը, ուսկից արագօրէն սկսաւ իջնալ՝ մանկավարժին որոտագին քահքաներէն հալածուելով. ու փախաւ, մութին մէջէն, շերեփի պէս երկար բազուկները երերցնելէն, հեւիհեւ, եւ ատեն ատեն մռլտալով.

—Ծօ աս փախուկ է եղեր… ծօ եա ճիտս պլլուէր նէ…