Ամիրային աղջիկը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Բ.

Օր մը, երբ Թադէոս աղա այցելութեան եկած էր ամիրային տունը, երիտասարդ բժիշկը իր մօրը առաջարկեց.

Մամա՛, ես գաղափար մը յղացայ։ Սոֆի եւ իր մայրը թո՛ղ գան մեր տունը բնակին։ Չըլլա՞ր մամա։

Շնորհքո՛վ աղջիկ է, բայց ի՞նչպէս կ՚ըլլայ ատիկա, զաւակս, հոս կուգա՞ն, կ՚ընդունի՞ն մի ատանկ առաջարկ մը։

Ինչո՞ւ չպիտի ընդունին, ամիրային տուն է աս, ապրուստի հոգ չեն ունենար, դեռ ի՞նչ կ՚ուզեն։ Հէ՞, ի՞նչ կ՚ըսես, Թադէոս աղա։

Ի՞նչ պիտի ըսեմ, տոքթոր, պատասխանեց գանձապահը ակռապլիկ լինտերուն տակ զիստը փշրել ջանալով, ատիկա անանկ բան մըն է քի մամայիդ եւ քուկին գիտնալիք բանդ է։ Ամա, ինծի հարցնես նէ կէշ չըլլար։

Եւ իր խորաթափանց աչուըներովը երիտասարդին հոգիին խորերը կը պրպտէր։

Երիտասարդին բիբերուն մէջ շէկ լոյսեր կը դողային։ Թաքուն եւ անծանօթ սարսուռներ կ՚անցնէին դիմագիծերուն վրայէն եւ խարտեաշ պեխը կ՚ոլրտկէր մատուըներովը։

Է՛յ սանքի մէկ թարաֆէն ալ կէշ չըլլար, վրայ բերաւ Մերկերեան, ձեռքը գինիի գաւաթին երկնցնելով, տոքթորին ամբողջ հոգեբանութեան թափանցած։

Քանի որ յարմար կը տեսնաք, ե՞ս ինչու չուզեմ, յայտարարեց տիկին Մարկոսեան, երբ գանձապահին հեղինակաւոր հաւանութիւնը տեսաւ իր դէմը։

Եւ անմիջապէս որոշուեցաւ որ Թադէոս աղա հետեւեալ օրն իսկ երթար լուացարարուհիի տունը եւ զայն համոզէր, որ աղջկանը հետ ելլար ատ խեղճ տնակէն եւ փոխադրուէր ամիրային ապարանքը, հոն բնակելու համար վերջնականապէս, տիկին Մարկոսեանի եւ տոքթորին բարձր եւ պատուաբեր հովանաուորութեան ներքեւ, երջանկաւէտ ապագայի մը յոյսովը։

Ատ գործը ինէ կիտծէք, Մերկերեանին ծառքէն պա՛ն չի փախիր, վճռեց գանձապահը, պեխերն ու թուշը սրբելով անձեռոցովը։

Իր մեղապարտ դիտաւորութեան այդքան դիւրին եւ արագ յաջողութենէն գինովցած, հիմա տոքթորը, ոտքի վրայ, մամային ուսերը շոյելէն, գգուական ու զուարթ ձայնով մը կ՚ըսէր.

Մամաս ա՛լ չի կրնար աշխատիլ, մամայիս սիրուն ատ մայրն ու աղջիկը մեր տունը ընդունելու զոհողութիւնը յանձն կ՚առնեմ…

Աղուոր զաւակս, հոգի՛ս, կը մրմնջէր միամիտ կինը՝ զաւկին ձեռքերը փայփայելով իր ուսերուն վրայէն։

Հէլպէթտէ եա՛, մեղք է մամադ, օղլում, վրայ կուտար մակաբոյծը անդիէին՝ չար ու նենգ ժպիտով մը առջեւի երկու ակռաները ցուցնելէն։

Բայց երբոր Մերկերեան մինակ մնաց ր տանը մէջ, այս նորութեան վրայ իր բարձրաձայն խորհրդածութիւնները ըրաւ։

Եա՛, վա՛յ զավալլը ախճիկ, գլխուդ փորձանք մը կը դառնայ կոր ամա նայինք ի՞նչ է… Հասկցուեցաւ, ատ տոքթոր օլաճախը աշկ է նետեր ախճկան. հիմա ճանկերուն մէջ առնել կ՚ուզէ կոր… վա՛յ պապանըն… աղուոր ալ կտոր է պէ… Ծօ ան չէ ամա, անդրադարձաւ գանձպահը ձեռքը ճակատի զարնելով, է՜ս ի՛նչի էմ աս գործին մէջ, թաղակա՞ն էմ մի… սօն տարիքիդ մէջ ասանկ գործե՞ր ալ պիտի տեսնաս էղեր, Թա՛դիկ… թո՛ւ քեզի… Պէ՛ ճանը՛մ, վո՞վդ ատանկ գործեր չըներ կոր, աշխրքին ըրա՞ծը ինչ է քի… Միջնորդ հաշտութեան հէ՞, տէր Դանիէլին ըսածին պէս։ Հէմ ան ձգէ, ընելի՞քս ի՜նչ է քի չամաշրճիին պիտի էրթամ ըսեմ որ հանըմը քեզի իր տունը կ՚ուզէ կոր, ախճիկդ ալ հետը, կ՚երթա՞ս մի չէս երթար. հէլպէթտէ կ՚երթաս, ինչ ալ ըլլայ՝ ամիրայի տուն է… չորս օտքով պիտի վազէ… էլչիյէ զէվալ եօք. զաթը հիմակուան զէնկիններուն ո՞րը ասանկ էլչիութիւններով չէ զէնկինցած… չէ՛, Թադիկ, օղլում, ատանկ պաները ումուռդ պիլէ մ՚ըներ. ամա տոքթորին միտքը գէշ է եղեր, խերը անիծեմ անոր ալ մէկալին ալ, մենք մեր գործը նայինք…

Եւ գանձապահը այսպէս իր խղճին եւ արժանապատուութեան զգացումին ըմբոստացման փորձութիւնները հանդարտեցնելով մտաւ անկողին։

Հետեւեալ օրը, Թադէոս աղա եկեղեցիի իր սովորական այցելութենէն ետքը, լուացարարուհիին տունը գնաց։ Մայր ու աղջիկ տունն էին, եւ չափազանց զարմացան իրենղ սեմին վրայ տեսնելու մեծանուն գանձապահը, որ ատանկ անակնկալ կերպով կը հաճէր իր թաղականութեան բարձրունքէն իջնալ մինչեւ այդ խոնարհ ու աղքատ յարկը։

Հրամմեցէք, Մերկերեան էֆէնտի, ըսին մայր ու աղջիկ՝ ներս հրամցնելով պատուարժան գանձապահը, որ իր սովորական ծանրաշուք եւ արժանավայել շարժուածքովը, լռիկ մնջիկ, գնաց տոտոզուեցաւ նեղ ու ցած քազմոցին վրայ, որ պատուհանին ամբողջ երկայնքը կը գրաւէր։

Խե՞ր է, Թադէոս աղա, հարցուց մայրը՝ որպիսութեան սովորական հարցումներէն յետոյ։

—Խեր է, Կիւլիւկ, խեր է, ես պաշըպօշ տեղը մարդու տուն չեմ երթար… ա՛լ սա խեղճութենէն պիտի ազատինք. կ՚օգտէ իշտար ասոր անոր տունը տատեցար նէ…

Այս յառաջաբանին առջեւ, մայր ու աղջիկ շուարած՝ իրարու երես կը նայէին։ Արդեօք մէկէնիմէկ հարստացա՞ծ էին. անակնալ ժառանգութի՞ւն մը եկած գտած էր զիրենք. բայց Կիւլիւկ հանըմ շատ լաւ գիտէր որ թէ՛ իր եւ թէ հանգուցեալ էրկանը շառաւիղները մինչեւ եօթներորդ պորտէն ալ շա՜տ անդին, ամենապզտիկ ժառանգութեան մը հաւանականութիւնն իսկ ընծայելէ անհունապէս հեռու էակներ էին։ Եւ ուրախութեամբ խառն անձկութիւն մը կը նշմարուէր հիմա անոնց դիմքերուն վրայ։ Եւ լուացարարուհին երկու ձեռուըները ահագին փորին վրայ իրարու կապած, աչուըները դէպի ձեղումը կը մրմռար.

Աստվա՜ծ լսէ ծանդ, էֆէնտի, իմ քաշածս վո՞վ կը քաշէ էի…

Ատոր համար, շարունակեց Մերկերեան, թէ քու եւ թէ աղճիկանդ ըռահաթութեանը համար շատ աղուոր բան մը մտածեցի…

Ի՞նչ, Թադէոս աղա։

Ի՞նչ պիտի ըլլայ, տիկին Մարկոսեանը ձեզի իր տունը կ՚ուզէ կոր գիծերով ցորեկով. մարուախճիկ կ՚ելլաք ամիրային տունը ախտարմա կ՚ըլլաք, հէմ տուն կը ռահաթնաս, հէմ աղճիկդ։ Հանըմը շատ կը սիրէ Սոֆին, տոքթորն ալ… Ախճիկդ հանըմին եարտըմ կ՚ընէ, կարերը կը կարէ, տուն ալ սանտ նանկ խզմէթներ կ՚ընես, էղաւ կնաց, վէսէլա՜մ… ի՞նչ ըսիր, Կիւլիւկ։

Անճառ փողփողում մը յանկարծ լուսաւորեց մանկամարդ աղջկան խոշոր ու սեւ աչուըները։ Դէմքին տժգունութիւնը մէկէնիմէկ աղուոր շիկնումով մը սնգուրուեցաւ։ Մատուըները, ներքին տենդէն մղուած, փոթեր կը յօրինէին շրջազգեստին վրայ, ու ան անյագօրէն, խելայեղօրէն մօրը կը նայէր լսելու համար պատասխանը զոր անիկա պիտի տար այս փրկարար առաջարկին։

Կիւլիւկ հանըմ այնքան շուարեցաւ եւ ասանկ անակնկալ հրաւէրի մը այնքան քիչ կը սպասէր, որ ինքն ալ աղջկան երեսը կը նայէր, անոր կարծիքը առնելու պէս. եւ իսկոյն նշմարելով անոր աչուըներուն մէջ, դէմքին գիծերուն վրայ երանութեան ակներեւ փողփողումը, մօր բնազդական յայտնատեսութեամբ, ըմբռնեց ամբողջ բնականութիւնը այդ հրաւէրին, որ իր ու իր աղջկան կեանքին վրայ նոր, լուսաւոր հորիզոններ կը բանար եւ զոր, սա իրենց հիմակուան կենցաղին բոլոր անշքութիւնն ու տառապանքը նկատի առնելով, անհնարին երեւցաւ իրեն մերժել։ Ծնրադիր նստած գետինը, տախտակին վրայ, իր այդ դիրքովը, իր ճարպերուն ամբողջ կշիռը եւ առատութիւնը երեւան հանելով, աչքերը ապուշ ու ողոքալից պաղատանքով թրջած, գանձապահին կը նայէր ու կը կմկմար.

Չիյտեմ ի՞նչ ըսեմ, Թադէոս աղա…անանկ պան մըն է ըսածդ քի նէ հա կրնամ ըսել նէ չէ… Ամա վուրկէ վուր հանըմը իր քովը կ՚ուզէ կոր մեզի. տունո՞վ տեղով մի, սանկ վախիթի մը համար…

ՊԷ ճանըմ, ըսաւ ՄԵրկերեան, սրտնեղած շեշտով մը, տունով տեղով. հէլպէթտէ… Աս խսմէթը ծառուընուդ փախցունէք նէ մէյ մըն ալ չէք կտնար. հինչ նազ տիզ չուզեր. ամիրային տուն է էրթալիքնիդ… հէ՞, Սոֆի, դուն ի՞նչ կ՚ըսես, աւելցուց աղջկան դառնալով։

Սոֆի, որուն շփոթութիւնը այնքան սաստիկ էր որքան ուրախութիւնը անսահման, համեստութիւնը ունեցաւ չէզոք մնալու այս վճռական րոպէին.

Ես ի՛նչ ըսեմ, մայրիկս գիտէ, պատասխանեց դողդոջ ձայնով։

Աղէկ կ՚ըլլաք աղջիկս, աղէկ կ՚ըլլաք, կը պնդէր գանձապահը, մեկնելու պատրաստուելով. կմկմալ չուզեր. վաղը ես մարդ կը ղրկեմ հոս, կէօչէրնիդ կը կապէք կ՚ելլաք դուրս աս աղտոտ տեղէն… լմնցաւ կնաց։

Եւ երկու շուարած, կապկպուած արարածները թողալով որ այդ անակնկալին յուզումները ապրին լուռ ու մունջ, ֆէսը ճակտին վրայ կոխելով եւ «մնաք բարով» մը մռլտալով՝ մեկնեցաւ։

Թադէոս աղային մեկնելէն ետքը, Սոֆի եւ իր մայրը, սահմռկած, իրարու երես կը նայէին, անկարող իրենց այլազան զգացումներն իրարու հաղորդելու, ասոր համար կարծես համարձակութիւն պակսերլով իրենց քով։ Վերջապէս սովորական եւ նախատեսելի բան մը չէր չքաւորութեան այդ անշուք բոյնէն մէկէնիմէկ փոխադրուիլ ամիրայի մը ապարանքին ճոխութեան եւ պերճութեան մէջ, այն հանգամանքով նոյնիսկ, որով Սոֆի եւ իր մայրը այդ փոխադրութեան պիտի ենթարկուէին։

Մանկամարդ աղջիկը իր անցուցած, փայփայած, ըղձացած երազներուն իրականացումին առջեւ կը տեսնար ինքզինքը՝ դիւթական զօրութեամբ մը կարծես։ Ի՜նչ, հոդ ըլլալ, այդ խաղաղ, ազնուական, փարթամ մթնոլորտին մէջ. աղուոր ու սքանչելի երիտասարդի մը կազդուրող եւ հմայքոտ ընկերակցութեան մէջ, մեծանուն ամիրայի մը յարաժամ ու հոգածու հովանաւորութեան տակ, կարենալով վերէն, շա՜տ վերէն նայիլ այնպիսի մարդոց վրայ, որոնց մինչեւ այն ատեն վարէն, շա՛տ վարէն նայիլ տրուած էր իրեն, կուշտուկուռ գոհացում ունենալ անանկ տրամադրութիւններու, որոնք մինչեւ այն ատեն իր քունը խռովեր, սիրտը մաշեցուցեր, միտքը տառապեցուցեր էին. ասիկա չյուսացուած երջանկութեան մը յայտնութիւնն էր, մութ գիշերուան մը մէջ մէկէնիմէկ բարձրացող արեւի մը ճառագայթումը։ Այս անակնկալ եւ անկարելի հրաւէրին հոգեբանութիւնը ընելով, Սոֆի, իր միամիտ ու խանդավառ աղջկան հասկացողոիթեամբը, կարծես գտնալ ատոր բուն շարժառիթը. թէ տոքթորը կը սիրէր զինք, եւ կ՚ուզէր միշտ իր քովը ունենալ իր սիրոյն առարկան։ Ուրիշ ամէն ենթադրութիւններ՝ այս ուզուած, փնտռուած հաւանականութեան առջեւ՝ ջուրը ինկան. ու աղջիկը ատոր համոզումին մէջ անճառելի հեշտութիւն մը խմեց, գինովցաւ, փղձկեցաւ, կոպերուն մէջ արցունքի շիթեր խռնուեցան, զորս խնամքը ունեցաւ ծածկելու իր մօրմէն. ու կ՚երեւակայէր թէ որքա՜ն մեծ ըլլալու էր իր ներշնչած սէրը որ ամիրայի մը թոռը զիջանէր աղքատներ ընդունիլ իր փառաւոր ապարանքէն ներս, ամէն նկատում, ամէն հպարտութիւն ոտնակոխ ընելով։

Է՜յ, Սոֆի, ի՞նչ կ՚ըսես, զաւակս, էրթա՞նք, կը հարցունէր մայրը՝ ա՛լ այդ գործին մէջ ամէն հեղինակութիւն կորսնցուցած, աղջկան կամքին ապաուինելով։

Երթա՛նք մայրիկ, ինչո՞ւ չերթանք, պատասխանեց աղջիկը տիրականօեէն, ատանկ բանի մը համար վարանում մը իսկ անընդունելի դատելով։

Երթա՜նք, աղջիկս, երթա՜նք, աս խեղճութենէն ա՛լ օսանմիշ եղար…

Այդ օրն իսկ տեղափոխութեան պատրաստութիւններով զբաղեցան մայր ու աղջիկ, անձայն անշշուկ, գողերու պէս որոնք յանկարծակիի գալու երկիւղով համակուած են։ Իրենց գինովութեան մէջ անոնք կը վախնային խաթարել իրենց երջանկութիւնը, եթէ ատիկա ուրիշի մը ականջը իյնար։

Մարդու չըսէ՛ք աս եղածը, մայրիկ, կը պատուիրէր Սոֆի իր մօրը, թող ետքը իմանան։

Քովիններո՞ւն ալ չըսենք, Սոֆի։

Չէ՛, չէ՛, մանաւանդ անոնց ըսելու չէ։

Իր անուշ խռովքին մէջ, մանկամարդ աղջիկը եւ ոչ իսկ կը զիջանէր յիշել Համբիկը, անոր սէրը, անոր տառապանքը։ Վայրկեան մը միայն ընդհակառակը երբ մայրը «քովիններուն» խօսքը ըրաւ իրենց այդ գահավեժ հեռացումին մէջ անգթութիւնը ունեցաւ բիրտ ու արժանաւոր ցոյց մը փնտռելու ատ աննշան տղուն դէմ, անոր յանդգնութիւնը պատժելու համար։ Ու մինչեւ իրիկուն, ու մինչեւ կէս գիշեր, մայր ու աղջիկ իրենց մեկնելու պատրաստութիւններովը զբաղեցան, դուռ ու պատուհան գողած, ցած ձայնոց իրարու հաղորդելով, ատեն ատեն իրենց զգացումները։

Առտուն շատ կանուխ էր երբոր եկեղեցիին մէկ ժամկոչը երկու բեռնակիրի հետ երեւեցաւ տնակին առջեւ։

Թադէոս աղան խրկեց մեզի, ըսաւ ժամկոչը կէօչերը պիտի տանինք։

Ամէն բան արդէն կապուած պատրաստուած էր։ Սենեակին երկու դռները բացուեցան, եւ ահա սկսաւ այն աղմուկը զոր տեղափոխութիւն մը կը պատճառէ սովորաբար։ Երկու սնտուկ, քանի մը խոշոր ծրարներ դուրս պարտէզ հանուեցան, բեռնակիրներուն անվերապահ աղաղակներուն մէջտեղ, հակառակ որ Սոֆի, սրտատրոփ, ատեն ատեն պատուիրէր անոնց անշշուկ կատարել իրենց գործը։ Գաղտնիքը երեւան ելած էր վերջապէս։ Դրկից ընտանիքը անկարելի էր որ չնշմարէր այդ յանկարծական տեղափոխութիւնը։ Ձկնորսին կինը, այդ անսովոր աղմուկը իմանալով, իր սենեակին դրան առջեւ ելաւ. զարմացմամբ նայելով այդ իրարանցումին, բեռնակիրներուն, ժամկոչին։

Խե՞ր է, Կիւլիւկ հանըմ, հարցուց վերջապէս, լուացարարուհիին մօտենալով, որ կը հեւար։

Տունէն կ՚ելլանք կորլ

Թոհա՜ֆ պան, պիրտէն պիրէ ի՞նչ էղաք, ծանսըզ ծունսըզ։

Ասանկ եղաւ իշտէ։ Ի՞նչ ընենք, քուզում, խսմէթ…

Վա՛յ մեխկիս, մարդ օր առաջ կ՚իմացունէ. զէհէր թեւերնո՞ւդ պիտի պռնէինք մ՚երթա՞ք պիտի ըսէինք, վա՛յ մէխկիս…

Է՛հ, իշտէ ասանկ եղաւ, ի՛նչ ընենք, Հոռոփ հանըմ, խսմէթ…

Է պարէ վո՞ւր կ՚երթաք կոր։

Վուր երթալնիս մի հարցուներ, Հոռոփ հանըմ, ետկէն կ՚իմանաք…

Քա աս բէք թոհա՜ֆ պան է… 

Այդ միջոցին արդէն բեռնակիրին մէկը քամակին վրայ բարձրացուցած էր երկու ահագին ծրար, զորս տքալով ֆշալով առաւ տարաւ։ Իսկոյն երկրորդ բեռնակիրը սնտուկ մը եւ ուրիշ մանր մունր բաներ շալկած՝ հետեւեցաւ միւսին, մինչ ժամկոչը մնացած մէկ երկու կարասիներ ձեռքը բռնած.

Հանըմներ, ըսաւ Սոֆիին ու մօրը դառնալով կ՚ուզէք նէ երթանք։

Աշնան վճիտ ու թաց առտու մըն էր։ Ամիրային պարտէզը իր յուռթի կանանչութենէն մերկացեր էր. տրտմալի տժգնութիւն մը կը տիրէր ամէն կողմ. բարձր խոտերը չորցեր էին. մինակ թաւախիտ ռազիաներ, դեռ տեղ տեղ իրենց մութ կանանչը կը պահէին, եղանակին հարուածները հեգնելով։ Ածուներուն գծագրութիւնը դեռ կը մնար հեռուն, բայց ծաղիկները, ծառատունկերը գօսացեր էին։ Բրիչին, բահին, հողասանտրին կոթերը տակաւին հեռուանց կ՚երեւային՝ զանազան ուղղութեամբ ցցուած։ Լքումը կը պատկերանար հոն իր ամբողջ տրտմութեամբը։ Մշուշի շղարշային կապտորակ գօտի մը Էյուպի բլուրներուն կողերը կը բոլորէր անշարժ ու թափանցիկ. եւ հրդեհուող արեւելքը իր վսեմափառ շողարձակումովը՝ մինարէներու սրածայրութիւնները կը բռնկցունէր եւ մզկիթներու գմբէթները կը փայլեցնէր։ Հ… գիւղին այդ մենաւոր բարձունքին վրայ առտուան անուշ ու մորմոքող ալ խաղաղութիւն մը կը տիրէր, խանգարուած միմիայն ճնճղուկներու հոյլերէն, որոնք տերեւազուրկ ծառերուն մէջ իրենց անդադրում ճռուողիւնը կը շաղակրատէին։

Սոֆի, կեցած դրանը առջեւ այն սենեակին, ուր իր կեանքին էն անմեղ, էն քաղցր, էն դժնդակ շրջանը ապրեր էր, շուրջը դիտեց, սրտի անծանօթ եւ բուռն սեղմումով մը։ Ընդմիշտ կը լքէր այդ վայրը, ուր իր մանկութեան եւ հասուկ կեանքի վկաները կը մնային դեռ կանգուն. այդ պարտէզը իր ծառերովը, այդ ածուները, այդ թուփերը, այդ շաւիղները որոնց վրայ վազվռտեր, պտտեր էր, այդ սենեակը, ուր իր ամենէն հեշտալի երազները սնուցեր, անոնցմով օրօրուեր էր։ Այդ դրացի ընտանիքը վերջապէս, ձկնորս թումիկը, որուն անհատնում պատմութիւնները դեռ այնքան թարմ էին իր երեւակայութեան մէջ, Հոռոփ հանըմը, իր տրտունջներովը եւ վաղահաս ու յամառ չքաւորութեան դէմ իր անսպառ գանգատներովը։ Համբիկը, ո՜հ այս տղան, իր մանկութեան միակ ու ազնիւ, հեզ, անձնուէր բարեկամը, որուն սէրը, ուշ ծնած եւ մանաւանը ուշ արտայայտուած, մերժեր էր այնքան անողոք ու ակներեւ արհամարանքով մը, որուն հեծեծանքը, լացը, պաղատանքը անտարբեր թողուցեր էին զինքը, եւ որուն տառապանքը հեգնելու անակնկալ անգթութիւնն ունենցէր էր։ Կը թողոիր այս բոլոր բաները, այլեւս անոնց չվերադառնալու համար, ու մոռնալու համար ալ բոլոր այս գգուելի ու նուիրական բաները, որոնց իսկական հանգամանքը չէր կրնար ճանչնալ հիմա որ աւելի հմայքոտ հեռապատկերներ իր միամիտ ու կուսական հոգին թոված, օձի գալարմունքներու մէջ կաշկանդած էին։ Բայց պահ մը արցունքի կաթիլներ դողացին կոպերուն տակ, արագ սթափումէ մը իսկոյն կուլ տրուելու համար։

Երթա՞նք, մայրիկ, ուրիշ ընելիք մը չունինք հոս, ըսաւ ան շեշտով մը ուր իր յուզմունքը չյայտնելու ճիգ մը կար։

Երթանք ախճիկս, ըսաւ լուացարարուհին։

Քա կեցէք, Համբիկիս ալ ըսեմ քի կ՚երթանք կոր, աճապարեց Հոռոփ հանըմ՝ շարժում մը ընելով իր սենեակը մտնելու համար։

Բայց ճիշդ այդ վայրկեանին, սենեակին դրանը մէջ երեւցաւ երիտասարդ, այլայլած, տժգոյն , խոռոչացած, փայլուն աչուըներով, հազիւ թէ հագուած։

Համբիկ, Կիւլիւկ հանըմը տունէն կ՚ելլայ կոր, ըսաւ Հոռոփ զաւկին դառնալով։

Տղան, սեւեռաբիբ, չպատասխանեց, դէմքին վրայ ահաւոր ապշութեամբ մը։

Մնաք բարով, քուրուկս, փութաց ըսել Կիւլիւկ հանըմ ձկնորսին կնոջ մօտենալով, որուն հետ պագտուեցաւ։

Մնաք բարով, ըսաւ անոր ետեւէն Սոֆի, Հռոփ հանըմին ձեռք պագնելով։

Մնաս բարով, զաւակս, աւելցուց լուացարարուհին Համբիկին մօտենալով, որ դեռ շարժում մը չէր ըրած։

Մնաս բարով, Համբիկ, կրկնեց Սոֆի՝ տղուն երկնցնելով իր ձեռքը, զոր բռնելու բարոյութիւնը չունեցաւ Համբիկ։

Եւ Սոֆի, առանց նշմարել ձեւացնելու երիտասարդին այլայլումը, սեւ այծեմազէ շալը տեղաւորեց գլխուն շուրջը, վարսի գիսակները յարդարելով անոր տակ, եւ մօրը հետ երկնցաւ դէպի պարտէզին դուռը, ուսկից երկուքն ալ անյայատ եղան։

Ո՞ւր կ՚երթան կոր, մայրիկ, հարցուց Համբիկ, երբոր պարտէզին դուռը գոցուեցաւ։

Ելան տունէն, օրդտի, ի՞նչ պիչիմ պան ըլլալը չհասկացայ… թոհա՜ֆ պան, թոհա՜ֆ…։

Ելա՛ն, կը մրմռար Համբիկ, պարապ սենեակին բաց պատուհանները դիտելով, դէմքին վրայ անբացատրելի յուսահատութեամբ մը։

Յետոյ մօտեցաւ դրան եւ ներս նայեցաւ. գետնին վրայ ցանցնուած խշտիկի մը փորէն յարդեր դուրս կը պոռթկային, անկիւն մը, հին, շրջած կրակարանի մը մոխիրը գետինը կը ծածկէր՝ մարած ածուխներով խառն. անկողնարանին դուռը՝ ծխնիներէն ելած՝ ցոյց կուտար քուրջերու կոյտեր, զորս մեկնողները լքած էին՝ իբրեւ ցաւագին մնացորդները իրենց երկամաեայ չքաւորութեան։ Պատերը տեղ տեղ կը փլչէին խոշոր ու պզտիկ գամերէ ծակծկուած։ Այդ ամայութեան վրայ տառապած կեանքի հով մը կար։

Ելա՜ն, կը մրմռար Համբիկ, իր տարտամ նայուածքը պտտցնելով սիրուած էակէն մնացած այդ առարկաներուն վրայ, չուզելով հաւատալ անկարելի իրականութեան, որ իր էութիւնը կը սառեցնէր հիմա, մոլորանք կուտար մտքին։

Ի՞նչ կը նայիս, Համբիկ. ըսաւ անդէն մայրը, էլան նէ էլան, ինչերո՞ւս պէտք, տահա աղէկ, ատ օտան ալ մենք կը նստինք։

Յանկարծ, տղան յուսահատական սփոփանքի մը փարեցաւ։

Ե՛ս կը նստիմ ատ սենեակը, մայրիկ, անկողմինս հոս դնենք… չըլլա՞ր…

Բէք աղուոր կ՚ըլլայ, լաւակս։

Համբիկ իր սենեակը դարձաւ, հագուեցաւ, ու շուկայ գնաց։ Մարդերն ու շէնքերը ուրուականի պէս երեւցան նրեն, մտքին զառանցանքին մշուշներուն մէջէն։ Իր մեքենական քալուածքին մէջ հինցած ալքոլամոլ ինքնաշարժութիւն մը կաար, քնաշրջիկի դանդաչումով։ Նայուածքը սեւեռական, թեւերը դէպի առաջ կարկառուն։

Օ՜հ, ելա՜ն, ելա՜ն, կը մրմնջէր ակռաները սեղմած, ներքին ահեղ փոթորիկին իբրեւ միակ արտայայտութիւնը։

Իր յուսահատութեանը մէջ ան կը մտածէր թէ իր սիրած էակը հիմա անդարձօրէն կորսուած էր իրեն համար։ Ցորչափ անիկա իր քովը մնար, իրմէ քայլ մը անդին, զանիկա ողոքելու, անոր անտարբերութիւնը ջախջախելու, վերջապէս անոր համակրութիւնը շահելու գերագոյն եւ հեռաւոր յոյսը սնուցանելու իրաւունք կ՚ունենար։ Գէթ, այս նպատակին հասնելու համար ամէն օր նորանոր ծրագիրներ կարող էր շինել, հոգ չէ թէ զանոնք իրարու ետեւէ ջնջելու ցաւագին հարկաւորութեան դատապարտուած ըլլար։ Բայց հիմա, մեկնած, գացած էր ան, թերեւս մղոններ դնելով իր եւ մերժուած սիրահարին մէջտեղը։ Ասով ամէն յոյս կը փճանար, երեւակայութեան ամէն յիմարութիւնները մուխի պէս կը ցնդէին, տեղի տալով բիրտ ու վայրագ իրականութեան։

Իրիկուան, տուն վերադարձին, անկողինը հապճեպով փոխադրեց պարպուած սենեակը։ Մինչեւ առտու հսկեց հոն. նստած անկողինին վրայ, շնչելով այդ մթնոլորտը զոր տարիներով շնչած էր Սոֆի ասկէց գոհացում մը, սփոփանք մը վայելելով կարծես։ Պահ մը, անդրադառնալով այն վիճակին ահաւորութեանը, որուն մատնուած էր, ջանաց սթափիլ, թօթուել իր վրայէն այդ զարհուրելի մղձաւանջը որ իր կեանքը կը տրորէր, բայց իսկոյն զգաց իր ամբողջ տկարութիւնը՝ ազատուելու այդ ճնշումէն, ու ա՛լ վերջնականապէս համոզուեցաւ թէ սիրոյ ճիրաններուն մէջ այնքան անողոքօրէն բռնուած էր, որքան ճնճղուկը բազէի մագիլներուն մէջ։ Այս համոզումը, որ իր քով այլեւս հաւատք մը կը դառնար, ստիպեց զինքը որ ստեղծուած նոր կացութեան առջեւ աւելի պաղարիւնութեամբ ու աւելի ճարտարութեամբ շարժի։ Նոյնիսկ իրեն այնպէս թուեցաւ՝ իր ենթադրական ճարտարւորումէն՝ թէ կարող է այն բոլոր հնարամտութիւններուն, բոլոր ճարպիկութիւններուն, որոնք յամառ ու անկեծժղծ սիրահար մը իր իտէալին կը յաջողին հասցնել։ Ու գիշերը, մտքին մէջ, մեքենայութիւններ, հնարքներ, վարպետութիւններ, դիւցազնութեան, անձնուիրութեան հրապուրող եւ զմայլելի շարժումներ ծրագրեց, որոնք քարերն անգամ ի գութ պիտի շարժէին, ո՜ւր մնաց Սոֆիի պէս աղապատալից հոգի մը։ Բայց առտուն երբոր լուսը տեսաւ, երբոր իրական աշխարհը իր աչքին պարզուեցաւ, բոլոր ծրագիրները շոգիացած էին, սիրտը դառնութեամբ պաշարուած էր նորէն, եւ այն կորովը, որուն ինքզինքը կարող զգացեր էր գիշերը, գոյութիւն չունէր այլեւս։

Ու վհատած, մտամոլոր, կեցած էր այդ դրանը առջեւ, որուն ետեւը դեռ օր մը առաջ իր երազներուն թագուհին կը շնչէր։ Համբիկ կը վերադառնար իր առջի կսկծալի հառաչին։

Օ՜հ, ելա՜ն, ելա՜ն…

Լուացարարուհին մեկնումին երրորդ իրիկունը, երբոր մերժուած  սիրահարը տուն դարձաւ տրտմաթախիծ, մայրը ըսաւ իրեն.

Համբիկ, Կիւլիւկ հանըմը վո՞ւր գացած ըլլայ նէ աղէկ։

Տղան գլուխը ցցեց, աչքերը յոյսի շէկ կայծերով առլի։ Մայրը շարունակեց.

Մարկոս ամիրային տունը. հանըմը իր քովը առեր է մարուախճիկ։ Քա ատ ի՜նչ եաղլը տեղ ինկեր էն… ամա ատ կնկանը համար ալ խենթ է, սընըրլը է կ՚ըսեն, նայինք տէրտը քաշուելի՞ք պան է։ Հիչ ալ պան չըսին մեզի. ծառուընուն խափմի՜շ պիտի ընէինք…

Բան մը չըսաւ Համբիկ, մինակ մօրը երեսը նայեցաւ ապուշ մոլորագին նայուածքով. յետոյ պարտէզին խորերը երկնցաւ։

Մարկոս ամիրային տո՜ւնը, կը մրմռար, ամիրա՜, տոքթոր, հարուստ մարդիկներ, Սոֆիի ուզած բաները…

Հեռուն, հորիզոնին վրայ քանի մը աստղեր կը սկսէին քթթել ադամանդէ աչուըներնին. մթնշաղին հուսկ երանգաւորումները կը նուաղէին համապարփակ մութին մէջ, որ անջրպետին անծանօթ անկիւններէն կը մաղուէր միահեծան։

Այդ բարձունքին վրայ հովը մեղմեղագին կը հեծկլտար աշնահար ծառերուն մէջ, որնք կմախքներու պէս կ՚ուրուագծուէին խաւարի յատակին վրայ։ Երիտասարդ կը քալէր, գլուխը կախ, թեւերը երկու քովէն երերուն։

Ամիրա՜, տոքթոր… հը՜, տոքթո՜ր, ամիրա՜… կը մրմնջէր։

Յետոյ անդրադարձումով մը դէպի իր վիճակին։

Պասմաճիի չըրա՜խ. րէ՜հ… քանի՞ փարա կ՚ընէ…

Իր յարդարած ածուներուն շուրջը կը դառնար, որոնք երկարատեւ լքումի մը աւելները ցոյց կուտային։ Կ՚ափսոսար իր այդ ունայն, ապարդիւն աշխատանքին վրայ։ Ի՛նչ յոյսերով դատած էր հոդ, որքան քրտինք թափած էր։ Ծիլերուն հետ որոնք բողբոջած էին այդ խոպանէն, սիրոյ ծիլեր յուսացած էր տեսնել այդ աղջկան սրտին մէջ, որ սակայն յամառած էր ամուլ մնալ. մերժելով ամէն արգասաուորում։ Կքած կծկտած այն ծառին տակ, ուր սովորաբար իր գեղանի դրացուհին կը նստէր ձեռագործով մը, Համբիկ ատ պարտէզին կեանքին բոլոր դրուագները կը յիշէր։ Ի՜նչ անհամբեր փութկոտութեամբ մը իրիկունները, մութը չկոխած, գործէն կը դառնար՝ իր սիրային արշաւանքին ձեռնարկելու համար պարտիզպանի երեւոյթին տակ։ Դեռ ականջներուն մէջ կը թրթռար «խե՜նթ»ը, զոր արձակած էր Սոֆի, երբ ինք վերջապէս յանդգնած էր սա դողդոջ ու յանդուգն բառը նետել անոր.

Գիտե՞ս, քեզի համար շտկեցի այս պարտէզը։

Օ՛հ, նայուածքը որով վարձատրուած էր իր այս միակ յանդգնութիւնը։ Ու ատկէ ետքը ա՛լ բան մը չէր համարձակած, ոչ իսկ շարժում մը ըրած էր իր սէրը յայտնելու համար, մինչեւ նամակին տխուր պատմութիւնը։ Այդ նամա՜կը, ամէն բան տակնուվրայ ըրած էր։ Գուցէ ան եղած էր պատճառը որ Սոֆի, խրտչած, սրտմտած, ձգեր հեռացեր էր։ Հիմա, խեղճ տղան կ՚ափսոսար զայն գրած ըլլալուն։ Յաջողութիւնը աւելի հաւանական կը թուէր իրեն, եթէ ինք անձամբ ներկայանար, սիրտը բանար, լար, պաղատէր, համոզէր…

Մութը կը թանձրանար, երկինքի լուրթ բեհեզին վրայ աստղերը հեռաւոր ջահերու պէս կը փայլէին։ Հովը կը սուլէր կողկողաձայն «հո՛ւ, հո՛ւ, հո՛ւ…» Եւ Համբիկ կքած, գրեթէ ինկած ծառին տակ, ինքն ալ կը հեծէր, իր կորսուած սէրը կ՚ողբար.

Սոֆի՛, Սոֆի՛, Սոֆի՛…

Ու հովը, ողբալուր, կը պատասխանէր իր լալգին կանչերուն.

Հո՛ւ, հո՛ւ, հո՛ւ…

Երկար ատեն մնաց այդպէս։ Յանկարծ, հեռուէն ձայն մը։

Համբիկ, վո՞ւր էս. հարդ էկաւ, հաց պիտի ուտենք։

Տղան սթափեցաւ իր դժնդակ զառանցանքէն, ցնցեր իր անդամները որոնք գիշերուան զովութենէն թմրած էին, եւ տուն գնաց։

Ինքնաշարժօրէն, հետեւեալ առտուն Համբիկ շեղեցաւ իր սովորական ճամբէն, եւ Մարկոս ամիրային տանը առջեւէն անցաւ։ Փեղկերը ամրապէս փակուած էին, ու մեռելութիւն մը կը տիրէր այր շէնքին մէջ։ Հոն էր սակայն իր սիրոյ առարկան, զոր թերեւս առանց գիտնալու յափշտակած էին իր ձեռքէն։ Համբիկ, սակայն, այն հրաշալի բնազդովը զոր գերազանցապէս ունին սիրահարները, կը մղուէր անարգ ու ոխերիմ հակառակորդ մը գուշակելու այդ տոքթորին մէջ, որուն գիրկը գացած ինկած էր Սոֆի։ Եւ յանկարծ սիրտը ատելութեամբ եւ վրէժխնդրութեամբ կ՚ուռէր այդ յափշտակիչին դէմ, որ իր փայլուն դիրքէն օգտուելով, իր գիշատիչ մագիլները երկնցուցեր էր մինչեւ այդ անշուք յարկը, անկէց դուրս քաշելու համար դիւրին ու յարմար որս մը իր կիրքերուն յագեցմանը։ Խեղճ տղան, հոգին մահացու դառնութեամբ լեցուած, ելաւ գնաց իր գործին։

Գիւղին մէջ շուտով տարածուեցաւ լուրը։ Ամէն մարդ իր ուզածին պէս մեկնեց մանկամարդ աղջկան փոխադրութիւնը ամիրային տունը։ Սոֆիին տարեկից աղջիկները, նախանձէ խածնուած, լիրբ եզրակացութիւններ հանեցին անկէ։ Իսկ երիտասարդները, որոնք աչք ունէին Սոֆիին, անգութ ու հեգնող զրպարտութիւններու ամբողջ առասպել մը յօրինեցին եւ նոյնիսկ այնքան առաջ գացին որ գայթակղական դէպքեր յերիւրեցին, աչքով տեսածի պէս, հետաքրքրաշարժ ու լպրիչ մանրամասնութիւններով, որոնց մէկ տոքթորը մեծ դեր մը ստանձնած էր։ Եւ որովհետեւ աշխարհիս ամենէն անգութ բանը ամբոխն է— հակառակ որ ամենէն գթած բանն ալ ան ըլլար— , յերիւրանքները բերնէ բերան մեծցան, լայնցան, անողոք համեմատութիւններ առին, ծըւիկ ծըւիկ ընելով աղջկան բարոյականը, քակործելով կարծեցեալ տոքթորին ընկերային հանգամանքը, վար զարնելով ամիրային աղջկան անպատուաբեր թոյլտուութիւնը եւ նոյինսկ պոռալով այն ամօթալի դերը, զոր եկեղեցիին ծերունի եւ շիլ գանձապահը ստանձնած էր այդ գայթակղալից փոխադրութեան գործին մէջ։

Եւ Համբիկ, իր հետ պտտցնելով այն փոթորիկը որ ներսիդին կը մրրկէր, մտիկ կ՚ընէր այս հայհոյալից ասուլիսները, ջանալով անտարբեր մնալ, դէմքին վրայ իր կսկծալի խռովքը չյայտնել, եւ մանաւանդ անզգածօրէն հանդուրժել այն կծու հեգնութիւններուն, զորս իր ընկերները Կ՚ուղղէին իրեն ո՛ւր որ հանդիպէին, շոգենաւը, սրճարանը, փողոցը։

Համբիկ, խեր ըլլայ, խուշը խաֆէսէն թռեր է։

Ծօ տուն ինչի՛ս ավճին էս քի խուշը կը փախցունես կոր…

Վա՛յ սէրսէմ, վա՛յ… մենք ալ մարդ կիտցանք քեզի… ամա սա տոքթորն ալ աղէկ ավճի է եղեր… հէ՞, ի՛նչ ըսիք, տղաք։

Ըսելիք չիկայ… Մերկերեանն ալ միջնորդ հաշտութեան եղեր է։

Ծօ Համբիկ, ատ էխտիյարին սախալին փակիր օր մը. ատ գործը ընողը ան է։

Մանիֆաթուրաճիի աշկերտը, ապշահար եւ շփոթած, մէկէն միւսին երեսը կը նայէր, չգիտնալով ի՛նչ պատասխանել, եւ վերջ ի վերջոյ, ընկճուած, կռնակը դարձնելով անոնց «ինչո՛ւս պէտք»ով մը, որ սակայն իր ամբողջ արիւնոտ հոգեբանութիւնը կը մատնէր։ Սակայն իր ազնիւ հոգին վիշտով ու կատաղութեամբ կը ծառանար բոլոր անհեթեթ ու վայրագ զրպարտութիւններուն դէմ, որոնք իր պաշտանքի առարկային պատիւը կ՚արտաւորէին։ Իր ընդոծին բարութիւնը թոյլ չէր տար իրեն ամբարիշտ գոհունակութեան սատար մը փնտռել հանրային կարծիքին այդ մոլեգին պոռթկումին մէջ ընդդէմ անոր որ անգթութոիւնն ունեցած էր արհամարհել իր խորունկ, անկեղծ, անփոխարինելի սիրոյն լալագին արտայայտութիւնը։

Այդ գոռոզ արհամարհանքը, մանաւանդ այդ յեղակարծ ու գահավէժ հեռացումը, որ միակ լուռ պատասխանները եղած էին իր պաղատանքին, հիմակ հետզհետէ, ուժգին ու անդիմադրելի հակազդեցութեամբ մը, կը հրահրէին իր սէրը. հնոց մը կը դառնար անիկա, որուն մէջ իր ցնցուած, տանջուած, հարստահարուած էութիւնը կը խորովուէր, կը ճենճերէր։

Սենեակը, որ այնուհետեւ մատուռի մը նուիրականութիւնը ունեցաւ իրեն համար, իր ցաւի յուսահատ պայթումներուն անկարեկիր ու խորհրդապահ թատերավայրն եղաւ։ Ժամերով կը փակուէր հոն, դիրք կամ լրագիր կարդալու պատրուակին տակ, եւ աչքերը յուսահատօրէն սեւեռուն, տեսակ մը հաճոյամոլութեան անձնատուր, իր կացութեան կսկիծին մէջ կը թաղուէր, կը տապլտկէր, կը չարչարուէր, այնքան աւելի սփոփանք որոնելով այդ չարչարանքին մէջ, որքան անիկա բուռն, անտանելի, ահարկու ըլլար։ Իր այս հոգեկան սկարութիւններուն դէմ ըմբոստացումի շարժումներ շատ հազուադէպ եղան։ Ասոնց միջոցին, մէկէն ի մէկ ոտքի կ՚ելլար, դէմքը խոժոռ, նայուածքը անգութ, եւ այն մարդոց պէս, որոնք իրենց մէկ մակաբոյծ մտածումը վանելու համար պէտք կը զգան անպատճառ բարձր խօսելու, իբր թէ ձայնական գործարանը լոսցականին վրայ ազդելով՝ յաջողէր հոգեկան տրամադրութիւնները փոխել Համբիկ, խրոխտ ու սէգ, տիրական եւ կտրուկ, կը կենար ու բարձրաձայն.

Ապո՛ւշ, ապո՛ւշ, ապո՛ւշ եմ ես, կը մռնչէր, ինչո՞ւ գերի եղեր եմ ատ անարժան աղջկան… Չէ՛, չըլլա՛ր, անկարելի՛ է, օձիքս պիտի ազատեմ… Ան նախատեց զիս, սէրս ուրացաւ, վա՛տ, վա՛տ…

Բայց, հազիւ ձայնը դադրած, հեկեկանք մը կոկորդը կը խեղդէր, թեւերը անճրկած վար կ՚իյնային, արցունքները կոպերուն տակ կը խուժէին, ու ան, յուսահատ, չորս կողմը դիտելով, փնտռելով այն անկիւնը, որ Սոֆիին սիրելական անկիւնն էր. հոն կը վազէր, վար կ՚իյնար, դէմքը գետնին կը քսկռտէր՝ զսպուած հեծիւններով, ձեռքերովը տախտակները ճանկռտելէն, եւ երբ այս տագնապը անցնէր, հանդարտօրէն, երկիւղածօրէն երկրպագելով իր պաշտեցեալին բացակայ պատկերին առջեւ, պագնելով տախտակամածը զոր ան իր մերկ ոտքերովը շօշափած էր, երկննալով մինչեւ պատերը, որոնց անշուշտ կռթնած էր ան, համբուրելու, հոտուըտալու համար զանոնք յիմարօրէն, շնչասպառ, մարմնադողդոջ։

Սէրը՝ սուր ցաւ մը եղաւ այլեւս, անոր առարկային անհետացումէն սաստկանալով։ Առաջները, զանիկա իր մօտը, իրմէ քայլ մը անդին ունենալու գաղափարը վերջին բայց նշուլագեղ յոյսով մը կ՚օրօրէր իր երեւակայութիւնը։ Սէրը ներշնչումներ պիտի տար իրեն, ասպետական վսեմ շարժումներու պիտի մղէր, որոնք աղջկան խեռութիւնը պիտի ջախջախէին, անոր սիրտն ու հոգին կապտելով, թովելով։ Բայց հիմա, վերջնականապէս վերջացած էր ամէն յոյս։ Այդ բարձրութեան վրայէն, ուր հիմա ելած էր ան, պիտի զիջանէ՞ր այլեւս վար նայիլ, այդ աննշան տղուն, որուն միակ մեծութիւնը իր սիրոյ մեծութիւնն էր, այն անսահման պաշտանքը՝ զոր ունէր անոր համար։

Քանի մը անգամ, փողոցը, հանդիպեցաւ տոքթոր Մարկոսեանին։ Անոր բարձր ու շքեղ հասակը, խիստ ու մոգիչ նայուծաքը, անոր հանդերձանքին պերճութիւնը, հարուստ ու բարձրաստիճան մարդու հովը իր քալուածքին ու շարժուածքին մէջ, բոլոր այս բաները զորս ինք, հէք Համբիկը չունէր, ափիբերան ըրին զինքը։ Այդ ամէն հրապոյրներուն քով ինք կ՚անհետանար, կը ջնջուէր։ Եւ ատիկա, հաւանօրէն, գոնէ ինչպէս որ իր հոտառու սիրահարի բնազդը կ՚ըսէր իրեն, իր հակառակորդն էր, իր սիրոյ մրցակիցը։ Եւ գլխիկոր, ցնորած, շլմորած, ձկնորս Թումիկին տղան կը քալէր, մրմռալով.

Տոքթո՜ր, ամիրա՜… հը՛, ամիրա՜, տոքթոր…

իր յուսահատութիւնը, զոր այլեւս չկրցաւ պարտկել, սկսաւ քիչ քիչ ակներեւ ըլլալ։ Նախ մայրը, որուն արդէն շատոնցուընէ մտահոգութիւն կուտային զաւկին տարօրինակութիւնները, հակառակ անոր բողոքներուն եւ ուրացումներուն, համոզուեցաւ թէ ցաւ մը կը հերիւնէր իր զաւկին կեանքը։ Քանի մը անգամ փորձեց, լալով, հառաչելով պրպտել անոր հոգին, հասկնալով այդ սպաննող վիշտին, յուսահատութեան շարժառիթը։

Զաւակս, տէրտ մը ունիս, չըսե՞ս, ի՞նչ է, քի տէրման մը կտնամ… ճա՛նս ճիյէրս։

Բան չունիմ, մայրիկ, օ՛ֆ, բա՛ն չունիմ ըսինք… դո՞ւն ինչ էտեւէս ինկեր ես, բան գործ չունի՞ս, կը հեստէր տղան, երեսը մօրմէ դարձնելով։

Ունի՛ս, ունի՛ս, զաւակս, օրէ օր սիւզիւլմիշ կ՚ըլլաս կոր, սա նայէ, ըռէնկ չէ մնացեր էրեսդ… աճապա հէքիմի՞ մը երթաս։

Էրկան կ՚ընես կոր…

Աման, զաւակս, ատ տոքթոր Մարկոսեանը շատ մէթ կ՚ընեն կոր, աճապա մէյ մը էլլաս իրե՞ն էրթաս, փէք տիխաթլը կը նայի եղեր… չէ մ՚ըսեր, զաւակս, առնեմ տանիմ քեզի…

Այս անունը լսելուն՝ Համբիկի աչքէն կայծեր թռան, եւ յեղակարծ շառագունում մը պատեց այտերը։ Ու երկնցաւ պարտէզին հեռուները, խուլ անսահմանութեան նետելու իր վիշտն ու զայրոյթը, զոր մարդկային բան մը կարող չէր հանդարտեցնել։

Երթալով, այլեւս իրեն համար, իր սիրային մոլեգին, խելացնոր թափերուն յագեցման համար սովորական բան մը դարձաւ՝ այդ սենեակին մէջ փակուիլ, հեռացած աղջկան ստուերին հետ խօսիլ, հեծել, մռնչել։ Ահաւոր եւ տիրական պէտք մը ծագեցաւ իր մէջ անպատճառ տեսնել Սոֆին, տեսնել աչուըներուն մեղուշ ու ժպտուն թովանքը, դէմքին մոգիչ գծագրութիւնը, հասակին նուրբ ու նազելի վէտէտումը, ու այդ չքնաղ, պաշտելի ամբողջութիւնը վերջապէս, որուն թովչութիւնը այնքան աւելի կ՚աճէր. կը սաստկանար որքան անիկա շարունակէր անյայտ մնալ դիցաբանական խորհրդաւոր լուսապսակով մը փշփշանքուած։

Մութ գիշերներ, սկսաւ յածիլ ամիրային տան շուրջը, անոր մեծակերտ մութ զանգուածին թափանցելու, բաց մնացած փեղկի մը խորհուրդին մէջէն անոր ստուերը տեսնելու յետին սփոփանքին համար։

Բայց այդ պատուհանները, երկաթէ ձողերով ամրացած, անգութ գաղտնապահութիւն մը ունէին, խորունկ եւ անմատչելի։ Պատի մը անկիւնը կծկուած, լայնաբաց ու պիչ նայուածքով, այդ շէնքին վիթխարի փռուածքը կը զննէր, ստուեր մը, սիլուէթ մը տեսնելու խենդութենէն շնչասպառ։ Հակառակ գիշերային իր այս պտոյտներուն ունայնութեան, ատիկա սփոփարար բան մը եղաւ սակայն իրեն համար։ Քանի մը քայլ անդին, հոն, ներսն էր ան։ Ու կ՚երեւակայէր անոր շարժումները, բոլոր այն բաները որոնցմով կրնար զբաղիլ ան, հիմակ որ այլեւս աղքատ խրճիթի մը մէջ չէր։ Թաւիշէ թիկնաթոռի մը վրայ ընկողմանած, գիրք մը կամ լրագիր մը ձեռքը ձեղնաջահի մը լուսայորդութեան տակ։ Այս տեսակ պատկերներու տողանցումի միջոցին իր մղձաւանջոտ աչուըներուն առջեւէն, Համբիկ երբեմն յանկարծ կը ցնցուր, դողդոջական ցնորքէ բռնուածի պէս կռթնած պատին որմաքարերը կը ճանկռտէր եղունգներովը, կուրծքը դուրս ցցած, հեւալով, նայուածքը խենթ ու անշարժ։ Ատուեր մը կը մօտենան թիկնաթոռին, կամաց կամաց, դողդողալով, յափշտակեիչ, գիշատող ծամածռութեամբ։ Տոքթորն էր։ Ու կը մօտենար, անյագ ու վայրենի, շրթունքներու վավաշոտ կարկառումով, աչուըները ախտաժէտ շէկ կայծերով բռնկած։ Ոստումով մը ան իր որսին վրայ էր։ Համբիկ, խեղդուած, ելեկտրացած, ա՛լ կը ձգէր կը փախչէր, պատկերէն հալածական, այսահարի մը պէս, իր սենեակին դրան առջեւ երթալով, ներս քաշկռտուելով դժնդակ ճիգերով, ու հոն, մութին մէջ իր արցունքները պոռթկալով ա՛լ գտնելու համար վերջապէս սփոփանքը, որ հարկաւոր էր՝ ետքի աւելի աղէտաւոր գալարումներուն դիմագրաւելու համար։

Գիշերային այս բացակայութիւնները նոր ցաւ մը եկան աւելցնել խեղճ մօր վշտակոծ սրտին վրայ։ Քանի մը անգամ փորձեց անոր պատճառը հասկնալ։ Բայց Համբիկ, որուն հեզ եւ հանդարտ նկարագիրը անհամբոյր խեռութիւն մը ստացած էր աղջկան հեռանալէն ի վեր մանաւանդ, խոժոռ նայուածքով մը միայն պատասխանեց մօրը, եւ հեռացաւ գնաց։ Անիկա իր անձնական դժբախտութեանը գաղտնի մնալուն մասին այնքան խնամոտ գուրգուրանք մը ունէր, որքան ագահ մը իր ոսկելից գանձին վրայ։ Սէրը նուիրական էր իրեն, որքան անոր պատճառած անհուն ցաւը։

Գիշեր մը ապարանքին շուրջը սլքտացած միջոցին, անհաւատալի տեսարանի մը ներկայ գտնուեցաւ։ Գարնանասկիզբի գիշեր մըն էր։ Լուսին չիկար, բայց աստղերը արտասովոր պայծառութեամբ կը շողային երկնքի լայնալիճ կոնքին վրայ։ Գիւղը կը քնանար։ Հեռուն, գիշերապահւ մահակները կը թնդային երբեմն, Համբիկ, ապարանքին պարտէզի կողմը, հանդիպակաց պարապ գետնին վրայ երկնցած, շէնքը կը դիտէր, պատուհանները պրպտելով, անոնցմէ երեւցող լոյսերուն մէջ իր փնտռած սիլուէդը գտնելու համար։

Յանկարծ, անոր մութ ու խոժոռ ճակատը դիտած ատեն, վերին յարկը, անկիւնէն, պատուհան մը բացուեցաւ եւ կերպարանք մը նկարուեցաւ անոր լուսաւոր շրջանակին մէջ։ Համբիկ, սրտատրոփ, պառկած տեղէն ելաւ, եւ սրունքներուն վրայ կծկուեցաւ՝ իր որսին վրայ յարձակելու պատրաստուող կատուի մը պէս։Սիրահարը, որուն ամբողջ էութիւնը հիմա աչքերուն մէջ խտացած էր, կը դիտէր այդ երեւոյթը։ Տոքթորն էր, իր անգիտակից հակառակորդը։ Քիչ քիչ տղան որոշել սկսաւ այդ կերպարանքը։ Անիկա դուրս կը ծռէր երբեմն դիտելու, եւ մերթ գլուխը ներս կ՚առնէր՝ կարծես սենեակին մէջ գտնուող մէկուն հետ խօսելու համար։ Այս վիճակը բաւական տեւեց, այնքան որ Համբիկ, ձանձացած, նորէն երկննալու վրայ էր հոդ, երբ, մէկէն ի մէկ ուրիշ սիլուէդ մը ուրուագծուեցաւ պատուհանին շրջանակին մէջ։  Տղան կնոջ մը շրջագիծն էր, բարակ ու երկար, մազերու յոյժ ծանօթ յարդարումով մը եւ ընդհանուր շարժուածքին մէջ յայտնի ու մտերիմ բանով մը, որ շանթահար թողուվ Համբիկը։ Սոֆին էր ան, իր երբեմնի ընկերուհին, լուացարար Կիւլիւկին աղջիկը, դեռ երէկ իր յարկից խրճիթին բնակչուհին, հոն ելած մեծանուն ամիրայի մը ապարանքին բարձրութեան վրայ, երիտասարդ, շքեղ տոքթորի մը քովը, անոր բարեկամութիւնը, մտերմութիւնը, թերեւս սէրը վայելելով։

Քով քովի, պատուհանին կռթնած էին անոնք, երեսնին իրարու դարձուցած, գրեթէ շունչ շունչի։ Կը խօսէին շատ մեղմ ձայնով, կարծես լրտեսուելու երկիւղը ունենալով։ Համբիկ, ծունկերուն վրայ դեռ կզկտիկ, այս անհաւատալի երեւոյթը կը դիտէր, առանց թարթափելու աչքերը, հազիւ շունչ առնելով, արձանացած։ Երբեմն, գլուխը իր խօսակցին դարձուած պահուն, Սոֆի իր աջ դէմքին կը ստանար ներսը վառուող լամպարին լոյսը, որ յստակօրէն երեւան կը հանէր անոր գիծերը Համբիկի անյագ աչուըներուն։ Տղան չէր շարժեր, անոնց ուշադրութիւնը գրաւելու վախով։ Աչքերովը կ՚ապրէր։ Իր այդ հայեցողութեան մէջ թաղուած էր, երբ վերը, տոքթորին բազուկը շարժեցաւ կամաց մը եւ աղջկան վիզին վրայ ինկաւ։ Ու իրեն քաշեց այդ գլուխը, ու համբուրեց զայն։

Կուրծքին դաշոյնի հարուած մը ընդունածի պէս ցցուեցաւ Համբիկ, սիրտը բռնելով երկու ձեռուըներովը. ու փախաւ, խենթի պէս վազելով։

Քանի մը շուներ քուներնէն արթննալով, հաջեցին անոր ետեւէն։ Գիշերապահ մը, գող կարծելով զայն, պահ մը հետեւեցաւ անոր, բայց անիկա խթանուած ձիու մը պէս կը փախէր, փողոցներու որոլքին մէջ անյայտ ըլլալով։ Իր սենեակին դրան առջեւ հասնելուն, տղան կերցաւ, ցաւագին հեւքով, կոկորդը խեղդուած։

Պագա՜ւ, պագա՜ւ, կը հեծկլտար։

Ներս մտնելով, ինկաւ անկողնին վրայ, ոչնչացած։ Քունը՝ ահռելի մղձաւանջ մը եղաւ այն գիշերը։ Յանկարծ վեր կը ցցուէր անկողնէն, ձեռքերը բան մը արգիլելու պէս օդին մէջ շարժելով, աչքերու լայնափեռեկ բացուածքով։

Պագա՜ւ, պագա՜ւ կը հեծկլտար։

Յետոյ, սթափած, քայքայուած, կ՚իյնար անկողնին վրայ, բարձին մէջ թաղելով գլուխը, խածխծելով զայն, լուսնոտի մը պէս սրունքներն ու բազուկները գալարելով, շրթունքը փրփրալից, մինչեւ որ թմրութիւնը տիրէր այդ ցաւատանջ մարմինին, ու մինչեւ որ նորէն, աղէտալի պատուհանը, գիշերուան մութին մէջէն, կանգնէր իր աչուըներուն առջեւ, ու ստուերները, հոն , վերը, նորէն փարէին իրարու, եւ ամբարիշտ համբոյրը քստմնելի շռինդով մը թնդար, ու Համբիկ, այսահարուած, նորէն վեր ցատքէր։

Պագա՜ւ, պագա՜ւ։

Հետեւեալ առտուն, Համբիկ չկրցաւ ելլալ անկողնէն։ Բուռն ջերմութիւն մը կ՚այրէր անոր մարմինը։ Զառանցանքը կը շարունակէր։ Մայրը, իր սովորականին պէս, եկաւ արթնցնել զաւակը, ու այդ գէշ վիճակին մէջ գտաւ զայն։ Փորձեց ոտքի հանել, բայց տղան գամուեցաւ մնաց անկողնին, աչքերը գոց, մեռելական տժգունութեամբ, մարմինը դողահար։

Զաւակս խառքէ կ՚ելլա՜յ կոր։

Ու նստաւ անկողնին քով։

Համբիկ, օրդտի՛, ի՞նչ ունիս։

Երիտասարդը կը բանար աչուըները այս աղեխարշ կոչին, եւ բիբերու տարտամ ու խօլ թաւալումով անոր երեսը կը նայէր, կարծես չճանչնալով զանիկա, շուրթերը շարժելով՝ բաներ մը ըսելու համար զոր չէր յաջողեր բանաձեւել, ու շշուկ մը, մռլտուք մը միայն կը լսուէր։

Ի՞նչ ունիս, օրդտի։

Յետոյ, արցունքի առատ կաթիլներ կը վազէին աչուըներէն, առանց հեծկլտանքի, լուռ ու մունջ, որուն կը յաջորդէր թմրութիւն մը, անկանոն շնչառութեամբ, կուրծքի դժնդակ եւ ուժգին ելեւէջով։

Ատեն ատեն, զառանցանքը կը վերսկսէր, Համբիկ կը թօթվըւէր, բազուկները գալարելով, ակռաները կճրտացնելով, եւ աչուըները՝ կոպերէն դուրս ցայտեցնելու աստիճան բացած՝ կարծես հեռաւոր սոսկալի տեսարանի մը սեւեռած, կը մրմռար.

Պագա՜ւ, պագա՜ւ, պագա՜ւ…

Ու մայրը, այս անհասկնալի բայց նշանակալից բացագանչութենէն զարհուրած, մինչեւ դէմքին կը մօտեցնէր իր դէմքը, եւ , պաղատագին, կը հարցնէր.

Ո՞վ պագաւ, զաւակս։

Ու անոր թեւերը, ճակատը, կուրծքը կը շփէր, աղօթքներ մրմնջելոմ, ջուր սրսկելով դէմքին, զանիկա սթափեցնելու համար իր գորովալից մօր բոլոր ռամիկ գգուոտ պերճախօսութիւնը հոլովելով, առանց սակայն կարենալ ազդելու զառանցանքէ տրոփուած այդ ըղեղին վրայ։

Յետոյ, յուսահատած, վազնիվազ գնաց իր քանի մը դրացուհիներուն, աչքը արցունքով լեցուն։

Քուրիկներս, աղաչեց թոթովելով, զաւակս պան  մը կ՚ըլլայ կոր, աման, էկէք նայեցէք մէյ մը։

Երկու դրացուհիներ, իսկոյն, փութացին տղուն անկողնին քով։ Հակառակ սակայն բոլոր խնամքներուն զորս ռամիկ աւանդութիւնը սորվեցուցած էր իրենց, չկրցան տղուն տենդին որեւէ դարման տանիլ։ Ան կը շարունակէր յուզուիլ, հառաչել, տքալ ու իր մղձաւանջոտ յանկերգը մրմռալ. «պագա՜ւ, պագա՜ւ…»

Դրացուհիներէն մէկը, որ փորձառու եւ քիչ մը հոգեբան կին մըն էր, գլխի խորհրդաւոր շարժումներով կամաց մը իր մտածումը միւս դրացուհիին ականջին սպրդեցուց.

Քուրուկ, ես ասոր մէջը պաշխա թիւռլի պանի մը հոտը կ՚առնեմ կոր. աս զավալլը տղան նէ պաղ առած է նէ պան… Ասոր մէջ ախճիկան գործ կայ. չնայի՞ս իքիտէպիր պագա՜ւ, պագա՜ւ կ՚ըսէ կոր…

Վույ Աստուծմէ՜ կտնան ատ ախճիկները քի կիւզէլիմ տէլիխանլըները ասանկ կուլխէ կը հանեն կոր. վո՛ւյ աս հիմակուան ախճիկները…քա քուրուկ, մենք ալ վախտին ախճիկ եղանք… հէ՞, ասանկ ապուրներ կուտէի՞նք, պոռթկաց միւս դրացուհին, այս առթիւ իր ամբողջ թոյնը թափելով՝ նորահատ հայ աղջիկներուն դէմ։

Յետոյ տեսնելով որ իրենց բերած օգնութիւնը որեւէ ազդեցութիւն չունեցաւ տղուն վիճակին վրայ, խորհուրդ տուին մօրը բժիշկ կանչել։

Ձկնորսին կինը, դրացուհիներէն մէկը զաւկին քով ձգելով, աճապարանօք դուրս ելաւ։ Շիտակ ամիրային տունը վազեց, խնդրելու համար Կիւլիւկ հանըմէն եւ Սոֆիէն որ միջնորդեն տոքթորին մօտ եւ համոզեն զինքը որ երթայ դարմանէ Համբիկը ձրիապէս։ Խեղճ կինը առաջին անգամն էր որ ամիրային տունէն ներս կը մտնէր։ Ամբողջ մարմնովը կը դողար։ Գողի մը պէս զարկաւ դուռը, զոր Խաչօն եկաւ բանալ։ Լուացարարուհին հարցուց, որ հեւալով ֆշալով եկաւ բաւական զարմացմամբ բանալով իր մանր աչուըները՝ հոդ տեսնելով իր երբեմնի դրացուհին։

Կիւլիւկ հանըմ, աման ճա՜ր մը, աղերսեց ձկնորսին կինը, երկու ձեռքերը միացուցած պաղատական։

Ի՞նչ կայ քի, քո՛ւրս։

Զաւակս ծառքէ կ՚ելլա՜յ կոր, կիւզէլիմ զաւակս…ճա՜ր մը։

Համբի՞կը։

Հա՛, ճանս, Համբիկը… պիւթին կրակներուն մէջ սայըխլամիշ կ՚ընէ կոր. աճապա տոքթորին օտկը ծառքը իյնամ նէ, մէյ մը կուգայ կը նայի՞… ժամ շնած կ՚ըլլայ։

Ի՞նչ կիտնամ, քուրս, էկու, ներս էկու նայինք, պան մը կ՚ընենք։

Տքալով, հեծելով, ներս մտաւ Հոռոփ հանըմ։ Եւ հոն, բակը, պատին տակ դրուած բազմոցի մը վրայ ինկաւ ուժասպառ, մինչ գէր կինը «Սոֆիիս էրթամ իմացունեմ» ըսելով՝ բակին վրայ բացուող սենեակի մը դռնէն անհետացաւ։ Շատ չանցած, մանկամարդ աղջիկը երեւցաւ։ Դեռ առտու ըլլալով, մազերը գլխուն վրայ ամփոփուած էին անխնամ կերպով, եւ սովորական միաձեւ պարեգօտ մըն էր հագած։ Անսովոր ու յանկարծական այլայլութիւն մը կը նշմարուէր դէմքին վրայ։ Զարմանք ու ցաւ իրարու խառնուած էին հոն։

Ի՞նչ կայ, խե՞ր է, Հոռոփ հանըմ, հարցուց ձայնով մը, որուն դողդոջումը կ՚ուզէր ծածկել։

Զաւակս պիրտէն պիրէ հիւընդցաւ, աղջիկս, շատ կէշ է, սայըխլամիշ կ՚ընէ կոր… ճա՜ր մը։

Տոքթորին երթամ խօսիմ, ըսաւ Սոֆի եւ վերի յարկը տանող սանդուխէն անյայտ եղաւ։

Տոքթորը վար իջաւ եւ հիւանդը երթալ քննելէ յետոյ, սկսաւ հարցուփորձել.

Ձեր ընտանիքին մէջ սառալը մարդ կա՞յ։

Վո՛ւյ պերանդ խեր պաց, էֆէնտի, ըսաւ ձկնորսին կինը՝ չափազանց վիրաւորուած, մեր մէջ անանկ պան չիկայ։

Զարմանալի բան, մրմռաց խեղճ բժիշկը, եւ հիւանդին վրայ ծռեցաւ։

Այդ միջոցին, տղան բազուկները ուժգնօրէն ձգտելով օդին մէջ, աչուըներու ահաւոր սեւեռմամբ. «պագա՛ւ, պագա՛ւ» հռնդաց խուլ եւ տանջուած ձայնով մը։ Մարկոսեան, սարսափահար, ետ քաշուեցաւ։

Վա՛խ, զաւակս, կը հեկեկար անդին մայրը այտերը բռնած, վա՛խ օրդտիս, խելքին եկեր է…

Ի՞նչ է անունը, հարցուց տոքթորը։

Համբիկ։     

Մարկոսեան նորէն հիւանդին վրայ ծռեցաւ, բռնելով անոր թեւը։ Բազկերակը քննեց, մարմնին քանի մը կողմերը շոշափեց, մինչ տղան հանդարտած, քրտնաթաթաւ, տժգոյն, նորէն կը սկսէր հեւալ, աչուըները կիսափակ, անզգայ։

Աթոռին վրայ տեղաւորուելով, ամիրային թոռը հիմա սկսաւ կարգ մը հարցումներ ուղղել մօրը՝ զաւկին բնաւորութեանը, սովորութիւններուն, վարքուբարքին մասին, որոնց կը պատասխանէր Հոռոփ հանըմ, հառաչանքներով ու հեկեկանքներով ընդհատելով իր խօսքերը, եւ մասնաւորապէս ծանրանալով սա կէտին վրայ թէ վերջին ատեններս, տղան, բոլորովին հակառակ իր սովորութեան, գիշերները սկսած էր տունէն դուրս անցունել, եւ աւելի լուռ եւ մտածկոտ երեւոյթ մը ունենալ։ Մօրը ամէն մէկ պատասխանին, տոքթորը խորհրդաւոր եւ մեծիմաստ «հըմ» մը ունէր, ընկերացած դէպի հիւանդը նայուածքի մը։

Ա՛լ բան մը չմնալով հարցնելու, տոքթորը նորէն անկողնին վրայ ծռեցաւ, եւ մեղմ բայց ազդու շեշտով մը.

Համբի՜կ, կանչեց։

Այս ձայնէն՝ տղան ցնցուեցաւ, մէկէնիմէկ աչուըները բացաւ եւ նայեցաւ իր վրայ ծռած այր դէմքին։ Սարսափի ահեղ րոպէ մը եղաւ ատ։ Բարձին վրայէն գլուխը վեր ցցած կը նայէր, խոժոռ արիւնարբու, մոլեգնոտ մայուածքով մը, որուն մէջ ա՛լ զառանցանքի տարտամ յիմարութիւնը չէր որ կը վառէր, այլ ոխերիմ, գիտակից վրիժառութեան հրդեհը։ Երիտասարը, այս տեսարանէն ահաբեկ, ետ ընկրկեցաւ տարապայման երկիւղով մը յանկած պաշարուած, շուրջը նայելով, վերահատ վտանգէ մը խոյս տալու բնազդական շարժումով։

Ու հետզհետէ, լուռ ու մունջ, վեր ելաւ հիւանդը, կեցաւ անկողնին վրայ, վրէժխնդրութեան ուրուական, աչքերը սեւեռած անոր որ իր երջանկութիւնը, իր կեանքը քանդելէն ետք, գործուած չարիքը կարծես մօտէն շօշափելու դիւային հաճոյքին համար մինչեւ հոդ եկեր էր։ Ու ա՛լ տենդը, զառանցանքը չէր որ թօթուեց խեղճ տղուն մարմինը. այս դժոխային անարդարութեան առջեւ, անոր գաղափարէն խարազանուած, կատաղութեան, վրէժի գալարատանջ պրկումի մը մէջ դողաց ան. բազուկները երկարելով մատներու ճանկաձեւ պրկումով մը, եւ կոկորդէն, զոր կարծես անծանօթ մագիլներ կը խեղդէին, բառ մը, բա՛ռ մը միայն ինկաւ, գռեհիկ նախատինք մը, շա՛տ սովորական, բայց որ ահեղօրէն կ՚որակէր, կը թարգմանէր, կը յատկանշէր ամիրայական այդ շարաւը։

Սրիկա՛յ։

Զաւա՛կս, աղաղակեց Հոռոփ հանըմ, թեւերը բացած տղուն վազելով, կարծես արգիլելու զայն որ չյարձակի այդ ազնիւ մարդուն վրայ, որ ողորմասիրաբար մինչեւ ձկնորսի այդ խրճիթը եկած էր։

Բայց արդէն տոքթորը մինչեւ սենեակին դուռը ընկրկած էր, այլայլած, գունատ, ճիչ մը հանելու անկարող, ու հոն կեցեր էր, երեսն ի վեր, մեծաշառաչ ապտակի մը պէս, ընդունելով նախատինքը, դողալով անոր հարուածին տակ։ Ու պիտի փախչէր, երբ տեսաւ հիւանդը որ, կատարած ճիգէն ուժասպառ, նորէն կ՚իյնար անկողնին վրայ, դիակի մը պէս, աչքերը գոց հեկեկալով, դողահար, աչնչացած։

Տոքթոր, օդկդ պագնեմ, զաւակս, պոռաց մայրը աղեխարշ պաղատանքով։

Բայց տոքթորը ա՜լ չկեցաւ։

Խենթեցած է, ես չեմ կրնար նայիլ մը նետեց հէք մօր երեսին ու աճապարանքով հեռացաւ գնաց։

Զաւա՛կս, աղաղակեց Հոռոփ հանըմ եւ նուաղած ինկաւ սենեակին դրան առջեւ, մինչ դրացուհին որ, անկիւն մը, քարացած, այս եղերերգութիւնը կը դիտէր, հիասթափուած, օգնութեան վազեց ձկնորսին կնոջը։