Նախիջեւանի Հայոց վարժարանը եւ Հռոմը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՖՐԱ ՊՕՂՈՍ ՊԻՐՈՄԱԼԼԻԻ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ

ՊՕՂՈՍ ՊԻՐՈՄԱԼԼԻ ԴԷՊԻ ՆԱԽԻՋԵՒԱՆ

ՀՍ-ի Ժողովը, նկատի առնելով Օգոստինոս եպիսկոպոս Բաջենցի խնդրանքը, թէ Նախիջեւանի մէջ պատերազմի հետեւանքով պակսած է հայ միաբաններու թիւը, ոչ միայն ֆրա Անդրէասի հրահանգ կու տայ Հռոմէն Նախիջեւան դառնալու, այլ միասին կը դնէ նաեւ ֆրա Պօղոս Պիրոմալլի Սիտոնացին` իտալացի դոմինիկեանը, որպէսզի վերակենդանացնէ Նախիջեւանի թեմը` յատկապէս օգտակար ըլլալով կղերանոցին մէջ նոր սերունդի կազմութեան: ՀՍ-ի կողմէ 7 Յունիս, 1631 թուակիր յանձնարարական գիր մըն ալ կը գրուի Օգոստինոս եպիսկոպոսի` անոր ուշադրութեան եւ խնամքին յանձնելով Պիրոմալլին [1]:

Պիրոմալլի, եռանդով լեցուն, դէպի Նախիջեւան ճամբու ընթացքին, Մեսսինա գտնուած օրերուն, իրեն ուղեկից ֆրա Անդրէասէ կ’իմանայ, թէ Հայաստանի մէջ շատեր հերձուածող կը դառնան քարոզիչներու սակաւութեան կամ չգոյութեան պատճառով: Հայերը փրկելու կամ դարձի բերելու նպատակով Պիրոմալլի կը սկսի սորվիլ մեր լեզուն [2]: Մեսսինայի մէջ կը գտնէ ուրիշ կրօնակիցներ. այսպէս` Fra Andrea Madalone, Fra Antonio Pesa da Fiandra, Fra Biagio գաղղիացին, ինչպէս նաեւ աշխարհական նկարիչ մը, որու համար Պիրոմալլի կը գրէ, թէ «կը նմանի հրեշտակի»: Հայազգի ֆրա Անդրէասի հետ խումբին թիւը կը հասնէր վեցի, որոնցմէ նախ առաջին երկուքը, ապա մնացածները կը մեկնին Մալթա 22 Սեպտեմբեր, 1631-ին [3]: 5 Յունուար, 1632-ին խումբը դեռ Մալթա է, ուր Պիրոմալլի դարձի կը բերէ քսան տարի առաջ հաւատքը ուրացող յոյն մը, ինչպէս նաեւ թուրք մը. այս լուրը առանձին նամակներով կը հաղորդէ ՀՍ-ի կարդինալներուն եւ քարտուղարին [4]: 8 Յունուարին Մալթայէն մեկնելով` 13 Փետրուարին կը հասնին Հալէպ: Ճամբու ընթացքին գաղղիական դեսպանին կողմէ կ’ենթարկուին տուգանքի, ինչ որ կը զարմացնէ ու կը զայրացնէ Պիրոմալլին [5]:

1632-ի Ապրիլին Պիրոմալլի եւ իր խումբը կը գտնուին Ջահուկ, ուրկէ 23 Ապրիլին կը գրէ առաջին նամակը` ուղղուած պապին. կը նկարագրէ տեսած վանական անկարգութիւնները: Կը գրէ նաեւ Օգոստինոս եպիսկոպոս` յայտնելով իր զարմանքը, թէ ինչպէս այս սովի եւ չքաւորութեան օրերուն հասած են հինգ բերաններ, որոնք կերակրելու համար Հռոմէն պէտք էր հոգացուիլ նաեւ համապատասխան օգնութիւն, մինչ նորեկ խումբը, ճամբու ընթացքին յարձակումի եւ կողոպուտի մատնուելով, Նախիջեւան հասած էին «մերկ», եւ որով Օգոստինոս արդարացի կերպով կը խնդրէ թէ' դրամական օգնութիւն, եւ թէ` «Յետ այսու ոչ մէկը ղրկեցէք, որովհետեւ ի վիճակի չենք զանոնք կերակրելու» [6]:

Պիրոմալլի Նախիջեւան կը մտնէ` իբր բարեկարգիչ, վերանորոգող կրօնաւորական կարգի` քննադատի աչքով դիմացը գտնելով գործելու անչափ ասպարէզ: Քիչ ժամանակ յետոյ տեղի կ’ունենայ բախումը Օգոստինոս եպիսկոպոսի հետ. Պիրոմալլի մինչեւ իսկ կը գանակոծուի եւ կը բանտարկուի 22 ամիս: Մեր նպատակէն դուրս ըլլալով պատմական մանրամասնութիւնները` կը մնանք Պիրոմալլիի` վարժարանէն ներս ունեցած գործունէութեան սահմաններուն մէջ [7]:

Նախիջեւան հասնելուն` Պիրոմալլիի կը յանձնուի Ջահուկի վանքը, ուր դպրոցին մէջ կը գտնէ միայն չորս աշակերտ, որոնց կը սկսի աւանդել լատիներէն լեզուն: Խանդավառ ու լաւատես իր առաջին նամակով, 22 Ապրիլ, 1632 թուակիր, ուղղուած Հռոմի դոմինիկեանց ընդհանրական մեծաւորին` կը յուսայ նորընծաներու թիւը շուտով հասցնել յիսունի` հաստատելով վանական բարեկարգութիւնը [8]: Յաջորդ օրը 23 Ապրիլ, 1632 թուակիր նամակով, ուղղուած Ուրբանոս Ը պապին, կը գրէ, թէ Օգոստինոս եպիսկոպոսէն կարգուած է վանահայր Ջահուկի վանքին «շատ մը սեղմումներով, հակառակ կարգապահութեան եւ հասարակաց կեանքին, թէ կարող պիտի չըլլամ զբաղելու աշակերտներու ուսումով եւ հրահանգումով»: Առ այժմ, աշակերտութեան թիւը մինչեւ Սեպտեմբեր ամիս կը յուսայ հասցնել քսանի: Առաջին չորս աշակերտներուն կը սկսի օրական 15 լատիներէն բառ սորվեցնել եւ օրուան ընթացքին ստէպ կրկնել տալ. «Կը յուսամ տարիէ մը զիրենք լատին դարձնել»:

Պապին ուղղած այս առաջին նամակով Պիրոմալլի կը պարզէ իր ունեցած ուսումնական ծրագիրը, այն է` յաջորդաբար իբր դաս աւանդել Աւետարանը, Պօղոս առաքեալի նամակները եւ Առակաց գիրքին բացատրութիւնը, որպէսզի աշակերտները պատրաստուին ապագայ քարոզութեան: Ապա կ’աւելցնէ, թէ իր այս վանքը աղքատ է եւ մեծ տուրքերու ենթակայ, զոր վճարելու համար ստիպուած է աշակերտներուն հետ հերկել հողը եւ որով կը խնդրէ, որ ՀՍ-ի Ժողովը չուշացնէ նիւթական իր օգնութիւնը [9]:

Ջահուկի վանքին մէջ Պիրոմալլի երկար չի մնար: Ահա թէ ինչ բառերով կը նկարագրէ պատահածները 26 Յունիս, 1632 թուակիր նամակով` ուղղուած ՀՍ-ի քարտուղարին. «[Դէպի Նախիջեւան] ճամբորդութեանս ընթացքին, լսելով, որ գերապայծառ արքեպիսկոպոսը (իմա' Օգոստինոս Բաջենց) նուիրուած է երկրագործութեան եւ կողմնակից չէ, որ աշակերտները ուսանին, մտածեցի մնալ Ջահուկ` առաջին վանքը, որ հանդիպեցանք հոն ուսուցանելու համար: Գերապայծառը զիս այս վանքին վանահայրը կարգեց, բայց քանի մը օր յետոյ, տեսնելով վարժարանին մէջ տարած յաջողութիւններս, առաջարկեց ինծի իր վանքը (իմա' Ապարաներ)` ըսելով, թէ ներկայիս հոն կան շատ ատակ երիտասարդներ, եւ նորեր ալ գալու վրայ են, լաւ է, որ անոնց սորվեցնեմ: Իր ուզելուն համար թողուցի վանահայրութիւնը եւ սկսայ այս երիտասարդներուն դասաւանդութիւնը` բարի տրամադրութեամբ եւ մեծ յաջողութեամբ, որոնցմէ ձեւով մը կը սորվիմ հայերէն լեզուն:

Սակայն այս գործին մէջ չտեսնուեցաւ վճռականութիւն, ոչ ալ իր խոստումին գործադրութիւնը, մանաւանդ թէ մէկը միւսին ետեւէն շեղեցնելով ուսումէն` սովորականին պէս զիրենք դրաւ դաշտի գործերուն վրայ` ըսելով, թէ անոնց բաւարար է միայն հայերէն լեզուն, ուրիշ ուսումներ աւելորդ են, որովհետեւ հոս քրիստոնեաները գիտուն են եւ սուրբ, պէտք ունին դրամի եւ ոչ` իմաստութեան: Արդէն հոս միայն տարուան չորս ամիսները, ձմեռ ատեն, դաս կ’ընեն: Սուրբ Ժողովը կ’ուզէ, որ աշակերտները միայն սորվին, սակայն կարելի չէ, որովհետեւ հարկ է դաշտերու մէջ յոգնիլ... Երբ իմացաւ, թէ դիտաւորութիւնս է աշակերտները Հռոմ ղրկել, շատ անգամ պատասխանեց, որ հրամանը, եթէ նոյն իսկ պապէն կամ Սուրբ Ժողովէն տրուելու ըլլայ, պիտի չգործադրեմ, որովհետեւ այս վանքերը ես իմ դրամովս շինեցի [... ]: Պարզ նորընծաները շաբաթներ ամբողջ դաշտերու մէջ կը գիշերեն, առանց [կրօնաւորական] սքեմի եւ առանց պատարագի. ես կը ջանամ առաջ երթալ հայերէն սորվելով» [10]:

Գրեթէ նոյն բովանդակութեամբ է 2 Յուլիս, 1632 թուակիր նամակը, ուր նորութիւն է Օգոստինոս եպիսկոպոսի դրած պայմանը Պիրոմալլիի, թէ հայերէն լեզուն սորվեցնելուն համար պէտք էր վճարել եպիսկոպոսին, ինչպէս ըրած էր Սպահանէն եկող միսիոնար մը, եւ թէ Ապարաների վարժարանի աշակերտները օժտուած են սորվելու մեծ ատակութեամբ եւ բարի կամքով են, սակայն Օգոստինոս եպիսկոպոս հակառակ է անոնց ուսումին` վախնալով, որ իր կենդանութեան գտնուին անձեր, որոնք գերազանցեն զինքը: Պիրոմալլի ՀՍ-ի քարտուղարէն կը խնդրէ իշխանութիւն` ստանձնելու վանքի մը պատասխանատուութիւնը հոն հաստատելու համար առանձին վարժարան` խոստանալով հինգ տարուան ընթացքին պատրաստել նոր սերունդ` աստուածաբանական գիտութեամբ օժտուած, ապա կ’աւելցնէ. «Հայոց վարժարանը, որ կ’ուզէք հիմնել Հռոմի մէջ, այս կողմերէն աշակերտ պիտի չունենայ, որովհետեւ ծնողները չեն թողուր, որ իրենց որդիները մեկնին այդքան հեռու, քանի ճամբու ընթացքին վտանգներն ու մահը բնական երեւոյթ է, եւ թուրքը չի թողուր, որ անոնք անցնին սահմանը: Իսկ եթէ երթալու ըլլան, անոնք, վարժելով Իտալիոյ պտոյտներուն եւ հանգիստ կեանքին, պիտի չուզեն վերադառնալ. իսկ եթէ դառնալու ըլլան, պիտի չուզեն յոգնիլ, որովհետեւ հոս գետնի վրայ կը պառկին զգեստով, ստէպ կերակուրնին է հաց ու խոտ, իսկ քառասնորդաց շրջանին կերակուրները չեն համեմուիր. իսկ եթէ հոս սորվելու ըլլան, որովհետեւ հոս ապրած են, կրնան մեծ արդիւնք առաջ բերել» [11]:

Օգոստինոս եպիսկոպոսի եւ Պիրոմալլիի միջեւ դրամական խնդիրներ ալ ծագած ըլլալով` անտեղիտալի կը դառնան երկու կողմերը. արքեպիսկոպոսը Պիրոմալլիէ կը պահանջէ 50 սկուդ, որպէսզի անով վարձէ մշակներ, փոխանակ աշակերտներ աշխատցնելու:

Գործնականին մէջ Պիրոմալլի Ջահուկի եւ Ապարաների մէջ երեք ամիս, Ապրիլ-Յունիս, 1632, կատարած էր դասաւանդութիւն, որմէ ետք կը սկսի իր կեանքի ոդիսականը` փոխելով իր կեանքի ընթացքը:

Օգոստինոս արքեպիսկոպոս, վախնալով, որ Պիրոմալլի դառնայ Հռոմ եւ անձամբ պատմէ տեսածները, 12 Օգոստոս, 1632-ին Ապարաների մէջ կը բանտարկէ զինքը [12] ու 19 Օգոստոսին կը գրէ ՀՍ-ի Ժողովին, մասամբ արդարացնելու համար ինքզինքը եւ մասամբ պատմելու Պիրոմալլիի պատճառած գայթակղութիւնները, յատկապէս` թէ Նախիջեւանի վանքերը ծանր տուրքերու ենթակայ ըլլալով` ինքը ստիպուած է դաշտի աշխատանքներու ղրկել աշակերտները, եւ թէ Պիրոմալլի գէշ կերպով կ’աւանդէ ուսումը աշակերտներուն, որոնք իրենց վարժապետէն կը սորվին միայն սուտ խօսիլ. եւ որով դարմանելու համար Պիրոմալլիի պատճառած գայթակղութիւնները ստիպուած փոխած է զինքը պաշտօնէն` յանձնելով վարժարանին պատասխանատուութիւնը ֆրա Անդրէաս Մադալոնէի, այն որ Պիրոմալլիի միացած էր Մեսսինայի մէջ [13]:

Ֆրա Անդրէաս 18 Օգոստոսին կը գրէ երկու նամակ` ուղղուած պապին եւ ՀՍ-ի Ժողովին` գովելով Օգոստինոս եպիսկոպոսի խստակրօն կեանքը, նուիրումը եւ գործը, եւ թէ ինք դրուած է պատասխանատու վարժարանին` փոխան Պիրոմալլիի, որ գործած չափազանցութիւններով «խռովեց եւ գայթակղեցուց ամէնքը. եւ ես կ’ամչնամ, որ ան իմ կրօնակիցս է եւ իտալացի» [14]:

ՊԻՐՈՄԱԼԼԻ ՅԱՋՈՐԴ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՀԱՅՈՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ

Կը փակուի Պիրոմալլիի Նախիջեւանի մէջ սկսած եռամսեայ գործունէութիւնը, սակայն Պիրոմալլի չի դադրիր գործելէ` տարուած հոգեւոր եռանդէն: Օգտուելով Փիլիպպոս կաթողիկոսի բարեացակամութենէն` 1634-ի Յունիս ամսուն բնակութիւն կը հաստատէ Էջմիածին թէ' հայերէն սորվելու եւ թէ' ուղղելու համար հայոց «մոլորութիւնները», Եկեղեցւոյ միութեան ի նպաստ: Հոն կը գտնէ աշակերտներ, որոնք կը յարին իրեն` առինքնուած յատկապէս անոր գիտութենէն: ՀՍ-ի Ժողովը, որ կարդացած էր Պիրոմալլիի Երեւանէն գրած 9 Սեպտեմբեր, 1634 թուակիրը եւ իմացած, թէ կը գտնուի Էջմիածին, 30 Յունիս, 1635-ին կը պատասխանէ` հրահանգ տալով, որ շարունակէ զբաղիլ վարժարանով, կը ղրկէ 150 սկուդ ու կ’աւելցնէ. «Այնու որ կը գտնուիս Փիլիպպոս կաթողիկոսի մօտ, ջանա լա'ւ սորվիլ հայերէն լեզուն, որպէսզի կարենաս խօսիլ հետը [Եկեղեցւոյ] միութեան մասին, ինչ որ ծրագրած էր ընել իր նախորդը (իմա' Մովսէս կաթողիկոս) այս Աթոռին հետ` իրեն ներկայացնելով այն, ինչ որ ուրիշ անգամներ ըրած էր իր ազգը... Եւ եթէ դու ոեւէ յոյս նշմարես այս միութեան, մի' հեռանար իրմէ, որովհետեւ սա աւելի կարեւոր է, քան վարժարանը» [15]:

Մինչեւ այս նամակին հասնիլը Պիրոմալլիի կացութիւնը փոխուած էր. Էջմիածնի մէջ շատցած էր իրեն հակառակորդներու թիւը: 1635-ի ամառը Երեւան կը գրաւուի Սուլթան Մուրատ Դ-էն, ու, հալածանքը զօրանալով, Պիրոմալլի կը փախչի` շուրջ տարի ու կէս թափառելով Հայաստան: Իր հետ կը ցրուին նաեւ իրեն համակիր աշակերտները` հեռանալով Էջմիածնէն:

Պիրոմալլի կը ծրագրէ հաւաքել այս ցրուած աշակերտները վարժարանի սկզբունքով շարունակելու համար իր գործը, այն է` պատրաստել աշակերտներ` կաթողիկէ սկզբունքներով եւ վարդապետութեամբ, որպէսզի անոնք յաջորդաբար խմորեն Հայաստանեայց Եկեղեցին: Պիրոմալլի, որ 1637-ի Մարտ ամսուն մտած էր Պոլիս, 22 Մայիս, 1637-ին կը գրէ պապին. «Ամէնքը կը սպասեն ունենալ նոր եւ ապահով տեղ մը անխռով կերպով ուսումի նուիրուելու համար. այս ուղղութեամբ, եթէ տարբեր կարգադրութիւն չէք կատարած, լաւագոյն է վարժարանը հաստատել Լեհաստանի մէջ, որ մօտ ըլլալով Հայաստանի` շատ մեծ օգուտ կրնայ առաջ բերել, մանաւանդ որ շատ աշակերտներ ունիմ թէ' Պոլիս եւ թէ' Թոխաթ» [16]:

Պիրոմալլիի Պոլիսէն գրած լուրերը խանդավառութիւն կը ստեղծեն Հռոմի մէջ: Պիրոմալլիի քարոզութեան պտուղն էին Կիրակոս վարդապետի եւ Ոսկան Երեւանցիի դաւանութեան թուղթերը, որոնք Հռոմ կը ղրկուին: Հռոմի շրջանակներուն մէջ գոհունակութեամբ կը կարդացուի, թէ Կիրակոս վարդապետի աշակերտները ներքին գաւառներէն կը սկսին հաւաքուիլ Պոլիս, եւ մանաւանդ կարելիութիւն եւս կար, որ Կիրակոս գրաւէր Պոլսոյ պատրիարքական աթոռը:

ՀՍ-ի Ժողովի արձանագրութեան մը մէջ, կատարուած 20 Յուլիս, 1637-ին, համադրուած են Պիրոմալլիի նամակները հետեւեալ կերպով. «Պիրոմալլի հայերէն լեզուն կատարեալ կերպով սորվելէ յետոյ երկու հոգի կաթողիկէ դարձուցած է` Կիրակոս վարդապետ` իր աշակերտը, որ հալածուած է Էջմիածնի կաթողիկոսէն, եւ ուրիշ մը` Ոսկան անունով, պերճախօս: Այս երկուքը, շատ աշակերտներ ունենալով, կը փափաքին ապահով տեղ մը վարժարան բանալ, ուր սրբագրեն իրենց [ծիսական] գիրքերը եւ իրենց ազգը կաթողիկէ դարձնեն` բան մը, որ դիւրին պիտի ըլլայ, եթէ իրենցմէ մէկը հասնի պատրիարքութեան: Այժմ Սուրբ Ժողովը կը մտածէ [կերպին մասին], որ այս երկուքը կարենան մեծ օգուտներ ընել լեհահայոց» [17]:

25 Յուլիս, 1637 թուակիր նամակով այս որոշումը կը հաղորդուի Լեհաստանի առաքելական նուիրակին, որուն կը տրուի նաեւ հետեւեալ հրահանգը. «Որքան լաւ պիտի ըլլար, որ այս երկուքը (իմա' Կիրակոս վարդապետ եւ Ոսկան վարդապետ) Պիրոմալլիի հետ Լէոպոլսոյ մէջ վարժարան բանային 12 աշակերտի համար: Կարդինալները կ’ըսեն, թէ դժուարին չէ համոզել թագաւորը, ու եթէ ներկայիս դժուար է վարժարան կանգնելը, թագաւորը նշանակէ քաղաքին մէջ տուն մը եւ սահմանէ ապրուստի բաւարար միջոց: Դու իրեն ունկնդրութեան երթալուդ պարզէ այս հարցը, որովհետեւ ասիկա ոչ միայն հոգեւոր օգտակարութիւն ունի թագաւորին, այլ կը շահի նաեւ հայոց համակրանքը, եւ հայերը դիւրաւ կը բազմանան այդ երկրին մէջ» [18]:

Նոյն այս բովանդակութեամբ Հռոմէն Պիրոմալլիի կը գրուին ուրիշ նամակներ. այսպէս` 25 Յուլիս, 1637-ին, թէ հրահանգ տրուած է Լեհաստանի առաքելական նուիրակին, որպէսզի գտնէ միջոց, եւ Կիրակոս ու Ոսկան իրենց աշակերտներով կարենան անցնիլ Լեհաստան աստուածաբանական ուսումներու համար. «Բայց դու Կիրակոսին ըսէ', որ առ այժմ մնայ Պոլիս, մինչեւ Լեհաստանի նուիրակէն հասնի պատասխան, եւ կամ Հռոմի մէջ բացուի հայոց համար վարժարան» [19]: Եւ որովհետեւ Կիրակոս վարդապետ 8 Մայիս, 1637-ին գրած էր Ուրբանոս Ը պապին [20], ՀՍ-ի Ժողովը իրեն ալ կը պատասխանէ 25 Յուլիս, 1637-ին, թէ` «... Մնացիր հոն [Պոլիս], մինչեւ որ հոս բացուի հայոց վարժարանը, եւ կամ պատասխան մը ստացուի Լեհաստանի թագաւորէն, քանի մեր նուիրակին գրած ենք, որ խօսի թագաւորին հետ այս նիւթին մասին» [21]:

Վարժարանի մը հարկը գրեթէ ստիպողական կը դառնայ, երբ Պոլսոյ մէջ կը սկսին բազմանալ Պիրոմալլիի աշակերտները: 1 Օգոստոս, 1637-ին Պոլսոյ լատին պատրիարքական փոխանորդը` Guglielmo Vizani, ՀՍ-ի քարտուղարին կը գրէ Պիրոմալլիի չքաւորութիւնը, եւ թէ ինք փոխ տուած է 30 դահեկան, որովհետեւ «ունի տասը աշակերտ, որոնք զինքը չեն ուզեր թողուլ» [22]: Նոյն անձը 8 Հոկտեմբեր, 1637-ին կը գրէ, թէ Պիրոմալլի ետ դարձուցած է իրեն փոխ առած գումարը [23]:

Պոլսոյ գաղղիացի դեսպանն ալ` Cesi, ՀՍ-ի Ժողովին կը հաղորդէ օրուան լուրերը, թէ Պիրոմալլի տեղաւորուած է դոմինիկեաններու Սուրբ Պետրոսի վանքը, սակայն չվճարելուն համար վանականները դուրս կը դնեն զինքը: Դեսպանը իր քով կ’առնէ Պիրոմալլին, «որովհետեւ, բացի տէր Կիրակոսէն, Հայաստանէն կը հասնին շատ մը աշակերտներ, եւ ես միշտ կը տեսնեմ բազմաթիւ հայեր, որոնք կու գան սորվելու իրմէ: Որոշած էր Լեհաստան երթալ, ուր կ’ուզէին հետեւիլ իր աշակերտները. այս որոշումը առած էր, որովհետեւ Հռոմէն ոչ մէկ հրահանգ կը հասնի: Հոս, հայոց մէջ, ունի հակառակորդներ եւ նախանձորդներ, եւ որով անկարելի պիտի ըլլայ հոս վարժարան մը բանալը. սակայն արդարեւ հարկաւոր է, որ ուրիշ ոեւէ տեղ կարգադրութիւն մը ըլլայ... Հաճեցէք որոշել վարժարանին համար» [24]:

Յիսուն օր յետոյ, 20 Սեպտեմբերին, դեսպանը դարձեալ կը պնդէ նոյն գաղափարին վրայ եւ գոհունակութիւն կը յայտնէ, թէ Լեհաստանի մէջ հայոց համար վարժարան մը բանալու ծրագիրը կը հետապնդուի, որովհետեւ «այլեւս Պիրոմալլի չէր կրնար հոս մնալ ապահով կերպով, քանի բազմաթիւ հայեր կը հետեւէին իր քարոզներուն եւ վարդապետութեան... Իր աշակերտներէն ոմանք պատրաստ են ուղղուիլ հոն, ուր իրենց օգուտը կը պահանջէ. կ’ուզեն գրել Հայաստանի զանազան կողմերը, ուր ցրուած են իրենց աշակերտները, որպէսզի իրենց տրուած խոստումին համաձայն` հաւաքուին հոն, ուր կրնայ ապրիլ իրենց ուսուցիչը» [25]:

ՀՍ-ի Ժողովը, տեսնելով Պիրոմալլիի եռանդը, 22 Սեպտեմբեր, 1637-ի նիստով կ’ընդարձակէ անոր միսիոնարական սահմանները` տալով իշխանութիւն, Նախիջեւանէն սկսեալ, ամբողջ Հայաստանի վրայ [26]: ՀՍ-ի Ժողովը իր այս որոշումը կը հաղորդէ Պիրոմալլիի` 30 Սեպտեմբեր, 1637 թուակիր նամակով [27]:

Պիրոմալլի գոհ կը թուի Լեհաստանի մէջ հայոց համար վարժարան մը ունենալու գաղափարէն: 16 Հոկտեմբեր, 1637-ին կը գրէ ՀՍ-ի, թէ գաղղիացի դեսպանին հաւանութեամբ 15 օր առաջ Պոլիսէն Լեհաստան ղրկած է Կիրակոս վարդապետը երեք ընկերներով, մինչ ինք կը սպասէ Ոսկան վարդապետի եւ Կիրակոս վարդապետի հօր` տէր Յովհաննէս երէցի` խոհեմութիւն համարելով մեծ խումբով չմեկնիլ Լեհաստան, Պոլսոյ մէջ աղմուկ չհանելու համար: Սակայն Հռոմի մէջ հայոց վարժարան մը ունենալու գաղափարին համակիր չէ Պիրոմալլի, որ նոյն նամակով դարձեալ իր տեսակէտը կը յայտնէ կարդինալներուն. «Հայոց համար վարժարան կանգնելը այն ժամանակ օգտակարութիւն կ’ունենայ, երբ ըլլայ իրենց ազգին մէջ եւ ոչ թէ ազգէն հեռու, որովհետեւ հայերը հոն պիտի սկսին յաճախել` մղուած կա'մ հետաքրքրութենէ եւ կա'մ ճշմարտութեան սէրէն, ինչպէս ըրին հետս Հայաստանի մէջ եւ հոս: Այս յաջողութիւնը չէ կարելի ձեռք բերել Հռոմի մէջ, որովհետեւ, երբ հայերը իմանան, թէ իրենց աշակերտները սորված են Հռոմի մէջ, պիտի չընդունին զիրենք» [28]:

Սուրբ Ժողովի հրահանգով Պիրոմալլի կը մնայ Պոլիս, սակայն գաղղիացի դեսպանը` Չեզի, այն կարծիքին էր, որ Պիրոմալլի ալ իր աշակերտներուն հետ փոխադրուէր Լեհաստան, հազիւ թէ նոյն նուիրակէն դրական պատասխան մը հասնելու ըլլար: Կը խորհի, որ ծաղկեցնելով Լեհաստան` Պոլսոյ հայերը Սեւ ծովու ճամբով դիւրաւ պիտի փոխադրուին հոն, քան Հռոմ [29]: ՀՍ-ի Ժողովը կը հետեւի Չեզիի խորհուրդին եւ 30 Դեկտեմբեր, 1637 թուականով կը գրէ երեք նամակ` հաղորդելու իր որոշումը, որ Պիրոմալլի Պոլիսէն անցնի Լեհաստան` օգնելու Նիկոլ արքեպիսկոպոս Թորոսովիչի, որ պէտք ունէր օգնութեան: Լուրը կը հաղորդուի Չեզիի, Պիրոմալլիի եւ Լեհաստանի նուիրակին, որպէսզի Լէոպոլսոյ դոմինիկեաններու վանքին մէջ տեղ պատրաստել տայ նորեկ աշակերտներուն համար [30]:

Հռոմէն ստացած հրահանգը ծանր հիւանդութեան պատճառով իսկոյն չկարենալ գործադրելուն համար Պիրոմալլի 10 Ապրիլ, 1638 թուակիր նամակով ներողութիւն կը խնդրէ ՀՍ-ի քարտուղարէն. իսկ Չեզի, նախ 9 Յունուարին ՀՍ-ի Ժողովին կը յայտնէ իր գոհունակութիւնը առնուած որոշումին համար [31], ապա հանգամանօրէն 13 Ապրիլին (1638) կը կրկնէ իր զգացումները` հաղորդելով, թէ Պիրոմալլի «առաքինի քահանայ է եւ կարող` դարձի բերելու հայերը, ու հոս յստակ ապացոյցներ ունեցանք, ի շահ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ: Իր հետ [Լեհաստան] պիտի տանի 3-4 աշակերտներ, որոնք հեռաւոր տեղերէ եկան զինք փնտռելու, հակառակ իրենց կաթողիկոսին բացայայտ հրամանին» [32]:

ՊԻՐՈՄԱԼԼԻ ԼԷՈՊՈԼՍՈՅ ՄԷՋ

Չեզի գաղղիացի դեսպանէն փոխ առնելով որոշ գումար մը [33] ` Պիրոմալլի աճապարանքով կը մեկնի Պոլիսէն 20 Ապրիլ, 1638-ին Ոսկան վարդապետի, տէր Զաքարիայի եւ Պալասանի հետ: Այլեւս չէր կրնար մնալ Պոլիս, թէ' ՀՍ-էն ստացած հրահանգին եւ թէ' մանաւանդ Փիլիպպոս կաթողիկոսէն իրեն դէմ հասած կարգադրութեան համար: Պիրոմալլի 22 Ապրիլին Վառնա է եւ 23-ին` Պրովատոյ, ուրկէ կը գրէ Պոլսոյ գաղղիական դեսպանին` Չեզիի, 7 Մայիս, 1638-ին` յանձնարարելով, որ պաշտպան կանգնի Կիրակոս վարդապետ Երեւանցիի` «յուսալով, որ պտուղ մը առաջ գայ», այսինքն` գրաւէ պատրիարքական աթոռը. հակառակ պարագային խորհուրդ կու տայ, որ զայն ալ ղրկէ Լեհաստան, որպէսզի միանայ իրենց խումբին [34]:

Մինչ այս, Հռոմի մէջ միշտ աւելի կը հասուննայ հայերէն լեզուով Աստուածաշունչ տպելու գաղափարը, քանի Յովհաննէս Անկիւրացի Մոլինոյ` Պոլսոյ Զաքարիա պատրիարքի ներկայացուցիչը, կը շարժէր քարերը: Աստուածաշունչի տպագրութեան համար անհրաժեշտ կը նկատուի Պիրոմալլիի ներկայութիւնը Հռոմի մէջ, եւ ըստ այնմ` Հռոմէն հրահանգը կը մեկնի իրեն, դէպի Պոլիս ու Վարշաւիա, Լեհաստանի առաքելական նուիրակին, որպէսզի առնուած որոշումը հաղորդեն Պիրոմալլիի, եւ սա փութայ երթալ Հռոմ [35]:

Անտեղեակ իր մասին եղած կարգադրութիւններուն` Պիրոմալլի Լէոպոլիս հասնելուն, 12 Յուլիսին (1638) կը գրէ Վարշաւիոյ առաքելական նուիրակին` իմացնելով, թէ հասած է երեք աշակերտներով, ապա հասած է նաեւ չորրորդ մը, սակայն բոլոր խումբը չի կրնար տեղաւորել քաղաքին դոմինիկեաններու վանքը` չծանրանալու համար անոնց, ոչ ալ կրնայ Նիկոլ արքեպիսկոպոսին մօտ զետեղել, քանի ան ալ աղքատ վիճակի մէջ էր: Ուստի Պիրոմալլի կը համարձակի նոյն նուիրակէն խնդրել օգնութիւն, մինչեւ Հռոմէն հասնի իրեն համար սահմանուած գումարը: Նուիրակը 19 Յուլիսին կը պատասխանէ Պիրոմալլիի` հաղորդելով ՀՍ-ի որոշումը իր մասին, այն է` փութալ մեկնիլ Հռոմ, առ այժմ առանց աշակերտներու` խոստանալով կարգադրել անոնց առօրեայ ապրուստը, երբ դէպի Հռոմ ճամբուն վրայ, Վարշաւիոյ մէջ, հանդիպի իրեն: Միաժամանակ նուիրակը կ’ուզէ գիտնալ աշակերտներու տարիքներն ու աստիճանները, ինչպէս նաեւ Լէոպոլսոյ մէջ ծանօթ անձի մը անունը, որպէսզի անոր հաղորդէ իր կարգադրութիւնները նկատմամբ աշակերտներուն [36]:

Նուիրակին այս նամակը չստացած, որով անտեղեակ, թէ կանչուած է Հռոմ` Պիրոմալլի կը սկսի կազմակերպել վարժարանը, որու համար ահագին զոհողութիւններով հասած էր Լէոպոլիս 15 Յունիս, 1638-ին: Չորս աշակերտներէն երկուքը կը տեղաւորէ դոմինիկեաններու վանքը, ուր կը բնակէր նաեւ ինքը, ուրիշ երկու հոգի` Նիկոլ արքեպիսկոպոսի բնակարանը. եւ յուսալով, որ դեռ աւելի բազմանայ վարժարանի աշակերտութեան թիւը` ՀՍ-ի Ժողովէն կը խնդրէ դրամական օգնութիւն [37]:

20 Յուլիս, 1638-ին Պիրոմալլի գրած է երկու նամակ ՀՍ-ի նախագահ կարդինալին եւ քարտուղարին` պատմելով Գանձասարի կաթողիկոսին բարեացակամ կեցուածքը իր անձին հանդէպ, եւ թէ կաթողիկոսը տրամադիր է զինքն իր մօտ կանչել` իբր դաստիարակ եւ ուսուցիչ: Պիրոմալլի, օգտուելով կաթողիկոսի այս դիրքէն, կը թելադրէ ՀՍ-ի Ժողովին, որ պապը ջերմ նամակ մը ուղղէ անոր` հրաւիրելով զինքը Հռոմ Եկեղեցիներու միութիւնը իրագործելու նպատակով, աւելցնելով, թէ գրուելիք նամակին մէջ յիշատակուի Լէոպոլսոյ մէջ հայոց համար վարժարան մը բացուած ըլլալը, վստահ ըլլալով, թէ կաթողիկոսը պիտի ուզէ հոն ղրկել նոր աշակերտներ [38]:

Երբ Պիրոմալլի կը ստանայ ՀՍ-ի հրահանգը` երթալու Հռոմ, նուիրուելու Աստուածաշունչի սրբագրութեան եւ տպագրութեան, ի՞նչ դիրք կ’ունենայ:

Պոլիս գտնուած շրջանին հրահանգ ստացած էր անցնիլ Լեհաստան` օգնելու համար Նիկոլ արքեպիսկոպոսին ազգային եւ եկեղեցական խնդիրներու մէջ: 15 Օգոստոս, 1638-ին Պիրոմալլի Սուրբ Ժողովին կը նկարագրէ երկամսեայ իր փորձառութիւնը նկատմամբ Լէոպոլսոյ թեմին` պարզելով ներքին խռովութիւններ, անհասկացողութիւններ, Նիկոլ Թորոսովիչի դիրքը, եւն.: Եւ կ’ընէ իր թելադրանքները, յատկապէս` թէ պէտք է օգնական մը կարգել Նիկոլի ապահովելու համար յաջորդականութիւնը, որպէսզի անոր մահէն յետոյ աթոռը չանցնի հայոց ձեռքը, եւ չփակուի միութեան կարելիութիւնը: Պիրոմալլի կը հասկցնէ, թէ ներկայիս ինք նեցուկ է արքեպիսկոպոսին եւ որով կը սորվեցնէ թէ' իր աշակերտներուն եւ թէ' Նիկոլի մօտ գտնուող կրօնաւորներուն, որոնք, տեսնելով, թէ Պիրոմալլի կ’ուզէ կուրօրէն հնազանդիլ եւ, ամէն ինչ թողլով, մեկնիլ Հռոմ, միացած Թորոսովիչի` կը խնդրեն իրմէ չթողուլ զիրենք. «Արդ, արքեպիսկոպոսին հանած դժուարութեան, աշակերտներուս օգնելու եւ զիրենք նեղութեան չմատնելու...  նաեւ ճանապարհի ծախս չունենալուս համար մտածեցի սպասել, մինչեւ ստանամ այս նամակիս պատասխանը»: Պիրոմալլի համոզուած էր եւ նոյնը կը թելադրէ ՀՍ-ի Ժողովին, թէ նման բարեպատեհ առիթ պէտք չէ կորսնցնել, քանի կաթողիկէութիւնը տարածելու նպաստաւոր է ներկայ ձեռնարկը, քանի կայ հայութիւն, ճշմարտութիւնը սիրող երիտասարդութիւն, գիրքի դիւրութիւն, կարելիութիւն` քիչ ծախսով Արեւելքէն բերելու աշակերտութիւն, որոնք սորվելով կրնային դառնալ իրենց երկիրները եւ ձեռք բերել սպասուած պտուղը:

Սկսած գործը կատարին հասցնելու նպատակով Պիրոմալլի կ’ուզէ հաշտեցնել նաեւ իրեն տրուած հրահանգը, այսինքն` Լէոպոլսոյ մէջ նուիրուիլ հայերէն Աստուածաշունչի վերատեսութեան` օգնական ունենալով իր աշակերտները, «յատկապէս` Ոսկան վարդապետը, որ քաջ ծանօթ է հայկական աստուածաբանութեան եւ լաւ տեղեակ իրենց գիրքերուն, ինչպէս նաեւ Նիկոլ արքեպիսկոպոսը»: Ահա այս բոլորը պարզելէ յետոյ Պիրոմալլի կը սպասէ Հռոմէն տրուելիք հրահանգին [39]:

Շուրջ տարի մը յետոյ է, որ Պիրոմալլիի 15 Օգոստոս, 1638 թուակիր նամակը կը զեկուցուի ՀՍ-ի 18 Յուլիս, 1639-ի նիստին, ուր անտեղիտալի կերպով անհրաժեշտ կը նկատուի Պիրոմալլիի Հռոմ ներկայութիւնը, եւ որով կը փութան հասցնել ճանապարհի ծախսը [40]:

Գրեթէ անբացատրելի եւ անհասկանալի կը մնայ մեզի ՀՍ-ի Ժողովին այս որոշումը, քանի ինքն էր, որ հետամուտ եղած էր, որ Լէոպոլսոյ մէջ բացուէր հայոց վարժարանը, եւ ահա հազիւ սկսած` ինքը կու տար հրահանգը փակելու նոյնը Պիրոմալլիի մեկնումով: Հռոմ ինքն ալ շփոթած էր եւ չէր գիտեր, ինչպէս լուծել ծագած հարցերը: Սուրբ Գրքի տպագրութեան համար պատրաստուած անձեր չունենալով` միակ տրամադրելի եւ վստահելի անձը Պիրոմալլի կը մնար, քանի դեռ չէր ձեւացած ու յայտնուած Կղեմէս Կալանոս. եւ որով կը զոհէ Լէոպոլսոյ վարժարանը, ապահովելու համար Աստուածաշունչի տպագրութիւնը` միշտ յուսալով աւելի ընդարձակ տարածութեամբ նպաստել կաթողիկէութեան տարածումին: Դժբախտաբար, պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ այս գործն ալ կիսատ կը մնայ, չըսելու համար, որ չի յաջողիր:

Պիրոմալլի ստացած հրահանգին համաձայն` Օգոստոսին (1639) կը մեկնի Լէոպոլսէն: Սեպտեմբեր 3-ին Վիեննա է, 21-ին` Վենետիկ, ուրկէ կ’իմացնէ ՀՍ-ի քարտուղարին, թէ մօտ օրէն կը յուսայ հասնիլ Հռոմ:

Իսկ Լէոպոլիս մնացած աշակերտներէն Ոսկան վարդապետ կը դառնայ հայրենիք, Կիրակոս վարդապետ` Պոլիս, Զաքարիա Աղամ եւ Բալասան` Հռոմ, ուր այսպէս կը փակուի պատմութեան այս էջն ալ:



[1]           Lettere volgari, vol. 11, f. 60.

[2]           Պիրոմալլի Մեսսինայէն, 15 սեպտեմբեր, 1631-ին, առ ՀՍ-ի Ժողովը (SOCG, vol. 6, f. 255):

[3]           SOCG, vol. 6, f. 260.

[4]           SOCG, vol. 7, ff. 251, 252.

[5]           SOCG, vol. 149, ff. 277, 278. Ճամբու ընթացքին գրած նամակները կը զեկուցուին ՀՍ-ի 29 մարտ, 1632-ի նիստին: Հմմտ. Acta, vol. 8, f. 47, n. 2:

[6]           SOCG, vol. 103, f. 260.

[7]           Հետաքրքրուողը կրնայ մանրամասնութիւնները կարդալ` ԱՄԱՏՈՒՆԻ եպս. Կ., Ոսկան վրդ. Երեւանցի եւ իր ժամանակը, Վենետիկ, 1975, էջ 35-50:

[8]           SOCG, vol. 104, f. 322.

[9]           SOCG, vol. 104, f. 315.

[10]        SOCG, vol. 104, f. 314.

[11]        SOCG, vol. 104, f. 316.

[12]        Օգոստինոս արքեպիսկոպոս Պիրոմալլին բանտարկելէ ետք գաղղիացի ֆրա Բիաճիոն կը ղրկէ Հռոմ, որպէսզի անձամբ պատմէ Նախիջեւանի մէջ պատահածները: Ֆրա Բիաճճիոյ 16 դեկտեմբեր, 1632-ին Պոլիս է եւ համառօտ մը կը գրէ ՀՍ-ի Ժողովին պատահած դէպքերը` աւելցնելով, թէ Հռոմ հասնելուն, բերանացի պիտի մանրամասնէ (SOCG, vol. 103, f. 227): Օգոստինոսի եւ Պիրոմալլիի գրած նամակները կը զեկուցուին 28 փետրուար, 1633-ի նիստին, եւ կ’որոշուի սպասել ֆրա Բիաճիոյի Հռոմ ժամանումին (Acta, vol. 8, f. 196, n. 11): 25 յունիս, 1635-ի նիստին դարձեալ կը զեկուցուի նոյն հարցը, եւ կ՚որոշուի գրել Օգոստինոս արքեպիսկոպոսի` պահանջելով բացատրութիւն եղած դէպքերուն (Acta, vol. 10, f. 265, n. 50). բայց այն ատեն արդէն հարցերը կերպարանափոխ եղած էին, եւ Պիրոմալլի հեռացած էր Նախիջեւանէն: Պիրոմալլի բանտէն ազատելէ ետք կ’ապաստանի Էջմիածին, ուրկէ կը գրէ Ուրբանոս Ը պապին 29 յունիս, 1634-ին` ըսելով, թէ նոյն վանքին մէջ կը սորվին 40 ուսանողներ, որոնք չեն տարբերիր ծերունիներէ եւ զարմանալի կերպով, իրենց 15 տարեկան հասակին, բառ առ բառ կրնան արտասանել Դաւթի սաղմոսները, Եսայիի մարգարէութիւնը, Աւետարան, Պօղոսի թուղթերը ու ամբողջ Նոր Կտակարանը ու կ’եզրակացնէ, թէ ինքն ալ ջանք կ’ընէ նոյնը սորվելու, որպէսզի կարենայ խօսիլ անոնց հետ (SOCG, vol. 59, ff. 207-208):

[13]        SOCG, vol. 103, ff. 271+286.

[14]        SOCG, vol. 103, f. 276; vol. 104, f. 328.

[15]        Lettere volgari, vol. 15, f. 69.

[16]        SOCG, vol. 156, f. 207.

[17]        Acta, vol. 12, f. 331, n. 39; SOCG, vol. 156, f. 208.

[18]        Lettere volgari, vol. 17, ff. 69-70.

[19]        Lettere volgari, vol. 17, f. 16.

[20]        SOCG, vol. 180, f. 287.

[21]        Lettere volgari, vol. 17, f. 74.

[22]        SOCG, vol. 156, ff. 152-153.

[23]        SOCG, vol. 156, f. 177.

[24]        SOCG, vol. 156, f. 11.

[25]        SOCG, vol. 156, f. 12.

[26]        Նոյն այն շրջանին Հռոմի մէջ վառ էր հայոց համար Աստուածաշունչ տպելու գաղափարը. այս ժողովական նիստով կ’որոշուի, որ Պիրոմալլի համեմատէ հայկական Աստուածաշունչը Վուլկաթային հետ ու սխալները հաւաքելով ղրկէ Հռոմ:

[27]        Lettere volgari, vol. 17, f. 106.

[28]        SOCG, vol. 156, f. 224. Պիրոմալլիի այս նամակը զեկուցուած է ՀՍ-ի 12 դեկտեմբեր, 1637-ի նիստին: Հմմտ. Acta, vol. 12, f. 424, n. 23:

[29]        Cesi Պոլիսէն, 18 հոկտեմբեր, 1637-ին առ Ինկոլի` ՀՍ-ի քարտուղարը:

[30]        Lettere volgari, vol. 17, ff. 136-137.

[31]        SOCG, vol. 159, f. 78, 169.

[32]        Նոյն տեղը:

[33]        Cesi նախորդ նամակով կը շարունակէ գրել ՀՍ-ի Ժողովին. «Իր ճամբորդութեան համար 50 տոլար տուի Agostino Tudisio Ragusei-ի ձեռքով, որովհետեւ անցեալ տարուան 30 տոլարը, որ ղրկած էիք իրեն, սպառած էր իր ուսանողներուն համար. հաճէիք 50 տոլարը վճարել այդ վաճառականինfi»:

[34]        SOCG, vol. 159, f. 189.

[35]        Cesi` Պոլսոյ գաղղիացի դեսպանը, 6 յունիս, 1638-ին կը գրէ ՀՍ-ի Ժողովի ծիրանաւորներուն եւ քարտուղարին, թէ Պիրոմալլիի Հռոմ կանչուիլը, Աստուածաշունչի տպագրութեան համար ամենակարեւոր ըլլալով, Պիրոմալլիի պիտի հասցնէ ոչ միայն ՀՍ-ի նամակը, այլ ինքն իր կողմէ ալ պիտի յորդորէ, որ օր առաջ ճամբայ ելլէ դէպի Հռոմ (SOCG, vol. 159, ff. 61-62): Նոյն բովանդակութեամբ է նաեւ Լեհաստանի նուիրակին Վարշաւիայէն գրած 10 յուլիս, 1638 թուակիրը, ուր կը խոստանայ. «Պիտի ըսեմ իրեն [Պիրոմալլիի], որ շուտով երթայ Հռոմ` թողլով իր աշակերտները» (SOCG, vol. 137, f. 279):

[36]        SOCG, vol. 137, f. 282.

[37]        SOCG, vol. 137, ff. 364+371.

[38]        SOCG, vol. 81, f. 435, 445. Քարտուղարին ուղղուած նամակին մէջ (f. 435) Պիրոմալլի կը խնդրէ ունենալ իրեն տրուած հրահանգներուն օրինակները, այն է` Հայաստան երթալուն եւ Նախիջեւանի մէջ վարժարան բանալու, որպէսզի տպագիր հրատարակէ:

[39]        SOCG, vol. 81, ff. 427-428.

[40]        Acta, vol. 13, f. 315, n. 25.