Նախիջեւանի Հայոց վարժարանը եւ Հռոմը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՖՐԱ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ-ԴՈՄԻՆԻԿՈՍ ՆԱԶԱՐԵԱՆ

ԿԵՆՍԱԳՐԱԿԱՆ ՏՈՒԵԱԼՆԵՐ

1645 տարիէն սկսեալ` ֆրա Յովհաննէս Նազար Հռոմ է: Տարի մը առաջ եւ տարի մը ետք զինք կը գտնենք Ֆրանսա, ի նպաստ Նախիջեւանի վանքին դրամ հանգանակելու: 21 Հոկտեմբեր, 1646-ին ձայնը կը լսենք Իտալիոյ Վիթերպոյ քաղաքէն, ուրկէ կը գրէ Հռոմ` զուտ անձնական խնդրի մը համար [1]:

ՀՍ-ի դիւանի հատորներէն թիւ 416 եւ 417 թղթածրարներու վկայաթուղթերը, առհասարակ` անթուական, գրուած են 1647-1648 տարիներուն: Կը բովանդակեն աղերսագիրներու շարք մը, որոնցմէ ոմանք Նախիջեւանի առաքելութեան պատկանելով հոս կը ներկայացնենք կարգով:

ա. «Ֆրա Օգոստինոս Բաջենց` արքեպիսկոպոս Նախիջեւանի, կը խնդրէ դրամական օգնութիւն շինել տալու եպիսկոպոսական զգեստներ, որոնցմէ զուրկ է տարիներէ ի վեր: Ան աղքատ է եւ կը բնակի հերձուածողներու եւ անհաւատներու մէջ, որոնցմէ ոչ միայն չի գտներ օգնութիւն, այլ միայն նեղութիւն» [2]:

բ. «Նախիջեւանի արքեպիսկոպոսը իր կղերանոցին պահպանութեան համար պէտք ունի հազար սկուդի, միաժամանակ շինելու համար եկեղեցիներն ու անհաւատներու ձեռքէն ազատելու համար գերիներ: Ինք աղքատ է, եւ տարեկան մուտքն է 50 սկուդ» [3]:

գ. «Օգոստինոս արքեպիսկոպոս կը խնդրէ, որ վերանորոգուին իրեն տրուած հոգեւոր իշխանութիւնները եւ եօթնամեայ դիւրութիւնները» [4]:

դ. «Ֆրա Յովհաննէս-Դոմինիկոս Նազար հայը Հայաստանէն եկած է Հռոմ. դոմինիկեաններու Միներվա վանքը չ’ընդունիր զինքը, հակառակ որ ան որդի է հռոմէական նահանգին: Կը խնդրէ Ձեր միջամտութիւնը» [5]:

ե. «Նախիջեւանի դոմինիկեանները, երբ պատերազմներու պատճառով չունէին դպրոց, որուն հետեւանքով չէին գիտեր սուրբ խորհուրդներու մատակարարութիւնը 21 տարիէ ասդին, Սուրբ Ժողովին միջամտութեամբ սորվեցան բարոյական աստուածաբանութիւն, իմաստասիրութիւնfi, ինչ որ գոհացուցիչ է, եթէ նկատի առնուի, որ ապրելու համար պէտք են աշխատիլ նաեւ երկրագործութեամբ: Այս պատճառով Սուրբ Ժողովը ուզեց նպաստել` տալով հրաման, որ երկու երիտասարդ կրօնաւորներ գան Հռոմ ուսանելու համար: Բայց նկատած ճամբու երկարութիւնը եւ դժուարութիւնները, նաեւ թէ իրենց վանքերը չեն կրնար զրկուիլ երկու երիտասարդ ոյժերէ` կը խնդրեն, որ անոնց փոխարէն Սուրբ Ժողովէն տրուի 150 սկուդ, որպէսզի հոս [Հռոմ] նոյն դրամով սորվին ուրիշներ» [6]:

զ «Ֆրա Յովհաննէս-Դոմինիկոս Նազար դոմինիկեանը, Սուրբ Ժողովէն նշանակուած ըլլալով միսիոնար Հայաստանի եւ պատասխանատու` Ալինճայի վարժարանին, պիտի մեկնի: Ճամբորդութիւնը երկար ու դժուարին ըլլալով` կը խնդրէ հարիւր սկուդ, ինչպէս նաեւ երկու տարուան կանխիկ թոշակ, որ սովորութեան համաձայն` կը վճարուի երեք տարին անգամ մը, քանի դժուարին է ամէն անգամ առիթ գտնել գումարը Նախիջեւան փոխանցելու համար» [7]:

է. «Ֆրա Յովհաննէս Նազար կը պարզէ, թէ Արեւելքի մէջ, ըլլա'յ կաթողիկէներ, ըլլա'յ հերձուածողներ, ուրբաթ օրերը չեն ուտեր կաթնեղէն եւ հաւկիթ ու կը գայթակղին, երբ տեսնեն եւրոպացիներ, որոնք կ’ուտեն, կը խնդրէ, որ միսիոնարներուն հրահանգ տրուի հետեւելու տեղական սովորութեան» [8]:

Այս բոլոր խնդրագիրները շարադրուած ըլլալու են ֆրա Յովհաննէս Նազարէ, որ սահմանուած էր Նախիջեւան երթալու, իբր գլխաւոր պատասխանատու տեղւոյն վարժարանին: Այս վճիռը առնուած էր ՀՍ-ի 1 Ապրիլ, 1648-ի նիստով [9]. 27 Մայիս, 1648-ի նիստին ալ կ’որոշուի տալ 150 սկուդ մէկ անգամուան համար, որպէսզի վերահաստատէ վարժարանը, միայն վեց աշակերտով, իբր օգնական ունենալով Փրանկիսկոս Ըստայբանում (Don Franciscus Staybanum) [10]:

Այս լուրը 20 Յուլիս, 1648 թուակիրով ՀՍ-ի Ժողովը կը հաղորդէ Նախիջեւանի արքեպիսկոպոսին, Օգոստինոս Բաջենցի` յորդորելով, որ նեցուկ կանգնի նորեկին, որպէսզի ան կարենայ ազատօրէն գործել [11]:

Դէպի Ապարաներ ուղեւորութիւնը ճամբուն ընթացքին կրած հիւանդութեան պատճառով կը տեւէ տարի մը: Գրած է երկու նամակ նախ Վենետիկէն 3 Սեպտեմբեր, 1648-ին, ապա Լեհաստանի ճամբով մտած է Էրզրում, ուրկէ գրած է 6 Հոկտեմբեր, 1649-ին` միշտ ուղղելով ՀՍ-ի քարտուղարին խնդրելով, որ հաւատք չընծայուի Հայաստանի մասին գէշ խօսողներուն, այլ սպասել, որ ինքը հասնի Նախիջեւան` խոստանալով հաղորդել մանրամասն տեղեկութիւններ: Վենետիկի մէջ գնած է Ապարաների վարժարանին համար շատ մը գիրքեր, որոնց թիւը կը հասնի 250 հատորի: Ֆրա Յովհաննէս Նազար ՀՍ-էն ստացած էր 150 սկուդ վարժարանին համար, 100 սկուդ ալ` ուղեւորութեան համար. ճամբուն ընթացքին կը սպառէ 180 սկուդ եւ որով կը խնդրէ, որ եռամեայ դպրոցական թոշակը` 450 սկուդ, վճարուի իրեն կանխիկ, բայց չյանձնուի դոմինիկեան միաբանի մը, յատկապէս` ֆրա Գրիգոր Ծործորեցիի, այլ Հալէպի կարմեղականներու միջոցով փոխանցուի իրեն [12]:

Ծերունի Օգոստինոս արքեպիսկոպոս Բաջենց գոհ է եղած կարգադրութենէն: 29 Հոկտեմբեր, 1649-ին, պատասխանելով ՀՍ-ի Ժողովին, կը յայտնէ, թէ ֆրա Յովհաննէս Նազարի կը թողու ամէն ազատութիւն, որպէսզի վարժարանին մէջ սորվեցնէ լատիներէն լեզուն ութը նորընծաներու եւ ուրիշ մանուկներու [13]: Նոյն լուրը ՀՍ-ի քարտուղարին կը հաղորդէ նաեւ նորեկ ֆրա Նազար 20 Նոյեմբեր, 1649 թուակիրով, թէ վարժարանին մէջ ունի «ութը նորընծայ եւ ուրիշ մանուկներ, աւելի քան ինչ որ Դուք նշանակած էիք. քանի մը տարիէն կը յուսամ խումբ մը հասցնել Աստուծոյ այգիին համար. բայց դուք ամէն տարի հաճէիք հասցնել 150 սկուդը» [14]:

Ճիշտ այս տարիներուն է, որ Հռոմի մէջ Կղեմէս Կալանոս հետամուտ էր հայերէն լեզուով դասաւանդել փիլիսոփայութիւն եւ աստուածաբանութիւն հայ միսիոնարներ պատրաստելու համար: Այս շարժումը քաջալերողը ՀՍ-ի Ժողովն էր, որ չկարենալով ամբողջովին իրագործել «Հայոց վարժարան»-ի մը ծրագիրը` կը դիմէր այս մասնական լուծումներուն, մանաւանդ որ Չիտտադինի արքեպիսկոպոսի թողած ահագին գումարը կը մնար ՀՍ-ի Ժողովին տրամադրութեան: Այս բոլորին տեղեակ էր Օգոստինոս Բաջենց, որ 10 Սեպտեմբեր, 1650-ին կը համարձակի գրել ՀՍ-ի քարտուղարին. «Տարի մը առաջ գրեցի Ձեզի, որպէսզի Չիտտադինիի թողած գումարէն մաս մը շնորհէք մեզի: Կը խնդրեմ նաեւ, որ նոյն գումարը չգործածուի ուրիշ տեղեր վարժարան բանալու համար, քանի այդ գումարով բացուելիք վարժարանը սահմանուած է մեր այս տեղւոյս եւ ոչ ուրիշ տեղւոյ համար, ուր կը յաճախեն հերձուածողներ, կը սորվին եւ ապա, սուրը մեր ձեռքէն առնելով, կը կռուին մեր դէմ, ինչպէս ըրին ֆրա Պօղոս Պիրոմալլիի կարգ մը աշակերտները, որոնք մեր մեծագոյն թշնամիներն ու հալածողներն են: Թէատինները Ձեզ համոզեցին, որպէսզի Հռոմի մէջ վարժարան բանաք, ուր Կղեմէս Կալանոս ըլլայ տեսուչ, որպէսզի փայլի եւ տարածուի իրենց միաբանութիւնը: Ես պիտի ստիպուիմ ծախել արծաթէ խաչս ու սպասս պարտքերս վճարելու համար եւ ապա փախչիմ եւ գամ Հռոմ. եւ Սուրբ Աթոռը թող հոգայ յաջորդս, որովհետեւ այլեւս ես չեմ դիմանար [«non posso piկ»]: Ուստի հաճէիք ղրկել երեք տարուան թոշակ ֆրա Նազարի, որ եռանդով կ’աշխատի. ան ստացած է միայն տարուան մը թոշակ. ապա թէ ոչ` պիտի ստիպուի փակել վարժարանը, որովհետեւ ես եմ, որ կը պահեմ` յուսալով, որ հասցնէք հարկաւոր գումարը» [15]:

Վարժարանին պատասխանատուութիւնը ստանձնելէ տարի մը ետք, ֆրա Նազար, 14 Սեպտեմբեր, 1650-ին գրելով Հռոմի իր բարեկամներէն Գերմանիկոս Ֆապրիի, տեղական զանազան լուրեր հաղորդելէ ետք կը գրէ. «Վարժարանը, ուր կը դասաւանդեմ լատիներէն, ունի 12 աշակերտ, որոնցմէ վեցը նորընծայ են եւ կը սորվին Սուրբ Ժողովին դրամով, իսկ միւս վեցը` գերապայծառ Օգոստինոսի վճարումով»: Ու նոյն բարեկամէն կը խնդրէ, որ միջնորդէ եւ ՀՍ-ի Ժողովէն ստանայ վարժարանին համար երեք տարուան թոշակը, որու վճիռը տրուած է 1 Ապրիլ, 1648-ին [16]:

Ֆրա Յովհաննէս Նազար 1651-ի Յուլիս ամսուն գացած է Սպահան երկու կարեւոր խնդրի համար: Առաջին` խնդրելու Պարսից Շահէն, որ 20 հայեր, որոնք ուրացած են քրիստոնէական հաւատքը, կարենան կրկին դառնալ իրենց հաւատքին. եւ երկրորդ` ստանալու համար 300 սկուդ արժող ձեռագիր Աստուածաշունչ մը, որ Ապարաների վանքին կտակով թողած է կաթողիկէ հայ մը, որու կինը նոյն ձեռագիրը փոխանցած է հայ վարդապետի մը: Ֆրա Նազար կը յուսայ Աստուածաշունչը «ստանալ չորս օրէն, քանի հայոց գլխաւորները, յատկապէս` խոճա Սաֆրազ իմ կողմս է. հազիւ ստանամ, պիտի դառնամ Ալինճա, ուր թողած եմ միաբան մը, որ բաւական լաւ գիտէ լատիներէն»: Ֆրա Նազար իր այս 14 Յուլիս, 1651 թուակիր նամակով դարձեալ կը յիշեցնէ ՀՍ-ի Ժողովին, թէ ցարդ ստացած է միայն տարուան մը թոշակ, մինչ կը մտնենք չորրորդ տարին, եւ վարժարանը կը յառաջանայ միայն պարտքով. «Տարի մը եւս, եւ եթէ չվճարուի, պիտի դառնամ Հռոմ, որպէսզի դրամն առնելով` փակեմ պարտքերս» [17]:

Այս նամակին կ’ընկերանայ ուրիշ վկայական մը` 13 Յուլիս, 1651 թուակիր, գրուած Սպահանի մէջ, շատ հաւանաբար, ֆրա Նազարի թելադրութեամբ, որպէսզի ՀՍ-ի Ժողովը ստիպուի հասցնել վարժարանին խոստացած թոշակը: Վկայականին մէջ կը յայտարարուի, թէ Ապարաների վարժարանին մէջ, Սուրբ Ժողովի 1 Ապրիլ, 1648-ին տրուած վճիռին համաձայն, 12 աշակերտներ կը սորվին լատիներէն եւ բարոյական, ու 12 աշակերտներէն վեցը` ՀՍ-ի ծախսով: Վարժարանին բարւոք ընթացքի մասին կը վկայեն Սպահանի շատ մը լատին միսիոնարներ, ինչպէս Սպահանի եպիսկոպոսական փոխանորդ` Fra Mattias a S. Augustinus, ինչպէս նաեւ օգոստինեան վանքի վանահայր` Fra Josephus a Rosario: Ստորագրողներու շարքին կը հանդիպինք նաեւ Պօղոս Պիրոմալլիի անունին [18]:

Թոշակի պակասով կը տառապէին թէ՛ անոր պատասխանատու ֆրա Նազար եւ թէ' մանաւանդ Օգոստինոս Բաջենց, որ չդիմանալով ՀՍ-ի լռութեան` 22 Դեկտեմբեր, 1651-ին կը գրէ թէ՛ պապին եւ թէ՛ ՀՍ-ի Ժողովին` բողոքելով. «22 տարի է, որ կը կառավարեմ թեմս, եւ Ձեր հրահանգով է, որ բացուեցաւ հոս վարժարանը: Անցեալին տուած էիք 150 սկուդ, որու 100-ը ֆրա Նազար Հռոմէն Նախիջեւան ճամբու ընթացքին ծախսելով` միայն 50-ը սահմանուեցաւ վարժարանին: Որպէսզի Ձեր հրահանգը կատարուի, շարունակել կու տամ վարժարանը` պարտքի դրամ առնելով. ու պարտքս հասաւ 250 սկուդի: Հաճէիք ղրկել երեք տարուան թոշակը, որ խոստացած էք, ինչպէս նաեւ յաջորդ երեք տարիներունը` կանխիկ, որովհետեւ հոս ոչ միայն դրամ չեն տար պարտքի, այլ տրուածներուն համար կ’առնեն 25 առ 100 տոկոս: Հաճէիք վճարել նաեւ ինծի, նոյնպէս ինչպէս կը վճարուի ուրիշ եպիսկոպոսներու: Ցարդ ծախեցի արծաթներս, որ նուէր ստացած էի, երբ Հռոմի մէջ եպիսկոպոս ձեռնադրուեցայ եւ Պարսից թագաւորէն դեսպան ղրկուեցայ Լեհաստան» [19]:

Օգոստինոս Բաջենց իր այս նամակները յանձնած է ֆրա Յովհաննէս Շապունիսի, որ կը ղրկէր Հռոմ, որպէսզի անձամբ ներկայացնէր ՀՍ-ի` Նախիջեւանի թեմին կարիքները: Այս առիթով կը գրէ նաեւ ֆրա Յովհաննէս Նազար 23 Դեկտեմբեր, 1651 թուակիր` համառօտելով Օգոստինոս արքեպիսկոպոսի գաղափարները. իսկ 28 Դեկտեմբեր, 1651-ին երկրորդ նամակով մը` միշտ ուղղուած ՀՍ-ի նախագահ կարտինալ Գապպոնիի թէ` «Գրեցի Զմիւռնիոյ միսիոնարներուն, որպէսզի մեզի փոխանցեն դրամ եւ փոխարժէքը գանձեն Ձեզմէfi Կը խնդրեմ չվշտանայիք այսպէս գրելուս համար, այլ հաճէիք Դուք եւս գրել Զմիւռնիա, որպէսզի երեք տարուան թոշակը ղրկեն մեզի» [20]:

Կարմեղական ֆրա Ֆելիչէ Տէ Սանդ Անտոնիոյ 25 Յունուար, 1650-ին Մալթայէն կը գրէ ՀՍ-ի քարտուղար Մասսարիի թէ ինք չորս ընկերներով կը մեկնի իր առաքելութեան` դէպի Պարսկաստան: Այդ նամակով կը յիշեցնէ, թէ անցեալին Հռոմի մէջ կը փնտռուէր միսիոնար մը ղրկելու Էջմիածին, ինչպէս նաեւ` թէ կար ծրագիր` Սպահանի մէջ բանալ կղերանոց մը հայոց համար, «ինչ որ կարելի է իրագործել քիչ ծախսով եւ կրնայ ունենալ մեծ օգուտներ»: Ֆելիչէ կ’ուզէ այն տպաւորութիւնը թողուլ, թէ ինք պատրաստ է ստանձնելու պատասխանատուութիւնը, բաւական է, որ կարտինալ Գապպոնի համաձայն գտնուի առաջարկին [21]:

Սպահանի մէջ հայոց համար վարժարան մը բանալու լուրը կը հասնի նաեւ ֆրա Նազարի, շատ հաւանաբար, 1651-ին, երբ Սպահան գացած էր հովուական հարցերու համար: Բնականաբար, կը խռովի ֆրա Նազար, մանաւանդ որ տարիները կ’անցնէին, եւ Հռոմէն չէր ստանար խոստացուած թոշակը: 6 Փետրուար, 1652-ին ֆրա Նազար թէ՛ կը ներկայացնէ Նախիջեւանի վարժարանին վիճակը եւ թէ՛ կը բողոքէ Սպահան բացուելիք վարժարանին համար. «Աստուծոյ շնորհքով վարժարանս կը ծաղկիfi ունի 12 աշակերտ, 6-ը կը սորվին լատիներէն եւ հայերէն գրական լեզուն, իսկ վեց ուրիշ տղաք` [Օգոստինոս] արքեպիսկոպոսին եւ իրենց ազգականներուն դրամական նպաստով: Ձեր սահմանած 150 սկուդ տարեկան թոշակը վեց աշակերտի համար` ինծի եւ ուրիշ հայ միաբանի մը, որ կը դասաւանդէ հայերէն գրական լեզուն, շատ քիչ է: Կը խնդրեմ, որ ինծի համար աւելի վճարում մը ըլլայ, թուղթի, մելանի, զգեստի, ճամբորդութեան, որ կ’ընեմ առաքելութեանս համար. իսկ եթէ պիտի չօգնէք, հրաման տուէք, որ դառնամ Հռոմ: Ես, իբր ՀՍ-ի աշակերտ, կ’ըսեմ Ձեզի, թէ հոս ոչ մէկ հայ ղրկեցէք իբր միսիոնար, եւ կամ` թող գան եւ նախ տեսնեն, քանի մը տարի սորվին: Անոնք Հռոմի մէջ Ձեզ կը խաբեն եւ առաքելութիւն ընելու անունին տակ դրամ կ’առնեն եւ ուզածնին կ’ընեն: Ահա Քիւրտիստանի երկու միսիոնարները, ֆրա Մատաթիա եւ ֆրա Մատթէոս, թող օրինակ ըլլան»: Այս բոլորը գրելէ ետք կ’անցնի երկրորդ կէտին. «Լսեցի, որ մեր արքեպիսկոպոսին հակառակութիւն ընելու համար մեր այս վարժարանը կ’ուզեն փոխադրել Սպահան: Ականջ մի' տաք անոնց, որովհետեւ հոս 400 տարի մեր նախնիքը արիւնով շահած են այս ժողովուրդը, եւ մեղք է ասոնց ձգել: Հռոմ քսան տարի դրաւ այս վարժարանը բանալու որոշում առնելու համարfi Նկատի առնել, որ ցարդ ինծի ոչինչ վճարուած է Հռոմէն» [22]:

Օգոստինոս Բաջենցի ղրկած երկու ներկայացուցիչները` ֆրա Յովհաննէս Շապունիս եւ ֆրա Թադէոս, կը հասնին Հռոմ, կը ներկայացնեն Օգոստինոս Բաջենցի եւ ֆրա Յովհաննէս Նազարի աղաչական ու սպառնական նամակները, որոնք, վերջապէս, կու տան իրենց արդիւնքը: ՀՍ-ի 18 Յունիս, 1652-ի նիստին կ’որոշուի կատարել Ապարաների վարժարանի թոշակին վճարումը, ինչպէս նաեւ Օգոստինոս արքեպիսկոպոսին համար պատարագի սպասներու ամբողջական սարք մը` մատանիով եւ հովուական գաւազանով [23], որոնք կը յանձնուին ֆրա Գրիգոր Ծործորեցիի եւ ֆրա Յովհաննէս Շապունիսի, որ 1 Յուլիս, 1652 թուակիր ստացագիրին վրայ ստորագրած է` «Ես` ֆրա Ջվանս»` հաստատելով ստացած ըլլալն ու իրենց տեղը հասցնելու պատասխանատուութիւնը [24]: 2  եւ 8 Յուլիս, 1652 թուակիր նամակներով ալ ՀՍ-ի Ժողովը կը քաջալերէ Օգոստինոս արքեպիսկոպոսը` գնահատելով զինք իբր քաջ հովիւ, իմացնելով, թէ Քռնայ վանքի վանահօր ձեռքով կը ղրկուին իրեն սրբազան սպասներ` մատանի ու հովուական գաւազան, յանձնարարելով, որ չծախէ զանոնք «ոչ մէկ պատճառի համար, չզրկուելու համար հովուական պաշտօնին այնքան կարեւոր սպասներէն» [25]: 28 Յուլիս, 1652-ին ՀՍ-ի կողմէ կը գրուի նաեւ ֆրա Յովհաննէս Նազարի, թէ` «կանգնած կղերանոցիդ համար Քռնայ վանահօր (իմա' ֆրա Յովհաննէս Շապունիս) յանձնուեցաւ 600 սկուդ, որպէսզի շարունակես սորվեցնել վեց հայ աշակերտներու: Պէտք է արդարացնես Սուրբ Ժողովին վրադ դրած յոյսերը: Առ այժմ աշակերտներէդ երկուքը ղրկէ Հռոմ, որպէսզի Ուրբանեան վարժարանին մէջ կատարելագործեն իրենց ուսումները» [26]:

ՕԳՈՍՏԻՆՈՍ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԲԱՋԵՆՑԻ ՄԱՀԸ ԵՒ ՅԱՋՈՐԴԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԸ

Մինչ այս, ՀՍ-ի նամակը Նախիջեւան չհասած` 17 Ապրիլ, 1653-ին կը վախճանի բազմավաստակ եւ տառապեալ Օգոստինոս արքեպիսկոպոս Բաջենց: Յաջորդ ամսուն Նախիջեւանի մէջ երեք կրօնաւորներ եւ տասը աշխարհականներ կը շարադրեն նամակ մը` 20 Մայիս, 1653 թուակիր, ուղղուած ՀՍ-ի Ժողովին` առաջարկելով երկու անուն, իբր յաջորդ վախճանող եպիսկոպոսին` ֆրա Յովհաննէս-Դոմինիկոս Նազար եւ ֆրա Յովսէփ Յիսուսի. առաջինը` ունեցած գիտութեան եւ անխախտ հաւատքին համար, երկրորդը` հոգեւոր եռանդին եւ կառավարելու մէջ խոհեմութեամբ օժտուած ըլլալուն համար [27]:

Անկախ այս նամակէն, 11 Յուլիս, 1653-ին ունինք երկրորդ նամակ մը, ուր իբր թեկնածու կը ներկայացուի ֆրա Յովհաննէս-Դոմինիկոս Նազար: Հոս կու տանք նամակին պատճէնը.

«Ծանուցանեմ սրբութեան, որ այժմ Ժողովոյն սէկրիթար է, որ ես չորս տարի է բրիվէնջիալ էի, հինգ տարի վիքար եւ պրէֆէթ Քուրթստանու. զի յորժամ մեր եպիսկոպոսն փոխեցաւ առ Տէր, երեք ամիս համբերեցաք, թէ Յակոբէն (իմա՛ ֆրա Յակոբ Յիսուսի) խապար գոյ. յետոյ խապարն եկ, թէ դեռ եւս Վէնէտիկն է: Տեսանք յետոյ է գալիս: Երկրորդ` տեսանք, թէ տէր Մաթէոսն (իմա՛ Յովհաննէսեան), տէր Մաթատիա (իմա՛ Մորաքքա) վանքի ապրանքով, հերէտիկոսով բանն շբոթեցին: Մեք հաւատարմէ մարդիք, որ ֆրա Ճան Տումէնիքոսն (իմա՛ ֆրա Յովհաննէս Նազարն) յուղարկեցաք, թէ կամիք իմանալ` այս է, զոր այդ գրով ծանուցանեմք: Ժողովուրդն աւելի տէր Յակոբն կ’ուզի. ապայ կարդալու իմաստութեան թոյլ է, յետոյ ԿԳ [63] տարու մօտ մարդ է: Ֆրա Ճան Տումէնիկոսն իմաստութեան, սաստի անդիմանելոյ եւ մխիթարելոյ, հաւատի, օրինաց եւ քարոզութեան խիստ լաւ է. եթէ այտոր պէս պատառող մարդ չի լինի, այս մեր թեմս ուրիշ այլ մարդ այլ բան չի կարենալ շինել. քանզի այս թեմս, ուր եմք մեք` որպէս զոչխարս ի մէջ գայլոց: Եթէ ֆրա Ճան Տումէնիկոսէն ի բաց մարդ Ձեր սրբութեան գիր գրէ կամ չարախօսէ, մի' հաւատայք նմա, զի այս տեղս փողի զօռով, թուրքին վանքին փողն ուտեցնելով զմեզ թուրքերն կանչեն, թէ` իմ խաթերն համար թուխտս ձեռնագրէ, ուժով պիտի որ ձեռնագրենք: Վասն այսորիկ, եթէ տէր Մաթէոսն, տէր Մատաթիէն գիր գրեն կամ չարախօսութիւն զՃան Տումէնիքոսէն, մի' հաւատայք, եթէ զիմ ձեռագիրն այլ տեսանէք, քանզի ուժով է, որպէս ի վերայ ասացաք: Այս տեղս փողով ամէն ինչ կու լինի: Դարձեալ ծանուցումն լիցի քոին սրբութեան, որով Դուք ուղարկէք, օրհնէք եպիսկոպոս այս տեղս, թէ քահանայ, թէ ժողովուրդ ղապուլ կանի:

Յուլիսի ժա [11], թվ. ՌՈԾԳ [1653]:

Ես տէր Պետրոսս Խօշկայշինցի, պրէդդիկատօր ջէնէրալ

եւ Քուռդիստնոյ միսիօնին պրէֆէթ,

իմ ձեռօքս ձեռայգրեցի» [28]:

Ֆրա Յակոբ Յիսուսի, որու անունը այս նամակին մէջ կը յիշուի, շուրջ 12 տարի բացակայելէ ետք, որու մասին պիտի խօսինք իր տեղը, կը դառնայ Նախիջեւան ու ճամբուն վրայ, Էրզրումի մէջ, 9 Հոկտեմբեր, 1653-ին կը հանդիպի ֆրա Յովհաննէս Նազարի: Իսկ սա վերջինս 15 Փետրուար, 1654-ին կը հասնի Վենետիկ ու քառասնօրեայ արգելափակման օրերուն, 11 Մարտին, հետեւեալը կը գրէ ՀՍ-ի Ժողովին. «17 Ապրիլ, 1653-ին վախճանեցաւ Օգոստինոս արքեպիսկոպոս, եւ նոր ընտրութիւն ընելու համար կը սպասէին, որ Հռոմէն հասնի գաւառահայրը [ֆրա Յակոբ Յիսուսի]: Սպասեցին, բայց Ապրիլին Զմիւռնիայէն լուր հասաւ, թէ ան դեռ Վենետիկ կը գտնուի: Տեսնելով, որ կ’ուշանայ, ու վախնալով, որ անարժան մէկը ընտրուի, կարգապահ միաբաններէն ոմանք եւ խումբ մը աշխարհականներ խորհուրդ ընելով որոշեցին, որ ես Հռոմ երթամ իրենց յանձնարարական նամակներով` ներկայացնելու Ձեզի այս խնդիրը, որ աւելի կարեւոր է, քան վարժարանի հարցը, մանաւանդ որ ֆրա Գրիգոր [Ծործորեցի] հասնելու վրայ էր Ապարաներ: Ճամբուս ընթացքին հանդիպեցայ նաեւ ֆրա Գրիգորի, որու յանձնեցի վարժարանի փոխտեսչութիւնը [fi]: Ֆրա Յակոբ [որու հանդիպեցայ Էրզրումի մէջ], կ’ուզէր, որ ես վերադառնամ Ապարաներ օգնելու համար, որ ինք ընտրուի արքեպիսկոպոս: Խորհրդակցեցայ ֆրա Սիլվեստրոյի [Բենդիչի] եւ ուրիշներու հետ, ու յարմար նկատուեցաւ, որ ես ճամբաս շարունակեմ Հռոմ, որովհետեւ այդ նահանգին մէջ ոչ ոք յարմար է ըլլալու արքեպիսկոպոս, քանի բոլորն ալ տգէտ են ծայր աստիճան եւ որով անարժան, ինչպէս ֆրա Մատթէոս Յովհաննէսեան եւ ֆրա Մատաթիա Մօրաքքա, որոնք հերձուածողներու եւ թուրքերու ձեռքով կ’ուզեն ընտրուիլ: Մանրամասնութիւնները կը բացատրեմ բերանացի» [29]:

Տարիներ ետք, երբ Պիրոմալլի արքեպիսկոպոս վերջնական կերպով Նախիջեւանէն կը դառնայ Հռոմ, 17 Դեկտեմբեր, 1663-ին, հաշուետուութիւն մը կը ներկայացնէ ՀՍ-ի Ժողովին, ուր յիշելով անցեալ դէպքեր` կը գրէ, թէ` 1652-ին Ապարաներ կը գտնուէր ֆրա Յովհաննէս-Դոմինիկոս Նազար, որ ուզելով տեղւոյն վանականներուն կեանքը յարմարեցնել Իտալիոյ կրօնաւորներու ապրած կեանքին` զանոնք գրգռեց, որպէսզի չենթարկուին եպիսկոպոսի իրաւասութեան` պատճառելով, թէ եպիսկոպոսը չունի հեղինակութիւն իր կրօնաւորներուն վրայ: Ու այս դէպքէն տարի մը ետք, կը շարունակէ Պիրոմալլի, Օգոստինոս արքեպիսկոպոս այնքան դառնացաւ, որ հիւանդանալով մեռաւ»: Պիրոմալլիի համաձայն` ֆրա Նազար Հռոմի մէջ (1654-1656 տարիներուն) կը հպարտանայ` ըսելով, թէ «ինք պատճառ եղած է անոր մահուան» [30]:

Ճամբորդելով տասը ամիս (Յուլիս, 1653 - Ապրիլ, 1654)` ֆրա Յովհաննէս Նազար կը հասնի Հռոմ` միասին բերելով իր եղբօրորդին` 14 տարեկան Պետրոս Ապարաներցին [31], որ կը տեղաւորէ Ուրբանեան վարժարան, իսկ ինքը կը սկսի աշխատիլ, ի նպաստ այն դատին, որու համար ելած էր ճամբայ:

Առաջին աղերսագիրով կը ներկայացնէ ինքզինքը, թէ անցեալին աշակերտած է Ուրբանեան վարժարան, ապա 15 տարի ծառայած Սուրբ Աթոռին ու չորս տարի ալ գործած է Նախիջեւանի վարժարանին մէջ: Ուստի կը խնդրէ, որ ինք անուանուի յաջորդ վախճանող Օգոստինոս արքեպիսկոպոսի, որովհետեւ ներկայիս Նախիջեւանի մէջ ոչ ոք կայ, որ գիտնայ լատիներէն եւ կամ զարգացած ըլլայ ուսումով եւ ծառայած Սուրբ Աթոռին [32]:

Թէ' այս խնդրագիրը եւ թէ' հետը բերած յանձնարարական նամակները, գրուած Նախիջեւանի եկեղեցական եւ աշխարհական դասերէն, կը զեկուցուին ՀՍ-ի 2 Յունիս, 1654-ի նիստին, որու արձանագրութիւններուն համաձայն` եպիսկոպոսութեան թեկնածուներ կը ներկայացուին ֆրա Յովհաննէս Նազար եւ ֆրա Յակոբ Յիսուսի, սակայն երկար խորհրդակցութենէ ետք յարմարագոյն կը նկատուի Պօղոս Պիրոմալլին, զանազան յատկութիւններով օժտուած ըլլալուն համար [33]:

Ֆրա Յովհաննէս Նազար կ’ընէ վերջին փորձ մը. կը դիմէ պապին (անթուական) աղերսագիրով մը, կը պարզէ Նախիջեւանի Աթոռին թափուր մնալը, եւ թէ Սուրբ Ժողովը կ’ուզէ անուանել Պօղոս Պիրոմալլին, որ բացի իտալացի ըլլալէ, 64 տարեկան է, ունի դժուարութիւն ճամբորդելու, եւ թէ` «Ժողովուրդը, հակառակ իմ կամքիս, զիս անուանեց [արքեպիսկոպոս]»: Աղերսագիրը կ’անցնի ՀՍ-ի Ժողովին, որուն քարտուղարը թուղթին անկիւնը գրած է. “Questo ը negozio finito”, այսինքն` «Սա փակուած հարց է» [34]:

Երբ Պիրոմալլի կը ստանայ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը, ֆրա Յովհաննէս Նազար կը համակամի, գոնէ արտաքսապէս, եւ կը սկսի հետեւիլ տարբեր քաղաքականութեան: Պիրոմալլի կը դժուարէր ստանձնելու պատասխանատուութիւնը եւ որով աղերսագիր կը ներկայացնէ ՀՍ-ի Ժողովին` ներկայացնելով իր դժուարութիւնները` երթալու իրեն նշանակուած թեմը. «Արքեպիսկոպոս անուանուեցայ եւ կ’ուզեմ մեկնիլ թեմս. սակայն գիտնաք, որ ժողովուրդն ու վանականները դառնացած են, որ անուանումս եղած է պապէն եւ ոչ թէ ժողովուրդէն: Հոս ղրկած են ֆրա Յովհաննէս Նազարը` պապին ուղղուած նամակներով, ներկայացնելու համար իրենց իրաւունքը, թէ 350 տարի իրենց արքեպիսկոպոսին ընտրութիւնը կատարած են իրենք: Ինծի համար դիւրին չէ դիմագրաւել այսքան դժուարութեան եւ հակառակութիւններու, որովհետեւ անոնք ահագին ծախսով յանձն առած են հոս ղրկել ֆրա Նազարը: Գիտնաք նաեւ, որ հոն արքեպիսկոպոսը չունի ո'չ տուն եւ ո'չ եկեղեցի: 65 տարեկան եմ. հոն պիտի չունենամ ապրուստի միջոցներ. անոնք ոչ իսկ կերակուրս կու տան ինծի: Արդ, ի~նչպէս հովուեմ զանոնք, երբ փորձառութիւնը ունիմ անոնց վարուելակերպին, հալածանքին, բանտին, գանակոծութեան, թոյնինfi Ուստի հարկ է, որ կրօնաւորներէն անկախ, ապահովէք իմ ապրուստս` պատշաճ վիճակիս» [35]:

Ունինք մենագրութիւն մը, ուր ֆրա Նազար հաւաքած է Պիրոմալլիի ունեցած 14 դժուարութիւնները չերթալու իր թեմը: Ֆրա Նազարի համաձայն` Պիրոմալլի կը դժուարէր երթալ Նախիջեւան, որովհետեւ ունէր ակնկալութիւն ձեռք բերելու թեմ մը Իտալիոյ մէջ տպելու համար գիրքերը, որ շարադրած էր հայերէն եւ պարսկերէն [36]:

Երբ Պիրոմալլիի մեկնումը կը յետաձգուի, ֆրա Նազար կը դիմէ պապին, դարձեալ խնդրելով անոր միջամտութիւնը: Աղերսագիրը, հաւանաբար գրուած 1656-ի Փետրուար ամսուն, ունի սա բովանդակութիւնը. «Ես աթոռակալն էի Նախիջեւանի [Օգոստինոս] արքեպիսկոպոսին, որ երեք տարի առաջ վախճանեցաւ: Ներկայիս, ի վնաս մեր սուրբ հաւատքին, ոչ ոք յաջորդած է անոր: Ութ ամիս առաջ սրբութիւնդ անուանեց Պիրոմալլին իբր արքեպիսկոպոս Նախիջեւանի. բայց նա չ’ուզեր մեկնիլ` յուսալով, որ Իտալիոյ մէջ ընդունի ուրիշ թեմ ու պատրուակներ գտնելով` չի մեկնիր Հայաստան, քանի կ’ուզէ հոս տպել տալ իր գիրքերը. կ’ուզէ նաեւ անցեալ տարիներու ընթացքին ըրած միսիոնարութեան թոշակները գանձել եւ առանց նոր թոշակներ ապահովելու, չ’ուզեր ճամբայ ելլել: [Նախիջեւանի] հայերն ալ չեն ուզեր ընդունիլ զինքը, որովհետեւ անոնք իրենց մտքին մէջ ունին ուրիշ թեկնածուներ: Կը խնդրեմ, որ միջամտէ սրբութիւնդ, եւ Պիրոմալլի դժուարութիւն չհանէ մեկնելու, որովհետեւ ժողովուրդն ու վանքերը առանց եպիսկոպոսի չափազանց ծանր կերպով կը վնասուին. նոյնը պատահած է նաեւ ամէն անգամ, որ Աթոռը մնացած է թափուր: 10. 000 կաթողիկէ հաւատացեալներէն մնացած են 4. 000-է քիչ մը աւելի, 50 կրօնաւորով վանքեր վերածուած են 7-ի, 700 վանականներէն մնացած է միայն 32 միաբան» [37]:

Տեսնելով, որ այս ճամբան ալ ապարդիւն մնաց` ֆրա Նազար կրկին անգամ կը փոխէ գործելակերպը` դառնալով ոխերիմ թշնամի Պիրոմալլիի: Սա վերջինս իր ընդարձակ մենագրութեան մէջ, գրուած 1656-ին, Նախիջեւանէն մեկնելէ առաջ [38], կը պատմէ, թէ ֆրա Նազար շատ անգամներ պոռացած է երեսին, յստակ յայտարարած, թէ այնուհետեւ բացայայտ է իր պայքարը: Եւ որովհետեւ ֆրա Նազարի ազգականներն ու բարեկամները շրջապատած էին Ապարաների վանքը, Պիրոմալլի կը վախնայ, որ անոնք շարժած Նազարէն` մատնեն զինքը թուրքին, քանի անցեալին Պիրոմալլի եղած էր Պարսից Շահին դեսպանը քրիստոնեայ թագաւորներուն մօտ [39]:

1656-ին ֆրա Յովհաննէս Նազար, իբր ներկայացուցիչ ֆրա Սիլվեստրոյ Բենդիչիի, որ կը պաշտօնավարէր Ապարաներ, Հռոմի մէջ խնդրագիր կը ներկայացնէ ՀՍ-ի Ժողովին, ստանալու համար անոր թոշակը` խնդրելով, որ գումարը յանձնուի դոմինիկեաններու ընդհանրական մեծաւորին եւ ոչ Պիրոմալլիի, «որու պատճառը գիտէք»: Կը խնդրէ նաեւ, թէ՛ Ապարաների եւ թէ՛ Ալինճայի վանքերուն երեք տարուան թոշակները` կանխիկ [40]: Այս աղերսագիրները այն տպաւորութիւնը կը թողուն, որ ֆրա Նազար ծրագիր ունէր դառնալու Նախիջեւան: Զարմանալին այն է, որ այնուհետեւ դիւանին մէջ կը կորսնցնենք իր հետքը, ու վերջին անգամ 7 Մարտ, 1656-ի նիստին է, որ ՀՍ-ի Ժողովը կը քննէ իր առաջարկները [41]:

Երբ Պիրոմալլի արքեպիսկոպոս 1657-ին կը մեկնի Նախիջեւան ու ահագին խնդիրներէ ետք կը դառնայ Հռոմ: 17 Դեկտեմբեր, 1663-ին տեղեկագիր մը կը պատրաստէ անցեալ դէպքերուն մասին, ու անցողակի կերպով կը յիշատակէ, թէ ֆրա Յովհաննէս Նազարի մահէն ետք գլխաւոր դերակատարները մնացին ֆրա Մատաթիա Յովհաննէսեան գաւառահայրը, ֆրա Յակոբ Յիսուսի եւ ասոր եղբօրորդին` ֆրա Գրիգոր Ծործորեցի [42]:

ՖՐԱ ԳՐԻԳՈՐ ԾՈՐԾՈՐԵՑԻ

Ֆրա Գրիգոր Ծործորեցի Նախիջեւանէն ղրկուած է Հռոմ Օգոստինոս արքեպիսկոպոս Բաջենցի 1 Ապրիլ, 1646 թուակիր յանձնարարական նամակով` ուղղուած Ուրբանոս Ը պապին [43], ֆրա Մատթէոս Յովհաննէսեան` Ապարաներ վանքին մեծաւորին Հռոմ այցելութեան առիթով [44]: Օգոստինոս նոյն թուականին գրած է նաեւ ՀՍ-ի քարտուղարին, թէ` «Եղբարքս ուսման հետ չեն վասն պակասութեան աշխարհիս, որ թէ ասէք` պիտոյ է լատին կարդան. առաջ պիտոյ է մեր լեզուն լաւ իմանան եւ արտաքին բանի վերահաս լինին, որ յետոյ լատին շուտով իմանան»: Ապա կ’աւելցնէ, թէ ֆրա Գրիգոր Ծործորեցին կը ղրկէ Հռոմ, որպէսզի Կղեմէս Կալանոսէ սորվի լատիներէն լեզուն, անշուշտ, որպէսզի յաջորդաբար անոր յանձնէ Նախիջեւանի վարժարանի հոգը [45]:

1646-1652 տարիներուն ֆրա Գրիգոր ուսանող է Հռոմի մէջ [46]: 1647-ին կը ներկայացնէ խնդրագիրներու շարք մը, որպէսզի նախ հրաման տրուի իրեն` հայերէն լեզուով Կալանոսէ սորվելու փիլիսոփայութիւն եւ աստուածաբանութիւն [47], ինչպէս նաեւ սահմանուի իրեն դրամական նպաստ, որպէսզի սորվի իտալերէն եւ լատիներէն` բնակելով դոմինիկեանց Միներվա վանքը [48]: Երրորդ խնդրագիրով մը կը կրկնէ նոյնը` աւելցնելով, թէ 28 տարեկան է եւ կը փափաքի կատարելագործել ուսումները` յաճախելով Կալանոսի մօտ [49]:

ՀՍ-ի 3 եւ 15 Յուլիս, 1647 նիստերուն կը տրուին ֆրա Գրիգորի փափաքածները երկու տարուան համար, որպէսզի տգիտութիւնը վերջ գտնէ Նախիջեւանի մէջ, եւ կաթողիկէութիւնը չդատապարտուի ջնջուելու [50]:

Հռոմ գտնուած շրջանին ֆրա Գրիգոր Սուրբ Ժողովին կողմէ կը սահմանուի գրաքննիչ հայերէն լեզուով տպագրութիւններուն: Ինքն է, որ քննած է Կղեմէս Կալանոսի Պատմութեան առաջին հատորը, ու տուած վկայութիւնը կը զեկուցուի ՀՍ-ի 20 Ապրիլ, 1648-ի նիստին [51]. իսկ 19 Մայիս 1648-ի նիստին կը տրուի հատորին տպագրութեան վճիռը, ուր կը յիշուի ֆրա Գրիգոր Ծործորեցիի անունը, ինչ որ հրատարակուած է տպագրուած հատորին առաջին էջերուն վրայ [52]:

Նմանապէս Հռոմ գտնուած շրջանին Քիւրտիստան գտնուող զոյգ դոմինիկեան միսիոնարներէն ֆրա Մատաթիա Մորաքքա եւ ֆրա Մատթէոս Յովհաննէսեան զինքն է, որ կ’ընտրեն իրենց ներկայացուցիչ` խնդրելով ՀՍ-ի Ժողովէն, որ իրենց եռամեայ թոշակները յանձնուի ֆրա Գրիգորի [53]: Ասոնց հակառակ, երբ Ապարաներէն ֆրա Յովհաննէս Նազար 14 Սեպտեմբեր, 1650 թուակիրով Սուրբ Ժողովէն կը խնդրէ թոշակ, կը շեշտէ, որ գումարը չյանձնուի ֆրա Գրիգորի [54]:

1650-ին ֆրա Գրիգոր, իբր մատակարար Նախիջեւանի թեմին, կը խնդրէ ՀՍ-ի միջամտութիւնը, որպէսզի Պարմայի դուքսէն կարենայ ընդունիլ Նախիջեւանի պատկանող գումարի մը շահաբաժինը` միաժամանակ խնդրելով, որ իրեն տրուի ամբողջ դրամագլուխը, որպէսզի զետեղէ Հռոմի Monte Pietatis դրամատունը, ուրկէ աւելի դիւրաւ կարելի էր գանձել շահերը [55]:

1652-ին, երբ Ապարաների վարժարանի տեսուչն էր ֆրա Յովհաննէս Նազար, ֆրա Գրիգոր ՀՍ-ի Ժողովին խնդրագիր կը ներկայացնէ` դառնալու Նախիջեւան, ըլլալու թէ՛ տեսուչ վարժարանին եւ թէ՛ միսիոնար ամբողջ Մեծ Հայքի եւ Պարսկահայաստանի [56]:

Յետ կատարելու կարեւոր քննութիւնները ՀՍ-ի Ժողովը 6 Մայիս, 1652ի նիստով երեք տարուան համար զինքը կ’ընտրէ միսիոնար, կը տրուի նաեւ ճանապարհի ծախսը [57]:

Իբր պատրաստութիւն ճանապարհորդութեան` 17 Մայիս, 1652-ին կը խնդրէ Կղեմէս Կալանոսի Պատմութեան առաջին հատորէն երեք օրինակ, իսկ Քերականութենէն` վեց օրինակ [58]: 7 Դեկտեմբեր, 1649-ին իր անձնական գործածութեան համար արդէն ստացած էր Քերականութեան օրինակ մը [59]:

Դէպի Նախիջեւան իր ուղեկիցն է ֆրա Սիլվեստրոյ Բենդիչի (Fra Silvestro Bendici), որու եօթը տարուան համար Նախիջեւան միսիոնարութիւնը կ’որոշուի 19 Օգոստոս, 1652-ի նիստին [60]: 15 Մարտ, 1653-ին միասին կը գտնուին Վենետիկ, ուրկէ կը գրէ ֆրա Սիլվեստրոյ, թէ սկսած է սորվիլ հայերէն լեզուն [61]: 29 Յուլիս, 1653-ին կը գտնուին Զմիւռնիա, ուր Սիլվեստրոյ հիւանդանալով` ֆրա Գրիգոր առանձին կը շարունակէ ճամբան դէպի Նախիջեւան:

Ճամբու ընթացքին ֆրա Գրիգոր կը հանդիպի ֆրա Յովհաննէս Նազարի, որ իրեն կը յանձնէ Ապարաների վարժարանին պատասխանատուութիւնը, իսկ ինքը ճամբան կը շարունակէ դէպի Հռոմ` վախճանած Օգոստինոս Բաջենց արքեպիսկոպոսի յաջորդութեան խնդրով [62]: Ֆրա Սիլվեստրոյ 11 Հոկտեմբեր, 1653-ին կը մտնէ Էրզրում, ուր երեք օր առաջ Վենետիկէն հասեր էր ֆրա Յակոբ Յիսուսի: Երկու ճամբորդները Էրզրում կը հանդիպին ֆրա Յովհաննէս Նազարի, որ ֆրա Սիլվեստրոյի կը յանձնէ Ապարաների վարժարանին փոխտեսչութիւնը:

9 Օգոստոս, 1653-ին ֆրա Գրիգոր կը մտնէ Ապարաներ եւ իսկոյն կը նուիրուի վարժարանին: Բեռը ծանր զգալով` նամակով մը կը փութացնէ ֆրա Սիլվեստրոն հասնելու իրեն օգնութեան: Այս լուրը ֆրա Սիլվեստրոյ կը հաղորդէ ՀՍ-ի Ժողովին` խնդրելով, որ գրաւոր կերպով տրուի իրեն իշխանութիւն` պաշտօնավարելու վարժարանին մէջ [63]: Ֆրա Սիլվեստրոյ եւ ֆրա Յակոբ 10 Նոյեմբեր, 1653-ին կը հասնին Երեւան, 24 Նոյեմբերին` Նախիջեւան եւ յաջորդ օրը` Ապարաներ, ուր վանականներն ու ազգայիններ մեծ հանդէսով կ’ընդունին իրենց գաւառահայրը` ֆրա Յակոբ Յիսուսի: 12 Դեկտեմբեր, 1653 թուակիր նամակով ֆրա Սիլվեստրոյ այս լուրերը կը հաղորդէ ՀՍ-ի Ժողովին` աւելցնելով, թէ վանականները կը փափաքին բաժնել վարժարանը վանքէն, իրարու հետ խնդիր չունենալու համար, ինչ որ գործադրելի կը նկատէ ֆրա Սիլվեստրոյ, եթէ Սուրբ Ժողովը կանոնաւոր հայթայթէր վարժարանի տարեկան թոշակը [64]:

Երկու նոր ուսուցիչները` ֆրա Գրիգոր Ծործորեցի եւ ֆրա Սիլվեստրոյ, Ապարաների վարժարանին մէջ կը գտնեն եօթը աշակերտ, որոնցմէ մէկը` կրօնաւոր, երեքը` վանքի աշակերտ, եւ երեքն ալ` աշխարհական ուսանողներ, որոնց հայերէն լեզուի դասաւանդութիւնը կը կատարէ ֆրա Գրիգոր, իսկ լատիներէնը`  ֆրա Սիլվեստրոյ [65]:

Գաւառահայր ֆրա Յակոբ Յիսուսի 20 Փետրուար, 1656 թուակիր նամակով, գրուած Ապարաներէն, կը հաղորդէ ՀՍ-ի, թէ ֆրա Սիլվեստրոյ վարժարանին մէջ գտած է միայն հինգ աշակերտ, որոնք կ’օգտուին իրենց նոր ուսուցիչէն, եւ թէ աշակերտութեան թիւը կը բարձրանայ ութի, որոնցմէ երեքը կը թողուն վարժարանը օգնելու համար իրենց ծնողներուն: Ֆրա Յակոբ կ’եզրակացնէ, թէ ներկայիս վարժարանը չի կրնար շարունակել հինգ աշակերտով, որովհետեւ վանքը կը գտնուի 400 րէալէ պարտքի տակ` 25 առ 100 տոկոսով:

Վարժարանին ու առհասարակ Նախիջեւանի թեմին խեղճութիւնը Հռոմի ներկայացնելու համար Ապարաների վանահայրը` ֆրա Թադէոս Շապունեցի, կը մեկնի Հռոմ [66] ` հետը առնելով Ապարաների վարժարանը պատրաստուած աշակերտներէն երկուքը` 17 տարեկան Միքայէլ Յովհաննէսեանն ու 14 տարեկան Ճէրիճեան (Terigian) Խօշկաշէնցին, որպէսզի թէ՛ ցոյց տան Հռոմի` Ապարաների մէջ պատրաստուած աշակերտներու մակարդակը եւ թէ՛ որպէսզի ուսումնին շարունակեն Հռոմ, ինչպէս որոշուած էր նախապէս: Այս կերպով 1656-ին Ապարաների վարժարանը կը մնայ երեք աշակերտով` ֆրա Գրիգոր Ծործորեցիի խնամքին ներքեւ: Այս լուրը հաղորդողն է ֆրա Յակոբ, որ նամակը կը փակէ հետեւեալ կերպով. «Կը խնդրենք, որ մեզ հոգաք եւ հոս հաստատէք ֆրա Սիլվեստրոն, որու նմանը ցարդ հոս չէր եկած» [67]:

Այս նամակին քով կը գտնենք յայտարարութիւն մը, ստորագրուած Fra Domenico di Battista-է, որ Հռոմ ղրկուած էր Պիրոմալլի արքեպիսկոպոսի հարցով: Յայտարարութիւնը շարադրուած է Հռոմի մէջ 29 Ապրիլ, 1656-ին` հետեւեալ բովանդակութեամբ. «Կը վկայեմ, թէ Ապարաների Ամենայն սրբոց վանքի վարժարանը ունի 12 աշակերտ, որոնցմէ վեցը կը սորվին Սուրբ Ժողովի թոշակով. գիտեն լատիներէն, իսկ մնացածները գիտեն գրել ու կարդալ իտալերէն եւ հայերէն: Առաջին վեց աշակերտներն են` 1. Յովհաննէս Նորատինեցի [Noradiniezi], 2. Միքայէլ Մուխտատենցի [Muchtatiensi]` երկուքն ալ Ապարաներէն, 17 տարեկան, գիտեն լատիներէն. 3. Jerigian di Coscasenzi [Խօշկաշենցի]` 14 տարեկան, երկու տարիէ կը գտնուի վարժարան, գիտէ լատիներէն. 4. Պաղտասար Chemuch` 12 տարեկան, մէկ տարի է, որ կը գտնուի վարժարան, սկսաւ սորվիլ լատիներէն. 5. Անդրէաս Սարիկ [detto Sarich]` Ջահուկէն, 13 տարեկան, երկու տարիէ կը գտնուի վարժարան, սկսաւ սորվիլ լատիներէն. 6. անունը չեմ յիշեր, Ջահուկէն է, 12 տարեկան, տարիէ մը ի վեր կը գտնուի վարժարան: Կը վկայեմ, թէ գրածս ճշմարիտ է» [68]:

ՀՍ-ի Ժողովի 6 Սեպտեմբեր, 1655-ի նիստին կը ներկայացուի իր խնդրագիրը` նորոգելու երեք տարուան համար միսիոնարութեան հրամանագիրը [69]:

Ֆրա Գրիգոր Ծործորեցի, 1657 տարիէն սկսեալ, այն է` ֆրա Սեղբեստրոսի Հռոմ մեկնելէն ետք, վարժարանի պատասխանատուութիւնը կը վարէ առանձին: Երկրորդ խնդրագիրով մը փափաք կը յայտնէ հաստատուելու պաշտօնին մէջ` իբր գլխաւոր պատասխանատու վարժարանին [70]: 8 Մայիս, 1658-ին կը գրէ ՀՍ-ի Ժողովին, թէ հինգ տարի կը քարոզէ Նախիջեւանի մէջ` անցնելով նաեւ «հերձուածողներու» կողմը, որոնցմէ սիրուած ըլլալը կը վկայէ, ու կը խնդրէ, որ իրեն համար սահմանուած թոշակը, որ երեք տարիէ չէ ստացած ղրկուի իրեն` աւելցնելով թէ հոն, Նախիջեւանի մէջ, չունի ազգական, նիւթապէս անոնցմէ օգտուելու համար: Նոյն այս նամակին կողքին Հռոմի դոմինիկեանց ընդհանրական գործակալը` Fra Pietro-Maria Passerini, կու տայ համառօտ ծանօթութիւն մը ֆրա Գրիգորի անձին մասին, թէ Հռոմի մէջ կատարած է ուսումները եւ ներկայիս տեսուչն է Ապարաների վարժարանին` աւելցնելով, թէ` «Լատիներէնէ հայերէնի թարգմանած է Պատարագամատոյցը, Ժամագիրքն ու Տօնացոյցը դոմինիկեան կարգին մեծաւորին հրահանգովն» [71]:

Ֆրա Գրիգորի յիշեալ նամակը եւ Գործակալին տուած վկայութիւնը նիւթ կ’ըլլայ ՀՍ-ի 12 Նոյեմբեր, 1659-ի նիստին, եւ կ’որոշուի տալ միայն սովորական թոշակը [72]: 10 Յունուար, 1661 թուակիր նամակով ֆրա Գրիգոր շնորհակալութիւն կը յայտնէ ստացած թոշակին համար, խնդրելով, որ նորոգուի միսիոնարութեան հրամանը չորրորդ անգամ [73]:

Երբ Հռոմէն ազդարարութիւն կ’երթայ Ապարաների կրօնաւորներուն, ասոնք 1 Սեպտեմբեր, 1661-ին կը պատասխանեն խոնարհութեան  եւ հպատակութեան զգացումներով: Նամակին չորս ստորագրութիւններէն առաջինը ֆրա Գրիգորինն է [74]:

Երկար լռութենէ մը ետք Նախիջեւանի նոր անուանուած արքեպիսկոպոսը` ֆրա Մատթէոս Յովհաննէսեան, 9 Մայիս, 1669-ին կը գրէ, թէ ֆրա Գրիգոր եւ ֆրա Տանի գացած են Պարսից Շահին, վանապատկան գիւղերու մասին ծագած հարցերու լուծումին համար: Իսկ Նախիջեւանի իշխանը, տարակուսելով, թէ անոնք գացած են իր դէմ գանգատելու, կ’ուզէ սպաննել ֆրա Գրիգորը: Սա սարսափած կը փախչի Սպահան, ֆրա Պետրոս Ապարաներցիի հետ [75]:

8 Սեպտեմբեր, 1672-ին ֆրա Գրիգոր կը գտնենք Վենետիկ: Հոն, դրամատան մէջ, կը պահուէր Նախիջեւանի թեմին 12. 000 տուկադը, ուրկէ կը գանձէ 806 տուկադ դոմինիկեանց ընդհանրական մեծաւորին հրամանով` ստորագրելով. «Io Fra Gregorio Zourzourense Armeno ho ricevutofi» [76]:

1676ին, երբ հարց կ’ելլէ Պիսկոպոյի` իբր յաջորդ Նախիջեւանի նոր վիճակաւորի ընտրութեան, զանազան նամակներ կ’ուղղուին ՀՍ-ի Ժողովին, ի նպաստ ֆրա Գրիգորի. այսպէս` 25 Փետրուարին եւ 27 Մարտ, 1676-ին` Ապարաների դոմինիկեանները, 20 Ապրիլ, 1676-ին` Սահակ արքեպիսկոպոս Արդար Մակուեցի, 24 Ապրիլ, 1676-ին` Սարգիս եպիսկոպոս Կաֆացի` օգնական Սահակ Արդարի, 13 Մարտ, 1677-ին` Ապարաների ազգայինները, 20 Մարտ, 1677-ին` ֆրա Ստեփան [77]:

Այս վկայականներէն մաս մը ֆրա Գրիգոր առնելով` կը մտածէ ուղղուիլ Հռոմ: 16 Յունուար, 1677-ին Վենետիկի առաքելական նուիրակը կ’իմացնէ ՀՍ-ի Ժողովին, թէ ֆրա Գրիգոր հասած է քաղաք, շարունակելու համար ճամբան դէպի Հռոմ [78]: Յաջորդաբար 20 Ապրիլ, 1678 թուակիր մենագրութիւն մը, ուր կ’ըլլայ պատմականը եպիսկոպոսական ընտրութիւններուն, կը յիշուի, որ ՀՍ-ի Ժողովը, նկատի առնելով Նախիջեւանէն հասած խնդրագիր-նամակները, հակառակ որ 12 Նոյեմբեր, 1675-ի նիստով եպիսկոպոս անուանած էր ֆրա Թոմաս Թաթումենցը, կ’ընտրէ ֆրա Գրիգոր Ծործորեցին (Furfurense), որ կը հրաւիրուի Հռոմ ընդունելու համար պապական կոնդակը: Յիշեալ աղբիւրը կը շարունակէ պատմել, թէ ֆրա Գրիգոր «ճամբայ ելաւ եւ Վենետիկի մէջ վախճանեցաւ» [79]:

Արդարեւ, ֆրա Գրիգոր Վենետիկի մէջ կ’ընդունի ՀՍ-ի 16 Մարտ, 1677 թուակիր հրաւէր-նամակը ու 3 Ապրիլին կը պատասխանէ` ցոյց տալով պատրաստակամութիւն, հազիւ թէ գտնէր առողջութիւնը [80]: 24 Ապրիլ, 1677-ին Վենետիկի նուիրակը կը գրէ կարդինալ Ալթիէռիի` ՀՍ-ի նախագահին, թէ ֆրա Գրիգոր` «ընտրեալ  արքեպիսկոպոս Նախիջեւանի», ընդունած է վերջին սուրբ խորհուրդները, եւ թէ յոյս չկայ վերագտնելու առողջութիւնը [81]:

1677-ի Յուլիսի երկրորդ կէսին ֆրա Գրիգոր Ծործորեցի կը վախճանի Վենետիկի մէջ:

***

Ամբողջացնելու համար ֆրա Սիլվեստրոյի մասին ՀՍ-ի դիւանէն մեր քաղած ծանօթութիւնները, կու տանք սա մանրամասնութիւնները:

Պիրոմալլի արքեպիսկոպոս Հռոմէն Նախիջեւան ճամբուն վրայ, Պոլիս հասնելուն, 10 Ապրիլ, 1657-ին կը գրէ ՀՍ-ի Ժողովին, թէ Վիեննայի մէջ հանդիպած է ֆրա Սիլվեստրոյ Բենդիչիի, որ հինգ ամիս իրեն համար եղած է ծախսի դուռ: Շատ հաւանաբար, Պիրոմալլի մտածելով, որ Ապարաների վարժարանին համար ֆրա Սիլվեստրոյի տեղ պէտք պիտի ունենայ վարժապետի, Վիեննայէն հետը կ’առնէ գերմանացի դոմինիկեան ֆրա Սեբաստիանոս Քնապը` Նախիջեւանի ապագայ արքեպիսկոպոսը:

Ֆրա Սիլվեստրոյ հազիւ տարի մը կը մնայ Նախիջեւան: Դէպի Հռոմ վերադարձին, Պոլիսէն անցնելուն, միասին կ’առնէ տասը տարեկան Ստեփան պատանին, որու հայրն է ջուղայեցի, մայրը` զմիւռնիացի, հօրեղբայրը` Լիվոռնոյի հայ վաճառական: 1657-ի Հոկտեմբեր, ամսուն, երբ Հռոմ կը հասնի, ՀՍ-ի Ժողովին խնդրագիր կը ներկայացնէ, որպէսզի Ստեփան տեղաւորուի Ուրբանեան վարժարան [82], իսկ 5 Ապրիլ, 1661-ին` ֆրա Սիլվեստրոյ կը նորոգէ նոյն խնդրագիրը [83]: Անկարելի չէ, որ Ստեփան ընդունուած ըլլայ եւ տեղաւորուած Կղեմէս Կալանոսի վարժարանը (տե'ս անդ):

1 Հոկտեմբեր, 1657-ին ֆրա Սեղբեստրոս Հռոմի մէջ խնդրագիր կը ներկայացնէ կրկին դառնալու Նախիջեւան, եօթը տարուան համար. կը խնդրէ ճանապարհի թոշակ իրեն եւ ընկերակիցին համար, որու անունը չի նշեր: Նմանապէս կը խնդրէ, որ ֆրա Գրիգոր Ծործորեցի հաստատուի պաշտօնին վրայ եւ իրեն յանձնուի անոր տարեկան թոշակը [84]:

Ֆրա Սիլվեստրոյ 1657-1661 տարիներուն Հռոմ մնալէ ետք ՀՍ-ի Ժողովը կրկին անգամ կ’որոշէ զինքը միսիոնար Նախիջեւանի:

ՀՍ-ի 12 Յունիս, 1662-ի նիստին կը զեկուցուի, թէ ֆրա Սիլվեստրոյ ճամբու ընթացքին գերի բռնուելով, տարուած է Թիւնիզի, ուրկէ խնդրանք կը ներկայացնէ մնալու նոյն երկիրը` իբր միսիոնար [85]:

 

***

Այս բոլոր մանրամասնութիւնները ցոյց կու տան, թէ Նախիջեւանի միաբանող եղբայրներու միաբանական կեանքը կորսնցուցած էր իր բնականոն ընթացքը, եւ արդէն իսկ բաւական յառաջացած` ներքին քայքայումը: Միաբաններու իրարու դէմ դիրքերը, աթոռի տիրելու ջանքերը, միաբաններու թիւին նուազումը, յաջորդ նոր սերունդ մը պատրաստելու ոյժին անբաւարարութիւնըfi ազդակներ են, որոնցմէ հետեւանք մը հանելը դժուարին չէ: Յաջորդ էջերուն մանրամասնութիւնները անգամ մը եւս պիտի հաստատեն մեր այս տեսակէտը`  պատմական աւելի բացայայտ ապացոյցներով:



[1]           SOCG, vol. 47, f. 260.

[2]           SOCG, vol. 416, f. 15.

[3]           SOCG, vol. 416, f. 129.

[4]           SOCG, vol. 416, f. 155.

[5]           SOCG, vol. 416, f. 225.

[6]           SOCG, vol. 416, f. 229.

[7]           SOCG, vol. 417, f. 255.

[8]           SOCG, vol. 417, f. 508.

[9]           Acta, vol. 18, f. 58, n. 7.

[10]        CP, vol. 9, ff. 230-231, n. 3.

[11]        Lettere volgari, vol. 26, f. 82. Տե՛ս նաեւ ՀՍ-ի քարտուղար Ինկոլիի 8 օգոստոս, 1648 թուակիր նամակը` նոյն իմաստով գրուած, ուղղուած Օգոստինոս Բաջենցի (SOCG, vol. 313, f. 14):

[12]        SOCG, vol. 55, f. 204; vol. 292, f. 222.

[13]        SOCG, vol. 292, ff. 295-298. Օգոստինոս արքեպիսկոպոս կը շարունակէ գրել, թէ չի կրնար հանդուրժել, որ խորամանկ եւ դատարկաշրջիկ անձեր, ինչպէս է ֆրա Թոմաս Վիտալէ, որ Սուրբ Ժողովին ծախսով շրջի եւ, Հռոմ դառնալով, վատահամբաւէ զինք, որ 30 տարիէ կը յոգնի` վերաշինելով կիսակործան եկեղեցիներն ու վանքերը, Լեհաստանէն բերելով եկեղեցւոյ սպասներ ու մահմետականութենէ ազատած է 30 ընտանիք:

[14]        SOCG, vol. 292, ff. 262-273. Ֆրա Յովհաննէս Նազար կը շարունակէ տալ հետեւեալ մանրամասնութիւնը Օգոստինոս արքեպիսկոպոսի մասին. «Մեր արքեպիսկոպոսին ջանքով 30 հերետիկոս ընտանիք, որոնք թրքացած էին, կաթողիկէ դարձան. անոնք արքեպիսկոպոսին հետ թագաւորին գացին ահագին ծախսով, ուզեցին յանձն առնել վտանգը. թագաւորին դիմաց ուրանալ իրենց մահմետական ըլլալը եւ դառնալ կաթողիկէ ու յաջողեցան: Պատմածս առասպել չէ, այլ իրականութիւն: Այժմ ուրիշներ ալ թագաւորին գացին. յուսանք անոնք ալ դառնան: Մեր արքեպիսկոպոսին դէմ Ձեզի շատ բաներ գրուեցան, սակայն մեծ արժանիքներ ունի. Դուք ըսածներուն մի' հաւատաք: Արքեպիսկոպոսին շնորհիւ է, որ հոս հաւատքը կը պահուի, ապա թէ ոչ` կը կորսուէր»: Նման իմաստով նամակ մը գրած է նաեւ ՀՍ-ի կարդինալներուն` միշտ 20 նոյեմբեր, 1649 թուակիր` աւելցնելով, թէ Օգոստինոս արքեպիսկոպոս եւ վանքերը կ’ապրին պարտքով` յուսալով, որ դրամական օգնութիւն մը հասնի Հռոմէն (SOCG, vol. 292, f. 223):

[15]        SOCG, vol. 292, ff. 296-297. Օգոստինոս Բաջենց կը շարունակէ տալ հետաքրքրական լուրեր, թէ անցեալին իր թեմին մէջ կային եօթը լքուած եկեղեցիներ, որոնցմէ երկուքը` Խոշկաշէն եւ Ապրակունիս. հիմերէն նորոգուած է, իսկ Ապարաների եկեղեցին, որ թուրքերը մզկիթի վերածած էին, դարձուցած է աթոռանիստ: Նորոգելիք կը մնան Ջահուկի եկեղեցին, ուր կան 100 տուն` հազար հաւատացեալով: Շահապունիս ունի կիսակործան եկեղեցի, ուր կան 30 կաթողիկէ ընտանիք. Քռնիի եկեղեցին, որ կարօտ է նորոգութեան. Գանձակի եկեղեցին, որ բոլորովին կործանած է: Այս բոլորին համար կը նախատեսէ 3. 000 սկուդ. «Այս գումարը, կը գրէ Օգոստինոս արքեպիսկոպոս, Հռոմի մէջ Բարեկենդանի գիշերուան մը ընթացքին կը ծախսուի. թող հոս ղրկուի հաւատքի համար. գոնէ Չիտտադինիի թողած գումարը ունենայինք: Ամօթ է մեզի, որ ունինք քրիստոնեայ իշխաններ, պապերfi, եւ 3. 000 սկուդ չէ կարելի յատկացնել մեզի: Հայերը, որոնք չունին մեր միջոցները, իրենց վաճառականները կը հոգան եկեղեցիները, սպասներըfi Մեր շատ մը հաւատացեալները կ’ուզեն հերձուածող դառնալ իրենց շահին համար: Իսկ Հռոմ կը հաւատայ մէկ ստախօսի [իմա' ֆրա Թոմաս Վիտալէի - Հ. Ս. Ճ. ] եւ ոչ արքեպիսկոպոսի մը, որ արիւնը կը թափէ իր հօտին համար»:

[16]        SOCG, vol. 292, ff. 263-272.

[17]        SOCG, vol. 292, f. 260.

[18]        SOCG, vol. 292, f. 261. Պօղոս Պիրոմալլի ստորագրած է սա տիտղոսով. “fra Paulus Piromalli, O. P., S. Th. Mag., Missionarius Apostolicus ad nationem armenorum ubiqumque locorum et delegatus apostolicus ad Patriarcham dictae nationis: affirmo ut supra”:

[19]        SOCG, vol. 292, f. 290.

[20]        SOCG, vol. 292, f. 265. Ֆրա Յովհաննէս Նազար 28 դեկտեմբեր, 1651 թուակիր նամակ մը ունի` գրուած ՀՍ-ի Ժողովին, ուր կը նկարագրէ նոյն տարիներուն կրօնաւորական հարցերը, որոնք ծագած էին Պիրոմալլիի պատճառով: Նամակին շահեկանութեան համար կ’արտագրենք անոր թարգմանութիւնը. «Հռոմի մէջ շատ շնորհքներ ընդունած եմ Ձեզմէ. ներկայիս ալ թելադրէ', որ պապը եւ քրիստոնեայ թագաւորները իրենց հեղինակութեամբ գրեն նամակներ Պարսից Շահին: Ներկայիս քանի մը տարիէ ի վեր հայ վարդապետներ հալածանք կը հանեն կաթողիկէներու դէմ. աշխարհականներն ալ ոտքի կը հանեն, որոնք ազդու անձեր են թագաւորին եւ փոխարքային մօտ նեղելու համար 5. 000 կաթողիկէ հայերը, անոնց 10 եկեղեցիները եւ 30 կրօնաւորները: Յաջողեցան գրաւել հող մը` կաթողիկէ 10 ընտանիքով, եկեղեցիով եւ վանքով. գրաւուած հողը կը կոչուի Միտիշէն (Mitiscen): Յաջողեցան գրաւել նաեւ 300 սկուդ արժող ձեռագիր Աստուածաշունչ մը: Հրապարակաւ կը նախատեն պապն ու կարդինալները:

              Նամակը, որ պիտի գրուի Պարսից Շահին, չգրել ընդհանուր բացատրութեամբ` «քրիստոնեաները», այլ գրել` Ատրպէյճանի ֆրանքները, եւ յիշել Ապարաներ, Ջահուկ, Խօշկաշէն, Ապրակունիս, Շապունիս, Գանձակ, Քռնա, Կէզուք, Գարաղուշ (Chezuch, Caraiuse). թող չհասկցուին միսիոնարները, որոնք կը գտնուին Սպահան, եւ որոնց դէմ չկայ հալածանք. յիշել միայն հայերը: Ձեր կողմի հայերն ալ թող գրեն իրենց վարդապետներուն, որպէսզի դադրին մեզ հալածելէ. ապա թէ ոչ` սպառնացէ'ք, թէ Եւրոպայի մէջ զիրենք պիտի պատժէք: Այս հալածանքը սկսաւ, որովհետեւ Սիմոն եւ Յակոբ վարդապետները վէճի բռնուած են Պիրոմալլիի հետ, որ իրենց գիրքերով ցոյց տուած է, թէ պապն է գլուխը Եկեղեցւոյ. եւ անոնք յաղթուելով` այս կերպով ոխերնին կ’առնեն: Մեր Օգոստինոս արքեպիսկոպոսն ալ այս նիւթին մասին պիտի գրէ պապին» (SOCG, vol. 292, ff. 266-269):

[21]        SOCG, vol. 292, f. 515.

[22]        SOCG, vol. 292, ff. 267-268.

[23]        Acta, vol. 21, f. 69, n. 25.

[24]        SOCG, vol. 292, f. 452.

[25]        Lettere volgari, vol. 29, ff. 38, 41.

[26]        Lettere volgari, vol. 29, f. 36.

[27]        SOCG, vol. 292, f. 370.

[28]        SOCG, vol. 210, ff. 210, 221. Յաջորդ էջին վրայ (f. 222) կայ իտալերէն սահուն թարգմանութիւնը:

[29]        SOCG, vol. 292, ff. 368-377.

[30]        SOCG, vol. 224, ff. 1-10.

[31]        Ֆրա Յովհաննէս Նազար Պետրոս պատանիին համար ՀՍ-ի Ժողովին կը ներկայացնէ զանազան աղերսագրեր: Նախ ճամբու ընթացքին անոր համար ըրած ծախսերուն համար կը պահանջէ 91 սկուդ (SOCG, vol. 292, ff. 410, 412-435), ու 24 օգոստոս, 1654-ին կը տրուի իրեն 10 սկուդ (Acta, vol. 23, f. 88, n. 17): Կը խնդրէ, որ Պետրոս դրուի Ուրբանեան վարժարան (SOCG, vol. 361, f. 90): 2 եւ 30 յունիս, 1654ին կ’որոշուի ընդունիլ, հազիւ թէ տեղ բացուի վարժարանին մէջ. մինչ այն կը տրամադրեն նախ 13, ապա 10 սկուդ (Acta, vol. 23, f. 46, n. 21; f. 56, n. 36; f. 64, n. 29): Յաջորդաբար երբ Յովհաննէս Նազար կրկին խնդրանք կը ներկայացնէ` պահանջելով Պետրոսի համար ըրած ծախսերուն փոխարժէքը, 21 յունիս, 1655-ին ժխտական պատասխան կը տրուի, որովհետեւ Սուրբ Ժողովը իրեն հրահանգ տուած էր Հռոմ բերել (կամ ղրկել) Ապարաների վարժարանը պատրաստուած աշակերտներէն եւ ոչ թէ իր եղբօրորդին, որ տարրական քերականութեան անգամ անծանօթ էր (Acta, vol. 24, f. 27, n. 3): Այնպէս կը թուի, թէ յաջորդ տարին Պետրոս աշակերտած է Ուրբանեան վարժարանի, որովհետեւ 1657 տարւոյն աղերսագիրերուն մէջ կայ նաեւ իրը` իբր “Pietro armeno, alunno di Prop. Fide”, կը խնդրէ դառնալ հայրենիք առաքելութիւն ընելու նպատակով. իսկ երկրորդ խնդրագրով կը փափաքի անդամակցիլ դոմինիկեան միաբանութեան, մանաւանդ որ չէր կատարած ՀՍ-ի աշակերտներու սովորական երդումը (SOCG, vol. 313, ff. 5-6): Այնուհետեւ կը կորսնցնենք հետքը:

[32]        Անդ

[33]        SOCG, vol. 292, f. 383. Ֆրա Յովհաննէս Նազար Հռոմ հասնելուն` 1654-ին, կու տայ տեղեկութիւն Նախիջեւանի թեմին մասին, ինչ որ Ալիշան տեսած եւ օգտագործած է «Սիսականի» մէջ (էջ 387)` քաղելով միայն վիճակագրական մասը: Նկատմամբ վարժարաններուն, որ հոն կային, Ապարաների համար կ’ըսէ, թէ ունի 10-12 աշակերտ, որոնք կը սորվին կարդալ հայերէն եւ կ’ապրին վանքին եկամուտով, կը ծառայեն վանքին եւ են ջահընկալները Օգոստինոս արքեպիսկոպոսին: Խօշկաշէնի համար` թէ ունի 8 ուսանող, որոնք չեն ապրիր վանքի ծախսով, բայց կը ծառայեն վանքին, ինչպէս Ապարաների վանքինները (SC Armeni, vol. 1, ff. 13-32): Նոյն այս գրութիւնը ունի երկրորդ մաքուր օրինակ մը (SOCG, vol. 292, ff. 384-387) եւ երրորդ մը` նոյն հատորին մէջ (ff. 399-402): Նոյն գրութեան համառօտութիւնը կատարած է ՀՍ-ի քարտուղարութիւնը (ff. 398-403):

[34]        Acta, vol. 23, f. 54, n. 29.

[35]        SOCG, vol. 292, ff. 305-316.

[36]        SOCG, vol. 292, f. 479.

[37]        SOCG, vol. 292, ff. 309-312.

[38]        SOCG, vol. 292, f. 379.

[39]        SOCG, vol. 292, ff. 186-195.

[40]        SOCG, vol. 292, ff. 504-506.

[41]        Acta, vol. 25, f. 25, n. 1.

[42]        SOCG, vol. 224, ff. 1-10.

[43]        Թէեւ գրած է` «Ուրբանոս Ը», սակայն նոյն տարին պապ էր Իննովկենտիոս Ժ:

[44]        SOCG, vol. 65, f. 310.

[45]        SOCG, vol. 65, f. 312.

[46]        1646-ին Հռոմ կը գտնենք ուրիշ ուսանող մը` Յովսէփ Յովհաննէսի (Giuseppe Avanesezi), Ալինճայէն, որ խնդրագիր կը ներկայացնէ մտնելու Ուրբանեան վարժարան եւ հոն տրամադրելի տեղ չըլլալու պարագային` դրամական օգնութիւն Չիտտադինիի թողած գումարէն (SOCG, vol. 412, f. 335): ՀՍ-ի 5 նոյեմբեր, 1646-ի նիստին կը սահմանուի տալ չորս սկուդ (Acta, vol. 17, f. 238, n. 2): 27 մայիս, 1647-ին Յովսէփ կը խնդրէ յաւելեալ գումար մը առօրեայ ծախսերուն համար` յայտնելով, թէ կը զարգանայ հայերէն, լատիներէն եւ իտալերէն լեզուներու մէջ (SOCG, vol. 414, f. 44): Յովսէփ, որ կը բնակէր Domenico Gallino-ի մօտ, կը հիւանդանայ, կ’ենթարկուի գործողութեան եւ կը մեռնի 1647 տարւոյն: Թաղման համար հարց կը ծագի: Ուրբանեան վարժարանի աշակերտներուն, ինչպէս նաեւ վարժարանին հետ կապ ունեցող վախճանող ուսանողներուն համար գերեզմանատուն գոյութիւն չունենալով` կ’որոշուի թաղել ժողովրդապետութեան գերեզմանատունը (CP, vol. 5, ff. 409-410; vol. 10, f. 249; Acta, vol. 17, f. 562, n. 7): ՀՍ-ի 22 յունուար, 1648-ի նիստին կ’որոշուի կատարել վճարումները Յովսէփի հիւանդութեան եւ թաղումին (CP, vol. 9, f. 209, n. 3):

[47]        SOCG, vol. 413, f. 154.

[48]        SOCG, vol. 413, f. 334.

[49]        SOCG, vol. 293, f. 171.

[50]        Acta, vol. 17, f. 448, n. 35; f. 450, n. 3.

[51]        Acta, vol. 18, f. 70, n. 22; SOCG, vol. 417, f. 315.

[52]        Acta, vol. 18, f. 80, n. 4; SC Stamp. vol. 1, f. 124.

[53]        SOCG, vol. 292, ff. 250, 254, 280, 518; Acta, vol. 19, f. 302, n. 19.

[54]        SOCG, vol. 292, ff. 263-272. Նոյն այս նամակին մէջ ֆրա Յովհաննէս Նազար կը գրէ, թէ Հռոմէն Նախիջեւան ճամբորդած ատեն իրեն ուղեկից ֆրա Մատթէոս Յովհաննէսեանը, որ իր միջոցով անթիւ բարիքներ ստացած էր ՀՍ-ի քարտուղար Ինկոլիէ, դէմը ելած է, իսկ Քիւրտիստանի մէջ, միանալով ֆրա Մատաթիայի, հալածած է զինք: Ֆրա Մատթէոսի եւ Մատաթիայի համակրանքը ֆրա Գրիգոր Ծործորեցիի, ինչպէս նաեւ այս երեքին հակակրանքը ֆրա Նազարի հանդէպ պիտի շեշտուի Օգոստինոս արքեպիսկոպոսի մահէն ետք` եպիսկոպոսական աթոռը գրաւելու պայքարի ընթացքին:

[55]        SOCG, vol. 292, f. 211.

[56]        SOCG, vol. 292, ff. 236, 279.

[57]        Acta, vol. 21, f. 52, n. 20.

[58]        SOCG, vol. 292, f. 418.

[59]        Acta, vol. 19, f. 289, n. 2; CP, vol. 6, f. 172.

[60]        Acta, vol. 21, f. 103, n. 23.

[61]        SOCG, vol. 292, f. 328.

[62]        SOCG, vol. 292, f. 329.

[63]        SOCG, vol. 292, f. 321.

[64]        SOCG, vol. 292, f. 322.

[65]        Ֆրա Սիլվեստրոյ 2 մարտ, 1654 թուակիր նամակով Հռոմ իր բարեկամներէն don Francesco Genovese-ի մանրամասն կը նկարագրէ Հռոմէն Նախիջեւան անցած քաղաքներէն ունեցած տպաւորութիւններուն մասին (SOCG, vol. 292, f. 365):

[66]        Հռոմի հիւրանոցի ձեռագիրներէն ջահկեցիներու Միսսալին վրայ թողած է հետեւեալ յիշատակարանը. «Ես` ֆրա Դաթէոսս, քահանայ յասգաւ հայ եւ յերկրէն Նախիջեւանոյ, ի գիւղն Շահբունեցի եւ ի գարքէն քարոզողաց, եկի այս մայրաքաղաքս, Զ [6] ամիս նստեցայ, այս Միսալիւ օրինակօվն մէկ Միսալ գրեցի, յետոյ ելայ այս տեղէս դէպ Ըսպանիեա գնացի. թվին ՌՈԾԷ [1667], յօգոստոս ամսի Զ [6]» (Ձեռ. Ս. Ղազարի, թիւ 1266, թղ. 227բ):

[67]        SOCG, vol. 312, f. չէ նշուած:

[68]        SOCG, vol. 313, f. չէ նշուած:

[69]        Acta, vol. 26, f. 57, n. 1.

[70]        SOCG, vol. 313, ff. 8-9.

[71]        SOCG, vol. 222, f. 32.

[72]        Acta, vol. 28, f. 216, n. 20.

[73]        SOCG, vol. 222, f. 84.

[74]        SOCG, vol. 222, f. 82. Միւս երեքն են` «fra Matteo, ֆրա Միքա[յ]ել` մեծաւոր ի վանս Ամենայն սրբոց ի գիւղն Ապարաներ, ֆրա Պետրոսս` մեծաւոր ի վանս Սուրբ Ըստէփանոս նախավկային ի գիւղն Խօշկաշէն»:

[75]        SC, Armeni, vol. 1, ff. 205-206.

[76]        Հաւաքածոյ Ալիշանի` քաղուած Վենետիկի դիւաններէն:

[77]        SOCG, vol. 480, ff. 84-105.

[78]        SOCG, vol. 480, f. 83.

[79]        SC Armeni, vol. 3, f. 33.

[80]        SC Armeni, vol. 2, f. 641.

[81]        SC Armeni, vol. 2, f. 648.

[82]        SOCG, vol. 316, f. 127.

[83]        SOCG, vol. 380, ff. 46-47; Acta, vol. 30, f. 37, n. 7.

[84]        SOCG, vol. 316, f. 126. Ֆրա Սիլվեստրոյ 12 նոյեմբեր, 1657-ին ներկայացուցած է երկու խնդրագիր. ՀՍ-ի քարտուղարութիւնը համադրելով` համառօտած է զանոնք հետեւեալ կերպով. «Կը խնդրեմ միսիոնարի իշխանութիւնս տարածուի նաեւ Պարսկահայաստանի վրայ: Անցեալին Սուրբ Ժողովը դժուարութիւն հանեց չխռովելու համար տեղւոյ միւս միսիոնարները: Խնդրելուս պատճառը այն է, որ կիները պարսկերէն չեն գիտեր, եւ մարդիկ պարսկերէն լեզուով չեն խոստովանիր, քանի անհաւատներու լեզուն է. կ’ուզեն հայերէն խոստովանիլ: Նկատել, որ հայ դոմինիկեանները ամէն օր ունին հայերէն պատարագ եւ ժամերգութիւն, եւ շատ հերձուածող հայեր կ’երթան ներկայ գտնուելու, քանի իրենք չունին ամէնօրեայ պատարագ. ասոնք կ’ուզեն խոստովանանք ըլլալ` բան մը, որ օգտակար է Եկեղեցւոյ միութեան համար: Գիտնաք, որ ես կ’երթամ հերձուածողներու հողին վրայ, համարձակ կը քարոզեմ ժողովուրդին, եւ իրենց քահանաները խոստովանեցան, որ Հռոմի քահանայապետն է գլուխը [եկեղեցւոյ], եւ իրեն չհնազանդողը չի կրնար արքայութիւն մտնել, որովհետեւ սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հաւատքի դաւանութիւն տուաւ սուրբ Սեղբեստրոսի ձեռքերուն մէջfi, եւ իրապէս ժողովուրդը կաթողիկէներուն հետն է: Բայց կանոնները կ’ըսեն, թէ կաթողիկէները չեն կրնար ընդունիլ խորհուրդները հերձուածողներէն: Գիտնաք, որ նիւթապէս հերձուածող հայեր դժուարութիւն չունին մեզի խոստովանելու, հաղորդուելու, եւ անշուշտ, մենք պայման պիտի դնենք, որ այլեւս չերթան եւ կրկին չհաղորդուին հերձուածողներէն: Բայց ասիկա անհնարին է, որովհետեւ հայ դոմինիկեանները սակաւաթիւ են, չեն հասնիր ամէնուն. իսկ արգիլելով հայ քահանաներու խոստովանիլը` կրնայ զիրենք դիւրաւ առաջնորդել թրքանալու: Նմանապէս հայ եպիսկոպոս մը, երբ տեսնէ, որ իրենցմէ մէկը չի ստանար սուրբ խորհուրդները զայն կը նզովէ, կ’արգիլէ խօսիլ կնոջը հետ, եւ ապա կը մատնուի թուրքին, որ սա հաւատքը ուրացած է» (SOCG, vol. 224, f. 14):

[85]        Acta, vol. 31, f. 131, n. 15.