Ամիս մը ի Կիլիկիա

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՃԱՄԲՈՐԴՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

18 Հոկտ.

Հանդարտ ծովով մը եւ աղւոր օդով մըն էր որ անցանք Տարտանէլէն, Իզմիրէն, Քիոսէն եւ այսօր ալ Հռոդոսէն։ Բերդերու տարածուն կոյտ մը այս կղզին, կարծես սոսկ վտարանդիներու բնակավայր։ Արշիպիղագոսի մեծ ու փոքր բոլոր կղզիներն ետեւ թողած՝ Ալէքսանտայի ցռուկը ցցած կ՚առաջէ շարունակ։ Երկու օրէն Մէրսին պիտի ժամանենք։

Մեկնումէս մինչեւ ցարդ չէ սահած օր մը, գրեթէ ժամ մը ուր չխօսուի անլուր Կոտորածին մասին՝ ուղեկից ճամբորդներուն հետ որոնք մեծ մասամբ յոյներ՝ իրենց ցաւակցութիւնները յայտնելէ զատ, չեն դադրիր նաեւ խորհուրդներ եւ լաւագոյն թելադրութիւններ ընելէ մեր մասին։ Խորհուրդ, թելադրութիւն, բայց ո՞ւր է արդարութիւն, ո՞ւր մարդկային ճշմարիտ եղբայրութիւն։

Ատանայի դէպքերէն զարհուրկոտ՝ Հռոդոս ապաստանած խել մը յոյն ընտանիքներ Ատանա կը վերադառնան կրկին։ Գոհ ու զուարթ են ամէնքն ալ, մեծով պզտիկով, դէպքերու միջոցին ամէն բան տեսած են, ամէն բան լսած, բայց ոչ մէկ կորուստ ունին, ոչ մէկ դժբախտութիւն պատահած է իրենց. կարծես հանդիսատես են եղած Եղեռնին՝ առանց տպաւորուելու. եւ ինչո՞ւ չըլլան գոհ ու զուարթ, քանի որ ծիծառներու պէս իրենց լքած բոյները կը վերադառնան, քանի մը ամսուան օրափոխութենէ մըն ալ կազդուրուած եւ երեւակայութիւնին մաքրուած իրենց տեսած արիւնի եւ աւերի տեսիլներէն։ Իրենց միամիտ խնդուքը սակայն, քովս ի վեր, սիրտիս կը դպի, չեմ կրնար հանդուրժել այդ անմեղ զուարթութեան։ Յուղարկաւոր մը չե՞մ միթէ, եւ ինչպէ՜ս ուրախութեան ամէն ձայն ու շշուկ սիրտի սեղմում չի պատճառէ։

Դող մը կը համակէ զիս պարզապէս, երբ կը խորհիմ թէ ա՜լ պիտի տեսնեմ Ջարդի աշխարհը, պիտի տեսնեմ Ատանան, ա՜լ ճակատագրուած է ինձ մօտէն, իրականապէս տեսնել եւ զգալ այն ահաւոր սուգն ուր թաթխուած են ամիսներէ հետէ իմ արենակիցներս, համակուիլ այն մահագին յուսահատութեամբ՝ որով կը տուայտին անոնք, գուցէ երանի տալով կեանքէ դառնամահ զրաւուողներուն, պատերու տակ, ձորերու խոր ու գետերու մէջ՝ անձայն, անշունչ, անշիրիմ…