Հլուները եւ ըմբոստները

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գ

Այն պահուն ուր այդ խրախուսական խօսակցութիւնը տեղի կ՚ունենար, ամենուն աչքերուն մէջ երանաւէտ յոյս մը փայլատակեց, այս քանի անգամն էր որ այդ խաբուսիկ երջանկութիւնը անցեր էր իրենց հոգիին մէջէն. եւ յետոյ գիտէի՛ն թէ վաղը ինչ վերապահած պիտի ըլլար իրենց . բայց այդ բաներուն խորհելու անկարող էին, անմիջական եւ ուժգին զգացումը իրենց հոգիին՝ վրէժի զգացումն էր. իրենք բաւական տառապած էին, հիմա աչքերնին չգոցած, կուզէին իրենց թշնամիներուն տառապանքը տեսնել ու իրենց վտիտ կուրծքերը կ՛ուռէին ատելութեամբ։

Յակոբ զգաց ասիկա եւ տխրութեամբ ժպտեցաւ, գոնէ հիմա, այսպէս խորհելով ու զգալով մարդ էին, ապրելու իրաւունքը կը ստանային իրենց զգացումին անկեղծ թափովը. Յակոբ շահագործելով այդ վայրկենական տպաւորութիւնը աւելցուց։

Եղբայրներ, առաջ պիտի  կարդամ նամակ մը որ Կ»էն ստացանք, մտիկ ըրէք։ Ահաւասիկ ողբերգութիւնը տառապանքին հետ մինակ մնացած, հեռաւոր, լքուած եւ արիւնոտ մարդկութեան մէկ մասին.

…Ալ մեր վիճակը անտանելի է, աղբրտանք, հասէ՛ք մեզի… սուրէն ազատողը սոված պիտի մեռնի…մեր դաշտերը ամայացեր են, կարծես ցորենը չուզեր բուսնիլ արիւնով ցեղխոտուած հողին վրայ… որո՞ւ վրայ հոգի կայ աշխատելու, ճար ճարակ ընելու… ախոռին մէջ կովերը անօթութենէ կը բառաչեն մինչեւ անհետացած տէրերը կը կանչեն…մեր հարսերը ամօթով կը նային մեզի… երբեմն, կ՚ըսեմ, ո՞վ գիտէ ի՞նչ եղած է, է՛հ, օրերով անտէր անտէրունջ մնացին… Սարգիսենց մանչը որ սարսափէն ցաւագար եղած էր, հոգին աւանդեց, մայրիկ ջան, եղաւ վերջի խօսքը, ե՞րբ պիտի երթանք հոսկէ։ Նորածիններ պակասաւոր եւ ցաւագար կը ծնին կարծես Աստուծոյ անէծքը կայ մեր վրայ. Քանի մը տարիէն երբ մենք սուրի տակ կամ սոված անհետանանք։ Ի՞նչ պիտի մնայ ազգին. այդ ցաւագարնե՞րը, որ ո՛վ գիտէ ինչպէս յղացուած են եւ սարսափի մէջ ծնած. Կարօին մայրը անցեալ գիշեր…

Յակոբին ձայնը յուզմունքէն խեղդուեցաւ, ամէնքն ալ մեռելի պէս տժգոյն էին եւ կը դողդողային։ Միհրան մեքենաբար ափ մը ածուխ նետեց վառարանին մէջ. յետոյ լռելեայն իրարու երես նայեցան. ահաւոր դժբաղդութեան զգայնութիւնը դղրդած էր իրենց ընդարմացած ջիղերը եւ ամենուն հոգիին խորը անձկութիւն կար, ճնշող եւ սպաննող անձկութիւն մը։

Յակոբ ջանաց շարունակել բայց պահ մը ետքը ստիպուեցաւ դարձեալ ընդհատել, որովհետեւ յուզումը կը լռեցնէր զինքը. քանի մը վայրկեան վերջ սկսաւ։

«Օգնութեան հասէք մեզի ճար ճարակ ըրէք, մեր ումէտը ձեր վրայ է… աղբրտանք, հասէք մեզի…»։

Յակոբ գրեթէ աղաղակելով արտասանեց այս վերջի բառերը. ուշադիր, անմրմունջ, գլուխնին հակած, գործաւորները մտիկ ըրին ասիկա իրենց  թուեցաւ թէ այդ ձայնը հեռուներէն, շա՛տ հեռուներէն կուգար եւ լեռներէն ու սարերէն անցնելով կը հնչէր իրենց հոգիին խորը, իրենց անստոյգ եւ վարանոտ խղճմտանքը արթնցնելով։

Յանկարծ Էրամ խալֆա, ամէնէն տարեցը իր ընկերներուն, ոտքի ելաւ, րոպէ մը դեդեւեց սրունքներուն վրայ բայց ձայնը որոշ, եւ այնպիսի պարզութեամբ մը որ մինակիր միամտութիւնը կ՚արդարացնէր, ըսաւ։

Ի՞նչ պէտք է ընել, ըսէ՛ք։

 

Էրամ խալֆա ժամանակաւ իր թագին ջրհանկիրներու պետը եղած էր խիզախ եւ աներկիւղ՝ վտանգին առաջք, իր հրամաններուն եւ կոչերուն ուրախութեամբ, հպատակած էին թաղին քաջասիրտ տղաքը—   Իր ասպարէզին ջլատիչ յոգնութիւնները եւ մանաւանդ օղին՝ զինքը թուլցուցեր. վատթարացացեր եւ ապիկար դարձուցեր էին. հիւանդութեան մը հետեւանքով ջրհանկիրի պաշտօնը ձգած էր, բայց ամէն անգամ որ հրդեհ ծագէր թաղի մը մէջ, հակառակ իր դեդեւուն սրունքներուն, կը վազէր հոն եւ հրամաններ կուտար, անսալով վաղեմի սովորութեան մը եւ իր ձայնը այնքան տիրական շեշտ մը ունէր այդ պարագաներուն։ Իր հասակը այնպէս մը կը ցցուէր, կը ծառանար շտկելով կքած քամակը ամէնակա ող կամքին թելադրութեամբ որ ամէնքը կը հնազանդէին իրեն։ Այդ իրիկունն ալ, Յակոբին ընթերցումները լսելէ վերջ, հրդեհի պահուն օգնութեան կանչող աղաղակներուն ելեկտրական ցնցումը զգացած էր իր երակներուն մէջ ու կը զարմանար որ միւսները չէին շարժեր, անկարող կը մնային եւ իրենց մէջ ոչ մէկ նեարդ չէր սարսռար այդ ցաւագին եւ գրեթէ պաղատագին կոչերէն. զորս հեռաւոր եղբայրներ իրենց կ՚ուզզէին։

Վայրկեան մը վերջ, Էրամ խալֆա պոռաց։

Հայտեցէք, ծօ՜, ի՞նչ կայներ էք.

Ու այս խօսքերը այնպիսի ձայնով մը արտասանեց որ ամենքն ալ անգիտակցաբար ոտքի ելան։

Յակոբ չէր հաւատար իր աչքերուն. աւելի արագ՝ քան կայծակի մը փայլատակումը գաղափար մը անցաւ իր մտքէն ու ժպտեցաւ ամէնուն ալ եղբայրաբար, յետոյ օգուտ քաղելով ներկաներուն խանդավառութեան թափէն. մէկիկ մէկիկ թերթերը բացաւ եւ ցուցադրեց զանոնք։

Դեռ շատ, շա՛տ բաներ կան, եղբայրներ, մտիկ ըրէք թէ ի՛նչ կ՚ըսեն,   մեր փրկութիւնը ձեր բազուկներէն կախում ունի, բայց պէտք է խոհեմութեամբ վարուիլ վստահութիւն ունեցէք մեր վրայ եւ երբ ժամանակը գայ կը գիտնաք թէ ի՜նչ պէտք է ընել. դուք իբր ճշմարիտ զինուորներ պէտք է քաջ բայց հնազանդ ըլլաք։

Եւ որովհետեւ ընկերները տատամսելով իրարու կը նայէին, թերեւս չհասկնալով իր լեզուն, աւելցուց։

Ասկերի պէս, կը հասկնա՞ք, ասկէրի պէս։

Անանկ է եա՜, ըսաւ Պետիկ համոզուոմով։

Ու Էրամ խալֆա գլուխը տատանեց։

Կրակներու մէջ կ՚եբին կոր պէ՜… տահա պօլ պօլ լախըրտը կ՚ընէք։

Բայց հակառակ Էրամի այս վերջի խօսքերուն, խանդավառութիւնը ինկեր է, եւ ամէնքն ալ թուլցած՝ կրկին ծալլապատիկ եկան հաւաքուեցան Յակոբի շուրջ որ արտասահմանի թերթերը կը դասաւորէր եւ ահա դարձեալ սկսաւ ընթերցումը։

Նոյն եղերերգութիւնը, աւելի դասական, առաւել կամ նուազ ճարպիկ խմբագրի մը գրչին տակ, ու կարգ մը թղթակցութիւններ, նամակ խ…էն, նամակ Ե…էն, նամակ Ս…էն ու այդ հեռաւոր տառապանքներու նկարագրութիւնը հետզհետէ նուիրական հանգամանք մը կը ստանար այս միամիտ եւ տգէտ մարդոց հոգիին մէջ ու ջերմեռանդութեամբ մտիկ կ՚ընէին, օրօրուած՝ ցաւին յաճախումէն ու թեթեւ մըն ալ թմրած, երբեմն այդ ցաւը կարծես իր այժմէութիւնը կը կորսնցնէր ու անցեալ մարտիրոսութեան մը պէս անուշ գրեթէ հեշտագին մելամաղձոտութիւն մը կը ներշնչէր. բայց երբեմն ալ վայրագ իրողութիւններ կը ցնցէին զիրենք իրենց թմրութենէն։

 

Յակոբ, գործաւորներէն շրջապատուած, եւ երկիւղած լռութեան մը մէջ շարունակ կը կարդար թէ ի՛նչպէս պզտիկ տղաքներ իրենց մօրը ծունկերուն վրայ ջարդուած էին. խեղճ կիները հարկադրուած էին այսպէս իրենց մանկիկներուն խժդժութեանց ականատես ըլլալու ու գրեթէ իրենց գիրկին մէջ զգալու անոնց հոգեվարքի ցնցումենրը. յետոյ դահիճները, գաղջ եւ մատղաշ արւնէն գինովցած, բռնաբարած էին զիրենք իրենց զաւակներուն դիակին բեկորներուն քով, անոնք արիւնէն խոնաւ դարձած գետնին վրայ…

Նոյն պահուն լսելի եղաւ ցաւագին ու դողդողացող ձայն մը։

Եավրո՜ւմ…

Ամենքը պառաւին դարձան անոր խորշամած դէմքը արցունքներով ողողուած դէպ ի իրենց կը նայէր, եւ կոյր աչքերը առանց լոյսի մնալով, կ՚ընդլայնուէին իրենց կապիճներուն մէջէն։

Եավրում, եավրո՜ւմ… գոչեց անգամ մըն ալ պառաւը, եւ գերմարդկային ճիգ մը ըրաւ, որուն միջոցին իր անդամալոյծ մարմինը շարժեցաւ կարծես, բայց յանկարծ սպառած՝ այդ ջանքէն, գլուխը ինկաւ դէպի ետ եւ դարձեալ մտաւ իր դիակնային անշարժութեան եւ անթափանցելի համրութեան մէջ. ոչ ոք կրնար ըսել թէ Նունիկ տուտու կարդացուցածէն բան մը հասկցած էր՝ թէ անիկա պարզապէս կ՚արձագանգէր իր մտքին մէջ կառչած միակ բառը։ Ամէն պարագային այդ սրտագին ու դողդղացող աղաղակը վրդովեց ներկաները. Յակոբ կամաց կամաց ժողվեց թերթերը եւ գրպանը դրաւ ու երբ ոտքի պիտի ելլէր մեկնելու տեսաւ պզտիկ Տիրանը որ գլուխը թեւերուն վրայ, իրենց չափ տժգոյն, բայց աչքերը լեցուն անբացատրելի եւ գերագոյն հրահյքով մը՝ ոեւեռած էմ իրենց վրայ։ Յակոբին զարմացական շարժումին վրյա Տիրան մատը շրթունքին դրաւ ու իր վարդահաս տղու խոշոր գլուխը բարձրացնելով, տաժանքով ոտքի ելաւ, որուքները ցնցեց, որոնք թմրած էին երկար ատեն անշարժ մնալէն, եւ Յակոբէն առաջ դուրս սպրդեցաւ, բայց ոչ ոք նշմարեց ասիկա, ա՜յնքան գործաւորները խորասուզուած էին իրենց մտածումներուն մէջ, գաղափարներ, որոնք անսովոր կերպով ծանր կուգային իրենց տկար ուղեղներուն։

Քիչ մը ետքը, վառարանը սկսած էր մարիլ եւ ցուրըտ զգալի կը դառնար, Էրամ խալֆա ելաւ վարագոյրը մէկ կողմ առաւ եւ դուրս նայեցաւ. հովը դադրած էր, եւ ձիւնը հանդարտօրէն կ՚իջնար քաղաքին վրայ ընդհանուր ճերմակութեան մը մէջ թաղելով ամէն բան, որուն մէջէն միայն ծխաններուն չարաշուք եւ սեւ ուրուագիծերը կը ցցուէին դէպ ի կապարագոյն երկինքը։

Տուներու մէջ լոյսեըր մարած էին. ընկեր գործաւորներն ալ վերջապէս յաղթուելով քունէն, խառն ի խուռն տարածուած էին գետինը, եւ երեսի վրայ կը քնանային. Միայն Էրամ խալֆա քուն չունէր սակայն սիկառէթ մը շինեց եւ ծխեց, բոլոր այդ պահուն խառնակ մտածումներ կ՚անցնէին իր գլուխին վէջէն. երբ Մարտիկ աղային կինը Գոհարիկ հանըմ եկաւ կեսուրը պառկեցնելու, դեռ արթուն էր Էրամ եւ կը մտմտար։

Տաճա չէ՞ս քնացե՜ր, Էրամ խալֆա, ուշ է ատենը, ըսաւ Գոհարիկ հանըմ մեկնելով։

Էրամ խալֆա. առանց պատասխանելու լոյսը մարեց եւ ինքն ալ գետնին վրայ երկնցաւ, բայց մինչեւ արշալոյս արտեւանունքը չէին գոցուած, երբեմն սարսռալով մութին մէջէն անորոշ բառեր կը լսէր որ զինքը կը ցնցնէին. կարծես Յակոբ հոն էր եւ նորէն կը կարդար արհաւիրքի պատմութիւնները։ Ընկերները քուներնուն մէջ կը զառանցէին։

Երբ արշալոյսին տժգոյն ցոլքը վարագոյրները ճերմկցուց. գիշերուան մութը՝ ծանրացած բոլոր այդ խռովուած մարդեր երազներով՝ կը սուառնէր դեռ անոնց գլխուն վերեւ եւ կարծես կը վատնուէր փաթտտուելու։