Հլուները եւ ըմբոստները

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ե.

Պահ մը ետքը, Յակոբ և Պետիկ վերսկսան իրենց տաժանելի գնացքը. բայց քանի կʼերթային Բօսթա Եօլուի վրայէն, այնքան քրտիքը կը վազէր իրենց ճակատէն վար և եազմա յի բեռը հետզհետէ աւելի ծանր կուգար իրենց ուսերուն։

Անզգալի կերպով յամրացուցին իրենց քայլերը. երբեմն, վերէն եկող կառք մը ճամբուն եզերքին կը նետէր զիրենք ուրկէ սառի թեթեւ խաւի մը տակէն ցեխոտ առուակ մը կը վազէր. Պետիկ սկսաւ հայհոյել, գուլպաները թրջեր էին և կը սառէին, մինչ միեւնոյն ատեն քրտինքը սկսած էր պաղիլ կռնակին վրայ։

- Շապիկս, ոտքերս խխում եղան, ըսաւ յանկարծ կենալով։

- Ա՛հ, իմի՛նս ալ, մրմնջեց Յակոբ։ Ճամբուն վրայ քարակոփի խանութի մը առջև մարմարեայ խոշոր զանգուածի մը վրայ կրթնցուցին իրենց բեռը և պահ մը հանգչեցան. Պետիկ յօնքերը կը պռստէր, բայց խորապէս համակերպած կը թուէր իր ճակատագրին, մինչդեռ Յակոբին աչքերուն մէջ անսովոր խանդավառութիւն մը կար. շրթունքը ցուրտէն չորցած էին և ծարաւած էր. քովէն ափ մը սառ առաւ և բերանին տարաւ։ Նոյն միջոցին հեռուէն կառք մը երեւցաւ որ դէպ ի վար կʼիջնէր։

Պետիկ կառապանը ճանչցաւ և ըսաւ. Մեսրոպեա՛նն է։

Այդ անունին՝ Յակոբ տժգունեցաւ մինչեւ շրթունքը, ձեռքը դողդղաց և ձիւնը գետին ինկաւ. յետոյ շուրջը նայեցաւ, կարծես ծածկուելու տեղ մը փնտռելով ու յուսահատած, ինքզինքէն ելած՝ եազմա ին բեռը կռնակը առաւ և կքեցաւ անոր տակ, այնչափ որ իր գլուխը բոլորովին ծածկուած ըլլար. Պետիկ՝ զարմացած, և բան մը չհասկնալով   ընկերոջը վարմունքէն, իր կարգին բեռը կռնակը առաւ և ճամբայ ելաւ. բայց երբ կառքը իրենց քով եկաւ՝ Յակոբ չկրնալով դիմանալ ներքին դրդումի մը, գլուխը բարձրացուց. ակնթարթի մը մէջ տեսաւ սպիտակահեր ծերունի մը, խոշոր ճերմակ մօրուքով և անոր քով մուշտակէ վզնոցի մէջ ծածկուած երիտասարդ աղջիկ մը, սքանչելի և վէս թխուհի մը որ խնդալով կը խօսէր ծերունիին հետ. իր հնչուն ձայնին շեշտերը վայրկեան մը թրթռացին օդին մէջ, և կառքը անցաւ գնաց։

- Աղջիկը մէկտեղ էր, ըսաւ Պետիկ մեքենաբար։

Բայց այդ միջոցին Յակոբին բեռը գետին ինկած էր և ինքն ալ գլխու պտոյտէ բռնուած կը դեդեւէր. դժուարաւ կառչեցաւ պարկին և անոր կռթընցաւ. բայց այդ ալ բաւական չըլլալով, գլուխը դրաւ երկու բազուկին վրայ և երեսը ծածկեց. վայրկեան մը Պետիկ անորոշ բառեր միայն լսեց, բայց հետզհետէ շուարումը անցնելով սկսաւ խորհիլ թէ իրենց այդ անսովոր դիրքը կրնար ուշադրութիւն գրաւել, եթէ լրտես մը կամ բօլիս մը անցնէր. իր կարգին՝ ինքն ալ բեռը գետին դրաւ և ընկերոջ մօտ եկաւ։

- Ի՞նչ կայ, ի՞նչ եղար, Յակոբ, ըսաւ անոր գլուխը բարձրացնելով։

Բայց Յակոբ դէմքին վրայ յուսահատութեան այնպիսի արտայայտութիւն մը կար, այնպէս մը տժգունած էր և կոպերը յանկարծակի այնչափ սեւցած էին տառապանքին ուժգնութենէն, որ Պետիկ եւս սկսաւ այլայլիլ։

- Ի՞նչ կայ, կը կրկնէր միշտ մեքենաբար և շուրջը կը նայէր։

Կառքը արդէն աներեւութացած էր և բացարձակ ամայութիւն կը տիրէր ճամբուն վրայ…։

Յակոբ ինքզինքէն ելած, երբ տեսաւ ծերունիին և օրիորդին կառքին հեռանալը, շունչ մը առաւ և

- Ինծի տեսա՛ւ… այս դիրքի՜ս մէջ… մրմնջաց։

- Ո՞վ պէ ՜, չʼըսե՞ս, մարդ չկայ կʼըսեմ կոր։

Յակոբ՝ յիմարացած՝ անգիտակից շարժումներ կʼընէր։

- Հիմա մեզի ասանկ տեսնան նէ պան մը կայ կʼըսեն՝ կը տանին, ըսաւ Պետիկ։

- Կը տանի՜ն… ո՞վ պիտի տանին։

- Ա՜հ… Տէր ողորմեա, նո՞ր աշխարհ կուգաս կոր Յակոբ, ինքզինքդ եկու, շաշըրմի՞շ ըրիր, ի՞նչ ըրիր։

Եւ պատահածին վրայ ապշած՝ Պետիկ գլուխը կը շարժէր և կը մրմնջէր։

- Ցը՜, ցը՜, ցը՜… Տէր ողորմեա…։

Սակայն Պետիկին խօսքերը ազդած էին Յակոբին վրայ. յանկարծակի ինքզինքին եկաւ, ելաւ կանգնեցաւ և ձեռքը բաճկոնին ներքին գրպանի տանելով դէզ մը թուղթեր շօշափեց. երբ ապահով եղաւ որ անոնցմէ բան մը չէ ինկեր, սիրտ առաւ. տխուր ժպիտ մը կար այլեւս իր տժգոյն դէմքին վրայ և աչքերուն մէջ՝ անօրինակ բոց մը. կարծես օրիորդ Մեսրոպեանի նայուածքը անոնց հանդիպելով նոր կրակ մը վառած էր իր աչքերուն մէջ. հեգնութեամբ նայեցաւ իր ձեռքերուն, որոնք կարմիրով ներկուած և կոշկոռցած էին կոպիտ աշխատութեան հետեւանքով. յետոյ՝ համակերպած և անշշուկ՝ բեռը կռնակը առաւ և ինքն իսկ ապշած իր զոհողութեան և անձնուրացութեան մեծութենէն, գրեթէ վերացած անկէ, սկսաւ քաջութեամբ քալել։

Պետիկ իր ընկերոջմէն ետ կը մնար, բայց Յակոբ ամէն վայրկեան կը խրախուսէր զայն այնպիսի խորհրդաւոր խօսքերով որոնցմէ Պետիկ մեծ բան մը չէր հասկնար.

- Քաջութի՛ւն, Պետի՛կ, հոգ մի՛ ըներ, այս օրերը պիտի անցնին… մեր այսօրուան բեռէն աւելի ծանր բեռ մը կայ ամենուս կռնակին վրայ… պէտք է անկէ ազատիլ… պէտք է անիկա մէկ կողմ նետել… շատե՜ր, շատե՜ր ընկճուեցան և մեռան այդ բեռին տակ և մեզի սահմանուած եղաւ մեր ցեղը այդ բեռէն ազատիլ. ատիկա մեր վզին  պարտքն է, կը հասկնա՞ս, պէտք չէ թուլնալ, պէտք չէ կէս ճամբան մնալ… օր մը մեզմէ հաշիւ պիտի պահանջուի, պէտք է որ ապագայ սերունդին ներկայանանք՝ զերծ՝ ամէն տկարութենէ, վատութենէ, մատնութենէ և արժանի իրենց խանդաղատանքին… երախտապարտութեան…։

Յակոբ այս խօսքերը արտասանելէն վերջ, հակառակ իր անսովոր խանդավառութեան, ձայնը մարեցաւ. պահ մը կեցան շունչ առնելու համար. կուրծքը կʼելեւեջէր յուզմունքէն և կը հեւար ու ամբողջ դէմքը քրտինքով ողողուած էր. բայց անիկա փոյթ չէր ըներ, չէր սրբեր իսկ երեսը. ձեռքերը կը դողդղային, շրթունքը չոր և տժգոյն էր և դիւային ժպիտ մը կար անոնց վրայ. աչքերը վարագուրուած էին տարտամութիւնով մը և անիկա կը նայէր առանց տեսնելու, կը խօսէր առանց լսելու, մինչ ներքնապէս մտքին վրդովուած խորութիւններուն մէջէն ճերմակ ճամբայ մը կʼերկարէր, որուն մէջ ինքը կեցած էր թշուառ ընկերոջը հետ եազմա ին բեռան տակ, և իրենց մօտէն Մեսրոպեան էֆէնտիին կառքը կʼանցնէր, և թուխ ու վէս աղջիկ մը իր սև և թաւշեայ աչքերուն անտարբեր և արհամարհական նայուածքը կʼուղղէր իրեն ու իր տառապագին հոգիին մէջէն միօրինակ և ցաւագին ձայն մը կը կրկնէր անդադար.

- Ա՛լ անկարելի է, ա՛լ չեմ կրնար հանդուրժել։

Ու ճշմարիտ մարտիրոսներու խելայեղ վսեմութեամբը, հեշտագին հաճոյք մը կը զգար իր հոգիին խորը բացուած այդ արիւնոտ վէրքին ցաւէն։

Պետիկ լռութեամբ մտիկ կʼընէր զինքը. այլեւս տարտամօրէն կը հասկնար թէ ի՞նչ ըսել կʼուզէր ու իր դեդեւուն սրունքները, իր տխեղծ մարմինը, իր շուարած և ծամածռած դէմքը ըսել կʼուզէին կարծես նաեւ.

- Ա՛լ բաւական է, ա՛լ անկարող եմ, գթացէք իմ տկարութեանս վրայ։

Երկու ընկերներէն մէկը իր սրտին ցաւէն և միւսը իր անձին ապիկարութենէն մորմոքած՝ կը մոռնային ամէն բան, և Յակոբ կը շարունակէր խօսիլ ներշնչուած առաքեալի մը պէս, ու քանի՛ կʼերթար այնքան աւելի կը խանդավառէր, ու կարծես իր ճարտասանութեան ուժովը կʼուզէր խափանել իր ա՛յնքան մարդկային, այնքա՛ն մտերմական ներքին ցաւը։

Երբ ծովեզերք հասան, երկուքն ալ բնական հակազդեցութեամբ մը կորսնցուցած էին իրենց բոլոր կորովը. թոյլ և անկարող՝ չէին յաջողեր նոյնիսկ եազմա ին տոպրակները պարպել։

Հովը սկսաւ փչել և զիրենք խարազանել, ու ցուրտէն սթափած՝ սկսան գործի. պահ մը ետքը մինչեւ սրունքնին ջուրի մէջ, կը լուային ներկուած եազմա ները, որոնցմէ գունագեղ ակօսներ կʼերթային կը կորուսէին ծովին հեռաւորութեան մէջ. հոսանքը երբեմն ուժգին՝ կը խախտէր զիրենք և ոտքերնին կը կտրէր գետնէն և սոթտած հագուստին մէջքերնուն և մինչեւ կուրծքերնուն վրայ կը թրջէր աղի ջուրէն, բայց իրենց աշխատութիւնը այնքան ծանր էր որ, հակառակ ասոնց դարձեալ կը քրտնէին և գլուխնին կրակներու մէջ կը զգային։

Ուշ ատեն սկսան պատրաստուիլ մեկնելու համար. հիմակ տոպրակները լեցուած էին թաց եազմա ներով և հետեւաբար աւելի ծանր կուգային իրենց կռնակին և մինչեւ Սէլամսըզի գագաթը վերելքը բոլորովին տաժանելի էր։

Մութին հետ սկսաւ թեթեւ մը անձրեւել, բայց այլ եւս կարծես անզգայ դարձեր էին յոգնութեան ու տառապանքին. Պետիկ թեթեւութեամբ կʼերթար դէպ ի օղիին շիշը, և Յակոբ նոյնպէս զբաղած կը թուէր ամէն անձնական զգացում և ցաւ մթագնող մտատանջութեամբ մը. երբեմն կէս ճամբան կը կենար և թուանշաններ կը մրմնջէր, յետոյ արագօրէն սրբելով ճակտին քրտիքը, կուգար միանալ ընկերոջը։

Երբ Ֆապրիքա հասան, Պետիկ հարցուց.

- Աս գիշեր հո՞ս ենք։

- Ո՛չ, ըսաւ Յակոբ։

Պետիկ հապճեպով փոխեց իր թաց հագուստները և սպրդեցաւ դուրս ու դէպ ի գինետուն ուղղուեցաւ։ Յակոբ երկայն ատեն դեռ մնաց հոն, սպասեց որ բոլորովին մութնայ։ Ֆապրիքա ին մէջ գործաւոր չէր մնացած և տունը պարապ կը թուէր. մինակ Գոհարիկ հանըմին կցկտուր խօսակցութիւնը կը լսուէր դրացի պառաւ կնոջ մը հետ։ Յակոբ բակին մէջ կեցած կը դողար ամբողջ կրակարանին մօտ, բայց դիմադրեց այդ փափաքին, իրեն անհանդուրժելի էր ո՛եւէ մարդկային դէմք տեսնել որ անծանօթ և անտարբեր ըլլար իր ներքին զգացումներուն. և երբ բակին պատուհաններէն նշմարեց որ մութը բաւական թանձր էր, դուռը կամաց մը բացաւ և յանցաւորի մը պէս պատերուն երկայնքին, շահնիշիր ներուն տակէն սկսաւ հեռանալ։