Հայկական նամականի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Լ

Կ. Պօլիս, 25 ապրիլ 1866:

Գիտես արդէն, որ Ռուսինեան Էֆենտին իբրեւ ատենապետ առաջարկեց անգամ մը Ընդհանուր ժողովին, որ իւրաքանչիւր ժողով եւ խորհուրդ դիտողութեանց տետր մը բանայ եւ Սահմանադրութեան այն կտորներն, որ գործադրութեան ատեն դժուարութիւնների կ՚հանդիպին` գրի առնէ, վերաքննութեան ժամանակ Յանձնաժողովին ուշադրութեան ենթարկելու համար: Կ՚յիշեմ նաեւ, որ ազգային երեսփոխան մը այս առաջարկութիւնը խիստ սահմանադրական եւ բնական լինելուն, քուէի դնելն անգամ աւելորդ համարեց, որովհետեւ Սահմանադրութիւնը քուէի դնելու չափ անհեթեթ գտաւ: Ռուսինեան էֆէնտին իբր օրէնսդիր կ՚մտածէր եւ Սահմանադրութիւնն իր բոլոր թերութիւններով կ՚յարգէր ժամանակին զանոնք ուղղելու միջոցը ցոյց տալով, եւ չէր կրնար երեւակայել, որ օրէնք մը որոշեալ ժամանակէն առաջ կրնայ դադարման դատապարտուիլ, նոյնիսկ այն երեսփոխանաց կողմէն` որոնք սահմանադրական առաջարկութիւն մը քուէի դնելու գաղափարն անգամ ծիծաղական կ՚սեպէին:

Բայց ի՞նչ կենթադրէ վերաքննել, եթէ ոչ փորձառութեան դասերէն օգուտ քաղել եւ հիմնական դիտողութիւններու վրայ գործ մը ըստ կարի կատարելագործել:

Այս փորձառութեան դասերն արդի վերաքննութեան Յանձնաժողովն ի բնէ անտի ունի, Սահմանադրութեան անգործադրելի տրամադրութիւնները գիտէ, կ՚ըսեն շատերը, սակայն Սահմանադրութեան արգելման անբնական պարագաները քանի միտքս բերեմ կ՚վարանիմ հաւատալու, որ ասոնք Սահմանադրութեան վերաքննութեան վրայ ներգործեն:

Արդէն այլ եւ այլ կարծիքներ` որ ազգային անկապտելի իրաւանց եւ օրինաց պաշտաման առջեւ լուռ կեցած էին, երեւան կ՚ելնեն եւ կրնան այնպիսի ազդեցութիւն մ՚ունենալ որ փորձառութեան, բանականութեան, արդարութեան եւ օրինաւորութեան ներշնչութիւններն ապարդիւն ձգեն:

Կարծիք մը կայ` որ Սահմանադրութիւնը յետին պարզութեան վերածել կ՚ուզէ: Այսինքն ժողով, խորհուրդ, դիւանատուն, արձանագրութիւն բառնալ, պատասխանատուութիւնն եւ քուէարկութեան եղանակը ջնջել, լոկ ազնուականաց ծերակոյտ մը հաստատել, ցկեանս Պատրիարք մը կարգել, որ լիազօր իշխանութեամբ ամէն ինչ տնօրինէ իր խղճին եւ ծերակուտին առաջնորդութեամբն, եւ իր համարը մի միայն Աստուծոյ տայ:

Այս կարծիքն երկնային իրաւանց վրայ հիմնեալ է: Կարծիք մ՚ալ կայ, որ կ՚ուզէ աշխարհականաց միջամտութիւնն իսպառ վերցնել վարչութեան մէջէն, լոկ կրօնական ժողովակ մը պահել կղերին կողմէն ընտրեալ, որ թէ՛ կրօնական եւ թէ՛ քաղաքական գործերն անխտիր նայի եւ իր համարը մի միայն Տէրութեան տայ.

Այս կարծիքը կրօնական իրաւասութեան աղբիւրէն կ՚բխի:

Կարծիք մ՚ալ կայ, որ կ՚ուզէ կրօնական գործոց զատ եւ քաղաքական գործոց համար զատ ժողովներ կարգել մէկ մէկ կրօնական եւ աշխարհական նախագահի ներքեւ, որք իրարմէ անկախ լինին եւ մին ազգին, միւսը ծերութեան պատասխանատու մնան:

Այս կարծիքը բողոքականութիւն կ՚հոտի:

Կարծիք մ՚ալ կայ, որ կ՚ուզէ Տէրութեան մեզի շնորհած արտոնութիւնները վերադարձնել, ազգային պատրիարքարանը զուտ մենաստանի վերածել, բոլոր պաշտօնեաները կրօնականաց դասէն կարգել եւ ազգային գործոց քաղաքական տեսչութիւնը Բ. Դրան կողմէն սահմանեալ պաշտօնէի մը յանձնել:

Այս կարծիքն ինչ տեսակ գլուխներու ծնունդ է, յայտնի է:

Մեծազօր Տէրութեան օրէնքը, ժամանակիս ոգին, ազգին մեծագոյն մասին արդի տրամադրութիւններն եւ իրաւունքը չգիտցողներն այս անհեթեթ դրութիւնները կ՚պաշտպանեն:

Սակայն կարծիք մ՚ալ կայ, որ կ՚ուզէ Սահմանադրութեան հիմնական սկզբունքն անխախտ, Տէրութեան շնորհած արտօնութիւնները հաւատարմաբար պահել, ազգին ընտրական իրաւունքն ընդարձակել, անոր շահերը պաշտպանելու համար ապահովութիւններն աւելցնել: Ընդհանուր ժողովին թիւը 160ի հանել, անոր պատասխանատուութեան եղանակն որոշել: Կրօնական ժողովին անդամոց թիւը եւ Քաղաքականինն իջեցնել, տեսուչ խորհուրդները բառնալ եւ անոնց տեղ մէկ մէկ պաշտօնատար կարգել ազգային գործոց ամէն մէկ ճիւղին համար եւ ի վերջէ Սահմանադրութիւնը գործադրել տալու երաշխաւորութիւն մը օրինապէս հաստատել:

Այս կարծիքն ալ, որ արդարութեան աւելի մօտ է, ազգին մէկ մեծ մասինն է: Իսկ մեր կարծիքն ո՞րն է, ուրիշ անգամ կ՚բացատրեմ:

ԼԱ

Կ. Պօլիս, [27] ապրիլ 1866:

Անշուշտ կը յիշես, որ վերջին անգամ պ. Պարոյրին հետ սեղան նստած Պաքօսին ջրովը կ՚տաքնայինք: Գինիին բաժակը ձեռքս մնաց երբ գրաբերը ներս մտաւ: Որը՞ կ՚ընտրես, ըսի Պարույրին, այս բաժակը, թէ՞ նամակը Բաժակը խորհուրդ մ՚է, նամակը գաղտնիք, սակայն ուսկի՞ց եւ որո՞ւ ուղղուած է այս. երկու սրի մէջ կ՚դնես զիս. եթէ գինին ընտրեմ սրտիս հետ քաղաքը պիտի տամ, եթէ գիրը` գլուխս: Գլուխս իմս չէ, մեծ կորուստ չեմ ընէր. ընտրութիւնս յայտնի է: Նամակը բացի եւ ի՞նչ ստորագրութեօն գտնեմ, աղէկ, ԴԻՄԱԿ ՄԸ: Ո՛, գաղտնիք գաղտնեաց, գոչեց Պարոյր զայրագին եւ գիրը ձեռքէս կորզելով կարդաց.

«Եթէ վաղը (փետրուար 5) իրիկուն ժամն 3ին դու եւ հիւրդ պ. Պարոյրը Բերա մեծ փողոցը թիւ 0 հանդիսարանը գտնուիք` կրնաք աւելի հետաքրքրական բաներ տեսնել, քան թէ այդ սեղանին բոլորն, որ դժբաղդաբար խօսող ալ չէ: Բարեկենդանի այս վերջին օրերն երկու ճգնաւոր ճգնաւորաց դասուն մէջ ալ անհնարին է գտնելն եւ չեմ կարծէր, որ դուք գերբնական բացառութիւն մը լինիք: Եթէ հրեշտակ էք` ձեր թեւերը կտրեցէք, եկէք. ձեր տեսնելիքն երկինքը չէ. եթէ սատանայ` խաչը ձեր ծոցէն հանեցէք, եկէք. ձեր գտնելիքը տաճար չէ»:

«ԴԻՄԱԿ ՄԸ»

Ահա քեզի հեգնական եւ դիւական հանելուկ մը, մրմռաց Պարոյր, որ մեր տաք տաք խօսքերուն վրայ պաղ ջուր կ՚թափէ: Աղբեր, կատակը մէկդի, տագնապը զիս կ՚առնու: Ուսկի՞ց ինկաւ այս նամակն, ո՞վ է գրողն, ի հարկէ դու միայն կրնաս գիտնալ, քանի որ կամրջին վրայ ըսիր թէ յաջող հով մը պիտի փչէ զմեզ զբօսալի վայր մը տանելու: Յիրաւի ինչ որ դու գիտես, ես ալ նոյնչափ: Ասի սատանայի մը շունչն է, այս գիտեմ, եւ կարելի է անհամ խաղ մը կ՚պատրաստէ մեզի: Ինչեւէ, մեղք մը չենք գործեր, եթէ հրաւէրն ընդունինք, մանաւանդ որ մահու չափ տաղտկալի է քեզի ընկերութիւնս: Մեր երթալիք տեղն ոչ Շամիրամի պարտէզն է, ոչ Տիտօնի քարայրն է, ոչ Անյոյշ բերդն եւ ոչ Տէր... ին քաւարանն, այլ պարզապէս հանդիսի մը վայրն, ո՛ւր իրենց գլուխն եւ սիրտն ի՞նչ բանի կը ծառայեն չգիտցող մարդիկ կը յաճախեն պարելու եւ խնդալու համար, Ուրե՛մն, ինչո՞ւ կ՚տագնապիս, դիմակ չկայ ըսելով քիչ մ առաջ կ՚գանգատէիր: Առ քեզի դիմակ մը, որ դիմագրաւ կ՚կենայ առջեւդ: Եթէ ծիծաղելու եւ ի պայքար ելնելու ախորժ ունիս` գօտիդ պինդ կապէ եւ պատրաստ կաց: Ես կազմ ու պատրաստ եմ, փրփրաց Պարոյր, ոչ թեւ կ՚ուզեմ եւ ոչ խաչ մենամարտելու համար: Իմ զէնքս` լեզուս ու միտքս է։ Խօսքով մը կրնամ դիմակը դիմազուրկ դարձնել: Բայց խնդիրը մարտ չէ, այլ դաւ մը, որուն հետեւութիւնը չեմ ըմբռնէր: Զմիւռ ասանկ խաղ չեն խաղար: Պարահանդիսի մը մէջ երբ դիմակ մը առջիս ելնէ եւ ականջիս փսփսայ. «Աշխէնը կ՚իշխէ սրտիդ, բայց գլուխդ պիտի իշխէ Աշխէնիդ» այս վհուկին ետեւէն այնչափ կ՚վազեմ, որ ի վերջէ ճանկիս տակ կ՚ձգեմ, դիմակն ինքնին վար կ՚սահի եւ թերեւս այն դիմակը նոյնիսկ Աշխէնը լինի։ Սակայն երբ դիմակը դիմակաւոր նամակով մը կ՚ներկայի` ես ետ ետ կ՚քաշուիմ, որովհետեւ ուրուական մ՚է այն…: Անկեղծ եւ կայտառ դէմքի մը վրայ դիմակ մը, որչափ անճանաչ եւ կարծր լինի, միշտ անթափանցիկ է եւ զայն կրողը կ՚մատնէ, ինչպէս կ՚մատնէ արեւուն շառաւիղն ամպերէն անդին գտնուած հովիտն եւ առուն: Իսկ հոգի մը` որ արդէն ինքնին դարան մ՚է դէմք մը որ արդէն ինքնին դիմակ մ՚է, ինչ պէտք ունի նենգէ եւ դիմակէ: Այսպիսի դէմք մը երբ դիմակ ալ կրէ դժոխային երեւոյթ մը կը ստանայ, երեւոյթ մը, որ ահա այս նամակին մէջ կ՚երեւի…

Վա՛յ, կը նային խաղե՞ր կ՚ուզես, Պարոյր, քրինօլինի մը շրջանը միայն քու իմաստութեանդ եւ արիութեանդ սահման կ՚ընտրես. միթէ քաջութեան մրցանակը վտանգին ծայրն եւ իմաստութեան պսակը բարիին եւ չարին ուսման մէջ չէ՞: Կ՚ուզես որ միշտ Աշխէնի մը դաշնակաւոր ձա՞յնն ականջիդ հնչէ: Ա՛հ, քանի՛ քանի Ոլիմպիաներ կան, որ անոր ձայնը կը սերտեն միամիտներն որսալու, քանի քանի իմաստակներ կան, որ կիկերոնեան ամբարտաւանութիւն կ՚դասեն եւ իրենց գողունի գրուածքը կամ թարգմանութիւնն իբրեւ հեղինակութիւն տալէն զատ` անոր գլուխը, տակը, վերը վարն, ասդիս անդին, ուր որ ծակ մը գտնեն կամ առիթ մը` իրենց անունը կ՚տեղաւօրէն անմիտները խաբելու համար։ Համանման ձայներու մէջէն բնական, անսուտը զանազանելու ճարն ո՞րն է, ճշմարիտ առաքինութեան եւ արիութեան փորձաքարն ո՞րն է: Ո՞չ Աշխէնիդ սիրտն է, Պարոյր, եւ ոչ հօրդ հաւնոցն, այլ աշխարհն, այլ գիտութիւնն, այլ փորձութիւնն, այլ թշուառութիւնը։ Ստուգիւ չէի կարծէր, Պարոյր, որ այդչափ վատ լինիս: Ի՞նչ, միթէ իրօք կը սոսկա՞ս այդ նամակէն, որ աչքիս նշանակութիւն անգամ չունի, եւ երեւակայութեանդ զոր կ՚տաս ճիներ ստեղծելու համար, թէ ոչ անոր հաւատարիմ չգտնուելու փորձանք մը կ՚տագնապէ զքեզ։ Առաջին պարագային մէջ հայրենակիցս չես, շրջահայեաց է նա, բայց ոչ երբեք վատ երկրորդին մէջ առաքինի չես, եւ արդէն Աշխենը սիրելէն դադրած ես, Ի՞նչ կ՚ըսես, աղբեր: Այո՛, կ՚ըսեմ, ըստ իս դիմակ մը ինչ ձեւ, որ առնու դիմակ է, եւ մինակ տարբերութիւնը սեւին եւ ճերմակին մէջն է: Ինչպէս որ դիտեցիր, արդարեւ ճերմակն ինքնին ակներեւ ու թափանցիկ է, սեւն ահռելի: Արդ՝ կ՚նայիմ, որ ճերմակին դէմ քաջ ես, սեւին դէմ տկար: Քաջութի՞ւն է, խնդրեմ, դողդոջիւն եւ անմեղ կուսանի մը սաւանը վար առնելը, քաջութիւ՞ն է, հրապուրելի եւ ազնիւ շարժմամբ քեզ դիմաւորող օրիորդի մը քօղը պատռելը. քաջութի՞ւն է, նմանապէս բռնութեան եւ անիրաւութեան դէմ աներեւոյթապէս կանգնողի մը ձայնը խեղդելու համար անոր անձը մատնել եւ լեզուն պրկելը, քաջութի՞ւն է, մութ զնդանի մէջ գտնուող անձի մը բացած ծածուկ լուսամուտը գոցել եւ անոր ձեռքը կտրել, աչքը փորելը: Չէ՛, Պարոյր, ասի ոչ միայն վատութիւն այլ սոսկալի ոճիր մ՚է: Իսկ միւս կողմէն սեւ դիմակը կորզելն է արիութիւնն: Այս է արդարութեան, ազատութեան, անմեղութեան անհաշտ թշնամին, թէեւ մարդիկ շատ անգամ քու ըրածդ կ՚ընեն: Ճերմակ դիմակը կ՚հալածեն եւ սեւին ովսաննայ կ՚կարդան: Բայց սեւն ընտանիք, տուն, ազգ կ՚կործանէ, ներելի է, որովհետեւ վարպետութեամբ կ՚գործէ, որովհետեւ անմեղութեան եւ սիրոյ սուտ նշանով կ՚գործէ:

Ուրեմն, Պարոյր, եթէ այս նամակն ալ սեւ դիմակի մը գործն է, մի՛ շփոթիր, մեր ընելիքը յայտնի է, վաղը գիշեր որոշեալ հանդէսը կ՚երթանք եւ այն դիմակը կ՚խզենք, եթէ ճերմակ անմեղ դիմակ մ՚է, քիչ մը կխնդանք: Կարելի է նոյնիսկ Աշխէնը գտնես, որուն կենաց կ՚առաջարկեմ բաժակս: Սիրով կ՚ընդունիմ, ըսաւ Պարոյր եւ սեղանէն ելաւ:

ԼԲ

Կ. Պօլիս, 7 մայիս 1866:

Միրապօ` Ֆրանսայի առաջին յեղափոխութեան առաջին գործոն հեղինակն եւ բռնակալութեան անհաշտ եւ ճարտասան թշնամին, կգոչէ թէ` գերութեան շղթաները լզող եւ պաշտող ժողովուրդն աւելի կ՚ատէ քան զանոնք դարբնող բռնաւորներն: Այս արհամարհական վճիռն, որ մարդկային ազգի պատմութեան խորունկ գիտակցութիւն մը կ՚ենթադրէ, շատ ժողովրդոց քաղաքական կենաց դատակնիքն է եւ մասնաւորապէս հայոց:

Արդարեւ հայը դարաւոր ծեր տղայ մ՚է, որ Մասիս լեռան վրայ քանի մը օր ազատ օդ շնչելէն ետեւ վար փոսը կ՚իջնէ, բռնութեան եւ տգիտութեան լուծն իր վիզէն կ՚կախէ եւ Արտաւազդայ կապանքն անդադար կ՚նորոգէ: «Անդ կացցես եւ զլոյս մի տեսցես»: Արտաշիսի այս սոսկալի անէծքը կարծես թէ հայուն ճակտին վրայ երկաթի նշանաւ կոխուած է, եւ թէեւ այժմ շղթան զօրացընելու համար դարբինը սալին վրայ կռանը բախելու սովորութիւն չունի, սակայն դատապարտութեան այս սեւ նշանն Կայէնին պէս ո՛ւր որ երթայ հետը կ՚տանի հայը` մինչեւ որ կորստեան անդունդը գլորի…

Միրապօյին հետ ատե՞լ թէ Խօրէնացիին հետ ողբալ պէտք է այն ժողովուրդն` որուն ճակատագիրը կ՚կրեմ եւ ես, եւ սեւ աղտը սրբելու համար կ՚քրտնիմ… ընդունայն:

Վեր ի վերոյ ակնարկ մը նետէ հայ պատմութեան վրայ եւ ապա դարձիր մեր արդի վիճակին հետ համեմատելով` իմաստասիրական հետեւութիւն մը հանէ… որ արգահատութուն կամ ատելութիւն չշարժէ:

Երբ կը տեսնեմ Շարայի նման շատ մը դատարկապորտ նահապետներ եւ նախարարներ, որ իրենց որովայնը պարարտելու համար ռամիկ ժողովրդեան մը ծուծը կ՚քամեն, եւ նոյն պահուն գեղջուկը լոկ հեգնութեամբ մը կ՚շատանայ իր վրէժը լուծելու [1]: Երբ ժողովուրդ մը յաղթանակը տարած ատեն վարար կնկան մը առջեւ գլուխ կ՚ծռէ եւ այնքան կոյր է, որ Շամիրամին կանգնած արձանն իբր Արայի կենդանի պատկերը կ՚պաշտէ, իր սուրը պատեանը կ՚դարձնէ եւ կ՚թողու որ օտար ոտքեր գան Այրարատի ազատութեան արեամբ որոգուած կոյս հողը կոխեն, պղծեն, այն հողն` ուր Հայկ դեռ նոր կանգնէր էր Տիտանեան ամբարտաւանութեան դէմ կոթող մը… Երբ Աբգար մը` խելքը միտքն Աստուծոյ մարդուն տուած` Հռոմի, Ասորիի եւ Պարսկի վեհապետներն անոր բանին կ՚հրաւիրէ եւ դաստառակ ի ձեռին առաքելութեան պաշտօն կ՚վարէ, թագին եւ ժողովրդեան իրաւունքն եւ շահերը մէկդի թողլով` եւ այսպէս կ՚ցանէ այն կրօնական եւ արքայական կրկնակի հերձուածին որոմներն, որ վերջն ազգաւեր արմատներ կ՚ձգեն Հայաստանի մէջ եւ կռապաշտ հայը պատկերապաշտ հայուն դէմ կ՚զինեն: Երբ կ՚նկատեմ Անանուն մը որ մեհեանները կ՚բանայ մէկ կողմէն` եւ Սանատրուկ մը, որ նոր եկեղեցիներ կ՚շինէ միւս կողմէն` եւ Ադդէին վրէժն առնելու համար զոր կ՚ժողվէ` որով հրապաշտ եւ բանապաշտ երկու թագաւորներու մէջ կռիւ մ՚է կ՚փրթի եւ այս խաղին մէջ ժողովուրդն արեան վտակներ կ՚թափէ: Երբ կը տեսնեմ Արտաշէս մը` որ Սմբատով եւ Արգամով յաղթող է եւ շատ յաջողակ իր հօրենական գահը ձեռք ձգելու եւ Սաթինկին մէջքը ցուցընելու համար, այլ յիմար եւ վատ Տրայիանոսի առջեւ, եւ այս վատութիւնը ժողովուրդը հարկատու կ՚ձգէ: Չերկարէմ, երբ Մեծին Սահակի մօտ Սուրմակ մը, Սմբատին մօտ Մերուժան մը, Վարդանին մօտ Վասակ մը, Գագիկին քով Վեստ Սարգիս մը եւ Քրիստոսի արեամբը գրուած դաշնագիր մը կ՚տեսնեմ որ Պետրոս եպիսկոպոսի մը կաշառակեր ձեռքն անլուր եւ դժոխային մատնութեան գործի մը դարձած է, կ՚ողբամ այն թշուառ ժողովուրդին, որ հետզհետէ ասորիին, պարսկին, մարին, հռոմէացիին, յոյնին, երբեմն աւագանիին եւ ստեպ քանի մը սեւհոգի եւ մատնտու կրօնաւորներու տնաւեր կրից գերի եւ խաղալիկ եղած` իր աղէտալի վիճակին զգացումն անգամ չունի, իր տառապանաց հեղինակները ճանչելու անգամ կարողութիւն չունի, եւ անպետ, անղեկ եւ անառագաստ նաւու մը պէս` բռնութեան, կրօնամոլութեան, խորամանկութեան եւ անմիաբանութեան գոգռած հովերէն կը տատանի անհուն ովկիանոսի մը մէջ, կ՚տատանի իբր ճակատագրէն եւ Նախախնամութենէն դատապարտեալ կարծելով ինքզինքն, առանց նպատակի եւ առանց հանգստեան…: Կ'ողբամ այս ժողովուրդը, բարեկամ:

Բայց միւս կողմէն քանի կ՚տեսնեմ ժողովուրդ մը, որ անհնարին նաւարկութենէ մը մազապուրծ ազատելէն ետեւ` իր նաւին բեկորներէն գոնէ պատսպարան մը շինելու հոգ չտանիր այս օտարութեան, ստրկութեան եւ դառնութեան հողին վրայ: Երբ ժողովուրդ մը` իր անցելոյն մէջ կրած չարեաց եւ աղէտից բուն իսկ պատճառը հետազօտելով` հայրենիքի դաւաճաններէն, թշնամիներու հուրէն եւ սուրէն դաս մը չկրնար եզրակացնել իր ներկային մէջ, որ 19րդ դարու ներկայութիւնն է, այլ մանաւանդ իր վէրքերը բուժելու տեղ անոնց ճարակ կ՚տայ, այլ իր ծոցը կ՚սնուցանէ, ի՞նչ կ՚ըսեմ, կ՚պատուէ եւ կ՚գգուէ այն իժերն, որ իր ազգային կեանքը թունաւորէր են եւ կ՚թունաւօրէն, այլ իր հին պատմութեան սեւ էջերն աւելցնելու կ՚աշխատի, այլ չուզէր զարգանալ, մինչդեռ, զարգանալու դիւրութիւն եւ միջոց ունի, այլ չուզէր ի լուր աշխարհի իր իրաւունքը պաշտպանել, մինչդեռ ամէն ազատութիւն ունի, Ամոնի կուռքը կը պաշտէ, իր մտաւոր յառաջադիմութեան բանւորները կ՚հալածէ, կ՚նահատակէ, այլ Մերուժաններն եւ Շմուելները կ՚պսակէ, այլ Ներսես կաթողիկոսին յիշատակը կ՚դատապարտէ եւ Ջալալեան մը կ՚բարեբանէ, նոր Ներսէս մը կ՚մոռնայ եւ երբեմն հռոմէական փեղոյր մը կ՚խնկարկէ, այլ կրօնական իրաւասութեան անիմաստ եւ չնչին խնդիր մը կ՚յարուցանէ եւ ազգային կենսական խնդիրները բարձի թողի կ՚ընէ, Խրիմեան մը դաւաճաններու ձեռքը կ՚մատնէ եւ տէր Յակոբ դաւաճան մը կ՚յարգէ, այլ Սահմանադրութիւն մը կ՚հաստատէ եւ միապետութեան սկզբունքը կ՚քարոզէ, այլ իր էութեան տարրական հիմունքը խախտող տապարը կ՚պագնէ ու գլխին վրայ կ՚դնէ, արդարութեան եւ իրաւանց սուրն ոտքի տակ կ՚առնու եւ կ՚խորտակէ. իր կրօնական եւ ազգային շահերը պաշտպանելու համար ի բնէ անտ ազատութիւն, երաշխաւորութիւն եւ ապահովութիւն տուող Օսմանեան Տէրութեան շնորհած պարգեւը սիրով ընդունելէն ետեւ` անտարբերութեամբ ետ կ՚դարձնէ. նոյն իրաւունքնե՛րն ի սպառ անհետ ընելու համար դարան լարող Տէրութեան մը որոգայթին մէջ մտադիւր ընկնելու կ՚միտի…: Երբ ժողովուրդ մը դարուս լուսաւորութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ այս ոճիրները կամովին կ՚գործէ, բարեկամ, այն ժողովուրդը կ՚ատեմ եւ կ՚գոչեմ հառաչելով. «Վատ դու, ապագայ չունիս, արժանի ես այդ վիճակին, եւ քու տանդ բռնաւորներն իրաւունք ունին գլուխդ ջախջախելու»։

«Անդ կացցես եւ զլոյս մի՛ տեսցես»:

ԼԳ

Կ. Պօլիս, 11 մայիս 1866:

Պարոյր` որ արդէն նստած տեղը կ՚եփէր, երբ ոտք ելաւ սկսաւ բոլորովին եռալ եւ արտորնօք վեր վար քալելով սենեկին մէջ` մերթ մատովը ճակատը կ՚շփէր, մերթ մօրուսը կը շոյէր, մերթ բթամատը բաճկոնին անթին կ՚անցընէր եւ աչքն երբեմն ձեղունն եւ երբեմն գետինը տնկած քանի անցնէր դառնար հայլիին ալ ակնարկ մը նետելու չէր մոռնար` միշտ մտայոյզ եւ խոհուն դէմքով: Ես ալ անոր մտմտուքը չվրդովելու համար թերթ մ՚առի եւ սկսայ կարդալ ու ժպտիլ: Պահ մը ետքը Պարոյր` թերեւս ինքզինքը մինակ կարծելով` կիսկտուր խօսքեր կ՚մրմնջէր այսպէս.

Միայն թէ թռուցած լինի. անհնարին բան է… հին կամ Աշխէնը չէ այս դիմակը... կարելի է եղբօր հետ իմ ետեւէս եկաւ Պոլիս… գիր գրել… ի՞նչ յանդգնութիւն. թէեւ անանկ հովեր ունի… բայց հետը քէն էի: Արդեօք հօրը միտքն եղա՞ւ, կունտ մարդ է. չեմ հավտար… ոչ այս, ոչ այն. ասի Վրոյրին խաղն է, անշուշտ, ո՞ւր էր թէ հարիւրամեայ պառաւ մը լինէր եւ մեր բարեկամ են պաչ մ՚ուզեր հապա թէ որ հանած վարածի մը հանդիպիմ եւ հօրս վրայ նոր փոխանագիր մը քաշելու, ստիպուիմ… եւ անոր յիշատակն ալ աղտոտեմ… ո՛ւհ, էօ՜ֆ…:

Ի՞նչ ունիս, հիւա՞նդ ես, Պարոյր, արդեօք գինին գլխիդ զարկաւ. քիչ մը տրլիկ չունի՞ս ճաշէն անմիջապէս ետքն երթեւեկութիւնն օգտակար չէ:

Ինչպէս նստիմ, որ դիմակը ճիւաղի պէս զիս կ՚հալածէ. կարծես թէ ըղեղիս մէջ օձ մը կայ, որ կը գալարի անդադար եւ քունքս պիտի ծակէ դուրս ցատկի… ինչպէ՞ս պիտի անցնի այս երկայն գիշերն… այս ինչի՞ս բարեկենդանն է:

Ամէն կողմ խոր լռութիւն մը պատեր է. հաւ՞ են այստեղն մարդիկ, որ արեւուն հետ կ՚նիրհեն… ո՛ւր ուրեմն գինովի խղդուկ ձայն մը կ՚լսուի եւ ստեպ շուներու հաջիւնն… է՛հ, մարդս անընդհատ ծովն եւ լուսինը չկրնար նայիլ. երեւակայութիւնը կը մոլորի եւ կ՚յոգնի քանի աչքն անեզր եւ անհպելի հորիզոն մը նկատէ: Արդէն մոլորակի մը հետ բաւական խաղացի, կոյրզկուրայն անոր ետեւէն ընկայ, ելայ, վերացայ, աստղը բռնել կարծեցի եւ երբ արթընցայ ստուեր մը գտայ, որ դիւական ծիծաղ մ՚ուներ: Այժմ սիրտս իրական բան մը կ՚փնտրէ որ քիչ մը հրճուի, թէեւ այն ալ վաղանցուկ եւ պատիր լինի իսկ մահիկդ ալ արդէն մարը մտած է. աստղերը նսեմ նշոյլ մը կ՚սփռեն. մութն ալ կոխեց։ Միթէ նոր լուսին մը չը՞ գտնըվիր այս կողմերը, չըսե՞ս, որ մենաստանի բնակիչները բնականապէս ճգնաւոր եւ ճգնուհի կ՚լինին։ Ոչ պատուհաններն եւ ոչ դռները հոգի, շունչ չփսփսար: Ո՞ւր է Զմիռի շարժումն եւ կենդանութիւնը։ Կանանց հրացայդ աչուին բաւական են հոն մութին լոյս, տրտմութեան սփոփում ազդելու եւ ասդիս անդին խնդումերես ակումբնէր կազմելու հրաւէր տալով` սիրտերը բանալու եւ կարդալու, նման այն հրաթեւ ճճիներուն, որ Ամերիկայի չգիտեմ ո՞ր կողմը կ՚վխտան, կ՚ըսեն, գիշերներն եւ անոնց լուսով մարդիկ գիր եւ օրագիր կը կարդան… մինակ ճրագի նշոյլներ ասդիս անդին կը շողան. իսկ ծովէն անդին սա դիմացի լոյսն ի՞նչ տխուր եւ միօրինակ լոյս է, որ մէկ կ՚երեւի, մէկ կը մարի, ճիշտ մարդկային կենաց երազին պէս, մէկ արթուն մէկ քուն, մէկ օր մէկ գիշեր: Շէքսբի՛ր եւ Կէօթէ՛, ո՞ւր էք. մէկիդ ճրագն եւ միւսիդ լոյսն ալ մարեցան, որ ձեր անմահութեան արեւը վառի յաւիտեան... սակայն դո՞ւք եւ ձեր նմաննե՞րը միայն անմահ էք, գիսաւոր մոլորակներ էիք դուք իրաւ. չկա՞ն անանկ մոլորակներ, որ դեռ չերեւցած կ՚մարին. չկա՞ն աստղեր, որ ուրիշ աշխարհի մը երկինքը կ՚փայլին եւ մեր տեսութենէ հեռու են…: Պարագայ մը, ազատութիւնը ձեր հանճարը դուրս ժայթքեցուց, պարագայ մը, բռնութիւնն Անտրէ Շընիէյի հանճարը կիյօդինի տակը ճզմեց, ինչպէս կ՚ճզմէ ամէն օր, ամէն վայրկեան հոգի մը, որ փայտահատ է, եւ ուրիշ պարագայի մէջ կրնար Արակօ մը լինիլ, անձ մը որ բեռնակիր է, եւ ուրիշ պարագայի մը մէջ կրնար Թէլ մը լինիլ։ Դարձի՛ր անդադար, յաւիտենականութեան արեւին պէս, դարձի՛ր եւ դու, ո՛ տրտում Ֆարօս, քու լոյսդ նաւաբեկութեան դէմ նախասահմանեալ գիշերային պահակ մ՚է, բայց իր անվրիպելի շրջանը կատարելու համար յանգէտս կ՚լուսաւորէ նաեւ ցամաքն, ինչպէս արեգակը կ՚լուսաւորէ այս աշխարհն, եւ ցամաքին վրայ կեցող միօրեայ ճամփորդներն: «Ա՛հ, մեզի համար միայն կ՚լուսաւորէ արեգակը» կ՚գոչեն… փոքր այլ հպարտ էակներ: Երանի անոնց, որ թէ լուսին եւ թէ մութին, թէ յայնկոյս եւ թէ յայսկոյս էապէս կ՚փայլին… դարձի՛ր… դու ալ թերթդ, դարձո՛ւր, Վրոյր, եւ մի՛ ծիծաղիր, հարկաւ իմ վրաս կ՚խնդաս, գինով կամ խեւ եմ, այնպէս չէ՞. ուրեմն դու խելացի եղիր եւ այս տաղտկալի ժամերը սպաննելու ճար մը գտիր…:

Սքանչելի է գինեխառն իմաստասիրութիւնդ, Պարոյր, բայց աւելի սքանչելին այն է, որ թէեւ ներկայ ենք այստեղ, դու լուսնին մէջ կ՚ապրիս, ես Թիֆլիզի մէջ: Ի՞նչ բան է մարդուս միտքն, որ սնդկի պէս կ՚վազվզի եւ անըմբռնելի :

Ի՞նչ ըսել կ՚ուզես: Ծիլն Աւարայրին է քրքրածս: Այդ ի՞նչ նորոշուք բառ է. որո՞նք ծիլն աւարի առին, ես չառի գիտեմ, իմ գիտցածս ծիլը կը ջրի, աչօք կ՚գգուի, աւարի չառնուիր: Ի՞նչ անողորմ մարդ ես, աղբեր: Դու ալ ի՞նչ թեթեւսոլիկ շաղակրատ ես: Ամէն բան շուտ շուտ կը դատես, սովորութիւնդ է: Այն բառին մէջ խորհուրդ կայ. բառը մեկնելով իրին վրայ վճիռ մի՛ տար: Այս տեսակ մեկնութիւնները շատ անգամ արիւնալի կռիւներու առիթ տուած են: Ատեն մը մինակ եօթա տառը վեղարաւոր սուրբ գլուխներ տաքցուց եւ անսուրբ գլուխներ բունէն զատելով Եւրոպայի մէջ արիւն քալեցուց: Ընդհանրապէս ամէն խորհուրդ առ երեւոյթ այնպիսի անխորհուրդ բառով մը մեկնած են մարդիկ, որ կարծես թէ երեսը պաստառին չյարմարիր: Հակասութիւններէ ճշմարտութիւն մը հանելու դրութիւնը նոր չէ եւ օր օրի կ՚ծաղկի։ Ինչպէս Աստուած եւ մարդ, երկու հակառակ եզր են, ուսկից կ՚ծնի խորհուրդ մը, որ է խաչն, ուսկից կ՚ծնի սէր: Այր եւ կին, երկու եզր են, ուսկից կ՚ծնի խորհուրդ մը, որ է սաղմն, ուսկից կ՚ծնիս դու: Հուր եւ ջուր, երկու եզր են, ուսկից կ՚ծնի խորհուրդ մը, որ է շոգին, որմէ կ՚ծագի շարժումն։ Այո՛ եւ ո՛չ էլեկտրական հեղուկէն չէ՞ որ շիտակ կ՚խօսիս աշխարհիս ծագը գտնուած մէկ բարեկամիդ հետ… ո՞ր մէկն ըսեմ: Ուրեմն ինչո՞ւ կ՚զարմանաս երբ թերթի մը ճակատը Ծիլն Աւարայրի կ՚կարդաս: Աւարայրը Հայաստանի այն դաշտն է, ուր ընկան շատ նահատակներ եւ իրենց արեան ցօղէն ծիլեր բուսան: Այս ծիլերէն, կամ լաւ եւս ըսեմ, ծաղիկներէն մին ալ դու ես, թէեւ շատ փշոտ ծաղիկ փրթար դու: Այս է բառին խորհուրդն, իսկ ծնունդն ո՞րն է, պատմական տարեգրութիւն մը, որ ապագայ պատմիչի մը մատուցանելիք ծառայութիւնն արդի մտաց ալ կրնար մատուցանել, եթէ լեզուն փոքր ինչ… բայց առ կարդա՛ այս ամսագիրն եւ դու ալ կարծիքդ յայտնէ, եթէ ունիս:

Այս ի՞նչ տեսակ ոճ ու լեզու է, աղբեր, Աստուածդ սիրես, ասի Աւարայրացւոց բնիկ բարբա՞ռն է թէ ոչ նորահնար jargon մը: Աւարայրի մարդիկ ամէն բառի վերջն ում մասնիկը կ՚դնե՞ն արդեօք, այս ինչ շուտիկ մասնիկ է, որ ամէն տեղ կ՚մտնէ: Իրաւ որ շատ բան չեմ հասկնար ասկից, կարելի է, որ բառերն իմաստալից բան պարունակեն. բայց երբ գիրն եւ լեզուն անիմանալի են` նիւթը քանիի կ՚առնես: Պարզ, գողտրիկ, բնական այլ անշպար ձեւի սիրահարն եմ, իսկ եթէ ձեւն իր մէջն ոգի եւ իմաստ ալ ամփոփէ կ՚խենդենամ։ Մանաւանդ թէ հայ մը երբ կ՚գրէ, քանի որ լուսավորութեան եւ քաղաքակրթութեան աստիճանին յետին ոտքն է, ի՞նչ նոր բան կրնայ գրել, որ արդէն գրուած չլինի օտար լեզուաւ: Գէթ պէտք է, որ հին բանն աղւոր ու կոկիկ ոճով բացատրէ, որով ոչ միայն հրապոյր կարդալու, այլեւ դիւրութիւն կ՚ընծայէ ուսնելու համար: Ո՛ւր էր թէ Աւարայրի մարդ լինէի, որպէսզի այս թերթէն զուրկ չմնայի: Բայց Զմիռ եւ այս տեղն ալ առհասարակ իմ լեզուս կ՚խօսին եւ այս լեզուաւ գրուած լրագիր եւ գիրք յօրանջելով կ՚կարդան, հապա Աւարայրին, որուն համար թարգման մը պէտք է, ո՞ր օրուան կ՚պահեն…, բարեկենդանի՞… շատ հաւանական է, որ այս ամսագիրն ուրիշ աշխարհի, կամ քանի մը ընտրելիներու համար կը տպուի կամ հեղինակն ինքն իրեն կամ ապագային համար կ՚հրատարակէ եւ իր գրատան մէջ կ՚շարէ, կ՚պահէ…: Ինչ եւ է, շատ լեզու գիտնալն աղէկ բան է մէկ կողմէն մեզի համար, եթէ գիտնամ նաեւ, որ Ծիլն ալ հանճար ունի եւ կրնայ ինձի նոր բան մը հաղորդել անոր լեզուն կ՚սորվիմ, ինչպէս քիչ շատ սորվեր եմ արապերէն, սանսգրիդ, եւ այլն լեզուներ… դու ի՞նչ կ՚ըսես ասոր, աղբեր:

Ի՞նչ ըսեմ, բայց եթէ միշտ չափազանցութեան մէջ գլորելու հակամէտ ես այդ գլխովդ:

Ոչ օտարոտի լեզու մ՚է Ծլինն եւ ոչ հին եւ թեթեւ խնդիր մ՚է աշխարհիկ լեզուի մը ընտրութեան խնդիրն, ինչպէս որ կ՚երեւակայես.

Այլեւայլ բարբառներու մէջէն կամ դրսէն աշխարհիկ բանուկ լեզու մը որոշելու առաջարկութիւնն արդէն քան ի մը բանասէրներ ըրած են եւ յաջողութենէ յուսահատ` լուծումը ժամանակին եւ յառաջադիմութեան վճռոյն ձգած են: Հիմա ատենը չէ այս նիւթիս վրայ խօսիլ, միայն եթէ կամք ունիս իմ կարծիքս ալ կ՚յայտնեմ։ Խօսիր, բայց կ՚աղաչեմ կարճ կապելով։

ԼԴ

Կ. Պօլիս, 12 մայիս 1866.

Արդէն պիտի գիտնաս, Պարոյր, որ բարեկիրթ ազգերու մէջ անգամ` միեւնոյն լեզուն պէս պէս գոյն եւ արտասանութիւն կ՚ստանայ իւրաքանչիւր քաղքի բնակիչներուն բնութեան, սովորութեան համաձայն եւ ընդհանրապէս ընկերային կեանք, ուսմունք եւ գիտութիւնք ծաղկած տեղերն, որ մայրաքաղաքները կ՚լինին, ազգային լեզուն ալ նոր փայլ, նոր հարստութիւն եւ ներդաշնակութիւն կ՚առնու եւ տիրական լեզու մը դառնալու կ՚նկրտի: Եւս առաւել զգալի եւ մանաւանդ ցաւալի են լեզուի մը զանազանութիւններն այն երկիրներն, ուր խօսող ժողովուրդը ցիր ու ցան է, գերի է եւ օտար ազդեցութիւններու եւ տպաւորութիւններու չափազանց ընդունակ: Այս վիճակէն կը ծագի նաեւ տեղական նախապաշարում մ՚որ ամէն հիմնական վերանորոգում կ՚մերժէ եւ մէն մի գաւառական կամ քաղաքային բարբառ իբրեւ նախնական եւ մայր լեզու պաշտել տալ կ՚ուզէ: Իսկ արդէն վարքով բարքով զատուած ժողովրդեան մ՚անդամները լեզուաւ ալ կ՚զատէ, իրարու անհաշտ եւ անհաղորդ մարմինները կ՚կազմէ եւ հանրական յառաջադիմութեան մէկ գործնական տարրն ի սպառ կ՚կործանէ:

Պոլսեցին իր տաճկախառն լեզուն կ՚պաշտէ, եւ ինչպէս ատեն մը յոյնն օտար ազգերը, նոյնպէս ինքը գաւառական բարբառները բարբարիկ կ՚անուանէ եւ իր բառգիրքէն, գոնէ ունենար, կ՚արտաքսէ: Զմիռցին իր նոր ջուղայական քանի մը ընտիր ասածները կ՚հաւքէ եւ այնչափ օտար ու խորթ բառերով կ՚խառնէ, որ անոնց համը հոտը կ՚փախցընէ: Ռուսաստանցին անդադար նորամուտ բառերով եւ ոճերով հայ լեզուն կ՚աղաւաղէ եւ այս աղաւաղման մէջ կրիտիկական կատարելագործութիւն մը գտնէ: Թուրքիոյ գաւառաբնակ հայերն, որ ոչ յառաջ եւ ոչ ետեւ կ՚երթան, իրենց շրջանին մէջ, քանի մը բացառութեամբ, աւելի մեզի կը մօտենան։

Այս զանազան բարբառներէն ո՞րն ընտրել եւ հանրացընել, այս է խնդրոյն առաջին կէտը: Փոքր մաս մը կ՚ուզէ գրաբառը ծաղկեցընել եւ իր նախկին գործածութեան վերածել: Ասի ոչ միայն անրջական, այլ թիւր կարծիք մ՚է: Թիւր է, վասնզի մեր նախնիք անգամ` գրոց լեզուն, որ մեծաւ մասամբ թարգմանութիւն են բնաւ խօսած չեն, ինչպէս որ Խորենացին եւ այլ մատենագիրներ, որ ժողովրդեան լեզուաւ վկայութիւններ ո՛ւր ուրեմն մէջ կ՚բերեն, կ՚հաստատեն: Ուստի այս կարծիքը ճիշտ գրաբարին հետ մեռած համարելու է: Ոմանք կ՚պնդեն արդի աշխարհաբարը գրաբառով ճոխացընել եւ մշակել, անոր քերականական անգոյ կանոնները պահելով: Այս կարծիքը մինակ Պոլսի շրջանին կ՚նայի եւ մեր խնդրէն դուրս է: Գտնուեցան նաեւ քանի մը գրագէտներ, որ նոր լեզու մը ստեղծելու փորձ փորձեցին նոր Քերականութիւն կամ Ուղղախօսութիւն մը հրատարակելով: Նոր ելան նաեւ մէկ քանի իմաստուններ, որ իրենց լեզուին Արարատեան անունը տալով` զուր կ՚գործեն Տաճկաստանի հայերն անոր վարժ ընել, որպէս թէ թերթ մը վերէն վար ընկնելով կրնայ ամբողջ ժողովրդեան մը լեզուն շրջել, կամ կաթիլ մ՚անուշ ջուր ծովին համը փոխել: Անոյշ կ՚անուանեն բուն Արարատեան լեզուն, որովհետեւ հայրենի անունը սիրելի է ինձ, բայց ո՞րն է այն եւ ո՞ւր կ՚խօսուի։ Որչափ իմ լեզուս Արարատեան լեզուէն հեռի է նոյնչափ է նաեւ Աւարայրւոյն: Եթէ Վրաստանի եւ Հայաստանի մէջ գտնուող հայոց զատ զատ գռեհիկ բարբառներն ի գիր առնուին կ՚կասկածիմ, որ Արարատեան լեզուաւ պանծեցողները յինէ աւելի հասկընան զանոնք: Ոճի կողմէն ինչ որ է Մասիսը Հիւսիսափայլին, նոյն է Հիւսիսափայլը Հայկական Կռունկին, նոյն է Կռունկը Մեղուին Հայաստանի: Ասոնց մէջ արդի Արարատեան լեզուին նշոյլը չկայ։ Կ՚հաւատամ, որ Սօս ու Վարդիթերի լեզուն Աշտարակի լեզուն լինի, կամ Մեչուխեչային լեզուն, Պոլսի ժողովրդեան լեզուն լինի, բայց չեմ կրնար ընդունիլ, որ Շանշեանցի քրիստոնէականն Արարատեան լեզու լինի: Ամէն տեղի գրիչները գրականին եւ ժողովրդեան լեզուին մէջ իրենց յատուկ ոճ մը ստեղծեր են եւ այս տարբեր ոճերէն այն է ընդունելին, որ հայկական ոգւոյն մօտ եւ համայն հայոց դիւրըմբռնելի է:

Ուրեմն ի՞նչ ընել պէտք է հայոց յառաջադիմութեան եւ հաղորդակցութեան ամենէն կարեւոր գործին ձեռք ձգելու համար: Ահա այս է խնդրոյն կենսական մասն` որուն գործնական լուծումը միակ միջոցի մը մէջ կ՚տեսնեմ:

Ամէն ազգի մէջ գրական եւ խօսուն լեզուներ կան, որոնք թէ ոճի եւ թէ դարձուածքի կողմէ իրարմէ կ՚տարբերին: Ժողովուրդը կ՚տայ լեզուն, իսկ հմուտ եւ վարպետ գրիչներ ուսմանց եւ գիտութեանց յառաջադիմութեան համեմատ կ՚կոկեն, կ՚ճոխացընեն նոյն լեզուն եւ ժողովրդեան կ՚դարձընեն, թէեւ միշտ ռամիկին բաժինն է այն տեղական դարձուածոց եւ խօսից հեղինակութիւնն որ իր հանճարին, կամ բնութեան դրոշմը կ՚կրեն եւ բառարաններն ընդունայն կ՚աշխատին անոնց իմաստն արդարացընելու եւ արտայայտելու: Հիմա հայերէն շատ բարբառներ կան, որ իրենց տեղւոյն կնիքը կ՚կրեն, այլ ոչ ժողովրդեան ոգին, որովհետեւ ժողովուրդը շատ տեղ բարք, վարք եւ ոգի չունի: Այս կնիքը տաճկական, ռուսական ու եւրոպական է, ընդհանրապէս: Ո՛ւր որ գրիչը կայ եւ ճաշակ, լեզուն կ՚զտուի եւ ի լոյս կ՚ընծայուի. ո՛ւր որ չկայ, լեզուն կ՚վատթարի օրըստօրէ, մանաւանդ երբ օտար հաղորդակցութիւնը կ՚աւելնայ եւ ազգային դաստիարակութիւնը կ՚պակսի լիովին:

Չկայ աշխարհիս երեսը հայաբնակ վայր մը, ուր օտարին ոտքը մուտ ունեցած չլինի, ուրեմն չկայ անկիւն մը, ուր հայ լեզուն իր նախնական զուտ, ընտիր եւ բնական յատկութիւնները պահած լինի, ենթադրելով որ ի բնէ անտի պարսիկը, յոյնը, վրացին, եւ այլն մեզի նոր բառեր եւ ոճեր տուած չեն: Սակայն ամէն տեղ, մանաւանդ Հայաստանի կողմերը կ՚գտնուին, իր աւերակաց բեկորներուն պէս, Հայկական կամ Արարատեան լեզուին նշխարներն, իբրեւ մարգարիտ աւազի եւ փոշիի հետ խառն: Ահա այդ մարգարիտները զատել, ամփոփել եւ շարելն է մեծ գործը:

Ուրեմն այսպիսի պարագայի մը մէջ կ՚մնայ մեզ ամէն գլխավոր բարբառներէն ընտրել առանց մասնաւոր բարբառ մ՚ընտրելու եւ այնպիսի լեզու մը բնականապէս բաղադրել, որ ընդհանրապէս ամէնուն հասկանալի դառնայ: Այս աշխատանքը ծանր է եւ հարկաւ իր դժուարութիւններն ունի: Մեծ մասամբ կ՚դիւրանայ այն` եթէ մանաւանդ Հայաստանի, Տաճկաստանի եւ Ռուսաստանի քաջ եւ ներհուն գրագէտներէն համալսարանի նման բան մը կազմուի` որ պաշտօն ունենայ այս խնդիրը քննել, պարզել եւ միշտ գրաբարին ոգին եւ քերականական հանրական սկզբունքն իբրեւ հիմ` եւ հոլովներու եւ լծորդութիւններու պարզութեան վերածումն` առանց կրճատման եւ ժլատ բծախնդրութեան, իբր տրամադրութիւն բռնելով` քերականութիւն մը յօրինել, նոյնպէս եւ բառգիրք մը, որ պարունակէ այն ամէն բառերն, ոճերն եւ դարձուածներն, որ հայկական են եւ անոնք որ գործածութեամբ հայացած են: Եւ կամ պէտք է այնպիսի երեւելի հանճար մը երեւան գայ, որ ճանչէ հիմնովին բոլոր հայ բարբառներն իր տաղանդին զօրութեամբն եւ անսգիւտ ընտրանօք մաղէ, զտէ զանոնք եւ նշանաւոր հեղինակութիւններ հանէ ամէն տեսակ նիւթի վրայ, որպէսզի անկից ծագի նաեւ քերականական կանոն մը որուն պակսութենէ տգէտ եւ գրագէտ` գրիչ ի ձեռին` կ՚գրէն ըստ քմաց եւ անել բաւղի մը մէջ կը ձգեն հայ ժողովուրդն եւ անոր աշխարհիկ գրականութիւնն, եթէ գրականութիւն կրնայ կոչուիլ պարբերական անոճ եւ անոգի թերթեր եւ բառական թարգմանութիւններ:

Ահա այսպէս կ՚իմանամ ես հայերէն լեզուի մ՚ընտրութիւնն, եւ անիրաւ, տգէտ, ինքնահաւան կ՚անուանեմ այն հայն որ իմս, իմս միայն է ճշմարիտ աշխարհիկ հայ լեզուն` եւ այս պէտք է լինի բոլոր հայոց լեզուն, կ՚գոչէ…:

Ուստի դու ալ մեծապէս կ՚սխալիս, Պարոյր, պնդելով թէ հայ լեզուն մինակ Թուրքիայինն է, թէ Կովկասի հայոց լեզուն բոլորովին օտար է, թե…: է՛հ, վերջը պիտի բերե՞ս, աղբեր, զա՛րկ ըսելով մեռցուր չըսի: Ես այս գիտեմ, որ Թուրքիայի ժողովուրդը դպրոց չկրնար երթալ Թիֆլիզի լեզուն, որ ըստ իս հայ չէ, սորվելու, եւ Ծլինն` որ Թիֆլիզի լեզու ալ չէ, կարդալու. եւ ոչ Ռուսի հայերը կրնան ճեմարան գալ (դժբաղդաբար այն ալ գոց է) մեր ժողովրդային լեզուն սորվելու, որ գրականէն արդարեւ տարբեր է. Այս գիտեմ, որ, ըստ որում սահմանադրական ենք, ձայնից առաւելութիւնն աւելի մեծ կշիռ ունի, եւ հետեւապէս Կովկասի հայերը շնորհ կ՚ընեն անշուշտ, եթէ ոչ մտաւորական յառաջադիմութեան, գէթ լեզուի մասին մեր ետեւէն գալու: Այս ալ գիտեմ, որ Հայաստանի գաւառներն անուշ եւ կենդանի առածներ կան, ժողովրդեան սրտէն բխած երգեր կան, առտնին գողտրիկ ոճեր եւ բացատրութիւններ կան, զոր հայու սիրտ մը գուրգուրալով կ՚ընդունի երբ լսէ, եւ թո՛ղ առաջարկած համալսարանդ կամ հանճարդ զանոնք ընտելացնէ բոլոր հայոց, բայց թո՛ղ նաեւ որ ես ալ իմ լեզուս կապած չնստիմ: Ես ալ լեզու մ՚ունիմ, աղբեր, որ սրտիս քիչ շատ հաւատարիմ թարգմանն է, թէեւ երբեմն կ՚կմկմայ երբ մտքիս շարժումները բացատրել ուզէ։ Ես ալ լեզու մ՚ունիմ, որ …հիիս շատ զգալի եւ ազդու է… Միշտ անոր նժարով կ՚դատես ամէն բան, Պարոյր. այս փափուկ եւ ծանր խնդրոյն մէջ սէրդ գործ մը չունի, նամանաւանդ երբ սիրտը կ՚խօսի` լեզուդ կրնայ լռել…: Ի՞նչ: Այո՛, չեմ ուրանար որ կանայք, ինչպէս մարդկային ամէն իրերու, նոյնպէս լեզուի մը յառաջադիմութեան վրայ արդիւնաւոր ազդեցութիւն ունին: Եթէ մեր մէջն ալ մարդս ձայն մը հանէ եւ կինն անոր շեշտ տա՛յ, մարդս գաղափար մը հնարէ եւ կինն անոր ձեւ տայ, մարդս պատկեր մը յօրինէ եւ կինն անոր շէն շնորհ տայ, այն ատեն կ՚ընդունիմ, որ սէրդ խօսի: Բայց քանի որ նիւթը պակաս է, ժողովրդեան լեզու մը պէտք է, քնքուշ ճարտարապետն ի՞նչ ընէ: Արդարեւ կան մեր ազգին մէջ երկու սեռէն ալ քանի մը ընտրեալ հոգիներ, որ բնութենէ կամ ուսմամբ ստացած են վայելչապէս եւ ճաշակով խօսելու ձիրքը, բայց դարձեալ այս չբաւէր: Ոչ միայն նոր նոր գիւտերու եւ գիտութիւններու լեզուն չունինք, այլ նաեւ ընտանեկանն, ընկերականն եւ գրականը: Թէեւ դու կ՚կարծես թէ մեր գրականը շինուած է եւ ամէն գրագէտ ըստ այնմ կ՚մրոտէ: Ո՛չ, բարեկամ, կ՚ուզե՞ս համոզուիլ, ա՛ռ Մասիսն ու Երեւակը, Սիոնն եւ Յոյսն, Արշալոյսն եւ Ծաղիկն, Արեւելքն եւ Երկրագունտն եւ ասոնց, ի բաց առեալ իմաստները, լոկ առանձին ոճը բաղդատէ իսկոյն մեծ զանազանութիւն մը պիտի նշմարես Թուրքիայի գրական լեզուին մէջ, եթէ ճաշակ եւ քիչ մը հմտութիւն ունիս…:

Է՛հ, ժամանակ չունիմ. ուսումնասիրութիւնդ նորէն բռնեց, իմ ալ անհամբերութիւնս: Ես Մեղուն կ՚սիրեմ, այն ալ փեթակն ամայի ձգեց ու թռաւ գնաց, թերեւս ոսկեգոյն ծաղիկներով սնանելու համար եւ զմեզ Մանկասարին հարսնիքէն զրկեց: Ի՞նչ գեղեցիկ դիմակներ ունէր բարեկենդանի համար…: Պարոյր, խնդրէք թո՛ղ որ խօսքս լմընցընեմ, քիչ մնաց Խօսի՛ր, աղբեր, խօսիր, աստուած լեզուիդ ոյժ տայ…:

ԼԵ

Կ. Պօլիս, 12 մայիս:

Ուրեմն մտիկ ըրէ, Պարոյր: Լեզուի մը կազմութիւնն եւ արտադրութիւնն երկու էական պայման ունին, ո՞վ չգիտէր, այս է քերականականն եւ տրամաբանականը: Սակայն մինակ մեր գրող կարդացողներէն շատերը չգիտեն, որ երբ այս պայմաններէն մին զանց առնեն` լեզուին սխալ, անշնորհ, մութ ու թիւր ու անհեթեթ կերպարանք մը կ՚տան:

Մեր արդի հայ գրիչներուն այն տարբերութիւններն, որ աշխարհիկ լեզուին քերականական հաստատուն կանոնաց չգոյութեան կ՚պատկանին, խստիւ դատելու չեմ համարձակիր, որովհետեւ ամէն գրող եւ նաեւ քերական կրող մը` որ ուզածին պէս իր լեզուն կ՚կտրէ, կ՚ձեւէ ու կ՚թափէ, եւ եթէ դու բան գործ չունիս անոր գրչին թափթփուքը հաւքէ եւ անկից իմաստ մը հանէ: Այս բաւական չէ, ահա նոր Զօիլ մ՚ականջէս վար կ՚առարկէ թէ` ինչ իրաւամբ, որ դու գրական ոճի մը կ՚հետեւիս` նոյն իրաւամբ կ՚հետեւիմ եւ ես ուրիշ ոճի մը։ Այդ` քանի որ չունիս քերականական կշիռ մը` որով իմ լեզուս չափելու ձեռնհաս գտնուիս, չունիս նաեւ իրաւունք մը նոյնը վեր վար զարնելու:

Ասոր ըսելիք չկայ: Ինչպէ՞ս, բայց չես մտածեր որ մինչդեռ ինքնակոչ գրագէտը քերականական օրինաւոր պայմանը մեր արդի դրութեան մէջ քմածին քան մը կ՚համարի եւ քննադատութեան իրաւունքը կ՚ջրէ, կ՚մոռնայ բանականութեան իրաւունքն, որ ամէն իրաւունքէ եւ կանոնէ վեր է եւ հին, կ՚մոռնայ, որ անոր ուժովը տրամաբանօրէն խորհելու եւ տրամաբանօրէն իր խորհուրդն արտադրելու պարտաւոր է: Այս պայմանն ամէն լեզուի գրաւոր եւ աւանդական կանոններուն մէջ յայտնի կամ անյայտ կերպով կ՚տիրէ։ Այս պայմանն է, որ ասունն անասունէն կ՚որոշէ, բանականն անբանէն կ՚զատէ: Ջնջէ՛ այս բանն եւ կ՚ջնջես մարդս, ջնջէ ամէն կանոն եւ իսկոյն բանաւոր մարդուն տրամաբանական հակումը նոր մը կ՚ստեղծէ լռելեայն` լեզուին կամ գրչին շարժում տալու ատեն։ Իսկ երբ բանական կանոնին կ՚միանայ նաեւ մտքի եւ սրտի նուրբ ներշնչութիւններն եւ հետեւապէս օգտակարին, գեղեցկին եւ վսեմին ճաշակն, այն ատեն ոճի ուղղութիւնն ալ կ՚միանայ վայելուչ, ընտիր եւ ներդաշնակ արտադրութեան:

Այս իսկական պայմաններէն զատ` ոճ մը կ՚կրէ նաեւ գրող հանճարին յատուկ դրոշմն: Այս դրոշմն է, որ միեւնոյն կանոնավոր լեզուին բացատրութիւններն անհունս կ՚զանազանէ, զանազանութիւն մը, որ մարդկային մտքի եւ բնաւորութեան պէս անսահմանելի է եւ անստորագրելի։ Չգիտեմ, ո՛ր հեղինակն ըսած է թէ աշխարհիս մէջ շրջող հիմնական գաղափարները սահմանափակ են։ Թերեւս այս դիտողութիւնն իրաւացի լինի: Սակայն ինչո՞ւ համար միեւնոյն գաղափարը կամ զգացումն երբ տարբեր գրիչներ կ՚բացատրեն տարբեր կերպով կ՚ներգործեն մեր վրայ: Ինչու համար, կ՚ըսենք, այս տեսիլը մեզի ընտանի է, այլ ի՞նչ բնական, անոյշ, վառվռուն, ի՞նչ շնորհալի, ազդու եւ վսեմ գրուած է: Ահա այս տարբերութեան շարժառիթը գրողին հոգին է, սիրտն է, երեւակայութիւնն է, կամ իր բնատուր սուր եւ հզօր ըմբռնման, ստացած հմտութեան եւ պարագայից արգասիքն է, որը կ՚ուզես սեպէ միշտ հոգւոյդ որեւէ կարողութեան վրայ ըրած տպաւորութեան միտ դնելով եթէ հոգիդ կարողութիւն ունի զգալու եւ ըմբռնելու:

Ոճի մը երփն երփն գոյներն, որ մինակ ընտիր հոգւոյ կամ կիրթ մտքի հիանալի ցոլացումն է, ոչ քերականութիւնները կրնան աւանդել մեզի եւ ոչ բառարանները։ Քերականը թերեւս անսխալ գրէ, բառագէտը բառեր շարէ, բայց մեծ հանճարի բաժինն է թղթի կտորի մը շունչ եւ ոգի տալ, լեզուն գործիք ընել եւ բանն անմահացնել։

Հիմակ կանգ մ՚առ, Պարոյր, եւ ըսածիս համեմատութեամբ նկատէ թէ մեր գրական լեզուն որչա՛փ հեռու է սոյն փափաքելի յատկութիւններէն, ի՛նչ չոր ու անբերրի հողի վրայ կ՚բուսնի այն բազմաճղի տունկն, ինչպէ՛ս քանի մը բողբոջներ կ՚արձակէ, որ չբացուած կ՚թափին, ինչպէ՛ս քանի մը վտիտ ու նիհար պտուղներու սնունդ կ՚տայ, որ չհասած փուշերու մէջ կ՚խեղդուին:

Բայց պիտի ըսես թէ մեր փնտրածը գրական լեզուին զարդն ու նրբութիւնները չեն, երեւակայութեան եւ հանճարի թռիչները չեն, այլ պարզապէս ուղիղ, յստակ եւ հասկանալի շարադրութիւն մը: Շատ աղեկ: Այս շարադրութեան քերականական սկզբունքն` որ կողմը դառնանք, հայկական լեզուէն պէտք է քաղենք, աշխարհիկ լեզուին չունեցած բառերն, երբ նեղը մտնենք, գրաբառէն պիտի ընդունինք: Այս աղբիւրը հարուստ ու առատ է ստուգիւ, բայց արի տե՛ս, որ ընտրութեան արդի եղանակին մէջ ճաշակ եւ կանոն չկայ։ Կ՚ճանչեմ գրագէտ մ՚որ պարզ եւ իմանալի գրիչ մ՚ունի, սակայն ուր ուրեմն այնպիսի խրթին բառ մը, ճանանչ մը կ՚նետէ մէջտեղն, որ իր խօսքին ձեւը կ՚մթագնի: Ուրիշ մը տափակ, թացիկ ոճ մ՚ունի, որ ստեպ գրաբառին հոլովն եւ կերպն առնլով` բոլորովին անհամ, անլի եւ լղրճուկ ապուր մը կ՚դառնայ։ Միւսը` բնական, սիրուն ու եփուն ձեւ մ՚ունի, սակայն այնպիսի օտարոտի դարձուած մը, պատ ի պատ շրջան մը կ՚գործածէ, որ լեզուն եւ իմաստը կ՚այլայլին: Սակայն ամենէն անտանելի ոճն որն է գիտե՞ս. այն ոճն որ ոչ գրաբառ է. ոչ աշխարհաբար, ոչ եւրոպական է եւ ոչ ասիական. այս բաբելոնեան խառնուրդ մը, որով հայ մարդը հայ մարդուն լեզուն կարող չլինիր հասկընալ:

Անուրանալի է, որ աշխարհիկ լեզուն օրէ օր իր ոգին կ՚յայտնէ եւ հաստատութիւն կ՚գտնէ: Բանիբուն գրիչն` եթէ ստիպուի անգամ գրաբառէն անսովոր բառ մը, օտարէն սատար մը, իր գլխէն հնար մը քաղել, կ՚աշխատի այնպիսի նորալուր բացատրութիւններ մեղմել, աշխարհիկ ոգիին յարմարեցընել եւ այնպէս գրի առնուլ, որպէս զի թէ ուսեալ եւ թէ անուս հայուն դիւրին լինի իմանալ եւ ոչ ոք չխրտնի…:

Երթալով դու ալ կ՚մթանաս, աղբեր, եւ քունս կ՚բերես: Քիչ շատ համոզուեցայ, որ մեր արդի գրական լեզուն ոչ միայն դեռ օրինաւոր ուղղութիւն մ՚առած չէ այլ տրամաբանութենէ ալ զուրկ է։ Խօսքէդ կը հետեւի նաեւ թէ` Մասիսը տաճկերէն եւ ֆրանսերէն կը խորհի ու հայերէն կ՚գրէ, Երեւակը պառաւի մը պէս կ՚տնտնայ եւ խառն ու փնթի իմաստները հայերէն բառերով կ՚ծամծմէ: Յոյսը` հայերէն սորվելու յոյս ունի եւ առաջին փորձը մեր մօրուսին վրայ կ՚ընէ: Սիոնը` դեռ գրիչ չունի եւ ազգին հայերէնի դաս տալու ելեր է: Արշալոյսը` պատգամի պէս կ՚խօսի։ Ծաղիկը` թէեւ հոտ այլ փուշ ունի: Արեւելքն` արեւմտեան անուշ հով կ՚բուրէ։ Երկրագունդն` իբր թէ Արարատի ստորոտը կ՚բերէ: Ի վերջէ ամէն գրիչ իր եղովը կ՚տապկուի:

Ուստի եթէ հիմա երկու բառ գիտցողը թուղթ կ՚մրոտէ, մեղադրելի չէ` ըստ իս, քանի որ ազգն ալ դեռ այբ ու բեն կ՚հեգէ, մանաւանդ արդի մրոտողներն անգամ անոր համար շատ են, վասնզի գարին ընտրելու եւ մարգարիտը մէկդի նետելու վիճակին մէջ կ՚գտնուի ապուշ այլ գոռոզ հաւին պէս:

Իսկ ես ալս խօսակցութեան տեղ քունը կ՚ընտրեմ եւ քեզի գիշեր բարի կ՚մաղթեմ, վասնզի վաղը գիշեր աչքերս չորս բանալու պէտք ունիմ…:



[1]            Եթէ քո Շարայի որկորն է` մեր Շիրակայ ամբարքն չեն: