Վանգոյժ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՎԱՆԳՈՅԺ. ԿՈՒԺ ՄԻ ՋՈՒՐ ԱՌ ԻՄ ԱՅՐԱԾ ՀԱՅՐԵՆԻՔ
       Եղէ ես որպէս քու յաւերակի։
       ՍԱՂՄ. ՃԱ. 6
      
       Ո՞ տայր ինձ, ո՜հ, գեղեցիկդ Վան, Վասպուրական աշխարհի զարդն ու պսակ, որ աւերակիդ աճիւնացեալ մոխրին վերայ նստելով` արժանի լինէի զքեզ եւ քո որդիքներդ ողբայ, ինչպէս ողբախօս Երեմիասն, որ լայր եւ կոծէր այրիամայր եւ գերեվարեալ Երուսաղէմի վերայ։
       Որդիքներդ գերի չը գնացին ի Բաբիլոն, այլ նոյն իսկ հայրենեաց երկրին ու գրկին մէջ աղքատութեամբ ստրկացան ու գերեցան. հաց` որ նոցա կեանքն էր, խլեցին զայն ու քանդեցին վաճառաշահութեան ագարակն, եւ այժմ դու համակ որդիքներովդ մնացիր անօթի եւ նուաղեալ։
       Մի՛ լաք, դիեցիկ մանուկներ, մի կոծէք, կաթընտու մայրեր, թէ հացն ու կաթ պակսեցաւ` մեր երկնաւոր Հօր, գութ, որ ճնճղուկներ կը հոգայ` զձեզ չի մոռնար. շուտ կ»անցնին ձեր սգոյ իրիկուն ու գիշեր, եւ առաւօտ ուրախութիւն կ»ողջունէք։
       Պատահար քո` երկնից պատահար չէր, այլ նոյն իսկ քո երկրէ եւ քո մէջէն, հին դրացի քաղաքացիներդ գրաւեցին զքեզ. նոքա` որ քեզ հետ կ»ուտէին հայրենի սեղանէն, նոքա` որ քո ճակատին քրտանց վաստակով լիապէս կը յագենային, ո՜հ, անխնայաբար ոտնակոխեցին բարելից հացի սեղանդ.
       Այսուհետեւ զարդիւնս ձեռաց իւրեանց կերիցեն։
       Ես գիտեմ, հաց` քո զօրութիւն եւ հոգին էր, եւ այն իսկ էր միայն որ յառաջդիմութեանդ զօրավիգ կը լինէր եւ դու կը քալէիր այնչափ, որչափ մանուկ մի նոր ոտք ելած։ Արդեօք տնակից եղբայրներդ նախանձեցա՞ն, հացն ու վաստակ ձեռքէդ կորզեցին, որպէս զի դու առ քաղցի ուժաթափիս, ոգիդ եւ ջիղերդ թուլնան, ծունկերդ կթոտին, եւ այլ եւս չկարենաս յառաջադիմել դէպ ի յուսոյն ասպարէզ եւ լաւագոյն կեանք։
       Բայց ի՞նչ էր քո դուզնաքեայ յառաջդիմութիւն, ես գիտեմ ու կը ճանաչեմ զքեզ. որդիքներուդ կէս մասն պանդխտութեան մէջ մաշելով կը մաշին, կէս մասն եւս այդր բիւր զրկանօք հանդերձ հազիւ կը հայթայթեն իւրեանց ապրուստն ու պարէն. միթէ առ ա՞յդ եւս մախացաւ երիցագոյն եղբայրդ եւ հին ու մոլար քաղաքականութեան դատաստանով վնասակա՞ր համարեց։
       Եթէ այսպէ՜ս, ափսո՜ս, նա քան զքեզ առաւել տուժեց ու չկրցաւ խորհրդով խելամտել, որ քո կարծեցեալ յառաջդիմութիւնդ երկրին ընդհանուր բարգաւաճման անխարապէս շահ եւ օգտակար էր։
       Եթէ յիրաւի՛ եւ իրապէս յառաջդիմութեանդ քայլերը հաստատուն եւ զօրաւոր էին, այդ իսկ մեծ շահ էր անշարժ եւ անաշխատ եղբօրդ. զի դու զայն եւս մղելով մղելով յառաջ կը տանէիր հետ քեզ, եւ իբրեւ երկու լծակից ամոլներ հաւասար վաստակելով, հաւասար բաժնելով հայրենեաց ագարակին արդիւնքը, այնուհետեւ հաւասար կը վայելէիք ի փառս Օսմանեան Կայսրութեան։
       Ո՛վ տիրասէր եւ ժրաջան Հայ մշակներ, հայրենեաց ագարակին մէջ այն ինչ միամտութեամբ կ»աշխատէիք բեղմնաւոր հունճերով երկիրը բարեշէն պահել եւ տիրոջ շտեմարանը գանձով ու ցորենով լեցնել, անտիրասէր ծառայակիցներ հրձիգ արարին ագարակն, խելաթափ եղեն ու չմտաբերեցին թէ այդ ոճիրն արքունի գանձուն եւ բոլոր հայրենակից ժողովրդոց հաւասար զեան է։
       Ո՛վ չի գիտեր, որ երկրի մը բռնութենէն եւ զրկանքէն միապէս կը զրկուի բնակիչ ժողովուրդ, եւ կը թշուառանան առհասարակ սովու եւ տառապանաց մէջ. Ղուրանի եւ Աւետարանի որդիքներն` երկու դասն ի միասին պիտի նստին ու լան, մէկ դասն արեւուն եւ միւսն գիշերավար լուսնին, հա՜ց հա՜ց աղաղակեն։
       Միթէ նա որ յափշտակեց ընկերին հաց, նա կո՞շտ պիտի ուտէ։ Ո՛չ, ո՛չ. զրկանաց ու յափշտակութեան հաց առաւօտէն իրիկուն չի տեւեր, շուտով կը սպառի. զի այն հացն է միայն արդար ու անսպառ` որ մարդոց ճակատին քրտանց` արդար վաստակն է. ով որ առանց այս պայմանին հաց կ»ուտէ աշխարհիս վրայ` պետական Աստուծոյ վճիռը կեղծանէ։
       Չը գիտեմք քո մեղքն ի՞նչ էր, ո՛վ անզէն եւ հլու հնազանդ ժողովուրդ Վանայ, դու ոչ զէնք ունէիր եւ ոչ երբէք ըմբոստացար տիրող գաւազանին դէմ. քո հաւատարմութեան չափ հինգ հարիւր տարի է, եւ քո զէնք միայն խոփն ու արօր. արուեստ եւ վաճառականութիւն քո զբաղումն էր. եւ միթէ ա՞յս եղեւ հատուցումն քո հաւատարիմ հպատակութեան։
       Ի՞նչ խորհրդաւոր օր էր հրափորձութեանդ օր, ով անբախտ Վան. միթէ այն օր քեզ համար սեւ ո՞ր էր, երբ Թուրքաստանի պայծառ օր կ»սկսէր, երբ Բիւզանդիոնի Վոսփորէն հրանօթներ կ»որոտային, եւ Օսմանեան միապետ ինքնակալ Կայսր սահմանադրութիւն կը կնքէր. այն ուրախ օրերում, ո՜հ, մոլեգնութեան հուրն զքեզ լափեց, ծուխով ու մուխով խեղդեց քո խնդութեան ձայն եւ շունչ։
       Մինչդեռ մայրաքաղաքն իւր համայն գաւառներով հրավառութեան տօն կը կատարէր, դու հէք ապերջանիկ Վան, քո տօն հրավառութիւն չէր. այլ ծխիչ ու համաճարակ կրակ մի, որ մի գիշերուան մէջ սպառեց զքեզ. այսր Բիւզանդիոնին մէջ պանդուխտ զաւակներդ երգոց ու նուագարանաց ձայներով կը պարէին, իսկ այդր բոցերուդ ճարճատիւն միայն կը լսուէր, որոց հետ կը խառնուէր նաեւ թշուառ որդիքներուդ ողբ, կոծ, լացն ու աղաղակ։
       Ծովն քեզ մօտ էր, ջրոց աղբիւրներ եւ վտակներ կը վազէին. կարա ձմեռն էր, թանձր ձիւնի ճերմակ սաւանով պատած էիր, շէնքերդ ամէն հողակառոյց էին, մարդ կը զարմանայ, թէ որպիսի՞ դիւրութեամբ վառեց զքեզ կրակ։
       Այդ մի հրաշք է աշխարհի առաջ. ե՞րբ հուրն զհող վառեց, ո՞վ լսեց ու տեսաւ որ Վանայ շէնքերն հրդեհէն վառին. թէ գիտէք` դո՛ւք պատմեցէք մեզ, ո՜ հարիւրամեայ ծերունիք, դուք դեռ ողջ էք եւ կ»ապրիք այսօր, վկայեցէք երկրիս դատաւորաց առաջ։
       Թուրքաստանի վերանորոգ սահմանադրութեան տօնականին անշուշտ զոհ մի պէտք էր, եւ այն փառաւոր զոհ դու մատուցիր, ժողովուրդ Հայոց. բայց գիտցիր թէ կանխաւ քան զքեզ շատ զոհեր զոհուեցան այլ եւ այլ ժողովրդոց եւ պատերազմի դաշտերուն մէջ։
       Եթէ այլքն այնպէս դատենբ որ քո զոհն արիւն եւ կեանք կազմող զօրութիւնն էր. ո՜հ, նշտրակով բոլոր մարմնոյդ երակները բացին. թոյլ տուին որ դու այնուհետեւ տակաւ տակաւ մեռանիս չարաշուք աղքատութեան մէջ. եւ քո երակահատներ չքմեղս լինելով` աշխարհի առաջ ձեռքերնին լուանան եւ ասեն. «Քաւեալ եմք մեք յարենէ դորա»։
       Ողորմնին քեզ, Ժողովուրդ Հայոց, ողորմիմ. արդեօք լաւագոյն չէ՞ր քեզ, որ միանգամ մեռնէիր եւ կնքուէր քո հանգստեան գերեզման եւ դու երթայիր դադրէիր առ հարս քո, քան թէ այսպէս ի գետին թալկանալով արիւնացամաք մեռնիս։ Ո՜հ, մինչեւ ե՞րբ անսամ քեզ, որ ինքնազոհ մեռնիլ սորվիս. աշխարհ սորվեցաւ այդ դասը, իւր մրցանակն առաւ, դու դեռ անուս մանուկ մնացիր։
       Քո բախտն եւ քո յատկական առաքինութիւն այդպէս է, որ այդ օրինակ մեռնիս. ուրեմն փառք տուր երկնից ու մխիթարուիր. դու եւս ելիր այն գրկեալ արդարոյն պէս աւերակիդ աղբիւսին վերայ նստիր. ոչինչ տրտունջ կամ բարկութեան բան մի՛ խօսիր երկնից դէմ, ասա, «Կամք Տեառն օրհնեալ եղիցի, Տէր ետ եւ Տէր էառ»։ Հանդուրժէ հարուածներուդ, թող այդ եւս քո անցեալ բիւրաւոր զոհերուդ հետ խառնուի։
       Գիտեմ, մխիթարութիւն եւ սփոփանք դառնացեալ սրտիդ խոցերն ու վէրքերը չեն բուժեր, զի խիստ անօրինակ եւ դժնդակ դէպք էր ո քեզ դիպեցաւ այս ժամանակին մէջ, զոր քաղաքակրթութեան դար կը կոչեմք, եւ այն յուսալից օրերը, երբ Օսմանեան կայսրութեան նոր թուականն կ»սկսէր եւ երկրին շինութեան հիմն կը դրուէր, ո՜հ, այն օրերը դու քանդուեցար։
       Այո՛, այն օրերը, երբ սահմանադիր օրէնք պարտք եւ իրաւունք կը քարոզէր, հաւասարութիւն կ»աւետէր, քո զրկանք եւ հարստահարութիւն աւելի եւս ծանրացաւ, երբ այլ եւ այլ կրօնի տարանջատ որդիքներն ձեռք ձեռքի տալով մի ազգութեան դաշնակցութիւն եւ ուխտ կը կնքուէր մայրաքաղաքին մէջ. Վանտոսպ ըմբոստացաւ յանկարծ, խզեց այս նոր դաշնակցութեան կապը, երիցագոյն եղբայր կրտսերին վերայ յառնելով կըսպաննէր զայն։
       Միթէ նա հին տրտմութի՞ւն ունէր սրտին մէջ, որ մոռցաւ ժամանակին վերահաս տագնապն, չարար պատիւ խորհրդարանին ծերերուն` որ կայսերական քաղաքին խորհրդարանին մէջ գիշեր ու ցորեկ երկրին խաղաղութեան համար կը հոգային կը խորհէին հնարից ելք մի գտնել, եւ ազատել երկիրը իւր վերահաս վտանգէն։
       Ո՛վ Գուրա՜ն Գուրա՜ն, ես չեմ հաւատար այնպէս ինչ կը հաւատան ոմանք քո դպիրներէն, թէ դու քեզ հաւատացող որդիքներուն տիրապէս հրաման կուտաս որ Աւետարանի աղքատ որդիքներուն ձեռքէն հացը յափշտակեն, ստրուկ ճանչնան, կեանքէն զրկեն. եթէ մեռցնեն այդ եւս զոհ եւ արդարութիւն համարին, միով բանիւ միշտ բռնաւորութեան գաւազանով ջախջախեն զիրենք։
       Ես չգիտեմ թէ ջախջախելով ջախջախելով ի՞նչ շահեցան քո որդիքները։ Այդ հաշիւը տեսաւ կայսրութիւն եւ մեզ յայտնի է այսր, որ Թուրքաստանի ժողովուրդ ամէն կրօնի ազգերը առ հասարակ ջախջախուեցան քաղաքակրթութեան առաջ. սուտ է թէ ասեմ` օտարին ձեռք զմեզ ջախջախեց։ Ո՛չ, ո՛չ, մեզ զմեզ անգիտաբար ջախջախեցինք եւ արդ փշուր փշուր եղանք։
       Քա՛ւ թէ թշնամադիր ոգւով կը գրեմ եւ կը խօսիմ, Թուրքաստանի աշխարհին մի հայ զաւակն եմ, եւ ի մանկութենէ անտի երկրին յառաջդիմութեան միշտ սիրահար, հաւատարմութեան կնիք միշտ անեղծ պահեր եմ ճակատիս վերայ. եւ առ այս վկայ կը կոչեմ հազար ութ հարիւր վաթսուն եւ երկու թուականը, յորում Կովկասի լերանց վերայ քո փառք եւ քո ներողամիտ մեծանձնութիւն կը հրատարակէի։
       Հինգ ամբողջ դար է որ Հայն հետ քեզ կ»ապրի եւ երկրիդ արդիւնաբեր մշակութեան համար քո հաւատարիմ եւ լծատար եզն է. դու տեսա՞ր երբէք, որ Հայն ընդվզեցաւ իւր կենաց մէջ. կամ եղջիւր ածեց կարծակուռ խարազանիդ դէմ, որով դու նորա թիկանց կաշին հարուածելով հարուածեով շերտ շերտ հանիր, տակաւին Հայն միշտ անմռունչ մնաց քո առաջ, քո լուծը միամտութեամբ կրեց եւ ոչ մի անգամ մտաբերեց որ թօթափէ իւր պարանոցէն, զ հետ քեզ հաւատարմութիւն ուխտեր է։
       Նախատեսէ՛, նախատեսէ՛, ո՛վ Թուրքաստան, սուրն ու դանակ քաղաքակրթութեան պատենին մէջ դիր, գիտցիր եթէ ջանաս միշտ քո վաստակաւոր եզն իւր վարած ակօսին մէջ մորթել` ի՞նչ կը լինի այնուհետեւ քո շահն, ոչինչ, միայն միսն ու կաշին, եւ յայնժամ դու անագան ուրեմն կ»ուշաբերիս. եւ աւա՜ղ, կը տեսնաս որ երկրիդ անմշակ մնացեր է, հացին ու գանձին սովը կը տիրէ, երկրին զաւակներ քաղցած կը մնան։ Ծանի՛ր ուրեմն ծանի՛ր, այդ ժրագործ եզին շահաբեր արդիւնքը, փոխանակ ազազուն պահելոյ` դարման տար ու պարարտ պահէ զայն որ իւր ուժով կարենայ վարել քո խորդացեալ երկիրը։
       Ո՛վ սուրբ հաւատարմութիւն, ո՛վ պայծառ աստղ, որ կը փայլիս Հայու ճակատին վրայ. չգիտեմ, քո պայման, քո չափ եւ քո սահման մինչեւ ո՞ւր է, եւ Հայն իւր հաւատարմութեան վարձն ու պսակը ե՞րբ պիտի ընդունի։ Եթէ այսպէս դու անվարձ անպսակ մնաս եւ մերթ եւս փոխանակ վարձուցդ ծանր ծանր հարստահարուիս, ուրեմն այդ քո առաքինութիւն ի զուր եւ ընդունայ է աշխարհիս առաջ։
       Դու գիտե՞ս, ով հաւատարիմ ժողովուրդ Հայոց, մարդիկ եւ ազգեր կան, որ քո այնչափ հաւատարմութիւնդ կը ծաղրեն ու կը մեղադրեն զքեզ. երբ կը տեսնան որ խիստ անմռունչ եւ անզգայ կը լինիս հաւատարմութեանդ մէջ, մինչեւ անշունչ անբարբառ դիակ մի կը դառնաս դու, այնպէս որ պարկեշտութիւնդ կը նշանակեն եւ կոխկռտելով կ»անցնին վերայէդ, եւ դու չես իմանար։ Միթէ գռեհաց կա՞ւ ես դու աշխարհիս երես, ես էլ կը դատիմ զքեզ թէ այդչափ ստրկանս եւ աղարտես մարդկութեան ազատ պատիւ։
       Սակայն դուք մի վհատիք, Աւետարանի հարուածեալ որդիքներ. յոյս առ ու քաջալերուէ, ժողովուրդ Հայոց, երկհազար ամ է որ միշտ ջախջախուիս ու չես մեռնիր։ Պարսիկ, Յոյն, Արաբացին եւ Կովկասեան բարբարոս ազգերը միշտ արշաւեցին ու քանդեցին քո հայրենիք. բայց դու անվկանդ` անյուսահատ ոգի մի ունիս, որով կ»ապրիս ու կը մնաս մինչեւ ցայսօր։
       «Հաւատք քո կեցուցին զքեզ», ասաց Քրիստոս, ուրեմն հաւատա, որ երկնից նախախնամութիւն արդար եւ բարերար է. քո սերմն ու արմատ պիտի պահէ այդ բնիկ հողին մէջ, որ քո հայրենատուր ժառանգութիւն է. ընդունայն կը ճգնին այն ձեռք, որ կ»աշխատին զքեզ արմատախիլ առնել։
       Ելէ՛ք ուրեմն, մի՛ նստիք եւ յուսահատ ողբաք այդ ապաժոյժ աւերակաց վերայ, ելէ՛ք Վանեցիք, թաղեցէք այդ մեռելը, վրան կոթող մի կանգնեցէք ու գրեցէք այս յիշատակարանը. «ԱՍՏ ԹԱՂԵՑԱՒ ՎԱՆԵՑԻ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՐԴՈՑ ԳԱՆՁՆ ՈՒ ԿԵԱՆՔ»։
       Այդ անյարիր մեռելին սգոյ հանդէսը կատարելէն յետոյ, ելէ՛ք դարձեալ առէք բահն ու բրիչ, հորդեցէք պեղեցէք ձեր աւերակները, դուք ձեզ համար ճարտարապետ եղիք, հիմը դրէք եւ շինեցէք ձեր աւերեալ տունն ու քաղաք. անցեալն էանց այլեւս չի դառնա. ձեր դատն եւ իրաւունք թէ մոռանան աշխարհիս դատաւորներ, թողէք յայնժամ թող Աստուած տեսնայ։
       Ո՞ւմ կայք եւ ու՞մ կ»սպասէք այժմիկ, ձեր արտասուահոս աչքը դէպ յերկինս դարձուցէք. «Օգնութիւն ձեզ ի Տեառնէ եկեսցէ»։ Հայոց աշխարհի աւերակները շատ են, իւրաքանչիւր գաւառացին, քաղաքացին եւ գիւղացին թող իւր աւերակները շինէ, եւ դուք զձերն։
       Գիտեմ, չքաւորեցաւ ձեր ձեռք, ո՜հ, զոր այժմ կարկառելով այտի միայն հաց կը խնդրէք. գիտեմ, թէ քանի՞ դժուարին է կրկին կանգնել ձեր վաճառաշահութեան շէնքեր եւ նոր դրամագլուխ հաստատել, զոր երեսուն, յիսուն տարուան միջոց հազիւ ուրեմն հաստատած էիք։
       Ձեզ ասեմ, ձեզ ասեմ, Վասպուրական երկրի գիւղական ժողովուրդք, ձեզ յորդոր կարդամ, ձեր առաքինութեան ժամն է ահաւասիկ. Վան քաղաք ձեր նեղութեան ապաստանարան էր, դուք ամէն անձկութեան մէջ քաղաքացւոց կը դիմէիք. իսկ այժմ նոքա ձեզ կը դիմեն, զի աշխարհիս շրջանն այսպէս կը դառնայ։ Տուէք ուրեմն ինչ որ ունիք. փոխարինեցէք սիրով մինչեւ կազդուրի քաղաքացւոյն ուժը, գիտցէք ձեր թեւ ու թիկունք քաղաքացին է. հասէք յօգնութիւն, որ ձեր կենսական ուժը զօրանայ դարձեալ եւ իսպառ չը ջլատի։
       Իսկ դուք, անկեալ քաղաքացիք, դուք առաւել պէտք է ձեռն տաք միմեանց, որ ի միասին յոտին կանգնիք. ահաւասիկ է ձեր առաքինութեան ժամ, ընկերասիրութեան ժամ, քրիստոնէական եղբայրասիրութեան ժամ, անձնանուէր բարեկամութեան ժամ, միաբան հոգւով ու շնչով գործելոյ ժամ, ճշմարտութիւնը բարձրաբարբառ խօսելոյ ժամ, խօսեցէք, վկայեցէք, մի՛ երկնչիք, խօսեցէք ու հաւատացէք որ ճշմարտութիւն պիտի ազատէ զձեզ։
       Միանգամ ելիք ու մտաք այդ խաչակրութեան ասպարէզը. դուք քրիստոնէութեան արժանաւոր որդիքներ կը լինիք, թէ անտրտունջ ոգւով տանիք այդ խաչերը. կարդացէք պատմութիւն, յիշեցէք ձեր անմահ առաքինի նախնիքն ու պապերը, որոց գլխէն այդ անցքերը շատ անցան արիւնով ու մահով հանդերձ։
       Թէ յիրաւի՛ ձեր արիական նախնեաց նմանող հարազատ որդիքներն էք, այս հրոյ ու սրոյ ժամանակին մէջ ցուցէք ձեր առաքինութեան հանդէսը, զօրացէք ու զօրացուցէք վհատած որդիները, նկուն մի՛ լինիք փորձութեան առաջ` զի մարդուն կենաց ճանապարհ այս աշխարհիս վերայ լի է դժնդակ փուշերով։ Առաքինիք միայն զայն կոխելով կ»անցնին, իսկ վատասիրտներ կը լքանին։
       Կոխեցէք եւ անցէք, ո՛վ աշխատաւոր եղինք, մի՛ թափառիք ու հեռանաք ձեր աւերակ ագարակէն, ելէք դարձեալ զոյգ լծուեցէք. ձեր սամոտիք պինդ կապեցէք ընկերական սիրով, հեծելով փնչալով վարեցէք ու պատռեցէք այդ տառապանաց ակօսն. ժիր մշակներ, գոգնոց կապեցէք, լի յուսով ցանեցէք ձեր վաստակասէր քրտանց սերմն. պահ մի եւս սպասեցէք. զի ձմեռ է, ձիւն եւ սառնամանիք ծածկեր են մեր աշխարհ։
       Գարուն մօտ է, Հայո՛ց աշխարհ, եւ պիտի գայ ծիծեռնակ քեզ աւետիս տայ, թէ Թուրքիոյ աշխարհին երկունք կ»անցնի եւ իւր վերածնութեան օրը հասած է, եւ դու տես յայնժամ թէ ի՞նչպէս այդ մոխրակոյտ ագարակն անդրէն բողբոջելով կը կանաչի, եւ քո վերջին բարգաւաճ կը լինի քան զառաջին։
       Դու լոյս եւ արեւ կը սիրես, ժողովուրդ. լոյս եւ արեւ զքեզ պիտի վերածնին, քո հրայրեաց երկիր մարգագետին կը դառնայ. լուսին ի վերուստ վերայէդ անցնելով պիտի զարմացմամբ հայի երբ տեսնայ, որ Արծրունեան աշխարհի որդիքներ համակ արծուապէս նորափետուր զարդարուածեն, զոր բռնութիւն փետտեց որ լերկամարմին անպատանք մեռնին։
       Կերպասն եւ չուխան եւ պէսպէս Եւրոպիոյ զարդար հանին քեզմէ, ժողովուրդ, մի շուարիր թէ դու մերկ անպատսպար պիտի մնաս. այդ քեզ թող մի բարի խրատ լինի. խելաբերէ այսուհետեւ, կեանքիդ տնտեսութեան դասերդ լաւ սորվիր. վաղուց մոռցած էիր, բարակաման կտաւները կը հագնէիր, յիշէ այժմիկ քո հաստ կտաւն ու խամաքին։
       Շո՛ւտ արա, շուտ արա, հին կտաւագործութեան հորերդ բաց. Հայոց տիկնայք, ճախրակ մանեցէք, թել հասուցէք. եւ դուք այրեր, կտաւ գործեցէք. կարմիր կապոյտ ներկեցէք. վա՜շ, ի՞նչ վայելուչ է, եթէ դուք ձեր աշխատութեան պարզ ձեռագործներ հագնիք որ շատ տոկուն է եւ շահաբեր, եւ միանգամայն կը ջեռուցանէ ձեր բաց կուրծքեր եւ քրտնած թիկունք։
       Տէ՜ր ապաւէն մեր, զքեզ կը յիշենք միայն մեր նեղութեան մէջ, դու ես միակ անկեալ ժողովրդոց խնամակալ հայր, ի՞նչ է մահկանացու մարդոյն գրիչ եւ լեզուն, որ կարենայ մխիթարել քո վշտահար ժողովուրդ. եւ ի՞նչ է մարդոյն ապիկար ձեռք, որ կարենայ բառնալ հարստահարեալ զաւակներուդ բազմապատիկ աղէտները։ Բա՛րձ, Տէր, բա՛րձ, այլեւս բաւական է քեզ` հաւատացող ժողովուրդին տառապանք եւ Հայկայ տան աւերումն. վերաշինէ մեր քանդուած աշխարհ եւ մեր փլած տունը. եթէ դու չը շինես` ի նանիր վաստակին շինողներ։
       Տէր բարձրեալ եւ ահարկու, դու կը հայիս եւ կը տեսնաս Երկնից պետական աթոռէդ, որ երբ ստրկացած ազգեր կուլան քո առաջ, ինչպէս կուլայ կարօտ մանուկ իւր ծնողաց առաջ, աշխարհիս ազատ եւ հզօրացեալ ազգեր կ»այպանեն ծաղր ու կատակ կ»առնեն զմեզ. երբ մեք զրկանաց դատաստան եւ իրաւունք միշտ քեզ կը թողումք գիտնալով որ անօգնական ազգին` միակ ապաւէն եւ զօրութիւն դու ես։
       Աստուած մարդասէր, մեր գթած Սամարացին դու ես, մարդոց այս անխնայ դատաստանէն զմեզ ազատէ. որք Երիքովի ճանապարհի վերայ ինկած վիրաւորը կը տեսնան, եւ գիտեն իսկ, որ նա ինքնին անյարիր է, դարձեալ զանց կ»առնեն. մին կ»ասէ, ի՞նչ շահ ունիմ ես որ ձէթ եւ գինի ածելով վէրքերդ պատեմ, եւ միւսն` թէ ի՞նչ վարձ կուտաս, որ զքեզ բառնամ տանիմ մինչեւ ազատարար պանդոկ, ուր դարման տանելով քեզ ողջնաս եւ նոր կեանք ստանաս աշխարհիս վերայ։
       Այսպէս անկարեկիր են մարդիկ, ո՛վ Տէր, առանց պայմանի մեր վէրքերուն դեղ եւ դարման չեն դներ, եւ առանց փրկանաց գին խնդրելոյ զմեզ չեն փրկեր, սորա համար Դաւիթ իւր ժողովուրդին խրատ կուտար. «Մի յուսայք յիշխանս որդիս մարդկան, զի ոչ գոյ ի փրկութիւն ի նոսա»։
       Ես կը լռեմ, Տէր, թող այրած ժողովուրդին հեծեծանքն միայն առ քեզ հասնի, բայց ի՞նչպէս լռեմ. թէ լռեմ ես, Վասպուրականի քարեր կ»աղաղակեն, երկու բիւր ժողովրդոց աչք վկայ են այս ճշգրիտ իրողութեան, թէ աշխարհիս իշխանութեան դատաւորներ այս վկայութիւն չընդունին, այնուհետեւ դատ եւ դատաստան քեզ կը մնայ, ո՛վ իրաւարար Տէր։
       Մամո՜ւլ, մամո՜ւլ, որ քան գործիւ արագաթեւ ես, ա՛ռ եւ տար մորմոքող սրտիս ցաւն ու հառաչանք եւ աչքիս աղէջուր կաթիլները, տար ցօղէ այն իմ այրած Հայրենեաց փոշիացեալ աւերակներուն վերայ, ցօղէ վառուած ու մրկած սեւ սիրտերուն վերայ։
       Գիտե՜մ, գիտե՜մ այս իմ հեռաւոր նժդեհութեան վայրէս զքեզ լալ միայն հերիք չէ, ո՛վ իմ բնակասնունդ Հայրենի՜ք, ո՛վ իմ խանձեալ խանձարուր. դա՜մ, գա՜մ եւ քեզ հետ կական բառնամ, մոխրակուտիդ վերայ ողբանուէր նստելով զքեզ ողջագուրելով լամ։