Վանգոյժ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԿՈՒԺ ՄԻ ՋՈՒՐ ԻՒՐ ԱՅՐԱԾ ՀԱՅՐԵՆԵԱՑ ՎԵՐԱՅ ԿԸ ՍՐՍԿԷ ԽՐԻՄԵԱՆ ՀԱՅՐԻԿ ԱՌ ՄԵԾԱՐՈՅ ՍԻՐԵԼԻԴ ԻՄ ԱԲՐԱՀԱՄ ՍՕԼԱԽԵԱՆ ՄՏԵՐԻՄ ՀԱՅՐԵՆԱԿԻՑ
      
       Վան վառուեցաւ, որ իմ եւ քո բնակասնունդ հայրենիքն է. անշուշտ մեր ազնիւ սիրտն եւս մեր կարեվէր սրտին հետը վշտահար եղած է։
       Այդ քաղաքաւեր կրակին համար, որ անխնայ այրեց լափեց մեր հայրենեաց կեանքը, ես մի կաթ ջուր պատրաստեցի, չէ թէ այրած ժողովուրդին մորմոքեալ սրտին ջուր տալու մտքով` զի դորա համար գետեր եւ ծովեր պէտք են` այլ մի միայն Վանայ դպրատանց աղքատիկ մանուկներուն ծարաւն ու պապակը զովացնելու համար։
       Սոյն իմ արտասուաց մի կաթիլ ջուրը ձեր բարեսիրտ ազնուութեան կը յանձնեմ, որ զայն ձեր օգիական ջանիւք առատացնէք, այսինքն մամուլին թալով հոգայք տպագրութեան պէտքը, որոյ դուզնաքեայ արդիւնք նուիրենք հետ քեզ մեր հայրենեաց այն կարօտ մանուկներուն` որք այսօր անդպրոց. անգիրք եւ անթուղթ մնացին։ Այս փոքրիկ բարոյական հացի նկանակը մեք մատակարարեմք, զի մեր բաժին է. տսկ հանապազօրդական հացն թողումք թող Աստուած հոգայ, ոչ միայն տղայոց այլ եւ հարցն ու մարց։ Ո՜հ, հայրերը չքաւորութեամբ կը հեծեծեն տան մէջ. գոնէ զաւակներ մխիթարուին դպրոցին տաճարին մէջ։ Շէն քաղաքի մի վաճառանոցի խանութներ փակուեցան, չթողումք որ դպրոցներն էլ փակուին, մինչեւ յիշէ Աստուած եւ այցելութիւն լինի տառապեալ ժողովուրդին։