ԴԱՍ
Ա.
ՄԱՐԴ
ԵՒ
ԱՇԽԱՐՀ
Ինձ
հօրս
լուարուք,
որդեակք.
եւ
այնպէս
արարէք,
զի
ապրեսջիք.
Սիրաք.
ԳԼ.
Գ.
ՈՐԴԵԱԿ
իմ
Սամուէլ,
դպրոցի
դասերդ
արդէն
փոքր
ի
շատէ
աւարտեցիր.
հասակդ
զարգացաւ
եւ
այժմ
հասեր
ես
մինչեւ
ութն
եւ
տասն
ամ.
իբրեւ
հայր
պարտական
եմ
ես,
որ
աշխարհի
ընդհանուր
դասերը
ես
ինքս
աւանդեմ
քեզ.
թէ
ի՞նչ
է
մարդն
աշխարհիս
վերայ,
ի՞նչ
է
իւր
ընկերական
կեանք,
ի՞նչ
է
իւր
պարտիք
եւ
իրաւունք։
Ի՞նչ
է
իւր
առանձին
կոչումն,
ի՞նչ
էր
մարդոյն
հին
կեանք.
եւ
ի՞նչ
է
արդի
կեանք,
զոր
քաղաքակրթութիւն
կը
կոչեն.
եւ
ի՞նչ
են
առհասարակ
մարդոյն
յառաջդիմութեան
պայմաններ,
ի՞նչ
են
աշխարհիս
վերայ
այն
բնական
եւ
պատահական
պատճառներ,
որով
զմարդն
երջանիկ
եւ
ապերջանիկ
կ՚առնեն։
Մի
խօսքով,
աշխարհիս
վերայ
մարդոյն
վարած
ընկերական
կեանքին
մի
փոքր
նկարագիրը
պիտի
հանեմ
քեզ։
Որդեակ
իմ,
ընտանեկան
կեանքին
մէջ
ծնար
եւ
հայրենի
տան
ու
գաւառին
մէջ
զարգացար.
այսուհետեւ
կեանքիդ
անձուկ
շրջանն
ընդարձակելով
կը
մտնաս
աշխարհի
լայնածաւալ
շրջանին
մէջ.
քո
պարտիքն
է
աշխարհ
եւ
մարդիկ
ճանչնալ.
եւ
ինչ
որ
աչքի
եւ
մտքի
լուսով
կը
տեսնաս
աշխարհիս
մէջ`
առանց
գիտելոյ
ապշութեամբ
չանցնիս.
այլ
քննես
ու
հետամուտ
լինիս,
թէ
ի՞նչպէս
կը
կառավարուի
աշխարհ
եւ
մարդկային
ընկերութիւն։
Եթէ
ի
բնէ
եւ
ի
մօրէ
կոյ
ծնէիր,
ես
այս
դասերը
չէի
աւանդեր
քեզ.
վասն
զի
առանց
աչքի
լուսոյ
այս
աշխարհ
եւ
բովանդակ
տիեզերք
տեսնելու`
անհնարին
կը
լինէր,
որ
ես
աշխարհի
դասերն
աւանդէի
քեզ.
անհնարին
կը
լինէր
նաեւ,
որ
դու
միայն
մտքի
լուսով
կարող
լինէիր
գաղափարել
աշխարհիս
իրաց
գիտութիւնը։
Սորա
համար
կ»աղաղակէր
Յիսուսին`
մի
կոյր,
«Տ»էր,
խնդրեմ
զի
բացայց»։
Դժբախտ
կոյր
աչքի
լոյս
կը
խնդրէր,
յայտ
է
թէ
աշխարհ
եւ
կենդանի
կեանք
տեսնալու
համար
էր։
Նա
իւր
կորութեան
մէջ
թշուառ
էր,
ոչ
ինչ
չէր
տեսնար
եւ
ոչինչ
չէր
զգար,
ոչ
երկինք
կը
տեսնար
լուսագունդ
աստղերով,
եւ
ոչ
երկրագունդ
կը
տեսնար
ծառերով,
ծաղիկներով,
որպէս
զի
վայելէր
եւ
փառք
տար
իւր
ստեղծողին
եւ
օրհնէր
աշխարհի
Արարիչը։
Իսկ
դու,
բարեբախտ
որդեակ
իմ,
որ
աչքի
լուսով
ծներ
ես,
բիւրանգամ
ծունր
դիր
եւ
փառք
տուր
քո
բարերար
Ստեղծողին։
Շնորհապարտ
եղիր
նաեւ
քո
ծնողին,
որ
կաշխատի
ոյս
տալ
ու
բանալ
մտքիդ
աչքը,
որպէս
զի
դու
երկու
լուսով
տեսնաս
աշխարհ։
Մարդիկ
կան,
որ
կը
շրջին
աշխարհիս
վերայ,
կը
տեսնան
որ
չեն
տեսնար.
այս
մարդիկ
մտաւորական
լոյսէն
զուրկ
են.
միայն
աշխարհի
արտաքին
երեսն
իբրեւ
ստուեր
կը
տեսնան,
եւ
չը
գիտեն
աշխարհի
ներքին
կեանք.
բնական
եւ
բարոյական
օրէնքներ,
վարիչներ
եւ
շարժման
զօրութիւններ
եւայլն։
Ջանադիր
եղիր,
որդեակ
իմ,
որ
մտաւորական
լոյսդ
պայծառ
լինի,
եւ
որչափ
պայծառանայ
մտքիդ
լոյս`
այնչափ
պայծառ
ու
պարզ
կը
տեսնաս
աշխարհ
եւ
աշխարհի
բաները,
դու
ստուերի
նման
չես
անցեր
աշխարհէս
եւ
աշխարհս
ստուերի
նման
չես
տեսնար,
այլ
տիրապէս
կը
տեսնաս
թէ
ի՞նչ
է
մահկանացու
մարդոյն
կոչումն
աշխարհիս
վերայ,
եւ
ի՞նչ
է
նորա
գործ,
վախճան
ու
նպատակ
իւր
կենաց
մէջ։
Մարդոյն
կոչումն
եւ
գործ
շատ
մեծ
է
աշխարհի
վերայ։
Աստուած
կը
ներշնչէ
եւ
Մովսէս
կը
պատմէ,
թէ
մարդ
իւր
Արարչապետին
տիրական
պատկերն
զգեցած
է.
եւ
ի՞նչ
է
այս
պատկերին
նմանութեան
կնիքն.
-
անմահ
հոգին,
եւ
բնաւորութիւն,
որով
մարդն
կը
զանազանի
բոլոր
ստեղծական
արարածներէն,
խօսուն
լեզուով,
բանականութեամբ
եւ
հանճարով
ճոխացած։
Սակայն
դու
մի՛
այնպէս
հասկնար,
որ
մարդն
Աստուծոյ
նոյնատիպ,
եւ
ամենայնիւ
հաւասար
ճշգրտահան
պատկերն
է։
Քա՛ւ,
եթէ
այսպէս
կարծուի`
ամբարշտական
մեծամտութիւն
է,
զի
մարդն
իւր
բարերար
սկզբնատից
Արարչին
մի
ամենափոքրիկ
տիպարն
է.
նորա
կատարեալ
եւ
անհաս
իմաստութեան
առաջ`
մի
անգէտ
մանուկ
է,
մի
նմոյշ
է,
որ
մշտնջենաւոր
լուսէն
երկրիս
վերայ
ձգուած
է,
եւ
յաւիտենական
անմահութեան
առաջ
մի
հողակերտ
մահկանացու
է։
Եւ
ի՞նչ
համեմատութիւն
կայ
կաթ
մի
ջուր
Ովկիանոսի
ծովուն
հետ,
եւ
կաթ
մի
շող`
արեւու
համատարած
լուսոյն
հետ։
Ուստի
պէտք
է
ողջմտութեամբ
այսպէս
իմանանք,
որ
մարդն
իւր
բանականութեան
խելքով
ու
հանճարով
խիստ
չափաւոր
սահմանի
մէջ
փակուած
է,
եւ
նորա
բարերար
Արարիչն
այնչափ
ձիրք
ու
զօրութիւն
շնորհեր
է
մարդոյն,
որչափ
կամեցեր
է։
Այո՛,
մարդն
այս
աշխարհիս
հողագնդին
վերայ
իբրեւ
իշխող
տիրապետ
կարգուած
է
իւր
Արարչապետէն,
տիրել
բովանդակ
երկրին,
իշխե
ծովուն
ու
ցամաքին,
անասնոցու
թռչնոց,
եւ
ինչոր
կան,
կը
շնչեն
ու
կը
սողան
երկրիս
վերայ,
զորս
առ
հասարակ
մարդոյն
հրամանին
տակ
դրաւ,
ինչպէս
կը
խոստովանի
Դաւիթ
թէ
«Զամենայն
ինչ
հնազանդ
արարեր
ի
ներքոյ
ոտից
նորա»
եւայլն...
Աստի
կ՚իմանանք
եւ
ինչպէս
կիմաստասիրեն
եկեղեցւոյ
վարդապետք`
թէ
Տէր
Աստուած
աշխարհիս
ամէն
բան
մարդոյն
համար
ստեղծեր
է,
իսկ
մարդն`
Աստուծոյ
համար,
որ
յաւիտեան
օրհնէ
եւ
փառաւորէ
իւր
Արարիչն,
իւր
արդար
եւ
առաքինի
կեանքով,
որպէս
ասէ
Յիսուս.
«Տեսցեն
զգործս
ձեր
բարիս
եւ
փառաւորեսցեն
զՀայր»։
Սակայն
կը
յաւելում
ասել
մանաւանդ
թէ`
մարդ
մարդուն
համար
կարգեր
է,
զի
մարդոյն
կեանք
ընկերական
է.
մարդն
ինքնին
առանձին
առանձին
ոչինչ
է,
եւ
ոչինչ
զանազանութիւն
չունի
վայրենի
կենդանիներէն,
որոց
բնակութիւն`
լեռներու
խորշեր
եւ
անտառներու
մէջն
է։
Ահաւասիկ
այս
պատճառաւ
կը
բարձրանայ
մարդոյն
կոչումն
մեր
ընկերական
աշխարհին
մէջ,
եւ
ընկերաբար
վարելով
իւր
կեանքը
կը
յառաջդիմէ,
մինչդեռ
անասնոց
կեանք
նոյն
կը
մնայ
առանց
երբէք
յառաջդիմութեան։
Մարդոյն
յառաջդիմութիւն`
իւր
ընկերական
կեանքէն
է.
ապա
թէ
ոչ`
մարդն
եւս
վայրենութեան
եւ
անասնոց
կարգին
մէջ
կը
մնար,
ոչինչ
շնորհ
չէր
իւր
լեզուին
եւ
խօսակցութեան
առաւելութիւն,
երբ
նորա
միտքն
ու
հոգին
վայրենութեամբ
թանձրացած
լինէր։
Մարդոյն
ընկերական
կեանքէն
յառաջ
եկաւ
աշխարհաշինութիւն.
մարդիկ
աշխարհիս
վերայ
տիրապէս
տիրեցին
եւ
տիրապէս
կատարեցաւ
Աստուծոյ
հրամանն։
Դաւիթ
կ»ասէ,
թէ
Տէր
Աստուած
տիեզերքի
ժառանգութիւն
բաժնեց.
Երկնքն`
իւր
բաժին
առաւ,
եւ
Երկիրը`
մարդոց
որդիներուն
ժառանգութիւն
տուաւ.
եւ
բովանդակ
աշխարհ
իբրեւ
մի
դրախտ
զարդարելով`
յանձնեց
մարդոյն,
որպէս
զի
գործէ
ու
պահէ
զայն։
Ցոյց
կուտայ
Տէր
Աստուած
թէ`
մարդն
աշխարհիս
ագարակին
մէջ
մի
գործաւոր
մշակ
է.
պէտք
է
անդադար
աշխատի
արդիւնաւորել
զայն,
եւ
որչափ
ժրագործ
լինի`
զաշխարհ
մշակութեամբ,
շինութեամբ,
գործունէութեամբ
արդիւնաւորել,
այնչափ
աւելի
կը
վայելէ
եւ
կը
բարգաւաճի
իւր
կեանք։
Այլ
դու
մի՛
այնպէս
ըմբռներ,
որդեակ
իմ,
որ
ամենահարուստ
մեծատունն
Աստուած,
աշխարհս
իւր
հարստութեամբ
մարդոյն
տուաւ
իբրեւ
սոսկ
նիւթական
կեանք,
որ
նա
աշխատի,
վաստակէ,
ուտէ
եւ
վայելէ
միայն
երկրին
բարիքը։
Եթէ
այսպէս
լինէր`
ոչինչ
գերազանցութիւն
եւ
առաւելութեան
շնորհ
չէր
ունենար
մարդն,
երբ
նա
սոսկ
նիւթական
կեանքով
ապրէր
ինչպէս
կ՚ապրին
անասունք։
Գիտենք,
մարդ
աշխարհիս
հետ
եւ
նիւթական
կեանքին
հետ
կապուած
է,
բայց
իւր
մեծ
կոչումն
կը
պահանջէ,
որ
նիւթականին
հետ
կապէ
բարոյական
կեանք.
եւ
այդ
է
միայն,
որ
կը
բարձրացնէ
մարդոյն
պատիւ
եւ
արժանաւորութիւնն.
ապա
թէ
ոչ`
մարդ
կը
նուաստանայ
ու
կը
հաւասարի
անասնոց։
Ուստի
աշխարհիս
վերայ
մարդոյն
կոչումն,
պատիւ,
փառք,
արժանաւորութիւն`
իւր
գործքերու
կշիռն
է.
նա
ինչ
վիճակի
մէջ
կը
լինի
թող
լինի.
նորա
նուիրական
պարտիքն
է
ճանչնալ
իւր
կոչումն,
ճանչնալ
մարդկութեան
վայելուչ
կեանք,
ճանչնալ
նաեւ
թէ
ինքն
այս
աշխարհիս
վերայ
դիպուածով
եւ
ունայնաբար
չէ
եկեր.
այլ
մեծամեծ
պարտիքներ
կատարելու
համար
ծներ
է,
քանի
որ
կեանք
ունի`
պէտք
է
գործէ.
վասն
զի
մահն
ու
գերեզման
գիշեր
կը
բերեն,
յորում
այլ
եւս
մարդ
կարող
չէ
գործել։
Այս
աշխարհ
մարդոց
առաքինութեան
ասպարէզն
է,
ով
որ
ընթանալ
գիտէ`
նա
միայն
մրցանակ
կ՚առնու։
Կարդա՛
Սուրբ
գիրք,
կարդա՛
Հայոց
աշխարհի
պատմութիւն
եւ
տես
թէ
առաքինի
ոգիներ
ի՞նչպէս
ընթացան։
Նոյ
իբրեւ
այր
կատարեալ`
արդարութեամբ
ընթացաւ`
մրցանակն
առեց.
Աբրահամ
հաւատով
ընթացաւ`
մրցանակն
առեց.
Յովսէփ
ողջախոհութեամբ
ընթացաւ`
մրցանակն
առեց.
Մովսէս
Աստուծոյ
ժողովուրդին
իբրեւ
առաջնորդ
ընթացաւ`
մրցանակն
առեց.
Յովբ
համբերութեամբ
ընթացաւ`
մրցանակն
առեց.
Յեսու
յաղթութեամբ
ընթացաւ`
մրցանակն
առեց.
Սամուէլ
հնազանդութեամբ
ընթացաւ
մրցանակն
առեց.
Դաւիթ
ապաշխարելով
ընթացաւ`
թողութեան
մրցանակն
ընդունեց։
Յիսուս
Դաւթի
որդին
խաչակրութեաբ
ընթացաւ`
առեց
այն
մրցանակն
եւ
անունն,
որ
ի
վեր
է
քան
զամենայն
անուն։
Առաքեալք
նոյն
խաչակրութեամբ
ընթացան`
մրցանակն
առին.
Հայրապետք
եկեղեցին
բարեզարդելով
ընթացան`
մրցանակն
առին.
Վարդապետք
ուսուցանելով
ընթացան`
մրցանակն
առին.
Սուրբ
Գրիգոր,
իւր
Որդիք
եւ
Թոռունք
Հայոց
աշխարհի
համար
ընթացան`
մրցանակն
առին.
Սուրբն
Սահակ
ու
Մեսրովբ,
աշակերտելով
հանդերձ
գրելով
թարգմանելով
ընթացան`
մրցանակն
առին.
քաջն
Վարդան
իւր
ուխտագիր
խմբով
խաչով
ընթացան`
մրցանակն
առին.
եւ
այլ
ո՞ր
մէկ
համրեմ
քեզ
Հայոց
աշխարհէն,
որք
առաքինական
վաստակով
ընթացան`
մրցանակն
առին։
Թողունք
անցեալ
աշխարհի
առաքինեաց
դասն,
թողունք
եկեղեցւոյ
սուրբ
Նահատակներ,
որ
արիւնով
ընթացան.
ներկայ
քաղաքակիրթ
աշխարհին
մէջ
մտնենք։
Ո՛վ
կարող
է
համար
բերել
այն
աշխատաւոր
առաքինեաց
թիւը,
որ
զօրհանապազ
կը
տքնին
եւ
կ՚ընթանան
աշխարհիս
ասպարէզին
վերայ,
հանճարով,
գիւտերով,
արուեստով,
աշխարհաշինութեամբ,
մեծագործութեամբ
եւ
այլ
բազմադիմի
շահաւէտ
եւ
արդիւնաւոր
վաստակներով
ճոխացուցին
լիացուցին
մարդոյն
ընկերական
կեանք,
չեմ
յիշեր
գրիչներ
եւ
մամուլի
անխոնջ
թեւերը,
որ
զտիւ
եւ
գիշեր
լոյս
տարածելով
կը
լուսաւորեն
մարդոյն
մտաւորական
աշխարհ։
Արդ
կ՚աւարտեմ
այս
դասը,
եւ
ուխտիւ
կ՚աւանդեմ
քեզ.
ծանի՛ր,
թէ
ի՞նչ
է
քո
կոչումն
աշխարհիս
վերա,
եւ
համեմատ
ընթացիր
քո
կոչմանդ,
որ
հասնիս
նպատակին
եւ
մրցանակն
ընդունիս։
Թէ
իբրեւ
հաւատացեալ`
բոլոր
սրտով
պաշտէ
քո
Տէր
Աստուած.
թէ
իբրեւ
աշխարհի
մարդ`
քաղաքավարութեամբ
առաքինացիր.
թէ
իբրեւ
ազատ
մարդ`
մի
ստրկանար,
այլ
պաշտպանէ
մարդկութեան
պատիւ.
թէ
իբրեւ
իշխան`
օրէնքով
իշխէ,
արդարութիւն
եւ
իրաւունք
սիրէ.
թէ
իբրեւ
հպատակ`
օրէնքով
հնազանդիր.
թէ
իբրեւ
եկեղեցւոյ
հովիւ`
հօտիդ
վերայ
անձնադիր
եղիր.
թէ
իբրեւ
գառն`
արածող
հովուին
հետեւիր.
թէ
իբրեւ
ընկերական
մարդ`
ընկերական
պարտիքներ
սիրով
կատարէ
եւ
միանգամայն
ճանչցիր
իրաւունքդ.
թէ
իբրեւ
հայ
եւ
հայու
զաւակ`
ազգդ
սիրէ.
թէ
իբրեւ
Աւետարանին
ընդհանուր
մարդասիրութեան
աշակերտ`
ամէն
մարդ
անխտրապէս
սիրէ։
Մի
բան
եւս
պատուէր
տամ
քեզ.
միշտ
յուշիդ
պահէ
Պօղոսին
խրատ,
ուր
եւ
կը
լինիս,
թէ
հայրենեաց
եւ
թէ
օտար
աշխարհի
մէջ
անդրդուելի
կաց
կոչմանդ
վերայ,
կարճամտութեամբ
կրօնէ
ի
կրօն
մի՛
փոխուիր։
Հայոց
աշխարհի
զաւակն
են.
Հայաստանեայց
ազատ
եկեղեցւոյ
ազատ
որդեգիրն
ես,
ի
նոյն
կաց
եւ
ի
նոյն
մեռիր.
թող
հայ
ժողովուրդ
տանի
թաղէ
զքեզ
քո
հարց
ու
նախնեաց
գերեզմանին
ծոցը։