Սիրակ եւ Սամուէլ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԴԱՍ Ը. ԻՆՔՆԱՇԽԱՏ ՅԱՌԱՋԴԻՄՈՒԹԻՒՆ
      
       Ինքնաշխատութիւն` մարդոյն բնական պարտիք եւ արդար քրտինքն է, իւր կեանք պահող ամէնէն առաւել պտղաբեր յոյսն է։ Անիրաւ է մադ, թէ ուրիշի քրտանց ու ձեռաց հացին ըսպասէ. «Զվաստակս ձեռաց քոց կերիցես. երանի՜ է քեզ եւ բարի եղիցիս», կը խրատէ Դաւիթ։
       ՍԻՐԵԼԻԴ իմ, Սամուէլ, մարդոյն ընդհանուր աշխատութեան դասն ուսար, եւ նոյն աշխատութեան արդիւնքն ուղիղ տնտեսելու դասն ուսար. այժմ եկաւ կարգն որ ժողովուրդին ինքնաշխատութեան դասն սկսիմ քեզ. ուշի ուշով միտ դիր դու. վասն զի այս ամենակարեւոր դասն է, աշխարհիս այլ եւ այլ ժողովրդոց յառաջդիմութեան, եւ բարգաւաճման` միակ պայմանն ու ճանապարհն։
       Քաջ ի միտ առ, որդեակ իմ, եւ ես թուեմ քեզ, թէ` ի՞նչ են ժողովրդոց ինքնաշխատութեան պարտիքները, զորս նա պէտք է իւր բոլոր կենաց մէջ աշխատելով, տքնելով կատարել ջանայ։
       Աշախարհիս վերայ ոեաւիցէ մի ազգ եւ ժողովուրդ, իւր կեանք պահող, տնտեսող ու բարւոք քրտնաջան մշակն է, իւր արտ վարող մաճկալն է, իւր սերմ ցանող ու հնձող ինքնավարձ աշխատաւոր է, իւր դրախտն ու դարաստանն տնկագործող պարտիզպանն է, իւր տուն շինող ճարտարապետն է։ Իւր ընտանեկան կեանքին պէտքերն հոգացող հայր ու տնտեսն է, իւր հաց ու սեղան պատրաստող մատակարար ձեռքն է, իւր արուեստ հնարող հանճարին աղբիւրն է, իւր գործարանին մեքենաները դարձնող մղիչ շոգին է, իւր անձին մերկութիւնը, պատսպարելու կտաւագործն է. իւր ամէն շահավառութեան վաճառական եւ խանութպանն է, իւր դպրոցներ շինող ու կարգադրող իւր ընկերական հանգանակութիւնն է, իւր մանուկներ զրկող դաստիարակն է, իւր ներկային մէջ գործող ձեռքն` եւ ապագային մէջ նախատեսող աչքն է. վերջապէս ժողովուրդին ինքնաշխատութիւն ամենայն ինչ է, այս աշխարհիս վերայ իւր առանձին յառաջդիմութեան համար։
       Պէտք է խելամտի ու ճանչնայ ժողովուրդ թէ` իւր ըեանքն արդիւնաւորողն` միմիայն իւր ինքնաշխատութեան ձեռքն է, եւ գիտե՞ս որչա՞փ շահաբեր է։ Մի ազգ, եւ ժողովուրդ եթէ իւր կեանք եւ բախտ ուրիշէ կ»ակնկալէ, շատ բնական եւ յայտնի է թէ` իբրեւ երազալոյս պահ մի գիշերուան ծանր քունին մէջ կը խայտայ եւ առաւօտ ոչ ինչ կը գտնէ։
       Մշակ ժողովուրդին անժխտելի ու բնական պարտիքն է, որ իւր հացն ինքնին հոգայ, իւր արտն ինքն քաղէ. ապա թէ ոչ` արտն առանց քաղելու կը մնայ. կը կծղի ու կը թօթափին ցորենահատեր, եթէ նա դրացւոյն կամ բարեկամին սպասէ։ Այս ճշմարտութիւն իմ կեանքիս մէջ փորձով ճանչցած եմ. դու որ դեռ անփորձ ես, ուշ դիր, ես մի հնոց առակով պատմեմ քեզ։
       Արտուտ թռչունն` որ թերեւս արտ ուտելէն առեր է այս յարմար անունն, իւր բոյն հասկաւոր արտի մի մէջ դնելով` ձագեր հաներ է։ Նախատես ձագամայրն միշտ կ»ապսպրէ իւր ձագերուն, որ միտ դնեն արտին տիրոջ, թէ ի՞նչ կը խօսի, երբ նա իւր տղուն հետ կուգայ տեսնել թէ` արտին հնձելու ժամանակն հասե՞ր է։ Առաջին անգամ կը լսեն ձագեր եւ կը պատմեն իրենց մօրն, թէ` հայրն իւր տղու կ»ասէր. Որդեակ, արտը հասնելու մօտ է. գնա խօսիր մեր դրացիներուն թող մեզի յօգն գան, արտն ի միասին քաղեմք։ Արտուտն կը պատասխանէ, դեռ անհոգ կեցէք, քանի որ արտին տէր` դրացիներուն օգնութեան կ»սպասէ, այս արտը չի քաղուիր։ Երկրորդ անգամ մտիկ տալով ձագերն` այս կը պատմեն թէ` գեղացին իւր տղուն կ»ասէր. դրացիներ չեկան, գոնէ բարեկամներ հրաւիրէ։ Խելացի արտուտն դարձեալ նոյն կը կրկնէ. հանգիստ եղէք, ձագերս, երբ գործը բարեկամներուն մնացեր է, յաւիտեան չի քաղուիր արտը։
       Երրորդ անգամ կը պատմեն ձագերն, թէ` արտին տէրն` վա՛շ, վա՛շ անելով իւր տղուն կ»ասէր. որդեակ իմ առ դու քո մանգաղ եւ ես. մենք մեր արտը քաղենք. այլ եւս դրացեաց, բարեկամաց սպասելն ընդունայն է։ Ուշադիր ձագերն երբ այս վերջին խօսք կը պատմեն իրենց մօր, մայրն կը պատասխանէ. այժմ ստոյգ կը հաւատամ, թէ` արտը պիտի քաղուի. պէտք է զձեզ տեղափոխեմ։
       Այս կրթիչ առակի օրինակէն արդեօք պիտի հասկնայ ու խելաբերի՞ իւրաքանչիւր առանձին մարդ եւ ժողովուրդ, թէ` աշխարհիս դրացիներ եւ բարեկամներ եւս իրենց արտեր ունին քաղելու։
       Եթէ այս այսպէս է, ինչպէս որ է ճշմարիտ. ուրեմն թող ժողովուրդ իւր յոյս միայն իւր ինքնաշխատութեան վերայ դնէ։ Եթէ իւր կեանք պահելու համար հաց հարկաւոր է, թող առնէ մանգաղ եւ երթայ իւր արտը քաղէ։ Եթէ ջուր պէտք է իւր չորցած արտը ոռոգելու համար, թող խցուած աղբիւրներու ակերն բանայ, վտակներու լցուած առուները յորդէ։ Եթէ հանդերձէ եւ այլ զանազան պէտքերու համար կտաւ կարեւոր է, թող բամբակ ցանէ, կտաւ գործէ։ Իսկ եթէ փափկութեան պերճանք սիրելով` կերպասի կը ցանկայ, թող շերամագործութեան արուեստին հետեւելով` յառաջ տանի զայն։
       Եթէ նախանձելով Եւրոպական ազգաց գեղեցիկ օրինակին` գիւտեր եւ արուեստներ հանճարել կ»ուզէ, թող նախ դպրոց երթայ, գիտութիւն սորվի, ինքնաշխատութեան մէջ տքնի, ինչպէս նոքա։
       Իսկ եթէ կ»ասէ. ես ի՞նչպէս ինքնաշարժ ինքնաշխատ լինիմ եւ յառաջ երթամ...
       Դորա դարմանեւ ճարն ի՞նչ է, գիտես՞. դպրո՛ցն է, դըպրո՛ց, եւ անյուսահատ ինքնաշխատութիւն. ուրիշ ոչինչ։ Ես կը տեսնամ զքեզ այդ քո վիճակին նկարագիրը` շատ ճշգրիտ է։ Բայց դու պէտք է անվկանդ մնաս ոգւոյդ մէջ. առանց երբէք լքանելոյ շարունակես ինքնաշխատութիւնդ, գիտնալով, որ յառաջդիմութեան ուղին` ինքնանուէր շահատակութեամբ կը բացուի։ Ես գիտեմ որ խոշեր ու խութեր կան քո ճամբոյն վերայ. մի սպասեր որ ամբողջ փոխուին դոքա եւ դիւրանան քայլերդ։ Մի՛ սպասեր դու, ինչպէս այն ապուշ ու բթամիտ ճամբորդն, որ գետափին մօտ կեցած կ»սպասէր մինչեւ անցնի դարուն, անցնի ամառն, աշուն գայ, ցամքի գետի ջուրը եւ ինքը անթաց ոտքով անցնի։
       Ժողովուրդ, դու ինքնին գիտես, մեր աշխարհ յորդ անձրեւներ եւ ձիւներ շատ ունի. մեր գետերու ջուրեր ով գիտէ երբ կը ցամքին. ուրեմն սրունքդ բաց, անվախ մտիր ի գետն, մինչեւ պարանոցդ ջրաթաղ եղիր եւ անցիր ի միւս կողմն։
       Իսկ եթէ կ»ուզես գետերու յորդ ջուրերէն, աշխարհիս ծովերէն անկասկած անցնիլ, քաջ ուսիր լողալու արուեստն, եւ ու՞ր տեղ, այդ եւս դպրոցի լճին մէջ. թղթով, գրով, եւ ինքնաշխատ կրթութեամբ։
       Թերեւս դու այնպէս կը կարծես, որ արեւմտեան ժողովուրդին յառաջդիմութեան քայլերուն դէմ ծովեր ու գետեր չելան։ Ո՛չ, դու կարդա այդ ժողովուրդի պատմութիւն եւ պիտի ապշիս ու զարմանաս, որ նա ջրոյ եւ ծովու հոսանքներէն անցաւ, մինչեւ ի գլուխ տարաւ յառաջդիմութեան եւ գիտութեան յաղթանակ։ Դու մի՛ վհատիր երբ կը տեսնաս, որ ուղիներդ դժուարին առապարներ են. այդ ամէն ինքնաշխատութեան ոտքիդ առաջ կը հարթուին եւ կը դիւրանան. միայն թէ դու մի՛ վատասրտիր։
       Ձեռքերդ ծոցէդ հան, մի անգամ ինքնաշխատութեան սկսէ. ի զուր է, յուստեքէ օգնութիւն մի՛ սպասեր, միթէ փորձով չը տեսնա՞ր թէ` աշխարհիս վերայ քեզ ոչ ոք օգնական կայ, ուստի ի բերան ա՛ռ Դաւթին այն բան եւ աչերդ դէպ երկնից բարձրութիւն դարձնելով առօթէ «Համբարձի զաչս իմ ի լերինս, ուստի եկեսցէ ինձ օգնութիւն. » Ասա դու. «Օգնութիւն ինձ ի Տեառնէ եկեցէ, որ արար զերկինս ի զերկիր։» Մի մոռնար, կարդա նաեւ Դաւթին միւս խրատ. «Մի յուսայք յիշխանս որդիս մարդկան. զի ոչ գոյ փրկութիւն ի նոսա։» Եւ թէ. «Երանի ազգի որոյ Տէր Աստուած Յակովբայ օգնական է նմա եւ յոյս նորա ի Տէր Աստուած է։»
       Ուրեմն յոյսերդ յԱստուած եւ ի քեզ ժողովէ, վհատեալ ժողովուրդ, եւ գո՛նէ գիտցիր այսուհետեւ թէ` դու ինքդ ես միայն քեզ օգնական։
       Այո՛, քո ձեռքն է քեզ օգնական, երբ գործես, արուեստահնար լինիս։ Քո աչքն է քեզ օգնական, երբ նայելով շուրջդ` հեռատես լինիս, ներկայէդ քո ապագան չափես ու տեսնաս։ Քո միտքն է քեզ օգնական, եթէ զայն լուսաւորես եւ թողուս տգիտութեան մտաւոր ու կամաւոր կուրութիւնը։ Քո դպրոցներն են քեզ օգնական, եթէ մանուկներդ կրթես գիտութեամբ։ Քո հայրենի հողն է քեզ օգնական, երբ դու զայն արհեստիւ մշակելով բեղմնաւորես։ Քո բազմարօտ լեռներ եւ հովասուն հովիտներ են քեզ օգնական, եթէ խաշնադարման լինիս եւ յիշես դու այգետունկ որթերդ ի պարտիզի ծառերն են քեզ օգնական, եթէ քաջ մշակելով` գինւով ու պտղով լնուս վաճառանոց։ Քո տնտեսական ճարտարամտութիւնն է քեզ օգնական, որ դաշտին մէջ հող սիրես, եւ քաղաքին մէջ արուեստ եւ վաճառականութիւն։ Քո հայրենեաց միութեան սէրն է քեզ օգնական, եթէ իբրեւ մայր գիրկչ բանաս, պանդուխտ ու գաղթական որդիներդ անդրէն ժողովես եւ չը թողուս որ այլ եւս գրկէդ հեռանան։ Քո հայրենի Կրօն, Հաւատ ու Եկեղեցին են քեզ օգնական, թէ չմեղկանաս ի կրօն, չը լինիս հաւատաքրքիր, այլ պինդ պահես հայրենի կրօնիդ սուրբ աւանդ, զոր արիւնով ու մահով քո նախնիք քեզ անկորուստ աւանդեցին։ Վերջապէս քո ընկերսիրութեան եւ միայօդ հոգին է քեզ օգնական, եթէ զայն ուխտիւ պահես, եւ ի բաց մերժես երկրապառակութեան ոգին, որ աւերիչ քանդիչ է ազգին ու հայրենեաց։
       Է՛, անձկալիդ իմ Սամուէլ, պահ մի զքեզ թողի, խօսքիս դէմը առ ժողովուրդն ուղղեցի եւ դու միտ դրիր. աշխատութեանս աւա՛ղ կը կարդամ. որչա՞փ այսպիսի ոգետու յորդորներ, խօսքեր գրեր ու գրեր եմ հայ ժողովուրդին համար։ Նա միշտ մտադիւր լսեց ու կարդաց, բայց դեռ կը տատամսի, վարանամիտ կը լինի. չը համոզուեցաւ թէ` իւր հաց, իւր կեանք ու բարեկեցութիւն, իւր փառք եւ յառաջդիմութիւն` միմիայն իւր ինքնաշխատ ձեռքով, ոտքով ու մտքով կը լինի. իւր ճակատին քրտանց վաստակով կը լինի, իւր առանձին խելքով ու խորհրդով կը լինի։ Ընդունայն է օտարի ձեռքէն ու սեղանէն հաց սպասել։ Ինքնաշխատութեան յաջող ժամանակն միշտ ներկայն է, ինքնաշխատ մշակ ներկային մէջ լիաբուռն կը ցանէ, որ նա ապագային մէջ առատապէս հնձէ։
       Թո՛յլ տուր այժմէն ողբամ, որդեակ իմ, թէ Հայ ժողովուրդ սրտի մտօք այս դասեր չլսէ, ժամանակն աշխարհիս մեծ վարժապետն է, դժպհի գաւազանով պիտի լսել տայ իրեն, եւ նա յայնժամ իբրեւ դպրոցի բթամիտ մանուկ պիտի նստի ու լայ, հեկեկալով ու կոծով սերտէ այս դասերը։
       Իսկ դու, սրամիտ որդեակ իմ, ականջդ բաց, առանց գաւազանի լսէ իմ դասերս. յիշէ որ զքեզ երբէք ոտնապիրկ գանով չխրատեցի։ Յիշէ թէ ես իմ հայրական պարտքս լիովին կատարեցի, թէ հացով, թէ ուսմունքով միապէս ու հաւասար անկարօտ կեանքդ զարգացուցի։ Այսուհետեւ զքեզ ազատ կը թողում, որպէս զի դու ինքնին քո ինքնաշխատ ոտքով յառաջադիմես դէպի լաւագոյն ապագայն, որչափ մտքիդ կորով եւ յարատեւող ջանքդ քեզ ասպարէզ կուտան։
       Դու մինչ մանուկ էիր, իմ ծնողական պարտիքս էր որ ձեռքէդ բռնելով օգնէի տկար քայլափոխութեանդ։ Այժմ ջիլերդ ու սրունքներդ զօրացան, ուժաւոր կտրիճ մի դարձար, այլ եւս ազատաքայլ կը թողում զքեզ։ Ես բնաւ չկամիմ նմանիլ այն կարճամիտ հայրերուն, որք մինչեւ ցմահ խնամակալ լինել կ»ուզեն իրենց արբուն հասակ որդիքներուն. եւ այս յոռեգոյն դաստիարակութեամբ տիրապետ կը լինին, կը ջլատեն ու կը ճնշեն նոցա գործունէութեան ոգին. եւ յետոյ կը դառնան գանգատ կը բառնան թէ` մեր զաւակներ անգործ անպիտան են։
       Խորհելոյ եւ գործելոյ ինքնաշխատութեան ազատ իրաւունք կուտայ քեզ, բայց երբէք չեմ կամիր, որ դու այդ ազատութեան մէջ զեղծանիս, յանձնապաստան լինիս, անխորհուրդ վարուիս եւ բարձրութենէդ գահավիժիս ի վայր, այլ այժմէն խրատ կ»աւանդեմ քեզ, որ ինքնաշխատ գործերուդ մէջ յարգես ու պատուես ծերերուն խոհական խրատ եւ խորհուրդ, վասն զի նոքա կեանքի փորձառութեան դասերը քաջ սորված են. մինչդեռ դու անփորձ եւ խակ ես, միայն խօսքով ու գրով գիտես։
       Գնա՛, զօրացիր, որդեակ իմ, գիւղական կենաց ինքնաշխատ արդար մշակութեանդ մէջ ձեռքովդ ցանէ, ձեռքովդ հնձէ, հացդ ու սեղանդ ձեռքովդ պատրաստէ. նստիր, քրտանցդ իրաւունքովդ կեր քո ձեռաց վաստակ. այս թող լինի միշտ քո բարեվայել կեանք. քանի որ կենդանի եմ, տեսնամ քո աշխատութեան յառաջդիմութիւնն, եւ հրճուի հոգիս։ Ես մրցանակ կուտամ քեզ միայն հայրական օրհնութիւնս եւ աշխարհէն ոչինչ բան մի՛ սպասեր. ծանիր, որ քո ճշմարիտ մրցանակն` ինքնաշխատութեանդ արդեանց, քո ձեռահիւ պսակն է, եւ այն բաւ է քեզ։