Սիրակ եւ Սամուէլ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԴԱՍ ԺԲ. ԺԱՄԱՆԱԿ ԵՒ ՊԱՏԱՀԱՐՔ ԱՇԽԱՐՀԻ
      
       Ի՞նչ են ժամանակի պատահարներ, որ մեծամեծ աղէտներ կը
       բերեն աշխարհիս վերայ. տարե՞րքն են, հողմե՞րն են, ծովե՞րն են, ցամա՞քն է, շա՞րժն է, սո՞վն է, մահտարաժա՞մն է։ Ո՛չ, ո՛չ. աշխարհիս մեծ պատահարներ` մարդիկ են, եւ նոյն իսկ մա՛րդն է մարդոյն պատահար. տարապարտ է մարդոց դատաստանը, որ պատահարները` միայն տարերաց վերայ կը ձգեն կամ կ»ասեն թէ չար ժամանակ բերաւ։
       ՀԱՐՑՈՒՐ. նորատի որդեակ իմ Սամուէլ, եւ ես խօսիմ քեզ թէ ի՞նչ է ժամանակ եւ իւր պատահարներ աշխարհիս վերայ. դու որ նոր ժամանակի գարնան ծաղիկն ես. դու որ նոր թեւակոխեր ես կենացդ առաջին շրջանին մէջ. դու դեռ ամառն ունիս, որ քո պտղաբերութեան շրջանն է. աշունն ունիս, յորում պիտի ժողովես պտղաւէտ կեանքիդ արդիւնք. ձմեռն ունիս, յորում պիտի հանգչիս ու վայելես։
       Մեծ մտադրութեամբ ուսիր այն դասն. ուսի՛ր թէ ի՞նչպէս կը դառնայ արագ արագ ժամանակի անիւն ու շրջանը, եւ իւր յարադարձ հոլովման մէջ կը վարէ կը տանի մարդոյն կեանքը խանձարուրէն մինչեւ ի գերեզման, եւ յառաջ կը բերէ աշխարհիս այլ եւ այլ պատահարներ. մերթ չարիքներ ի վեր կը հանէ եւ մերթ բարիքներ. եւ չարն ու բարին, անիրաւն եւ արդար առ հասարակ իւր հզօր գաւազանին տակ վարելով` հէք մարդոյն կեանքը իբրեւ աշխարհիս գետերը կը տանի կը թափէ յաւիտեան ծովուն անդունդը։
       Ժամանակն աշխարհիս գահերուն, թաղերուն տիրող մեծ աշխարհակալն է. միապէս հաւասար կ՚իշխէ իւր յաւիտենական գաւազանով, զհին եւ ստրուկ ծառային վերայ. զամէն մարդ միահամուռ կը վարէ դէպի գերեզմանին վիհը։
       Ժամանակ հանուր մարդկային գործոց մեծ դիւանապետն է. նա է որ կ»արձանագրէ մեր կեանքին հաշիւը, աշխարհիս տիրող թագաւորաց հաշիւը մեծ դիւանագէտներու հաշիւը, պատերազմի եւ արեան դաշտերու հաշիւը, հպատակ ժողովուրդին հաշիւը, բողոքող զրկեաներուն հաշիւը, յղփացող մեծատանց հաշիւը, տուայտեայ Ղազարոսներու հաշիւը, ամէն կարգի եւ վիճակի մարդոց հաշիւը։
       Ժամանակ երկնից արդարութեան եւ հատուցմանց գործադիր ոստիկանն է. իբրեւ սուրհանդակ կը շրջի աշխարհիս վերայ։ Կ»երթայ կը մտնի յանտառ, անտառին տիրապետ առիւծ կ»սպաննէ. կը դառնայ թագաւորին պալատը, նորա շունչ եւ ոգին կը քաղէ, կը հասնի Բաբելոնին դաշտը հպարտացող գոռոզին դիցապատկեր արձանը կը կործանէ։ Ժամանակ իւր ձեռքի տապարով կտրեց այն աշխարհասփիւռ ծառը, որ բարձրամտելով իւր ճիւղերը դէպի երկինք կ»արձակէր. անկաւ տարածեցաւ գետնին վերայ. եւ ճանչցաւ իւր չափը։
       Ժամանակ քան զարծիւն սուր արագաթեւ է. կը բարձրանայ եւ շեշտակի կը դիտէ զաշխարհ, կ՚իջնայ եւ քաղաքներ հողաբլուր կը դնէ։ Բաբելոնի, Նիունէի, եւ հին Արմաւիրի, Արտաշատ ու պերճ Անւոյն փառքն աւերակաց տակ կը թաղէ։ Թողլով հողագնդին երեսը` կ»երթայ Վեսուվի լեռան տակ կը մտնէ, կրակ կուտայ, հրանիւթ կը բորբոքի, եւ Պոմպէի պերճութիւն մոխրաթաղով կը ծածկէ։
       Բայց կ^անիրաւիմք, եթէ ասենք ժամանակի պատահարին ձեռքը միշտ կը քաղէ ու չի շիներ. կամ թէ կաշառէ, զաշխարհ մի կը շինէ, միւս կը քաղէ։ Ժամանակ վաղուց է, որ թողուց արեւելքը գնաց արեւմուտք. երեք դար է, որ անդ կը դեգերի, արեւմտեան հին աշխարհ իւր ամէն շէնքով տապալեց. նոր հիմն դրաւ, նոր աշխարհ կանգնեց, նոր մարդ վերածեց, լոյս գիտութիւն եւ քաղաքակրթութիւն ծաւալեց ընկերական աշխարհին մէջ։ Անշուշտ ժամանակ միշտ յարեւմուտս չի մնար. մի օր կը դառնայ յարեւելս եւ զայն եւս իւր հնութենէն կը վերանորոգէ։
       Թողունք այս վերացեալ մտածութիւններ, որդեակ իմ. եւ այսպէս չը կարծենք ու դատենք հեղգամտութեամբ, թէ երբ մարդիկներ անգործ նստին, ժամանակն ինքնին նոցա համար կը գործէ։
       Մենք թէպէտ աշխարհիս բոլոր պատահարներ ժամանակի ազդեցութեան կուտանք, բայց հատեզօտել պէտք է, թէ պատահարներն ի՞նչ են, ուստի՞ է նոցա սկիզբն եւ ծնունդ։
       Ուղիղ դատելով հարկ է խոստովանիլ, թէ ժամանակի պատահարներ մեր անցեալ գործոց հետեւանքներն են. եթէ մենք չգործենք` ժամանակ իւր պատահարով կը դադարի, ի բաց թողլով այն բնական տարերաց պատահարներ։ Ժամանակը մինչեւ գերեզմանին դուռը կը վարէ իւր պաշտօնթ եւ կ՚իշխէ մարդոյն կենաց վերայ, այնուհետեւ կը կնքէ իւր հաշիւը, ինչպէս կնքեր է մեռելոց աշխարհին հետ։
       Որչա՞փ զարմանալի է, երբ մարդիկ առանց գործելոյ, ժամանակէն գործ եւ յաջողութիւն սպասեն, որպէս թէ ժամանակն աշխարհին տնտեսն ու մատակարարն է, եւ կամ թէ մեր ագարակի մէջ վարձաւոր մշակ։ Նախախնամութեան օրէնքով ժամանակն իւր պարտիքը լիովին կը կատարէ։ Ցանկալի գարուն կը բերէ մեզ, ո վարենք, ցանենք. ամառն կը բերէ, որ մեր ցանածներ բուսնին. աշուն կը բերէ, որ մեր ամէն աշխատութեանց ու վաստակոց պտուղները ժողովելով շտեմարանենք. ձմեռն կը բերէ, որ երկրին հող, վաստակաբեր մշակն, եզնամոլներ հանգչին, եւ մարդ իւր վաստակը քաղցրութեամբ վայելէ։ Անաշխատ եւ տրտնջող մարդ, որ ամէն բան ժամանակի յաջողութենէն կը յուսայ, ոչ ի գարնան կը ցանէ, ոչ յամարան կը դարմանէ, ոչ յաշնան կ ժողովէ եւ կը ցանկայ նա, որ ի ձմերան նստի հանգիստ ուտէ եւ վայելէ։
       Մարդիկ որ վիճակի մէջ որ լինին, թէ յաջողութեան եւ թէ ձախողութեան, միշտ սովորած են թէ անշնորհակալու լինել ժամանակէն. ուստի եւ կը խօսին թէ ժամանակ չար է, անյաջող է, միշտ արկածներ կը բերէ. մի օր ծաղրերես կ»երեւի եւ միւս օրը կը խոժոռի. թէ այսօր հաց տայ` վաղն անօթի կը թողու եւայլն։
       Գիտենք, ժամանակին բախտ եւ մարդոյն յեղյեղուկ կեանքը անհաստատ է. գիտենք նաեւ ժամանակի մեծամեծ արկածներ ունի, որ մեր ուժէն կը խուսափին եւ մարդ կարող չէ խոյս տալ կամ փախչիլ։ Ամպեր կ»որոտան, հուր եւ կայծակ կը փայլատակեն, խեղճ հովիւ որ կաղնի ծառի տակ ապաստաներ է, կը զարնուի եւ անդէն մրկած ու սեւցած խանձող կը դառնայ։ Ժամանակ` նոյն ամպերէն սոսկալի կարկուտ եւ անձրեւ կը տեղայ, սարն ու ձոր հեղեղ կը դառնան, գեղն ու քաղաք կ»ողողեն ու կը քանդեն։ Ժամանակ` ամպերէն կ՚իջնայ գետնի տակ կը մտնայ. ահագին երկրաշարժներ կը հանէ. կը կործանէ մեր շքեղ կառուցած շէնքերը. ո՜հ մեր շինած տունը մեզ համար գերեզմանի դուր կը լինի։ Ժամանակն իբրեւ ժանտ հրեշտակ մահտարաժամ կը բերէ, աշխարհէ աշխարհ կը յածի, չորն ու կանաչ առ հասարակ կը վառէ, եւ չգիտես դու թէ ու՞ր տեղէն կը բերէ այն անհուն անհամար ջորեակն ու մարախ, որ ցանած արտեր եւ դաշտերու կանաչներ կուտէ կ»սպառէ։ Ժամանակն մերթ եւս երկնից անձրեւաբեր ամպերը կը վանէ ու կը ցրուե, երկինք կը պղնձանայ երաշտութեամբ եւ կը հարուածէ խեղճ երկրագործին բոլոր աշխատութիւնը։ Ժամանակը չէ թէ սաստկաշունչ հողմերով կը փչէ ու ծովու ալիքներ միայն կը յուզէ, եւ ծովավաստակ աշխատաւորները ջրի անդունդին տակ անհող, անգերեզման, անյիշատակ կը թաղէ, այլ եւ նոյն իսկ ցամաք երկրին վերայ, զոր մարդիկ ապահով կը կարծեն, նոյն հողմերով կը տապալէ ծառեր ու շէնքերը, եւ Ափրիկէի մէջ շատ անգամ գեղեր ու կարաւաններ անապատի աւազներուն տակը կը թաղէ։
       Չենք ժխտեր թէ ժամանակն այլ եւս շատ արկածներ ունի, որուն տակ ենթարկուած է աշխարհն ու հէք մարդ, բայց ժամանակի բերած այդ պատահար արկածներ շատ նուազ են եւ ոչինչ համեմատութիւն չունին այն արկածներուն հետ, զորս մարդ ինքնին իւր ձեռօք կը բերէ, կամ անգիտութեամբ կամ գիտութեամբ ու չարութեամբ հանդերձ։
       Մտադրութեամբ լսէ, որդեակ իմ, ես մարդոց ու ժամանակի իրաւանց դատաստանը ի վեր պիտի հանեմ. եւ դու մանուկ իմաստուն ես, իբրեւ ծեր` դատաւոր եղիր ու վճիռ տուր։
       Մարդիկ իրաւունք ունի՞ն ասել, թէ ժամանակն իւր այդ արկածներով մեր աշխարհ կ»աւերէ, եւ կը թշուառացնէ մարդկային ընկերութիւնը, երբ ազգ` ազգի դէմ, մարդ` մարդոյ դէմ, ընկեր` ընկերի դէմ սուր հանելով` եղբայր` հարազատ եղբօր դէմ իբրեւ թշնամի կը զինեն։ Եւ երբ աշխարհիս գահակալաց հոգին զայրանայ, դիւանագիտութեան ծածկեալ հարբուխներ պայթին, ծովալիքներու պէս բանակները պատերազմի դաշտը խաղան, վիթխարի հրանօթներ որոտան, բիւր բիւր հազար կտրիճ կայտառ երիտասարդներու կեանք` մի փոքըր ժամանակի մէջ դիտապաստ ի գետին փռուին, ոտնաքարշ անարգաբար լցուին այն վիհերուն մէջ, զօրս այդ դժբախտ զինուորներն իրենց ձեռքով փորեցին. մայրեր սգան որ կորուսին զաւակները, ամուսիններն ողբան որ կորուսին լծակից սիրելիներ։
       Ահաւասիկ քեզ ամենամեծ պատահար եւ պատուհաս մարդկային ազգի, որ բիւր անգամ բնական կատահարներէնդժնդակ է։ Եւ ո՜վ է այդ արուեստական ու կամածին պատահարներ յառաջ բերող. մարդն է, մա՛րդ. նորա մեծամիտ ոգին է, նորա բարձրացած ձեռքն է, որ կը ծանրանայ մարդոյն վեայ եւ անխնայկը ջախջախէ Աստուծոյ ճարտարապետած պատուական անօթները, զորս իբրեւ բրուտ մի մի կը շինէ նա, եւ թրծելով զայն հոգեղէն կրակով` կը հանէ ի լոյս։
       Բայց միթէ սորա համար ցա՞ւ կ»զգան աշխարհիս անսիրտ, սառնահոգի դիւանագէտներ, եթէ պատահին իրարու` կատակով կը խօսին - Թող մայրերը կրկին ծնին։ Ո՛հ, միթէ չգիտե՞ն դոքա վշտակիր մայրերուն երկունք. չգիտե՞ն թէ մի մանուկ քանի՞ դժուարութեամբ կը մեծնայ, մարդ կը լինի։ Չգիտեն, այո՛, նոցա մեծ գիտութիւն` միայն շահն ու փառքն է, որոց համար փոյթ չէ երբէք թէ կոտորուին ժողովուրդի որդիքները։
       Հասկցա՞ր, խոհական որդեակ իմ, թէ մարդոյն կենաց մեծ պատահարն ու պատիժը` դարձեալ նոյն իսկ մարդն է։ Տարերաց պատահական արկածներ ոչինչ համեմատութիւն չունին այն արկածներուն հետ, զորս խորամանկ մարդոց ձեռք կ»արուեստաւորէ։
       Սակայն շատ զարմանալի կը թուի ինձ այս, զի մարդիկ, ժողովուրդներ այնքան սովորած են մարդոց ձեռքէն պատահարներ կրել, մինչեւ ոչխարի նման ի սպանդանոց թէ վարին, ոչինչ չեն զգար կ»ասեն թէ մեր բախտ, մեր ճակատագիրն այս է։ Մանաւանդ արեւելեան ժողովուրդներ. եւ սորա բարոյական եւ ներքին պատճառն ուրիշ բան չէ, քան թէ տգիտութեան անլոյս խաւարին մէջ կաշկանդուած մարդոց ստրկացած, ընկճուած, խեղդուած ոգին։
       Դառնանք, այժմ խօսինք այդպիսի ժողովրդոց կարծեաց վերայ, որք միշտ յամենայն ժամ տրտունջ կը բառնան թէ` ժամանակի պատահարներ չար են. ժամանակ մեզ համար զլացող է, մեք մանուկ ժողովուրդ ենք, մեր ձեռքէն բռնելով յառաջ չի վարեր. այլ թողեր է զմեզ կիսաճամբոյն վերայ այնպէս անշարժ ու յետադէմ, մինչ արեւմտեան բոլոր ազգերը տարաւ հասոյց յառաջդիմութեան օթեւան եւ հանգիստ։
       Բայց միթէ այդ աչառող կարծուած ժամանակն` արեւելեան աշխարհին եւ նորա ժողովրդոց համար բարի պատահումներ չը բերա՞ւ։ Այո՛, քսան տարիէն առաջ նա մի մեծ պատահար անցուց, այնուհետեւ քնացաւ. ասաց ու կարծեց թէ այլ եւս պատահար չունիմ ես, դարձեալ կ»ապրիմ այնպէս, ինչպէս կ»ապրէի յառաջ հին օրէնքով, հին դրութեամբ եւ հին ճանապարհով, որոյ ելքը դարձեալ հին պատահար բերաւ մեր աշխարհին վերայ. յանկարծ մեր քնացած տեղէն արթնացանք եւ ահա պատահարը մեր դուռը հասեր էր։
       Դո՛ւ ասա, որդեակ իմ, այլ եւս իրաւունք ունի՞ այսպիսի աշխարհ եւ ժողովուրդ, որ սուր աչք ունի` հեռատեսել չը գիտէ, սուր միտք ունի` սովրիլ չի կամիր, հանճար ունի, ուղեղին մէջ թմրած է, ի դուրս հանել չգիտէ. ձեռք ունի, արուեստագործել չգիտէ. առոյգ ոտք եւ սրունքներ ունի, քալել չգիտէ. լեզու եւ ազատ կամք ունի, խորհելու եւ խօսելու փաստ չգիտէ. կը ճնշուի` ճիչ բառնալու եւ եղանակ չգիտէ. բնակավայր ունի` կը մոռնայ, յիշել ու շինել չգիտէ. ընդարձակ հող ունի` շակել արդիւնաւորե չգիտէ. աղքատ է դեռ կը սիրէ զեղք կեանք, խնայութեամբ տնտեսել չգիտէ. թէ պատեհութիւն յաջողի` ժամանակ ճանչնալ չգիտէ. թէ ոտն մի փոխէ` կը պարծի, կ»աղաղակէ, լռին ու խոհեմ յառաջդիմութիւն չգիտէ. թէ ասեն ճամբոյն վերայ առիւծ կայ, վատասրտելով կը դողայ, առիւծն ձեռքէն անցնիլ, ազատիլ չգիտէ. ինքնավար օրէնք եւ սահմանադրութիւն ունի, վարիլ ու հնազանդիլ չգիտէ. դեռ մտօք մանուկ լինելով` քուէն եւ ընտրութիւն չգիտէ. միշտ իւր վարիչները փոփոխել կ»ուզէ, անփոփոխ պահել չգիտէ. միշտ ներկային մէջ զեղծանելով, ապագային հետեւանքները չգիտէ։
       Լսեցիր ու դատերի՞ր, որդեակ իմ, երբ մի երկիր, ազգ եւ ժողովուրդ այսչափ եւ այսպիսի անգիտութեան եւ խակութեան կեանքին մէջ կը թափառի, այլ եւս իրաւունք ունի՞ նա մեղադրութեան յանցանքը ժամանակի վերայ դնել, եւ ինքն չքմեղս լինելով ասել` թէ ժամանակը չար է. եւ թէ երկրի պատահարներ կը կապեն մեր ձեռք եւ ոտքը։
       Գիտենք այդ, այո՛, կան երկրի պատահարներ, ծանր ու դժուարին, որք մարդոյն յառաջդիմութեան քայլերը կը կաշկանդեն։ Բայց միթէ ժամանակի պատահարները կը բարձուի՞ն կամ կը պակսի՞ն աշխարհէս։ Եթէ մարդոյն մեծ պատահար մարդն է, պէտք է մրցիլ այդ պատահարին հետ գիտութեամբ եւ կրթութեամբ. այդ միակ միջոցն է, որ կը յաղթէ պատահարներուն։
       Թողունք այժմ երկրի եւ ժողովուրդի ընդհանուր պատահարները, դառնամք առանձին ընտանեաց, գերդաստանաց եւ առանձին անհատ անձիքներու համար խորհրդածել, որք զօրհանապազ դառն տրտունջ կը բառնան, թէ ժամանակի չարութենէն մեր տուն մեր գերդաստանը կործանեցաւ. ճոխ ու հարուստ ազնուական ընտանիք չքաւորեցան. եւ այլն։
       Բայց ուղղութեամբ դատելով տեսանք դոցա եւ ժամանակի պատահարին դատաստանը, տեսնամք նաեւ թէ այդ կործանիչ ձեռք առաւել իրենց ձե՞ռքն է, թէ չարապատեհ ժամանակին։
       Եթէ այդ ճոխ ու փարթամ ազնուական ընտանիքներ, երբ ուղիղ տնտեսութեան օրէնքէն ու չափաւորութենէն խոտորելով` զեղծան խռայլեցան ամենազեղխ կեանքի մէջ, թափեցան թէ հին եւ թէ նոր հարստութենէն. այս բնական վախճանը` չար ժամանա՞կ բերաւ, թէ չափազանցութեան հետեւանքն էր, որ չգիտցան հարստութեան կեանք տնտեսել։
       Դու կը տեսնաս ու կը ճանչնա՞ս մեծատանց այդ ժառանգորդ զաւակներ. դոքա երանի՛ կուտան իրենց հօ եւ պապու ժամանակին, ասելով, թէ նոցա ժամանակ շատ բարի ու յաջող էր, իսկ մեր` չար ու դժուարին։ Այսպէս արդարանալ կ»ուզեն դոքա, որք իրենց կեանքը հեղգութեան եւ անգործութեան մէջ վարեցին, ոչ միայն անսպառ գանձեր վատնեցին, այ եւ այդ նիւթական ճոխութեան հետ կորուսին հայրենի տան բարոյական համբաւն, փառքն ու յիշատակն։ Արդ, ո՛ւմ է մեղադրանք, ո՞ւմ է յանցանք, չար ժամանակի՞ն թէ չարավար ժառանգորդներուն։
       Գուցէ դոքա սրտմտին եւ չընդունին այս դատաստանը, ասեն թէ չար ժամանակ զեղխութեան չարօրինակ, նորասիրութեան պերճանքները հեղեղի նման արեւմուտքէն քշեց բերաւ մեր աշխարհ, մեք եւս կամայ ակամայ ողողեցանք. եւ նոյն իսկ ժամանակ զմեզ ստիպե որ հետեւինք քաղաքակիրթ աշխարհին։
       Կը դրուատէի ես Հայոց ընտանիքը, եթէ ստոյգ եւ իրապէս փափագէին քաղաքակիրթ աշխարհի օրինակին հետեւիլ։ Երանի՛ թէ այնպէս լինէր, բայց իրաց ճշմարտութիւն կը վկայէ որ դոքա թողլով Եւրոպիոյ մեծամեծ բարեմասնութեան օրինակները, միայն նորասիրութեան պերճանքները գրկեցին. թողին ներքին կրթական մասն, եւ միայն արտաքին կեղեւն առին. թողին ինչ որ վայելուչ էր մեր ազգային բնիկ յատկութեան, եւ ինչ որ մեր յառաջդիմութեան ձեռնտու օգտակար էր, այսինքն բուն քաղաքակրթութեան ճշմարիտ տարերք, որ է գիտութիւն, կրթութիւն եւ լուսաւորութիւն։
       Է՜հ, լսասէր որդեակ իմ, ես ձանձրացայ այն տնտեսական խնդրոյն վրայ քարոզելով, խօսելով, գրեով եւ կրկնելով. այս մի քանի օրինակները քեզ բաւական են, մնացորդները դու ինքնին իմաստասիրէ։ Գիտցիր, որ աշխարհիս վերայ ամէն չարաչար կեանք` իւր չար հետեւանքն ունի, զորս մարդիկ չար ժամանակ կը կոչեն։
       Բայց մենք կը հաւատանք թէ` ժամանակն երկնից արդարութեան ձեռաց մի չափն է։ Քրիստոս վկայեց այդ չափին համար. «Որով չափով չափէք, չափեսցի ձեզ»։ Կը հաւատանք նաեւ որ այդ չափին գործադրիչ ոստիկանը` ժամանակն է, որ իւր չար կարծուած պատահարներով կը հատուցանէ իւրաքանչիւրին գործոց համեմատ չափով։
       Այլ եւս աւարտենք այս դասը, որդեակ իմ, եւ դու ուղղէ քո դատաստանը ժամանակի պատահարին վերայ, գիտնալով թէ ժամանակն ինքնին պատահար չունի, այլ ամէն պատահար մեր նախորդ գործքերուն վերջին հետեւանքներն են, եւ հետեւանքները Աստուծոյ յաւիտենական օրինաց հատուցումն են։ Ինչ որ այսօր կը կրենք, անցելոյն հետեւանքն է, եւ ինչ որ այսօր կը գործենք` նորա հետեւանքն եւս ապագայն կը կրէ։
       Ուրեմն, երկիւղած որդեակ իմ, վախցիր գործերէդ քան ժամանակի պատահարներէն. ներկայ կեանքիդ մէջ միշտ ջանացիր ուղղութիւն գործել, հաւատալով որ ուղիղ գործին հետեւանքն ու վախճանը` ուղիղ կը լինի։ Ուղիղ ճանապարհ դէպի ուղիղ նպատակը կը տանի։ Ուսիր Քրիստոսի առակէն, որ անառակութեան հետեւանք սովամահութիւն է, ուսիր աշխարհի օրէնքներէն, որ գողութեան հետեւանքը` կախաղան է։ Ուսիր կեանքի փորձերէն, որ զրկանաց հետեւանքը` չարաչար հատուցումն է։
       Շատ մի ծիծաղիր, հետեւանքն լաց է, եթէ սգաս ու համբերել գիտնաս` հետեւանքն մխիթարութիւն է։ Ամենայն օրինազանցութեան հետեւանքը միշտ պատիժ, անարգանք եւ կորուստ է, ինչպէս առաքինութեան հետեւանքը վարձատրութիւն եւ փառք է։ Եթէ աշխարհ արդարապէս չը վարի, ոչ օրինազանցին պատիժ տայ եւ ոչ արդարոյն վարձ, թո՛ղ յայնժամ քո դատաստանը երկնից արդարութեան, եւ դու առաքինացիր, զօրացիր բոլոր կեանքիդ մէջ. եւ հաւատա, որ ժամանակի պատահարներու հեղեղներ եթէ յառնեն ու բաղխեն զքեզ, դու անսասան, անկործան կը մնաս, երբ հաւատոյդ շէնքը` դու եւս Աւետարանի այն իմաստուն մարդոյն պէս, խորագիր վիմի վերայ հաստատես։
       Թէ ժամանակի պատահարներ զքեզ տարուբերեն, դու անշարժ կաց. մի թերահաւատելով սասանիր, պատահարներ կուգան կ»անցնին. զի այս աշխարհ պատահարի աշխարհ է, հէք մարդ պատահարներուն տակ ճնշուած է եւ կարող չէ խոյս տալ. սորա համար Քրիստոս կարեկցելով մեր անպաշտպան խղճութեան վրայ` սորվեցուց, որ աղօթենք առ Հայր, «Մի տանիր զմեզ ի փորձութիւն, այլ փրկեա ի չարէ»։
       Աղօթէ, որդեակ իմ, յԱստուած ապաւինիր, եւ պատահարներ քեզմէ կը հեռանան։ Ուղիղ մտածէ, ուղիղ գործէ, ուղիղ ընթացիր, եւ պատահարներ քեզ չեն պատահիր։ Այլ մանաւանդ աղօթէ որ մարդոց պատահարին չը հանդիպիս։ Դաւիթ առաւել ընտրեց Աստուծոյ պատահար քան մարդոց, որ խստասիրտ են, ողորմիլ չը գիտեն. սորա համար քեզ միշտ լաւագոյն է որ Աստուծոյ ձեռքն յանձնւոիս, եւ սրտեռանդ աղօթես Դաւթին բերանով. «Աստուած ապաւէն իմ եւ ես յուսամ ի նա»։