ՍԱՀԱԿ
ՊԱՐԳԵՒԵԱՆ
«
Սահակ
Պարգեւեան
»
խորագրուած
այս
վէպը
գրուած
է
Օշականի
վիպական
յորդումներուն
շրջանին,
երեսնական
թուականներու
կէսերուն
եւ
կը
պատկերացնէ
օտար
քաղաքը՝
հայ
դերակատարներով,
գրող,
արուեստագէտ,
առեւտրական,
մեծահարուստ
զբօսաշրջիկ՝
իրենց
առաքինութիւններով
ու
մեղքերով,
սիրոյ,
երազի,
հաւատարմութեան,
դաւաճանութեան,
մոլութեան
ու
մոլեգնութեանց
բարդ
հանդէսի
մը
մէջ:
«
Սահակ
Պարգեւեան
»
վէպէն
մինչեւ
1982
լոյս
տեսած
էր
չորս-հինգ
էջնոց
հատուած
մը
միայն,
հեղինակին
գրական
գործունէութեան
40ամեայ
յոբելեանին
առիթով
հրապարակուած
«
Քաղհանք
»
անուն
հատընտիրին
մէջ,
1945ին:
Վէպին
ձեռագիրը,
որ
կը
գտնուէր
Մեծի
Տանն
Կիլիկիոյ
Կաթողիկոսութեան
մօտ,
տրամադրուեցաւ
«
Բագին
»
գրականութեան
եւ
արուեստի
ամսագրին,
որուն
էջերուն
մէջ
սկսաւ
հրատարակուիլ
1982
Յունուարէն
սկսեալ:
Այժմ
լոյս
կ՚ընծայուի
հատորով: