Սահակ Պարգեւեան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գ.

Սահակ Պարգեւեան, իր սերունդին մէկ քանի կարեւոր դէմքերուն հետ, մեր ցեղը յուզող առաջին փոթորիկներէն բռնավար՝ քշուած էր օտար ափեր:

Պոլսէն, ան կը տանէր պարթեւ մարմին մը, անհունաբաղձ աչքեր ու ջղային ահաւոր դրութիւն մը, որոնք ամէն արկածախնդիր բաւ են յօրինելու, երբ անգամ մը դէպքերը մեզ հարկադրեն այդ ուղղութիւնը: Մի մոռնաք, որ բոլոր զառածածները սկսած են իբր ճամբորդ հարթ պողոտաներու: Աւելի՞ն: Քիչերու շնորհուած արւեստի զգայարանք, դուք ըսէք՝ գրական տաղանդը: Տարբերութի՞ւնը՝ իր ու ընկերներուն: Հիմնակա՛ն: Ինք պիտի չխորհէր այդ տաղանդին, արիւնը կանխող ատրաշէկ օրերուն, երբ նոյն այդ Պոլիսը, իբր գլուխը մեր ժողովուրդին, առնուեր էր Երազին ցնորատու գեղեցկութենէն ու երիտասարդները վերածեր մէյ-մէկ հերոսներու, գործողութեան գիծէն ու շատախօսութեան կրկէսէն: Քաղաքական հասունութի՞ւն: Խօսքն իսկ չ’ըլլար ատոր, երբ այսօրուան մեր փորձառութիւնները թափենք մէջտեղ ու փորձենք դատել Պարգեւեանին վրայէն շրջանին ընդհանուր մտայնութիւնը, անտարազելի միամտութիւն, դարձեալ միամտութիւն: Դէպի գո՜րծ. այսինքն՝ Եւրոպա: «Հեռուէն» ազատելու համար մեր ցեղը: …Անիկա օտարութեան մէջ էր բացեր առաջին ընձիւղները իր տաղանդին: Ա՞տ էր պատճառը, որ տարբերէր այնքան իր սերունդէն: Մինչ իր անմիջապէս երէցները տարիներով չկրցան իրենց տարագրութիւնը թօթափել իրենց ուսերէն ու մայրաքաղաքէ մայրաքաղաք շարունակեցին թափառիլ, ազգային պատրիարքարանի եւ պոլսական թերթերու հոտերով շրջապատ, անիկա շուտով ազատեց ինքզինքը իր չունեցած անցեալէն, յեղափոխութեան մշուշներէն, ու խորաթափանց իր տաղանդին զգայարանքովը ինքզինքը յարդարեց, լարեց նոր իր պայմաններուն: Անիկա յանձնեց ինքզինքը իր մարմինին ասեղին ու... իջաւ բաց ծով:

Դժբախտ էր ծնած:

Անիկա հոյակապ օրինակ մըն է դասական ու հին կրօնքներու խորհուրդովը բիւրեղացած երկուութեան, ու շքեղ փաստ մը՝ մարդկային այն ըմբռնումէն, մեր ժամանակներէն, որուն կենuայորդ, մռայլ միգամածը կը սաւառնի Տոսթոեւսկիի վէպերուն վերեւ: Քով քովի էին անոր մէջ, մեր ու թերեւս բոլոր ժողովուրդներուն զոյգ մարմնառութիւնները: Ա՛ն՝ զոր ընթացիկ լեզուով կ’որակենք ազնի՛ւ: Ու ա՛ն՝ զոր նոյն այդ լեզուով կ’որակենք ցեխ: Այս դասական անջրպետումը, մակաղացումը հիմա դիւրին է ենթարկել տարակոյսի, հեգնութեան անգամ, բայց ատիկա չի նշանակեր լուծել դժբախտագոյն հարցը արդի խղճմտանքներուն: Ամէն հայ, իր տարագրութեան որջէն, անշուշտ քիչ-շատ ճշգրիտ դատաստան մը կը ճարէ, մեր Դատին արդի հանգամանքէն, իջնելու համար ազգերուն իսկ անջրպետումին: Ժողովուրդները իրար կոտորելու ատեն վեր են մեր խղճմտանքէն: Բայց ապրելո՞ւ ատեն: Ընկերութիւն մը, տեւելու համար, զինքը յօրինող ցեխն ու ազնուութիւնը գիտէ ենթարկել իրարու, կամ անջատել իրարմէ, իւրաքանչիւրին համար սահմանելով տանթէական պարունակ մը, դժոխքէ, արքայութենէ: Անհատ մը կ’ընէ նոյնը մօտաւորապէս: Քիչ չեն մարդեր, որոնք երիտասարդութեան պարունակը կը մտնեն, մեղքին դէմ բոլոր դեղահատներով կանխահոգուած, առանց խորհելու իրենց հօրմէն բերածներուն կշիռին, քանի մը տարի կը պահեն գոց աչքերը իրենց շարաւանքին, ու յետոյ, բոլորովին հասուն, դեղնա՜ծ՝ ինչպէս պայթելու վրայ պալար մը, կը նետուին գլխիվայր, անոր հեղեղէն: Անոնք եթէ իրենց մեղքերուն քարերովը չքաշուին վար, դէպի յատակը, պիտի «որսացուին», հանուին հաւանաբար այն եզերքները, ուր Արդարութեան (գլխագրեցէք, որպէսզի անոր պաշտօնակալներուն, դատաւոր ըսուած արարածներուն մենագար ու յիմար տգիտութիւնները, հիմնովին անարդար արդարութիւնը փրկուին) կառոյցները կը ծամածռեն իրենց հաստ պատերը, երեսին ծակերով այնքան կծծօրէն լուսամտուած, դաժանատես, կախաղանի խորհրդանիշ մը բակին առաջ ամբարձիկ: Անոնք պիտի քաւեն իրենց յորձանքները: Ուրիշներ, որոնք նոյն այդ հեղեղին մէջէն պիտի քալեն մուրճին, գրոհին տակը իրենց մեղքերուն, ծեծուին ու ծեծուին, ժայռէ ժայռ, ափէ ափ, խորաչափելով ալքերը երկրին, գայռն ու ճճաստանը անոր ընդերքին ու պիտի նետուին դուրս, ողորկ ու մաքուր, ինչպէս կը հանդիպինք այնքան անգամներ, հեղեղատներու մէջ երբ թափառինք: Սահակ Պարգեւեան բացառութիւն մը չէ: Ան մարդն է, որ զոյգ այդ կերպերը միացուցած պտըտեցաւ: Անոր աջ ձեռքը կը թափէր ամէնէն գեղեցիկ զգացումները, սրտառուչ փափաքները անվերադիր բնականութեամբ մը: Ու անոր ձախը՝ ստիպուած էր արձանագրելու ամէնէն տխուր կորանքները: Դասական հեքիա՜թը: Աջ ուսին հրեշտակ, ձախին Բեհեղզեբուղ: Արեւելեան կրօնքներէ այսքան յաջող խորհրդանշուած այս պատկերը կարելի է այս վէպին ճակատազարդ յարդարել: Ու եղաւ անիկա նոյն ատեն դեւն ու հրեշտակը: Անշուշտ, երբ խորացուի վերլուծումը, հեքիաթը կը ստանայ ահաւոր ընդարձակութիւն, պարփակելու չափ ամբողջ մարդկութիւնն անգամ: Բայց կենալով հարցի եզերքին, պարտաւոր ենք գոհանալ հաւասարակշռութեան պատրանքով մը, որ կեանքը կարելի կ’ընէ այս անհեթեթ մեղքերու ու անշրջագծելի մաքրութեանց կամ յիմարութեանց գուպարին իսկ ծոցը: Ո՞րն է մարդը, որուն մէջ օրը քանի մը հեղ ցցուած չըլլայ սատանան: Սուրբե՞րը: Բայց մեծագոյն մեղաւորներն են անոնք, քանի որ այդ ճակատամարտը պարտաւոր են միայն մղելու, անընդմէջ, քո՜ւն թէ արթուն: Մեղքը անոնց գերագոյն իրականութիւնն է: Զայն չգործելը աւելի խոր տառապանք մըն է յաճախ: Չըկա՞յ անարատ մարդը: Ո՜վ ըսաւ ատիկա: Բայց ամէն ազնիւ մարդ թող ամրօրէն փաթթուի իր մշուշին մէջը: Արեւի ճառագայթ մը որքան բարակ բան է երբեմն նայուածքի թել մը բաւ է՝ լուծելու մեծ մագաղաթները սրբութեան մատեաններուն, վարշամակները առաքինութեան պատգամներուն եւ կը պարզէ աշխարհին որդն ու մրուրը մեր ներակառոյց դամբարաններուն:

Սահակ Պարգեւեան աստուածաբանական պարունակէն տարազելի տիպար մը չէ, որպէսզի խոհուն բարոյախօսները անոր վերլուծումովը բացատրել ձգտին Ամենագէտին անհաս օրէնքները: Բայց նմոյշ մըն ալ չէ այնքան բացառիկ, ինչպէս ուզեց հաւատալ ու տարազել իր ժամանակը, անոր աստուածային տուրքերուն եւ տղմակուռ անկումներուն երաշտանկարին առջեւ սահմռկած: Անիկա տրտում մարդ մըն է, արուեստագէտ մը ու մեղաւոր մը, որուն աստղը կ’իյնայ դժբախտութեան կենդանակերպին մէջ: Հին էֆեմերիտ մը, միամիտ ու խոր ճշմարտութիւններ կ’ըսէ մեր կորանքները կամ յաղթանակները բացատրող, մեկնելով ծնունդներու ամիսէն: Ինծի անծանօթ կը մնայ օրը Պարգեւեանի ծնունդին, բայց հաւանաբար Յունիսին կամ Յուլիսին կրնայ ըլլալ անիկա, քանի որ էֆեմերիտը այդ ամիսները կ’ընդունի իբր խառնուրդի շրջաններ:

Զրկանքի, անօթութեան, շուայտութեան ու խենէշականքի տրտո՜ւմ ժապաւէն, որ ծրարն է անոր օրերուն: Գիտէք անցեալը: Ու գիտէք կնիքն ալ անոր տաղանդին այդ անցեալին վրայ: Կանխագիր էջի մը մէջ անիկա կ’ողբայ Պոլիսը, անկէ հեռանալուն կսկիծին մէջ կարծես ուզելով զգալի ընել դժոխքը, որուն կը հրաւիրուէր իր երիտասարդութիւնը: Մեր հոգին, անգամ մը ազատ՝ դարաւոր իր պահպանակներէն, որ մեր տունն է, ժամը, թաղը, գեղը, կարճ՝ մեր ժողովուրդը, որ անլուր դիւրութեամբ կ’ընդքարշուի օտար, քայքայիչ հովերէն: Ու կը զառածի: Ուրիշներ, իր երէցները, կաղապարւած հոգի մը, քիչ-շատ ծալքի ինկած միտք մը կը տանէին օտար ոստաններուն ու անոնց քայքայիչ հովերուն: Պարգեւեան իր կեանքը առաւ բոլորովին օտարէն: Ու այդ կեանքէն՝ իր տաղանդը: Ուրիշներ գրեցին, իրենց չունեցածին փոշին ցանելու համար աշխարհի աչքին ու եղան իրենք իրենց անծանօթ կեղծաւորներ: Գրելու ջանքը Պարգեւեանին մէջ հակառակն իսկ է այդ երեւոյթին: Անոր տաղանդը արտաքնացումն է անոր ապրումին, վաւերագրո՛ւմը՝ անոր ջիղերուն: Այս է պատճառը գուցէ, որպէսզի առաջին ակնարկով թուի այնքան կեղծ, այնքան մանուածոր, պատկերելու համար դառնահամ նուաստութիւնները իրեն պարտադրուած մեղքերուն, իրմէն ու դուրսէն, որոնց վրայ ոսկեհուռ շղարշի մը պէս կը փռէ դիւթքը իր ոճին: Բայց որ ըլլայ այնքան իրա՜ւ՝ երբ իյնայ թափանցող վերլուծումի: Սուտ այդ ոճին տակ ի՜նչ տխուր դառնութեամբ կը բաբախեն ոսկորները անոր կիրքերուն: Սուտ այդ ոճին մէջ ի՜նչ ծիրանի կը քալէ անոր մէջքին սիւնակը, երակը, յղի գոհարով ու գայռով: Բացառիկ, քմայոտ, տարօրինակ, գրելու այդ ախտը, տենդահարումը, որ սեռային սպազմի կը նմանի այնքան մօտէն ու միսերու դղրդի՜ւն է, բառերու շկահիւնին ընդմէջէն:

Անշուշտ, վարկպարազի բառ մը չէր « գրագէտի խառնուածք » բացատրութիւնը: Կայ անիկա, ինչպէս կան միւսներն ալ: Գերակշի՞ռը՝ Պարգեւեանին մօտ: Երբ դէմընդդիմենք իր կեանքին փորձանուտ հատորները ու գրականութեան ճղճիմ գրքոյկները, մենք կը հակինք դէպի յուզումները անոր արկածներուն: Ապրած է անիկա այնքան առատ, խոր ու հծծագին, որ քիչ բան է թողած թուղթերուն: Այս իսկ հանգամանքով անիկա կը մենանայ մեր գրողներուն ստուար փաղանգին մէջ, գրեթէ բացառաբար թուղթի համար ապրողներ ու ատոր համար ալ անհարազատ տոքիւմենտ ներ: Ուրիշ ժողովուրդներ, կողմնակի խուզարկումներով, անցեալը քիչ-շատ սեւեռող, աւելի դիմացնող միջոցներով կը յաջողին գրողի մը ապրումը, արիւնոտ մսատախտակը վերակազմել առանց տուժումի: Մե՞ր մէջ: Ի՜նչ ալ ըլլան մեր դիտողութիւնները կամ գնահատական ուռուցիկ տարազները, մեր քննադատութիւնը անբաւարար է մարդ մը հանելու մեր թուղթերէն: Ու հիմա, որ չկայ կեանքը Սահակ Պարգեւեանին, ստիպուած ենք գոհանալ վկայութեամբը իր թուղթերուն: Ու սա կենդանագիրը լրացնելու աշխատանքը այս վէպին գերագոյն զսպանակը հարկադրուած, կ’ազդւի անոնցմէ: Ըստ այս թուղթերու թաքուն ցուցմունքին, անոր մէջ տիրական են կեանքին, բայց անզուտ կեանքին՝ ամէնազգի ձայներն ու մղումները: Հետաքրքրական է, որ իր պատմուածքները, զորս յաւակնած է ճարտարապետել իր ժամանակին ամէնէն տիրական արւեստի հանգանակներով, անանձն յեղումին հանդարտ կառուցումովը, ըլլան լեցուն, ո՛չ, կարելի միմիայն իր անձովը: Անկէ զատ ոչ մէկը պիտի տար այս կիները այդ քոլորի ով: Ու տպաւորապաշտ իր էջերը ուրիշ բան չեն, եթէ ոչ՝ ինքնասփռումը արիւնազանգ տրամի մը դիմաց: Անիկա ուրիշները պատմելու զիջած ատենն անգամ ինքզինքն է, որ կը զետեղէ առաջին փլանի ու կը շարժէ իր մարդերը իբր իրը: Իր գրականութիւնը, այս իսկ խրամատէն, թանկագին նպաստ է, ու պայմանաւոր՝ իր կեանքին կարեւոր իրադարձութիւններով, արիւնէն ու սերմէն, անօթութենէն ու տռփութենէն հեղուած գոլի մը մէջ, եփումի, թրծումի, կիտուածումի տանելով ընդոծին շնորհներ, որոնք մեր բոլորին մէջ հում կու գան աշխարհ, ու պարտաւոր են անցնիլ փորձ(առ)ութեան հնոցէն, որպէսզի սատափուին ու փայլին: Տաղանդին envergureովը ոչ աւելի ոչ պակաս՝ իր սերունդին վաւերական վարպետներէն, կը զատուէր անոնցմէ «զայրագնուած» ապրումի ապշեցուցիչ ընդարձակութեամբ մը: Այս առատութիւնը, դժնդակ, ընդքարշող, խորտակող պատահարներու, անոր օրերէն ներս, մա՛նաւանդ արագութիւնը, որով կ’ընդունէր, կ’իւրացնէր շրջապատին մէջ թեւող յոյզերն ու սարսուռները, ինչպէս նաեւ ուրուագրուող, ենթաթրթիռ մտայնութիւնները զայն կը փրկեն տժգոյն մեղադրանքէն, որով վիրաւոր է մեր գրական ստեղծագործութիւնը վերջին դարուն: Անոր զարմանալի հոտառութի՛ւնը՝ քերծէի մը գիծէն, իջնալու դէմքին ու բառերու թաւուտէն անդին, գտնելու համար խղճմտանքին նեարդացանցերը, զանոնք վարող հովերուն նկարագիրը ու հոգեկան մերձատպութեամբ (affinité)՝ այդ լարերուն ուլունքուած բիւրեղներուն կեղծիքն ու ադամանդը կշռելու իր անհաւասարելի ճարտարութիւնը, կը վերածեն անոր տողերը թանկագին փաստաթուղթերու ու անոր դէմքին կ’ապահովեն առնուազն վաւերագրական, յատկանշող արժէք: Մեղք, որ անփութութիւնը, իրազանցումը, շնականութիւնը ու աճապարանքը միսի սեղաններուն ուչ մնալու, վնասած ըլլան հոդ ալ իրեն ու պակսեցուցած շատ բան անոր սեւեռումներուն յետահայեաց շահեկանութենէն: Անշուշտ որ ատեն չունէր ինքզինքը պաշտպանելու օրերուն մեծ զեղծումէն ու սեղանի գլուխ անցած ատենը կիրքին շղարշը չէր կրնար վանել աչքին սփիւռէն: Գրականութիւն չընելու հանդիսաւոր իր յանձնառութենէն յետոյ, անիկա հակասութեան ներդաշնակ քաոս, ոճի տուրքերուն վստահեցաւ ինքզինքը ու յիմարացա՜ւ, տպաւորութիւն ձգելու ճիգին հարկատու: Բայց ի հեճուկս իր մեծ մեղքերով այսպէս խոցոտուած արձակին, թանկագին է, կը կրկնեմ, ինչ որ ելած է իր գրիչէն, վատախտարակ ու մագաղաթեայ դեղնութեամբ ու մանրանկար աղտերու օքսիտ ին հեղիւսումով, հոգեկան դժնդակ փորձարկութեանց իբր անդրադարձ: Կարդացէք, այս տողերէն ետքը, իր պատկերները: Անոնք կը բիւրեղանան իրենց այն մասերուն մէջ, որոնք գրողին անձնական հեղումը եղան: Ըսի ձեզի, թէ ուրիշները տալու պատրուակին տակ, ան ինքզինքը դրած է, հեշտութեամբ եւ յոյզով, երբեմն այնքան անսանձ, որ մոռցած է արուեստը, թուղթն ու գրիչը կեցուցած պատմումի, պոռթկալու համար ինքզինքը: Բայց չըսի, թէ այդ բեկորները, պատկերէ, տպաւորութենէ ժխտական, միապաղաղ իրենց գորշութեամբը, դաժան հարազատութեամբ մը, ամբողջ շրջան մը, միտքի դրութիւն մը, սաւառնումի ու սողոսկումի մոզայիք արուեստ մը կը խորհրդանշեն ու կ’ըսեն շրջանէն խոր ու վճռական բաներ:

Ինկած, ելած, նորէն ինկած, նորէն կանգուն, եղկելի ու փարթամ, ինչպէս նկարագիրն էր ըլլալ իր օրերուն, ձգուած օտար հովերու, անիկա պիտի անցնէր մեղքէ մեղք, ինչպէս վարդաստանէ մը ուրիշ, ընդքարշելով իր կոճերուն կապկպուած անուրն իր ձանձրոյթին, շքեղ իր մարդատեցութիւնը, անզգամութիւնը: Գիտէք կիները, որոնք հիմնական նոթը տուին անոր զգայարանքներուն: Ամէն զգայութիւն անոնց պարունակէն միայն մատչելի եղաւ անոր: Իր հացն ու արուեստը անիկա առաւ անոնց՝ բազմապիսակ մարմիններէն, մեքենայ ու անսիրտ, ու ատոր համար ալ այնքան իշխանօրէ՜ն վարձատրուած, մելան սեւ կամ կապոյտ մելան ընելով. այդքան կանուխ, իր աչքերը աշխարհին վրայ, աղբ, սերմ, թուք, ապականութիւն միայն տեսնելով իր շուրջը ու չխորհելով իր իսկ մատուցումին: Գիտէք կիները: Ցցուն դէմքերը: Անգա Կէօրկէօվնան: Օրիորդ Երամեանը: Տիկին Գոհարեանը: Անպաշտօն ու պաշտօնական աղիճները: Գթացուած թշուառուհիները, բանուոր կամ աւելի խոնարհ: Որոնք իր կեանքին մեծ ընթացքին վրայ իրենց կիսադէմքերը կ’ամբարտակեն: Ու... Օրիորդ Սոնա Գոհարեանը:

Մարդիկ ըսին կարգ մը բաներ, որոնք թելադրուեցան գրագէտին համար ընթացիկ ընդհանրացումներէն: Ըսին՝ նախանձելով՝ այդ ծաղկափթիթ աշունին, որով կանչըւորեցան գրագէտին վերջին տարիները, երբ անիկա ա՛լ կոտրած էր «փառքին ամանները» ու կոտրած վերջին աչքն ալ բախտին սանդուխէն: Ըսին այդ փսփսուքները, նախանձելով տեսնելնուն՝ այդ վիրաւոր, անօթի, քայքայուն ծերութեան շուրջ հրաշալի փթթումը սրտառուչ աղջկան մը, որ գեղեցկութեան իր խռովքին կը միացնէր հազուադէպ պարզութիւն, ջերմութիւն ու կը հասնէր անոր լքումին, առակին ոգիին նման, դնելով իր նայուածքին սփոփարար քաղցրութիւնը, իբր կենդանի ոստայն՝ ընդմէջ իրերուն ու դէպքերուն ցեխակոյտին, առնելով անոր կորանքը, քաւութեան նոխազի մը նման, աշխարհիկ լրբութենէն, ու պատսպարել ջանալով անոր շիջումը սղոցէն ձանձրախտին, որ ողնուղեղին մէջը բոյծի դրուած սեւ ծաղիկի մը պէս, կ’աճէր թունալից ու զգլխող, դեռ պատանութեան օրերէն: Անիկա զուր տեղը չէր սիրած ժահրին ու բորբոսին, սնգոյրին ու բոյրին վատառողջ քերթողութիւնը Պօտլէրին: Մեծ մարդերու կուշտին, անոնց դանդաղ էջքը իրենց անձին զոհովը փրկել ջանացող մատաղ աղջիկներու այս դէմքերը, պատմութեան էջերէն իր յուշին մէջ: Ի՜նչ փաստ է, որ բարքերու տախտակները տարբեր տխրութիւններ արձանագրած ըլլան: Ազգապղծութիւնը մի մոռնաք, որ սէր է ի վերջոյ:

Ծե՞ր: Սպառա՞ծ:

Ով ի՜նչ գիտնար:

Իրողութիւն է, որ սա պատմութեան տարին, անիկա ինքզինքը անկարող կը զգար ազատելու թախիծի, այրող մելամաղձոտութեան մը թանձր հովիտէն, որուն մէկ շրթունքը կը խոնարհէր դէպի աւելի սեւ զառիթափ մը: Իրողութիւն էր միւս կողմէն, որ ամբողջ երեսուն տարի անիկա ճարտար խաղարկութեամբ մը ղեկավարած էր այդ տրտմութիւնը, զայն գործածելով կիներու ջիղերուն համար իբր անվրէպ հաշիշ, որոնք անոր մարմինէն կը ծծէին այդ դառնահամ, ատելավառ քէնը կեանքին ու անոր սիրականներուն դէմ: Հիմա՞: Այդ թախիծը կ’առնէր նոր երանգ: Տուած էր վրայ՝ աղի հոտող իր հին նկարագիրը, ու վանած իրմէ՝ պարտադիր պատմուճանումը, որ «պատարագուոր» կ’ընէր անոր անձը զոհի մահիճներուն առջեւ: Ինչ որ դիտելի էր այս այլայլումէն, ատիկա հերքումն իսկ էր անոր առաջին բաղադրութեան, երկարող պատանութեան կապոյտը մինչեւ:

Ինչպէ՞ս, ո՞վ զգետներ էր զինքը:

Տարի՞ք, լքո՞ւմ՝ ներսէն ու դուրսէն:

Բայց անոր ընկերները, աւելի երէց, միշտ «պատնէշի վրայ», կը գործէին աննահանջ, դիւցազնօրէն, խորապէս գոհ, հաւատարիմ՝ «անտաղանդ իրենց փառքին», ինչպէս կը խարանէր անիկա գրիչէն չբաժնուելու աղեկտուր յամառութիւնը անոնցմէ մէկ քանիներուն, իր ախտաճանաչումովը՝ շատոնց «պարպուած իրենց ծուծէն». ու փոխանակ «ստեղծելու», գիջանալ զիջելով: Ամէն զգացումի հանդէպ ախտազերծ՝ անոր այս կրացումը տկար էր միայն նախանձին դէմ: Թերեւս անոր համար, որովհետեւ կը գերգնահատէր իր արժանիքները, նոյն հարուածով իր վիճակին ալ ողբերգութիւնը գերաճեցնելով: Կը հեգնէր զանոնք պատահական ակնարկութիւններով ու կը հայհոյէր անոնց առագաստներուն, լարուած մեծ ճարտարութեամբ դէպի անքոյթ, պսակաւոր ապահովութիւնը յոբելեանին, որ անոնց հեւքին, հնհնուքին, հացի սարսափին պիտի դնէր փառահեղ վախճան մը:

Իրողութիւն էր, որ անոր գրիչը կը դադրէր իր «կատաղութենէն» հետզհետէ, յիշատակ մը, պիղծ անցեալ մը դասուելու չափ իր հակառակորդներէն: Օրիորդ Երամեան, շատոնց մեծ գրագիտուհի, վիպակի մը մէջ գծած էր անոր «զառամ» արուեստը, ու աւելի գէշ՝ անոր մշտազառամ հոգին, որ ծնած էր ծե՜ր, ատելութեամբ միայն գոյն առնող, ու փակ՝ ուրիշ ամէն յուզումէ: Ուրիշներ զինքը կ’ընէին «անգոյ», ուրանալով երբեք եղած ըլլալն իսկ: Ազգը, Պոլիս, ինչպէս Եգիպտոս, մոռցաւ զինքը ամուլ չորութեամբ ու ստիպեց կործանած գազանը գութին դիմելու իր այն թշնամիներուն, որոնք ամէնէն աւելի թիրախ էին եղած իր ուժգնութեան շանթերուն: Կազմակերպուեցան դասախօսութիւններ, ներկայացումներ, որոնք անոր ատելութիւնը հրահրելու ծառայեցին ու սպաննեցին անոր վերջին կորովը:

Դաւաճանուա՞ծ իր իսկ տաղանդէն, ինչպէս էր արդէն իր կենցաղովը, «հոյակապ» անհաստատութեամբը գրչի ու կռուի իր բոլոր ընկերներէն: Դուք գիտէք անոր տառապանքը ի խնդիր իրապաշտ խաղերու: Չէք գիտեր անոր ինքնախաբութիւնը, երբ պերճ իր բարբառին ապաստանած՝ ռոմանթիք խաղեր բեմադրեց, առնուած մեր վերջին աղէտէն, խաղեր, ուր կը կրկնուէին Դուրեանի եւ Պէշիկթաշլեանի միամիտ ու ճամարտակ պարապութիւնները, ու տակաւին շատ թարմ, թրթռուն վէրքի մը ցաւը կը շահագործուէր ապշեցուցիչ միամտութեամբ մը՝ «արցունք կորզելու» հանդիսականներէն: Ու տխուրը հոն էր, որ ամբոխային այդ յուզումը անիկա բաւարար կը կարծէր արուեստին խղճմտութիւնը փոխարինելու: Դրամի, շլացնելու, «վարկի» համար «յերիւրուած» այդ «յաղթանակները» անկարող եղան վերադարձնելու իրեն «ընդմիշտ» թռած մուսաները: Անիկա տարիներէ ի վեր իր տաղանդին արժանի ոչինչ էր դրած հրապարակ: Պատերազմի տեւողութեան, անոր գրիչը զիջեր էր ընկերանալ «անիմաստ» տղոց ու յիմար վարժապետներու բաջաղանքներուն ու յառաջաբաններու գրականութեան, այնքան տխուր, այնքան ճնշող, դրամի փոխարէն աս ու ան տղան գրականութեան ասպետ մկրտելու այլապէս անլուր կնքահայրութեան: Դրամէ անյագ իր ախորժակը տարաւ զինքը, դուք գիտէք ատիկա, նաեւ «վարձու հանելու» իր գրիչը, պատմական, տեղագրական, իրեն բոլորովին օտար նիւթերու խմբագրութիւնը՝ յանձն առնելով մեր հրապարակին վրայ նոր անուններ աճեցնելու: Իր գրիչը այսպէս ապականելէ, իր ոճը այսպէս վաճառելէ յետոյ, անիկա գործածեց իր միւս զէնքը՝ խօսքը, որ երիտասարդութեան տարիներուն, հաւասարապէս հասութաբեր հողմաղացը եղաւ անոր անգործ, անաշխատ կենցաղին: Բեմեր, սրահներ, նոր տեղերու մէջ կազմակերպուած հանդիսութիւններ անոր վրիպանքը պահ մը փորձեցին հակակշռել: Իր ձայնը, ուժգին, ջերմ, բառերու գիտութիւնը, ֆրազին տաղանդը, այսինքն՝ զգե՜ստը, որ դեռ կը դիմանայ հոգիին մահէն ետքը, տպաւորեցին: Բայց հիմնական իր անբարեխղճութիւնը հոն ալ հալածեց զինքը: Տրտմելու, սիրելու, ատելու, երազելու արարքները տուած կ’ըլլամ անոր կեանքին գերագոյն զբաղանքները անոր ատեն ու կարելիութիւն չձգեցին գրեթէ զարգանալու: Ու քսանէն–քսանըհինգ, մտքի բացութեան շրջանի մը իր մէջ ինկած գաղափարները չաճեցուց անիկա: Չկարդաց՝ ինքզինքը հաւնելուն: Չկարդաց՝ ուրիշներու մեծութեան պատկերը իր զազիր, պղերգ ծուլութեան խնայած ըլլալու համար: Ու սպառած էր անիկա իր խօսքին սնունդը: Կան այս մարդերը, գրեթէ մեծ մասը խօսողներուն: Որոնք քանի մը հիմնական գաղափարներու վրայ քառորդ դար կը ճառախօսեն: Երբ մեծ է շրջանակը, տեղափոխութիւն մը պիտի նպաստէ, միշտ թարմ, նոր երեւալու արտաքին պատրանքին: Մերինին նման անձկուկ հասարակութիւն մը երկու անգամ մտիկ չ’ըներ նոյն բանը: Այնպէս որ՝ ստիպուեցաւ անիկա նոր երակներ շահագործել: Դուք գիտեք իր տարեցոյցները: Զանոնք տեղաւորելու կերպէն աւելի ողբերգական էր հեղինակութեան եղանակը: Անիկա օրերով, շաբաթներով կը պտըտէր քիչ-շատ դպրոց տեսած ու Եգիպտոսի շուկային մէջ դիրքի մը տիրացած ամէն կարգի մարդոց մօտ: Կը թելադրէր անոնց յօդուածի մը գաղափարը, որ շօշափէր անոնց ասպարէզը, յանձն կ’առնէր սրբագրութիւնը ու քանի մը ոսկիի ու լուսանկարի ծախքին փոխարէն, ձեւի, շնորհի կը դնէր այդ «անունահոս» մտքի վիժուկը ու կը զետեղէր իր վերմակին տակ: Պարգեւեան մարքա ն մէկ-երկու տարի զբաղեցուց գրագէտին քսակը՝ ինչպէս ապականած փառասիրութիւնը: Մարդիկ զարմանալ ունէին, յիշելով անցեալին անոր խոյանքները, խարազանումները, խարանումները, հրապարակի վաւերական տաղանդներուն դէմ, երբ կը տեսնէին հիմա անոր «ատտիկեան» ճաշակը, որ կը հանդուրժէր ծերերը, սկսնակները, մեծ ներողամտութեամբ ու կ’աճեցնէր մակաբուծային անունները: Կը տառապէ՞ր մեծատաղանդ արձակագիրը հիւանդութեամբը իր արձակին, աւշասպառումովը իր տաղանդին: Ըսի արդէն, թէ տարիներէ ի վեր անիկա երկու սիւնակ չունէր ստորագրած արժանի իր համբաւին, սրտառուչ հաւատարմութեամբ մը հետեւող իր վերիվայրումներուն, բայց չզգետնուելով աղտին ու պղծութեան ալիքներէն, որոնք անոր մարմինը խարխուլ նաւակի մը նման պտըտցուցին աշխարհէ աշխարհ:

Դաւաճանուա՞ծ, մա՛նաւանդ՝ իր ճշդագոյն տուրքէն, առնագեղ իր հմայքէն:

Իրողութիւն էր, որ անիկա կը յաճախէր Եգիպտոսի մէջ շուայտութեան հանդէսները, գեր ու զզուած անասունի մը անզգամ այլուրութեամբ: «Քմահաճ», անվստահելի, «ախորժաթափ» անոր առքնութիւնը, ծերախտաւոր ու սմքած, հետզհետէ կը հանէր դէպի տեսողական վայելքներ, գուցէ հաւատարիմ անոր մէջ արուեստի հզօրագոյն զգայարանքին, որ ձեւերու խոր յարոյց մըն էր անոր մօտ, կը շոյէր կիները, իրենց մերկութենէն անհուն պժգանքով աչքերը ըրած նետեր, կամ կը կեցնէր անոնց արձանաձեւ հոլանութիւնը, նեղոսեան նաւերու յարդարուն լարախաղացութեանց մէջ ու կը հետեւէր անոնց ձեւահոլովոյթին:

Իրողութիւն էր, որ անիկա կը մեղադրէր «զառամ» Տիկինը, Գոհարեանը, որ Եգիպտոսի մէջ, ներկի, խնամքի անխելք վատնումով, խաչեր էր շատ արագ, տուած վրայ՝ պայծառ ու ողորկ իր հրապոյրը, ու հովը՝ որ տարիքին, թարմութեան գոլն է մեր վրայ. ու կը հոտէր քրտինքխաշի կծու, զզուագին ձանձրոյթ մը, «ժամ մը հեռուէն», ընելով շրջապատը հեղձուցիչ, սրտնեղ ու վատախտարակ: Քանի տարի է անիկա իր մահիճին մէջ չէր ընդուներ ա՛լ «անցած» կնիկը ու հաւու պէս, արեւին հետ կը մտնէր քուն, երբ տունն ըլլար, կամ կ’առնէր դէմը անոր աղջիկը ու կ’ընէր մտիկ անոր ընթերցումը, մինչեւ որ ծանրանային թարթիչները: Եթէ «ընտանեկան» այս գարշահոտ մթնոլորտին մէջ դուք բանաք տակաւին բերանները ուրիշ կիրքերու, կրծող ու աննահանջ, որոնք կը պոռան մեր վրայ մեր աղքատութիւնը՝ հոգիէն ու նիւթէն, մեր յուսախաբութիւնները՝ կեանքէն, մեր ուժերէն, ուրիշներու անաշխատ յաջողանքը, որ կը ճաթեցնէ, մեր իսկ տուրքերու կրկէսէն մեր պարտութեանը դիմաց ուրիշներուն յաղթանակը, երբ մեր աւելի թանկ տաղանդը կ’արժեզրկուի ու կ’ընդոտնուի, այն ատեն հասկնալի կը դառնայ անյստակ ողբերգութիւնը սա վրիպանքին: Անիկա յիմարական իր «իշութենէն» ասդին գրեթէ ամէն օր ըրեր էր այս հաշուեկշիռը, բայց իրեն ընդոծին վատութեան բերումով ընկրկած՝ հակազդեցութեան փոքր իսկ ճիգէն: Կը զայրանար, բայց ինչպէս գինեմոլ մը, ու կը հաւաքէր Տիկինին պատրաստած գումարը, իջնելու համար շուկայ ու ժամ մը տեւող մանրակրկիտ հաճելախուզութեամբ մը իր ակռաներուն տակ կը ծամէր խորտիկին հետ անհուն իր թշուառութիւնը, մախանքն ու «կործանումը»: Նոյն ատեն բացառիկ էր անոր մէջ կսկիծը այդ քայքայումին դէմ: Ուրիշներու նման սնամիտ, փառամոլ յիմար մը չէր ու գիտէր տարողութիւնը իր տաղանդին: Զայն օգտագործելու համար, փորձեց դեղերու գրգռիչ ուժերը մորֆինէն ու հաշիշէն: Իր մարմինը հեռուներու ժահրէ մը պատրաստուած, տուժեց մեծ չափով: Իր «գոյութեան հարցը» կրկէս կը մտնէր այս արհեստական գրգռութիւններով տկարացած զգայարանքներուն վրայէն: Կիները կրկին անցան առաջին գիծի, բայց ընկրկումի, խուսափումի անդարման աղէտով: «Ծերութի՞ւն»: Ի՜նչ գիտնար հզոր մարմինով փարթամ գրագէտը: Սեռական զգայութիւններու այս նուազումը անիկա միամիտ եղաւ վերագրելու «զօրացուցիչներու» չարաչար գործածումին: Չկեցաւ այդ գիւտին վրայ ու տարաւ առաջ, իր «հանգումը» բացարող պատճառաբանութիւնները, օգտագործելու չափ բարոյական իր «վշտասոյզ» լքումը: Միւս կողմէն՝ այլասերական, մա՛նաւանդ ազգային մեծ յուզումներ կը հաստատէր իր մէջը: Իր ցեղին ողբերգութիւնը, երեսուն տարուան իր հոլովոյթովը, կը յանգէր ամէնէն անփառունակ, անսպասելի պատրանքին: Ու այս «կոտորածը» իր, մեր յոյսերուն զայն ըրաւ խորապէս զգայուն: Անպատմելի սարսափներէն ազդուող իր հայրենասիրութիւնը զինք ըրաւ թատերագիր ալ: Գիտէք, որ բեմադրեց տաղանդէ զուրկ, բայց մտադրութեամբ հարուստ մէկ–երկու խաղ: «Սիրելէն կը յոգնի՞նք» բնաբանով իր մէկ բանախօսութեան մէջ անիկա իր սառած սիրտէն ի՜նչ բնականութեամբ հաներ էր հրեղէն սիւնը հնգամատեանին, պաշտամունքի տարազը մեր գրականութեան, որով դիմացեր էր այդ ազգը դարերու մաշումին: Այդ գերզգայութեան պահերուն անիկա ոչ ոքէ վար չէր իր սերունդէն:

Յիսունէն անց, աւելի քան մինակ, աւելի քան աղքատ, Պոլսէն դարձէ մը ետքը, ուր կը բախէր զինքը ամէն աստղի տակ հալածող չկամութեան, անիկա կը մնար «շղթայուած» դիակին հետ կնոջ մը, զոր «ատած» էր գորտի ձագու մը նման: Զոր սիրած չէ՜ր երբեք, ինչպէս պոռաց օր մը երեսին:

Կա՞պը. դեղձա՜ն կապը, որ զայն պահէր կեանքի ակօսին:

Օրիորդ Սոնա Գոհարեան:

Սահակ Պարգեւեանի զգացումնե՞րը՝ հանդէպ այս աղջկան:

Կը հասնինք այս պատմութեան մութ ու թախծոտ մասին:

Դիւրին չէ, բարքերու պատկերացման մէջ ներելի արձակութեամբ մը մտնել ներս այս աշխարհէն, զոր ենթադրումը, սուտը, հաշիւներ, բամբասանքի մեր սուր փափաքները ներկայացուցին իրենց ուզած գոյնին տակ: Իրականութեան բաժի՞նը: Ամբոխները ոչ ոքի կը հարցնեն, երբ կը տարազեն իրենց ախորժակները: Ու անգութ է սուտը, յոգնած չըլլալուն:

Պատերազմի տեւողութեան, Սահակ Պարգեւեան ունեցաւ տանելի կենցաղ: Ազգային Միութիւն, Կամաւորական Շարժում, ատենախօսութիւն: Տիկին Գոհարեանի գոհարեղէնները համեմատաբար մեղմ ըրին անձկութեան այդ շրջանը անոր գլուխին: Կիներու հետ իր ճակատումը ուրիշ պատճառ մըն էր, որ մարդիկ շատ չտնտնային անոր տունին մէջ կազմուող օրիորդին խռովիչ առեղծուածովը: Կա՜պը: Անշո՜ւշտ: Եգիպտոսի մէջ հաճոյքը թանկ է՝ հնագիտական առարկաներու նման: Ու ամէն աղջիկ է, որ կիսաշխարհիկ մայր մը միայն ունի կռնակին, վիճակահանութեան պարգեւ մըն է, ամէնէն շատ վճարողին: Ելան բախտեր, ծխախոտի գործարաններու տնօրէններէն, ապահովագրական հաստատութեանց վարիչներին, որոնք դրուեցան ճամբու սկիզբները բիրտ, հետզհետէ բարուրանքով: Միւս կողմէ՝ աղքատութեան խստանալը, ու կանխահաս ծերութիւնը կ’աճէին, առանց հարցնելու գրագէտին: Երբ մէկ կողմէն Տիկին Գոհարեանը քիչ-քիչ կ’ընկրկէր անոր զգայարանքներէն, Սոնա Գոհարեանը իր լրումին կը հասնէր, իբր դէմք ու իբր հրապոյր: Կա՞պը: Մա՛նաւանդ հիմա, կը հարցնէին ատիկա մարդիկ, հանգիտօրէն, երբ Գահիրէի մէջ տեսան արեւելահայ անզուգական վիպասան–թատերագիրը, որ իր աղջիկը գրեթէ գրկած կը պտըտէր ու «պաշտում» էր իր Ռիթան, նրբաւարտ Մարկրիթը, իր իսկ հոգիէն բխած թանկագին ծաղիկ: «Խորտուբորտ» կեղծիքով թատերագիրը ցոյցի՞ էր հանած իր աղջիկը, թէ կը սիրէր զայն: Մարդոց լեզուն ամէնէն անարգ բանն է աշխարհին, անշուշտ Եզոբոսէն շատ ետքն ալ:

Սահակ Պարգեւեանի զգացումները սկիզբ կ’առնէին շատ հե՜ռուներէն, խելայեղ յուզումի ու տենդի այն շրջանէն, երբ անիկա «զգլխուա՜ծ» (ինչ քաղցր է սուտը զգացական կալուածէն) այդ աղջկանը մօրմէն, կը ճառագայթէր, տիրակալ ու միահեծան, Ազնաւոր էֆենտիի սրահներուն մէջ: Ամէն կիրք, ուժգինը, աճում մըն էր, այսինքն՝ բազմապատկումը մեր տուրքերէն: Խոր է իմաստը «մանանուխի հատիկին չափ» հաւատքին: Ու գեղեցկացո՛ւմ մը. դուք գիտէք ատիկա: Այս անկիւնէն դիտուած՝ սիրահարը, ինքնին, կը յորդի իր ճարտարապետութենէն ու կ’ըլլայ քառակուսուած գոյացութիւն մը, ներքին hեղումներով մշակուած, քաղցրացած, հաղորդական: Այդ է պատճառը գուցէ, որպէսզի սեռային պարունակէ մը ամէն պատահար օտարը յուզէ անպայման ու չպարտկուին խենթութիւնները: Ոճրագործը, այնքան հնարամիտ՝ ուրիշ կալուածի վրայ, ձախաւեր բան մը կը դառնայ կնոջ մը ծոցին առջեւ: Օտար կին մը գլխէ հանող երիտասարդը, անգիտակցաբար կը հանէ գլխէ նաեւ անոր աղջիկը: Դրեք տարիքին փաստն ու նպաստը, որպէսզի հրապոյրը քալէ անխուսափելի իր արդիւնքին: Կարճ այն շրջանին, որ կը փակուէր փախուստով, ոչինչ անշո՛ւշտ, որ ըլլար պարզ: Սոնան տասնէն վեր ու տասնըհինգէն վար: Այսի՞նքն: Այո՜: Երբ առաջին բիւրեղացումները կը սկսին պարմաններուն: Այո՜, երբ հասունները չես գիտեր ինչ լարերէ քաշուած, մանկանալ կը փորձեն ու կը դանդաղին այդ ձեւերուն հոսումին առջեւ: Քառասունէ՜ն վեր: Ատիկա պիտի հասկնան անոնք, որ անցած են հրուանդանը: Անիկա, մեծատաղանդ արձակագիրը, եղէգի պէս տկար էր խորհուրդին առջեւ այդ պարմանութեան, որ իրեն կը դարձնէր իր երիտասարդութիւնը, պատանութիւնը, երբ դպրոցական տղայ, աղքատիկ, բայց լուսնի պէս աղուոր, կը պտըտէր կամ կը խաղար Գատը–Գեղի Մոտան, շրջապատուած Սոնիկին պէս թարմ, թերխաշ ձեւերէ ու կը մնար հիացիկ՝ տրտում, դալուկ, սրտագրաւ վայելչութեանը առջեւ թրքուհիներուն, իշխանազարմ, բայց տարօրէն քաղցր իրեն տարեկից կամ վեր, նայելու անգամ վախնալով՝ կարծր հայեացքին տակ սեւուհիներուն: Հիմակուան քիչ մը աղօտ, բայց դեռ մատղաշութեան զովութենէն չհեռացած, այնքան անթերի կաղապարումով այդ աղջիկը, արդէն անցած տասնըհինգէն, գտած էր իր իմաստը ինքը իր աչքին: Ու հոսո՜ւմը անոր, անկշռելի, բայց այնքան իրական, ու այնքան տարբեր՝ մամային ալ «քացխած» հովէն: Առա՞նց գիտակցութեան, թէ անոր պատրանքովը, մեծատաղանդ ապրողը ենթարկուած էր այդ «ազդմունքներուն», այնքան աւելի անպաշտպան ինքնիրմէ, որքան իրապէս պատեր էր ապահովութիւնը, որ զանոնք կը մօտեցնէր իրարու տարիքին սանդուխէն: Զանոնք իրարմէ բաժնող այս անջրպետը տարիքին գուցէ առաջին մթնոլորտն է աղէտին: Սեռէ սեռ տարիքի ամէն անդունդ պայմանաւոր է նոյն աղէտով: Ամէնէն անպաշտպան մա՞սը մեր հոգիին: Այդ նախագաւի՜թը, որ մեզ կ’առաջնորդէ սեռին տաճարները, մեծակամար կառոյցներու մէջերէն: Մի կենաք շատ, անզբաղներ ու զբաղումը հասկցէք մարմնական աշխատանք պզտիկներու մօտ, որոնք մշտազբաղ են ամէն երեսէ ու պատարո՜ւն են բաներով, որոնցմէ ա՛լ հեռու եղաք: Դիտեցէք ձեր պատանութիւնը ու տեսէք յստակ, թե ինչ էր գորովը ձեր ոտքերուն, երբ սեռային զառիթափին առաջին խորտուբորտքերը կը նուաճէիք: Ու յիշեցէք միւս օրենքը, որ կ’ըսէ. «Սեռային յոյզը խոտոր կը համեմատի տարիքին»: Հնուց խօսք է, թէ սիրտը կը մանկանայ, քանի ժամանակին մէջ յառաջանայ: Սեռայի՞ն մարզին վրայ: Հարցուցէք ծերերուն, թէ ինչո՞ւ կ’ամուսնանան աղջիկներու հետ, որոնց տարիքին չորս-հինգ անգամը ունին երբեմն, դիզուա՜ծ՝ իրենց զգայարանքրուն:

Օրիորդ Սոնա Գոհարեան, գրագէտէն վերածուած փաղաքուշ «Սոնիկ»ին, որչափով կը շահագրգռէր արեւմտեան ոստաններու պատրանաթափ «վայելչախոյզը», ուսանողուհիներու ու աշխատող աղջիկներու հեռօրեայ ասպետը: Բաներ կան, որ կը հարցուին, բայց չեն ամբողջացուիր պատասխանով: Իրողութիւն էր, որ դպրոցական գոլը, կնիքը վրան, իմաստին ու միսին զոյգ խռովքներովը գունաւոր, Սոնիկը խոր հաճոյք էր անոր միտքին՝ ինչպէս աչքին: Ուրիշներէ՝ գովեստն ու հիացումը անտարբեր ընդունող մեծատաղանդ արձակագիրը մանուկի մօտ միամիտ վայելքով կը փնտռէր անոր տպաւորութիւնները, որոնք աւելի բան մը ունին, քան սովորական հրապոյրը, յաճախ աւելի արտայայտիչ՝ վասնզի փաստը կը բերեն գրական գործի մը թաքուն կողմերուն: Սահակ Պարգեւեան զայն խօսեցուցած ատենը կը հեռանար իր պեխերէն ու տրտմակոծ դառնութենէն: Տղան չի հասկնար մեր վիշտը: Միւս կողմէն՝ անպայման ունի դատում ու տարազ: Ամէն աղջիկ կարծիքներու հատընտիր փունջ մը կը պտըտցնէ իր քորսաժ ին վրայ: Կը խորհի՞, թէ այդ կարծիքներուն տարազը կու գայ իրեն՝ անակնկալ զգայարանքէ մը: Ինչ ճարտարութեամբ, այդ տարիներուն, սեռը գիտէ շահագործել փոքրագոյն ծուէններն իսկ մեր շնորհներուն: Տասնըհինգէն յետոյ ամէնէն զրկեալ արարածն իսկ կը գունաւորուի այդ սուրբ հեղումէն: Ու սարւածին ճարտարապետութիւն մը կը հսկէ, որպէսզի արուեստէն հիմնովին անմասն աղջիկներ ճարեն, ճարճարեն այդ գիծէ զգայնութիւն, երբ սեռային պատրանքը նման պէտք մը թելադրէ: Դեռ աղւամազէն իսկ չազատուած մորթը Սոնիկին: Որ հոծ, շարժուն, «հրաւիրակ» ցոլցլումներով կը տպաւորէր ձեւի ու փափկութեանց մեծ արգոնաւորդ Սահակ Պարգեւեանը:

Աչքէն ու հոգիէն հաւասարապէս բացուած, խոհուն, բայց բնական մօտիկութեամբ մը, անիկա կը հեշտանար, վառարանէն ախորժող կատուի մը նազանքովը, գրագէտին ընտանութեանը մէջ, ժամերով դանդաղելով իր թերխաշ խօսակցութեան ուղիներէն: Կը թափանցէ՞ր իմաստին, ձգողութեան, որով կապուած գիտէր զայն իրենց սրահին: Սիրտերը պզտիկ եղա՞ծ են երբեք, որպէսզի վարանինք նման հարցականի մը առջեւ: Անշուշտ ոչինչ կայ ստոյգ զգացումներու այն խորհրդաւոր արապէսքին մասին, որ պզտիկներուն տպաւորութիւններով կը հիւսուի անոնց հոգիի մարմարներուն: Բայց մոռնալ չէ կարելի խուլ հրապոյրը, որ մանուկները կը նետէ դէպի մանուկները: Մեծցուցէք ոչ թէ շարժումը անիկա չի կրնար աճել այլ՝ զայն կշռող, ընկալող զգայարանքները: Ըսել կուզեմ՝ տպաւորութիւնները դատումի վերածող գործիքը նետէք կրկէս: Աղջիկ մը ե՞րբ կը դատէ իր մայրը: Ու ե՞րբ՝ անոր սիրահարը կը տեսնէ իսկական տարազով: Խորունկ ու ողբերգական էջեր ծնունդ են այս հարցումին ազգերու գրականութեան մէջ: Կ’անցնիմ: Անտանելի անոր հայրը ոչինչ յստակ է տղու մը համար, զգացական աստիճանացոյցին առջեւ, որքան իր տունէն չախորժող մարդու ձգողութիւնը դէպի դուրս, երբ ազատելու համար ինքզինքը, անիկա դրամով կը ջանայ շահիլ տղուն հաւանութիւնը, առնուազն լռութիւնը , որ գրեթէ կ’ատէր զայն, իր աղջիկներուն տգեղութեանը պարունակէն, գրագէտին շուքովը, անկէ գտած նոյնիսկ կեղծ շահագրգռութեամբը, ջերմացաւ անոր սրտին: Խորթ հայրը խուլ ատելութիւնն է տունին: Բայց գրագէտը զայն մօտեցուց անոր զգայարանքներուն ու ըրաւ քաղցր: Անդիմադրելի էր անիկա, երբ թղթախաղի բոլորակին շուրջը, նեղսիրտ թափառող գրագէտը առնելով ձեռքէն տանէր դաշնամուր, մեղմ դպելով, կախուելով ուսերուն, որ նստի: Ու մինչ խաղը կը շարունակուէր անոնց կռնակին, անիկա թեթեւ ժպտելով ու աւելի արժող նայուածքով մը կու տար մատները ստեղներուն, լուրջ, աղուոր, զգայուն ու թրթռո՜ւն կէս այն բանով, որ կազմուող աղջիկն է սրտէն, մոռցնելու չափ կիներուն փարթամ հանգոյցը, որ կը ճրճռար գռեհիկ բարբառը բախտին: Սահակ Պարգեւեան ատեց թուղթը, ով գիտէ ո՛ր նուաստութեան կնիքով, վասնզի կը յիշէր խաղցած ըլլալ: Ականջներէն խիստ զգայուն գէր մարդու յաճախադէպ տկարութիւն անիկա կը մնար տարուած խաղաղ ու հեշտանիւթ կիսադէմքէն ու անոր անձին շուրջ թռվռացող փափուկ խաղերէն: Օ՜, անշամանդաղ, արձանային շնորհը աղջիկներուն, երբ դէմք չեն անոնք, այսինքն՝ երբ սեռին ու մանկութեան մէջտեղերը կը թափառին, քիչ մը բարակ, բայց խորախորհուրդ:

Բայց այդ «գրաւումը», ինչպէս կը հեգնէին խաղցող տիկինները, կ’ըլլար ճշմարիտ իրերասուզում, երբ նուագէն յոգնած, դառնային օրուան փոքր հարցերուն: Սոնիկը ունէր, անպակաս՝ մանր, երբեմն բարդ, որոնք աւելի պզտիկներու բերանէն կը նեղեն, բայց դէպի տասնըհինգ հրապուրիչ են յաճախ: Տղոցմէ եկած այս հետաքրքրութիւնները հանդուրժելու եղանակը մարդոց նկարագրէն կը պատմէ շատ բան: Իր զաւակն իսկ ուրացող գրագէտը յիմա՜ր ըլլալու էր ականջ կախելու ամէն բաներու, որոնք չեն իյնար շահի ասեղին, ու ձգելու փարթամ շրջանակը հասուն կիներուն, բոլոր աֆիոնի ու թուզի մեծահարուստ վաճառականներէն: Անիկա չէր ուզեր լռել անոնց նայուածքները, մա՛նաւանդ մօրը յաճախակի կկոցումը ու կը խօսէր, քաղցր հաճոյքով, ընկողմուն ու կիսախուփ, Փարիզէն, արուեստի մեծ գործերէն, հոյակապ «գոհար» շէնքերէն, աղջիկներէն, որոնք ուրիշ աշխարհի կը պատկանին, արդուզարդէն, մարմիններու մոյնքէն ու գիծերէն: Այդ մարզին վրայ, անիկա անդիմադրելի թովչութիւնն էր, անձնական, հսկայ տուրքերէն զատ, բառերուն հետ փոխուելու իր կախարդ կռանելիութեամբը, դիւրութեամբը իր անցեալը հագնելու, անով պատմուճանուելու: Իր անցեա՜լը՝ հեղեղ վարդի ու կիներու, որ կ’անդրադառնար անոր ձայնին, արտայայտումին, շինել ուզած հոգենկարին, ինչպէս պերճանքը սուզուած արեւի մը: Մարդեր կան, որ կը խօսին այս պատմուճանով: Անիկա կը մտնէր մա՛նաւանդ նոյն անրջային այլուրութեան մէջ, երբ ստիպուէր պատմելու Պոլիսը, Գատը–Գեղը, իր խորունկ ու դալկադէմ հանըմներով, իրենց իշխանազն կաթնահիւս մարմինները, երբ կը շղարշեն անհուն ըղձաւորութեամբը իրենց փափաքներուն ու կը նային «դալկահար համբոյրին», նման բանաստեղծին ոսկեթիկն աթոռներու վրայ հանգչեցուցած իրենց «մեղրամոմէ անդրիները», հրուանդանին շրթունքներուն, մինչ վարը, ջուրերուն խաժութեանը մէջ նաւակ մը կը ճերմկի ու մէջէն տղայ մը կ’երազէ: Գրագէտը այդ տեսիլքները կ’ոգեկոչէր արտասովոր պայծառութեամբ, տալով դէմքերուն այն բաբախումն ու իրաւ բանը, որ տուրքն է անձնական ապրումին: Յայտնի էր, որ պատանութեան տարիներու բիւրեղացումը մեծ դեր ունէր անոնց թելադրող, խռովիչ, «կաթկթող» իգութեանը մէջ, երբ պատկերները ձեւելէ ետքը մատղաշ աղջնակը մտովի կը մտնէր անոնց պալատներէն ներս, արքենի պարտէզներով, ուր վարդերը չեն մեռնիր ու աղջիկները չեն թոռմիր. ու նե՜րս՝ անոնց գրոհներէն, գտնելով, հմայքէն նուաղման մօտ աղջիկին հոգիին, պերճութիւնները վանդակուած զարդախուցերուն, Արեւելքին բոլոր հոտերովը հերկուած ու ոսկիովը նաղաշուած: Որոնց կիսաստուերին մէջ, սեւ սատանաներ, մերկամարմին ու օծուն, իրենց մարձումները կը բանին անոնց միսերուն դալկահար մարմարին վրայ, բուսցնելու համար կտոր մը արիւն ու կտոր մը կրա՜կ: Անիկա չէր վարաներ այդ դէմքերուն թելադրանքը ճշդելու համար, օրինակ, վերցնել թղթախաղին բոլորակը կազմող կիներէն: …Քաղցր, պճըլտուն այս հարցարանը նոյնութեամբ կաղապարուած է, դեռ այս նախամուտի օրերէն, անջնջելի գիծերով, Պարգեւեանի զգայարանքներուն վրայ: Անիկա չէր եղած այդ պալատները, բայց եղողէ մը աւելի լաւ կը զգար զանոնք ու իր պատումը, անգամ մը առարկայանալէ յետոյ, կը դառնար ստուգութիւն: Ու անոնց անդրադա՜րձը՝ ապշահար ունկնդրող աղջկան վրայ: Սեւեռուած, նեարդներուն մէջ ասեղնագործուած նկար է ատիկա, գոգնոցաւոր այս պարմանութեան հեռանկեալ այդ սառո՜ւմը իր նայուածքին ներքեւ, կծկուն ու հեւացող, շունչ առնելու անգամ վախնալով: Ամէնքս ալ ունինք, յուշերու մեր թանգարանին մէջ, այդ «մասունքներէն»: Մեր սիրածներուն ճակատագիրն է մարմնանալ դժուար, մարմնանալ ցանցառ: Մայր մը, երբ իր տղան փեսայ կ’ընէ, անոր թագն ու պսակը համբուրած ատենը, հոգիի աչքին առջեւ ունի՞ անոր ուրիշ պատկերները, դիմայեղումները օրանէն սկսած: Թերեւս ասիկա անոր համար, վասնզի տարբեր բաներ են ապրիլը ու այդ ապրիլը բեւեռելը: Մեր սիրելիները չենք տեսներ, վասնզի կ’ապրինք զանոնք, ամէն րոպե կրելով զանոնք մեր ջիղերուն վրայ: Անոնց չենք տուած ատեն, որպէսզի նետուին ետեւը ուղեղին, կազմաւորուելու համար իբր յուշ ու բիւրեղ: Մեր շուրջը հոլովուող կեանքն ալ կը միջամտէ, խախտելու համար տեւողութեան ու դադարով կարելի այդ բիւրեղացումը: Անծանօթ դէմք մը, առաջին հանդիպումով, երբ ունի ուշագրաւ կողմ մը կը սեւեռուի շատ յաճախ, առանց ուրիշ նպաստի: Շատ սիրելի՞ն: Հարցուցէք ձեր շուրջը, ու պատասխանները պիտի լուսաորեն ձեզ: Տարիներ ետքն իսկ, պղտոր մշուշով տրտմակոծ այդ անցեալէն Սահակ Պարգեւեան փնտռէր պիտի գոգնոցաւոր սա տեսիլքը, երբ տրտմութեան ու նողկանքի ալիքը զգար բարձրացած մինչեւ իր պուկը կը պատահէր ասիկա, ցաւէն ու անօթութենէն, յափրանքէն ու «լուծումէն» (անոր ուղեղը երբեմն կը լքէր զինքը «լուծուելով» անասելի անգայտութեան մը մէջ, զայն ընելով սուտ) վեր պահերու, թառամ Տիկինին թշուառ, լուռ, անկարող աղերսանքին եզերքէն ու պատմելու համար ինքզինքը ճաթելէ կամ հալելէ, պիտի դիմէր այս գոգնոցաւոր մտապատկերին, ամփոփ ու յստակ, մինակ ու խորհրդաւոր, նայելով իր աղօտումին, հո՜ւմ նայւածքովը հասնիլ փութացող աղջկան:

Մինչ տարիները կը քալեն, մենք չենք սթափիր: Ըսել կ’ուզեմ՝ փոքր-փոքր, կրկնուած զգայութիւնները աննշմար կը դրուագւին մեր ներսը ու չենք անդրադառնար, թէ ինչպէս հակասեր ենք մենք մեզի, տասնամեակի մը ծայրին: Սահակ Պարգեւեանին մէջ ո՞ր ճամբով կատարուեցաւ այս այլափոխութիւնը: Մանուկէն, Սոնային ե՞րբ խռովիչ մարմին մը պտըտիլ առաւ անոր աչքերուն առջեւ: Ժամանակը կը նմանի պարտքի: Զայն վճարելի տոմսերը վերածելու յիմարութի՞ւնը: Ամէնքս ալ կ’ընենք ատիկա, չխղդուելու համար: Կը ձգեմ շատ բան, հասնելու համար ժամանակի ուրիշ տախտակի մը, որուն մէջ մեծատաղանդ արձակագիրը ինքզինքը կը տեսնէր դաշնամուրեան տեսիլքին առջեւ: Ամէն ինչ՝ մազ, մորթ, հով, հայեացք, տարօրէն նման թիկնաթոռեան րոպէներուն: Ամէն ինչ՝ անոր մօրը մանրաթել քայքայումէն սանկ ետ դարձող, նորէն շինուող: Ա՛յնքան՝ որ գրագէտին համար մխիթարութիւն էր մօրմէն զզուանքը ամէն զզուանք մեր հոգիին վրայ ժանգ մըն է փոխել քաղցը հեշտանքի, աղջկան հմայքին ընդմէջէն: Փոխանակման այս կարելիութիւնը խնայեց անոր ուրիշ ողբերգութիւն մը: Մարդեր կան, որոնց ձեռքէն աղէտ կը փրթի: Ու կը փրթի անհաւատալի դիւրութեամբ: Սահակ Պարգեւեան հազար անգամ անցուց մտքէն, զգացուց բերնէն ու ձեւակերպեց մատներէն այդ «անհնարին աղէտն» ալ, թեւէն բռնած նետելու դուրս «հեղձուցիչ զանգուածը» Տիկինին: Չըրաւ ատիկա ո՛չ թէ չունեցած, չունենալիք գութէ մը սանձուած, այլ՝ աւելի հեռահաս վատութեամբ մը, աղջիկէն զրկուելու վերահաս սարսափով: Վասնզի, դուք գիտէք անոնց տունը: Ճիշդ այդ բզկտումի վայրկեաններուն, Սոնիկը կը մօտենար գրագէտին, տրտում ու կիսաժպիտ, ու կը նայէր անոր աչքերն ի վար, անանկ քաղցրութեամբ, որ ակնթարթի մէջ կը լուծուէին ժանգն ու ժահրը անոր ջիղերուն: Քսանէն վա՜ր, այդ անդիմադրելի ձգողութիւնը, զոր պատանութիւն մը դեռ կ’ընէ խաժ, կէսով փորձանուտ: Այն խուլ, անորակելի համը, որ կինն էր պատճառ, որպէսզի մոռնային տունի լացողը, անձնանային, կ’առնէր թեւը այդ զաղփաղփուն բանը, կ’իջնէր փողոց, քիչ մը բաց արտերը, յետոյ բուրգե՜րը: Անզգած այդ դէզերուն չոր անգթութի՞ւնն էր պատճառ, որպէսզի մոռնային տունի լացողը, անձնանային, տխրէին, թեթեւնային ու խօսէին անիմաստ, երբեմն խոր, երբեմն ալ թթուած բաներ, տարօրէն հանդուրժող իրարու: Պզտիկ, քիչ, փորձութեան աղէն դեռ չէզոք, Սոնիկին բառերը թռչունի ճլւողում էին անոր ականջին, որ յոգնաթափ՝ ձայներու «ձեւէն»՝ ինչպէս «վարշամակէն», նախանձոտ կծծութեամբ խնայեց իր ցնցուղները կիներէն դուրս ամէն հծծիւնի, բայց որ, աղմուկէ նեղուող ըլլալուն հակառակ, «գառնուկ ու հեզ», կը բացուէր լայն, անոր բառերուն: Ճիշդ է առածը, որ կ’ըսէ. «Մենք մեր հաշուոյն կը հանդուրժենք ուրիշները»: Սորվա՞ծ էր տարողութիւնը այդ ժողովրդական տարազին, մեծատաղանդ վերլուծողը, որ մարդոց կնճիռները կը յաւակներ մեկնել ապշեցուցիչ հարազատութեամբ, ու դէմքերէն կը բարձրանար հոգիներուն կառուցումին: Գիտէ՞ր, թէ ինչո՜ւ կ’ընէր մտիկ:

Գահիրէի մէջ «օդը մեղաւոր է» կ’ըսեն: Չեմ գիտեր կա՞յ տեղ մը, որ ըլլայ անիկա անմեղ: Բայց նախորդ էջերուն մէջ տեղ մը դպանք ու անցանք Նոյեան տապանի նշանակալից հեքիաթին: Պարգեւեանի սա բացառիկ զգայութեանց բաւիղները իջնելէ առաջ, հարկ կը զգամ յիշեցնելու, հեքիաթին մօտիկ, զայն լրացնող ուրիշ մանրամասնութիւն մը, զոր կը պարտինք մեր մեծ գրողներէն մէկուն, Գրիգոր Նարեկացիին: Միջնադարեան ողբասացը, իր մեղքերը ցուցակագրած ատեն, տախտակին ելքը, մթնոլորտը կու տայ հոգեկան մասնաւոր վիճակի մը, քիչ մը մշուշոտ, կուսակրօն ամօթխածութեան պարունակէն, երբ կրկնապէս կը խարանէ իր հոգին՝ զայն մշտապէս Եգիպտոս արեւելուած ներկայացնելով: Ի՞նչ ունէր յստակ, իր մտքին մէջ, մեր մաքրամաքուր բանաստեղծը, այդ աստիճան սարսափելու համար բուրգերով վեղարուած այդ հեռաւոր մեղաստանէն, ուր կինը կ’աճի ցորենին նման, բայց կ’այրէ խանձողին նման: Տասը դարը անշուշտ քիչ բան է փոխած աւազաստանին այդ խուլ խռովքէն, եթէ երբեք փոխած ալ է: Քսաներորդ դարուն, Նարեկացին, երբ անցնէր նոյն մարզերէն, պիտի չի զգա՞ր ինքզինքը զգետնուած նոյն արհաւիրքէն, մենակեացի իր աչքերով տեսնելուն սա զոյգը, այդպէս թեւ թեւի, մեծ բուրգի ոտքին, քարի մը վրայ, իրենց մարմինները դրած քով քովի, պարզ ու սրտառուչ, տրտում ու անիրական: Աւելի՞ն:

Պէ՞տք է կրկնել դժնդակ հարցումը.

Պարգեւեանին զգացումները աղջիկին հանդէպ:

Քաղաքը կը խօսէր լուռ: Կը խօսէր հազար ձեւերով, շրջանակէ շրջանակ, իր դատումներուն մէջ դնելով առատ տեղական գոյն ու կնիք: « Գահիրէն փոքր Անատոլու մըն է » ըսած է մեր բանիմաց դիտողներէն մէկը: Ունին իրաւունք մարդիկ, երբ Արեւմուտքը ճանչնալէ յետոյ, իրենց ժողովուրդին համար ազգային նկարագիր ճարճրել կը ցանկան: Մեծ ոստաններու մէջ, միջերկրականեան կիսագօտին չանցնելու պայմանով, մեր գաղթականութիւնները խնամքով կը պահպանեն ծագումի իրենց տուրքերը որոշ ժամանակ մը մինչեւ եւ կը դիմանան սկզբնական իրենց առաքինութեանց վրայ, շեշտւելով իրենց առանձնակի կողմերէն: Ու կը դիմանան հակադիր խմբակցութեանց պիտակով ու գուցէ միայն ատոր համար: Այնքան խո՜ր է մեր ճնշումը մեր անցեալին: Ես ճանչցեր եմ գեղեր, որոնց մէջ ձոր մը տարագիր մեր բազմութիւնները դասաւորած է համաձայն այդ ձայներուն: Ջուր մը կը բաժնէ գեղին ո՛չ միայն երկու թեւերը, այլեւ կը բաժնէ հոգեհոսանքը, որ ուժասպառ եկած էր իյնալու այդ օտար ափերուն: Դուք մի տարուիք Պոլիսով, որուն քիչ-շատ միատարր հոգին գործէ մենէ վեր ազդակներով, ազդակներ՝ իրենց ուժին ապացոյցը տուած արդէն Լեհաստան ու Հնդկաստան: Մեզ կոտորակող իրերամերժ մեր հակումները չկրցանք համաձուլել նոյնիսկ հզօրագոյն զգացումի մը վրայ: Հայրենիքի գաղափարն անգամ այսօր շփոթութեան տախտակ մըն է մեր հոգիին վրայ սիւնամբարձ: Ոչ մէկ ժողովուրդ այնքան խոր կ’ատէ ինքզինքը՝ իր զաւկըներուն տարբերութեանցը մէջէն: Մեր յեղափոխութիւնը վրիպեցաւ, ուրիշ պատճառներու շարքին, գուցէ հիմնականով մը, որ հաւատարի՜մ էր շատ մեր պատմութեան եւ կը կրկնէ բարքերը մեր նախարարներուն: Հայրենիքի գաղափարին համար մեռնիլ յօժարած պահուն անգամ, չկրցանք հրաժարիլ այդ ձայնին ցուցմունքէն ու կը կռուինք դրօշակի գոյներուն վրայ: Այսօր կան մեր մէջ պարկեշտ բառը գործածելով առանց հեգնութեան մարդեր, որոնք դժուար չեն գտներ մեր թշնամիին հետ հաշտուելու հեռանկար մը, բայց «գոց են» ընդմիշտ, արենակից եղբայրներու համար: Ու մեր գաղութները, այսքան դարեր ետքն ալ, իրար կ’ուտեն, կուտէին, մատին տակը իրենց պապերուն:

Սահակ Պարգեւեանը մեկնութեան նիւթ է Գահիրէի բոլոր քաղաքիկներուն:

Իզմիրցիներ, շահագրգռուած, շուայտ ու անցորդ, առաջինները՝ ինչպէս հեղինակաւորները եղան, իբր տարածիչ տարաձայնութեանց ու ձրի մեկնաբանիչ: Պետականութեան պակասը մեր բոլոր խելքին համար գետին կ’ընծայէ բամբասանքը միայն, որուն մէջ մեզի հաւասար չեմ կարծեր կենայ ժողովուրդ: Գրագէտին մօտիկ անցեալը, իզմիրեան գայթակղութիւնը, եւրոպական ոստաններէ սանկ ու նանկ մինչեւ Ափրիկէ քաշքշուող շշուկներ, փշուրներ, մամուլէն ճակատաբաց յարձակում, ամէն կապանքէ: Քաղքենի ամէն սրբութենէ ինքզինքը վեր յայտարարող անոր լեզուական յոխորտանքները զօրաւոր փաստեր էին ի նպաստ շրջաբերութեան հանուած փսփսուքներուն: Այս հաւաստիացումին մէջ դեր ունի, ասոնցմէ զատ, իր ոխերիմ լրբութիւնը, իմացապաշտ ու տոնքիշոթ իր աննահանջ յարձակողականը, լրագրի բերդերէն, մեր քաղքենի դասակարգին դէմ, զոր ուրացաւ, վռնտելու չափ զայն մեր ցեղին անդրագոյն տարրերէն. մեր հիմակուան հարուստներուն ու վաճառականներուն, մա՛նաւանդ ազատական ասպարէզէ դիւրակեցութեան «ժամանող» կեղծ մտաւորականներու վրայ հաստատելով յանդուգն սկզբունքներ, ծագումի եւ արիւնի մռայլ ճամբաներէն, որոնց միջոցով ցեղը իր պատմութեան խառնակումներն ու խաչաձեւումները կը թափէր դուրս, ինքզինքը գտնելու գաղտ օրէնքներուն անսալով: Ոչ մէկ արժէ՛ք: Անշուշտ: Խարանեց զայն իբր «ներկուած» գերեզման, տաղաւարող՝ իր արտաքին փայլին մէջ՝ ժխտական, օտարամուտ մեր առաքինութիւնները, նոր օրերու տեսակ մը հրեա՜յ, որ դժբախտ է «օրհնուած ցեղէն», Սիոն մը իսկ չունենալուն խորն իր հոգիին: Միւս կողմէն՝ արուեստով ու ներկով   անիկա կ’ատէր այդ ամէնը ու մինչեւ իր մահը անայց մնաց այդ «պոռնկութենէն» իր մոյնքին ու շեշտին մէջ դիմացող առնական բան մը անոր անձնաւորութիւնը կ’ընէր «կանանչ», երբ դրուէր մօտիկը Տիկին Գոհարեանի հանգելու վրայ դիմանկարին: Ուժին այս հակադրութիւնները, հանրային իր ձեռնարկներուն մէջ, անմեկնելի, յեղյեղուկ դիմաշրջումները, նիւթին, վայելքին ետեւէն անծածկելի, յայրատ, անյագ իր ախորժանքը, բարեկամները զատելու, զանոնք նուաստացնելու ու թշնամիի վերածելու հարցին մէջ իր ինքնատպութիւնը, ամէն մարդ շահագործելու մէջ իր վատնած սինիզմն ու անհաւատարմութիւնը, «կասկածելի» տեղերու մէջ, ուսումնասիրական ջնարակով գիշերով-ցերեկով իր շրջագայութիւնները բաւարար պատճառներ էին, որպէսզի «պարկեշտ» միտքերը մոլորէին դիւրութեամբ դէպի բաւիղները դժուար ու դժպհի ենթադրութեանց: Խառնակ այդ քաղաքին տարակերտ նկարագիրն ալ պակաս մեղաւոր չէ այս ամէնուն մէջ ու սեռը չ’ազդուիր ասկէ: Մշակոյթը, միշտ մակերեսային, չէ տրուած մերիններուն տարտղնումի շաղախ ու ենթարկուած է պաշտօնեայ հոգեբանութեան: Հիմա, որ մեր միտքին կեդրոնը վերցած է Պոլսէն, Եգիպտոս՝ իր մամուլովը, դպրոցներովը, պիտի կարենայ դարմանել աղէտը, որ կատարուած է այդ «պատուական» մարդոց ձեռքով: Իրողութիւն է, որ մեր ամէնէն բարեկեցիկ գաղութը մեր միտքին համար ամէնէն անտարբերը կը դառնայ տակաւ: Ու մեր ջոջ գրագէտներէն մէկ-երկուքը, իրենց անօթի գերեզմաններէն, յետ մահու մարմարով մը երբ կը ճերմկին, փաստ չեն բերեր մեր հետզհետէ նահանջող առաքինութեանց: Միւս կողմէն՝ մենք զարգացուցինք ուրիշ տուրքեր: Սուտն ու զրպարտութիւնը հոն կ’աճին աւելի արագ: Աստիճանի տարբերութիւն ի հարկէ: Ու տուաւ ու առաւ երջանիկ քաղաքը: Շատեր, առանց տեսած ըլլալու, իրենց լսածները ուրիշին հաւաստեցին իբր ականատես ու ըսին տրտում բաներ: Միւս կողմէն՝ տարօրինակ զոյգին «որդեգրած» կենցաղն ալ ընդունակ էր այս շշուկները աճեցնելու:

Կը պտըտէին անոնք թեւ թեւի, պարզ, ա՛յնքան բնական, որ տեսնողը, անշուշտ տար ձայներով այցուած, կը սարսռար մտապատկերին ասեղէն: Իրողութիւն էր, որ «հայր ու աղջկայ» մտերմութիւնը չունէր վախնալիք տեղէ ու անձէ: Գահիրէն, շինծու քաղաք, ու՝ քաղաք հանդիսանքի, ցուցադրումի, այս պատկերները ունի շատ-շատ առատ, ու կը թաւալի աստուածային անտարբերութեամբ, երբեք շատ չպրպտելով կապերը զոյգերուն, որոնց իրերադրումը կ’անցնի աննշմար, վասնզի մարդոց վարժութիւնները, զգայարանքներու ուղիով, յաճախ կը փոխարինեն մտածելու սարուածը, ջանքը անոնց մէջ: Ու խաժամո՛ւժը, իրարու ժամադրուած անգթութիւններու եւ գորովի, ակօսուած՝ տարիքի, գոյնի, հէնքի ահաւոր հակասութիւններով: Ու, տգեղութի՛ւնը, բայց պալարուտը, փտածը, կոճակ-կոճակ վեր տուածը, ու խեղութեամբ պղնձուած խեցգետինուա՜ծը՝ կաթի մանկամարդուհիի մը կուշտին: Ու տգեղութիւն մա՛նաւանդ կիներու պարունակէն, չորը, չորցած-փատցածը, առնացածը, պեխաւորը, զզուելին, որովհետեւ դուրս է սեռէն, որոնք կը քալեն արծաթ պայուսակներ վառելով իրենց շէկ մորթին բոցերուն: Ու խուլ ճնշումի, քաղցր, հեշտախռիւ արեւին, որ օրը կը շամանդաղէ, ու սեռը կը ջերմացնէ, կեանքի բոլոր նաւաբեկեալներուն, սնանկներուն, դատապարտեալներուն, խնայելով միւս, աւելի յիմար ճնշումը, որ քաղաքինն է, Ամերիկայէն կամ Եւրոպայէն, պզտիկ ու մեծ, բայց կերբերեան «ականողիօք»: Հիւանդի քաղաք, մոլուցքի քաղաք, անիկա ուսած էր զանոնք իր ցերեկին մէջ, ուրիշներու կարգին, քրտինքով, աղտով, ու խուլ հեշտանքով տրոփուն փողոցներու երեսին, ընելով զանոնք «սիրահարներ» իրարմէ անբաժան, աչքերը թէ զիրենք վարժեցնելու դեռ սքողուն կարօտով: Հետն էր, դուք գիտեք ատիկա, այդ օրերուն յաճախադէպ հանդէսներուն եւ ներկայացումներուն, կորովի ու աննահանջ, դիմաւորելով մեծահարուստ տիկիններուն «յաչաղկոտ» նայուածքը պարզ տրտմութեամբը արտայայտիչ իր աչքերուն ու ոսկեղունգ արդուզարդը անոնց՝ անսնգոյր ու անթերի իր շնորհովը, հանելով անոնց գոհարակուռ ու պատանա դէմքերուն շինովի տգեղութեան դէմ՝ խոր ու թրթռուն շղարշը իր մորթին, ու անոնց հաստ, թերխաշ, գաւառիկ բարբառին դէմ՝ դաշն ու կիրթ ու ազնուական հարազատութիւնը գրագէտին հայեվարին, զոր իւրացուցած էր նեարդային, մանրամանր ընկալչութեամբ, ապրած ըլլալով անոր շունչին, հոգիին, աչքերուն համատրոփ հեղումին մէջը: Միայն արիւնով չէ, որ զաւակ կ’ունենանք: Կ’ունենանք ատիկա, նաեւ, հոգեկան յղացումով: Դիտուած է, որ մեր անձին հոսումները աւելի հեշտ կը ծծուին մեր շրջապատէն, երբ հակասեռ բջիջներու կը բախին: Որքա՜ն ազդու է սեռին սլաքը տարրաբանական այս խուլ ու խորունկ բեղմնաւորումներուն մէջ: Իմացական մարզէ հմայք մը հասկնալի է ինքնին, առանց ուրիշ սլաքներու միջամխումին: Օրիորդ Գոհարեան օրուան ամբողջ մասը, բացի քունէն, ոլորտին մէջն էր գրագէտին: Ըսի ձեզի, թէ հետն էր հանդէսներուն:

Բայց հետն էր, մա՛նաւանդ՝ տունէն դուրս, զբօսատեղիները, իրիկւան կամ առտուան պտոյտները կատարելով տրտմութեամբ ու փառքով, աղուորէն վեր՝ արձանային անզգածութեամբ մը փաթթելով պարմանութեան խռովայոյզ ենթաշխարհը, անցնելով մարդոց քովէն, կենալ չուզող երեւույթի մը պէս, օտար, անթափանց: Անոր մայրը դադրած էր ընկերանալէ այս պտոյտներուն, քանի տարի կայ, լաւ զգալով իր ներկայութեան «ժանգը» գրագէտին ճակատին ու մրճուած իր իսկ տրտմութենէն, զոր «խնայելու էր աշխարհին»՝ ինչպէս կ’առածախօսէր սրամիտ գրագէտը, պտոյտներէն դարձին, երբ յոգնութիւնը, աւելի արագ ուժաթափումը զինքը ընէին աւելի արագ անիրաւ ու անգութ: Անոր աղջիկը տեսան Արեւմուտքի ու, մա՛նաւանդ՝ աւելի Անդիի անզգած անձնաւորութիւնները, հիւանդ կամ ոչ, սիրող կամ սեռէն հալածուած, իմաստուն կամ յիմար, կոյսն ու ծերուկը, բոլորն ալ թափած Գահիրէ, այսինքն՝ ձանձրոյթի, քառակուսի իրենց բուսապրումէն իրենք զիրենք ազատագրել ձգտող մարդեր, ակնկալին, տարադէպին հետամուտ սիրտերով, որոնք զգացական չքաւորութեան կամ յորդութեան իրենց եռոտանիներէն, անյագուրդ ու ձանձրախտաւոր, ծարաւ, բայց բերան չուզելով բանալ, չափեցին սեւաչուի փարթամ արուն ու անոր կուշտի գեղակերտ ձեւը: Հասկցա՞ն: Ո՛չ: Հոդ չէ շահեկանը: Բայց հայրենակիցները, դաշտային խնճոյքներու ատեն, կը խօսէին «իմաստութեամբ» անոր արդուզարդէն, որ կը պատշաճէր անոր մորթին, պայծառ, դուրսէն հիւսուած, աստղանկար բանի պէս թեթեւ: Այդ վայելչութիւնը կը ջերմանար յանկարծական ցոլացումներով, առանց որոշ պատճառի, տարեկից աղջկան մը կամ երիտասարդի մը անցքէն յետոյ, մորթին վրայ բաբախուն ուրիշ հոգիի մը նման եւ որոնք աղջկան մը աչքերը այնքան հեռու, անհասկանալի կ’ընեն: Երբեմն ալ խօսող բերնի մը նման, պարզ ու հրաւիրակ, լուսակիզուած ով գիտէ ո՛ր թաքուն զգայարանքէն, երբ հոգին հասած է ինքնին, ու պատրաստ՝ իր շապիկը պատռելու, հարսնուկ դառնալու համար: Այդ պահերուն փխրուն էր անոր գնացքը, այսինքն՝ անապահով, գաղտ վախէ մը դաշնաւոր: Գրագէտին թեւին յանձնած լիալիր այն շքեղութիւնը, որ աղջիկն է սեռէն ամպհովանուած, անկէ շոգեւոր, անոր համար հասուն, խուզարկու, չզգալով, թէ ինչ «ծիրանի ծուխ» կը թաւալէր իր ձեւին ետեւէն, գործածելու համար մէկ պատկերը մեր մեծագոյն աշուղին, երբ «սիրու տէր»ը հողերուն մէջն իսկ կ’այրի կարմիրով ու չի խաղաղիր:

Տարողութի՞ւնը այս զգայութիւններուն:

Գիտէք, ինչ որ գիտէ քաղաքը, սուտէն, իրաւէն:

Աւելի՞ն:

……:

Երիտասարդ աղջիկ, անիկա կը խորհէր, դառնութեամբ, իր մօրը, ոչ ամէն ատեն, այլ՝ իրարու նման կարգ մը պահերու, երբ երիտասարդ ու շքեղ կին մը, գիտա՛կ՝ իր մարմնական արժէքին, կ’անցնէր իրենց առջեւէն, քովնտի նայուածքով ու խոր անտարբերութեան դիմակին տակ, աշխարհ մը խռովք կը ձգէր իր ետեւէն, գոյնի, հոտի, չըսուած, բայց թելադրուած բանի ծուէններով, որոնք տարօրինակ դիւրութեամբ մը կը վերածուէին պարզ, պատահած իրողութիւններու, մօտիկ անցեալէն, հեռուի քաղաքին մէջ կամ աւելի ետքը: Ինչո՞ւ կարգ մը բաներ կը սպասեն այսքան երկար մեր գիտակցութեան մէջ իբր յիշատակ ամբառնալու, երբ զանոնք չէինք պահած կամ կ’անգիտէինք: Հասակագեղ ու ճերմակ ամէն կնիկ մութ ու տրտում այս զգացումները կը թեւաւորէ ամէն մածուցիկ ու աղտանուտ, ո՛չ անշուշտ մեղքին պայծառ խորանէն կծկծուն, այլ՝ սանկ ժանգի հակած գորշութեամբ մը, որ ամօթ չէ, ինչպէս չէ զղջահարութիւնը: Ու անցքէն յետոյ անիկա ինքզինքը ըրած կարծր սլաք մը նայուածք, կ’երկննար իր ներսը: Պիտի դէմդիմէր իր միտքը իր մամային, որ մարմին էր եղած ու փաթթուած անշուշտ սա խռովքին մէջ, որ ձեւն է կիներուն, երբ հագուած, քսուած, յարդարուած կ’ելլեն առանձին, կամ էրիկի մը վկայականը ետեւնուն: Որ մարմի՜ն էր, ու փաթթուած անշուշտ հեղուկ այն պատմուճանին մէջ, որով կը զգար ինքզինքը պարուրուած, երբ հագուելէ առաջ, ժանեկազարդ շապիկին մէջ կլորցող իր միսերուն գողտր արոմը՝ մատներէն արթնցած, երկարէր իրեն ու սահէր, մշուշի նման, մինչեւ հեռաւոր ալքերը գաղտնի զգայարանքներուն: Յետոյ՝ ամօթէն, կ’անցնէր ոստումով այդ խոնաւ, նուաղում բերող թուլութիւններէն, կառչելու համար մօրը իմաստին, որմէ զոյգ ընտանիքներ քայքայուեր էին, ինչպէս կը մշտանար ակնարկութիւնը, դառն ու չհերքւած, ներքեւ անոնց առաստաղին: Այդ պահերուն էր, որ փռուէր պիտի անոր աչքերուն՝ կիսամութ առաւօտը, որուն մէջ անիկա ելեր էր դուրս հայրենի տունէն, դիւր հաճոյքի, բայց անորոշ ալ վախի կրկին զգայութիւններէն ողողուած: Անիկա, մօրը ստուերին մէջէն, կը հետեւէր մարդուն, որ անոր ջիղերուն վրայ անդրանիկ սարսուռն էր ծաղկեցուցեր ու կը վախնար մօրմէն, որ հազիւ էր բացած խորհուրդը փախուստին: Առտունե՜ր, երբեմն ինչ բռնութիւն էք դուք: Ինչպէս կը յամառէր այդ առտուն, ծովեզերեայ պանդոկի մը կասկածելի մաքրութեան մէջ, երբ շոգենաւ նստելէ առաջ անոնք սպասեցին իրիկուան, այդպէս կուղպ, մութ ու կապուած: Այդ օ՜րը: Մա՛յրը՝ որ երբեք չունէր եղած այդքան խոր, գեղեցիկ, ճառագայթուն, հակառակ վտանգին, որուն թեւերը կը ծանրանային ուսերուն: Պարգեւեա՛նը՝ շրթները կծելով անդադար, ժպտելով բռնի ու նայելով ետին, անկարող ծածկելու խոր ու վատ տրտմութիւնը իր հոգիին: Ո՞ւր: Բայց ի՜նչ յիմար, թերի, սուտ է վէպը՝ բաղդատուած կեանքին: Որ պարտաւոր է քանի մը էջի վստահիլ անհուն հոծութիւններ ու անցնիլ…: Անշուշտ այդ առտուան ժանգը պիտի յամառէր անոր անդրագոյն զգայութեանց վրայ ու պիտի վերածուէր աւելի յստակ միւս պատկերին, քայքայո՜ւմ, ինչպէս որակուած էր գրագէտին ոգին իր իսկ բերանէն: Որսի՞ն բաժինը անոր արձակման: Առաջները անիկա կը վարանէր հարցումն իսկ դնելու, երբ նոյնիսկ երկրորդ ամսոյն, փախուստէն ետքը, «էրիկ-կնիկ» իրար կը բզկտէին, իրենց ահաւոր զզուանքին մէջ իրարմէ, ու իրարմէ իրենց փախուստին մէջ՝ «ամոլին» իւրաքանչիւրը փնտռէր զինքը, խաղաղութեան մարդկեղէն համի իբր խորշիկ մը, դժոխքին իսկ ծոցը, ուր կային թօթափելու իրենց ջիղերէն ինչ որ օքսիտն է յափրանքին, վայելքէն ու տանջանքէն ալ վեր: Գեղեցկութիւնը բարիք մըն է, առաքինութիւն մը: Նոր չէ, որ կ’ըսենք ասիկա, բայց անիկա հաշտեցնող բան մըն ալ ունի, երբ չէզոք է, այսինքն՝ խուլ շահերով չի կապուիր շրջապատին: Կը հանգչինք, առնուազն աչքով, արձաններու աշխարհին մէջ, երբ չդանդաղինք, վասնզի ամէն կատարեալ ձեւերուն ճակատագիրն է շուտով յոգնեցնել մեզ: Անոր մայրը կը փաթթուէր աղջկանը պատկերին, իբր սեպհական իր նկարին, կրկնուած իրմէ և դիմացնող՝ իր քայքայումէն յետոյ հեռու հրաշքը իր պարմանունութեան, որուն չենք հաւատար ամէնքս, երբ կը տառապինք թարմութեան սովէն: Տարօրինակ էր, որ չխորհէր այդ մայրը իր աղջկանը սեռին, մոռնալու չափ՝ ինչ որ եղեր էր ինքը, այդ պարունակէն, անոր սա տարիներուն: Ինչո՞ւ: Շատ, շա՜տ մայրեր, անոր նման, ինչո՞ւ չեն հաւատար այնքան պարզ բաներու: Զայն կը փնտռէր գրագէտը, ինքն իրմէ բացակայ, դասալիք, վռնտուած իր իսկ խղճմտանքէն ու, հանգչելէ յետոյ խաղաղ շնորհին մէջը անոր դէմքին՝ կը քրմանա՜ր, լուրջ ու խորունկ, արուեստագէտի արձակ սաւառնումով ու կը խօսէր ունայնութեանց վրայ մեր ամէնէն աւելի սիրած բաներուն, երիտասարդութեա՜ն՝ որ կ’անցնի աւելի արագ, քան ակնթարթը: Գեղեցկութեա՜ն՝ որ հիւր է մեզի, պահանջկոտ ու յիմար: Ի՜նչ սրտառուչ էր թախծագին իրականութիւնը սա պատգամներուն բերանի մը, որուն ճամբաները երկարեցան անասելի բաւիղները ամէնէն պղտոր ու գէջ տրտմութիւններուն: Հակադիր այս ազդեցութեանց ներքեւ, չկրնալով իսկ աղջիկ մնալ, մա՜յր էր անիկա, անտիական. վահան մը՝ անոր կործանումին, մխիթարելու տեղ՝ ապրեցնելով անոր առանձնութիւնը բարիքով ու շողով: Մորթը երբեմն մետաքս է ու երգ: Այսքան կանո՜ւխ: Անշուշտ: Կան այս աղջիկները համեստ կարգերէ, որոնք տունին ժպիտը, ծաղիկը, հոգին ըլլալէ ետքը, հոտն ալ կը ճարեն: Ու կան անոնք վերին խաւերէն, երբ սերունդներու ամբողջ ապրումները կ’երկարեն իրենց թաւշեայ նայուածքին ու մահուան դէմ կը հանգչին, անվերադարձ, իրենց հետ տանելով, հողերուն դադարին, ինչ որ արիւն ու պայքար, արցունք ու յուզում, ձեւ ու սարսուռ եղան դարէ դար: Ու կը խորհէր անիկա մօ՜րը ամէն անգամ, որ իր դաստակները տար գրագէտին ափերուն ու իյնար մէջը անոր անյատակ աչքերուն: Ու անցնէր անդին, այս անգամ իր հաշուոյն, վախով, բայց ընկալելու անկարող, ջանալով կասեցնել իր մտքին թաւալը դէպի խուլ խոնաւութիւնները ենթաշխարհին, ուր ձեւն ու զգայութիւնը, փափաքն ու անոր տարազը, մարմինն ու հեշտանքին անդրիները, սոսինձոտ ու մերկ, կը շրջին ազատ, զիրար հալածելէն: Հոգի՜ն աղջիկներուն՝ երբ անծանօթ անցորդէ մագնիսուած, կը սառին իրենց աթոռին կամ փակուած դուռներու առջեւ յապաղուն, ականջ կու տան սողոսկուն բառերուն ու կը կարմրին: Այսպէսով է, որ աղջիկները կ’ըլլան շատ: Անոր ներքին խորութիւնները կ’այցւէին՝ սկիզբները տարտամ, հետզհետէ աւելի հաստատ լոյսերէ, զատ-զատ: Բայց համակեդրոն: Արցունքէն յետոյ, առաջի՜ն անձնաւորումը սեռին, երբ կ’ելլէ զգացումի միգամած խորերէն ու կերպ կը դառնայ, տալով իր կնիքը մեր նայուածքին, ու մեր դէմքին՝ իր իմաստը: Շատերուն մէջ, այդ շրջաններուն, սեռը լուսամփոփ մըն է, ագռաւի կտուցով, խիստ ու աննահանջ: Քիչեր, ով գիտէ ի՜նչ հեռանկեալ խթաններու ներքեւ, յանդգնին պիտի խորտակել այդ մղձաւանջը ու ճանչնան «աշխարհը»: Միսը նոր չէ, որ ենթակայ է այս վատաuերումին, ապականումին: Արբունքէն յետոյ, երիտասարդութեան դուռներուն, սեռը կ’աստղանայ, նոր բառով մը՝ կը բիւրեղանայ, տեղէ, պահէ, անունէ, ընթերցումէ, շփումէ, շարժումէ, նայւածքէ բազմաստեղ տարազներով: Ոչ մէկ յիշատակ այնքան ամուր ու խոր կը կաղապարուի, որքան այս փրթուճ բաները, երբ, անցնելէ յետոյ սեռին գոլէն, կ’իյնան հանգիստի՝ մեր գիտակցութեան զանազան խորշերուն: Ինչո՞ւ, մինչեւ խոր ծերութիւն, չի մարիր ուժը ժպիտին, զոր տեսանք «բռնկած», այդ հեռաւոր առտուներէն մէկուն մէջ, դէմքի մը, որ ա՛լ չերեւցաւ մեզի: Այն ի՜նչ տարիք է անիկա, որուն մէջ նայուածքի մը, բարեւի մը, շփումի մը արժէքը կը քառապատկենք: Պատանութիւնը անմահ ռոմանթիզմն է մեր զգայարանքներուն: Ու Օրիորդ Սոնա Գոհարեանի ամէնէն ձեւընկալ տարիները շինուած էին տարրերովը գրագէտին, ամէն փարթամութեան նման՝ հովանուոր բազմազգի շնորհներով: Ինչո՞ւ պարմանները մէկ ու պարզ կը տեսնեն ու հասարակ ստահակը կ’ոսկեզօծեն սիրոյ զինանշաններով: Օրիորդ Սոնա Գոհարեա՞նը: Բայց անիկա ինչու տարբեր է այն միւսներէ՜ն, շատեր այս անգամ, որոնք հակառակ ամէն արգելքի, կը ձգեն շատ բան, նոյնիսկ հայրենի տունը ու կը հետեւին առաջին որսորդին: Անիկա ամէնէն աւելի տկար եղաւ յաճախումին անվրէպ մագնիսին դիմաց: Մանր, բայց շա՜տ, բայց միշտ՝ զարմանալի յստակութեամբ կտորներ՝ ժամանակի որոշ բոլորակի մը մէջ, ինչպէս հարիւրաւոր որմնանկարներու հաւաքոյթ: Ինչպէս՝ պարտէզի մէջ նոր տունկ ծաղիկներ, ցիրուցան, բայց համերանգ, ըլլալով ամբողջութիւն ու պատկեր, տալու չափ ածունետուն համիմաստ լեզո՛ւ, որոնք աճէին, բայց մնային նոյն: Ընդարձակուէին, բայց չաւելնային, առանց բացուելու: Տարփանքին յատուկ է այդպէս ինքզինքը պատրել ու չտեսնել ներսէն աճումը, մինչեւ որ պսակը խորտակուի հունտին ճնշումով ու ձգէ մերկ՝ իր պատռուածքը: Իր տասնըվեցին կը սիրէ՜ր գուցէ տարիքովը եռապատիկ այդ մարդը: Խե՞լք: Օրէ՞նք: Գիրքերու փա՞ստ: Աւա՜ղ, բառեր են ասոնք, որոնք միշտ անիրաւ չեն: Բայց երբեմն՝ պարզ բառեր: Բայց պէտք է ըսել նոյն ատեն համեստութեամբ նկուն ու պարտւած, որ սեռային անդունդը կը տարբերի ծովերէն անով՝ որ նաւարկելի չէ: Անոր քարտէ՜սն է, որ կը հանենք, իւրաքանչիւրս խեղճ մեր կարկինով ու կը գոհանանք: Այսինքն՝ մեր տգիտութիւնը կը գունազօծենք, ուրիշներու վրայ փնտռել ջանալով ինչ որ մերժեցինք մեզի: Ատկէ՝ թերեւս, հրապոյրը, բոլոր նաւորդի յիշատակներուն: Մենք պիտի կարդանք ամէնէն համեստն ալ, հերիք է, որ նաւաստին չըլլայ գրագէտ, ըսել կ’ուզեմ՝ կեղծաւոր ու յերիւրող: Անոնք, այդ անդունդը, անդունդները ամէն կին նոր չէ, որ կը նմանցուի ատոնց կազմուած են նոյն աղով ու նոյն կրակով, բայց բախտը ունին տարբեր երեւալու մեր ամէն մէկուն: Ու ամէն աղջիկ, մէջն ըլլալով անշուշտ Սոնա Գոհարեանը, կը հնազանդի այն խուլ ձայներուն, չեմ ըսեր օրէնքներուն, որոնք սեռային արեւելումը կը վերածեն տեւողութեան, ճառագայթման հարցի մը ու արդի մշակոյթին բարուրանքին մէջ թէեւ կը թեւեն հետակորոյս, բայց կ’անձնանան, իրենք զիրենք կը բռնադատեն, երբ պարագաները նպաստեն այդ արեւելումին: Մենութիւնը, որուն մէջ առնուած էր անոր մանկութիւնը, կու տար առաջին պայմանը այդ խորհրդաւոր հակումին. հօրէ սրբութիւնը, քոյրերուն տգեղութիւնը, շուկան, մենագարութիւնները հարուստ տուներուն, արդէն շատ կանուխ անոր մէջ յարդարած էին գետինը ուժգին ինքնացումներուն: Այս զրկանքները տարօրէն կը խոցեն մեր զգայարանքները ու մեր խելօքիկ պատեանին տակ կը փորեն սուր գահավէժներ: Փախուստին ահաւոր հարուա՞ծը: Հարկա՜ւ: Անոր մայրը, իր տարփանքին բաշերուն մէջ, ինքզինքը ամբողջապէս լարած գրագէտին, անոր կը դարձնէր կրկին առաջին պարմանութեան միւս զգայութիւնները, երբ, ով գիտէ ի՜նչ հաշիւներով, տարի մը յաճախեր էր Քոյրերու վարժարան մը, ուր կը փայփայուէր անիկա տարօրինակ ձեւերով, տարբեր հաճոյքներու ճպոտին ներքեւ, դողահար ու ըղձաւոր: Հո՜ն էր, որ կը համբուրէին զինքը տարտամ մայրապետներ, քաղցր ու օծուն, բայց սարսռոտ մարմինով ու անոնց գիրկին մէջ իր պուպրիկի մարմինը կը տառապէր անասելի զգայութեանց հաշուին: Ցերեկները կը պառկեցնէին զինքը իրենց յիսուսազարդ մահիճներուն մէջ ու կը հիւսուէին կիսամերկ իր ձեւերուն, ծծելով, բայց իրական շրթներով, թարմութիւնը իր միսերուն, միշտ օծո՜ւն, միշտ սրբազան, խնկաւէտ սիրով, յանուն Տիրամօ՜ր: Խոր այդ խռովքներուն յամենա՜լը վրան: Տուն դարձին, իր առանձնութեան մէջ, անիկա կը զգար դեռ այրուցքը, իր միսերուն վրայ, այդ շրթունքներէն: Զինքը ողջագուրող այդ մատներուն հետքերը իր մարմինը կ’ընէին խայտաւոր ու ցաւով: Յետոյ գիշե՜րը: Հարուստ ու ապականած տան մը գիշերը: Առաջին լոյսերը, սրահին գաղջ ու բազմերանգ հոտերէ ակօսուած, մթնոլորտը, ուր պատկերներն անգամ մեղսակից ժպիտ մը կը նետեն ու գորգերուն խուլ թաւութիւնը կը դաշնաւորուի աչքերուն խուլ զիկզակումին: Այդ «ելեկտրականացած» շրջապատին մէջ անոր մարմինը կ’առնէր ուրիշ յուզումներ...: Անիկա քաղցր, կրաւոր, տեւական սուզումով կը մնար կախուած գրագէտին աչքերէն, նեղելու աստիճան անոր ազատութիւնը, մշտական հսկողութեան մը ենթարկելով խաղը անոր նայուածքին: Աւելի՞ն: Անիկա կը սիրէր այդ մարդը, անոր մէջ զգալով, գտնելով ինչ որ կ’ուզեն աղջիկները ամէնէն առաջ, անտեսելով, ուրանալով ինչ որ պիտի արհամարհեն, հալածեն, երբ աղջիկ չեն ա՛լ: Քիչ անգամ օրէնքը կը շեղի եւ պարմանութեան կուռք մը կանգուն կը պահէ երիտասարդութեան ատեն: Աւելորդ է զբաղիլ այս հակակրութեան prossesusով: Միւս կողմէն՝ գուցէ այս հակասութիւնն է, որ քիչ մը լոյս կը նետէ սեռային մռայլութեան մէջ, երբ տարիքները այդպէս իրենց հակադիր բեւեռներէն կ’ոլորուին դէպի իրար: Քիչ չեն աղջիկները, որոնք քառասունէն ետքը գիրկը իյնան քսանէն վար պատանիներու ու ճիշդ է դիտողութիւնը, երբ շրջենք սեռերը: Քիչ են աղջիկները, որ ազատին այս կախարդ ոստայնէն. խորապէս եսամոլ կամ ախտագին մղումներէ բռնավար՝ պատահական են աղջիկներ ալ, որոնք կրնան մնալ մօտ, ու չառնուիլ շուրջի ձեւերէն: Անշուշտ հազուադէպ, բայց ստոյգ այդ զօրութիւնները կը հաստատեն ուրիշ տուրքեր: Ճիշդ է կատարելապէս պաղ արուն, ինչպէս պաղ էգը: Որոնք հոգեկան գաճաճներ են, կատարելապէս ճիշդ՝ սեռային մարզէն, ինչպէս ճիշդ են ֆիզիքին մարզէն միւսները: Հոգին, սովորը, մեր ամէնունը, աղբիւր մըն է, որ պիտի հոսի, կամ՝ աւազան մը, որ պիտի ընդունի: Ու նոր բան չեմ ըսեր, երբ դիտել տամ, թէ այդ հոգին խտութեան իր գերագոյն աստիճանը ունի պարմանութեան շրջանին, չնմանելով միտքին, որ տարիքին հետ կը քալէ ուղիղ համեմատութեամբ: Որքան շատ բան գիտեն ժողովուրդներու ծերակոյտները ու որքան քիչ կը զգան: Կրացո՞ւմը: Ո՜վ ինչ գիտնայ, թէ երակներէն ինչ կը վազէ յիսունէն վեր մարդերուն: Այս է պատճառը, որ, հոգեկան հոսո՛ւմ, արուեստը ոմանք զայն կ’որակեն սեռային հոսում դէպի ոչ-էգը, կենսաբանական առումով էգը կը սնանի առաւելապէս, մատաղ օրերու հաւաքումն եղող այդ հոծ խաւերէն: Ինչ որ արուեստագէտ մը աւելի յետոյ պիտի ճարէ իր գործին, արտաքին է միշտ, աչքի ու մորթի քանի մը plaqueներ: Ճամբորդի գրականութիւնը՝ միտքին ուղղուած՝ դուրս է անկէ ու շփոթելու չենք յաջողած հատորներու այսպէս ճարուած գեղեցկութիւնը բուն արուեստի բխումներուն հետ: Մի ուրանաք Արիստոտելին ընդարձակութիւնը, բայց մի ըլլաք միամիտ անոր մէջ զգալու չափ պղատոնեան հուրքը: Մենք մեր պատանութիւնն է, որ կը մանրենք, երբ կ’ընենք արուեստ: Օրիորդ Սոնա Գոհարեանը աւազա՜ն էր, ու ի՜նչ աւազան: Թերեւս բանաստեղծութիւն ըլլայ պիտի զայն նմանցնել կախարդական այն ջուրերուն, որոնք խոր ու անթափանց թաւուտներու ծոցը կը պառկին «յաւէ՜տ» մենաւոր, եւ որոնց հայելիին վրայ, հնօրեայ աստուծոյ մը բերանէն կը վազէ յաւիտենական հեղանուտը: Առաջները ան ի՜նչ կը տառապէր, քողարկելու համար մօրմէն, զգալու իր դժբախտութիւնը, ու կը վախնար մօրմէն ո՛չ իր, այլ՝ անոր հաշուոյն: Վա՜յ օրին, երբ աղջիկ մը իր մայրը կը դատէ: Այն օրն անիկա կը մտնէ ուրիշ աշխարհ մը: Կը վախնա՞ր գրագէտէն: Երբեմն սեռային սլաքը պարթեւական ռազմախաղ կը փորձէ: Սեռէն ընկրկումը կայծ մըն է՝ մեր զգայարանքներէն՝ մեր բնազդներուն: Ու զգացո՛ւմը, դուք դրէք անոր ճիշդ անունը: Որ հեղում է սրտագին ու կը վարանի նոյնիսկ թափելու ու կը հրուի, մեղսակից շիջումով միշտ աւելի վար, մինչեւ որ՝ ա՛լ անվերածելի՝ խորտակէ յատակը ու ժայթքի դուրս, անսպասելի խենթութեան մը ձեւով: Աշխարհի ընդարձակութեան մէջ ընդարձակ է այս տրամն ալ ու կը լուսաւորէ ընթացիկ գոհացումին միապաղաղ գորշութիւնը: Սէ՞ր: Սե՞ռ: Ո՞ւր կը սկսի մէկը ու կը դադրի միւսը: Բայց մէկէն միւսը՝ պողոտա՜յ, ինչպէս կը հաստատեն հազարաւոր օրինակներ, առօրեայ կեանքէն, ողորմութեան ձեւին տակ խղճմտանքին մէջ յառնող զգայութիւններ, որոնք շատ շուտով իրենց բռնութեան գերի կ’ընծայեն մեր ջղային կեդրոնները: Անիկա, երկար ատեն, ծածկէր պիտի ինքզինքը իրմէն, վախնալուն համար «թոյլ», «մեղօք» տխրութենէն, որ ցուցանիշն էր սեռին, եւ որ պիտի կազմէր, ի վերջոյ, հիմնայատակը անոր հոգիին: Վասնզի այդ խուլ տրտմութիւնը իր մոյնքը, կնիքը կը պարտադրէր այդ շրջանէն իսկ: Մարդոց դէմքին բաց կամ գոց պատկերը փնտռեցէք պարմանութեան նմանօրինակ հայելիացումներէն: Անիկա տրտում էր դարձեալ գութին պարունակէն: Կը սիրէր գրագէտը ու կը գթար մօրը վրայ: Ու զոյգ զգացումներու այս գօտեմարտը կը կրէր անիկա իր սիրտին արձակութեանցը վրայ, մարմինին ծաղկեւոր բխումին մէջը, պսակներով պարտկել ջանալով անոնց լերկ, սարսռոտ ստուգութիւնը: Աճպարա՞ր: Չ՛է երբեք սէրը: Բայց հնարամիտ է ամօթխածութիւնը: Կիրքին վայրագ հաստութեան դիմաց, որ չի փրկուիր, այսինքն՝ չի ծածկուիր. զգացումի շիկնոտ վարանքները աղջիկներուն անձը կ’ընեն տարօրէն քաղցր ու խռովիչ: …Կեա՞նքը: Ըսել կ’ուզեմ բաժի՞նը՝ դէպքերուն, շփումներուն, յանկարծահաս անակնկալներուն: Հարկա՜ւ: Ու կեանքը՝ փախստականի, պոհեմ ի, սիրային ճնշումով ձգտուած ոլորտի ու գայթակղութեան գարգմանակուած հեքիաթի: Ու ողբական, տարադէմ բաներով ակօսուած կեանքը մանկամարդ աղջկան, որ Եգիպտոսի մէջ շփումի կը մտնէր խոր, խուլ ու հին բաներու հետ: Իզմիրէն վերջ, որ հեշտ ու թոյլ գեղեցկութիւն է, ու մարմինը կը բանայ, կը լայնէ՝ խոշոր ծաղիկներու վերածելով երեսները կիներուն: Եգիպտոսը երկիր մոմիայի ու խիստ չորութեան –զայն կը պարուրէր հին ու տարտղնոտ իր շունչովը: Աւազին պէս ջերմ ու ծխացող: Բիրտ ու կծու այդ արեւին տակ մարմինը շուտով կը կծկուի ու լայնքը կը խորշոմի, ամէն ուղղութեամբ: Կլորի հակած դէմքերը կը քարանան ու կը ստիպուին առնելու երկայնքի ճարտարապետութիւն: Գիծերը, թուղթի վրայ մեռա՛ծ, ապրումներ են հողին ոլորտներէն: Ու ենթակա՛յ օրէնքներու, որոնք կը խուսափին մենէ: Տափաստանի գծագրութի՛ւն, մոնկոլեան դէմքերը կ’երկննան: Աւազներու ճնշում՝ գիծերը երբեմն պիտի չերթան կորին շնորհին: Եգիպտոսի մէջ, մարմինը ի՜նչ տարակայ մարզերէ ալ ըլլայ ինկած, առաջին իսկ սերունդին, կեղծուի բնագաւառին յարդարանքէն ու կը հագնի երկարուն ճարտարապետութիւնը շնագլուխ ձեւերու, սուր ու ոuտոuտուն, բայց որոնց նկարագիրը զօրութիւնն է, խորութիւնն է: Հոն, Արեւելքէն ու Արեւմուտքէն մշտահոս միսերը կիներուն կը մարին իրենց երկրորդ շառաւիղներուն, ու կ’ըլլան դէպի ոտները լարւած, գրեթէ շիլ գիծերու հոսանք մը: Տեւողութեան սա լայնքին վրայ այս այլասերումը որքան անխուսափելի, կը նախաբանուի անիմանալի ուրիշ ընդլայնումով մը, այս անգամ տեւողութեան կարճ հատուածէ մը: Հոն ինկող ամէն օտարուհի, առաջին չորս-հինգ տարիներուն, կ’այլայլի հակադիր հեղումներու ներքեւ, չճանչցուելու չափ ընդարձակուելով սկզբնատիպ իր շնորհին մէջ: Ժուժկալ ձեւերը արագ-արագ կը յորդին ու թեթեւ գծագրութիւնը միսերուն կը վերածուի գեղայօրէն կատարելութեան մը: Արե՞ւը, Նեղոսի ոգի՞ն, հեղինա՜կը այս աճումին: Յետո՞յ: Բայց կիները ձեւերուն մէջէն կը տեսնեն ամէնէն առաջ ինչ որ կ’ուզեն իրենք, այսինքն՝ աչքի վայելքները: Այս էր պատճառը, որ անիկա ցաւով ու տրտմութեամբ սիրէր տժգոյն աղջիկները, անգլուհի կամ աւելի հիւսիս ցեղերէն, որոնք երեսի տեղ՝ ներկուած կաթի պարուրակներ անցուցած իրենց դէմքին, ձմեռները կ’երեւին այնքան առատ, տրտում կամ զուարթ, չոր կամ խոնաւ, փողոցներէ՜ն կտորելով իրենց մարմինը, մելամաղձոտ կամ անհոգ մարդերու քովէն (ինչո՞ւ չէր մոռնար այրերը տեսնել գրագէտին անդրադարձումով, ու չէր զգար բնական ու ոչ-փորձանաւոր տարազներ կը զլանար անոնց ու կը մղուէր ենթադրելու սանկ ու նանկ հօրեղբայր, տարտամ խնամակալ ու աւելի պարզ ձեւեր) կ’անցնէին դէպի աւազները, ուղտի մը նկարուն բոժոժները շոյած ատեն տարօրէն դիտելով իր մերկութիւնը հազիւ-հազ կելլէպիէ ին [1] յանձնած պղնձաւոր, ստեղնամորթ ֆելլահը, որ կը նստի ու կը գրգռէ, վայրագ ու օտար հոտերով համեմուած, ու կը փակէին իրենց աչքերը ով գիտէ ի՜նչ ներանկար ողբերգութիւններու: Ամօթը ցաւ է երբեմն: Ու ամչնալու համար կիները ներհակը եղան այրերուն, որոնք ցաւը կը կրեն, բայց չեն ամչնար: …Անիկա կը սիրէր հիւանդները, որոշ աստիճանի, պտըտելու կարող, մեղրամոմի բացութեամբ, այնքան բարակ ու զգլխիչ, որ մահն իսկ կը հերքեն անհուն իրենց ըղձաւորութեամբ, հիւծումին գոլին մէջ, վերջնական պարտասումէն առաջ, առկայծուն ու չքնաղ, բերելով իբր «փունջ մը բոց», «փունջ մը նայւածք», նայելով մարդերուն, անտուն կորովովը իրենց յորդ, բիւրազգի ու տարօրէն փխրուն սիրոյ բաժակներուն: Ու անվախճան ըղձաւորութիւնը, որ յատկանիշն է պատանութեան, առաջին երիտասարդութեան, զայն կ’ընէր թրթռուն ու լարուած, դէպի բազմաբեղուն պիսակաւորումը կեանքին բոլոր ձեւերուն: Կեա՜նքը: Այսինքն՝ մեր ներսի աշխարհին երես մը բա՜ն, մեր դէ՜մը բռնուած կրկին ու դուրս, որ պատրանքով մը ծածկէր ձեռքը բռնողը, մեր իսկ ձե՜ռքը: Այնքան սուտ է ամէն բան, մեր ամէնէն ամուր դաւանած սեպհականութեանց իսկ կալուածէն: Կա՞յ աւելի իրաւ բան մը, քան մեր անձը: Երանի՜ անոր, որ պիտի չհերքուի այս հաւատքին մէջ: Երանի՜ անոր, որ պիտի չիյնայ գարշապարին տակը սեպհական կասկածին: Նոյնիսկ հո՜ն՝ ուր անոր կը տրուէր մենանալ, տիրանալ, անակնկալ պահերու: Այն ատեն, անիկա, այսինքն՝ այդ իր դէմ բռնուած ափ մը աշխարհը կը մեծնար, բռնելու չափ ամբողջական կամարումը իր ներսի շէնքին: Կեա՞նքը: Հարցուցէք քանի ունիք ձայն: Քանի ունիք լա՜ր՝ առնելու համար գոնէ արձագանգ: Դուք բոլո՜րդ, որ աղջիկ չէք քսանէն վար ու կը յաւակնիք աշխարհը գիտնալ: Ձեր պատասխա՞նը: Այսինքն՝ առա՞ծը: Աւա՜ղ, բիրտ աւարտ մըն է յաճախ, որ պիտի քայքայուի, փշրուի ամէնէն ուշը ձեր տապանաքարին վրայ: Քսանէն վա՞րը: Հարկաւ: Արիւնում էր ատիկա, լայն, խոր, մշտական, մոռցնելու չափ պզտիկ իր տառապանքը: Ի՜նչ՝ արժէքը ցաւին կամ հաճոյքին, որ խեղճուկ մարմինին ստեղներն ի վար, դէ՜մը՝ սա բիւրազգի ձեւերու անտառին, որոնք երանգի ու յօրինուածքի տարբերակերտ առատութեան մէջ կը յանգէին միեւնոյն ցեխին, մեր միսերուն ու դնդերներուն ոսկեհանքերէն վերհանուած խրո՜ւկ: Սիրե՞լ: Բայց կը փախէր անիկա բառէն, վազելով անոր ետեւէն աղաչաւոր ու բազմատարած: Սիրե՞լ: Բայց կը համբուրէր անիկա մտովի պատկերը գրագէտին, որ, բառի եւ ձեւի քահանայապետ, կը խօսէր անոր վարանոտ զգայարանքներուն՝ դաշն ու փորձ դառնութիւնը իր ջիղերուն, խոր, սուր, թափանցուն այն բարբառով, որ կախարդներունն է, քուրմերունը, հարցուկներունը: Որ կը պարզէր անոր իմացականութեան հորիզոններուն՝ մեծ ոլորքները «յաւիտենական հոսումին», «անսկիզբն ու անվախճան» սա հիւսիսայգը մեր կիրքերուն, որոնք սրտէն կը բուսնին ու բիւրեղ կ’ըլլան անծանօթ արեւին դէմ դէմի դրուելով: Ու վեր կիրքերէ՜ն: Այսինքն՝ ընդլայնելով տարազը, հասնելու համար ձեւերուն մշտանորոգ ընկլուզումին, մարդուն որդնահար սրտին սրտնահար յուզումներէն անդին: Որ կը տանէր անոր երեւակայութիւնը անլուր տրտմութիւններու, մահով կերոնուած, պսակուած ու փառաբանուած: Մոռնա՞լ: Ինչո՞ւ: Քսանամենի հրդե՞հը անբիծ ձեւերուն, թէ յիսնակաւոր ձանձրոյթի զեռնազեղ կարասը հոտած կենցաղին: Մոռնա՞լ: Աւա՜ղ, այո՛, երբեմն: Դուրսը՝ ինչպէս ներսը: Մոռնալ ինքզինքը: Դաշնամուրը, որ մտերիմ է երբեմն կիներուն, միշտ աղջիկ է սակայն, այսինքն՝ կնքւած խորհուրդ, որ կը սպասէ լուծող մատներուն: Ու երգը՝ բազմահազար թռչուններու տարմ, որ կը թուի փախչիլ ոսկոր վանդակէն, բայց կը մնայ կապ ու կլոր՝ մեր գլխուն վերեւ:

Ու կը պահէր անիկա իր գաղտնիքը բոլորէն, դիւրագին դժւարութեամբը միամիտ հնարքներուն: Բայց կը տառապէր իր իսկ կեղծիքէն, երբ կը տանէր փորձը հեռու, ինքզինքը ետին ծածկելու: Ու կը փնտռէր գրագէտը, անոր մօտ գտնելով ինքզինքը տարօրէն խաղաղ, հաճ, իր տառապագին հնհնուքներէն կարծես հրաշքով ազատուելով: Ըլլա՜ր՝ անոր ներկայութի՛ւնը՝ արեւը, այնքան անձուկով ու այնքան փոյթով սպասուած գարնան հետքերէն: Ո՞ր աղջիկին միսը վար կը մնայ հարիւր գարունէ:

Այսպէս կ’ապրին աղջիկները, մէկ, երկու, երբեմն ալ տարիներ:

Յետո՞յ:

Կը յոգնին:

Յետո՞յ:

Կ’իյնան գետին, ինչպէս ծաղիկներ՝ յոգնա՜ծ, լոյսէ, գոլէ, մա՛նաւանդ՝ սպասելէ:

Ո՞ր հրաշքը միջամտեց, որպէսզի չըլլար այդ կործանումը, երբ անոր մորթին տակ պտըտող սարսուռը ելաւ երեսին, խելայեղ վախի մը մէջէն: Գրագէտին գրկին մէջ, որ պլլուած էր իր զգլխիչ տրտմութիւններէն մէկուն, անիկա քաշուեցաւ Մեղքին մայր դուռնէն, բայց չմտաւ հոն: Սահակ Պարգեւեան արցունքով համբուրեց այլ ընկրկումը: Անոր աղտակուռ կեանքին սխրալի մէկ հատիկը, ծաղիկն էր ատիկա: Պարկե՞շտ էր եղած առաջին անգամ:

Հիմա, որ այս պատմութեան աւագ դէմքերուն ծանօթացումը ըրիք, ու գիտէք արեւմտահայ մեծատաղանդ արձակագիրը յիսունէն վեր, բայց տարօրէն տկար, ենթակայ քսանը նոր անցած աղջկան մը տիրոյթին, հիմա կրնաք մօտենալ ուրիշներու, բոլորն ալ Օրիորդ Սոնա Գոհարեանի ձուածիրին մէջ շրջան ընող միութիւններ, աւելի կամ նուազ խորհրդաւոր, որոնք իր սրու վազեն, իրենցմէ վեր ուժերէ բռնավար: Գաճաճն ու հսկան իրար կ’արժեն:

Ամէնէն շահեկանը, ու այլապէս կենդանին՝ Սփլանտիտ փալասի Տէր ու Տնօրէն Մինաս Մարանը:

 


 



[1]   Կելլէպիէ = Պարեգօտ (ամբողջական՝ ոտքէն գլուխը):