Վէպեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԱՍՆ Բ.

ՄՈՌԱՑՈՒՄ

Յունիս ամսոյն մէջ պայծառ ու անդորր գիշեր մը, Քանլըճայի ծովեզերեայ ապարանքներէն մին շքեղ կերպիւ լուսաւորուած էր. Պետական Խորհրդոյ հայազգի անդամներէն եւ Մատրիտի Օսմանեան դեսպանատան նախկին առաջին քարտուղար Վսեմ. Գէորգ էֆէնտի երեկոյթ մը կ’ընծայէր իր ընտրեալ հրաիրելոց. դեսպանական մարմինը գրեթէ ամբողջովին, Պետական Խորհրդոյ նախագահը, բարձրադիր իսլամ ու հայազգի պաշտօնատարք եւ սեղանաւորք իրենց ընտանեաց հետ պատասխանած են հայ քաղաքագէտին ընդունելութեան։

Սրահներէն մին՝ միայն լուրջ ու քաղաքական խօսակցութեանց յատկացած է։ Ռուսեւթուրք պատերազմին նախընթաց եղող Պալքանեան ազգաց խռովութիւնք մտատանջութիւն կը տարածեն դիւանագիտաց մէջ, խլրտում մը կայ, հով մը՝ որ կոհակածուփ կը յուզէ սլաւեան ազգութիւններն ու սրատես անձինք դիւրաւ կը ճանչնան հիւսիսի քամին որ փոթորիկ միայն կը ծնանի։

Ուրիշ ակումբ մը երիտասարդաց, որոց մէջ կը նշմարուին դեսանական փայլուն քարտուղարք, զինուորական կցորդներ, դատական պաշտօնատարեր, տիկնանց շուրջն հաւաքուած է։ Անդին խաղի սրահը թափուր չէ ու պաքարան իր անխուսափելի տագնապովը կը վարակէ իր բոլոր սիրահարները. մէճիտներով սկսեր էին, շուտով գրաւներն ոսկւոյ կը վերածին ու մեծ գումարներ կը շահուին ու կը կորսուին։

Տիկնանց քով ընդհանուր խօսակցութեան նիւթը՝ մեծ ընտանիքի վերաբերող յոյն տիկնոջ մը իր ամուսինը թունաւորելու ոճրով ամբաստանութիւնն էր, որ նոյն օրն իսկ անմեղութեան վճռով մը վերջացեր էր։

Ամենքն ընդհանրապէս կը քննադատէին երիտասարդ փաստաբան մը որ ներկայ էր հոն ու բառ մը չէր արտասաներ այս յարձակմանց դէմ. իր տաղանդը չարաչար գործածելուն մասին եղած դիտողութեանց դէմ ժպիտով մը կը բաւականանար, ու լուռ, ժպտուն ու տխուր կը կանգնէր անշարժ վառարանին մարմարին կրթնած։

Այս երիտասարդ լռակեացն, որոյ պերճախօսութիւնը կ’ամբաստանէին, Տիգրանն էր։ Չորս տարի անցեր էր յորմէհեհէ սիրով, գրեթէ մոլորութեամբ ընդգրկելով փաստաբանական ասպարէզին, հոն գտեր էր միայն այն մշտատեւ պայքարն որ իր դիւրայոյզ ու մշտագրգիռ հոգւոյն անհրաժեշտ էր։ Իր խորին ու լուրջ հմտութիւնը, խիստ ու անաչառ դատողութիւնն, զօր ու հպարտ շեշտը, պերճ ու զարդարուն լեզուն շուտով մեծ անուն ու մեծ համբաւ տուեր էին անոր։ Բաղդատաբար քիչ միջոցի մէջ յաջողեր էր ձեռք բերել բարձր դիրք մը որ այս դժնդակ ասպարիզին մէջ հազուագիւտ է։

Շատեր յուսահատ ետ քշուած են եւ այս մշտատեւ կռուոյ կեանքն ամեն արարածի ուժին չի համապատասխաներ։ Տիգրան ընդհակառակն իր մթնոլորտը գտեր էր հոն, այս էր այն ասպարէզն զոր երեւակայեր էր միայն յարմար իր անհանգիստ ու դժգոհ ոգւոյն ու հոն իշխող ու հզօր ձայն մը վաստակեր էր մինչեւ իսկ այն բազմաթիւ թշնամեաց քով զորս ընկճելով ու յաղթելով ստացեր էր։

Հարկ էր գոհանալ այս յաջողութենէն որ կոյր բաղդի մը շնորհը չէր եւ որ դատական յողթանակներով ձեռքը բերուած էր։

Տիգրան՝ մասնաւորապէս պատժական դատերու մէջ անվիճելի իշխանութիւն մը ստացած էր. իւր հրաշքները մէկէ աւելի էին. կեդրոնական բանտին հիւրերէն ո՛ր մէկն իրենց կեանքն, ո՛ր մէկն իրենց ազատութիւնկ կը պարտէին անոր։ Իր անունը վերջին ապաւէնն էր որում ամբաստանեալն անհաւատալի վստահութեամբ կ’ապաստանէր եւ այդ անունն բանտին մէջ նուիրական էր, անոր մասին ամենափոքրիկ չարախօսութիւն ամենամեծ ոճիր մ’էր. երախտագիտութիւնն այն միակ մնացորդն էր զոր չարւոյ ու բարւոյ զգացում կորսնցնող այս մեծ ոճրագործները դեռ կը պահէին իրենց սրտին մէջ։

Օր մը նորատի կին մը բերին հոն որ իր էրիկը թունաւորած լինելու ամբաստանութեան ներքեւ կը գտնուէր։

Կանանց յատուկ բանտը փոխադրուելէ առաջ առժամեայ կերպիւ առաջնորդեցին զինքն ընդարձակ, խոնաւ ու մթին սրահի մը մէջ, տխուր ու մահազդիկ օթեւան, ուր տարաբաղդ կինը մազ մնաց վախէն պիտի մեռնէր։ Իրեն բանտարկութեան ընկեր ունէր ամբաստանեալներ ու դատապարտեալներ. ահաւոր տեսարան մ’էր այս երկաթներով ծանրաբեռնել աւազակներու խումբն որոց ամեն մէկ շարժումը շղթայից շառաչմամբ կը կրկնուէր, որ մէկն անփոյթ, զուարթ ու կայտառ, որ մէկը տժգոյն, նիհար ու դողդոջուն այս մահուան կապանքներուն տակ։ Հոս պատանի ու գեղանի մարդասպան մը որ ութսունամեայ ծերունի մը սպաննած էր ու անոր ցոյց տուած տարօրինակ դիմադրութիւնը զարմանօք կը յիշէր. հոն՝ երկար մօրուքով, վարդապետի դէմքով դրամանենգ մը, որ իրեն տերուած պատժոյն ծանրութեանը դէմ կը բողոքէր. անդին՝ աներկիւղ հրձիգ մը որ ապահովագրութեան ընկերութենէն երկու հարիւր ոսկի կորզելու համար ամբողջ թաղ մը կրակի տալու չէր վարանած. քիչ մը անդին երեք չորս անձինք՝ ծանօթներ ու մտերիմներ, որք միատեղ ապրելով բարեկամացած են եւ որք ապագայի պատրաստութիւններով ու արդարութեան ձեռքը չի մատնուելու համար նորանոր միջոցներ մտածելով կ’զբաղին. ասոնց մօտ ծերունի մը՝ որ պատժական դատարաններէ ստացած բազմաթիւ դատապարտութեանց շնորհիւ անփորձ իրաւագէտէ մ’աւելի պատժական օրէնսդրութիւնը կը ճանչնայ. զորօրինակ նա կը բացատրէ նորեկներուն թէ դատարանին կողմէ ձրի փաստաբան մը պիտի ունենան, թէ ուրանալէ լաւագոյն պաշտպանութեան միջոց չունին, թէ քննիչ դատաւորին բռնութենէն գանգատիլ հարկ է դատարանին առջեւ։

Նորեկ կինը սոսկմամբ զատուիլ ուզեց այս մեղապարտ ընկերութենէն, բայց ամենուն ծաղրն եւ յարձակումն իր վրայ հրաւիրեց. ամենքը նախ եւ առաջ տեղեկանալ ուզեցին անոր ոճրին ի՛նչ ըլլալը։

Թունաւորո՞ւմ մը, այդ բան մ’ըսել չէ, կ’ըսէր անդիէն հռչակաւոր ստահակ մը, ցկեանս շղթայակապ աշխատութեամբ մը կ’ազատիս։

174րդ յօդուածին վերջին պարբերութիւնը գիտե՞ս, գոչեց անդիէն ծերունի խորհրդատուն, կարծես քու վրայիդ ձեւուած է։

Մեղք այդչափ գեղեցկութեանը, աւելցուց պատանի մարդասպանը, մինչդեռ կինն ահաբեկ ու շուարած յիմարի մը պէս իր շուրջը կը նայէր շարունակ. առանց բառ մը հասկնալու եղած խօսակցութենէն։

Նոյն միջոցին իմացուեցաւ այն անհաւատալի արագութեամբ իր բանտերուն միայն յատուկ է եւ որով ամեն հաղորդակցութեան միջոցէ զուրկ ամբոխի մը մէջ արտաքին բոլոր լուրերն անմիջապէս կը տարածուին, թէ նորեկ ամբաստանեալը Տիգրանի պաշտպանութեան յանձնուած ր դատարանի կողմէ։

Տիգրանի պաշտպնեալ լինիլը կիսով մը փրկուիլ եւ բանտարկելոց երաշխաւորութեան ներքեւ գտնուիլ կը նշանակէր։

Այն վայրկենէն ամենքը բարեկամ դարձան նորատի կնոջ ու զինքն յուսադրեցին։

Ամենքը կը յիշեն այն տարօրինակ թունաւորման դէպքն որով նոր ամուսնացած յոյն վաճառական մը զոհ եղաւ Արնաւուտ գիւղի մէջ։ Կասկածները կը ծանրանային անոր երիտասարդ կնոջ վրայ, որոյ թեթեւ վարքն ու առանց մի քանի ամիս սպասելու կրկին ամուսնութեան փորձը նոր ապացոյց բերել կը թուէին այս ոճրոյն։ Կալանաւորման հրամանագիրը չուշացաւ զգացնելու այս անպատշաճ փութաջանութեան բոլոր անխոհեմութիւնը։

Պոլսոյ ամեն ազգի ու կարգի մարդիկ, նամանաւանդ կանայք հետաքրքրեցան. օրուան սովորական խօսակցութեան նիւթ դարձաւ այս ձերբակալումն։ Ամբաստանելոյն սեռը, տարիքը, գեղեցկութիւնը, բարձր դիրքը բացառիկ հանգամանք մը կուտային այս եղերական արկածին։ Լրագիրներն, որ այս տեսակ ոճրագորոծութեանց երկտող մուեթանաւելի չէինզոհեր, հարկ դատեցին բոլոր դատաստանական քննութեանց վրայ օր աւուր տեղեկութիւն հաղորդել իրենց ընթերցողներուն։

Տիգրան, հետամուտ ամեն հռչակ հանող դատաստաններու մէջ պաշտպանութեան դերն ստանձնելու, ամբաստանելոյն փոխանորդութիւնը խնդրեր ու ստացեր էր. եւ ի՜նչ չեղաւ իր զարմանքին աստիճանն երբ ձերբակալեալ կինը ճանչցաւ. այն մանկամարդ յոյն աղջիկն էր զոր 4—5 տարի առաջ այնքան յիմարութեամբ սիրած էր։ Ամուսնանալով իր հարպոյրը կորսնցուցած չէր. միշտ միեւնոյն հրդեհող նայուածքը, միեւնոյն քնքոյշ նուրբ ու մատաղ հասակը, միեւնոյն ոսկեգոյն խոպոպիքն ու վարդաշուրթն բերանն էր զոր ուսանողն այնքան, ո՜հ, այնքան եռանդեամբ պաշտեր էր։ Տիգրան զղջաց այս փոխանորդութիւնն ստանձնելուն. ոճրին ապացոյցները բազմաթիւ եւ հազուագիւտ խնամօք իրարու կապուած էին։ Ընդհանուր դատախազն արտասովոր խստութեամբ մը յառաջ կը վարէր այս դատը. միգուցէ անլսելի ըլլար իր ձայնն եւ իր ձեռօք, բուն իր ձեռօք կախաղանի մատնէր այդ պաշտեցեալ գլուխը։ Նախկին սիրոյ մը մնացորդ մոխիրը կ’արթննար ու կը բռնկէր. թերեւս լաւագոյնէր ուրիշ պաշտօնակցի մը յանձնել այս դժուարին պաշտպանութիւնը. բայց որի՞ հաւատալ եւ որի՞ վստահիլ։

Հուսկ ուրեմն որոշեց խոյս չի տալ վտանգի պահուն. այս դասալքութիւնն իրեն չէր վայելեր. պահ մը մոռցուած սէրն արթննալ կարծեր էր. բայց ո՛չ, անձնասիրութեան ու եսասիրութեան զգացում մ’էր որ զինքը դղրդեր էր միայն։

Անշուշտ ամեն մարդկային ու գերմարդկային ջանք ի գործ պիտի դնէր փրկելու համար նորատի կինը, բայց ո՛դ զայն պաշտելո համար, այլ միայն, ո՜վ մարդկային ունայնութիւն, ճանչցնելու համար այդ կնոջ որ իր արհամարհած երիտասարդին կը պարտէր իր կեանքը։

Տիգրան քաջութեամբ գործի ձեռք զարկաւ։

Դատաստանի օրը մօտ էր. Ոճրադատ Ատենի սրահն հոն էր որ կը գտնոի այժմ։ Դատավարութեան օրն հասաւ. խոռն բազմութիւնը մը անոր ամեն մուտքն ու ելքը գրաւած էր, երբ Ոճրադատ Ատեանն իր հրապարակային նիստն սկսաւ։

Այն ատենուան լրագիրներն գրեցին բոլոր այս դատին մանրամասնութիւններն։ Ամբաստանելոյն հարցաքննութենէն ու վկայակից տեղեկութիւններէն վերջն ոճրոյն ապացուցման եղանակը կը քննուէր։ Տարօրինակ զուգադիպութեամբ Ընդհ. Դատախազի օգնականի պաշտօնը կը վարէր Խոսրով։

Պարզ դիպուածի մը բերմո՞ւնքն էր թէ կանխորոշ վրէժխնդրութեան մը փափաքն որ Տիգրանի դասընկերն այդ աթոռին վրայ կը բազմեցնէր. ոչ ոք կրնար ստոյգը գտնել։

Միայն թէ դատավարութիւնն երկար ու մանրախոյզ եւ ամբաստանութեան ու պաշտպանութեան կողմէ հաւասար յամառութեամբ նշանաւոր եղաւ։

Խաւարային ու անծանօթ պայքար մ’էր որ տեղի կ’ունենար այս երկու մարդոց մէջ. ուսանողութեան կեանքի սիրային չնչին դիպուած մ’էր որ այս երկու բարեկամներն անհաշտ թշնամի դարձուցեր էին իրարու։

Մէկն իր սէրը պիտի պաշտպանէր, միւսն իր լքման ու մերժման հատուցումը պիտի պահանջէր։

Ընդհանուր Դատախազի օգնականն համառօտիւ թուելով ոճրին ապացոյցներն ու սպանելոյն երիտասարդ ու բարի ամուսին մը լինելն յիշեցնելով, մեծագոյն մեծագոյն խստութեան մը հարկը կ’զգացնէր. ամենքն անհամբեր կ’սպասէին գիտնալ թէ ի՛նչ էր պահանջած պատիժն. եւ այս անհամբերութիւն երկար չի տեւեց. Խոսրով իր խօսքը շուտով ամփոփեց. մէկ բառով մահուան պատիժ կը պահանջէր մեղապարտ կնոջ դէմ։ Ամբաստանելոյն ո՛չ գեղն, ո՛չ երիտասարդութիւնը չէին ազդեր այս մարմարէ սրտին։

Արհաւրալից լռութեամբ մը ընդունուեցաւ այս անլուր խստութիւն։

Խօսքը պաշտպանութեանն էր։

Իրիկուան ժամը 11ն էր, սրահը մթնցեր ու գերեզմանի լռութիւն ու ամփոփում կը տիրէր չորս կողմը։

Տիգրան իր շորջը նայեցաւ անգամ մը. թշնամի բազմութիւն մ’էր որ զինքը կը շրջապատէր. ամբաստանելոյն յանցաւորութեան յանցաւորութեան կանխապէս համոզեալ ատեան մ’էր որ իրեն պիտի ունկնդրէր։ Չըլլայ թէ անկարող լինէր փրկելու այս թշուառուհին. այս վախն անոր միտքը խանգարեց։ Մահու ու կենաց վայկեանն էր. ոտք ելաւ դոդոջուն ու ամբաստանեալէն աւելի տժգունած։

Ամեն ոք իր շնչառութիւնը պա մը կտրեց աւելի աղէկ լսելու համար. ճանճի բզզիւնը պիտի լսուէր հինգ հարիւր հոգիէ աւելի խռնուած սրահի մը մէջ, երբ ծանր ու հաստատ ձայնով փաստաբանն իր պաշտպանութեան ճառն սկսաւ։

Անոնք որ լսեցին, յաւիտեան չը պիտի մոռնան այդ ձայնն. ի՞նչ ըսաւ ո՞ւսկից սկսաւ եւ ի՞նչպէս վերջացուց, ինչ կերպով յաջողեցաւ պատռել, թօթափել այն ծանր կասկածներու մթնոլորտն որու ներքեւ ամբաստանեալը կ’ընկճուէր, ի՞նչ ձեւով վանեց այն ատելութեան ամպը որ բոլոր ունկնդիրները կը գրաւէր. ոչ ոք պիտի կարենար ճշդիւ զրուցել։

Նախ իրողութիւններն ու յետոյ օրինական ապացոյցները քննելով, աննման յաջողութեամբ եւ ջախջախիչ կերպով հերքեց այն փաստերն, որոնք ճարտար կապակցութեամբ մը՝ Ընդհ. Դատախազին ատենաբանութեան մէջ՝ ոճրագործութիւնն ապացուցանելու կը յանգէին։

Բառերը, դաշոյնի հարուածի պէս սուր ու կտրոկ, մի առ մի կը զարնէին այն կասկածներուն որոց կշիռէն կախումն ունէր դատին ելքն։

Ու երբ հետախոյզ ակնարկը կրցաւ համոզումը որոշել պահ մ’առաջ խոժոռած դէմքերուն վրայ, երբ ամեն ստուեր փարատած տեսաւ դատաւորներուն ճակատէն, այն ատեն յիշելով այն անհանդուրժելի տառապանքը ու մահացումն որոց փափուկ ու սրտաբեկ արարած մը յուսահատ քաջութեամբ մը դիմացեր էր, արթնցնելով բանտի ու կապանաց շեշտը պաշտպանութենէ ամբաստանութեան դարձաւ։ երբեք սրտայոյզ ոճն այդքան խորոին ու ուժգին չէր դրդուած մարդկային սրտերն։ Ամենքը, քիչ մը առաջ ամբաստանելոյն յանցւաորութեան համոզուած, հիմա պատրաստ էին անոր անմեղութիւնը վկայելու։

Կէս ժամ միայն տեւեց այս զարմանալի պաշտպանութիւնն ո կէս ժամ, դատաոր ու ունկնդիր, փաստաբանին ձայնին անբացատրելի հմայութեան տակ մնացին։

Դատաւարութիւնը վերջացաւ, երկբայելի չէր տրուելիք վճիռն, եւ քառորդ մը վերջն ամենքն ակներեւ ուրախութեամբ ստացան անմղեութեան վճիռ մը որ միաձայնութեամբ տրուեր էր եւ որ ամբաստանելոյն արձակումը կը համայէր, մինչդեռ տարաբաղդ կինը վախէն ու յուզումէն դողդոջուն սրահին մէջ կը նուաղէր։

Տիգրան չսպասեց շնորհակալութեան ցոյցերու. ամենէն մաքուր ու ամենէն բարձր համբաւն ունեցաւ այս անլուր յաջողութեամբն. որիշ բան չէր պահանջեր ինչպէս չորս տարի առաջ, իմա ալ նոյնչափ հաստատ էր այս գեղանի կինը չի տեսնելու որոշման վրայ. իր մոռացման վրէժը լուծեր էր. ուստի մեկնեցաւ առանց ետին դառնալու։ Եւ ահա այս կերով վերջացեր էր այն եղերական արկածն ու ողջոյն Պոլիսն յուզած էր եւ որ Գէորգ էֆէնտիի սրահներուն մէջ, ինչպէս այլուր, տիրող խօսակցութեան նիւթն էր։

 

Սրահներն հետզհետէ կ’ոգեւորէին, երեկոյթն իր ամենէն մեծ փայլն ու զուարթութիւնն ստացեր էր. պարերն իրարո կը յաջորդէին։ Ու չի պարողները քարափին վրայ կամ ծովահայեաց սրահներու մէջ կը շրջէին։

Տիգրան շուտով խոյս տուեր էր զինքն հալածող հետաքրքիրներէն. ամենքն անոր բերնէն լսել կուզէին այս սրտայոյզ տռամին մանրամասնութիւնները. Տիգրան սիրտ չունէր անոնց հազարումէկ հարցմանց պատասխանելու. առանձին ու կիսաստուեր սենեակի մը բաց պատուհանին մօտ երերուն թիկնաթոռի մը մէջ տարածուեր էր ու ծովը կը դիտէր։

Յիրաւի զմայլիչ տեսարանի մ’էր որ իր տրտում ակնարկին առջեւ կը պարզուէր։

Կէս գիշերը ժամ մը կ’անցնէր, ու լուսինն իր լրման մէջ պայծառ ու կապոյտ երկնից կամարին վրայ կը լողար. ծովն հանդարտ էր, ուր կ’անդրադառնար երկինքն իր կապոյտովն ու անհամար աստղերով. ամառուան այն անբացատրելի գիշերներէն մին էր որով Վոսփորն այնչափ դիւթիչ է։ Բնութեան այս անդորրութիւնն ու պարզութիւնը զինքն յափշտակեց. մոռցաւ երեկոյթը, սրահը, բազմութիւնն ու երաժշտութեան վրդովեալ ձայներն. առանձնութիւն ու լռութիւն կը տիրէր իր շուրջն. ամենքն աշխարհիս մէջ կ’զբօսնուին ու զուարթ էին. ինքը միայն մենիկ ու ապերջանիկ մնացեր էր։

Իր մանկութիւնն ու պատանեկութիւնն սրբութեան, աղքատութեան ու աշխատութեան մէջ անցուցեր էր. հազիւ երիտասարդ, ամենէն կանուխ թեւակոխաց հրապարակային կեանքին մէջ ուր վաղաժամ այլ արդարացի համբաւ մ’իրեն կը հետեւէր, ափսո՜ս, մէկը չէր ունեցած հաղորդելու ու բաժնելու անոր հետ իր մշտայոյզ հոգւոյն վրդովմունքն։ Իր հայրն ու մայրը գերեզմանէն միայն կրնային նայիլ իրենց միակ որդւոյն փառալից կենացն եւ չի կար իր քով սիրեցեալ մէկը որու բանար իր հազար զգացումներով, յոյսերով, խանդաղատանօք լեցուած սիրտը։ Սեդրաքի մահուընէ ի վեր մենակեաց, ծեր, դառժան ու վայրենի մէկը դարձեր էր. Սեդրա՜ք… շատցոնց սե հողը կը ծածկէր զայն… ու ինքը մինակ, բոլորովին մինակ մնացեր էր աշխարհիս վրայ…

Այս տխուր մտածումներուն մէջ էր երբ մերձակայ սրահէն դաշնակի մը վրայ քաղցր ո տրտում եղանակ մը կը բարձրանար, իբրեւ թէ ծովուն ալեաց վրայէն ու գիշերուան խորին լռութեան մէջ, յամր ու դանդաղ շեշտերով։

Զարմա՛նք, այս եղանակն անծանօթ չէր Տիգրանին. անոր տրտմահնչուն նուագէն ճանչցա թէ Սեդրաքի սիրած մէկն մէկ կտորն էր։ Յուզեալ եւ անձկանօք ոտքի ելաւ, հասկնալու համար թէ ո՞վ էր այն անձն՝ որ պարահանդէսին թնդիւնէն ու աղմուկէն խուսափած, առանձին սրահի մը մէջ կը դաշնակէր այս տխուր եղանակն՝ որ այնքան մօտէն իր գաղափարաց տրտմութեանը կը պատշաճէր։

Երիտասարդ ու վայելչագեղ կին մ’էր որ առանց նօթայի, միայն իր յիշողութեան զօրութեամբ, այս դժուարին կտորը դաշնակին վրայ այնչափ կատարելութեամբ ու հոգւով կը զարնէր։ Ամուսինը, Տիգրանի ծանօթ պաշտօնատար մը, անոր մօտն էր, որ զինքը տեսնելով ըսաւ. «Մօտեցէ՛ք, սիրելի փաստաբանս, կ’երեւի թէ դուք ալ ինձ պէս ժխորէ չէք ախորժիր, բայց իրաւունք չունիք դուք, որովհետեւ դեռ երիտասարդ էք եւ զբօսնելու պէտք ունիք։ Տիկին, աւելցոց, իր մանկամարդ կնոջ դառնալով, ահաւասիկ ձեզ կը ներկայացնիմ իմ ամենէն աւելի յարգած բարեկամներէս մին, այն երիտասարդ փաստաբանն՝ որու անունը ամենուն բերանն է. Տիկին Արամ էֆէնտի, աւելցուց երիտասարդին դառնալով»։ Տիգրան դեղնեցաւ, դէմքը խիստ խոժոռ երեւոյթ մը առաւ ու կատարեալ բարեկրթութեամբ խոնարհութիւն մը ըրաւ իր բարեկամին կնոջ, բայց չի պատասխանեց։ Աննախատեսելի դիպուածով դէմ առ դէմ կը գտնուէր այն միակ կնոջ՝ որ յաւիտեան չի տեսնել ուխտած էր եւ Սուրբիկ կարդացանոր խոժոռած դէմքին վրայ իր դժկամութիւնը։

Երիտասարդ փաստաբանին համակիր մտերմաց մէջ շատոնց ի վեր առաջին տեղը կը բռնէր Սուրբիկի ամուսինն։ անգէտ այն աղէտաւոր պատմութեան որոյ իր կինն անողոք դիւցազնուհին ու Տիգրանի բարեկամն անմեղ զոհն էին, եւ որ անշուք ու մոռացեալ հողակոյտին մէջ ծածկուած էր, Արամ էֆէնտի առաջին տեսութենէն ի վեր անսահման համակրութիւն ունեցեր էր Տիգրանի համար։ Գիտուն, ծանրաբարոյ, ինքնօգնութեամբ ձեռք բերած իր բարձր պաշտօնն, որու համար պահանջուած արժանիքէն աւելի ունէր, ծերունի պաշտօնատարը մեծապէս կը յարգէր անոնք ուր իրեն պէս միայնակ ու անօգնական յառաջացած էին ընկերութեան դժուարամատչելի դասերուն մէջ։

Անկողմնակալ ու ձեռնահաս դատաւոր գոլով ամեն արժանեաց ու կարողութեաց, մէկ նայուածքով գուշակեր, ճանչցեր ու գնահատեր էր երիտասարդին մեծ տաղանդն ու մեծագոյն ապագայն։ Անոր ազատ ու հմտալից խօսուածքը սիրեր, կծու ու հեգնող բառախաղութիւններէն ախորժեր ու վճռական ու ծայրայեղ դիտողութիւններն համաձայն գտեր էր իրեններուն։

Այսպիսով կազմուեր էր այն հաստատ բարեկամութիւնը զոր ամեն առթիւ ցոյց տուած էր երիտասարդին եւ որ քիչ քիչ հայրական գորովանաց փոխանկերպեր էր։ Արդարեւ Սուրբիկի ամուսինն հիմա յիսունի մօտ պէտք էր լինիլ։

Միայն կարծես երիտասարդը չէր ճանչցած լիովին անոր մտերմութիւնը. միշտ յարգալից այլ միշտ քաշուած՝ չէր պատասխանած անոր համարձակ անկեղծութեամբը։ Զորօրինակ իր անթիւ թախանձանաց վրայ բնաւ չէր գոցած անոր տունը եւ չէր ճանչցեր անոր ընտանիքը։

Տիգրան այն գիշերն առաջին անգամ լինելով կը պատահէր այս կնոջ։ Ինքնիրեն երեւակայեր էր երբեմն զայն գեղեցիկ, շատ գեղեցիկ ու նոյնքան վատ ու անմիտ։ Այս տեսութեան մէջ Տիգրան իր դատողութիւնը մասամբ միայն կրցաւ հաստատել. յիրաւի գեղանի կին մ’էր երիտասարդութեան ու վայելչութեան բոլոր հրապոյրներովը, բայց չի կրցաւ անոր խօսակցութիւնը սեթեւեթ ու սնոտի վճռել. ընդհակառակն պարտաւորեցաւ ինքնիրեն խոստովանիլ թէ լաւագոյն ընկերական դասուն մէջ հազիւ անոր մի քանի նմանեաց հանդիպեր էր։ Սակայն Տիգրան անձնատուր չեղաւ այս նաստաւոր դատողութեան՝ զոր առանց կամենալու կազմեր էր. նրբամիտ, հրապուրիչ եւ խելացի կին մ’էր թերեւս, բայց երբեք Տիգրան չէր կրնար մոռնալ այն տարաբաղդ վերջաւորութիւնն՝ որ իր թշուառ բարեկամին վիճակեր էր։ Ուստի կծու ու խրոխտ կերպով պատասխանեց անոր, եւ իր խօսքերով դաշյոնի հարուածէ աւելի արիւնեց անոր սիրտը, առանց սակայն բառ մը արտասանելու անցելոյն վրայ։

Մանկամարդ կինը խռովեցաւ, այլ չընկճեցաւ. Տիգրան արցունքի կաթիլ մը նշմարել կարծեց անոր գեղեցիկ աչքերուն մէջ երբ անհաստատ ու ուխտադրուժ աղջկանց ակնարկութիւն մ’ըրաւ։

Որչափ ալ խիստ ըլլայ ձեր վճիռն, ըսաւ Սուրբիկ տրտմութեամբ, ես զայն անիրաւ համարողներէն չեմ։ Որչափ ալ անփորձառու աղջիկ մը լինի ուխտադրուժ անձն, անոր յանցանքն ո՛չ ոք ինձմէ աւելի անքաւելի կը դատէ. ուրիշ մը իմ տեղս կրնար ինձ պատասխանելով ըսել թէ դէպքերը կամեցողութենէ զօրաւոր են, թէ նորատի աղջիկ մը, ենթակայ ամեն տեսակ ճնշմանց, գուցէ ամենէն տկար էակն է պատահմանց դիմագրաւելու համար ու պէտք չէ մէկ յանցանքով մ’ուրանալ անոր ազնիւ զգացումներն. ո՛չ, ես ասոնց եւ ոչ մին կըսեմ, ամեն յանցանք իր պատուհասն իր ծոցին մէջ կը կրէ. ի՞նչ հարկ անգութ ու անողորմ լինել յանցաւորին դէմ երբ ճակատագիրն ամենէն աւելի անողորմ է անոր։ Պէտք է մոռնալ, այո՛, յաւիտեան պէտք է մոռանալ զայն, քան թէ խոր քննել անոր ողորմելի կացութիւնը։ Թերեւս անգութ մնալու սիրտը չունենաք եւ կարեկցութեան արժանի դատէք թշուառուհին։

Տիգրան այս լեզուին չէր սպասեր. կարծեր էր թէ Սուրբիկ ինքզինքը պիտի պաշտպանէր իր յարձակմանց դէմ. սխալեր էր. նա այնպիսի բարձր ու վսեմ մտածութիւններով պատասխանեց որ Տիգրան բառ մը չի գտաւ աւելցնելու։

Յիրաւի նշանաւոր մէկն էր այս կինը, նորա զգացմանց բարձրութիւնը չի ճանչնալ կարելի չէր։ Խօսք մը չի գտաւ պատասխանելու. թերեւս ունէր շատ ըսելիքներ, բայց ամուսնոյն ներկայութիւնկ կարգիլէր աւելի յառաջ երթալէ. ուստի խօսակցութեան նիւթը փոխեց։

Տիգրան իր պաշտօնին ու ասպարէզին բերմամբ մարդուս հոգեբանական զգացումը, զօրութիւնը, տկարութիւնն եւ բարեշրջումը ճանչցող եւ ուսումնասիրող մէկն էր։

Զարմանօք դիտեց այս դեռատի ու գեղանի կինն՝ որոյ արտաքին վայելչութեանն վրայ կ’աւելնար բարձր դաստիարակութիւն մը։ Տարօրինակ գաղտնիք մ’էր անշոշտ, որ այսքան կատարելութեամբ օժտեալ կին մը թերանար ամենանուիրական խոստմունքի մը մէջ ու սովորական խաբեբայ մը լինէր։ Իգականա սեռին յատոկ տկարութի՞ւն մ’էր այս թէ հրեշտակի կերարանքին ու ձեւարուն ներքեւ ծածկուած վատթարագոյն էակ մ’էր իր դէմինը։

Երեկոյթը վերջանալուն Տիգրանը աճապերաց ամենէն առաջ խոյս տալու, բայց այցելութեան խոստում մը չի տուած՝ իր ծերունի բարեկամին ձեռքէն չազատեցաւ։

Յուզեալ ու խռովեալ զատուեցաւ. իր համոզումը ծանր հարուած մը կրեր էր այն գիշեր։ Մինչեւ այն օր անարժան արարած մը նկատած անձը լաւագոյն եւ ազնուագոյն զգացումներու տէր մէկն երեւցաւ իր աչքին. ի զուր ջանաց մաքառիլ այս տպաւորութեան դէմ, ի զուր ջախջախիչ ապացոյցներ որոնեց ու գտնել կարծեց անոր դէմ, ի զուր իր տարաբաղդ բարեկամին սրտակտուր վախճանը յիշեց. սիրտն ու համոզումը ապստամբ մնացին մինչեւ վերջը։

Թերեւս Սուրբիկ բռնութեան մը զոհ էր, թերեւս հնազանդութիւն բարձրագոյն ու գերագոյն հարկ մ’էր անոր ամուսնութեան միջոցին։ Ո՞վ գիտէ, ամեն ենթադրութիւն ներելի էր. խօստովանեցաւ ինքնիրեն թէ առանց անգամ մը խօսեցուցած լինելու այս կինն, արդարացի չէր վերջնական կերպիւ դատապարտել զայն։ Այցելութիւն մը խօստացած էր. կրկին տեսութեան պէտքն ու յոյսն զգաց. սակայն չի կրցաւ քնանել այն գիշեր, խառնիխոռն երազներ իր նիրհը վրդովեցին. իր ցնորքներու մէջ պահ մը կը տեսնէր Սեդրաք ցուրտ ու շոնաւ վարձու սենեակի մէջ առկայծ կանթեղի մը լուսով աշխատող, պահ մը կը յիշէր զայն երբ պաշտօնատեղիէն կը վերադառնար առանց կարենալ հաւատալու դեռ իր դժբաղդութեան մեծութեանը, կը տեսնէր զայն տժգոյն ու դողդոջուն երբ անոր սիրուհին իր նորապսակ ամուսնոյն թեւին յենած խրոխտ ու հպարտ անոր առջեւէն կ’անցնէր։

Շաբաթ մը տեւեց իր այս անհանգիստ կացութիւնն. ի վերջոյ որոշեց այլեւս չի մտածել այս մասին. ի՞նչ փոյթ իրեն թէ այս կինը բարի կամ չար արարած մ’էր. իր բարեկամը մեռած եւ այս կինն ամուսնացած էր. լաւագոյն էր մոռանալ այս աղէկտոր պատմութիւնն որ իր երիտասարդութեան տարիներուն հետ այնքան սերտ կապակցութիւն մը ունեցեր էր։ Իրեն չէր իյնար դատաստան ընել ու վճիռ տալ։

Բայց այս առաջադրութիւնը չի կրցաւ գործադրուիլ հա՞րկ էր արդեօք իր բարեկամին կենացը մէջ խաղացած տխուր դերին վերագրել այս կնոջ յիշատակը մոռնալու անկարելիութիւնը, չէր գիտեր. բայց սա ճշմարիտ էր որ անոր հետ ունեցած տեսակցութիւնն անջնջելի կերպով արմատացած մնաց իր մտքին մէջ. անոր շարժմունքը, ձեւը, խօսուածքը, ձայնն աչքին առջեւն էին շարունակ. «Թերեւս դուք ալ անգութ լինելու սիրտը չունենաք ու կարեկցութեան արժանի դատէք թշուառուհին» ըսած էր Սուրբիկ իր անձին ակնարկութիւն մ’ընելով։

Յիրաւի թշուա՞ռ էր արդեօք. եւ ինչո՞ւ համար։ Բայց ինք ի՞նչ կը հետազօտէր անոր ընտանեկան կեանքն, ի՛նչ կը վերաբերէր իրեն. թշուառ կամ երջանիկ, անոր գիտնալիք բանն էր. ո՛չ սակայն, պէտք էր իմանալ թէ այդ յանցաոր կինը գոնէ խղճի խայթ մը չունէր. այս հարցումները բոլորն ալ ինքնիրենն ըսաւ եւ իր անհանգիստ հետաքրքրութիւնը մեղադրեց, բայց չի կրցաւ մէկդի դնել։ Կրկին տեսակցութեան մը ակնկալութիւնը գամ զգամ զօրացաւ իր սրտին մէջ. ամեն օր կ’որոշէր այցելութիւն մ’ընել եւ ամեն օր կը յապաղէր. օր մը մինչեւ Սուրբիկին տան մօտերը գնաց ու չի համարձակեցաւ դուռը զարել, եւ ետ դարձաւ։

Այն ատեն երկչոտ անձկութեամբ մը իր սիրտը քննեց ու մէկէն խորին եւ յայտնի կարեկցութիւն մը, համակրութիւն մը նշմարեց այս կնոջ մասին. կարեկցութի՜ւն… անշո՛ւշտ, ուրիշ ի՞նչ կրնար ըլլալ… ու վախցաւ, ամչցաւ թերեւս ինքնիրեն իր յիմար սէրը խոստովանելու…

Ի՞նչ, սիրե՜լ այն կինն՝ որ իր միակ մտերմին ատեն մը սիրուհին էր ու հիմա իր ամենէն աւելի յարգած անձին ամուսինն էր։ Տիգրան իր յանցանքին մեծութենէն սարսափեցաւ. խղճմտանքն ու պարտականութիւնն իրենց խիստ եւ որոշ ձայնն լսեցուցին։ Տիգրան ինքզինքէն խոյս տալ ուզեց իբրեւ մեծագոյն չարագործէ մը, ինքզինքը յանդիմանեց, պարսաւեց. ո՛չ, ինքն այնչափ վատ մը չէր եւ չէր կրնար լինիլ, անտարակոյս խաբուած էր իր ճանաչողութեան մէջ. սիրե՞լ, ո՞ւսկից գտեր էր այս յոռի գաղափարը։

Ահաւոր ու երկարատեւ պայքար մը տրուեցաւ իր հոգւոյն մէջ, քարսիրտ եւ օտարական բժիշկի մը պէս ինք անձամբ քննել ուզեց իր վէրքին ծանրութիւնն եւ պարզապէս մահացու եւ անբժշկելի գտաւ զայն։ Ու երբ համոզուեցաւ որ այս կինն իր ճակատագրին կ’իշխէր, երբ ճանչցաւ թէ իր սէրն ուրանալն անօգուտ էր այլեւս, այն ատեն իր ցնորած մտքին մէջ իր պարտականութիւնը փնտռեց ու չի գտաւ։

Անշուշտ յանցաւոր մ’էր, ո՛ եւ է գթութեան անարժան յանցաւոր մը այս կինը սիրելուն՝ որ պէտք էր իրեն համար կրկնակի նուիրական ըլլալ։

Այս անակնկալ ու դժբաղդ սիրոյ հետեւանքը բոլոր իր արհաւրալից ու կսկծալից պարագաներովն երեւցաւ իր աչքին։

Ինքն՝ որ այնքան յաջողակ էր ուրիշները պաշտպանելու արուեստին մէջ, զարմացաւ որ ինքզինքն արդարացնելու բան մը չէր գտեր. յանկարծ սպառնալից ստուեր մը տեսնել կարծեց… Սեդրաքն էր որ իր բարեկամութեան համարը կը պահանջէր իրմէ։ Ո՛չ, փրկութեան ճամբայ մը չի կար, եւ անգութ դատաւորի մը պէս ինքն ամենէն ծանր պատիժը տնօրինեց իր անձին։

Անձնասպանութեան գաղափարը պահ մը անխուսափելի յամառութեամբ մը իր միտքը պաշարել էր։ Տիգրան Ժան Ժաք Ռուսօի աշակերտ մ’էր եւ ապրելու քաջութիւնն ունեցաւ. մեռնիլը վաղ կամ անագան [միտքը] դրած էր, հարկ չէր զայն փութացնել, որոշեց միայն այլեւս չի հանդպիլ այս կնոջ ու անկարելի անոր պատկերն իր յիշատակէն ջնջել, թէ որ անհնար էր մոռնալ անոր ներդաշնամ ձայնը, լաւ ուրեմն, ինքնիրեն միայն պիտի քաշէր անծանօթ ու մէկ սրտի մը մէջ միայն ամփոփուած սիրոյ մը բոլոր դառնութիւնն եւ այլեւս չը պիտի տեսնար Սուրբիկը։

Անտարակոյս տխուր ու գովելի քաջութիւն մ’էր, այս հաստատ որոշումն որ միայն կրնար համարձակիլ խստապահանջ պարտականութեան մը ձայնին։

Տիգրան Սուրբիկի բանակած գիւղին մէջ բայց հեռաւոր արուարձանի մը մէջ կը բնակէր։ Այս հեռաւորութիւնը բաւական չը համարեց. փողոցին մէջ, շրջագայութեան մէջ, այցելութեան մէջ կրնային իրարու հանդիպիլ ու Տիգրան փախստական ոճրագործի մը շտապաւ այդ տեղերէն ու Պէօյիւքտէրէ գնաց բնակելու։

Բայց տարաբաղդը չէր հաշուած այն դժնդակ փորձին բոլոր ծանրութիւնն՝ որու դատապարտած էր իր կեանքը։ Սուրբիկը տեսնելու բոլոր յոյս ու ակնկալութիւն վերջանալուն հետ ճանչցաւ իր սիրոյն ու տառապանքին մեծութիւնը։

Ամեն ինչ ի գործ դրաւ մոռնալու համար եթէ ոչ իր սէրը, գոնէ իր անձը. նոր եռանդով մ’ընդգրկեց իր մրրկալից ասպարէզը, բայց զզուանք ու տաղտկութիւն գտաւ հոն՝ ուր ատեն մը ամենէն մաքուր գոհունակութիւն կըգտնէր. աննպատակ երեւցաւ կեանքն ու մաքառելէ ձանձրացաւ։ Մի քանի տարուան մէջ բաւական հարստութիւն մը ձեռք բերեր էր, որոշեց գործէ քաշուիլ եւ ալ զայն խիստ քիչ անգամ տեսան դատավարութեանց մէջ։

Ատեն մը ամեն մտային աշխատութիւն դադրեցուց, իր աշխատութեան սենեակը ոտք չի կոխեց, գրական ամեն պարապում վերջացուց. եւ ուզեց ձեռքի աշխատութիւններով իր անձը յոգնեցնել ու զբաղեցնել. իր ծովեզերեայ տան պարտէզին մէջ օրն ի բուն կը տեսնէին զինքը՝ որ տոկուն գործաւորի մը պէս կ’աշխատէր. ի՞նչ կը մտածեր արդեօք երբ խոնջած ու քրտնաթոր հանգիստ կ’առնուր ծառի մը տակ, ակնարկը սեւեռած ծովուն եզերածուփ կոհակաց վերայ։ Իրիկուան դէմ շրջագայութիւն կ’ընէր հետիոտն կամձիով, կ’երթար որչափ որ կարելի էր հեռուն երթալ, բայց նախամեծար կը համարէր ամայի ու խոպան վայրերը. բազմութիւնը զինքը կը զայրացնէր ու ամեն մարդկային ձայնէ իբր վնասակար ու չարագուշակ հնչիւնէ մը կը խուսափէր։

 

Անցան քսան ամիսներ այս տրտում եւ անսփոփ կեանքով. գարունը կը յաջորդէր ձմեռուան ցուցտ ու խոնաւ օրերուն. օդերը պայծառացան, Վոսփորի ափունքը դալարեցան ու գեղեցկացան, եւ ամառուան սովորական հիւրերը Պէօյիւքտէրէ վերադառնալով նոր ոգեւորութիւն մը բերին այս պահ մը ամայացած եզերքներուն։

Տիգրան Պէօյիւքտէրէի մէջ բնակած տան կռնակը, քիչ մը աւելի վեր ամառուան համար ուրիշ կոկիկ ու փոքրիկ քէօշք մը կար պարտէզներու մէջ առանձնացած։ Այս քէօշքը բաւական ժամանակէ ի վեր պարապ՝ հինցած ու տխուր երեւոյթ մը ստացած էր. անոր տէրերը կենդանութեան նշան ցոյց տուած չէին եւ ոչ իսկ անգամ մ’այցելելու եկած այս սիրուն բնակութիւնն որ ճաշակի տէր մարդու մը ստացուածքն էր անշուշտ։ Տիգրանի տան ետին, աւելի բարձր ու բոլորովին ծովահայեաց դիրքով, ընդարձակ ու զառիվեր պարտէզի մը մէջ, վայրի շագանակի ծառերէ կազմուած նեղ ու խորհրդաստուեր ուղիներով, առջեւն հարթ ու ուղիղ, ուր 6—7 հատի չափ տերեւախիտ ու հովասուն ծառեր շուք կուտային եւ որ կարծես ծովուն մէջն էր, այս մենակեաց բնակութիւնը մարդատեաց՝ բայց բնութեան գեղեցկութիւն ճանչցող մարդու կը վայլէր։ Անոր զմայլելի տեսարանը նոյն իսկ Վոսփորի մէջ չէր գտնուեր. մէկ կողմէ մինչեւ Սեւ ծովու փոթորկեալ ալիքին, միւս կողմէն Ասիական եզերքն իր վալարեալ բուրաստաններով, Պէյքօզէն մինչեւ Գանտիլի, ահա անոր հազուագիւտ ու աննման տեսարանը։

Ամառուան սկիզբները շարժում մը տեսնուեցաւ այս լռին ու լքեալ բնակութեան մէջ։ Նորոգութիւն մը կը կատարուէր հապճեպ ու փութաջան գործաւորներով։ Մէկ երկու շաբթուան մէջ, պարտէզը խնամով շտկուեցաւ քէշքը նորոգուեցաւ, ներկուեցաւ ու կահաւորուեցաւ։ Տիգրան՝ դրացի մը ունենալու հաւանականութիւնը գրեթէ ուրախութեամբ տեսաւ։ Երկու տարուան առանձնութիւնը զայն կերպարանափոխ ըրեր էր։ Մշտատեւ տխրութիւնն ու անոքութիւնը կրնային ծանր հետեւութիւններ ունենալ եւ Տիգրան առանց աղմկալի ընկերութեան մը մէջ նետուելու, իրեն պէս առանձնասէր ծանօթի մը հետ տեսութեան պէտքը կզգար։

Քանի մ’օր վերջը քէօշքին նոր տէրերը փոխադրուեցան։ Տիգրան դեռ չէր տեսած զանոնք եւ գիշեր մը ճաշէն վերջը՝ ծովուն վրայ սրահին մէջ բուսաբանութեան գիրք մը կը թղթատէր որ Հարավային Ամերիկայի ճոխ ու հարուստ բուսոց ու ծառոց վրայ կը խօսէր, երբ իր ծեր սպասաւորը նոր դրացիներուն այցելութեան եկած լինիլն իմացոց. Տիգրան դիմաւորեց զանոնք։

Արամ էֆէնտին, իր տիկինը, երկու փոքրիկ հրեշտակներ, ասոնք եղան Տիգրանի դիմաւորած անձինքը։

Ո՞ւսկից, ի՞նչ կերպով եւ ի՞նչ դիպուածով Պէօյիւքէրէ ու իրեն այնքան մօտ եկեր էին։ Ամենամեծ յուզմանց մէջ անգամ երիտասարդն ինքնիրեն տէրն էր. իր վրդովմունքն երկար չի տեւեց ու կատարեալ ազնուութեամբ իր հիւրերը մեծարեց։

Արամ էֆէնտի միշտ միեւնոյն գորովալից ու մտերմասէր անձն էր. օր մը խանդաղատանօք Տիգրանը տեսնելուն ու այնքան մօտ դրացի ունենալուն ուրախութիւնն յայտնեց։ Բայց ի՜նչ փոփոխութիւն իրեն վրայ. երկու տարուան մէջ բոլորովին ծերացեր ու ինկեր էր. մազերը ճերմակցեր, ճակատը խորշոմեր ու տեսութիւնն եւ լսողութիւնը տկարացեր էին. միայն անոր հզօր միտքը մնացեր էր թերեւս առաջուընէ աւելի զօրաւոր։ Պաշտօնէ հաներ էին զինքը. նախանձաբեկ հայ պաշտօնեաներ՝ իրեն մեծ դիրքին հետամուտ՝ չէին վարաներ մուր քսելու անոր մաքուր ու անբիծ պաշտօնավարութեան վրայ ու անխորհուրդ որոշում մը՝ առանց քննութեան՝ վտարեր էր զայն քաղաքական ասպարէզէն։

Արամ էֆէնտի պաշտօնի համար հոգի տուող մարդ չէր բնաւ. առանց բողոքելու, առանց գանգատելու, սակայն իր անմեղութիւնն անվիճելի կերպիւ հաստատելէ վերջը, գրեթէ գոհութեամբ ձգեր էր իր պաշտօնն որոյ համար իր տկարութիւնն ու հիւանդոտ վիճակն արգելք էին։ Նախարարաց խորհուրդը շուտով համոզուեր էր անոր անմեղութեան եւ յարմար հանգստեան թոշակով մը վարձատրեր էր այս խելացի աշտօնէին քսան տարուան ծառայութիւնը մինչդեռ Բարիզի մէջ գտնուող մեծանուն հայազգի հարուստ մը, վաղեմի բարեկամ մը՝ որուն կը վերաբերէր այս քէօշքն, անոր տրամադրութեան ներքեւ դրած էր զայն։

Արամ էֆէնտի անկեղծ հոգածութեամբ Տիգրանի վիճակն հարցուց ու իր երկու զաւակները ներկայացուց որոնց մեծը եօթը տարեկան կայտառ ու զուարթ մանչ մը եւ միւսը չորս տարեկան փափոկ ու գեղանի մանկուհի մ’էր։

Սուրբիկ միայն անփոփոխ մնացած էր. ոչ սակայն. ծանրութեան հով մը կար անոր վրայ. բայց իր հրաշալի գեղեցկութիւնն աւրուած չէր. այն երեւակայական կինն էր միշտ զոր երիտասարդն իր ցնորքներուն ու երազներուն մէջ կը տեսնէր ու կը պաշտէր. բուրում մը կար անոր վրայ կարծես հրապոյրի, հեշտութեան ու երջանկութեան որ իր շուրջը կը ծաւալուէր. Սուրբիկի գտնուած տեղն հմայիչ ու անբացատրելի մթնոլորտ մ’էր եւ անոր մօտն, այնքան ապրելու ստուգութիւնը Տիգրանն յիմարացնելու չափ անհաւատալի երջանկութիւն մ’էր։

Սակայն Տիգրան այս տպաւորութիւնն՝ այն վրդովեալ յուզումը չէր որ զինքն ալեկոծեր էր այս կինն առաջին անգամ տեսնելուն։ Այս անգամ գունակութեան անդորրութեան ոգի մ’էր որ իր մտածութեան մէջ կ’արթննար։ Վտանգալից ապագայ մը չի տեսաւ որ զինքը վախցնէր, այլ հեզ ու հանդարտ տեսութեան մը վայելքն որ իրեն պիտի բաւէր։ Այս գիտուն, ծերունի ու բարի ամուսինն, այս նորատի ու գեղանի կինն, այս երկու պաշտելի հրեշտակներն, այս ամեն ինչ ընտանեկան կենաց դրախտն էր անշուշտ եւ ինքն, այո՛, ինչո՞ւ չըլլար, մտերիմ, անձնուէր ու առաքինի բարեկամ մը պիտի լինէր հոն. որդւոյ մը պէս կը սիրէր ու կը յարգէր այս ընտանեաց տէրն ու եղբօր մը պէս, միայն եղբօր մը պէս, պիտի սիրէր անոր կինն։ Այն ատեն երեւակայեց իր կեանքը՝ ցայնժամ դառնութեամբ լցուած՝ որ յանկարծ երանութեան հորիզոններով կը վերաբացուէր։

Վստահութիւն եւ ապահովութիւն զգաց իր անձին վրայ ու այս տրամադրութեամբ իր մտերմութիւնն ու գորոգը կրցաւ ցոյց տալ այն ընտանեաց ուրկէ մինչաւ այն օր խուսափած էր. անոր զաւակներն անհուն համակրութեամբ ընդունեց եւ փոքրիկ մանուկներն իրենց նոր բարեկամին կապուեցան զիրենք սիրողն ու չը սիրողն։

Այսպէսով Տիգրանին կեանքը պատող մառախուղը փարատեցաւ եւ զուարթութեան արեւը նորեն փայլեցաւ անոր խնդուն երեսին վրայ։ Երիտասարդն ի բնէ ուրախութիւնը սիրող էր. երջանկութեան հեռանկարն իր սիրտն անսահման բերկրութեամբ լեցուց. բանի մը փափաքող չէր այլեւս ու գուցէ աշխարհիս վրայ միակ գոհ ու երջանիկ անձն էր։ Հաւատքն ու համուզումն՝ աշխատութեան կարօտ չեն գոյանալու համար։ Տիգրան զգաց քան թէ որոշեց այս բոլոր խորհուրդերն ապագային տեսարանը մանրերկրորդի մը մէջ պարզեցաւ իր աչքին առջեւ իր բոլոր պայծառ գոյներովն ու իր ամբողջութեամբ եւ Տիգրան աներկմիտ ու անկասկած հաւատաց անոր։

Ի՞նչ է արդեօք մարդկային սրտին գաղտնիքը. ժամերով, շաբաթներով, ամիսներով քննած ու անթափանց համարած ստուերները մէկ վայրկենի մէջ անհետացան ու Տիգրան զարմացաւ որ այս գեղանկար երկինքը չէր նշմարած մինչեւ այն ժամը։

Առջի տեսութենէն՝ մտերմութիւնը կատարեալ եղաւ ու խօսակցութիւնը՝ զոր Տիգրան այնքան քաջ գիտէր ախորժելի դարձնել, մինչեւ գիշերուան վեց երկարեցաւ. բաժանուեցան ամեն օր տեսնելու խոստմամբ։

Տիգրան մինակ մնաց. ի՜նչ զարմանալի ու անակնկալ դիպուած. ո՜ւսկից ո՜ւր ճակատագիրն առաջնորդեր էր այս կինը՝ զոր չի տեսնելու համար ամեն ինչ գործ դրեր էր. բայց նախախնամութեան կամքն իր կամքէն վեր էր հարկաւ։ Երկու տարուան մօտ ժամանակ մ’անցունելը մեծապէս օգտած էր իր տենդայոյզ տագնապաց ամոքուելուն։

Տիգրան ինքզինքը քննեց ու առանց վարանման յայտարարեց թէ բժշկուած էր անդարմանելի կարծած հիւանդութենէ մը։ Սուրբիկի տեսքը նոր կեանք ու կենդանութիւն տուեր էր անոր. նոր մարդ մ’էր որ աշխարհ կուգար առողջ ու ազատ, առանց նախորդին տկարութեանց։

Ուստի անվախ ու անքոյթ պիտի ապրէր այն կնոջ մոտ եւ յիմարական տենդեր չի պիտի կրնային գալ վրդովելու իր անդորր էութիւնը։

Այս երաշխաւորութեամբ հաստատուեցաւ այն սերտ բարեկամութիւնն որ երկու դրացիները գրեթէ միացուց։

Այս ընտանութիւնն սկսաւ բարեբեստիկ գոյներով. Արամ էֆէնտի, քիչ մը հիւանդոտ ու տկար, մեծ բարւոքում մը գտած էր այս օդափոխութեամբ. իր կինը միշտ ամուսնոյն մօտ, անոր բոլոր անգստութեան եւ իր որդւոց կրթութեան նուիրուած, ու Տիգրան որ զուարթ ու խնդումերես այս առանձնասէր ընտանեաց ոգեւորութիւն կուտար ու անոնց միօրինակ կենցաղավարութեան տրտմութիւնն ու ձանձրոյթը կը փարատէր։

Օրական զբաղումնին գրեթէ միեւնոյնն էր. առաւօտուն կանուխ, գրեթէ արշալոյսին հետ կ’ելնէին. երբեմն Տիգրան էր որ այգուն քէօշկին դուռը ձեռք կ’առնուր ու երբեմն իր դրացիներն՝ որերիտասարդը կուգային արթնցնել ու անոր ծուլութիւնը մեղադրել. նախաճաշի ու ճաշի տեղերն որոշուած էին անպատճառ առջի իրիկուընէ. մերթ անտառուտ ու ստուերամած մէկ կողմն էր իրենց պարտեզին մէջ ուսկից կը դիտէին արեւուն ծագումն հանդարտ Վոսփորի ջրերուն վրայ, մերթ Պէյքօզի մէկ եզերքն ամայի ու անխռով ծառի թփի մը տակ. ցերեկը՝ ճաշէն վերջն ընթերցանութիւն մը կ’ընէին նոր հեղինակի մը ու յետոյ ջուրերը կ’երթային. մասնաւորապէս Քէսթահէ—Սույին որ խորհրդաւոր ու նսեմաստուեր անտառի մը մէջ պայծառ ու անոյշ ջրի աղբիւր մ’է ու Եէնիմահալլեցի բնակչաց մի զբօսավայրը. գիշերն երբեմն Պէօյիւքտէրէի գեղեցիկ քարափին վրայ շրջագայութիւն մը կամ ծովուն վրայ կոնտոլով պզտիկ պտոյտ մը եւ երբեմն ծովեզերեայ տան սրահին մէջ խօսակցութիւն մը պատուհանին քով լուսնի լուսով. ահա այս անձանց հաճոյքն ու անցուցած կեանքը։

Ո՛չ իսկ բառ մը, խօսք մը կամ ակնարկութիւն մ’անցելոյն այս ներդաշնակ երանութեան մէջ. Տիգրան ամեն բան մոռացած էր. Սուրբիկի հետ իր գորովն՝ եղբայրական անկեղծութեամբ ու համարձակութեամբ մը կը յայտնուէր եւ նորատի կինը միեւնոյն անկեղծութեամբ ու համակրութեամբ կը տեսնուէր իրեն հետ։

Մտերմութիւնն այնչափ յառաջ գնաց որ օր մը Սուրբիկ Տիգրանի անցեալ օրերը քննել ուզեց։

Ոչ ոք չե՞ս սիրած մինչեւ այս տարիքը, Տիգրան, հարցուց անոր. քեզի պէս անհանդարտ մէկը չեմ կրնար ենթադրել որ անտարբեր կամ անփոյթ մնացած լինի մինչեւ հիմա, աւելցոց խնդալով. նեղանաս կամ չի նեղանաս հոգս չէ, տեսնենք պատմէ՛ մեզի քու յաջողութիւններդ ու սիրային արկածներդ։

Ի՞նչ կը հասկնաս սիրային արկած ըսելով. թէ որ այն խաբեբայ զրախօսութիւնները կ’ըմբռնես զորս երիտասարդը մը ու երիտասարդուհի մը առանց զիրար սիրելու անամօթ յադգնութեամբ մը իրարու կը կրկնեն. թէ որ այդ տեսակ պատմութիւններ կ’ուզես, Տիկին, ի՜նչ մեղքս պահեմ, շատ ունեցեր եմ մինչեւ ցարդ. իսկ թէ որ ճշմարիտ խորին ու սրտի կապ մը ըսել կ’ուզես, ատիկա ունեցեր եմ ու չեմ ունեցեր միանգամայն, պատասխանեց երիտասարդը ցած ձայնով՝ որուն մէջ Սուրբիկ իր կանացի փափկութեամբ տրտմութեան ու դառնութեան շեշտ մը նշմարել կարծեց ու խօսակցութիւնն յառաջ չի տարաւ։

Տիգրան փոխադարձաբար կրնար հարցնել թէ Սուրբիկ ալ այդ տեսակ սրտի կապ մը ունեցած չէ՞ր. բայց եւ ոչ մտաբերեց զայս։ Այս անքոյթ երջանկութեան մէջ մոլորած երիտասարդին ակնարկն ու յիշողութիւնը ներկայէն անդին չէին անցներ։

Յիրաւի երջանիկ էր Տիգրան։

Յորմէհետէ ինքզինքը տէր կարծեր էր իր սրտին, պատճառ մը չէր գտած իր անձը մշտնջենական զրկման դատապարտելու. բաւ էր որ անպատիւ խորհուրդ մը չանցնր իր մտքէն եւ ուրիշ արգելք չի կար զուրկ մնալու այս կնոջ երեսէն որ իրեն համար արեգակն էր փայլուն ու կենսատու։ անոր շնչած օդը շնչել, անոր պտըտած վայրերը տեսնել, անոր ձայնը լսել հեշտալուր, կարենալ առանց ո՛ եւ է անպատւութեան ամեն ժամ տեսնել զայն, խօսիլ անոր հետ մէկ բառով պաշտել զայն իրաէս երբ վերացական աշխարհի մը մէջ անգամ այսչափ երանութեան չէր հաւատար Տիգրանի՝ ուրիշ պահանջելու բան մը չէր մնաց։ Ի՞նչպէս սակայն իր խանդավառ սէրն եղբայրական գորովանաց փոխակերպեր էր, ի՞նչէս կրցած էր գոհանալ պարզ մտերմութեան մը վայելքով. այս կնոջ անքննադատելի ծանրութի՞ւնն էր արդեօք, անոր լուրջ ու խոհուն վա՞րքն էր որ զինքն յեղափոխեր էր, թէ ոչ այս տեսութիւն իսկ մեծագոյն շնորհն էր զոր՝ իր սիրոյն չափազանցութեան մէջ՝ երիտասարդը շատ եւ շատ իսկ դատած էր իրեն համար։ Ինչ որ ըլլար չի ջանաց ծածկել իր համակրութիւնն որ արդէն իր ամեն խօսուածին ու վարմունքին մէջ երեւան կ’ելնէր։ Տարօրինակ ազդեցութիւն մ’էր այս կնոջ իշխանութիւնն երիտասարդին վրայ. երբոր խօսէր իրեն, ներդաշնակ նուագ մ’էր որուն դադրելէն վերջն անգամ երիտասարդ դեռ կ’ունկնդրէր. երբոր նայէր իրեն՝ փայփայիչ ու գգուալից ակնարկ մ’էր որ իրեն կը հետեւէր ու զինքը կը շրջապատէր ելեկտրական հոսանքով մը։

Խոստովանեցաւ օր մը Սուրբիկին իր բոլոր տկարութիւնը. «Չեմ գիտեր, ըսաւ անոր ի՞նչ հմայութիւն ունիս վրադ, կ’զգամ որ քոյրս քեզ չափ չը պիտի սիրէի. անբացատրելի զգացում մ’է որ ի զուր կը ջանամ հասկնալ. հօր մը չափ կը սիրեմ քու ամուսինդ. հաւատա՛ որ ուրախ եմ այնպիսի բարի ու սիրեցեալ անձի մը կենակիցն լինելուդ. թերեւս իրարու չի հանդիպէինք բնաւ թէ որ Արամ էֆէնտիի բարեկամը չը լինէի ես»։

Այս անդորրութեան օրերու մէջ էր որ Արամ էֆէնտի գլխի ծանր հիւանդութենէ մը պառկեցաւ. Սուրբիկ անձնուէր հոգածութեամբ մը խնամեց իր ամուսինը. քսան օր հարկ եղաւ անքուն անցունել անոր անկողնոյն մօտ. դեղերը տալ, զայն սփոփել ու խնամել վարձկան ձեռքի գործ չր եւ Սուրբիկ անձամբ իր պարտքը կատարեց. վտանգներն անցան բայց նախկին առողջութիւնը չի վերադարձաւ. հիւանդութիւնն յաղթուեցաւ մշտնջենական հետք մը թողլով սակայն հիւանդին վրայ զոր անկարելի եղաւ բուժել։ Արամ էֆէնտի ականջի ծանրութիւն մ’ունէր, այս հիւանդութիւն անոր լսողութիւնը խանգարեց. հիւանդն ոտքի վրայ ելաւ բոլորովին խուլցած. ծանր հարուած մ’եղաւ ասի ծերունի մարդուն, յաւիտենական զրկում մ’էր ամեն յարաբերութենէ։ Անփարատելի տրտմութիւն մ’եկաւ իր վրայ եւ ի զուր ջանացին զինքն սփոփել. ամեն մարդ պարտաւորուեցաւ գրով խօսիլ իրեն հետ։ Ամեն ձայնէ զուրկ ու կարօտ մնացող այս մարդը՝ չի կրցաւ անտարբեր քաջութեամբ մը դիմադրել այս աղէտին. իւր անզբաղ օրերուն բոլոր հաճոյքը խօսակցութիւնն էր զոր հարկ էր մէկ կողմ թողուլ. իր խլութեան պատճառաւ պարտաւոր էր մեկուսի մնալ այլեւս իբրեւ խելագար յիմար մը. այլեւս ընկերութեան մէջ չի պիտի կարենար մտնել ծիծաղելի չըլլալու համար. երաժշտութիւննեւ իր կնոջ դաշնակին ձայնը՝ զոր այնչափ կը սիրէր, ա՛լ իրեն համար չէին։ Նամանաւանդ իր որդւոց ձայնը չի լսելը զինքը խիստ վշտացուց։

«Զաւակներուս ձայնէն կարօտ մնացի» պատասխանեց անոնց՝ որք զինքը մխիթարելու համար ամեն ջանք կ’ընէին։

Իսկ Սուրբիկ ի՞նչ կը մտածէր այս անակնկալ պատահարին առջեւ։ Իր ամուսնոյն դժբաղդ կացութեան վրայ կատարեալ ու խորին ցաւակցութեամբ մը հանդերձ չի կրցաւ ակնարկ մը չի դարձնել նոյն իսկ իր գոյութեան վրայ. հազիւ 25 տարեկան էր դեռ երբ իր ծերունի ամուսնոյն հիւանդ վիճակը՝ նոր տկարութեամբ ծանրանալով, ընտանեկան կեանքը բոլորովին կը վերջացնէր։ Ապաքէն քանի տարիներէ ի վեր հիւանդոտ էրիկը դարմանելով անցուցած էր կենաց ու երիտասարդութեան լաւագոյն օրերն. այսուհետեւ այրի ու ծերացած կնոջ մը տխուր ու մռայլ ապագան վերապահուած էր իրեն։

Յանկարծ անցեալ օրերը պատկերացան իր աչքին առջեւ անողոք ճշդութեամբ մը. ո՞ւր էր այն ցնորական երջանկութիւնը զոր Սեդրաքին սիրոյն մէջ կը վայելէր երբեմն, ո՞ւր էր այդ հեշտութեան դրախտը զոր երիտասարդին ականջին կը խոստանար ու կը փսփսար։ Ուխտադրուժ ու խաբեբայ՝ քարուքանդ կործաներ ու փշրեր էր այն երանութեան յոյսերն զորս իր ձեռքն էր իրականութեան վերածել, չարագուշակ հրեշտակի մը պէս մահ եւ աւերում սփռեր էր իր չորս դին, եւ սեւ հողերն յափշտակեր տարեր էին այն մէկ հատիկ սիրեցեալն որուն միայն խոստացած էր պատկանիլ։

Սուրբիկ չար հոգի մէկը չէր. ոչ ոք իր յանցանքին մեծութիւնը թերեւս իրեն չափ կը ճանչնար. ոչ ոք ապաշխարելու ո ներողութեան արժանանալու հարկն իրեն չափ կը խոստովանէր։ Ամուսնական կեանքին մէջ իր պարտականութեանց անթերի գործադրութեամբ սփոփանք մը գտնել որոշեր էր, յաւէտ իր սրտին մէջ պաշարելով իր միակ սիրելւոյն յիշատակը։

Տարիքի ահագին տարբերութիւնն, որ ի սկզբանէ իր եւ ամուսնոյն մէջ կը գտնուէր, զինքը զուրկ թողած էր երջանկութեան այն ամեն յոյսերէն զոր երիտասարդուհին իրաւունք ունի պահանջելու։ Հայրական խնամք ո ոգածութիւն գտեր էր շատ անգամ հոն՝ ուր հրդեհող ու սպառող հեշտութիւն մը գտնել կը յուսար։ Քնքոյշ ու հազուագիւտ ծաղկի մը պէս ջերմոցի մը մէջ միայն պահուեր էր մինչդեռ այնքան պէտք ունէր ազատ օդին ու արեւին ճառագայթներուն. չէր կրնար գանգատիլ սակայն իր ամուսնոյն դէմ՝ որոյ բարի, առաքինի ու ներողամիտ բնութիւնն ամեն մեծարանաց արժանի կը կացուցանէր զինքը։

Անշուշտ գիտէր թէ որքան անդարմանելի սխալ մը գործած էր ամուսին ընտրելով իրեն այնպիսի մէկը՝ որ հօր մը տարիքն ունէր իրեն քով եւ իր աչքը սեւեռելով կը տեսնէր իրեն կարեկից մանկութեան ընկերուհիներն որոնց ամեն մէկը հիմա իրեն պէս երիտասարդ, առողջ ու զուարթ ամուսինով մը երջանիկ եղեր էր. անշուշտ իր ձեռքն էր օգուտ քաղել այն բոլոր թոյլտուութենէն՝ զոր իր ամուսինը կատարեալ վստահութեամբ մը տուեր էր իրեն, շեղուելու ու մոլորելու համար պատուոյ ու պարտականութեան ճամբէն. երիտասարդներ չէին պակսած ականջն ի վար վար զմայլիչ ու ապահով նկարագրելու այն ուղին որ լի էր անյատակ անդունդներով։ Սուրբիկ մերժած էր ցայն վայր եւ գոհ էր խոտորած չը լինելուն ուղղութեան ճամբէն. բայց ահա անոք ու միայնակ՝ դատապարտեալ ծերունւոյ մը հետ ինքն ալ դատապարտուած էր. անզգայ մը չէր սակայն երբ երիտասարդական արիւնն այնչափ ուժգին կը շարժէր իր սրտին մէջ. ծաղկահասակ ու գեղեցիկ՝ ինքն ալ միթէ չէ՞ր գիտեր սիրել։ Երիտասարդ կինն, առանց ո՛ եւ է փորձառուեթան տէր լինելու, խորին գիտակցութիւն մ’ունէր իր տեսնուած անձանց տրամադրութեանց վրայ ու նր կնային բնազդմամբ առաջին տեսութենէն ճանչցեր ո հասկցեր էր Տիգրանի համակրութիւնն, իսկ հիմա բոլորովին կը կարդար անոր սրտին խորն ուր խռովութեան հովեր կը փչէին։

Անփոյթ ու շաղակրատ զուարթութեամբ մը՝ սիրային լուրջ կապակցութեան մ’առաջքն առնել ջանացեր եւ յաջողեր էր ցայնվայր. Տիգրան անոր ընդունելութեան ձեւերուն տակ չէր կրցած նշմարել երկիւղալի անձկութիւն մը. եւ հիմա որ ամուսնոյն խուլնալովը գրեթէ միայնակ ու առանձին կը մնար այս երիտասարդին հետ, վտանգը մեծ ու ահաւոր էր. ո՞վ պիտի պաշտպանէր զինքը տկարութեան անխոհեմութեան վայրկեանի մը մէջ. ճակատագիրը կարծես չար սատանայի մը պէս ամեն ջանք ի գործ կը դնէր զինքը փորձելու. բայց գուցէ իրեն մեղքցուելու արժանի էր Տիգրանն ալ. Սուրբիկ երեւակայեց զայն երբ լռիկ ու անձայն խոյս կուտար իրմէ ու երախտագէտ սրտով կը մտածէր այն անձնուէր զոհողութեան՝ որով երիտասարդն ինքը միայն տանել ուզեր էր դժբաղդ սրոյ մը բոլոր տառապանքն. այնպէս թուեցաւ յանկարծ իրեն որ Տիգրան իրեն մօտը կը ծնրադրէր ու ձեռքերը միացուցած սիրոյ ու տառապանաց խոստովանութիւն մը կ’ընէր իրեն, անոր հրաշալի շունչը կարծես թէ կը գգուէր իր դէմքը… Սուրբիկ սթափուեցաւ, դուրս ելաւ դողդոջուն եւ պարտիզին զով ու ցրտին հողմն ամոքեց անոր հրատապ ճակատը…

Այսպէս նոր նոր շփոթութիւններով կը պատրաստուէին մօտաւոր ապագայի մը մէջ, ընտանեկան հորիզոնին վրայ սեւ կէտեր կը տեսնուէին, նախակարապետ մեծ ու խռովայոյզ մրրիկներու։

Արամ էֆէնտիի ապաքինութենէն վերջն ապրելու եղանակնին փոփոխութիւն կրեց։ Այս բարեսիրտ մարդն՝ այնքան ծանր հարուածի մը ներքեւ ընկճուած՝ գրական պարապմանց տուաւ ինքզինքն ու առանձնացաւ. բայց անխիղճ ու եսասէր մէկը չէր որ իր ճակատագրին բոլոր դառնութիւնն իր ամուսնոյն վրայ ալ բեռնաւորէր. ազատամիտ փիլիսոփայ՝ որ իր ընկերական կենաց բոլոր անպատեհ կողմերը կը ճանչնար, գիտցեր էր գէթ իր անոյշ բնաւորութեամբ լնուլ տարիքի հեռաւորութիւնն՝ որ զինքն իր կնոջմէն կը բաժնէր եւ հիմա բնաւ չէր ուզեր երիտասարդ ու անփորձ կնոջ մը քաւել տալ անհեռատես որոշման մը հետեւանքը զոր իինքն իր բոլոր փորձառութեամբը չէր գուշակած ատենով։

Ուստի կնոջը գրեթէ բռնութեամբ հրամայեց իրեն հետ չառանձնանալ։

«Ինձ համար որդի մը ու քեզ համար եղբայր մ’է Տիգրան, ըսաւ Սուրբիկին, կուզեմ որ առաջուան պէս ուրախ ու ազատ ապրիք. հարկ չէ որ ես ալ ընկերանամ ամեն ատեն ձեզի, ես այսուհետեւ չեմ կրնար շարունակ դուրս ելնել եւ դուն ինձ հետ բանտարկեալ մի՛ մնար»։

Յիրաւի, եղբայր մ’էր Տիգրան Սուրբիկին։ Այս հեռադէտ մարդն անկեղծութեա՞մբ կըսէր այս խօսքերն ու այս անխորհուրդ առաջարկին վրայ չէ՞ր խորհած երբեք։

Ո՛չ. այնքան պարզամիտ մէկը չէր որ առանց կշռելու հետեւանքն այս աստիճանի թոյլտուութիւն ու ազատութիւն շնորհէր իր երիտասարդ կնոջը։

Ծերունի պաշտօնատարը շատ եւ շատ անգամ խորհած իր ընտանեկան կացութեան վրայ եւ քանիցս զղջացած էր անտես ըրած լինելուն այն առաջին պայմանն՝ առանց որոյ ամուսնութիւնն անհամ կատակերգութիւն մը կը լինի եթէ ողբերգութիւն չի դառնայ։

Զղջում մը կար այս մարդուն սրտին մէջ. ճշմարիտը խօսելով չէր կարող իրեն հետ հաւասարապէս պատասխանատու համարել իր կինն ալ այս անպատշաճ միացման մէջ եւ յանցանքն անդարմանելի ու մշտատեւ կը ծանրանար իր վրայ միայն։

Մարդկային արդարութիւնը չէր կրնար դատապարտել զինքն եւ իր տագնապեալ խղճին ձայնն էր միայն զոր կը լսէր որոշ ու բացարձակ։

Այն վայրկենէն, այս տարօրինակ մարդն որոշէր էր իր կնոջ վերադարձնել անոր ազատութիւնն ու կերպիւ մը թեթեւցնել եթէ ոչ դարմանել իր գործած սխալը։

Արհամարհելով ընկերութեան բոլոր չարախօսութիւններն ու նախապաշարումներն, սփոփանք մը պիտի ունենար, եթէ իր կինն առանց խոտորելու պատուոյ ճամբէն կարենար իրեն տարեկից ու առաքինի երիտասարդի մը բարեկամական գորովովը մոռանալ եւ իր երեսին չի զարնել զինքն յաւիտենական թշուառութեան մը մատնած լինելու յանցանքը։

Անշուշտ Սուրբիկ եւ ոչ մէկ ժամանակ առիթ տուած էր իր ամուսնոյն դժգոհութիւն կամ յանդիմանութիւն մը կարդալու իր դէմքին վրայ. բայց այս լռին համակերութիւնը գանգատող ձայնէ մ’աւելի ծանր եկած էր միշտ անոր սրտին։

Թէ որ ամուսնաթողութիւնն ընդունելի լինէր մեր կրօնական օրէնսդրութեան մէջ, Արամ էֆէնտի բռնութեամբ պիտի բաժնուէր իր կնոջմէն. ու քանի որ օրէնքը կաշկանդող ու բռնադատող էր, իրեն կ’իյնար կարելիութեան ու պատշաճութեան սահմանին մէջ անտանելի չի դարձնել ամուսնական լուծը։

Ո՞րի կ’սպասես ամուսնանալու համար, կ’ըսէր օր մը Տիգրանին. չ’ըլլայ որ երիտասարդութիւնդ անցունելէ վերջն ինձ նման հիւանդ ու կարօտ օրերուդ օգնական մը փնտռելու համար միայն ամուսնանալու ելնես։ Տարիքն առնելէն վերջն երիտասարդուհւոյ մը հետ ամուսնացող մարդը կը նմանի ծովն ինկող անձի մը՝ ոտքէն կապուած ծանր գնտակին որ իր երիտասարդ կինը միասին կը տանի թշուառութեան անդունդը։

Մինչեւ այն ատեն իր կնոջ եւ ոչ մէկ փափաքին հակառակեր էր. Սուրբիկին ամենէն չնչին հաճոքն իբրեւ պարտականութիւն մը ի գործ դրած էր միշտ եւ ասկից վերջը միեւնոյն բարեսրտութիւնն ու թոյլտուութիւնը տալու հարկը ճանչցաւ։

Այս ձեւով Տիգրան աւելի մեծ ազատութիւն մը վայելեց Սուրբիկին քով. իր բոլոր բարեկամութեան հակառակ, այս էր մարդկային սրտի տկարութիւնն. գրեթէ գոհութեամբ տեսաւ Արամ էֆէնտիի մենաւոր մնալը. բայց զայն առանձին չի թողուց. երբոր Արամ էֆէնտի իր աշխատութեան սենեկէն դուրս ելնէր, Տիգրան անոր քով կը կենար միշտ ու մերթ գրաւոր խօսակցութեամբ եւ մերթ պէզիկի խաղով կ’անցունէին միասին քանի մը ժամեր։

 

Խոսրով շուտով յառաջացեր էր իր կանխորոշ ճամբուն մէջ. դատաւորական ասպարէզն, օրինական ճշդութեամբ սահմանափակ գտնուելով, առաջուց ի վեր անյարմար թուած էր իրեն. ուստի շուտով թողուց իր ընդհանուր դատախազի օգնականի պաշտօնը վարչային բարձրագոյն պաշտօնի մը փոխարէն։

Այս երիտասարդը՝ դիւրին ու արագ յառաջդիմութեան մը անհրաժեշտ եղող բոլոր պայմաններն իր անձին վրայ կը բովանդակէր։

Նա ունէր մեծերու դէմ հլու ու ստրուկ հնազանդութիւն, ազդեցիկ անձանց մերձաւորութիւն եւ անոնց քով այն ողոքիչ ու շողոքորթ զուարճախօսութիւնն՝ որ երբեմն խեղկատակութիւն մը կոչուի ու շատ անգամ ճշմարիտ արժանեաց տեղ կը բռնէ։ Այս միջոցով ստացեր էր նա զօրաւոր պաշտպաններ։

Միանգամայն յաջող ամուսնութեամբ մը իր դրամական կացութիւնն ապահովեր էր, առանց վարանելու ամուսնանալով հարուստ ու գեղանի աղջկան մը հետ որոյ բոլոր պակասութիւնն՝ ատենով հայրենի տունէն փախուստ տուած լինիլն էր երիտասարդ դասատուին հետ։ Հազար ոսկի օժիտ պիտի տար անոր հայրը՝ մեծահամբաւ դրամատէր մը որ կառավարութիւնն ու հասարակութիւնը կողոպտելով ձեռք բերած էր իր հարստութիւնն ու զոր քրտինքով ու պատուով ձեռք բերուած կ’անուանէր։ Սակայն հակառակ իր մեծ դիրքին ոչ ոք իր աղջիկն ամուսնութեան ուզած էր եւ անոր աղմկալից անցեալն ատեն անցնելով մոռցուած չէր։

Խոսրովի պէս դրամի կարօտ ու պատուոյ մասին ներողամիտ անձ մը միայն անոր ամուսին կրնար լինիլ։ Բարձրանալու մշտատեւ տենչէն բռնուող այս մարդուն աչքին ամեն ինչ՝ բարեկամութիւն կամ ամուսնութիւն՝ միայն իր մեծութեան գաղափարներուն նպաստելուն համար գոյութիւն ունեցող բաներ էին։

Նորա կինը պէտք էր նախ եւ առաջ դրամի տէր լինիլ, երկրորդ՝ սրահի մը մէջ խօսակցելու չափ կրթեալ մէկն ըլալ. եւ Խոսրով այս միութեան մէջ անկէ անդինդ չի նայեցաւ։

Շիտակն ըսելով իր կինը կատարելապէս յարմարեր էր այս տարօրինակ մարդուն. Եւգինէ վառ ու խռովեալ երեւակայութեան տէր, յամառ ու արտակարգ աղջիկ մ’էր։

Ճարտար դաշնակահար, լաւ գծագրիչ, ինչպէս որ կը տեսնուէր իր ներքնասենեակի պատերէն զորս իր մատիտին արտադրութեամբը միայն զարդարեր էր, այս կինն ամեն բանէ առաջ իր անկախութեան սիրահար մէկն էր։ Շարունակ ֆռանսական վէպեր կարդալով՝ անոր ըմբոստ բնաւորութիւնը բոլորովին անզուսպ ու յիմարական բան մը դարձեր էր. թաքուն, անձայն ու անշշուկ սիրահարութիւն մը՝ անոր զզուանք պիտի ազդէր. ընդակառակն առեւանգութեան, բռնութեան, սպանութեան կամ թունաւորման վախերով լեցուն ու գայթակղալի հռչակ ուենալիք ամեն տրփի անոր պիտի յաղթէր։

Անոր ազատութեան ու անկախութեան փափաքը՝ բռնաւոր տարփաւորի մը գերին լինելու ջանքն էր միայն եւ ոչ ուրիշ բան։ Այս կնոջ հետ հաշտ կենցաղի յոյսն անկարելի էր. անոր կամ տէրը կամ ստրուկը պէտք էր լինիլ։

Իր արկածալից երիտասարդութիւնը միշտ չափազանց ներողութեան մը արժանացած էր հօրը կողմէն որ անհաւատալի տկարութեամբ մը կը սիրէր այս աղջիկն։

Եւգինէի ամուսին լինելիք մարդը պարտ էր առաջուց աչքն առնել անոր լուծին տոկալը, գոնէ անոր բացարձակ անկախութիւնը ճանչնալը. Խոսրով այս վիճակն անընդունելի չի նկատեց. շէնք շնորհք Եւգինէի երեսն անգամ նայած չէր. կապո՞յտ աչուի էր թէ սեւ աչուի. անոր մազերը խարտեա՞շ էին թէ շագանակագոյն. բերանը փո՞քր էր թէ մեծ, շիտակը շատ աղէկ չէր գիտեր. խիստ լաւ գիտէր սակայն որ իրեն տրուելիք օժիտը նշանտուութեան օրէն իր տրամադրութեաններքեւ պիտի գտնուէր ու այս բաւ էր անոր։

Ամուսնութեան առաջին ամիսները փոխադարձ ու գերազանց անտարբերութեամբ հետեւապէս եւ անդորրութեամբ անցաւ, մինչեւ որ Խոսրով անգամ մը իր ամուսնական իշխանութիւնն ի փորձ դնել ուզեց։

Տիկնոջ երիտասարդ մէկ ազգականը՝ Խոսրովի տան սովորական ու ամենօրեայ այցելուներէն մէկը դարձել էր. այս տղան՝ վաճառականի մը քով գրագիր, որ իր շաբաթականն իր զգեստներուն միայն կը յատկացնէր, բաւական վայելչադէմ ու խարտիշահեր մէկն էր զոր չար լեզուները կը պնդէին թէ Եւգինէի վաղեմի ու արդի մէկ մտերիմը լինէր։ Այս լուրը շուտ հասեր էր Խոսրովի ականջը, բայց չէր ուզած անորոշ ու տարտամ կասկածի մը վրայ իր դուռը փակել անոր դէմ, նամանաւանդ ամուսնութեան առջի օրերը։ Տանը մէջ բնաւ կարեւորութիւն տուած չէր անոր. առջի տեսութենէն մէկ երկու բառով հասկցեր էր որ, զգեստներու գլխէն ի զատ, այս անձն ոչխարի մը պէս անմիտ ու վայրենիի մը չափ տգէտ արարած մ’էր։ Այս տխմար էակն Եւգինէի պէս կնոջ մը տարփաւորը չէր կրնար ըլլալ։

Սակայն ի սկզբան անվնաս նկատուած այս արարածը՝ քիչ քիչ Խոսրովի անտանելի թուեցաւ. իր հակակրութիւնն անչափ աւելցաւ որչափ իր կինն այս աստիճանի ապուշի մը վրայ տարօրինակ գորով ու սքանչացում կը յայտնէր։

Խօսքի պզտի մենամարտով մը սկսաւ այր ու կնոջ մէջ այս երիտասարդին վէճը։

Եւգինէ անոր ճաշակն ու վայելչութիւնը կը գովէր։

Կը զարմանամ, ըսաւ անոր ամուսինն, այդ անհամ պարոնէն ախորժելուդ։

Ինչո՞ւ ըլլայ անհամ, միթէ համով ըլլալու համար պէտք է անպատճառ քաղաքական կամ ուսումնական նիւթերու վրա՞յ ճառել ձեզի պէս. մենք՝ կանայքս՝ այդ տեսակ բաներէ չենք հասկնար, ամեն մարդ իր ճաշակն ունի։

Այդ խօսքը քու հմտութեանդ յարմար չէ. դու ուսեալ կին մ’ես եւ շարունակ քուրջի վրայ խօսիլը դատարկ գլուխ կանանց յատուկ է։

Քանի մ’օր վերջը խօսքը նորէն բացուեցաւ բայց այս անգամ աւելի կծու կերպով։

Չեմ կարծեր որ յատկապէս ինձ հակառակելու համար այս անպիտան անձն հոս յաճախել կուտաս. անցեալ օրուան դիտողութենէս ի վեր այդ պարոնն օրը երեք անգամ եալ սկսաւ։

Ամենեւին. միայն կը խնդրեմ որ այդքան չնչին բանի մը համար խնդիր չի հանէք. որովհետեւ շատ կանուխ է դեռ, աւելցուց հեգնութեամբ. վեց ամիս չեղաւ ամուսնանալնիս եւ նախանձոտ Օթէլլոյի դերը ծիծաղելի կ’ըլլայ։

Խոսրով բարկացաւ բայց ինքզինքը զսպեց։

Համբերութեամբ մտիկ ընել պարտաւոր եմ որովհետեւ քեզմէ մեծ եմ. քեզ նկատմամբ մինչեւ հիմա ունեցած անտարբերութիւնս աննախանձ ըլլալս կը հաստատէ, կը պահանջեմ միայն որ պատշաճութիւնը ճանչնաս, ըսա ցոցտ կերպով ու դուրս ելաւ սենեակէն։

Ի՞նչ տեսակ էին Եւգինէի յարաբերութիւններն այս երիտասարդին հետ որ Արմենակ կը կոչուէր. արդարութիւնն յարգելու համար պարտաւոր ենք յայտնել որ անպատշաճ կապակցութեան ամեն զրոյց բոլորովին անհիմն էր։

Եւգինէ չէր սիրեր ու չէր կրնար սիրել այս տխմարը բայց տխմարութիւնն ալ իր հաճելի կողմն ունր։

Արմենակ Եւգինէն կարենալ սիրելու մեծամտութիւնը չունէր բայց անոր հետ տեսնուիլն հասարակաց տեղ մը անոր հետ միասին ժուռ գալն իրեն շատ էր ու քիչ չէր։

Մինչեւ իր էրկանը դիտողութեան պահուն, Եւգինէ այս տղուն հետ կզբօսնուր, անոր վրայ կը ծիծաղէր, կը խնդար, բայց գէշ աչքով մը նայած չէր անոր. սակայն իր էրկանը ընդդիմութիւնն անոր ի բնէ պատերազմասէր ոգին արթնցուց. նամանաւանդ անոր խօսքին վերջին պարբերութիւնը խիստ վիրաւորիչ դատեց. «Քեզ նկատմամբ ունեցած անտարբերութիւնս աննախանձ ըլլալս կը աստատէ» ըսեր էր. անտարբերութի՞ւն… Եւգինէ իր ամուսնոյն համար ուրիշ զգացում ունեցած չէր. բայց ամուսինն իր մասին անտարբեր ըլլալու իրաւունք չունէր եւ որոշեց այդ անտարբերութիւնը խորտակել։

Ի շնորհս Եւգինէի բերած օժիտին եւ իր ամսականին Խոսրով Պոլսոյ առաջնակարգ էֆէնտիներէն մէկն էր հիմա. իր կնոջ բերած գումարը քօնսօլիտէի խաղով ստացուած մէկ երկու յաջողութեամբ կրկնապատկուած ու եռապատկուած էր եւ Խոսրով՝ շահադիտութեան մէջ յանդուգն ու անվախ՝ վերջին բաղդով մը մեծ հարստութիւն մը շինել ու այնպէս քաշուիլ կուզէր այդ վտանգաւոր խաղէն։

Մէկ օրուան մէջ հարիւր ոսկի շահիլ կամ կորսնցնելու վարժուող մարդ մը խնայողութեան տէր չէր կրնար լինիլ ու Խոսրովի քօնսօլիտէի ելեւէջին պատճառած շահերուն մէջ իր տանը համար ըրած մեծ ծախքը չնչին բան մ’էր։

Կարօտութեան մէջ նուաստ ու ստրուկ եղող հարստութեան մէջ ամբարտաւան կըլլայ. Խոսրով հազարաւոր ոսկիներուն հաշուոց հետ շուտով հինաւուրց ազնուականի մը բոլոր ձեւերը սորված էր։

Այս էֆէնտին մոռցած էր անշուշտ հայրենիքէն հետիոտն Պոլիս գալը կամ տնտես ախպօր աւելցուկ հացի կտորներն, երբ իր հիւրերուն գանգատող ձայնով մը Հեռալին եւ Պիւռկիին կօշիկներէն կամ Լըպօնին կերակուրներէն կը դժգոհէր։

Իր ազգային գաղափարաց գալով, իբրեւ նորահակ հարուստ մը՝ վարչութեան, ժողովոց եւ երեսփոխանաց վրայ ծիծաղելու իրաւունք ունէր. բայց Խոսրով խորամանկ փառասէր մ’էր որ այդ ժողովոց մէջ ձայն ու իշխանութիւն ունենալը չարհամարհեց։

Առաջին պաշտօնատարը չէր նա (եւ անտարակոյս վերջինն ալ չի պիտի ըլլար) որ ազգին մէջ ազդեցութիւն ունենալն՝ իր դիրքին օգտակար կերպով ծառայեցնելու գաղափարն յղացեր էր։ Այս օրինաւոր ակնկալութիւնն՝ ի վաղուց անտի շատ քիչ անգամ ի դերեւ ելած է որպէսզի նորեկներ ադոր ճշմարտութիւնը չըմբռնեն։

Մէկ նամակով Խոսրով իր հայրենիքէն երեսփոխան ընտրել տուաւ ինքզինքն Ազգային ժողովին, իսկ հոն խոհեմութիւնը ձեռքէ չի թողուց ու խորագէտ ճարտարութեամբ ձեռք բերաւ ազատամիտ ու ժողովրդական երեսփոխանի անունը զոր պաշտօնատար երեսփոխանները խիստ քիչ անգամ ստացած են։

Ժողովին ամեն նիստերուն ներկայ, ներկայ նախապատրաստական գումարումներու, ամեն վիճաբանութեանց մասնակից, իր դիւանին մէջ տեղեկաբեր, հանգանակութեանց մէջ կարգադիր մասնախումբի անդամ, Խոսրով Էֆէնտին Ազգային ժողովոյ ամենէն գործունեայ ու ազդեցիկ անդամներէն մէկը դարձաւ։

Ամենքը միաբերան կը գովէին այս մարդն որ ազգին վնասելու կարողութեամբն հանդերձ այնքան անձնուէր կը ծառայէր անոր։

Այս համբաւը՝ զոր անաղարտ կը կարծեր, ստանալէ յետոյ սկսաւ իւր շահատակութիւններն։ Իր ձայնն հետզհետէ խրոխտ եւ հպարտ՝ հակառակ կարծեաց տէր երեսփոխաններն արհամարհանօք ու սպառնեալօք կը սաստէր։ Ո՞վ էին այն անպիտան մարդիկն որ կը համարձակէին իրեն դէմ խօսիլ. գիտէի՞ն որ կարող էր զիրենք մինչեւ յաքսոր մատնել։

Խոսրովի ծարգիրներն ի գործ դրուելու մօտ էին. միայն իր ընտանեկան կենաց խռովութիւններն աճեր ու բազմապատկեր էին երթալով։

Ինչպէս ըսինք Եւգինէ իր էրկանն անտարբերութեանը յաղթելու համար անոր նախանձը շարժել որոշեր էր։ Ոչինչ այնքան անխախտելի է որքան կանացի որոշումն։ Այն վայրկենէն սկսելով Եւգինէ չէր թերացեր, իր ամուսինը կատղեցնելու համար, ի գործ դնելու այն ամեն փոքրիկ կամ մեծ, անվնաս կամ վնասակար միջոցները որ կանանց պատերազմի համբաւը կը կազմեն։

Այն երիտասարդը ամեն օր հրաւիրել , իր ոտքին քով նստեցնել, գլխիվայր փսփսալ անոր ականջն ի վայր, թեւը մտնել շրջագայութեան համար ու կռթնիլ անոր թեւին ամենուն ուշադրութիւնը հրաւիրելու չափ. ու երբ ասոնք անբաւական դատուեցան, նամակագրութիւն մ’սկսիլ անվերջանալի, օրն իրիկուն տոմսակներու տարուբերին զբաղեցնելու ծառաները, ծաղկանց փունջեր պատրաստել տալ, ղրկել և ընդունիլ ու վերջապէս կղզին կամ Պէօյիւքտէրէ կամ ուրիշ հեռու տեղեր ժամադրութիւններ կարգադրել, ահա Եւգինէի ռազմագիտական միջոցներն։

Խոսրովի՝ քիչ քիչ անհանդուրժելի երեւցաւ իր կնոջ ընթացքը։ Կռիւները անպակաս դառնալ սկսեր էին. բայց Եւգինէի պատերազմէ փախուստ տուող չէր, ընդհակառակն. արդէն քօնսօլիտէի մէջ մի քանի մեծ կորուստներ Խոսրովի բնաւորութիւնը բոլորովին դառնացուցեր ու համբերութեան չափը լցուցեր էին։ Տանն անկարգութիւնն ու անխնամութիւնն որ շռայլութեան ծայրագոյն աստիճանի հասեր էր, իր կնոջ մասին ամեն մանրամասնութիւններով յեղյեղուած ամօթալի պատմութիւններ, ընտանեկան յարկին կործանման ապահով նշաններն էին. Խոսրով թէեւ երբեք չէր սիրած, չէր ախորժած իր կնոջմէն, բայց քիչ մ’ալ սպասել որոշեց։

Դրամական կորուստներն ու ձախորդութիւնն որ քանի մ’ամսէ ի վեր զինքը կը հալածէին, պաշտօնի յառաջադիմութեամբ փոխարինել որոշեց. իր ամսականը ներկայ վիճակին մէջ անբաւական դարձեր էր նոյն իսկ իր կնոջ զարդարանացն ու պարտքը դիզուեր էր չորս դին. ամսականի ու պաշտօնի բարձրացումը փրկութեան միակ Ճամբան էր. դեռ ոչ ոք գիտէր անոր նեղութեան մէջ գտնուիլն. ամենքը զինքը հարուստ ու ազդեցիկ գիտէին. ժամ էր աղէկ ու արտաքոյ կարգի վարպետութեամբ մը վերստին հաստատել իր կորսուելու մօտ եղող դիրքը. Խոսրով ազգային գործոց դաձուց իր հետաքննին ակնարկն։

Ուր մէկին խոստմամբ, որ մէկին սպառնալեաօք որ մէկին համոզմամբ Խոսրով յաջողած էր արդէն կուսակցութիւն մը կազմել ժողովոյն մէջ, որ իր գաղափարներն ի գլուխ պիտի հանէր։

Սահմանադրութեան վերաքննութեան վիճաբանութիւնըտեղի կունենար։ Խոսրով՝ պարզապէս զայն ջնջելու համոզումը յայտնեց. իր կարծեօք, Քաղաքական ժողովը կը բաւէր ամեն ինչ տնօրինելու. ի՞նչ պէտք այս վայրախօս երեսփոխանած որոցմէ օգուտ չի կար. տասն եւ վեց տարուան փորձը մէջտեղն էր իր համոզումն հաստատելու։ Միւս կողմէ ազգային վարժարարաններու պէտք չի կար որք աւելորդ ծախք մը ու հոգ մ’էին ազգին գլխուն։

Այն ատենուան մարդիկն հիմակուաններուն չափ անսիրտ ու անհոգի չէին։

Նախ ապշութեամբ մտիկ ըրին այս նոր վարդապետութեան ու յետոյ որոտալից ընդմիջում մը ատենաբանին խօսքը կտրեց.

Մի՛ մեղանչէք Սահմանադրութեան դէմ, կը պոռային ունկնդիրներն հազիւ սպելով իրենց զայրոյթը։

Ի կարգ, ի կարգ, կը գոչէին երեսփոխաններն յոտին կանգնած։

Շարունակեցէ՛ք, էֆէ՛նտի, կը պատասխանէին միւս կողմէ Խոսրովի կուսակիցները։

Խոսրով այս ընդհանուր խռովութեան մէջ չի տկարացաւ. այլ թեւերը խաչաձեւ միացնելով իր կուրծքին վրայ։

Պիտի սպասեմ հոս որ Դիւանը գոնէ խօսքի ազատութիւնն յարգել տայ, ըսաւ նա. չեմ կարծեր, աւելցուց սառնալից ակնարկութեամբ ունկնդիր ամբոխինն, որ խուժանին յարձակմանց դէմ մեր անձերը պաշտպանելու համար կառավարութեան միջամտութեան դիմելո հարկադրէր զմեզ, Ատենապետ էֆէնտի։

Ատենապետին զանգակին ձայնն աղմուկին հետ կը շարունակէր ու անլսելի կը դառնար։

Ամենէ կոշտ ածականներն, ամենէն ծանր խօսքերն իրարու դէմ կը փոխանակուէին. Դիւանը շարուած ի զուր լռութիւնը կը պահանջէր։

Երեսփոխանները կ’զգային որ պատրաստուած դա մը կար, ամեն մարդ կացութեան ծանրութիւնը կ’ըմբռնէր, բայց ոչ ոք բացորոշ կերպով Խոսրովն ամբաստանելու կը համարձակէր, այնքան ծանօթ էր անոր վտանգաւոր անձ մը լինելը։

Սահմանադրութեան հիմնադիրներէն ծերունի երեսփոխան մը խօսք պահանջեց ո պահ մը յաջողեցա ստանալ. ալեհեր բայց դեռ առոյգ ու կայտառ բժիշկ մ’էր Տօքթէօռ Բ. պէյ, որոյ այսքան յուզեալ ձայնը լսուած չէր դեռ. նա այն անձերէն էր որոց միշատ պատկառանքով ունկնդրութիւ կը լինէր։ Իր երիտասարդութեան ատեն Սահմանադրութիւնը տուեր էր ազգին իրեն պէս մի քանի երիտասարդաց հետ խորելով ազգին ապագային. բեղմնաւոր ու ազատական խորհուրդ մ’էր զոր յղացեր ու գործադրեր էին. իր երկն էր ազգային օրէնքն եւ զաւակի մը չափ կը սիրէր զայն։ Այդ օրէնքը ջնջելու պահանջումն իր աչքին ոճիր մ’էր։

Ամենքը պահ մը լռեցին այդ մեծարելի ծերունւոյն ձայնին առջեւ։

Կը յիշեցնեմ Դիւանին, աղաղակեց նա, որ Սահմանադրութեան դէմ խօսելու ազատութիւն չի կայ այս ժողովին մէջ. խօսելու ազատութիւնն հոդ կանգ կ’առնու. Դիւանին պարտքն է ժողովին կամքն հարցնել իմանալու համար թէկը հաճի՞ ատենաբանին մտիկ ընել։ Ներեցէք որ ըսեմ նաեւ թէԴիւանին վեհերոտ ընթացքը ժողովին անարգանք մ’է։

Որոտընդոստ ծափահարութիւն մը մէկ կողմէ, գոռ ու գոչումը միւսէն, վերսկսան մծեագոյն սաստկութեամբ։

Նախատինք չի բաւեցին. Խոսրովի հակառակորդք քաջալերուեր էին ու ամենէն ծանր ամբաստանութիւններն ապտակի պէս անոր երեսին կը զարնէին։

Վերջապէս Դիւանին եւ քանի մ’ազդեցիկ երեսփոխանաց օգնութեամբ վայրկեան մը կարգ վերահաստատուեցաւ ու քուէարկութեան արդիւնքն, ատենաբանն ունկնդրելու մասին բացերձակ առաւելութեամբ «ոչ» մը երեւան հանուելով, Խոսրովի բոլոր յատակագիծներն հիմնայատակ կործանեց։

Վար իջաւ բեմէն, կաս կապոյտ կտրած ամօթէն ու բարկութենէն, բայց դեռ խրոխտ ու սպառնալից մեկնեցաւ ժողովէն, մէկտեղ տանելով իր կործանեալ յոյսերուն հետ վրէժխնդրական պատրաստութիւներ։

Խոսրովի մեկնելովը բեռ մը կարծես վերցեւ ժողովին սրտին վրայէն. այն մարդուն վախէն ոչ ոք իր համոզումը կրնար ազատութեամբ յայտնել, այդ մարդն օտարական մ’էր. անոր հեռանալէն վերջն ամենքն իրենց լեզուին տուին. մին պարսաւանաց քուէ մը առաջարկելու չափ յառաջ գնաց. ժողովն ազգասիրական եռանդով մը յոզուած էր. երեսփոխանները զիրար կը շնորհաւորէին. ու այսպէս վերջացաւ այդ նշանակոր ու պատմական նիստը։

Խոսրով տուն դարձաւ։ Եւգինէ դուրս ելած ու վերադարձած չէր դեռ, թէեւ ժամը 12ի մօտ էր. Խոսրով՝ արդէն ցասմամբ լեցուած, իր կնոջ ընթացքն աններելի դատեց. ընտանեկան հորիզոնին վրայ մեծ փոթորիկ մը պատրաստուած էր ու տիկնոջ վերադարձին կ’սպասէր պայթելու համար. ժամը կէսն էր ու ոչ ոք երեւան ելած էր. ո՞ւր գացեր, ո՞ւր մնացեր էր, Խոսրով իր կատաղութիւն սպասաւորներուն դէմ դարձուցեր էր, չը գիտնալով որի դէմ յագուրդ տալ իր բարկութեանը։

Մէկին քառորդ մնալով, Եւգինէ տուն դարձաւ բաց կառքով մը. յայտնի էր թէ զուարճութենէ մը կը վերադառնար, կ’երեւէր թէ քիչ մը ոգելից ըմպելիք ալ խմած էր, որովհետեւ այտերը վարդագոյն, աչքերը կարմրած, զուարթ ու բարձրաձայն խօսելով խնդալով վար ցատկեց կառքէն։

Սեւ կռանատիէնէ ճոխ ու գեղեցիկ շրջազգեստ մը հագած էր որ անոր գիրուկ ու բարեձեւ հասակն ու ուռուցիկ կուրծքը կը սեղմէ. մազերը սեւ, փայլուն ու երկայն, անգլիական ձեւով ու վայելչութեամբ յարդարուած, հազիւհազ կ’ամփոփուէին աթլասէ ծոպերով զարդարուած յարդէ գլխարկի մը տակ՝ որոյ ձեւն իտալացի աւազակներէն առնուելուն համար, պռիկան կը կոչուի։

Երեսը ներկած, դէմքը ճերմակ ու կարմիր, արտեւանունքն ու յօնքերը սեւ, շրթունքը լայն ու հեշտաւէտ, ռունգերը դողդոջուն, աչքերը փայլուն, կուրծքն՝ աննման ո խոստմնալից՝ թափանցիկ տանթէլներով ծածկուած, որ իր գահավէժ ելեւէջովը կը մատնուէր, ձեռնոցները մինչեւ ուսն երկարած ու ձեռքն հովանոցի տեղ մեծագին խարազան մը, ահա այս ձեւով Եւգինէ տր ամուսնոյն դէմն ելաւ։

Խոսրով՝ առաջին անգամ ըլլալով՝ զարմացաւ ու սքանչացաւ այսքան վայելչութեան ու լրբութեան վրայ։

Ի՞ր կինն էր այս գեղանի էակն որ զաշխարհ մոլորեցնելու կարող կը թուէր. Խոսրով ապշեցաւ ու միանգամայն ներքին հպարտութիւն մը զգաց։

Ի՞նչպէս մինչեւ հիմա աչքին չէր զարկած այդ հրապուրիչ մարմինն, այդ պաշտելի կինն որ վեհերոտութեան օրէնքներն անգիտանալուն համար թերեւս այնքան գեղածանծ կ’երեւէր։

Խոսրով յանկարծ վայրենի իղձ մը զգաց իր սրտին մէջ, հրաշէկ երկաթի մը արյուածքին նման. մոռացաւ իր կցաութիւնը, քայքայքումն այն օրուան պարտութիւնը, բարկութիւնը, վրէժն ու ամեն ինչ։ Զարմանալի երեւոյթ մ’էր ասի մարդկային տկարութեան, երբ մինչեւ այն վայրեանը միայն մեծութեան, փառաց ու հարստութեան խորհուրդներով համակուած այս մարդն՝ ո՛չ թէ օտարուհւոյ մը հանդէպ, ո՛չ, այլ իր կնոջ համար, իր երկու տարուան կնոջ դէմը վաւաշոտ ու յիմարական սրով մը կը տագնապէր։

Սպառնական շեշտ մը պատրաստեր էր, սակայն փայփայող ու ողոքիչ ձայն մը միայն ելաւ բերնէն.

Ո՞ւր մնացիր մինչեւ հիմա։

Ես ալ աղէկ մը չը գիտեմ. ո՞ւր չը մնացի որ. ցորեկուան ճաշէն վերջը ժամ մը միայն կորսնցուցի յարդարանացս համար. յետոյ Տիկին Ա*ին հետ Մասլաք գացինք. անցեալ օրուընէ որոշեր էինք. ո՞վ գտնանք հոն կը հաւնիս. նախ եւ առաջ մեծ մարդերէն, էֆէնտիներէն սկսինք, քանի որ այնպէս հաճելի է ձեզի։ Կարապետ եւ Երուանդ էֆէնտիներն իրենց տիկիններով միասին, անկից վերջն, այն երիտասարդ պատկերահանն որ մեզի մէկ երկու անգամ եկաւ. գիտես որ շատ պաշտելի տղայ մ’է այդ տղան. յետոյ մեր Արմենակն իր եղբօրորդւոյն հետ որ բարիզէն նոր եկած է հոս արձակուրդի ամիսներն անցունելու համար. շատ զուարճախօս անձ մը. երգեցինք, պարեցինք ու շիտակն ըսելով ինձմէ զատ ամենքը գինովցան։

Եւգինէ ինքզինքը դուրս ձգելու իրաւունք չունէր. գլորեց, քան թէ պատմեց այս ամենը մէկ շունչով։

Խոսրով պարզապէս հմայուեր մնացեր էր։

Կարելի՞ բան էր որ մինչեւ հիմա մեկուսացման մէջ թողած լինէր իր կինն ու ուրիշներ միայն ճանչցած ու պաշտած լինէին զայն. Խոսրով զգաց նախանձու որդն որ իր սիրտը կը կրծէր։

այսչափ ատեն անփոյթ ու անտարբեր գրեթէ թշնամացած մնալէ յետոյ, հաշտութեան ու համակրութեան ճամբան խիստ դժուարին երեւցաւ. ի՞նչ ձեւով պիտի կսկսէր յայտնել անոր իր յանկարծական փոփոխութիւնը։

Ճաշի ատեն էր. Եւգինէ զարմացաւ որ այն իրիկունը նախատեսեալ կռիւը տեղի չունեցաւ Խոսրովի կողմէ, ընդհակառակն գրեթէ համակրական ձեւ մը նշմարեց անոր վարմունքին մէջ։ Խոսրով ճաշին վրայ սովորականէն աւելի գինի խմեց ու իր կնոջ կատակներ ըրաւ։ Եւգինէ ասոր չէր սպասեր. հասկցաւ որ գաղտնիք մը կար ու իր կանացի բնազդմամբ չուշացաւ իր ամուսնոյն հաշտուեթան փափաքը գուշակելու։

Ինչպէս ամեն անձնապաշտ կին, Եւգինէ խիստ մեծ գաղափար ունէր իր անձին վրայ. վաղ կամ անագան կ’սպասէր իր ամուսինն իր ոտից տակ տեսնել, ուստի Խոսրովի ընթացքը մեծ հաճութիւն պատճառեց, բայց անոր փաղաքուշ խօսքերը գերազանց կերպով անհամ թուեցան իրեն։ Խոսրովի ո՛չ գգուանքին եւ ո՛չ անուշ լեզուին կարեւորութիւն ընծայած էր երբեք, հետեւապէս անոր անձնատուր լինելը տեսնելով իր ցուրտ ու հակառակորդ բնաւորութիւնը մէկդի չի ձգեց։

Խոսրով, գինւոյ շոգիներէն մոլորած, իր կինն համբուրել ուզեց. Եւգինէ խորին ու անդիմադրելի զզուանք մը զգաց այս մարդուն փայփայանքէն։

Թող զիս կը խնդրեմ, ըսաւ սառն կերպով, այդչափ մօտութենէն չեմ ախորժիր։

Ու իր սենեակն առանձնացաւ ու դուռը փակեց։

Ցնորքներով, իղձերով ու խրատներով լեցուն գիշեր մ’եղաւ այն առաջին գիշերն յորում Խոսրով իր կնոջմէն հեռու մնալուն բոլոր կարօտն ու բոլոր դառնութիւնն զգաց։

Մտածեց որ ամուսնական կեանքը կարի ծանրակշիռ հանգամանք մը կ’զգենուր իր յիմարական տենչանքին պատճառաւ։

Ինչպէս ըսինք, առանց Եւգինէի համակրող կամ համակրելի լինելն ստուգելու ամուսնացած էր հետն անոր ազատութիւնն յարգելու պայմանաւ. առեւտրական գործ մ’էր զոր կատարեր էր թիւերու ու շահու վրայ հիմնելով իր ամուսնութիւնն առանց սէրն ի հաշիւ առնելու, ու հիմա որ անզուսպ ու անբացատրելի կիրք մը զինքն իր կնոջ ոտքը կը ձգէր, կը խորհէր, մեծ մտատանջութեամբ, թէ ի՞նչ տեսակ ընդունելութիւն մը պիտի գտնէր հոն։

Եւգինէ բնաւորութեան նայելով, այդ ընդունելութիւն քաջալերից լինելէ խիստ հեռի կը թուէր։

Անցան մի քանի օրեր, յաղթական կինն իր զբօսալից ընթացքը փոխելու կողմը բնաւ. Խոսրովի բոլոր ներողամտութիւնն ու բոլոր մտերմութեան փորձերն ի դերեւ ելան:

Եւգինէ կարծես զինքը ծայրայեղ միջոցներու դիմել տալու առիթ կ’որոնէր:

Խոսրովի քաղցրութեան ու համակրութեան վերջին ջանքերը կատարելէն կէս ժամ վերջն էր որ նորա կինը տիկնոջ մը հետ ժամադրութիւն մը պատճառ բռնելով դարձեալ մեկնելու կը պատրաստուէր:

Ամուսինն զգաց բարկութեան կրակն որ իր գլուխն ու միտքը կը յեղաշրջէր:

Դուրս չը՜ պիտի ելնես, գոչեց նա կիրքէն ու զայրոյթէն կուրցած, երբոր տեսաւ որ Եւգինէ դուրս ելնելու վրայ էր:

Ձեր կալանաւորը չեմ կարծում ու դուք բանտապահ մը չէք:

Ամուսինդ եմ ու ի՛նձ պիտի հնազանդիս:

Երիտասարդ կինն այս ձեւերուն վարժուած չէր. ինքն ալ զայրանալ սկսաւ:

Հնազանդութի՜ւն, ըսաւ նա, հա՜, հա՜, շիտակը ինձ խնդացնել սկսար, ես ո՛չ քու աղախինդ եւ ոչ ալ սպասաւորդ եմ, քու ծառաներուդ հետ վարուէ այդպէս։

Չը՛ պիտի ելնես դուրս, կը հասկնա՞ս, գոչեց էրիկն ինքնիրմէն բոլորովին դուրս ելած ու բռնութեամբ քաշելով կնոջը թեւէն։

Եւգինէ դեղնեցաւ։

Դո՛ւն ալ չափն անցուցիր, այստեղ Խարբերդի լեռը չէ, ինծի նայէ՛. ըսաւ անոր, քու հայրենակիցներէդ շատերը մեր տունն իբրեւ սպասաւոր պահած ենք, դուն ալ կրթութեամբ անոնցմէ տարբերութիւն չունիս եղեր. վրաս ձե՛ռք վերցնել, ալ ամեն ինչ վերջացաւ, հիմա հօրս տունը պիտի երթամ. շո՛ւտ, շուտ կառք մը բեր, Յակո՛բ, պօռաց սպասաւորին՝ որ էրիկ կնոջ մէջ տեղի ունեցած կռիւն հասկնալու համար դրան մօտ եկեր էր։

Կռիւը ծանր կերպարանք մ’ստացաւ. Խոսրով իր կիրքէն շփոթած իր կնոջ վրայ իշխանութիւն ունենալ կարծեր էր. անոր պատասխանն իր դիրքին ինչ լինելն հասկցուց. Եւգինէի պատասխանը պաղ ջուրի տուշի մը պէս անոր խելքը գլուխը բերաւ. արդարեւ անկէ հնազանդութիւն չէր կրնար պահանջել. իրենց ամուսնութեան առաջին պայմանն էր այդ. հօրը տունը վերադառնալու սպառնալիքը մանաւանդ զինքն ահաբեկեց. անկից զատուիլն ուրիշներու, բացարձակապէս ուրիշներու յանձնել էր զայն։

Խոսրով կացութիւնն ըմբռնեց. ինքն ամուսնական իրաւունք ու իշխանութիւն չէ ունեցած բնաւ ու հիմա որ իր կնոջ օժիտն սպառեր լմնցուցեր էր, հիմա որ նեղութիւնն հասնելու մօտ էր, կնոջմէն բաժանումն աշխարհ իր վրայ ծիծաղեցնելու միայն պիտի ծառայէր։

Այս գործնական ու դրական մարդն ամենէն մեծ վրդովմանց մէջ անգամ իր հաշիւը չէր մոռնար։

Հետեւապէս սպառնալեաց ճամբան թողուց՝ աղաչանաց թելը ձեռք առնելու համար. ո՛չ ոք Խոսրովն չափ յաջողակ էր նուաստանալու արուեստին մէջ։ Պահ մ’առաջ խրոխտ ու բիրտ լեզու գործածող այս մարդը չի վարանեցաւ իր դէմքը փոխելու, աղաչելու, ու հեծկլտեալ ճայնով, աչերն արտասուալից, իր կնոջ ոտքն ինկած, ներումն ուզելու անկից։

Գիտեմ, կը մրմնջէր նա հեկեկանօք, խառնուելու իրաւունք չունիմ քեզի, դուն քու տէրդ ես. մի՛ մեղադրեր զիս. միշտ կը լքանես էրիկդ ու ուրիշներո հետ կը զուարճանաս, անպատիւ բան մը չես ըներ բնաւ, ադոր տարակոյս չունիմ, բայց ես ալ ամուսինդ եմ ու քեզ կը սիրեմ…

Եւ արդարեւ կը սիրէր հիմա կատաղի ու մոլեգին սիրով… Ու այս աղերսարկու եղանակին վրայ շարունակեց։ Իր հեշտամոլ ու վայրենի իղձերը՝ կնոջ մօտ ըրած թախանաձանօք աւելցան ու զայրացան, եւ այս յուզումով իր պերճախօսութիւնկ կարծես թէ ամոզիչ դարձաւ. Եւգինէի քով ծնրադրեր, անոր ձեռքերը կը բռնէր ու կը համբուրէր. կը հոտոտէր, կը գգուէր. մանկամարդ կինը չէր պատասխաներ. այս աստիճանի անզուսպ կիրք մ’ազդած լինելն անոր անձնասիրութիւնը կը գգուէր։

Եւգինէ գոռոզացաւ ու սարսափեցաւ միանգամայն։ Այս բուռն սիրոյ արտայայտութիւնն այն մարդու կողմէ որ իր էրիկն էր, վերջապէս զինք վախով լեցուց։

Տղայ մի՛ ըլլրա, ըսաւ վերջապէս իր էրիկն ոտքի վրայ հանելով, անդին նստէ, ծառայներն ի՞նչ կ’ըսեն հիմա։

Եւգինէ ձայնն հանդարտ, գրեթէ քաղցր էր. Խոսրով ուրախութենէ արբշիռ եղաւ։

Ես քու գերիդ, քու շունչ եմ, Եւգինէ, ըսաւ այս յիմար մարդը բոլորովին խելացնոր։ Ինչպէս կ’ուզես այնպէս վարուէ հետս, բայց մի՛ սրդողիր ինձի հետ. գնա՛ զուարճացիր, դուն զուարճութիւն կը սիրես, ես ալ քիչ մ’աշխատութիւն ունիմ. քէն մի՛ պախեր ինձի դէմ. սրոյս չափազանացութիւնը զիս յուզեց. գիտես որ միշտ քու հաճոյիցդ համակերպած եմ։

Ու այն օրէն Խոսրով իր կնոջ ճշմարիտ գերին ու շունը դարձաւ. մեծ պահանջումներ չունէր. իր կնոջ մէկ ժպիտը կամ հողմահարով երեսին զարնած մի փոքրիկ ապտակն իբրեւ գգուանք կը բաւէր. այն օրուան կռիւէն վերջն, ալ Խոսրով բնաւ չը համարձակեցաւ կնոջն ո՞ւր երթալն, որի՞ երթալն հարցնել կամ փնտռել. կնոջը բարի կամեցողութեանը ձգուած էր այս կէտն որ քիչ կարեւոր չէր, քանի որ Խոսրովի ձեռքն հասած անստորագիր նամակներ իր կնոջ այցելութեանց վրայ տարօրինակ մանրամասնութիւններ կը հաղորդէին։

Յանկարծ իր կինը տունէն ունեցած բացակայութիւնը վերջացուց. Խոսրովի անհաւատալի թուեցաւ առջի բերան ասիկայ. իրեն հաճելի՞ ըլլալու համար արդեօք Եւգինէ տունը կը կենար։

Ամուսնոյն այս քաղցր տարակոյսը շուտով փարատեցաւ։ Դիւրութեամբ նշմարեց որ իր պրիչի ընկերներէն հարուստ վաճառական մը, որու հետ գիշերներն, ուրբաթ ու կիրակի օրերը կը միանային թուղթ խաղալու համար, իր կնոջ համակրութիւնը շահած կ’երեւէր. հասկցուեցաւ որ Եւգինէ յատկապէս անոր թուղթի համար իրենց տունը գալիք օրերն այցելութեան չէր երթար։

Խոսրովի այս խաղի ընկերը՝ պարոն Մարեմեան՝ ամենէն դիւրաւ յաղթուող ու ամենէն առատաձեռն թուղթ խաղացողներէն մին էր. նամանաւանդ Խոսրով քանիցս փոխառութիւններ ըրեր էր անկից եւ չէր կրցած դեռ վճարել. Մարեմեան առանց նախկին հաշիւները պահանջելու ի հարկին անոր ծառայութիւն ընելու պատրաստ մէկն էր. այսպիսի մարդէ մը անկարելի էր յարաբերութիւնը կտրել։ Այր ու կնոջ սիրալիր ընդունելութեանը վրայ հետզհետէ այս վաճառականը տանը մէջ անպակաս հիւր մը կամ լաւ եւս է ըսել տանուտէր մը եղաւ։ Խոսրով ցորեկուան ու իրիկուան ճաշի թող չէր տար զայն, վասնզի երկու հարիւր ոսկւոյ նոր փոխառութիւն մ’ընելու վրայ էր. նեղութիւնը շատցեր ու պահանջատէրները տան դուռը ձեռք առեր էին։

Բայց Եւգինէ ի՞նչպէս զատուեր էր իր բազմաթիւ մտերիմներէն։

Եւգինէ քծնող ու հեգնող բնաւորութիւն մը ունէր. հարուստ վաճառականը մինչեւ ցայն վայր ծանօթ էր իրեն այս կամ այն դերասանուհոյն համար ըրած շռայլ ու խելառ ծախքերովը։

Եւգինէ իր ամուսնոյն բերնէն անգամ քանիցս լսած էր անոր արտակարգ նուէրները։

Կանանց համար ամեն զոհողութիւն ընելու պատրաստ երեւցող այս մարդն իր հետաքրքրութիւնը շարժեց. մօտէն ճանչնալ կ’ուզէր թէ ի՛նչ տեսակ անձ մ’էր Մարեմեանը. ուստի իր սովորութեան հակառակ ուրբաթ օր մը դուրս չելաւ ու էրկանը պրիչի խաղին ներկայ գտնուեցաւ. անխելք մէկը կարծեր էր զայն, բայց տեսաւ որ խօսակցութեան մէջ բաւական անճարեղ էր. իր համբաւաւոր ու մեծածախ արկածներու վրայօք եղած կատակներու մասին՝ իշխանի մը վայելուչ համեստութեամբ ու փորձառու սիրահարի մը պատիւ բերելիք գաղտնապահութեամբ պատասխանեց նա։

Այս համեստութիւնն ու գաղտնապահութիւնը խիստ հաճելի երեւցան Եւգինէի. անոր վայելուչ շարժմունքն ու ձեւերը, հագուստն ու խօսակցութիւնը լաւագոյն տպաւորութիւն յառաջ բերին։

Մարեմեան ամուրի, հետեւապէս ազատ էր. երեսուն եւ հինգ տարեկան կար ու հետեւապէս պատանի սիրահարի մը նման փոփոխամիտ չէր. իր էրկանը մտերիմն էր եւ հետեւապէս անոր հետ տեսնուելու մէջ դժուարութիւն չը կար. հարուստ էր եւ հետեւապէս քիչ մը բան կրնար վրայ առնուլ անկից։ Հարկ է խոստովանիլ որ Եւգինէի տրաբանութիւնը կատարելապէս ուղիղ էր։

Միւս կողմէ Մարեմեան այն վարպետորդիներէն էր որք խառնագնաց ու անառակութեամբ բեղմնաւոր անցեալի մը պարգեւած փորձառութեան շնորհիւ, մէկ նայուածքով պաշտելի կին մը՝ պարկեշտ կնոջմէ մը կը զանազանեն։ Եւգինէ՝ անտարակոյս նետուելու որս մը չէր։

Երկու կողմն՝ այսպէս պատրաստուած՝ շուտով զիրար հասկցեր էին. Մարեմեան չէր ուշացեր Եւգինէի միւս տարփաւորներն ի բաց վանելու, ու ինչպէս ամեն յաղթանակի իրաւունքն է՝ պատերազմի դաշտն իրեն մնացեր էր միայն։

Ահա այս եղանակաւ Եւգինէ իր բացակայութիւնները վերջացուցած էր. սակայն կամաց կամաց յիմար ու անբացատրելի տկարութեամբ մը կապուած էր իր նո տարփաւորին. այս խրոխտ ու ամբարտաւան կինն՝ որ իր հոմանեաց հետ իր էրիկէն լաւագոյն կերպով չէր վարուեր մինչեւ այն ատեն՝ Մարեմեանի քովը կատոի մը պէմ գգուալից ու համբերող դարձած էր։

Այս նոր կապակցութիւնն երկար չը տեւեց ամեն կողմ իմացուելու համար. Խոսրով լռելեայն ընդունած էր այս ծանր կացութիւնը. Մարեմեանի, Եւգինէի ու իր մէջ որոշուած ու ճանչուած տեսակ մը ամօթալի դաշնադրութիւն մ’էր որ երեք կողմերն հաւասարապէս գոհ պիտի ընէր։

Քիչ մ’ատեն վերջն էր որ ի լրումն դժբաղդութեան, Խոսրովի պաշտօնը խնայողութեան համար կը ջնջուէր, եւ նոր պաշտօնի մը կոչուելու յոյսէն ի զատ բան մը չէր մնար նմա։

Սակայն իր տան դրութիւնը փոփոխութիւն չի կրեց. հասարակութիւնը զարմացաւ ու ցաւեցաւ որ այս պաշտօնանկ մարդն իր առջի ճոխ ու բազմածախ ընթացքը կը պահէր։ Փայլուն դիրքի հասնող մարդը միշտ ամենուն նախանձը կը շարժէ իր շուրջն, ու ամեն անկում գոհացում մ’էր զոր բաղդն այդ չար հոգիներուն կը նետէ։

Իր տան մէջ միայն Խոսրովի կացութիւնն ստորնացեր էր. նա՝ ծախուց տնօրէն մ’էր աւելի քան թէ այն տան մեծը։

Չի կայ վիճակ մը որոյ մարդ չի կարենայ սովորիլ ու հանդուրժել. Մարեմեանի շնորհիւ ու ստակով պահուող այդ տան մէջ Խոսրովի վիճակն անտանելի էր անտարակոյս արժանապատուութեան զգացումն ունեցող մարդու մը համար։

Շաբաթին այն գիշերներն յորում Մարեմեան սովոր էր Խոսրովի տունն անցունել, այս տանտէր—այցելուին ամեն հաճոյքներէն եւ ոչ մին կրնար մոռցուիլ. սպասաւորներն ամենէն լաւ կը ճանչնային այս ազնուական հիւրին մեծ նշանակութիւնը։

Մարեմեան՝ իր քաղաքավար ձեւերուն տակ՝ բիրտ ու լիրբ բնաւորութիւն մը կը ծածկէր. Եւգինէէն ամեն գոհացում ստանալէ յետոյ երեւան ելաւ անոր անհանդուրժելի վարմունքն որում չէր սպասուեր բնաւ։ Բարկութեան մը միջոցին, Մարեմեան՝ «Կորսուէ, ա՛նպիտան» պօռացեր էր անոր երեսին։

Խեղճ կինը գիշերը մինչեւ լոյս արտասուեց. առաւօտուն Մարեմեան տեսաւ անոր կարմրած աչքերը, բայց բառ մ’անգամ չը զիջաւ արտասանել իր առջի գիշերուան կոպտութիւնն արդարացնելու համար եւ հետեւեալ իրիկունն ալ իր սովորութեան հակառակ տուն չեկաւ։

Խոսրով այս անհամաձայնութեան վրայօք պզտիկ հով մը առեր էր քովի սենեակէն լսելով անոնց բարձրաձայն վէճն ու կռիւը։

Մարեմեանի չի գալն կասկածը հաստատեց. այս մարդուն հետ աւրուելու ատենը չէր բնաւ եւ անուղղակի կերպով Եւգինէն ստիպեց նամակ գրելու ու հաշտուելու անոր հետ։

Երիտասարդ կնոջ խրոխտ բնաւորութիւնը քիչ մ’ատեն դիմադրեց այս նուաստութեան փորձին. ո՛չ ոք մինչեւ ցայն վայր, ամուսին կամ տարփաւոր, անտես ըրած էր իրեն դէմ այդ աստիճան կրթութեան պայմանները. բայց վախցաւ որ Մարեմեան անձնասիրութիւնը վիրաւորած նկատէ՝ եթէ հաշտութեան առաջին խօսքն ինք չի բանայ. ինքնիրեն ըսաւ թէ իբրեւ կին՝ իրեն կ’իյնար ինչ որ ալ ըլլար իրաւունքն՝ առաջին դիմումը կատարելու եւ ինքնիրեն արդարացում մ’ալ գտնել աշխատեցաւ անոր կոպիտ վարմունքին համար. թերեւս անոր բարկացած, խիստ բարկացած մէկ վայրկենին հանդիպած էր. ինչո՞ւ մինչեւ այն օրն այս կերպ ընթացք մը չէր ունեցած. էրիկ մարդիկ շատ անգամ իրենց գործի մէջ ունեցած զայրոյթը տան մէջ երեւան կը հանեն. ու ասոնց պէս հազար ու մէկ պատճառ որոնեց կամ գտաւ Մարեմեանի նամակ գրելու համար։ Մարեմեան հաշտուեցաւ. բայց նոր կռիւներ չուշացան ու այս անգամ աւելի հեռու գացին. Եւգինէ նշմարեր էր որ Մարեմեան՝ իր յոյն սպասուհւոյն պէտք եղածէն աւելի ուշադրութիւն դարձուցած էր. ճամբայ տալ ուզեր էր ու Մարեմեան բաց ի բաց դէմ էր կեցեր։

Օր մը կռիւն այն աստիճան հասաւ որ Մարեմեան ձեռք վերցուց Եւգինէին վրայ եւ այս յիմար կինը չի կրցաւ ինքզինքը պաշտպանել։ Ուրիշներու դէմ խրոխտ ու յանդուգն եղող այս կինն իր նոր տարփաւորին դէմ արտասուելէ ու աղաչելէ ուրիշ բան չունէր եւ իր սէրը՝ տեսած կոպտութիւններէն նուազելու փոխարէն կ’աւելնար։ Մարեմեանն իր ձեռքէն յափշտակել կ’ուզէին ուրիշ կիներ։ Ո՛չ, թոյլ չը պիտի տար։ Իր տարփաւորն՝ յագեցած ու ձանձրացած՝ ցրտութիւն կը ցուցնէր, ուստի չէր կարող իր սիրոյն յենլով բան մը պահանջել անկից եւ անոր գթութեանը միայն կրնար ապաստանիլ։ Ինչո՞ւ չէր կրնար Եւգինէ զատուիլ այս մարդէն։ Դրամի խնդիրն իր աչքին կարեւոր չէր բնաւ, բայց իրեն ամօթ պիտի համարէր թէ որ իր տարփաւորն՝ որով այնքան պարծենցեր էր, զինքը լքանելով ուրիշներու հետ ապրէր բացէ ի բաց։ Հետեւաբար ստիպուած էր անոր կամքին համակերպիլ սպասելով որ յարմար առթիւ ձեռք բերէ վերստին իր կորուսեալ ազդեցութիւնը։

Իր յոյն սպասուհին սակայն տեսած քաջալերութեամբը տանը մէջ ոսոխումի մը դարձեր էր. Եւգինէ չէր կարող բան մը հրամայել անոր. քանիցս նա բացարձակ կերպիւ դէմ դրեր ու պօռացեր էր իր տիրուհւոյն երեսին սպառնալով անմիջապէս մեկնիլ. Եւգինէի ուզածն էր այս բայց կը վախնար որ հետեւեալ օրը Մարեմեան զինք պատասխանատու պիտի բռնէր այդ աղախնւոյն հեռացմանը համար. հետեւապէս հարկ էր լռել ու չի լսելու զարնել անոր յոխորտանքը։ Նա քիչ քիչ ամեն ծառայութիւն վերջացուցած էր ու միայն Մարեմեան եկած ատեն կ’երեւար եւ անոր կ’սպասաւորէր. իսկ անոր հոն չեկած ատենը իր զարդարանքը միայն կուտար տան տիրուհւոյ պէս։ Եւգինէ դեռ բացորոշ կերպիւ անոր յարաբերութիւնը չէր տեսած իր տարփաւորին հետ բայց մեծապէս կը կասկածէր որ համբոյրի ու գրկապնդման գլուխները շատոնց ի վեր կը կարդային անոնք առտուները Մարեմեանի սենեակին մէջ ուր սպասուհին հագուստները մաքրելու ու նախաճաշ տանելու համար կ’երթար, մինչդեռ ինքը՝ շնչհատ գունաթափ ու դողդոջուն, ոտքին ծայրերուն վրայ կոխելով. փակ դռան ետեւէն անոնց խօսակցութիւննըմբռնել կը ջանար։

Այո՛, պարտաւոր էր դեռ քիչ մ’ալ համբերել. թէ որ նոր կռիւ մ’ըլլար Եւգինէ՝ իր սպասուհւոյն քով պզտիկ պիտի մնար. ուստի օգուտ չի կար անտարբեր դարձող տարփաւորի մը գլխու ցաւ տալէ. իր արցունքն՝ որ անպակաս դարձեր էր, մէկու մը չը պիտի ցոյց տար. գաղտնի, ամենէն գաղտնի պիտի պահէր իր ցաւն ու վիրաւորեալ անձնասիրութիւնն եւ գոհ ու զուարթ դէմք մը պիտի զգենուր առաջուան պէս ամենուն դէմը։

Գարունն եկեր էր եւ Մարեմեան՝ Խոսրովի նոր պաշտօնի մը համար աշխատելով հանդերձ ծախուց մասին դժուարութիւն յարուցած չէր։ Վերին Վոսփորի մէջ տուն բռնել որոշեր էին այն տարի եւ Եւգինէ՝ որ Եէնիմահալլէն կը սիրէր՝ առաջարկեց հոն անցունել ամառն։

Եէնիմահալլէ՝ ամառը մեծ մասամբ հայաբնակ՝ հայաբնակ վայրերու ամեն թերութիւններն կամ առաւելութիւններն ունէր. հեռաւորագոյն գիւղերու մէջ ամեն ընտանեաց մէջ անցած դարձածը հոն կը պատմուէր ու կը քննուէր։ Հոն՝ Մարեմեան՝ քիչ ատենէն վերջը տեղեկացաւ ի մէջ այլոց, թէ Տիգրան՝ որոյ մի քանի ջուրերը հանդիպեր էր նորատի կնոջ մ’ընկերացած, հարուստ փաստաբան մ’էր որ Պէօյիւքտէրէ կը բնակէր եւ ըստ երեւոյթին այդ ընկերացած կնոջ տարփաւորը։

Մարեմեան՝ մէկ տեսնելովը Սուրբիկի հաւներ էր. անոր վրայ գտեր էր միայն այն պարզութեան շնորհն որ պարկեշտութեան յատուկ է, եւ որ անառակ մարդոց աչքին ամենէն մեծ հրապոյրն է։ Իր մեծ ճանաչողութեամբ, հասարակաց տեղեկութեան հակառակ, անմիջապէս հասկցեր էր որ անոր երիտասարդ ընկերը տարափաւորի մը ձեւը չունէր բնաւ։

Աւելին գիտնալու հարկ չի կար այս մարդուն՝ Տիգրանին բարեկամուհոյն ետեւէն իյնալու համար անմիջապէս անոր հետ տեսնուելու միջոցները փնտռեց բայց չի յաջողեցաւ. իր ծանօթ ընտանիքներէն հազիւ մի քանիին հետ Սուրբիկ գլխի բարեւ մը կը փոխանակէր. իսկ անոր այցելութիւնները չի կայի պէս բան մ’էին։ Մարեմեան այս կողմէն յուսակտուր Սուրբիկի ամեն տեղ հետեւելու ճամբան ձեռք առած էր, այնչափ որ իր պահանջող ու ամբարտաւան նայուածքը նորատի կնոջ ուշադրութիւնը գրաւել ու զինքն անհանգիստ ընել սկսաւ։

Մարեմեան սխալած չէր Տիգրանի վրայօք ունեցած կարծեացը մէջ։ Տիգրան՝ անշուշտ կը սիրէր, խանդակաթ համակրութեամբ կը պաշտէր Սուրբիկը, բայց դեռ սիրոյ բառ մը արտասանած չէր անոր երեսին։

Անցեալ օրերը, անոր ամուսնոյն վիճակը Սուրբիկի անպաշտպան կացութիւնն եւ այս տեսակ հազար նկատումներ՝ որք Մարեմեանի պէս մարդոց համար կին մը նուաճելու նոյնչափ պատճառներ են, Տիգրանի աչքին այնքան բացարձակ արգելքներ էին. իր սրտին խորը պատկեր մը կար զոր կը պաշտէր, ու այդ պատկերը թերեւս Սուրբիկինն էր. բայց իր վարմունքն եղբայրական գորովոյ սահմանը չը պիտի անցնէր։

Սուրբիկ իր պաշտպանութեան յանձնուած էր եւ Տիգրան որ քաջ գիտէր թէ որքան մեծ է կանացի տկարութիւնը, նախանձոտ եղբօր մը պէս կը հսկէր անոր վրայ։

Գիւղ տեղուանքը իրարու ծանօթ եղողները շուտով կը տեսնուին։ Խոսրով Արամ էֆէնտին ու Տիգրանը կը ճանչնար եւ կիւրակէ առաւօտ մը եկեղեցիէն վերադարձին այցելութիւն մը տուաւ քէօշկը։

Տիգրան հոն էր։

Երկու տարիէն աւելի էր որ այս երկու հին դասընկերները զիրար տեսած չէին։ Պաշտօնի մէջ Խոսրովի հպարտութիւնը Տիգրանը բոլորովին իրմէ հեռացուցած էր. բայց անոր անկումը, նեղութիւնը զորս երիտասարդ փաստաբանը քանիցս առիթ ունեցած էր իմանալու իր բարկութիւնը մոռցնել տուած էին։ Դպրոցական այս միակ ընկերը մնացեր էր պատանութեան տարիներէն. եւ Տիգրան զայն տեսնելուն չի կրցաւ իր յուզմունքն ու ուրախութիւնը զսպել։ Խոսրով ալ անտարբեր չի կրցաւ մնալ. այո՛, միշտ այն անկեղծ բարեկամն էր այս երիտասարդն որոյ այնքան բարիքը վայելած էր։

Զիրար հարցուցին, իբրեւ թէ ճամբորդութեն վերադարձած լինէին.

Եէնիմահալլէ եկանք ձեզի մօտ ըլլալո համար, ըսաւ Խոսրով, յուսամ որ գոնէ ասկէ վերջը չես մոռնար զիս։

Ո՜չ, ո՛չ, պատասխանեց Տիգրան, բայց դուն ալ մեզ մինակ մի թողուր. երեք հոգի եղանք հիմա, Արամ էֆէնտին շատ դուրս չելներ, բայց դուն կրնաս գալ գոնէ պուտ մը կրնանք դարձնել եւ ժամանակը կանցնի։

Պրիչի բառթի՞ մը ասիկա Խոսրովի համար հաճելագոյն առաջարկ մ’­էր։

Այսպէսով հաստատուեցաւ նորէն տեսութիւնն այս երկու վաղեմի ընկերաց մէջ. Խոսրով քանիցս եկաւ Տիգրանի տունն եւ մի քանի անգամ Եւգինէին հետ միասին պատահեցան անոր Պէօյիւքտէրէի մէջ. Տիգրան պարտաւորեցաւ փոխադարձ այցելութիւն մը տալ, բարեբաղդաբար Մարեմեան հոն չէր ու երիտասարդը չէր գիտեր իր բարեկամին ընտանեկան կացութիւնը։

Տիգրան՝ Խոսրովի հետ կրկին տեսնուելովն իր առջի անձնուիրութեան փորձը տուաւ։ Բարեկամներ ունէր ազդեցիկ։

Դատական պաշտօն մը կուզե՞ս, ըսաւ օր մը Խոսրովին, թերեւս կրնամ առնուլ, բայց դուրս երթալ հարկ պիտի ըլլայ։

Ինչ ալ ըլլայ կընդունիմ, պատասխանեց նա, պաշտօնանկ մնալը զիս կը յուսահատեցնէ։

Ու շաբաթ մը անցնելէ վերջը Սեբաստիոյ մէջ երեք հազար ղրուշով պաշտօնի աւետիսը ստացաւ։

Խոսրով յիրաւի յուսահատ վիճակի մը մէջ մնացեր էր. աչուըներն լեցուեցաւ երբ իր բարեկամն եղբայրութեան այս վերջին ապացոյցը տուաւ։ Անոր ձեռքը համբուրել ուզեց… Եւգինէ ալ իր շնորհակալութիւնը յայտնեց։ Եւ այս միջոցաւ իրենց կապակցութիւնն աւելցաւ։

Մարեմեանի փափաքած բանն էր այս մտերմութեան հաստատութիւնն. միայն այս հինաւուրց անառակը կը վախնար թէ խիստ գէշ տպաւորութիւն մ’ըրած կրնար ըլլալ Տիգրանին վրայ ամեն կողմ Սուրբիկի հետեւած ըլլալովը ու երբ հասկցեր էր թէ Արամ էֆէնտիի կինն՝ անոր բացառիկ պաշտպանութեան ներքեւ էր, որոշեր էր Տիգրանի թէ ոչ բարեկամութիւնը գոնէ չէզոքութիւնն ստանալ։

Միւս կողմէ Եւգինէ խորամանկ ու բարկացկոտ էր. ոստի իր այս նոր տարփանաց վրայ ո՛ եւ է կասկած գտնուելու չէր, վասնզի Եւգինէ կարող էր ի դերեւ հանել իր բոլոր խորհուրդներն եւ գիտէր թէ նա իր սէրը պաշտպանելու համար ամեն միջոց ի գործ դնելու մասին վարանող կին մը չէր։

Ուստի ուշադրութիւն ըրաւ Տիգրանի այցելութեան եկած ժամանակ Եւգինէի տունը չի գտնուելու, միանգամայն դադրեցուց այն ուշագրաւ հետազօտութիւնը զոր Սուրբիկը դուրսը պատահած ժամանակ սկսեր էր։ Կատարեալ, խաբուելու չափ կատարեալ անտարբերութիւն ցոյց տուաւ անկից վերջն ամեն ատեն որ հանդիպեցաւ անոր։

 

Արարատեան Ընկերութեան դաշտային պարահանդէսն ամենուն միտքն է դեռ. Պոլսեցւոց այս տեսակ շքեղ երեկոյթ մը քիչ անգամ պատրաստուած է։

Շաբաթ մ’առաջ ամեն ոք պատրաստութեան մէջ էր։ Հայերը շռայլութեան մէջ միշտ յառաջդիմութեամբ փայլած են։ Հաշիւ եղաւ որ այն շաբթուն Բերայի խանութներուն տարւոյն մէջ ամենէն շատ առեւտուրն ըրած միջոցն էր։

Ամեն կողմ խօսակցութեան նիւթն այս պարահանդէսն էր։

Արամ էֆէնտիի տունն ալ՝ ուր պրիչի բառթի մը կը խաղցուէր, նոյն երեկոյթին վրայ էր խօսքը։

Սուրբիկ՝ իր բոլոր փափաքին հակառակ երթալու կամք չէր յայտներ. Տիգրան բան մը չէր ըսեր ու Խոսրով միայն կը պնդէր երիտասարդ կնոջ որ ներկայ գտնուի.

Իմ կինս ալ հոն պիտի ըլլայ, կ’ըսէր, տեսակցութեան առիթ մը կունենաք։

Իսկ Արամ էֆէնտի բռնադատեց որ Սուրբիկ անպատճառ երթայ պարահանդէս. հարկ եղաւ ուրեմն համակերպիլ. բայց կէս գիշերէն ժամ մը վերջը պիտի դառնար։

Պարահանդէսի գիշերն է։

Արտակարգ ոգեւորութիւն կայ Պէօյիւքտէրէի ափունքը։ Պարտէզն անհամար ջահերով ու լոյսերով կը փայլի ընդարձակ ամփիթատրոնի մը նման. բազմութիւնն ամեն կողմէ հետզհետէ կը հասնի ու երաժշտութիւնն իր եռանդուն ձայնը կը լսեցնէ։ Մէկ նայուածքով կրաս հոն նշմարել ամենէն բարձրադիր Հայերն իրենց ընտանեաց հետ միասին. պարի վայրն ամեն կողմ լեցուն է։

Ծառի մը տակ երիտասարդ մը ու մանկամարդ կին մը կը խօսակցին։

Տիկին, կ’ըսէ երիտասարդը ձեռքերն աղաչաւոր դիրքով մը միացուցած, գիտէք որ շատոնց ի վեր կարօտ ու զուրկ թողուցիք զիս ձեր տեսութենէն. ափսո՜ս, առջի օրուընէ գուշակեցի իմ բաղդս, բայց չի կրցայ մէկդի ընելզայն, տարիէ մը ի վեր հոս, հոս միայն հանդիպեցայ ձեզի։

Թողէք զիս, կ’աղաչեմ, կը պատասխանէր կինն, այս տեղ առանձին մնալնիս վայելուչ չէ, ամուսինս կրնայ գալ…

Ատեն մը այդպէս չէիր խօսեր ինձ հետ, Եւգինէ՛, կը կրկնէր երիտասարդն, ամուսի՞նդ չէ թէ ուրիշ մը։

Արմենա՛կ, գոչեց կինը բարկութեամբ։

Թող չեմ տար զքեզ այս գիշեր, կ’ուզէ Վառեմեան գայ կ’ուզէ Մարեմեան։ Իմ իրաւունքս աւելի հին է։

Ամուսնոյս քովը տար զիս, ապա թէ ոչ քաշուէ։

Ես այդ տեսակ բան չեմ գիտէր. ու այս ըսելով երիտասարդը նորատի կինը գրկելու ու համբուրելու կ’աշխատէր։

Եւգինէի համբերութիւնն սպառեցաւ։

Անդին գնա, հիմա պիտի պօռամ։

Համբոյրով մը բերանդ կը գոցեմ։

Կինը ճիչ մ’արձակեց։

Երիտասարդ մը, որ այն կողմէն կ’անցնէր, մօտեցա. Արմենակ մէկդի քաշուեցաւ, մինչդեռ կինը շուարած ու զայրացած գոչեց.

Ազատեցէ՛ք զիս սա անպիտանին ձեռքէ։

Տիգրանն էր մօտեցողը, տեսաւ ու ըմբռնեց տեղի ունեցած տեսարանն։

Ուրիշ տեղ մը տարբեր կերպով պիտի վարուի ձեզ հետ, հոս զձեզ վռնտել տալով պիտի բաւականանամ։Եւ այն միջոցին անացնող հիւրամեծարի մը միջոցաւ դուրս ընել տուաւ եւ Եւգինէն թեւն առնելով պարի դաշտը դարձաւ։

Մաուրքա մը կը զարնուէր. աչքով Սուրբիկը փնտռեց, տեսաւ որ Խոսրովի հետ էր։ Ինքն ալ Եւգինէի ետ քիչ մը պարել ուզեց։

Ոչ ոք Եւգինէի չափ քաջ պարող էր. Տիգրանի թեւին վրայ բան մը չի կար ծանրացող, այլ իր երեսին եշտաւէտ բուրուս մը ու իր քովն զմայլիչ հիւր մը որ պարողներու յորձանքին մէջէն իրեն հատ կը սրանար։

Տիգրան բնաւ այնքան հաճոյք զգացած չէր. շրջան մը միայն ընել ուզեր էր ու այն ատեն միայն կեցաւ երբ երաժշտութիւնը դադրեցաւ. անկից վերջը քատրիլ ու յետոյ վալս մը պիտի լինէր ու այս վալսին համար խօսք տուին իրարու եւ պիւֆէն ուղեւորեցան։

Սուրբիկ հոն էր Խոսրովի թեւը մտած։

Տիգրան անշուշտ իրաւամբ խորհեր էր թէ չարախօս բազմութեան մը մէջ, ուր արդէն տեսակ տեսակ տարաձայնութիւններ կը դառնային իր մասին որքան ալ մաքուր ու անկեղծ լինէր իր սիրտը, պատշաճագոյն էր որ Արամ էֆէնտիի կինը մինչեւ վերջն իրեն հետ ի միասին չի տեսնուէր ու տեղի չի տար նորանոր բամբասանաց։

Ինչե՜ր չէին ըսեր մինչեւ այն ժամանկ։ Տիգրան Սուրբիկի սիրահարն էր. ո՞վ կը տարակուսէր ադոր. եւ ահա նորատի կինն, որ իր հիւանդ ու ծերունի ամուսինը լքանելով վարձկան ձեռքերու, ինք կուգար զբօսանաց վայրերն իր տարփաւորին հետ զուարճանալու։ Այս զրպարտութիւնները պիտի լինէի հետեւեալ օրն ամեն կողմ տարածուելիք արձագանգն ու Տիգրան մեծապէս իրաւունք ունէր իր զգուշաւոր ընթացքին մէջ։

Սուրբիկ միայն Տիգրանի իր մօտը գալուն այս բացատրութիւնը չի տոաւ. լաւագոյն բացատրութիւնն անոր թեւի գեղանի ու շնորհալի կինն էր եւ ուրիշ պատճառ փնտռելու հարկ չի տեսաւ։

Դպրոցէն փախչող տղու մը պէս այն իրիկուն Սուրբիկ անպատոմ բերկրութիւն ու խնդու զգացեր էր պարահանդէս գալուն։ Ո՜րքան ատենէ ի վեր զուրկ էր մնացեր այս տեսակ հաճոյքներէ, ու ասպետական դղեակի մը տիրուհւոյն էս առանձին ու մարդէ հեռու ապրեր էր իր քէօշկին մէջ։

Պահ մը մոռցաւ իր կենաց մառախլապատ հորիզոնն ու ընտանեկան յարկին հոգն ու մտմտուքը պարահանդէսին շողշողուն փայլին առջեւ։

Քաշուած ապրելով, իր ծանօթները գրեթէ մոռացեր էր. բայց Տիգրանի ընկերութիւնը կը բաւէր անոր. Սուրբիկ պարելը կը սիրէր, նամանաւանդ վալսն որ տեսակ մը թաքուն ու անբացատրելի ախորժ ունէր իրեն համար։

Ո՜րչափ մեծ եղաւ իր զարմանքն, երբ պարահանդէս մտած չի մտած, Տիգրան իրմէ բաժնուեցաւ մէկ մ’ալ իր քովը չի գալու համար։ Ո՞վ էր այդ Եւգինէն ուսկից երիտասարդը չէր կրնար զատուիլ. մազուրքայի ատեն նշմարել կարծես թէ Տիգրան խիստ մօտէն կը գրկէր իր վայելչագեղ ընկերուհին։

Սուրբիկ նեղացաւ. ինքն ալ աղէկ մը չէր գիտեր ինչ պատճառաւ մինչեւ այն ժամ երիտասարդն ո՛ եւ է սիրային խոստովանութիւն մ’ըրած չէր իրեն. թերեւս ինքը նշմարել կարծեր էր անոր ներքին համակրութիւնն ու կ’երեւէր թէ բոլորովին սխալած էր այս ենթադրութեան մէջ։

Սուրբիկ միշտ նոյն դիւրագրգիռ կինն էր։ Այն գիշեր խմած մէկ երկու քօնեաքն անոր գլխին զարնելու մօտ էր, երբ Տիգրան մօտեցաւ եւ Եւգինէն Խոսրովին յանձնեց անոր վալսի խոստումն յիշեցնելով։

Սուրբիկ փոթորիկը մը զգաց իր սրտին մէջ այս խոստումը լսելով. ի՜նչ, այդքան չի կարենալ բաժնուելու չափ ախորժելի մէ՞կն էր այդ մանկամարդ կինն եւ մէկ նույուածքով ճանչցաւ անոր վրայ երիտասարդ մը գլխէ հանելու բոլոր առաւելութիւնները։

Իր ներքին խռովութիւնն այնքան աւելի սաստիկ եւ ուժգին եղաւ որքան Տիգրանի չէր կրնար հաղորդուիլ։ Կը մտածէր որ իր բարեկամին անկախութեան դիպչելու իրաւունք չունէր. նա ազատ էր իր ուզածին հետ պարելու կամ խօսելու. զինքը պարահանդէս բերել խոստացեր ու բերեր էր եւ ադկէ աւելի մը չէր կրնար պահանջել անկից։

Ափսո՜ս, մինչեւ այն վայրկեանը Տիգրանը գոնէ իրեն անձուէր մէկն համարած էր. եւ առաջին առթիւ կը տեսնէր թէ ո՜րքան խաբուած էր իր համոզման մէջ։ Իր վիրաւորեալ հպարտութիւնն արգիլեց զինքը ո՛ եւ է բան մը զգացնելէ Տիգրանի. ի՜նչ օգուտ եթէ իր ստիպման վրայ երիտասարդն այդ կնոջ հետ չը պիտի պարէր։

Սուրբի՛կ այս երկրորդ անգամն ըլլալով՝ կը սխալէր իր դատաստանին մէջ։

Տիգրան յիմարի մը պէս կը սիրէր զինքը։

Արամ էֆէնտիի կինը պարահանդէսին մէջ գտնուող տիկնանց մէջ թերեւս ամենէն գեղանին էր։ Մեծագին չէր անոր հագուստը. պարզ քռէմ կաղէ շրջազգեստ մը հագած էր նա վալանսիէններով շտկուած, որոյ թափանցիկ ու անգաղտնապահ հիւսուածքը՝ մարմարի պէս սպիտակ մարմնոյ մը բոլոր հեշտալի հրապոյրը կը մատնէր. իր սիրուն գլուխը, դալուկ դէմքը, դիւրաբեկ հասակն, երազի մէջ երեւցող ու խուսափող տեսիլ մը կը յիշեցնէր զոր կորսնցնելու վախով մարդս կը վախնայ ձեռք դպցնելու։

Զմայլման ու յափշտակութեան շշունչ մը կը բարձրանար երիտասարդաց ու պատանեաց մէջ անոր անցած ատեն. ամենքն անոր ընկերացող անձին շուրջը կը դառնային անոր ներկայացուելու, հետը շրջան մը ընելու կամ բառ մը փոխանակելու յոյսով, իբրեւ նորատեսակ արբանեակներ՝ որոց այս շողշողուն ու հրավառ աստղը ձգողութեան ընդհանուր կեդրոնն էր։

Լուռ ու անխօս, Տիգրանի հետ՝ յառաջացաւ նա ծառուղւոյ մը մէջ. երիտասարդն իր թեւին վրայ կ’զգար անոր փափուկ ու քնքուշ թեւին ջերմութիւնն որ ելեկտրական հոսանքի մը պէս իր երակներուն կը հաղորդուէր. կանգ առին ծառի մը մթին ու խորհրդալի ստուերին տակ. քիչ մը հեռու ուրիշ զոյգեր կը պտըտէին կամ կը խօսակցէին։

Սուրբիկ տրտում ու խոհուն կ’երեւէր։

Ի՞նչ ունիս այս իրիկուն, հարցուց երիտասարդը մտահոգ։

Ոչինչ, մրմնջեց նա։

Չե՞ս ուզեր պարել։

Սուրբիկ դժկամութեամբ ձեւ մը տեսնել կարծեց այս հարցման մէջ։

Ո՛չ, պատասխանեց նա, այս գեղեցիկ գիշերին աւելի կ’ուզեմ երկինքն ու ծովը դիտել։

Թէ որ Խոսրով էֆէնտիէն չախորժեցար, ուրիշ բարեկամի մը յանձնեմ քեզ։

Այս վերջին խօսքը խիստ ծանր եկաւ Սուրբիկին. սիրտը դառնութեամբ լեցուեցաւ ու կսկծալից հառաչանք մը զսպեց իր սրտին մէջ։ Ալ տարակոյս չի կար. երիտասարդը չէր սիրեր ու չէր սիրած զինքն. ու հիմա պարահանդէսին մէջ իր գլխէն նետել կ’ուզէր զինքն աւելի ազատ զբօսնելու համար։ Ու այս տեսակ սեւ մտածումներ անոր շփոթած միտքը գրաւեցին. ուրախ ու զուարթ եկեր էր պարահանդէս. երիտասարդական բաղձանքներն՝ իր սրտին մէկ անկեան մէջ թաղուած՝ ի զուր պահ մը արթննալ սկսեր էին. հիմա կ’ըմբռնէր թէ հարկ էր մոռնալ, վերջապէս մոռնալ երջանկութեան վաղանցիկ յոյսերն. ինքը, խե՜ղճ կին, ո՞վ ունէր աշխարհիս վրայ. ամենէն լքեալ ու երեսի վրայ ձգուող տարաբաղդ էակ մ’էր։

Ո՛չ, ըսաւ հաստատ ձայնով, Խոսրով էֆէնտի անհաճոյ մէկը չէ. իրեն տար զիս։

Քիչ մ’ալ պտըտեցան անշշունչ, առանց բառ մ’աւելցնելու. երաժշտութիւնն անդիէն վալսի նշանը տուաւ. պարողներն հետզհետէ գացին. Սուրբիկ յուսաց վայրկեան մը որ երիտասարդն իր քով պիտի մոռնար Եւգինէի տուած խոստումը, բայց իր պատրանքն երկար չի տեւեց. Խոսրով իր կնոջ հետ իրենց մօտ գալու վրայ էր ու Տիգրան դէպի անոնց յառաջացաւ.

Չէք մոռցած խոստումնիդ անշուշտ, Տիկին, ըսաւ։

Ես ալ եկայ ձեզ զայն յիշեցնելու, պատասխանեց Խոսրովի կինը։

Երկու բարեկամներն իրենց ընկերուհիները փոխանակեցին եւ Տիգրան շուտով վալսի յորձանքին մէջ անյայտ եղաւ։

Ես չեմ պարեր, Տիկին, ըսաւ Խոսրով, եւ կը վախնամ որ զձեզ չի նեղացնեմ։

Ես ալ պարելէ շատ չեմ ախորժիր. արդէն շատ կենալու դիտաւորութիւն չունիմ. ամուսնոյս խօսք տուի շուտով դառնալու ու թերեւ հիմա ինձ կ’սպասէ։

Ո՜հ, դեռ շատ կանուխ է, աւելցուց Խոսրով։

Ու այսպէս քիչ մը ատեն խօսեցան դեռ պարահանդէս եկող կանանց, անոնց յարդարանաց, Արարատեան ընկերութեան ու այն գիշերուան հասոյթին վրայ։

Խոսրով հասկցաւ որ Սուրբիկ նեղացած էր, բայց չէր գիտեր ինչ պատճառաւ. թերեւս պարելը կը սիրէր, ու ինքը չէր կրցած անոր հաճոյանալ։

Այդ միջոցին Մարեմեանը տեսաւ որ իրենց մօտ մի քանի հոգւոյ հետ կը տեսնուէր. Մարեմեան մօտեցաւ ու իբրեւ թէ նոր նշմարելով իր բարեկամին քովի կինը, խոնարհութիւն մ’ըրաւ անոր առջեւ. խոնարհութիւն՝ որ սովորական կերպիւ գլուխ ծռելէ աւելի մանկամարդ տիկնոջ համար զմայլում ու անձնուիրութիւն կը նշանակէր։

Սուրբիկ անմիջապէս ճանչցաւ մէկ քանի ամիս առաջ ստուերի պէս ամեն կողմ իրեն հետեւող անձը։ Բարեկիրթ մէկը կ’երեւէր նա. լաւ կը խօսէր ու քաղաքավար ու յարգալից մէկն էր։

Հիմա շատ չեմ պարեր ալ, Տիկին, կ’ըսէր նա, այնպիսի խոնարհ ձայնով մը որ տարօրինակ կերպիւ փայփայիչ շեշտ մը ունէր. եւ շիտակն ըսելու համար թերեւս չեմ կրնար պարել. պատանեկան աշխոյժն ու եռանդը շատոնց լքեցին զիս, աւելցուց նա տրտում ու գլխիկոր։

Պատանի մը չէր դիմացինն անշուշտ. բայց Սուրբիկ առողջութեան բոլոր ձիրքերով օժտեալ, հասուն տարիքի տէր մէկը տեսաւ զնա։ Տղայ մը չէր Տիգրանին պէս անխոհեմ ու անզուսպ. փորձառու ու հաստատամիտ մէկը կը թուէր։ Իր բոլոր վարմունքին մէջ Սուրբիկի համար վիրաւորիչ լինելիք բառ մը կամ ակնարկ մը չունեցաւ եւ բնականաբար երիտասարդ կնոջ հետ շրջագայութիւն մ’ընելու առաջարկը չի կրցաւ մերժուիլ։

Թեւ և թեւ, սովորական խօսակցութեամբ մը զբաղեալ, պտոյտ մ’ըրին պարտէզին մէջ ու պիւթէէն մէկ մէկ ըմպելիք մ’առին. Սուրբիկ ամէռ մը ուզեց. բայց ներկայացուած հեղուկն՝ սխալմամբ անշուշտ՝ ապսէնթ ըլլալու էր, որ անմիջապէս անոր գլխուն զարկաւ. մէկ վայրկեանի մէջ պարտէզն, երկինքն ու ծովն իր մոլորեալ ակնարկին առջեւ իրարու խառնուեցան, ոտքին ներքեւէն հողը խոյս տուաւ կարծես, ու խեղճ կինը Մարեմեանի թեւէն զատ յենակէտ մը չը տեսաւ իր շուրջը։

Այս ի՞նչ տեսակ ամէռ էր, թոթովեց Սուրբիկ։

Ինձ տուէք գաւաթնիդ, ըսաւ Մարեմեան զարմանք ու վրդովում կեղծելով. բայց այս ամէռ չէ, աւելցուց նա կաթիլ մը բերանն առնելէ վերջը, ապսէնթ է. սակայն անհոգ եղէք, Տիկին, ամեն պարագայի մէջ կատարելապէս անվնաս ըմպելի մ’է, կ’ապահովեմ զձեզ այս մասին. ու այս ըսելով խստիւ յանդիմանեց սպասաւորը։

Սուրբիկ բան մը չը լսեց. այն աստիճան սաստիկ էր յուզմունքն. հեղձուցիչ մթնոլորտ մը կար որ իր շնչառութիւնը կ’արգիլէր ծաղիկներուն բուրումը, մէկ կողմէն, ու թաշկինակներու վրայի անուշահոտութիւնները միւս կողմէն, ու այս սաստիկ ըմպելիքն առաջուց առած քօնեաքներուն վրայ աւելնալով՝ պզտիկ գինովութիւն մը յառաջ բերին։

Մարեմեան շփոթեցաւ ու ուրախացաւ. իր յուսացածէն աւելի յաջողեր էր. իր թեւերուն մէջ առնել ուզեց այս թանկագին բեռն ու առանձին ու ամայի տեղ մը փնտռեց մտքովը զայն յուշաբերելու համար. բայց երիտասարդ կինն անմիջապէս աւելորդ դատեց զանոնք. իր շփոթութեամբն հանդերձ զգաց որ այս մարդը խիստ վտանգաւոր ու խիստ խորամանկ մէկն էր. Տիգրանի դէմ սրդողած ու նեղացած պահուն վայրիկ մը շնորհքով մէկը երեւցեր էր նա իր աչքին, բայց չուշացաւ ինքնիրեն խոստովանելու թէ զինքը շարունակ հալածող այդ մարդուն դիտաւորութիւնն անպարկեշտ եւ իրեն անոր հետ տեսութիւնն անվայել էր։

Բաւ է որ կին մ’ուզէ իր պատիւը պաշտպանել որպէսզի յաջողի անոր դէմ պատրաստուած ամեն փորձ ի դերեւ հանել։

Սուրբիկ այս մարդուն մօտ ինքզինքն առանձին գտնելով վախցաւ ու այս վախը բոլորովին իր խելքը գլուխը բերաւ։

Այո՛, յանցաւոր էր, այսպէս խորհեցաւ երիտասարդ կինը ներքնապէս, այսպիսի կասկածելի անձնաւորութեան մը ընկերանալուն, եւ Տիգրանի առաջ ինքզինք արդարացնելու միջոց չի կրցաւ գտնել իր մտքին մէջ։ Ի՞նչ պիտի ըսէր, ի՞նչ բացատրութիւն պիտի տար անոր հետ ընկերանալուն։

Ո՛րքան մեծ տարբերութիւն այս երկու մարդոց մէջ. երկունք ալ զինքը կը սիրէին. այսպէս գոնէ կը կարծէր ինքը. բայց մինչդեռ Տիգրան ամեն ազատութիւն ու դիւրութիւն վայելելովն հանդերձ երկու տարուան մէջ զինքը նուիրական էակի մը պէս յարգելէ ու պաշտելէ անդին անցած չէր, անդին նորեկ մը, գործունեայ, փութաջան ու ձեռնարկող, համառօտ ձեւերով զինքը իր գրկին մէջ սեղմելու չափ յառաջացեր էր կէս ժամուան մէջ։ Յանկարծ անոր մտքէն կասկած մը անցաւ ու Սուրբիկ զզուանք ու սոսկում զգաց այս մարդէն. ի՞նչպէս կրցեր էր անոր թեւն ընդունիլ. ինքն իսկ զարմացաւ ասոր։

Վտանգն ամենէն աղէկ ուղղեց նորա դատողութիւնն. եւ մարդկային սրտին բնական եղող հակազդեցութեամբ մը Տիգրանի բոլոր փափկութիւնն ու անձնուիրութիւնը ճանչցաւ ու գնհատեց։

Կը խնդրեմ որ զիս Խոսրով էֆէնտիին մօտ տանիք, ըսաւ վախով ու ցասմամբ յուզեալ ձայնով մը։

Մարեմեան Սուրբիկի բոլոր մտածումները մի առ մի կարդաց անոր դէմքին վրայ, ու հակառակելու անկարելիութիւնն հասկցաւ։ Ուստի շուտով առաջնակարգ դերասանի մը պէս իր առջի յարգալից ձեւն զգեցաւ։

Յօժարութեամբ, Տիկին, պատասխանեց նա. միայն կը խնդրեմ որ ներողամիտ լինիք թէ որ ո՛ եւ է կերպիւ առիթ եղայ ձեր անհանգստութեան. հաւատացէք որ ամօթով եմ այս մասին։

Բնա՜ւ, էֆէնտի, յանցանքը ձերը չէ. եւ ես շնորհակալ եմ ձեր խնամոցը. ջղային տկարութիւն մ’էր որոյ երբեմն ենթակայ կ’ըլլամ, պատասխանեց Սուրբիկ չոր ու ցամաք կերպով։

Վալսը լմնցաւ ու պարողներու քրտնաթոր զոյգերը՝ գիշերուան զով օդն առնլու համար պարտէզին մէջ ցրուեցան։

Տիգրան Եւգինէն իր ամուսնոյն դարձուցած միջոցին տեսաւ Սուրբիկն որ անծանօթի մը թեւը մտած դէպ իրենց կուգար։

Որո՞ւ ես յանձներ Տիկին Արամ էֆէնտին, հարցուց երիտասարդն առանց ծածկելու իր դժգոհութիւնը։

Ո՜հ, անհոգ եղիք, պատասխանեց Խոսրով, թեթեւ մը կարմրելով սակայն, իմ ծանօթներէս է ու խիստ ազնիւ անձ մ’է։

Տիգրան այս բացատրութիւնը չընդունեց. բայց ինքնիրեն աւելի Սուրբիկի նեղացաւ քան թէ իր բարեկամին, մինչդեռ օտարականը Սուրբիկը ձգելէ ու խոնարհութիւն մ’ընելէ վերջը կը հեռանար։

Ո՞վ էր այդ պարոնը, Սո՛ւրբիկ, հարցուց երիտասարդն երբոր մինակ մնացին։

Ես ալ աղէկ մը չեմ գիտեր ո՛վ ըլլալն. իրաւ է որ բարեկիրթ անձ մը լինելով հանդերձ անհամակրելի թուեցաւ ինձի։

Թեւը մտած ատենդ պէտք էիր ատիկայ մտածել եւ ո՛չ հիմա։

Սուրբիկ՝ Տիգրանի վշտացած ըլլալն անոր խոժոռած դէմքէն ու ցամաք պատասխանէն հասկցաւ։

Անծանօթի մը թեւն ընդունիլը պակասութիւն մ’էր ու նորատի կինը ներքնապէս իրաւունք տուաւ երիտասարդին ու անոր սիրտն առնել մտածեց։

Այստեղի բազմութիւնը ձանձրացուցիչ է, ըսաւ Տիգրանին մեղմ, գրեթէ աղերսարկու ձայնով մը որ կարծես ներումն կը խնդրէր եւ որ տարօրինակ կերպով երիտասարդին սրտին դպաւ, տուն դառնանք թէ որ կը հաճիս։

Դառնանք, կրկնեց Տիգրան մեքենաբար։

Ու թեւ թեւի վար իջան պարտէզէն յամր ու դանդաղ քայլերով. Սուրբիկ յոգնած էր ու թոյլ կերպիւ իր ընկերոջ թեւին կը յենուր։ Քարափէն անցան ուր յոգնախառն ամբոխ մը կը շրջէր, կ’երգէր, կ’զբօսնուր գիշերուան ցօղին տակ անփոյթ ու անխոնջ։

Բազմութեան մէջէն անցան անտարբեր՝ չի լսելով իրենց շուրջի աղմուկն՝ եւ առանց զգալու մինչեւ իրենց ծովեզերեայ տունը հասան։

Գիշերը թէեւ խոնաւ՝ բայց իր բոլոր պայծառութեան մէջ էր. հեռուն՝ պարահանդէսին լոյսերն ու երաժշտութեան ձայները կը նուազէին ու կ’անհետանային։

Ես անօթի եմ, Սո՛ւրբիկ, ըսաւ Տիգրան, քէօշկն ելլելէ առաջ քիչ մը բան ուտենք, դուն ալ կարծեմ թէ անօթի ես. այս ալ զբօսանք մ’է, մանաւանդ թէ պարահանդէսի հաշւոյն մէջ չէ։

Ուշ չէ՞ այս ատեն։

Բնաւ. ժամը եօթն է. կէս ժամէն վեր կը տանիմ քեզ. հոս սպասաւոր արթնցնելու պէտք չունինք, ու այս գիշեր քեզի ծառայելու պատիւն իմ անձիս կը վերապահեմ, Տիկին, աւելցուց խնդալով։

Այդպէս թող ըլլայ ուրեմն, պատասխանեց Սուրբիկ։

Այս առաջադրութիւնն անտարակոյս հաճելի էր. կէս գիշերին, ծովեզրի սենեակը, լուսնի լուսով, գլուխ գլխի ճաշ մը ընելն՝ հրապուրիչ ծրագիր մ’էր։ Սակայն Սուրբիկ վայրկեան մը խորհեցաւ որ գիշեր ատեն թերեւս վայելուչ չէր ամուրի երիտասարդի մը տունը գտնուիլ երբ ամեն մարդ կը քնանար։ Բայց Տիգրանի առաջարկը մերժելն անոր վրայ կասկածիլ ու զայն վիրաւորել պիտի ըլլար. Սուրբիկ դեռ ասոր նման հազար պատճառանք մտածեց ու գտաւ այս հաճոյալի հրաւէրն ընդունելու համար. մարդս որքա՜ն դիւրաւ կը համոզուի թէ որ կամենայ։

Ներս մտան առանց մէկու մը ձայն տալու. ծովեզրի սենեակը Տիգրանի աշխատութեան սենեակն էր. Սուրբիկ բնաւ հոն մտած չէր դեռ. ակնարկ մը ձգեց իր չորս դին հետաքրքրութեամբ ու սիրով լեցուն. ճրագի պէտք չի կար. լուսինն իր արծաթեալ ճառագայթներովը սենեակը կ’ողողէր ու ցերեկուան պէս կը լուսաւորէր։

Ի՜նչ զարմանալի բան է եղեր երիտասարդի մը սենեակն. այս եղաւ Սուբիկի հետազօտութեան արդիւնքն. ամեն ինչ անկարգ ու անկանոն. արեւելեան ու եւրոպական կարասիք միասին. հոս թրքական փոքրիկ բազմոց մը Պուխարայի գորգերով ծածկուած. հոն հին ֆռանսական թիկնաթոռներ, չինական կերպասէ վարագոյրներ. խել մը անօգուտ ու թանկագին նիւթեր, հնութիւններ, հին ու նոր դրամներ, զէնքեր փայլուն կամ ժանգոտած. գորգեր, պատկերներ, յախճապակէ ամաններ, պզտիկ ու մեծ լուսանկարներ նշանաւոր անձերու, դերասանուհեաց, արուեստաւորներու, հրապարակախօսներու, ասդին անդին, պատերուն վրայ, գրեթէ ամեն կողմ ցրուած խառնիխուռն բայց ոչ առանց ճաշակի. փոքրիկ արձաններ իրենց մերկ ու շլացուցիչ գեղով, ոսկեզօծ ու լայն շրջանակներու մէջ Վոսփորի զանազան տեսարաններն ու Անւոյ աւերակներն։ Հայաստանի զանազան քաղաքներէ հաւաքուած տեսակ տեսակ կերպասներ, բանուածներ, աթոռի մը թողուած Միռապօ մը, սեղանին վրայ Պէշիկթաշլեան մը. հոս իրաւագիտական թերթեր. վերջապէս փոքրիկ սենեակի մէջ հաւաքուած արուեստի, գեղարուեստի, գիտութեան ու գրագիտութեան վերաբերեալ ճոխութիւններ՝ մէկ բառով ամեն ինչ կամ ոչինչ։

Սուրբիկ շատ մը հարցումներ պիտի ըներ իր տեսածներուն վրայ, բայց այս սենեակին մէջ անբացատրելի անհանգստութիւն մ’զգաց. վրդովիչ ու հրապուրիչ մթնոլորտ մը կար. իր շուրջը տեսած անթիւ նիւթերն ու պատկերները կարծես նոյնքան խօսուն ու համակրելի հոգիներն էին. ադոնք էին երիտասարդին ամենօրեայ ընկերներն, անոր ամեն մէկ յուզման, տխրութեան եւ ուրախութեան մասնակից։ Եւ Սուրբիկ անմիջապէս սիրեց ու պաշտեց այս ամենն իրենց անխնամ անկարգութեանց մէջ։

Անդին Տիգրան հինօրեայ ու քաջավարժ սպասաւորի մը պէս սեղանը շտկեց պատուհանին մօտ. քիչ մը պաղ հաւ, տապկած ձուկ, Պօռտօի հին գինի ճարելն վայրկեանի մը գործ եղաւ. ու երբ խօսելով խնդալով սկսան ճաշն, երկուքն ալ բերկրացան յանպատրաստից ու առանց երկմտելու այս խորհուրդն ի գործ դրած ըլլալնուն։

Իրենք անօթի, կերակուրներն համով, գինին ընտիր, ու բնականաբար խօսակցութիւնը վերսկսաւ եռանդով ու աշխուժիւ։

Պարահանդէսին մէջ կարծեմ նեղացար ինձի։

Այո՛, թէեւ այդ ազատութիւնն ու իշխանութիւնը չունիմ։

Որքա՜ն նախանձոտ ես եղեր, մինչդեռ շարունակ ադոր հակառակը կը պնդես։

Կը հաւատա՞ս, թէ որ ըսեմ որ քեզմէ ի զատ եւ ո՛չ մէկի համար այդքան դիւրազգած եղած եմ։

Ո՞չ իսկ յոյն բարեկամուհւոյդ մասին, հարցուց Սուրբիկ խնդալով։

Եւ մտերմութիւնն հետզհետէ աւելցաւ. այն գիշերուան պարահանդէսէն՝ ուրիշ տարիներու պարահանդէսներու ու երեկոյթներու վրայ դարձաւ խօսքն. երիտասարդին յիշատակներն արթնցան, անցեալ օրերու պատմութիւններ, գրեթէ խոստովանութիւններ ըրին իրարու, մինչդեռ զօրաւոր ու անխառն գինւոյ վերջին գաւաթները կը պարպուէին ու գլուխները կ’սկսէին տաքնալ ու դառնալ։ Այդ ժամուն ա՛լ բնաւ չէին մտածեր իրենց տարօրինակ ու անպատշաճ կացութեան ու գիշեր ատեն մէկ սենեակ ի միասին ու առանձին գտնուելնուն վրայ։

Քիչ մ’առաջ նախանձու վրայ խօսեր էին ու ադկից խօսակցութիւնը սիրոյ վրայ բերելու չափ դիւրին բան չի կայ աշխարհիս մէջ։

Սուրբիկ յոգներ էր. նա աւելի կ’ունկնդրէր քան թէ կը խօսէր, թիկնաթոռի մը մէջ տարածուած, աչքերը կիսափակ ու երեսը կարմրած. մինչդեռ երիտասարդն անոր քով ու դէպի անոր ծռած, փոքրիկ ու քնքոյշ ձեռքն իր ձեռացը մէջ ամփոփած, կը շաղակրատէր։

Սուրբիկ ուրիշ բան չէր լսեր անոր խօսքերէն բայց եթէ հեշտալուր մրմունջ մը որ իր լսողութիւնը կը հմայէր. կ’զգար որ կարող էր տարիներով առանց նեղանալու մտիկ ընել այդ բարձրաձայն նուագին որ ոչ երբեք այդքան ախորժելի ու ողոքիչ թուած էր։

Երջանկութիւն ըսուածն ա՞յս էր արդեօք երկրիս վրայ. Սուրբիկ գրեթէ այնպէս կարծեց վայրկեան մը։

Գիշերը կը յառաջանար զուարթ ու աստեղազարդ. լուսինն հետզհետէ կը խոնարհէր դանդաղ եւ վարանեալ, ծովուն վրայ ձեւացնելով անթիւ ու աննմանելի լուսեղէն ուրուագիծեր որք շարունակ կը կազմուէին ու կը փոփոխէին անոր սնդիկի պէս անշարժ ու փայլուն երեսին վրայ. ամեն ոք հանգչած էր ու ամեն կողմ տարածուող խոր լռութեան մէջ մինակ էր այս մանկամարդ կինն իր սիրած մտերմին քով, բիւր իղձերով տոգորեալ։

Տիգրան հիմա ա՛լ գրեթէ բոլորովին իրեն մօտ ծնրադրած էր ու Սուրբիկ անոր հեշտահամբոյր շունչը կ’զգար իր մազերուն մէջէն, իր երեսին մօտ, իր դիւրագրգիռ մորթին վրայ, եւ կը խռովէր. յանկարծ զգաց երկու սիրատոչոր շրթունքներ որ իր ձեռքին կը դպէին յիմարական տենչանօք պատելով իր բոլոր զգայարանքը. Սուրբիկ ձեռքն ետ քաշել ուզեց, բայց այս նահանջումն աւելի պարտեալ մարդու մը անօգուտ մէկ ջանքն էր քան թէ լուրջ դիմադրութիւն մը. Տիգրան բռնացաւ ու մանկամարդ կինն անոր դէմ զօրութիւն չունէր. աչուըներէն կրակ կ’ելնէր, ակնարկը կը նուաղէր ու ամեն ձայն աւելի ուժով՝ բառ մը, բառ մը միայն անոր ականջին կը զարնէր անդիմադրելի, իր պատճառած հրապոյրին համար։

Կը պաշտեմ զքեզ, կը մրմնջէր երիտասարդն անոր ականջն ի վար։

Սենեակին մէջ լուսնին լոյսը վարագոյրներու բացխփիկ գոյներուն հետ կը խաղար. պզտիկ արձանները թուէր թէ կ’ոգեւորէին իրենց մարմարէ փոքրիկ կայաններուն վրայ. պատկերները կը ժպտէին ոսկեզօծ շրջանակներուն մէջ ու անդիէն հեղաշարժ ծովուն ձայնն՝ որ մեղմիւ տանը քարափը կը փայփայէր, կը հասնէր միօրինակ այլ ներդաշնակ երգի մը պէս։

Ուրիշ ատեն Սուրբիկ պիտի բողոքէր այս վարմունքին դէմ. հիմա երջանիկ էր սիրոյ այս խոստովանութիւնը լսելով. անշուշտ հիմա չէր որ կ’իմանար Տիգրանի զինքը սիրելն. ինքն ալ ինչե՜ր չէր քաշել իր փոխադարձ սէրը ծածկելու համար ու անտարբեր դէմք մը ցուցնելու իր պաշտեցեալ մտերմին. վայրկեան մ’եւս ու մօտ էր անձնատուր լինելու. հեշտութեան երազներ անոր շփոթած միտքը գրաւեցին ու վայրիկ մը Տիգրանի բազուկներն անքակտելի շղթայ մը կազմեցին անոր մարմնոյն շուրջը։

Յանկարծ պատկեր մը անցաւ Սուրբիկի աչաց առջեւէն, խոժոռ ու տրտում դէմք մը՝ որոյ տարօրինակ նայուածքը մինչեւ իր սրտին խորը թափանցեց։ «Զիս խաբեցիր ու հիմա ամուսինդ պիտի խաբես», կ’ըսէր այս նայուածքը բացորոշ խստութեամբ։

Սուրբիկ սարսափահար ուժով մը մէկդի հրեց զինքը շրջապատող թեւերն ու ոտքի վրայ ելաւ մէկէն։

Տի՛գրան, ըսաւ խելակորոյս երիտասարդին, այդքան շո՜ւտ մոռցար Սեդրաքի յիշատակը։

Սեդրաքի՞…

Ո՞ւսկից գտաւ այս սպառնալից անունն որ փայլակի մը ցոլացման պէս իր միտքը պատող մառախուղը փարատեց. Տիգրան կանգ առաւ իր անվայել աղերսանաց մէջ ու մանրերկրորդ մը բաւեց խելքը գլուխը բերելու. ինչ որ ալ ըլլար իր անսահման սէրն ու մարդուս տկարութիւնը, պարկեշտութիւնն՝ որ իր սրտին մէջ էր միշտ՝ զինքը արիացուց ու պատուոյ ճամբէն չի խոտորեցաւ։ Բայց իր քաջութեան փորձը տալէ վերջն իր յուզմունքը չի կրցաւ ծածկել ու Սուրբիկէն հեռու աթոռի մը վրայ ինկաւ ուժաթափ ու ամօթահար։

Ալ չի խօսեցան ատոր վրայ ու քիչ մը ետքը պարտէզին դռնէն անցնելով, Տիգրան, լուռ ու քար կտրած, ծաղկահասակ կինը քէօշկը տարաւ ձգեց ու տուն դարձաւ. բայց մինչեւ առտու իր խռովեալ երեւակայութիւնը թոյլ չի տուաւ քնանալ։ Արշալուսուն դէմ միայն, խորտակուած ու վաստակաբեկ, բազմոցի մը վրայ քունը տարաւ։

Այն գիշերէն վերջը քիչ մ’ատեն Տիգրան խիստ զգուշաւոր ընթացք մ’ունեցաւ քէօշկը գտնուած ժամանակ. յանցանք մը գործուած ատեն վարժապետէն բռնուող տղու մը կը նմանէր։

Ալ պատանի մը չեմ ես, կ’ըսէր երբեմն ինքնիրեն, ու ինչպէ՜ս յիմարութիւն մը գործելու չափ յառաջ գացի. իրաւ է ուրեմն որ մարդս իր անձին չի կրնար իշխել եղեր. իմ բոլոր հաստատամտութիւնս այս կնոջ մէկ ժպիտին առջեւ անհետացաւ ու առանց անոր…

Իրիկունը մը Սուրբիկ Տիգրանի առաջարկեց միասին շրջան մ’ընել պարտէզին մէջ. վերջալոյսն իր բոլոր շքեղութեան մէջ եւ պարտէզն ամայի ու խորհրդաւոր էր։

Վշտացար ինձի դէմ, այնպէս չէ՞, հարցուց յանկարծ Արամ էֆէնտիի կինը։

Բնաւ, Տիկին, ընդհակառակն շնորհապարտ եմ ձեզ։

Նախ եւ առաջ, Տիկին, ձեզ եւ ասոր պէս պաշտօնական բառերը վերցուր ու պարզապէս Սուրբիկ ըսէ ինձի առաջուան պէս, որպէսզի չի սրդողած լինիլդ հասկնամ։

Երիտասարդը քիչ մը վարանեցաւ.

Միթէ չափազանց մտերմութեան հետեւանք չէ՞ր իմ սխալմունքս, ըսաւ նա. դուք պէտք է ուզէք որ այս ձեւակերպութիւնները մնան ու պատնէշ մ’ըլլան իմ տկարութեանս դէմ։

Ո՛չ, Տիգրան, առաքինութիւնն արժէք չունի թէ որ ճնշման մը արդիւնք է. ես քեզմէ աղէկ գաղափար ունիմ քու սրտիդ անզուութեանը վրայ ու քու մտերմութեանդ կորուստովը չեմ ուզեր իմ հանգստութիւնս փոխարինել, մոռցիր ալ այն ժամն ինչպէս որ ես ալ չեմ յիշեր բնաւ։

Տիգրան չի պատասխանեց։

Մի՛ կարծեր որ չի մաքառեցայ սիրոյս դէմ, Սո՛ւրբիկ, աւելցուց քիչ մը վերջը. երէկուընէ չէ որ անբացատրելի իշխանութիւն մ’ունեցար իմ վրաս դուն, որոյ հետ յաւիտեան անհաշտ ու ոխերիմ թշնամի մնալ պարտէի. ես անոնցմէ չեմ որք իրենց հաճոյքին, թերեւս երջանկութեան համար ուրիշի երջանկութիւնը կը գողնան ու տունը կը կործանեն. ինքզինքը չեմ ուզեր արդարացնել վայրկեան մը սխալելուս. դուն ինձի շուտով ճանչցուցիր պարտականութիւնս որուն համար ալ աւելի կը… յարգեմ զքեզ. իսկ դուն, եւ Տիգրան հառաչեց այս ըսելով, բնա՛ւ, ո՜հ, բնաւ լսած մի ըլլար իմ դժբաղդ սիրոյս խոստովանութիւնը։

Հաշտուեցանք ուրեմն ու տուն դառնանք։

Այսպէս վերջացաւ այս խռովութեան սկզբնաւորութիւնը. սակայն ուրիշ դժբաղդութիւն մը չուշացաւ այս ընտանեաց գլխուն։

Արամ էֆէնտիի գլխի հիւանդութիւնը բոլորովին անհետացած չէր ու յանկարծ նոր ձեւով մը երեւան ելնելով խիստ ծանր կերպարանք մ’առաւ քիչ օրուան մէջ։

Խնամքները չի պակսեցան. Խոսրով հիւանդատես եկաւ ու Եէնիմահալլէ դառնալուն ծանօթները զինքը շրջապատեցին իբրեւ թէ տեղեկութիւն մ’առնելու համար հիւանդին վրայօք. կեղծաւոր կարեկցութիւն որով քօղարկուած էր հիւանդին կնոջ վրայ տարածուած հետաքրքրութիւնն. անշուշտ երեսի վրայ թողած էր իր ծերունի ամուսինն, երիտասարդ տարփաւորին հետ զբօնելու համար։

Կիներն ու յատկապէս պառաւները՝ նշանաւոր էին իրենց հաւաքած տեղեկութիւններով։

Յիսուննոց գիրուկ կին մը որոյ երեսին խորշոմներն անհետացնելու համար կատարուած ջանքերն ապարդիւն մնացած էին, լրագրաց մէջ կարդացած խաբեբայ դեղերէն գանգատելէ վերջը կը պնդէր որ Արամ էֆէնտիի տունէն ելած սպասուհի մը թանկագին մանրամասնութիւններ բերած էր իրեն, մանրամասնութիւնք որք պարկեշտ ականջներէ չէին կրնար լսուիլ։

Բամբասող հետաքրքիրներուն սիրտն անհամբերութենէ բաբախեց։

Հոգի՛ս, կը գոչէր նա, կարգուած կիներն աղջիկներէ աւելի կատղեր են հիմա. լսուա՞ծ բան է ասիկա որ գիշերն ի լոյս ձգես հիւանդ էրիկդ մինակը չարչարուի ու դուն պարտէզին դռնէն դրացի երիտասարդին տունն երթաս։

Ունկնդիրներն իբրեւ թէ չի հաւտալու շարժում մ’ըրին չարլեզու պառաւը զայրացնելու ու ալ աւելի խօսեցնելու համար։

Չե՞ք հաւատար, կրկնեց գիրուկ կինն աշխուժիւ, չէ՞ք հաւատար, կ’ուզէ՞ք որ Մարիամը կանչեմ ու ձեր դիմացը խօսեցնեմ։

Վրայէն շնորհքով կին մը կ’երեւայ, մեղա՜, ալ մարդ իր տեսածին ալ խաբուելու չէ, վրայ բերաւ անդիէն սիկառի թուղթի պէս նիհար ու թափանցիկ կին մը որ բուրդի ու բամպակի անհրաժեշտ պաշարով մը բեռնաւորած էր ամեն ատեն։

Ատանկները շնորհքով կ’երեւան վրանուն։

Ո՞վ կը սիրէ եղեր, հարցուց քառասունն անցուկ աղջիկ մը որ ամուսնանալէ յուսակտուր, ալ պառաւներու կարգը բազմելու իրաւունք ունէր։

Փաստաբան է, ի՜նչ է, գիշեր ցերեկ իրարու տունն են եղեր։

Այս տեսակ կիները բոլոր իգական սեռին ալ պատւոյն կը դպչին, աւելցուց արդար զայրութիւ երիտասարդ ու գեղանի կին մը որոյ սիրահարական արկածներն երեսին վրայ ներկուած գոյներուն չափ բազմաթիւ էին։

Ուրիշներ կը պնդէին թէ իր կնոջ մեղապարտութիւնն հաստատուելուն վրայ Արամ էֆէնտի հիւանդացեր էր. թէ խեղճ մարդուն ամեն տեսութենէ զրկուած, գրեթէ բանտարկուած էր. շատախօս երիտասարդը մը՝ ականջէ ի վար փսփսալով խորհրդաւոր ձեւերով կը պատմէր թէ իր բարեկամներէն մեկն Արամ էֆէնտիի քէօշկին մօտէն անցած ժամանակ գիշերային ժամադրութեանց հանդպեր էր։

Այս կերպ էին ահա խօսակցութիւններն հասարակութեան մէջ. այս բամբասողներէն գոնէ մին՝ բան մը գիտե՞ր կամ թէ ինք կը հաւատա՞ր իր ըսածներուն. բնաւ։ Նախանձը մէկ կողմէն, հետաքրքրութիւնը միւսէն միացեր էին զրպարտութիւնն ու քսութիւնը ծաւալելու այնպիսի անձերու դէմ զորս թերեւս շիտկէ շիտակ չէին ճանչնար։

Երիտասարդ կինը մեծագոյն յանցաւորը թերեւս ոճրագործ մ’էր. ամենքը ծերունի ամուսնոյն կը գթային ու կը կարեկցէին միայն։ Գուցէ հարկ էր ջանք մ’ընել զայն իր անհաւատարիմ կնոջ ձեռքէն փրկելու համար։

Այս տեսակ են ահա այն սարսափելի տարաձայնութիւններն որք փոխանցիկ ու քստմնելի հիւանդութեանց պէս բերնէ բերան տարածուելով մարդուս պատւոյն կը դպչին, կը հալածեն ու շատ անգամ կը խորտակեն թաքուն, յամառ ու անողոք ամբաստանութիւններ որոյ դէմ ամբաստանեալն ինքզինքը արդարացնելու միջոց չունի։ Մարդոց ներքին կենաց մասին հասարակաց կարծիք ըսուած բանն՝ ի բացակայութեան տրուած վճիռ մ’է որ առանց դատապարտելոյն հաղորդուելու կը գործադրուի։ Բաւ է որ զրպարտիչ բերան մը բացուի մէկուն դէմ ու դատապարտութիւնը ժամանակի խնդիր մ’է միայն եւ որոյ դէմ զրպարտեալը բողոքելու իրաւունք չունի։

Այս կերպ էին ահա հասարակաց կարծիքը Սուրբիկի մասին։ Պարկեշտութեան, մաքրութեան նշոյլ չունեցող անառակուհիներ չէին կրնար անտարակոյս անոր առաքինութեան հաւատալ. սեւը ճերմակին գոյութեան չի կրնար կաւատ ընծայել. այս եղած է միշտ աշխարհիս օրէնքը։

Անգին՝ հիւանդը կը տառապէր ու կը դարմանուէր, խեղճ մարդուն հիւանդութիւնը մահատու ու սարսափելի կերպիւ փոխանցիկ ախտ մ’էր. խոհեմութիւնը կը պահանջէր զգուշութիւններ ձեռք առնուլ անոր քովը մօտեցուցած ատեն. բժշկաց պատուէրը խիստ ու բացորոշ էր. Սուրբիկ միայն չի ճանչցաւ այդ արգելքն զոր իր պարտականութեան հակառակ դատեց. իր մանկութենէն ի վեր դժբաղդ ու ճակատագրէն հալածեալ՝ քաջութեամբ, գրեթէ ուրախութեամբ նետուեցաւ այն վտանգին մէջ որ այնչափ դիւրաւ կրնար զինքն ալ ի միասին գերեզման տանիլ։ Ո՛չ, ոք գիտցաւ երբեք այս մանկամարդ կինն առաջնորդող գաղափարը. փոխանցման վտանգը տարաբաղդուհին հրապուրեց. ազգական, բարեկամ ի զուր խրատեցին կամ սպառնացան։ Սուրբիկ անդրդուելի մնաց. Տիգրան միայն բան մը չըսաւ մինչդեռ բժիշկներն ապշած ու սքանչացած կը մեկնէին ամեն անգամ։

Միայն իր զաւակներն հեռացուց ու ինքը գիշեր ու ցերեկ սպասուհւոյ մը օգնութեամբ հիւանդին քովէն չը բաժնուեցաւ։

Հիւանդութեան չորրորդ հինգերորդ օրերն Արամ էֆէնտին անճանաչելի էր. անհամար ուռոյց ու պալարներ, սեւ ու կապոյտ, անոր դէմքն ու ճակատը պատեցին. աչքերը փոսն իջած ու երեսին ուռուցիկ կոյտերուն մէջ թաղուելով երկու փայլուն կէտերու փոխուեցան. շրթունքն իրարմէ հեռու ու բոլոր գլուխն ահաւոր ու քստմնելի երեւյթ մ’ստացաւ։

Սարսափելի ախտը մէկ քանի աւուր մէջ այս աստիճանի կերպարանափոխ ըրած էր հիւանդը, սպասուհին վախցաւ ու առաւ քալեց ու Սուրբիկ մինակ մնաց հիւանդը դարմանելու ու սփոփելւ համար։

Մինա՜կ. ոչ սակայն. քանի որ Տիգրան առտու ու իրիկուն հոն էր. բժիշկները կը հրաւիրէր, դեղերը կը պատրաստէր ու տունէն դուրս հիւանդին վերաբերեալ բոլոր հոգերը հոգալ կը մտածէր։ Նամանաւանդ Արամ էֆէնտիի նեղութիւնը գուշակելով, առանց Սուրբիկի զգացնելու, Արամ էֆէնտիի մէկ պահանջքը գանձած լինելու պատրուակաւ դրամական օգնութիւն մը կ’ընէր ու վերջապէս այդ մահու ու սարսափի օրերուն մէջ պահապան հրեշտակի մը պէս կը հսկէր այդ անօգնական ընտանեաց վրայ։

Բժիշկներն հետզհետէ ձեռք քաշեցին. հիւանդին վիճակը բոլորովին յուսահատական ու անոր աւերեալ դիմացի տեսիլն արհաւրալից դարձաւ։

Անտարակոյս նախախնամութեան անքննելի մէկ գաղտնիքն էր որ այս դժնդակ ու զարհուրելի ախտն այսքան բարի ու պարկեշտ մարդու մը վիճակած էր. հիւանդին խելքը գլուխն էր միշտ. վերջին օրերուն, եղբոր ինքն ալ վերահասու եղաւ իր վտանգաւոր կացութեան, վարանում մը տեսնուեցաւ այս մարդուն վրայ. ըսելիք մը ունէր ու չէր կրնար կարծես մէկու մը յայտնել. Սուրբիկը միայն տեսնելով միշտ իր քովն, իր արդէն անհանգիստ խղճմտանքը բոլորովին վրդովեցաւ. ամենքն, եղբայր, քոյր, կամ ազգական, քոլերայէ փախելու պէս, առանց ետեւնին դառնալու, մի առ մի խոյս տուէր էին ու միայն այս երիտասարդ կինը մնացեր էր մինչեւ վերջն հաստատ իր սիրոյն ու հաւատարմութեան մէջ. այն ատեն մտածեց թէ որքան ծանր պարտքեր ստանձնած էր այս մատղաշ ու փափուկ արարածին դէմ զոր դեռ տղայ հասակէն աններելի անխոհեմութեամբ մը իր կենաց բոլոր ծերութեան ու տառապանացը մասնակից ըրած էր. մտածեց նա եւ թէ ո՞ւսկից կը ճարէր բժիշկներու ամենօրեայ տրուած գումարները, վասնզի իր չնչին խնայողութիւններն հիւանդութեան առջի մէկ երկու աւուր մէջ սպառած էին անշուշտ։

Սուրբիկ, ըսաւ մանկամարդ կնոջն որ աթոռի մը վրայ ու անկողնոյն մօտը նստէր էր, քնահատութենէ թալկահար ու տժգունած. ստակ մնացած չէ քովդ. իմ սեղանաւորդ կա Պոլիս, պէտք է մէկ երկու ամսական կոտրել տալ այս օրերու համար։

Բայց ստակի նեղութիւն չունինք, պատասխանեց նա, ատեն չեղաւ քեզի իմացնելու որ յոյն վաճառականին վրայի առնելիքներդ Տիգրան էֆէնտին գանձեց։

Ո՞ր յոյն վաճառականն, հարցուց հիւանդը մտախոհ։

Դուն գիտես անշուշտ, որո՞ւն վրայ հարիւր քսան ոսկի պահանջ ունիս։

Արամ էֆէնտի մէկու մը վրայ այս տեսակ պահանջ մը չունէր ու անմիջապէս գուշակեց այն չափազանց փափկութեան զգացումն՝ որով Տիգրան դրամական օգնութիւն մ’ընդունել տալու համար այս ստախօսութեան դիմեր էր. բան մը չ’ըսաւ, բայց աչուըները լեցուեցան։

Եղբօրմէ մը աւելի է մեզի համար Տիգրանը, Սո՛ւրբիկ, գիտցած ըլլաս մրմնջեց այն։

Իրիկունը երիտասարդն եկաւ տրտում ու տխուր. հետեւեալ օրուան համար բժիշկները նոր խորհրդակցութեան մը հրաւիրէր էր. շատերը մերժեր էին գալու. եւ ոչ մին ծածկեր էր հիւանդին մօտալուտ վախճանն. ասով հանդերձ Տիգրան յամառեր էր զանոնք կանչելու համար։

Հետեւեալ օր հիւանդը բոլորովին ծանրացաւ. իրիկուան դէմ Տիգրանը տեսնել ուզեց. հինգ րոպէ վերջ երիտասարդն անոր անկողնոյն մօտն էր։ Սեւ վարագոյրներ կ’արգիլէին պատուհանէն եկող լոյսն որում չէին կրնար այլեւս դիմադրել հիւանդին տկարացած աչքերը. գերեզմանի պէս մթին ու սգաւոր սենեակ մ’էր. հիւանդը գլխով նշան մ’ըրաւ կնոջը զինքը մինակ թողլու համար ու Տիգրանին դառնալով։

Իմ վերջը մօտ է ալ, Տի՛գրան, ըսաւ հազիւ լսելի ձայնիւ, ու տեսնելով որ երիտասարդն ընդմիջելու շարժում մը կ’ընէ. ո՛չ, ո՛չ, աւելցուց նա, խաբուելու պէտք ունեցողներէն չեմ ես… շնորհակալ եմ քեզմէ, ճշմարիտ որդի մ’եղար ինձի իմ կարօտութեան օրերուս մէջ… քեզի պէսներ շատ չեն գտնուիր…

Հոս հիւանդին ձայնը մարելու մօտ երեւցաւ.

Զաւակներուս ապագան չապահոված կը թողում ու կը մեկնիմ ու այս ցաւը շատ մեծ է հօր մը համար… կ’ուզեմ որ զաւակներուս հսկես, Տիգրան… կը հասկնա՞ս, զաւակներս ողբութիւն չի տեսնան…

Տիգրան իր արցունքը չի կրցաւ բռնել ու հեծկլտալով արտասուել սկսաւ։

Վերջին ու գերագոյն խնդիրք մ’ալ, մրմնջեց հիւանդը շնչահատ. կինս երեսքս չի խնդած մինչեւ այսօր, իմ մահուամբս այն ալ կարօտ ու… աղքատ կը մնայ… քսան հինգ տարեկան այրի կը թողում հա զինքը… դուն պաշտպանէ անիկա… այս քաղաքը մի՛ նստիք…

Ոգեվարին խօսքերն անհասկանալի դարձան, բայց յանկարծ վերջին ճիգ մը ընելով.

Մի՛ մոռնար, Տի՛գրան, իմ զաւակներս քու զաւակներդ թող ըլլան ու դուն երջանիկ ըրէ Սուրբիկը։

Օրհասականին ձայնը կտրեցաւ ու անկից վերջը խղդուկ հռնդիւն մը միայն լսուեցաւ. քիչ մ’ատենէն ամեն ինչ վերացած էր։

Ութ օր վերջը բոլոր Վոսփորի ու Պէօյիւքտէրէի մէջ խօսակցութիւնն երկու դէպքերի վրայ կը կեդրոնանար. այն է Արամ էֆէնտիի մահուան ու Խոսրովին կնոջ փախուստին վրայ։

Եւգինէ՝ ի վերջոյ Մարեմեանէ ձանձրացած, խռվաթ սպասաւորի մը հետ սիրահարած ու ամուսնական յարկէ չուած էր պարզապէս։

Խոսրովի յաջողութեան աստղը շատոնց ի վեր խաւարեր էր. Եւգինէի փախուստը վերջին հարուածն եղաւ անոր. իր ընտանեկան արկածները բերնէ բերան զրուցուելով իր դիրքին ալ վնաս տուին, ու անոր խոստացուած պաշտօնը չի տրուեցաւ։ Պաշտօնէ ու ապրուստէ զուրկ, տունը կործանած, ամենուն ծաղրին նշաւակ դարձած, Խոսրով օր մը մեկնեցաւ Պոլսէն առանց մէկու մը ձայն տալու ճիչդ ինչպէս որ Եւգինէ ալ իր տունէն մեկնած էր։ Ո՛չ ոք կրցաւ անոր ո՛ւր երթալն իմանալ. ոմանք կը պնդէին թէ Ամերիկա կը գտնուի նա այժմ ու բողոքական միսիոնար եղած է, անտանելի աղքատութեան ու տառապանաց մատնուելէ յետոյ. ուրիշներ կը յարեն թէ նա իր հայրենիքը Խարբերդ դարձած է։

Այսպէս հեռացաւ այս մայրաքաղաքէն այն երիտասարդն որ պարտէր գուցէ բնաւ ոտք չի կոխել հոս. բաղդը՝ վայրկեան մը ժպտեցաւ անոր իր դառնութիւնը վերջէն աւելի սաստկութեամբ զգացնելու համար։

Իսկ Տիգրան Արամ էֆէնտիի մահուանէն մի քանի օր վերջն իր գոյքն ու կարասիքը վաճառելէ յետոյ, Սուրբիկի ու անոր զաւակացը հետ Ադրիանուպոլիս երթալու համար ճամբայ ելաւ. վայրահաչ բերաններ այս ուղեւորութիւնն իրենց առջի ամբաստանութեանց ապացոյց համարեցին։

Չէի՞ ըսեր ձեզի, կ’ըսէր այս առթիւ յիսուննոց գիրուկ կինը, խեղճ մարդուն մահուան պատճառ եղան ու քառասունքին չեն սպասեր անգամ. այս տեսակ սէր տեսնուած չէ դեռ. ամեն մարդ շատ բան ըրած է, բայց ամօթը մէկդի թողած չէ աշխարհի առջեւ։

Առաջուց ի վեր մարդ չէին սեպեր անոնք, աւելցուց դրացի խօսակից մը։

Երիտասարդ փաստաբանն երբեք կարեւորութիւն տուած չէր այս թունաւոր լեզուներուն. նա՝ Ադրիանուպոլսոյ մէջ երկաթուղւոյ կայարանին քով, Քարաղաճի դաշտին մէջ առանձին տան մը մէջ կը բնակի. ընդարձակ պարտէզ մը ունի զոր կը մշակէ եւ ուր կ’զբօսնու. երբեմն աղքատ ու կարօտ մարդոց դատերը կը վարէ ձրիաբար. այդ կողմերն ամենքը կը ճանչնան հարուստ փաստաբանն, ինչպէս կ’անուանեն զինքը բարեմիտ գիւղացիք։

Բայց առջի անփոյթ ու զուարթ երիտասարդը մնացած չէ. հիմա մտախոհ ու տրտում մարդ մ’է. մօրուք թողած է ու սպիտակ թելեր կանուխէն անոր մազերուն մէջ կը տեսնուին։ Խիստ քիչ անգամ անցելոյն վրայ խօսք կ’ընէ։ Արամ էֆէնտիի վերջինն կամքն հարգած է. անոր զաւակներն իր զաւակներն եղած են, վասնզի Սուրբիկ իրեն կինն է։

ՎԵՐՋ