Վէպեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԱՍՆ Ա.

ՍԵԴՐԱՔ

Երեք ուսանող երիտասարդներ էին ասոնք, երեքն ալ զատ զատ գաղափարներու, զգացումներու եւ յատկութեանց ներկայացուցիչ. այսօր եւ ոչ մին մնաց անոնցմէ, մին մահը տարաւ, միւսը պանդխտութիւնը տարագրեց եւ երրորդին ոչ ոք գիտէ ուր ըլլալը։ Հետք ու յիշատակ չի թողուցին. ուսկի՞ց եկան եւ ո՞ւր գնացին ասոնք. ոչ ոք կրցաւ երբեք իմանալ. բայց անոնց տարօրինակ կեանքէն քանի մը հատուածներ դեռ բերնէ բերան կը զրուցուին։ Պարզ ու սրտայոյզ է այս անհետացած երիտասարդաց վրայի աւանդութիւնը։

Երբ ուսանող կ’ըսեմ, կ’երեւակայէք անմիջապէս քսակով թեթեւ, յոյսով հարուստ, զուարթ, լքեալ, անտէր ու անհոգ էակ մը. ոչինչ աւելի հետաքրքիր է քան գոյութիւնն այս արարածին որ ուսման խստութիւնն իր անսպառ զուարթութեամբ կը թեթեւցնէ, ու շատ անգամ անողոք ճակատագրի դառնութեան դէմ կը մաքառի։

Ընկերական արդի դիրքին մէջ ուսանողի կեանքն յատուկ գոյութիւն մ’է խորին ուսումնասիրութեան արժանի. այս տարօրինակ կեանքն ընկերական պայքարին մէջ առաջին պատերազմի դաշտն է այսուհետեւ։

Ուսանողն՝ ամեն բանի փափաքող ու ամեն բանէ զուրկ՝ հեգնող ու դժգոհ անձնաւորութիւն մ’է։

Այն երեք պատանիներն՝ որոց պատմութիւնը կ’ստանձնենք, Բերայի Համալսարանին ազատ ուսանողներէն էին, ատեն մը երբ իրաւաբանական ու երկրաչափական ճիւղերը կը դասախօսուէին հոն։

Երեքն ալ առանց ընտանիքի ու առանց ստակի երիտասարդներ էին. ի՞նչպէս գտեր էին զիրար. պարզապէս Համալսարանին մէջ հանդիպելով. միատեղ ճամբորդութիւնը միշտ բարեկամութիւն յառաջ կը բերէ ու ուսանողութիւնը ճամբորդութեանց լաւագոյնն է. ուստի շուտով մտերմացեր էին այս երիտասարդներն որք միասին ճամբայ ելած էին դէպի անծանօթն։

Քսակնին սովորաբար պարապ, ու պարտաւոր գոլով երբեմն ցերեկուան ճաշն առողջապահիկ կանոնաց հակառակ եւ հետեւաբար աւելորդ դատելու, այս պարոններն երբեք չէին մտաբերած բաղդին խստութեանը դէմ գանգատելու. բարձրագոյն գիտութեանց հետեւելով, քիչ շատ փիլիսոփայ այլ զուարթ փիլիսոփաներ էին ասոնք։

Դասախօսութեանց ժամը լրանալուն պէս, այս երիտասարդներն՝ իբրեւ Բերայի փողոցներուն մշտաշրջիկ ոգիներն՝ վարձու սենեակ որոնելու պատրուակաւ տուներու մէջ փակուած գեղուհիներն երեւան հանելը բան գործ ըրած էին իրենց։

Բայց այս ձրի ու հաճոյալի պարապումը երկար չի տեւեց. բաղդատաբար շատ կարճ միջոցի մէջ, վարձու տուն կամ սենեակ ունեցողներուն ամենքն ալ այս երեք թափառիկ այցելուները ճանչցան եւ իրարու ճանչցուցին, այնպէս որ օր մը բոլոր տուները փակ գտան իրենց առջեւ։

Այս կացութիւնը ծանր էր ու չէր կրնար շարունակել. երեք բարեկամներուն ամենէն հանճարեղին կ’իյնար ճար մը մտածել, գիւտ մը ընել, եթէ ոչ ուսմանց մէջ անուն ստանալու՝ գոնէ ամենօրեայ նոր զբօսանք մը հնարելու համար։

Հարկը մարդս հնարամիտ կ’ընէ։

Բերայի տանուտեարք առաւօտ մը տեսան երկրաչափական գործիքներով զինուած մի քանի երիտասարդներ որք իրենց տանը յատակագիծը շինելու զբաղած էին։

Փողոցներուն նոր ուղղութիւն մը տալու խօսք կար. ասոնցմէ մին տուները երեքական մեթր ներս քաշելու հարկին վրայ կը պնդէր… երե՞ք մեթր… տանուտեարք ահաբեկեցան. Թաղապետական Վեցերորդ շրջանակը՝ փողոցի համար փլցուցած տուներուն արժէքը հատուցանելու կողմէն հռչակ հանած չէր, ու ասով երրորդը կ’ըլլար որ երկրաչափները դարձեալ իրենց բնակութիւնը քանդել կ’որոշէին։ Կալուածատէրներէն մին մօտեցաւ այն երիտասարդին որ խումբին մեծը կ’երեւէր ու զայն տուն հրամցուց անոր սիրտը շահելու համար։ Երիտասարդը դժուարութիւն չըրաւ եւ իր ընկերներով այս հրաւէրին պատասխանեց։

Այս փոքրիկ քաղաքավարութիւնը բոլոր այն փողոցի տուները փրկեց, վասն զի երկրաչափներն իրենց գործիքները վերցնելով ուրիշ տեղ փոխադրեցին։ Աւելորդ է ըսել որ այս սպառնալից կատակն ուսանողներուն նորահնար մէկ միջոցն էր։

Ահա այս եւ ասոր նման հազար խաղերով իրենց ցերեկուան ժամերը կ’անցունէին այս հովկուլ դատարկաշրջիկներն, ինչպէս կ’ըսէր բարեյիշատակ Ռուսինեան։

Գիշերները տարբեր խնդիր էր. զբօսանքի նեղութիւն չի կար. դժուարութիւնն ընտրութեան մէջ էր. Բերայի բոլոր Քաֆէ շանդաններն հիւրամեծար կը գտնուէին այս տղոց համար, վասն զի ամեն մէկուն մէջ մէկ մէկ երգիչ աղջկան համակրութիւնը շահած էին։

Երբեմն ազգասիրական զգացում մը մուտ կը գտնէր այս զուարճութեանց մէջ. օր մը տեսան որ Տիգրան՝ երեք մտերմաց կրտսերագոյնը՝ Արեւելեան Ալքազարի մէջ նորեկ ու գեղանի Գերմանուհւոյ մը բարեկամութիւնը շահեր էր. դիտեցին որ այս կապակցութիւնը սովորականէն աւելի ջերմ էր. Տիգրան ամեն օր մէկ երկու ժամ այս աղջկան տունը կ’անցունէր։

Ամիս մը վերջը գիշեր մը Տիգրան Համալսարանին բոլոր աստանդական ուսանողները ժողվեց ու Ալքազար տարաւ. Ես եմ զձեզ հրաւիրողը, պարոններ, ըսաւ Տիգրան ասոնց առջեւն իյնալով. երիտասարդներն յօժարակամ հետեւեցան իրենց դեռահաս ընկերին։

Թրամվէյի նոր գծին շինուելէն առաջ ամենուն ծանօթ էր այս հռչակաւոր սրահն, ուր այսօր Նոր թատրոնը կը բարձրանայ իր շքեղ ճակատով։

Ամեն ոք գիտէ կամ չը գիտէ թէ ի՛նչ է Քաֆէ շանդան մը. Հոս՝ տեղը չէ բարոյականի տեսակէտով քննել այս զբօսանաց վայրերը. սա չափ հարկ է ըսել միայն որ այս սրահներուն մէջ ամբոխը երկու մասի կը բաժնուի, մին որ սրահին մէջ, պարզամիտ ու ապշած, կ’ունկնդրէ կիսամերկ ու հրապուրիչ աղջկան մը երգերուն. ասի հանդիսատեսներուն նորեկ, դեռավարժ ու աղքատ մասն է. միւսն որ արհամարհելով պարզ ունկնդրոյ մը համեստ դերն, իր ժամերը կ’անցունէ դերասանուհեաց յատուկ սրահներուն մէջ, այս դիցուհեաց մօտ ու ռուլէթի սեղանին քով. իր կեանքը բաժնելով ցոփութեան ու խաղամոլութեան մէջ։

Ալքազարի սրահն այս գիշեր կարծես սովորականէն աւելի փայլ մ’ունէր. երգիչներն իրարու կը յաջորդէին իրենց ճոխ ու շռայլ շրջազգեստներուն երկայն քղանցքովը ծածկելով տեսարանին կէսն. ընդհանուր զուարթութիւն մը կար սրահին մէջ։

Կարգը Գերմանուհւոյն եկաւ։ Գեղանի երգիչն յառաջացաւ տեսարանին առջեւ. սեւ ալբակէ պարզ ու անզարդ շրջազգեստ մը հագած էր որ իր գեղեցիկ մարմինն ընդգրկելով անոր բոլոր հրապոյրը երեւան կը հանէր. մազերը ժողված չէր, այլ ցիրուցան թողած ուսին վրայ. իր դէմքը խոժոռ ու տրտում արտայայտութիւն մ’ունէր։ Աղջիկն սկսաւ երգել…

Եւրոպացիներն ի զուր ջանացին բառ մը հասկնալ այս անսովոր արտասանութենէն, մինչդեռ ահագնալուր ու որոտաձայն ծափահարութիւն մը երգին առաջին տունը կ’ողջունէր։ Երգիչ մը չէր նա, այլ ներշնչեալ ու գերագոյն ոգի մը որ կ’իշխէր բոլոր ներկայից վրայ. սրահին մէջ գտնուող բոլոր Հայերն ոտք ելեր էին միեւնոյն զսպանակէն մղեալ. դերասանուհին Մայր Արաքսիի առաջին տունը երգեր էր։

Առաջին անգամն էր որ հայերէն երգ մը կը լսուէր այս սրահին մէջ, ու այս հաճոյալից գաղափարը Տիգրանի երեւակայութեան ծնունդն էր։

Տիգրան իրաւաբանութեան ուսանող մ’էր. ճպուռի մը պէս շատախօս, թռչնոյ մը պէս երգող ու անոր պէս անհաստատ, աղջկան մը պէս քնքոյշ, սատանայի չափ խելացի պատանեակ մ’էր. առաջինն էր Համալսարանին մէջ ուր ամենքը զինքը կը սիրէին, միշտ օգնող ու ձեռնտու գտնուած էր իր դասակիցներուն որոց անբաժանելի ընկերն էր, մասնաւորապէս Սեդրաքի համար (երկրաչափութեան ուսանող մը) որու զաւկէ աւելի սիրելի էր։

Տասնեւեօթը տարեկան կար այս պատանին, համեստ իր գիտութեան մէջ, պարզ, համարձակ, վիճող ու զայրացկոտ տղայ մը։ Բարձրագոյն գիտութեանց հետեւելով՝ մայրենի լեզուի գրագիտութիւնը մէկ կողմ թողաց չէր։

Բացէ ի բաց կ’արհամարհէր անոնք որ հազիւ օտար լեզուի մը մէջ դեռավարժ, իրենց ազգութիւնն ամօթ ու նուաստութիւն կը համարին ու մայրենի լեզուն կը վճռեն անհամ, կոշտ ու տձեւ. նոյնչափ կ’արհամարհէր գուցէ անոնք որք գիտութեանց նախնական ծանօթութիւններն ստանալով անմիջապէս աշխարահաքաղաքացի կը դառնան։

Հետեւապէս ազգային կեանքի հմուտ ու հետամուտ, քննադատող ու դժգոհ ոգի, ի բնէ ընդդիմադիր ամեն վարչութեան, քիչ շատ մատ ունեցած էր իր բարեկամներուն հետ այն զանազան ժողովրդական ցոյցերու մէջ որմէ ապիկար վարչութիւն մը ու նուաստացած երեսփոխանութիւն մը կը սարսափին։ Քանիցս այս երկու ժողովները պաշարած էր Մատենադարանի սենեակին մէջ որ մեր ազգային փախստական իշխանութեան սովորական ապաստանն է։

Ղալաթիոյ եկեղեցւոյ բակին մէջ շատ անգամ լսուած էր անոր ըմբոստ ու գրգռիչ ձայնն որ պանդուխտ Մշեցիներն իր շուրջը կը հաւաքէր, կը հրահրէր ու կ’արձակէր. ժողովրդեան պատանի ու սիրելի հռետորն էր ասի՝ զոր ամենքը ճանչնային այն ատենները։

Այս վատթարացման դարուն մէջ ուր միտքն հոգին կը մոռցնէ, ուր մարդկութիւնն ազգութիւնը կ’անհետացնէ, թերեւս միակ այս երիտասարդն էր նիւթապաշտ փիլիսոփայ մը՝ առանց զուրկ լինելու այն բանաստեղծական ոգիէն զոր պատանութիւնն ու դժբաղդութիւնը կուտան եւ զոր չափահասութիւնն ու երջանկութիւնը ետ կ’առնուն։

Տիգրանի ընտանիքը ծանօթ չէր ու ինքը բնաւ չէր խօսեր անոր վրայ. իր մանկութեանը Պէշիքթաշ կը բնակէր, վերջէն Օրթագիւղ անցաւ ու յետոյ Բերայի մէջ հանդիպեցան անոր։

Իր ընկերներն Համալսարանին մէջ ճանչցան զինքը. շիկնոտ ու մելամաղձոտ, սրտափակ ու գլխահակ տղայ մ’էր. ժամանակով սրտի մօտ, հպարտ ու զուարթ պատանի մ’եղաւ. քաշուած ու առանձնացած էր առաջ. հիմա մօտեցող, թերեւս յարձակող մէկն էր։

Այս տղան միջակ ու վայելուչ հասակով մութ շագանակագոյն մազերով պատանի մ’էր. գեղեցիկ դէմք ու գեղեցկագոյն աչքեր ունէր զորս Համալսարանին շուրջը գտնուող տուներուն աղջիկները շուտով նշմարեցին։

Տիգրան սիրեց առաջին աղջիկն որ իրեն ժպտեցաւ ու ինքն իսկ իր սիրոյ սաստկութենէն վախցաւ։ Դիցուհւոյ մը պէս գեղանի ու մանկամարդ հելլենուհի մ’­էր այս որ Համալսարանին պարգեւաբաշխութեան հանդիսին մէջ տեսեր էր պատանին առաջին ելլող այնքան տարիքոտ ընկերներու մէջէն. նամանաւանդ զարմացեր ու հաւներ էր անոր ձեւերուն որոց շնորհը պարզութեան մէջ կը կայանար։

Կատա՜կ մը, պարզ կատա՜կ մ’ընել կարծեր էր ժպտելով անոր երեսին ու անոր սրտին հաղորդելով իւր աչերուն աւերիչ կրակը. վերջէն Տիգրանի յափշտակութիւնը տեսնելով զբօսներ էր քիչ մը ու յետոյ ձանձրացեր էր անկից. այս քմահաճոյքը լուրջ բան մը չէր աղջկան համար, այլ մահացու կրնար լինիլ պատանւոյն սրտին։

Հելլենուհին ամուսնացաւ. ահաւոր ու սարսափելի հարուած մը եղաւ ասիկա Տիգրանին որ մազ մնաց պիտի մեռնէր. մէկու մը չի բացաւ իր վիշտն ու մէկու մը չի գանգատեցաւ։ Արժանապատուութեան զգացումն որ ամենէն հզօր կը խօսէր իւր հոգւոյն, զինքը փրկեց. չի մտածեց այլեւս անոր, բայց չի ջնջեց անոր սէրն իր սրտէն. ամուսնացող անխոհեմուհին իր սիրած աղջիկը չէր. իր սիրածը մեռած համարեց այլեւս եւ երկիւղած բարեպաշտութեամբ մը իր սրտին մէջ խոր ու շատ խոր թաղեց առաջին սիրոյ յիշատակն ու ամրացաւ ճակատագրին դէմ։

Ոչ ոք իշխեց իրեն սիրով անկից վերջը. ի փոխարէն ինքը բուռն ու կատաղի եռանդով մը նետուեցաւ կանանց մէջ. սիրած էր ու խաբած էին զինքը. կարգն իրեն էր խաբելու. Տիգրան ձախորդութեան կը հաւատար. ուստի ծանր չեկաւ իրեն միոյն վրէժը միւսէն լուծել. հատուցման մէջ կիները մէկզմէկու երաշխաւոր կը ճանչնար։

Ուստի ամեն կնոջ միեւնոյն աշխուժով ու միեւնոյն համոզմամբ կրկնեց իր սէրն ու դիմացինը համոզեց. իրեն համար բաղդատութիւն ու տարբերութիւն չի կար կանանց մէջ. մանկամարդը կամ տարիքն առնողը, գեղանին կամ տգեղը, տիրուհին կամ սպասուհին, գործաւորուհին կամ իշխանուհին, կրօնաւորուհին կամ հասարակաց աղջիկը միեւնոյն բանն էին իրեն համար։

Սեդրաք երեք բարեկամներուն ամենէն ծանրաբարոն էր ու քսաներեք տարեկան լինելով Տիգրանի համար գրեթէ մեծ եղբայր մ’էր. տժգոյն, նիհար ու խարտիշահեր երիտասարդ մ’որոյ սովորաբար դալուկ դէմքին վրայ նեղ ու բարակ շրթունքն աչքի կը զարնէր իր կարմիր գոյնովը։

Գեղեցիկ կապոյտ աչքեր, լայն ու ժամանակէն առաջ ակոսեալ ճակատ մը, սիրուն մօրուք մը ու սեւ երիզով կախուած ակնոց մը կը տեսնուէր այս երիտասարդին դէմքին վրայ որ միշտ լուրջ թերեւս խոժոռ երեւոյթ մ’ունէր. կատարեալ հակապատկեր մը լինելով հանդերձ իւր կրտսերագոյն բարեկամին, իր արտաքին ցուրտ ձեւերուն ներքեւ փափուկ ու վեհանձն սիրտ մը կը կրէր։

Անձնուէր մինչ ի մահ առանց բառ մը արտասանելու, գաղտնապահ, խորհրդատու. մէկ բառով եզական ընկեր մ’էր։

Իր սկզբունքներն ու ճաշակը ծանօթ էին, որոց համար մաքրակրօն Անգլիացւոյ մը պէս անողոք էր, կառավարութեանց միապետութիւնը, կանանց մէջ խարտեաշը, գոյներուն մէջ սեւը կը ճանչնար միայն։

Երաժշտութեան մէջ Մէնտէլսօնը կընտրէր իր յամր, անորոշ, ու տրտում շեշտերովը. նկարչութեան մէջ Այվազովսքին իր անհուն ու անխուսափելի ծովին, իր ծփծփուն ալիքներուն, իւր կապարագոյն ու ցիրուցան ամպերուն եւ այն անբացատրելի խորութեան հետ որ այս մեծ արհեստաւորին յատուկ է։

Բանաստեղծութեանց մէջ արեւելեան երգերը կը սիրէր։ Երբեմն մելամաղձոտ, յուսակտուր այլ համբերատար ոգի մը կայ այս երգերուն մէջ, երբեմն արհամարհոտ շեշտ մը։

Անոնք որք անգէտ են օսմանեան գիտութեան, պախարակելէ ուրիշ կերպով չեն յիշատակեր զայն. է՜հ, Տէր Աստուած, ո՞վ է սա մուրացիկ երգիչն որ սրճարանին մութ մէկ խորշին մէջ կը նուագէ. յարգալից բազմութիւն մը խոր լռութեան մէջ կ’ունկնդրէ նմա. Արեւելքի ժողովրդեան չափ ո՛չ ոք մեծարած է բանաստեղծներն։

Ու Սեդրաք յօժարափոյթ կ’երթար Պոլսոյ ամենէն անծանօթ մէկ խորշին մէջ, տաճիկ թաղի մը մէկ անկիւնը բարեմիտ ու ծերունի Թուրքաց հետ ունկնդրել այս գնչու բանաստեղծներուն։ Երբեմն Հայ մ’է այս երգիչն՝ որ իւր մայրենի լեզուին անծանօթ՝ օսմանցի բանաստեղծներուն մէջ ստացած է փառայեղ անուն մը։ Արդարեւ թուրք երգիչներն՝ որպէս նախնի ժամանակի ասպետներ՝ յատուկ անուն մը ունին իրենց ասպարէզին մէջ որով կը յիշատակուին։

Սեդրաք անյագ հետաքրքրութեամբ կը հաւաքէր մոռացեալ հայ բանաստեղծներու վրայ այն ամեն աւանդութիւնները՝ զորս ժամանակը դեռ չէր անհետացուցած։ Ու կը պատահէր որ անուանի Նամիմը ելնէր ասոնց մէջէն, դեռահասակ ու վաղամեռիկ երգիչ, գրագէտ ու փիլիսոփայ մը, պարծանք հայ տաղանդին, բոլորովին մոռացեալ ու անծանօթ եսամոլ հայ գրագիտաց մէջ։

Ո՞ւր տեղացի էր եւ ո՞ր ընտանիքի մը վերաբերէր Սեդրաք. ահաւասիկ հարցում մը զոր երբեք չէին մտաբերած անոր բարեկամներն. հեռուէ հեռու լսած էին որ Վոսփորի ասիական եզերքէն լաւագոյն ընտանիքի մը անդրանիկ զաւակն էր. իր անկախ դիրքն ու ազատ դաստիարակութիւնը չէր յարմարած հայրենի տան նահապետական ընթացքին ուր անառակ ու անդարձ որդի մը նկատուած էր։

Մայրն, ո՜վ անհաւատալի գաղտնիք կանացի սրտին, իր ժպիտը միւս զաւակացը յատկացուցած էր ու խոժոռ ու աններող դէմք մը միայն կար Սեդրաքի դէմը։ Հայրը խրոխտ յանդիմանութեամբ ու սպառնալեօք կը հիւրընկալէր այս անշահ զաւակն՝ որ իր հօր առեւտրական տետրակները բռնել կը մերժէր։ Եղբարքն՝ ամենքն ալ իրմէ փոքր՝ իր վրայ կը ծիծաղէին. կատարեալ լքում մը տեսաւ այս տղան նոյն իսկ իր ընտանեաց գրկին մէջ ու ալ առանձին կեանքը անհրաժեշտ դարձաւ։

Սեդրաքի բաժանմամբ կարծես բեռ մը վերցաւ ընտանեացը վրայէն. ամենքը գոհ ու երջանիկ կարծեցին իրենքզիրենք այս տղուն հեռանալովը, իսկ ինքը չի կրցաւ բոլորովին անտարբեր բաժնուիլ մայրենի ծոցէն. ահաւասիկ իւր խորհրդածութիւններէն մաս մը զորս թուղթի մը վրայ նշանակած էր։

 

«1873 տարուոյ սեպտեմբերի 7րդ օրը բաժնուեցայ ընտանիքէս զատ ու ազատ ապրելու համար. բաժանումը միշտ աղէկ ու տխուր բան մ’է. վերջաւորութիւն մ’է. հոն նախորդ կեանքը կը դադրի ու ինչ որ ալ ըլլայ նոր սկսելիքը, կարելի չէ անտարբեր սրտով առաջինը թողուլ, յետահայեաց նայուածք մ’ունինք ամեն բանի զոր կը թողունք կամ որ զմեզ կը թողու, իսկ բաժանումներու աղէկութիւնը հոն է որ ո եւ է ոյժ անջատմամբ չի ջլատուիր այլ կը կրկնապատկուի. աշխարհիս յառաջադիմութիւնը կեդրոնացմամբ չէ գոյացած. համախմբութիւնն անկարգութիւն ու խռովութիւն յառաջ կը բերէ, ուստի բաժանումը տկարութիւնը չի նշանակեր ինչպէս շատ անգամ կը կարծուի. աշխարհիս մէջ կեանքը բաժանումով կ’սկսի. որդին պէտք է բաժնել մօրն արգանդէն որպէս զի ծնի ու ապրի, ո՜վ դժնդակ ու արդիւնաւոր ճակատագիր մարդկութեան»։

Ուրիշ տեղ մը այսպէս գրեր էր. «Գիշերները մինակ կը դառնամ ամայի սենեակս որ համեստ կահ կարասիք մը միայն կը պարունակէ. ամեն ինչ կանոնաւոր շտկուած ու իր տեղն է. ճրագս լուցկիին մօտ, փայտը վառարանին քով, զգեստներս իրենց ծածկոցին ներքեւ. ժամացոյցի պէս լարուած սենեակ մը որու դէմ ի զուր գանգատելու պատճառ կը փնտռեմ. ո՛չ, այս երկրաչափական անխոտորութենէն չեմ ախորժիր. քիչ մը անխնամութեան երեւոյթ պէտք է ինձի. վարձկան ձեռքի մը ծառայութիւնը չէ, այլ սրտի մտօք անձի մը խնամքն է որ կրնայ շէնցնել այս անարձագանք պատերը»։

Սեդրաքի ընտանեկան բաժանումն ուրիշ պատճառով մ’ալ ծանր ու դժուարին եղաւ. հայրենի տունէն մեկնելով հարկ եղաւ նաեւ թողուլ մանկութեան ընկերուհի մը։

Քոյր ու եղբայր ըսուելու չափ տղայ հասակէ ի վեր, Սեդրաքի հետ մեծցած գեղանի պարմանուհի մ’էր այս՝ որ բարեկամ ու դրացի ընտանիքի մը մէկ հատիկ զաւակն էր։

Իւր տան մէջ լքեալ՝ Սեդրաք անոր քով միայն գտեր էր առաջին գորովոյ զգացումը։

Պատանին սովորական տղայ մը չէր. աղջիկն ամենէն լաւ գիտէր զայս. անոր ընտանեկան կացութիւնը մօտէն ճանչնալով՝ իր մեծարանքն աւելցեր էր այս դառնացեալ հոգւոյն նկատմամբ ու ինքնիրեն յանձն առեր էր զայն սփոփել։

Ազգային վարժարանաց ուսումն աւարտելով Սուրբիկ այս էր Սեդրաքի նորատի բարեկամուհւոյն անունն ինքզինքը խիստ համբակ գտեր էր իր ուսեալ ընկերոջ քով. որոյ հմտութիւնը, բարձր դատողութիւնն ու իմաստալից խօսակցութիւնը զինքը կը հմայէին. երիտասարդին մտերմութիւնը խիստ նպաստած էր իր այս համակրելի հոգւոյն ու մտքին մշակման ու փրկարար ներգործութիւն մը ըրեր էր անոր վրայ։

Ինչ որ ալ լինին մեր ազգային վարժարանաց վերագրուած պակասութիւնք, նոքա անհատական դպրոցներուն վրայ ամենաբարձր առաւելութիւն մ’ունին որ ճշմարիտ ազգային կրթութիւն մը տալու մէջ կը կայանայ։

Ֆրանսայի Գթութեան քերց կամ Բողոքական վարժարաններէն միոյն մէջ ֆրանսերէն եւ միւսին մէջ անգլիերէնը կրնան լաւագոյն կերպիւ աւանդուիլ. ազգային վարժարանք օտար լեզուներ ուսուցանելու մէջ յաջողութիւն ունեցած չեն երբեք եւ ճիշդ ասոր համար կը գովեմ զանոնք. ամեն աղջիկ՝ ընկերութեան մէջ, ընտանեաց մէջ դիրք մ’ունենալէ առաջ Հայուհի մը պարտի լինիլ եւ Սուրբիկ ազգային կրթութիւն ստացող աղջկան տիպար մ’էր. հայերէն լեզուն սիրած եւ ուսած էր եւ իր ազգային պատմութիւնը սորված էր այն խանդաղատանօք՝ զոր անկեալ ազգի մը զաւակը միշտ կը պարտի իր հայրենեաց դժբաղդ ճակատագրին։

Հայ—հռովմէական բարեկամուհի մ’ունեցեր էր որ Բանկալթիի մէջ ֆռանսական գիշերօթիկ վարժարան մը կը յաճախէր. տեսակցութիւն մ’ունեցան օր մը եւ երկու աշակերտուհիները փոխադարձաբար իրենց առած ուսմանց վրայ խօսեցան. Բերացի օրիորդն արգահատող կարեկցութեամբ մը հարցուց Սուրբիկին առած դասերն ու խրոխտ մեծամտութեամբ մի առ մի թուեց այն կարեւոր գիտելիքներն զորս ինք կ’ուսանէր։ Ֆռանսայի պատմութիւն, Ֆռանսայի աշխարհագրութիւն, Ֆռանսայի գրականութիւն ու Պապական եկեղեցւոյն սրբազան դաւանանքն, ահա ինչ որ այս կանուխէն օտարացեալ աղջիկը թուեց իր ապշեալ ընկերուհւոյն. նոյն իսկ ֆռանսացի օրիորդ մը պիտի նախանձէր այս արեւելքցի ֆռանսուհւոյն վրայ։ Ֆռանսայի յետին գետակը, սարն ու ձորն, ամենէն աննշան աւանը ծանօթ էին այս Հայուհւոյն՝ որ իր հայրենեաց Արարատը չէր գիտեր եւ չէր ուզեր գիտնալ։

Սուրբիկ ապշեցաւ, ամչցաւ ու զայրացաւ, մինչդեռ ամբարտաւան պարմանուհին իր չգիտցած հայերէն բառերը կոպիտ ու սխալ արտասանութեամբ մը կրկնելով անոնց տգեղութեանը վրայ կը ծիծաղէր ու հայերէն չգիտնալուն վրայ կ’ուրախանար։ Արդէն ապագայի պատրաստութիւնները տեսեր էր. պիտի ամուսնանար եւրոպացի երիտասարդի մը հետ որ զինքը պիտի տանէր այն գեղեցիկ ու պաշտեցեալ երկիրն որում ամեն բան զոհելու պատրաստ էր. հայ երիտասարդաց հետ ամուսնանա՜լ, ազգային պարոններու հետ կենակցի՜լ, ահա այն սարսափելի հաւանականութիւնը՝ զոր բնաւ չը պիտի ընդունէր։

Բայց ինչ որ անհանդուրժելի թուեցաւ Սուրբիկի, այն նախատալից անտարբերութիւնն էր որով իր հայրենեաց յիշատակութիւնը լսեց այս խորթ ու անհարազատ զաւակին բերնէն եւ Սուրբիկ այլեւս չը տեսնուեցաւ անոր հետ։

Ինք՝ մօտէն տեղեակ էր Հայոց գրական գործունէութեան, ամեն նոր երկ կամ պարբերական հրատարակութիւն իր հետաքրքիր նայուածքէն չէր վրիպած եւ Սեդրաք հմուտ դատաւոր մը ու լաւագոյն առաջնորդն էր անոր գրական պարապմանց մէջ. իրիկունները ճաշէն վերջը Սեդրաք Սուրբիկի տունը կ’երթար. օրուան լուրերն աչքէ կ’անցունէին, ու յետոյ ձմեռը, վառ ու ճարճատուն վառարանին ջերմութեանը մօտ, նոր հրատարակութիւններով ծածկուած սեղանին շուրջը, կ’սկսէր այն ջերմ, լուրջ ու հմտալից խօսակցութիւնն որ մինչեւ կէս գիշեր կ’երկարէր։ Ընհանրապէս կը գանգատէին որ բուն ազգային գրականութենէ մ’աւելի օտարամուտ ոգի մ’էր որ հայ հեղինակաց շարադրութեանց մէջ երեւան կ’ելնէր, եւ ռուսահայ մատենագիրներն՝ որ իրենց օրական ու պարբերական հրատարակութիւններով ֆռանսական ոճը ներմուծել ու տիրապետել տուեր էին՝ ամեն մեղադրանքէ ազատ չէին այս մասին։

Երբեմն գիտութեանց եւ ուսմանց վրայ կը դառնար խօսակցութիւնը. պարմանուհին իր սեռին յատուկ բարեպաշտութեամբ, ըստ կարի կը դիմադրէր այն կտրուկ վճիռներուն՝ որով գիտութիւնն իր անխուսափելի ճշմարտութիւնները կը ծանուցանէ. երկրաբանութենէ մինչեւ աստղաբանութեան վրայ կը խօսէին եւ Սեդրաք իր բարձր կրթութեան շնորհիւ մի առ մի կը բացատրէր այն անողոք ու մշտնջենական օրէնքներն՝ որով անհունապէս փոքրիկ հիւլէն ու մեծ տիեզերքը միեւնոյն ներդաշնակութեամբ կը կառավարուին։ Ընկերական կենաց մշտայոյզ խնդիրներն ի կարգին վիճաբանութեան նիւթ կը լինէին. ազգաց ճակատագիրն, անհատներու ազատութիւնը, լեզուի ու կրօնքի տարբերութիւնն հետզհետէ կը քննուէին։ Սուրբիկ յուզեալ ձայնիւ կը պաշտպանէր աշխատաւորներու տառապեալ դասն ու հարստութեան ի գործ դրած բռնութեան դէմ կ’որոտար, մինչդեռ երիտասարդն հանդարտ ձայնով կը բացատրէր տնտեսական գիտութեան այն ամենանուիրական սկզբունքն որ ամեն առուտուրի ազատութիւնն յարգելու մէջն է եւ տրտմութեամբ կը թուէր այն տարբեր պատճառներն որոց մէջ փնտռել պէտք է թշուառութեանց գաղտնիքը։

Այսպէսով եւ եւրոպացի հեղինակներու ընթերցանութեամբ ստացաւ ծաղկահասակ աղջիկն հիմնաւոր ու առողջ կրթութեան մը բոլոր տարերքը։

Սուրբիկ միանգամայն վարպետ գրչի տէր ու մանաւանդ տաղանդաւոր դաշնակահար մ’էր։ Դաշնակը փոթորկեալ կամ հանդարտ ծովու մը պէս կը պատկերացնէր անոր մրրկոտ կամ անդորր ոգին. անզգայ գործիքի մը ձայնը չէր որ կը բարձրանար, այլ անոր ճարտար ու փափուկ մատներէն դրդուած անբացատրելի ու հմայիչ ներդաշնակութիւն մ’էր հնչուն, պայծառ ու ազատ որ կը սաւառնէր ունկնդրին զմայլած հոգւոյն վրայ։ Իր ամենէն սիրած վարպետը Մէնտէլսօնն էր, վասնզի Սեդրաքի սիրածն էր այն. ճաշէն վերջն երբ խօսակցութեանց նիւթն սպառէր ու կամենային հանգիստ առնուլ, այն ատեն կը զարնէր այն Սօնաթ ներէն մին՝ որոց տրտմութիւնն ու վսեմութիւնը միշտ գաղտնիք մը պիտի մնայ ամենուն համար։

Հազուագիւտ բացառութեամբ մը պատուհանին զերծ էր այն ողբալի ազատամտութենէն՝ որով նորատի աղջիկներն ու պառաւ կիներն իգական սեռին անհաւասարութեան դէմ կը բողոքեն շարունակ։

Աշխարհիս վրայ աղջիկը՝ պահանջող, պառաւը՝ գանգատող պիտի մնայ յաւիտեան։

Ոչ մէկ դար, ոչ մէկ լուսաւորութիւն պիտի կարենայ երբեք գոհացնել այս երկու անձնաւորութիւնները զորս բնութիւնը միեւնոյն դժգոհութեան շրջանակին մէջ միացուցած է։

Աղջիկն՝ յոյս ունենալուն վրայ կը զայրանայ, պառաւը՝ չունենալուն համար, ու այն երկու հակառակ պահանջումները միեւնոյն բողոքով երեւան կ’ելնեն։

Դիտեցէք որ երբեք մանկամարդ ու ամուսնացեալ կին մը իգական սեռին գերութեան վրայ չի խօսիր. երիտասարդութիւնն ու ամուսնութիւնը կնոջ ամենազօրութեան միջոցն է. բայց ամեն իշխանութիւն իր անկումն ունի ու զարմանալի չէ որ տարիքնին առնող կիները, զուրկ ամեն թեկնածութենէ, անհամ ու անկարգ գտնեն այն ընկերական կեանքը՝ զոր իրենց երիտասարդութեան ժամանակ այնչափ հրապուրիչ կը գտնէին։

Սիրող հոգիները միշտ անձնուիրութեան պատրաստ են ու Սուրբիկ այս անձնուէր էակներէն էր. բնութեամբ խրոխտ, այլ վեհանձն յօժարութեամբ երիտասարդին գաղափարաց բարձրութիւնը ճանչցեր ու մեծարեր էր, առանց սնոտի հպարտութիւն մը ցոյց տալու։ Սակայն այս խորին մտերմութիւնն առանց վտանգի չէր։ Այս փոխադարձ յարգանքն ու համակրանքն՝ երկու ծաւալման կարօտ հոգիներու ամենօրեայ միութիւնը, տարիքնին, գաղափարաց ու զգացմանց ներդաշնակութիւնն անքակտելի կապ մը յառաջ բերին։

Պատանուհւոյն հրաշալի գեղեցկութիւնը Սեդրաքի խելքը գլխէն չառաւ, բայց անոր գորովալից մտերմութիւնը զայն շղթայեց ու աշխարհ այս աղջկան վրայ միայն հիմնուած երեւցաւ անոր աչքին։

Սեդրաք ու Սուրբիկ զիրար սիրեցին. բայց այս սէրը չէր այն վաղանցիկ ու խաբեբայ աւիւնն՝ որ հովի պէս կուգայ ու կ’անցնի, այլ խորին, սուրբ ու հոգեկան միաւորութիւն մ’էր։

Ահա այս պատճառով Սեդրաքի բաժանումը դժնդակ զրկում մը դարձաւ. ընտանեկան գորովէ արդէն զուրկ, կարօտ մնաց նաեւ այն միակ երեսին որ իրեն կը ժպտէր։ Անցեալ օրերու յիշատակն հեռաւոր ու կորուսեալ երջանկութեան մը պատկերին պէս անոր շփոթ մտքին մէջ կը նկարուէր։ Յայտնի եղաւ որ չի պիտի կարենար անկէ զատուած ապրիլ։ Գաղտնի նամակագրութիւն մը ըստ կարելւոյն մեղմացուց այս անջատման ցաւն։ Երկար եւ անվերջանալի նամակներ էին ասոնք զորս ամեն գիշեր կը գրէր, իր հոգւոյն ամէն տպաւորութիւնները, սրտին դառնութիւններն, յոյսերն, պատրանքն ու ցնորքը ցրուելով թօթափելով անզգայ թղթին վրայ. սրիոյ բա՜ռ մը չի կար այս գրութեանց մէջ. ո՛չ. սիրելը շատ չնչին, շատ տկար բառ մ’­էր որ իր անհուն խանդաղատանքը չէր կարող բացատրել. եւ ոչ մէկ բառի մէջ, եւ ոչ մէկ նամակի մէջ կարելի էր ամփոփել իր փոթորկեալ հոգին։

Սուրբիկի նամակները միեւնոյն խռովեալ արձագանգները, միեւնոյն անհուն անձնուիրութիւնն ու ապագայի մտահոգութիւնները կը պարունակէին.

«Սիրելիս, քու սիրովդ ու հմտութեամբդ սնուցիր զիս. յիմար եռանդով մը նետուցեայ ամեն գաղտնիք իմանալու. դուն քովս էիր ու ամեն ինչ ուսուցիր ինձ. խրոխտ, գիտուն ու սիրեցեալ առաջնորդ մ’էիր, ահաւոր վարդապետութիւններ ունէիր լեզուիդ ծայրն որք քու բերնիդ մէջ իրենց սոսկումը կը կորսնցունէին. ի զուր ուզեցի մաքառիլ անոնց դէմ, քու սէրդ յաջողեցաւ ընել ինչ որ հմտութիւնդ նախապաշարմանցս դէմ չէր կարող ընել. համոզուեցայ քեզի։ Կապուած էին քեզի այն միակ սիրով զոր երիտասարդուհին երկու անգամ չ’ունենար իր բոլոր կեանքին մէջ. մօտ թէ հեռու միշտ պաշտեցեալ յիշատակ մ’ունիս սրտիս մէջ զոր երկիւղած բարեպաշտութեամբ կը պահեմ»։

Ուրիշ նամակի մը մէջ այսպէս կ’ըսէր։

«Ո՞ւր ես Սեդրաք։ Ձմռան գիշեր է ցրտին, ձիւն ու բուք կը տեղայ, ի՞նչ կ’ընես առանձին ու մթին սենեակիդ մէջ. այս տունը բանտ մ’է նսեմ քանի որ հոս չես. ծնողացս սէրը չի լնուր այն պարապը զոր դուն թողուցիր։ Չըլլայ թէ յուսահատ քաջութեամբ, չափազանց աշխատութեամբ առողջութիւնդ վտանգես։ Անձիդ տուած հարուածը միայն քեզի չը պիտի զարնէ»։

Եւ այլուր. «Լսեցի քննութեանցդ յաջողութիւնը. մաթեմաթիքը միշտ կը սիրէիր, ու ճշմարտութեան գիտութիւնն է կ’ըսէիր. կը տեսնես թէ ի՛նչպէս կը յիշեմ բոլոր խօսքերդ. սակայն չըլլայ թէ այդ արապմունքը Սուրբիկդ մոռցնել տայ քեզ։ Ես կ’ուզեմ որ քու համբաւդ այնչափ մեծ ըլլայ որչափ մինչեւ հիմա տեսած զրկումդ։ Քու անունդ պէտք է, կ’ուզեմ որ մեծարանօք յիշուի ու ես անով պարծենամ»։

«Դուն հարուստի աղջիկ ես, կը գրէր օր մը անոր երիտասարդը, ես ալ հարուստի որդի էի, բայց ոչինչ եմ. ատեն մը չէի եւ հիմա ալ չեմ տար կարեւորութիւն հարստութեան, բայց թէ որ միջոց մ’է այդ քեզ մօտենալու, Սուրբի՜կ, հնդիկ իշխանի մը չափ հարուստ պիտի ըլլամ։ Անուան ու փառքի հետամուտ չէի ու չեմ, սակայն եթէ քու ծնողացդ աչքին այդ է այն պատուանդանն որով մինչեւ քեզ բարձրանալ ներեալ է, լա՛ւ ուրեմն, պիտի ստանամ այն դիրքը զոր ընկերութիւնը կը պահանջէ նորեկներէ»։

Այս հաստատ համոզմամբ ձեռք զարկաւ իր երկրաչափական ուսմանց զորս քանի մը տարիէն աննման յաջողութեամբ մը պիտի աւարտէր, եւ Համալսարանին մէջ ճանչցաւ Տիգրանն ու սիրեց զայն եղբօր մը չափ։ Այս երկու պատանիներն այնչափ աւելի զիրար կը սիրէին որքան մինչեւ ցայն վայր զլացուած էր իրենց ամեն գորովանք։ Իրարու համար գաղտնիք չունեցան եւ ոչ մէկ ժամանակ։

Տարիքի պզտիկ տարբերութիւն մը պատճառ չեղաւ իրենց սրտի կապերը միմեանց հաղորդելու. Սեդրաքի նոր բարեկամն անոր սփոփանք ու քաջալերութեան օրինակ մ’եղաւ եւ անոր զուարթ ու խնդուն երեսը՝ մասամբ թեթեւցուց ուսման տարիներու աշխատութիւնն ու տրտմութիւնը։

Տիգրանի միջոցաւ ծանօթացաւ նաեւ Խոսրովի հետ որ նոյնպէս զուարթ ու զուարճախօս ուսանող մ’էր, եւ այս ընկերական կեանքով կարծես անզգալի կերպով վերջացուցին տարեշրջաններն ու վերջին քննութիւնները տուին։

Խոսրով դատաւորական ճիւղն ընտրեց. Տիգրան ազատութիւն կը սիրէր միշտ, ու փաստաբանական ասպարէզը մտաւ. պաշտօնէութեան փառքն, որ Խոսրովին բոլոր ակնկալութիւնն էր, իրեն համար նշանակութիւն չունէր։ Այս երեք մարդիկը՝ չորս տարի դասընկերութիւն ընելէ վերջ՝ իրարմէ կը բաժնուէին աշխարհի պայքարին մէջ մտնելու համար։

Բայց Խոսրով պարզ ու գոհ սրտով չի զատուեցաւ իր ընկերներէն. գաւառացի՝ այսինքն ի բնէ խորամանկ՝ բնաւորութեամբ խիստ հեռի էր Տիգրանէն։ Սակայն իրաւ է որ երբեք միմեանց դէմ մեղադրելի վարմունքի մէջ գտնուած չէին ու թէ որ Տիգրանին ծանր եկած բան մը միայն կար, այն ալ սա էր թէ իր ընկերը ջանացած էր ատեն մը իր յոյն սիրուհին ձեռքէն կորզել. բայց աղջիկը՝ բացէ ի բաց ծաղր ու ծանակ ըրած էր արդէն իր դժբաղդ հակառակորդն ու զայն Համալսարանին բոլոր ուսանողաց կատակներուն ու հեգնութեանց մատնած էր։

Խոսրով ամեն բանէ աւելի ընկերական դիրք մը ձեռք բերելու հետամուտ՝ յօժարակամ իր նպատակի յաջողութեան զոհած էր ամեն զգացում. կատարեալ էր իր անձին, վարժած ծածկելու այն ամեն դառնութիւնը՝ զոր Համալսարանի մէջ Տիգրանին բարձր դիրքն իր նախանձոտ սրտին մէջ կը թափէր, բայց ամեն ատեն կարօտ անոր օգնութեան, վկայագիր մը ձեռք բերելու համար, վկայագիր՝ որ ամեն ասպարէզ պիտի բանար իր առջեւ, խոհեմութիւն համարած էր զգուշանալ ամեն ընդդիմութեան ու հակառակութեան փորձերէ։ Ընդհակառակն խոնարհ ու հաճելի ձեւերով անոր պաշտպանութեան ապաւինիլ կը ցուցանէր, որով յաջողեր էր Տիգրանի կատարեալ վստահութիւնը շահելու։

Անգամ մը միայն քիչ մնացեր էր վար առնու այս կեղծաւորութեան դիմակը։ Վայրենի ու վաւաշոտ սէրով մը սիրած էր այն գեղեցիկ հելլենուհին որ Տիգրանի կը ժպտէր շարունակ. ինքն երկու տարիէ ի վեր մէկ ժպտին կարօտ, մէկ նայուածքին կապուած, մաշեր ու սպառեր էր երբ իր երջանիկ ընկերն, ամեն բանի մէջ ճակատագրէն օգտուած, անյուսալի յաջողութիւն մը ձեռք կը բերէր եւ որ աւելին է, ամեն օր համար կուտար իրեն՝ վայելած բոլոր շնորհներուն։

Ափսո՜ս, վայելչութեան կողմէ չէր կարող մրցիլ իր գեղեցիկ ոսոխին հետ. իր կարճ հասակով, ցած ճակատով, գռուզ մազերով ու ծաղկաւեր դէմքով, բարեձեւութեան պահանջներ չէր կարող ունենալ. բայց իր առաւելութիւններն ալ կը կշռէր անոր փոխարէն. իր հայրենիքէն ոտքով եկած էր Պոլիս, եօթն տարեկան եղած ատենը, եւ Ղալաթիոյ վարժարանին մէջ տնտէսին քով ու անոր կերակուրներով ապրած էր մինչեւ տասներեք տարեկան հասակը երբ յաջողեր էր Շահնազարեան վարժարանը մտնել. ամեն բանի կարօտ, ամեն բան ձեռք բերեր էր աննման հաստատամտութեամբ. մանկութենէն դատապարտուած ընկերական ամեն մահացումներու, մարդատեաց մէկը դարձած էր ու կիսկատար փիլիսոփայութեամբ մը զոր իր մոլար սկզբմանցը կը համաձայնէր, շուտով համոզուած էր թէ չարն ու բարին գոյութիւն չունին, թէ վստահութիւնը տեղին համեմատ ազնուութիւն է, թէ մարդուս գերագոյն նպատակն իր եսութեան մէջ կը կայանայ։

Հետեւապէս գէշ ոգւով ու սխալ դաստիարակութեամբ զօրացած, եւ ոչ մէկ բանի մէջ լաւ կողմը կրցած էր նշմարել։ Հելլենուհւոյն սէրն անգամ չէր այն բարձր ու ազնիւ զգացումն որ մարդն անասուններէն կը բաժնէ, այլ վայրագ ու ահաւոր իղձ մը ու տանջանք մ’էր։

Երբեք չէր ներած ի պատանի ընկերոջը դասի մէջ առաջնութիւնը. սիրոյ ասպարէզին մէջ անոր նախամեծար համարուիլն իր համբերութեան չափը լեցուց. մութին մէջ սպասող կատարեալ թշնամի դարձաւ իր սրտէն, թէեւ անկարող անոր վնասելու։ Աղջկան մօտ իր խնդիրքն ու հետեւանքն հետեւեալ օրը Տիգրանին միջոցաւ տարածուելով Համալսարանին մէջ, մին իր ծաղրանկարը շիներ էր որուն մէջ իր ծակոտեալ երեսը գեղուհւոյն շրթանցը կը մօտեցնէր երբ սա զզուանօք գլուխը կը դարձնէր. ուրիշ մը փոքրիկ ոտանաւոր մ’էր շիներ անոր վրայ որ բոլոր ուսանողներուն բերանն ինկաւ։

Այն ատեն անհաշտ ու ոխակալ լռութեամբ մը պաշտպանեց ինքզինքը. երկու տարի կար շրջանն աւարտելու. քիչ մը վերջը Տիգրանի լքումն ալ տեսնելով անհուն գոհացում մը ունեցեր, կատարեալ վրէժխնդրութեան համ մ’առեր էր անկից։ Բայց այդ իր նուաստութիւնը չէր փոխարինած. բաղդն հարուած մը տուած էր Տիգրանին, ինք իր կողմէն բան չէր կրցեր ընել։

Ասոր հետ մէկտեղ մտերմութեան ու բարեկամութեան ցոյցերը կրկնապատկել հարկ եղաւ երբ աւարտման քննութիւնք մօտեցան։

Արդարեւ անօգուտ չեղաւ այսքան կեղծաւորութիւն. իր վկայագիրը Տիգրանի շնորհիւն ստացաւ. ամեն դասի մէջ յետադէմ, իր բարեկամին դասատուաց քով ըրած բարեխօսութեամբ ձեռք բերաւ այդ պաշտելի թուղթն որու վրայ իրաւամբ կը հիմնէր իր բոլոր ապագան։

Զատուեցան իրարմէ փոխադարձ անձնուիրութեան խոստումներով. «Դատաւոր եղած ատենդ չըլլայ որ իմ իրաւունքներս անտես ընես», ըսաւ Տիգրան, Խոսրովին ձեռքը սեղմելով. «Ոչ ոք զքեզ պաշտպանելու յաւակնութիւնը կրնայ ունենալ երբ դուն կեցած ես», պատասխանեց իր բարեկամը։

Իսկ Սեդրաքի ու Տիգրանի բաժանումն աւելի սրտայոյզ եղաւ. երկու եղբայր այնչափ չէին սիրած զիրար որչափ այս երկու ուսանողները. իրենց վիշտերն ու ուրախութիւնը միասին բաժնած էին մինչեւ այն ատենը։

Սեդրաք իր երկրաչափական վկայագիրն ստանալէ յետոյ Ատանայի երկրորդ երկրաչափ անուանեցաւ ու մեկնեցաւ Պոլսէն. անտանելի թուեցաւ այս բաժանումը Տիգրանին. ամենքն այս գաւառին վատ ու մահաբեր օդին վրայ կը խօսէին, իսկ Սեդրաք բնաւ չի դեդեւեցաւ. իր բարձր արժանիքը գործով պիտի ապացուցանէր. իր սիրուհւոյն ճանչնալը չէր բաւէր իրէն, անոր ընտանիքն ալ համոզել կ’ուզէր։ «Սուրբի՛կ, քեզի համար կը մեկնիմ», ըսաւ նորատի աղջկան։ Սուրբիկ այս զօրաւոր մարդուն միակ տկար կողմն, այս Աքիւլլէսին միակ վիրաւորելի կէտն էր։

Տարի մը կայ որ երիտասարդ երկրաչափն իր պաշտօնին գլուխն է, ուր յաջողած է իր պաշտօնակցաց եւ մեծերուն յարգանքն ու համակրանքը շահիլ։ Ատանայի դաշտին մահաբեր օդը բարւոքելու համար եղած ջանքերէն եւ ո՛չ մին յաջողած էր. Սեդրաք այս մեծ ու մարդասիրական նպատակին նուիրեց ինքզինքն. իր պատրաստած յատակագիծն ու ծրագիրը բոլորովին պիտի մաքրէին այն տղմուտ դաշտին վատառողջ ժանտահոտութիւններն, ու երկրագործին պիտի տային ընդարձակ ու բարեբեր հողեր. Սեդրաքի առաջարկութիւնը բոլոր գաւառին համար կենսատու խնդիր մ’էր եւ իր ծրագիրն անմիջապէս ընդունուեցաւ. գաւառին կառավարիչը Մէճիտիյէի չորրորդ աստիճանը խնդրեց այս եռանդուն պաշտօնակալին համար, որ անմիջապէս շնորհուեցաւ։ Ալ գանգատելու տեղի չի կար. բաղդը կ’սկսէր ժպտիլ։ Իր առանձնութեան մէջ չէր յուսահատած երբեք. սիրուհւոյն պատկերն հոն էր որ զինքը կը քաջալերէր։ Քայլ մ’եւս եւ ահա առաջին երկրաչափ պիտի անուանուէր։ Ո՜հ, այն ատեն բաց ճակատով պիտի դառնար Պոլիս ամուսնութեան խնդրելու իր սիրած աղջիկը. ընտանիքը չէր կրնար դժկամակիլ այլեւս։ Երազէ իրականութեան մէջ անցնելու համար այս քայլը միայն մնացեր էր։ Սեդրաք իր աշխատութիւնը կրկնապատկեց. կառավարութեան պաշտօնէի մը յարմար հանդարտ գործունէութիւն մը չէր, այլ հիւանդոտ տենդէ մը վարակեալ անձի մը նման կը վարէր իր անտանելի աշխատութիւնը։ Չորս մարդու գործ էր ստանձներ ու քսան մարդու գործ կը տեսնէր. անիմանալի պատերազմ մ’­էր զոր ժամանակը փութացնելու համար կը մղէր ամեն օր, պաշտօնի բարձրացում խոստացեր էին իրեն, բայց վեց ամիսէն առաջ չէր կրնար կատարուիլ. ապրիլի վերջն էին. վեց ամիս՝ վեց տարուան չափ երկար թուեցաւ իր անհամբեր սրտին։ Եթէ զաշխարհ բեռցնէին իր ուսին վրայ այս պայմանաժամը կարճցնելու համար, յօժարութեամբ պիտի ընդունէր այս նոր Աթլասը։

 

Մէսաժըրիի Քամպօճ երկկայմ շոգենաւն, որ այն ատենը Պոլսոյ եւ Աղէքսանդրիոյ միջեւ թղթատարութիւն կ’ընէր, իր շաբաթական ուղեւորութիւնը կատարելով մայիսի մէջ կիրակի առաւօտ մը Վասփորի ջուրերը կը մտնէր նոր հարսի մը պէս քծնելով։ Նաւուն կամրջին վրայ երիտասարդ ուղեւոր մը կը տեսնուի գունաթափ ու դողդոջուն. մակոյկներն անմիջապէս կը շրջապատեն նորեկ շոգենաւն. ասոնց միոյն մէջ Տիգրան կը գտնուէր որ առանց սպասելու շոգենաւին կենալուն, չուաններէն վեր ելնելով դէպի երիտասարդը վազեց ու զայն ողջագուրեց. Տիգրա՜ն, Սեդրա՜ք, այս երկու բառերը միասին լսուեցան ու երկու բարեկամներն արտասուելով իրարու գիրկ նետուեցան. քիչ մ’ատեն հեծկլտանքէ ուրիշ բան չի լսուեցաւ. արդարեւ սրտայոյզ տեսարան մ’էր դիտել այս երկու երիտասարդները՝ զոր ճակատագիրն եղբայրութենէ աւելի սերտ կապով մը միացուցած էր։ «Արիացիր, Սադրա՛ք» ըսաւ վերջապէս Տիգրան վեր առնելով ու համբուրելով իր բարեկամին դալկահար ճակատը. «Ճշմարի՞տ է ուրեմն», հարցուց տարաբաղդն հազիւ լսելի ձայնով մը։

Տիգրան չի պատասխանեց, այլ տոմս մը միայն նետեց ուղեւորին ոտքը։

Տիկին եւ Պ. Ք. պատիւ ունին խնդրել… որ հաճին ներկայ գտնուիլ այս կիրակի առաւօտ իրենց Սուրբիկ դստեր Վսեմ. Արամ էֆէնտիի հետ պսակման արարողութեան որ պիտի կատարուի Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյն մէջ։

Ահա ինչ որ ուղեւորին շուարած ու նսեմացած ակնարկը կարդաց այս հեշտաբոյր ու ոսկետառ տոմսակին վրայ։ Ստոյգ էր ուրեմն այն անհաւատալի գոյժն. եւ ինքն երեսի վրայ թողլով իր պաշտօնն, առանց վայրկեան մ’սպասելու վազեր եւ հասեր էր այն օրն հազիւ յորում Սուրբիկ պիտի պսակուէր։

 

Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցին քառակուսի, պզտիկ ու գեղեցիկ շէնք մ’է եւ հոյակապ մարդու մը առատաձեռնութեան արդիւնք։ Խուռն բազմութիւն մը եկեղեցւոյն ամեն կողմը կանուխէն գրաւած է. բակը, բանկալը, խորհրդարանին մէջ անգամ կենալու տեղ չի կայ. հետաքրքիր ամբոխն հրաւիրելոց մուտք անգամ թողած չէ։

Ժամը վեցն է. հանդիսին տէրերն հրաւիրեալներուն հետ հասան ու անանցանելի մարդկային պատնեշէ մը թափանցելով յաջողեցան եկեղեցին մտնել. պսակի արարողութիւն կայ. հանդիսականներուն մէջ կը նշմարուին Պոլսոյ առեւտրական տանց գլխաւոր ներկայացուցիչները, դատական իշխանութեան անդամներ եւ հայազգի բարձրաստիճան պաշտօնատարք. փեսան քառասնամեայ պաշտօնակալ մ’է՝ որ վայելչապէս կը կրէ Միւթէմայիզի ոսկեճամուկ համազգեստը. հարսն հագած է սպիտակ կռօնէ երկար շրջազգեստ՝ հարսանեկան թափանցիկ շղարշով ու իր կոհակածուփ մազերով ծածկուած. դիւրին է նշմարել բարեձեւ հասակ մը, նեղ, նեղ ափի մէջ ամփոփուելու ու ճզմուելու չափ նեղ մէջք մը որ թաւալուն, հպարտ ու շլացուցիչ կուրծ մը կը կրէ, ճակատ մը անամպ արշալոյսի պէս պայծառ, աչքեր սեւ ու խոշոր որոց շուք կուտան իր երկար բիբերը, բերան մը գարնան վարդի պէս թարմ ու կարմիր. քիթն ուղիղ, ռունգերն ուռած, թափանցիկ, դիւրայոյզ ու հրապուրիչ. սպիտակ ձեռնոցներ մինչեւ թեւերը կ’երկարին ու երեւան կը հանեն անոր քնքոյշ ու աննմանելի գիծերն, ու նոյնպէս ճերմակ սնդուսէ կիսակօշիկներ կը սեղմեն անոր փոքրիկ ոտները։ Տասնեւեօթը տարեկան կայ այս աղջիկն, այս մեհեանին մէջ ճշմարիտ դիցուհին     ՝ որ կ’իշխէ բոլոր հաւատացելոց վրայ։

Պսակի արարողութիւնն սկսաւ, մահուան ողբերու նման տխուր երաժշտութեամբ մը. միշտ խորին տպաւորութիւն մը յառաջ կը բերեն այս տխրանուագ աղօթքներն. ապստամբ միտքը պահ մը կ’ընդարմանայ ու հոգին հմայութեան մը ներքեւ կը վերանայ ու անմատչելի երկնագաւառներու մէջ կը սաւառնի. բարեպաշտ լռութիւն մը կը տիրէր. պսակադիր քահանան ձայնը բարձրացուց ու փեսին դառնալով՝ «Տէ՞ր ես այս օրիորդին» ըսաւ հանդիսաւոր հարցումը կրկնելով. «Այո՛» պատասխանեց փեսան գլուխը խոնարհեցնելով. «Եւ դու հնազա՞նդ ես, աղջիկս», ըսաւ քահանան օրիորդին ուղղելով խօսքն. աղջիկը վեր առաւ գլուխն… երկու սլաքներ, ո՛չ, երկու հրացայտ շանթեր պատահեցան իր մոլորեալ ակնարկին. բողոքող, սպառնացող, որոտացող ձայն մը կարծեց լսել, նենգա՜ւոր բառը կարծես ականջին զարկաւ, աչքերը մթագնեցան, խուլ բժժանքով ականջը լեցուեցաւ ու դէմքը մահատիպ թալկութիւն մը գրաւեց։ Սեդրաք իր բարկացայտ նայուածքը աղջկան վրայ սեւեռեր էր։

Սեդրա՞ք, անշուշտ իրական բան մը չէր կրնար ըլլալ ասի, այլ արհաւրալից տեսիլ մը զոր իր խռովեալ խղճմտանքը միայն արտադրած էր։ Սեդրաքի ներկայութիւնն անբացատրելի էր։ Այն վայրկենին իսկ ուր նոր ուխտով մը աւելի հին, աւելի նուիրական ուխտ մը կը դրժէր, ճիշդ այդ վայրկենին երիտասարդին նայուածքը մահատու դաշոյնի մը պէս շողացեր էր աչքին. թէ որ ապտակ մը ուտէր, յօժարակամ պատրաստ էր ներելու. այլ այս անխօս ներկայութիւնն այնչափ աւելի նախատալից թուեցաւ իրեն որչափ լռին ու իրաւացի էր։

Մարդս ամենէն աւելի անիրաւ եղած ատենը կը բարկանայ. նոյն բանը պատահեցաւ Սուրբիկին. կանացի սիրտն անյատակ ու անքննելի վիհ մ’է. ճշդիւ չէ կարելի անոր հոգւոյն վիճակն հաստատել։ Եւ սաչափն ստոյգ է որ ուրիշի մը հետ ամուսնանալ որոշելով հանդերձ՝ Սուրբիկ իր վաղեմի բարեկամը յաւիտեան կը սիրէր։ Անոր հեռացումն ու տաժանելի վիճակն իր գթութիւնը շարժեր էր, եւ սէրը տարօրինակ երեւոյթ մը կ’զգենու երբ գթութեան կը միանայ. տեսակ մը շնորհ կը դառնայ որ տուողին բարի կամեցողութեան ձգուած է. սէրը չի մոռացուիր այլ կը պահանջուի. ողորմութիւն մը չէ այլ տուրք մը։

Երիտասարդին վիճակն աղջկան մօտ աւելի պաշտպանութեան զգացում մը յառաջ բերած ու այս կերպով իր սէրը պարտականութիւն մը լինելէ դադրած էր առանց անհետանալու. միւս կողմէ իր ընտանեաց ճնշումն որ բռնութեան մօտեցած էր, իրեն խոստացուած ամուսնոյն բարձր դիրքն ու պզտիկ փառասիրութեան զգացում մը՝ ամենքը միացեր էին հեռաւոր անձի մը տրուած խոստումը մէկդի ընելու։ Բայց այս յանկարծական վերադարձն հաշուի մէջ չէր. ինչպէս ըսինք Սուրբիկ իր մանկութեան տարաբաղդ ընկերը միշտ կը սիրէր. զայն տեսնելուն յիմար փափաք մը ունեցեր էր անոր գիրկը նետուելու ու արտասուելու. բայց առանց կանխաւ իրմէ ո՛ եւ է բացատրութիւն խնդրելու՝ անոր այս յանկարծական ներկայութիւնն, հրապարակաւ զինքն ամօթահար ընելու անողոք փորձ մը ու թշնամանք մը նկատեց եւ իր բոլոր սիրոյն հակառակ՝ զինքը նուաստացնելու այս ջանքը խիստ ծանր եկաւ իրեն։ Ինքնիրեն երիտասարդին համար մեծ զոհողութիւններ ըրած ըլլալ կը կարծէր ու դիմացինն ապերախտ համարեց այս թշնամութեան ցոյցին համար ու այլեւս ամեն բարեկամութիւն վերջացած։ Յանցանքն իրը չէր եթէ գացեր էր աշխարհիս մէկ ծայրն ու անպաշտպան թողեր էր զինքն անգութ հօր մը բռնութեանց ներքեւ ու հիմա եկեր էր իբրեւ թէ համար պահանջելու իրմէն։ Զինքը սիրել խոստանալով յաւիտենական գերութեան դաշն կռած չէր ու Սեդրաք իրաւունք չ’ունէր այնչափ ատեն անտարբեր ու լուռ կենալէ վերջը ճիշդ սակի արարողութեան ժամուն սպառնալից ստուերի մը պէս երեսին զարնելու իր ընթացքը։ Նահանջել կարելի չէր այլեւս. բոլոր գիւղին մէջ ծաղր ու ծանակ ու շաղակրատ ամբոխի մ’առջեւ ամօթահար ըլլալու վախը մեռնելէ աւելի սարսափելի էր։

Ու Սեդրաք ճիշդ զինքն այս նուաստութեան մատնել եկեր էր անշուշտ։ Այս մտածումները մէկ մանրերկրորդի մէջ Սուրբիկի մտքէն անցան, ու յիմարուհին՝ ինքնիրեն եթէ ոչ պարկեշտութիւն գէթ արդարացում մը գտնել կարծեց իր վարմունքին մէջ. մանաւանդ աչքին զարկեր էր երիտասարդին ճամբորդութեան անճոռնի հագուստներն հրաւիրելոց սեւ ու անքննադատելի զգեստներուն մէջ. անոր արեւէն ու հողմէն սեւցած երեսը չը գիտեմ ի՜նչ վայրենութեան երեւոյթ մը տուեր էր անոր սովորաբար տրտում երեսին ու անմիջապէս մեծ տարբերութիւն մը նշմարեր էր երիտասարդին ու իր ամուսնոյն մէջ։

Սեդրաք իրեն համաստիճան մէկը չէր. իրմէ վար դասի մը պատկանող անձի մը կողմէն, նոյն իսկ թէ որ պաշտեցեալ մէկը լինէր այդ անձը, Սուրբիկ թշնամանքի մը հանդուրժողներէն չէր ու չի հանդուրժեց. ամբարտաւան կերպով մը վեր առնելով իր գլուխն՝ «Այո՛, Տէր Հայր, ըսաւ քահանային, հնազանդ եմ»։

Այսպիսի հանդիսաւոր վայրկեաններուն մէջ բնական եղող յուզումէ ի զատ ոչ ոք բան մը նշմարեց հարսին դէմքին վրայ. այս անդարձ որոշումը կայծակի արագութեամբ տրուել էր անոր մտքին մէջ մէկ բառով ճակատագիր մը խորտակեր էր։ Ահա այսպիսի խախուտ ու անիրաւ պատճաբանութեան մը կը յենուր այս անողոք որոշումն, որ մանկութեան ու պատանութեան ամենէն նուիրական կապերը դանակի մը պէմ մէկ հարուածով կը ջնջէր. ափսո՜ս. ու հարկ է աւելցնել որ այս աղջիկը թերեւս լաւագոյն կինն էր աշխարհին վրայ։

 

Սեդրաք իր պաշտօնատեղին չի վերադարձաւ եւ ոչ իսկ հրաժարական մը կամ լուր մը ղրկեց. ի՜նչ օգուտ այլեւս։ Այս անլուր մատնութիւնն ահարկու հարուած մ’եղաւ գլխուն որ զինքն ընդարմացոց ու ապշեցուց. իր սէրն, իր անձնուիրութիւնն, այս ուխտադրուժ աղջիկն, այս հարսանիքն, ուրիշ բան չէր կրնար լինել բայց անհաճոյ երազ մը ուսկից սթափիլ կ’ուզէր։ Ինչ որ հզօրագոյն յուզոմները չէին կարողացեր ընել այս ուժով մարդուն վրայ, մատնուած սէրը կարողացաւ ընել։ Սեդրաք ընկճեցաւ. իր սրտէն զարկեր էին զինքն. այս աղէտը խորտակեր էր իր հոգւոյն միակ զսպանակն, եւ ուղեղը չէր կրցած դիմադրել այս անակնունելի բաղխման. բժիշկները մօտալուտ խելագարութեան նշաններ նշմարեցին անոր վրայ։

 

Եէտիգուլէէն Վէլիէֆէնտի երթալու ճամբուն վրայ ամայի եւ առանձնացեալ դաշտի մը մէջ երկյարկ, փայտաշէն ու քառակուսի շէնք մը չի բարձրանար այլ կը տարածուի. հին, գրեթէ խարխուլ ու ընդարձակ յարկ մ’է որուն յաւիտենական դեղին գոյնն առածի կարգ անցած է. դիմացը կայ փոքրիկ պարտէզ մը որուն մէկ մասը բանջարեղինաց յատուկ է ու միւս մասն հասարակաց զբօսավայր մը լինելու յաւակնութիւնն ունի։ Ադրիանուպոլսոյ շոգեկառքն անոր արեւմտեան կողմը քերելով իր երկաթէ ճամբուն վրայ կը սրանայ։ Այս պատմական շէնքն Հայոց Ազգային Հիւանդանոցն է։ Ես չեմ նայիր ո՛չ անոր փլատակ սպառննացող պատերուն եւ ո՛չ աղքատիկ անկողիններուն. անոր տխոր ճակատը զարդարող ազգային անունն իմ սիրտս կը գրաւէ ու անմիջապէս կը սիրեմ այս քայքայուն շէնքը։

Օրինաւորութիւն, ճշդութիւն ու հայրական հոգածութիւն մը կը տիրեն այս ճշմարիտ ազգային հաստատութեան մէջ։ Անոր հիմնադրին նուիրական ոսկերոտիքն Մայր Եկեղեցւոյ մէջ կը հանգչին, այլ անոր ազգանուէր ոգին յաւիտեան կը հսկէ այս սփոփանաց յարկին վրայ։

Հիւանդանոցին մէջ մաս մը կայ որ ամուր պատերով բաժնուած է ու երկաթէ հաստատ ձողեր անոր պատուհանները կը զարդարեն. 40—50 հոգւոյ չափ բազմութիւն մը կ’ապրի հոն հզօր ու որոտաձայն պահապանի մը ազդած սարսափին տակ հնազանդ։ Գլուխնին պզտիկ գդակ մը, լայն ու հաստ բրդէ շապիկ մը, նոյնպէս լայն ու միեւնոյն կտաւէ տաբատ մը աս թշուառութեան զինուորներուն միօրինակ համազգեստն է։ Մեծ մասը նստած է փայտէ տախտակամածի մը վրայ ու շրջանակ մը կազմած է։ Դէմքերնին լուրջ ու խոժոռ, ակնարկնին շրջուն ու մոլորեալ, ձայներնին ցած ու հանդարտ, այս մարդիկը նորեկ այցելուին աչքին կարծես ծանր ու դժուարին խնդրոյ մը համար խորհրդակցութեան մէջ են. մաս առ մաս իրարու հետ կը խօսին, կը պատասխանեն, կը վիճին ու առանց մօտէն ականջ տալու անոնց խօսակցութեան, անկարելի է դատել այս տարաբաղդներուն վիճակը։

Յիմարներն են ասոնք։

Ահաւոր ու կարեկցութեան արժանի տեսարա՜ն։

Այս միազգեստ տարաբաղդներուն մէջ երիտասարդ մը կը նշմարուի իր զուարթ ու խնդուն երեսովն ու համակրելի ձեւերովը. արագ, գրեթէ տենդային արտասանութիւն մը ունի. հակառակելու չի գար անոր, անմիջապէս կը զայրանայ ու կ’սպառնայ. իր բաղդակիցներէն միոյն հետ կը խօսի շարունակ որ իրեն մտիկ չըներ. կը խօսի ու կարծես պատմութիւն մը կ’ընէ ու վճիռ մը կ’սպասէ անկից. ի՞նչ կը շաղակրատէ այս յիմարն. երբեմն կ’երգէ ու գիշերն անխօս լռութեան մէջ ամենքը կը ճանչնան անոր սիրած երգերուն ողբալի շեշտը։

Այս յիմարը Սեդրաքն է։

Տարուան մը չափ ամեն բժշկական խնամք անօգուտ դառնալով, ընտանիքը պարտաւորուեցաւ ազգային խնամոց յանձնել զայն։

Տիգրան ուրբաթ ու կիրակի օրերն յատկացուցած է իր բարեկամին՝ որ զինքը չի ճանչնար։

Ի զուր նոր կայծով մը բորբոքել կ’ուզէ այս մարած հրաբուխն, ու արձագանգ մը արթնցնել անոր խորայատակ սրտին մէջ. ամեն յոյս շատոնց վերջացած է ամենուն համար եւ Տիգրան միայն կը յամառի բաղդին ու գիտութեան դէմ. իր այցելութիւններն անպակաս են։ Հիվանդանոցի մարդիկներն յիմարին եղբայրը կը կարծեն այս նորատի երիտասարդն՝ որ իր հանգստութեան ու զբօսանաց ժամերը նուիրական պարտականութեամբ կը լեցնէ ու ամեն անգամ արտասուելով կը վերադառնայ։

Սեդրաքի այս մահացումը երկար չի տեւեց։ Երկինք գթաց կարծես այս թշուառին. օգոստոսի սկիզբները ծանր ժանտատենդէ մը բռնուեցաւ ու տասնեւութ օրուան մէջ հալեցաւ այս առիւծի պէս տղան. ուրբաթ երեկոյ մ’էր, օրհասական ճգնաժամն սկսաւ, վերջին պայքարը կենաց ու մահուան մէջ։ Գոգցես բաղդին անողոք հեգնութեամբ հիւանդը պահ մը սթափուեցաւ իր մահատիպ թմրութենէն. տրտում նայուածքը չորս կողմը սեւեռեց, Տիգրանը միայն տեսաւ քովը, նշան ըրաւ անոր մօտենալու եւ իր սառ կտրած շրթունքով համբուրեց երիտասարդին դալուկ ճակատը. ու քիչ մ’ատեն կամաց, խիստ կամաց ձայնով մը խօսեցաւ անոր հետ… կէս ժամ վերջը Սեդրաքի աստղը շիջեր էր։

Սեդրաքի կրօնական համոզումները կարի սահմանափակ էին քրիստոնութիւնն յարգելով հանդերձ գերագոյն էակի մը գոյութեան հաւատալէն անդին անցած չէր երբեք։ Մահուան ճգնաժամին մէջ անոր յուշաբերած վայրկենին ուզեր էին իր մոռցած պարտականութիւններն յիշեցնել ու բարեսիրտ պանդուխտ քահանայ մը յանձն առեր էր այս դժուարին պաշտօնը. Սեդրաք բացարձակ կերպով մերժեց ամեն աղերս ու խրատ։ «Ես խղճի եւ սկզբունքի տէր մարդ եմ, ըսաւ քրիստոնէութեան այս համեստ ներկայացուցչին, ու կեղծիք չեմ ընդունիր մահուան անկողնոյս մէջ»։

Քահանայն չի պնդեց, Սեդրաքի անկեղծութիւնը զինքն համոզեց ու չուզեց բռնանալ անոր խղճմտանքին վրայ. ասի այն բարի անձերէն մին էր որոնց մօտ պարզամտութիւնն ուղղութեան եւ առաքինութեան լաւագոյն առաջնորդն եղած է։ Իրմէ աւելի գիտուն կրօնաւոր մը ինքզինքը թերացած պիտի նկատէր Սեդրաքի վրայ բռնութիւն ու ճնշում չի գործածելուն. այս պանդուխտ երէցն այնպէս չի նկատեց եւ շատ կը վախնամ որ քիչ մ’աւելի խօսքով երէցն ինքն ալ չի համոզուէր Սեդրաքի գաղափարներուն։

Որոշուեցաւ ուրեմն որ գաղտնի պիտի մնար հիւանդին հաղորդութիւն չառնելն։ Քահանայն մոլեռանդ ժողովրդեան գայթակղութենէն նախամեծար համարեց այս անհրաժեշտ ստախօսութիւնը։

Բայց գիտցուիր թէ ի՞նչ կերպով այս ճգնաժամի գաղտնիքն Հիւանդանոցին մէջ տարածուեցաւ. քահանային թուլբերանութի՞ւնն էր թէ ուրիշ պատճառ մը կար որով իմացուեցաւ Սեդրաքի լուսաւորչական եկեղեցւոյ պարտականութիւնները մերժելն։

Հարազատ Լուսաւորչականներու աչքին՝ այս երիտասարդ ազատանին Պռօդ մը, Բողոքական մ’էր եւ Բողոքականէ մ’աւելի քամահրելի արարած մը չի կայ։ Կրօնական խտրութիւններն՝ ազգութեան ոգիէն աւելի ուժով կ’ազդեն մեր վրայ։ Ամենքը կը յիշեն այն ահաւոր պատմութիւնն որ բողոքական հռչակաւոր ննջեցեալի մը թաղման հանդէսին հետ կապուած է։ Հայոց պատմութեան սեւ ու տխուր մէկ երեսն է այդ մոլեռանդ անողորմութիւնն ու անկենդան դիակի մը դէմ կը մաքառէր։ Իր ազգային պարտականութեանց մէջ եղջարուի չափ սիրտ չունեցող խուժան մը իր քաջութեան փորձը գերեզմանատանց ապացուցանել կը ճգնէր։

Երեսուն տարուան միջոցէ վերջ միեւնոյն աններող գաղափարները կը տիրէին, եւ Սեդրաքի թաղումը Սամաթիայէն, Եէտիգուլէէն ու շրջակայներէն ժողված ու հաւաքած էր ստորին անկիրթ ամբոխ մը, որ հաստատ կերպով դիմադրել որոշած էր անոր Հայոց գերեզմանատան մէջ ամփոփուելուն։

Հայրենաւանդ մոլեռանդութիւն մ’էր որ անկեղծ պահուած էր ու առաջին առթիւ երեւան կ’ելնէր։ Տիգրան միայնակ էր այդ մրրկոտ բազմութեան դէմ։ Յուղարկաւորութեան հանդէսն սկսաւ անշուք ու անձայն. լքեալ ու աղքատին յուղարկաւորութիւն մ’էր. քահանայ մը, ժամկոչ մը, հինցած ու պատառուն ծածկոց ը, ասոնք միայն կրնային առ առաելն ձրի տրուիլ։ Ուրիշ բան էր, եթէ թաւիշէ, ծածկոյթի, սնտուկի մը (Այսպէս կ’անուանի եկեղեցւոյ լեզուով նոր դագաղն) եւ բազմաթիւ քահանաներու ծախքը վճարելու դիւրութիւնն ըլլար. Տիգրան ասոնց եւ ոչ մին ուզած էր. այդ ստորին խտրութիւնները զայն չէին վշտացներ եւ աւելի բարձր էր անոր ակնարկը։ Հիւանդանոցի մատրան մէջ ննջեցելոյն արարողութիւնն երկար չի տեւեց ու դագաղը ճամբայ հանեցին դէպի գերեզմանատուն…

Գայթակղեալ ամբոխը կը հետեւէր դագաղին աւելի թշնամւոյ քան թէ յուղարկաւորի մը դիրքով, ու խռովեալ տրտունջ մը՝ որ քահանային աղօթքին կ’իշխէր, որոշ կերպով կ’ըսէր։

Չե՛նք ընդունիր, չե՛նք ընդունիր, չե՛նք ընդունիր։

Դագաղը կը տանէին չորս հուժկու երիտասարդներ, Սեդրաքի այն թշուառ վիճակակիցներէն զորս ոյժի կարօտ աշխատութեանց, Հիւանդանոցի վարչութիւնն երբեմն կը գործածէ զանոնք բոլորովին անզբաղ չի թողուլ համար։ Անշուշտ լաւագոյն է այս անզգայ էակներուն յանձնել ննջեցեալ մը ի գերեզման առաջնորդելու տխուր պաշտօնը։

Նեղ ու դալարուն ճամբէ մը կը յառաջանային յամրաքայլ։ Բնութեան ամենէն աւելի զմայլելի, պայծառ օրերէն մէկն էր, արեւը կ’արձակէր իր ջերմ ու ոգեւորիչ ճառագայթներն, երկինքը խաղաղ էր ու անամպ, ծառերը տերեւներով կը ծածկուէին, նոր կեանք, նոր հոգի մը կը ծաւալէր ամեն կողմ իբրեւ դառն հեգնութիւն մ’այս մահուան տեսարանին դէմ։

Այս թաղման ընդդիմացողներու ուրիշ խումբ մը կէս ճամբան կ’սպասէր որ առաջնոյն հետ միանալով կը ջանար անլսելի ընել թաղման արարողութիւնը։ Ժամկոչն իր ձայնը քահանային աղօթից կը միացնէր արագ ու հապճէպ արտասանութեամբ, ինչպէս որ վայելուչ է աղքատին գերեզմանին, մինչդեռ խուժանը գանգատող ու բողոքող ձայնիւ կը կրկնէր շարունակ.

Չե՛նք ընդունիր, չե՛նք ընդունիր, չե՛նք ընդունիր։

Տիգրան գլխիկոր կը հետեւէր դագաղին. այս մրրկայոյզ յուղարկաւորներուն աղաղակը չէր զոր կը լսէր. քահանային սրտայոյզ աղօթքն էր՝ որու առջեւ կը խոնարհէր։ Ի՜նչ, ա՞յս է եղեր իւր մտերմին վախճանն, այդ գիտութիւնն ու այդ սիրտն այս տխուր վերջաւորութեա՞ն վիճակեալ են եղեր. ո՞վ պիտի հաւատար մի քանի տարի առաջ երբ անփոյթ ու զուարթ ապագային վրայ յանդուգն ապահովութեամբ կը խորհէին։

Բայց ամբոխին աղաղակն հետզհետէ կը բարձրանար սպառնալից շեշտով մը. գերեզմանատունն հասեր էին. պահ մը լռութիւն տիրեց. գիտցողները չը գիտցողներուն կը պատմէին այն անլուր սրբապղծութիւնը. բողոքական մը ուղղափառ Հայ գերեզմանին մէջ ընդունուի՜… Լուսաւորչականներուն գերեզմանատունը մտնելն արքայութիւն մտնելէն աւելի դժուար էր։

Ծայրայեղ միջոցներէ դիմելէ առաջ ամբոխը կը խորհրդակցէր, խռովութեան հողմը կը տարուբերէր զայն, մինչդեռ իր խոլ ու մոլեգին բողոքն շրջակայ արձագանգներէն կրկնուելով ընդարձակ հովտին մէջ կը տարածուէր։

Չե՛նք ընդունիր, չե՛նք ընդունիր, չե՛նք ընդունիր։

Ո՞վ էր եւ ի՞նչ կ’ուզէր այս յիմար ու կատաղի բազմութիւնը։ Տիգրան անոնց դարձաւ։ Իր պատանութենէն կը ճանչնար զայրացեալ խուժանի մը բոլոր ոյժն ու տկարութիւնը. ժամ էր վեջր տալու այս ամօթալից տեսարանին. դագաղը քարի վրայ կ’սպասէր, եւ քահանան անօգուտ կերպով կը բանակցէր այս անզգամներուն հետ խօսք հասկցնելու անոնց։ Ի զոր ըսաւ անոնց Քրիստոսի եւ ոչ մէկ վարդապետութեան մէջ կը տեսնուէր այս աններող մոլեռանդութիւնը, թէ երիտասարդ ննջեցեալը բողոքական մը չէր, ի զուր գերեզմանին սրբութիւնն ու մահուան նուիրականութիւնն յիշեցուց այս չափազանց կրօնասիրոթենէ մոլորեալ հոգիներուն։

Երկու հարիւր հոգւոյ չափ բազմութիւն մը կը շրջապատէր մթին փոսն՝ ու Սեդրաքի մարմինը պիտի ամփոփուէր եւ քահանյի տկար ձայնը շուտով կը կորսուէր ահաւոր ու վայրենի մռնչման տակ որ երկու հարիւր բերնէ արձակուելով, փոթորկաշունչ հողմի մը պէս կը սաւառնէր.

Չե՛նք ընդունիր, չե՛նք ընդունիր, չե՛նք ընդունիր։

Երբեք անկրթութիւնն այս աստիճան վայրենի երեւոյթ մը չէր ստացած. ափսո՜ս, միեւնոյ ու կամակոր խուժանն էր զոր ինքն այն անգամ բորբոքած ու արձակած էր ազգային իշխանութեանց դէմ, ինչպէս թնդանօթաձիգ սպան կ’արձակէ իւր հրատապ եւ աւերիչ ռումբը։ Այժմ մարդիկն իրեն դէմ կ’ելնէին այնքան կոշտ ու անգութ որքան այլոց դէմ հանած էր։

Տիգրան ցասկոտ էր բնութեամբ. ո՛չ թուոյն անհաւասարութիւնն, ո՛չ բարկալից բազմութեան զայրոյթն ու անոր անհաշուելի հետեւանքը զինքը չի կասեցուցին։ Իր բարեկամին դիակին դէմ կռուող այս մարդոց տեղի չի պիտի տար, թէ որ մեռնիլ անգամ հարկ ըլլար. արիւնը եռաց. թերեւս իր պերճախօս լեզուն յաջողէր մեղմել այն մրրիկը՝ զոր այնքան վարժ էր յարուցանել. բայց բարկութիւնն ամեն խոհեմութիւն անոր մտքէն վանեց։

Ետ քաշուեցէք, ստահա՜կներ, գոչեց անոնց, ես եմ այս ննջեցելոյն տէրը, չըլլայ որ մօտենանք անոր, ազգինն այն գերեզմանատունն ու Հայոց ազգին մէկ զաւակն է այս մեռեալն որ հոս պիտի թաղուի։

Կռուոյ հրաւէր մ’էր։

Այդ ալ բռօթէսթան մ’է, աղաղակեցին ոմանք, տփեցէ՛ք այդ անհաւատը։

Խուժանը՝ կատղած ամեհի ու բարբարոս մռնչմամբ կը պատէր երիտասարդն, որպէս փոթորկայոյզ կոհակներ կը շրջապատեն ընկղմելու մօտ նաւն. ամենէն քաջերն յառաջ տենուեցան. պահ մը վտանգն անխուսափելի եւ ահաւոր դարձաւ, մինչդեռ հեռու մնացողներ զայրագին արձագանգի մը պէս կրկնէին.

Բռօթէսթան մ’է, բռօթէսթան զարկէ՜ք։

Անզգամ մը աչերն արիւնով լեցուած ձեռքը վերցուց…

Սարսափելի հայհոյութիւններով խառն որոտման պէս ձայն մը լսուեցաւ յանկարծ. երկու մարդ ոչ նուազ չարաշուք ու ստորին երեւոյթով քան միւսներն, անհաւատալի ուժով մը այդ մարդկային պատնէշը ճեղքելով երիտասարդին քով սրացան ու պօռացին։

Մի՛ դպիք մեր էֆէնտիին։

Պահ մը վարանում տիրեց։

Կ’երեւէր թէ այս երկու մարդիկն անծանօթ չէին. բաց գլուխնին՝ թեթեւ եազմայով մը պատած, կուրծքերնին մերկ՝ զոր չի կոճկուած պզտի բաճկոնակ մը բաց կը թողուր շարունակ, ոտքերնին բոպիկ այն ծանօթ կօշիկներու մէջէն որք յատուկ անուամբ եէմէնի կը կոչուին. այս մարդիկը կը վերաբերէին այն ստորին դասուն որ պարագային համեմատ ձկնորս, նաւավար ու ջրհանակիր կ’ըլլայ եւ որ սովորաբար քիչ կամ շատ ոճրագործ է։

Պարտէին այս երկու անձինքը մեծ համբաւի մը եւ իշխանութեան տէր լինիլ (համբաւ՝ որ գովելի տեղ մը չէր կրնար ունենալ), ըստ որում ամբոխն իր յարձակման մէջ կանգ առաւ։ Յետոյ այս մարդիկն հետզհետէ հեռացուցին երիտասարդը մօտէն շրջապատողներն ու կամաց ձայնով, տարօրինակ հեզութեամբ մը՝ որոյ ներքեւ դաշոյնի հարուածի մ’սպառնալիքը դիւրութեամբ կը նշմարուէր, մի առ մի վանեցին այս սառնալից բազմութիւնն։

Ի դէպ էր անշուշտ այս անյուսալի օգնութիւնն որ յամառ երիտասարդը կը փրկէր։

Տիգրան գէշ երազէ մը սթափիլ կարծեց երբ իւր շուրջն այս երկու ազատիչները միայն տեսաւ՝ չէր ճանչեր եւ որոց իր շնորհակալութիւնն յայտնեց։

Դուք կրկին բարեգործութիւն մ’ըրիք, ըսաւ անոնց, նախ արգիլեցիք որ ննջեցեալ մը անգերեզման թողուն եւ զիս սպաննեն, երկրորդ՝ թող չի տուիք որ այդքան մարդիկ սրբապիղծ ու ոճրագործ լինին։

Ես ձկնորս Կարապետին եղբայրն եմ, ըսաւ անոնցմէ մին, դուն իմ եղբայրս մահուընէ ու բանտարկութենէ փրկեցիր առանց ստակ ու վարձք պահանջելու։ Դուն զիս չես ճանչնար, բայց մենք քեզ լաւ կը յիշենք, երբ դատարանին մէջ եղբայրս կը պաշտպանէիր ու փրկեցիր. մենք աղքատ մարդիկ ենք, ապերախտ չենք, ըսաւ խոնարհութեամբ ու հեռացաւ իր ընկերոջ հետ մինակ թողլով սգաւոր երիտասարդն իր մտերմին գերեզմանին քով։

 

Պալըքլըի գերեզմանատունը Պոլսոյ Հայոց գերեզմանատանց երէցն ու հինաւուրցն է. չի կայ մէկն որ ազգական մը յանձնած չի լինի այդ սեւ հողին. այս գերեզմանատունը սովորական բան մը չէ, այլ չարագուշակ քաղաք մը՝ որ իրեն տնանկները, պալատներն, արուարձաններն, իր յարգի ու անյարգ թաղերն, իր սովորութիւններն, աւանդութիւններն ու նախապաշարումներն ունի. երեւակայեցէք ընդարձակ դաշտ մը երբեմն կոտրած, սեւցած ու տձեւ քարերով, երբեմն հոյակապ շիրիմներով ծածկուած, ոչ իսկ մատ մը տեղ որ ոսկերոտիք գրուած չը լինին. նսեմաստուեր ու անխնամ վայրենի ծառեր որք աստ անդ կը տարածեն ոչ թէ շուք, այլ կարծես անթափանց մառախուղ մը. ո՛չ ճամբայ եւ ո՛չ ուղի առաջնորդուելու այս մեռելոց լաբիրինթոսին մէջ ուր գերեզման մը գտնել շատ անգամ դժուարին ու երբեմն անհնարին է. ու հարկ է, եթէ պէտք ունիս համբոյր մը տալու սիրեցեալ հողակոյտի մը, հարկ է դիմել գերեզմանաց պահապանին, միակ իշխանն ու միակ հպատակն այս ոսկերոտեաց աշխարհին մէջ։

Միւս թաղերու գերեզմանատուններն ո՛չ այնքան սգատխուր երեւոյթ մ’ունին. այդ նոր շիրմաստաններն հետզհետէ փոխուելու ու շտկելու վրայ են. անհարազատ զաւակնե՜ր, ուր լուսաւորութեան անուան տակ ամեն ինչ կը նորոգի, մինչդեռ անոնց ծերունի հաւը, Պալըքլըի գերեզմաննոցն, անսասան կը կենայ ու աւանդապահ անգղի մը պէս անշարժ կը հսկէ իր մեռելոց վրայ։

Սեդրաքի մարմինն այս գերեզմաննոցին մէջ թաղեցին. այնպէս փափաքէր էր օրհասական երիտասարդը. քոյր մը ունի եղեր իրմէ առաջ մեռած, անոր քով ամփոփեցին զինքը։ Տիգրան քար մը դնել տուեր էր անոր վրայ ու փոքրիկ երկաթէ վանդակ մը այս կրկին գերեզմաններուն շուրջն։

Սեդրաքը ծածկող քարին վրայ ո՛չ անուն կայ եւ ո՛չ թուական, այլ երեք բառ միայն կը կարդացուի որ մինչեւ այսօր բոլոր այցելուներուն հետաքրքրութիւնը կը շարժէ։ «Հանգիստ թողուցէք զինքը» գրուած է այս մարմարին վրայ. որո՞ւ կ’ուղղուի այս տարօրինակ պատուէրն, ո՞վ ննջեցելոյն հանգիստը կրնայ խռովել արդեօք։

Անոնք որ փափաքած են իմանալ այս անուան ննջեցելոյն գաղտնիքն, ի զուր պահապանին դիմած են տեղեկութիւն ուզելու համար. պահապանն իր հսկողութեան յանձնուած մեռելոց նման լուռ էր այս մասին։ Միայն դիտեր էին ոմանք որ սեւեր հագած մանկամարդ կին մը ամեն տարի Մայիսի առաջին կիրակի օրը պսակ մը կը բերէր այս լքեալ գերեզմանին։ Պսակ մը Պալըքլըի մէջ հազուագիւտ դէպք մ’է. հետաքրքիրները յուսոյ նշոյլ մ’առին. կինը միշտ ճշդապահ կը գտնուէր. հետեւացան անոր ու երբ օր մը սեւերով կինը գերեզմանէն կը վերադառնար, ետեւէն գացին անոր ո՛վ ըլլալն հասկնալու համար. բայց տեսան որ տան երկձի կառք մը իր վարագոյրներն իջեցուցած սրարշաւ կը տանէր սգաւոր այցելուհին. այն ատեն դարձան գերեզմանին քով գոնէ պսակին ձեւէն, ծաղիկներուն կապելուն ճաշակէն ո՛ւսկից գալը գուշակելու համար։ Պսակը ճերմակ քամելիաներով շինուած էր, որուն վրայ կապոյտ մանիշակներով կազմուած «ԶՂՋՈՒՄ» բառը կը կարդացուէր։