Միջերկրականի յիշատակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Դ. - ՔԱՐԻՍԹՈՅԻ ԾՈՑԻՆ ՄԷՋ
       Քարիսթոյի ծո՞ցը։ Աշխարհագրութեան մէջ, ատենօք, մրցանակ առած եմ կարծեմ. բայց ո՛րչափ կը պրպտեմ մտքիս խորը՝ նեղուցներու, ծոցերու, հրուանդաններու շարքին մէջ զոր թութակօրէն խառն ի խուռնի գոց կ’ընէ աշխարհագրութեան ամէն խղճամիտ ուսանող՝ այդ անուններուն արտակարգ հնչականութեան շնորհիւ, չեմ գտներ այդ անունը։
       Փոթորիկը չորս օրէ ի վեր հալածական կը վարէր զմեզ, հետզհետէ սաստկանալով. յարատեւ ոստոստում մը՝ ալիքներու կատարէն ի կատար։ Ոտքերուդ տակ անհաստատ ու երերական յատակին այս անդուլ վերելքն ու վայրէջքը՝ ցերեկին կը ջլատէ զքեզ, խոնջէնք մը որ նիւթական յոգնութենէ ալ աւելի կը թուլցնէ, կը քրքրէ։ Գիշերն է սակայն որ ստորնայարկի նեղ խցիկներուն մէջ, կալանաւորի մը պէս բանտարկուած, այդ յոգնութիւնը՝ չարավաստակութիւն մը կը դառնայ ու սրտի ճնշումի կը փոխուի։ Լուծքին տախտակամածներուն չարաշուք ճարճատիւնը, որուն կը միանայ ղէկը դարձնող շղթային կրկռոցը, աչքերդ բաց պահել կու տայ խաւարին մէջ, սպասելով մօտ ու հեռու բանի մը զոր չի պիտի ուզես որոշել երբեք եւ որ մտքիդ մէջն է յարաժամ։
       Չորրորդ գիշերը սակայն, այդ անորոշ մտածումներն սկսան կամաց կամաց կերպարանք առնուլ, հաստատ ու անողոքելի ճշմարտութեան մը պէս որ կրնայ վայրկեանէ վայրկեան գալ առջիդ տնկուիլ։ Փոթորիկը՝ կաղինի մը կեղեւին պէս կը խաղցնէ մեր շոգենաւը։ Անկողնին վրայ երկնցած, շոգենաւին հետ կը բարձրանաս, առանց կարենալու հաշուել թէ մինչեւ ո՛ւր. այդ բարձրութեան վրայ կեցած պահդ՝ ամբողջ դադար մը կը թուի քեզ որ ա՛լ վերսկսում մը չպիտի ունենայ. ու ահա յանկարծ անկումը կը սկսի, գահավէ՜ժ, անդնդախոր, թաւալական, այն անկումներու պէս զոր երբեմն մարդ կ’ունենայ իր երազներուն մէջ, շնչասպառ սրտահատնումով մը, անկում մը որ ա՛լ անկանգնելի կը թուի, իր հետ բերելով չես գիտեր ի՛նչ հանգստութիւն մը, զգայարանքներու ամբողջ անբարոյացում մը, վատութիւն մը, դասալքութիւն մը. ա՛լ վերստին կռուի չսկսելու, ա՛լ նորէն պատրանքներու եւ յուսախաբութեանց չենթարկուելու ներքին մեղկ գոհունակութիւն մը, գոհունակութիւնը վիրաւոր եղնիկին որ արագ արագ փախչելէ ու որսորդէն ու շուներէն անգամ մը ազատելէ յետոյ՝ գետին կ’իյնայ, գոնէ հանգիստ մեռնելու համար։
       Մտքին կատարած աշխատութիւնը՝ սոսկալի է այդ պահուն։ Դատողութեան ամբողջ տարբաղադրութիւն մը, ու անոր տեղ ցնորական պատկերներ, հեռաւոր ու մոռցուած տեսիլներու վերակենդանացում մը, աննշան ու չնչին իրականութիւններ որոնց վերյուշութիւնը՝ ուրիշ ատեն՝ ծիծաղելի պիտի թուէր, ու երկիւղով մը, ցաւով մը, տիրապետութիւնն անուշ ու գողտրիկ կապերու զոր ընդփոյթ կը վանես ու նորէն կը դառնայ կուգայ, սիրտդ ուռեցնելով խանդաղատանքով մը։ Աչքը, անքթիթ, մութին մէջ սեւեռած, մագնիսացած, խենդ անուրջներով կը լեցնէ խաւարը, ու այդ սարսափի տպաւորութեան տակ ընկճուած՝ քունն իսկ, որ հուսկ ապա կուգայ իր իրաւունքները ի գործ դնել չարատանջ մտքիդ ու մարմնիդ վրայ, արթնութիւն մըն է նորէն, ուղեղին սպառիչ գործունէութիւնն որ անխափան կը շարունակուի։
       * * *
       Առտուն երբ կ’ելլեմ, ծանր գլխով, կը տեսնեմ որ շոգենաւը կեցած է։ Վեր կը վազեմ։ Առաջին բանը որ աչքիս կը հանդիպի, ցամաքն է, մօտ, մէկ քանի քարընկէց հեռու։ Ո՞ւր ենք, ինչո՞ւ կեցեր ենք։ Երրորդ նաւապետը կը պտըտի նաւին կամուրջին վրայ. անոր կը հարցնեմ։
       - Քարիսթոյի ծոցն ենք, կ’ըսէ։ Ա՜հ, սոսկալի գիշեր մը անցուցինք։
       Ու հայհոյութիւն մը կ’արձակէ։
       Քարիսթոյի ծո՞ցը, չեմ գիտեր։ Կը հարցնեմ նաւապետին։
       - Նեկրոբոնդէ կղզիին ծայրն ենք։
       Շրջապատկերը վայրենավսեմ բան մը ունի։ Ծովածոցը անթերի բոլորակ մը կը ձեւացնէ, կարծես կարկինով գծուած խնամոտ չափագէտի մը ձեռքով։ Լերկ լեռներ են որ շիպշիտակ ծովուն մէջ կ’իջնեն, մոխրագոյն մակերեւոյթով. քիչ մը անդին տափարակի մը վրայ սեւ կանաչ ծառերու թաւուտներ իրենց մէջ կը պարփակեն մէկ քանի սպիտակ տնակներ։ Խորը, գիւղ մը կը տարածուի, քարուկիր մաքուր շէնքերով։ Ամբողջութեան վրայ մեռելութեան քօղ մը թողուած է։ Օ՛հ, չէ, ցրտացնող բան մը ունի բնութեան այս ամլութիւնը, այս անկարողութիւնը։
       Փոթորիկն իր կատաղութեանը ամբողջ լրութեան մէջ է։ Այդտեղ իսկ, ուր շոգենաւը ապաստանած է, հովը՝ ամեհի ուժգնութեամբ՝ կուգայ պատռտել ծովը, ալիքներու երկար ու լայն շերտերով որք բուրգի մը շեղ մակերեւոյթին պէս կը բարձրանան, քիչ մը վերջը ցածնալով ու աւելի հեռուն նորէն բարձրանալով։ Մութ կանաչութիւն մը տարածուած է ջուրին վրայ ուր ճերմակ փրփուրները կը գալարին օձակերպիկ։ Շոգենաւը, իր երկու խարիսխներուն կապուած, գերբնական ոյժեր կը թափէ՝ ալիքներուն մղումին ներքեւ՝ ազատելու իր կապանքներէն, ու իր անկարող կատաղութեանը մէջ կը հեծէ, կը մռնչէ, ինք իր վրայ կը դառնայ, ասդին անդին, գառագեղի մէջ բանտարկուած առիւծի պէս։ Ծովեզերքը՝ զարնող ու փշրուող կոհակներուն տակ կը ճերմկի. հովը կը տարուբերէ կոհակներէն յառաջ եկող փրփուրը եւ նորօրինակ օդերեւոյթ մը ի յայտ կը բերէ, - գոլորշիի պէս ջուրին վերեւ թռչկոտող կայլակներու ծածկոյթ մը, մառախուղի հանգունատիպ։
       Ծովուն բացը, հեռուն, բոլորովին ճերմակ է։ Հոն ա՛լ կատարեալ անիշխանութիւն է, կամ մանաւանդ զահանդական իշխանութիւնն Արհաւիրքին, բնութեան ամէնէն խուլ ու ահռելի ոյժերուն շղթայազերծութիւնն, երկնքին ու երկրին պակուցիչ զուգաւորումը բիրտ ու վեհապանծ։
       Սեւ կէտ մը կ’որոշուի միայն, տարտամ ու անորոշ։ Երրորդ նաւապետը միշտ կը պտըտի այնտեղ. բարձրահասակ աղուոր տղայ մը, խարտեաշ, ազնուական կերպարանքով։ Մարսիլիացի մեծահարուստ նաւայարդարի մը որդին է, ատենօք Գանըպիէռի սրճարաններուն ամէնէն փայլուն ու առատաձեռն կենցաղասէրներէն մին, զոր կարգի բերելու համար՝ հայրն ուրիշ միջոց գտած չէ բայց եթէ երրորդ նաւապետի զգաստացուցիչ պաշտօն մը յանձնել իրեն։ Նաւային բարձրագոյն վարժարանէ մը ելած է, ու առաջին նաւապետին դաս տալու չափ գիտէ բոլոր ծովային գիտութիւնները։
       - Ի՞նչ է հորիզոնին վրայ սա սեւ կէտը։
       - Օ՜հ, խեղճ առագաստանաւ մը։ Գիշերուընէ ի վեր կը մաքառի ալիքներուն դէմ, ծովածոցը մտնելու համար։ Չպիտի յաջողի։
       Ու երիտասարդ գիտունի մը պարծենկոտութեամբ կը բացատրէ ինձ հովին ուղղութիւնը, առագաստներուն վրայ յառաջ բերելիք ազդեցութիւնը, չափագիտական մասնաւոր բառերով։ Միտքս ուրիշ տեղ է սակայն, խեղճ առագաստանաւին վրայ։ Քսանեւչորս ժամէ ի վե՜ր. ի՜նչ տանջանք, անձրեւին տակ, հովին դիմաց, չուաններու պլլուած, գերմարդկային ճիգերով աշխատիլ, այնչափ մօտ ըլլալ փրկութեան նաւահանգստին ու չի կարենալ հոն հասնիլ, ու վտանգն իր դէմն ունենալ, վերահաս, անխուսափելի։ Ու անխորհրդաբար, կը հարցնեմ նաւապետին.
       - Կարելի չէ՞ օգնութեան հասնիլ իրեն, եթէ վտանգի մէջ ըլլա՜յ…
       - Օ՜հ, ասանկ ատեն, ամէն մարդ իր գլխուն ճարը կը նայի։
       * * *
       Նախաճաշին, սեղանին վրայ, գիշերուան փոթորիկն է խօսակցութեան միակ նիւթը։ Սեղանակիցներս ամէնքն ալ Ֆրանսացիներ են։ Էբէռնէէն ծերունի էրիկ-կնիկ մը իրենց թոռան հետ։ Իրենց աղջիկն ամուսնացուցած են երիտասարդի մը որ ի Քութայիս՝ Օլտէնպուրկի դքսին կալուածներուն մէջ գինեշինութեամբ կը պարապի, եւ անոր մօտ կ’երթան իրենց վերջին օրերուն հանգիստը վայելելու։ Ծերունին հացագործ եղած է, ու առտու իրիկուն ուրիշ նիւթ չունի բայց եթէ շոգենաւին հացէն գանգատիլ. երբոր ինք Էբէռնէ էր… կերա՞ծ էք ճերմակ պզտիկ հացերը…։ Կինը իր շրթանցը վրայ ունի միշտ Էբէռնէի համբաւաւոր շամբանեայի գործարանատէրին, Պ. Միւռսիէի անունը։ Պ. Միւռսիէի նկուղներուն մէջ տակառները այսչափ են… շիշերը այսչափ… ու ամէն խօսքին վերջը, յանկերգի մը պէս, ah! oui, ah! oui, իր թոմթռկած դէմքին գիծերը ա՛լ աւելի կը ճմրթկէ։
       Սեղանին իշխանուհին է Բարիզցի կին մը, սեւեր հագած, տարիէ մը ի վեր այրի, միջահասակ սիրուն վառվռուն կին մը՝ ածուխի պէս փայլուն աչքերով։ Բարիզէն Պոլիս կուգայ իր երկու պզտիկ աղջիկներուն հետ. ամուսինը առած իր հետ տարած է՝ գերեզմանին մէջ՝ իր նիւթական բոլոր կարողութիւնը, եւ խեղճ այրին կուգայ Պոլիս իր մէկ ունեւոր ազգականին մօտ։ Իր երկու պզտիկ աղջիկները մէկ մէկ հրեշտակ պիտի անուանէի, եթէ հրեշտակի վրայ որոշ գաղափար ունենայի։ Առջի օրերը ծովախտէն հիւանդ, հետզհետէ վարժուելով ծովուն տանջանքին, հիմակ բոլորովին իրենք զիրենք գտածեն այս յարաբերական հանգստութեան մէջ, ու թռչուններու պէս կը ճռուողեն, խաղալով, ցատքելով, պոռալով, երգելով Բարիզի երգեր որք դեռ առջի շաբթուն ականջներս կը լեցնէին պուլվարներուն վրայ եւ սրճարաններուն մէջ։ Պզտիկը մանաւանդ, սատանիկի մը հրապոյրով, դուլ ու դադրում չունի։ Ի Բարիզ նուէր ստացած է գունաւոր պատկերներու գիրք մը ուր Առլըքէնի, Բոլիշինէլի, Բըդի Բուսէի, Սանտրիյեոնի միամիտ ու այլանդակ պատմութիւններ կան, անառակ տղաքները գողցող եւ ուտող Մարդակերներու, չարաճճի աղջիկները փախցնող Չար Ոգիներու հէքեաթներ։ Առաւօտէն մինչեւ իրիկուն երգ մը ունի միշտ բերանը, երգը Սիրուն Թմբկահարին որ իշխանի մը աղջիկը կ’ուզէ կնութեան ու կը մերժուի։ Գիրքը առջեւը դրած, հարիւրերորդ անգամն ըլլալով կ’եղանակէ այդ երգը, որ դեռ մինչեւ այսօր շրթունքներուս տակ կուգայ երբեմն։
       Ուրիշ շոգենաւեր հետզհետէ կուգան մեզի պէս ապաստանիլ ծովախորշին մէջ։ Ամէն անգամ որ պզտիկներն իրենց սուր աչքերով հորիզոնին վրայ կը տեսնեն նաւ մը որ դէպի մեզ կուգայ, կը վազեն մեզ իմացնել, ուրախութեան ծափերով։ Մինչեւ իրիկուն վեց եօթը շոգենաւ կը հասնին, անձրեւի բռնուած մարդերու պէս որոնք պատշգամի մը տակ կ’ապաստանին՝ սպասելով ամպրոպին անցնելուն։ Հէգ առագաստանաւը միայն հորիզոնին վրայ միշտ միեւնոյն տեղն է, մահուան ու կեանքի միջեւ տարուբեր։
       * * *
       Գիշերը եկած է դուրսի համայնապատկերին տալու իր անհրաժեշտ շրջանակը, խաւարը։ Ծոցին խորը պզտիկ լոյսեր գիւղին տեղը կ’որոշեն, մինչ միւս շոգենաւերուն կարմիր ու կանաչ լոյսերը երկնքէն կախուած լապտերներու ազդեցութիւնը կը թողուն վրաս։ Հովը ու անձրեւը իրենց սաստկութեան գագաթնակէտին հասած են ալ դուրսը։ Սեղանատան մէջ փակուած ենք ու կը խօսակցինք։ Ձեղունէն կախուած լամպարը որրոցի մը պէս կը տատանի, դիմացի հայելիներուն մէջ յանհունս կրկնապատկելով իր ցոլքին դողդոջումները։ Այն իրիկունը երկրորդ նաւապետը եկած է մեզ հետ ընթրելու։ Նիհար բարեձեւ երիտասարդ մըն է, անուշ աչքերով, բարձրահասակ։ Սիրահարի մը դէմքն ունի. իրօք նշանուած է ի Մարսիլիա։
       Սեղանին կը նախագահէ, Բարիզուհիին աջ կողմը։ Զուարթ ու հաճելի ընթրիք մը, առատ գինիներով, որ սիրուն այրիին այտերը կը կարմրցնէ։ “Ֆին շամբանեը” կու գայ աւելցնել հեշտ թմրութիւնը որով համակուած ենք ամէնքս, թմրութիւնը դուրսի փոթորկին, ներսի տաքութեան եւ ըմպելիներուն։ Նաւապետը Մարսիլիացիի մը զուարճաբանութիւններով ծիծաղը անպակաս կ’ընէ սեղանին վրայէն։ Ու փոթորկին ունենալիք ահռելի հետեւութեանցը վրայ կը խօսի. ո՜վ գիտէ, թերեւս ստիպուած պիտի ըլլանք օրերով ու շաբաթներով այնտեղ մնալու. ծովեզերքի բնակիչներէն ալ վախնալու է, ամբողջ ծովահէններ են այդ կողմի մարդիկը, որք յարմար առիթի մը կը սպասեն միշտ իրենց հին արհեստը ի գործ դնելու։ Ու ամէն անգամուն, Բարիզուհին երկիւղի ու սարսափի ճիչեր կ’արձակէ, ընդոստ շարժումներով։ Օ՜հ, շատ լաւ գիտեմ, իր աչքերուն մէջ երկիւղի հետքն անգամ չի կայ. բայց ի՜նչ սիրուն, ի՜նչ կանացի է վախկոտ երեւնալ, զօրաւոր թեւի մը, ուժեղ պաշտպանութեան մը ներքեւ մտնելու բնազդական դրդումով։
       Նաւապետն հիմա կը պատմէ մեզ իր յիշատակներէն հատուածներ, իր Ափրիկէի ուղեւորութեանց նկարագրութիւնը, հրատապ երկիրներու մէջ, աւազուտ դաշտերու մէջէ։ Սենեկալի վատառողջ գետաբերանները, Կամպոնի տոչորող երկինքը, Մարոքի սպիտակահանդերձ Արաբները, անկոխ ու անլոյս անտառները, Ափրիկեան խորհրդաւոր երկրին բոլոր հետաքրքրական կողմերը՝ մեր աչքերուն առջեւէն կ’անցնին որպէս մոգական լապտերի մը մէջէ։
       Բարիզուհին կը դիտեմ, կարմրած, ոգեւորուած։ Ըմպելիները գրգռած են իր ջիղերը, չորս օրուան անդուլ փոթորիկէն արդէն իսկ անհանդարտ։ Նաւապետին շրթունքէն կախուած, մտիկ կ’ընէ անոր խօսքերուն։ Երիտասարդն անցած է հիմա սեւամորթներու բարքերուն նկարագրութեանը. խեղճ ու կրակ կեանք մը, ոչինչով սնանելով, բոլորովին մերկ, այրերն ու կիները։
       - Ա՜հ, կը հառաչէ այդ պահուն այրին, նորէ՛ն, նորէ՛ն երջանիկ են։
       (“Հայրենիք”, 26 Յունուար 1892).