Գրական նիշեր ու նկարներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳՈՂԹԱՆ ԵՐԳԵՐ
ՄԱՅԻՍ (ՄԻՆՆԷՄՕՆԱԹ) [1]

Եկաւ հասաւ Մայիս` իմ ծննդեան ամիս, եկաւ հասաւ սիրամիս Մայիս։ Երկին եւ երկիր պիտի զգենուն կարմիր. կարմիր ամպեր մեր գլխուն վերեւ, կարմիր այտեր մեր շրթներու ներքե՜ւ։ Ո՜հ, քանի՜ գեղեցիկ է Մայիս. ո՜հ, քանի՜ գեղածաղիկ է Մայիս. ոչ միայն կարմրութիւն, այլեւ ներդաշնակութիւն, ոչ միայն ներդաշնակութիւն, այլեւ անուշահոտութիւն ունի Մայիս։ Թռչունք կը վազեն երգելով, երգելով կը վազեն մանկունք, առուք կը վազեն երգելով, երգելով կը վազեն թռչունք, եւ վաղ եւ խաղ կ՚ընթանան միասին. եւ միասին կ՚ընթանան թոյր եւ բոյր եւ կուսանք եւ երիտասարդք կ՚ընթանան միասին։ Ի՜նչ խնդաւէտ, ի՜նչ խնկաւէտ է Մայիս։ Ի՜նչ սիրաւէտ է, ի՜նչ կենդանաւէտ է Մայիս սիրամիս։

Մայիս է հաւասարութեան ամիս. ամիս է միութեան եւ հաւասարութեան Մայիս. հաւասարութիւն ընդմէջ բնութեան եւ մարդկութեան կը տիրէ. կը տիրէ մանկութեան եւ մարդկութեան ընդմէջ անխտիր հաւասարութիւն։ Ժպիտն է լուսոյն մէջ, եւ բուսոյն վրայ է ժպիտն. ժպիտն է ծաղկափթիթ մանկանց եւ ծանրաքայլ ծերունեաց երեսին վրայ. բոցայտ կուսանաց եւ բոցեռանդ երիտասարդաց երեսին վրայ է ժպիտն։ Ամենեքեան` նիւթք եւ կենդանիք, ամենեքեան` հոգիք եւ մարմինք, ամենեքեան` երկիր ու երկինք, են հաւասար Ժպիտին առջեւ, են հասաւար Մայիսին առջեւ։

Կը տեսնէ՞ք, ահա, Թրքուհիք եւ Հայուհիք. կը տեսնէ՞ք, ահա, դաշտածին Հայուհիք եւ ծովածին Անկլուհիք. նոքա հաւասարապէս կը ժպտին իրենց աղուագոյն ժպիտով, նոքա կը փայլին հաւասարապէս արտաքին եւ ներքին ցոլացումներով։ Արեւն, որ կը լուսաւորէ զայնս, է մի, սէրն, որ կ՚ոգեւորէ զայնս, է մի. նոքա ծնունդք են մի նախամօր եւ մի նախահօր, Եւաին կամ հողին…։ Այլ միթէ նոքա հաւասա՞ր են իմ սրտի համար, եթէ նոքա հաւասար են իմ աչքի համար։ Ո՜հ, ո՛չ երբեք. իմ սրտի նախընտրեալն եւ իմ հոգւոյ պաշտեցեալն, իմ էութեան եւ իմ կենակցութեան կոչեցեալն է` ՀԱՅՈՒՀԻ՜Ն…։

(Մասիս, 30 ապրիլ 1882)



[1] Հին գերմաներէնի մէջ կը նշանակէ «Սիրոյ ամիս»։