Գրական նիշեր ու նկարներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՅ ԳՐԱԳԷՏՔ

«Մասիս»ի մէջ կարդացի պատուական Մարկոս Աղաբէկեանին գանգատները հայ ազգին դէմ, որ երեսէ կը ձգէ կամ ետեւնուն կ՚իյնայ կը հալածէ Հայութեան բարւոյն աշխատող անձերը` ազգային պաշտօնեաները, դասատուները, գրագէտները։

***

Կեանքն այս գրագէտ բառին վրայ, որուն նշանակութիւնն այնքան մեծ է, որ երկիրն ամբողջ կը պարունակէ, որ երկինքն անսահման կը բովանդակէ։ Կենանք ու նայինք ո՛վ է. նայինք ի՛նչ է գրագէտը. ի՛նչ իր ծագումն ու ի՛նչ իր կոչումը. ծնունդն ինչպէ՛ս կ՚ըլլայ եւ ի՛նչպէս կ՚ըլլայ գրագիտին վախճանը։ Համեստ արհեստաւոր մը կայ. նայուածքն ու խնամքն այդ արհեստաւորին մի միայն իր տան ու իր գործատան վրայ կ՚ամփոփուին. կ՚աշխատի ու իր վարձքը կ՚ընդունի։ Կայսեր տուրքն ու Աստուծոյ տուրքը կու տայ մեքենաբար ու հաւասարաբար. եթէ տառապանք կը կրէ մերթ, հալածանք չը կրեր երբեք. իր աշխատանաց երեկոյք կը քաղցրանան ամուսնոյն ու մանկանց ճռուողիւններով, եւ իր կենաց երեկոյն կը քաղցրանայ կողակցին ու դստերց եւ ուստերց հոգատար ու հեշտաբոյր ներկայութիւնով։ Իր որդեկաց այն խարտեաշ գլուխներուն, որոնց վրայ թիթեռնիկներ ու ծաղիկներ, աստղունք ու թռչունք կը սաւառնին ու կը փողփողին, այն գգուելի գլուխներուն մէջ մէկ մը կայ, որ երբ հօրը դարձնէ աչքերը, կը յուզուի միշտ հայրը, ու երբ մօրն ուղղէ նայուածքը, կը ժպտի միշտ մայրը. ու հայր ու մայր չը գիտեմ` ի՛նչ անբացատրելի բան մը կը զգան` որպէս զգացին մարդիկ, որ գերաբուն էակներ տեսան։ Այդ տղան ստէպ կ՚երթայ պատուհանին մօտ, ու ընտանեկան երթիքէն հեռի` իր անյագ ու անվախճան նայուածքը կը տարածուի. հորիզոններ իր աչքին կը պարզուին, որոնք իր ծնողաց աչքերուն երեւցած չէին. յեղակարծ տրտմութիւններ ու բերկրութիւններ կը զգայ նա փոփոխակի, զորս ունեցած չէին իր հայրն ու մայրն ի յերկրի. հօրը գործարանէն անդին` կը տեսնէ անհուն գործատունն աշխարհին, ուր յեղափոխութիւնք ու նորանոր հաստատութիւնք կը դարբնին. հայրենի տունէն անդին` կ՚ընդնշմարէ տունը կիսակործան ազգին, որուն վրայ օտարք ցանկութեամբ ու Հայք ցրտութեամբ կը նային. ու մեծ պարտքեր իր վրայ կը դնէ, որոնց վրայ ծնողքն իրեն խօսած չէին. ու կ՚իմանայ, թէ մեծ իրաւունքներ ունի Հայու զաւակն, ու դարաւոր իրաւունքներ ունի Հայու ազգն, որոնք մէկիկ-մէկիկ Հայոցմէ կը կապտուին։ Եւ սքանչելի տղան ուխտ կը դնէ, որ, իր հօրը տունն իր եղբայրներուն ու քոյրերուն թողլով, այն կիսակործան մեծ տան` ազգային նուիրական տան վերաշինութեան, անդունդին բերանն հասած Հայութեան վերածնութեան համար ամէն բան ընէ, Հռեկուլոսի նման խաչն ելնէ, թէ որ հարկ ըլլայ. Կուրտիոսի նման ինքզինքն անդունդը նետէ, միայն թէ իր ազգն ազատի մտաւոր ստրկութենէ։ «Ես իմ պատանեկան հասակէս, մտքումս էի դրած ազգին պիտանացու մի մարդ դառնալու-, կը գրէ Մարկոս Աղաբէկեան-, եւ այդ մասին, - կը յարէ, - ամէն ձեռքէս եկածն արած եմ պատրաստուելու համար»։

Այսպէս իր բարձր կոչման հետեւելով, իր սուրբ ուխտին հաւատարիմ մնալով` կոչեցեալ էակը կը պատրաստուի` ամէն տեսակ զոհողութիւններ ընելով։ Կը գործէ ցերեկը` մատենագրելով ու քարոզելով ու դասախօսելով. կը հսկէ գիշերը` խորհելով ու երազելով, ազգին համար վարդագոյն ապագայ մ՚երազելով։ Աչքերը կը տկարանան տժգոյն թերթերու վրայ նայելով. քանի լոյսն աճի մտքին մէջ, այնքան լոյսը կը մարի աչքին մէջ. կը տկարանայ մարմինը տքնութեամբ ու տարապայման աշխատութեամբ` դիւցազունի մը գործ կատարելով ու թռչունի մը սնունդն հազիւ առնելով։ Ու կը խորհի մերթ ընդ մերթ. երբ շուրջը կը նայի ու հին օրերուն յիշատակը սրտին մէջ կը նորոգի, երբ կը կարծէ տեսնել իր հայրիկ կամ անոր ձայնը լսել քաղցրիկ, այն ատեն կը խորհի, թէ հայրիկն այն տարիքին մէջ, ուր ինք կը գտնուի, կը ճարէր իր ապրուստն, իր ու ընտանեաց ապրուստն անտաղտուկ աշխատանօք կը հայթայթէր` առանց տքնելու գիշերը, առանց տառապելու ցերեկը. կը խորհի, թէ իր հայրը` դեռ երիտասարդ, քանի մը զաւակաց տէր ու տունի տէր, ու գործարանի տէր եղած էր. ու զինքը` վառվռուն պատանեկիկ, մայրիկովն ու եղբայրներովն հանդերձ, ամէն կիրակի զբօսանքի կը տանէր, ու շաքար կ՚առնէր, ու քաղցրաւենին ալ սեղանին վրայ մերթ կը բուրէր ու կը կարմրագունէր…։ Հիմակ` ինքը կորաքամակ արդէն, թէեւ անզաւակ տակաւին, զրկուած զբօսանքէ, զրկուած սփոփանքէ, իր բոլորտիքը սփռելով գրած թերթերը, երբ հովն ալ անդին կը թափթփէ ծառոց անգիր թերթերը. տօ՛ն օրերը, թէ հասարակ օրերը գլխահակ իր գրասեղանին վրայ, երբ իր համատիք երիտասարդք ու երիտասարդուհիք թեւ ի թեւ կը շրջին, կառքով ու շոգեկառքով ու եօթով կը շրջագային. կոհակէ կոհակ, պուրակէ պուրակ, վայելքէ վայելք կը թռչին. կը բաշխեն արծաթ, որով իրենց գրպանը լցուած է, ու փոխարեն արծաթին` իրենց ոտից ներքեւ ծաղկեփունջեր կը սփռուին, որոնց վրայէն կը քայլեն բերկրագին` արբենալով բոյրերով ու երանութիւնով անգին։ Այն պահուն ի՞նչ կ՚ընէ ինքը` գրագէտը, ազգին երախտաւորը, «այն կէս մարմնով եւ անհամար հոգիներով» էակը, որուն անուրանալի ծառայութիւնները կը պտղաբերէին ամէն օր` թէպէտ օ՛ր մ՚ալ վարձատրութիւն չընդունին, որուն եռանդուն դասախօսութիւններով կը պատրաստուի նոր սերունդն ազգին. որուն ոգելից ու իմաստալից գրութիւնները ծիծաղներով կ՚ընդունուին. ա՛յն գրութիւնները, զորոնք արհամարհանքով կարդացողները կը լուսաւորուին օրէ օր` կարծելով, որ ինքնիրեն այդ բարեփոխութիւնը կը կատարուի իրենց անձին վրայ, հէ՜գ գրագէտը, կ՚ըսեմ, ի՞նչ կ՚ընէ, երբ իր հասակակիցները, իշխաններուն, սեղանաւորներուն, վաճառականներուն զաւակները, քսակնին ոսկւով ու սրտերնին ուրախութիւնով լի, կը պտտին ծիածաններու տակ ու ծաղիկներու վրայ։ Հէ՜գ գրագէտն. ո՞ւր կը շրջի. ո՞ւր կը նայի հէգ գրագէտն։ Աչացն առջեւ պատկեր մը կայ, ու աւերակնե՛ր այն պատկերին վրայ. աւերակներուն կը նայի խանդաղատութեամբ, ու սեւը կը լեցնէ իր տեսութիւնը, սեւը, որ կը լեցնէ եւ իր էութիւնը։ Խորազգած աղքատ հայ գրագէտը կը նայի այն աւերակաց վրան, որոց ամբողջութիւնը հայրենիք կը կոչուի. այն սեւերուն վրայ կը նայի, որոնց ամբողջը կեանք կը կոչուի հէ՜գ Հայ գրագիտին համար։ Ու կ՚արտասուէ հայրենի աշխարհին վրայ, Հայ ազգին նսեհին վրայ առատ-առատ կ՚արտասուէ. մեծամասն Հայութեան սառն անտարբերութեան վրայ դառն արտասուք կը թափէ…

***

Գրական շարժում մակագրեցի յօդուածս. չէ՞ր անկ միթէ Գրական դադարում անուանել յօդուածս…։ Ո՞չ, ո՜չ. համբերութի՜ւն, գրագէտք, եղբայրակիցք իմ։ Զի հեռի չէ ժամանակն, ուր թագ պիտի դրուի գրագիտին գլխուն վրայ։ Եւ գիտութեան պսակելոյն առջեւ պիտի խոնարհին ժողովուրդք ու ժողովրդապետք։

(Մասիս, 5 Սեպտեմբեր 1881)