Դիւցազնօրէն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Այնքա՜ն արշալոյսներ կան, որ տակաւին չեն ծագած…
Ռիկ—Վետա


ՅՈՅՍԻՆ ՃԱՄԲԱՆ


Ու անոնք, հսկայաձեւ ռահվիրաները մարմարեղէն Յոյսին,
Ըմբոստացումներու ապառաժներէն իրենց ճակատներն արիւնած,
Բայց աչուըներէն անասելի արհաւիրք մը արձակելով
Ու իրենց փշրող ակռաներուն տակ հրաշէկ դաշոյններ տրորելէն՝
Աւերակներու քառուղիի մը վրայ, այս իրիկուն,
Տժգունութեանս հետ երես երեսի, ինծի ըսին.

«Ո՜վ դուն, որ քու մատուըներովդ աչուըներդ փորեր՝
Այս ընդվզումի ու խօլ երիվարումներու պահուն
Վճռական փոթորկումներուն անտարբեր՝
Այսպէս շրթունքներըդ դէպի Ցաւը կարկառած՝
Ու բազուկներդ, պաղատանքի մէջ, յոգնածօրէն դէպի վեր,
Առաւօտէ առաւօտ ու իրիկուընէ իրիկուն,
Անշա՜րժ, մեզի համար զոհուածներուն վրայ, եղբօր մը պէս, բայց վայրապար՝
Քու վէրք դարձած նայուածքներուդ բոլոր արիւնը տուիր…

Օ՜, նախ քու փորուած բիբերդ անհուն,
Մեր պաշտամունքի ջահերուն դարձո՛ւր
Ու մտածումովդ մեզի ունկնդրէ՛,
Գիտենք որ դուն երազող մըն ես ու այլուրներէն սթափեցար,
Ոգեվարներու աղերսող հռնդիւններէն հրաւիրուած
Ու իրենց քարուքանդ մարմիններուն գալարանքէն սարսափահար,
Անոնց վրայ քու երգերուդ եղերական հանգիստին հետ
Ձեռուըներուդ հանգչեցնող անդորրությունը տարածելու…

Բայց նուիրական Ցաւը ինքն իր մէջը ձգէ՛,
Ո՛վ դուն, ողջակիզումներու ուխտուած սպիտա՜կ տղայ,
Երբեք պէտք չէ խաղաղութիւնը խռովել ինկածներուն,
Եթէ նոյնիսկ նայուածքներուդ արիւնին աղբիւրներովն ալ ըլլայ։
Ու դուն մտածումովդ այսուհետեւ, յաւերժապէս
Փառքերու ճակատագրին սահմանուած
Աստուածային մարմարներու զանգուածներէն՝
Քու ձեւերուդ իմաստութեանը համեմատ,
Եթէ կ՚ուզես, Տառապանքը, դարերուն համար, քանդակէ՛.
Բայց մի՛ մոռնար, Անոր աչուըներն ու բերանը ու հոգին, տարփօրէն,
Ընդվզումի ստինքներուն կարկառելու…։

Ու յետոյ ու մանաւանդ ըլլալու համար Ան՝ որ պէտք է ըլլալ վերջապէս,
Այս մաքառումի ու ակնկալութեան օրերուն,
Ամբողջ երկիրը, ստուերիդ մէջէն, հոգիիդ հետ, առանձին,
Հորիզոնէ հորիզոն քալէ՛ դուն,
Աւաններէն, ու դաշտերէն, ու արտերէն անծայրածիր
Դէպի քաղաքներն, ու գիւղերն, ու հնձաններն հեռաւոր.
Ու քայլիդ վրայ անխոնջօրէն նորէն վերադարձի՛ր
Եւ մոլեգնաբար Մահը հոտոտէ՛,
Գիտե՜ս որ պէտք է բախուիլ անկէ,
Բանալու համար մեծ ճամբաները Յոյսին,
Որպէսզի, վերջապէս, Երազին երիվարները փոթորկանման
Մեր կամքին ձեռուըներէն դիւցազնաբար վարուելեն՝
Յաղթանակին կատարներուն վրայ արձանանան…։

Եւ վայրկեան մը մթաստուերին մէջէն,
Եթէ կրնաս, անհունօրէն ետիդ դարձիր
Ու տես մեռելներուն հողէն ժայթքումն յանկարծական,
Որ գերեզմաններուն ու քանդուած քադաքներուն տակէն,
Մէկէն ի մէկ փրկութեան ոգումներէն շնչաւորուած՝
Մեր ետեւէն, այս իրիկուն, տենդոտօրէն ոտքի՝
Դէպի Յոյսի բացաստանները պիտի քալեն։
Ու անոնց հաւատքին հրայրքը նայէ՛ ու սիրտ ա՛ռ,
Տե՛ս իրենց ծանր քարերն ու սեւ խաչերը փայտէ
Հողէն յոգնած ուսերնուն վրայ,
Տե՛ս իրենց պատանքներն իրարու արիւնէ կարմիր՝
Խաւարներու հովերուն տարածած,
Ու տե՛ս, տե՛ս, բոլորն ալ մէկ մէկու առջեւ կարծես թէ ծնրադիր, տե՛ս,
Իրարու համար անգամ մը եւս մեռնելու երդումները կ՚ընեն…։

Ու ամէնքն ալ հոն պիտի ըլլան, այսօր մեզի հետ,
Անոնք, որ կոյր են ու անոնք, որ անկար,
Ու անոնք, որ իրենց վիզերը խելահեղօրէն
Մէկ մէկու հոգիի համար
Դէպի Եղեռնը երկարեցին…։
Ու անոնք ալ, որ մեր վարդապետներն եղան ընդվզումի,
Որոնց խօսքերը մեր խօսքերն են, այս իրիկուն,
Ու իրենց հոգին մեր պաշտամունքն առ յաւէտ։

Ու տակաւին ամբոխը կայ անոնց, որոնց սարսափին աղէկ որ չընդհարեցար դուն,
Միայն մենք գիտենք թէ անոնց մարմինները ո՜րչափ ամեհի են,
Ու իրենց աչուըներն ու շարժումները՝ ո՜րչափ ահարկու…
Ու այն արիւնը, որ եղբայրներու գլխատումէն իրենց մտքովն ըմպեցին,
Օ՜, անոնց գանկերուն մէջը յաղթանակներու ծարաւէն գինով արծիւներու
Անսահման թեւաբախումները բացաւ…
Ու դեռ մայրերը կան, արգասաբեր ու հերարձակ,
Որ վերը, վրաններուն մէջը դաշտավայրին,
Իրենց յուռթի ու լայն ու լուսաւոր կողերուն տակ,
Մեր վաղորդայնները նորէն փառաւորելու համար
Մոլեգին Դիւցազուններու կարմիր երկունքը կ՚ապրին…։

Բայց հիմա որ առաւօտը պայծառօրէն մօտեցաւ,
Ու դուն մեր հոգիները ճանչցար,
Ո՜վ երազելէն ոգեվարող եղբա՜յր,
Եկո՛ւր, որպէսզի մեր շրթունքները քու շրթունքներդ ընդունին…
Վայրկեանի մը ու յաւերժութեան մը համար…։
Ու դեռ Արիւնին նուիրական պղծումէն չկարմրած
Սա՛ փայյակէ սուրը կտրիճօրէն ձեռքդ ա՛ռ
Ու անով մեր ամէնուն սուրերը ա՛յս աստղերուն մաքրութեանը տակ,
Երդումներուն երդումը ընելէն խաչաձեւէ՛…
Ու գէթ անգամի մը համար՝ ինքնիրմէդ դուրս գահավիժելէն՝
Եթէ կրնաս, մեզի հետ քալէ՛։ Ահաւասի՛կ ճամբան»։