Դիւցազնօրէն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՃԱԿԱՏԱՄԱՐՏԸ


Մարմարի ո՞ր ապառաժներէն արդեօք իրենց իրանները կառուցին…
Ու ո՞ր գինիէն, ո՞ր թոյնէն եւ կամ ո՞ր արիւնէն հրավառ,
Այսպէս իրենց աչուըներն ու մտածումը սա՛ խենթութեանը յանգեցան…
Ո՞ր սալերուն վրայ ու ի՞նչ կռաններով այս արշաւանքի գիշերուանը համար
Իրենց սա՛ կայծակներու հանգոյն սուրերը կարողացան դարբնելու…
Ու վերջապես, ըսէ՛ք, ո՞ր խաւարներուն երկինքէն է որ նուաճելով սանձեցին
Այս բիւրաւոր երկաթէ երիվարներն ահարկու…

Ու հորիզոններուն ու հողերուն բոլոր գօտիներէն,
Այսպէս, վայրագօրէն ու քինայոյզօրէն ու յաղթականօրէն
Եկա՜ն, եկա՜ն, եկա՜ն Անոնք, իրենց դռոյթովը դժոխային
Սասանելէն դաշտավայրը, ուր մենք բոլորս առաւօտին լոյսերէն գինով,
Վճռական օրուանը համար, որ «օրերուն Օրն է» ըսին,
Իրենց խառնուեցանք զանգուածելու համար այդ Փոթորիկն ապերասան.
Որուն անողոք ճամբան արդէն մեր ամէնուն ալ ճամբան էր…։

Ու երբ լուսինը եղերականօրէն դէպի երկինք կ՚ամբառնար,
Խաւարներուն անդունդները իր հրդեհներն անտառելէն՝
Յանկարծ՝ հորիզոնին վրայ, Ուրուական մը, թերեւս արքայ մը՝ մեր հին փառքի օրերէն,
Որ հողէն յառնած ըլլալու եղերական երեւոյթն ունէր,
Իր խոյրը ձեռքը՝ զրահը արեգակի նման կուրծքին՝
Ու իր վահանը ըմբոստներուն դէմը բռնելէն,
Կոյր Աստուածի մը հանդիսաւորութեանը համեմատ, ծանրադէմ, ըսաւ.

«Զաւակնե՛ր, նախ սպասեցէ՛ք որ իմ խաւարեալ աչքերուս մէջէն, դարերէ ի վեր,
Գերեզմաններէն լեցուած դեղին հողը վար թափելէն, ձեզի խօսիմ…
........................................................................................................................
........................................................................................................................
Ու ահաւասի՛կ, ձեր հոգիները կը ճանչնամ ձեր ճակատներուն բոցէն
Ու ցեղիս արիւնին ձեր մէջ եռալը երջանկօրէն մտիկ ըրի…
Գիտեմ ձեր Ցաւը, որուն մոլեգին ծնունդն է ձեր ըմբոստացումն այսօրուան…
Իմացայ, գլուխս ձեռքերուս մէջ ու դագաղիս տախտակներուն արմնկած,
Իմացայ բոլոր ճիչերն ու հծծիւններն Անմեղներու անագորոյն կոտորածին…
Ու սերունդներուս սրտերէն հոսած արիւնը կրակէ,
Աւա՜ղ, հողին մէջէն սուզուելով իջա՜ւ, եկա՛ւ իմ խեղճ ճակատըս թրջելու…։

Բայց արշաւելէ առաջ, նախ՝ հորիզոններուն առագաստեցէ՛ք
Սա՛ դրօշը, որ Դրօշն եղաւ ձեր հայրերու Յաղթանակին,
Ու ձեր քայյերն շտապելու եւ հոգինիդ դեռ փոթորկելու համար,
Ոսկեշեփորիս ունկնդրեցէ՛ք, որ շունչիս մէջէն մեր վրէժը պիտի հնչէ…։

Ուրե՛մն, Յառա՜ջ, Յառա՜ջ, ո՜վ Ըմբոստացումի զաւկըներս արիւնաբիբ,
Ես գիտեմ որ կեանքին հանգիստն ու խաղաղութիւնը այս երկինքին տակ
Ձեր Յաղթանակէն վերադարձին ցնծութիւնով պիտի երգէք…»։

Յետոյ՝ հրեղէն Անցեալին տեսիլքն իր ոսկեկուռ պատանքը ուսին,
Հորիզոնին մէջէն հանդարտութեամբ անյայտացաւ,
Մինչդեռ գերագոյն խռովքին փողերը ռազմին համար հնչեցին,
Ու ձիերը մեր երկաթէ ազդրերուն տակը ծառացան.
…Ու գունդերը բախուելէն Վրէժին ու Եղեռնին,
Մարմին մարմինի ընդխառնումը փոթորկեցաւ։

Օ՜, այն ընդհարումները, օրեր ի բուն, մէկ մէկու վրայ փլչող իրաններու…
Ու պաղատանքներն ու գալարումները, զոր մեր կրակներն անոնցմէ կը կորզէին.
Ու դեռ անպատում ճարճատիւնը յօշուտուող լանջքերուն…
Ու ագռաւներուն բազմութիւնը, սեւ անտառի մը ա՜յնչափ նման,
Որ յարատեւ՝ իրիկուընէ իրիկուն՝
Մեր սուրերէն ինկած դիակներուն վրայ խաւարին պէս կը տապալուէր…։

Գիշեր մը, արիւնռուշտ կատաղանքի ու կորուստի գիշեր,
Ուր ամէն դի արիւնին ազատարար սահանքները մեր ձեռքերովը պեղուեցան…
Քանի՜ քանի՜ վիրաւոր մարտիկներ
Իրենց հերոսի փառաւոր պարտութենէն ամօթահար,
Մեր բոլորին առջեւ, սարսափին տակ ու թշնամիին դիմաց
Նորէն ապարդիւնօրէն չի մեռնելու համար,
Իրենց քանդուած մարմինները դէպի զմեզ շարժելէն՝
«Յաղթանակի՜ն, Յաղթանակի՜ն, Յաղթանակի՜ն…»
Մոլեգնաբար որոտալէն,
Իրենց պողպատէ սուրերը ակռաներուն տակ փշրելով՝ կեաքէն յուսալի՜ց մահացան…։

Այսպէս մեր արհաւիրքի կարաւանները կամքի զօրաւորներուն
Պղինձէ ու կապարէ աննուաճելի պատնէշներն եղան,
Որոնց դիմաց Ոճիրն իր մարմինը բախելէն պարտասած՝
Օր մը, վախճանական անկումի չարաշուք օր,
Իր ձեռուըներովն իր ոսկրակոյտերը քաղաքներու նման,
Մեր փառքի պատուանդանին տակն ահաւոր
Գերիաբար ծունկի եկած՝ կնդրուկի տեղ հրկիզեց…

Եւ արծաթեայ առաւօտի մը ընդմէջէն,
Մեր կարմիր քղամիդներովն անհունօրէն փաթթուած,
Բոլորովին յամրաբար ու յաղթական՝ ռազմադաշտը նկատելու համար՝
Մեր խօլական երիվարներն թշնամիին բեկորներուն վրայ,
Փոթորիկին պէս ու քառարշաւ արձակելէ յետոյ…
Դարաւանդի մը գագաթը բարձրացանք,
Տարփօրէն, մեր ռընգունքներն Ազատութեան հորիզոնին՝
Ա՛լ վերջապէս Եղեռնին ծովատարած տաք արիւնը հոտոտելու…։