ԱՐՇԱԼՈՅՍՆԵՐԸ
Ու
արհաւիրքով
լեցուն
Մեռելներն
այն
ապառաժուտ
բլուրներուն
տակէն,
Որոնց
վրայ
ըմբոստացումի
մեր
կարաւանը
կը
լեռնաւորուէր,
Յանկարծ
իրենց
մերկ
բազուկները
դէպի
մեզի
տարածելէն,
Նորէն
կեանքը
վերագտածի
իրենց
երգերը
ցնորաբեր,
Ամէնքը
մէկ,
անշարժ
ու
երկիւղած
ու
մղձաւանջային,
Տարօրինակ
երջանկութիւնով
մը
երգեցին.
«Օ՜,
կանգ
առէք
ձեր
վերելքին
վրայ,
ո՛վ
դիւցազունները
վաղուան,
Ու
մտիկ
ըրէ՛ք
անոնց,
որոնք
փառքի
օր
մը
մահն
անարգեցին
Ձեզի
ու
մեր
ամէնուն
համար…
Մենք,
մեռելներս,
ձեզի
հետ
ենք
այս
առաւօտ,
Այլեւս
մեր
բազուկի
ոսկորներուն
ճարճատիւնները,
գիտե՜նք,
դիւային,
Մեր
սրունքներուն
երկայնքն
ի
վար
ու
ձեր
ականջին
Մահագուժօրէն
պիտի
չի
հնչեն…։
Քանզի
մեր
կմախքները՝
ա՛լ
դագաղներէն
ու
աւերակներէն
դուրս,
Սա՛
ծաղիկներուն
նման,
վերէն
յորդող
լոյսերուն
տակ,
Օ՜,
աւետի՜ս
ձեզի,
աւետի՜ս
ձեզի,
ա՛լ
կը
սկսին
պայծառօրէն
մսաւորուիլ…։
Ու
նորէն
մեր
այսչափ
ատեն,
Խաւարով
ու
հողով
ու
յուսահատութիւնով
լեցուն,
Մեր
կոպերուն
տակ,
այս
պահուն,
Մեր
նայուածքները
լիճերու
նման
կը
բացուին,
Ու
մեր
խեղճ
շրթունքները
մահէն
տրորուած,
Օ՜,
գթացե՛ք,
ձեր
հրավառ
ճակատներուն
եղբայրութեանը
պէտք
ունին…։
Մեր
գերեզմանի
քարերն
ու
խաչերն
արիւնլուայ,
Որոնք
մեր
մահը
ու
այս
կեանքը
մեզի
հետ
ապրեցան,
Սպասեցէք
որ
ձեր
դիւցազնի
գլուխներն
անոնց
վրայ
Գէթ
վայրկեան
մը
զարհուրանքէն
իրենց
խոնջէնքը
հանգչեցնեն…։
Նորէն
կ՚ըսենք,
մենք
անոնք
ենք,
որոնք
օր
մը
փրկանքի
Իրենց
կեանքը
ձեզի
համար
Եղեռնին
տուին…
Ու
անոնք
դարձեալ,
որոնց
դուք
ձեր
այսօրուան
երգերովն
ամեհի,
Աւերակներու
ծանրութեանը
տակ,
ուր
ցաւին
հետ
վատաբար
կը
կքէինք,
Ձեր
արարչագործ
շունչովը
մեզի
կեանքը
տուիք։
Ուրեմն
ձեր
երգերը
մեր
երգերը
թո՛ղ
ըլլան,
Բայց
թո՛յլ
տուէք
որ
ձեր
ամէն
մէկուն
պատեանէն
մերկացած
սուրը
պողպատէ
Սա՛
մեր
քարուտ,
ու
դաժան,
ու
մութ
ու
անողորմ
ճամբան
Ծիածանի
մը
հանգոյն
մինչեւ
Նպատակը
լուսաւորէ…»
Ու
ես
բլուրներուն
վերէն
ու
դաշտավայրին
վրայ,
Անհունօրէն
ոտքի՛,
ինչպէս
աշտարակ
մը
կրանիթէ,
Տեսայ
որ
բիւրաւո՜ր
ու
բիւրաւո՜ր
ծննդաբեր
մայրեր
սեւահեր
Իրենց
նորածին
զաւակները
ձեռքերնուն
մէջ
ու
խելայեղօրէն
դէպի
վե՜ր
Արիւնոտած
հորիզոններուն
ամբարձուցին,
Զանոնք
առաւօտին
ճառագայթներուն
խորը
մխրճելով,
Աստուածածին
լոյսերուն
մէջ
մկրտելու
համար…։
Ու
բոյորը
մէկ
իրենց
ջինջ
ու
ծանր
ձայնովն
այսպէս
երգեցին.
«Ո՜վ
դուք,
նորածիննե՛ր,
որ
մեր
մարմարէ
կողերուն
մայրութենէն
ստեղծուեցաք,
Ձեր
կեանքին
առջեւ
փակ
աչուըները
սա
լոյսերովը
ոռոգելէն՝
Խմեցէ՛ք
նախ
այդ
շողերէն,
որ
արիւնն
է
ձեր
փառաւոր
հայրերուն,
Ու
յետոյ
ամէն
օր
մեր
առոյգ
ստինքներուն
կաթը
կենդանարար
Ձեր
ամէն
մէկը
պիտի
ընէ
այնպէս,
ինչպէս
որ
ձեր
հայրերը
մեզի
համար
Սա
դաշտերուն
մէջն
անձնուրացօրէն
եղան…։
Ուրեմն
Ովսաննա՜յ
ձեզի,
դո՜ւք՝
մեր
միսը,
ու
դո՜ւք՝
մեր
հոգին,
Ու
Ովսաննա՜յ
անոնց,
որոնք
զձեզ
մեզ
համար
փառքի
օր
մը
ստեղծեցին…»։
Երգերը
դադրեցան,
մինչդեռ
յանկարծ՝
յայտնուեցաւ
որ,
Անդին,
անծայրածիր
ու
հեռաւոր
արտերուն
վրայ,
Բոլոր
երիտասարդ
ու
լայն
ու
հուժկու
հերկողները
մեր
վաղնջական
հողերուն,
Իրենց
խելայեղ
եզներն
երկաթներուն
լծած,
ու
յամառօրէն,
Ադամանդեայ
արգասաւոր
Արշալոյսները
կ՚արօրեն…։