Դիւցազնօրէն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԸ ԵՒ ՎԱՂՈՐԴԱՅՆԸ


Բացաստաններու ընդմէջէն երբ մարտախումբը դէպի հանգրուանը կ՚ընթանար,
Վճռական ու յամառ գնացքովն այն մարդերուն,
Որոնց ուղիին վրայ ուրիշ նոր ու մեծ Երազներ իրենց թեւերը կը բանան…
Յանկարծ լայն ու արգաւանդ առաւօտի մը նման՝ մեր մայրերուն ծագումը յայտնուեցաւ,
Որոնք սնուցանող կուրծքերնին իրենց քողերէն մերկացուցած՝
Արմաւենիի ոստերով բեռնաւոր, մեր ճակատներուն համար,
Մեր սպասումէն գինով ու մեր կարօտէն արբշիռ, այսպէս երգեցին.

«Զաւակնե՜ր, նախ մեզի մօտեցէք, վասնզի գիտենք որ
Ձեր յոգնած ու խռովեալ ու յաղթական
Ճակատներն ազատաբեր հերոսի
Այլեւս հիմա մեր մայրական լուսեղէն ծոցերուն
Հանգչեցնող քաղցրութեանցը պէտք ունին…։

Ու ահա՛ւասիկ շուշաններն անբասիր
Ձեր դեռ արիւնլուայ ոտուըներուն տակ,
Արշալոյսին հետ, ձեր փառաւորումին համար,
Մեր մայրական ձեռուըներովն հնձուած…։

Ու ահա՛ւասիկ արծաթեայ խնկամանները սրբազան,
Ինչպէս վաղնջական մաքրակրօն քրմուհիներ,
Այսպէս մեր անշարժ ձեռուըներուն բարձունքէն,
Թո՛ղ ձեր յաղթողի կերպարանքներուն առջեւ
Մեր պաշտամունքն արտաբուրեն…։

Ու ահա՛ւասիկ մեր հինաւուրց հնձաններուն
Աստուածային ու անապակ գինին,
Զոր ձեր յագուրդին համեմատ,
Այս տօնական ու ցնծութեան օրերուն,
Մեր հողէ սափորներէն պիտի ըմպէք…

Ու ահա՛ւասիկ հոսանքը կրակէ արիւնին
Սեւ ու հանդիսական ու աննուաճելի ցուլերուն,
Զոր ձեր հայրերու հոգիին ու ձեր աստուածացումին համար
Անոնց գերեզմանաքարերուն վրայ, այս առաւօտ,
Մեր զօրաւոր ու սպիտակ ձեռուըները զոհեցին։

Ու ահա՛ւասիկ ոսկիէ որաները աւետարանական ցորեանին…
Ու հեռուներէն արգասաւոր դաշտերուն տարածումը անսահման,
Ահա՛ւասիկ գարունէն բարձրացող հողին հոտը կենսաբեր,
Ու ահա՛ւասիկ հօտերուն տողանցումը բլուրներէն վեր,
Ու ծաղիկներու ածուներ ձեր սպիտակ վրաններուն համար»։

Երգերը դադրեցան, ու հայ մայրերն իրենց զաւակներուն հետ,
Սրբազան Արարատներուն դէմ ծնրադիր ու բազուկնին դէպի վեր,
Յաղթանակը տօնելէ առաջ, նախ ազատութեան Հողին համար,
Դարերու անձայն սուգէն յետոյ իրենց պաշտամունքը մատուցին։

Առաւօտ մը նորէն, նոյն իտէատանջ ու դարաւոր ցեղին,
Բոլորս մէկ պայծառօրէն մեկնեցանք հանգրուանէն,
Մինչդե՜ռ մեր երիտասարդի երկաթէ ուսերը կը լայննային…
Արդարութեան եւ Զօրութեան եւ Լոյսի վաղորդայնին՝
Կրանիթէ յաւիտենական ու ճշմարիտ Ոստաններուն
Աստուածադիր հիմնաքարերը կարենալ կրելու համար…։

1899—1901