Հարճը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ա

Գարնանամուտ երեկոյ մ'իր պալատին մէջ մարմար,
Բակուր, Սիւնեաց Նահապետ, շքեղ հանդէս մը կու տար,
Երբ Ուղեւոր մը յանկարծ մըրըրկարշաւ կը հասնի
Լուսընկափայլ ճամբայէն՝ մեծ դըրան քով արքենի:
Ձին կը հեւայ, ու բերնին փըրփուրն՝ հողմէն միշտ խլուած՝
Կը թըրջէ թամբն համօրէն, ասպանդակներն ոսկեմած:
Հեռուներէն ան կու գայ, զայս կը մատնէ թէ՛ փոշին,
Որ դիզուեր է խաւերուն մէջ թիկնոցին թաւիշին,
Թէ՛ նըժոյգին վըրընջիւնն աստեղացունց մաքրութեամբ՝

Որ կը խընդրէ ախոռին գոլուտ հանգիստը անթամբ:
Բակուր այդ հիւրն իր անձէն եւ անունէն կը ճանչնայ.
Բագրատունին Տըրդատն է, հըզօր իշխան, ու փեսայ
Տիրան հայոց արքային, որ կը փախչի Մարաստան.
Կը փախչի ան՝ զի կինն իր, Տիրանի դուստրն աննըման,
Գանակոծեր էր խըստիւ, պալատէն դուրս արտաքսեր,
Խուզելով, իբր անարգանք, անոր խարտեաշ գանգուրներ:
  –«Տրդա՛տ, կ'ըսէ Նահապետն, այս գիշեր քուկդ է իմ տուն.
Մարաց աշխարհն հեռու է, եւ դու անշուշտ պարտասուն.
Մըտի՛ր սըրահը տօնին, թող իրարու դէմ փըշրին
Մեր բաժակներն, ու մեր սէրը մըկըրտէ թող գինին»:
Եւ կոչունքի կը բազմի Բագրատունին վտարանդի
Աջ կողմը ճիշտ Բակուրին՝ որ իր կարգին կը նըստի
Գահի մը վրայ՝ որուն լայն թիկնատեղն է քանդակուած
Բագոսը՝ եզ մ'որթերով պըսակելու ըզբաղած:
Սեղանին շուրջը արդէն Մեծամեծներն հայկազուն
Դէմ յանդիման բազմեր են, բայց ո՛չ իրենց մեծանուն
Աստիճանին համեմատ, այլ սուրերու մեծութեան:
Հոն են ճորտերը Սիւնեաց գաւառներուն երկտասան,
Լերան ազատ զաւակներ, միշտ զրահի մէջ կուրծքերնին՝
Որոնք հըզօր կումբի պէս ջահերուն տակ կը փայլին:
Հոն կան նաեւ բըդեշխներ, ազատանին քաջարի՝
Որ կը պատմեն թէ ի՛նչպէս կ'որսան վարազը վայրի:
Ազնըւատոհմ սեպուհներ ոսկեճարմանդ խլաներով
Գինւոյ բաժակ ի ձեռին կը ծիծաղին կէս գինով:
Պալատին մէջ ծով մը կայ ծիծաղներու եւ լոյսի՝
Որ գաղջօրէն ծուփ առ ծուփ դռներէն դուրս կը հոսի:
Կոչնականները զարմիկ պատերն ի վար կախեր են
Որսի գալար շեփորներն ու վահաններն ոսկեղէն.
Եւ նիզակները, դեռ թաց վարազներու արիւնով,
Տըրձակ տըրձակ կը հանգչին հըսկայափեղկ դըրան քով:
Լայնակոնք սրահը քըսան սիւներով է կառուցուած՝
Որոնց վըրայ կը շողան քըսան ջահեր դէմ դիմաց.
Եւ այն քըսան սիւներուն մէջէն քըսան գերիներ
Կը բերեն թանկ սաներու վըրայ՝ խորուած երէներ՝
Որոնց շոգին քըմպարար կը բարձրանայ ոլորուն
Ջահերուն շուրջ կազմելով խըլատեռեր ծըփծըփուն:
Ըսպասներն ալ սեղանին մեծարժէք են. եւ կարծես
Արծաթազօծ դըգալներն ու դանակները նոյնպէս
Փողփողումին տակ լոյսին փայլակներ են աղմըկոտ՝
Որ կը ծըփան դիպակեայ նըւարտանին վրայ փութկոտ:
Ծաղկակալներ են դըրուած երկայնքն ի վեր սեղանին,
Որոնցմէ եղկ բուրումներ շուրջը արբշիռ կը սըփռին.
Ծաղիկներուն ընդմէջէն, քըրքիջներուն հետ թըրթռուն,
Կը նըշմարուին ըսպիտակ ակռաներն յոյր ճորտերուն.
Եւ գինիին թանձըր հոտն եւ խահերուն գոլորշին
Վեր բարձրացած՝ կը սքօղեն կատաղութիւնն այդ ճաշին:
Կու գայ համեղ գերերին՝ որով Սիւնիքն է առատ,
Զոր եփեր են տատրակի սըրտիկներով անարատ:
–«Աղաւնիի սիրտ ուտենք, կը գոչէ ճորտը Բալի,
Որ ունենանք վագրի լեարդ»: «Ես այդ մասին աւելի,
Կը կատակէ յանկարծ մին, կ'ընտըրեմ սի՛րտը կընոջ»:
Ծիծաղներով այն ատեն կից վերնատունը ամբողջ
Կ'ալեկոծի, ուր ժողվուած հայ տիկիններ բազմական
Կ'ընէին նոյն խրախճանքները նոյն շուքով տօնական:
Այն ատեն ներս կը մտնեն երկու ջուխտակ գերիներ
Կրելով երկու ջուխտ վարազ սաներու վրայ ոսկեյեռ.
Եւ ուրիշներ նոյն թիւով՝ իրենց ուսին վրայ ունին
Ըսկուտեղները նուռին, սափորներն յորդ գինիին.
Յաղթանա՜կն է այս խրախին: Հեղեղ մ'յանկարծ վարդերու,
Իբրեւ ամէն տիկին վար արձակէր սիրտն իր աղու,
Վերնատունէն կը տեղան կոչնականաց վրայ գինով:
Քանի մ'ասպետ կը կոփեն վահանն իրենց աշտէով:
Աղաւնիներ աւասիկ կամարին տակ կը ճախրեն,
Եւ ծայրն իրենց թեւերուն մըխըրճելով ծուլօրէն
Շատըրուանին մէջ՝ որ լոյս կ'ողբայ բակին առընթեր,
Կու գան իրենց թռիչներէն վար անձրեւել մարգրիտներ:
Ու վարդ, տատրակ հոն խառնուած հեղեղներով ճաճանչի
Կ'ստեղծեն դրախտ մ'ուր կարմիր
Հեշտութր աւասիկ կարապնավիզ սափորով
Բաժակներուն մէջ գինին կ'հեղուն դէմքով մ'անխըռով:
Բագրատունին այն ատեն, կորովաբիբ Տըրդատէս,
Դաշխուրանն իր վեր կ'առնու, եւ. «Ասպետնե՛ր, կ'ըսէ, ես
Վանատուրին սերմնայորդ, եւ տըռփածոց Աստղիկին,
Անոր՝ որ հուրն է արու, անոր՝ որ հողն հեշտագին
Կ'ըմպեմ ի փառս: Անոնց տռիփն ու համբոյրները յաւէտ
Այգիներուն մէջ ձեր թող ծաւալանան ծաղկաւէտ»:
–«Ձեր Թագաւոր աներոջ, կ'ըսէ Բակուր, սուրբ կեանքին
Ըմպենք, որ մեզ կը պահէ խաղաղութեան մէջ հեշտին»:
–«Թագաւորի՜ն, որ կ'հանգչի, աղաղակեց ճորտ մ'յանկարծ,
Ձիւներուն մէջ Մասիսի»: Այս յայտնութիւնն յեղակարծ
Ներկաները ապշեցուց: «Մեռա՞ւ Արքան մեր հայոց…»:
  –«Արդ իր դիակը կ'իշխէ յաւերժանիստ սառին ծոց:
Գուժկան մ'երէկ ագռաւի երագութեամբ հոս հասաւ,
Պատմեց թէ ի՛նչպէս Տիրան խեղդըւած է բըքազրաւ:
Կ'ըսեն թէ թագը միայն ձիւներէն դուրս է մնացած,
Որուն վըրայ կը շողայ դեռ հայ արեւը Մասեաց»:
Շըրջան ըրաւ սեւ լուրն այս պալատին մէջ բովանդակ
Գինեփըրփուր բաժակէ մ'աւելի ե՛ւս արագ,
Որ միմիայն արբեցուց բերկրանքներով անպատում
Տըրդատի սիրտն՝ որ մինչեւ արքային մահն էր տըրտում:
–«Խըմե՜նք, ըսաւ, ու տօնենք Արշակունի գահերուն
Թաւալումներն անդունդի եւ մեղկանքի մէջ փըցուն»:
Եւ հազիւ հազ շըրթներուն դըրաւ գաւաթն հրահոսան՝
Վերնատան մէջ աչքերն իր զոյգ մ'աչքերու դիպեցան:
Կին մը իրեն կը նայէր, կը զգար սըրտին մէջ շըմոր.
Իր կազմին վրայ կ'հիանար, առնագեղ, խրոխտ եւ հըզօր,
Հըզօր՝ վիզովն առիւծի եւ բիբերով աստղայեռ՝
Որոնց բոցէն այրելու համար անգամ մ'իսկ բաւ էր
Որ անոնց մէջ յանդըգնէր առնաբաղձ կին մը նայիլ:
Հըզօր՝ մարտիկ գըլուխով, լայնշի լանջքով անարգիլ
Որ ճօշանին մէջ կ'ուռէր կոհակի պէս փըրփրազեղ.
Հըզօր՝ թիկնով մեծադիր, բազուկներով առնագեղ՝
Որոնց միջեւ կը սիրեն կիներն իբր օ՛ձ գեղածալ
Բիւր ձեւերով գալարուիլ ու ծըւարիլ ու տաքնալ:
Վերնատան կինը սարսռաց: Տըրդատ մէկ ձեռքը յենած
Սեղանին վրայ, միւսով տաշտը բերնին, գըլխիբաց,
Անոր կապոյտ աչքերուն յառած աչքերն իր մըթին
Խըմեց երկա՜ր փըրփուրէն մինչեւ մըրուրն իր գինին:
Յետոյ ծոցէն դուրս քաշեց խուրձ մը դեղձան մազերու
Մութ ամպէն դուրս մացառուող ճաճանչներու պէս աղու.
Եւ անով իր գինիոտ բերանն աղէկ մը սըրբեց…
Անոնք մազերն էին իր գոռոզ կընոջ՝ զոր բրածեծ
Ըրաւ ու ա՛յսպէս ահա ծաղրեց այն էգն անուղղայ,
Եւ ապշեցուց ամէնքն այդ իր անսովոր գործին վրայ:
Հազիւ Տըրդատ սեղանին դըրաւ գաւաթը թափուր՝
Լոյսերու հոծ ծովուն մէջ թնդաց սըրահն ընդհանուր.
«Վարձա՜կն ահա, տեղ բացէք, վարձա՜կը, վարդ տեղացէք.
Մազերուն մէջ, ոտքին տակ մարգարիտնե՜ր լեցուցէք»:
Սանդուխներէն վերնատան վար կ'իջնէր կին մը խաժակ.
Կը թըրվռային գըլխուն շուրջ աղաւնիներ ըսպիտակ:
Ճաճանչաւուխտ քօղին մէջ աստըղ մ'էր ան՝ որուն մեծ
Աչքերուն մէջ սեւեռուն Տըրդատ գինին իր խըմեց:
Այն ժամանակ սրահ մըտան հինգ ծերունի գուսաններ,
Ուսերնուն վրայ վիժանուտ գանգուրներով լուսահեր.
Ոլորակեց տաւիղն հեշտ, փանդիռն հնչեց փառակոչ,
Նըման արծաթ կարկուտի երգ ջաղբեց դա՛փը դողդոջ.
Եւ եօթնաղի քընարին որովայնին մէջ տօսախ
Նըւագի ծով մ'ըսկըսաւ մըրըրկոտիլ աղեբախ:
Յետոյ յանկարծ միացած բոլոր լարերն իրարու
Պանծացուցին անգամ մ'ալ փառքերը հին դարերու,
Երգը հըզօր դիքերուն, Դիցուհիի ոսկեմայր,
Երգն աստղահմայ քուրմերուն՝ որոնք բագնին վրայ մարմար
Վըզան օձեր այրեցին բոցերուն հետ ծառացող.
Երգն՝ ասպետի մը զարմիկ, դիւցազներու զինաշող,
Որոնք նըման կայծակի տէգերն՝ իրենց պիրկ ձեռքին՝
Փաղանգներուն կազմը կուռ արիւնառուշտ ճեղքեցին.
Հընչեցուցին երգերն հուսկ մեհենական պարերու,
Սէրն հայկազուն կոյսերուն եւ հարճերուն գինարբու՝
Որոնք այգւոյն գովալից հովանիին տակ պառկած
Լոյս ծոցն իրենց կը թողուն սեպուհներուն համար բաց:
Կոչնականները համուռ դէպ գուսանները դարձան,
Որոնց մէջտեղ ըսկըսած էր պարել կին մը դեղձան:
Վարձակն էր ան, Նազենիկ, նազելագեղ անունով:
Հասակն ամբողջ կը թըրթռար բարտիի պէս հողմախռով.
Դաշներգը իր ջիղերուն դաշներգին հետ լարերուն
Կը միանար, կը սըփռէր համանըւագ մ'յարաճուն:
Եօթն հարճեր հերքը խարտեաշ մատըներով նախանձոտ
Արաբական իւղի մէջ օծաներ են քաղցրահոտ.
Եւ գըլխուն շուրջը պըսակ մը վարդերու հիւսեր են՝
Որոնք եթէ ճըզմըւին անշուշտ արիւն կը ծորեն:
Կը շողշողան ունկերուն ծայրը օղեր փողփողէջ
Աստղերու նման ցոլալով անրակներուն փոսին մէջ.
Արմուկէն վեր աջ բազուկը կը խածնէ սեղմօրէն
Լուրթ մարգրիտով յելուզուած ապարանջան մ'ոսկեղէն.
Իսկ վիզէն վար մինչեւ ծայրն ըստինքներուն սեւապտուկ
Կը բոլորուի վառ մանեակ մը լոյսերով յեղեղուկ:
Եւ այնքան նուրբ է զառքաշն՝ որ կը բըղխէ դէպի դուրս
Ազդըրներուն գաղջութիւնն եւ կաթնագոյնը սընդուս.
Մուճակներուն մէջ խարտեշ կաղապարուած ոտքերն ա՛լ
Դռոյթ տալով կը սկըսին յատակին վրայ պար դառնալ:
Կոչնականները լըռիկ հիացումով քարացած,
Մարմնակարկառ, ապշոպեալ, աչուներով լայնաբաց,
Կը դիտեն զինք: Նազենիկ նախ կ'օրօրէ մեղմօրէն
Ալապաստրէ ուսերուն վըրայ գըլուխն հըրեղէն՝
Ներկաներուն շըրջելով զոյգ մը աչքերը աղուոր՝
Ու կ'ընկղմի մարդ հեշտին, բայց դուրս կ'ելլէ վիրաւոր:
Վեր կը վերցնէ հոլանի բազուկներն իր յուլօրէն
Լայնշի քօղին կապուտակ խաղաղութեան ընդմէջէն
Զոյգ մը տօսախ բամբիռները մատերուն մէջ ճարտար
Յանկարծակի կը հընչեն, կ'ըլլան պարին կառավար:
Մարմինն ընդհուպ կը զոփայ, կու տան ոտքերը դըռութ,
Եւ ան իր իսկ շարժումին անդունդին մէջ յորձանուտ
Կարծես վայրկեան մը այլեւըս աչքերէ կ'անհետի՝
Ինչպէս երկնի մէջ կորսուող լուսադայլայլ մեղեդի:
Օ՜, այդ մեծ պարն հեթանոս՝ որ Աստղիկի կը ձօնեն,
Գեղեցկութեան այդ աղօթքն, աղօթքը այդ մըսեղէն.
Օ՜, այդ իրանը ճապուկ ելեւէջովն ըստինքին՝
Որոնց մէջ կաթն իսկ կ'եռայ յուզումներէն սաստկագին.
Օ՜, թեւերն իր լուսածղի՝ օձերու պէս պարարակ
Կարծես երկար կրթըւած կախարդ սրինգով ներդաշնակ.
Եւ զիստերն իր սարսռագեղ, գէր երաստանը շամբոյշ.
Եւ բոլորին իբր առանցք մէջքն ուռիի պէս քընքոյշ՝
Որուն շուրջ մարդ պիտ' ուզէր բաղեղի նման փաթթըւիլ,
Եւ վերջապէս հիւթասպառ բաղեղի նման թառամիլ:
Բամբիռներն իր կը հընչեն ձեռքերուն մէջ սաստկօրէն
Իբրեւ օրէնք մարմինին բիւր ձեւերուն հոյաշէն.
Բամբիռնե՜րն իր կը հընչեն, ու անոնց երգը բիւրեղ
Կը քաղցրանայ մեղրի պէս ջահերուն տակ լուսազեղ.
Եղունգներով հինայուած մատերէն վար աղածրի
Դաշնակութիւն մ'հրաշալից մազերուն մէջ կը ծորի:
Բամբիռներն իր կը հընչեն, այնքան ճարտար՝ որ կարծես
Անոր ձեռքերն Ապողոն թաթախեր է տարփակէզ
Սըրտին մէջ իր տաւիղին: Գործիքին ձայնը կերկեր
Կը զեղու սրահն՝ ուր շատոնց գուսաններն ա՛լ չեն նուագեր:
Կոհակներուն մէջ լոգցող աղկիոնին հանգունակ
Ան կը լողայ մատերուն երգերուն մէջ ներդաշնակ՝
Որոնց ի լուր տատրակներ ահա կու գան խառնըւիլ
Ցանցին մէջ իր մազերուն, իր մազերուն հիատեսիլ՝
Որոնք, ալիք առ ալիք, կ'երթան սըփռիլ ման ի ման
Ասպետներուն գըլխուն վրայ արշալոյսի մը նըման:
Կոչնականները գինւոյ մէջ թաթախուած, տըռփագին,
Բոլորը լուռ, սալացած՝ ըզմայլանքէն գեղեցկին
Կը դիտեն մրրիկն այդ կընոջ գանգուրներուն մետաքսէ:
Ան կը ճախրէ՜, կը ճախրէ՜, կատաղօրէն կը ճախրէ՜:
Երբոր ետեւ կը թեքի՝ կուրծքին վըրայ հոյաշէն
Բըլուրի պէս կը դիզուին ըստինքներն իր սարսռալէն.
Եւ վարսերն իր վիժանուտ, ուսերն ի վար հոսելով,
Կ'երթան փըրփրիլ յատակին, հոն կազմելով ոսկի ծով.
Ան կը ճախրէ՜, կը ճախրէ՜, սանձակոտոր կը ճախրէ՜…
Հոգւոյն մէջ՝ ծով, շուրջը՝ լոյս, ան Կիպերեան Աստղիկն է՝
Որ իր չորս կողմն հաւաքած աղաւնիները լուսեղ
Փորձեր կ'ընէ թըռչելու ինքն ալ անոնց հետ մէկտեղ,
Ու հեւհեւուն, ծիծաղկոտ, վարդի մը պէս բըռընկած,
Վերջին թափով կը սուզի կապոյտին մէջ վերասլաց
Թողլով որ քօղն ամպերէն յորձանապտոյտ իյնայ վար
Տիոնիսեան բագնին վրայ, գինիին մէջ հըրավառ:
Ա՛յսպէս պարեց վարձակն ալ, մինչեւ որ քօղն հոգիին
Հոն թաթախեց դիրտին մէջ ամէն մարդու բաժակին:
Ա՛լ յոգնած էր ու քըրտնած, կ'ուռէր ծոցն իր լուսեղէն,
Երբոր վերջին ճախրին մէջ Տրդատ բըռնեց բազուկէն
Եւ ծունկին վրայ նըստեցուց, գգուեց գըլուխն ոսկեհեր:
Վարսերն ի վար շիթ առ շիթ կը ծորէին քըրտինքներ.
Ձեռքերուն մէջ դեռ տենդոտ, Բագրատունւոյն ճօշին վրայ
Կը դողային բամբիռներն իր մարմնոյն պէս դիւրազգայ:
Տըրդատ մատերը անոր համբուրելով մի առ մի
Եւ շամբշելով անոր հետ զերդ սեղեխներ վաղեմի.
–«Նահապե՛տ, ո՞վ է, ըսաւ, վարձակը այս լուսաստինք:
Եթէ Աստղիկ երկնի մէջ Վահագնի օր մ'յանձնէր զինք,
Ու կաթիլները սերմին ըլլային նոյնիսկ աստղեր՝
Դարձեալ այսքան չըքնաղ ծնունդ մը երբեք չէր բողբոջեր:
Այս կինն ինձ տուր, եթէ չէ օրէն՝ որ մենք ընենք վէճ.
Արշալոյսին թող մեկնիմ արշալոյսն այս գրկիս մէջ»:
Բազմականներն ըսկըսան նախանձայոյզ քըրքըջալ.
Բակուր ծածուկ մախանքէ մ'ակռաներն իր ձիւնափայլ
Սեղմեց. եւ նուռ մ'որ ձեռքին մէջ բըռնած էր այն ատեն,
Ըսկըծանքէն ըսկըսաւ ճըմլել: Ըսաւ. «Իշխա՛ն քաջազէն,
Վըրաց երկրէն, ուր կիները կը ծաղկին վարդի պէս,
Զայն նիզակովս եմ շահեր, մարտիկներու ընդդէմ վէս
Մղելով երկար պայքարներ: Այժըմ ներէ որ ըսեմ՝
Թէ իմ հարճս է, եւ չըլլար քեզ աղախին մը նըսեմ:
Եթէ կ'ուզես՝ որ մեր զոյգ բաժակներն այս մըտերիմ
Հազիւ թափուր գինիէ, չլեցուին արեամբ ոխերիմ՝
Թո՛ղ զայն, իշխա՛ն»: Բնաւ չանսաց Բագրատունին սըրարբած
Սեղանէն վեր բարձրացուց դաշխուրանն իր գինեմած
Ու ձեռքովն իսկ զայն խմցուց, ծունկին վըրայ, վարձակին՝
Որ կը ժըպտէր ըմպելու ատեն ժըպտով մ'հեշտագին:
Իր գողտըրիկ բերանին երկու կողմէն ընդհոլով՝
Թափեցաւ քիչ մը գինին ու ծոցն ի վար սահելով՝
Գընաց լճակի պէս կարմիր ժողվիլ պորտին մէջ անյայտ:
Երբ դեռ բոսոր էին կզակն ու շըրթունքները, Տըրդատ
Զանոնք առած բերանին մէջ համբուրեց կըտղանքով՝
Զուարթ հեղուկին մնացորդն ըսպունգի պէս ծըծելով:
Լըռեց սըրահը համուռ: Բոլոր դարձած Բակուրին
Կը նայէին, որ կը լմէր դեռ նուռը մէջն ագուռին:
Ամէն մարդ հոն թափուելիք արեան մը հոտը կը զգար…
Նահապետն ա՛լ վեր ցատկեց տեղէն իբրեւ քանասար.
Գընաց որ հարճն ազատէ, ջախջախէ գըլուխն Ասպետին՝
Որ կինն իր տան մէջ կը լլկէր՝ իբր իր ողկոյզն իր տաշտին:
Այս որ տեսաւ Տըրդատէս վարազացաւ ու խոպաց.
Հրեղէն սիւնի մ'էր նըման, դահլիճին մէջ՝ վերամբարձ.
Կոպիճներուն մէջ աչքերն ըսկըսան ժիր թաւալիլ
Մերթ ծովուն խորն ընկլուզուող գունդերու պէս հրատեսիլ:
Ձախ թեւով հարճը գըրկեց, յետոյ «Հա՜, հա՜, քրքըջաց,
Էգ վագրին հոտն ըմբոշխնել արու վագրի՜ն է տըրուած»:
Եւ միշտ ժայռի պէս կանգուն, շընչելով բոց աչքերէն,
Հուժկու ձեռքով սեղանին վրայէ խըլեց, իբրեւ զէն,
Մեծաքանդակ ըսկուտեղ մ'ամբողջ պղնձով կուռ ձուլուած,
Գազանացաւ, փըրփրեցաւ, շամբշոտեցաւ ու մըխաց.
Եւ ուղղակի արձակեց զայն Բակուրի ճակատին…
Վերնատան մէջ ահեղ ճիչ մ'արձակեց տան տիրուհին,
Ճորտ ու սեպուհ բոլորն ալ դուրս պուղեցան զահանդած.
Որոնց բազուկն էր միշտ վատ՝ երբ հոգին էր սըրարբած:
Սակայն կարծես մըրգակալն այն վրիպեցաւ հըրաշքով,
Եւ Բակուրի լոկ մէկ ունկն արիւնառուշտ խըլելով՝
Գընաց բաղխիլ դիմացի մարմար սիւնին մեծադղորդ
Թօթափելով անկէ վար կուճեր, կայծեր լուսայորդ:
Ոմանք սատար փութացին Նահապետին կարեվէր՝
Որուն խըլուած ականջէն, ճըմլուած քունքէն կը հոսէր
Հոն գինիի սափորին մէջ արիւնն իր թըխագոյն,
Այն ժամանակ Նազենիկ սարսափահար, յանկարծոյն,
Փաթաթուելով Տըրդատի պարանոցին՝ ողոգեց.
–«Այս յարկին տակ, ո՛վ ասպետ, ա՛լ բաժինս է գան ու ծեծ.
Դուն որ գիտցար զիս վտանգել, ազատէ արդ շուտափոյթ,
Երբ ես յօժար խմեցի ձեռքէդ գինին քու սիրոյդ՝
Հարկ է ասկէ վերջ խըմեմ Բակուրի թոյնն ոխութեան.
Դուն հոս արիւն թափեցիր, եւ պիտի ե՛ս քաւեմ զայն:
Զիս հեռացուր այս երկրէն, եթէ չէ գործ մ'արքենի
Որ ասպետի մը վրիպած հարուածը կին մ'ընդունի»:
Ու աւելի ցած ձայնով յարեց. «Ես քեզ կը սպասեմ
Արշալոյսին՝ որ մօտ է: Մեծ դըրան քով արեգդէմ
Կայ թուզի ծառ մը՝ որուն սաղարթներուն ընդմէջէն
Պատուհանիս ճրագն առկայծ ճամբորդներն յար կը տեսնեն:
Հոն կը սպասեմ ես քեզի վարդենիի մը նման,
Որ կոկոններն իր բանայ պիտի կուրծքիդ վրայ տիտան»:
–«Ձիուս առջի խըրխինջէն պատրաստ եղիր, Նազենի՛կ,
Դեռ ճրագդ արփւոյն շառայլէն չընըւաղած՝ կը մեկնինք»:
Ըսաւ Տըրդատ: Թուրը մերկ միշտ ափին մէջ շողարծարծ,
Տալով կամայ երեւոյթը մեկնումի մը անդարձ,
Գընաց թամբեց երիվարն ու խաւարին մէջ, անտես,
Անհետացաւ քառատրոփ, փայլակնացայտ ամպի պէս:

Կոչնականներն ահաբեկ, կոչնականներն հիազարհուր,
Գինո՜վ ու վա՜տ, մի առ մի պարպեցին սրահն ընդհանուր.
Լոկ կոյր գուսան մ'երգին մէջ անվերադարձ տեսլացած՝
Դեռ լռութեան մէջ կը նուագէր սիւնի մը յաղթ կռթընած: