Հարճը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Բ

Ահա առտուան շողերէն հագեր է վարդ ու սուտակ
Պատուհանին առջեւի թըզենի ծառն ընդարձակ՝
Որուն ետեւ հարճն արթուն. «Ինչո՞ւ չեկաւ, կը խորհի,
Արտոյտն ահա արձակեց կալին մէջ երգը բարի.
Եւ պալատին պահապան շունն արթընցած ման կու գայ
Բակին մէջ՝ մերթ միզելով պատերն ի վեր շըրջակայ:
Ինչո՞ւ չեկաւ, ո՛վ Երկինք»: Հորիզոնէն յեղակարծ
Արփւոյն ճաճանչն անդրանիկ սլացաւ ինկաւ շողարծարծ
Նազենիկի խուցին մէջ. դալկացաւ լոյսը ճրագին:
Օ՜, ի՞նչ խրխինջ, ի՞նչ դոփիւն, ի՞նչ փոթորկում թանկագին…
Կու գայ իշխանն ազատել զինք Բակուրի նախանձէն:
Պատուհանին ներքե՜ւ է Տրդատ ձիուն վրայ արդէն:
Բերկրանքէն հա՛րճը խայտաց. զեղան աչքերը վըրդով
Անպատմելի խընդութեամբ, ինչպէս երկինքն՝ արեւով:
Գիշերն ամբողջ ինք հոն էր, զով խաւարին մէջ արթուն,
Հանդերձներովը պարի, բամբիռներն ալ՝ մատերուն.
Աստղերուն տակ աղօթող բագոսուհւոյ մ'էր նման՝
Վարդերը դեռ հանդէսին մազերուն մէջ ցիրուցան,
Եւ լանջքը մերկ՝ որուն վրայ թափուած գինին խըրախին
Տակաւին միշտ կը սըփռէր իր զըւարթ բոյրը չորս դին:
–«Ձեռքդ երկարէ», 'սաւ Տրդատ: «Դու գիրկդ բաց, կը ցատկեմ»:
–«Գըլուխդ, ըզգո՜ւշ, չըփշրես լանջապանիս զրահին դէմ»:
Եւ Նազենիկ անհամբեր հեղեղին հետ վարսերուն
Ասպետին մռայլ ծոցին մէջ նետեց ինքզինքը սարսռուն,
Եւ զայն հեղ մ'ալ ողողեց մազերովն իր դարալիր:
Դափրեց նըժոյգն եւ ռունգերը փեռեկած լայնալիր՝
Հորիզոնին դարձուց գլուխն ու մըտրակի մ'հարուածով
Թաղուեցաւ իր արշաւին ամպրոպին մէջ փոշեծով:

Փա՜ռք մեծազօր կենցաղին ասպետական դարերուն՝
Ուր պաշտուեցաւ Գեղեցիկն ու Զօրութիւնը արբուն,
Եւ խորհրդանիշը անմահ Գեղեցիկին, Զօրութեան՝
Փըրփուրներու Դիցուհին ըստինքներով ռոշնական:
Փա՜ռք ձեզի միշտ, գանգրահեր ո՛վ ասպետներ արդընկեց,
Որոնց զրահով վերտըւած լանջքերուն տակ բաբախեց
Սիրտ մը յաւէտ անձնըւէր՝ տըկարներուն, ընկճուածին,
Եւ գեղանի կիներուն, անոնց մարմնոյն բիւր գանձին:
Փա՜ռք ձեզի միշտ ձիամարտեր, մկունդխաղեր շանթասլաց՝
Որոնց օդին մէջ շաչուն տէգերն յանկարծ բըռընկած՝
Կայծակներու խաղն եկան երկրիս վրայ փոխադրել.
Վիշապասպան սուսերներ, ժանգոտելու անընդել,
Կառարշաւներ փոշեմուղ, գուպարայաղթ ոգորներ
Շառափնաթափ տէգ տէգի, կումբ կումբի դէմ ոսկեյեռ
Փա՜ռք ձեզի միշտ, ո՛վ որսեր թըրթռուն ձայնով շեփորին,
Երբ լիճին քով վիրաւոր կ'իյնայ եղնիկն ողբագին,
Եւ վարազներ արդնահար կը թաւալին մարգին վրայ՝
Որոնց կողէն արիւնն յորդ կըրակի պէս կը մըխայ:
Փա՜ռք ձեզի միշտ աւարներ, հափափումներ կիներու՝
Որոնք տըւին իրենց տարփն ու համբոյրները աղու
Առիւծներու քաջութեան, եւ ո՛չ ոսկի հորթերուն,
Որոնց սիրտերն առաւ լոկ սուրերու ծայրը փաղփուն:
Փա՜ռք ձեզի միշտ, ո՛վ դարեր ասպետական կենցաղին,
Ուր մարդիկ հզօր եւ անկեղծ էին նըման գինիին:
Առաքինի քաջութեան տեղ նենգն այսօր կը տիրէ.
Փոխան տէգին հոլանի՝ պատեանի մէջ դաշոյնն է՝
Որ կը շողայ մութի՛ն մէջ, կը ժանգոտի՛ արեւին.
Ոճիրներն արդ խաւարի լըռութեան մէջ կը դարբնուին
Մըխոտ ճրագի լոյսին տակ ծըռած գունատ մարդերէն:
Երբ արեգակը նընջէ՝ մեղքերն յայնժամ կը գործեն:
Չեն պաշտեր կնոջ մարմինին դաշըն ձեւերն հըրահրուտ
Լոգցըւած բիւր ջահերու շառայլներով հոսանուտ:
Կինը մարդուն միացնողը Աստղիկի սիրայօդ
Լուսեղ մատերը չե՛ն բնաւ, այլ շանսըխուրը ցեխոտ:
Գեղեցկութիւնը ծընունդն է Զօրութեան յորձանքին՝
Ինչպէս մարգրիտն ովկիանի անդունդներուն մոլեգին:
Բայց այսօր չե՛ն քանդակեր սուսերներով կորովի
Գեղեցկութեան սուրբ բագինն՝ ուր իգութիւնը խընկուի:
Բաւական է լի գաւաթ մը Միւնիխի գարեջուր,
Որ աճուրդի հանուած սէրը գնեն մարդիկ քրէիքուր,
Սէր վաճառուա՜ծ, ոչ նուիրուած՝ ինչպէս պըսակ սարդենի
Զոր հերոսին համար սուրն աստուածներէն կ'ընդունի:
Եւ այժըմ մարդն այս դարուն, մարդն ըղեղին տակ կըքած,
Ո՛վ ասպետներ հեթանոս, եթէ բաղխէ ոտքն յանկարծ
Ձեր բազուկի մէկ ոսկրին՝ որ հողին տակ ճերմկած է,
Անոր հըսկայ զանգուածէն կը սարսափի, կը կարծէ
Ձեզ առասպել դարերու առասպելեալ գազաններ,
Ո՜վ ասպետներ հեթանոս, ո՜վ ասպետի ոսկորներ: