Հարճը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Դ

Իջեւան մ'է կառուցուած սահմանին վրայ Շիրակին,
Գործ արքունի ճոխութեան, մեծազանգուած, ահագին:
Լայն դըռներն իր կը բացուին ճամբուն վըրայ հրատոչո
Դուրս շընչելով զովութիւն եւ աղբերուն հոտը չոր:
Արեւուն դէմ կիզանուտ ապաստան մ'է մըշտազով
Ճամբորդներն հոն կը հասնին տօթէն թխացած ծոցերով
Եւ յօնքերնին բեռնաւոր փոշիներով տապախարշ.
Հո՛ն կը հասնին սայլերն յոյլ գոմէշներէ ծանրաքարշ,
Եւ կաղացող ջորիներն ու կարաւանն էշերու
Քաղցրաողկոյզ խաղողին կողովներուն տակ հըլու:
Հո՛ն կը հասնին շար ի շար ուղտերը յաղթ՝ բեռնաւոր
Տարաշխարհի զանազան համեմներով քաղցրածոր,
Եւ կը պառկին ծընկածալ, խըրոխտավիզ, կ'որոճան
Անծանօթ խոտն հեռաւոր երկիրներուն արփական:
Թանձրակառոյց իջեւանը բարիք մ'է երկնատու
Երբ կը հըսկէ ճամբուն վրայ՝ որուն ծայրերը երկու
Հորիզոնին խորհուրդին մէջ տաղտկօրէն կ'անհետին,
Երբ կը վառէ անկենդան լըռութեան մէջ լեռնային
Իր պանդուխտի օճախներն ամէն մարդու անխըտիր
Եւ հոն ամռան ջերմութիւնը մարելու ի խընդիր
Թանին ալիքը կ'հոսի երակներու մէջ ծարաւ:
Բայց միշտ հասնիլն հոն, անկէ մեկնելէն քաղցըր չէ բնաւ:
Աւասիկ այդ իջեւանն է՝ ուր կու գայ Տըրդատէս
Ապաստանիլ նետերուն եւ արեւուն դէմ հրակէզ:
Ծալքերուն մէջ թիկնոցին եւ կուրծքին վրայ զրահակուռ
Պարուրուած է Նազենիկ մարմարի պէս ջարդուփշուր.
Այլեւս, ո՛հ, չի յուզեր ոչ մէկ սարսուռ, ոչ մէկ վանկ
Չըքնաղ մարմինն իր սառած լուսարձանի մ'հանգունակ:
–«Արդեօք քնացա՞ւ (կը խորհի՝ ասպետն հասած իջեւան)
Թէ սարսափէն մարեցաւ, ճըրագի պէս, կուրծքիս վրան:
Ի՜նչպէս կըրնայ սալանալ այնքան եռանդ մ'յանկարծոյն
Եւ տարածուիլ սըրտիս վրայ շիրմաքարի մը հանգոյն»:
Խորհելով այսպէ՛ս Տըրդատ վար կը ցատկէ նըժոյգէն
Եւ կ'իջեցնէ վարձակն ալ, բայց աչքերն իր կը տեսնեն
Մազերուն մէջ Բակուրի նետն ըսպաննիչ, արիւնն հիր՝
Որ հոսած է ծոծրակէն ժապաւէնի պէս կարմիր:
Կընոջ մարմինը անշունչ գիրկը կ'իյնայ ցըրտագին.
Կատաղութիւն ահաւոր ասպետական խաբկանքին…
Մազերն ամբողջ կը քըստմնին՝ երբ սիրտն անոր կը տեսնէ
Տիեզերքի մը սըրտին նըման՝ դադրած տրոփելէ,
Երբ կը խորհի թէ կինն այդ մէկ թարթափին մէջ աչքին
Գեղեցկութեան հեթանոս ունէր գանձերը անգին,
Թէ իր մարմինն էր լոգցած երկնի շողովը անշէջ,
Մեղր ունէր իր թուշին տակ, լոյս ունէր իր ծիծին մէջ,
Եւ իր ձեռքին ու ոտքին մատերուն ծայրն էր խըտացած
Տիեզերքն այս յարդարող Ճարտարութիւնն առեղծուած.
Եւ խորհեցաւ վերջապէս՝ սրահին մէջ Բակուրին
Աստուածացումն իր միսին, փոթորկումները պարին,
Եւ առջի հեղ ըլլալով ապառաժ մարդն այդ լացա՜ւ…
–Ո՜վ պատրանքի արցունքներ հերոսներուն մեծ համբաւ,
Որոնք երբեմըն սըրտի խորէն կ'հոսին տըխրամած
Հին օրերու յաղթութեան պըսակներուն վրայ դեղնած: