Հարճը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ե

Բարտի մը կար հինաւուրց՝ զոր ձեռքերովն իր բարի
Իջեւանին քով տընկեր էր Դիցանոյշ մ'անտառի.
Սակայն այդ օրն ոստ առ ոստ ան կը չորնար տրտմօրէն
Տերեւներն իր դալկահար հողին վրայ ողբալէն:
Ո՛վ գիտէ ո՛ր մըրրկածուփ գիշերուան մէջ Արամազդ
Զարկեր պատռեր էր անոր սիրտն իր շանթով մեծասաստ.
Եւ գըլուխն իր գեղուղէշ՝ որ կը հասնէր արեւին՝
Արդ սօսափներ չէր երգեր, կը նիզակուէր դէպ երկին:
Հո՛ն, ահա այդ բարտիին շուրջը եկան հաւաքուիլ
Անտառաբնակ չորս քուրմեր հագած կընգուղ եւ ջանջիլ,
Ու Տըրդատի հրամանով անոր բունին ճիշտ ներքեւ
Միահամուռ փորեցին Նազենիկի փոսը սեւ.
Ու երգեցին Աստղիկին: Տըրդատ սըրտէն շանթահար՝
Անոր դեռ թա՛րըմ դիակն առած գրկին մէջ կու լար:
Երբ զայն փոսին յանձնեցին՝ մազերուն մէջ շաղապատ
Դեռ Բակուրի նետն ոսկի կը փայլակէր լուսացայտ:
Իջեւանին քով տնկուած վաղընջական այն բարտին
Վերընձիւղում մ'ըստացաւ՝ բուժելով վէրքն իր սրտին՝
Երբոր Հարճին լոյս մարմնոյն աւիշներով կենսայորդ
Թաթախուեցան հողին տակ արմատներն իր խորդուբորդ,
Եւ ըսուեցաւ թէ անոր տերեւուտքին մէջ դողդոջ
Չըքնաղ հոգին վարձակին բընակեցաւ դար մ'ամբողջ,
Լուսընկային ժըպտեցաւ, ծոծրակին վէրքը տուաւ ցոյց,
Հովերուն հետ պար եկաւ, բամբիռներն իր հնչեցուց: