Օրագրութեան էջեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

13 Նոյեմբեր 1917

Գիշերային անքնութեանս ա՛լ սկսայ համակերպիլ։ Ուրիշ կերպ կարելի չէ։ Ժպտիլ եւ ընդունիլ։ Առաւօտեան դէմ, միայն քանի մը ժամ կը քնանամ։ Սկսայ ծխախոտի տուփս բարձիս տակ պահել։ Կէս գիշերէն ետք, յաճախ, կ՚ելլեմ, անկողնիս մէջ կը նստիմ ու կը ծխեմ։

Երէկ գիշեր, տարօրինակ գրգռութիւն մը ստացած էր միտքս, հակառկ որ ամբողջ օրը հանդարտ անցուցած էի, քիչ կարդացած էի ու միայն մայրամուտին դուրս ելած, քանի մը ամայի փողոցներէ անցած ու վերադարձած էի սենեակս։ Առաւօտուն, երբ աչքերս բացի, գիշերուան մտածումներս, կազմած ծրագիրներս սարսափեցուցին զիս։ Ինչե՜ր խորհեր էի։ Ցերեկը արդէն հազիւ կրնա պահել ինքզինքս, բայց կ՚երեւի գիշերը բոլորովին կը կորսնցնեմ անձս... ։

 

14 Նոյմ.

Ամիսէն աւելի է որ գինի չեմ խմած, եւ սակայն որեւէ բարոյական շարժառիթ չկայ ասոր համար։ Դրամ չունիմ-voila tout։ Վստահ եմ որ՝ եթէ այս իրիկուն սատանան առաստաղէն քիչ մը դրամ ձգէ սեղանիս վրայ, փոխանակ մայրամուտի թափառումիս ելլելու, պատուհանիս առջեւ կը նստիմ, կարմիր գինիի շիշ մը դիմացս։

Տանջող անձկութիւնները հետզհետէ կը լքեն հոգիս։ Ալ հազիւ թէ որեւէ բանի համար տէրտ կ՚ընեմ։ Յոռի նշան՝ թերեւս։ Նուագ տէրտ կ՚ընեմ՝ ասո՛ր համար իսկ։ Ոչինչ արժէք ունի։ Ծո՜ւխ։ Ամէն բան պիտի ցնդի։ Ով գիտէ քանի՛ հոգի մեռաւ այս գիշեր, աշխարհի չորս ծայրերը, եւ այս առաւօտ, ճիշդ հիմա, քանի հոգեվարքներ կան, որոնք գլուխնին ձգած բարձի մը վրայ, կը սպասեն որ գայ ծերուկ փիլիսոփան՝ Մահը։ Այս ցուրտ ծերունին միակ պատասխան մը ունի իրեն հարցում ընողներուն- «Մի՛ աճապարեր ու ոչինչ բաներու վրայ միտքդ մի յոգնեցներ, օր մը քու սենեակդ ալ պիտի գամ, չեմ մոռնար»։ Արդ, որքան ատեն որ դուռս գոց մնայ իր դէմ, որքան ատեն որ տրամադրութեանս տակ ունենամ մահճակալ մը, սեղան մը, աղուոր գիրքեր, աղուոր սիկարէթներ, որքան ատեն որ ազատ ըլլամ ըսելու - «Հիմա պիտի երթամ արեւին տաւկ թափառելու... » չեմ կարծեր թէ որեւէ պատճառ ունիմ sers ընելու։

Ս. էն նամակ մը ստացայ իրիկունը։ կ՚ըսէ թէ իր վերջին նամակը պիտի ըլլայ այդ։ Հէ՜ք աղջիկ... ։

16 Նոյմ.

Ինձմէ զատ մարդ չմնաց տունը։ Հիմա երեք ներկայութիւններ ունիմ շուրջս՝ զիս հետաքրքրող - Օսկար Ուայլտ, ծխատուփս եւ մայրիկիս սեւ կատուն, որ քովս, գորգին վրայ պառկած, արեւին գաղջութիւնը կ՚ըմպէ։

Իրապէս գեղեցիկ առտու մըն է։ Աշնանավերջի ճառագայթները, դուրսի զովութեան միանալով, հրաշալի մթնոլորտ մը կը ստեղծեն։ Ի՞նչ պիտի ընեմ հիմա։ Ահաւասիկ - Տորիըն Կրէյի թարգմանութիւնը պիտի շարունակեմ, յետոյ նամակ մը պիտի գրեմ, յետոյ ոսկեզօծ սիկարէթ մը պիտի ծխեմ։ Երէկ, շնորհալի տիկին մը տուփ մը ոսկեզօծ սիկարէթ նուիրեց ինծի։

Որչա՜փ օրհնեցի զինք... ։ Իտէալ կինը, որուն պիտի ուզէի հանդիպիլ, ա՛ն պիտի ըլլար որ ամէն իրիկուն տուփ մը իտէալ սիկարէթ հայթայթել կարենար ինծի։ Ուրի՜շ։ Այսչափ միայն... ։ Երբ սիկարէթս աւարտեմ, պիտի երթամ արեւին տակ քալելու.... ։ 18 Նոյմ.

Հանդարտ, ամպոտ առաւօտ մըն է, սոսկալի պիտի անձրեւէ հիմա. տրամադրութիւնս քիչ մը մութ է, բայց հին ծանրութիւնը երբեք չեմ զգար ուսերուս վրայ։ Աղէ՞կ ճամբու մէջ եմ։ Չեմ գիտեր։ Շաբաթէ մը ի վեր գոհ եմ վիճակէս։

19 Նոյմ.

Ձմրան սաստիկ ցուրտերը սկսան։ Առաւօտուն, արթննալուս պէս, խորհեցայ թէ թերեւս ձիւնած էր դուրսը, հովը ձիւնոտ օդերու յատուկ իր թօնը առած ըլլալուն։ Կարօտագին կը սպասեմ առաջին ձիւնին։ Մտադիր էի այսօր Բերա երթալ, Օսկար Ուայլա գնելու համար, բայց ցուրտը եւ օձիքս ձեռք տալու վախը արգելք եղան։ Զարմանալի է որ դեռ ոչ մէկը, ոչ իսկ ոստիկան մը զարկաւ դուռը։ 36 օր է որ դադրած եմ «Օսմ. քաջարի բանակ»ին մաս կազմելէ։ Մոռցա՞ն արդեօք իմ գոյութիւնս։ Եթէ այսպէս ամիս մը եւս ազատ ըլլամ, Սկիւտարի մերկ փողոցներուն մէջ ստուերս պտտցնելու, որոշած եմ (շատ լուրջ կերպով) աստուածապաշտ ըլլալ, հին օրերու հաւատքիս դառնալ։ Կատակ չէ ըսածս։ Կը խորհիմ թէ այս հրաշքին մէջ Աստուծոյ մատը կայ։ Այո՜, պիտի աղօթեմ, շաբաթ իրիկունները ձեռքովս իւղ պիտի կաթեցնեմ Աստուածամօր պատկերին առջեւ պլպլացող իւղամանին մէջ։ Բայց պայմանը պէտք պէտք է լաւ հասկցուի - դեռ ամի՜ս մը... ։

21 Նոյմ.

Գիշերը, ճաշէն յետոյ, հակառակ սաստիկ ցուրտին, կամ ճիշդ այդ պատճառով, ահագին վերարկուիս մէջ փաթթուած դուրս ելայ, Իճատիյէի ամային փողոցներուն մէջ դեգերելու։ Սոսկալի մութ էր. քանի մը անգամ՝ մաղ մնաց որ ցեխին մէջ փռուէի։ Ոչինչ կարելի էր տեսնել։ Ինչու՞ այդքան ուրախ էի։ Օրերէ ի վեր այսպէս երջանիկ եմ, առանց ամենափոքր պատճառի։ Քալելը միշտ անօրինակ հաճոյք մը կը պատճառէ ինծի, մանաւանդ մութին մէջ, հովին մէջ։

Երբ հսկայի քալեր կ՚առնէի ցուրտ ու մեռած փողոցներուն մէջ, ինծի անանկ կու գար թէ քանի մը շիշ գինիով ողողած էի ստամոքսս. այնքա՜ն թեթեւ էի։ Երբ պտղավաճառ Հաճիին խանութին առջեւէն կ՚անցնէի, վայրկեան մը կեցայ ու ներս նայեցայ։ Գոց փեղկերուն ետեւ, փայտէ ցած աթոռի մը վրայ քամակը կքած՝ օղի կը ճնկէր, ժանգոտած մանկալ մը սեղմած ծունկերուն մէջտեղ։ Դուռը զարկի ու նորէն ներս նայեցայ։ Բնազդական շարժումով մը՝ անմաղ գլուխը դէպի դուռը դարձուց, բայց իսկոյն բարկութիւնով ետ տարաւ զայն։ Գաւաթ մը օղի կոկորդէն վար պարպած միջոցին, երկրորդ անգամ զարկի դուռը, սպառնական թուրքերէնով մը ըսելով թէ սպայ եմ։ Մեզեի վերջին պատառին հետ յիշոց մը ծամծմելով՝ ելաւ բացաւ դուռը։ Նախ չճանչցաւ զիս եւ բռնազբօսիկ հիւրամեծարութիւնով մը ընդունեց։ Բայց երբ պատէն կախուած լապտերին տակ գացի, ու դէմքս տեսաւ, բարկութիւնը սահման չունեցաւ։

-Աս վախիթ՝ սայդը՛ ընելու է պէ՜...

Լեզուն չէր դառնար բերնին մէջ, ու ճիգով ինքզինք կը բռնէր։

-Ի՞նչ կ՚ուզես, չափուխ ըրէ...

-Բան մը չեմ ուզեր։ Աղուոր էրեսդ տեսնելու եկայ, - ըսի։ Եւ առանց աճապարելու, զինուորական քայլերդ մը սուլելով հակեցայ սերկեւիլի վիթխարի կողովին վրայ։ Երբ հրաշալի սերկեւիլ մը զատած ետեւս դարձայ, տեսայ թէ խեղճ մարդը իմ գոյութիւնս մոռցեր էր։ Դրամը իր օղիի շիշին վրայ դրի։ Այն ատեն գլուխը վեր առաւ, նոր յիշոց մը արձակելու. բայց մեզեի կտոր մը, իր ճամբան կորսնցուցած ըլլալով, կ՚երեւի խոչափողին մէջ մտեր էր. սկսաւ սոսկալի հազալ։ Իր գըլխու շարժումներէն հասկայ թէ՝ հազը աւարտելու պէս՝ իր գինովի ամբողջ մաղձը վրաս պիտի թափէր, ուստի շտապով սիկարէթ մը վառեցի իր մարմրող կրակներէն, հատ մըն ալ իրեն համար ձգեցի իր օղիին գաւաթին քով ու դուրս ելայ։ Մինչեւ փողոցին անկիւնը՝ իր այլանդակ հազը միակ ձայնն էր որ քայլերուս աղմուկին կ՚ընկերանար մութին մէջ։

Մութին մէջ, ահագին սերկեւիլը խածոտելով տուն վերադարձայ։ Գիշերը շատ խաղաղ էր քունը։ Առանց ծխելու, մինչեւ առաւօտ քնացայ։ Փոթորի՞կն էր այս տրամադրութիւնը տուողը։ Աշնանավերջի հովը շաբաթէ մը ի վեր կատղիլ սկսած է, ու շաբաթէ մը ի վեր է որ տարօրինակ կերպով խաղաղած եմ։

22 Նոյմ.

Վաղը Առնաուագիւղ պիտի փոխադրուինք։ Բնաւ չեմ ուզեր այդ խոնաւ ու աղմկալի գիւղը երթալ։ Տիեզերքին մէջ, Սկիւտարը միա՛կ տեղն է որ իմ հոգեկան վիճակներուս կը յարմարի։ Մռայլ նախազգացումներ կ՚ունենամ... կա՛մ պիտի հիւանդանամ եւ կամ (pire gue ca) օձիքս ձեռք պիտի տամ։

26 Նոյմ.

Չորս օրէ ի վեր Առնուագիւղ փոխադրուած ենք։ Եկածնուս ի վեր կ՚անձրեւէ։ Խաղաղութիւնս կորսնցնելու վրայ եմ։ Չեմ կրնար աշխատիլ։ Նոր գնած գիրքերուս էջերը դեռ չեմ կտրած։ Պէտք չէ որ կեանքի արտաքին պայմանները այսքան ազդեն վրաս։ Ամէն կարելի ճիգ կ՚ընեմ այս տարօրինակ ընդարմացումէն դուրս գալու համա։ Բուռն մարզանքներ կ՚ընեմ, ոպէսզի չկորսնցնեմ գոնէ ֆիզիքական կորովս, զոր հազիւ ձեռք ձգած էի վերջերս։ Չեմ կրնար ծովափը պտոյտի երթալ, վտանգաւոր հանդիպումներէ վախնալով (վտանգաւոր հանդիպումները՝ կիներէն աւելի՝ ոստիկաններն են հիմա), իսկ առանց քալելու չեմ գիտեր թէ ի՛նչպէս պիտի անցընեմ օրերս։ Երէկ բարեկամ մը կ՚ըսէր թէ գիւղին ետեւը հրաշալի բլուրներ կան։ Օդը բացուելուն կը սպասեմ՝ բնտռտուքի ելլելու համար, ի խնդիր լուռ մենութիւններու։

27 Նոյմ.

Օդը յանկարծ բացուեցաւ կէսօրուան մօտ։ Առաւօտուն դեռ կ՚անձրեւէր, եւ այնչափ մութ, այնչափ լալկան օդ մը կար որ յուսահատութիւնս գրկած պառկեցայ անկողնիս մէջ ու վերմակս աչքերուս քաշեցի։ Առանց քնանալու, աղօտած գիտակցութիւնով մը՝ անհեթեթ բաներու վրայ կ՚երազէի, երբ զգացի յանկարծ թէ սենեակս կը լուսաւորուէր։ Իսկոյն վերմակը նետեցի ու ելայ նստայ... երկինքը կաս-կապոյտ։ Փողոց նետեցի ինքզինքս... դէպի բլուրները։ Երկու ժամէն աւելի թափառեցայ։ Իրապէս զմայլելի վայրեր գտայ։ Ամէն օր կարելի է նոր մենութիւններ գտնել։ Բլուրի բարձունքէն մինչեւ Սեւ Ծով ու Վոսփորէն դէպի անծանօթ հեռաւորութիւններ, անվերջանալի տափաստաններ են առջեւդ, մերթ ընդ մերթ յանգելով փոքրիկ բլուրներու կամ անդորր ջուրի ճամբաներու՝ պզտիկ խորութիւններու մէջ։ Լքուած քէօշկի մը պարտէզը, տերեւազուրկ սալորենիի մը տակ նստայ ու գրպաններուս մէջ մնացած քանի մը նամակներ կարդացի։ Մէկը՝ ութ էջնոց, Ատանա եղած ատենս ստացած էի մտերիմէ մը. -երկար ատենէ ի վեր մոռցուած իր տողերէն հասկցայ թէ իմ մէկ եռանդուն նամակիս պատասխաներ էր, եւ իր կարծիքը կը յայտնէր իրեն գրած ծրագիրներուս, գործունէութիւններուս մասին։ Երանելի՜ օրեր... ։ Ուրիշ մը՝ երկտող մըն էր, կապոյտ թուղթի վրայ մատիտով գրուած։ Հէ՜ք քաղցր թրքուհի... «եթէ իրապէս զիս քյր մը կը նկատէք, ինչու՞ չընդունիմ ձե՛զ նաեւ ես, որպէս եղբա՜յր մը... Նամակնիդ կարդացած պահուս, աչքերս լեցուն էին արցունքով»։

Իճլալ... Սեւ, վայրագ աչքերով աղջիկ մըն էր, 15-16 տարեկան, ուսերէն վար թափուող խիտ, մութ գոյն մազերով. իր ընդհանուր արտայայտութիւնը վերջին ծայր ինքնատիպ էր. միշտ՝ կամ չափազանց մելամաղձոտ կամ չափազանց զուարթ տեսած եմ։ Մայրը Ֆրանսացի էր, ու հայրը՝ Թուրք չափագէտ մը։ Ամէն օր մութ գոյն ինքնատիպ հագուստ մը հագած կ՚ըլլար, պո-սքաուդական լայնեզր գլխարկ մը գլուխը։ Ի՞նչպէս բարեկամացանք իրարու հետ՝ չեմ յիշեր։ Երբեք չենք խօսած իրարու հետ։ Երկու նամակ գրած է ինծի, ես ալ իրեն երկու նաակ գրած եմ։ Եւ Ալեմտաղիի մէջ տեղի կ՚ունենար այս հովուերգութիւնը։ Երանելի օրեր։ Մայրամուտի պտոյտիս սկսելէ առաջ, իրենց պանդոկին առջեւէն կ՚անցնէի։ Եթէ պարտէզը կամ իր սենեակին պատուհանին առջեւ ըլլար՝ կը ժպտէր։ Եթէ պանդոկին մէջ չըլլար, վստահ էի թէ զինք պիտի տեսնէի Թաշտելէնի կամ Քիւչիւք Էլմալիի մէջ, ու ճամբայ կ՚ելլէի։ Առաջին նամակս՝ հսկայ ընկուզենիի մը տակ ձգած եմ, գեղեցիկ թարմ առաւօտ մը, երբ պարտէզը կը շրջէր, գիրք մը ձեռքը։ Սիրուն մտերմութիւններ կրնայի ունենալ հետը. առանց գռեհիկ հանգրուաններու - ինչու որ՝ անկեղծ ու յախուռն աղջիկ մըն էր - եթէ աւելի զօրաւոր մագնիսացում մը զգացումներուս ուրիշ կողմ շեղելու չըլլար։ Միեւնոյն իրիկունը, առաջին նամակը գրած իրիկունս, ծանօթացայ Ս. ին հետ։ Երեք օր ետք, երկրորդ ու վերջին նամակս կը ձգէի, այս անգամ իր պատուհանէն ներս, իմացնելով իրեն թէ գիւղէն կը մեկնէի... եւ առանց որեւէ հասցէ նշանակելու։ Նոյն օրը - զօրահաւաքի երկրորդ օրն էր -, գիւղէն մեկնած էր Ս. ին ընտանիքը։ Վերջին անգամ՝ տեսայ Թրքուհին, երբ կառքս անկիւնի փոքրիկ սրճարանին առջեւէն կը դառնար. իր մութ գոյն հագուստով, առանց գլխարկի, պանդոկի սեմէն ներս կը մտնէր։ Կարդացա՞ծ էր նամակս, չեմ գիտեր։ Անկէ ի վեր իր հետքը կորսնցուցած եմ և սակայն շատ անգամներ կը խորհիմ իր վրայ, ու, միշտ, այդ կորսուած պատկերը պզտիկ մելամաղձութիւն մը կու տայ ինծի... «Նամակդ կարդացած պահուս, աչքերս լեցուն էին արցունքով»։

... Դէպի Կալաթա գացող հանրակառքին մէջն եմ, քանոնի մը ընկերակցութեամբ։ Օձիքս ձեռք տուած եմ։ Տաք արեւէն հրապուրուած՝ պտոյտի ելեր էի, երբ տուն վերադարձած միջոցիս աղուոր դիմագծով քանոն մը ժպտելով թեւէս բռնեց.

-Խնդրեմ, վեսիքանի՛դ...

Գրպանիս մէջ քեպապ-քեստանեսիէ զատ ոչինչ կար, թէեւ ձեռքս գրպանս տարի վայրկեան մը։ Յանկարծ ժպտեցայ եւ իրեն բացատրեցի կացութիւնը։ Հիմա զինուորներու յատուկ վակոնին մէջ նստած ենք քովէ քով։ Մերթ սիկարէթ մը կը հրամցնեմ իրեն. կ՚առնէ եւ շնորհակալ կ՚ըլլայ։ Յետոյ անձայն կը ծխենք։ Ո՞ւր կը տանի զիս այս մարդը։ Երեւակայել թէ՝ մոխրագոյն հագուստներ հագած, ցած ճակատով, մելամաղձոտ աչքերով այս երիտասարդը կէս ժամէ ի վեր իմ ամբողջ ճակատագիրս իր ձեռքը առած է։ Ոչինչ կրնամ ընել իրեն դէմ, ոչ իսկ կրնամ տեղէս ելլել ու երթալ քովի նստարանին վրայ նստիլ... ու հիմա, տասը վայրկեանէն... բա՜նտ։

Անշուշտ քիչ մը տխուր եմ, եւ առանց կամքիս՝ պզտիկ գող մը կը դեգերի ատեն ատեն, կռնակիս երկայնքին։ Բայց փոյթս չէ. նորէն գերագոյն կարելիութիւնները միտքս կը բերեմ եւ անհոգ կը դիտեմ ճամբուն վրայ հանդիպող մարդիկը, տուները, փերեզակի խանութները։

... Երկու լուսամուտով, ցած առաստաղով խցիկի մը յանգեցայ։ Դաժան դէմքով քանօն մը՝ խորհրդաւոր դուռ մը բացաւ ու ներս հրամցուց զիս, հեգնական քանի մը բառ կմկմալով։ Երբ փականքը կը գոցէր վրայէս, երկաթին ճռինչը խոշորկեկ սարսուռ ը պտուտցուց ողնայարիս երկայնքին, եւ ակնթարթի մը մէջ յարձակում կրեցի բանտային հին յիշատակներէս։ «Նորէ՞ն», խորհեցայ։ Բայց խաղաղութիւնս իսկոյն վերադարձաւ։ Ինձմէ զատ երկու հէք զինուորներ կային ներսը, քովէ քով անշարժ նստած։ Իրենց քով նստայ ու սիկարէթ մը վառեցի։ Զատ զատ իրենց պատմականը ըրին, երկար, ձանձրացուցիչ։ Բան չհասկցայ իրենց պատմածներէն։ Հաւանաբար ամենապարզ բան մըն էր իրենց գլխուն եկած, բայց իրենց չլմորած ուղեղներուն մէջ ամէնէն մութ գոյներով կը բարդանային դէպքերը։ Իմ լաւատեսութիւնս զարմանք պատճառեց իրենց։ Անատոլցիներ էին, տարիքոտ Յոյն մը եւ բիրտ դէմքով Թուրք մը։ Գլուխս հակած (չզարնելու համար ցած առաստաղին), ձեռքերս կռնակս, թաց գունատ պատերուն երկայնքը կը ճեմէի, ականջ տալով այդ թշուառ ընտանիքի հայրերուն։ Ամէնէն աւելի՝ ծեծ ուտելէ կը վախնային։ Թուրքը իմացած է եղեր (հաւանաբար փորձառութենէն կը խօսէր) թէ հոս եղողները առանց չորքոտանիի ծեծ մը ուտելու դուրս չեն ելլեր։ Ծերուկը, Յոյնը, որ կ՚ըսէր թէ (շատ բաներ կ՚ըսէր, բայց հազիւ թէ ասոնք միտքս մնացեր են) տարի մը առաջ իր կինը կորսնցուցած էր եւ թէ՝ հինգ- թերեւս աւելի - որբեր ձգած է ինք իր մարած օճախին շուրջ, դատապարտեալի վհատութիւնով մտիկ կ՚ընէր Թուրքին բերնէն թափթփող այդ մութ բառերուն ու դեփ-դեղին կտրած՝ ձախ ձեռքով կը շոյեր իր իր ողնայարին ստորոտը, խոհուն կատուի մը պէս աչքերը կէս մը գոցելով ատեն ատեն։

Կրցածս ըրի՝ հանդարտեցնելու համար խեղճ մարդը, խօսք առնելով (իբրեւ խիստ competant մէկը) թէ առաջին անգամը չէր այդպէս գունատ պատերու տակ գլխահակ ճեմելս։ Թէեւ, հաւանական գանակոծումի մը պատկերը ստամոքսիս տակ թեթեւ ցաւ մը կը պտտցնէր մերթ ընդ մերթ։ Սահմռկած Յոյնին հետ ես ալ երբեմն կէս մը կը գոցէի աչքերս, պզտիկ երեւակայութիւն մը ընելու համար - ահաւոր մկաններու տէր բանտապահ մը, պատրաստ կեցած, ձեռքը բիբ մը... ։

Առաւօտէն ի վեր գրպանիս խորը կը պահէի (կամքի անհուն ճիգերով) դեղին, հսկայական սերկեւիլ մը - camme reserve։ Կը խորհէի թէ, սոփայի հարուածներէն ետք, թերեւս քիչ մը մխիթարութիւն բերէր, ան։ Ու ժամերը կ՚անցնէին։ Միջոց մը, քալելէ ու մտմտալէ յոգնած, գացի քարէ լուսամուտին ու երկաթ ձողերէն սկսայ անցորդները դիտել։ Կը նայէի՝ առանց մէկը տեսնելու։ Ամէն մարդ կը շտապէր, ամէն մարդ գործ մը ունէր - մոռոզ ծերունիներ, նայուածքնին գետինը, ամէն մէկ քայլերուն կարծես մէկը անիծելով. ապուշ զինուորներ՝ անճոռնի հագուստներով, մեղամաղձոտ համակերպութիւնով կ՚անցնէին։ Յետոյ սպաներ՝ անհոգ, զուարթ, վիզերնին ուռած, (ինչու՞ այսչափ փուճ են այս մարդիկը, այս սպայ ըսուածները... եւ այսքան տխմար)։ Յետոյ մանաւանդ՝ առուծախի մարդիկը - ճարպոտ, փիլիսոփայ նպարավաճառներ - ընդհանրապէս յոյն, երկու թիզ առջեւէն ճամբորդող որովայններով։ Ատոնց համար, տիեզերքի ճակատագիրը կախում ունի ձիթաիւղի եւ լուբիայի գիներէն։ Խորհրդածութիւններս կը ձգտէին հետզհետէ խորանալ... երբ յանկարծ լուսամուտիս առջեւ չլմորած դէմք մը ցցուեցաւ... Պերճուհին էր(*)։ Հակառակ իր շրթունքներուն գողին, աղէկ լուրեր կը բերէր, կը վստահեցնէր թէ ժամէ մը պիտի հանէին զիս այս բանտէն, հիւանդանոցի սպայիս զրկելու համար։ Ան հեռաձայնած եւ ուզած էր զիս բանտի սպայէն։ Սկեպտիկութիւնով մտիկ ըրի ըսածները, վստահ ըլլալով թէ այդքան դիւրութեամբ կարելի պիտի չըլլար օձիքս ազատել։ Ապահովցուցի զինք իմ մասիս, ըսելով թէ չէր, և թէ, հակառակ պարագային, ամենածանր հետեւանքները կրելու պատրաստ էի։ Բացատրեցի նաեւ, թէ ներկայ պարագային, միակ կարեւոր իրականութիւնը ստամոքսիս դատարկութիւնն էր։ Գնաց հրաշալի սերկեւիլներ բերաւ մօտակայ պտղավաճառէ մը. - մէկիկ մէկիկ ներս առի քաղցր պտուղները, մատներս չարչըրկելով երկաթ ձողերուն միջեւ։

Մութնալ սկսաւ։ Դուռը անշարժ կը մնար։ Հողէ նրբանցքին մէջ, որ բանտը կ՚անջատէ սպային սենեակէն, ոչ մէկ ոտնաձայն։ Երբեմն դուռին քով կ՚երթայի, մէկ աչքս կը մօտեցնէի պզտիկ ծակի մը, հետազօտելու համար դուրսի կացութիւնը։ Ամէնէն ճարպոտ մարմինը հալեցնելու չափ շփոթ էր իրերու ընդհանուր գնացքը։ Ի՞նչ ընելու միտք ունէին։ Ո՞վ պիտի հարցուփորձէր, ե՞րբ։ Դրան առջեւ սպասող սուինաւոր պահակին մէկ անդամը կ՚երեւար երբեմն՝ իբրեւ գերագոյն յայտնում - այլանդակ մոյկով ոտք մը, ճաթռտած, կասկարմիր ձեռք մը։ Հակառակ փափաքիս, չկրցայ դէմքը տեսնել, թէեւ բաւական չարչարեցի աջ աչքիս բիբը՝ զննական ծակիս շուրջ։ Ուրիշ ոչինչ՝ որ շարժում ունենար։

Սպային սենեակին դուռը բաց էր, ելեկտրական լոյսով ողողուած։ Թուղթերով լեցուն սեղան մը կը տեսնէի մէկ անկիւնը, ու քովը՝ դատարկ Ֆոթեօյ մը։ Սենեակին մթնոլորտը սիկարէթի ծուխով ողողուած կը թուէր. ուրեմն մէկը կար ներսը որ խաղաղօրէն կը ծխէր. ո՞վ էր, սպա՞ն արդեօք, le diable

Վայրկեան մը եկաւ ուր յոռետեսութիւնս յաղթական թւեցաւ։ Բոլոր յոյսերը սիկարէթներուս ծուխին հետ ցնդեցան։ Ա՛լ կացութիւնը պայծառ էր. ամբողջ գիշերը մեզ հոդ պահելէ ետք, արշալոյսին, կարգով, ձեռք ձեռքի՝ պատերազմական ատեանի բանտը պիտի փոխադրէին։

Ժամը 7-ի ատենները դուռը յանկարծ բացուեցաւ։ Ուրախութենէս սիրտս թրթռաց։ Նախ ոչինչ տեսայ։ Ներսի խաւարին վարժուած ըլլալով, քանի մը երկվայրկեան չկրցայ կոպերս բանալ ու յառիլ։ Յանկարծ, դեռ աչքերս չբացած, բանտին ցուրտ լռութիւնը փոխուեցաւ այլանդակ ժխորի մը. բազմաթիւ բերաններ միեւնոյն ատեն կը խօսէին, կը վիճէին, կը հայհոյէին։ Ուշ ատեն բռնուած փախստական զինուորներու խումբ մըն էր, միանգամայն քոմիք ու եղկելի երեւոյթով։ Իբրեւ ներածութիւն ըսուած խօսքերէ եւ յիշոցներէ ետք, անոնք իսկոյն փիլիսոփայօրէն ընդունեցին իրականութիւնը։ Իրենց ուսին կեղտոտ պարկերը վար դնելով, նստան եւ սկսան սիկարէթ ոլորել։ Մէջերնին փորձառուներ կային. մէկը կ՚ըսէր թէ սեֆքիաթէն ինը անգամ փախած էր եւ իններորդ անգամուն մազ մնացեր էր որ կեանքը վրայ տար, երբ Հայտար Փաշայէն ճամբայ ելլող շոգեկառքին մէկ վակոնին տակ պահուտած էր, շղթայէ մը կախուած։ Կարգաւ, իրենցմէ ամէնէն փորձառուներուն մօտեցայ, իրենց կարծիքը շօշափելու համար մեր ընդհանուր կացութեան մասին։ Տիվանը-հարպ... բոլորն ալ համաձայն էին այս կէտին շուրջ։

Ամէն տեսակ յանցանքի տէր զինուորներ այդ ատեանին առջեւ միայն իրենց վճիռը կը ստանային։ Այս բանտին սպան բան չէր կրնար ընել, կ՚ըսէին։ Ու մութին մէջ ահաւոր յիշոց մը արձակուեցաւ այդ վերջնոյն դէմ։

Այն ատեն, ստոյիկօրէն մտածելով, կարգ մը վճիտ եզրակացութիւններու հասայ -օրուան բոլոր պատահարները մոռնալ, քափոթիս օձիքը քաշել մինչեւ ականջներս, ու մէկիկ մէկիկ ճաշակել ոսկեգոյն սերկեւիլներս։ Յետոյ, ստամոքսս լռութեան դատապարտուելուն պէս, անկիւն մը կծկտիլ... ։

Չորրորդ սերկեւիլ մը գրպանէս հանելու վրայ էի, երբ դուռին փականքը մռնչեց, ու գրեթէ միեւնոյն ատեն՝ չարաշուք ձայն մը պոռաց դուրսէն։

-Մըթօս քի՞մ տիր, կելսո՜ւն...

Կէս ժամ ետք, յաղթական մուտք մը կ՚ընէի մեր հիւանդանոցին մէջ, շոգենաւին ծխնելոյզին պէս բերնէս պարպելով բիբոյի թանձր ծուխ մը։ Բոլորը կը ճանչնային զիս իբրեւ համբաւաւոր փախստականը. դռնապանէն մինչեւ բժշկապետը, մատերնին խածած են յաճախ՝ գործած ծայրայեղութիւններս լսելով։ Եւ սակայն, հիւանդանոցի նրբանցքներուն մէջ իմ մասիս տիրող կարծիքը անձէ անձ կը տարբերի։ Ոմանք համօզուած կը թուին թէ անվիճելի փախուկ մըն եմ, իսկ քիչ չէ թիւը անոնց որ կը պնդեն թէ յուսահատ սէրէ մը չլմորած եմ... եւ առ այդ՝ բոլոր սա ծթռած բերաններէն անհամար առասպելներ կը թափթըփին իմ մասիս, իբրեւ փախուկ, իբրեւ սիրահար։ Նաճի պէյը մեկնած էր։ Ճաղատ պաշ-չաւուշը իր ամէնէնտխմար տրամադրութիւններէն մէկուն մէջ էր, երբ իր սենեակը տարուեցայ։ Դժուար բան է այս մարդուն երեսը նայիլ ու ծիծաղը զսպել։ Ոչ մէկ դերասան, արուեստի բոլոր նրբութիւնները գործածելով, պիտի կարենար այսքան ապուշ դէմք մը արտայայտել։ Օր մը, գերման շուեստըրներէն մէկը ըսաւ. Cest un chameau...

-Հօշ կելտին...

Երեսը նայեցայ, տեսնելու համար թէ կը հեգնէ՞ր։ Իրապէս ուրախ էր գալուս համար։ Իր ամէնէն հազուագիւտ մէկ ժպիտովը ժպտեցաւ, ձեռքին եղէգը ձգեց սեղանին վրայու քովը դրուած մաճկալին վրայ հակելով՝ սկսաւ իր սիրական ժեսթը ընել - նիհար, երկար մատերը իրարու շուրջ դարձնել, մատոսկըրերու շղրթոց մը յօրինել.... ։ «Նորէ՞ն այս մարդոց հետ պիտի ապրիմ... » խորհեցայ, ու միտքս բերի այն ծիծաղելի օրերը, երբ ամէն իրիկուն, տուփ մը սիկարէթ, կէս քաշ կեռաս ձեռքս բռնած, կը մօտենայի իր սեղանին, լուրջ, քաղաքավար՝ ու մեղմօրէն իր ծունկին վրայ կը տեղաւորէի նուէրս, զգուշանալով որ իր օգնականը չտեսնէր ըրածս. մինչ ինք, ծայրայեղ լրջութեամբ, անտարբեր ու իբրեւ թէ ոչինչ չէր տեսած, կէս մը վեր կ՚առնէր գլուխը, վայրկեան մը իր յոգնած աչքերը վրաս կը պտտցներ (ինծի կը թուէր թէ ամէն իրիկուն համազգեստիս կոճակները կը համրէր) ու կ՚ըսէր. «Հա՜, իրաւ, դուն այս շաբաթ բնաւ տուն չգացիր, հէ՞, կեցիր քեզի վեսիքա մը գրենք»։

Ու գլուխը վար կ՚առնէր՝ իր ձգաց աշխատութիւնը շարունակելու։ Ալ մեր խեղճ գոյութիւնը կը մոռցուէր։ Հարիւրաւոր մարդիկ կը մտնէին կ՚ելլէին իր սենեակէն. բոլորին հետ կը խօսէր, կը կատակէր, կը փիլիսոփայէր, հարիւրաւոր թուղթեր կը գրէր՝ այդ հարիւրաւոր մարդոց ստեղծած գործերը կարգադրելու համար, եւ ամէնէն վերջը - յաճախ ասիկա ալ ըրած է քոսոտած ուղտը - սափրիչը կանչել կու տար ու խաղաղօրէն կը նստէր, կ՚ածիլուէր, մինչ ես անկիւն մը, աթոռի մը վրայ նստած, բարկութենէս մատներս կը խածնէի։

-Դեռ հո՞ս ես։ Վա՜խ վա՜խ վա՜խ...

Ու շտապով թուղթի կտորի մը վրայ երկու բառ կը գրէր, ինծի կ՚երկարէր։ Le chameau

Իր դիմացը նստեցուց զիս ու կէս ժամի չափ, իրարու ետեւէ, հարիւր տեսակ նիւթերու վրայ խօսեցաւ։ Ծայրայեղօրէն յոգնած էի, աչքերս կը գոցուէին։ Ի վերջոյչաւուշի մը հրամայեց որ խովուշին մէջ մաքուր մահճակալ մը տրամադրեն ինծի։ Երբ դուրս կ՚ելլէի, «վաղը կը տեսնուինք», պոռաց ետեւէս, գրելու զբաղած, աչքին տակէն իմաստալի ակնարկ մը նետելով դէպի դուռը։

Խորունկ տխրութիւն մը եկաւ վրաս, եւ սակայն, միեւնոյն ատեն կը զգայի մէջս բարոյական ուժի խոշորկեկ պահեստ մը, չընկճուելու համար։

Ծաղկալի մութ պարտէզէն անցանք։ Երբ խովուշ մտանք, ամէն կողմէ փսփսուքներ ծայր տուին, իրենց երկյարկ անկողիններուն մէջ երկարած՝ նախկին ընկերներս շիլ աչքերով ինծի կը նայէին։ Ի՞նչ կը խորհին իմ մասիս. չեմ հասկնար թէ ինչու՞ ասանկ տպաւորութիւն մը կը ձգեմ այս պարզհոգի, տգէտ գեղջուկներուն վրայ։

Պերճուհին հասցուցած սերկեւիլները սպառեցի, քանի մը քաղած բերաններու եւս բաժին հանելով, ու կոտրած աթոռի մը վրայ նստելով՝ սկսայ քաղաքական համոզումներս պարզել խովուշին տիրապետող չաւուշին... Երբ պառկելու փողը հնչեց, համբերութիւնս հոգեվարք էր, ու պոռալու անհուն մարմաջ մը ունէի։ Ամէնէն մաքուր անկողինը զատուեցաւ ինծի համար - վերնայարկի մահճակալ մը՝ աղտոտ բարձերով, աղտոտ վերմակով անսաւան... ։ Բոլորը անկիւն մը նետեցի, ես ալ անկիւն մը ժողովեցի յոգնած անդամներս, գլուխս յանձնեցի ձեռքերուս եւ իսկոյն քնացայ... ։

Տարօրինակ չէ՞, ամէն անգամ որ այսպէս այլանդակ օր մը կ՚անցըեմ, կեանքի ամէնէն կոշտ, ամէնէն տգեղ վիճակները ապրելով, ու գիշերը յոգնած, չարչարուած, տխուր կ՚իյնամ սրտառոց անկողին մը, անհունօրէն քաղցր երազներ կու գան օրօրել քունս։

Յանկարծ լոյսերու մէջ գտայ ինքզինքս. թատրոն գացեր էի առանձին, բանաստեղծական մելամաղձոտութեան մը անձնատուր։ Անոյշ, նուաղուն երաժշտութիւն մը կօրօրէր հոգիս։ Շուրջս նայեցայ. ճիշդ քովս, Ֆոթեօյի մը խորը կին մը ընկողմանած էր ու կը ծխէր... ։ Համակ հիացում՝ սկսայ դիտել զինք... ։ Աշխարհի մէջ ինչ որ կայ քաղցր ու փայփայող՝ ներկայ էր անոր ամբողջ անձին մէջ, մանաւանդ իր սեւ թաւիշէ աչքերը՝ երկար թարթիչներով... ։ Հեշտանքը՝ անմեղ, եթերային՝ կը ծորէր նայուածքէն. մազերն ու ճակտին կէսը երազային քօղով մը ծածկուած էին, եւ ամբողջ մարմինը կը լողար նրբին, ծովագոյն շրջազգեստի մը մէջ... մետաքսէ՞... չեմ գիտեր, բայց նուրբ, թափանցիկ... ։ Լուռ իրպեն նայեցայ, հոգիիս ամբողջ թախիծովը։ Ժպտեցաւ, արձանի մը պէս անշարժ, անմատչելի... ։ Այն ատեն, անդիմադրելի հոսանքի մը անձնատուր, քիչ մը հակեցայ դէպի իրեն... Երազային ձեռք մը դպաւ վիզիս... ։ Իսկոյն, հոգիիս մէջ հաւաքուած մելամաղձութիւնը վերածուեցաւ անսահման երանութեան մը։ Երեսս հակեցի այդ հեշտալի մորթին վրայ եւ սկսայ տղու մը պէս լալ... ։

Համակ վայելք էի... ։ Երբ յանկարծ ամէն բան շուրջս փոխուեցաւ։ Մութ գիշերի մը մէջ, մութ եղեւինի մը տակ նստած էինք, մատուռի մը քով։ Օ՜հ, եթէ կարենայի յիշել ինչ որ կ՚ըսէի իրեն։ Հոգիիս ամէնէն անյայտ խորութիւններէն կը բխէին այդ յուզումը, այդ բառերը... ։ Պատանիի հին քաղցր հոգիս վերածնած էր մէջս։ Ան լուռ կ՚ունկնդրէր, կը նայէր արցունքոտ աչքերուս ու կը յարդարէր մազերս, զորս հովը ամէն վայրկեան կը տարազնէր ու կը թափէր դէմքիս վրայ։ Միջոց մը, երբ գերագոյն փարումով մը իր սպիտակ ծոծրակը կը համբուրէի, աչքերս յանկարծ բացի...

Ելայ անկողնիս մէջ նստայ ու սիկարէթ մը վառեցի։

-Լեօպեթճի՛, ժամը քանի՞ն է։

-Հիմա կը լուսնայ... ։

... Կէսօրէն ետք ուրիշ խովուշ մը փոխադրուեցայ, «բերեքենթե քովուշը» ըսուածը, աւելի պզտիկ, աւելի մութ, բայց աւելի ազատ եմ հոս, թէեւ, միշտ պահակ մը պիտի ընկերանայ ինծի, եթէ դուրս ելլել ուզեմ։

Պատուհանի մը առջեւ դրուած մահճակալի մը երկրորդ յարկը ցոյց տրուեցաւ ինծի։ Հոն մագլցելով՝ գաղջ արեւին տակ ժամերով պառկեցայ։ Ժամանակին սահիլը չեմ զգացեր, շուտ մը իրիկուն եղաւ։

Զանազան բարեկամութիւններ հաստատեցի տարիքոտ զինուորներու հետ, որոնք պզտիկ վարձատրութիւնով մը կ՚երթան սիկարէթ ու պտուղ կը դնեն դուրսէն։ Իրիկուան դէմ ձանձրացայ, դուրս գլայ, պզտիկ քառակուսի բակին մէջ դեգերելու։ Յանկարծ դուռ մը նշմարեցի - հրեցի ու ներս մտայ։ Դատարկ սենեակ մըն էր, մերկ պատերով ու ցած առաստաղով։ Ըրած գիւտս չափազանց ուրախացուց զիս։ Իսկոյն խովուշին միակ կոտրատծ աթոռը հոն փոխադրեցի ու մայրամուտի ամբողջ պահը այդ մերկ պատերուն միջեւ անցուցի, ծխելով, երազելով... ։

Գիշերը, ընկերներս խարաւանայի հրաւիրեցին զիս. մաքուր ամանի մը մէջ իմ բաժինս զատեր էին։ Կերակուրնիս տեսակ մը այլանդակ ապուր էր - ալման չորպասի կ՚անուանեն զայն։ Հինգ հսկայ խարաւանաներու շուրջ բոլորուած էին յիսունէ աւելի զինուորներ, ցամքած ստամոքսներով, աչքերնին խոշոր խոշոր բացած ու փայտէ զգալով մը զինուած՝ գերագոյն րոպէին կը սպասէին, յարձակումի ձեռնարկելու համար։ Ինչպէ՞ս կ՚ապրին այս մարդիկը, ինչպէ՜ս կը տոկան այսքան զրկանքի։ Իրենցմէ մէկը կ՚ըսէր թէ ամբողջ օրը գերեզման փորած էր, տասնըմէկ գերեզման... ։ Ուզեցի իրենց նուիրել իմ բաժինս, բայց մերժեցին, նոյնիսկ ոմանք առնուեցան։ Ստիպուեցայ իրենց պէս հացս փշրել ամանին մէջ ու ծալապատիկ նստած, ժանգոտած զգալով մը ճաշակել այդ գաղջ ջուրը։

Ճաշէն ետք, պահակի մը ընկերակցութեամբ պզտիկ պտոյտի մը ելայ հիւանդանոցին նրբանցքներուն մէջ։ Քանի մը Հայերու հանդիպեցայ եւ իրենց հետ քանի մը բառ փոխանակեցի։ Եթէ մշուշ չըլլար, պարտէզը կը դեգերէի քիչ մը։ Հիմա պիտի մագլցիմ ինծի յատկացուած անկողինը։ Հակառակ անշարժ կեանքիս, յոգնած կը զգամ ինքզինքս։ Մինչ անկիւն մը կծկտած կը գրեմ այս տողերը, ճիշտ քովս՝ չորս հէք զինուորներ, գետինը նստած, գետնախնձորի կեղեւներ կը բաժնեն իրենց միջեւ։ Չկրցայ հետաքրքրութիւնս զսպել. հարցուցի թէ ի՞նչ պիտի ընէին այդ կեղտոտ կեղեւները։ - Կերակուր պիտի եփենք, - ըսաւ դեռատի, կարմիր այտերով պատանի մը ու բարձրաձայն ծիծաղեցաւ։

Դեռ բանտարկուած կը մնամ։ Օրուան մեծ մասը կ՚անցնեմ դատարկ սենեակին մէջ։ Տունէն ապսպրած գիրքերս եթէ հասնին, գանգատելիք ոչինչ պիտի ունենամ։ Ժամերով առանձին կը նստիմ սենեակիս մէկ անկիւնը ու գրեթէ չեմ ձանձրանար։ Մութնալուն պէս, ելեկտրական կոճակը կը սեղմեմ ու կը ճաշեմ։ Տասնապետը՝ որուն յանձնուած եմ իրիկուան դէմ աթոռ մը ճարեց. ասոր վրայ կարելի է հանգիստ նայիլ. թէեւ այս ալ ծռած է մէկ կողմին, բայց գոնէ չորս ոտք ունի։ Միւս աթոռս ալ չեմ լքած. յաճախ անոր վրայ կ՚երկարեմ ոտքերս, մանաւանդ երբ ծխեմ։

Գիշերը շատ կը նեղուիմ խովուշին ապականած օդէն։ Ոչ մէկ պատուհան կը բացուի օրուան միջոցին, եւ այդ յիսուն թոքերը ջրահան մեքենաներու պէս կը գործեն, յետոյ, չկայ մէկը որ չծխէ։ Երբ դատարակ սենեակէս կը դառնամ, դեռ կէս մը երազի մէջ կը բանամ դուռը, բուռն յուսահատութիւն մը կու գայ վրաս։ Բայց հետզհետէ պիտի վարժուիմ։ Կարմրած վառարանին քով կը նստիմ, քանի մը սիկարէթ կը ծխիմ։

Երէկ գիշեր, ժամը մինչեւ 2 չպառկեցայ։ Չորս զինուորները, գետնախնձորի կեղեւները եփելու համար, ասկէ անկէ փայտ գողցեր էին, եւ ամէն մարդ քնանալէ ետք, վառարանը վառեր էին։ Արգիլուած է պառկելու փողէն վերջ վառարանը վառել։ Իրենց քով նստայ ու մտիկ ըրի իրենց պատմութիւնները։ Ինչ պատմութիւններ ունին այս հէք, հայրենաբաղձութենէ տանջուող գեղջուկները... ։

Երէկ գիշեր, քիւրտ զինուոր մը երկար մասալ մը պատմեց։ Մահճակալիս անճոռնի բարձրութեան վրայ ծալապատիկ նստած, երեք ժամէն աւելի ականջ տուի իրեն, մասալին նիւթէն աւելի՝ իր գործածած մասնաւոր բառերը, ոճերը, առածները ըմբոշխնելով։ Մարդ կ՚ապշի այս տարօրինակ կերպով տըգէտ մարդոց մէջ յաճախ հանդիպելով այնպիսիներու որոնք, թէեւ կոշտ ու անմշակ, տաղանդաւոր յատկութիւններու այլազանութիւն մը կը յայտնաբերեն շատ անգամ՝ իրենց պերճախօսութեամբ, սուր դիտողութիւնով ու տեսակ մը այլանդակ բայց վառվռուն երեւակայութեամբ։ Քիւրտին յօրինած պատկերները կատարելապէս ինքնատիպ էին- իր նկարագրութիւնը՝ թագաւորի մը երեք աղջիկներուն, անոնց արդուզարդին, անոնց ննջարաններուն, անոնց քմահաճոյքներուն մասին, իր երեւակայած սարերը, ձորերը, եօթը յարկ վերի ու եօթը յարկ վարի աշխարհները՝ հիացուցին զիս։ Միայն աւիւնը կը պակսի այս հէք մարդոց։ Արիւննին սառած է։ Ալեւոր ուղտի մը պէս ծունկերուն վրայ չոքած, անշարժ, ցած ու միօրինակ ձայնով մը կը պատմէր իր մասալը, ծխափողին ծայրէն առկախուող մոխիրը թափելու համար միայն դաստակը շարժելով։

Երբեմն, յանկարծ կ՚անդրադառնայի խովուշին մէջ տիրող մեռեալին լռութեան, ու հաճոյքի տարօրինակ զգացում մը կ՚ունենայի։ Այն ատեն, վայրկեան մը կը դադրէի մասալը մտիկ ընելէ ու դիրքիս վրայ ակնարկ մը կը նետէի։

Քիւրտին հետ տակաւ կը բարեկամանամ։ Բոլորը կը յարգեն զինք, իբրեւ խովուշին ամէնէն խելամուտ, ամէնէն աւելի խօսելու իրաւունք ունեցող մարդը, Իր կարծիքը շատ կշիռ ունի։ Խնդրագիրները իրե՛ն գրել կը տրուին. հայրենիքէն եկած նամակները ի՛նք կը կարդայ։ Այդ բոլորը, բնականաբար, տեսակ մը հանդիսաւորութիւն ու մեծամտութիւն տուած են խեղճ Քիւրտին։ Երբեմն ծիծաղելի ըլլալու աստիճան կը պռստէ յօնքերը, երբ կարծիք մը յայտնելու կը պատրաստուի. երկու մատներովը կ՚ոլորէ իր լեռնականի պեխերը՝ տափակ քթին շուրջ։ Գիշերները լեօպեթ չի սպասեր, իր կերակուրը խարաւանայէն կը զատուի, թիթեղէ ամանի մը մէջ իրեն կը հրամցուի։ Գլուխը հակած, անխօս կը ճաշէ իր մահճակալին վրայ, ատեն ատեն քովնտի ակնարկ մը նետելով դէպի իմ մահճակալս, բերանը երկու քովերէն պայթելու չափ լեցուցած։ Ամէնէն աւելի հետաքրքրուած եմ իր լրագիր կարդալու ատեն առած երեւոյթովը... Առաւօտուն կանուխ կը բերուի թերթը եւ իրեն կը յանձնուի։ Ամէն ոք լուռ ու մունջ կը նստի իր մահճակալին վրայ ու կը պատրաստուի մտիկ ընելու (անշուշտ բերանը բաց)։ Երբ վստահ ըլլայ թէ պեխերը պէտք եղած հանդիսաւորութիւնով ոլորած է, թող կու տայ զանոնք ու կը սկսի ծանր ծանր կարդալ։ Յանկարծ կը կենայ, անհրաժեշտ նկատելով պզտիկ բացատրութիւն մը տալ տողի մը, բառի մը մասին։

Յաճախ խորհած եմ թէ իր մասին աւելի նպաստաւոր կարծիք մը պիտի ունենայի, եթէ իր տաղանդը միմիայն մասալ պատմելու վերապահէր։ Ինչ որ ըլլայ, սակայն, այս մարդը, թերեւս իր թերութիւններովը մանաւանդ, համակրութիւնս գրաւած է։ Դատարկ սենեակին մէջ ճգնումներէս ու պզտիկ պտոյտներէս դուրս, գրեթէ ամբողջ ժամանակս իրեն հետ կանցընեմ։ Կա՛մ ես կը ճամբորդեմ դէպի իր մահճակալը, կօշիկներըս հանած, միւս մահճակալներուն վրայէն անցնելով, եւ կամ ան՝ դէպի իմս։ Ժամերով միասին կը նստինք։ Շատ գոհ կը մնայ իմ սիկարէթներէս, բայց կը վշտանայ երբ իր վարնոց տեսակէ ծխախոտը ինծի հրամցնէ՝ ու ես մերժեմ սիկարէթ մը ոլորել անկէ։ Այս առաւօտ հիացումս յայտնեցի իր երկար ոլորուն ծխամորճին համար. խոստացաւ ինծի ալ հատ մը ճարել։ Ainsi le temps sen va...

13 Դեկտեմբեր

Այսօր նոր գիւտ մը ըրի։ Դատարկ սենեակը, ուր այնքան խաղաղ ժամեր կ՚անցընեմ, հիւանդանոցին ուսումնարանն է եղեր։ Կարդալ-գրել գիտցող զինուորները, տասնապետութեան բարձրանալու համար, հոն կու գան եղեր դաս առնելու։ Կէսօրուան ճաշէս ետք, աթոռներուս վրայ երկարած սիեսդ կ՚ընէի, երբ յանկարծ դուռը բացուեցաւ եւ ահագին խումբ մը ներս խուժեց, գէշ տրամադրուած բժիշկէ մը առաջնորդուած։ Յանկարծակիի եկած կատուի պէս տեղէս ցատկեցի ու դէպի մահճակալս նահանջեցի։ Դասէն յետոյ, երբ ուսումնականներու հօտը մեկնեցաւ, հոն վերադառնալով պզտիկ հետախուզութեան մը ձեռնարկեցի։ Իսկոյն երեւան եկաւ անկիւնի մը մէջ կորսուած, նեղ երկար պահարան մը։ Երբ դուռը բացի, մարդկային կմախք մը ցցուեցաւ դէմս, գանկէն պարանով մը կախուած ու մեղմօրէն ճօճելով՝ պահարանը բանալու համար ըրած շարժումէս։ Կմախքին ետեւը աշխարհագրութեան քարտէս մը կար, կրծոսկրերու ստուերին մէջ մնացած։ Գիւտս շատ ուրախացուց զիս. ամբողջ իրիկունը այդ բաց պահարանին առջեւ անցուցի, վիրաւոր աթոռիս վրայ կքած, ուսումնասիրելով մերթ աշխարհը՝ մերթ մարդկային կմախքը։

Գիշերուան ճաշէս յետոյ, գաղտնի ճամբաներէ սպրդելով՝ հիւանդներուն յարկաբաժինը գացի, ուր հանրածանօթ հայ ջութակահար մը եկեր է այսօր։ Չորս-հինգ Հայեր, մահճակալի մը վրայ նստած, կը զուարճանային։ Անոնց քով նստայ կէս ժամի չափ։ Պժգալի նիւթի մը վրայ կը խօսէին։ Ինծի համար թէյ մը ապսպրեցին, զոր չկրցայ վայլել։ Յանկարծ, կռնակիս կողմը գտնուող պատուհանը զարնուեցաւ, տերվիե չաւուշ մըն էր որ նշմարեր էի զիս։ Առանձնարանս դարձայ եւ իրիկունը դնել տըւած սերկեւիլներս ըմբոշխնեցի։ Յետոյ մեր խովուշը մտայ։ Քիւրտը երկար մասալ մը սկսեր ու կէսը պատմեր էր արդէն։ Աւելի՛ լաւ։ Այս գիշեր զինք մտիկ ընելու գլուխ չունիմ արդէն. իր մասալը չաւարտած՝ դուրս ելայ, գիշերուան զով օդը շնչելու։ Աղէկ տրամադրութիւն չունիմ այս գիշեր։

... Քիւրտը սկսաւ ջղայնոտել զիս։ Իր մասալները կ՚երեւի սպառիլ սկսան, ինչու որ այս իրիկուն յանկարծ իրական կեանքի դրուագներ պատմելու ելաւ, ականջին ետեւը քերելով ու երազի մէջ խորասուզելով իր ուրուրի աչքերը։

Կ՚ըսէր թէ՝ չեմ գիտեր ո՛ր լերան վրայ՝ ոճիր մը գործած է եղեր (հաւանաբար Հայ մը փողոտած է) ու երեք տարի բանտարկութեան դատապարտուած։ Իր բոլոր մասալները բանտային այդ շրջանին կը պարտի եղեր։ Գիշերուան ճաշէն ետք, 8-10 բանտարկեալներ անկիւն մը կը քաշուին, շուրջանակի կը նստին, մէջտեղը մեծ մոմ մը կը վառեն եղեր, եւ իրենցմէ մէկը կը սկսի եղեր անվերջանալի մասալի մը կծիկը քակել։ Մայրամուտին, բանտապահներու բացակութեան, կը սկսին եղեր հաշիշի անթիւ սիկառներ ոլորեր, ու մասալը սկսած պահուն, ամէնքը մէկ կը վառեն եղեր՝ հեշտալի թոյնը պարունակող իրենց ծխամորճերը, որոնք՝ պատմութիւնը աւարտող՝ երկինքէն ինկած երեք խնձորներուն ատենը միայն կը մարեն եղեր։

Իր բանտային կեանքէն շատ մը բաներ պատմեց, որոնց ոճրային նկարագիրը հե՛րքեց իր մասին նախապէս կազմած միամիտ ու քաղցր լեռնականի կարծիքս։ Իսկ երբ «Քիւրտ բէկի մը քաջագործութիւնները» գլուխին տակ՝ սկսաւ պատմել Հայերուն դէմ այդ հրէշին գործած ճիւաղութիւնները, ատելութեան բուռն հոսանք մը զգացի այդ բորբոսած մարդուն հանդէպ, որ հակառակ իր տարիքին, տակաւին հաճոյքով ու ժպտալից կը կը պատմէր իւրաքանչիւր անմարդկային եղեռնը՝ լեռներու այդ չարաշուք հերոսին։ Թէեւ, որոշ է թէ իր «մասալճի»ի երեւակայութիւնը մեծ դեր ունէր իր պատմածներուն մէջ։

Հակառակ բուռն փափաքիս, որեւէ միջամտութիւն չըրի. նոյնիսկ, ի վերջոյ յանգեցայ ժպտալի տրամադրութեան մը, հանդարտօրէն ուսումնասիրելով շրջապատս ու ծիծաղելով ունեցած բորբոքումիս համար։ Բանտային երկար կեանքը կը թուի քայքայած ըլլալ Քիւրտին մարմինը. իր կենսունակութիւնը քամուած է, փտած ցորենի տարօրինակ տժգունութիւն մը կը ծածկէ իր դէմքը եւ իր երկար ցցուն վիզը։ Յաճախ կը ստիպուի ընդհատելու մասալը ու երկար կը հազայ, յետոյ կը թքնէ կարմիր ահագին թաշկինակի մը մէջ զոր ցերեկները ճակատը կը կապէ, ֆէսին վրայէն։ Թերեւս թոքախտաւոր է. իր տկար, անորոշ ձայնը այդ կասկածը ներշնչած էր ինծի առաջին օրէն, եւ ատոր համար էր որ մերժեր էի իր քովի պարապ անկողինը գրաւելու համար ըրած առաջարկը։

Ելեկտրական լոյսին մէջ, ի՜նչ ուրուային արտայայտութիւն մը կ՚առնէր, երբ վիզը դէպի առաջ ձգած, աչքերը տենդավառ, իր հիւծած ձայնովը կը պատմէր խաւարի եւ արհաւիրքի իր տեսիլները։ Չեմ գիտեր ինչո՛ւ, թրքական շջանակներու մէջ՝ զիս յաճախ Յոյն կը կարծեն։ Հոս ալ, առաջին օրէն, իմ մասիս այդ կարծիքը տիրեց զոր մինչեւ հիմա հերքած չեմ։ Ի՜նչ հարկ։ Երբ երանելի Քիւրտը իր ոդիսականը աւարտեց, մահճակալիս ծայրէն սիկարէթ մը երկարեցի իրեն, զոր առաւ հազալէն եւ տխմարօրէն ժպտելով։ Անձրեւէ թրջած ծերուկ սեւ սագի մը տպաւորութիւնը կ՚ընէ վրաս այս մարդը, իր նեղ, վեր քաշուած ուսերովը, իր քալուածքովը մանաւանդ, թէեւ հազիւ թէ կը քալէ։

Հիմա ժամը 3-ին մօտ է։ Ինչ երկա՜յն են ձմրան գիշերները։ Դեռ չկրցայ քնանալ։ Շուրջս բոլորը կը խորդան։ Ելեկտրական լոյսին տակ կարգաւ կը քննեմ իրենց չարչըրկուած դէմքերը - բոլորը տառապած մարդիկ են։ Քունը որչա՜փ անմեղ կ՚ընէ մարդս։ Քիւրտը աջ կողմին վրայ կծկտած է, խոշոր անձեռնոց մը կապած իր սրածայր գանկին շուրջ։ Եթէ չխորդար, մեռած պիտի կարծէի զինք. ա՛յնքան գունատ կ՚երեւի աչքիս։ Դուրսը մութ խաղաղ գիշեր է։ Ինչո՞ւ չեմ կրնար քնանալ։

Կիրակի...

Այսօր բժշկական մարմինը քննեց զիս ու որոշեց որ նորէն հիւանդանոցին մէջ պառկիմ։ Կարծեմ ջղային հիւանդութեանց մասնագէտի մը պիտի ղրկեն։ Թերեւս յաջողիմ նորէն, կարգ մը դերասանական ձեւերով՝ Conge մը ձեռք ձգել։ Բայց չելլեն խենթանոց փոխադրեն զիս, ինչպէս մէկը դիտել կու տար այս առաւօտ։

Հիմա քառանդինայի մէկ սենեակին մէջ պառկած եմ, մեկուսի, մութ խովուշը, ուր ոչ մէկ արտաքին աղմուկ կը թափանցէ։ Ինձմէ զատ հիւանդ չկայ։ Ես հիւա՞նդ եմ։ Կատարեալ մենարանի մը մէջ եմ, կատարելապէս ազատ եմ ուզածս ընելու։ Ինչպէ՜ս կ՚ըմբոշխնեմ ոսկեզօծ սիկարէթներս։ Այս միեւնոյն մահճակալին մէջ ուրիշ անգամներ ալ պառկած եմ։ Անձնասպանութեան երկրորդ փորձէս ետք... ։

Գիշերը խաղաղ ճաշս ըրի, կանանչ ապակիէ սեղանին վրայ հակած։ Նուրին իտէալ սերկեւիլներ բերեր էր Թագսիմէն։

Հայ բժիշկի մը սենեակը փոխադրուեցայ, մաքուր, հանգստաւէտ անկողնի մը մէջ։ Կէսօին մայրս եկաւ, գիրք բերաւ։ Մէկը արդէն աւարտեցի։ Միւսը կը վախնամ սկսելու, եթէ այն ալ հատնի... ։ Անարիեւի նորավէպերն են. շատ կ՚ախորժիմ այս ինքնատիպ, հիւանդ Ռուսէն։

Մայրամուտին, հայ հիւանդի մը հետ բաղնիք գացի։ Հրաշալի էր։ Գաղջ ջուրը, զոր պզտիկ թասով մը գլխուս վրայ կը թափէի անդադար, մորթիս վրայ տարածուելով՝ տարօրինակ հաճոյք մը կու տար ջիղերուս։ Մեզմէ զատ մէկը չկար պզտիկ, կլոր ներքնամասին մէջ։ Երկար ատեն լուացուեցանք։ Բարեբախտաբար, խօղոս չէր ընկերս։

Երբ սրահ վերադարձայ ու տաքուկ անկողնիս մէջ սիկարէթ մը վառեցի, խորհեցայ՝ այսչափ երջանկութիւն բաւական է ինծի... ։

 

Հինգշաբթի....

Դեռ չէր լուսցած, երբ լուսնոտի մը աղաղակներէն բոլոր հիւանդները արթնցան։ Ծառայ մը գնաց հսկող բժիշկը կանչելու։ Անկողնին մէջ ծուլօրէն պառկած՝ կը մերժէ ան տեղէն շարժիլ ու հայհոյանքով կը ճամբէ ծառան։ Երբ համոզուեցայ թէ ա՛լ կարելի չէր քնանալ, դուրս ելայ, քարէ նրբանցքին մէջ թափառելու։ Ցուրտէն կը դողայի։ Պատուհանի մը առջեւ կեցայ ու բուռն մարզանք մը ըրի։ Դիմացս՝ տերեւաթափ ծառի մը ճիւղերը կը չարչարուէին հովին տակ։ Գրեթէ մթնշաղ էր ալ։ Երբ դադրեցայ դողալէ, ճակատս ցուրտ ապակիին փակցուցի ու վայրկեան մը դիտեցի իրերը։ Երկար ատենէ ի վեր ներկայ չէի եղած ձմրան արշալոյսի մը փթթումին։ Տխո՞ւր էի։ Երբ պաղած անկողինս դարձայ, խաղաղ էի, բայց տարօրինակ ընկճուածութիւն մը կար վրաս։

Մինչեւ իրիկուն, առատօրէն ձիւնեց։ Հրաշալի նորութիւն մը եղաւ ասիկա, հիւանդանոցի միօրինակ կեանքիս մէջ։ Գորշ պաթանիէս մինչեւ կզակս քաշած, աչքերս վա՛յրկեան մը չէի հեռացներ ձիւնով ծածկուած տանիքներէն ու Վոսփորէն անդին յայտնուող տարտամ մոխրագոյն բլուրներէն։ Պիտի ուզէի դեռ քանի մը օր մնալ հիւանդի այս մեկուսի, հանգստաւէտ մահճակալին մէջ, այսպէս ծուլօրէն պառկած։ Իրիկունը, հսկայ մանկալ մը բերուեցաւ սրահին մէջտեղը, մինչեւ բերանը կարմիր կրակով լեցուն։ Իսկոյն հիւանդներուն մէջ հոսանք մը յառաջ եկաւ դէպի կրակարանը։ Գլուխնին այլանդակ լաթեր կապած, կը շտապէին յարմար տեղ մը գրաւել անոր շուրջ։ Մէկը խնձոր մը կը թաղէր մոխիրին մէջ, ուրիշ մը՝ շերտ մը հաց կը կարմրցնէր, շատերը, իրենց ձեռքերէն զատ ոչինչ ունենալով տաքցնելիք, կողմնակի նայուածքներով կը հետեւէին ծամող բերաններուն։

Արմուկիս վրայ յենած՝ սիկարէթիս ծուխին մէջէն կը դիտէի դժբախտ խումբը։ Որչափ տժգո՜յն են այս մարդիկը. գրեթէ բոլորին կզակը դուրս ինկած է։ Եւ սակայն գոհ են, նոյնիսկ զուարթ։ Գոհ են այս առժամանակեայ կեանքին համար, զոր պիտի անցընեն հիւանդանոցի այս ընտանի մթնոլորտին մէջ, քանի մը շաբաթ։ Գրեթէ բոլորը ահռելի ճակատամարտերու մասնակցած են, խրամներու ցեխերուն մէջ ամիսներով պառկած՝ անօթի, ծարաւ ու հիւանդ։ Անոնցմէ ամէնէն տխմարն իսկ հերոսական յիշատակներ ունի մտքին մէջ եւ կրնայ ամիսներով պատմել՝ առանց ծայրը բերելու։ Եւ սակայն գոհ են հիմա. այս մարդոց միակ առաքինութիւնը սա է - մոռնա՜լ հինը և նորին համակերպի՛լ։ Մէջերնուն ո՛վ կը խորհի թէ քանի մը օրէն նոյն ցեխերուն, նոյն անստուգութիւներուն մէջ պիտի նետեն զինք։ Թերեւս ոմանք պիտի մեռնին, ուրիշներ պիտի կորսնցնեն իրենց մէկ ոտքը կամ ձեռքը։ Թերեւս սա պատանին, որ իր խորոված խնձորը անհուն վայելքով լափեց, մօտ օրէն պիտի դատապարտուի իր հայրենի դաշտերուն մէջ մեռած աչքերով թափառելու... կո՜յր՝ իր ամբողջ կեանքին մէջ... ։ Եւ ահա բարձրաձայն կը ծիծաղի, քանի մը հոգիի ընկերացած, ծաղրելու համար հէք երուկ զինուոր մը որ վշտացած կը նահանջէ դէպի իր ցուրտ անկողինը... ։

Տրամադրութիւնս յանկարծ մթագնեցաւ, առանց որոշ պատճառի։ Առաւօտուն այնքան զուարթ էն նորէն։ Երբ ելեկտրական լոյսերը վառեցին, պզտիկ մելամաղձութիւն մը եկաւ վրաս ու հետզհետէ խորացաւ, յանգելու համար դառն յուսահատութեան մը։ Նորէն կ՚աւաղեմ հին քաղցր օրերս, փշրուած անցեալս։ Իրաւ, որչա՜փ փոխուած եմ... ։ Ատելութիւնով ու զզուանքով կը նայիմ վերջերս ստացած խաղաղութեանս վրայ։ Ինչպէ՜ս կարող էի... ։ Ո՛չ, պէտք է որ այրող անձկութիւնները խեղդեն զիս, պէտք է որ տառապիմ, բանտարկեալի շղթաները կրեմ վիզիս շուրջ, դատապարտեալի մը քայլերով թափառիմ մութ փողոցներու մէջ, երդիք մը չունենամ... ։ Արժանի չեմ հանգիստի, ո՛չ իսկ գութի։ Հէք հիւանդ մը կրնայ գրաւել այս անկողինը, այս տաքուկ վերմակները, այս խաղաղ բարձը։ Ինչ գունա՜տ դէմքեր կան հարկաւ, հիմա, գիշերուան այս պահուն, ձիւնին տակ։

Վաղը առաւօտ պիտի լքեմ այս մահճակալը։ Եթէ չարտօնեն՝ պիտի խաչիմ։ Օ՜հ, տառապիլ, չարչարուիլ կ՚ուզեմ։ Գերագոյն երջանկութիւն մը պիտի ըլլար գլուխս քարի մը վրայ դնել եւ անքուն, անսուաղ մահանալ... ։

Երէկ գիշերուան տրամադրութեանս վրայ կ՚ապշիմ։ Առաւօտուն խաղաղօրէն արթնցայ և առաջին սիկարէթս ծխեցի գերագոյն անտարբերութիւնով մը։ Ձիւնը դեռ չէ դադրած։ Այս առաւօտ հիւանդ մը սառեցաւ։ Խեղճ մարդը երեք ամիս գոնժէ առեր էր երէկ, եւ այսօր տարուեր էր բժկապետին վերաքննութեանը ենթարկուելու։ Բժշկապետը հիւրեր ունի եղեր իր սենեակը, այնպէս որ՝ բոլոր իրեն ներկայանալիք հիւանդները քարէ նրբանցքին մէջ կը ստիպուին ժամերով սպասել ոտքի վրայ, բարակ շապիկ մը հագած, կուրծքերնին բաց, ոտքերնուն պզտիկ մուճակներ անցուցած, առանց գուլպայի։ Այս մարդը յանկարծ կ՚իյնայ եւ... անգամ մըն ալ չի գտներ իր գիտակցութիւնը։ Այն ատեն, բժշկապետը իր հիւրերը կը ձգէ վայրկեան մը (անշուշտ խնդրելով որ ներողամիտ ըլլան իրենց պատճառելիք այդ ակամայ ձանձրոյթին համար) ու մնացեալներուն վրայ շտապով կը կատարէ իր պարտականութիւնը։ Մեռնողը Յոյն է, Վասիլ։ Քիչ առաջ իր դիակը անցուցին՝ նրբանցքին վրայ նայող պատուհանին առջեւէն։

Շուտով իրիկուն եղաւ։ Ձիւնոտ օրերու յատուկ ցուրտ և ջինջ զուարթութիւնը կը յածի հիւանդանոցին անձուկ շրջափակին մէջ։ Հակառակ մէջտեղը դրուած հսկայ մանկալին, բոլոր հիւանդները իրենց անկողինին մէջ քաշուած կը մնան։ Ոչ ոք կը խօսի։ Ամէնէն կատակախօսները տրտմած կը թուին։ Թերեւս այս գիշեր մահը այցելութիւն տայ մեր սրահին քանի մը մահճակալներուն։ Դիմացի շարքին վրայ գտնուող հիւանդը շատ ծանր է։ Ամբողջ օրը հռդնաց. հիմա միայն լռեց, կարծես յարգել ուզելով սրահին վերեւ ծածանող չարագուշակ լռութիւնը։

- Երթալոց է, - ըսաւ ձախ կողմիս հիւանդը, որ Պուրսացի Հայ վաճառական մըն է, իր սիկարէթը մարելով մահճակալին երկաթին վրայ։ Յետոյ, վայրկեան մը իր պեխերը փայփայեց ու վերմակը գլխուն քաշելով կորսուեցաւ։

Հիմա ես ալ պիտի պառկիմ։ Մեր քնացած ատենը, բոլոր մահճակալներուն առջեւէն պիտի անցնի, առանց աղմուկի, հակելով, իւրաքանչիւրիս ճակտին վրայ բան մը փնտռելով։ Առանց կենալու պիտի անցնի։ Յետոյ այդ անկողնին առջեւ պիտի հասնի, պիտի հակի՝ ցուրտ բառը ըսելու այդ սառած ականջին։ Ո՞վ։ Ստուերը... ։

Շաբաթէ մը ի վեր տուն եկած եմ։ 15 օրուան համար Conge առի։ Տուն գալուս պէս՝ զզուելի հարբուխ մը յարձակեցաւ վրաս։ Դուրս չեմ կրնար ելլել։ Հաւանաբար միւս շաբաթս ալ այսպէս պիտի անցնի։ Ծեծ կերած աքաղաղի խելօքութիւնով՝ անկիւն մը կծկտած եմ։

Երէկ հիւանդանոց եկայ դարձեալ։ Հին Conge աւարտեցաւ, ու նոր մը առնելու յոյսը չունիմ այլեւս։ Պէտք է որ այս ձմեռ աշխատիմ հոս. այսինքն ամբողջ օրեր թափառիմ այս լուռ նրբանցքներուն մէջ։ Երէկ, երբ եկայ, սպաս խրատական մը խօսեցաւ, յորդորելով որ մէկդի ձգեմ այս «խեւութիւն»ս ու «կանոնաւոր մարդ» մը ըլլամ, անթերի կատարելու համար պարտականութիւններս, որոնց մասին երկու տող վերը նշանակեցի թէ ի՛նչ են։ Հարաւէն հիւսիս, հիւսիսէն հարաւ, յետոյ դէպի արեւելք, յետոյ...

Սպային խոստացայ ձմեռը աղէկ գործել։

- Գարունի՞ն... - հարցուց զարմացած ու քիչ մը նեղուած, թէեւ ա՛լ վարժուած է այլանդակ խօսքերուս։ Բարեբախտաբար, նոյն վայրկեանին ուրիշ մէկը մտաւ իր սենեակը, եւ իր գոյութիւնս մոռցաւ։ Շտապեցի մեկնիլ։ Հինգ վայրկեան ետք, ճերմակ շապիկ մը հագած, ծայր կու տայի մոլորեալի դեգերումներուս, բառին բուն իմաստով աննպատակ, քարերուն վրայ հնչեցնելով կոօշիկներուս երկաթագամ կրունկները, հանդիսաւոր ու միօրինակ - թա՜նկ, թա՜նկ, թա՜նկ։

Գիշերը Մէհմէտ չաւուշին խովուշը պառկեցայ, բացակայ տասնապետի մը անկողնին մէջ։ Չաւուշը իր ըրած այդ արտասովոր մեծարանքին համար իրաւունք տուաւ ինքնիրեն՝ երկու ժամու չափ գլուխս արդուկելու։ Խօսակցութեան նիւթը նոյն յաւիտենական նիւթն էր - քաղաքականութիւնը, «ի՞նչ պիտի ըլլայ»ն։

-Ա՜խ, Մէհլէքէթը...

Խօսակցութեան վերջերը, նիւթը յանկարծ փոխուեցաւ, չեմ գիտեր ի՞նչպէս. սեղանին վրայ դրուեցաւ ուրիշ հարց մը - ՍԷՐ... ։ Իր ածուխի պէս սեւ ու թաւ պեխին ծայրը ինքնաշարժ ելեւէջի մը անձնատուր՝ սկսաւ պատմել իր սիրային կեանքին դրուագները։

- Էֆէնտիմ, այդ աղջիկը զիս շատ կը սիրէր...

«Ա՜խ, կարելի՞ է չսիրել քեզ, կա՛ղ հնդկահաւ», կը խորհէի մտքէս, ու ներքին անհուն քրքիջի մը անձնատուր կ՚ըլլայի, առանց դէմքիս լրջութիւնը կորսնցնելու։ Ինքն ալ ծայրայեղօրէն լուրջ էր խօսած ատենը... - Այդ աղջիկը... -, եւ յանկարծ պեխին ծայրը կ՚երերար։

Աստուած իմ, ինչպէ՜ս այս մարդիկը կը տանին իրենց տխմարութեանը բեռը։ Երբ պառկելու փողը հնչեց, փութացի անկողինս ապաստանիլ, թէեւ իր անկողինէն, որ իմինիս դիմացն էր ու մօտը, երկար ատեն շարունակեց հարցումներ եւ խորհրդածութիւններ ուղղել հէք ուղեղիս որ պոռա՜լ կ՚ուզէր։ Պոռա՜լ, պոռա՜լ... ։

Առաւօտուն դեռ գրեթէ մութ էր, երբ ելայ, գործի սկսայ, Գործի՜... ։ Ահաւասիկ քաջագործութիւններս... ։ Թեւերս հանգրիճած՝ փառաւորապէս լուացուիլ սառի պէս պաղ ջուրով, ճաշել, մինչեւ կէսօր թափառիլ, կէսօրուան մօտ մէկ-երկու բանսըման ընել։ Կէսօրուան ճաշ։ Սիեսդ՝ վիրաւորի շարժուն կառքի մը վրայ, յետոյ քիչ մը Օսկար Ուայլա։ Մայրամուտին, պզտիկ երազանք մը՝ պարտէզը կամ պատուհանին ետեւ կծկտած։ Յետոյ ընթրիք, մէկ երկու գաւաթ կարմիր ջուր, յետոյ պզտիկ այց մը մօտակայ սրահներուն, երկու խօսք փոխանակելու համար վաղեմի վիրաւորներու հետ, յետոյ գիշերային երկար առանձնացում, յետոյ մեծ քունը... ։ Հիմակուհիմա, աղէկ տրամադրութիւնով կը խորհիմ կեանքի այս մեքենականութեան վրայ, նոյնիսկ գոհ եմ գործունէութեան բլանէս։ Եթէ ասանկ մնամ՝ աղէ՛կ։

... Այսօր, բանսըմանի պէրք ունեցող վիրաւորները աչքէ անցընելու համար, սրահները կը պատէի։ Տասներորդ սրահին մէջ, վերջին ծայր լուրջ դէմքով երիտասարդ մը, մաքուր ածիլուած, մազերը խնամքով սանտրուած, «պոլսեցի»ի գիշերանոցով, վերջապէս միւսներէն դիւրաւ զանազանուող դիբ մը, գլխու քաղաքավար եւ աղաչական շարժումով մը խնդրեց որ իր քովը  երթամ։ Անկողնին մէջ անշարժ նստած էր, մինչեւ ազդրերը մութ գոյն պաթանիեով մը ծածկուած։ Երբ մօտեցայ, տարօրինակ կերպով ժպտեցաւ, վայրկեան մը կեցաւ՝ առանց բառ մը ըսելու, թէեւ շրթունքները կը դողային, եւ այլանդակ փայլով մը կը փայլէին աչքերը։ Յանկարծ, մեղկ շարժումներով, աչքերը անրջանքի մէջ կորսուած, իր անկողնին մէջ մտաւ, մութ գոյն ծածկոցը մինչեւ կզակը քաշելով։ Ու հեշտանքի արտառոց արտայայտութիւնով մը, ուր բիբերը գրեթէ կը կորսուէին կոպերուն տակ ու նուաղկոտ սառնենիները միայն կը յառէին, կէս թուրքերէնով մը ըսաւ. -

-Օհ, պիտի գան եղեր, այսօր, հասկա՞ք, այսօր։ Ամէնքն ալ՝ ողջ-առողջ։ Նոյնիսկ տէտէս, հասկցա՞ք։ Հետեւաբար, կ՚աղաչեմ, ինծի ջութակի չորս հատ թել գտէք, ի՛նչ կ՚ըլլայ, կ՚աղաչեմ։ Քիչ մը միւզիք ընենք հէ՞... ։

Ու հիւանդագին քրքիջ մը սկսաւ ցնցել ուսերը։ Բոլոր հիւանդները քահ-քահ ծիծաղիլ սկսան։ Սրահին տասնապետը ականջիս փսփսաց թէ խենթ մըն է դիմացինս, որուն հետ խօսիլ արգիլուած է։

Գլխուն վրայ կախուած սեւ տախտակին վրայ անունը փնտռեցի - Գառնիկ օղլու Արամ, ատաբազարցի։ - Հա՜յ մը...

Անշուշտ վէպ մը կայ՝ այդ կոպերուն տակ պահուըտիլ ուզող բիբերուն խորը։ Աքսորէ՞ն դարձած է արդեօք։ Ո՞վ են իր չարչարուած ուղեղին մղձաւանաջը եղող այդ բացակայ մարդիկը, որոնց գալուստը կը տեսլանայ։ Առիթ մը գտնելու է՝ աղէկ մը խօսելու համար խեղճին հետ։ Այդ փշրուած իմացականութեան մէջ, թերեւս յիշողական պզտիկ մաքառում մը կայ տակաւին։

 

Գիշեր...

Անկարելի եղաւ խելագար Հայէն որեւէ մանրամասնութիւն առնել իր ինքնութեան մասին։ Ոչինչ կը յիշէ իր անցեալէն, կամ գոնէ ոչինչ կը յայտնէ իր մութ, ծայրայեղօրէն ծիծաղելի եւ տխուր խօսքերովը։ Միշտ նոյն մտասեւեռումը։ Սիրելիներու գալուստին կը սպասէ, որոնք անպատճառ պիտի հասնին, հեռու-հեռու տեղերէ, թերեւս ժամէ մը։ Եւ անհրաժեշտ կը նկատէ ընդունիլ իր հիւրերը ... Նուագով։ Սրահին մէջ, բոլորին ծաղրանքներուն նշաւակ եղած է։

Իրաւ, ինչպէ՜ս չծիծաղիլ, երբ ամենալուրջ դէմքով մը, մազերը ձախէն աջ խնամքով սանրուած, կնոջական նրբութիւններ տալով իր արտայայտութեան, այդ գալիք անձերուն վրայ կը ճառէ։ Տարօրինակ պարագաներու տակ բերուած է հիւանդանոց։ Կիրակի իրիկուն մը, Բերայի կողմը, վատահամբաւ տունէ մը դուրս ելած միջոցին, քանօներու կողմէ կը ձերբակալուի։ Զինուորական խնամուած համազգեստ մը հագած է եղեր, գլուխը բաց։ Առաջին հարցաքննութիւնով կը հասկցուի խենթ ըլլալը, ու Շիշլիի յիմարանոցը ղրկելու որոշում կը տրուի։ Յանկարծ, մէկը կը նշմարէ թէ անծանօթին ձախ թեզանիքը արիւնի մէջ է։ Թեւը իսկոյն կը մերկացնեն, ու կը տեսնուի թէ զմելիի խորունկ վէրքեր կան, իրարմէ քիչ մը հեռու։ Անկարելի կ՚ըլլայ ճշդել թէ ինչի՛ արդիւնք էին վէրքերը։ Իբրեւ վիրաւոր՝ մեր հիւանդանոցը կը փոխադրուի։ Իր վէրքերը անցնելու վրայ են։ Բուժուելուն պէս զինք Շիշլիի յիմարանոցը պիտի զրկեն։ Թերեւս քանի մը օրէն, խեղճ Հայը այդ յիմարանոցին խենթերուն միայն պիտի կարենայ խօսիլ՝ անծանօթ հեռաւորութիւններէն գալիք իր սիրելիներուն մասին... ։

... Ամէն օր գիւտ մը ընելու վրայ եմ։ Այսօր Անգլիացի գերիներու գոյութիւնը իմացայ պատահմամբ։ Անոնք հիւանդանոցին ամէնէն քաշուած մէկ սրահին մէջ դրուած են։ Մեծ մասամբ սպայ են։ Արգիլուած է հետերնին խօսիլ։ Սուինաւոր պահակ մը կը սպասէ իրենց սրահին առջեւ, ու զինուոր մը կ՚ընկերակցի, իրենց, երբ սրապէն դուրս երկու քայլ առնել ուզեն։ Անհետաքրքրիր, բարձրաձայն կատակելով կ՚անցնին նրբանցքներէն, իրենց յաւիտենական բիբօն, բերաննին, կաթի՛լ մը կարեւորութիւն չտալով ճամբուն վրայ հանդիպող բժիշկներուն և սպաներուն։

Այս առաւօտ, հետաքրքրութեան համար, գործողութեան սրահը գացեր էի, ուր իրենցմէ երեքին հետ ծանօթանալու առիթը ունեցայ։ Երեքն ալ Գութ-Էլ-Ամարայի մէջ գերի ինկեր են։ Իրենցմէ մէկը միայն քիչ մը ֆրանսերէն գիտէր։ Շատ զուարճալի էր մտիկ ընել իր խօսակցութիւնը գերման վիրաբուժին հետ, որ վերջին ծայր զուարթ եւ կատակախօս մարդ մըն է։ Գերմանացին քանի մը բառ Ֆրանսերէն սորված է՝ Արեւմտեան Ճակատին վրայ երկու տարի ծառայած ըլլալով։

Անգլիացի սպաներէն մին, որ ամէնէն տարիքոտն էր, գրեթէ ճերմկած մազերով, դժուարամիզութենէ կը տառապի եղեր։ Գերման հազարապետը այս վերջինը պառկեցուց երկար վիրակառքի մը վրայ եւ ահագին սոնտ մը մղեց հիւանդին միզանցքէն ներս։ Յետոյ, հակառակ մարդուկին բուռն աղաղակներուն, մէկդի քաշուեցաւ ու գերագոյն անտարբերութիւնով մը սկսաւ ֆրանսերէն հասկցողին դրուագներ պատմել Արեւմտեան Ճակատի իր կեանքէն։

Բան մը ըրած ըլլալու համար, դժուարամէզ Անգլիացիին մէկ ոտքը բռնած էի, իբրեւ թէ շարժումը անկարելի դարձնելու համար, մինչդեռ, հազիւ թէ իր մորթին դպած էի։ Գերմանը սովորութիւն ունի սրահին մէջ պարապ կեցող մարդիկը կիցի հարուածով մը դուրս նետելու... voila pourquoi... ։

Երկար ատեն խօսեցաւ, աչքերը կեանքով եւ ուրախութիւնով լեցուն, իր առողջութեան գիտակցութենէն խայտալով։ Մինչ վիրակառքին վրայ լքուած Անգլիացին կը տառապէր, կը հեւար, աչքերը գոցած, ակռաները բուռն պրկումով մը սեղմած, առաց սակայն բողոքի բառ մը հանելու բերնէն։ Կ՚երեւի անհրաժեշտ էր որ այդ գործիքը որոշ ատեն մը կենար հոն։

Գերմանացիին պատմածներուն հազիւ տասնէն մէկը կրցայ հասկնալ։ Նախ գերման զօրաշարժին վրայ խօսեցաւ, որուն արագութիւնը եւ կանոնաւորութիւնը հրաշալիք մըն էր ըսաւ. Cetait un mevey... ։ Յետոյ, Լիէժի առումը նկարագրեց, ուրկէ շատ բան չհասկցայ։ Միայն կը յիշեմ թէ Պելճիգացիներուն հերոսութիւնը գովելու համար բառ չէր գտնելը, եւ իր մտածումը ա՛նպատճառ արտայայտելու ճիգէն՝ կռիւի բռնուած կատուի մը արտայայտութիւնը կ՚առնէր դէմքը։ Արդէն իր խաղաղ ատենն ալ անկարելի չէր զինք նմացնել դեղին, վիթխարի կատուի մը։ Պելժ ժողովուրդին ըրած դիւցազնական դիմադրութիւնը իր բերնին ջուրերը կը վազցնէր... cetait teribel teribel

Երբ քաղաք կը մտնեն, ամէն կողմէ կը կրակեն իրենց վրայ. կին, ծեր, տղայ՝ ամէն կողմէ ուրուականներու պէս իրենց վրայ կը խուժեն, բիբերով, քարի կտորներով, տնական առարկաներով զինուած։ Հարկ կ՚ըլլայ իւրաքանչիւր տունի սեմէն ներս կռիւով ու արիւնով մտնել։ Յետոյ, շատ մը առեղծուածային բաներ պատմեց իրարու յաջորդող ճակատամարտերու եւ պատմական դէպքերու մասին, բայց որոշ եզրակացութիւններ չունեցայ իր ըսածներէն։ Բաբելոնի աշտարակին գործաւորներէն մեծ տարբերութիւն մը չունէին այս երկու թշնամի սպաները՝ իրենց գործածած լեզուով։ Վերտէօնի ճակատամարտին մէջ, պահ մը ինքզինք առանձին կը գտնէ ծայր չունեցող դիակոյտի մը մէջ։ Կրակը նոյն միջոցին կը դադրի։ Ծուխի ամպի մը մէջէն, երեք ֆրանսացի զինուորներ կը ցցուին իր առջեւ, երբ ածխացած ծառի մը վրայ նստած կը ջանայ եղեր իր չլմորած ուղեղը կարգի բերել։ «Գերի՛ ես», կ՚ըսեն Ֆրանսացիները։ Եւ աննկարագրելի ճառագայթումով մը պատմեց թէ ինչպէս ակընթարթի մէջ իր ատրճանակը քաշեց եւ աջ ու ձախ կրակելով յաջողեցաւ ճողոպրիլ։ Անգլիացիները սկեպտիկութիւնով մտիկ կ՚ընէին իր խօսքերը։ Գերմանին պատմածներէն աւելի՝ անոնց սառած ժպիտը կը հետաքրքրէր զիս։