Օրագրութեան էջեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆ ԵՒ ՀԵՏԱԳԱՅ ԱՄԻՍՆԵՐ

17 Օգոստոս 1920

Երկու շաբաթէ ի վեր Առնաուտագիւղի մեր տունն եմ. դեռ բնաւ դուրս չելայ։ Մինչեւ իրիկուն սենեակիս մէջ կ՚անցընեմ։ Երբեմն կը կարդամ, երբեմն բանաստեղծութիւն կը գրեմ, երբեմն կ՚ելլեմ վեր վար կը քալեմ, յետոյ անկողնիս վրայ կը պառկիմ, կը ծխեմ, կը մտածեմ, կը վերյիշեմ, յետոյ նորէն սեղանիս առջեւ կը նստիմ ու կը գրեմ, անվերջ կը գրեմ։ Ահա ապրած կեանքս։ Դէմքիս վրայ գրեթէ ճերմակ տեղ չմնաց, ամէն կողմ պեխով, մօրուքով ծածկուեցաւ։ Երբեմն հայելիին մէջ կը նայիմ ու կը խնդամ դէմքիս անկերպաբանութեանը վրայ։ Երբեմն ալ, սակայն, սաստիկ կը տրտմեցնէ զիս այս տժգունութիւնս որ երթալով կը շեշտուի, քանի կը շատնայ մօրուքիս սեւը։ Թոքախտը, որ կայուն հանգամանք մը առած էր ձախ թոքիս մէջ, վերջերս սկսած է դարձեալ իր աւերը, զզուելի եւ աներես յամառութիւնով մը։ Ամբողջ օրը կը հազամ, հազ մը մանաւանդ՝ որ գիշերները կատղած շունի մը կաղկանձիւնէն աւելի շնորհալի չէ։ Քանի օր է՝ սրտիս նեղութիւնը այնքան սաստկացած է որ, հակառակ կամքիս, ու ես ինծի դէմ բարկանալով հանդերձ՝ կը նստիմ, տղու պէս կու լամ։ Շուտով սակայն հպարտութիւնս կացութեան տէր կը դառնայ, ու կը վերսկսիմ սենեակիմ մէջ վեր-վար քալել, ժպիտը շրթունքիս, գալ տարուան գործունէութեան ծրագիրներ մշակելով։

Որոշած եմ դարձեալ ուսուցիչ ըլլալ Պէրպէրեան վարժարանին մէջ։ Պր. Շահանը դպրոցին ամբողջ անգլերէնը եւ մարմնակրթութիւնը ինծի յանձնած է, թէեւ մտադիր եմ այս վերջինը ձգել։ Քիչ մը տարօրինակ պիտի ըլլար թոքախտաւորի մը համար՝ մարմիններ կրթելու յաւակնութիւնը ունենալ…։ Անշուշտ, ուսուցանելն ալ ինծի չի յարմարիր, բայց ի՛նչ ընեմ, ապրիլ պէտք է, մանաւանդ՝ դարմանուիլ։ Այս սիսթէմը կը նմանի անշուշտ ծակ ամանի մը մէջ ջուր լեցնելու…   եւ սակայն, որքան ալ անհեթեթ թուի ասիկա, ստիպուած եմ այդպէս ընել. այսինքն՝ ծակ ամանի մէջ ջուր լեցնել։ Է՜հ, շատ ալ մտահոգ չեմ շիտակը՝ հաւաքուելիք ջուրին վրայ. բաւական է որ զբաղիմ, ժամանակը անցնի, եւ գոհունակութիւնը ունենամ բան մը ընելու վրայ եղած ըլլալու։

Ճիշդ այս տրամադրութիւնով, գալ տարի ուսուցիչ պիտի ըլլամ նորէն ու շահելիք դրամովս ինքզինքս պիտի դարմանեմ, որքան հնար է։ Ըսի - ծակ ամանին մէջ ջուր պիտի լեցնեմ…։

Բանաստեղծութիւններս բաւական շատցան։ Կը մտածեմ 70-80 էջնոց հատոր մը հրատարակել։ Այս մտածումիս ոյժ տուող ազդակներ են՝ նախ նոր թոհաֆութիւն մը ընելու փափաքս, յետոյ՝ աղտոտ թուղթերու վրայ գրուած եւ ասդին-անդին ձգուած, կորսուելու վրայ եղող գրուածքներս «գիրք»ի վերածուած տեսնելու հետաքրքրութիւնս։ Այս երկու գլխաւոր ազգականներէն դուրս, կան նաեւ, բնականաբար, ուրիշներ։ Այսպէս շահեկան պիտի ըլլար, կը խորհիմ, գիտնալ թէ հոգիս իր այս ձեւին մէջ ի՛նչ տպաւորութիւն պիտի ձգէր բարեկամներու վրայ, մանաւանդ մէկ քանիին…։ Կան դեռ ուրիշ ազդակներ, որոնց մէջ - կը խոստովանիմ այս մտերիմ էջերուն - շատ ալ արհամարհելի տեղ մը չի գրաւեր գէշ աղէկ հեղինակ դառնալու ունայնամիտ փառասիրութիւնը։

20 Օգոստոս…

Երկու գիշեր է որ քնատութենէ կը տառապիմ։ Կէս գիշերէն շատ ետքը, երբ կը նայիմ թէ ա՛լ պիտի չկրնամ քնանալ, կ՚ելլեմ, լոյսս կը վառեմ, «պոլշեւիքեան» գիշերանոցովս խոհանոց կ՚իջնեմ ու հոն ինչ որ գտնեմ - ձմերուկ, խաշած գետնախնձոր, լոլիկ, դեղձի անոյշ կամ… ցամաք հաց - մեծ վայելքով կը նստիմ ճաշակելու, մէկ կողմէն մտածելով դուրսի, գիշերուան անոյշ խորհրդաւորութեանը վրայ։ Լուսինը կը լրանայ այսօր կամ վաղը…։ Տարօրինակ բան կա՞յ այս դրութեան մէջ։ Իրա՜ւ, ի՜նչ հաճոյք կը զգաս, երբ, անհամ լոլիկի պատառ մը ակռաներուդ տակ ծամծմելով հանդերձ, կ՚երազես կէս-գիշերային հմայքին, ու տակաւ հին յուշեր, գրեթէ հիւանդ, մեռած յուշեր հոգիիդ ամէն կողմերէն կը յայտնուին, կը վազեն, կը մօտենան, երկարատեւ հսկումներէն ա՛լ յոգնած, գունատած մտածումիդ լոյսերուն տակ պահ մը վերապրելու յամառութիւնով…։ Ժպտիլ ու հառաչել, համայուիլ ու տառապիլ կու տան քեզի փոխն ի փոխ։ Յաճախ կը պատահի որ, անոնց ազդեցութեան տակ, կոկորդդ այնպէս լեցուի անսպասելի փղձկումով մը, որ լոլիկի պատառը չկարենաս կուլ տալ եւ ստիպուիս լքել կէս-գիշերային խնջոյքդ։

Այս գիշեր, այդ բոլորը պատահեցան ինծի։ Առտուան դէմ էր, երբ սենեակս ելայ նորէն, բաց պատուհանին առջեւ նստայ ու կէս ժամի մը չափ աստղերուն հետ սիրաբանեցի։ Ասկէ աւելի քնքուշ բան կա՞յ։ Արշալուսային աստղերուն հետ գլուխ-գլխի տալ…։ Մեր սիրաբանութեան բանաստեղծականութիւնը կ՚աւելցնէին քանի մը անուշիկ եւ անշահախնդիր բարեկամներ…։ Այսպէս - ծովի բաւական մեծ եռանկիւն մը՝ որ կ՚երեւէր մռայլ ոգիներու նմանող երդիքներու միջեւէն,   եւ որ, վերջին վայրկեանին, չես գիտեր ուրկէ եւ ի՚ինչպէս, գտեր էր պզտիկցած, գրեթէ հոգեվարք լուսին մը։ Ծովի այդ պաշտելի պատառը իր խաղաղ, հիւծախտաւոր ցոլցոլանքներով, զորս հեռուն կարծես մասնաւորաբար ինծի կը ղրկէր, իմ հոգիիս՝ աննախընթաց սիրաբանութեան մը հմայքը ապահովցուցին ինծի այդ կէս ժամուան մէջ…։

24 Օգոստոս…

Նորէն արիւնահոսւոթիւն… աննախընթաց առատութիւնով։ Շատ մեծ անխոհեմութիւն էր Սկիւտար գալս, բայց ուրիշ կերպ ալ չէի կրնար ընել։

Կ՚երեւի թէ նորէն խոշոր երակ մը պայթած է. հարկ պիտի ըլլայ ատենուան մը համար զգոյշ, հանդարտ, տափակ կեանք մը ապրիլ, թէեւ իմ գործս չէ…։

29 Օգոստոս…

Նորէն Առնաուտագիւղ եմ։ Չորեքշաբթի գիշեր, Ս. Պարթեւանի բանախօսութենէն յետոյ, Քէշիշեանին եւ Չուլֆաչեանին հետ, դպրոցին ուսուցչարանին մէջ, մինչեւ ժամը 3 խօսելէ, խնդալէ, երգելէ, բանաստեղծելէ, իմաստասիրելէ ետք, մէյ մէկ անկիւն ինկեր քնացեր էինք։ Ես ինկեր էի բաց պատուհանի մը առջեւի թիկնաթոռներուն վրայ եւ մինչեւ առտու աղուոր մը մսեր։

Առաւօտուն ճակատս կ՚այրէր, ու մարմինս, գոմէշի կառքի մը պէս, ուծացեր, ծուլացեր էր։ Ստիպուեցայ հոս գալ, ճամբու դժուարութիւններէն սաստիկ տառապելով։ Քովս քիչ դրամ ունենալով՝ չէի կրնար ճամբորդութեան բոլոր հանգստաւէտութիւնները տալ խեղճ մարմնիս։ Թէեւ, tant mieux ! Այս խեղճ մարմնիս չարչարանքներէն տարօրինակ հաճոյք մը կը զգայի հոգիս։

Տուն հասնելուս պէս, երբ անկողին մտայ դեռ քրտինքը ճակտիս՝ աղուոր քերթուածի մը բլանը կը կաղապարէր հոգիս։ Քերթուած մը՝ որուն մէջ ժպիտ եւ հեգնութիւն պիտի ըլլար այնքան շատ, այնքան շատ…

30 Օգոստ…

Գրեթէ թօթափած եմ տկարութիւնս։ Երկրորդ արիւնհոսութիւն մը չունեցայ։ Թէեւ կոկորդս շատ անհանգիստ է դեռ, եւ առտուն ձախ թոքս բաւական զօրաւոր կը կոտտար։ Հետզհետէ մեղմացաւ սակայն, ու հիմա իր սովորական վիճակին մէջ է, այսինքն՝ հանդուրժելի։ Հազ եւ խուխ անպակաս են միշտ։ Հակառակ անսահման գարշանքիս, ստիպուեցայ վերջապէս խուխի յատուկ աման մը ունենալ սենեակիս մէջ։ Չէի ուզեր այսպէս պաշտօնական թոքախտաւորի կերպարանք առնել։ Մտածելու տեսակ մը տղայական կերպ ունիմ այդ մասին, ուրկէ չեմ կրնար հրաժարիլ։ Գիտեմ թէ սեղանիս վրայ թքաման ըլլայ կամ ոչ, վայրկեա՛ն մը իսկ չի դադրիր հիւանդութեանս անունը թոքախտ ըլլալէ։ Գիտե՛մ, այդպէս է, բայց կ՚ուզէի որ չըլլա՜ր, չըլլա՜ր այդ զզուելի ամանը…։

Շաբաթէ մը աւելի է որ չեմ կրնար աշխատիլ. տարօրինակ ծուլութիւն մը եկած է վրաս, թէեւ այս հանդարտութիւնը օգտակար կ՚ըլլար մարմնիս։

Առտուն ուշ արթնցայ, անկողնիս մէջ քիչ մը Վարուժան   եւ շա՜տ մը Էմըրսըն կարդացի, յետոյ ճաշեցի   եւ նորէն քնացայ։ Գրեթէ մայրամուտ էր, երբ ելայ լուացուեցայ, շոքոլա եփեցի, խմեցի, յետոյ թեթեւ մարզանք մը ըրի հայելիիս առջեւ։ Ետքը, նստայ խաղաղ՝ ծխելու եւ գալ տարուան վրայ մտածելու…։

Ու հիմա որ օրը հատած է ա՛լ, ու պզտիկ վերլուծումի մը կ՚ենթարկեմ հոգեկան վիճակս - ինչպէս գրեթէ ամէն գիշեր -, կը զգամ թէ հոգիս հետզհետէ աւելի կը տիրանայ այն տեսակ մը հպարտ ու մելամաղձոտ ազնուականութեան զոր ճանչցաւ երկու տարի առաջ, իմ կեանքիս ամէնէն եղերական դէպքին իրիկունն իսկ։ Հոգեկան այդ վիճակը հետզհետէ մնայուն տրամադրութիւնս կը դառնայ, մասնաւոր հաճոյքով մըն է որ, շատ իրիկուն, կը կենամ հայելիիս առջեւ, դիտելու համար դէմքիս բովանդակ տժգունութեանը վրայ տարածուած տրտում խաղաղութիւնը։ Գիշերով բեռնաւոր աչքերս կարծես կ՚ըսեն՝ ինծի. «Ամէն բան կորսնցուցինք, սիրելիս, իրա՜ւ է. բայց բան մը շահեցանք, պզտիկ, չնչին, գրեթէ ոչինչ բան մը, որ սակայն աւելի՛ ծանր պէտք է կշռէ գեղեցկութեան նժարին մէջ քան բոլոր աստղերն ու վարդերը, բոլոր սիրատարափ նայուածքներն ու համբոյրները, բոլոր գգուանքները, հառաչանքները. այդ բոլորը, բոլորը… Իրա՜ւ, գնա՛ տիեզերքի շրջանը ըրէ ու տես թէ պիտի գտնե՞ս մեր այս ժպիտէն աւելի արժէքաւոր բան մը, եթէ նոյնիսկ բանաս ու զննես անհունութեան վերջին ծալքը…»։

Հիմա լոյսս մարեմ ու պառկիւմ։ Աչքերս կը ցաւին։

Ի՜նչ աղուոր հով մը կայ դուրսը…։

…Շաբաթէ մը ի վեր գործի սկսած եմ։ Ինծի յանձնուեցաւ դպրոցին քարտուղարութիւնը . - արձանագրութիւն, գանձում, թղթակցութիւն ես պիտի ընեմ։ Ասկէ զատ, Երէց-Աւագ կարգի անգլերէնը եւ անգլիական մատենագրութիւնը ստանձնեցի, ինչպէս նաեւ, անցեալ տարուան պէս, մարմնակրթութիւնը եւ սկտուտական կազմակերպութիւնը։ Շա՜տ է աշխատանքս, եւ այնպէ՜ս ուրախ եմ։ Գո՛րծ պէտք է ինծի, որպէսզի մոռնամ…։

Կրցայ բաւական կանոնաւորել կեանքս։ Մարմինս սկսած է արդէն յոյս ներշնչել ինծի։ Քիչ կը հազամ։ Եթէ յաջողիմ չծխել, աւելի պիտի շեշտուի բարւոքումս.. ։

Կիրակի գիշեր…

Ժամը 1-ը կ՚անցնի. չեմ կրնար քնանալու երթալ դեռ, հակառակ սաստիկ յոգնած ըլլալուս։ Քիչ առաջ դպրոցէն դուրս ելայ ու երկար պտոյտ մը ըրի ամայի փողոցներուն մէջ։ Երբ իր տան առջեւէն կ՚անցնէի, վայրկեան մը կեցայ, եւ իսկոյն գիշերուան հեշտանքը մտաւ հոգիէս ներս։ Յանկարծակի եւ ուժգնորէն զգացի նորէն, ինչպէս վերջերս յաճախ կը զգամ, կեանքի անդիմադրելի յորդումը մարմնիս մէջ, սրտիս խորը…։

Չէի գիտեար թէ ո՛ր սենեկին մէջ կը ննջէր, բայց ուզեցի որ նոճիներու գերեզմանոցին վրայ նայող սենեակը ըլլար իրը։ Խոշոր մութ պատուհաններով այդ սենեակը՝ ուր գնաց դեգերիլ պահ մը խենթ հոգիս, մինչ կը կենայի հոդ, մութ փողոցին մէջ, հիւանդ լապտերի մը տակ։ Կը ննջէր հարկաւ…։ Այս մութ, հեշտագին գիշերուան մէջ, մտածումս ծնունդ կու տար ամենախենթ  ըղձանքներու. կ՚ըսէի. «Ա՜հ, եթէ հիմա…»։

Ու վանելու համար այդ ցնորքը հոգիէս, կը դառնայի դէպի ետ, նոճիներու գիշերին։ Սեփ-սեւ կը կանգնէին անոնք, վէս, անմատոյց։ Ինչքա՜ն հեգնանք ունէին… Ու յանկարծ, սեւ մտածումը, ինչպէս միշտ, կը խլրտէր հոգիիս մէջ…։ Մա՜հը…։ Շուտով պիտի մեռնի ամէն բան…։

Առի քալեցի, վերջին անգամ մըն ալ նայելով խոշոր մութ պատուհաններուն, որոնցմէ անդին կը քնանար ան՝ իր երազներուն գրկին։ Ու մինչդեռ քարերուն վրայ ուժով ուժով կոխելով կը դառնայի սենեակիս անպատում տրտմութեանը՝ նոյն խենթ ըղձանքը կը հծծէր նուազագին. «Ա՜հ, եթէ հիմա…»։

Ու նոճիներուն հեգնանքը, անոնց գիշերէն առկախ սեւ խորհուրդը չէին զօրեր մարելու կեանքի այն տարօրինակ յորդումը որ ալիքի մը պէս կը բարձրանար էութեանս խորերէն…։

Փորձութիւններով ու տրտմութիւններով լեցուն օրուան մը մէջէն անցած, աչքերս կիսափակ, յոգնութենէս ու ձանձրոյթէս՝ անիմաստ քերթուած մը կ՚ուրուագծէի սեղանիս վրայ ինկած, երբ դուռս զարնուեցաւ։ Ա՜հ, բարեկամ մըն էր անշուշտ, կամ աշակերտ մը՝ որ իր թոշակը վճարելու կու գար…։

«Մտէ՛ք տաժանքոտ հառաչանք մը եղաւ։ Գլուխս վեր չառի, որպէսզի եկողը, եթէ բարեկամ մըն էր, գթար ինծի եւ հեռանար. իսկ եթէ մեր տղաներէն մէկն էր՝ համարձակութիւն չունենար մինչեւ սեղանս գալու եւ դառնար երթար…

Ոչ մին, ոչ միւսը…։ Ի՛նքն էր…։

Այդ ատեն… մինա՜կ…։

Վերջերս ստացած եմ տղայ դառնալու առաքինութիւնը։

Ու տղայմը դարձած, զինք տեսնելուս պէս, երջանկութիւնով ու արեւով թաթաւուն, ելայ համբուրեցի՝ այնքա՜ն ուժգնութեամբ, այնքա՜ն տղայութեամբ։

Քա՜ղցր սիրականս։ Միայն ի՛նք գիտէ ինծի վերադարձնել իմ անոյշ տղայութիւններս. զինք սիրելուս գլխաւոր պատճառներէն մէկն է այս անշուշտ։ Այնքան կը սիրեմ տղայ ըլլալ կրկին, եւ ամէն անգամ որ իր հետն եմ, տղա՜յ մըն եմ…։

Դեռ ցո՜ւրտ կ՚ընէ իրիկունները։ Պզտիկ կրակարանս բերել տուի, ու դէմ դիմաց նստանք։ Այնքան խաղացի իր ձեռքերուն հետ… Երբեմն, սակայն, յանկարծ լրջացած - կարծես յանկարծ անհունին սահմանին հասած-, իր աչքերուն գիշերին մէջ նայուածքս կ՚իջնէր, կ՚իջնէր…։ Ա՜հ, ինչպէ՜ս գիտէ, այդ րոպէներուն, իր աչքերը տալ ինծի։ Ինչպէս գիտէ դիւրացնել հոգիիս մխրճումը դէպի անբաւութիւն…

Բայց մեր խաղե՜րը…

Կ՚ուզէր անպայման ձեռքս անցընել իր նուրբ, պզտիկ ապարանջանը, որ անշուշտ կը յամառէր մատերուս ծայրը մնալ միշտ, հակառակ իր բոլոր ճիգերուն ու մատերուս վրայ տեղացուցած իր համբոյրներուն ու բարկութեան…։

Յետոյ, յանկարծ կանգ կ՚առնէր, թոյլ տալու համար որ ես իջնէի նորէն իր աչքերուն գիշերին…։ Այս էջքը չեմ գիտեր թէ ո՛րքան կը տեւէր…։ Ժամանակը կը դադրի հաշուելի բան մը ըլլալէ՝ ա՛յն րոպէէն իսկ, երբ կը սկսի ուղեւորութիւնը ամբաւին սահմաններէն ներս…։

…Արեւը դեռ չէ իջած։ Հրաշալի է այս իրիկուն դուրսի զովութիւնը, դուրսի լոյսը։ Կարճ պտոյտէ մը յետոյ, եկայ նստելու իմ պզտիկ սենեակս, պզտիկ սեղանիս առջեւ։ Սենեակս լեցուն է իրիկուան պտոյտիս ծաղիկներովը։ Որքան շնորհ, որքան քաղցրութիւն կայ այս ծաղիկներուն մէջ։ Երէկ իրիկուն մոռցայ զանոնք ջուրի մէջ դնել, ու թոռմեր են։ Այս իրիկուն ծաղիկ չբերի հետս։ Այս իրիկուն տխուր եմ։ Առաջ, երբ այս աստղերուն կը նայէի, արցունք կու գար աչքերէս։ Հիմա, շատ գիշեր, ժամերով կը նստիմ պատի մը տակ, ծառի մը տակ՝ չոփ- չոր աչքերով…։

…Այս իրիկուն, ա՛լ ըսի թէ զինք չէի սիրեր։ Տրտմած՝ աչքերուս նայեցաւ։ Այնչափ վիշտ կար նայուածքին մէջ որ գլուխը կուրծքիս քաշեցի՝ դեղին մատերուս չարչարանքովը,   եւ իր մազերը համբուրեցի…։

Ու մինչ անիկա կու լար լռիկ, իր կարմրած երեսը սըրտիս, ես ցած ձայնով կը մրմնջէի… «Ա՛լ քեզ չեմ սիրեր, քո՜յր, ինչու որ գեղեցիկ ես։ Ինչու որ՝ վիշտ կայ աչքերուդ մէջ։ Այդ սեւ, խոշոր աչքերուդ մէջ։ Ու չկրցար բարձրանալ դեռ արցունքէն, հառաչանքէն, տենչանքէն վեր։ Դեռ հոգիչ օտա՜ր մնաց…։ Ես կ՚ուզեմ մէկը որ տգե՜ղ ըլլայ։ Որ հասկնայ զիս՝ երբ կը ժպտիմ մայրամուտին դիմաց։ Որ երբ ինծի փաթթուի, փոխանած համբոյրի, ծոծրակս ի վար ծիծաղի…»։

Գիշեր՝ վայրի   եւ անոյշ։ Պզտիկ սենեակիս մէջ առանձնացած, սեղաննիս մտերմիկ գզրոցները բացած, կարգ մը թուղթեր ու լուսանկարներ կը պրպտեմ։ Կու լամ դառնօրէն, կու լամ՝ անոր սիրական պատկերներու առջեւ, ու կարծես անոր մելամաղձոտ նայուածքէն սիրտս կը բզկտուի։ Իմ խե՜ղճ սիրտս որ արդէն երկար երկա՜ր ժամանակներէ ի վեր բզկտուեր է։ Ի՞նչ եմ ես։ Ի՞նչ կը փնտռեմ դեռ այս խաւարին մէջ…

Յունիս 1921

Ահաւոր օրեր կ՚անցընեմ նորէն. նորէն աչքերս կը լողան մութի մէջ։ Քանի օր է՝ խելագարութեան սարսուռն է կարծես որ կը պտտի միսիս վրայ. կը վախնամ հայելիի մէջ նայելէ։

Եթէ շուտով չվերադառնամ հոգիիս այն աղուոր խաղաղութեանը, որ ատենէ մը ի վեր ցրուեր էր շուրջիս գիշերը, եղերական արարք մը պիտի գործեմ նորէն։

Ահա հոս, այս սեղանին առջեւ նստած եմ, չեմ գիտեր ինչո՛ւ. այս սենեակը մեր վարժարանին Ուսուցչարանն է. ժամը գիշերուան երկուքն է. ի՞նչ գործ ունիմ հոս։ Պէյլերը նստած էի քանի մը ժամ առաջ։ Ինչո՞ւ տուն չգացի. խելագարա՞ծ եմ. երէկ գիշեր ալ այսպէս ըրի։ Տրտմութիւնը քամիի պէս կը քշէ կը տանի զիս։ Հոգիս թեւերուս մէջ գրկած՝ տեղէ տեղ կը վազեմ, առանց գիտնալու թէ ո՛ւր պէտք է կենալ՝ ազատուելու համար այդ սեւ քամիէն…։

Հին սիրելի բարեկամներ սկսան երես դարձնել ինձմէ… խեղճե՜րը…։ Կ՚ամբաստանեն զիս՝ վերջերս գործած ծայրայեղութիւններուս համար։ Չեն հասկնար զիս. չեն գիտեր թէ այն հողը որ ես կը կոխեմ՝ իրենց կոխած հողը չէ. թէ՝ ես ուրիշ տեղ տարած եմ իմ հոգիս,   եւ իրենց ու աշխարհի վրայ կը նայիմ հեռուէն, հեռուէն…։

Նորէն տարօրինակ գիշեր մը կը սկսի։ Կը սիսի՞։ Ժամը երկուքը անցած է։ Նորէն դպրոցին պատէն ցատկած, պատուհանէ մը ներս սպրդած ու հոս եմ եկած, գիշերային այս մութ ապաստանարանս։ Ասիկա այն սենեակն է, ուր դեռ ամիս մը առաջ, դասերու աւարտումին, կը նստէի խաղաղօրէն ծխելու   եւ խօսակցելու պաշտօնակիցներու հետ։ Ճիշդ դիմացը, սա սեւ բազկաթոռին վրայ, ամիս մը առաջ, ես կ՚ընկողմանէի իբրեւ աշխարհի ամէնէն խաղաղ հոգին, ժպտելով, բարձրաձայն ծիաղելով ու… այս միեւնոյն ուղեղով չէ՞ր որ ես այն ատեն տրամադրութիւն կը զգայի ժամ մը անվերջ հակաճառելու ընկերներու հետ, ամենասին նիւթի մը շուրջ։

Նորէն ի՞նչ եղաւ ինծի։ Ի՞նչ կ՚ըլլամ ես նորէն։ Ա՜հ, եթէ խելագարութիւնն է որ շուրջս կը դառնայ, թող գայ, ես այդ ծիծաղը կը նախընտրեմ դէմքի այս տխմար արտայայտութենէն։ Ես կը նողկամ յուսահատութենէն որ սկսած է նորէն իմ գեղեցիկ դէմքիս տալ զառամած հոճայի մը շոշորդ արտայայտութիւնը, ես խնդալ կ՚ուզեմ, քրքջա՜լ…։

Սկիւտար, 18 Յունիս 1921

Դատապարտուած եմ անշարժ պառկելու ամբողջ ատենը, գիշեր ցերեկ, միշտ միեւնոյն դիրքին մէջ։ Պզտիկ շարժում մը կրնայ արիւն ժայթքեցնել հիւանդ թոքէս դուրս։ Այնպէ՜ս մը վախնամ այս արիւնէն, թէեւ երբեմն կը ժպտիմ… Ի՜նչ դառն, ի՛նչ անմարդկային բան է յուսահատութեան գինովութիւնը։

Երէկ, ամբողջ օրը շարունակուեցաւ արիւնը քիչ քիչ։ Գիշերը՝ երկու անգամ, մեծ առատութիւնով։ Քովս ջուր տուող մը չունէի։ Մայրս սենեակիս մէջ եկեր պառկեր էր առջի իրիկուընէ, պէտք եղած ատեն հասնելու համար. բայց խեղճը ա՛յնքան յոգնած էր որ քունը տարեր էր։ Չուզեցի զինք արթնցնել։

Երկրորդ արիւնահոսութիւնը երբ կ՚ունենայի՝ լուսնալու վրայ էր գրեթէ դուրսը. եւ կամ թերեւս պզտիկ լուսին մըն էր որ այդ պատրանքը կու տար ինծի։ Ամէն պարագայի տակ, դուրսի իրերուն այդ մտերմիկ երեւութը, չեմ գիտեր ինչո՛ւ, այնպիսի կարօտագին վիճակ մը առաջ բերաւ մէջս որ երկար ատեն, արիւնը դադրելէն ետքը ալ, անկողնիս մէջ անշարժ նստած դիտեցի տժգոյն ու սիրելի երկիրը… Ի՜նչ բաղձալի թուեցաւ արշալոյսին հետ գալիք կեանքը…

Վաղը Կիրակի է։ Եթէ աղէկ ըլլայի…

Ախ, ինչ աղուո՜ր կ՚երեւային աչքիս, գիշերուան այդ տրտում ժամուն, իր պարտէզն ու յասմիկները, ջրհորը՝ ուր կը նստինք միշտ, երբ արեւ չըլլայ, ծիրանի ծառը, ախ, այդ մեծ, այդ անոյշ ծառը՝ որուն տակ…

«Վաղը հոս պիտի ըլլամ դարձեալ ես, մեռելի պէս պառկած այս խոշոր մահճակալին երկաթներուն միջեւ, շարժելու անկարող, երազելու եւ սիրելու անընդունակ…»

Քիչ մը լացի այս մտածումին հետ ու քնացայ…։

20 Յունիս…

Ն…ն մեզի եկաւ երէկ իրիկուն։ Դիմացս, մահճակալիս երկաթներուն վրայ հակած՝ այնքա՜ն խնդաց. բայց ես գիտեմ թէ որքան արցունք կար իր այդ խնդուքին մէջ։

Մեկնելուն ատեն, իր ամօթխածութիւնը չթոյլատրեց իրեն որ՝ մօրս ներկայութեանը՝ ձեռքը համբոյրիս երկարէր, ինչպէս ուրիշ ատեններ, ու կարճատեւ սեղմումէ մը ետք քաշեց զայն։ Չստացուած այդ պզտիկ համբոյրը անդարմանելի կորուստի մը տրտմութիւնը տուաւ ինծի, երբ գնաց ան…։

21 Յունիս…

Գէշ գիշեր մը անցուցի, թէեւ երէկուան բաղդատմամբ նուազ արիւն կորսնցուցի։ Ընդհանրապէս կէս-գիշեէն վերջը կ՚արթննամ եւ ա՛լ չեմ կրնար քնանալ։ Արշալոյսի մօտ սաստիկ տենդ մը յարձակեցաւ վրաս ու 4-5 ժամ մը տեւեց։

Հիմա, կէսօր, տենդս գրեթէ նահանջած է, բայց գլուխս եւ աչքերս սաստիկ կը ցաւին։ Ոչինչ կ՚ուզեմ ուտել։ Այնպէս շուտ կը հալիմ։

Երէկ իրիկուն Ն…ն եկաւ։ Իր դէմքին վրայ կարդացի նորէն նոյն արտաքին զուարթութիւնը եւ նոյն ներքին կսկծանքը։ Սիրտս կը ճմլուի՜, երբ կը մտածեմ իր դժբախտութեանը վրայ։ Խե՜ղճ աղջիկ։ Չէիր գիտեր թէ զիս սիրողները կը տառապին։ Ճակատագրականօրէն այդպէս սահմանուած է։ Յիշողութեանս մէջ չունիմ մէկը որ զիս սիրած ու տառապած չըլլայ։

Հաւանաբար այսօր չի գար։ Մայրը տունը չէ, եւ ինք տունը մինակ չի կրնար թողուլ։ Օ՜ր մը չտեսնել քեզ-գիտե՞ս ինչ կը նշանակէ ասիկա, ով իմ միակ սէրս, իմ միակ մխիթարութիւնս։

Միշտ տարտամ յոյս մը ունիմ սակայն, թէ պիտի գայ…։

Չեկա՜ւ։ Մութ մայրամուտ է ալ դուրսը։ Ա՛լ չի գար։ Հիւանդ թոքէս աւելի՝ հոգի՛ս է որ կը կոտտայ…

22 Յունիս…

Յունիսի մէջ մսիլ…

Որքա՜ն արիւն կորսնցուցեր եմ։ Առաջ, աթլէթի օրերուս, ամէն կողմ սառ կախուած ատեններ, ես կը մերկանայի ցուրտ սենեակի մը մէջ, մարզանք ընելու համար։

24 Յունիս…

Երկու օրէ ի վեր ամբողջովին դադրած է արիւնը, բայց դեռ շատ տկար կը զգամ մարմինս։ Երէկ անխոհեմութիւնը ունեցայ անկողնէս ելլելու, եւ այսօր բոլորովին ուժաթափ եղած եմ։

Ն…ին երթալու համար էր որ ելայ երէկ։ Հետզհետէ կը խորանայ եւ կը մթագնի ինչ որ կը զգամ իրեն հանդէպ…։ Ամէն օր կը մտածեմ թէ ա՛լ սէրս չի կրնար աւելի խորունկնալ, հասած ըլլալով իր գերագոյն խորութեան. բայց յաջորդ օրն իսկ կը գտնեմ թէ սխալած եմ, թէ՝ յատակ կարծածս հանգրուան մըն է լոկ, ուրկէ շուտով կը մեկնիմ, աւելի՛ եւ աւելի՛ իջնելու համար…։

Մինչեւ ո՞ւր պիտի տանի զիս այս խելայեղ ու անհաշիւ էջքը։ Ի՜նչ փոյթ։ Իր հոգիին մէջ է որ ձգած եմ ինքզինքս։ Հոն ոչինչ կը կորսուի։ Եթէ կորսուիմ իսկ հոն, ի՜նչ աղէկ…։

Ահ, իր հոգիին մէջ մեռնէի…։

Սաստիկ նիհարցած գտաւ զիս։ Գիտէի թէ այդպէս էր, բայց այդ իրողութիւնը երբ իր բերնէն լսեցի, շատ տրտմեցայ եւ ատեն մը գրեթէ չխօսեցայ։ Յանկարծ սակայն, ինչպէս ընդհանրապէս կը պատահի ինծի ասանկ պարագաներու մէջ, զուարթութեան փոթորիկ մը իջաւ հոգիիս մէջ, եւ սկսայ գաւազանովս «չէլիք-չումաք» խաղալ՝ սենեակին իրերը ասդին անդին թռցնելով…։

Շուտով, յանդիմանութիւններու տարափը նետեց զիս սենեակին մէկ անկիւնը, պզտիկ աթոռի մը վրայ, ուր արքայօրէն բազմած, սկսայ շատախօսել, վիճիլ, քրքջալ… մինչեւ որ՝ սաստիկ յոգնած, ա՛լ խօսելու իսկ անկարող ու տրտմութիւնը աչքերուս՝ մեկնեցայ։

Մեկնելու ատեն, Ն…ն նորէն ձեռքը չտուաւ որ համբուրեմ, թէեւ ես ալ չուզեցի։

Ինչո՞ւ։

26 Յունիս…

Այսօր ելլելու փորձ մը ըրի. բայց ստիպուեցայ շուտով անկողին վերադառնալ։ Հազիւ քանի մը քայլ առի արեւին տակ, ու ծունկերս կթոտիլ սկսան։ Մօրաքրոջս պարտէզը ապաստանեցայ, ուր կէս ժամի չափ նստայ, աղուոր արեւին տակ, ու դիտեցի այծի ձագերու եւ նորածին վառեակներու կեանքը։

Կեա՜նքը…

Որքա՜ն կը սիրեմ զայն հիմա։ Տէ՛ր Աստուած, արդեօք շատ ո՞ւշ է…։

Վերադարձիս՝ ա՛յնքան յոգնած ու գունատ էի որ զգուշացայ մեծ հայելիին մէջ շատ մօտէն նայելու աչքերուս, ու սենեակս ելայ՝ անյուսութեան ժպիտը շրթունքիս։

Այսօր պիտի չտեսնեմ զինք։

27 Յունիս…

Իրիկուան դէմ՝ ուժերս հաւաքեցի եւ իրեն գացի։ Մինակ էր տունը։ Մայրամուտի ամբողջ պահը միասին եղանք, իր սենեակին մէջ։

Սէրս անհունութիւններու սահմանը հասած է արդէն։ Հետզհետէ կը շատնան այն վայրկեանները ուր կը փափաքիմ իր առջեւ ծնրադրել։

Իրեն կը նայիմ՝ մարդերէն վե՛ր էակի մը պէս։

(Այստեղ, երեք թերթեր փրցուած են տետրակեն։ - ԽՄԲ. )

Այս մտածումով է որ, մեկնելու ատեն, թեւերուս մէջ առի գլուխը, հրաժեշտի փայփայանքս տալու իր հոգիին. եւ այնչա՜փ մշուշ կար աչքերուս մէջ…։

1 Յուլիս…

Կը սիրե՜մ, կը սիրե՜մ…

Ինչ որ կը զգամ իրեն հանդէպ՝ աննախընթաց կեանքիս մէջ…

Ա՛յս է ահաւասիկ սէրը։

Ու ես կը զայրանայի, ատեն մը, իմ խեղճ հոգիիս դէմ, կարծելով թէ սիրել չի գիտեր ան…

Օ, գիտէ՜ եղեր սիրել իմ հոգիս, իմ աղուո՜ր հոգիս, ու ես հիմա կը գուրգուրա՛մ իր վրայ, կը հիանա՛մ իրեն…

Տիեզերքին է՛ն շքեղ լոյսով աստղն է հիմա իմ հոգիս…

4 Յուլիս…

Տառապանքի վայրկեաններ կ՚ունենամ երբեմն, սուր սուրցաւեր կ՚անցնին հոգիէս ու մարմինէս. բայց ընդհանրապէս այնքա՜ն հեշտագինօրէն երջանիկ եմ…

Պատանեկան անդորրաւէտ բանաստեղծականութիւն մը եկած է վրաս, ու րոպէներ կ՚ըլլան երբ տղայ կը դառնամ։ Այսպէս, շատ անգամ, մայրամուտին, երբ թեւ թեւի կը պատինք իրենց պարտէզին ծառերուն տակ, յանկարծ ամբողջ ուժովս կը սեղմեմ իր մէկ մատը ու կը սպասեմ որ իր դէմքը առնէ չարչըրկուող մանուկի այն արտայայտութիւնը, որ շատ կը սիրեմ, ու պոռա՜յ…

Սաստիկ կը բարկանայ եւ սրտագին կը յանդիմանէ զիս, սիրելի շփացածութիւն մը դնելով իր լրջութեանը մէջ։ Կը խոստանամ անգամ մըն ալ չընել։ Խոստումիս վերջին բառին հետ՝ իր մէկ ուրի՛շ մատը կը սեղմեմ։ աւելի՛ ուժգին…

Իրապէս կը նեղորտի այս անգամ ու խստիւ կը բողոքէ, «ըրածդ անամօթութիւն է» ըսելու չափ լեցուելով։ Ու թեւէս ելլելով կ՚ուղղուի դէպի տուն։

Ծիրանի ծառին տակ կը հասնիմ ետեւէն ու զղջումի ա՛յնքան սրտառուչ բառեր կը գտնեմ որ կը հաւատայ, կը ներէ, կը վերադառնայ։

Եւ աւելի քան երբե՛ք ուժգին կը սեղմեմ իր մէկ նո՛ր մատը…

Եւ այսպէս՝ երկա՜ր ատեն։

Մինչեւ որ խաղին տեսակը փոխուի ու, փոխանակ ցաւի, հոգեկան ամենանուրբ փայփայանքի մը հեշտանքը ուզեմ տալ իրեն։ Կը սիրէ այդ նոր խաղը…

Ու հատնող վերջալոյսին մէջ, իր երջանիկ մանուկի հոգին կը համբուրեմ ու կը համբուրեմ …։

12 Յուլիս…

Պատրանք՞ է նորէն…

Շաբաթէ մը ի վեր է որ շատ լաւ կը զգամ ինքզինքս։ Մարմինս գրեթէ ուժովցած է, ու կրնամ առանց յոգնելու մէկ-երկու ժամ քալել։ Հազս գրեթէ անյայտացած է. առտուները միայն քիչ մը կը հազամ։ Հիւանդ թոքիս կոտտուքը բացարձակապէս չեմ զգար…

Ինչ խենթ յոյսերով կը լեցուիմ նորէն։ Երեւակայել որ - եթէ այսպէս շարունակուի- կրնամ քանի մը ամիսէն կատարելապէս բուժուած նկատուիլ եւ…

Ահ, ի՜նչ պալատներ կը կանգնէ երազս ամէ՛ն գիշեր, ամէ՛ն գիշեր…

17 Յուլիս…

Սիրելիս, երազդ աւազի՛ վրայ է կանգներ իր պալատները…

Եւ ահաւասիկ փլան…

Զարհուրելի՛ ոյժ մըն է ճակատագիրը։

Ահա անգամ մըն ալ նստած եմ հոս, սենեակիս մէջ, գունատ, ուժաթափ, անյոյս, վայրկեանէ վայրկեան սպասելով սարսափելի արիւնին՝ որուն բոլոր նախանշանները կ՚երեւին մարմնիս վրայ։

Միեւնոյն իրերը՝ շուրջս։ Անոնք՝ որոնց ներկայութեանը, քանի մը օր առաջ, կեանքին երազովը կ՚օրօրուէր հոգիս… Ինչպէ՜ս կը հեգնէ զիս պատէն կախուած սա աղտոտ նկարը, որուն մէջ տխմար դիմագծերով մարդ մը կ՚երթայ, գլուխը կախ, անտարբեր։

Ճակատագի՜րն է…

20 Յուլիս…

Նո՛յն մթութիւնները, նո՛յն ցաւերը, նո՛յն անդունդը…

Յուսահատութիւնս մահուան դուռները կը բախէ անդադար, բայց ի զուր։

Ինչո՞ւ չեմ մեռնիր։

Երեսս պատին, դիւահարի պէս աչքերս յառած եմ հոն շարժակող ստուերներուն, որոնք կը խենթեցնեն զիս իրենց հեգնանքով։ Եւ այսպէս՝ մինչեւ իրիկուն, մինչեւ գիշեր, մինչեւ առաւօտ…

21 Յուլիս…

Կարօտագին կը բաղձամ աղօթել։ Ի՜նչ մխիթարութիւն պիտի բերէր ինծի ասիկա. Ինչո՞ւ չեմ կրնար։

Ախ, հին օրերը…

Ինչեր պիտի չտայի վերադարձին համար իմ հին, աղուոր հաւատքներուս։

Ինչ անո՜յշ տղայ մըն էի ես, ատեն մը, իմ վճիտ աչքերովս, իմ աղօթել գիտցող պզտիկ հոգիովս։

Հիմա մեծցած եմ։

Ու հիմա, ամէն ատենէ աւելի պզտիկ կը զգամ ինքզինքս…

Ն…ն կ՚աղօթէ ամէն գիշեր։

Ինչո՞ւ տեսած չեմ քեզ տակաւին քու այդ դիրքիդ մէջ, իր հրեշտակս - անկողղնիդ քով՝ ծունկի վրայ, ճերմակ գիշերազգեստովդ, պաղատող աչքերդ ձեղունին՝ ուրկէ անդին կը զգաս թէ Անհունը կայ… ու մոմ մը կը հատնի քովդ՝ պզտիկ, ապակիէ աշտանակիդ վրայ…

Եւ ինծի՜ համար կ՚աղօթես որ աղէկնամ ես…

Ո՜վ իմ սուրբս, իմ միակ պաշտամունքս…։

24 Յուլիս…

Այս իրիկուն պիտի չտեսնեմ քեզ. - երէկ գունատ տեսար զիս եւ ուզեցիր որ այսօր հանգչիմ։ Բոլոր յանձնարարածներդ ըրի, իմ սիրականս, - մինչեւ կէսօր անկողնէս չելայ, առանց ախորժակ ունենալու՝ բռնի ճաշեցի, կէսօրէն ետք նորէն անկողին մտայ, ու մայրամուտին միայն՝ շատ պզտիկ պտոյտի մը համար դուրս պիտի ելլեմ։

Այնքա՜ն ուրախ եմ որ քու ուզածիդ պէս ապրեցայ կեանքիս այս օրը…

Վաղը պիտի վարձատրես, չէ՞, քեզ օ՛ր մը չտեսնելու այս մարտիրոսութիւնս…

25 Յուլիս…

Ն…ն երթալով կը տժգունի եւ հիւանդի երեւոյթ կ՚առնէ։

Ն…ն կը հազա՜յ…

Ի՜նչ զարհուրելի խաղ է ասիկա։ Ահ, մտածել թէ Աստուա՛ծ կայ… կարելի՞ բան է։

Բայց հրէշային բան է աս։ Ըսել է՝ ե՛ս կը մեռցնեմ զինք… ըսել է՝ իմ սէրս, իր բիւրեղային վճիտութիւնովը, ուրիշ բան չէ եթէ ոչ թո՜յն, զոր իր հոգիին ու մարմնին մէջ կը կաթեցնեմ ես քիչ քիչ…

Ահ, ինչպէ՜ս կ՚ուզեմ բզկտել սա անխիղճ շրթունքներս եւ այս մատներս կոտրտե՜լ…

Ինչ զզուելի՛ չարագուծ մըն եմ ես. բայց մանաւանդ Դո՛ւն, Դո՛ւն…

27 Յուլիս…

- Նորէն աղէկ չես, գիտե՞ս, նորէն շատ տժգուներ ես… Զիս տեսնելուն պէս այսպէս ըսաւ այս իրիկո՛ւն։

Երեսը նայեցայ։

Արիւնի հետքն իսկ չկար իր այտերուն մորթին տակ, եւ աչքերուն շուրջի կիսաբոլոր ակոսումներ աւելի քան երբեք մթագներ էին։

- Իսկ դո՞ւն, - հարցուցի։

- Ես, հոգ չէ, սիրելիս, - ըսաւ ու ժպտեցաւ։

Մարդկային չէ՜ր այդ ժպիտը…

Ունեցայ ճիշդ այն զգացումը զոր մարդ պիտի ունենար՝ երբ յանկարծ գիտակցէր թէ կը գտնուէր լռութեանը մէկ սրբատեղիի մը զոր ակամայ սրբապղծած էր…

Երբ իր ձեռքը համբուրելէ ետք գլուխս վեր առի, տեսայ թէ կու լար։ Մեր սրտազեղումը այն ատեն տարօրինա՜կ, տարօրինա՜կ եղաւ…

29 Յուլիս…

Երկու օրէ ի վեր տեսած չեմ զինք։ Անըմբռնելի՜ յաւիտենութիւն…

Որոշած եմ շաբաթը անգամ մը միայն իրեն երթալ եւ տեսակցութիւններս ընել միշտ… վերապահ։ Այս որոշումս ունի իր մեծութիւնը եւ իր ծիծաղելիութիւնը։

Հակառակ տկար ըլլալուս, այս իրիկուն բուռն փափաք մը զգացի տուած որոշումս բեկանելու, բայց բաւական կամք ունեցայ թումբ կանգնելու համար յորդող զգացումներուս դէմ։

Եւ ուրախ եմ։

Ահ, ուրա՛խ… իրա՞ւ…

Ես ուրախ կրնա՞մ ըլլալ. ես իրաւունք ունի՞մ ուրախ ըլլալու…

30 Յուլիս…

Ո՜վ տառապողներուն եւ յուսահատներուն Աստուածը, ո՛յժ տուր իմ հոգիիս, որպէսզի կարենայ ան գլուխ հանել այս հոսանքն ի վեր թիավարումը զոր ճակատագիրը պարտադրեց իրեն։ Կը զգամ թէ վայրկեանի մը դեդեւումը անդո՛ւնդ պիտի տանի զիս եւ ան։

Ինչո՞ւ, Տէ՛ր, ինչո՞ւ։

Երկու աղուոր հոգիներու ընկլուզումը ճակատագրին մութ ջուրերուն տակ՝ չի՞ կսկծացներ քու խղճմտանքդ։

Օգնէ՜, Տէ՛ր, օգնէ՜ ինծի։

1 Օգոստոս…

Այնչա՜փ աղուոր մայրամուտ մը կայ դուրսը։ Կիրակի իրիկուն է։ Մարդերը պտոյտի ելած են ճամբաներուն վրայ։

Ահաւասիկ հայր մը՝ իր պզտիկին ձեռքէն բռնած։

Ի՜նչ խուլ զգացում է որ կը փրթի այսպէս յանկարծ իմ հոգիիս խորունկէն…։ Այդ խաղաղ, այդ անոյշ մարդը - որ հաւանաբար սափրիչ է շուկան, կամ սափրիչի աշկերտ - ինչո՞ւ լացնէ զիս իմ վարագոյրներուս ետին…

Հայր մը իր պզտիկին ձեռքէն բռնած…։

3 Օգոստոս…

Չկա՛յ բան մը զոր չկարենամ ընել քեզի համար, ո՛վ իմ սէրս։

Գաւաթ մը ջուր խմելու չափ հեշտութեամբ կրնամ մեռնիլ, ուրախ, երջանի՜կ, եթէ այդպէս ընել պէտք ըլլայ քու կեանքիդ անդորրութեանը համար։

Մեռնիլ։

Ի՜նչ պզտիկ բան է այդ։

Ահ, ես կ՚ուզեմ քու հոգիիդ համար ընել մեծ, գրեթէ անկարելի բան մը - ապրիլ…

Ու պիտի ապրի՛մ։ Ակռաներովս պիտի բզկտեմ այն սեւ թաթը զոր մահը երկարած է հոգիիս։ Անսահման ոյժ ունիմ դեռ։ Ա՛լ լմնցած, քայքայուած կարծած այս էութիւնս տակաւին ի՜նչ աղբիւրներ ունի եղեր։ Ապացո՞յց։ Ահաւասիկ կամքիս սա պայծառ ժայթքումը յուսահատութեանս խորերէն…

Պիտի ապրի՛մ։

Պիտի վերականգնե՛մ իմ այս կքած, կիսովին խորտակուած կուրծքս, մարմինս պիտի վերստանայ իր երբեմնի մարմարեղէն կերտուածքն ու հպարտութիւնը։

Իսկ հոգիս պատրաստ է արդէն…։

5 Օգոստոս…

Սէրս խելայեղ յորդում մը ունեցաւ այս իրիկուն։ Երկու շաբաթէ ի վեր կը զգուշանայի նոյն իսկ իր ձեռքը համբուրելու։ Ահաւո՜ր մարտիրոսութիւն…

Եւ այս իրիկուն, պտոյտի ատեն, Կարմիր Խաչի պարտէզին ծառերուն տակ, հեւացող մթնշաղին մէջ, յանկարծ, իր նայուածքը այնքան խորունկը հասաւ հոգիիս՝ որ թեւերս փաթթուեցան իր իրանին…

Հո՛վ մըն էր որ կ՚անցնէր միսերում մէջէն ու կը դղրդէր զիս իր ուժին տակ…

Յուզումէն տժգունեցաւ։

Ահ, ինչպէ՜ս կը սիրեմ իր աչքերուն այդ գիշերը, տենդի րոպէներուն, երբ երթալով կը մութնայ, կը խորունկնա՜յ, ծովի մը պէս՛ որուն վրայէն փոթորիկը պիտի անցնի։

Ակնթա՛րթ մը միայն տեւեց այդ հեւիհեւ փարումը։

Տեւե՞ց։

Նիւթին պատուարէն անդին կատարուող այդ հաղորդութիւնները կը տեւե՞ն։

Թշուա՛ռ հոգիներ, որ չեն կրնար ըմբռնել մազի թելի մը մէջ՝ անհունը, եւ անոր տրուած համբոյրին մէջ՝ յաւիտենութիւնը։

Թող սիրե՜ն….

7 Օգոստոս…

Նորէն արիւն…

Ն…ն ճանչնալէս ի վեր չորրորդ արիւնահոսութիւնն է ասիկա։ Ինչո՞ւ այսքան շուտ-շուտ։ Առաջ, վեց ամիսը անգամ մը հազիւ կ՚արիւնէր հիւանդ թոքս։

Իմ խե՜ղճ սիրականս, քու հրեշտակի անմեղութիւնովդ դո՛ւն ալ մեղսակից ես, գիտե՞ս, ճակատագրին հրէշային դաւերուն։ Քեզ սիրելէս ի վեր, հիւծումս սաստիկ արագացած է։ Իւրաքանչիւր անգամ որ շրթունքներս կը հպին շրթունքներուդ…

Ի՜նչ սեւ ողբերգութիւն է կեանքը զոր ստեղծեր ես, Տէ՛ր։

Մէկ կողմէ կը պարզուի, կը բացատրուի ան - կեանքը - հետզհետէ աւելի գեղեցիկ, աւելի ցանկալի, ու միւս կողմէ տակաւ կը հատնի՜մ ես…

Այսօր ալ չեմ կրնար տեսնել զինք։ Սաստիկ կը տառապիմ կարօտէ։ Կ՚այրի՜մ, կ՚այրի՜մ…

Սէր ու թոքախտ նո՛յն կուրծքին տակ։ Աղուո՛ր հրդեհ, չէ՞։ Բոցերը կը հասնի՞ն մինչեւ քեզի, Աստուա՜ծ…։

8 Օգոստոս…

Այսօր ալ չկրցայ երթալ իրեն։ Սենեակիս մէջ փակուած, ամբողջ օրը ինքզինքս տուի յիմարական աշխատանքի, նպատակ ունենալով բթացնել եւ անգործուծթեան մատնել մտածումս։ Գրեցի, գրեցի, յետոյ պատուհանէն դուրս նետեցի ամէն ինչ որ գրեցի։

Արիւնը դադրեցնելու համար տրուած դեղը չգործածեցի. ի՛նչ հարկ. հակառակ ասոր՝ գրեթէ արիւն չեկաւ այսօր։ Սաստիկ յոգնած կը զգամ. աչքերս կը ցաւին։ Հոգիիս մէջ բան մը կ՚այրի, կը հատնի…

Ի՞նչ կ՚ընէ ան հիմա։ Ժամը 11-ը կ՚անցնի։ Ըսել է աղօթած է։ Եւ անկողնին մէջ պառկած՝ իր սեւ-սեւ աչքերը մութին, կը մտածէ…

9 Օգոստոս…

Ախ, ինչպէ՜ս կ՚ատեմ հին մարդը որ էի առաջ եւ որ իր մռայլ խենթութիւնովը - չես գիտեր ինչո՛ւ - քանդեր, փճացուցեր է մէջս կեանքի այնքա՜ն թանկագին, անյքա՜ն վճիտ աղբիւրներ։

Յիշելը տառապիլ է հիմա ինծի համար։ Ահաւոր խենթ մըն եմ եղած ես, անցեալին մէջ։ Մուրճի հարուածներ տեղացուցեր եմ գիշեր-ցերեկ՝ շէնքի մը, որուն տաճար մը ըլլալը նո՛ր կը տեսնեմ։ Ինչո՞ւ։ ինչո՞ւ։ Ու փլեր է ահա ան։ Ու հիմա, անոր աւերակներուն մէջ ինկած, կ՚աշխատիմ բան մը փրկել անկէ։ Բայց, ոչի՜նչ։ Ձեռքս ամէն կողմ մոխիրի մէջ կը խորասուզի…

Ինչպէ՜ս կ՚անիծեմ իմ սա ձեռքերս։ Թէեւ մեղաւ՞որ են անոնք։ Ահ, զարհուրելի գիշերը որ կուրացուցած էր զիս…։

Եթէ այն ատեն ծագած ըլլար այս աստղը…։

Ո՛չ։ Յանձաւորը Ան է, Ան…։

10 Օգոստոս….

Ժամ մըն է որ նստած եմ հոս, վերնայարկի այս պզտիկ պատուհանին առջեւ, բացառաբար գեղեցիկ վերջալոյսի մը հետ մինակ։

Ի՜նչ հոյակապ շքեղութիւն է աս, հորիզոնն ի վեր, ու միանգամայն ի՜նչ ճակատագրական հատնում։

Ի՜նչ աղուոր մահերով մեռնիլ գիտէ լոյսը…

Աստղ չկայ դեռ։ Պզտիկ լուսին մը, որ տակաւին հազիւ քալել գիտէ, կը շտապէ դէպի հորիզոնը, լուռ, յոգնած, գրեթէ հիւանդ։ Այս տխեղծ, այս ծիւրած լուսի՛նն է սակայն, որ պիտի տիրապետէ, քանի մը օրէն, ամբողջ կամարին, ու պիտի անցնի՝ երազի մը պէս աղուոր՝ միլիոնաւոր յուսաբեկ հոգիներու վրայէն…։ Ախ, լուսի՛ն, քու ոյժդ ունենայի…

Իրիկուան աստղը կը տեսնեմ, ահաւասիկ։ Ինչե՜ր կը յիշեմ ես այս աստղով։ Ինչո՞ւ կը թողաս, հոգի՛ս… Գոցե՞մ այլեւս պատուհանը…

Կեանքը, եթէ նոյնիսկ անզգամ հեգնութիւն մը եղած ըլլայ ան, հոյակա՜պ հրաշալիք մըն է։ Կարելի չէ չտեսնել ասիկա։

Ախ, կեա՜նքը, կեա՜նքը…

Ինչպէ՜ս կ՚ուզեմ կմախացած բազուկներուս ամբողջ յուսահատութիւնովը փաթթուիլ անոր ու պաղատիլ որ չլքէ՜ զիս…

Հորիզոնը կորսնցուցեր է իր շքեղութիւնը։ Ի՛նչ շուտ։ Ամպերը, փոխանակ երազի, դէզ-դէզ մոխիր կը սեղմեն իրենց կուշտին։ Հատաւ։

Երթամ քնանամ։

11 Օգոստոս…

Ն…ին հազը չէ դադրած դեռ։ Գիտեմ, սուտ կը խօսի, զիս չվրդովելու համար։

Իմ դժբա՜խտ հրեշտակս…։

Ամէն իրիկուն կը տեսնեմ, հակառակ ծածկելու համար ըրած իր ջանքերուն, կոկորդի այն տառապեցնող անհանգստութիւնը որ զարհուրելի ախտանշա՛ն մըն է թեւերս…

Ու դաշո՛յն կը մխեն կարծես իմ սրտիս։

Ախ, ճիշ՞դ է, ճիշ՞դ է արդեօք հիւանդագին նախազգացումս որ տառապանքէ տառապանք կը նետէ զիս։

Ինչու՞ կ՚ապրիմ դեռ։

13 Օգոստոս…

Այսօր ալ չգացի իրեն, հակառակ բուռն փափաքիս։ Իրիկունը, գրելէ սաստիկ յոգնած, ելեր էի իրեն երթալու։ Բայց յանկարծ, այնքան տխուր, այնքան ընկճուած գտայ տրամադրութիւնս, որ որոշեցի չերթալ՝ տրամադրութիւնովս չվարակելու համար նաեւ իմ հրեշտակս։

Այդ տրամադրութիւնով ելայ սենեակս, աչքերս գրեթէ արցունքոտ, եւ քերթուած մը գրեցի զոր շատ սիրեցի («Արհամարհանք»ը)։

Յետոյ գացի, ուշ ատեն, Հրէից գերեզմանոցին քարերուն վրայ նստելու։

15 Օգոստոս…

Վերադարձայ սենեակս, յոգնած, գրեթէ շնչասպառ։ Եւ ամբողջ մեղքս՝ պզտիկ, շատ պզտիկ պտոյտ մը ըրած ըլլալս է, սիրած աղջկանս հետ։

Հոգ դէ, տակաւին կրնա՛մ ժպտիլ ես։ Տակաւին կրնամ արհամարհել, ճակատագի՛ր, զզուելի ձեռքդ որ սառոյց կը կախէ հոգիիս այս աղուոր գարունին մէջ։

Վա՛տ, պիտի չկրնա՛ս դիւրաւ սաեցնել այս մեծ, այս շքեղ ծաղիկը, զոր այնքա՜ն գուրգուրանքով, այնքա՜ն տառապանքով, արիւնո՛վս մեծցուցի ես։

Աւելի ուժով ես, գիտեմ։

Բայց այդ՝ ոչի՛նչ։

Ահա Կեցեր եմ դէմքդ, տժգոյն, ծիւրած, բայց պատրա՛ստ եղունգներովս, ակռաներովս պաշտպանելու իմ գարունիս այս հոյակապ ծաղիկը։

Տժգոյն եմ, այո՛։

Բայց կը տեսնես՞ աչքերուս հրդեհը։

Սիրող մարդուն յուսահատութենէն վախցի՛ր, Աստուա՛ծ։

17 Օգոստոս…

Եթէ տակաւին ունեցած ըլլայի որեւէ յարաբերութիւն երկնքի հետ՝ այսօր կը խզէի զայն։ Բայց երկար ատեն է որ ես աչքերս վար եմ առած հոնկէ։

Մե՜ղք որ այդպէս է սակայն։

Պիտի ուզէի որ տակաւին իմ սրտիս մէջ տեղ մը, խոշո՛ր տեղ մը ունեցած ըլլար Ան, որպէսզի կարենայի ես այսօր հոգիիս ամբողջ արհամարանքովը դո՛ւրս նետել զԱյն հոնկէ։ Ախ, ինծի չտուիր՝ Քեզ վռնտելո՛ւ հաճոյքը նոյնիսկ։

Ն…ին բերնէն արիւն եկաւ այսօր…

18 Օգոստոս…

Ն…ն Իզմիր կը մեկնի վաղը, իր ազգականներուն։

Հանդարտ խորհրդածութեան անկարող դարձած եմ։ Չեմ գիտեր թէ ի՛նչ կը պատահի ինծի։

19 Օգոստոս…

Մեկնեցաւ։

Լուսնկայ գիշեր է դուրսը։

Սենեակիս մէջ անշարժ նստած կը դիտեմ դիմացս։

Ի՞նչ կայ դիմացս։

- Դատարկութիւնը…։

Մեծ Կղզի, 21 Նոյեմբեր 1921 (*)

Երեք ամիսէ ի վեր բացած չեմ այս տետրակս։ Գոցեր էի զայն, ինչպէս ամէն բան։

Եւ այս առտու, չեմ գիտեր ի՛նչպէս, նորէն առի զայն սեղանիս վրայ, մաքրեցի իր փոշին եւ անսահմանելի զգացումով մը կարդացի ինչ որ գրեր եմ անոր մէջ, իմ կեանքիս ամէնէն եղերական այս օրերուն։

Քանի՜ անգամ ճակատս ինկաւ վար, փղձկումով մը որ անուն չունի, թուղթին տալու համար՝ մասնաւոր տեղեր, շրթունքներուս համբոյրը, աչքերուս արցունքին հետ։

Երե՜ք ամիս…

Պիտի հաւատայի, եթէ ինծի ըսէին՝ երեք տարի՜։ Եւ ինչե՜ր, ինչե՜ր ունիմ յանձնելիք նորէն, սիրական տետրակ, քու փոշիիդ։

Բայց ի՜նչ հարկ գրել։ Ինչու՞ գրել։ Լաւ է որ գոցեմ քեզ նորէն, հոգիիս հետ։

Չեմ կարծեր որ դեռ շատ կ՚ապրիմ։ Գերեզմանի մը խաղաղութիւնը մօտ կը թուի ինծի։ Գոնէ ա՛յդ չի զլացուիր մարդուն, նոյնիսկ է՛ն անբախտին…։