Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Վ... ԻՆ

Գիշերէ. ժամը 12-ը անցած է։ Ժամ մը առաջ, ընկերներու հետ նստած էի Պէյլէրին պարտէզը, բայց խղճի խայթը, որ քեզի հետ մտերմացած օրէս ի վեր կը տանջէ զիս, ա՛յնպիսի սաստկութիւնով մը յարձակեցաւ վրաս, որ չկրցայ մնայ, բաժնուեցայ ընկերներէս ու եկայ այն մութ սենեակը ուր քեզի հետ ապրեցանք, կը յիշե՞ս, դժբախտ մտերմութիւնը մեր հոգիներուն, եւ ուր, դեռ քանի մը ժամ առաջ, սրտիս սեղմած քեզ, այնքան կը տառապէի, թէեւ դուն միայն ծիծաղ կը տեսնէիր դէմքիս, չէ՞... ։

Ահ, իմ սիրելի՛ պզտիկս, պէտք է որ քեզի քանի մը անկեղծ խօսքեր գրեմ այս գիշեր, այս թուղթի կտորին վրայ։ Ասոր համար էր որ ընկերներէս բաժնուեցայ ու եկայ այս սենեակը որ, չեմ գիտեր ինչո՛ւ, ատենէ մը ի վեր յուսահատութիւն կը բերէ վրաս։

Ա՜յո, պէտք է որ անկեղծ ըլլամ քեզի հետ. եւ, գիտե՞ս, եթէ իմ հոգիս չունի որեւէ առաքինութիւն (չեմ ցաւիր ասոր համար), ունի՛ սակայն անկեղծութիւն մը որուն համար շատ հպարտ եմ ես։

Ուրեմն, սկսիմ։ Լա՛ւ ուշադրութիւն ըրէ։

Մեր մտերմութիւնը (չեմ ըսեր մեր բարեկամութիւնը) պէտք է որ դադրի։ Ինչու՞։ Բացատրեմ, թէեւ, շատ անգամ, անկատար կերպով բացատրած եմ քեզի այս մեծ եւ քեզի համար զարմանալի «ինչու»ն։

Պարզ է։ Որովհետեւ, դժբախտ կ՚ըլլաս դուն։ Սիրելիս, այն պայմանները որոնք շրջապատած են մեր երկուքին հոգիները, ոչ թէ միայն նոյնը չեն, այլ բոլորովին հակառակ են իրարու։ Մեր երկուքին միջեւ անդունդ մը կայ։ Աւելի լաւ պիտի բացատրեմ մետքս։ Ես ունիմ ծայրայեղօրէն վերացական, երազկոտ, քիչ մը խենթուկ եւ շատ շատ արկածախնդիր պոհեմ հոգի մը. մէկ խօսքով՝ ես անորմալ տղայ մըն եմ։ Գալով քեզի, իմ սիրելի պզրիկս, դուն անուշիկ աղջիկ մըն ես, պարզ, ջինջ, քնքուշ հոգիով մը, որ ամէն իրաւունք ունի այս աշխարհիս մէջ ապրելու՝ բնական, խաղաղ ու երջանիկ կեանք մը։ Քու իտէալդ ալ այս չէ՞։ Դուն կ՚երազես, անշուշտ, ամէն բանէ առաջ, երջանկութիւն։ Ահա հոս է որ կը սկսի անդունդը։ Ես չեմ կրնար քեզ երջանիկ ընել... ։ Ուզէ ինձմէ կեանքս, ու ես սիրով, խանդավառութիւնով կու տամ զայն քեզի, բայց մի՛ ուզեր երջանկութիւն. անիկա միշտ թշնամի է եղեր ինծի... ։ Եթէ օր մը կարենայի պատմել քեզի իմ կեանքիս վէպը, գուցէ դուն ինքդ պիտի ուզէիր վերջ տալ մեր մտերմութեան... ։