Գիւղին կեանքը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԻՒՂԱՑԻ ԿԻՆԵՐԸ
(Ձմրան պատկեր)

Չեմ գիտեր ի՛նչ ըսէի ձեզի, ի՛նչ գրել անմիջապէս, որ դուք քի՜չ մը երկար նայելով ձեր զարդասեղանի հայելիին, փառք տայիք Աստծու, կամ միայն պօյ-պօսը տեսնելով ձեր ամուսիններուն, որ միշտ ձեզի հետ ունիք, երջանիկ օր մը անցուցած ըլլաք:

Գիւղացի մեր կնիկները իրենք իրենց այնպէս մը իրավունք ունենալ կը հաւտան թէ՝ դուք հոդ՝ քաղաքի ձեր շքեղ բոյներուն մէջ ու սիրուած վարուժաններու կուշտին, ոչինչ ունիք որ ձեզի համար ձանձրոյթ ըսուէր, ու տաղտուկ մը ա՛յն ծանրութիւնով, որ մէկ օրէն միւսը մազ կը ճերմկցնէ:

Ես ալ կ՚ըսէի թէ՝ դուք կամ ձեզնէ շատերը ե՞րբ պէտք կ՚ունենայիք ձեռուընիդ գոգնոցի տակ խաչկպած ու տրտում՝ մտածել որ տունին այն կողմը դատարկ մնացին մառանին ամանները, կամ երկար դժնդակ ձմեռ մը ափ մը ածուխով պիտի անցուէր:

Ամէն կողմերէ ականջիս այրող ձայնն ան եղած է որ ձմեռը սաստիկ ըլլալուն համար գործ չկայ: Չափազանցութիւն ալ չկայ իրաւ որ: Իրաւ է թէ գիւղերու մէջ ամառն ալ հիանալի կ՚ըլլայ ամէն կերպով, եւ սակայն հիմա ձմեռը կը տիրէ, որ իր հոգերով ու ճերմակ փոշիներով այնքան ապաժամ ու ահաւոր, բոլորովին անսպասելի դժուարութեան մը մատնեց աշխատող ձեռքերու ամուր չարչրկանքները, որոնց համագումարն արդէն տարիին ամբողջ տեւողութեանը հազիւ արժեր էր ու կ՚արժէր քոտ մը ոսպ կամ փէշ մը չոր ձաւար:

Դժուար տարի մը իր բոլոր առաւօտներով: Ու տարօրինակն ալ ան, որ անցած եղանակներուն երբեք չսպասուած օրերուն էր որ աղէտին մէկ տեսակն ալ երկինքէն կը կախուէր: Սոսկալի կարկուտը ու տեղ տեղ չափազանց անձրեւները գետինը բան մը չի թողին՝ որ բոյս ըսուէր, ուրիշ կողմեր մնացած լոպը [1] ջնջեց տարաւ:

Շատ սովորական խօսք մը, որ հիմա ես ալ պիտի կրկնէի թէ՝ երբ երկինքն է բարկացողը, երկիրը ոչինչով կը մխիթարուի: Գիւղը հողին տուածովը կ՚ապրի, տուները անով կը պարենաւորուին, կուշտ սննդեղէն մը գոնէ մեր հողերուն ընձեռածովը կ՚ապահովուէր, խօսքն էվէլ կ՚ընեն ասոր, որ ա՛լ կարճ ըսէինք թէ՝ չունեւոր ու չքոտիկ խեղճութեան տեսակն ի՛նչ կ՚ըլլար հոն, ուր մարդն ալ գետինին մրջիւններուն հետ, առանց ուրիշ ճարի ճարտարարուեստի, շատ աւելի կամ գրեթէ միշտ հողէն միայն կ՚սպասէր կեանքը տանելի ընող պայմանները, որոնց մէկուն պակասը միայն, ճշմարիտ որ ամբողջ ընտանիքին սուգն ըսել կ՚ըլլայ:

Սգաւոր՝ հացի մը կարօտովը, կքուած, կղպուած բերաններ՝ այրող ընդարմացնող դուրսերուն մեռուցիչ ցաւերով, գրող, հին տարի մը կը վերջանայ, ու նորն ալ ի՞նչ, որ վրանիս պիտի գայ:

Բայց դուք ի՛նչ ունէիք, ազնիւ քուրիկներ: Ձեր մեծ ցաւն ուսկէ՛ կը սկսէր եւ ո՛ւր կը վերջանար, որ հոն նորէն չըլլար զուարթ ծիծաղ մը: Ան ատեն, որ դուք պատուհանին առաջքը նստած ձեր դէմի դրացինին ջլթիկ մէկ աղջիկը կը բամբասէք, որուն հով չեղած օրերն ալ պատուհանին վարագոյրը ժամերով բացխփիկ շարժումի մը մէջ կ՚երեւնայ, ան ատեններն ալ, ու ձեր ոսկի ու եբենոս մազերուն հիւսքն ու յետուռոյցքը ուզածնուդ պէս հանկուրցած ըլլալու ճաշակով կը սպասէք մօտէն հեռուէն բերանբաց հիացողի մը հանդիպցնել աչքերնիդ, ատ իսկ վայրկեաններուն, երեւակայեցէք կ՚ըսեմ որ հոս մէկը կայ, որ իր ծակ գուլպան լեցնելու թել մը չուանը չի գըտներ, ուրիշ մը, ըսէք աղջիկ մը, որ մեծ այպանքներու մէջ տուն կը տարուի իր ամերիկացի վարժուհիէն, միայն անոր համար, որ շրջազգեստին վարի եզերքները հէնց քիչ մը թելոտած վիճակովը կը մտնէ դպրոց: Դեռ նոյն ատեն երեւակայել ան կնկուկն ալ որ իր լուացքի տաշտին գլուխը փեռեկոտած դիրքի մը մէջ, վիճակն ինչ որ ալ ըլլայ, լուռ արցունք մը կը խառնէ օճառին փրփուրներուն հետ, երբ ան օրը այն խեղճ մայրը ստիպուած կ՚ըլլայ անպատճառ տունը սպասցնել իր պզտիկները, որոնց միաձեւ հագուստը ջուր ձգուած ըլլալով, չպիտի կրնար անոնք դուրս հանել կամ դպրոց խրկել: Խեղճութեան ո՛ր տեսակն էր որ սիրտ չէր կսկծեցներ: Դուք, աղուոր քուրիկներ, դուք որ կը կարծեմ ուրիշ ատեններ գիւղերու գարուններուն ու գոյներուն երգովն էք երազեր ու յափշտակուեր շատ անգամ, մտիկ ըրէք հիմա ու ես պիտի կրնայի ձեզի շատ մը ուրիշ բաներ ըսել գաւառի ընդհանրապէս այն ձմըռտուներու ներսերէն, ուր ընտանիք մը կայ ու անպատճառ կայ, որ ապահովապէս ուրիշ ցաւերով բեռնաւորուած մըն է, եւ որուն իրմէն զատ իր ստեղծող Աստուածը գիտէ թէ՝ կ՚արժէ՞ ապրիլ այն կեանքը, որ գաւաթ մը ջուր կամ մատ մը չոր հաց ալ ըսել չէ, մնացածը ձիւն ձմեռ, շատը սոսկալի ձմեռներ, որ գարուն ալ չունին:

Հոն աղւոր աղջնակ մը, աղւոր ինչպէս խաչին լուսունկան, աղւոր, պաղպաջուն ինչպէս աղբիւրին պարիկը, հաւտայիք ըսածիս, բայց խեղճ աղջիկը, ամէն օր ալ թուքը արին կը կըլլէ կ՚ըսեն: Նշանուեր է, կը սպասէր, որ ձմեռէն առաջ ճամբայ կտրէր, ու սակայն ձմեռը ամէն երեւակայելի դժուարութիւններու կարգին, աւելին եղաւ, աւելի գէշ ձայն մը ճնկաց ականջին մէջ, «չպիտի կրնայ, անկարելի է քայլ փոխել սըկէ հոն», սա կանխահաս ձմեռը լերան քարայծին ու նապաստակին արահետներն ալ ահագին պատուարներով փակեր է: Ինչե՛ր, ինչե՛ր. քաղաքացի խաթուննե՛ր, դուք կարծեմ սա տեսակ ահուզարերով սիրտերնիդ չէիք հատցներ, ձեր ի՛նչ ժամն էր անտանելին, երբ դուք ձեր բոլոր ժամանակը սալոն, սուարէ ունիք, երբ Մնակեան կ՚ունկնդրէք ու մնացածը առաջիկայ սէզոններուն Բարիզէն ու բարիզուհիներէն կը սպասէք: Դուք դեռ անով ալ երջանիկ էք, որ կեանքի այն կազդուրիչ պէսպիսութիւններուն հետ, երբեմն ալ քով քովի սեղմուելու առիթներով զուարթ ասուլիսներ ունիք, կարդալ գրել գիտէք բաւական մը, ու կրնաք օրուան գիրքին ու գրականութեան վրայ իրարու հետ ձեր հում կամ հասած գաղափարները փոխանակել: Ձեր մէջ ո՞վ ըլլար ինքզինք ապերջանիկ վայողը, որ նոյն ատեն միամիտ յիմարը չըսուէր, ան՝ երբ դժգոհ իր բաղդէն ու բաւարար պարագաներէն անիրանալի ցնորքներ կը հետապնդէ երկինքի լուսունկան ու երկրի Սինկափուրները երգելով:

Ականջը խօսի Ալփիարին: Գոհ եղիք ձեր վիճակէն ան օրն իսկ, երբ թուալէթը շիտկռտել սկսած կատուն՝ չարաճճի՝ սեղանի վրայ ցատկէր ու հայելին կոտրէր, նոյն ատեն բուտրային ամանին մէջ ալ թանաքամանին մելանէն գէշ ցայտքեր մը խառնելով:

Ասոնց համար, այսչափին համար ալ չէր արժեր տրտմիլ ու կուրծք բզքտել, դուք միշտ երբ այս տեսակ ժամ մը կ՚անցնէք, մեր սա Հռոփիկ Պաճին միտք բերէք, որ երեք տարի է մազերը ներկելու հինան չի գտնելով, աս ամառը ընկոյզին կանանչ կեղեւը չորցուցեր կը գործածէ:

Հիմա միայն անկեղծ զգացումներով Ծաղիկի ու անոր բարեկամ ընթերցողուհիներուն համար աւելի երջանիկ ու բաղդբեր նոր տարի մը կը մաղթէ Թլկատինցին:

 

Ծաղիկ, 1907



[1]            Գըմըշ պէօճէյի։