Գիւղին կեանքը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ա՜Խ, ՀՌԻ՛ՓՍ, ՀՈԳԻՍ…

Ն ամակ մըն է այս, որ Ամերիկա հարս տարուած աղջիկ մը կը գրէ իր մէկ մտերիմ ազգականուհիին:

Անուշիկ մօրքրորդիս՝ Հռիփս,

Դեռ երկու ամիս չըներ հասնիլս, առաջին անգամ քեզի է որ կը գրեմ, քեզի՝ բայց միտքդ մնայ որ նամակս դուն միայն կարդաս ու յետոյ կրակը անմիջապէս: Թէ ինչո՛ւ այսպէս, սպասէ, վերջը հասկցիր:

Ճամբայէն գրածներս ձեռքդ հասեր են, կը յուսամ: Գրեցի, հատ մը Մալաթիայէն՝ ափյափոյ, երկրորդ մը Սամսոնէն, վերջինն ալ երբ Մարսիլիա հասանք: Ի՜նչ տաժանելի ճամբորդութիւն: Ու ի՜նչ ճամբայ այս, սիրելի Հռիփս, թէ որ առաջուց գիտցած ըլլայի թէ այդ ճամբուն երկայնքին այս անխոստովանելի չարիքները պիտի դիմաւորէին զիս, աւելի աղէկ, որ ջրհոր մը նետէի ես զիս ու դուրս չելլայի բնաւ, եթէ մինչեւ իսկ նշանուած ըլլէի թագաւորին տղուն: Բայց դեռ քեզի ասոնք ալ չը պիտի ըլլէին գրելիքներս, անուշիկ մօրաքրորդիս, ալ չեմ կրնար զսպուիլ քեզի գոնէ չըսելու թէ ես աւելին ունիմ, ես տէրտերուն սեւն ու կապուտը մէկտեղ ունիմ, ես հոս հասնելուս օրէս ասդին կրակին դէմ բռնուած միսի կտորին պէս կ՚եփուիմ, կը խորովուիմ: Քեզի ինչե՜ր չունիմ յայտնելիք, իմ քաղցր սրտահատորս, հազար երնէկ որ մարդ հէչ չէ ծներ, ծներ է թէ որ՝ աղջիկ չէ ծներ, եթէ աղջիկ՝ որբ չէ մնացեր, թէ ոչ՝ ես ինչո՛ւ, ո՛ր մեղքիս համար պիտի քշուէի սը ինծի համար օտար անծանօթ սէմթերը: Հոդ թէ որ ինծի համար շատ կը տեսնուէր նշենիի մը շուքը, բայց գոնէ փշի ծա՞ռ մըն ալ չէր գտնուեր:

Քիչ մը իրաւ է, ես ալ գիտէի թէ երկիրը տղայ չի մնաց, տղամարդու ստուեր անգամ չի մնաց, ու դեռ այսպէս անկասկած որ օրրաներն ալ դարտկուին երթալով, բայց հոն գերեզմաննոցը գոնէ կարելի չէ՞ր հանդիպիլ վերջին քարի մը, լքուած, անտէր գերեզմանաքարի մը, որ մնար ու իմ պօյիս յարմարէր: Էտ քարը ճշմարիտ որ իր բոլոր ահագնութիւնով ինծի համար աւելի տարուելիք ծանրութիւն մը պիտի ըլլար, աւելի անուշ ու պաշտելի խաչքար մը քան այն, որ սը աչքերու ժամկոչն է, սը անտանելի շուտիկն է հիմա կուշտիս:

Սըւոր ինչի՛ն հաւասովը ես ալ յիմար մը եղայ եւ ճամբայ ընկայ, ես յիմար մը, հոգի՛ս, աշխարհք թող ասկէ վերջ էտ անունը տայ ինծի, բայց քեզի ալ ըսեմ, որ օր մը գոնէ հոգը չառիր ականջիս խելք մը, անկեղծ խորհուրդ մը փսփսալու, որ ես անոր համեմատ ջուր դնէի գլխուս: Դպրոցը մեզի շատ բան սորվեցուց, բայց երբեք, երբեք օր մը կեանքի այս կարգի փորձութիւններէն: Մեր ամէն օր գոց ըրած Աստուածաշունչին ոչ մէկ երեսին վրայ թելադրական խրատ մը ինծի պէս միամիտի մը ուղղուած: Էն վերջը Բադկանց Լեւո՞նը դէմս, որ իշամեղո՞ւն քթիս, երեսիս վրայ: Ասոր ո՞ր տեղը էրիկ մը: Ի՞նչ կողմը շնորհք մը, երեսին որ նայիմ եօթը օր եօթը գիշեր դողս կը բռնէ: Ու գոնէ տարիքն ու առողջութիւնը քիչ մը… գոնէ քթին բերանին ձեւը աղուորութիւն մը

Հէնց որ շրթունքները իրարմէ կը զատէ, շողինքը բերնին կողմերէն գետի մը պէս կը ջրվէժի վարի կզակին վրայ: Ու մեղքէս, ակռաներն ալ ոսկիով անագած մաւզէրի մը ցից փամփուշտներուն մը սարսափը կուտան: Ըսէ՜, խելօք Հռիփս, ասո՞ր համար էր, որ գլուխս քարէ քար զարկի ու դուրս ընկայ պապենի օճաղէս: Պատճառը այս դժբախտութեանս հոտ այլեւս կը քնանա՞յ հանգիստ, հօրեղբայրս երջանի՞կ է ա՛լ, ա՛լ փորը չի՞ խոստեր, ալ ժանգ չունի՞ երեսը: Էտ անսիրտ մարդը երբ այսպէս միտքը դրած էր որբ աղջիկ մը հովերուն նետել կնիկէն թելադրուած, կնկան քէյֆը բերելու համար, ինչո՞ւ աւելի կարճը չընտրեց: Աւելի աղէկ որ որձ ջորիի մը ագիին կապէր ու լեռները ձգէր, կամ աւելի կարճը, որ օրին զիս ալ հէք մօրս հետ ողջ ողջ թաղէր, քանի որ հոս ամէն օր կը մեռնիմ ու թաղող ալ չունիմ:

Իրիկունները երբ գործատեղիէն տուն կը դառնայ՝ ետեւը կարգ մը երկրացի կէնճ տղամարդեր ձգած, իմ անմիջական գործս պիտի ըլլի եղեր որ ատոնք դիմաւորեմ, ձեռքս ձեռքերնուն մէջ դնեմ որ… ալ ինտո՛ր ըսէի քեզի, եւ պահանջ նոյն ատեն որ երեսէս սանկ շաքրոտ խնդուք մըն ալ կախեմ, որպէս զի տը տեսակ սրիկաները բերուընին համտեսած ըլլին: Մինչեւ գրեթէ լուսաբաց կ՚ուտեն, կը խմեն, կը գինովնան, որ եթէ իրար մեռցնող գզուըտուքներով չի վերջանայ, անհրաժեշտ որ այն բոլորն ալ առանց անկողնի ու վերմակի մեզի հետ միեւնոյն սենեակին մէջ շնթռկին: Սենեակ ըսուածն ալ հասկնալ կազի սնտուկ մը, որ մեր անկողնին չի բաւեր արդէն, ուր սակայն անբան աւանակ էրիկ մը թոյլտու կ՚ըլլի որ հինգով վեցով օտարականներ ալ իրենց լէշերը փռելու տեղ գտնան մեր կուշտին: Ու առտուն ալ ես չի կրնամ իրեն հասկցնել թէ գիշերը ի՛նչ անցաւ դարձաւ…

«Ի՞նչ ընենք, կը պատասխանէ, ա՛ կէօզիւմ, էս երկրին ըլ էտէթն էս է որ դուն նոր ալըշմիշ տ՚ըլլիս, պազի ըլ ես կ՚երթամ եաշամիշ կ’ըլլիմ իրենց քովերը. մեր սը տեղի քեարը քիսպը ասանկներէ է ու ասանկ շախաներով կը շինուի. տահա ի՜նչ ասոնք, դուն քեզի շուքուր չե՞ս իտար որ սըւոր նըւոր կնկան պէս աշճութիւն չես ըներ, ամէն օր տասի քսանի խզմէթ չես ըներ, հէր քէսին մէկիկ մէկիկ քէյֆը բերելով»:

Ահա թէ ո՛վ է էրիկս, քո՛ւրիկս, բայց կ՚ըսեն հարուստ մ’է, որ լիրային հետ կը խաղայ, իրաւ է որ իմ մտքէս չանցածները ինք միտք կը ձգէ ու ինք իր ձեռքովը կը բերէ. դեռ անցածները գլխարկ մը բերած էր որ քսան ոսկիի առած է կ՚ըսէր, ոսկի ժամացոյց, ադամանդ մատնիներ, ու բոլորն ալ սուղ տեսակէն: Լորտի կնկան մը այդ զարդը վրաս գլուխս ու շատերէն նախանձելի, բայց կը հաւտա՞ս, թէ կը հաւտա՞ս որ կ՚ըսեմ թէ հագած կապածս հէնց քուրջի կտոր մը, թէլիս մը ըլլէր, միայն որ սը դէմինս ուզածս ըլլէր, քիչ մը կէնճ կանանչ տեսնայի, քիչ մը լեզու բերան ունենար, քիչ մը գգուանք պահէր ու բերանէն յետոյ սանկ երեսին վրայ ալ ոսկի ժպիտ մը երեւցնէր ինծի: Հարուստ է եղեր, դուն ալ չե՞ս գիտեր այդքանը ամբողջ մը չէ, որով կին մը բաւականանալու առաքինութիւնը ունենայ:

Աղջիկ մը թող ուզածը, սիրածը գտնայ, թող ձմրան ձիւնին վրայէն բոպիկ քալէ, այդպէս հաւտայ որ գետինը սփռուած վարդերու վրայ կը քալէ: Ա՜խ, Հռիփս, հոգիս, մեծ անէծքս քեզի բաժին ահա, նախ քու տնակդ աւրէր:

ՇՈՂԵՐ

***

Վե՞րջը. Վերջը, շատ չանցած ձուկերուն բերանը, հէք այս հարսնուկը:

 

«Օշական» Տարեցոյց, 1914։