Վարժապետը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Դ.

Լոյսը դեռ նոր ծագեր է ու սենեկին մէջ խտացող ստուերները յամրօրէն տժգունելով կը փարատին. բաց պատուհանէն առաւօտեան զով օդը կը մտնէ ներս վարագոյրները բարձրացնելով։ Անքուն եւ տաժանելի գիշերէ մը ետքը Գաբրիէլ յուշիկ քայլերով կը պտուտքի սենեակին մէջ չխանգարելու համար կինը եւ փոքրիկը որոնք դժբաղդ մարդիկներու յատուկ թեթեւ քունով մը կը քնանան։

Գաբրիէլ ուրուականային երեւոյթ ունի. իր շատ վտիտ եւ շատ տժգոյն դէմքին վրայ մոլորուն աչքերը տենդային բոց մը ունին. սեւեռեալ մտածում մը ունեցող մարդու յամառութեամբ անիկա թերեւս տասներորդ անգամը ըլլալով կը մօտիկնայ կնոջը անկողնին կը նայի անոր արցունքներէն թառամած այտերուն, կը նայի ոսկրացած ճակատին ու ընդոստ շարժումով մը կը դառնայ կարծես մղձաւանջէ մը հալածուելով։

Կորաքամակ, գլուխը դէպ առաջ ցցուած, ցանցառացած մազերը փակած քունքերուն, դէմքը զուրկ ո եւ է արտայայտութենէ անիկա չարագուշակ սիլուէդ մը կը ներկայացնէ եւ յիմարի դիմակը առած է. բայց իր աչքերը պահած նե արտասովոր կորով մը, որովհետեւ անոնց մէջ կը տեսնուի այն գերագոյն պայքարը որով իր հոգին յոշօտուած է։

Առաջին անգամ երբոր Գաբրիէլ Մանտիկեան անդրադարձաւ որ իրեն առաջարկուած պաշտօնը ուրիշէ մը խլուած էր, թէ այդ երիտասարդ, երազուն եւ թերեւս միամիտ էակը պիտի մտնէր թշուառութեան եւ անստուգութեան այն կեանքին մէջ ուր ինքը ապրած էր մինչեւ այդ օրը հոգեկան եւ ֆիզիքական մեծ ցնցում մը կրեց. քան մը օր անիկա մնաց անկողնին գամուած անկայուն եւ թոյլ տրամադրութիւններու մէջ բայց այդ միջոցին իսկ ինքզինքը ամրացուց. սոսկումով խորհեցաւ անցուցած երեք տաժանելի տարիներուն վրայ եւ հիմակ որ դէմերնին ճամբայ մը կը բացուէր, խե՞նդ էր, ի՞նչ էր որ անկարելի հոգերով կը պաշարուէր։

Յանցանքը ի՞րն էր թէ այդ իմւս պաշտօնեան կը ճամբէին, ինքն ինչո՞վ դեր ունեցած էր անոր դժբաղդութեան մէջ։ Մտածումէ մտածում կառչեցաւ վերջապէս սա գաղափարին։

Եթէ ինքը մերժէր այդ պաշտօնը, միւս ուսուցիչը պիտի պահէ՞ին, ո՛չ... հազար անգամ ո՛չ... ուրախութեան տենդագին նոպայ մը գինովութեան պէս կը խենդեցնէր զինքը. այտերը կը կարմրէին. կը նստէր անկողնին մէջ ու չորցած շրթունքներով կը գոչէր...

Ո՛չ... Նեմզո՛ւր, ո՛չ ապահով եղիր։

Խեղճ կինը նախ սարսափած, հետզհետէ վարժուած էր հիւանդին այս զառանցանքին. զայն հանդարտեցնելու համար ինքն ալ կը կրկնէր իր մեղմ ամոքիչ ձայնով։

Հարկաւ թէ ո՛չ, Գաբրիէ՛լ...

Դիտեր էր որ այս միջոցը շատ ազդու էր հիւանդին վրայ. Գաբրիէլ կ’իյնար բարձին վրայ ու կարծես մէկէն այտերուն կարմիրները կ’անհետանային. չորցած շրթները տժգոյն ու դողդոջուն կը դառնային ու ճակատը կ’ողողուէր քրտինքով։

Բայց այդ միջոցին ալ նախկին վարժապետը կը տագնապէր զինքը խռովող մտածումով։ Ի՞նչ անօգուտ զոհողութիւն պիտի ըլլար այդ պաշտօնը մերժելը. ինքզինքին վրայ կը խնդար, կը հեգնէր իր փափկանկատութիւնը. եթէ ձմեռ մըն ալ անցնէին թշուառութեան մէջ պիտի դիմանայի՞ն արդեօք. հիմակ որ շատ համեստ բայց ապահով կեանքի մը հեռապատկերը ընդնշմարած էին թշուռաութիւնը կրկնապէս սեւ կը թուէր իրենց. ու աչքին առաջ կուգային կնոջը նկուն ու ցաւատանջ երեւոյթը, հիւծած փոքրիկին կանխահաս եւ վշտագին նայուածքը... Եւ Գաբրիէլ կը սոսկար այդպիսի մտածում մը ունեցած ըլլալը յիշելով։

Երբ անգամ մը միտքը կանգ առաւ սա գաղափարին վրայ թէ ոչ միայն պարտական չէր այլ եւ իրաւունքը չունէր այդ գործը մերժելու զգալի բարւոքում ունեցաւ. տենդը մարեցաւ եւ շաբաթէ մը ոտքի ելաւ. բայց ներքին անբացատրելի զգացումէ մը դրդուած քաշուեցաւ իր մտահոգութեանց մասին կնոջը խօսելէ. կարծես ո եւ է առթիւ կ’զգուշանար այդ նիւթին անդրադառնալու եւ զայն արտաբերելու. կ’զգուշանար այդ գաղափարին կեանք տալու եւ զայն ապրեցնելու կնոջը մտածումին մէջ, կարծես վախնալով որ ան ալ նոյն տագնապներուն պիտի ենթարկուէր. կամաց կամաց ջանաց մոռնալ նոյն իսկ որ այդպիսի հոգ մը ունեցած էր, ու միջոց մը յաջողեցաւ. երկու շաբաթի չափ վարժապետին փոքրիկ ընտանիքը վերստին գտաւ իր խաղաղութիւնը. Գաբրիէլին համար այդ մոռացումը այնքան վճռական կը թուէր որ սկսաւ աւելի դրական որոշումներ առնել ապագայի մասին. նոյն իսկ համարձակեցաւ փոխառութիւն մը ընել եւ Նուպար պտուղ եւ խաղալիքներ ունեցաւ։

Բայց երբ քանի մը օրուան հոգեկան խաղաղութենէ ետքը Գաբրիէլի միտքը ոստում մը ըրաւ այդ ուղղութեամբ կարծեց թէ մութ եւ սպառնալի վիհ մը կար իր ոտքերուն առաջ. այլ եւս մտածումները չէին ներկայանար իրեն որոշ բանաձեւերով այլ շփոթ եւ պղտոր խռովքի մը պէս. ի զուր կը մտածէր որ իր յոգնած եւ տանջուած ուղեղին մէկ չափազանցութիւնն էր այս կամաւոր տանջանքը, ի զուր կը մտաբերէր կնոջը եւ զաւկին վիճակը. եթէ յաջողէր անսաստել զինքը տանջող գաղափարին նուազ չէր չարչարուեր. ատենը մէյ մը աչքին կը ներկայանար թուխ եւ համակրելի դէմքը ճանբուող պաշտօնեային. անոր երազուն եւ քաղցր աչքերը կը սեւեռէին իրեն եւ ահա հոգին կը դղրդուէր, կարծես շատ փափուկ բայց յամառ շօշափում մը կ’արիւնոտէր իր վիրաւորուած սիրտը. գրեթէ ֆիզիքական ցաւ կ’զգար ու պատրաստ էր պաղատելու բայց որի՞ եւ ինչո՞ւ... չէր գիտեր. գորշ տարտամութիւն մը կը պաշարէր զինքը. իր մինչեւ այդ օրը ունեցած հաստատ համոզումները եւ գաղափարները կը խախտուէին ու կարծես խելայաղ պար մը կը կազմէին իր ծայրայեղ յուզումի մէջ եղող հոգիին խորը։

Կրկին տենդը յայտնուեցաւ. Նեմզուր յուսահատած չէր գիտեր ինչ բանի վերագրել ամուսնոյն հիւանդագին վիճակը. երբեմն կը հետապնդէր զայն կ’աղաչէր։

–Վստահ եմ որ բան մը ունիս Գաբրիէ՛լ, ինծի ինչու չես ըսեր, դողալով կը մտածեմ թէ արդեօք ի՞նչ լսած ես ու ինծի չես ըսեր. եթէ ցաւ մը ունիս, ըսէ՛ որ միասին ցաւինք։

Նեմզո՛ւր կ’ըսէր Գաբրիէլ յոգնած ձայնով, բան մըն ալ չունիմ...

Ու երբեմն հեծեծանքներ կը խափանէին իր խօսքը։

Գիշեր մը Գաբրիէլ մինչեւ առաւօտ անքուն տանջուելէ ետքը մտածեց որ, իրաւացի թէ ո՛չ երթայ դպրոց եւ իր հրաժարականը տայ ու մէկ անգամով ազատի այդ մղձաւանջէն։

Կարծես անէծք կայ վրաս կը խորհէր անիկա՜... այդ գործէն ի՞նչ խեր պիտի տեսնեմ։

Ի՞նչ պիտի ընէին եթե այդ պաշտօնը չներկայանար. հարկաւ ուրիշ ճամբայ մը պիտի բացուէր իրենց դէմ. զայրոյթով կ’անդրադառնար իր դիւրազգածութեան բայց եւ այնպէս անկարող կ’զգար ինքզինքը անոր դէմ դնելու եւ այդ բանը կը ներկայանար իրեն իբր տեսակ մը հոգեկան տկարութիւն։

Այլ սակայն երբ առաւօտուն Նեմզուրին հարցուց թէ ի՞նչ պիտի խորհէր եթե ներկայացած գործ չյաջողուէր ո եւ է անակընկալ պատճառով, անոր ցաւագին ապշութիւնը, արցունքով ողողուած աչքերը, անոր վհատութիւնը զինքը խարազանեցին։

«Ես իրաւունք չունիմ ըսաւ ինքնիրեն այդ պաշտօնը մերժելու» ու բարձրաձայն ապահովցուց իր կինը։

Խե՞նդ ես, Նեմզո՛ւր, ի՞նչ շուտով դող կ’ելլաս, ամէն բան եղած լմնցած է։

Դարձեալ քունքերուն վրայ կ’զգար պաղ քրտինքը, դարձեալ ծունկերը կը կթոտէին. ի՞նչ նիւթէ շինուած էին ուրիշները որ իրարու բերնէ հացը խլէին, իրարու ձեռքէ բաղդը կը յափշտակէին ու կը յաջողէին խաղաղ խղճով վայելել… «Անո՛նք մարդ են, մա՛րդ» կը գոչէր ինքնիրեն ու ցաւելով կ’անդրադառնար իր կորովազուրկ եւ ջղագար անձնաւորութեան վրայ։

Վերջնականապէս Գաբրիէլ իր որոշումը տուած էր. իրեն համար տաժանելի պիտի ըլլար այդ պաշտօնը վարել բայց պիտի ընէր ատիկա կնոջը եւ զաւկին սիրոյն իբր գերագոյն զոհողութիւն մը… այս գաղափարը իրեն տուաւ հետզհետէ անձնազոհութեան միստիքականութիւնը, ցաւագին եւ հեշտագին զգայնութիւն մը։ Ինքզինքը յոգնած կ’զգար, պայքարելու, դիմադրելու անկարող։

Իր երեք տարիէ ի վեր օրէ օր կրած նեղութիւնները, սրտմաշուքները ըսպառեր էին զինքը ու կարծես նախասահմանած այդ վերջին մարտիրոսութեան։ Մռայլ եւ ծանր տխրութիւն մը զինք պատեց. իր շարժումները դանդաղ, խօսքը կտրուկ ւ շնջատ դարձան. արտակարգ նիհարութիւն մը չարագուշակ սիլուէդ մը տուած էր իրեն. իր փղոսկրի գոյն դէմքին վրայ աչքերն ալ կարծես կը մարէին հետզհետէ։

Յուսահատութիւնը մեծ էր տան մէջ։ Հակառակ իր բոլոր խնամքին եւ գուրգուրանքին Նեմզուր չէր գուշակեր իր ամուսինը տանջող պատճառը. ու անոր վիճակը կը վերագրէր խորհրդաւոր ու անբացատրելի հիւանդութեան մը։ Մէկ կողմը չէր ցաւեր որ բժիշկի դիմէին ինչ որ արդէն Գաբրիէլ կը մերժէր բացարձակապէս։

Փոքրիկ Նուպար այլ եւս ձեռք չէր դպցներ խաղալիքներուն եւ իր մտացի ու լուրջ աչքերով կը հետեւէր հօրը շարժումներուն. սուգը կը սաւառնէր տանը մէջ. սոսկալի կասկածներ կը տանջէին Նեմզուրը. գիշերը անքուն, ցորեկը մտահոգ, կեանքը տանջանք մը դարձած էր ամենուն համար։

Արձակուրդի շաբաթները կ’անցնէին եւ վարժապետին կինը վերջին յոյս մը պահած էր. այն էր թէ ամուսինը իր հոգեկան հաւասարակշռութիւնը պիտի գտնար անմիջապէս որ գործի սկսէր։ Իրաւ ալ տեսակ մը անդորրութիւն երեւցաւ անոր վրայ. սկսաւ հետաքրքրուիլ կեանքի այլ եւ այլ պահանջներով, յոյսը եւ ժպիտը անգամ մըն ալ երեւցան այդ դժբաղդ ընտանիքի անդամներուն վրայ։

Շաբաթ գիշեր մըն էր. սովորականին պէս Գաբրիէլ կը տանջուէր անքնութենէ բայց երբ ժամանակը եկաւ անմիջապէս պառկեցաւ որպէսզի կինը կարենայ հանգչիլ. գիշերային լռութեան եւ մթութեան մէջ անիկա աչքերը առաստաղին սեւեռած կը մնար առանց մտածելու։ Հեռաւոր եւ վաղեմի պատկերներ կ’անցնէին իր նայուածքին առաջքէն. կը տեսնէր ինքզինքը Նուպարին տարիքը եղած ատեն, կը ճգնէր հօրը եւ մօրը դիմագծերը վերյիշելու. երբեմն միտքը կանգ կ’առնէր սնոտի մանրամասնութեան մը վրայ ու անկէ յանկարծ ոստում մը կ’ընէր ուրիշ պատկերի մը…։

Տունը լուռ էր եւ մութ. կնոջը շնչառութեան մեղմ հեւքը կարծես կը թրթռար տեսանելի կերպով մթութեան մէջ… սեւ ցաւագին աչքեր կը ներկայանային մէկէն… Նեմզուրին աչքե՞րը… ո՛չ, ո՛չ… ուրիշ աչքեր էին անոնք որ կը նայէին իրենց երազուն տխրութիւնով մը… դպրոցին զանգակը կը հնչէր, տղաք կը խռնուէին սանդուխներուն վրայ. գորշ հագուստով, մազերը խնամքով սանտրուած, անոնց երիտասարդ վարժապետը կը նայէր իրեն…։

Լոյսը նոր ծագել էր բայց Գաբրիէլ ժամերէ ի վեր արթուն կը պտուտքէր սենեակին մէջ. անգամ մըն ալ նայեցաւ կնոջը եւ զաւկին դալկահար դէմքերուն, ու կարծես անոնց ազդեցութենէն խուսափելով շտապով հագուեցաւ եւ դուրս ելաւ։

 

Քալելով եկաւ մինչեւ կամուրջ բայց դարձեալ սպասելու ստիպուեցաւ առաջին շոգենաւին. քնաշրջիկի մը պէս քալէր կը շարժէր ինչպէս թէ երազի մը մէջ ըլլար։

Դուրսի աշխարհը ոչ երանգ ոչ ձեւ ունէր իրեն համար. անցորդներ կը կենային, կը նայէին իրեն ու կ’անցնէին կ’երթային չբացատրելով այդ մարդը։

Երբ դպրոցին դուռը հասաւ, դեռ մարդ չկար. հաստատութեանը կից եկեղեցիէն կիրակնօրեայ աղօթքներու ծուէններ կը հասնէին մինչեւ իրեն. դուռը վերջապէս բացուեցաւ ու տնտես աղբարը զարմացաւ զինքը տեսնելով։

Տեսուչը ո՞ւր է ըսաւ Գաբրիէլ.

Եղբա՛յր, այս ժամուն տեսուչ կ’ըլլայ. ի՞նչ ունիս ի՞նչ եղաւ…

Կը նայէր տնտեսին աչքերուն իր մոլար նայուածքով ու կարծես կը զարմանար որ ամենքը նոյն փութկոտութիւնը չէին դներ այդ գործին կարգադրութեանը համար. վերջ ի վերջոյ համակերպեցաւ ու սպասեց ժամերով։

Տեսուչը չեկաւ այն օրը բայց հոգաբարձութիւնը իր շաբաթական նիստին համար հաւաքուեցաւ. Գաբրիէլ անմիջապէս ներկայացաւ անոնց։

Ես այն ուսուցիչն եմ որ նոր պաշտօնի կոչուած է, Գաբրիէլ Մանտիկեան։

Ատենադպիրը մտազբաղ երեւոյթով տետրակներ կը թղթատէր. ատենապետը կը խօսէր խնդալով իր քովինին հետ. երկու ուրիշ անդամներ ապշած կը նայէին իրեն…

Ես եկած եմ ձեզ ըսելու…

Գաբրիէլի ձայնը անսովոր ուժգնութիւն մը ստացաւ. կարծես շաբաթներէ ի վեր ցանկալէ ետքը այդ րոպէին ներքին յաղթանակի թռիչք մը կ’առնէր իր շեշտը. միւս անդամներն ալ իր կողմը դարձան. զինքը անձամբ չէին ճանչնար ու չէին գիտեր ի՞նչ մտածել այս ուրուականային տաժանագին ու ցաւատանջ երեւոյթին վրայ…։

Ես եկած եմ ձեզ ըսելու… որ կը հրաժարիմ իմ նոր պաշտօնէս…

Յանկարծ շունչը կտրեցաւ, շուրջը ամէն բան դարձաւ, հեծկլտանքներ կոկորդը սեղմեցին։

Շատ լաւ, տղաս, շատ լաւ կ’ըսէր ատենապետը հայրաբար ու միեւնոյն ատեն զանգակը կը զարնէր տնտեսը կանչելու համար։

Տնտես աղբար, քեզ նայիմ, առանց անհանգիստ ընելու պարոնը առաջնորդէ։

Գաբրիէլ կամաց մը դուրս ելաւ սրահէն, իջաւ սանդուխներէն մեկնեցաւ դպրոցէն բայց շատ չկրցաւ քալել. առաջին հանդիպած տանը սեմին վրայ նստեցաւ եւ գլուխը ձեռքերուն մէջ առած աշխարհքը մոռցած սկսաւ արտասուել։

Անցորդներ կը կենային հարցումներ կ’ուղղէին իրեն. ոմանք կը հեգնէին ու ոմանք կը մեղքնային զինքը։ Իր հնոտի հագուստները, իր ձեւը, յուսահատութիւնը թոյլ չէին տար որ կռահէին իր ո՞վ եւ ի՞նչ ըլլալը… բայց ինքը անտարբեր էր այլ եւս ամէն բանի. մահուան պաղ ստուերը կարծես հեռուներէն դէպ իրեն կուգար եւ ինքը կ’զգար իր դատավճիռը։ «Կեանքի պայքարի մէջ դասալիք, այլ եւս չես կրնար ապրիլ…»։

Բայց նաեւ կ’զգար իրաւամբ թէ, ինչքա՛ն անընդունակ էր ինքը այդ վայրագ, այդ անագորոյն պայքարին ու կը համակերպէր բոլորովին. կեանքը այլ եւս կը թուէր իրեն հեռաւոր եւ սնոտի աղմուկ մը, խլացուցիչ եւ շլմորեցուցիչ աղմուկ մը, որուն վրայ ցաւով չէ որ կը խորհէր…։

Ու անսահման ու ցրտին խաղաղութիւնը կը ճաշակէր հետզհետէ ցամքող տենդագին արցունքներուն ընդմէջէն։

(Վերջ) [1]



[1]            Տե՛ս «Հայ գրականութիւն» թիւ 9, 10, 11։ Սխալմամբ է որ նախորդ գրութեան տակ «վերջ» դրուած է։