Վարժապետը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Բ.

Գաբրիէլ Մանտիկեան կը փութար դէպ ի նաւամատոյց, շուտով երթալ իր կնոջը աւետելու համար իր յաջողութիւնը. ոտքերը գետնէն կտրեր էին, կարծես բարերար եւ ողորմած ոգի մը զինքը կառաջնորդէր իր ականջին փսփսալով ամոքիչ եւ քաղցր խօսքեր, խաղաղ եւ անամպ կեանքի մը խոստումը. բնութիւնը եւ կեանքը բացեր էին իրենց շքեղ դուրները իր մռայլամած բանականութեան առաջ. գեղեցկութիւն եւ լոյս կը թափանցէին իր վատուժ եւ տժգոյն էութեան մէջ. տեսակ մը արբեցութեան մէջ որուն կը նպաստէր նաեւ հեղձուցիչ տաքը՝ վայելքի եւ երջանկութեան ոստոստող եւ խուսափուկ կայծկլտումներ կը պարէին իր աչքերուն առաջք. իր գաղափարները եւ յոյսերը տարտամ եւ շփոթ էին եւ յանկարծակի գերագրգռուած մտածումը չէր կենար ո եւ է կէտի վրայ բայց այդ պահուն սանձարձակ կարելիութիւնը կ’զգար ամէն բանի, երկար տարիներ գլուխը զարնելէ ետքը անկարելիութեան երկաթեայ դուռներուն։

Շոգենաւին մէջ, երկար ատենէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով զգաց որ ծովը գեղեցիկ էր շողշողուն երեւին ներքեւ. մինչեւ հեռաւոր սահմանները՝ ուր կղզիները կ’ուրուագծուէին մշուշային եւ անօսր փափկութեամբ մը, լուսեղէն պատմուճան մը կը փալփլար ու կը կայծկլտար. նաւուն մեղմ տատանումները կ’օրօրէին իր երջանկութիւնը ու աչքերը խտղտացնելով կը նայէր ու կը վայելէր ու ինքզինքը յոգնած կ’զգար հաճելի եւ երազուն յոգնութիւնով մը։

Կամուրջը անցաւ արագութեամբ. նոր ուժ, նոր եռանդ ստացեր էին իր տակր անդամները. պիտի երթար մինչեւ Գում-Քափու եւ վարժուած ըլլալով քալելով բարձրանալ Պօլսօյ զառիվերը այնպէս ալ ըրավ այս անգամ։

Իրեն հաճոյք էր շարժիլը ու կեանքը զգալը. անցնիլ մարդոց բազմութեան մէջ մարդավայել զգացումներով եւ ոչ թէ ծեծուած շան մը պէս նկուն, կորաքամակ եւ մտրակուաթ այն ներքին համոզումէն թէ ամենուն, նոյն իսկ օտարներուն աչքին իր ներկայութիւնը անհարկի ու հակակրելի է։ Ընդհակառակը այսօր կ’զգար որ մարդիկ բարեացակամ եւ ժպտուն են դարձեր, թէ անծանօթ աչքերու մէջ իսկ կարելի է կարդալ որ զինքը կ’ընդունին վերջապէս մարդկային մեծ ընտանիքին մէջ։

Երբ տուն հասաւ Նեմզուրը գտաւ ջրհորին առաջք. անիկա քղանցքը հանգրիճած, թեւերը սօթտած տաժանքով ջուր կը քաշէր. իր ամէն մէկ ջանքին անիւը կռնչելով կը դառնար եւ խոնաւ պարանը ձեռքին մէջէն կը սահէր ցաւցնելով. բայց իր միտքը հեռուն էր եւ ոչ ցաւը կզգար եւչ յոգնութիւնը. իր անհամբեր սպասումը զբաղեցնելու համար տնական գործեր հաներ էր մէջտեղ։ Գաբրիէլ կէս թաց բակին մէջէն անցաւ զգուշութեամբ, պարտէզին դուռը բաց գտնելով գուշակեց կնոջը ուր ըլլալը, փութաց անոր քով եւ դեռ չհասած պօռաց։

Նեմզո՛ւր, աչքդ լո՛յս, վերջերնիս եկաւ։


Խնդայի՞ն թէ լային. խենդի պէս էին. իրենց փոքրիկ մանչուն անկողնին քովիկը նստած որ այդ միջոցին կը քնանար երկուքն ալ միասին կը խօսէին, զիրար ընդհատելով, զիրար խանգարելով, բայց ի՞նչ փոյթ. Նեմզուր հազիւ 22 տարեկան, նիհար, փոքրահասակ եւ թուխ կին մըն էր. իր դէմքին տժգունութիւնը եւ սեւ, գեղեցիկ աչքերուն շուրջը կազմուած ծիրը կը մատնէին այն տկարակազմ էակներէն մէկը որոնց հոգեկան ուժը կարծես կը մեծնայ ֆիզիքական տկարութեան համեմատութեամբ. հագած էր մութ կապոյտ մաշած տպածոյէ զգեստ մը, բայց իր մանրիկ մարմինը իր ներդաշնակ գիծերով կարծես կը գեղեցկացունէր զայն. սեւ, առատ եւ գանգուր մազեր սեղմ ոլորտներով կը բարձրանային ծոծրակին վերեւ եւ ահագին թանձրութիւն մը կը կազմէին, այնպէս որ տժգոյն եւ նուրբ կիսադէմքը կարծես հալելով կը նուաղէր մազերու այդ մթին առատութեան մէջ. անիկա այդ պահուն իր ոսկրացած ձեռքերը, որոնք մանկան մը ձեռքերուն նրբութիւնը ունէին, կը չորցնէր ճերմակ գոգնոցին ծայրովը։

Ձեռքս գործի չերթար, ըսաւ թաց տախտակամածը ցոյց տալով, բայց պէտք է վերջացնել։

Նեմզո՛ւր, հոգի՛ս, ինչո՞ւ ասանկ գործ հանեցիր այսօր, կըսէր կսէ յանդիմանական շեշտով մը Գաբրիէլ, կ’երթայինք կը պտտէինք. այնքա՛ն երկար ատեն է որ Նուպարը դուր չենք հանած։

Նեմզուր տխուր ժպիտով մը ամուսնոյն դարձաւ. կռնակի հագուստէն զատ բան չունէր հագնելիք ու անիկա արկար ատենէ ի վեր տունէն դուր ելած չէր իրենց սեւ թշուառութիւնը չյայտնելու համար ուրիշներու. բայց այլ եւս կը խնդային այդ թշուառութեան վրայ, կը հեգնէին ու կարհամարհէին զայն ու կզգային մանաւանդ որ անոր հետ ունեցած կուրծք կուրծքի կռիւէն թէեւ յոգնած ու սպառած, բայց պատուով դուրս եկած էին։

Ի՞նչ օրեր անցուցինք կ’ըսէր Գաբրիէլ յետադարձ ակնարկ մը նետելով իրենց կեանքին վրայ. ի՜նչ ահռելի, սեւ օրեր… ու գլուխը կը շարժէր սոսկումով ու սրտմտութեամբ։

- - - -

Երեք տարի առաջ, այն նոյն վարժարանին մէջ ուր Մանտիկեան հրաւիրուած էր օգնական դաստիարակի պաշտօնով, երեք տարի առաջ երկուքն ալ պաշտօնավարած էին։

Օրիորդ Նեմզուր Սահակեան նոյն դպրոցէն շրջանաւարտ ըլլալէ անմիջապէս ետքը դոյզն ամսականով մը դարձած էր օգնական մանկապարտիզպանուհի. իր մանկութեան ժամանակ կորսնցուցած էր հայրը եւ մեծցեր էր որբութեան ու թշուառութեան մէջ. աղքատութեան դառն համը զգացեր էր անիկա կանուխէն եւ միեւնոյն ատեն իր աչքին առաջք ունեցեր էր մօրը չարքաշ, պարկեշտ ու կորովի պատկերը. երիտասարդ տարիքի մէջ այրիացած ըլլալով այդ կինը, որ բարեկեցիկ եւ ապահով կեանքի վարժուած էր, ու երկար ատեն պահեր էին տր տոկուն գեղեցկութիւնը, լուացարար դարձած էր եւ միշտ մերժած էր կրկնամուսնութեան առաջարկները։

Նեմզուր հազիւ թէ կը յիշեր իր հայրը ու անոր ողջութեան իրենց ունեցած բարեկեցիկ կեանքի յիշատակը աւրուած էր մտքէն. բայց տղայ հասակէն լսեր էր մօրը մերժումները. երբեմն անճանաչ պառաւաներ կուգային, կը փսփսային մօրը հետ. նախ իր ներկայութենէն կ’զգուշանային բայց հետզհետէ վիճաբանութեան տաք միջոցին կը մոռնային զինքը ու իր մանկական մտքին մէջ կը տպաւորուէին սապէս խօսքեր։

Եկո՛ւր, չէ՛ մ’ըսեր, Գոհարիկ հանըմըս, աննման մարդ է, ընտանիքի սէր, արժէք գիտցող. առջի կնկանը օրին խուշին կաթը անպակաս էր տունէն. քեզի ալ մեղք է. երեսէդ վարդ՝ աչքէդ լոյս կը վազէ կոր… փէշդ քեզի թշնամի է… Աստուծոյ դրած օրէնքին դէմ երթալը մեղք է…։

Բայց մայրը նախապէս ամրապնդուած իր մարդումին մէջ, մտիկ իսկ չ’էր ըներ թեկնածուներու բարեմասնութիւնները։

Չէ, չէ՛, Պօղոս աղային պէս ամուսին մը ունենալէ ետքը ի՜նչ կին ըլլալու էր ուրիշին հետ ամուսնանալու համար։ Յուզուելով կը յիշեր իր ամուսնական ներդաշնակ կեանքը. օր մը օրանց իրարու օ՜ֆ մը չէին ըրած։ Երիտասարդ ու կտրիճ՝ հողերը առեր, պառկեր էր անիկա ու ինքը ալ մշտնջենական սեւ կապեր էր գլխին. ու իբր յետին պաշտպանողական իբր յետին պատճառաբանութիւն կը յայտնէր վճռական կերպով։

Ես Նեմզուրիս, խորթ հայր չեմ ուզեր տալ։

Նեմզուր լռելեայն կը հետեւէր մօրը պայքարին, մտքովը անոր հետ կ’ոգեւորուէր եւ անոր հետ կ’ընդդիմանար եւ մօրը մերժումէն կուրախանար ինչպէս եթէ անձնական յաղթանակ մը տարած ըլլար։ Միեւնոյն ատեն իրեն հոգիին մէջ մօրը վարմունքը, իր զաւկին համար ունեցած անձնազոհողութիւնը, շատոնց ի վեր մեռած ամուսինի մը հանդէպ պահած հաւատարմութիւնը, իր չարաչար աշխատութիւնով վաստկած հացին նուիրակութիւնը իր մէջ կ’արծարծէին գերագոյն եւ վեհանձն զգացումներու հրայրք մը, պատիւի, արժանաւորութեան, ընտանեկան կեանքի, կնոջ համբերատարութեան մասին արտակարգ միսդիքականութիւն մը որով պզտիկուց մտադրելէ ետքը որ մօրը պէս պիտի ըլլար, տակաւ առ տակաւ սկսաւ ըղձալ որ առիթը ներկայանար իրեն համար ալ երեւան բերելու իր հոգեկան մեծութիւնները։

Ո՞վ կրնար խորհիլ տեսնելով այդ տասնըմէկ, տասներկու տարեկան նիհար ու տժգոյն աղջիկը, ամառը անյարմար հագուստներու մէջ, ձմեռը անպատսպար գրեթէ, ձեռքերը կարմրած, ոտքերը կամ շատ մեծ կամ շատ փոքր կոշիկներու մէջ, մէկ թեւին տակ գիրքերու բեռը ու միւս թեւէն կախուած ցորեկուան ճաշին թեթեւ բեռը, ո՞վ կրնար մտածել որ այդ աղքատիկ եւ վատառողջ երեւոյթով դպոցական աղջկան մէջ կը խմորուէին մարդկային ամենամեծ զգացումները։

Շրջանաւարտ ըլլալէն ետքը կեանքը զգալի կերպով չ’էր փոխուած Նեմզուրին համար. իր վաստկած քիչ մը դրամը 120 ղրուշ կուտային ամսական կը փութար աւելցնել մօրը վաստկածին վրայ եւ եռանդ ունէր անոր բեռը թեթեւցնելու։ Ինքզինքը երջանիկ կ’զգար երբ մայրը կը մերժէր յաճախորդներէն ոմանք եւ լաւագոյնները կը պահէր միայն. մայր ու աղջիկ զիրար կը հասկնային, զիրար կը գնահատէին եւ իրենց հոգեկան ներդաշնակութենէն կը ժայթքէր գրեթէ երջանկութիւնը։ Երկու տարի տեւեր էր այսպէս ու մայրը մեռեր էր ցրտառութեան մը հետեւանքով։ Նեմզուր անտէր անտիրական 19 տարեկան հասակին մէջ, մօրը սուգովը ընկճուած, հարկադրուեր էր իր աղքատիկ ազգականներէն մէկուն տունը ապաստանիլ եւ դպրոցը յաճախելով իր ուտեստը եւ բնակարանը վճարել։

Այդ միջոցներուն՝ Մանտիկեան երկար ատենէ ի վեր այդ թաղային վարժարանը կուգար շաբաթը չորս անգամ իբր այցելու ուսուցիչ չափական գիտութեանց եւ պատմութեան։

Իր ծնողքը շատոնց կորսնցուցած էր անիկա ու նոյնպէս աղքատութեան մէջ մեծցած։ Տղայութենէն մեծ հակում մը ունէր ուսուցչութեան եւ թէեւ իր չափահասութեանը զինքը դրեր էին մեծահարուստ վաճառականի մը քով, անիկա շուտով թողեր էր շուկան ուսուցչութեան համար։ Թէեւ բոլորովին զուրկ մասնագիտական կրթութենէ բայց Մանտիկեան իր բնական ընդունակութիւններով գործը դիւրին եւ հաճելի կը գտնար։

Այն ատեն մօտաւորապէս քսանըեօթը տարեկան երիտասարդ մըն էր, բարեձեւ եւ եռանդուն իր դէմքին վրայ կը կրէր մտւաորականի յատուկ նրբութիւն մը. չունենալով ընտանիք եւ հոգ, իր առած թոշակը լիուլի կը բաւէր իր սակաւակեաց ամուրիի կեանքին. իր միակ պերճանքն էր առօրեայ ծախքերէն մնացեալ գումարով գիրքեր գնել, այդ գիրքերը նպաստած էին ինքնազարգացման եւ անոր մտքին տալով տեսակ մը լայնախոհութիւն անոր առաջք բացած էին իմաստասիրական հորիզոններ։

Այդ երիտասարդ եւ եռանդուն ուսուցիչը կը պատկանէր այն սերունդին որ առաջին անգամը ըլլալով թօթափած էր պատուելիական համակերպութիւնները, ծառայութիւնները եւ ուղիղ, հպարտ եւ մարդկային արժանաւորութեան համար ունեցած խիստ սկզբունքներով գրեթէ յեղափոխութիւն յառաջ բերած էր մեր դպրոցական բարքերու մէջ։ Ըլլալով միեւնոյն ատեն բարեհամբոյր եւ քաղցր բնաւորութեան տէր՝ Գաբրիէլ Մանտիկեան յաճողած էր պատշաճ հաւասարակշռութիւն մը պահել իր սոնքացող պէտերուն եւ կռուազան ու դիւրաբորբոք ընկերակիցներու միջեւ. զինքը կը սիրէին ու կը յարգէին մանաւանդ որ չէին կրնար ուրանալ թէ անիկա հակառակ իր մեղմ եւ տկար երեւոյթին մեծ հեղինակութիւն ունէր աշակերտներու վրայ։

Աղջկանց դպրոցին մէջ, կէս օրէ մը ետք, տասը վայրկեանի հանգիստին, դասասրահի մը առաջ կեցեր էր օրիորդ Նեմզուր. շատոնց էր որ Մանտիկեան կը ճանչնար զայն բայց իրեն այնպէս թուեցաւ որ առաջին անգամ էր որ զայն կը տեսնէր. դասարանին փոշին օդին մէջ բարձրացած էր եւ անոր հատիկները լայն պատուհաններէն ներս խուժող ճառագայթներէն ոսկեզօծուած՝ կարծես լուսեղէն եւ ծփացող շրջանակ մը կը կազմէին վարժուհիին վտիտ, տժգոյն եւ սեւազգեստ անձին։

Մթին եւ հոծ մազերու ծանրութեան ներքեւ անոր բարակ վիզը հակած էր մէկ կողմին եւ անիկա թեթեւ մը կը հազար, նրբացած ձեռքը բերնին տանելով. Պ. Գաբրիէլ մօտեցաւ անոր ու վայրկեան մը խսօեցան. վարժուհիի ձայնը մարած ու խեղդուք էր եւ կարծես դժուարաւ կը շնչէր փոշիով թանձրացաթ այդ օդը. հազի զսպուած տագնապ մը խոնաւցուցեր էր Նեմզուրի սեւ, լայնաբիբ աչքերը բայց անիկա արցունքներուն ետեւէն կը ժպտէր ու այս բոլորը իր անձին կուտային հիւանդագին եւ քաղցր տխրութիւն մը։

Գաբրիէլ անձկութեամբ խորհեցաւ որ այդ տկար եւ դիւրաբեկ արարածը երկար ատեն չպիտի տոկար դպրոցի չարքաշ կեանքին։ Օրուան մնացեալ ժամերուն եւ յետոյ յաջորդող օրերուն մէջ Նեմզուրի վիճակը իրեն գլխաւոր մտահոգութիւնը եղաւ. սկիզբները կարծեց որ եղբայրակցական շահագրգռութիւն մըն էր իրը բայց շուտով անդրադարձաւ իր զգացումներուն իսկական նշանակութեան եւ բուռն հեշտանքով մը անձնատուր եղաւ անոր։

Գաբրիէլ Մանտիկեան այն ատեն միայն ըմբռնեց թէ իր նախորդ կեանքը այնքա՜ն ցուրտ, անսէր եւ պարապ էր. իր հոգին այլեւս օծուած էր կարծես նուիրական հանգամանքով մը. իր յուզումնականութիւնը բարձրացաւ այնքա՛ն աւելի ուժգին թափով մը որքան քնացած էր մինչեւ այն ատեն, սիրով ու գորովանքով զեղուն կ’զգար ինքզինքը ու իրեն կը թուէր որ իր մեծ հրայրքով ամբողջ տիեզերքը ընդգրկելու կորովը ունի։ Իր դէմքը՝ որ ո եւ է հրապոյրէ զուրկ էր նախապէս ստացեր էր իր հոգեկան տրամադրութիւններուն արտայայտութիւնը եւ անով գեղեցկացեր. իր աչքերը լեցուն էին սիրազեղ բանականութեամբ մը. իր շարժումները ճկուն, ձայնը համակրելի ու շրթները ժպտուն դարձեր էին։ Անիկա այլափոխուած էր իր ներքին զգացումներու ճառագայթումին մէջ։

Դպրոցի դռնէն ներս մտնել, սանդուղներէն հապճեպով բարձրանալ ու առաջին յարկին վրայ հանդիպիլ Նեմզուրին կամ անոր սիլուէթը տեսնել ապակեպատ դռանը ետեւէն, իր մեծ երանութիւնն էր. ի՞նչ հնարքներու չ’էր մտածեր մեկնելէ առաջ խօսակցելու համար դեռատի վարժուհիին հետ որ դպրոցական աղջկան խակ եւ միամիտ դրսերեւոյթը պահած էր դեռ։ Անիկա ա՛լ աւելի կը սիրէր հիմա իր աշակերտները, ա՛լ աւելի եռանդով կ’զբաղէր իր գործին, արտակարգ գերագրգռութիւն մը տանելի կը դարձնէր իրեն ամենէն դժուար վայրկեանները ու ժամերը կ’անցնէին առանց որ ինքը զգար։

Հետզհետէ մոռացաւ իր գիրքերը ու իր ընկերները. իր արդուզարդը աւելի խնամքի ենթակայ ըրաւ. իրարու յաջորդող մետաքսաւէտ փողկապներու ծայրերը կը ծփային իր ձիւնափայլ շապիկին վրայ. քանի՛ մտահոգ կը դառնար Նեմզուրի զգացումներու մասին, այնքա՛ն աւելի բծախնդրութեամբ կ’անդրադառնար իր անձին։ Այդ երկու երիտասարդները դեռ կատարելապէս չէին ճանչնար զիրար, դեռ չէին թափանցած իրարու հոգեկան գեղեցկութեան, բայց զիրար կը սիրէին անգիտակից հաւատարմութեամբ մը։

Նեմզուր տաք եւ սիրազեղ գուրգուրանքի ենթարկուելէ ետքը իր մօրը կողմէն, առանձին եւ անոք մնացեր էր այս աշխարհիս վրայ. իր առանձնութեան զգացումը տաժանելի զգացումի մը պէս կը ճնշէր զայն. ինքզինքը տխուր եւ դժբաղդ կ’զգար այնպիսի մարդոց պէս որոնց յուսալիք բան չունին այս աշխարհիս վրայ ու նաեւ իր տրտում դրութեան մէջ եղողներու նման վերին աստիճանի զգայուն էր ո եւ է համակրութեան կամ շահագրգռութեան ցոյցի. կարօտ եւ ծարաւի սիրոյ եւ գորովանքի, անիկա շուտով զգացեր էր Գաբրիէլին բարեկամութիւնը. նախ խորապէս զարմացեր էր եւ վերջապէս ընդուներ էր անոր սէրթ յուզուած երախտագիտութեամբ մը. ու առանց որ երկուքն ալ ո եւ է բառ արտասանած ըլլային իրենց հոգեկան դրութեան մասին, զգացեր էին որ անխզելի կապերով իրենց բաղդեր կապուած են իրարու։