Երազ օրեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԵՐԱԶ ՕՐԵՐ

 

Գիշերօթիկի մը յուշատետրէն

 

«ՕՐԸ ՕՐԻՆ»

 

Յունիս 8, Դելիջան

 

Արթնցածիս պէս պատուհան վազեցի։ Թէեւ արեւը բաւական բարձր էր, սակայն սենեակս դեռ բոլորովին շուքի ու զովութեան մէջ էր։ Տուներնիս լեռան լանջին է փակած, ուրկէ քանի մը ծերունի ծառեր իրենց ստուերներուն ուռկանը վրանիս կնետեն։

Մեզի կից տուն չկայ, կատարեալ կղզի մը, որը գրկող ծովը առատ դալարն է։ Իսկ մեզի ամէնէն մօտիկ եղող բնակարանը ուրիշ պզտիկ ամառանոց մըն է, մերինին պէս ճերմակ, մերինին պէս նոր ու մերինին պէս մեկուսի։ Ճիշտ իմ երազած վայրերէ մէկը, գիւղին ծայրը, կռնակը անտառին, զառիվայրի կուրծքին, բնութեան ծոցը։

Ինը երկար ամիսներ դպրոցի չորս պատերուն մէջ ճգնելէն ետքը՝ ի՜նչ ուրախութիւն է զգալ ժայռերուն դրացնութիւնը պատշգամին դէմ, գետակին երաժշտութիւնը ձորի խորքէն պատուհանիդ տակ եւ ծառերուն փսփսուքը սենեակիդ վրան։

Իսկ երեկ իրիկուան իմ Դելիջան հասնիլս ուղղակի նկարելու բան էր։ Հազիւ վար ցատկեցի փոստի սայլակէն, որ ինքզինքս պաշարուած գտայ երեք զոյգ բազուկներով։ Հօրեղբայրս իր վաթսուն տարիներու ծերութեամբ վիզս փաթթուած կխնդար. հօրեղբօրս կինը կուլար յուզումէն. իսկ պարոն Մկրտիչը իր ոսկրոտ ձեռքին մէջ դաստակս պինդ մը սեղմած՝ ոչ մէկ կերպ բաց ձգելու տրամադրութիւն ցոյց չէր տար. քիչ մը հեռուն ալ կեցեր էր Հոռոբսին, որ չհամարձակելով մօտենալ՝ բերանը բաց կժպտէր՝ ցուցադրելով մէջընդմէջ ակռաներու զոյգ շարք մը. մինչ իմ նախորդ ամառուան մտերիմ շնիկս՝ աւելի համարձակ՝ հագուստներս կհոտւտար անհանգիստ պոչը շարժելով։

Դեռ այսօր ալ մինչեւ կէսօր տնեցիք ինծմէ հազիւ կարօտնին առին։ Հօրեղբայրս չէր ձգեր, որ քովէն հեռանամ։ Ինծի կարդացնել տուաւ հօրմէս ու ընդհանրապէս Վանէն ստացած բոլոր վերջին նամակներս։ Չնայելով որ քառասուն տարիէն աւելի է Թիձլիս կկենայ, հո՛ն է գործի ու դիրքի տէր դարձած եւ հոն ալ ամոսնացած, բայց եւ այնպէս միշտ թարմ ու խոր կարօտով կյիշէ Վանը, որ սովորաբար «մեր դրախտը» կանուանէ։

Ճաշէն ետքը գացի գիւղ Միքայէլը գտնելու. դուրս եկաւ, որ ՆորևԲայազիտ է գացեր. մե՜ղք. ընկեր մը կունենայի, մանաւանդ տեղացի ալ էր։

Վերադարձին մեր տան մօտերը արքունի մեծ ճամփուն վրայ երկու կին տեսայ, որ թեւևթեւի դէպի ինծի կուգային։ Մէկը տարիքը առած ու վայելչատես տիկին մըն էր, թեւակիցը տասնեօթի շուրջ թարմ ու աղուոր աղջիկ մը։

Անոնք ալ ինծի կդիտէին։ Երբ իրարու մօտեցանք՝ աղջիկը սկսաւ շեշտակի աչքերուս մէջ նայիլ. ես կարմրեցայ եւ հայեացքս փախցուցի։ Անցնելուս պէս հետաքրքրութիւն մը ունեցայ ետ նայելու, բայց ինքնասիրութեանս չձգեցի ու ճամփաս շարունակեցի։

Դէպքը ինքնըստինքեան ոչինչ ու անարժէք, բայց ինծի սաստիկ զայրացուց։ Ի՜նչ հիմար բնաւորութիւն է. ի՞նչ կայ այսպէս կարմրելու, երբ աղջիկ մը աչքը աչքերուս կնետէ։ Տարօրինակ հակասութիւններ կան հոգեկան կազմիս մէջ. մէյ մը ամչկոտ եմ, տղայամիտ ու անհամարձակ, մէյ մըն ալ հանկարծ՝ հասուն, հանդուգն ու անզուսպ. կարծես ոչևմէկ գիծը միւսին չի բռներ։

 

Յունիս 9

 

Առտուն դեռ շատ կանուխ էր, որ ելայ պատշգամ։ Հազիւ ինծմէ քանի մը տասնեակ քայլ անդին արքունի խճուղին է ու գետը, որոնք ձորին մէջ թեւևթեւի տուած կվազեն դէպի Աղստեւի դաշտը։

Օդը մաքուր էր ու հստակ՝ աղջկան մը առաջին համբոյրին պէս, զով ու թարմ՝ քունէն նոր ելած ծովու առաջին ժպիտին պէս։ Թոքերս կեանք կներշնչէին։

Պատշգամի երկու կողմէն դէի վար հակուած ծառերուն խումբը հովի իւրաքանչիւր քմահաճոյքէն իրարու գիրկ կնետուէին ու կփսփսային երեւակայութիւն գրգռող փսփսուքով մը։ վարը խոտերուն ու թփերուն մէջ ծղցիդը սիրերգ մը կծղրտար, որ ո՛չ ծայր ունէր, ո՛չ վերջ. անդին գետն էր, որ մտածկոտ մարդու մը նման անընդհատ կկրկնէր միեւնոյն երգին միեւնոյն կտորը։ Ամառնային համանուագ մը։

Եւ ես գրաւուած՝ անձնատուր էի ամբողջովին բնութեան այդ ծիծաղկոտ երաժշտութեանը, երբ հանկարծ մօտէն բարձր ու զուարթ քրքիջ մը հոգիս իր կողմը քաշեց. բնութեան երգին մէկ կտո՞րն էր։ Այն կողմ դարձայ ու մեծ եղաւ զարմանքս, երբ երեկուան աղջիկը ճանչցայ։ Միայն այն տարբերութեամբ, որ հագուած էր շատ պարզ եւ փոխանակ տարիքոտ կնոջ մը, հետը երիտասարդ սպասուհի մը ունէր։

Անշուշտ նշմարած էր ինծի. գոնէ ես այդպէս կարծեցի, թէեւ աղջիկը առանց մեր կողմն անգամ նայելու՝ թռչկոտելով ու բարձրևբարձր եւ ռուսերէն շաղակրատելով ու խնդալով՝ ձորէն վար աներեւոյթ եղաւ իր ընկերուհիին հետ։

Մոլորուն նայուածքով կհետեւէի իրեն մինչեւ աչքէս կորուսի, թէեւ դեռ երկար կլսուէր իր հնչուն ծիծաղը եւ առոյգ ձայնը, որ հետզհետէ սկսաւ թուլնալ եւ վերջնականապէս հալեցաւ գետի կարկաչին մէջ։ Ի՜նչ կենսուրախ աղջիկ է. եւ ո՞վ է արդեօք։

Հոռոբսին թեյ բերաւ։ Կերպ մը նկարագրեցի երկու աղջիկները եւ հարցուցի, թէ կճանչնա՞յ։

-    Հասկցա՛, մեր դրացիներն են. տե՛ս, այն տունը կնստին. և ըսաւ մեր տունէն քիչ մը աւելի վեր երեւցող միակ ամառանոցը մտնանիշ ընելով։և Քոյր ու եղբայր են ու մայր մը. պզտիկ քոյր մըն ալ ունին։ Մեր տիկինը լաւ կճանչնայ. աղեկ մարդիկ են, միայն աղջիկը քիչ մը□

-    Է՞. և հարցուցի հետաքրքիր։

-    Շատ է ուսումնարանի պէս. և լրացուց իր խօսքը խնդալով։

-    Ի՞նչ. ուսումնարանը գէ՞շ է. չէ՞ որ ես ալ ուսումնարանէ կուգամ։

-    Դուն մանչ ես. ուրիշ է. աղջիկներուն շատ ուսումն ու շատ բացուիլը աղեկ չի գար։

Թեյամանը վերցուց ու հեռացաւ։ Իսկ ես սկսայ մտածել, ո՛չ թէ Հոռոբսիի կանանց կրթութեան աննպաստ փիլիսոփայութեանը, այլ պարզապէս իր տուած տեղեկութիւններուն վրայ։ Եւ քիչևքիչ ընկղմեցայ անրջանքի մէջ։

Այդ աղջիկը երեկ ու այսօր երկու հանդիպումներուն ալ տարօրինակ տպաւորութիւն մը ըրաւ վրաս։ Միւս կողմէն կրթուած է եղեր, գեղեցիկ է ու իմ անմիջական դրացուհին այս գեղեցիկ բնութեան ծոցը։ Երազանքիս մէջ ինծի այնպէս կթուի արդէն, որ բուռն կերպով կսիրեմ այդ աղջիկը. եւ երեւակայութիւնս պահ մը շատ հեռուները կսաւառնի օդային սիրոյ թեւերուն վրայ։ Այսպէս է իմ դիւրազգաց բնաւորութիւնս։ Մէկ կողմէն զգացումներս հոյակապ շէնքեր կկերտեն ոչինչէն, այսինքն երբ մէջտեղը ոչինչ չկայ, մինչդեռ միւս կողմէն մշտապէս դժգոհ եմ ու հիասթափ եղածէն ու իրականէն։ Գիտեմ, բաւական է քիչ մը մօտիկէն շփուիմ այդ աղջկան, որ իսկոյն պատռի հմայքին քողը։

Անձկոտ անձրեւի սպասող մթնոլորտին մէջ հովերու քմայքէն ամպեր կխռնին. փայլակ ու որոտ։ Բայց նոյն հովերը կփչեն նորէն, ամպերը կցրուին, լոյսերը կցնդին եւ նորէն խաղաղ ու միակերպ կապոյտն է կեանքիս երկնքին վրայ։

 

Յունիս 11

 

Հօրեղբայրս այսօր Թիֆլի, վերադարձաւ՝ գործերը ձգել չի կրնար։ Տունը ամենքն ալ կոտրրտուած են քիչ մը։ Իսկ ես ճշմարիտը խօսելով իր մեկնումէն այնքան ալ դժգոհ չեմ. թեւերս չափ մը աւելի ազատութիւն կստանան. կդառնամ տան էրիկևմարդը. քանի որ պարոն Մկրտիչը տան մէջ իր սեփական ձայնը չունի եւ ամէն բանի մէջ կկրկնէ իր քորջը ըսածը։ Մինչդեռ հօրեղբօրս կինը, կտեսնեմ, որ իմ խօսքերուս մասնաւոր կարեւորութիւն կուտայ։

Երկու օր է կկարդամ Շիլլերի «ԴոնևԿարլոսը»։ Ի՜նչ շքեղ տիպար մըն է այ Մարքիզ Պոզան, այդ անձոնւէր հայրենասէրը, այդ խմորուած մեծ մարդը. եւ անոր փաթթուած այդ իդեական անփորձ երիտասարդը, սիրոյ ու կեանքի առաջին շփման տակ ոգեւորուած ազնիւ ԴոնևԿարլոսը։ Կսիրեմ ես այ դմարդիկը՝ այդ երկու գաղափարական տիպարները. եւ կարծս նոր չէ, որ անոնց հետ կծանօթանամ. անոնց ձայնն ու խօսքը կարծես հինէն իմ հոգիիս մէջ կհնչէր։

Իրիկունը ուշ ատեն երկար կշրէի մեր տան դիմացը կանանչներուն վրայ։ Մութ գիշեր էր։ Ծառերուն տակը բանտուած գաղջ ու բուրումնալից օդը հափրեցուց ինծի. մանաւանդ դունևԿարլոսի ազդեցութիւնն ալ դեռ բոլորովին վրայես անցած չէ։

Միտքս աշխատիլ սկսաւ. ու ապագայի ծրագիրներս վերակենդանացան։ Ծննդավայրս եմ արդէն գործի ու աշխատանքի վրայ, ո՛չ թէ հիմիկուան պէս միայն ստացող մը, պատրաստուաղ մը։ Ու կխրիմ, կխրիմ ծրագիրներուս նրբութիւններուն ու մանրամասնութիւններուն մէջ։

Երկի՜նք, ի՜նչ սուրբ իղձեր կան կրծքիս տակ, ի՜նչ ոգեւորութիւն կտենչամ եւ ի՜նչ անձնամոռ լեցուն կեանք։ Բայց ունենալո՞ւ եմ արդեօք։ Ո՞վ գիտէ։ Գուցէ իմ կեանքս ալ այս անրջանքէն անդին պիտի չանցնի։ Գուցէ այս բոլորը անփորձ ու դեռ թամր տարիքի ցնորքներ են լոկ, որուն պիտի յաջորդէ սանձուած հասունութիւնը. եւ ես ալ պիտի դառնամ այն հարիւրաւորևհազարաւոր միջակևհասարակ էակներէն մէկը, որոնք ամէն տեղ կվխտան, որոնք միայն կուտեն ապրելու համար եւ կապրին միայն ուտելու համար։

Եւ այս բոլո՛րը, որ հիմա աշխարհը աչքիս գեղեցիկ կցուցնէ եւ որ կեանքիս խորհուրդ ու հրապոյր կուտայ, այս բոլո՛րը, որ զգացումներուս մէջ ազնւութիւն կթափէ եւ սրտիս գաղափարականի ծարաւկ կուտայ, ա՜, այս բոլորը գուցէ ցնդի պիտի կեանքիս մատղաշ օրերուն հետ։ Չէ՞ որ ամենքն ալ ականջիս այդ երգը կկրկնեն. գուցէ եւ իրաւունք ունին. միթէ իմ անփորձութիւնս այդքան մարդոց փորձառութենէն աւելի վե՞ր է։

Եւ ինչո՞ւ կպահաջնեմ, որ ուրիշներէն տարբեր, ուրիշներէն բարձր ըլլամ. եւ իմ ո՞ր առաւելութիւններուս վրայ հենուած. ես ալ այդ մարդ ըսուած էակի նոյն հասարակ մէկ նմուշթ չե՞մ։

Ո՜ւհ, Աստուա՛ծ իմ, ի՜նչ սարսափ այս մտածումները։ Որքա՜ն դառնութիւն, որքա՜ն թոյն կայ այս խոհերուն տակ, որ ամբողջ հոգիս եւ բոլոր ոգեւորութիւնս չորցնել կսպառնայ։ Ո՛չ. չեմ կրնար հաւտալ, անկարելի՛ է. ո՛չ, ես չեմ կրնարն ոչինչ մը դառնալ։

 

Յունիս 12

Այս քանի մը օրուան մէջ շրջակայքը տեղ չնմաց չափչփեցի։ Մեր ետեւի լեռը իր թզուկ անտառով, վարը ձորը իր գետակով, մեր պատշգամի դիմացէն վազող արքունի խճուղին իր վերստի սիւներով, այս բոլորը իմ սեփական տունս է կարծես։

Առտուևիրիկուն շատ աղեկ է. ցերեկներն է քիչ մը ֆանֆարլի։ Տնեցիք կքնանան, տունը կլռէ. միւս կողմէն ալ տաքը կճնշէ։ Ընթերցանութիւնն է միակ ընկերս եւ սփոփիչս։ Հետս սնդուկ մը գիրք եմ բերաց. ընելու շա՜տ գործ։

Գեղեցիկ դրացուհիիս գրեթէ ամէն օր կհանդիպիմ կա՛մ առտուները կա՛մ իրիկունը շրջագայութեանս միջոցին։ Նո՛յնն է միշտ. զարմանալի բնաւորութիւն մը. եռուն ու համարձակ. իսկը ազատ թռչուն մը։

Կզգամ, որ իր ուշադրութիւնը գրաւած եմ։

Անցած օր աղախնի յարդէ գլխարկը հափշտակած կվազէր՝ հեւալով, խնդալո, ճչալով. ու քովես այնքան մօտիկ անցաւ, որ օևդըևկոլոնի փափուկ հոտ մը դէմքս պարուրեց։ Նախորդ իրիկունն ալ պզտիկ քրոջը ձեռքէն շրջանակը առած կդարձնէր՝ զուարթ ու շիկնած ետեւէն վազելով. եթէ չզգուշանայի՝ շրջանակը ոտքերուս վրայէն պիտի անցնէր. աղջիկը չոր ժպիտով անցողակի «պարդո՛ն» մը ըսաւ ու շարունակեց։

Երէկ իրիկուն ալ վարը՝ ձորը տեսայ հեռուէն՝ իր եղբօր հետ էր, որ երեսունի մօտիկ գրաւիչ երիտասարդ մըն է, արուեստագէտի երկար մազերով եւ անգլիական այտմօրուքներով։ Աղջիկը ռուսերէն օպերետի մը մէկ սիրուն կտորը կերգէր. եւ աղուոր կերգէր. շատ անուշ եկաւ ինծի այդ մեներգը գետակի ձայն պահող երգակցութեան մէջէն։

Ընդհանրապէս շատ օդային եւ խորհրդաւոր տպաւորութիւն մը կընէ վրաս. եւ բնական կերպո հետաքրքրութիւն առաջացծ է մէջս. երբ դուրս կելլեմ պտոյտի՝ միշտ րեի հանդպելու տարտամ յոյս մը ունիմ. թէեւ երբ կհանդիպիմ՝ ճնշում կզգամ իր հանդուգն կեցուածքէն ու նայուածքէն. եւ իր խոր ու քաշող աչքերէն խուսափելու համար բանով մը զբաղուիլ կձեւացնեմ։

 

Յունիս 13

Ա՜, ապուշ եմ ես, կատարեալ ապուշ։

Իրիկուան դէմ հօրեղբօրս կնոջ հետ փոքր պտոյտի մըն էինք ելած. գացինք մինչեւ գիւղ։ Մեր վերադարձին՝ հերոսուհիիս տան առջեւէն անցնելու ատեն՝ տեսանք, որ ծառերուն տակ սեղանի մը քով նստած՝ մայր ու աղջիկ կկարէին։

Հարկ եղաւ մօտենանք եւ հօրեղբօրս կինը ինծի ներկայացուց.

-    Ամուսնուս եղբօր որդին՝ Երուանդ։

-    Երուա՜նդ. և բացականչեց իսկոյն օրիորդը ռուսական արտասանութեամբ եւ կարծես մեծ զարմանքով։

Իրենց անունը Շամիրեան էր. տիկին Նատալիա եւ օրիորդ Վարդուհի։ Այո՛, «Վարդուհի» եւ ո՛չ թէ Ռոզա. ուրեմն գոնէ անունը մնացել էր վրան հայ, շատ զարմանալի կերպով։

-    Կարծեմ մէկևերկու անգամ ճամփուն վրայ իրար հանդպելու պատեհութիւնը ունեցանք. և ըսաւ տիկին Նատալիա ծամծմած հայերէնով մը եւ ռուսերէնի հետ խառն բառերով, որոնցմէ ես ինքս գլխուս մէջ ստիպուած էի կանոնաւոր նախադասութիւններ կազմելու։

-    Թէեւ ինքը կարծեմ մեզի տեսնել չուզեց. և աւելցուց օրիորդը կատակ հենգութեամբ մը եւ բոլորովին ռուսերէն։

-    Ինչպէ՞ս թէ. և հարցուցի ես շուացած այս տեսակ անսպասելի հարձակման մը առջեւ։

-    Անշուշտ չէ գիտցած, որ ծանօթ ենք ու դրացի. և պաշտպանեց ինծի հօրեղբօրս կինը։

Ես հոգիիս մէջ աւելի չարացայ այդ պաշտպանողականէն։

և Ո՛չ, տիկին։ տեսէ՛ք, կարմրեցաւ. ըսել է հանցաւոր է. և բացականչեց օրիորդը մատովը ինծի ցոյց տալով ու բարձրաձայն քրքջալով։

Ես ինծի աւելի անհարմար զգացի, թէեւ կխնդայի։ Բարեբախտաբար տիկինները խօսքի բռնուեցան, անոնք սովորաբար իրարու հետ վրացերէն կխօսէին։

Իսկ օրիորդը այդ միջոցին առաւ սեղանէն իր ձեռագործը ու սկսաւ արագ աշխատիլ. բայց հանկարծ նետեց ծունկերուն եւ նորէն ինծի դիմեց ժպտելով.

-    Ինչո՞ւ չէք խօսիր, պարո՛ն։

-    ՏԻկինները կլսեմ. և ըսի պատասխան մը տուած ըլլալու համար։

-    Ուրեմն վրացեէղն գիտէք։

Ալ ետ դառնալ չէի կրնար. ստիպուած էի ստելու.

-    Շատ քիչ։

Բայց իսկոյն ալ ստելուս զղջացի ու զայրոյթ զգացի ինքս իմ դէմս։ Միեւնոյն ժամանակ ուղեղս տակնուվրայ կընէի խօսլու հարմար նիւթ մը ճարելու համար։ Ուզեցի օդի մասին խօսիմ՝ ինծի ծիծաղելի թուեցաւ. ամառանոցի մասին խօսիլը շատ էր սովորական։ Եւ հանկարծ մէկենիմէկ հարցուցի.

-    Արդեօք կրնա՞մ հետաքրքրուիլ. օրիորդը ո՞ր դպրոցն է հաճախած։

Աղջիկը զսպուած ժպիտով մը երեսս նայեցաւ ու պատասխանեց.

-    Թիֆլիսի երրորդ աղջկանց գիմնազիոնը։

-    Աւարտա՞ծ էք միթէ։

-    Ո՛չ։ Ինչպէ՞ս կըսեն հայերէն։ Ներեցէ՛ք, հայերէն աղեկ չգիտեմ։ Այս ձմեռ վերընթեր դասարանն էի. և աւարտեց խօսքը ռուսերէն։

-    Ա՜, ճիշտ ինծի պէս։

-    Իրա՞ւ. բախտակից ենք ուրեմն։

Եւ նորէն ձեռագործը վերցուց ծունկերուն վրայէն։ Տիկինները արագ ու շարունակ կխօսէին իրարու ձայն ընդհատելով։ Ես հեռուն կնայէի ծառերուն մէջէն։

Բայց կտեսնէի, որ աղջիկը իր քննող աչքերը հաճախ դէմքիս կգամէր եւ տարօրինակ ժպիտս մը ունէր շրթունքին անկիւնը։ Այո՛, կըմբռնէի, որ վրաս գերազանցութիւն մը ունէր։

-    Երեւի պարոնը աւելի խորհիլ կսիրէ, քան խօսիլ. փիլիսոփայորէն. և ըսաւ աղջիկը վայրկեան մը ետքը։

-    Իսկ դուք փիլիսոփայութենէն բնաւ չէք ախորժիր, ըստ երեւոյթին. և պատասխանեցի իրեն ակամայ քիչ մը աւելի խիստ։

-    Ո՛չ, ինչո՞ւ. ամէն բան իր տեղն ունի. եւ վերջապէս ես միայն կատակ ըրի։

Վերջին նախադասութիւնը ինծի համոզեց, որ վշտանալս նկատած էր։ Հօրեղբօրս կինը հրաժեշտի համար ոտքի ելաւ. կարծես բանտէն կազատուէի։

Թոթուեցի օրիորդին ձեռքը։

-    Ասկէ ետքը երբ իրարու հանդպինք՝ կյուսամ, որ գաւազաննուդ կոթը զննելու հարկը պիտի չզգաք, և ըսաւ աղջիկը խորքին մէջ շատ աղուոր ժպիտով մը եւ ամուր ձեռքս սեղմելով։

Աղջկան մը առջեւ ծաղրելի ըլլալէս խայթուած շտապեցի շիտակ սենեակս. եւ մահճակալիս վրայ փռուած երկար ատեն կմտածէի։ Եզրակացութիւնս շատ պարզ էր.

«Ես ապուշ եմ, ապուշ»։

 

Յունիս 14

 

Արթնցայ թէ չէ՝ միտքս նոյն խնդրով զբաղիլ սկսաւ։ Սակայն թարմ տպաւորութեան ճնշիչ ազդեցութենէն կազդուրուած, նոր օրուան նոր լոյսին հետ ամէն բան հաճելի կո ղմէն դատելու տրամադիր եւ խորունկ քունով մը ուժովցած, խոհերս նոր ուղղութիւն մը առին։

Սկսած էր երեկուան հակազդեցութիւնը։ Եսս էր, որ կբողոքէր։ Վերջապէս ի՞նչն էր ինծի այդպէս վրդոված։ Աղջկան հետ շնորհքով չխօսելո՞ւս համար։ Սակայն աղջկան մը հետ նորևնոր ծանօթացած ի՞նչ պիտի խօսէի իր հետ։ Այո՛, խենթևխելոք բերնիս եկածը իսկոյն զրուցել ես չեմ կրնար։ Եւ վերջապէս որքան ինքը իրաւունք ունէր ինծմէ խօսիլ պահանջելու, այնքան ալ ես իրաւունք ունէի, դեռ բան մըն ալ աւելի, քանի որ իր հիւրն էի։

Ուրեմն հանցանքս պահանջկոտ չըլլալս է. չխածնելուս համար է, որ ինծի կխածնեն։ Լաևւ. դիւրնի է, ես ալ կրնամ խածնել եւ վախնամ շատ աւելի գէշ։ Այդ աղջիկը համարձակ է ցաւցնելու աստիճան ձեռքս կսեղմէ. աղե՛կ, ես ալ կրնամ լացնելու աստիճան սեղմել։ Ան առանց քաշուելու բերնին եկածը երեսիս կըսէ. աղե՛կ, ե՞ս ինչու պիտի քաշուիմ. մի՞թէ իմ քովս փտտած սրախօսութիւններ քիչ կան։

Անիկա ինծի առաջին անգամէն փիլիսոփայ կանուանէ ծաղրանքով. աղե՛կ, ես ինչո՞ւ իրեն չհասկցնեմ, որ ինքը աշխարհիկ սովորական աղջիկ մըն է, որուն հետ լուրջ խօսակցութեան մը բռնուիլ չես կրնար։ Ահա՜ քեզի պարզութիւն եւ հանդգնութիւն։ Սակայն ատիկա պիտի դառնայ կոպիտ վարմունք. որո՞ւ հոգ, քանի որ ատիկա կպահանջեն ինծմէ։ Շատ աւելի գերադասելի է կոպիտ ըլլալ, քան ծիծաղելի։

Սակայն յուզուիլն աւելորդ է, պէտք է մնալ պաղարիւն. եւ պիտի հարձակուիլ, հարձակման չենթարկուելու համար։ Պարզապէս իր զէնքերը իր դէմ։

Այս որոշումներով զինուած՝ իրիկուան դէմ դուրս ելայ շրջելու, հաստատ համոզուած, որ աղջկան հանդիպելու էի։ Եւ չխաբուեցայ։

Եղբօրը թեւը մտած կուգար դէմս։

Երբ մօտեցանք՝ շիտակ դիմեցի օրիորդին եւ առանց սաստիկ կարմերլուս ուշ դարձնելու, պինդ մը սեղմեցի իր փափուկ ձեռքը, թէեւ անշուտ ո՛չ լացնելու աստիճան։

Քիչ մը զարմացած երեսս նայեցաւ, խնդաց եւ իսկոյն եղբայրն ու ինծի իրարու ներկայացուց։

-    Կարծեմ պարոնը նկարիչ է. չափազանց ուրաշ եմ. և բացականչեցի ես։

-    Եւ բացականչութիւնս երեւի պարոնին հաճելի եղաւ, որովհետեւ բացաձրակ համակրական շեշտով մըն էր, որ պատասխանեց.

-    և Երեւի նկարչութիւնը դո՛ւք ալ կսիրէք։

-    Անտարակո՛յս. գեղարուեստներու սիրահար եմ, թէեւ դժբախտաբար բոլորէն ալ բոբիկ։ Ըէ՛ք խնդրեմ, աւելի տեսարաններո՞վ կզբաղիք, թէ.

-    Գիտէ՛ք, բարեկա՛մս, ես իրբեւ արհեստաւոր նկարիչ չեմ. արդէն արհեստաւորներէն չեմ ալ ախորժիր, որովհետեւ շահի համար կաշխատին, իսկ շահը ստեղծագործութիւնը կսպաննէ։ Ես պարզ նկարչութեան սիրող մըն եմ, որ միայն արուեստի սիրուն համար կնկարեմ։ Եւ այդ պատճառով է, որ առանց կեղծ համեստութեան, նկարներս անհամեմատ առաւելութիւն մը ունին։

-    Ես ուզեցի միայն իմանամ□

-    Պետերբուրգ ձմեռուան տեսարան մը նկարած եմ, որ ամբողջ մայրաքաղաքի ուշադրութիւնը գրաւեց։

-    Հա՜, ուրեմն տեսարաններով կզբաղուիք։

-    Նաե՛ւ տեսարաններով. Կովկասէն լեռնանկար մը ունիմ, որ հիմա իշխան Կալիցինի կեդրոնական դահլիճին մէջն է կախուած. իշխանը իմ մտերիմ բարեկամս է եւ նկարը ես նուիրեր եմ իրեն։ Կասպից ծոէն էտիւդ մը ունէի, որ երբ Այզավովսկին տեսակ՝ մատ խածաւ։ Ամբղջ երկու օր իր հիւրը եղայ եւ ի՜նչ հրաշալի մարդ է։ ինչպէ՜ս իսկական արուեստը ճանչցող ու գնահատող։ Գիտէ՞ք, Այվազովսկին ինքը մէկևերկու թերութիւններ ունի. ես իրեն ալ արդէն ըսի. չժխտեց. բայց ո՞վ է նկատողը։ Անուն է, անգամ մը որ ելլէ, ալ կերթայ։

-    Դուք նկարչութիւնը ո՞ւր էք ուսած։

-    Եղած եմ Պետերբուրգ, Մոսկվա, Օդեսա, տարի մըն ալ նկարչութեան ծննդավայրը՝ Իտալիա։ Օդեսա եղած միջոցիս գնչոհւհիի մը գլուխ նկարեց, ի որ զօրավարուհին ուղղակի պատկերին վրայ սիրահարեցաւ. զօրավար Մարտինովի տիկինը. գուցէ լսած էք՝ Մոսկվայի ամէնէն գեղեցիկ կինը. գեղեցկութիւնն է, որ գիտէ գեղեցկութիւնը թափանցել. ես իրեն տեսեր եմ իր ամառանորը եւ tՍteևՈևtՍte. նշանաւոր կին է։

-    Սրտանց կշնորհաւորեմ ձեր յաջողութիւնները. և ըսի ես եւ դառնալով քրոջը աւելցուցի.

-    Սակայն, օրիո՛րդ, չէք խօսիր։ Երեւի այսօր ալ դուխ փիլիսոփայութեան միտում մը ունիք։

-    Ո՛չ. և պատասխանեց ժպտալով. և եղբօրս քաջագործութիւնները կլսեմ։

-    Ինչպէս երեկ ես՝ տիկիններուն վրացերէնը։

Զգացի, որ համեմատութիւնս շատ համով փախաւ եւ աղջկան վարանումէն օգտուելով շարունակեցի.

-    Իսկ ինծի այնպէս թուեցաւ, թէ դուք ալ, ինպէս ես երեկ, խօսելու նիւթ մը ճարելու կդժուարանք. իսկ նկարչութենէն արդէն կշտացած էք երեւի, այնքան խօսած էք ձեր եղբօր հետ։

-    Ուրեմն երեկ նիւթ չճարելնո՞ւդ համար չէւք խօսէր։

-    Այսինքն, ինչպէս ըսեմ։ Շատ սովորական ու չնչին բանի մը վրայ խօսիլ առաջին անգամ տեսած անձի մը հետ՝ շատ հրապուրիչ բան չէ. իսկ եթէ քիչ մը լուրջ խնդիր հարուցանէի՝ դուք պիտի դժգոհ մնայիք։

-    Ինչո՞ւ. ձեզի ո՞վ ըսաւ։

-    Որովհետեւ ամէն քիչ թէ շատ լուրջ բան ձեր խառնուածքին համար փիլիսոփայութիւն է, ուրկէ բնականաբար չէք ախորժիր։

-    Շատ աննախանձելի գաղափար մըն էք կազմած իմ վրաս. և պատասխանեց խնդալով եւ սկսաւ խաղալ հովանոցի ժապաւէնին հետ։

-    Շիտաը փիլիսոփայութենէն ես ալ չեմ ախորժիր. և մէջ նետուեցաւ եղբայրը։և Ատոնք բոլորն ալ կենդանի իրականութիւնը թողած օդային տեսութիւններու ետեւէն վազող մարդիկ են։ Ես իմ մէկ ուրուանկարս անոնց ամբողջ փիլիսոփայութեան հետ չեմ փոխեր։

-    Ձեր ո՞ր ուրուանկարը. և հարցուցի ես վերին աստիճանիմիամիտ դէմքով մը եւ գրեթէ ակամայ, ինքնաբերաբար։

-    Որեւէ մէկը. որը որ կուզէք. և եղաւ իր անփոյթ ու ինքնավստահ պատասխանը։

Ես ուզեցի մոռցնել տամ նախորդ հարցիս մէջ խլրտող հեգնութիւնը ու դիմեցի քրոջը.

-    Իսկ դո՞ւք, օրիո՛րդ, դո՞իք ալ միեւնոյն բարձր գաղափարը ունիք նկարչութեան մասին։

Եւ սկսաւ խօսքը նորէն նկարչութեան շուրջը դառնալ եւ ընդհանրապէս գեղարուեստական ստեղծագործութեան։ Չգիտեմ ճշմարիտ, պարոն նկարչի մեծախօսութիւնը, թէ իմ ռազմական տրամարդութիւնս բարձրացուցեր էր խօսքիս ուժը. կզգայի, որ լաւ կխօսիմ, ե՛ւ խոր, ե՛ւ սուր։

Բաւակնա երկար միասին շրջագայլէն ետքը, երբ արդէն սկսած էր մթնել՝ կանգ առինք մեր տունէն ո՛չ շատ հեռու իրարմէ բաժնուելու համար։

-    Ուրախ եմ ձեզի ծանօթանալուս. թարմ հոգի ունիք եւ արուեստագէտի ճաշակ, և ըսաւ պարոն նկարիչը ձեռքս սեղմելով։

-    Կտեսնէ՞ք՝ ինչ աղուոր վկայական ստացաք եղբորմես. և վրայ բերաւ քոյրը շատ զարմանալի շեշտով մը, երբ իրարու ձեռքը կսեղմէինք։

Ամբողջ իրիկունը նոյն աշխոյժ տրամադրութեան տակ էի։ Երբ ուշ ատեն մտայ սենեակս ու վայրկեան մը նստեցայ մահճակալին ծայրը՝ ակամայ յիշեցի նախորդ գիշերը։ Ի՜նչ մեծ տարբերութիւն երեկուան եւ այսօրուան խաղ ցած դերերուս մէջ. կարծես իրաւ որ երկու դերեր էին։ Ամէն պարագայի պատահածէն դժգոհ չէի։ Աղջիկը հիմա գիտէ, որ երբ ուզենամ՝ կրնամ իրեն պէս իր թեթեւ դերը խաղալ եւ եթէ չեմ խաղար՝ իմ ըմբռնումներս ու իմ բնաւորութիւնս է պատճառը։ Չէ՛, միանգամ ընդմիշտ վարկս ապահովուած է այդ աղջկան առջեւ։

Միայն կզարմանամ. ինչո՞ւ այսչափ հոգ աղջկան մը առջեւ հոգիս ու վարմունքս բարձրացնելու համար. սեռական հպարտութի՞ւնն է, որ ինծի կմղէ։

 

Յունիս 18

Երէկ ու այսօր Տուրգենեւի «Նախընթաց իրիկունն» էր ձեռքս։ Նոր վերջացուցի ու կմտածեմ։

Ե՞րբ մենք ալ այդ տեսակ երիտասարդութիւն մը պիտի ունենանք արդեօք։ Ինսարովնե՛ր, հանրային նպատակով մը ոգեւորուած անհատներ, որոնք համալսարաններէ նոր ուժերով վերադառնան իրենց հայրենիքը, ո՛չ թէ հանգիստ օրերու ու ոսկի դիզելու, այլ ամէն խոչընդոտ արհամարհելով, ժողովրդին մէջ մտնելու ու անոր բարձրացմանը աշխատելու եւ եթէ կեանքը պահանջեց նաեւ անոր համար զոհուելու։ Ո՞ւր է սկզբունքի ու պարտաւորութեան համար ամէն բան զոհող անհատը։

Իսկ Էլենա՞ն. մեր կեանքն ու միջավայրը տա՞ն պիտի մեզի այդ տեսակ աղջիկ մը, որ լքէ իր ընտանիքի բոլոր դիւրութիւններն ու բարօրութիւնը, երթալու համար իր սիրած մարդուն ու անոր սիրած գաղափարներուն ետեւէն մինչեւ օտարութեան մէջ, մինչեւ կէսևվայրէնի լեռներու մէջ, մինչեւ վառոդի ծուխին մէջ։

Կարդացած գրքիս համեմատ ալ բանաստեղծական տեղ մըն եմ ճարած կարդալու համար։ Մեր տունէն ո՛չ շատ հեռու՝ ձորին մէջ՝ գետի եզերքին հսկայ ուռիի մը բունն է թիկնաթոռս, նոյն ուռիի ոստերուն թաւուտը՝ հովանոցս։ Գետը կգլտորի ոտքերուս առջեւէն ժայռերուն մէջ խլացուցիչ ժխոր մը հանելով։ Եւ սրտիս կորով տուող գետին այդ կատաղի ու տեւական ծեծկւուքը միանալով ընթերցանութեան մտրակումին թռիչք կուտան մտածումիս ու երեւակայութեանս։

Իսկ իրիկունները իրարու հետ ենք. ես ու Շամիրեանները՝ քոյր ու եղբայր։

Աղուոր, շա՛տ աղուոր իրիկուններ։ Արեւը ձորի մէկ շրթունքէն կանհետի, մինչ միւսէն լուսնի կիսադէմը դուրս կլողա՝ տմոյն լոյս մը թափելով անտառակին ու արքունի խճուղիին վրայ։

Լիաթո ներշնչելով իրիկնային անուշ թարմութիւնը ամառանոցին՝ կշրինք ու կխօսինք։ Թոյլ ու անփոյթ խօսակցութիւն մը հանձնուած հովերու ու քմայքի շունչին։

Պարոն նկարիչը կպամտէ հաճախ Մոսկվայէն, եւրոպական կեանքէ, ն իր ճամփորդութիւններէն ու գեղարուեստական շրջապատէն. քոյրն ու ես կլսենք հետաքրքրուած. հեռաւորի եւ անծանօթի հմայքը ունին իրենց վրայ այդ նկարագրութիւնները, որուն կմիանայ իմ հոգիիս մէջ նաեւ ծածուկ նախանձ մը։

Իսկ օրիորդ ի քոյրը կլսէ, կխնդայ ու կշաղակրատէ, ամէն ինչ անոր համար զվարճանքի նիւթ է եւ միշտ պատրաստ խօսք մը կայ շրթունքին։ Վայրկեաններ ունի սակայն, երբ հանկարծ բոլորովին կլռէ եւ աչքերը մեր ու մեզի շրջապատող առարկաներուն վրայէն կսահի ու կիյնայ հեռուն՝ մոլորուն նայուածքով մը։ Երեւի աս ալ աղջկային է։

Իր հմայքը դեռ չէ վերցած վրայես. իր ձայնը, իր խօսքը, իր տարօրինակ արտայայտութիւնները եւ իր բուռն ու աշխոյժ շարժումները, ինչպէս եւ իր գեղեցիկ դէմքին ու մարմնին հրապոյրը դեռ միշտ զգացումներս ու նայուածքս կքաշեն իրենց։ Բայց կզգամ, որ հետզհետէ բան մը պակսելու վրայ է ու կխորհիմ ակամայ, որ երեւի շուտով պատռի պիտի իր գրաւչութեան վրայէն խորհրդաւոր քողը։

Իսկ առանց այդ խորհրդաւոր քողին՝ տակը կմնայ աղուոր մարմին մը եւ չարաճճի հոգի մը, ուր չկան սակայն ո՛չ խոր զգացումներ եւ ո՛չ բուռն ու անհանգիստ մտածումներ։ Ատոր փոխարէն խել մը աշխարհիկ հասկացողութիւններ, մանկական քմայքներ, հագուստի ու կապուստի հոգեր եւ մանր ու առօրեայ որոնումներ։

Եւ հետզհետէ կուգամ այն եզրակացութեան, որ ո՛չ միայն իրմէն, այլեւ շատ աւելի ինծմէ հասուն իր նկարիչ եղբօրմէն՝ ես զգալի կերպով բարձր եմ հոգեպէս։ Եւ այս ներքին ինքնագիտակցութիւնը օրէօր աւելի շեշտուած կերպով ազատութիւն մը կուտայ խօսքիս ու վարմունքիս եւ շարժումներս աւելի անփութութիւն կստանան. գիշերօթիկի ձախլիկ գծերը կթափին վրայես։

Հիմա ինծի հաւասարապէս ծիծաղելի կթուի թէ՛ օրիորդի վարմունքէն այն աստիճան վիրաւորուիլս եւ թէ՛ անոր դէմ պատրաստած իմ շէնքևշնորհք պատերազմական հատակագիծս։

Մանր ու պարապ բաներ են ատոնք բոլորը։

 

Յունիս 21

 

այսօր ամբողջ օրը Տուրգենեւի թարգմանութեանն էի տուած։ Գործս յաջող կերթայ։ Միայն ինծի կջղայնացնէ պարոն Մկրտիչի մուրճին անվերջ թկթկոցը. պարտէզը աթոռ կշինէ։

Արդէն անոր մուրճին աղմուկը երբեք չի վերջանար։ քովի սենեակը, խոհանոցը, պատշգամը միշտ բաներ մը կը հնարէ իր դժոխային մուրճովը զինուած։ Բայց ի՜նչ մեղադրեմ խեղճը։ մարդս կարո՞ղ է մինչեւ իրիկուն պարապ նստիլ։ Ան դեռ շատ աղեկ վարժուած է։ Ակնթարթ մի ինծի իր տեղը որ դնեմ՝ սիրտս կճաքի։ Ի՜նչ կեանքի դատարկութիւն, ի՜նչ աննպատակ գոյութիւն։

Գիշերը անքնութենէ չարչարուելէ ետքը՝ առտուն կանուխ ելիր ու սաղմոս քաղէ. ետքը քանի մը ումպ թեյ խմէ ու գնայ շուկա, իբրեւ թէ գնումներու, բայց հոս ու հոն հանդպելու ու խօսելու. ետքն ալ թափառէ՝ տան բոլոր անկիւնները դուրս ելած գամ մը, խախտած սռնի մը փնտրելով կամ գնայ խոհանոց քրոջդ ու սպասուհիին օգնելու մինչեւ որ գայ ճաշի ատենը։ Կուշտ ճաշէն ետքն ալ գնայ սենեակդ ու պառկէ՛ եւ արթնցիր ուշ ատեն, ինքդ ալ չգիտնալով ինչ ընելու համար։

Եւ ասիկա անվերջ, առանց որեւէ փոփոխութեան. այս տարունէ գալ տարուանը կրնաս երեւակայել։ Անվե՜րջ, ճիշտ պարզ տարբերական կոտորակի մը պէս, որ օր մըն ալ կարծես նոյն թիւը գրելէ ձանձրացած՝ կդնես բազմակետ մը. կեանքին մեծ բազմակետը ու վերջացաւ։

Եւ ասոր կըսեն ապրիլ։ Եւ պարոն Մկրտիչը, որ շատ սիրելի ու խելքը գլխին մարդ մըն է, չի գանգատիր այդ կեանքէն եւ կուզէ ապրիլ, երկար ապրիլ։ Կզարմանամ։ ԻՆծի համար ոչինչ ու անարժէք բան մըն է կեանքը, երբ չկայ աշխատանք, մաքառում, ձգտումներ ու կիրք, յուզում ու ծրագիր։ Առանց այս բոլոր կենդանի շարժման, առանց այս մշտական հոգեկան եռքին՝ միթէ մահը շատ աւելի իմաստալից ու արժէքաւոր չէ՞։

 

Յունիս 24

 

Երկու օր է «հերոսուհիս» չէի տեսած։ Հարբուխ էր եղած եւ իրիկունները դուրս չէր ելլեր։ Կարօտի նման զգացում մը կար մէջս. կուզէի տեսնեմ։

Իրիկունը գիւղէն վերադարձիս, երբ իրենց տան առջեւէն կանցնէի՝ աչքերս անոր կերպարանքը կփնտրէին։

Պատշգամի վրայ եղբարյն էր, որ շեզևլոնին վրայ երկնցած լրագիր կկարդար։ Հեռուէն բարեւեցի եւ հարցուցի օրիորդի առողջութիւնը։

-    Բան մը չունի. նազ կընէ. և եղաւ պատասխանը։և Հրամեցէ՛ք վեր. դեռ չէք եղած մեզի։

-    Ուշ է քիչ մը. և ըսի վարանքով։

-    Եկէք. մայրս ալ, քոյրս ալ ուրախ կըլլան։

Առանց իմ յատուկ որոշման ոտքերս արդէն ուղղուեցան դէպի պատշգամին կից սանդուղները։

Պարոն նկարիչը դէմ եկաւ. եւ երբ պատշգամէն սնեակ մտանք երկուքով՝ մայր ու աղջիկ ոտքի ելան թեյի սեղանէն։

-    Աս ի՜նչ հրաշք. և բացականչեց օրիորդը ժպտուն։

-    Լսեցի՝ տկար էք. և եղաւ բացատրութիւնը։

Նստեցանք, տիկինը լրացուց քաղաքաւարական հարցերուն շրջանը եւ ծայր տուաւ թեյի սեղանին շուրջը ոստոստուն ու թեթեւ խօսակցութիւն մը։

Օրիորդս ոչինչն չունէ, ր եղբօրը ըսածին պէս. քիչ մը աւելի գիրցած երեւցաւ աչքիս եւ քիչ մը աւելի դժգոյն։ Ինքնաեռին դէմը նստած բաժակները կմաքրէր ու մեզի թեյ կմատակարէր. միեւնոյն ժամանակ կմասնակցէր խօսակցութեան ե՛ւ խօսքով, ե՛ւ իր զուարթ խնդուքով։

Խօսուած լեզուն ռուսերէն էր, բայց ինչպէս եղաւ օրիորդը մէկևերկու նախադասութիւն ըսաւ հայերէն եւ շատկարգին, որ բաւականաութիւն պատճառեց ինծի եւ զգացումս զսպել չկրցայ։

-    Ի՛նչ լաւ ըսիք հայերէնը, օրիո՛րդ։ Եւ ինչո՞ւ միշտ հայերէն չէք խօսիր. լաւ առիթ է, կվարժուիք։

-    Որովհետեւ աղեկ չգիտեմ. և թսակ նորեն հայերեէն եւ ետեւէն իսկոյն ռուսերէնով աւելցուց. և ռուսերէն լեզուով կրնամ միտքս շատ աւելի նուրբ ու հարուստ արտայայտել։

-    Այդ նրբութիւնն ու հարստութիւնը պէտք է ամենքը ունենան իրենց մայրենի լեզուով. եւ ատիկա ձեռք կբերուի խօսելով, քանի որ ձեր օտար դպրոցը այդ տեսակետէն օժանդակել չի կրնար ձեզի։

-    Մայրենի լեզո՞ւ. և պարցուց հանկարծ տարօրինակ շեշտով մը. և մայրս ինծի հպետ միշտ ռուսերէն է խօսած. այդպէս չէ՞, մամա՜. և դարձաւ մօրը ծիծաղկոտ ու կ էսևերգող ձայնով մը։

Ես վայրկեան մը վարանեցայ։ Իմ տեսական ըմբռնումիս խիստ գործնական պատախսնա մըն էր դէմ առեր։

-    Սիրելի՛ բարեկամս, այդ բոլորը քիչ մըն ալ ճաշակի խնդիր է. և մէջ նետուեցաւ եղբայրը. և ո՛ր լեզուն որ անուշ ու գեղեցիկ է՝ ան ալ կգործածեմ։

-    ՀԱյերէնը տգեղ է՝ ըսել կուզէք։

-    Շիտակը խօսելով՝ շատ գեղեցիկ չեմ գտներ։

-    Կարծեմ ձեր նկարչական ճաշակը այս հարցին մէջ ձեզ օգնել պիտի չկրնայ. և ըսի ես քիչ մը չոր։ևՆախ որ այս կամ այն լեզուով խօսիլը բնաւ ճաշակէ կախուած խնդիր չէ. ձեր քոյրը շատ աւելի ճիշտ պատասխանը տուաւ։ Երկրորդ ալ՝ պահ մը ձեր ըսածը ընդունելով, ո՞ւրկէ գիտէք հայերէնի տգեղ ըլլալը. ձեր ըսած ու ձեր գիտցած հայերէնովը կդատէ՞ք։

-    Ուրիշ ինչո՞վ կուզէք որ դատեմ

-    Կա՛ հայ գրական լեզու մը ու հայ գրականութիւն։

-    Գրականութի՜ւն. և կրկնեց նկարիչը ներողմաիտ հեգնութեամբ մը։և Գրականութիւն մը գրականութիւն դառնալու համար պէտք է խոր ու արժէքաւոր երկեր ու ստեղծագործութիւն ունենայ ի մէջը։

-    Դուք կխօսիք ձեր չճանչցած գրականութեան մասին։

Նկարիչը ուսերը թոթուեց, իսկ ես այլեւս լեզուս բռնել չկրցայ.

-    Իսկ եթէ նոյնիսկ դեռ չունինք այդ բարձր ու խոր գրական ստեղծագործութիւնները, որ դուք կպահանջէք, ատոր հանցաւորը դո՛ւք էք, պարո՛ն նկարիչ։

-    Ե՞ս. և հարցուց խօսակիցս ծիծաղի զարմանքով։

-    Այո՛, դո՛ւք, ե՛ս, մե՛նք, մեր երիտասարդութիւնը։ Փոխանակ ուրիշներու հասրտութեամբ հպարտանալու եւ ուրիշներու լեզուն առաջ քաշելու, դեռ չունինք այնքան ինքնութիւն ու հպարտութիւն մենք մեր սեփական հարստութիւնը ունենալու, մեր լեզուն խօսելու, յղկելու ու նրբացնելու, մե՛ր կեանքը, մե՛ր հոգին ու մե՛ր պէտքերը պատկերելու ու արտայայտելու։ Րահամարհելը, չի հաւնի ը ու չձգտելը երբեք ոչինչ ստեղծել չեն կրնար։ Պէտք է սիրել ու գործածել լեզու, ն եթէ կուզէք, որ սրուի ու արժէքներ ստեղծագործէ։

Վայրկեան մը լռութիւն տիրեց։

-    Այդ մասին թո՛ղ բանաստեղծները մտածեն. և կամաց մը փեշերը հաւաքեց նկարիչս։և Խնդիրը ինծի չի վերաբերիր. ես նկարիչ մարդ եմ. եւ շիտակը ո՛չ ժամանակ ունիմ, ո՛չլ ալ տրամադրութիւն այդ կարգի բաներու վրայ երկար խորհելու։ Այսքանը միայն ինծի պարզ է, որ մենք հայերս հաստ ու կոշտ ժողովուրդ ենք. նուրբի ու գեղեցիկի ըմբռնումը չունինք. իսկ երեւակայութիւն՝ բնա՛ւ։

-    Բարեկա՛մ, ատոնք պարապ ու անարդար խօսքեր են։ Եւ ինչպէ՞ս կրնաք առանց խղճահարուելու պախարակել մաբողջ ժողովրդի մը ընդունակութիւնները։ ժողովրդի մը, որ ձեր մայրն է վերջապէս։

-    Ինչո՞ւ պիտի խղճահարիմ, սիրելիս։ Մարդ պէտք է ազատ մտածէ եւ պէտք է լայն ըլլայ մեր մտածման հորիզոնը։ Նեղ, անձուկ միջնադարեան գաղափարներու ժամանակը անցած է. այս դարը քննադատութեան դար է, Վոլտերներու, Զոլաներու ո գին է մեր դարը դարձնողը։

Չպատասխանեցի։ Ներս մտաւ տիկինը եւ խօսակցութիւնը փոխուեցաւ։ Ես սաստիկ անհանգիստ էի. շատ ծանր ու անախորժ զգացում մը կճնշէր հոգիիս վրայ, որ հարկադրուած էի զսպելու։

Քիչ մը վերջը ծանր քայլերով տուն կվերադառնայի։ Լուռ ու խաղաղ գիշեր էր արդեն։ Տերեւ մը անգամ չէր դող դղար, վար իյնող աստղ մը անգամ չկար։ միայն վարէն գետն էր նորէն, ձորէն, իր հին երգը կկրկնէր ամէն բանի անտարբեր։

Վէճը վէրքի մը պէս հետք էր թողեր կրծքիս տակ։ Եւ ես ինծի՛ կմեղադրէի. հիմարի պէս էի վարուած։ առջի օրէն գիտէի դիմացիններուս կարծիքը. ի՞նչ կարիք կար այս աւելորդ ու անհամ բառամարտին։ Ես եւ անոնք տարբեր կեանքով ենք մեծցած եւ տարբեր ոգիով կրթուած։ Իրար երբեք չենք հասկնար։ Հիմա անշուշտ կհամարեն ինծի նեղ գաղափարներու տէր խղճուկ մէկը։ Եւ իրենց վերաբերմամբ իմ մտածածս ալ ատկէ տարբեր բան մը չէ։

Ա՜, ինչո՞ւ գացի ես անոնց տունը։

 

Յունիս 25

 

Ամպշող օր մըն էր այսօր։ Ճաշէն առաջ նստած սենեակս պատուհանիս տակ կա շխատէի, երբ Հոռոբսին եկաւ հայտնեց, թէ դրացի օրիորդը եկեր է ու ինծի կհարցնէ։

Շատ զարմացայ. ի՞նչ կուզէր, մանաւանդ երեկուան ծանր հանդիպումէն ետքը. ակամայ կնախատեսէի նոր անախորժութիւն մը։ Բայց եւ այնպէս բնականաբար իսկոյն վեր թռայ ու ելայ պատշգամ։

Օրիորդը իր պզտիկ քրոջը հետ մեր սանդուղին առջեւը կեցած շատ սիրալիր կերպով կխօսակցէր հօրեղբօրս կնոջ հետ, որ մեր պատշգամէն անդադար կկրկնէր, որ գոնէ քանի մը վայրկեան վեր հրամմէ։

Աղջիկը հազիւ բարեւս առաւ, որ ըսաւ։

-    Արդեօք քառորդ ժամ մը կրնա՞ք ինծի ընկերանալ. մինչեւ գիւղը, պզտիկ պտոյտ մը։ ձեզի հետ խօսելիք ունիմ։

-    Ամենայն սիրով. այս վայրկեանիս. և ըսի ես ու սենեակս նետուեցայ։

«Չըլլայ թէ եղբայրը երեկ գիշեր խսօքերէս շատ վիրաւորուած ըլլայ. քոյրը հիմա եկեր է ինծի զգացնել տալու», կմտածէի տանու հագուստս փոխելով։

Պատշգամէն իջայ թէ չէ՝ մեր տիկնոջ ցտեսութիւն ըսաւ եւ իսկոյն ճամփայ ելանք։

Արքունի ուղին էր, որուն վրայէն կքալէինք. երկու կողմէն ձորի կողերն էին թզուկ ծառերու կրկնեցով մը իրենց ուսերուն մերկութիւնը ծածկած։

Կքալէինք լուռ իրար քովէ, տարօրինակ զսպուած յուզում մը կար մէջս, որ աւելի կհարհրուէր այս երկրարատեւ ու տարօրինակ լռութենէն։ Իր վարմունքը ամէն տեսակետէն ե՛ւ անսովոր էր, ե՛ւ անսպասելի։

Մէկևերկու անգամ քովնդի նայեցաւ երեսս ու ժպտեցաւ առանց սակայն շրթունքները բանալու։ Եւ այսպէս անխօս հասանք մինչեւ այն պզտիկ կամրջակը, որ խճուղին մեր ափէն գետի միւս ափը կանցընէ։

Անցանք կամրջակը. գետն ալ ձախէն աջ անցաւ։

-    Կա՛տեա, շրջանակդ չդարձնե՞ս. և ըսաւ պզտիկ ուսին զարնելով։

Երբ փոքրիկը շրջանակին ետեւէն վազելով հարթ ճամփուն վրայ բաւական հեռացաւ՝ օրիորդը առանց այլեւայլութեան դարձաւ ինծի.

-    Գիտեմ, որ զարմացած էք եւ հիմա աւելի պիտի զարմանաք։ Կուզէի հայերեէն սորվիմ։ ինչպէ՞ս ընեմ. ինծի ի՞նչ խորհուրդ կուտաք։

-    Կանգ առի ու մնացի արձանի պէս։ Աղջիկը նոյնպէս կեցաւ դէմս. շիփևշիտակ ու շեշտակի կնայէր աչքերուս. զարմանալի ու փոխուած դէմք մըն էր դէմինս. եւ բոլորովին տարբեր ու լուրջ արտայայտութիւն մը այդ դէմքին վրայ։

-    եւ կուզէի, որ պատասխանէք պարզ ու շիտակ, իբրեւ մօտիկ ու մտերիմ մարդու։

-    Պատասխանը ինքնին շատ պարզ է. պէտք է շարունակ կարդաք ու շարունակ խօսիք հայերէն։

-    Բայց որո՞ւ հետ խօսիմ. մեր տունը դուք գիտէք. եւ գրական ոճն ու լեզուն դժուար է ինծի հասկնալը միսևմինակ։

-    Իրաւունք ունիք, գոնէ սկիզբները պէտք ունիք օգնականի մը։

Աղջիկը հանկարծ քիչ մը գլուխը խոնարհեց եւ գոց հովանոցին ծայրովը գետինը եռանկիւնը մը գծելով ըսաւ.

Եթէ ձեզմէ խնդրեմ, որ դուք ըլլաք այդ օգնականը՝ կընդունի՞ք։

-    Ե՞ս. և թռաւ հանկարծ կրծքէս յուզումի շեշտով մը, որ զսպել ու քողարկել չկրցայ։

Աղջիկը աչքերը բարձրացուց գետնէն։ գամեց նորեն շիտակ աչքերուս եւ աւելցուց խիստ լուրջ.

-    Շատ կխնդրեմ, որ քաղաքաւարութիւն չընէք եւ ձեր հոգին չբռնադատէք. ես կուզեմ միայն ձեր ազատ ընտրութիւնը. այո՞, թէ ոչ։

-    Այո՛, եւ մե՛ծ սիրով։

Հետն ալ չգիտեմ ինչպէս մեկնեցի ձեռքս իրեն։ Աղջիկը իսկոյն բռնեց, սեղմեց եւ հազիւ լսելի ձայնով մըն էր, որ ըսաւ.

-    Շնորհակալ եմ։

Սկսանք քալել վերստին։ Եւ հետն ալ իր հետեւեալ խոստովանութիւնը.

-    Այս գիշեր ես շատ երկար մտածեցի՝ դիմե՞մ ձեզի այս խնդիրքով, թէ ոչ։ Ձեր մերժումէ՛ն չէ, որ կկասկածէի. ո՛չ, բայց ինքս ալ չգիտեմ՝ ինչու. կամ գուցէ պէտք չէր, որ այս ձանձրոյթը ձեզի տայի. բայց ահա՜, տեսէք, եկեր եմ□

-    Այդ խօսքերը կարծեմ անտեղի եւ աւելորդ են այլեւս, քանի որ դուք ինծի դիմեցիք մօտիկութեան ու մտերմութեան անունով։

-    Իրաւո՛ւնք ունիք. և պատասխանեց շատ կտրուկ շեշտով մը։և ուրեմն ըսէ՛ք, խնդրեմ, ի՞նչ գիրք ճարեմ եւ ե՞րբ սկսինք։ Ես քիչ մը շուտիկ եմ ամէն բանի մէջ. ներող եղէք։

-    Գրքի մասին հոգ քաշելու պէտք չկայ. քովս քանի մը կտոր ունիմ, բան մը կընտրեմ. իսկ սկիլը վաղվընէ շուտը չկայ, քանի որ այդքան շուիտկ էք. և կատակեցի ես։

-    Աղե՛կ, ուրեմն վաղ առտու ժամը իննին կսպասեմ. հարմա՞ր է ձեզի այս ժամը։

-    Բոլորովի՛ն։

-    Կա՛տեա։և պոռաց քրոջը. և կվերադառնա՛նք։

Պզտիկը հասաւ մեզ իր շրջանակին հետ ու քալել սկսանք դէպի տուն։

Ու շարունակ կխօսէինք Կատեայի մասին, անոր առանձնայատկութիւններուն ու բնաւորութեանը մասին. եւ Կատեան ինքն ալ խօսքի կխառնվէր։

Այս բոլոր անցածևդարձածը դեռ լաւ մը չեմ մարսած. ինչպէ՜ս արագ եղաւ եւ անակնկալ. ո՞վ կրնար մտածել։ Եւ չեմ կրնար ծածկել ինքս ինծմէ, որկայծկլտող ուրախութիւն մը թափանցած է հոգիս։ Զարմանալու ալ կարծեմ պատճառ չկայ։ չէ՞ որ իմ խօսքերուս ազդեցութեանը տակ եկաւ ան այս որոշման։

 

Յուլիս 2

 

Շբթուան մը չափ է սկսած ենք մեր աշխատութիւնը. օրիորդն ալ, ես ալ մեծ եռանդով ենք գործին փարած. նորութիւն է երկուքիս համար ալ։

Ամէն օր պայմանադրուած ժամուն մեծ անհամբերութեամբ կվազեմ Շամիրեաններուն պարտեզը, ուր ստուերախիտ ծառերուն տակ փայտէ պարզուկ սեղան մը կայ ու երկու աթոռ։ Տեղը օրիորդը ընտրեց չխանգարուելու համար։

Գրքերէս զատեցի «Դաւիթ Բէկը»։ Արդէն քանի մը գլուխ կարդացած ենք։ Օրիորդի ընթերցումը գղշ չէ. նոր ու անսովոր բառերը քիչ մը կկզէ։ Զարմանալի սուր յիշողութիւն ունի։ Եւ անհագ կլսէ թէ՛ լեզուի, թէ՛ մեր կեանքին վերաբերող եւ թէ՛ պատմական բացատրութիւնները, որ անդադար ստիպուած եմ տալու ընթերցանութեան միջոցին։

Երբեմն այնքան լուրջ է ու մտախոհ, որ նոր սկսած ատեննիս կկարծէի, թէ ուշ չի դներ։ Օր օրի զարմանքս կաճի. իր հարցերը հոգեկան ծածուկ ապրումներ, խորհրդածութիւ, ն կասկածներ ու դժգոհութիւններ կմատնեն։

Ի՜նչ սխալ գաղափար էի կազմած այդ աղջկան վրայ երեւոյթէն դատելով։ Ան ինծի համար աղուոր, զուարթ ու կենսուրախ էակ մըն էր, բայց զուրկ խոր ապրումներէ եւ ամէն լրջութենէ հորանջող։ Իր ըրած տպաւորութիւնը հիմա այն պատճառով աւելի մեծ է, որ բնաւ չէի սպասէր։

Հիմա ինքս ինծի կհարցնեմ՝ մի՞թէ այդ նափոյթ ու խայտուն կեղեւին տակ խորունկ հոգի մը կայ պահուտած։ Եւ շիտակը չգիտեմ ինչ պատախսանեմ. վերջին երկու շաբաթուան մէջ այնքան արագ սկսան փոխուիլ կրած տպաւորութիւններս, որ հատատ բան մը ըսելու այլեւս չեմ համարձակիր։ Այսչափը միայն ինծի համար պարզ է, որ մեր այս նոր աշխատանքէն չափազանց գոհ եմ ու ոգեւորուած։

Ձեւականութիւնները շատ շուտով վերացան մեր մէջէն. ո՛չ միայն իմ եւ օրիորդի, այլեւ մեր երկու ընտանիքներու մէջէն։ Ամառանոցի մենութիւնն ու ազատութիւնը, երկու տարեկից տիկիններու հաճախակի հանդիպումները, երիտասարդներուս իրարու կապուիլը ծնունդ տուաւ մեր երկու ընտանիքներու աւելի սէրտ յարաբերութեան։ Նկարիչս պարոն Մկրտիչի հետ ամէն օր կանոնաւոր կերպով կուգայ նարտի կխաղայ. եւ ինչ մեծ ոգեւորութեամբ։ Երկուքն ալ ինքզինքնին անպարտելի կդաւանին այդ մարզին մէջ, եւ շատ զուարճալի է խաղի ատեն անոնց խօսք ու վէճին ականջ դնելը։

Գալով ինծի՝ ամէն օր ճաշէն առաջ արդէն անոնց եմ. իսկ ճաշէն վերջն ալ, երբեմն Վարդուհին մօրը հետ կըլլայ մեզի, երբեմն նորէն ես կերթամ իրենց, որ իրիկուան դէմ խմբով ելլենք պտոյտի։

Եւ Շամիրեաններուն տան մէջ իմ գրաւած դիրքս քանի կերթայ ուղղակի նախանձելի կդառնայ։ Պարոն նկարիչը բացայայտ կերպով ինծի հանդէպ ջերմ համակրանք կցուցադրէ, հակառակ մեր մէջէն անցած մէկևերկու աղիևլեղի վէճերուն. ան միշտ շատ գոհ է, երբ իրեն առիթ ու հնարաւորութիւն կտրուի իր պատկերներուն գոյներուն ու երանգներուն եւ նկարչութեան մասին երկար խօսելու. եւ այդ առիթն ու հնարաւորութիւնը ես անոր հաճախ կուտամ։

«Դուք քոյրս խելքէ հանեցիք, և կըսէ ինծի քմծիծաղ. և բայց վնաս չունի. պարապ մնալէն աւելի աղեկ է լեզու մը սորուիլը. եւ տեսնենք ինչ պիտի սորուի»։

Իսկ օրիորդիս մայրը ինծի, գիտեմ, որ սիրած ու համակրած է առաջին օրէն։ Թէեւ շատ չուզէր, որ աղջիկը ամառն ալ «այսքան մտաւոր աշխատանք ունենայ»։ Բայց եւ այնպէս մեր պարապմունքներուն արգելք չէ։ Եւ ինչպէս արդէն շատոնց նկատած էի՝ Վարդուհին տան մէջ բոլորովին անկախ դիրք մը ունի, դեռ քիչ մըն ալ տիրապետող։

Աւելցնեմ, որ փոքրիկ Կատեայի հետ սաստիկ մտերիմ ենք. երթալուս պէս թեւերուս ու ծունկերուս վրայ է. միայն մեր պարապմունքի ժամերուն խստիւ արգիլուած է իրեն մեզի մօտենալը։

Նոյնիսկ բացևդեղին մազերով, կապուտաչուի ռուս սպասուհին առանձին փութկոտութիւն մը ունի դէպի ինծի ու միշտ խորհրդաւոր ժպիտ մը իր շրթունքին։

Այո՛, այս ձեւը առաւ իրողութիւնը։

 

Յուլիս 7

 

Քանի օր է սովորութիւն եմ ըրած, երբ ճաշէն ետքը տաքը կոխէ, կբարձրանամ մեր տան ետեւի անտառակը եւ կփռուիմ կռնակիս վրայ ծառերուն տակ։ Նոսր սաղարթի ճեղքերուն մէջէն կդիտեմ երկնքի մաքուր բացևկապոյտը, ուր հազիւ երբեմն ճերմակ ամպերու փեռեկտումներ, մշտափոփոխ երազական ակներու նման, հանդարտիկ կլողան։

Ու կմտածեմ։ Կմտածեմ կա՛մ յաջորդ օրուան մեր ընելիքի մասին, տալիք հարցերս կընտրեմ, նոր գլխուն հետ կապուած բացատրուելիք կէտերը կորոշեմ, բանաւոր շարադրումներու նիւթեր կզատեմ եւ պատմել տալու զանազան ձեւեր կհնարեմ, որ իր արտայայտութիւնը աւելի կենդանի ըլլայ. կա՛մ յիշողութեանս մէջ կվերարտադրեմ առաւօտեան մեր խօսքերը, վէճերը, աղջկան ընթերցումը, ձայնը, դիրքը, ժպիտն ու նայուածքը։ Մեր այդ աշխատակցութիւնը կեանքիս մէջ մեծ տեղ է գրաուած հիմա։

Այս ցերեկ նոյն այդ գիրքին մէջ ծառերուն տակը կերազէի, երբ հարց մը ծնունդ առաւ գլխուս մէջ։ Եթէ Վարդուհիին տեղ ուրիշ մը ըլլար՝ այսպէս պիտի տարուէի՞ ու ամբողջովին պիտի նուիրուէի՞։ Որոշ պատասխան մը տալու կվարանիմ։

Այո՛, հանձնառութիւնը հանձնառութիւն է եւ ես բարեխիղճ աշխատող մըն եմ ամէն բանի մէջ, բնաւորութիւնս գիտեմ։ Բայց եւ այնպէս անտարակոյս դիմացինիս աղջիկ մը ըլլալը իր որոշ դէրը ունի. ի՞նչ կայ զարմանալու։

Ամէն պարագայի արդէն պարզ կզգամ, որ մեր պարապմունքները ինծի համար միայն պարտականութիւն եւ զբաղմունք չէ, այլ միեւնոյն ժամանակ խորին հաճոյք մը։ Նստած իրենց պարտեզի բաղեղնորւ ետին, նեղ սեղանի մը երկու կողմը, այնքան նեղ, որ երբ երկոքս ալ քիչ մը առաջ կհակինք՝ մազերնիս իրար կշոյեն։ Եւ թարմ թրթիռներով կանացի ձայն մը, որ մարդուս հոգին կշոյէ, երբ կյուզուի։ Եւ իր նայուա՛ծքը եւ խնդո՛ւքը։ Երբեմն այն զգացումը կունենամ, կարծես գինի խմած ըլլամ, երբ մանաւանդ ինքս լուռ՝ իրեն խօսիլ կուտամ։

Չգիտեմ, արդեօք ան ալ իր հոգիին մէջ նման հաճոյք մը ունի՞. ինչ զգալը չգիտեմ, բայց անցած օր ինքը ըսաւ, թէ հիմա իր ամբողջ հոգին լեցուած է մեր այս աշխատանքով։

 

Յուլիս 11

 

Այսօր ընդհանուր քաղի պէս բան մը ըրինք մեր մինչեւ հիմա կարդացած մասերուն վրայէն, որ մեզի բնական կերպով բերաւ վէպի գեղարուեստական կողմերու վերլուծութեանը եւ երկի ստեղծագործական արժէքին։

Այնպէս տարուեր ու կլանուեր էինք, որ ժամանակին անցնիլը չէինք նկատած։ Այն ատեն միայն ուշքի եկանք, երբ մայրը երեւցաւ մեր բաղեղնորւն մէջ ու հրաւիրեց ինծի ճաշի։ Ուզեցի շնորհակահլութեամբ հրաժարիլ, ընդգծելով, որ տունը հիմա անշուշտ ինծի կսպասեն։ Տիտինը ծիծաղելով յայտնեց, որ այդ կո ղմէն կրնամ հանգիստ ըլլալ. արդէն ինքը լուր է տուած մեր տունը, թէ ճաշի չեմ երթալու։

Ճաշը անցաւ շատ զուարթ. բոլորս ալ զարմանալի կերպով հրաշալի տրամադրութեան մէջ էինք։ Եղբայրը ճաշէն ետքը ինծի իր աշխատանոցը առաջնորդեց, ուր եղած էի միայն անգամ մը հարեւանցի։

-    Իրաւ է, թէեւ ցոյց տալու հոս աւարատած բան մը չունիմ եւ իմ լաւ կտորներս կյուսամ օր մը Թիֆլիս կտեսնէք, և ըսաւ պարոն նկարիչը իբրեւ առաջաբան. և բայց եւ այնպէս մարդս միշտ հաճոյք կզգայ իր աշխատութիւնը ուրիւշի մը ցոյց տալով։

Եւ պարոնը բնաւ այդ հաճոյքը չի զլացաւ իրեն՝ ի հաշիւ իմ ձանձրոյթիս։ Ամբողջ ժամ մը ինծի մէկ կիսատ ու ներկերու մէջ թաթխուած կտաւին առջեւէն միւսին առջեւը կքաշէր. անդադար խօսելով, մեկնելով ու բացատրելով նկարներուն նիւթը, իր նկարելու եղանակը եւ գոյներու նրբութիւններուն դերը. փաստեր ու օրինակներ կբերէր մեծ նկարիչներու խօսքէն ու կեանքէն։

Ես սկիզբը մեծ հետաքրքրութեամբ կհետեւէի իր խօսքին, բայց հետզհետէ հոգնեցայ. եւ իսկապէս ուրախ եղայ, երբ նորէն դարձանք ընդհանուր սենեակը։

Մայրը առաջարկեց աղջկան, որ աղուոր կտոր մը նուագէ դաշնակի վրայ։

-    Ա՜, իմ նուագելս. և առարկեց աղջիկը կէսևհեգտնոտ դէմքի արտայայտութեամբ մը, բայց նստեցաւ աթոռին ու դարձաւ ինծի եւ ըսաւ ժպտուն.

-    Այո՛, նուագել ալ գիտեմ, ճիշտ հայերէն կարդացածիս չափ։

Լսած էի, որ կնուագէ, բայց դեռ բնաւ ներկայ եղած չէի իր նուագին. եւ դաշնակն ալ ընդհանրապէս ինծի համար հազիւ ծանօթ աշխարհ մըն էր. եւ հետաքրքիր էի, թէ ինչ տպաւորութիւն պիտի ընէ վրաս իր նուագը։

Օրիորդը արագ դուրս քաշեց ձայնատետրերու կոյտէն տետրակ մը եւ սկսաւ արագ թղթատել. հազիւ կրցայ կարդալ տետրակի երեսին վրայ Մենդելսոնի անունը։

Ու նուագը սկսաւ։ Կդիտէի իր երկար ճկուն ու բարակ մատները, որոնք դաշնակի մատներուն վրայէն կվազէին. կդիտէի իր կարճ կտրած մազերը, որոնք նուագի ամէն ցնցումին ուսերուն վրայ կդողդղային. կդիտէի իր պինդ կծկած շրթունքները, որոնք եղանակի զարկերուն հետ մէջէմէջ աւելի պինդ կկծկուէին. կդիտէի ձանյտատրին հառած իր վառ աչքերը։ բայց եւ կհետեւէի իր իուագածին։

Ու չգիտեմ երաժշտութի՞ւնն էր, որ աղջկան կերպարանքն ու էութիւնը այնպէս հրապուրիչ ու եթերային կդարձնէր իմ աչքերուս, թէ՝ աղջիկն էր, որ իր ներկայութեամբ ու իր շունչով այնքան խոր ու յուզիչ կդարձնէր երաժշտութիւնն իմ ականջներուս։

Գիտեմ միայն, որ հոգիս ալեկոծուած էր։

Քիչ մը վերջը կանջատուէի. ու խոհուն դէմքով՝ փոխանակ տուն երթալու՝ իջայ շիտակ ձորը ու կռթնեցայ մամռոտ խոշոր ժայռի մը, որուն վրայ ծուռ ու մուռ ուռենի մը ստուեր կնետէր։

Կէսևկեցած, կէսևնստած ականջ կդնէի գետի խելագար աղմուկին ու կդիտէի անոր անվերջ գալարումներն ու եռանքը ժայռերու գրկին։ Ժամանակը կըռչէր՝ գիտէի. բայց չէի ուզէր տեղէս երերամ. մեղկութիւնը մը տիրած էր հոգիիս։ Կցանկայի այդպէս մնամ անշարժ այդ աղմուկին մէջ անվերջ խոհուն։

Բայց ի՞նչ կխորհէի. ոչի՛նչ. կամ գրեթէ ոչինչն։ Երազի պէս բան մըն էր. դաշնակ մը կար աչքերուս դէմ, որուն վրայ Վարդուհիին նուրբ ու երկար մատները կվազէին եւ արժշտութիւն մը կար իմ հոգիիս մէջ։

 

Յուլիս 14

 

Իմ արդի բոլոր մտածումներս կեդրոնացած են ամբողջոին մեր միասին պարապմունքի ժամերուն վրայ։ Առտուները անբնական անհամբերութեամբ որոշեալ ատենին կսպասեմ. եւ միշտ տեսակ մը անհանգիստ ուրախութեամբ կվազեմ Շամիրեաններուն բնակարանը, ուր սովորաբար պատշգամին իսկ վրայ կհանդիպիմ «աշակերտիս», որ նոյն անհամբերութեամբ ինծի կսպասէ։

ան ալ բոլորովին ոգեւորուած է հիմա մեր զբաղումներով։ Գրքի ներկայացուցած հայ կեանքը, հայ տիպարները բուն հայ հողին վրայ, հայ լեռներն ու մեր լեռնական այդ մօտիկ անցեալը Վարդուհիին համար հիմնովին նոր աշխարհ մըն է, որ կբացուի անոր աչքերուն ու հոգիին առջեւ։ Եւ երբ կմտածեմ, որ իմ ներշնչումիս ջերմութեան տակ փթթեցաւ այդ թարմ ու նոր զգացումներուն ծաղիկ՝ը կուցծքս բախտաւորութեամբ կուռի։

Հաճախ կպատմեմ հիմա մեր կեանքէն, գաւառէն, մեր բնութեան գեղեցկութիւններէն, մեր ժողովրդի դառնութիւններէն։ Կնկարեմ իր դէմ իմ երազներս եւ այդ հողին վրայ ծլելիք ապագայ քաղաքակրթութիւնը։ Կգծեմ մեր բոլորիս պարտքը եղող աշխատանքը՝ քայլ մը աւելի ընելու համար դէպի մեր երազներու ապագան։

Աղջիկը կլսէ ինծի՝ աչքերը աչքերուս, անթարթ։ Կամ ինքը կպատմէ իր կեանքէն, կդժգոհի մեր հանրային կաշկանդող պայմաններէն, իր դպրոցական կեանքէն. մանր ու խոշոր, հետաքրքիր ու երկրորդական անվերջ նիւթեր, որոնք սակայն իր հոգին կբանան ինծի եւ ես անհուն ուշադրութեամբ կունկընդրեմ։ Ու հետզհետէ մեր գաղափարները կնոյնանան. մեր ձգտումները իրարու կմօտենան. մեր իդեալները, մեր անուրջները իրարմէ գոյն ու ձեւ փոխ կառնեն։

Եւ մենք ատիկա կզգանք փոխադարձաբար. ու ալ աւելի իրարու կմտերմանանք բնականաբար։

 

Յուլիս 19

 

Երեկ մեր աշխատանքը դիտմամ քիչ մը կարճ կապեցի. եւ ետքն ալ ազատ ժամանակէն օգտուելով խնդրեցի, որ մեկնելէս առաջ կտոր մը նուագէ. իբրեւ թէ պատահմամբ եղաւ։ Բայց անպիտանը իսկոյն ըմբռնեց։ Հազիւ քիչ մը նուագած էր, որ հիւրեր եկան ու խանգարուեցաւ։

Եւ այսօր երբ կարդացած գլուխը վերջացուց, ինքը գոցեց գիրքը, գոցեց եւ աչքերը կիսովին եւ ըսաւ նենգամիտ.

-    Այսօր կարծես թէ աւելի երաժշտական է տրամադրութիւնս. արդեօք չէի՞ք ցանկար, որ բան մը նուագեմ ձեզի։

Եւ առանց պատասխանիս սպասելու ցատկեց ոտքի, քաշեց ձեռքէս, խնդաց լի կուրծքով, մազերը ճակտէն ետ նետեց ու սլացաւ դէպի սանդուղները։ Ես ալ բնականաբար ետեւէն։

Մինակ էինք՝ ես ու ինքը։ Ու դաշնակը կթնդար։ Տարբեր ոգեւորութեամբ մը կնուագէր. լանջը կդողդղար, մազերը կցատկոտէին, այտերը վարդ էին կտրեր, թարթիչները արագ կթարթէր, եւ իր փղոսկրէ դաստակները կվազէին դաշնամուրի մատներուն վրայ։

Այսօր արդէն երաժշտութիւնը չէր, որ կզգայի. այսօր ինքն էր իր ամբողջ էութեամբ իմ երաժշտութիւնս։

Երբ նուագը դադրեցաւ՝ Վարդուհին բուռն շարժումով մը ցատկեց ու եկաւ ինծի.

-    Գո՞հ էք։

Առանց պատասխանի բռնեցի իր ձեռքը, սեղմեցի ու ալ ձգել չէի ուզեր։ Ան ալ իմս կսեղմէր։

Մինչեւ սանդուղներուն գլուխը եկաւ ինծի ճամփու դնելու։ Եւ նորէն առանց խօսելու սեղմեցինք անգամ մըն ալ իրարու ձեռք ու բաժնուեցանք։

Արտասովոր դանդաղ քայլերով ուղղուեցայ տուն. նոյն ծանր շարժումներով բարձրացայ սենեակս ու նստեցայ գրասեղանիս առջեւը աչքերս պարտէզի ծառերուն հառած։

Որչափ տեւեց այդ անշարժութիւնս՝ չգիտեմ. բայց ցնցուեցայ, երբ լսեցի, որ շրթունքներս կըսէին ցած ու խիստ յստակ խօսուածքով մը.

«Կսիրե՛մ, կսիրե՛մ»։

Ու սկսայ մտածել ու սկսայ յիշել բոլոր անցածևդարձածը այս քանի մը շաբաթներու ընթացքում իմ ու այդ աղջկան միջեւ. եւ ըմբռնեցի, որ ես սիրած էի այդ աղջիկը առաջին տեսած օրէս։

 

Յուլիս 22

 

Երեկուան եզրակացութիւնէս ետքը եւ հակառակ իմ հասկացողութեանս, զարմանալի կերպով դժկամութիւն մը կզգայի մեջս այսօր Վարդուհիին երթալու։ Ու կուշացնէի ու չգիտէի՝ ինչ ընեմ։

Ուրախութիւնս անչափ եղաւ, երբ մեր կինը ներս մտնելով յայտնեց, թէ երիտասարդ մը ինծի կհարցնէ եւ երբ դուրս վազելով Միքայէլի հետ երեսևերեսի եկայ։

-    Միքայէ՜լ։

-    Երուա՛նդ։

Եւ խոշոր ընկերական համբոյր մը։

և Վե՛րջապէս։ «Դելիջան եկուր, որ քեզի պտտցնեմ», կըսէիր. եկայ ու դուն չկաս. ա՞ս է խոստումդ։

և Մա՞տս հոտվտայի, որ գալու էիր։ Սիրաքն ալ նամակ նամակի վրայ կգրէր, որ անպատճառ քանի մը շաբաթ իրենց երթամ ՆորևԲայազիտ։

և Ո՞ր Սիրաքը. առաջին լսարանէ՞ն։ Ա՞ն ինչպէս է, ի՞նչ կընէ։

և Ի՞նչ պիտի ընէ. առտուները ոտանաւոր կթխէ, ցերեկները՝ ձկնորսութիւն, իրիկուններն ալ՝ սիրայարութիւն։

-    Որո՞ւ հետ։

-    Երեւանէն եկած ընտանիք մըն է. լուսնի նման ճերմակ ու կլոր աղջիկ մը։

-    Լուսնի նման աղջիկը ես չեմ սիրեր. պաղ է։

-    Վա՜հ, տնաշէ՛ն. թող ըլլայ արեգակի նման. տաքցա՞ւ։ Իսկ դո՞ւն ինչ բանի ես. ի՞նչ կընես։

«Սիրաքի ըրածը», անցաւ մտքէս. բայց այդ մտածումը ժպիտի մը մէջ խեղդելով՝ ըսի.

-    Ի՞նչ պիտիընեմ. կկարդամ ու կպտտիմ՝ բայց միշտ մօտերը։ ձի մը վարձել ու շրջակայքը պտոյտ մը ընել կմտածէի. գիտես որ ձի նստիլը կսիրեմ. բայց որո՞ւ հետ։

-    Եթէ աւելորդ ստակ ունիս՝ դուն ինծի տո՛ւր. ես ծախսելու տեղը գիտեմ. իսկ ձի մեր ախոռը երկու հատ կայ. մղկը իմինս է՝ սեփական, միւսը եղբօրս։ եղբօրս ձին դուն չես կրնար սանձել։ ան ես կառնեմ, իմինս կուտամ քեզի։ Բայց ո՞ւր երթալ կուզէիր։

-    Ի՞նչ հարցնելու բան է. սար, ձոր, անտառ, աւերակ, գիւղ։

-    Այդպէ՞ս. աղե՛կ. վաղը փոքրիկ ճամփորդութիւն մը ընել կուզէի՞ր։

-    Վա՞ղը։

-    Հոկսէ հինգևվեց ժամ հեռու անտառին մէջ փոքրիկ գիւղ մը կայ. գիւղի տերտերին հետ եղբայրս գործ ունի, երթայ պիտի վաղ ը։ Ինծի առաջարկեց՝ իրեն ընկերանալ՝ մերժեցի։ քանի մը անգամ եղած եմ. բայց եթէ կուզես՝ երկուքով կմիանանք իրեն. որքան շատ ըլլանք՝ այնքան լաւ. ճամփան քիչ մը ապահով չէ։

-    Ամենայն սիրով. և վճռեցի ես իսկոյն։

-    Լա՛ւ. առտուն կանուխ պատրաստ եղիր, քեզի կառնենք ու կմեկնինք։ Գրա՞ծդ ինչ է. և աւելցուց սեղանիս վրայի բաց տետրակը թերթելով։

-    «Նախընթաց իրիկունը» կթարգմանեմ։

-    Աստուած համբերութիւն տայ քեզի։ Չէ՛, ես չեմ կրնար այդ տեսակի բաներ. կարդալը ձմեռները նորէն ինչեւէ, գրելը միշտ է անհամ։ մանաւանդ երբ ուսուցիչներն ալ ետեւէդ կիյնան, թէ գրէ։ Հա՛, ուսուցիչ ըսի՝ միտքս ինկաւ. Օհաննէսեանը ընտանիքով ՆորևԲայազիտ էր։

-    Իրա՞ւ. ի՞նչ ըսաւ։

-    Ի՞նչ պիտի թսէ։ գիրուկ կնիկը հետը առած կպտտի ու ձմեռը մեզի տալիք դասերը կորոճայ։ Ամառնային շարադրութիւնդ գրե՞ր ես։

-    Դեռ վրան ալ չեմ նայած։

-    Կեցցե՜ս։ Ընկեր ըսածդ ատանկ պիտի ըլլայ։ Եղբա՛յր, ինծի այն տեսակ երկարևբարակ բան մըն է տուեր, որ տարի մը գրելու ըլլամ՝ տակէն ելլել չեմ կրնար. ես ալ մտածեցի՝ բնաւ տակը չմտնեմ. ի՞նչ կըսես տրամաբանութեանս։

-    Հիանալի՜։

Պահ մը լռեց ու աչքը պտտցուց սենեակիս չորս կողմը։

-    Սա ի՜նչ անշնորհք բան է, ա՛յ տղա. ո՞ր կողմ դառնաս՝ գիրք ու պատկեր։ Այս աղջի՞կը ով է. և աւելցուց իսկոյն հայելիին անցուցած լուսանկարի մը մօտենալով։

-    Չե՞ս ճանչնար։ մեր դերասանուհիներէն մէկը։

-    Դերասանուհի՜, «Նախընթաց իրիկուն», ծաղիկ, պատկեր, գրքեր, գրքեր, մարդ երկու օր հոս ապրի՝ թուլամորթ բան մը կդառնայ. դուն ինտո՞ր կդիմանաս։ Վաղը□ հա՛, վաղը չըլլար. օր մը քեզի մեր տունը տանիմ, որ մարդաւարի սենեակ տեսնես։ Պատէն կախուած է եղբօրս հրացանը, իմ ատրճանակս, որ հրացան մը կարժէ եւ ձիուս սանձը, բայց «սանձ» կըսեմ է՜։ իմ ունեցած մէկ հատիկ պատկերս պատուհանս է, ուրկէ մեր ամբողջ ձորը ու դիմացի լեռը կերեւայ։ Թէեւ սեղանին վրայ ջրի փարջին ու սանտրիս քովիկը երկու գիրք կայ ու մէկևերկու հին տետրակ, բայց այնպէ՜ս միայն շնորհքի համար, քեզմէ ետ չմնալու համար. թէ չես հաւտար՝ վրայի փոշին չափէ՛։

Ճաշին պահեցի մեզի։ Սեղանին վրայ քիչ խօսեցաւ, բայց ախորժակով կերաւ։

-    Ա՛յսպէս է, և թսաւ, և իմ սովորութիւնս։

Ճաշէն ետքը նորէն առանձնացանք ու երկար կխօսէինք։ աւելի ճիշտ՝ ան կխօսէր։ Պատմեց սիրաքի հետ անցուցած քանիմը շաբաթը. թէ ինչպէս անգամ մը Սեւանի վրայ նաւարկած ատեն քիչ է մնացեր, որ ընկղմին իրենց ծանր ու ժուար շարժուաղ կոպիտ նաւակով. թէ ինչպէս սարերուն վրայ շրջելու ատեն քիւրդ հովիւներուն հետ կռուի կբռնուին. թէ ինչպէս ուրիշ անգամ մը զինուորական ձեւանալով գլխարկին փակցուած փայլուն կոճակով մը՝ խեղճերուն հետ խաղի կելլեն ու կխաբեն։

Իրիկունը տարի ճամփու դրի, բաւական երկար պտոյտէ մը ետքը։ Բաժնուեցաւ՝ պատուիրելով նորէն, որ առտուն կանուխ պատրաստ գտնուիմ։

Ընկերոջս երեւիլը վրաս շատ աղուոր ազդեց։ կարծես լեռնային հով մը դէմքս պարուրեց. թարմ ու ցնցող լեռներուն հովը։

 

Յուլիս 22

 

Երեկ առտու նոր էի հագուեր ու արեւն ալ նոր էր ծագեր, որ եկան ըստ ժամադրութեան։

Դիմաւորեցի։ Միքէի եղբայրը կարճահասակ մարդ մըն է, չղուտ, խոպոր գլխով, խճուճ մազերով. կայծկլտող աչքեր սուր նայուածքով ու հայու քիթ. երեսուն տարեկան մը կըլլայ։

Երկու եղբայրներն ալ հագած էին տեղական կտորէ հագուստ, ոտքերնուն չուշտ, գլուխնուն ճերմակ ռուսական գլխարկ, մէջքերնուն դանակ եւ ուսերնուն հրացան։

-    Պատրա՞ստ ես. և հարցուց Միքէն առանց ծանօթացնելու որեւէ արարողութեան եւ չափեց ինծի հայեացքով իր տուած հարցը անձամբ ստուգելու համար։

-    Նախ հանէ՛ վրայէդ ժամացոյցդ, և հրամայեց, և որ քիւրդ հովիւներուն ախորժակը չբանաս։

Հնազանդեցայ ու տուի ժամացոյցս Հոռոբսիին։

-    Այդ կախած քսակիդ մէջը ի՞նչ կայ. և հարցուց կրկին ուսընդանութ ուղեքսակս մատնանիշ ընելով։

-    Մանրևմունր բաներ։

-    Վերցրո՛ւ այդ տոպրակն ալ իր մանրևմունր բաներով. այդ հիմար տոպրակին տեղը ա՛ռ, կախէ ատրճանակս։

-    Բայց ես ատկէ հատ մը ունիմ. և ըսի հպարտ՝ ետեւի գրպանէս փոքրիկ շրջահարս ցոյց տալով։

-    Է՜, ատիկա ոչինչ. և վաւերացուց Միքէն. և բայց դուրսէն երեւցող զարդ մը պէտք է. ա՛ռ հրացանս դուն պահէ։

Առի իր նշանաւոր զարդը ու անցուցի ուսս։

Եւ ուղեքսակս ալ անցաւ Հոռոբսիի ձեռքը։

-    Հանէ՛, նայիմ, սա աղջկայ կոշիկներդ. և շարուանակեց ան կատարեալ անտարբերութեամբ։

-    ԻՆծի բոբի՞կ պիտի ձգես։

-    Եղբա՛յր, դուն իմ գործիս մի խառնուիր. քեզի հանէ՛ կըսեմ։ Չուշտերը տո՛ւր. և դարձաւ եղբօրը ծիծաղելի հպարտութեամբ մը։

-    ՆորևԲայազիտէն նոր եմ բերեր ու դեռ չեմ հագեր. ինչեւէ, կնուիրեմ քեզի. աղուո՞ր է. և աւելցուց՝ քիթիսևբերնիս դէմ բռնելով եղբօրը ձիուն վրայէն վերցուցած զոյգ մը Ղարաբաղի չուշտ քիթերը վեր դարձած։

-    Տղայական ուրախութեամբ խլեցի, Միքէի օգնութեամբ անցուցի ոտքս ու կապիճները ամրացուցինք։

-    Ա՜յ հիմա քիչ մը կարգի եկար. գլխարկդ գէշ չէ։ Հեծի՛ր. և հրամայեց իր ձին մօտ քաշելով։

Ինքն ալ նետուեցաւ իրենց հետը բերած երրորդ ձիուն կռնակը։

Երկու եղբայրը իրենց ձիերուն վրայէն քննական աչքով մը նայեցան վրաս։ Ես խրոխտ դիրք մը բռնեցի, այսինքն թէ՝ ի՞նչ կկարծէք դուք ինծի։

Ու ձիերը խթանեցինք։

Զով ու գեղեցիկ առաւօտ մըն էր։ Ձիերը կքշէինք, որ տաքը չկոխած անտառ մտնենք։ Այս ընթացքով խօսիլ չէինք կրնար։

Ես դեռ իմ ձիուս բնաւորութիւնը փորձելու վրայ էի, որ հանկարծ մեր ճամփուն վրայ երկու կին տեսայ եւ իսկոյն սիրտս սեղմուեցաւ։ Վարդուհին էր ու իրենց սպասուհին. անշուշտ վարը գետի մէջ լողանալու էին գացած, ինչպէս երբեմն կընէին. ու հիմա կվերադառնային։

Կմօտենային մեզի իրարու հետ խօսքի բռնուած, առանց մեր վրայ մասնաւոր ուշադրութիւն մը դարձնելու։

Մազերը խոնաւ, որոնք գլխու ճերմակ կապին տակէն կերեւնային ուսերուն թափուած. այտերուն թարմ դժգունութիւն մը. ինքը պարզ ու սպիտակ շրջազգեստի մը մէջ։

-    Բարեւ ձեզի, օրիորդ Շամիրեան. և ըսի ես ժպտուն, երբ գրեթէ հաւասարած էինք իրարու։

-    Վա՛յ, պարոնն է. և բացականչեց սպասուհին մեծ զարմանքով։

Վարդուհին կանգ առաւ, նայեցաւ ինծի։

-    Ո՞ւր այդպէս եւ ի՞նչ այլակերպութիւն. և հարցուց, իբրեւ պատասխան բարեւիս։

-    Փոքրիկ պտոյտ մը դէպի անտառին խորքը։

Ձիս կեցուցած էի. ընկերներս կամացևկամաց կերթային, տեսակ մը ինծի սպասելով։

-    Այդպէս հանկա՞րծ. եւ առանց ինծի բան մը ըսելո՞ւ. շնորհակալ եմ. երեկ ալ այնքան սպասեցի. շատ ուշադիր էք դէպի ինծի։

-    Ներող եղէք, խնդրե՛մ։ Ընկերս հանկարծ եկաւ. հարմարութիւն չեղաւ ձեզի իմաց տալու։

-    Հարմարութիւն չեղաւ երկու բառ գրելո՞ւ։ Ինչեւէ. երթաք բարով. բարի զուարճութիւն. և աւելցուց իսկոյն ետ քաշուելով ձիուս քովէն, որ կդոփէր։

-    Անգամ մըն ալ գլխով բարեւեցի ու թոթուեցի ձիուս սանձը։ Բայց կզգայի, որ աչքերս չեմ կրնար զատել հանդիմանութեամբ լի իր սուր նայուածքէն։ Եւ կարծես բռնի փրցուցի իմ նայուածքս իր նայուածքէն։

Ընկերնեուս երբ հասայ՝ Միքէն շիտակ դարձաւ ինծի։

-    Այդ աղջիկը ո՞ւրկ է ես ճանկեր։

-    Դրացի է. և պատասխանեցի հնարաւոր անտարբեր շեշտով մը

-    ։Բախտի բան է, ի՞նչ ընենք. այդ տեսակ դրացիներու մենք չենք պատահիր։

-    Ըսաւ ու նայեցաւ ետ եւ անմիջապէս կցեց.

-    Դեռ ետեւէդ կնայի, տղա՛։

Ես ալ ետ նայեցայ ու գլխարկով նորէն բարեւեցի. Վարդուհին թեթեւ մը շարժեց ձեռքի ճերմակ սրբիչը։

-    Ասոնք ապուրը եփեր են. և դարձաւ Միքէն իր եղբրը։և Ինծի՛ նայէ. վերադարձին ինծի այդ աղջկան պիտի ծանօթացնես. ևշարունակեց ան ձին ձիուս մօտեցնելով։

-    Ի՞նչ պիտի ընես, որ ծանօթացնեմ. և հարցուցի ես ժպտուն, երբ հոգիս խորքէն ծածուկ բախտաւորութեամբ մը կըրըռար։

-    Աղուոր աղջկան մը հետ ի՞նչ կընեն. դուն ի՞նչ կընես։ Թէ՞ կնախանձիս։ Չէ՛, եղբա՛յր, չնախանձիս. ես ընկերոջս ձեռքէն բան չեմ խլեր։ Ըսենք՝ չեմ ալ կրնար. քու խորունկ, անուշ աչքերուդ եւ քու ջենտլմեն կազմիդ ու շարժումներուդ հետ մրցիլը քիչ մը դժուար խնդիր է։

-    Չէ՛, ճաշակ ունիս, եղբա՛յր. տաք աղջիկ է. Սիրաքի լուսնկային չի նմանիր. և վրայ բերաւ մեր նախոր դօրուան խոսակցութիւնը ակնարկելով։

Եւ հազիւ նախադասութիւնը աւարտած, շտկուեցաւ ձիուն վրայ եւ իր բարձր լեռնցիի ձայնով հնչեցուց յայտնի երգին վերջին կտորը.

«Բայց իմ սիրածը, սրտիս ընտրածը հրեշտակի նման»։

Երգի վերջին հետ լռութիւն տիրեց։

Ընկերոջս գալը եւ մեր այս հանկարծական արշաւանքին նորութիւնը պահ մը ստուերի մէջ էր առեր Վարդուհիին դէմքը. մեր այ հանդիպումը սթափեցուց ինծի։ Եւ ալ շարունակ աչքերուս դէմն էր իր ճեփևճերմակ կերպարանքը, իր լոգանքէն դժգունած այտերը եւ իր հանդիմանող ս ուր նայուածքը։ Շարունակ աչքերուս դէմն էր ալ անկէ ետքը ամբողջ օրը, ինչ ալ որ խօսէինք, ինչ ալ որ պատահօր, ուր ալ որ նայէի։ Մեր գետակի խենթ ջուրերէն նոր դուրս եկած ու իր խոնաւ մազերով այդ հմայիչ ճեփևճերմակ ոգին էր աչքերուս դէմը։

Արդէն խճուղին ձգած էինք եւ քիչ մը վերջը կողմնակի արահետով անտառ մտանք։ Արահետը հետզհետէ նեղնալով բարակ կածանի մը վերածուեցաւ, որ ծառերու բուներուն մէջէն դեղին նեղ ժապաւէնի մը պէս կօձապտուտկէր։

Ծառերուն բուները հազարաւոր սիւներու պէս գետնէն վեր կսլանային՝ բռնելու համար ծաղկանկար կերպասի մը նման մեր գլխուն վրայ փռուող կանանչութիւնը, որ արեւուն ճառագայթները դուրսէն կասեղնագործէին։

Շուրջս զով էր, հոտաւէտ ու խորհրդաւոր։ Աննշմարելի հովիկ մը ծառերուն ամենաբարձր ոստերուն հետ կխաղար, տերեւներուն նրբին դող մը կուտար ու թռչունները աւելի կգրգռէր, որոնք կսիրերգէին ու կթեւածէին իրենց փոքրիկներու օրրաններուն շուրջը։

Ձիերը շարքով իրարու ետեւէ կքալէին թափուած տերեւներու խշրտուն գորգին վրայէն։ Արժեւէն Մքիէի եղբայրը՝ հրացանը պատրաստ. արջերէ կզգուշանար։ ետեւէսի Միքէն կուգար նմանապէս զէնքը ձեռքը. ես մէջէն կերթայի իբրեւ պաշտպաեալ. թէեւ ես ալ հրացանս դրեր էի ծունկներում։

Բաւական ատեն բոլորովին լուռ էինք. անգամ մը ետիս դարձայ։ Միքէն գլուխը կախ երազոտ նայուածքը գամեր էր իմ ձեիուս մէջքին։

-    Գիտե՞ս իչն կմտածեմ. և խօսեցաւ հանկարծ։ Կերեւակայէի, իբրեւ թէ դու Սիւնեաց իշխանին զաւակն ես։

-    ԻԻԻ՞նչ։

-    Համբրեէ՛։ Ասկէ ալ ճիշտ հազար տարի առաջ։ Եւ այս հողերը, որ կկոխենք, այս անտառը ամբողջ Գուգարաց Բդեշխինն է, ուր զարկած են իր իշխանական փառաւոր վրանները եւ ուր կանցընէ ան իր ամառուան ջերմ օրերը հովասուն ձորին մէջ։

-    Է՜, ետքը՜։ Դուն ալ վախնամ Գուգարաց Բդեշխն ես կամ անոր տղան։

-    Ներեցէ՛ք, ազնուափա՛յլ Սեպուհ, ես ժողովրդի զաւակ եմ եւ իմ ծագումիս չեմ դաւաճանէր։ Ես ձեր խորհրդականն եմ ու ձեր հօր գործավարը։ Ձեր հայրը իմ խնամքներուս է հանձնած ձեր անձը. ատոր համար է, որ աչքս հեռացնել չեմ կրնար ձեր գլխու այդ ոսկեծոպ փաթոյթէն, ձեր այդ զինուորական ոսկիերիզ վարապանակէն եւ Սիւնեաց մեծ նախարարութեան զինադրօշմը կրող ձեր զէնքերէն։

-    Պրաւո՜, հիանալի՛ է. և պոռացի ես զարմացած։

-    Է՜, կեանքը ատ կըլլար. և բացականչեց թամբին վրայ շտկուելով։և Ենթադրենք, որ քեզի հետ կերթայինք Բդեշխտին մօտ դաշինքի մը, նիզակակցութեան մը, որեւէ շատ կարեւոր քաղաքական ծրագրով մը։ Գիտե՞ս ինչ ըսել է, երբ մարդ տէրն է իր հողին, երբ կպաշտպանէ իր զէնքով, կապրի ու կկռուի իր երկրին համար ու կաշխատի իր տէրութեան համար։ Պէտք է ապրած ըլլայինք հազար տարի մը առաջ։

-    Այո՛. և Ըսի։և Մեծ առաւելութիւն է եւ հոգեկան մեծ բարձրացում եւ խոր վայելք անշո՛ւշտ, երբ մարդ տէրն է իր երկրին, իր ժողովուրդին, իր գոյութեան եւ բախտին, ուրկէ զուրկ ենք մենք։

Ու երկուքս ալ լռեցինք, կածանը սկսաւ վերելք դառնալ եւ ձիիերուն քալուածքը դժուարացաւ։

Միտքս պահ մը հետեւեցաւ ընկերոջս ներշնչած մտքերուն ու պատկերներուն, բայց շուտով Վարդուհիին դէմքը նորէն բռնեց հոգիս։ Վայրկեան մը միտքս ինկած էր այդ երկու նիւթերուն մէջ տարուբեր եւ հանկարծ երկուքը ձուլեց իրարու։

Սկսայ ամբողջ վէպ մը հիւսել մտքիս մէջ. կխօսէի, կնկրագրէի գանիգիս տակ բոլորովին ինքզինքս մոռցած։ Կշարուանկէի Միքէի ծայր տուած պատմութիւնը։ Իբրեւ թէ իմ պահապան ու խորհրդական ընկերս էր, որ կըսէր ինծի, այսինքն Սիւնեաց Սեպուհին։

«Այո՛, աչքս վրադ է, ազնի՛ւ Սեպուհ։ Եւ փառք Աստծոյ, ահա՜ երկու շաբաթ է կճամփորդենք խորունկ ձորերէն, ստուերախիտ անտառներէ, ն անցանք գետեր ու լեռներ եւ ձեր ազնուափայլութիւնը գարնան առաւօտի մը պէս զուարթ է, լեռնային օդերուն պէս առողջ եւ մեր հեծած արաբական նժոյգներուն պէս կայտառ։ Միայն թախծութեան այն եթթեւ ամպը, ո որ քու դէմքի զուարթութեան վրայ աղոտ շուք մը կնետէ, գիտե՛մ, անհամբերութիւն դէ։ Եւ կատարելապէս իրաւունք ունի. Գուգարրացա օրիորդին նման աղջիկ ես տեսած չեմ կեանքիս մէջ. աննման է քու օրիորդ Վարդուհին. ի՜նչ բարդիի հասակ, ի՜նչ Աստղկան աչքեր, ի՜նչ թիրկածի ճակատ. հապա իր ուսերուն թափուած կարճ մազերը, որուն վրայ առաւօտեան ցօղը մարգրիտ կշարէ, երբ նաժիշտներուն հետ արեւուն ծագումէն առաջ կելլէ պտոյտի քու նշանածը»։

Հանկարծ ահագին գամբռներու կատաղի խումբ մը սոսկալի հաչոցով անրջանքս ընդհատեց։

-    Իջէ՛ք ձիերէն ու ետիս անցղ՛ք. և հրամայեց Միքէի եղբայրը՝ իր ձիուն վրայէն ծառի մը տակ ցատկելով։

Հետեւեցանք իր օրինակին։

Ետեւնիս ծառեր էին, երկու կողքերնիս ձիերուն սմբակները։ ես ու Միքէն ծառի մը կռթնած. առջեւնիս Միքէի եղբարն էր, որ հրացանը անդադար կէս շրջանաձեւ պտտցնելով շուները պատշած հեռաւորութեան վրայ կենալու կհարկադրէր։

Բարեբախտաբար պաշարումը երկար չտեւեց։ Երեւցաւ հովիվը. երկարահասակ, լայնաթիկունք հուժկու մարդ մը, գլուխը ահագին ոչքարի մորթէ փափախ մը դրած. լայն դաշոյնով մը եւ կեռ կոթով ատրճանակով մը զինուած. ձեռքն ալ հաստ ճոկան մը։

Քշեց շները եւկ առաջնորդեց մեզի քիչ մը հեռուն հօտին քովը։

Ծառերը իրարմէ հեռանալով փոքր հրապարակ մը բացեր էին, ուր հօտը խռուած իրար գլխու կորոճար։

Հովիվը հրաւիրեց մզեի իր հաստաբուն ծառին տակը, ուր կուժ մը ջուր, քանի մը կտոր հաց եւ մղկևերկու լաթի կտոր կար։

Նստեցանք, հովիւն ալ. ու իր ոտքերուն քովն ալ իր շները։ Միքէի եղբայրը քիչ մը խօսեցաւ հետը, մինչեւ որ հոգնութիւննիս առինք. հովիւը կաթ կթեց ու հրամցուց։ Երբ ելլելու կպատրաստուէինք, շները նորէն իրար անցան։ Տէրը նորէն զսպեց, շնորհակալութիւն յայտնեցինք, հեծանք ու արագ հեռացանք։

-    Պարո՛ն Երուանդ, նկատեցի՞ք, որ հովիւին աչքը ձեռքիդ հրացանին վրայ մնաց. և ըսաւ Միքէի եղբայրը. և շունշանորդի՜ն, վախցայ որ ուզէ։

-    Եթէ ուզէ՞ր։

-    Շնեք շնորհք կռուի պիտի բռնուէինք։

-    Ըսել է՝ եթէ մօտը ընկեր մը ունենար՝ երեք թաս կաթի փոխարէն հրացանը վրայ պիտի տայինք։

-    Քիչ մը դժուար. և առարկեց հպարտութեամբ։

-    Ճամփան սկսաւ էջք դառնալ եւ կէս ժամ չանցած գիւղն էինք։

Տէրտէրը մեզի մեծ պատիւով ընդունեց։

Միքէի հետ գացինք գիւղն ու շուրջը դիտելու, մինչեւ որ եղբայրը իր գործերը կարգադրեց եւ անմիջապէս ետ ճամփայ ինկանք քիչ մը աւելի երկար, բայց ապահով ճանապարհով։

Շատ ուշ հասանք Դելիջան, գիշերով ու բերին ինծի մինչեւ տուն։ Իջայ ձիէն սրունքներս թամբէն ցաւած, հոգնած ու շիտակ անկողին։

 

Յուլիս 23

 

Մինչեւ նախաճաշիկ գրի առի նախորդ էջերը։ Նախաճաշիկէն անմիջապէս ետքը յուզումս զսպել ջանալով եւ տեսակ մը անորոշ ու տարօրինակ վախով սկսայ բարձրանալ Շամիրեաններու սանդուղէն։

Երբ ինծի նշմարեցին՝ տիկինն ու պարոն նկարիչը կէսևլուրջ, կէսևկատակ բացականչութիւններ արձակեցին։ Միայն Վարդուհին էր լուռ՝ հեգնութեան նմանող ժպիտ մը շրթունքին։

-    Այսպէս ուրեմն. առանց մեզի ոչինչ ըսելու՝ կերթաք փառաւոր ձիարշաւի. և գանգատելու ձեւ մը առաւ պարոն նկարիչը։

-    Այո՛, պզտիկ պտոյտ մը ձիով. և համեստօրէն փոքրացնել փորձեցի եղելութիւնը։

Հարցեր տուին եւ ես ստիպուած եղայ ամփոփ պատմելու տեսածս ու կրած տպաւորութիւններս։

Երբ զբաղուելու համար օրիորդին հետ իջանք պարտէզ, տեղաւորուեցանք մեր բաղեղներուն ետեւը ու առանձին մնացինք՝ նորէն յուզում մը պատեց ինծի. յուզում մը, որ կարծես կառաջանար յուզուած ըլլալս յայտնի ընելու վախէն։

Իսկ դուք ինչպէ՞ս անցուցիք այս երկու օրը. և հարցուցի բնական հետաքրքրութեամբ։

Հաիանլի՛. պատասխանեց շատ անորոշ շեշտով մը։

Ի՞նչ ըրիք, օրինակ։

Օրինա՛կ, նախոր օրը մինչեւ կէս)ր սպասեցի ձեզի. կէսօրէն ետքն ալ հիւրեր ունէինք, որոնց բնաւ չէի սպասէր։ Իսկ երեկ ալ աղուոր մը ձանձրացայ միս մինակ։ Գո՞հ էք. և հարցուց հեգնոտ ժպիտով մը։

Ո՛չ. և ըսի ես կտրուկ ու սրտանց։և դուք իրաւունք չունիք ձանձրանալու. պէտք է բանով մը զբաղուէիք։

Ինչո՞վ կուզէք, որ զբաղուէի. ձեզի պէս ես ընկերներ չունիմ, որ ինծի տանին պտոյտի։

Ձեզի ինչպէ՞ս հասկնամ։ Կարծես կմեդաղրէք ինծի ընկերոջս հետ երթալուս համար։

Ո՛չ. և պատասխանեց շեշտելով եւ աւելցուց քմայնոտ ու կիսահանդիմանական խօսուածքով մը. և բայց իրողութիւն է, որ ես հիմա մեր ընթերցումներէն դուրս՝ ուրիշ ոչևմէկ բանով լրջորէն չեմ հետաքրքրուիր. ամբողջովին բռներ էք հոգիս ձեր աշխատանքով։

Շատ աղեկ կհասկանյի ինչ որ կըսէր եւ բախտաւորութենէն կթրթռար հոգիս։ Բայց բոլոր ուժովս սանձեր էի շրթունքներս, որոնք կատաղի երիվարներու պէս սանձերը փրցնել ու խոյանալ կտենչային ոտքի տակ տալով ամէն սահման, ամէն գծում, ամէն արգելք, մինչ ես կջանայի, որ կառքս դուրս չի գար սովորական պողոտայէն ու շարժուէր սովորական չափով ու ձեւով։

-    Աղե՛կ, կրնայիք կարդալ մեր վէպէն, օրինակ, յաջորդ գլուխը։

-    Ո՛չ. և պատասխանեց նորէն շատ շեշտուած եւ գլխու կտրուկ ժխտումով մը։

-    Ինչո՞ւ. և զարմացայ ես. և եւ այդպէս խի՞ստ։

Իր պատասխանը շատ յստակ էր նորէն, թէեւ ան ալ կսանձէր իր երիվարները, որ սովարակնի պողոտայէն դուրս չի գան.

-    Հայերէնը ե՛ւ խօսիլը, ե՛ւ ընթերցումը շատ դիւրին է, սիրելի ու գրաւիչ, երբ դուք մօտս էք ու թեւէս բռնած կառաջնորդէք։ Առանց ձեզի, երբ ձեր խօսքն ու ձեր հոգին չեն գար ինծի օգնելու, շատ դժուար կդառնայ այդ աշխատանքը եւ անհամ։ Մի՞թէ չէք ըմբռնէր։

-    Կըմբռնեմ. և ըսի ես չըմռնել ձեւացնելով. և եւ քանի որ կըմբռնեմ՝ անցնինք անմիջապէս աշխատանքի։

Եւ, այո՛, մեր շրթունքները, իրար դէմ խոյացող երկու զոյգ երիվարներու նման, ամուր սանձուած էին ու կքալէին թոյլատրուած պողոտայով ու թոյլատրուած քալուածքով։

Ան կկարդար. ես կուղղէի, կլրացնէի. կամ կվերլուծէինք, կմեկնէինք. եւ խօ՛սք եւ կատա՛կ. միայն չէինք համարձակիր շտիկա ու խորունկ իրարու աչքին մէջը նայելու։

Կզգայինք, որ շրթունքներու նման դիւրին չէ աչքերը սանձելը։ Անպիտան աչքերը շատ մերկ ու բաց կխօսին եւ բնաւ ենթարկուիլ չեն ուզեր պայմանադրութիւններու ու քողարկումներու։

 

Յուլիս 25

 

Երկու օր է՝ ճաշերէն ետքը կուգայ Միքայէլը, որ արդէն ծանօթացուցեր եմ Շամիրեաններուն եւ միասին պտոյտի կելլենք։

Միքէն ու պարոն նկարիչը իրար գտան. մէկը անտաշ ու շիտակ ժողովրդի տղայ մ, միւսը խիստ նուրբ ճաշակի տէր ըլլալ ուզող գեղարուեստի մարդ մը։

Միքէն առանց երկար ձեւականութիւններու սկսաւ արդէն պարոն նկարչի նրբամտութիւններուն հակառակիլ, որուն նկարիչս ներողամիտ արհամարհանքով մը կպատասխանէ ընդհանրապէս։

Այսօր խօսքին թելը սիրոյ վրայ անցաւ ու սիրոյ տեւականութեան։

-    Սիրելի՛ բարեկամս. և կըսէր նկարիչը գործը գիտցողի մը հաստատ շեշտովը։և Սէրը մարդուս համար այնքան անհրաժեշտ պէտք մըն է, որ քան հաց ուտելը։ Եւ որքան որ անհեթեթ է շարունակ միեւնոյն կերակուրը ուտելը, նոյնքան ալ անհեթեթ է սիրոյ տեւականութիւնը պահանջելը։ Ընդհակառակը, որքան շատ ուտելիք փոխես՝ այնքան օգտակար է եւ ախորժաբեր։

-    Կչափազանցէք. և կպնդէր Միքէն։և Եթէ շատ կուզէք սիրելը ուտելիքի հետ համեմատել, գոնէ պտուղի հետ համեմատեցէք. նախ որ սէրը միայն պտուղի չափ անհրաժեշտութիւն է. երկրորդ ալ գոնէ տարուան եղանակներուն հետ կփոխուի եւ ո՛չ ամէն օր։

-    Բոլորս սկսանք խնդալ։

-    Իսկ ձեր կարծիքը ի՞նչ է. և դարձաւ օրիորդը ինծի։

-    Իմ կարծիքս դժբախտաբար յառաջադիմական չէ։ Ինծի համար սէրը միակ ու ալ չկրկնուող զգացում մըն է, այսինքն իսկական, լուրջ սէրը, որովհետեւ մարդուս ամբողջ էութիւնը կգրկէ ու ամբողջ կենսունակութիւնը կգրաւէ։ Եւ երբ տարիները կսահին ու կսթափիս՝ կտեսնես, որ սիրածդ ալ, դուն ալ թոռմած էք արդէն. ծաղկի մը պէս, որ տուած է իր պտուղը եւ չորնալէ զատ ուրիշ դեր չունի։

-    Այն ատեն ո՞ւր կմնայ մարդուս նրբութիւնն ու բարձրութիւնը. եւ ի՞նչ տարբերութիւն կունենայ բոյսերէն. և նկատեց պարոն նկարիչը հեգնոտ։

-    Եւ ինչո՞ւ կկարծէք, որ անպատճառ տարբերութիւն մը պէտք է ունենաք բոյսերէն այդ հարցին մէջ. և վրայ բերի ես։

-    Սիրելիս, երկու տարի ետքը ձեզի ալ կտեսնեմ. դեռ շատ էք խակ. և պատասխանեց պարոն նկարիչը մարգարէական ու վերերէն եկող շեշտով մը, որ վրաս շատ գէշ ազդեց։

-    Ձրի մարգարէութիւն մըն է ձեր ըրածը. և ըիս ես գրեթէ զայրացած։

Քիչ մը ետքը, որ Շամիրեաններու տան մօտեցանք՝ նկարիչը բարձրացաւ իսկոյն վեր ըստ իր սովորութեան։

Սանդուղներուն առջեւը, երբ հրաժեշտ կառնէինք օրիորդէն ես ու Միքէն.

-    Բայց դուք ձեր կարծիքը չյայտնեցիք. և ըսի իրեն։

-    Կարծեմ յայտնի է ձեզի, որ ես ու եղբայրս գրեթէ ո՛չ մէկ հարցի մէջ համակարծիք չենք իրար. և պատասխանեց օրիորդը շեղակի։

ՄղՍեղմեց մեր ձեռքերը ու սանդուղներէն բարձրացաւ վեր։

-    ԻՆծի նայէ, աղջիկդ հիանալի է. բարով վայելես. և ըսաւ Միքէն իր սովորական պարզութեամբ, երբ առանձին մնացինք։

-    Տափակևտափակ մի խօսիր. և կատակի տուի ես։

-    Չեմ ուզէր, գրպանս դի՛ր. և եղաւ պատասխանը։

 

Յուլիս 30

 

Թէեւ մեր պարապմունքին ժամերը իրենց սովորական ընթացքով կսահին ըստ երեւոյթին, թէեւ մեր յարաբերութիւնը իր սովորական հոսանքով կշարունակուի կարծես, սակայն իրապէս փոխուած է շատ բան։

Երկուքս ալ կզգանք, որ կձգտինք իրարու, երկուքս ալ գիտենք փոխադարձաբար, որ ջերմ կապուած ենք իրարու։ Բայց միայն գիտենք. ո՛չ իսկ բառ մը մեր գիտցածը արտայայտելու համար։

Աղջիկը երեւի կսպասէ, որ ես ծայրը բանամ։ Իսկ ես՝ առաջ կկարծէի, թէ հպարտութիւնն է լեզուս կապողը. կամացևկամաց կըմբռնեմ, որ միայն ատով իմ բռնած դիրքս չի բացատրուիր։ Գուցէ խորքին մէջ իր զգացումներուն վրայ դեռ բացարձակ վստահ չեմ. կամ կզգուշանամ գուցէ ծիծաղելի քայլ մը առնելէ. կարելի է պարզապէս առաջին խոստովանութեան դժուարութիւնն է ասիկա։

Այս բոլորէն դուրս լռութեանս մէջ կարծես տարօրինակ վախ մըն ալ կայ. անորոշ եւ տարտամ վախ մը թանկագին բանէ մը զրկուելու, անփոխարինելի բան մը կորսնցնելու։ Բիւրեղէ նուրբ ու թանկարժէք գեղարուեստական անօթի մը դպչելու երկիւղը, որ մի՛ գուցէ կոտրուի։

Եւ վերջապէս, իրաւ է, այս ապրումներուն մէջ դեռ շատ եմ երեխայ։ Այսօրուան դէպքը որքան ծիծաղելի, այնքան ալ բնորոշ է։

ԻՐիկուան դէմ մեր երկու ընտանիքները բոլորս միասին իջած էինք գետի ափը բանջարանոցները։

Հաշալի իրիկուն մը։ Բա՛ց, սրտի լայնացում տուող երկինք մը. ժպտո՛ւն, ամենուս դէմքին ժպիտ նուիրող վերջալոյս մը վարդէ ամպերու ցիրևցան դեզերուն մէջէն։

Ուրախ էինք ամենքս, բայց Վարդուհիի խայտուն բերկրանքին չափ չկար։ Ըսենք՝ ամենքս ալ կպոռայինք, կվազէինք, իրարու ձեռքէ պտուղ կխլէինք. ձայներնիս ու ծիծաղնիս լեցուցեր էր ձորը։

Մութ էր արդէն, երբ դէպի տուն ճամփայ ինկանք։ Ես ու Վարդուհին ետ մնացինք ամենքէն, կարծես թէ պատահմամբ եղաւ։

Հազիւ քանի մը քայլ ըրեր էինք միասին ձորն ի վեր, երբ Վարդուհին խոր շունչ մը առաւ ու կեցաւ.

-    Ա՜, ինչպէ՜ս հոգնեցայ։

-    Շատ վազեցինք. հանգիստ ելէ՛ք. և խորհուրդ տուի ես իմաստուն կերպով։

Լռեց. մէյ մըն ալ հանկարծ նորէն կանգ առաւ շիփևշիտակ դէմս ու աչքերուս խորքը նայելով ըսաւ կտրուկ.

-    Գիտէ՞ք, պարոն Երուանդ. դուք կին էակէ մը բնաւ պիտի չսիրուիք։

-    Մի՞թէ. և բացականչեցի ես ապշահար այս անակնկալ յայտնութեան դէմ. և եւ ինչո՞ւ այդպէս կենթադրէք։

-    Մասնաւոր ենթադրութեան կարիք չկայ. որովհետեւ կնոջ մը հաճոյանալու ամենեւին փոյթ չունիք։ Այսքան ատեն է միասին ենք. պարզ հաճոյախօսութիւն մը, տարրական հաճոյակատարութիւն մը չեմ տեսած ձեզմէ. անգամ մը թեւերնիդ չառաջարկեցիք ինծի, թէեւ քանի մը անգամ յայտնած եմ դիտմամբ հոգնած ըլլալս։

-    Ներող եղէք. կընդունիմ անքաղաքավարութիւնս. հանցանքը միամտութեանս է. չեմ հասկացած, որ ձեր «հոգնած եմ» ըսելը, «թեւերնիդ տուէք» ըսել է։

-    Նախ ես ատիկա յիշեցի օրինակի համար. բայց արդէն ինքնին այդ չհասկնալնիդ նշան է, թէ ինչ աստիճան անփոյթ էք կնոջ հանդէպ։

-    Եւ հետեւաբար կկարծէք, թէ սիրոյ մէջ երբեք յաջողութիւն պիտի չունենա՞մ. և ըսի ես տխուր շեշտով մը։

-    Եթէ չփոխուիք. և աւելցուց ժպտուն։

-    Եթէ ա՛յդ է պայմանը՝ պէտք է որ փոխուիմ, նոյնիսկ այս վայրկեանէս։ Օրիորդ, կհաճի՞ք թեւս ընդունիլ. և ըսի իր առջեւը խորունկ խոնարհութիւն մը ընելով։

-    Անշո՛ւշտ. սիրո՛վ. և ըսաւ բարձր խնդուքով եւ մինչեւ արմունկը մեր դաստակը կամաց մը թեւս անցուց

-    Բարակ շապիկ մը միայն մեր բազուկները իրարմէ կզատէր. խելագարի պէս սեղմել կուզէի կրծքիս ինծի հանձնուած այդ թեւը ու մեծ ճիգով կզսպէի թեւս, որ սկսաւ դողալ։

Եւ ան զգաց իհարկէ թեւիս դողը եւ իր խօսքն ու ծիծաղը անմիջապէս կտրեցաւ։

Լուռ քանի մը քայլ ըրինք։ Աղջիկը մեղմ ու զգուշութեամբ ետ քաշեց ձեռքը թեւէս ու ըսաւ.

-    Ձեզի նեղել չեմ ուզէր. մնացէք հաւատարիմ ձեր բնաւորութեան. դուք նման չէք ուրիշներուն։

-    Անշուշտ կգերադասէիք, որ նման ըլլայի ուրիշներուն։

-    Շատ կսխալիք, եթէ այդպէս կկարծէք. և եղաւ իր կտրուկ պատասխանը, որ ինծի անչափ դուր եկաւ։

Քայլերնիս արագացուցինք, հասանք ու միացանք խումբին։

 

Օգոստոս 6

 

Մեր ընթերցանութեան ժամերը այլեւս դադրած են լուրջ աշխատանք ըլլալէ։ Իսկապէս գիրքը չէ հիմա մեզի իրար բերողը, այլ ներքին բուռն պահանջ մը իրարու հետ ըլլալու, իրարու քով ըլլալու։ Ատիկա իսկ այլեւս հերիք չի գար. մեր ձեռքերը ծարաւ ունին իրար դպած ըլլալու, իրար բռնելու բազմատեսակ պատրուակներով խօսակցութեան ընթացքին։

Նախորդ օրը սեղանին վրայէն վար ձգեց իր հովհարը, կարծեմ պատահմամբ եղաւ. ցռեցա, որ վերցնեմ. ինքն ալ ծռեցաւ եւ մեր գլուխները եկան իրարու. հարու տուող երկու այծերու կնմանէինք. Իր մազերը թափեր էին ճակտիս, քունքերուս ու երեսներուս վրայ, ուր կգալարէին. ու հարբած էի ես անոնց անուշ բոյրէն. գլուխս դժուարով բարձրացուցի։

Երեկ իրիրոկն ալ մօրը հետ երեքով քիչ մը քալելու ելանք իրենց տան առջեւը։ Կխօսակցէինք շատ կարգին. խօսքի միջոցին բան մը նշելու համար հանեցի ծոցիս փոքրիկ տետրակը. խլեց ձեռքէս ու փախաւ՝ սպառնալով բոլոր մէջինը կարդալ։ Ինկայ ետեւէն. քանի՜ անգամ բռնեցի, քանի՜ անգամ ազատուեցաւ ու փախաւ։ Մայրը կխնդար ու կհանդիմանէր իր աղջիկը, թէ ամօթ է, երեխայ չէ այլեւս, ահագին աղջիկ է։ Իսկ իմ իրտս ուրախութենէ կթփրտար, երբ իր մարմնին ու կրծքին հպումը կզգայի կրծքիս ու թեւերուս վրայ։

Այսօր ալ երբ իրենց սանդուղներէն բարձրացայ՝ դէմս վազեց խնդալով, թէ «մեր դասարանը ջրհեղեղի տակ է». գիշերը տան տէրը եկած եւ առատօրէն ջրած էր ամբողջ պարտէզը։

-    Եկէ՛ք պատշգամ. հոն ալ պարտէզի պէս է եւ առանձի՛ն. և աւելցուց իսկոյն խորհրդաւոր ժպիտով մը։

Եւ իր սովորական հանկարծ շարժումովը թեթեւ մը քաշեց թեւէս, հանեց պատշգամ, առաջնորդեց դէպի մեծ բազկաթոռը եւ ինքն ալ նետուեցաւ դէմ սօրրան աթոռին. սկսաւ խօսիլ ու ճոճուիլ, իբրեւ նախաբան մեր աշխատանքին։

Պատշգամը, շիտակ է, պարտէզի պէս էր. երկու խոշոր կաղնի իրենց ծերացած ճիւղերը կտարածէին անոր վրայ. իսկ պատշգամին երեք եզերքները շարուած էին մեծ ու փոքր թաղաբներու մէջ ամէն տեսակի ծաղիկներ, որոնցմէ գինովցնող հոտ մը կծաւալէր արեւի հետզհետէ զօրացող շոյանքին տակ։

Վարդուհին կարդալ սկսաւ, բայց պարզ էր, որ մտքերուն չէր հետեւիր. ես ալ չէի հետեւիր։ Բացի մեր սովորական ներքին խանգարումէն, օդն ալ շատ ծանր էր այսօր. օգոստոսի բացառիկ տաք օրերէն մէկը։

-    Չէ՛, ալ չեմ կրնար. և ընդհատեց հանկարծ ու գիրքը ձգեց ծունկներուն։

-    Ընդհատեցէ՛ք. և ըսի. և կխօսինք։

Գիրքը իսկոյն նետեց քովի աթոռին վրայ։ Գլուխը ետ ձգեց, աչքերը գոցեց եւ սկսաւ ճոճուիլ։ Մազերը երկու կողմէն առաջ սահեցան ու ծփուն շրջանակի մը մէջ առին իր սիրելի դէմքը։ Ես հափշտակուած կդիտէի, երբ հանկարծ աչքերը բացաւ ու գամեց իմ աչքերուս։

Ի՞նչ կար նայուածքիս մէջ՝ չգիտեմ, բայց տեսայ, որ հանկարծ սաստիկ կարմրեցաւ ու վեր թռաւ իր օրորուն աթոռէն։ Կեցաւ դէմս ու խենթևխելոք բաներ մը ըսինք իրարու. գնաց պատշգամին եզերքը, ծաղիկ մը փրցուց ու սկսաւ ջղաձգօրէն փեթրտել։

-    Տեսէ՛ք, ի՜նչ անուշ կհոտի. և բացականչեց, եկաւ նորէն ինծի եւ իր ճմրթած մեխակին թերթիկները ափով սեղմեց դէմքիս։ Շրթունքներս եկան իր մատներուն։

-    Հատ մը մեխակ կուզէ՞ք. և հարցուց հարբած ժպիտով մը։

-    Այո։ Քաղուա՛ծ ձեր այս մատներովը։

Թաղարներուն վրայ քիչ մը փնտրեց. կընտրէր։ Փրցուց ու նետուեցաւ դէպի ինծի. ձեռքս մեկնեցի, որ առնեմ։

-    Ոչ. և ըսաւ. և ե՛ս պիտի ձեր կուրծքը անցընեմ։

-    Խնդրե՛մ։

Մէկ շարժումով մը նստեցաւ իմ բազկաթոռիս բազուկին վրայ, ծռեցաւ վրաս ու ծաղիկը տարաւ օձիքիս օղակին. օղակի կարուած էր, սկսաւ աշխատիլ կերպ մը ծաղիկը անցընելու. եւ այդ ճիգերուն մէջ այնքան մօտ եկաւ, որ իր կուրծքը հարեցաւ վզիս ու դէմքիս։ Կզգայի իր շնչելը արագ ու անկանոն։ Իսկ իմ շունչիս օդը հանկարծ կարծես պակսեցաւ։ Եւ որպէսզի հանկարծ իր մէջքը չի գրկեմ՝ երկու ձեռքով ամուրբ ռնեցի իր երկու թեւերը ուսերուն մօտիկ ու կամաց մը ելայ ոտքի։ Եւ սըի.

-    Անչափ, անչափ շնորհակալ եմ ձեր այս սրտագին նուէրին համար։ Եւ կարծեմ այս տաք ու խեղդող օդին տակ այլեւս ոչինչ ըեն չենք կրնար. լաւ է երթամ տուն։

-    Երթա՞լ կուզէխ. և բացականչեց աղջիկը մեծ զարմանքով։

-    Կարծեմ ատ է շիտակը. բայց հետս կտանիմ բախտիս ծաղիկը. և ըսի խնդալով. թեթեւ մը շոյեցի կրծքիս կարմրաւուն մեխակը ու ձեռքս մեկնեցի հրաժեշտի։

Վարդուհին ապշած ու վարանքով, գրեթէ մեքենաբար ձեռքը տուաւ ինծի, որ ես ամուր սեղմեցի եւ արագ վազեցի սանդուղներէն վար։

Շիտակ տուն, շիտակ սենեակս եւ նետուեցայ անկողնիս վրայ քիթ ու բերնիս։

«Ինչո՞ւ ձգեցի. ինչո՞ւ եկայ. ինչո՞ւ չգրկեցի. ինչո՞ւ վշտացուցի աղջիկը». կկրկնէի անդադար մտքիս մէջ։

Սա ի՞նչ հիմար ու անիմսատ բան էր ըրածս, ե՛ւ կոպիտս, ե՛ւ անբնական։ Հիմա ի՞նչ պիտի մտածէ, ի՞նչ պիտի զգայ խեղճ աղջիկը։

Հոգեկան խառնաշփոթ ու խիստ անախորժ վիճակի մէջ կդառնային մտքերս, ինքս ինծի չհասկնալով, ինքս ինծի հետ անհաշտ, երբ ինծի այնպէս թուեցաւ, թէ սենեակիս դուռը կզարնեն։

Հազիւ գլուխս դժգոհութեամբ բարձրացուցած էի բարձէս, որ դուռը բացուեցաւ ու սեմին վրայ տնկուեցաւ Միքէն։

-    Խեր ըլլայ, ի՞նչ է պատահեր. և հարցուց զարմանքով եւ երկար եեւ ուշադիր դէմքս դիտելով։և Չխօսի՞ս. չըլլա՜յ թէ աղջիկդ ճամփու դրաւ քեզի։ Եթէ բոլոր սիրահարուածներու դէմքը այդ տեսակ է, լաւ է՝ կեանքիս մէջ բնաւ չսիրահարիմ։

Զգացի, որ ճշմարտութիւնը գուշակելու շատ մօտերը կպտտկի։ Եւ նեղ վայրկեաններուն յատուկ ճարպիկութեամբ մը իսկոյն դերս փոխեցի։

Աշխոյժ վեր ցատկեցի, նստեցայ անկողնիս եզերքին ու ըսի.

-    Սիրահարիլը սքանչելի բան է եղեր, Միքէ. երդում կընեմ, որ սիրահարիմ պիտի. եւ քեզի ալ նոյնը կհանձնարարեմ։

-    Ի՞նչ ըսել է «պիտի». միայն «պիտի»ևի մը համար կարելի՞ է այդ աստիճան ապուշ դէմք մը առնել։

-    Ապուշդ քեզի՛ պահէ ու ականջ դի՛ր։ Շիտակը ինծի համար ալ տարօրինակ բան մըն էր հետս պատահածը։ Քիչ մը առաջ այս խեղդող տաքէն նեղուած՝ պառկեր էի ու խենթևխելոք կմտապէի. հակնարծ միտքս ինկաւ քու անցեալ օրուան պատմական երեւակայութիւնը. իյիշե՞ս անտառին մէջ որ ըսիր։

-    Աղե՛կ. ե՞տքը։

-    Ետքը միտքս սկսաւ այդ պատմութիւնը շարունակել. կամացևկամաց ոգեւորուեցայ՝ դարձաւ կատարեալ վէպ. իբրեւ թէ եւս Սիւնեաց Սեպուհս Գուգարաց օրիորդի նշանածն եմ, եւ քեզի հետ նշանածիս այց կերթամ Բդեշխին ամառանոցը։

-    Է՜ևէ՜. և երկարեց Միքէն իր ձայնը։

-    Սկսայ երեւակայել ինչպէս մեզի կդիմաւորեն եւ ինչպէս վերջը կտեսակցինք Սիւնեաց օրիորդին հետ։ Մնացինք մինակ ես ու ինքը։ Թաղարներով, ծաղիկներով շրջապատուած տեղ մըն էր. պատշգամի նման բան մը։ Օրիորդը ինծի համար թաշկինակի պէս բան մըն էր ասեղնագործած, որ ինքը իր ձռեքով ուզեց վիզս անցընէ. այնքան մօտեցաւ, որ կլսէի սրտին զարկերը իմինիս մօտիկ։

-    Է՜ևէ՜. և ըրաւ Միքէն նորէն ե՛ւ հեգնոտ, ե՛ւ ծիծաղով։

-    Ալ ի՞նչ «է՜ևէ՜». թեւերս բարձրացուցի, որ իր անձնատուր կուրծքը բազուկներուս մէջ շղթայեմ, դուռը զարկին. դո՛ւն էիր։

-    Վա՜յ, շունդաշնորդի՛, ի՞նչ գէշ տեղն եմ հասեր։ Հիմա կհասկնամ՝ թէ ինչու այնպէս չարացած երեսս կնայէիր։ Կուզես՝ ես երթամ ու դուն նորէն շարունակէ. միայն գիտցիր՝ ինչէ որ պիտի զրկուիս։ Եղբայրս պատուական գինի է ճարեր, մայրիկս ալ այսօր եփեր է քիւֆթէ. իրիկուան դէմ ալ ձիերով աղուոր պտոյտ մը։ Ընտրէ. երազական Սիւնեաց օրիորդի համբո՞յրը կուզես, թէ ընտիր գինի, փառաւոր քիւֆթէ եւ աշխոյժ ձի մը։

-    Ընտրութիւնը դժուար է, բայց□և ըսի ես գլխարկս առնելով։

-    Հա՛, կտեսնեմ, դեռ բոլորովին չես հիմարացեր։ Մա՜րշ։

Խենթ օր մը անցուցի։ Հոգեկան մշտական ծփում մը ներսը ծածուկ, բախտաւոր ու շոյող. կեղծելու անհրաժեշտութիւն. ուրախ ու անփոյթ երեւնալու ճիգեր։ գիտի, հարկինք, խօսք ու կատակ. եւ միեւնոյն ժամանակ խորքէն դժգոհութիւն մը ինքս ինծի դմէ։

Հոգեկան այս երկւութիւնը վերջ գտաւ միայն իրիկուան դէմ, երբ Միքէի հետ հեծանք ձիերը եւ ձիերը չափ առին։

Զարմանալի կերպով հանկարծ զգացում ը մէջս խուժեց, հպարտ ինքնագիտակցութիւն մը. եւ իսկոյն ինկաւ ինքս իմ վարմունքիս դէմ ունեցած անհաշտ տրամարդութիւնս։ Զգացի՝ որ ուրաշ էի Վարդուհիի համբոյրին ու ձգողութեանը դեռ դիմադրել կարողանալուս համար. եւ ըմբռնեցի, որ այգդ բոլորը իմաստ ունէր. կուզէի, որ տեւեր իմ այս հոգեկան վիճակս. տեւէր ու աճէր զգացումներուս այս խայտանքը։ Ամէն դիմադրութիւն, ամէն սանձում կբազմապատկէր մեր մէջ եղած լարումը։ Եւ եզրակացուցի, որ ճիշտ ատոր համար էր անշուշտ, որ երկուքս ալ կլռէինք անլռելին ու կզսպէինք անզսպելին։

Բայց եւ կհասկնայի, որ հասած էինք հնարաւոր սահմանը. այսօրուան փորձը կըսէր ինծի, որ իր քովը եւ իրեն հետ առանձին այլեւս անկարելի էր աչքակապուկ խաղալը. մեր յուզումը կյորդէր. եւ ի՛ր, եւ ի՛մ։

Ես որ ձիս խթանած էի ու ինկեր էի առաջ, հանկարծ սանձերը քաշեցի եւ թողի, որ Միքէն հաւասարի ինծի։ Հազիւ էին մեր ձիերը իրարու զոյգ եկեր, որ դարձայ ընկերոջս եւ առաջարկեցի՝ յաջորդ օրը առտուն կանուխ երթանք որսի շրջակայ անտառները՝ ինչպէս արդէն քանի մը անգամ խօսած ու ծրագրած էինք իրեն հետ, բայց հետաձգած էինք միշտ ու չէինք իրագործած։

Միքէն իկսոյն համաձայնեցաւ, քիչ մը մտածեց եւ հարցը վրաւ աւելի լուրջ հողի վրայ։ Երկու ժամուայ չափ Դելիջանէն հեռու Աղստաֆայի ճամփուն վրայ շատ փոքր գիւղի մը մէջ կապրէր իր մօրքուրը. վաղը կերթանք ու գիշերը կմնանք հոն. մօրքուրին երեք տղաքը, մանաւանդ միջնակը, յայտնի որսորդ է եղած։ Յաջորդ օրը անոնց հետ միասին կելլենք որսի եւ իրիկունը կվերադառնանք տուն։

Այս ծրագրի մանրամասնութիւնները մշակելով ձիերուն գլուխները դարձուցինք դէպի Դելիջան հանգիստ քալուածքով մը։

Եւ հիմա այս տողերը, որ կգրեմ՝ մինակ ու սենեակին լամպին տակ՝ կարծես թէ ըրածիս քիչ մը զղջացած եմ։ Երկու օր ամբողջ Վարդուհին չտեսնելը չափազանց դժուար է արդեն. այլեւ կմեղքանամ Վարդուհիս. այսօրուան իմ նշանաւոր փախուստէս ետքը՝ խեղճը հիմա ի՞նչ պիտի զգայ եւ ի՞նչ պիտի մտածէ։

Բայց այլեւս ետ քաշուիլ չեմ կրնար եւ չեմ ուզեր. հոսանքը կքշէ ինծի. թո՛ղ քշէ։ Միայն որոշեցի, որ առտուն երկու սրտանց տող կգրեմ իրեն ու ներողութիւն կխնդրեմ, թէ հրաւիրուած եմ որսի։

 

Օգոստոս 10

 

Նոր վերադարձայ տուն եւ ուշ գիշերով։ Հօրեղբօրս կինը սկսած էր անհանգստանալ. ինծի կսպասէր երեկ իրիկուն, ինչպէս Միքէի հետ մեր դիտաւորութիւնն էր։ Բայց Միքէի մօրքուրն ու տղաքը լսել անգամ չուզեցին ու պահեցին օր մըն ալ։

Աղուոր ալ քոյր մը ունին։ Ամէն անգամ, որ աղջկան խորունկ աչքերուն կնայէի՝ սիրտս կսեղմուէր. անոր աչքերուն մէջ Վարդուհիիս հոգին կկարդայի, որուն կարօտը կայրէ հոգիս։

Այսօր երեք օր է չեմ տեսած Վարդուհին. եւ արդեն գինովի պէս բան մըն էի այս երեք օրը. ֆիզիկական հոգնութեան մէջ խեղդել կջանայի զգացումներս եւ խօսք ու աղմուկի եւ նոր տպաւորութիւններու տակ մոռացում կփնտրէի։

Երեկ առտու եւ այս առտու հրացաններն առած ինկանք անտառին խորքը. միջնակ տղան իրաւ որ բաւական թիվով թռչուն զարկաւ ե՛ւ իր, ե՛ւ մեր փոխարէն. զարմանալի նշան առնել գիտէ, իսկ ես իսկապէս նշան առնելու վարժութիւններ կընէի, քան որս։ Այս որս ըսուածին մէջ ինծի հետաքրքողը խելագար վազվզուքն է անտառին մէջ, իբրեւ թէ մեծ բանի վրայ ես։ Մարդ չի նայիր ժայռ, փոս, ջուր, ծառ, չորցած ջիւղերը ձեռքերդ կճանկռտեն, մառացներուն փուշը ծոծրակդ կճանկէ, երբ արագ տակովն անցնիլ կփորձես. ոտքդ տապալուած ծառերու կուգայ եւ ջրերու մէջ կճողփես շտապումիդ ատեն։ Բայց ո՞վ է ուշադրութիւն ընողը։ Այդ միշտ անհանգիստ բանի մը որոնումն է հետաքրքիրը. թէ չէ ինքնինի շատ անսիրտ ու վայրէնի բան մըն է բոլորովին աւելորդ տեղը խեղճ կենդանիները սպաննելը։ Երբեմն մէջերնին այնքա՜ն գեղեցիկները կան եւ այնքա՜ն մարդկային նայուածք ունին, երբ ինկած են վիրաւոր ու մահամերձ։

Ընկերներուս ծաղրին չենթարկուելու համար այս բոլորը իհարկէ ոչ ոքի չէի ըսեր։ Արդեն առանց ատոր ալ բաւական ենթակայ էի իրենց կատակներուն, քանի որ ոչինչ չէի զարկած երկու օորուան ընթացքին։ Եթէ ըսէի, որ զարնել ալ արդեն չէի ուզեր՝ վրաս բոլորովին պտի խնդային։

Շատ աւելի խոր հաճոյք կպատճառէր ինծի, երբ իրիկունները արեւին թեքուելէն ետքը չորսով կելլէինք ձիարշաւի. մեծ եղբայրը գալ չէր կրնար։ Ձիու սէրկ կզգամ, որ ունի. եւ հիմա կհիւսուի մէջս կնոջ սիրոյ հետ։

Երբ ձին կսլանայ, երբ հովը ականջիս տակ դիւցազնական խօսքեր կսուլէ, հագուստներս կուռեցնէ եւ ձիուն բաշը օդին կուտայ, երբ ես ձիուս մէջքին փակած, հակած դէպի գլուխը, մրրիկի պէս կխոյանամ, անսովոր ու դժուար արտայայտելի խտիտ մը կզգամ մէջս թէ՛ մարմնական, թէ՛ հոգեկան. ու կարթննան մէջս լեռնցի մարդու բնազդներ. ինծի այնպէս կթուի, թէ Վարդուհին է գիրկս, որ կրծքիս սեղմած հեռու, հեռու կփախցնեմ։

-    Տղա՛, քիչ կամաց. և կպոռայ Միքէն ետեւէս։

Իսկ այսօր քանի կմօտենայինք Դելիջանին, այնքան անհամբերութիւնը կաճէր հոգիիս մէջ. թէեւ մեր ձիերը շատ հանգիստ կքալէին։ Նախ փոքրիկ յոյս մը ունէի, որ հասնելուս պէս կրնայի վայրկեան մը Շամիրեաններուն հանդիպիլ ու Վարդուհին տեսնել։ Բայց շատ ուշ հասանք։ Միքէէն զատուելէս ետքը, երբ տուն կուղղուէի, ժամը տասը անցած էր արդեն։ Եւ Վարդուհիենց ամառանոցը մթութեան ու ծառերուն մէջ քուն մտած ստուեր մըն էր միայն։

Երբ քովեն կանցնէի ծանր քայլերով՝ հոգիս կզգար, թէ ինչքան մօտիկ եմ իրեն. ան կարելի է քունի մէջ էր արդեն, գուցէ երազներու մէջ, գուցե արթուն էր ու ինծի կերազէր, գուցե ան ալ կզգար մօտիկութիւնս։

Գիշեր բարի, աղջի՛կս. ես ալ գրիչս վար դնեմ, ելլեմ ու պառկիմ։

 

Օգոստոս 11

 

Առտուն արթնցա շատ կանուխ։ ու չգիտէի ի՞նչ ընեմ, որ ժամանակ անցնի. ժամացոյցիս սլաքն ալ կարծես դիտմամբ տեղէն չէր երերար։

Շուշտևշուտ ծառերու կանանչութեան մէջէն երեւցող Վարդուհիենց տան կարմիր կտուրին կնայէի, կարծես անկէ կուզէի ճմլող կարօտս առնեմ։

Հազիւ ժամացոյցիս սլաքը իննին մօտենալու վրայ էր, որ ալ չհամբերեցի. քիչ մը շտկեցի վրաս ու նետուեցայ Շամիրեաններուն կո ղմը. բայց երբ տանը մօտեցայ, դիտմամբ սկսայ աւելի ծանր քալել, որ շատ շտապելս աչքի չիյնայ։

Պատշգամը մարդ չկար, մտայ սրահը՝ նորէն մարդ չկար. խոհանոցի կողմը կարծես շարժում կար։

-    ո՞վ է. և ձայն տուաւ տիկինը գոգնոց մը մէջքը կապած եւ երկար շերեփ մը ձեռքը խոհանոցէն դուրս գալով։

-    Բարե՛ւ ձեզի, տիկի՛ն. աս ո՞ւ րեն. ձեզի մինա՞կ են թողեր, ի՞նչ է։

-    Այո՛, բոլորովին մինակ։ Երիտասարդները փիքնիկ կազմակերպեցին, քանի մը ընտանիք միասին։ Այդքան հեռուները ես չեմ ուզեր. քալելը դժուար է։ եւ վերջապէս պիտի պտտին, պիտի խաղան, պիտի պարեն. թող անոնք զվարճանան։ Ա՛յ, ես ալ մտածեցի մորիի անուշ եփեմ։ աս ալ իմ փիքնիկը. և եզրակացուց դառն կատակով մը։և Հրամմեցէ՛ք ներս. և աւելցուց իբրեւ քաղաքաւարութիւն։

-    Ո՛չ, շնորհակալ եմ. ինչո՞ւ խանգարեմ ձեզի. առայժմ ցտեսութիւն։

Դարձայ ու ծանրևծանր սկսայ իջնել սանդուղներէն. զարմանալի զգացում մը կար մէջս. կարծես տիկինը իր անուշոտ դերեփը զարկած ըլլար քիթ ու բերնիս։ Իմ եռացող անհամբերութիւնս եւ ճմլող քնքուշ կարօտս զարնուեր էին բոլորովին անակնկալ կերպով կոշտ ու անախորժ բանի մը։

«Պիտի խաղան, պիտի պտտին, պտի պարեն»։ Այո՛, Վարդուհին հիմա ուրիշներու հետ էր. կխաղար, կպտտէր ու կպարէր երիտասարդներու հետ. հիմա ան կպարէր ուրիշներու թեւերուն մէջ։ Վարդուհին խօսքի մէջ ըսած էր ինծի արդն, որ պարելը շատ կսիրէ, ինչպէս եւ աղմուկևվազվզուքը եւ սալոնական խաղերը։

Հապա ի՞նչ։ Որովհետեւ կսիրէ ինծի՝ փոխէ՞ պիտի իր բնաւորութիւնը, իր զուարճութիւնները. որովհետեւ կսիրէ ինծի՝ ալ ուրիշներու հետ պիտի չըլլա՞։

Ասոնք բոլորը հիմար մտածումներ են իհարկէ։ Ճշմարտութիւնն ան է, որ այս չարաբաստիկ փիքնիկը շատ ձախորդ օր պատահեցաւ։ Եւ հիմա ի՞նչ ընեմ ես մինչեւ վաղը։

Որոշեցի նստիմ ու նամակներս գրեմ. հինգ վեց նամակներ ունէի պատասխանելիք, որ օր օրի կհետաձգէի՝ թէ՛ մեր տունը, թէ՛ դուրսը ընկերներու, թէ՛ ճեմարան։

Նամակները բռնեցին ամբողջ օրս ճաշէն առաջ ու ճաշէն ետքը։ Իրիկուան դէմ տարի նամակներս գիւղ ու փոստեցի եւ ըոնկէ ալ հանդիպեցայ Միքէին։

Միքէի հետ տուն կվերադարնայի. գիւղի հրապարակն էինք, որ հանկարծ դիմացի փողոցէն նշմարեցի հեռուն Վարդուհին իր եղօրբը քրոջը եւ ուրիշ երկու երիտասարդներու եհտ. հաւանօրէն նշանաւոր փիքնիկէն կվերադառնային։

Սիրտս սկսաւ մուրճի պէս զարնել։ Երբ բաւական իրար մօտեցանք՝ Կատեան հեռուէն վազեց ուղղակի դէպի ինծի, թեւերուս մէջ առի ու համբուրեցի քնքշանքով։

Հրապարակին ճիշդ մէջտեղը քոյր ու եղբայր զատուեցան իրենց ընկերներէն եւ ո ւղղուեցան դէպի մեզի, քանի որ կեցած էինք իրենց բռնելիք ճամփուն վրայ։

-    Աս ո՞ւ րէք. մղջտեղ չկաք. և բացականչեց պարոն նկարիչը կէսևկատակ, կէսևլոլւջր, բարեւս առնելով. և այս տեսակ դրացնութի՞ւն կըլլայ։

-    Անիրա՛ւ ես. դուն ինքդ շա՞տ պարտաճանաչ դրացի մըն ես, որ ուրիշները կմեղադրես. և պատասխանեց Վարդուհին եղբօրը, միեւնոյն ժամանակ շատ քա ղաքավարի ձեռք տալով ինծի եւ Միքէին։

-    Իմ բանս ուրիշ է, քոյրի՛կ. առտու իրիկուն զբաղուած մարդ եմ. և եղաւ եղբօր հեգնոտ պատասխանը։

-    Ատիկա միակողմանի դատողութիւն է։ ամէն մարդ ալ իր գործերն ու զբաղումներն ունի։ Պարոն Երուանդը այնքան ժամանակ է հատկացուցեր մեզի մինչեւ հիմա, որ մենք պարտական ենք շնորհակալ ըլլալու։ Անիրաւ խօսք լսել չեմ կրնար։

Եւ այս բոլորը ըսուած էր ինծի համար բոլորովին օտար շեշտով մը եւ շատ քաղաքավարի. եւ ընդհանրապէս իր շարժումներն ու նայուածքն ալ շատ հանգիստ ու առօրեայ։

«ևեւեր են». մտածեցի ես։

-    Գոնէ՛, պատմեցէ՛ք նայինք. մենք ալ մասնակից ըլլանք ձեր այդ զբաղումներուն եւ զուարճութիւններուն. և ըսաւ նկարիչը ժպտուն։

Եւ ծայր տուաւ խօսակցութիւն մը, որ ալ անընդհատ շարունակուեցաւ ամբողջ ճանապարհին իրիկուան կամացևկամաց թանձրացող մթութեան մէջէն։

Միքէն էր գլխաւորապէս խօսքը վարողը. կպատմէր մեր որսերէն զանազան մանրամասնութիւններ եւ կպատմէր համով։ կատակեց ու նկարագրեց իմ որսորդական ձախլիկութիւններս. եւ պարոն նկարիչը ամբողջ կրծքովը կխնդար։

Եւ Վարդուհին ալ։ Եղբօրը ըեւէն միշտ անբաժան կկատակէր, կծիծաղէր իր սովորական եղանակով։ Ինծի ալ հարցումներ կուղղէր, շատ չեզոք տրամադրութեամբ մը. կարծես երկրորդ անգամ կտեսնուէինք։

«ևեւեր են». կրկնեցի նորէն մտքիս մէջէն, բայց զգացի, որ փոքրիկ վախ մը մտեր էր հոգիս։

Քիչ մը վերջը Միքէն հրաժեշտ կառնէր, որ ետ դառնայ տուն։ Նկատեցի, որ Վարդուհին խնդալով մէկևերկու վայրկեան ձեռքը բռնած սկսաւ խօսիլ խենթ բանի մը վրայ։ Արդեն ամբողջ վերի խօսակցութեան միջոցին շարունակ Միքէի հետ էր իր խօսքերով, իր ուշադրութեամբ ու իր աչքերով։

Անհաճոյ զգացում մը խայթեց սիրտս։

Զսպուած անհամբերութեամբ իրենց տունը հասնելնուս կսպասէի, որ մինակ մնանք. մեր առած իւրաքանչիւր քայլը դար մը կտեւէր։ վերջապէս հասանք եւ եղբարյը սովորականին պէս շիտակ բարձրացաւ ու գնաց ներս։ Կատեան ալ վազեց մայրը գտնելու։

Ես ու Վարդուհին մնացինք մինակ. մութ էր արդեն. հազիւ կշնչէի ու կսպասէի, թէ ի՞նչ պիտի ըսէ։

-    Գիշե՛ր բարի, պարո՛ն Երուանդ. և ըսաւ Վարդուհին կատարեալ պարզութեամբ եւ սկսաւ սանդուղներէն բարձրանալ։

-    Դո՞ւք ալ կերթաք ներս. և թռաւ շրթունքներէս։

-    Հա՛, իրաւունք ունիք. և բացականչեց, կեցաւ, նայեցաւ ետ սանդուղներուն վրայէն եւ ըսաւ։և սպասեցէ՛ք վայրկեան մը, խնդրեմ. երթամ ձեր «Դաւիթ Բէկը» բերեմ։

-    «Դաւիթ Բէ՞կը». ինչո՞ւ համար։և հարցուցի ապշած։

-    Կտեսնեմ, որ ձեր ընկերոջ գալէն ետքը ազատ ժամանակ չունիք. եւ չեմ ուզէր ձեզի նեղել կամ խանգարել։ Ես խորապէս շնորհակալ եմ ձեզի բոլոր ձեր թափած աշխատանքին համար. եւ կհասկնամ, որ այլեւս պէտք է ընդհատենք։

-    Հիմար բաներ կխօսիք. մեր աշխատանքը պիտի շարունակուի. վաղ առտու ճիշտ ժամանակին կուգամ զբաղուելու. և ըսի ես իրար ետեւէ հոգիիս խորքէն։

-    Ներեցէ՛ք. բայց գրեր էիք, որ առտուները որսի կերթաք։

-    Այո՛, օ՛ր մը, երկո՛ւ, ո՛չ հաւիտեան. ալ վերջացա՛ւ. և բացականչեցի ես սաստիկ յուզուած։

-    Ա՜խ, այդպէ՜ս. վերջացա՞ւ։ դո՛ւք գիտէք. վէպը ձեր տրամարդութեան տակն է. և ըսաւ, վազեց սանդուղներէն վեր ու մութին մէջ աներեւոյթ եղաւ։

Մնացի քարացած սանդուղներու ոտքին։ Ես բոլորովին ուրիշ կերպ կերեւակայէի մեր վերստին հանդիպումը. անզուսպ ու խելագար բան մը։ Եւ ահա՜ հանկարծ այս պաղ, անտարբեր ու անակընկալ վերջաբանը։

Միթէ, իրա՞ւ, այս բոլորը միայն կձեւացնէ։ Թէ՞ ես եմ հիմար ապուշին մէկը։ Ինքս սիրահարեր եմ ու կերեւակայեմ, թէ ան ալ կսիրէ ինծի։

Է՜, խենթ խաղ մըն էր, գուցէ, այնպէս մէկ երկու օր, սիրախաղ մը, որ եկաւ ու անցաւ։ Ես եմ, որ այդ ամենուն սկսայ լուրջ վերաբերուիլ։ Բայց մի՞թէ այն բոլորը, որ մեր մէջ անցաւ, սովորական բաներ էին, միթէ այ կերպո՞վ կվարուի այդ աղիջկը ամէն տղու հետ։

Ինչո՞ւ ոչ. ահա՜ Միքէն. ինծի հետ ալ նոյն կերպով չսկսա՞ւ. նոյն ձեռքի սեղմումները, նոյն ժպիտները, նոյն կատակներն ու նայոււածքները։

Ի՜նչ գռեհիկ տափակութիւն իմ կ ողմէս, որ այդ հասարակ աշխարհիկ ձեւերը իմ ազնիւ զգացումներուս պատասխանը կածեցի։

Եւ դառն փլուզում մը հոգիիս մէջ կքալէի դէպի տուն։

Աստուա՛ծ իմ, մի՞թէ հնար է, մի՞թէ իրաւ է այս բոլորը։ Կխենթենամ։

 

 

Օգոստոս 12

 

ամբողջ գիշերը անհանգիստ էի։ քունս տարեր էր միայն առտուան դէմ։ Եւ արթննալուս պէս միեւնոյն մտածումն էր գլխուս մէջ. մի՞թէ իմ բոլոր երեւակայածս օդի մէջ դղեակներ էին։ իրա՞ւ է որ Վարդուհին ինծի չը՛սիրէր։

«Ոչ, սիրեր էո ւ կսիրէ». կըսէր հոգիս։ Այս պաղ վերաբերմունքը ցոյց մըն է, իմ երեք օրուան բացակայութեանս վրէժը։ Այսօր կերթամ ու կհարթեմ այս բոլոր անմտութիւնները։

Այս որոշումով սովորական ժամին Շամիրեաննրու պատշգամը ելայ։ Անորոշ զգացում ը, վախի նման անհանգստութիւն մը շնչառութիւնս կխեղդէր։

Դէմս ելաւ սպասուհին։

-    Բարե՛ւ, Մարո՛ւսեա։ Իմա՛ց տուէք օրիորդին, որ եկած եմ։

-    Օրիորդը պարոնին հետ շրջելու ելան. և պատասխանեց սպասուհին։

Կարծես պաղ ջուր լեցուցին վրաս։

-    Ե՞րբ դուրս ելան. և հարցուցի կարելի եղածին չափ անտարբեր շեշտ մը առնելով։

-    Կէս ժամ մը կայ, պարո՛ն։

Պարզ էր։ Այդ աղջիկը հետս կխաղար։ Եւ իր ըրածը պարզապէս անքաղաքավարութիւն էր։ Վերջապէս իրեն հետ զբաղուելու կուգայի. եւ նախապէս գալս իրեն ըսեր էի։

Տուն վերադարձայ շատ ծանր հպոգկեան տրամադրութեան մը տակ։րՊարզ էր, որ աղջկայ կոգիին մէջ չկար զգացումներու այն խորքն ու բոցը, որ հիմա իմ էութեանս մէ կտիրէր։ Բայց ես կխեղդեմ հոգիս եւ կփետռտեմ ե՛ւ սէրս, ե՛ւ բախտաւորութիւնս, եթէ աղջիկը միայն խաղալ կուզէ ինծի հետ։ Ինծի կքաշեն ու ինծի կկապեն միայն խորունկ զգացումները։

Կուզէ ցաւէս խելագարիմ, կուզէ մռենիմ, ցաւագարիմ, միեւնոյն է, իսկոյն ամէն կապ կկտրեմ, եթէ իր սիրտը իմնիս զոյգ չի զարնէր։ Ես չեմ կրնար բաւականանալ կտորտանք զգացումներով եւ ծանծաղ երեսանց յուզումներով։

Պէտք է ամէն ինչ պարզուի. պէտք է ստուգուի եւ անմիջապէս ինչ գնով կուզէ ըլլայ։

Եւ իրիկուան դէմ սեղմուած սրտով, մտքերս խառնակ ու տրամադրութիւնս կոտրուած մտայ անոնց սրահէն ներս։ Տիկինը մեքենայի վրայ կար կկարէր. հրացմուց, որ նստիմ։

Կխօսէինք չիտեմ ինչ, երբ ներսէն հնչեց Վարդուհիին ձայնը.

-    Մայրիկ, կարմիր կազմով նոթաներուս ժողովածուն ո՞ւր է։

Անշուշտ գիտէր եկած ըլլալս, բայց ինծի չտեսնել ձեւացուց. գնաց շիտակ գրքերուն դարակը։ Վերջը հանկարծ ետ դարձաւ դէպի մայրը եւ իբրեւ ինծի նոր տեսնելով.

-    Ա՜խ, դուք հո՞ս էք, պարո՛ն Երուանդ, և բացականչեց հանգիստ. եկաւ, ձեռքս թոթուեց, ինչպէս ըլլալս հարցուց եւ ելաւ սենեակէ, ն ինչպէս կընեն սովորական ու ան կարեւոր հիւրի մը։

-    Ալ չափը լեցաւ. վեր ցատկեցի ու գացի ետեւէն։ Անիկա անշուշտ ոտքիս ձայնը առաւ, բայց չլսելու տուաւ ու մտաւ հիւրասենեակ. ես ալ ետեւէն։

-    Ա՜, հրամմեցէ՛ք. և ըսաւ անփոյթ շարժումով աթոռ մը ցոյց տալով։և Նոթաներուս տետրակը չգիտեմ ո՜ւր են դրեր։ Ա՛խ, այս սպասուհին։

-    Ձեր տետրակը այդ որքան յուզած է ձեզի, և ըսի զուսպ հեգնութեամբ մը։

-    Այո՛, պէտք ունիմ. նուագել կուզեմ։

-    Այն աստիճան, որ ձեր բարեկամին այցը կարծես չէք նկատէր։

-    Ներսը հի՞ւր է եկած. և հարցուց հանկարծ մեծ աշխուժով. և գրաւ կուգամ, որ նկարիչ Սիլիքոն է։

-    Ո՛չ, դժբախտաբար կսխալիք. եկողը միայն ես եմ։

-    Ա՜խ, ձեզի համար կխօսիք. և ինքզինքը սրբագրեց իր կորուստը փնտրելով։

Այս ցուցադիր անփութութիւնը մարսել չկրցայ։ Չըլլա՞յ թէ բնազդս սխալած չէ։ չըլլա՞յ թէ ճշմարիտ որ իր սրտին մէջ մէկ ուրիշը գրաւեր է այն տեղը, որ ես գրաւած ըլլալ կկարծէի։

-    Նարեցէ՛ք, օրիո՛րդ. վայրկեան մը միայն. և ըսի ես չքողարկուած դառնացումով։և Ձեր կորուստը կրնաք միշտ փնրտել. իսկ ես հեռանալէս առաջ հարցում մը ունիմ ձեզի։

-    Ինչո՞ւ այդչափ կշտապէք. և հարցուց ձեռքերը ետեւը կապած։

-    Որովհետեւ ամէն կերպ հկասկցնէք, որ իմ ներկայութիւնս հոս աւելորդ է։

-    Ես այդ տեսակ բան մտածած չունիմ։ Բայց ի՞նչ էր ձեր հարցնելիքը։

-    Ադեօք գիտէի՞ք, որ այս առտու ձեզի հետ զբաղուելու պիտի գայի։

-    Այո՛. երեկ գիշեր ըսիք կարծեմ։

-    Լա՛ւ. ուրեմն ո՞ւր էիք առտուն։

Վարդրուհին ամբողջ հասակովը շտկուեցաւ, աչքերը շեշտ հառեց աչքերուս եւ առանց դէմքի մէկ գիծը շարժելու՝ ծանր ու յստակ ձայնով մը արտասանեց վանկելով.

-    Որսի՛։

Դաշոյնի մը պէս բառը խրեցաւ կուրծքս։ Քեն, զայրոյթ, կասկած ու հանդիմանութիւն վայրկենաբար ցնդեցան։ մնացի անշարժ արձանի պէս։ Իսկ Վարդուհին լուռ անցաւ դաշնակին առջեւը ու սկսաւ նուագել. գիտէր բոլոր թոյլ կողմերս։

Ուրեմն վշտացած էր. իր բոլոր առերեւոյթ անտարբերութեան ու նոյնիսկ զուարթութեան հակառակ՝ ցաւած էր ինծմէ ու խորապէս։

Ու վայրեակն մը սուզուեցայ իր վիճակին մէջ. երեւակայեցի, որ ես եմ իր տեղը, որ կսիրեմ, որ ինքս դէմ կերթամ սիրած տղուս, գրեթէ կգրկեմ. իսկ ան կոպտութեամբ մէկ կողմ կհրէ ինծի եւ ալ ամբողջ օրեր կձգէ, կերթայ։ եւ հիմա ալ կուգայ երեսիս դեռ հանդիմանութիւն կարդալու։

Խոր խղճահարութիւն մը բարձրացաւ մէջս հանկարծ, ծովու հողմակոծ ալիքներու նման. զգացի, որ ամենակոպիտ կերպով եւ կոշտ եսականութեամբ վիրաւորած էի այդ փափուկ ու չքնաղ արարածը, որ ինծի կնուիրուէր եւ որ սրտիս կեանք կուտար։

Դաշնակէն հոսող երազուն եղանակ մը զգացումներս աւելի կսրէր, զղջումս այն աստիճանին հասաւ, որ աչքերս արցունքոտեցան ու հանցաւոր տղու մը պէս ուզեցի երթամ ու ներում խնդրեմ։ Բայց ասիկա մտածմունք մըն էր տեսական, որուն գործանակն կեպը պէտք էր գտնել։

Մօտեցայ դաշնակին ու թեթեւ մը ուսին դպայ. աղջիկը ցնցուեցաւ, ընդհատեց ու հարցական նայեցաւ ինծի։ Ինչպէ՜ս գեղեցիկ էր։

Հոգիիս խորքէն կուզէի անհամար համբոյրներով ծածկեմ իր թեթեւ մը կծկուած շրթունքները, իր յուզումէն շիկնած այտերը, ամառուան երկնքին պէս մաքուր ճակատը եւ իր բնաւորութեան նման անառակ խոպոպիկները։ Կուզէի։ բայց իր նայուածքին մէջ լրջութիւն մը կար, որ սանձ կդնէր զգացումներուս. եւ ես չէի հանդգնէր գոնէ առաջուան չափ համարձակ վարուելու։

-    Կուզէ՞ք, որ պտոյտ մը ընենք. և ըսի ես յաշտութիւն խնդրող ժպիտով մը

-    Ուշ է. հիմա արեւըմ այր մկտնէ. և պատասխանեց իր քենը պահել ուզելով։

-    Ի՞նչ փոյթ. հեռու չենք երթար։

-    Ձեզի նեղութիւն տալ չեմ ուզեր. և եղաւ իր բացատրութիւնը։

-    Հերի՛ք է, թողե՛ք. և ըսի ես խոնարհ ու աղաչող ձայնով մը. և ելէ՛ք, երթա՛նք։

Առանց բառ մը արտասանելու ելաւ, ժակետը նետեց ուսերուն ու մեկնեցանք։

Նախ լուռ էինք։ Մաքուր, մութևկապոյտ մըն էր վրանիս. հոս ու հոն ամպի ծուեններ հայեացքի միօրինակութիւնը կաւրէին։

Քովերնուս գիւղացի մը անցաւ, նայեցաւ մեզի ու նշանակալից կերպով ժպտեցաւ։

-    Այդ մարդը ինչո՞ւ խնդաց. և հարցուցի։

-    Ես ի՞նչ գիտեմ. իրեն հարցուցէք. և պատասխանեց աղջիկը։

-    Թէեւ գիւղացին ալ, աղջիկն ալ, ես ալ շատ աղուոր իրար հասցեր էինք։ Ամէն պարագայի գիւղացիին այդ ժպիտը խօսակցութեան ծայր տուաւ։ Գիւղի կեանք, բարք, սովորութիւններ, գիւղի ու քաղաքի տարբեր հոգեբանութիւն։ Կխօսէինք, Վարդուհին իր տպաւորութիւններն ունէր գիւղական կեանքի իր նախորդ տարիներու ամառնային օերերէն Կովկասի բոլորովին տարբերևաբրեր անկիւններուն վրայ։

Ու կխօսէինք շատ հանգիստ. կարծես նոր կծանոթանայինք իրարու. կարծես մէջերնիս ոչինչի անացծ չէր, ո՛չ հինը, ո՛չ նորը։

Միայն խօսլու ատեն, երբ քովնդի գաղտնի ակնարկ մը նետեցի իր դէմքին, հրճուանքով նշմարեցի, որ նոյն տեսակ ծածուկ նայուածք մը աչքերուս առջեւէն անմիջապէս խուսափեց։

Սկսաւ մթնել. անաստղ, սեւ մութ մը։

-    Դառնա՛նք. և ըսաւ Վարդուհին։

-    Դեռ կանուխ է։ հեռու չենք տունէն։

-    Քիչ մը հոգնած եմ. և առարկեց։

-    Առէ՛ք թեւս։

Նայեցանք իրարու եւ սկսանք խնդալ. բայց եւ այնպէս մերժեց.

-    Շա՛տ շնորհակալ եմ, հարկ չկայ։

Այս մերժումը դարձաւ մեր քեներուն վերջին կաթիլը. ու բաժակը հորդեց.

-    Բայց պէտք է, որ մտնօք թեւս. և ըսի դաստակէն ամուր մը բռնելով։

Կեցաւ, երեսս նայեցաւ՝ վայրկեան մը մութին մէջէն եւ թող տուաւ, որ իր աղուոր ձեռքը թեւս անցնեմ։

-    Կզարմանամ միայն մարդկային հոգիի փոփոխութիւններուն վրայ։

Ա՛ս եղաւ իր ժպտուն փիլիսոփայութիւնը։ Եւ իրաւ էր։ Դերերնիս հիմնապէս փոխեր էինք. առաջ ինքը կուզէր բռնի թեւս մտնել, հիմա ես բռնի թեւս կառնէի։

Բայց այդ վարյկեանին ես այլեւս անկարող էի այդ կարգի բաբակ բաներուն ականջ կախելու. բոլոր ուժովս սեղմեցի բազուկիս ու կրծքիս հանձնուած իր սիրելի թաթիկը։

Վարդութին սկսաւ նորէն խնդալ. ջղային, անբնական, խենթ խնդուք մը։

-    Տո՛ւն դառնան, ք տո՛ւն դառնանք. և կրկնեց հանկարծ շատ լուրջ։ ու թեւը թեւէս ազատեց։

Կհասկնայի. նախորդ դէպքերը ինծի փորձառուէ ին ըրեր. ան ալ հիմա ինծի նման կփախչէր։ տեղի տալ չէր ուզեր։

Իրենց սանդուղներուն ոտքը հրաժեշտ առնելու ատեն նորեն թեւը բռնեցի։

-    Ինծի հանգիստ ձգեցէք. և ըսաւ լուրջ, բայց չկրցաւ լրջութիւնը պահել ու խնդաց։

-    Վրաս շա՞տ էք բարկացած. և հարցուցի ես։

-    Ես բարկացած չեմ եւ ինչ իրաւունք ունիմ ձեր վրայ բարկանալու. և պատասխանեց խնդուքին մէջէն։

-    Այդպէ՞ս։ Իսկ ինչո՞ւ կխնդաք։

-    Ո՛չ ալ կխնդամ. և պատասխանեց խնդուքին մէջէն։

-    Ատիկա պատասխան չէ։

-    Դիցո՛ւք. ձեզի ին՝ թէ ինչո՞ւ բարկացած եմ կամ ինչո՞ւ կխնդամ։ Ձգեցէ՛ք թեւս։

-    Չեմ ձգեր թեւերնիդ մինչեւ պատասխան չտաք։

-    Բռնութի՞ւն։

-    Անուանացէ՛ք ինչպէս կուզէք։

-    Ի՞նչ տարօրինակ տղայ էք դուք։

Վայրկեան մը մտածեց ու հանկարծ աւելցուց աւելի հաշտ ձայնով.

-    Աղե՛կ. ձգեցէ՛ք թեւս. վաղ առաւօտ եկէ՛ք ձեզի պատասխանեմ։

-    Կխոստանա՞ք։ Չէ՞ որ առտուները որսի կելլէք. և ըսի քմծիծաղ։

-    Այո՛. օ՛ր մը, երկո՛ւ. ո՛չ յաւիտեան. ալ վերջացա՛ւ. և պատասխանեց աղջիկը երեկ իրիկուան բառերս ինծի վերադարձնելով վերին աստիճանի անուշ կատակով մը։

Երջանկութենէ յորդող սրտով երկու ձեռքերուս մէջն առի իր ձեռքը, կամաց մը բարձրացուցի ու սեղմեցի շրթունքներւոս։

Ու մութին մէջ լուռ իրարմէ բաժնուեցանք առանց որեւէ ուրիշ բառի։

 

 

Օգոստոս 13

 

Դեռ բաւական հեռուէն նկատեցի, որ Վարդուհին պատշգամը նստած խոշոր թերթ մը ոնիձ եռքը։ Տեաւ ինծի, բայց իր թերթէն աչքը չբարձրացուց ու տեղն չերերաց։

Մօտեցայ իրեն։ թափանցիկ ճերմակ շրջազգեստ մըն էր հգած, որուն բարակութեան տակէն յստակ կերեւէին ի փղոսկրէ թեւերը իրենց աբողջութեամբ Ժպտեցայ ու բարեւեցի։

Չպատասխանեց, միայն թերթը վրաւ մեկդի, ելաւ ոտքի. ու միասին իջանք պարտէզ, ուր փայտէ սեղանին վրայ մզեի կսասէր «Դաւիթ Բէկը» մէկևերոկւ տետրակներու ընկերակցութեամբ։

Երբ անցանք մեր բաղեղապատին ետեւը՝ մատովը իմ սովորական տեղս ցուցուց։ Նստեցայ, ինքն ալ դէմս։

Վայրկեան մը լուռ էինք ու կսպասէինք իրարու խօսքի։ վերջապէս լռութիւնը ես խզեցի.

և Օրիորդ, խօսոտւմնիդ։

և Ի՞նչ խոստում։և հարցուց մեծ զարմանքով։

և Պիտի ըսէիք, թէ ինչո՞ւ վրաս բարկացած էք։

Հիմա ես ձեզի պիտի ըսեմ ուրիշ շատ աւելի աղուոր բան մը։

-    Ի՞նչ բան է ատիկա։ Կլսե՛մ։

-    Պիտի ըսեմ, որ դուք չափազանց անհոգ, եսասէր ու անքաղաքավարի մէկն էք։

Այնքան անակնկալ էր, որ ոտքի ելայ ակամայ։

-    Նստեցէ՛. ըսաւ հանգիստ շեշտով մը։և Ի՞նչ կանուանէք դուք այն տղան, որ աղջկան մը օգնել խոստանալով, օրերով կձգէ ու կանհետանայ։ Եւ միթէ ձեր հիմար որսը աւելի՞ հետաքրքիր էր ձեզի համար, քան մեր այս միասին ըլլալը։

-    Ամենեւի՛ն. և բացականչեցի ես կատարեալ սրտաբացութեամբ. և բոլորովին ընդհակառակը։

-    Ի՞նչ կանուանէք դուք այն տղան, որ հանկարծ օձէ խայթուածի պէս կձգէ, կերթայ, երբ անոր կուրծքը մեխակ մը անցընել կուզեն։

-    Այդ տղուն անունը «տխմար» է. և պատախսանեցի ես կատարեալ լրջութեամբ։

-    Ի՞նչ կանուանէք դուք այն տղան, որ քիթ ու բերանը թիզ մը կկախի, երբ իր անշնորհքութիւնը իրե հասկցնել կուզեն. եւ զայրոյթի ձեւեր կառնէ. ըսէ՛ք, այդ տղան ի՞նչ կանուանէք դուք։

-    Անուանեցէ՛ք ինչևոր կուզէք, հանդիմանեցէ՛ք ինչպէս կուզէք. կատարեալ իրաւունք ունիք։ Միայն թէ խօսեցէք, շարունակ խօսեցէք, որ լսեմ ձեր այդ աննման ձայնը։ Նայեցէ՛ք ինծի մեղադրանքով ու բարկութեամբ, կատարեալ իրաւունք ունիք. միայն թէ նայեցէ՛ք ինծի այդպէս շարունակ, երբ ձեր աչքերուն մէջ յուզումը կվառի։

-    Լուրջն ու ժպիտը հանկարծ խառնուեցան իրար Վարդուհիին դէմքին վրայ եւ շրթունքները վայրկեան մը շփոթեցան, չիմացան ինչ պատասխան տան։ Բայց վայրկեան մը միայն ու եկաւ պատասխանը զարմանալի գգուող նայուածքի մը հետ։

-    Գեղեցիկ խօսքեր ըսել գիտէք ուրեմն։ Այդ բոլոր միայն հիմա՞ զգացիք։

Հազիւ էր նախադասութիւնը լրացուցեր, որ հանկարծ ձայնը կտրեց ու խոժոռած նայեցաւ ետ. խիճերուն վրայ քալուածքի ձայն կուգար։

Արագ մօտեցաւ սպասուհին։

-    Ի՞նչ կայ. և հարցուց Վարդուհին։

-    Պարոնին տունէն տիկինը մարդ է ղրկած, որ պարոնը անմիջապէս տուն վերադառնայ. կարծեմ հիւր է եկած։

-    Հի՞ւր. և կրկնեցի ես ակամայ ու սաստիկ դժգոհ։ Ու վարանոտ կնայէի հեռացող սպասուհիի ետեւէն առանց տեղէս շարժուելու։

-    Ելէ՛ք, ելէ՛ք գացէք. արդեն ձեր ուզածն ալ երեւի ատիկա էր. և ըսաւ աղջիկը սրտնեղ։

-    Սակայն այս անգամ, ա՛յ, անիրաւ էք, և ըսի ես խորապէս վշտացած ու քայլ մը ընելով դէպի իրեն՝ ինքս ալ չգիտեմ՝ ի՞նչ ըսելու կամ ի՞նչ ընելու համար, որ հոգիս արտայայտել կարողանամ։

-    Գացէ՛ք. գացէ՛ք. և կրկնեց ան հրամայական շեշտով մը։և Դէպի ինծի անքաղաքավարի ըլլալը արդեն ձեզի սկզբունք էք շինած. գոնէ դէպի ուրիշները քիչ մը աւելի զգոյշ եղէք։

Ու քայլ մը քաշուեցաւ աւելի ետ, մեր մէջ եղած տարածութիւնը մեծցնելու համար.

-    Գացէ՛ք։

Տեսակ մը վռնդուածի պէս ու պոչը կծկած շան մը պէս դուրս եկայ իրենց պարտէզէն. գազազած էի ինձմէ ալ, իրմէն ալ, մերիններէն ալ, եկած հիւրէն ալ։

Մեր ամառանոցին մուտքին առջեւը կեցած էր բաց կառք մը. ո՞վ պիտի ըլլար. հանկարծ ճանչցայ հօրեղբօրս կերպարանքը, որ կեցած էր ցանկապատին կռթնած. մէկ շունչով վար վազեցի։

 

Օգոստոս 14

 

Ուխտի։ Սեւան կերթանք ուխտի։ Եւ Վարդուհին հետս։ Երազ է. ուրախութենէս ինչ ընելս չգիտեմ։

Բայց կարգով։

Հօրեբղայրս Թիֆլիսէն քանի մը ընտանիքներու համար հանձնարարութիւններ ու կարգադրելիք բաներ ունէր. եւ ուրիշներու համար ալ բաւական մանրևմունր բաներ էր բերած։

Իրիկուան դէմ այդ բոլոր իրերով բեռնաւորուած հօրեղբօրս հետ գացինք գիւղ տունէևտուն տնօրհնէքի պէս. ամէն տեղ ալ խօսք ու զրոյց, վերադարձանք բաւական ուշ։

Մեր բացակայութեան տիկին Շամիրեան եկած էր հօրեղբօրս բարիևեկաք ըսլեու եւ Թիֆլիսէն նոր լուրերու։ Տեսնելով որ շատ կուշանայ հօրեղբայրս՝ դարձեր է տուն, ըսելով որ այս իրիկուն այլեւս անհանգստութիւն պատճառել չուզէր նոր եկած ճամփորդին, կուգայ վաղ ը առտու տեսակցելու։

Եւ այս առտու անհամբեր կսպասէի իրենց գալուն։ Վստահ էի, որ Վարդուհին միասին է գալու։ Չսխալուեցայ. եկան ամբողջ ընտանիեքով՝ մեծ ու զպտիկ։

Թիֆլիսի մասին երկար հարցուփորձերէն ետքը, խոսակցութեան ընթացքին հօրեղբայրս յայտնեց, որ ինքը հիմա եկած էր յատկապէս Սեւանի կղզին երթալու համար. կիրակի օրը Վարդավառ էր եւ Սեւանի վանքին ուխտի օրը։ Ես ալ դեռ բան մը չգիտէի. այր ու կին իրենք իրենց մէջ խօսեր ու կարգադրեր են։ Եւ առաջին տպաւորութիւնս աւելի զարմանք եղաւ, քան ուրախութիւն։

Բայց ուրախութիւնը իսկոյն ծայր տուաւ, երբ հօրեբղօրս կինը շատ լրջօրէն առաջրակեց Շամիրեաններուն, որ միանան մեզի եւ միասին երթանք Սեւան ուխտի։ Շամիրեաններուն համար սկիզբը այնպէ՜ս, քաղաքավարական խօսք մըն էր միայ, ն բայց եբր հօրեղբայրս ալ սկսաւ պնդել իր կնոջ առաջարկը եւ երբ ես ալ ոտքովևգլխով մէջ նետուեցայ Սեւանի լիճն ու կղզին տեսնելու եւ գիւղական ուխտագնացութիւն մը մօտէն ապրելու գեղեցկութիւնն ու հետաքրքրութիւնը ընդգծելով նկարչի մը համար, տրամադրութիւնները փոխուեցան կարծես։

Քիչ մը սկսան մտածել, վարանիլ, բայց ոչ երկար։ տիկին Նատալինա կրօնասէր կին էր ու բարեպաշտ եւ մեր տիկնոջ հետ աղուոր պտոյտով ուխտի մը երթալը հրապոյր ունէր. պարոն նկարիչը, այո, Սեւանի լիճը տեսնել կցանկար, հարմա առիթ էր. Կաեան սկսաւ ցատկրտել մօր գիրկն ի վեր, երբ լխի ինկաւ, որ մէկևերկու օրով կառքով պտոյտի մասին է խօսքը. իսկ Վարդուհին հարցը դրաւ շիփևշիտակ.

-    Մամա՛, ես դեռ ուխտի չեմ եղած։ կուզեմ, որ երթանք։

Մայր ու տղայ քիչ մը իրար երես նայեցան ու հարցը վճռուեցաւ. եւ հանկարծ բռնկուեցաւ ընդհանուր ոգեւորութիւն մը։ Գնումներ, կարգադրութիւններ, աշխատանքի բաժանում ուտելիքի պատրաստութեան համար. կառքերու հարցը հօրեղբայրս հանձն առաւ. որոշուեցաւ վաղը կէսօրին ճամփայ իյնանք. եւ Շամիրեանները մեկնեցան տուն։

Վարդուհին կատարեալ երեխայ էր դարձեր, իր փոքր քրոջ նման բան մը, կխնդային, կխօսէին, կվազէին։ Իմ ու իր աչքերը իրար կփնտրէին շարունակ եւ մեր նայուածքէն խոր ուրախութիւն կկաթէր. թէեւ հակառակ իմ քանի մը լուրջ ջանքերուս, խուսափեց հետս առանձին մնալէ եւ չպատասխանեց, երբ ծածուկ իր ձեռքը սեղմեցի. խռովկան կխաղար հետս։

Իրիկունը գացի Միքայէլը տեսնելու։ առանց ոչինչ յայտնելու կարելի չէր մեկնիլ։ իրենց տան դուռը կեցած՝ բռներ էր կովուն գլուխը մինչ քոյրը կկթէր։

Յայտնեցի մեր մեծ նորութիւնը, մեր ու Շամիրեաններուն ուխտագնացութիւնը, նոյնիսկ առաջարկեցի, որ ընկերանայ մեզի, թէեւ վախէն ձայնս դողաց, միգուցէ առաջարկս ընդունի։ ԽՇնորհակալութեամբ հրաժարեցաւ։ եւ ես չգիտէի՝ ինչո՞վ փոխարինեմ իր այդ աղուոր մերժումը։ երախտագիտութեան պէս բան մը կզգայի ընկերոջս հանէպ։ Իրարմէ բաժնուեցանք իրարու պայծառ Վարդավառ մը մաղթելով։

 

Օգոստոս 17

 

Շաբաթ օրը կէսօրէն քիչ մը առա կառքերը մեր դռանն էին։ Կառք մը մեզի համար, կառք մը Վարդուհիենց. իւրաքանչիւրին մէջ ուրեմն չորսական հոգի. ամառանոցներուն տէր ու պահապան կմնային սպասուհիները։

Երկւ կառքերուն մէջ ամէն ինչ տեղաւորելէն ու կակպելղէն ետքը՝ երբ կարգը հասաւ նստելուն, ես բացեիբաց յայտարարեցի, որ նսելու եմ Շամիրեաններու հետ։ Հօրեղբօրս կինը քիչ մը առարկել ուզեց, թէ անոնք արդէն չորս հոգի են եւ թէ անոնց նեղութիւն պիտի պատճառեմ։ Շամիրեանները չորսը մէկևբերան քուեարկեցին ի նպաստ իմ առաջարկիս, ե՛ւ շատ կտրու, կ ե՛ւ շատ սիրալիր։

-    Եկէ՛ք. ըսաւ Վարդուհին առանց այլեւայլութեան իր քովը նստած Կաեան գիրկը առնելով։

-    Պայմանով, որ Կաեան գրկած պահելու պատիւը ինծի տրուի. և ըսի ես երեխան Վարդուհիի գրկէն առնելով։

Եւ երեխան ամբողջ ճամփու ընթացքին քանի մը անգամ գիրկէ գիրկ անցաւ եւ ամենուս գիրկերէն։ Երկու անգամ ալ քոյր ու եղբայր իրենց տե ղերը փոխեցին՝ ճակատը նստած ըլլալու պատիւէն ու համարութենէն զուր չկմնալու համար։ Ինծի ալ առաջարկուեցաւ այդ պատիւն ու հանգստաւէտութիւնը, որ ես համեստ)րէն մերժեցի։ Ինծի ցանակլի եղող ե՛ւ հարմարութիւնը, ե՛ւ բախտաւորութիւնը ես արդէն ունէի. Վարդուհին կա՛մ քովս էր ամբողջ մարմնով ինծի սեղմուած, կա՛մ դէմս էր ոտք ու ծունկով ինծի հենած եւ աչքերը աչքերուս։

ու զարմանալի կերպով իրենց կառքը բարձրացած վայրկեանէս կարծես բան մը փոխուեցաւ մեր յարաբերութեան մէջ. մտերմութիւն մը բոց առաւ հանկարծ. կարծես ընկանիքին անդամը դարձայ։

Տիկին Նատալիան մէկևերոկւ անգամ ուղղակի անունովս կանչեց ինծի «պարոնը» մոռնալով։ Պարոն նկարիչը երբեք այսպէս հարազատ չէի զգացած. ե՛ւ վարմունքը, ե՛ւ խօսուածքը։ Եւ հրաշալի ալ տրամադրութեան մէջ էր. երբ կառքերը Դելիջանի զիկզակներով վեր կմագլցէին՝ ինքը ոգեւորուած կպատմէր մեզի առաջին անգամ իր Ռուսասատն անցնիլը Դարեալի կիրճով։ կպատմեր մանրամասն ու համով, հիւսելով իր պատմածին քանի մը ծիծաղաշարժ արկածներ։

Մէկևերոկւ անգամ երգեցինք միասին։ Կատեան խենթի պէսկպոռար երկու ձեռքերով վզիս փաթթուած։ Ելքի դժուար մասը անցնելէն ետքը, սարահարթին սկիզբները՝ իջանք կառքերէն, ծառերուն տակը, ճռիկ աղբիւրի մը քովիկը թեթեւ նախընթրիք մը ընելու եւ ձիերուն հանգիստ եւ ուտեստ տալու կէս ժամուայ չափ։

Չիբուխլու գիւղը անցնելէն ետքը, երբ լեռնադաշտին մէջ խճուղին ոլոր մըն ալ ըրաւ՝ հանկարծ երեւցաւ դէմերնիս Սեւանի ծովուն երկնագեղ հայելին։ Ամենքս հիացած կնայէինք եւ մեզմէ ամէնէն աւելի հիացածը մեր նկարիչը. իսկ հասակաւորները ջերմեռանդօրէն խաչ կհանէին։

Քիչ մը վերջը ճամփան ծովուն զուգահեռ կերթար, ու դէպի ծովը կհաւասարէր կամացևկամաց։ Իրիկուն էր արդն. ու կդիտէինք լոյսերուն խաղը ծովու ալիքներուն եւ դէմի կղզիին ժայռերուն վրայ։

Սեւանի քովէն ես անցեր էի քանի մը անգամներ եւ միշտ ալ մեր այդ լեռնային ծովակը մեծ ուրախութիւն էր տուած ե՛ւ աչքերուս, ե՛ւ հոգիիս։ Բայց այս անգամուան ստացած տպաւորութիւնս բոլորովին ուրիշ բան մըն էր. մէյ մը Վարդուհիիս հարբած ու հիացած աչքերուն կնայէի, մէյ մը ծովու ծփանքներուն ու ցոլքերուն. ան ալ աչք մըն էր. անոր մէջն ալ կարծես Վարդուհիիս հոգին կար. ան ալ կժպտէր երեսիս։

Կառքերը կեցան ջուրէն ոչ հեռու։ Առաջին զգացածս անուշ խշրտուք մը եղաւ եզերքէն, ուր ալիքն ու փրփուր քաղի էին ելած ափի խիճերուն հետ։

Քիչ մը հեռուն խմբուած էր գիւղացիներու ստուար խումբ մը, որոնք մեզի պէս ուխտի էին եկած իրենց կապոցներով։ Քանի մը հրացան պարպեցին։ ես ալ քանի մը գնդակ ղրկեցի օդը արտճանակէս, որ կղզիէն նաւակները գան։ Եւ իրաւ կղզիի մեզի դարձած կողմէն ու խորշի մը մէջէն ծառերուն տակէն երեք նաւակ բացուեցան քիթը բռնած դէպի մեզի։

Երկու աւելի խոշոր ու լայնափոր նաւակներուն մէջ լեցուեցան գիւղացի ուխտաւորները, աւելի փոքր՝ երրորդ նաւակին մէջ տեղաւորուեցանք մենք։ Նաւակները ցամաքէն կտրուելնուն պէս զուռնաչիները սկսան իրենց արեւելեան եղանակները մեր առջեւի նաւակէն։ Պառաւները երկիւղածութեամբ պղնձէ թասով ծավակին ջուրը կխմէին. երիտասար դաղջիկներ, իրենց երփներանգ զգեստներուն մեջէն, ուր տիրող գոյնը կարմիրն է, ր եւ իրենց երկար ու սեւ հիւսքերուն տակ գրաւիչ՝ մեզի կդիտէին հետաքրքիր, «քաղքցիները» ու «քաղքցի» աղջիկը, որ անոնց աչքին անշուշտ նախանձելի էակ մը կթուէր իր բարակ բացևվարդագոյն շրջազգեստին մէջէն եւ իր կարճ մազերուն խոպոպիկներովը, որոնք հարդէ լայնեզր գլխարկին տակէն առատութեամբ ուսերուն վրայ կծփային։

Զուռնային սուր ձայնը քանի կերթար կսաստկանար. մեծ աղմուկ էր նաւակներուն մէջ. կխօսէին, կխնդային, կխմէին։ Մերոնք լուռ էին ու կնայէին քաղքցու հպարտութեամբ։

Ես ալ կդիտէի այդ խումբը ու կզգայի, որ տարիներու մշուշին ետեւէն կվերակենդանանային հին ու սիրելի մանկական յուշեր ու պատկերներ աչքերուս ու հոգիիս դէմը։ Կվերհիշէի մանկութեանս ուխտագնացութիւնը Ախթամարի կղզին։ Ու կզգայի, որ տարտամ թախիծ մը, հաճոյք, ցաւ ու կարօտ իրար խառնուած կանձրեւէր հոգիիս մէջ։

Այդ խարխուլ նաւակները, ալիքներուն այդ ծփանքը, թմբուկին պինդ զարկերը, այդ կանացի խայտաբղետ արդուզարդը, այդ առողջ, արեւառ առնական դէմքերը, այդ հաստ ու բամբ ձայները, որ աշխատաւորի ուժեղ կրծքէն կխուժեն, այդ բոլորը որքա՜ն ծանօթ ու հարազատ էր ինծի։

Երբ կղզի հասանք, մեզի դիմաւորեց հոգեւորական մը եւ առաջնորդեց վանքի ամէնէն շնորհքով սենեակը, այսպէս ըսուած «պատուաւոր» հիւրերէն էինք։ Բաւական ընդարձակ պարզ ու մերկ սրահ մըն էր, որուն մէկ անկիւնը արդեն բռնած էր ուրիշ խումբ մը, գորգերը փռած ու տեղաւորուած։

Դիմացի անկիւնը, պատուհաններուն տակ բռնեցինք մենք եւ ըրինք միեւնոյնը։ Մթնելու վրայ էր ադրեն։ հօրեղբօրս առաջնորդութեամբ բոլորս միատեղ գացինք տաճար սրբութիւնները համբուրելու։

Փոքր, մութ եկեղեցի մըն էր. խորանին առջեւ վառուող բազմաթիւ մանր լոյսերը եւ խլրտող բազմութիւնը, որ երկիւղած կաղօթէր, վրաս ազդեցին. անոնք ալ հարազատ կէտեր էին մանկութեանս յուշերէն։

Տիկինները մոմերնին վառեցին, աղօթեցին, լացին եւ երբ ամէն պարտաւորութիւն վերջացաւ՝ դուրս եկանք։ Մեր ընթրիքը շատ կարճ տեւեց. ամենքը հոգնած էին. ծածկոցներու մէջ կերպ մը փաթթուեցան ու պառկեցան, առտուն կանուխ պիտի ելլէին ժամերգութեան ներկայ ըլլալու։

Վարդուհին, եղբայրն ու ես ելանք ուխտաւորներուն մէջ պտոյտ մը ընելու։ Սենեակներուն առջեւը, հրապարակին մէջտեղը, ծառերուն տակ՝ ամէն կողմ խմբուած էին գիւղացիները։ Հոս պզտիկներուն խժլդուքը, գետնի մէջ փորած օճախներու վրայ փայտէ շամփուրներով դարձող խորովածին հոտը, մատաղներու պատրաստութիւնը եւ վանքի պաշտօնեաներուն իրարանցումը։ Անդին երիտասարդներուն աշխոյժ պարը զուռնայի եղանակներուն տակ. քիչ մը անդին աղջիկներուն ազատախօս անուշ երգերը, ուր առիթէն օգտուելով կթափեն իրենց սրտի ամիսներով ծածկած յուզումը, կկանչեն «եարը» ու կգովեն։

Ամէն աղջիկ, երբեմն խմբով, երբեմն առանձին, սուր ու համարձակ ձայնով ու սրտին խորէն կերգէ իր իղձը. եւ ո՞վ գիտէ՝ մօտը կեցած երիտասարդներէն որուն հոգին կխոռվէ. եւ կտրիճը ալ չի դիմանար, ընկերներուն հետ կմիանայ աղջիկներու շրջանին։ Շրջանը կմեծնայ, երգերը աւելի կշեշտաւորուին, սրտերը կալեկոծուին։ Մանչ ու աղջիկ փոխնիփոխ կերգեն տունևտուն բացարձակ իրարու հետ սիրաբանելով երաժշտօրէն. եւ պարը կդառնայ ու կդառնայ խենթ մտածման մը նման, որ ուղեղէդ դուրս չելլէր։

Մենք ու ուղղուեցանք ծառերուն տակէն դէպի ծովեզր. եւ պահ մը գիւղական երգերու եւ երաժշտութեան ընդհատումին մէջէն լսուեցաւ ծովուն անդորր ծփանքը եւ ոտքերնուս տակի խիճերուն խշրտուքը։ լուսնի խոշոր մահիկը ծառերուն սաղարթին մէջէն լոյսի ցանց մը կնետէր ծովափին վրայ։ Այդ ցանցին մէջ կաշկանդուած կքալէինք գրեթէ լուռ ու երազկոտ։

Երբ վերադարձանք մեր սրահին դուռը՝ նկարիչն ու քոյրը գիշեր բարի մաղթեցին ու մտան ներս պառկելու։ Իսկ ես նստեցայ դռան սեմին վրայ. արմունկներս ծունկերուս դրած եւ դէմքս առած ափերուս մէջ՝ սկսայ նայիլ ու խորհիլ։ Այն բոլորը, որ դէմս կպատկերանար այդ հինաւուրց ծառերուն տակ, այդ բոլորը տեսած էի ես շատ թարմ տարիքիս իմ ծննդավայրս, հայրենիքիս մէկ ուրիշ անկիւնը։ Արագ սկսան դուրս լող ալ յուշերուս ծովէն սուրբ ու մոռցուած տեղեր ու դէմքեր. սուր կարօտ մը արթնցաւ մէջս ու յուզումս հասաւ իր գագաթնակէտին։

Ամէն աչքէ հեռու, մինակ ու մութին մէջ ձգեցի ջիղերուս սանձը ազատ, առանց քաշուելու եւ արցունքներս սկսան հոսիլ։

Բայց սխալած էի. հանկարծ ստուեր մը երերաց դռան սեմին վրայ եւ մէկը նստեցաւ քովս.

-    Ես ալ քուն չունիմ. և ըսաւ խնդալով։

Բայց լուսնի աղոտ լոյսին տակ երեւի արցունքս նշմարեց իմ քողարկումի ճիգերուս հակառակ եւ բոլորովին փոխուած ձայնով մըն էր, որ հհարցուց.

-    Բայց ի՞նչ ունիք. ինչո՞ւ կուլաք. ինչո՞ւ էք այդպէս կծկուեր։

Երկու ձեռքով ամուր բռնեց թեւս ու սեղմուեցաւ ինծի։

-    Ոչի՛նչ չկայ. և ըսի ես կէս մը ցաւով, կէս մը քնքշանքով։և Ջիղերու գրգռո՛ւմ եւ հին օրերու վերյո՛ւշ։

-    Պատմեցէ՛ք ինծի ինչ որ հիմա կմտածէիք, ինչ որ կզգայիք, ինչ որ ձեզի կլացնէր. բայց պէտք է պատմէք ամէն ինչ. և ընդգծեց ան վերջին բառերը։

-    Խրթին բան մը չկայ, ո՛չ ալ ծածկելիք։ Ես ալ ձեզի պէս ունիմ ծնող, եղբայր ու քոյրեր, որոնք չեմ տեսր քանի՜ տարիներ. ունիմ հայրենի տուն մը, ծովակ, այգեստան, հեռո՜ւ ու հեռո՜ւ։ Կմտածէի՝ ո՞վ գիտէ հիմա ինչ կընէ մայրս. ո՞վ գիտէ որքան հիմա մեծցա են քոյրերս, ամէն մէկը ձեզի պէս հասուն ու սիրուն աղջիկ մը։ Այդ պարը կտեսնէ՞ք. գուցէ ատոր նման շղթայի մը մէջ կդառնան այս գիշեր քոյրերս ու իմիններս։ Եւ այդ գիւղական երգերն ու ոստումները, որ արեւմտեան ճաշակին կրնայ մեծ բան մը չխօսիլ, իմ սրտիս ամէնէն զգայուն թելերուն կզարնէ։ Իմ ժողովուրդիս սրտին ձայնն է ատիկա եւ անոր ուրախութիւնը. իմ սրտիս ձայնն է ատիկա։

-    Այո՛, շիտա՛կ է, և վրայ բերաւ իսկոյն Վարդուհին։և Ես արդեն սկսած եմ հասկնալ. դուք շատ էք հայ. մեծցած էք հայ միջավայրի մէջ եւ ստացած էք հայ կրթութիւն. ձեր հոգին չէ թռուած, շատ աւելի միաձոյլ էք։ իմ կրթութեանս մէջ շատ կան օտար գծեր, օտարով ոգեւորութիւն, գուցէ եւ օտար զգացումներ։ Ձեր կեանքը որոշ նպատակ մը ունի. դուք կեանքի մէջ որոշ բան մը կփնտրէք, դուք գիտէք, որ դեր մը ունի. հայ ըլլալու, հայութեան ծառայելու գիտակցութիւնը. ձեզի համար կեանքը կոչում մըն է. եւ ատոր համար ալ ձեր հոգին թռիչք ունի. դուք թեւեր ունիք. հայու թեւեր. օտար ժողովուրդի թեւերով մարդ չի կրնար թռչիլ։ եւ ատով է բարձր ձեր հոգին։

Ես խորին զարմանքով ու խորին հաճոյքով քարացած՝ ականջ կդնէի իր ըսածին։ Եւ զգացի, որ հպարտ եմ իրմով. զգացի, որ ոչ միայն կսիրէի այդ աղջիկ, ը այլ խորապէս կհարգէի։

Իմ այդ զգացումիս բնական արտայայտութիւնը եղաւ, երբ ըսի իրեն հիացումով.

-    Չէք կրնար երեւակայել, թէ դուք ինքներդ ինչքան բարձր էք իմ աչքիս. եթէ իմ առաւելութիւնս իմ աւելի միաձոյլ կրթութեանս մէջն է, ձեր առաւելութիւնը ձեր հոգիի բնական նրբազգացութեան ու ինքնաբեր բարձրութեան մէջն է։

Վարդուհին խնդաց, կարծես քիչ մը իրեն անհարմար զգաց. կամաց մը ելաւ ոտքի եւ ըսաւ.

-    ԳԻտէ՞ք ինչ կայ. քանի որ երկուքս ալ այսպէս հիացած ենք իրար բարձրութեամբ, լաւ է՝ այդ բարձրութեան վրան ալ մնանք եւ այդ բարձրութեան վրան ալ երթանք պառկելու։ Գիշե՛ր բարի։

Եւ ոգիի մը նման ինչպէս ելեր էր դուռնէն, այդպէս ալ արագ ու թեթեւ սպրդեցաւ ներս։

Իսկ ես դեռ երկար կպտտէի դուրսը միայնակ։ Ուխտաւորները քալելէն, ցատկելէն ու խմելէն հոգնած՝ խմբովին փռուեր էին իրենց խսիրներուն ու կարպետներուն վրայ ամենատարօրինակ դիրքերով։ Հոս ու հոն կլսուէր դեռ երգի մը մնացորդը, խօսակցութեան մը քայքայումը կամ գինովի մը պոռոտախօսութիւնները։

Վերջապէս ես ալ մտայ սենեակ։ Լուռ էր ու կէս մը իջեցուցած լամպէն աղոտ լուսաւորուած։ Աչքս բնականաբար Վարդուհիենց բաժինը նետեցի։ Վարդուհին մեծ շալի մը ծալքերուն մէջ փաթթուած կքնանար Կատեային կից։ մազերը խառնակ ինկեր էին դէմքին. ձախ թեւը մինչեւ արմունկը բաց՝ նետեր էր գլխուն վրայ։

Ես ալ տեղաւորուեցայ մերիններուն քով՝ աչքերս այդ մերկ ու սիրելի դաստակին գամած։ Չգիտեմ յոյն դիցաբանութեան ինչ գրքի մը մէջ դիցուհիի մը պատկերը կհիշեցնէր. պառկած նոյն դիրքով, նոյն խառնակ մազերը ճակտին եւ նոյն ձախ թեւը նետած գլխուն ետեւը։ Եւ երեւակայութեանս մէջ, ուր անշուշտ կէս բացած լամպի կիսատ լոյսը իր որոշ դերը ունէր, իմ Վարդուհին ու յոյն դիցուհին սկսան իրար ձուլուիլ գեղարուեստական հիանալի ամբողջութիւն մը առաջացնելով. միայն թէ հետզհետէ մտքիս մէջ ամէն բան սկսաւ աղոտանալ ու մշուշոտիլ□

Եւ երբ նորեն աչքս բացի՝ այնքան պայծառ լոյս մը ինկած էր պատուհաններէն ներս, որ աչքերս շլացան, ստիպուեցայ գոցելու։ Եւ առաջին մտածումս արմունկը եղաւ։ Վարդուհին հոն չէր։ եւ ընդհանրապէս սրահին մէջ մարդ չկար։ բաց դռներուն առջեւը սեմին վրայ նստեր էր մեր նկարիչը եւ բան մը կնկարէր։

աշոյժ շարժումով պառկած տեղէս նստեցայ եւ նոր նկատեցի, որ վրաս ծածկեր էին հաւելեալ ծածկոցով մը. եւ որքան մեծ եղաւ հաճոյքս, երբ Վարդուհիին կրկնոցը ճանչցայ։ Դեռ ինքս ինծի հաշիւ չտուած՝ թէ այդ կրկնոցը ինչպէս էր վրաս նետուած, Վարդուհինինքը ցատկելով ներս մտաւ սենեակ։

-    Ա՜խ, արթնցե՞ր էք, պարոն ծո՛յլ. և խնդաց շիտակ ինծի գալով։և Մենք ճիշտ ժամ մըն է, որ ելեր ենք։ տեսայ, որ պառկեր էք գրեթէ բաց՝ կրկնոցս վրանիդ նետեցի. շատ անզգոյշ էք. և վերջացուց խօսքը ձեռքի թաշկինակը թեթեւ մը դէմքիս զարնելով։

Անուշ հոտ մը պարուրեց դէմքս ու անբացատրելի բախտաւորութիւն մը հոգիս։ Ուրախութենէ գինով ցատկեցի ոտքի։ եւ ալ ամբողջ օրը գրկած էր թութիւնս Վարդուհիի տուած բոյրն ու երջանկութիւնը։

Մինչեւ ճաշ ինչպէս անցաւ չգիտեմ։ երկու տուն խառնուած էինք իրար. ուտելիքի պատրաստութիւն, խօսք ու կատակ, երթեւեկ եւ ծովուն եզերքէն պզտիկ պտոյտ մը՝ որու միջոցին մեր նկարիչը արագևարագ քորքիներ կվերցներ։ Իսկ ես ու Վարդուհին իրարու շուրջ կդառնայինք։

Ճաշէն ետքը երեքով՝ Վարդուհին, եղբայրն ու ես՝ ելանք կղզին շրջելու, թէեւ տաք արեւը վրանիս իր բոցերը կթափէր։ Բարձրացանք կղզիին գագաթը, ուր բաւական բազմութիւն կար։ Իջանք լեռան հարաւայինևարեւելեան եզերքը, որ բոլորովին ամայի է։ Կմտնէինք ժայռերուն խոռոչները, կբարձրանայինք քարափները։ Եւ ո՞վ գիտէ դարերէ ի վեր միայն սրբակրօն մենակեացի մը աղօթքին մրմունջները պահող ճգնարանները պահ մը կարձագանքէին Վարդուհիի հնչուն ու կենսուրախ ծիծաղին։ Ու Վարդուհին ինքը ամբողջ թրթիռ էր, նազանք ու հմայք. գեղեցիկ ու կրակոտ կեանք մը։

Եղբայրը առտուան պէս կնստէր հոս ու հոն, իր նկարի տետրակին մէջ «յուշեր առնելու». հետըկպտտցնէր նաեւ իր ներկերուն տուփը, բայց օգտագործել չկրցաւ. կարծեմ անգամ մը միայն։

Արեւը մարը խոնարհելու վրայ էր, որ մենք նորէն բարձրացանք լեռան գագաթը։ Գագաթը մարդ չէր մնացած. խարխուլ մատուռին շուրջը պարապ էր. ամենքը իրենց գիպերուան քեֆի պատրաստութեամբ էին զբաղուած վարը։

-    Ի՜նչ գոյներ են. և բացականչեց ն կարիչը արեւմուտքին վրայ լեռան գագաթներու խումբ մը մատնանշելով, որ նարնջի ու մանիշակի արտասովոր բաղադրութիւն մը կհորինէր, ամպերու շատ թեթեւ շղարշի մը ետեւէն։

-    Վայրկեան մը նստեցէ՛ք, սա գոյները բռնեմ. և ըսաւ ոգեւորուած ու նստեցաւ ժայռի մը ցայտքին։

-    Դուք բռնեցէ՛ք ձեր գոյները, մենք ալ կերթանք մատուռը, և ըսի. և առտուն շատ բազմութիւն կար. շնորհքով չմօտեցանք։

-    Քիչ մըն ալ բարձրացանք ու մտանք աւերակ մատուռը։ Բանուած լաթի մը վրայ ժանգոտ խաչ մը կար սեղանին վրայ. քովն ալ բզկտած կազմով Աւետարան մը. եւ ամէն կողմ սեղանին ու պատերուն փակցուած վառուած ու հանգած բարակ մոմի մնացորդներ։

Տխուր էր։ խոնարհութիւն մը ըրինք ու ելանք դուրս։

-    Երթա՛նք սա ժայռին ծայրը, և ըսի. և կարծեմ կղզիին ամէնէն բարձր կէտն է։

Եւ ուղղուեցանք մատուռէն ոչ հեռու ժայռակոյտը։ Ժայռի պատռուածք մըն էր, աղուոր խորշ մը, միսևմէնակ, ետեւի աշխարհքէն կտրուած։ դէմերնիս հեռաւոր արեւմուտքի լեռները, վարը ծովը ոտքերնուս տակ ու վրանիս կապոյտ երկինք։

Վարդուհիի հետ շատ էի մինակ մնացեր, բայց երբ օդային այդ խորշին մէջ աշխարհքէ կտրուած նստեցանք իրարու քով տափակ քարի մը վրայ, գզացի, որ սիրտս սկսաւ թպրտալ։

Եւ ճիշտ այդ վայրկեանին արեւը դիմացի Գեղարքունի լեռներու երկու սուր գաղգաթներուն մէջ մարը կմտնէր։ Ամեհի, խոշոր ոսկի մը, որ ժամանակը ծանրևծանր ու դժուարով կմղէր իր օրերուն գանձանակը։

Ոսկին վերջապէս անյայտացաւ եւ արեան կարմիր մը ողողեց երկնակամարին այդ հատուածը. եւ ամպերու բամբակէ փեռեկտումներ այդ արեան մէջ թաթխուած իջան ու գոցեցին գանձանակին նեղ ան ցքը, ուրկէ քիչ մը առաջ ներս էր սահեր մեր օրուան արեւը։

Իսկ երկնքի այդ արիւնոտ հատուածէն անդին՝ որքան հեռու այնքան մութևթանձր կապտագոյն կամար մը, որ իր գորշութեամբ բոլոր հայեացքդ կարմրին վրայ կեդրոնացնել կուտայ։ Կարմիր մը, որ կցոլար ծովուն մէջ՝ մութևկապտորակ ջրի մակերեսին վրայ ծիրանի հեղեղ մը հոսեցնելով։ Ծովու ու երկնքի այդ կարմիրը կև արտացոլէր կղզիի մեր շրջակայ ժայռերուն վրայ, մեր մեկուսի խորշին վրայ, մեր վրայ։

-    Աստուա՜ծ իմ, այ ի՜նչ գեղեցիկ բան է. և բացականչեց Վարդուհին ու ձեռքը կամաց մը դրաւ ձեռքիս վրայ։

Ալ դիմանալ չկրցայ ու բաժակը յորդեց։

-    Այս բացառիկ գեղեցկութեան դէմ, այս ծովուն վրայ, Սեւանի այս գաղա թին վրայ, այս գոյներուն, այս ամպերուն ու այս երկնքին դէմ, Վարդուհի՛, քու հոգիդ ինծի ըսելիք մը չունի՞։

Վարդուհին տարօրինակ կերպով ժպտեցաւ։ եւ աչքերը, որ աչքերուս էր գամած, մշուշոտեցան, երբ ինքն ալ շնչատ խօսուածքով մը ինծի հարցուց.

-    Իսկ քո՞ւ հոգիդ ինծի ըսելիք մը չունի՞։

Քիչ մը թեքուեցանք իրարու ու մեր շրթունքները միացան իրարու երկար ու անհագ համբոյրով մը։

-    Ալ մեր ամբողջ կեանքին մէջ մենք պիտի յիշենք Սեւանը. և ըսի ես, երբ քիչ մը ետ քաշուեցանք իրարմէ, իրարու ձեռք պինդ բռնած։

-    Երա՜զ է. և պատասխանեց Վարդուհին խոր շունչ մը առնելով եւ իսկոյն վրայ բերաւ։և Ա՜խ, դո՛ւն իմ անգի՛ն վայրենիս։

Խնդացինք երկուքս ալ ու կրկին փաթթուեցանք իրարու։

Երբ քիչ մը ետքը ծանր ու հանգիստ քայլերով մօտեցանք եղբօրը՝ իր նկարել ուզածը աւարտած էր արդեն եւ հաւաքելու վրայ էր։

-    Չէ՛, հաւնեցա՛. սիրեցի ձեր Սեւանը. և բացականչեց նկարիչը իր ներկերուն տուփը գոցելով։

-    Այո՛. մենք ալ սիրեցինք. և վրայ բերի ես չարաճճի շեշտով մը։

Վարդուհին երեսը անդին դարձուց, որ եղբայրը իր խնդուքը չտեսնէ։

 

Օգոստոս 24

 

Ամբողջ շաբաթ մըն է, որ պառկած եմ իրիկունները առանց յուշատետրս բանալու. ժամանակ չկայ ինքնամփոփումի։ Արդեն ընդհանրապէս ո՛չ կկարդամ, ո՛չ որեւէ լուրջ մտաւոր զբաղում. հոգիս ու կեանքս դուրս են ելած իրենց սովորական գծերէն. շարունակ շարժման մէջ եմ, երթեւեկի, պտոյտի։ Եւ աղմուկի մէջ կա՛մ մեր տունը, կա՛մ Շամիրեաններու. միշտ ալ Վարդուհիի հետ։

Գիտենք, որ քանի մը օրէն բաժնուինք պիտի իրարմէ ամբողջ երկար ու անտանելի ձմեռուան մը համար. այդ պատճառով ալ ամէն վայրկեան, որ իրար չենք տեսնէր՝ անիրաւութիւն ու կորուստ կթուի ինծի։

Երբ առանձին ենք՝ զբաղուած ենք շարունակ ապագայով. ծրագիրներ կգծենք, թէ մեր ուուսմը ո՞ւր պիտի շարունակենք, ի՞նչ ուղղութեամբ, քանի՞ տարի, ի՞նչ ձեւով եւ իհարկէ միշտ միասին։ Ա՜խ, Աստուա՜ծ իմ, ի՜նչ բախտաւորութիւն պիտի ըլլայ։

Կծրագրենք ու կերեւակայենք նաեւ աւելի հեռուն. մեր աշխատանքը, մեր գործունէութիւնը, մեր դերն ու մեր ապագան կեանքի մէջ. կուզենք, որ մեր ամղբոջ կեանքը ըլլայ ոգեւորութիւն ու նուիրում մեր ժողովրդի բարձրացմանը ու մարդկութեան։

Նուիրման մէջն է բախտաւորութիւնը։ եւ հիմհա կտեսնեմ, որ սէր ըսուածն ալ նուրում է, իր հոգիին ու իր գոյութեան նուիրումը։

Միքայէլ մէջէմէջ կուգայ. եւ որովհետեւ գալու ատենը գիտեմ, միշտ տունը կգտնուիմ. եւ աւելորդ բացատրութիւններէ խուսափելու համար՝ զբաղուած ըլլալ կձեւացնեմ. խեղճը հոսկէևհոնկէ քիչ մը կխօսի ու կձգէ կերթայ իմ գրամոլութիւնս ու անգործնականութիւնս հայհոյելով։ Երբ կմեկնի բութ խայթ մը կզգամ. քաղավարի կերպով ընկերս կվռնդեմ, թէեւ ինքը անշուշտ չի գիտակցիր։

Երեկ որ եկաւ, մանսաւոր կերպով յուզուած էր։ ան ալ ապագայի ծրագիրներով է տարուած.

-    Ալ դպրոցը, և կսէ, և չի քաշէր ինծի. չգիտեմ ինչպէս ամբողջ տաի մըն ալ պիտի դիմանամ. մօրս խաթեր կմնամ միայն. շատ ուսում սիրող կին է բնազդօրէն. «Մէկ տարի է մնացեր. պէտք է որ լրացնես» կըսէ։ Թէ չէ՝ իսկոյն երբօրս հետ կլծուէի հողային աշխատանքի. մօրաքրոջս հողերը տեսար։ անոր քովը մենք ալ բաւական ընդարձակ հողեր ունինք. հիմա կապալով ենք տուած ոչինչ գնով. մեծ ու հրաշալի գործ կարելի է դարձնել։ Պէտք է աժեցնել դեռ մեր ձերքը մնացած հողերը։ Մեր լաւագոյն հողերու ռուս գաղթականներու կուտան։ հիմա ալ բախտախնդիր եւրոպացիներ սկսած են երեւան գալ։ Պէտք է մաքառիլ անոնց դէմ ե՛ւ աշխատանքով, ե՛ւ կատարելագործելով. պէտք է ձեռք բերել նոր հողեր. եթէ ապագայ ունենայլ կուզէք՝ հողերը պէտք է պահենք հայ ձեռքերու մէջ։ Լուրջ հարց է ասիկա։

-    Եւ ձեռքերը գրպանը դրած՝ արագ քայլերով կերթեւեկէր փոքր սենեակիս մէջ. հանկարծ կանգ առաւ շիփևշիտակ դէմս եւ տարօրինակ ժպիտով մը վրայ բերաւ երազկոտ.

-    և Այս բոլորը աղեկ. բայց վայրկեաններ կան, որ ալ աչքիս ոչինչ չերեւար։ Այս ամէնը շատ երկարևբարակ կթուի ինծի ու շատ հանգիստ ու միակերպ եւ կարծեմ քիչ մըն ալ բնաւորութեանս ո՛չ այնքան հարմար։ Այդ վայրկեաններուն բուռն ու խենթ իղձեր կանցնին մէջէս. աղմուկ, տակնուվրայութիւն կուզեմ. անձնուիրութիւն ու դիւցազնութիւն կերազեմ. կուզեմ զարնեմ, զարնուիմ։ ձիս ալ ախոռէն կարծես դիտմամբ կսկսի վրնջել անհամբեր եւ հայեացքս ակամայ դէպի պատէն կախուած հրացանը կբարձրանայ։ Հապա՛, աս փորձանքն ալ կայ։

Եւ իր եզրակացութեան ու երկմտանքին հետ ետ նետեց դռանս փեղկը ու ելաւ գնաց։

Այո՛, դժուար է դպրոցականի վերջին տարին։ Կեանքը իր պահանջները կդնէ։ մէկ ոտքով արդեն կեանքի մէջն ես կարծես. բայց նորէն պէտք է երթաս ու աշակերտ խաղաս։

Թէեւ անձնապէս ինծի համար քիչ մը տարբեր է պայմանը։ Միքէն ուղղակի գործի անցնիլ կոզէ. իմ ճամփաս համալսարանի միջով կերթայ։ Պիտի յաջողի՞մ։ ո՛չ մեր տունէն, ո՛չ հօրեղբօրմէս լուրջ օժանդակութիւն յուսալ չեմ կրնար. թէեւ ո՞վ գիտէ։

Այո՛։ Պիտի յաջողի՛մ։ ինչ գնով ըլլայ պիտի յաջողիմ. պիտի յաջողիմ հայրենիքիս համար։ պիտի յաջողիմ Վարդուհիիս համար։

Այո՛. պէտք է որ ես դէ՛մք մը դառնամ։

 

Օգոստոս 29

 

Շաբաթ իրիկուն Շամիրեանները եկան մեզի թեյի եւ յայտնեցին, որ կարասիները փոխադրող կառքը ապսպարծ են արդեն եւ երկուշաբթի առտու կմեկնին։

Նստած էինք պատշգամը։ Եւ ամէնը լաւ տրամարդութեան մէջ. ամառանոցէն բոլորն ալ կշտացած էին եւ կարօտած էին Թիֆլիսը։ Տիկին Նատալիան ուրախ էր, որ պիտի կարողանայ նորէն իր բժշկին հետ խորհրդակցի. իսկ նկարիչը ժամերը կհամրեր, այնքան ձանձրացած էր «գիւղական» այս միայնակ ու ճգնաւորական կեանքէն, ինչպէս հաճախ կգանգատուէր։

Վարդուհին էր միայն լուռ։ կհասկնայի իր հոգին, թէեւ արտաքուստ իրեն շատ լաւ կպահէր։

Ես եւ Վարդուհին կամաց մը անցանք հիւրասենեակը։ մինակ մնալնուս պէս նետուեցաւ վիզս ու սկսաւ հեծկլտալ։ Տարի նստեցուցի, սկսայ շոյել ու հանգստացնել, թէ վերջապէս երեխայ չէ, գիտէ, որ օր մը ուշ կամ կանուխ ըլլալիքը աս է. եւ վերջապէս եղածը քանի մը ամիսներ են, ինչքան ալ ծանր ըլլան, կանցնին։

-    Չե՛մ, կրնար, չե)մ, կրնար։ չե՛մ ուզեր. և կկրկնէր շարունակ արցունքին մէջէն ու չգիտեմ ինչու ռուսերէն։

Իր թաց այտերը կսահէին շրթունքներուս վրայէն։ եւ վայրկեան մը կարծեցի, թէ սիրելէ դարդած եմ՝ այն աստիճան մեռելութիւն մը կտիրէր մէջս։ վարդուհին ալ քիչևքիչ հանգստացաւ։ եւալ մինակ չմնացինք։ Դուրսը մութը կոխած էր ու մեր դէմքերուն այլայլութիւնը աննշմար անցաւ։

Անոնց մեկնելէն ետքը քաշուեցայ սենեակս եւ երկար նստած էի լուռ ու անշարժ բաց պատուհանիս առջեւը։ Քիչ մը ետքը լուսինը ինկաւ սենեակս անտառին ետեւէն. գիտէի, որ կեսգիշերի մօտերն է։ թէ՛ տունը, թէ՛ դուրսը բացարձակ լռութիւն։ Աթոռս քաշեցի պատուհանին տա կը ու թեւս դրի պատուհանի եզերքին աւելի ազատ օդի մէջ ըլլալու համար։

Այդ դիրքով ալ քունս տարեր էր. երբ աչքս բացի լոյսն ալ բացուելու վրայ էր ու թեւս բոլորվին թմրեր էր։ նետուեցայ անկողնի վրայ ու ծածկոցին ծայրը քաշեցի վրաս։ Միշտ նոյն մեռելութիւնն էր հոգիիս մէջ. անզգայ էի դարձած։

Առտուն կանուխ գացի Շամիրեաններուն «օգնլու»։ Վարդուհինմէջտեղ չկար. ըսին իր սենեակը կժողուէ. տիկինն ու սպասուհինխոհանոցը կհաւաքէին. միայն եղբայրն էր սրահը, որ իր նկարներն ու պաստառները կփաթթէր ամենայն զգուշութեամբ։

Սկսայ զպտիկ օգնութիւններ ընել իրեն, բայց այդ գնալևգալը, ծռիլ ու ելլելը քիչևքիչ սկսաւ ուղղակի բաւականութիւն պատճառել. եւ այնպէս ոգեւորութեամբ անձնատուր եղայ գործին, որ աւելի ուշ, երբ Վարդուհին ու մայրը ներս եկան՝ չկրցան իրենց ծիծաղը զսպել։

Ամբողջ օրը հոն էի. մերոնք ալ քիչ մը ետքը եկան։ ընդհանուր իրարանցում էր, խօսք ու շարժում. ընդհանուր հոսանքին մէջ ես ալ կորսուած էի։ եւ ուրախ էի, որ այդպէս էր։

Ճաշն ու ընթրիքը ըրին մեր տունը։

Իրիկուան դէմ Վարդուհին յայտնեց մօրը, որ վերջին պտոյտ մը պիտի ընենք ու դուրս ելանք։ Տարի անտառ, իմ սիրած անկիւններէս մէկը, ե՛ւ բարձր դիրքով, ե՛ւ առանձնացած։ Նստեցաւ կտրուած ու գետինը պառկած խոշոր ծառի մը բունին վրայ, ես ալ գետինը՝ թեթեւ մըհենուած իր ծունկերուն։

Արեւը կեցած մեր դէմը, կարծես կվարանէր իջնելու ու լեռներուն ետեւը անցնելու. կարծես կխնայէր. չէր ուզեր կարճել մեր վերջին միասին ու առանձին վայրկեանները։

Հանկարծ զգացի, որ Վարդուհիին մատները մազերուս մէջ կխրէին, սանրի մը պէս. այդ թեթեւ շոշափումը տարապայման յուզում մը առաջացուց մէջս։ կրծքիս տակ կարծես բան մը փլաւ եւ երեկ իրիկունէ ի վեր մէջս սառնացած արցունքները դուրս ժայթքեցին. խլեցի ձռեքը ու սեղմեցի շրթունքներուս։

Երբ դէմքս իրեն բարձրացուցի մեր աչքերը իրարու բեւեռեցան. երկու զոյգ արցունքի ու ժպիտի մէջ լողացող աչքեր։

Գրկուեցանք ու սկսանք խօսիլ, հանգիստ, զարմանալի կերպով հանգիստ, Տուինք իրարու մեր զարմանալի նոր խոստումները, միշտ սիրենք իրար, շուտևշուտ գրենք իրար, եւ լաւ նուիրուինք աշխատանքի ամբողջ ձմեռը, թարմ ու առողջ հանդիպինք իրար յունիսին երկուքս ալ արդեն աւարտական, որ բացայայտ ու ընդմիշտ կապուինք իրար աշխարհքի առաջ եւ սկսինք նոր կեանք ու աւելի բարձր կրթութիւն։

Մեր անխուսափելի բաժանումին հետ յաշտուած էինք կարծես, երբ մութինհետ տուն վերադարձանք։ Մեր երկու ընտանիքները վերջին անգամ մը սեղանակից եղան եւ բաժնուեցանք. իրարու վերջին բարի գիշեր մը մաղթելով ամառանոցային։

Մտայ անկողին ու սկսայ մտածել։ վրաս մեղմ թախիծ մը կար. անորոշ ու տարտամ զգացում մը, որ մարդ կունենայ, երբ վշտացած է առանց խղճի խայթ եւ առանց հանցան մը ունենալու։

Կկարծէի, թէ նախոր գիշերուան նման պիտի լուսցնեմ կէսևարթուն, կէսևթմիր. բայց որքան եղաւ զարմանքս, երբ հանկարծ աչքս բացի եւ արեւի ուժեղ ճառագայթներուն հանդիպեցայ, որոնք մահճակալիս գունդերուն հետ կխաղային։

Շտապեցի պատշգամ. կարասիները բեռցած կառքը ճամփայ ելլելու վրայ է, իսկ ֆայտոնը, որ ընտանիքը կայարան պիտի փոխադրէր, պատրաստ կեցած էր դռան առջեւ։ Ծանր քայլերով սկսայ իջնել մեր սանդուղներէն։

Չեմ կրնար ճիշտ ըսել, թէ ինչ կզգայի, երբ «բարի լոյս» ըսելով Վարդուհիին ձեռքը բռնեցի։

Ժամ մը ետքը տիկինները իրար կհամբուրէին եւ տիկին Նատալիան կհամոզէր, որ չուշանան, որ մերիններն ալ շուտով քա ղաք դառնան։

Ես նախապէս ձի մըն էի վարձած, որ մէկևերոկւ վերստ իրենց ընկերանամ։

Մնասևբարովի արարողութիւնը վերջանալուն պէս՝ Շամիրեաններն ու սպասուհին տեղավուրուեցան ու կառքը շարժուեցաւ. ես ալ խթեցի իմ ձիս։

Եթէ իմ զգացումիս մնար՝ ետ դառնալը բնաւ միտքս պիտի չբերէի ու պիտի երթայի այն կառքին զոյգ, ուրկէ Վարդուհիին աչքերը անընդհատ ինծի կնայէին։

Բայց մայրը, որ ինմծէ աւելի իրական աշխարհի մէջն էր՝ կառքը կեցնել տուաւ, ըսելով, թէ աւելորդ տեղը ձիս կհոգնեցնեմ, թէ այսչափ տեղ իրենց ընկերանալէս ալ իրենք շատ շնորհակալ են ի սրտէ եւ թէ տունը հիմա անշուշտ ինծի պիտի սպասեն։

Հնազադեցայ ու իջայ ձիէս. քոյր ու եղբայր, Կատեան ալ իջան կառքէն։ Ես նախ մօտեցայ կառքին ու սիրով ու հարգանքով համբուրեցի մօրը ձեռքը. ջերմօրէն գրկեցի ու ամուր գրկուեցանք փքրիկի հետ։ Երբ գրկէս վար դրի աղջիկը, մօտեցայ նկարչին ու քորջը եւ ձեռք տուինք իրարու. կարծես երեքս ալ խօսելէ կզգուշանայինք։

Վարդուհին հազիւ ինքզինքը կառքը նետեց, որ սկսաւ արտասուել՝ դէմքը թաշկինակին մէջ ծածկած։

-    Ամօթ է, աղջիկ, այդքան դիւրազգաց չեն ըլլար. և կսըէր մայրը՝ անշուշտ աղջկան լացը զգայնութեան վերագրելով։

Կառքը շարժուեցաւ։

-    Բարեւ ըրէք. բարեւ ամենուն. և լսուեցաւ կառքէն։

Ես կեցած եմ անշարժ՝ աչքերս հեռացող կառքին հառած։ Միայն եղբօրը ձեռքը կտեսնէի, որ թաշկինակ կշարժէր։ իզուր Վարդուհիին գլուխը անգամ մըն ալ տեսնել յուսացի։

Երբ կառքը անյայտ եղաւ աչքէ, ուղղակի նստեցայ գետին, ձիուս սանձը միշտ թեւիս, ճամփուն քովի կիսաչոր խոտերուն վրայ։ Կուրծքիս տակ բան մը կսեղմէր։ լալ կուզէի՝ չէի կրնար. կարծես խեղդուէի պիտի , մինչեւ որ հանկարծ արցունքները դուրս ցայտեցին աչքերէս։

Արցունքները կվազէին ու ես տեղէս երերալ չէի ուզէր։ Բայց արագ մօտեցող կառքի մը թաւալումը ինծի ստիպեց ոտքի ցատկելու։ Սրբեցի աչքերս եւ ձիուս սանձէն բռնած ետ ճամփայ ինկայ։ Վրաս ո՛չ դող էր մնացեր, ո՛չ խեղդւուք եւ ո՛չ յուզում, այլ նուրբ ու փափուկ տխրութիւն մը միայն։

Տունը մնալ չկրցայ. հազիւ պատառ մը բան կերայ ու իջայ ձձոր, ելայ անտառը. ամէն ծառ, ամէն անկիւն Վարդուհիէս թամր յիշատակ մը ունէ։ր Վերջն ալ շատ աւելի ուշ գացի նստեցայ այն կո ճղին վրայ, ուրկէ երեկ Վարդուհիին հետ վերջին անգամ միասին մեր ամառանոցի արեւին մայրամուտը կդիտէինք. հիմա ալ կդիտէի. ճիշտ երեկուանը. բայց ես էի, որ այլեւս երեկուանը չէի. մինակ էի։

Մինա՞կ։ Ո՞վ ըսաւ։ Երբեք։ Վարդուհիի հեն էի ե՛ւ հիմա, ե՛ ընդմիշտ։ Ալ հոգիս հիւսուած է իմ անգին աղջկանս հոգիին. ան իմ հոգիիս մէջն է. մասնակից ու խորհրդատու իմ բոլոր մտածումներուս, զգացումներուս ու աշխատանքիս։ Այսպէ՛ս խոստացանք մենք իրարու. եւ այպդէ՛ս կընէ արդեն սէրը ինքնին։

Տխրութի՞ւն ու լքո՞ւմ. բնա՛ւ երբեք. այլ ոգեւորութիւ, ն կեդրոնացում եւ աշխատանք։ Սիրե՜լ ու աշխատի՜լ. աս թող ըլլայ մեր կեանքը։

 

Օգոստոս 31

 

Հազիւ նախաճաշիկէն ելեր էինք՝ որ եկաւ Միքէն։

-    Թռչնակը թռեր է, վանդակը պարպուեր, և ըսաւ աչքովը Վարդհուհիենց ամառանոց ցոյց տալով։

-    Այո՛. և պատասխանեցի։և Երեկ տարի ճամփու դրի։

-    Գիտեմ. պառաւդ ըսաւ։

-    Վա՞յ. երեկ դուն հո՞ս ես եկած։

-    Նախոր դօրը եկայ, ըսին՝ Շամիրեաններուն է. ետ դարձայ։

-    Հա՛. պարոն նկարչին օգնելու էի գացեր. բեռ մը պիտանի ու անպիտան թուղթեր ու պատկեներ փաթթեցինք։

-    Երեկ ալ եկայ□և շարունակել կուզէր Միքէն, որ նորէն կանխեցի։

-    Այո. պէտք է ճամփուն դնէի. դրացնութիւն է. քաղաքավարութիւնը կպահանջէ։

Միքայէլը հանկարծ ելաւ ու կեցաւ դէմս շեշտ աչքերուս մէջ նայելով. քեի մնաց, որ աչքերս խոնարհէի. արդեօ՞ք հասկացծ էր, որ չարաչար կկեղծէի։

-    Կզամրանամ քեզի. և ըսաւ ծանրևծանր. և մարդ աչքերուն տակը օրիորդ Շամիրեանի նման սիրուն ու կենսուրախ աղջիկ մը ունենայ եւ ակնյայտնի կերպով զուարճանալ ուզող եւ քեզի պէս այդպէս պաղ ու անտարբեր մնա՞։

-    Ի՞նչ ըսլե է «պաղ ու անտարբեր». և հարցուցի ես հնար եղածին չափ պաղ ու անտարբեր շեշտով մը։

-    Է՜, անպէտք մար դես դուն. և ըսաւ արհամարհանքով, գնաց դէպի լուսամուտը եւ սկսաւ թռած թռչնակի պարապ վանդակը դիտել։

Իսկ ես մտքիս մէջ այդ միջոցին ակամայ իմ ու Միքէի բնաւորութեան զուգակշիռը կընէի։ Ան բաց ու պարզ. եւ եթէ իմ տեղս ըլլար՝ առաջին իսկ օրէն, իր զգացումի առաջի խլրտումին պիտի գար ամէն բան ինծի պատմէր ընկերաբար. մինչ ես ամէն կերպ կջանամ ահա՜ ծածկեմ իրմէն, ինչպէս եւ ամենքէն, սրտիս յուզումն ու եռումը։ Կմտածեմ՝ ինչո՞ւ. արդեօք հպարտութի՞ւն է. արդեօք ծածուկ պահելէն ծածուկ հաճո՞յք մը կզգամ. թէ՞ պարզապէս հոգիս աւելի անհաղորժ է ու ինքն իր մէջ։ իմ ներքն աշխարհս աւելի խոր ու պղտոր, վարա գետի մը պէս կերեւայ աչքիս, որուն խլրտուն ալիքներուն տակ ամէն շարժում կծածկուի հետաքրքիր աչքերէ։ Մինչ Միքէի սիրտը սիրուն ու վճիտ լճակ մըն է, որուն թափանցիկութեան մէջէն կարելի է համրել հատակի ամէն մէկ խիճը։ Ու կխորհիմ, թէ այս երկուքէն ո՞րն է աղեկ. եզրակացութիւն չունիմ. միայն կզգա, թէ որքա՜ն հակառակ պիտի ըլլար իր ու իմ կազմին, եթէ Միքէի հոգին իմինիս պէս գաղտնի մնար, կամ ես Միքէի պէս ու բաց նամակի մը նման ամենուն մատչելի հոգի մը ունենայի։

-    Ի՞նչ կմտածես։ Շատ մի՛ մտածեր, շուկ կծերանաս. և ըսաւ Միքէն հանկարծ լուսամուտէս ետ գալով եւ մեր երկար լռութիւնը խզելով։

-    Կմտածեմ, որ վաղը սեպտեմբեր մէկն է. դպրոցը շատևշատ շաբաթէ մը դասերը կսկսին։

-    Ճիշտ ատոր համար է, որ երեք օր է իրար ետեւէ քեզի ւոկգամ։

-    Ե՞րբ մեկնինք։

-    Վաղը ես զբաղուած եմ. դուն գնա՛ փոստային կառքը պայմանաւորուէ յաջորդ օրուան համար։ Ես այլեւս քեզի գալ չեմ կրնար. սեպտեմբեր երկուքի առտուն կուգաս ինծի կառնես. եւ իրիկունը կըլլանք դպրոց։

-    Աղե՛կ. և ըսի ես կարճ ու բաժնուեցանք։

Ես իսկոյն զգացի, որ ուրախ բան մը շարժուեցաւ մէջս, Վարդուհիիս հեռանալէն ետքը հոս այլեւս ոչինչ չկայ ինծի համար հրապուրիչ. իսկ դպրոցս կարօտեր եմ. սիրած ընկերնես միտքս կուգան. մեր խօսքն ու աղմուկը, մեր դասերն ու աշխատանքը, նոյնիսկ մեր խաղերը, որ տարուան եղանակներուն հետ կանոնաւոր կերպով կփոփոխուին մէկևերոկւ ամիսը անգամ մը։

Դպրո՛ց. այո՛, ժամանակ է։

 

Սեպտեմբեր 1

 

Տնեցիները ինծի ճամփու պաշար պատրաստելու վրայ էին ամբողջ առտուն։ Ես ալ գրեթէ մեքնաբար լրացուցի բոլոր մանրևմունր գործերս։ Երբ գրքերս կկապէի՝ հեգնական ժպիտ մը խաղաց շրթունքներուս. մեծ մասը դեռ չէի բացած։ Եւ յատկապէս տուժած էին գրաբար։

Իրիկունը վերջին անգամ մը պտոյտի ելայ միսմենակ եւ այցելեցի բոլոր սիրած անկիւններս։

Արդեն մթնելու վրայ էր ու տուն կվերադառնայի. օրերն ալ սաստիկ կարճացած են։ Հանկարծ գաղափար մը անցաւ մտքէս. երթամ Վարդուհիենց պարտէզին ալ վերջին այց մը տալու. հո՛ն ուր ապրեր էի այնքան քաղցր վայրկեաններ։ Կզգայի, որ ընել ուզածս բաւական ծիծաղելի բան մըն էր՝ մտնել օտարի գոց ու պարապ պարտէզէն ներս. բայց քայլերս արդեն այն կողմը կուղղուէին։

Գոց էին տան բոլոր փեղկերը, ինչպէս եւ պարտէզին դուռը։ Ետեւի, անտառին կողմի պատը գիտէի, որ ձար չէր։ եւ հոնկէ ալ գողի պէս ցատկեցի ներս։ Այո՛, գողի պէս եւ ցատկած վայրկեանիս միայն մէկ մտածում ը ունէի. մտածում ը, որ գողերուն է յատուկ՝ «մարդ չտեսնէ»։

Ածուները բաւական աւրուած էին շատ տեղ ու չորցած բոյսերը մասնաւոր կերպով աչք կիյնային։ Պարապ տունն ու լքուած պարտէզը արդեն ինքնին ճնշող բան մը ունին իրենց վրայ ունայնութեան գաղափարին հետ հարակցութիւն մը. բայց երբ այդ պարապ տան ու քուած պարտէզին մէջ երբեմն աղջիկ մըն ես սիրած, ա՜, այդ ճնշումը կդառնայ ուղղակի այրուցք։

Մտայ բաղեղնրուն ետեւի մեր «դասարանը», ինչպէս Վարդուհին կանուանէր հաճախ. նստեցայ հոն, ուր սովորաբար կնստէի եւ իմ դէմս Վարուհին՝ գիրքը ձեռքը, ժպտուն, ընդհանրապէս մազերը թափած ճակտին, շիկնած ու վառուող աչքերով։ Աչքերուս դէմ իր դէմքն ու կերպարանքը հետզհետէ սկսաւ յստականալ ու եկդանանալ. դէմքին ամէն մէկ գիծը կտեսնէի. կյիշէի իր ամէն մէկ շարջումը, նայուածքը, բայց ի՞նչ յիշել. ան ինքն էղր դէմս, ինքըթ, իրապէս, անձամբ։

«Վարդուհի». կբացականչեմ ես խելագար ու վեր կցատկեմ թեւերուս մէջ առնելու։

Ի՜նչ հիասթափում։ Այդ ակնթարթի մը սրտիս պարտանքը շատ սուղի նստեցաւ ինծի. կարծես սիրտս կանգ առաւ զարնելէ ու շունչս կտրեցաւ։

Հազիւ կրցայ երթալ դէպի պատը, ուրկէ ներս էի մտած, ու կերպ մը նորէն դէպի դուրս ցատկեցի։

 

Յունուար 10

 

Վարուհի՛, իմ գոհար վարդս. գիտեմ՝ քիչ մը պիտի զարմանաս, երբ այս հաստ կապոցը հանձնէ քեզի poste restanteևի պաշտօնեան նորէն խորհրդաւոր ժպիտ մը շրթունքին, ինչպէս անցած անգամ գրեր էիր։ Բայց կապոցը բանաս թէ չէ՝ զարմանք չի մնար։ Պիտի տեսնես, որ աս ալ իմ սովորական նամակներէս մէկն է։ Նամակներէս ամէնէն առաջինը եւ ամէնէն ալ երկարը, որ ես գրեր եմ քեզի, առանց գիտնալու, որ կգրեմ քեզի։

Ասկէ ուղիղ տարի մը առաջ էր, որ Նոր տարուան արձակուրդին պարապ իրիկուն մը գաղափարն ունեցայ եւ որոշեցի յատուկ տետրակ մը պահեմ «Օրը օրին» վերնագրով, ուր մտցնեմ օրը օրին մտածումներս ու ապրումներս։

Մինչեւ Դելիջան ամառանոց գալս հազիւ տասնեակ մը էջեր էի միայն գրած ընթերցումներուս եւ դպրոցական կեանքի երեւոյթներուն շուրջ, որոնք մասնաւոր հետաքրքիր բան մը չունին քեզի համար, ոչ ալ նոյնիսկ հիմա ինծի համար։

Բայց քեզի տեսած վայրկեանէս ամէն ինչ փոխուեցաւ իմ խեղճուկ «Օրը օրին» տետրակիս մէջ. տետրակս կեանք առաւ, կենդանացաւ, վէպի նման բան մը դարձաւ. եւ քու հեռանալուդ հետն ալ գոյութիւն ունենալէ դադրեցաւ։ Ալ ինչացո՞ւ էր առանձին տետրակը, երբ շաբթէևշաբաթ քեզի գրած նամակներուս մէջ իմ բոլոր մտածումներս, ապրումներս, աշխատանքս ու շրջապատիս պայմանները կապտմեմ քեզի եւ շատ աւելի բազմակողմանի կերպով։

Քու վերընթեր նամակիդ մէջ մեր ամառուան մասին մէկևերկու յուշեր ունէիր, որ ինծի սաստիկ յուզեց եւ ուրախացուց։ Եւ իսկոյն որոշեցի՝ ես ալ քեզի նոյն ձեւով յուզեմ եւ ուրախացնեմ։

Նորևտարուան արձակուրդը սկսելուն պէս՝ ամէն աշխատանք դրի մեկդի։ Հանեցի եւ ուշադրութեամբ կարդացի «Օրը օրին» գրածներս, որ իսկապէս մեր սիրոյ պատմութիւնն է։ Տեղևտեղ լրացուցի քիչիկ մը յիշողութեամբ՝ գրածս աւելի լրիւ ու յստակ դարձնելու համար, տեղևտեղ ալ քիչ մը կոկեցի լեզուն ու արտայայտելու ձեւը՝ գրածս աւելի գեղեցիկ դարձնելու համար։ Ետքն ալ նստեցայ ու արտագրեցի մեծ խնամքով, յատիկևյատիկ, որ կարդալու դժուարութիւն չունենաս եւ նորէն չմեղադրես իմ արագ գիրս։

Քեզի հաճոյք պատճառելու համար էր, որ ձեռնարկեցի այս աշխատանքին, իրաւ է. բայց հիմա եկո՛ւր քեզի խոստովանիմ, որ այդ աշխատանքը եղաւ ինծի համար ամփոխարինելի ուրախութեան մը աղբիւր։ Ես ո՛չ միայն շտկեր ու արտագրեր եմ ամբողջ երկու շաբաթ շարունակ, այլ աշխատանքիս ամբողջ ընթացքին ես վերապրեր եմ այդ բոլորը։ Ամբողջ ժամանակը քեզի հետ եմ եղեր, հոգի՛ս, ցերեկ ու գիշեր յուզուած կեդրոնացումով եւ այրող կարօտով։

Իմ այս յուշերուս հետ հիմա ամբողջ հոգիս իր մերկութեամբ կդնեմ քու աղուոր ձեռքերուդ մէջ։ Մէջը մէկևերկու տեղ գծեր կան, որ աղեկ չգիտեմ, թէ ինչ տպաւորութիւն պիտի ընեն քու վրադ. բայց չկրցայ գրածիս մէջէն որեւէ իրողութիւն հապաւել կամ քողարկել. կուզեմ, որ դուն ինծի ճանչնաս այնպէս, ինչպէս որ կամ, կուզեմ, որ դուն սիրես ինծի այնպէս, ինչպէս որ եմ, որպէսզի երբեք չհիասթափիս։

Ա՛ռ ուրեմն. քեզմէ առածս, քեզմով զգացածս քեզի կնուիրեմ, Վարդուհի՛, իմ անգի՛ն վարդս։