Նահանջը առանց երգի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

6

Բնաւ մտքէդ չ՚անցընես, թէ քեզ գեղեցկութեանդ համար սիրեցի: Օ՜հ, գեղեցկութի՜ւն… ինծի համար արժէք չունի. բնա՛ւ, բնա՛ւ… Եւ յետոյ այնքան ալ աստուածային գեղեցկութիւն մի չունիս…

Այո, ծոծրակիդ գիծը բաւական ներդաշնակ է, սակայն պէտք է քովնտի նայիլ… ժպիտդ գէշ չէ, պայմանաւ, որ ժպտիս: Իսկ դունչիդ տակը, ակնարկդ եւ մազերուդ փայլը, որոնց այնքան յարգ կ՚ընծայես դուն, դիմացի տունէն դիտող մը բնաւ չպիտի կարենայ գնահատել. ի՜նչ հասկցանք… Այո՛, կը կրկնեմ, ես քեզի սիրեցի ոչ թէ գեղեցկութեանդ, այլ քու գէշ բնաւորութեանդ համար: Սարսափելի՛, աղտո՛տ ու զզուելի բնաւորութիւն ունիս: Յամառ ես, ինքնահաւան ես, քմայասէր ու փոփոխամիտ ես, բայց դուն իմին Նէնէթս ես:

Վառվռուն, զուարթ Նէնէթս ես, իմին տաքուկ հոգիս ես… այո՛, շիրին ես դուն, իքի խավուրմիշ ես, միսիր պույտայ ես… ո՛չ, քեզի չի վերաբերիր. միսիր պույտա՛յ ես, միսիր պույտա՛յ ես… չէ՜, չեմ թարգմաներ… չեմ կրնար թարգմանել… Օ՜, ինչպէ՜ս կ՚ուզես, որ հիմա քեզի բացատրեմ… ա՜յ, ա՜յ, քի՜թս… Է՛յ, բերանս ձգէ, որ խօսիմ… ահաւասիկ, կը սկսիմ կոր Միսիր պույտայ կը կոչուի այն ուտելիքը, որ… է՛յ, կարելի բան չէ, որ մէջէն ելլամ… այսպէս ուրեմն, մեր տեղը, այսինքն Պոլիս, ձմեռ երկար գիշերները երբոր հաւաքուին, կրակարանին վրայ կ՚եփեն եգիպտացորենը, մանաւանդ պզտիկներուն զուարճութիւն պատճառելու համար, եւ զայն տաք տաք կ՚ուտեն: Ո՛չ, քու գիտցած ձեւովդ չէ. կ՚առնեն բոլորակաձեւ փայտէ աման մը, որ ճիշտ թմբուկի մը ձեւը ունի, բայց որուն երկու երեսները փոխանակ կաշիի, թել է քաշուած: Մէջը կը դնեն եգիպտացորենը եւ զայն կը բռնեն կրակին վրա… բայց ո՛չ, ամբողջ չեն դնէր, այլ հատիկներու կը վերածեն… զայն կը բռնեն կրակի վրայ… բայց ո՛չ, թելին ծակերը պզտիկ են, վար չեն իյնար… կրակին վրայ… բայց ո՛չ, փայտէ ածուխ է… եւ կը սկսին երերցնել… բայց ո՛չ, կոթ ունի, կոթէն կը բռնեն, ճիշտ այսպէս… նայէ, նայէ որ սորվիս…

Դէմ դէմի նստեր էին անկողնին վրայ: Նէնէթ կը ժպտէր, զմայլելիօրէն կը ժպտէր: Կարծես յոգնէր էր քիչ մը. իր լայն ու լեցուն կոպերը երբեմն կ՚իջնէին պարտասած, նուաղանօք, արբշիռ… Յամառ տղեկի մը պէս կը շարունակէր ակռաներուն մէջէն Փիէռը գրգռող բառ մը արձակել եւ միւս ձեռքովը տղուն ծոծրակը ճմլել, ճմլել: Երիտասարդը, լաւ բացատրելու իր մարմաջէն տարուած` երկու ձեռքերը կը շարժէր անդադար պարապին մէջ, կնոջ ծալուած ծունկերուն վրայ: Եւ Նէնէթին այդ հրաշալի մերկութունը, լեցուն ազդրերը, զիստերը, բումբերը կարծես կրակ մը կ՚ըլլային հրակէզ, որուն վրայ տղան կեփէր, կեփեր…

…Եւ այն ատեն եգիպտացորենները կը սկսին պայթիլ, չա՛թ, փա՛թ, չա՛թ, փա՛թ…

Ո՛չ, չեն պայթիր:

Ինչպէ՞ս թէ չեն պայթիր, անշուշտ թէ կը պայթին:

Ո՛չ, չեն պայթիր:

Կը պայթին:

Չեն պայթիր:

Կը պայթին. բայց դուն միսիր պույտային ինչ ըլլալը ի՛նչ գիտես. կը պայթի՛ն, կը պայթի՛ն…

Դո՞ւն ինչ գիտես ինչ ըլլալը. անիկայ տաք տաք կ՚ուտեն… իսկ դուն ժամ մըն է պարապ խօսք կ՚ընես եւ կը ձգես, որ պաղի…

Ժպիտը անսահմանօրէն մեծցաւ Փիէռի հոգիին մէջ: Ան իր ամբողջ ուժովը պլլուեցաւ իր Նէնէթին, պլլուեցաւ իր Նէնէթին ու տապալուեցան բարձերուն մէջ.

Տաք-տաք կերան:

 

Ահա այսպէս կու գայ վայրկեան մը, երբ ալ կ՚ուզենք ըսել այն, որ մեր արիւնին ու ոսկորին մէջն է եւ որ չի թարգմանուիր: Որովհետեւ միայն մայրենի լեզուն է, որ բառերուն կրնայ տալ այն անկեղծ ու պարզ շեշտը, որ բնաւ մտածում չի պահանջէր: Եւ սիրտը երբոր կը խօսի, պէտք չէ մտածել: Ահա թէ ինչու Փիէռ ըսաւ մեղմաձայն, կարծես միայն ինքզինքին համար. «Ուտտեմ ես քեզի, իմին Նէնէթս, կռծե՜մ ես քեզի»: Նէնէթ մտիկ ըրաւ զայն ժպիտով, կրկնել տուաւ, թերեւս հասկցաւ, բայց, ինչ որ աւելին է` կարծես զգաց: Փիէռ նետուեցաւ մահճակալէն վար, կեցաւ սենեակին ճիշտ մէջտեղը, թողլով, որ արեւի լեզու մը իր ոտքերուն հետ խաղայ, եւ այդպէս ամբողջութեամբ մերկ, սրունքներն ու թեւերը բացած սկսաւ արտասանել պոռթկացող հրճուանքով, յորդող երջանկութեամբ.


«Ով աստուածն իմ հայրերուս,
Կը մօտենամ ահա բագնիդ
Եւ խամութէն քաշելով կը բերեմ էգ մ՚
Աշխարհներէն տռփանքի:
Տե՛ս, պարարտ է զոհս իմին,
Միսերուն մէջ կաթնաթոյր»
Ցեղին ամբողջ կեանքը կայ…»

Անկողնին մէջ նստած, ցուցամատը օդին, ինքզինքին վարժուհիի մը երեւոյթը տալով Նէնէթ ըսաւ.

C՚est bien, c՚est trés bien, mais ce n՚est pas tout à fait cela, il y a une faute!

Oh, Nenette, Nenette chérie! ըսէ՛, ինչէ՞ն հասկցար, ինչէ՞ն հասկցար, որ ճիշդ չէ… Բայց ես դիտմամբ ըրի, ես դիտմամբ փոխեցի…

Փիէռ մէկէն լռեց սակայն: Նէնէթը թողլով` ցցուեցաւ անկողնին եզերքը ու ականջ տուաւ: Այո՛, չէր սխալած. աղմուկը կը մօտենար: Ալ որոշակի լսեց Սուրէնին ձայնը, որ կ՚ըսէր. «Եւ այն ատեն Հայկական Յեղափոխութիւնը կը լողա՜ար արիւնի ծովու մը մէջէն…»: Երբոր ոտնաձայները սանդուխը աւարտեցին, Հրաչին ձայնը ըսաւ. «Բացէք զդուռն արքայութեան». թա՛ք, թա՛ք, թա՛ք: Նէնէթ ցաւցնելու աստիճան սեղմեց երիտասարդին թեւը, մինչ ան նշան կ՚ընէր, որ չաղմկէ: Արքայութեան մէջ աղմո՞ւկ: Սուրէն շարունակեց. «Եւ այն ատե՛ն Հայկական Յեղափոխութիւնը կը զարնէր բոլո՜ր գոg դռները»: Թա՛ք, թա՛ք, թա՛ք: Այդ զարկին լռութեան երկար պահ մը յաջորդեց. յաջորդող այդ երկար պահը միշտ այսպէս ճնշիչ ու սմքեցնող կ՚ըլլայ, ամէն անգամ, որ Յեղափոխութիւն մը ան բարեհաճ բարձրագոյն դուռ մը զարնէ.

Առի՞ր հիմա փայդ. աս նորէ՛ն հոս չէ: Է՜յ, մէյ մըն ալ հոս եկողը Արապ ըլլայ…

Խելքս չի հասնիր, ճանըմ, մէկը աղջիկ ունի` տունը չէ, միւսը տանսինկի սիրահար է, տունը չէ, ասդիինը Օփէրա-Քոմիքին բռնուած է, տունը չէ, էյ ա՞ս ինչ է…

Անկողնին վրայ իրարու սեղմուած մնացեր էին անշարժ, ականջնին ցցուած, մէյ մէկ լայն ժպիտ դէմքերնուն: Նէնէթ աւելի իրեն քաշեց տղան, բերանը ականջին մօտեցուց կարծես բան մը ըսելու համար, բայց պարզապէս խածաւ զայն իր բլթակէն:

Էյ ի՞նչ կ՚ընենք կոր…

Mon vieux, ես տեղ մըն ալ չեմ երթար. արդէն ականջս կը ցաւի կոր: Քանի որ բանալին վարը չէր, ըսել է հեռու չէ գացած եւ շուտով պիտի գայ: Բա՛ց սա պատուհանը, նայէ՛, Նօթրը-Տամը կ՚երեւայ, զմայլելի տեսարան, օդաւէտ դիրք, ասանկ հրաշալի կիրակիով ո՞վ սենեակը կը փակուի. պանդոկը վերէն վար պարապ է: Մէկն ալ մինչեւ հինգերորդ յարկ չի բարձրանար մեզ խանգարելու: Հոս կ՚ուտենք, լմնցաւ գնաց:

Պզտիկ աղմուկներ կ՚ըսէին, թէ թուղթեր կը բացուէին, գետին կը դրուէին ծրարներ, հաց, շիշեր եւ յետոյ երկու յետոյք:

Մե՜ղք, մե՜ղք, քէյֆէրնիս հարամ եղաւ, սա՛ նայէ, իւղերը կը վազեն կոր. է՛ն աղէկ filet de harengը առած էի:

Բա՛g սա լրագիրը. բա՛g կ՚ըսեմ կոր քեզի, այսօր ալ խմբագրական կարդացած մի՛ ըլլար: Եթէ կ՚ուզես` գոց ըսեմ. կիրակի օրերը միշտ այլասերման վտանգին վրայ գրուած կ՚ըլլայ:

Սկսան ուտել: Բաւական երկար տեւեց ճաշը, որու միջոցին չդադրեցան, նոյնիսկ բերաննին լեցուն, աղջկան պատմութիւններ պատմելէ, խնդալէ, կատակելէ: Հրաչ սաստիկ կը գանգատէր Միսաքէն, զայն իր սիրային վերջին անյաջողութիւններուն պատճառը նկատելով: Այո՛, անկասկած, քանի որ բերնին ոսկիէ ակռան շինելու համար տգեղ հայ աղջկան մը ետ եղած նշանտուքի մատանին գործածած էր: Դաւաճա՜նը…: Հրաչ մէկէն հարցուց.

Ծօ, չըլլա՞յ աս տղան ներսը աղջիկ նետած ըլլայ:

Չէ՛, ճանըմ, պատասխանեց Սուրէն, ան այս միջոցին բնաւ այն կողմերը չէ. սաստիկ լրջացած է. Լիզը անգամ ճամփեց.

Իրա՞ւ. բայց ան անուշի՜կ բան էր. ինչո՞ւ չըսիր, որ ինծի անցընէր:

Ձայնին դրոշմը փոխելով, Սուրէն շարունակեց.

Կարծեմ Պետրոսը լրջօրէն իր փաթրոնին բռնուած է… ըրածը սխալ է սակայն. ես բնաւ համակարծիք չեմ… պէտք չէր, որ այդքան լրջութեամբ մօտենար խնդրին… ըրածը հայկական սիրաբանութիւն է. Աստուած տունէ տեղէ հեռու ընէ…

Ինչպէ՞ս է. աղուո՞ր կին է:

Աղուո՞ր է մի, աղուո՞ր է մի…— Փիէռ այդ պահին Նէնէթի ծոծրակին պզտիկ մազերուն հետ կը խաղար. մատը անշարժացուց եւ անհամբեր սպասեց պատասխանին, որ պա յթեցաւ. Քայյմա՜ք, mon cher, քայմա՜ք…

«Քայմաք»ը երբեք չհասկցաւ, թէ ի՜նչու Փիէռ մէկէն զինքը այդքան ուժով սեղմեց, այդքա՜ն ուժով, ամբողջ ուժով:

Պետրոս ըսածդ արդէն ասանկ է. սուսիկ փուսիկ գործը կը տեսնայ: Վա՜յ Պետրոս, վա՜յ, օր մը ինչ ըրաւ գիտե՞ս. է՜յ, նշանաւոր բան մը պատմեմ, նայէ: Կիրակի մը ութ տասը տղայ ժողովարան ենք գացեր: Այն ատեն ժողովարան երթալը Պոլիս մոդա էր: Պրոֆէսէօր Լալկանեան մը ելաւ խօսելու. Սրբէ՛ սա թուղթը, ես ա՛լ չպիտի ուտեմ, սկսաւ մեզի ուղտին առակը պատմել: «Եւ այն ատե՜ն, սրբէ՛ կ՚ըսեմ կոր, ես կշտացայ, եւ այն ատե՜ն ուղտապան մը Նազարէթ կը մտնէր: Ուղտապանը իր ետեւէն կը քաշէր իր ուղտը…»: Կ՚ուզե՞ս մի Պետրոս մէկէն սկսի երգել, մենք ալ հետը` բարձրաձայն. «Չէք, տէվէլչի, տէվէլէրին, սուլանսըն ամա՜ն…»:

Բարեբախտաբար անկողնին ճռինչը կորսուեցաւ խնդուքներու մէջ: Սաստիկ ոգեւորուած էին. Հրաչ սկսաւ երգել. «Աճապա շէ՞ն մի սին, քէտէրին վա՞ր մը…»

Կու լայ կոր, ըսաւ Նէնէթ:

Սո՛ւս, չի լար կոր:

«Ույուսամ, կէօքսիւնին իւսթիւնտէ պիր եէրին վա՞ր մը. նէքատար եօրկունըմ հապէրին վա՞ր մը…»

Նէնէթ, Նէնէթ… ուր որ ալ ըլլաս, ինչպէս որ ալ ըլլաս, ով որ ալ սիրես… եթէ անունս իսկ մոռնաս…

«…Նէքադար տիւշկիւն իմ հապերին վա՞ր մը…»:

Մէկէն լսուեցաւ մօտաւոր դրան մը բացուիլն ու գոցուիլը: Երգը կտրուեցաւ անմիջապէս, եւ Հրաչ բացականչեց.

Օ, պօնժուռ, մատըմուազել, այս որքա՛ն ատեն է զիրար չենք տեսեր, այս ի՜նչ բարեբախտութիւն, Աստուած իմ, ես, որ այն գիշերուընէ ի վեր չեմ դադրած ձեզ փնտռելէ, ձեզ երազելէ…

Բայց դուք զիս չէք ճանչնար, պարոն:

Ինչպէ՜ս, ինչպէս, արդէն իսկ մոռցա՞ք ձեր պզտիկ Ռումանացին, որուն հետ ամբողջ գիշեր մը պարեցիք Սալ Պիւլիէ եւ կամ թէ Վակռամ, լաւ չեմ յիշեր… այն որ քանի անգամներ ըսաւ ձեզի…

Հայտէ, քե՛զ տեսնեմ, Հրաչ, համոզէ սա խայտառակը անտառ տանինք:

Դուք, որ այդքան գրաւիչ գեղեցկութիւն մը ունիք, այդքան խենթացնող աչքեր ունիք, դուք, որ այդքան…

Բայց կը չափազանցէ՜ք, պարոն…

Ո՜հ, հաւատացէք, օրիորդ, որ ես միայն եւ միմիայն ճշմարտութիւնը կ՚ըսեմ: Մի՛ մոռնաք սակայն, որ ճշմարտութիւնները քանի մը տեսակ են. կան բացարձակ ճշմարտութիւններ, կան յարաբերական ճշմարտութիւններ, կան տակաւին ճշմարտութիւններ…

Եւ ճշմարտութիւնները հատ-հատ իջան սանդուխներէն: Մէկ հատ մը միայն մնաց գոց դռան ետեւ: Մեծ մը: