Նահանջը առանց երգի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

3

…Խափշիկները մեզ յանկարծ լքելով փախան ու պահուըտեցան չես գիտէր ուր: Ընկերս կը դողար իր բոլոր անդամներով եւ վախէն ակռաները իրարու կը զարնուէին: Եւ այն ատեն մացառներուն մէջէն յովազը ոստումով մը նետուեցաւ դուրս, ճիշտ մեր դիմացը, թաթերը օդին, երախը` բաց, աչքերը` սարսափելի… Օ՜հ, սարսափելի, ահաւո՜ր… Եւ այն ատեն… բայց մտիկ չէք ընէր կոր, պարոն Փիէռ…

Si, si, շարունակէ՜:

Եւ այն ատե՜ն, առանց պաղարիւնութիւնս կորսնցնելու, նշան առի, կրակեցի… Եւ այն ատեն, կենդանին ինքն իր վրայ դարձաւ, գետին ինկաւ, սկսաւ տապլտկիլ ու մռնչալ… սարսափելի՜, ահաւո՜ր… Ես վրան նետուեցայ, հրացանիս կոթը մխրճեցի անոր երախին մէջ, այսպէս, որպէսզի չխածնէ եւ պոչէն քաշելով զայն տարի ծառի մը տակ. ճի՛շդ այսպէս: Խոշոր, հսկայ ծառ մըն էր, թերեւս պաօպապ մը:

Ուրիշ ծառեր ալ կային հեռուն, որոնք անվերջանալի տողանցումով մը կը յառաջանային, ճամփան աղեղները եզերելով: Ատենը անգամ մը ինքնաշարժ մը կը փախչէր բուներուն մէջէն եւ տերեւաթափ ճիւղերը կը սուլէին: Ընդարձակ, անհատնում դաշտեր, լերկ ու պարապ: Աշնանավերջ է եւ հողը ալ կը հանգչի թրջած տերեւներու վերմակով: Անձրեւէն լուացուած տուներ իրենց կիրն ու աղիւսը կը փայլեցնեն ջրակոյտերու մէջ եւ գորշ, հնամենի ագարակներ, ուրիշ դարէ մը մնացած, հանդարտօրէն կը մխան, անգործ մշակի մը ծխամորճին պէս: Ճահիճները մեծցեր են հիմա եւ բադերու ու սագերու անիմաստ կանչը ունին միայն, իսկ ջուրի ճամփաները լեցուն են կարծես սպիտակ փետուրով: Հեռագրի փախչող ձողեր վայրկեանները նշանագրեցին անվերջանալիօրէն եւ թելերը իջան ու ելան, իջան ու ելան: Նորմանդին կը սկսէր:

Դէմ դէմի են պատուհանի առջեւ Փիէռ ու Կոստան: Սա համաչափ ու միօրինակ ցնցումը շոգեկառքին տեսակ մը թմրութիւն կու տայ իրենց եւ մելամաղձոտութիւնը կ՚աւելնայ վագոնին կիսաստուերներէն ու դուրսի ցած, աղտոտ երկինքէն: Տեղատարափը Փարիզ մնաց, բայց դեռ պզտիկ կաթիլներ կը դողան ապակիներուն վրայ: Փարիզ շատ բան մնաց, սակայն զուգահեռական սա երկար գիծերուն տակաւին կ՚ընկերակցէին ծանր ու գորշ ամպեր, ինչպէս նաեւ զանազան խմիչքի ազդեր: Կոստանը կը շարունակէր իր սպանած յովազին պոչէն քաշել, այսպէս, զայն տանելու համար պաօպապին տակ, եւ Փիէռին մտածումը կը ցատկէ խրճիթէ խրճիթ, տանիքէ տանիք, կը յառաջանայ շոգեկառքէն շատ աւելի արագ, հասնելու համար Պիպիին: Ահա Պիպին, ահա անոր խարտեաշ գլուխը, կապոյտ աչքերը, շարժումներն ու խօսելու ձեւը, անառակութիւնը: Եւ Փիէռին մտածումը կը փախչի մէկէն ետեւ, կ՚իյնայ Փարիզ, կ՚իյնայ Նէնէթին, շուտով վերսկսելու համար այս ճամփան` դէպի Սէն-ժորժ: Իրաւ, այս երրորդ անգամն է, բայց այլեւս վերջին անգամը պիտի ըլլայ: Այլեւս չպիտի երթայ այդ գիւղը, Նէնէթէն բան մը փնտրելու. այլեւս պէտք պիտի չունենայ: Գնացքին անիւներուն միօրինակ աղմուկը կարծես ըսել կ՚ուզեր. «Չըսսի՞ քեզի, չըսսի՞ քեզի, չըսսի՞ քեզի, չըսսի՞ քեզի»:

Փիէռ մտիկ չէր ընէր դիմացինը, Փիէռ մտիկ չէր ընէր ոչ իսկ իր անձը: Ներքին յաւիտենական տրամախօսութիւնը լռած էր կարծես: Պարապ էջեր՝ որոնք կ՚անցնէին: Պէտք է անոնք շատ արագ անցնէին: Ան այս վիճակին մէջ կը նմանի վատուժ, սպառած հիւանդի մը, որուն երակներէն արիւնը պահ մը խոյս կու տայ ամբողջութեամբ, եւ դիտող աչքերը անկարող կ՚ըլլան իրենք զիրենք տեսնել հայելիին մէջ: Ապաքինութեան շրջանը պիտի սկսի անշուշտ եւ երբոր ամպի պէս սա վարագոյրը կամաց կամաց փարատի, երիտասարդին աչքերը կրկին պիտի տեսնեն նոյն ժպիտը, սիրական Նէնէթին դէմքը լուսաւորող: Պիտի տեսնեն զայն ներքին հայելիին մէջ իսկ, պիտի վերադառնայ ան անշուշտ իր Փիէռոյին, դարձեալ պիտի նետուի իր բազուկներուն, ինչպէս որ նախորդ անգամուն եկաւ, եկաւ ճիշդ առջեւս, արիւններուն մէջ, դաշոյն մը մինչեւ երախակալը մխրճուած անոր զմայլելի ծիծերուն մէջտեղ…

Հե՞… ի՞նչ, ո՞վ…

Բայց զիս մտիկ չէ՛ք ընէր կոր, պարոն Փիէռ…

Որքան յուսահատութեամբ արտասանեց Կոստան իր այս նախադասութիւնը: Յետոյ սմքած ու տխուր քաշուեցաւ իր անկիւնը եւ լռեց: Սաստիկ առնուած էր: Երկար պահ մը վերջ Փիէռ ըսաւ.

Նորէն կը կրկնեմ, Կոստան, տիրուհիդ բան մը պէտք չէ գիտնայ: Չեմ ուզէր, որ իրեն ըսես, թէ Պիպին տեսնելու գացի:

Բաց՝ ինչպէս կ՚ըլլայ ամէն մաքուր աչք, նախկին ենթասպայի կապոյտ աչքերը աւելի լայնցան եւ ուսերու ու ձեռքի շարժումի մը հետ իրենց զարմացումը յայտնեցին: Ո՛չ, պէտք չէր տարակուսիլ, պէտք չէր կասկածիլ Կոստանի վրայ: Ան սովորական՝ համակրութենէ աւելի մեծ զգացում մը կը տածէր երիտասարդին հանդէպ, որ հակառակ որսորդութեան պատմութիւններէ ախորժող մը չըլլալուն… այո՛, հակառակ իր պատմութեանը է՛ն անուշ կէտին ընդմիջած ըլլալուն, սովորական համակրութենէ աւելի մեծ զգացում մը կը տածէր իրեն հանդէպ:

Երբոր պարապ ու երկար րոպէները սկսան աւելնալ, եւ նոյն անձին շուրջ երկուքին կողմէ ալ չարտասանուած նախադասութիւնները եղան ճնշող, երբոր վերջապէս դուրս ելան փապուղիի մը մթութենէն, Կոնստան լռութիւնը խզեց ձայնով մը, որ իր նոր զգեստներուն պէս պաշտօնական պարագաներու միայն կը գործածէր, ըսաւ.

Մատամ Ժաննը ես շատ կը սիրեմ, զաւակի մը պէս: Ես զինքը շատ կը յարգեմ: Եւ սակայն կը խոստովանիմ, որ ձեզի հանդէպ պէտք եղած վարմունքը չունեցաւ… Ո՛չ, պարոն Փիէռ, ձեզի հետ լաւ չվերաբերուեցաւ: Գալով Պիպիին, օ՜հ, շատ, շատ սխալ կ՚ընէ. պիտի զղջայ օր մը: Մօր սրտի գո՞րծ է այսպիսի մանչուկ մը գիւղերը ձգել: Ամէն ամիս զիս կը ղրկէ, որպէսզի դրամ տանիմ եւ պէտքերը հոգամ:

«Ես ի՜նչ կ՚արժեմ, ես ի՜նչ կրնամ ընել… պէտք է, որ ի՛նք… Եւ ինք տարին երկու անգամ երթալ տեսնելով կը բաւականանայ: Ո՛չ, ո՛չ, պիտի զղջայ օր մը, տղան իր դէմը պիտի ելլէ, ես կը խոստովանիմ բացէ ի բաց»:

…Չըսսի՞ քեզի, չըսսի՞ քեզի, չըսսի՞ քեզի, չըսսի՞ քեզի, չըսսի՞…

Հաղորդ կայարանէն մարդուկ մը բարձրացաւ իրենց վագոնը: Հաստ, կլոր եւ կարմիր դէմքով մէկն էր ան ու կը հեւար: Ծրարները մեծ դժուարութեամբ զետեղեց վերի ցանցին մէջ, ամէն մէկ շարժումի բացականչութիւն մը ու քանի մը խօսք արձակելով: Ո՛հ, այս մէկը հարաւի ծնունդ էր, ատոր կասկած չկայ: Անմիջապէս խօսակցութեան մտաւ Կոստանի հետ, ու երկու տարեցները շուտով մտերմացան:

Հեռագրաձողի գումարտակներ անցան:

Բաւական վերջ, երբոր ալ հանգրուանին կը մօտենային, Փիէռ սթափեցաւ իր վշտոտ մարդու թմրութենէն, ծրարները իջեցուց, գլխարկը դրաւ եւ սկսաւ շարժումներ ընել, ընդարմացած անդամներում քիչ մը առուգութիւն տալու համար: Տեսաւ, որ Կոստանը դէմը չէր: Ձայնը կը լսուէր սակայն: Այն միւս մարդուկին հետ ետեւի նստարանը անցէր էին, զինքը չնեղելու գովելի փափկանկատութեամբ, ու Կոստանը կը պատմէր.

…Ես վախէս կը դողայի իմ բոլոր անդամներովս, ու ակռաներս իրարու կը զարնուէին: Սակայն ընկերս առանց պաղարիւնութիւնը կորսնցնելու նետուեցաւ վրայ, հրացանին կոթը մխրճեց անոր երախին մէջ ու պոչէն քաշելով տարաւ ծառի մը տակ: Կարծեմ պաօպապ մըն էր:

………………………………………………………………

Մօրը կատարեալ մանրանկարը:

Դիմագիծերու, խօսուածքի, շարժումներու, նոյնիսկ քայլուածքի բացարձակ նմանութիւն: Նոյն ոսկի մազերը եւ մորթի գոյնը: Պիպիին աչքերն են, որ միայն կը տարբերին: Կապոյտ են անոնք, խիստ գեղեցիկ, գոց կապոյտ մը՝ որ մազերու փայլին հետ աննման ներդաշնակութիւն մը կը կազմէ: Գիւղին ամենէն գեղեցիկն է եւ ամենէն ալ անառակը: Համարձակ՝ կարծես մօրմէն ալ աւելի, համարձակութիւն մը, որ այս տարիքի տղոց քով շատ շատ անգամ լրբութեան ալ կ՚երթայ, մանաւանդ երբոր ծնողքէ զուրկ ըլլալով ակնածանք ազդող մէկը չունենան իրենց քով: Խիստ ծեր, բայց դեռ վազվզող պառաւ մըն է զինքը մեծցնող կինը, Թաթան: Նորմանտուհիի մը պէս ագահ ու գծուծ, սակայն վերջին ծայր տկարամիտ, անխելք: Այնպէս որ տունին տէրն է եղած կարծես Պիպին, որ իր արտակարգ սրամտութեամբ, տարիքը գերազանցնող խելացութեամբ, ուզածին պէս կը կառավարէ պառաւը: Տան միւս երկու այր անդամները, նմանապէս տարէց, դաշտերն ու պարտեզները կ՚անցընեն իրենց բոլոր պահերը եւ անկարող են օրուան անվերջանալի դէպքերուն միջամտել: Բանէ մը վախն ալ չի գիտէր չարաճճին, երբէք չընդունիր պարտուած ըլլալը, եւ նոյնիսկ բացորոշ յանցանք մը գործած պարագաներուն բան մը, որ յաճախ կը պատահի ինքն է, որ կարծես կ՚ուզէ դիմացինը յանդիմանել: Լացը իրեն համար գոյութիւն չունի: Քաղաքի ծնունդ եղող տղու իր ուշիմութեամբ ուզած ձեւովը կը վարէ սա պզտիկ գիւղին կիսով կենդանի մանուկները: Վերը, հեռուն, երկու հովիտներու մէջ կորսուած գիւղ մըն է Սէն-ժորժը, որ քաղաքին կէս ժամով մը կը միանայ, ինքնաշարժի արագութեամբ:

Կատարեալ փոթորիկ մը փրթած էր, երբոր Փիէռ ու Կոստան ներս մտան տնակէն: Դրացի մը եկեր էր քիչ մը խիստ ու ծանր բառերով գանգատիլ Պիպիին ըրած մէկ անառակութեանը համար: Դեռ մարդուն պոռչտուքին տպաւորութեանը տակ` Պիպին կեցեր էր սենեակին մէկ անկիւնը անշարժ, աչքերը խոշոր մը բացած: Թաթան վերջին ծայր շուարած, բոլորովին ապուշցած էր. դէպքը Փիէռին կը պատմէր անգործածելի ձայնով մը, մեծ սենեակին մէկ անկիւնէն միւսը երթալով, խիստ բարկացած, բայց անկարող բան մը ընելու, յուզումէն դողդոջուն:

Փիէռ անզուսպ փափաք մը ունէր խնդալու, սակայն պատշաճութիւնը յարգելու համար բարկացած մէկու մը դիմագիծը առաւ ու գոչեց բարձրաձայն.

Պիպի՛, հոս եկուր տեսնեմ, շո՛ւտ, հո՛ս, առջեւս… Ըսէ նայիմ, ինչո՞ւ պարոն Ֆաթուին էշը ներկեցիր:

Պարոն Ֆաթու…ի՞ն:

Այո՛, էշը:

Պարոն Ֆաթուին է՞…շը:

Այո՛, այո՛, պարոն Ֆաթուին է՛շը: Ինչո՞ւ ներկեցիր…

Բայց ես ամբողջութեամբ չներկեցի՜…

Ի՜նչ, ի՜նչ, հապա ամբողջութեա՞մբ պիտի ներկէիր: Սա անպիտանին նայեցէք, ըսել է կ՚ուզէիր ամբողջ էշը ներկե՞լ: Չորս ոտքով, երկու ականջով, մէկ քիթով, մէկ պոչով այդ խոշո՜ր էշը, եւ միայն երկու ոտքերը ներկած ըլլալդ արդարացո՞ւմ կը նկատես… թէ ոչ քիթիս կը խնդաս կոր, հէ՞, քիթի՞ս կը խնդաս կոր… ամբո՜ղջ էշը ներկել…

Բայց արդէն ներկը չէ՜ր բաւէր, որ…

Փիէռ անմիջապէս ետեւ դարձաւ խնդուքը ծածկելու համար, իսկ Կոստան աթոռի մը վրայ իյնալով սկսաւ կարմրիլ ու մարմրիլ բարձրաձայն, բարձրաձայն: Թաթան ալ չկրնալով բարկութիւնը զսպել, սկսաւ լալ, հանգստեան կոչուած ձայնով մը, եւ ձեռքին պղինձէ մեծ սանը` բոլորովին շուարեցաւ:

Ըսէք տեսնեմ, սիրելի պարոնս, ասոր հետ ես ինչպէ՜ս գլուխ ելլեմ… Դեռ այս բան մը չէ, կ՚երթամ էշը կը լուամ ու ամէն բան կ՚աւարտի. այս բան մը չէ: Առջի օր ուրիշ փորձանք մը իջեցուց գլխիս, հին հովանոցիս թելերովը աղեղ մը եւ նետ մը շինէր է, քաշելուն պէս աքաղաղին աչքը հանեց… Հապա՜, աչքը տեղէն հանեց…

Ի՞նչ, ի՞նչ, գոռաց Փիէռ նորէն սաստիկ բարկանալով, ա՞ն, դո՞ւն, հոս եկուր տեսնեմ, հոս, առջեւս, քեզի պիտի սորուեցնեմ, թէ ես ո՞վ եմ, թէ անառակ տղաքը ինչպէս կը պատժեմ: Ըսէ նայիմ, ինչո՞ւ աքաղաղին աչքը հանեցիր…

Աքաղաղի՞ն…

Այո՛, աչքը:

Աքաղաղին աչ…քը՞…

Է՜յ, նորէն չհասկնալու մի գար. այո՛, աքաղաղին աչքը, ինչո՞ւ տեղէն հանեցիր:

Բայց ես չհանեցի, ան ինքնիրենը մէկ աչքը գոցեր է…

Oh, Jésus Marie! Oh! Jésus Marie. այս ի՜նչ ստախօս. մի՛ հաւատաք, պարոն Փիէռ, մի՜ հաւատաք, ամբողջ սուտ է: Ուրիշ անգամ մըն ալ հաւու մը ոտքը կոտրեց եւ ըսաւ, որ կենդանին ոտքը վեր է քաշեր… օ՜հ, մի՛ հաւատաք, ես ա՜լ պիտի չհաւատամ…

Փիէռ նուէրներ էր բերած պզտիկ Նէնէթին: Շաքար, շոկոլա, մանկական պատկերազարդ գրքոյկներ եւ մայթանիւ մը (trotinette): Պիպին ձգեց ամէն բան ու միայն մայթանիւը առնելով` ելաւ դուրս: Ճկուն եւ արագաշարժ` սկսաւ երկար ճամփուն մէկ ծայրէն միւսը վազվզել, երջանիկ: Գիւղին տղաքը հաւաքուած կը նայէին հիացումով: Երբոր փափագն ու հպարտութիւնը գոհացուց, սկսաւ իր պզտիկ առուտուրին: Մայթանիւով մինչեւ եկեղեցի երթ ու դարձ` մէկ քարեգնդակ, մէկ շոկոլայի պատկեր եւ կամ ուրիշ բան մը: Ճչարձակը սեղմելն ալ ձրի՜…

Մօրը կատարեալ մանրանկարը:

………………………………………………………………

Կէսօրուան ճաշէն անմիջապէս վերջ ազատ արձակեցին Պէռթան, մեծ ընկուզենիին տակ կապուած սեւ շունը եւ Պիպին պտոյտի տարաւ իր Փիէռ «զարմիկը»: Մեծ շրջան մը ըրին գիւղին շուրջ: Առջեւէն կը վազէր շունը, միշտ կորսուելով ու վերերեւնալով, ետեւէն կու գար Պիպին եւ ամենէն վերջը Փիէռ՝ որ հազիւ կը հասնէր երկու անզսպելի արարածներուն: Շատ մը տեղերէ անցան, բարձրացան զառիվեր մը, իջան կրկին. Հայը մտիկ ըրաւ պատմութիւններ, հին դէպքեր, ստիպուեցաւ նայիլ ժայռի մը խոռոչին մէջ, ուր «մարդու հաստութեամբ օձեր կային», ստիպուեցաւ քարկոծել խեղճ թռչուն մը, որ «անգղ մըն էր շա՜տ վնասակար»: Ամէն դաշտի կամ տնակի քովէ անցնելուն, Պիպին տուաւ տիրոջ անունը, մինչեւ որ եղեւիններու անտառը հասան: Վերը, բլուրին վրայ, քարէ մեծ խաչին քով, Փիէռ ուզեց քիչ մը հանգչիլ, առջեւը տարածուող լայն հորիզոնին դիմաց, բայց կարելի չեղաւ: Պէտք էր տեսնել դեռ ա՛ն ալ, դեռ ա՛ս ալ. հոն Պառթէլենց խնձորենին կար, որուն մէկ ճիւղը տանձենի էր, ասդին, գետակը կը լայննար եւ մէջը պզտիկ ձուկեր կ՚երեւէին. իսկ այն միւս հորին մէջ էր ինկած իր վէգը: Հապա՜, ինք վէգ ներկել ալ գիտէ, հաւատա՛, Փիէռ զարմիկ, հաւատա՜…

Փիէռ մէկէն գրկեց տղան, բազուկներուն մէջ ուժով մը սեղմած նստաւ ճամփան եզերքը կոճղի մը վրայ եւ սկսաւ խենթի մը պէս համբուրել զայն, արագ-արագ, խենթի մը պէս: Մանչուկը նախ թողուց, որ ան ուզածն ընէ, բայդ յետոյ երբոր տեսաւ, թէ անոր աչքերը կը թրջին, ուրիշ կերպով մը կը նայի իրեն եւ շնչառութիւնը կը փոխուի, կարծես վախցաւ եւ ուզեց ազատիլ անոր գիրկընդխառնումէն: Այն ատեն աչքերը գոցեց Փիէռ ու անոր պզտիկ գլուխը իր այտին սեղմած` մնաց անշարժ, սակայն թրթռուն: Յետոյ արագ, շատ արագ քայլերով տուն վերա դարձաւ, Պիպին միշտ գրկին մէջ: Շունը առջեւէն կը վազէր հաջելով:

Երբոր Թաթան լաւ մը սրբեց ու մաքրեց պզտիկը իր ստացած gեխերէն, փոխեց կօշիկները եւ գոգնոցը հանելով նոր հագուստները հագցուց, միւս սենեակը անցան: Ամէն գիւղական տան մէջ այսպէս մասնաւոր սենեակ մը կայ, կէս մը ննջարան, կէս մը հիւրանոց: Կիրով ճերմկցուած պատեր, քանդակուած կաղնեփայտէ բարձր ու լայնածաւալ մահճակալ մը, նուրբ եւ արժէքաւոր ձեռագործ ծածկոյթով: Թաւիշէ մեծ եւ պզտիկ շրջանակներ, կեղծ ծաղիկներով բեռնաւոր, շըմինէին վրայ ապակիէ զանգակի մը տակ զմռսուած բու մը, քովը փայլուն խեփորներ, պզտիկ սուրբեր, դեղնած պատկերներ, զարդեր, որոնցմէ ամենէն նորը 1900ի ցուցահանդեսէն է մնացած: Եւ սակայն, հակառակ այս բոլոր անճաշակութիւններուն, անքննադատելի մաքրութիւն մը՝ եւ կարգ ու կանոն դնելու սէրը: Սեւ խաչ մը իր բարձունքէն կը հսկէ բոլորին:

Փիէռ ծունկերուն վրայ առաւ պզտիկը, որուն այտերը կարմրէր էին տաք ջուրի շփումին տակ եւ որ բոլորովին տարբեր պուպրիկ մըն էր եղած իր գեղեցիկ զգեստին մէջ: Յոգնած էր ան եւ ատոր համար է, որ այսպէս խելօք մը նստաւ երիտասարդին գիրկը: Փիէռ սիրեց, գգուեց, շոյեց ու համբուրեց զայն, երբեմն ուժով, երբեմն ալ խիստ թեթեւ հպանցումով մը: Կարծես Նէնէթին մէկ թաթիկն է, որ կը համբուրէր:

Զիս կը սիրե՞ս, Պիպի:

Այ՛ո:

Որքա՞ն կը սիրես:

Շա՜տ:

Ինչո՞ւ համար զիս շատ կը սիրես:

Անոր համար…

Եւ գիտնալով, որ սիրող աչքեր զինքը կը դիտեն, ծամածռութիւն մը ըրաւ, յետոյ միմոսութիւններ, բաներ մը փնտրեց կարծես ու իր պզտիկ ձեռքերով երիտասարդին գլուխը սկսաւ շոյել, աւելցնելով…

Աղուոր տղայ ես դուն. շատ մաքուր ես… մաքուր ես…

Ըսաւ, թէ Կոստանն ալ կը սիրէ, Պէռթան ալ: Իսկ Թաթան… այո՜, ինչու չէ… միայն թէ շատ ծեր է ան ու տգեղ: Ինք կը սիրէ մանաւանդ Կի հօրեղբայրը: Ինչպէ՛ս, չե՞ս ճանչնար Կի հօրեղբայրը: Ծեր կինը սենեակ մտած էր այդ պահուն եւ, վերջին բառը լսելով, աւելցուց.

Օ՜հ, դրացի մըն է. ինք հօրեղբայր կը կանչէ: Արդէն իր սիրած բոլոր մարդիկ հօրեղբայր են իրեն համար:

Երբոր պառաւը հեռացաւ, Փիէռ հարցուց վերջապէս.

Հապա՞ մայրիկդ… մայրիկդ չե՞ս սիրէր:

Տղան չպատասխանեց բնաւ: Անշարժ մնաց, ակնարկը պատուհանէն դուրս, դիմագիծը պաղ, խոհուն: Պէտք եղաւ, որ Փիէռ կրկնէ իր հարցումը. սակայն ան կրկին չպատասխանեց ու գոհացաւ միայն կախ սրունքները օդին մէջ ճօճելով: Յետոյ մէկէն ծունկերէն վար ցատկեց, աթոռի մը վրայ բարձրանալով, պզտիկ պատկեր մը առաւ շըմինէին վրայէն եւ բերաւ Փիէռին: Նէնէթն էր. ուրիշ Նէնէթ մը: Աւելի նուրբ ու կարծես աւելի հասակաւոր, թեթեւ երիտասարդ, երկար, բայց սեղմ հագուստով մը՝ ուրկէ յայտնի կ՚ըլլար, թէ պատերազմին սկիզբները առնուած լուսանկար մըն էր, անոր մայրութիւնէն առաջ։ Փիէռ երկարօրէն նայեցաւ պատկերին, մինչ մանչուկը, կրկին ծունկերուն վրայ ելլելով` կ՚ըսէր դանդաղօրէն, հատ-հատ բառերով.

Maman n՚est pas gentille… Elle n՚est pas gentille.

Բարեբախտաբար շուտով պահը փոխեցին: Սակայն անկարող` նիւթէն ամբողջութեամբ հեռանալու, անցան պզտիկ սեղանին առջեւ, որպէսզի Պիպին մօրը երկտող մը գրէ: Փիէռ թուղթ ու մատիտ տուաւ եւ դիմացը անցնելով երկարօրէն դիտեց զայն, կզակը երկու ափերուն մէջ: Զառիթափեր իջաւ. անգոյն, սակայն լպրծուն զառիթափեր: Ինկաւ ջերմիկ դոնդողէ օրացոյցի մը մէջ: Ինկաւ անկողնի նմանող մեծ օրացոյցի մը մէջ: Մխրճուեցաւ, մխրճուեցաւ, հոն պիտի խեղդուէր: «Պզտիկ սիրական մայրիկս». տակը` «Պզտիկ սիրական մայրիկս». տակը «Պզտիկ սիրական մայրիկս»: Յետոյ Պիպին օդանաւ մը գծեց, չուզելով նամակը շարունակել: Օդանաւէն վերջ` ճագար մը, քահանայ մը, աքաղաղ մը եւ դեռ ուրիշ բաներ, որոնք պէտք էր գուշակել: Բայց երբոր տեսաւ, թէ երիտասարդը սեղանէն ելլելով կը հեռանայ, մեծ ցանկութեամբ նայեցաւ ձեռքի գեղեցիկ մատիտին զոր Փիէռ իրեն փոխ էր տուած, նայեցաւ լաւ մը եւ անմիջապէս տաբատին գրպանը մխրճեց զայն: Փիէռ շըմինէին առջեւն էր այդ պահուն ու առանց յայտնի ընելու ժաքէթին ներսի գրպանը կը սահեցնէր Նէնէթին լուսանկարը: Երբոր երկու դէմքերը իրարու դարձան, առանց որ մէկը միւսին գողութիւնէն տեղեկութիւն ունենայ, երկուքն ալ ժպտեցան, եւ Պիպին եկաւ երիտասարդին գիրկը նետուիլ: Իրենց է՛ն անկեղծ համբոյրը եղաւ: Երկուքն ալ երջանիկ էին:

………………………………………………………………

Մինչեւ վերջին վայրկեանը չսպասեց Պիպին: Կառքէն վար նետուելով գնաց քակել Պէռթային շղթան ու երկուքը մէկ ծառերուն մէջ կորսուեցան վազելով: Բարձրացան ցից մրգաստանը, հովիւին տնակին ետեւէն դարձան, իրենց շունչը սպառեցաւ հաճարի դաշտը կտրելով, մինչեւ որ սկսան սահիլ եղեւիններու տակ: Բարձր ու ցից գագաթ մըն էին հասած, որուն երկու կողերն ի վար կ՚իջնէր սոյլը մշտադալար եղեւիններուն: Ճիշդ մէջտեղը ժայռ մը կը կորանար կրիայի մը պատեանին պէս, որուն վրայ բարձրացաւ Պիպին: Երկար շրջան մը ընելէ վերջ, ինքնաշարժը իր առջեւէն պիտի անցնէր, վարէն, ճիշտ դիմացէն: Բայց երբոր երեւցաւ ան, Պիպին տեսաւ, որ մէջքի գօտիին անցուցած սպիտակ մեծ թաշկինակը չկար: Մասնաւորաբար հետը առէր էր, որպէսզի նշան ընէ, եւ հիմա չկար. ինկեր էր, քանի որ չկար: Պիտի ճչար անշուշտ բարկութենէն, երբոր մէկէն նշմարեց, որ Պէռթային բերանն է: Շունը հաւաքէր էր:

Մայրամուտին մէջ, ուր այլեւս եղեւնիներուն տակ կը մթնէր, ու կանաչները հորիզոնին լուսեղէն գիծերուն հետ ուրիշ համերգի մը կը սկսէին, պզտիկ տղան ձեռքը դեռ բարձր մնաց, թաշկինակին հետ, որ մազերուն պէս կը տատանէր հովին, սոյլին: Տղուն ճիշտ քով իր յետոյքին վրայ նստած շունը կը նայէր մէյ մը կառքին կորսուած կէտին, մէյ մը անշարժ պզտիկին: Կը հաջէր, կը հաջէր: