Միջնաբերդ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀՐԱՀԱՒ

Ա

(ՄՈՒՏՔ)

Հեքիաթ է, պատմեմ հեքիաթի նըման։

Անվախճան էր այդ երկնքին ճամբան։

Անոնք՝ որ իրենց հոգւոյն ծայրն եկան,

Տեսան, որ իրենց կատարը չէր ան։

Եւ երբ տխրեցան անոնք, ետ դարձան,

Տեսան, թէ ճամբան էր սուրբ ծիածան։

Հեքիաթ է, պատմեմ հեքիաթի նըման,

Երազուած լոյսն էր այդ երթն անվախճան։

Եւ անոնք եղան մանուկի նըման։

Յուզուած՝ կեցան. լա՞ն, թէ՞ ուրախանան…

Բ

Կար ու չըկար, տըղայ մը կար, տըղայ մը կաղ, տաղերու խենթ՝

Որ կը կարէր ցերեկը կար, հաց մը կ’ուտէր, գիշերը սէր,

Փառք կ’երազէր, գըլուխը կախ՝ պարիկներուն հետ կը խօսէր,

Տըղայ մը որբ, սիրտ մը անբախտ՝ կը կրծէին զայն վիշտ ու տենդ։

 

Գործատէրն իր օր մը ծեծեց զինք՝ վռընտեց իր խանութէն։

Գիւղը խնդաց. «Կանկա՜ռ գլուխ…»։ Տըղան ողբաց, չգըտաւ ճար,

Մըտաւ անտառ ու սուզուեցաւ ու հեռացաւ. աշխարհն էր չար։

Ան գընաց աջ, շրջեցաւ ձախ։ Մոլորեցաւ ան դէս ու դէն։

 

Հովն իրիկուան կը գալարէր կաղամախներ մետաղային։

Կը վառէին տերեւ ու ցախ վհուկային բոցերու տակ։

Ցասումով մեծ՝ մրմնջելով դիւթանք մը մերթ մօրմէն կըտակ՝

Կը քալէր միշտ տըղան բոպիկ։ Աչքերն ահէն կը շողային։

 

Ամպերն արնոտ՝ կը ձգնէին անասնակերպ դեւի ձագեր,

Որ կ’իջնէին ծառերն ի վար քրքըջալով։ Բու մը կ’ողբար։

Կը դառնար ետ նիհարակազմ պատանին՝ խոնջ, սարսափահար՝

Նետէ մը, որ ոգի մը չար իր ետեւէն մերթ կ’արձակէր։

 

Ու կը քալէր ան հեւ ի հեւ եւ չէր հասներ աշխարհն՝ ուր սէր,

Կը տիրէր, մինչ գուսաններ սուրբ նըւագելով արեւը վին՝

Կ’երգէին լոյսն ըզգլխիչ, վեհ աշխարհն ետին կանաչ ծովին,

Ուր կոյս մը մերկ գեղեցկութեամբ, խորհուրդներովն իր կը յուզէր։

Գ

«Մամի՜կ, մամի՜կ, ինծի ըսին՝

Դուն անտառին մէջ կը շրջիս։

Մամի՛կ, եկայ, չելար առջիս…»

Թուփ մը խնդաց իր երեսին։

 

«Մամի՛կ, ըսին՝ պառաւ, կուզ ես,

Կարելի չէ նայիլ դէմքիդ։

Բուի աչքեր եւ ահեղ քիթ…

Դուն մենէ մեր սրիտը կ’ուզես։

 

«Թուքդ է շարաւ, ըսին ինծի,

Բայց խելքդ մեծ։ Ով որ կրցաւ

Նայիլ քեզի, ան ամէն ցաւ

Մոռցաւ, գըտաւ ծով մը գանձի։

 

«Պարի՛կ, եկայ, սիրտըս բերի,

Սիրտս մաքուր, որ ըլլամ տէր

Գաղտնիքներուդ, խըլեմ սրտեր,

Սիրտըս բերի, բարի փերի։

 

«Մամի՛կ, եկայ՝ որ սորվիմ ես

Դիւթել անոնք, որոնք կ’ատեմ,

Ընեմ գերին զանոնք վըսեմ

Յուզմանց, հանգչիմ իմ յուզումէս։

 

«Դէմըս չելար, մամի՛կ, վըրաս

Ուժ չմընաց, չմընաց յոյս

Գիւղ դառնալու…»: Խելակորոյս՝

Հով մը սուրաց, հով մը վարազ։

 

Ու շնչասպառ, ու կաղն ի կաղ՝

Վազելով միշտ, տըղան կ’երթար։

Կը խուժէին ամպերն անտառ։

Եւ հակելով մերթ աջ, մերթ ձախ,

 

Կը վազէին իր կողքն ի վեր

Հսկայ ծառեր, ծաղրելով զինք,

Գալարուելով մինչեւ երկինք։

Կը սուլէին հոս-հոն դեւեր։

Դ

Հասաւ աւեր տան մը առջեւ եւ մըտաւ ներս եւ ելաւ վեր՝

Շրջահայեաց… Ուզեց ննջել։ Ինկող շիթեր կը ճչային։

Տուն մը խոպան, բայց բացուեցաւ յանկարծ նրբանցք մ’անըրջային,

Ցցուեցան մեծ սիւներ, մարմար հայելիներ առին թեւեր։

 

Յաջորդեցին մէկզմէկէ ծընող անթիւ կամարներ լեռ։

Յայտնըւեցան աստղեր անվերջ ու մարեցան ու բազմացան։

Խելացընոր արագութեամբ անցան լոյսեր ալեծածան։

Յաւերժութիւն՝ որ շարունակ եւ անսահման կը ծաւալէր։

 

Եւ ապշեցաւ տըղան, վախցաւ, եւ զարմացաւ, ան ինքզինք յաղթ

Տեսաւ յանկարծ ու հիացաւ - Գեղեցկութիւն, թեւեր արու…

Արիացաւ, առաջացաւ։ Երգ մը անյայտ հուրիներու։

Հեռուներէն եկող անուշ կանչ մը սիրոյ, առջին դըրախտ…

 

Բացուեցաւ մեծ դուռ մը իսկոյն, զինք ներս առաւ, մեքենաբար

Ան գոցուեցաւ իր ետեւէն։ Լըռութիւն մը խորանային։

Գունաւոր վառ ապակիներ։ Հոս-հոն բոցեր կը մեծնային։

Նըւագ մը մեղմ կը տարածուէր ծուխի մը մէջ՝ որ կը ծփար։

 

Երեսուն մեծ դռներ այսպէս բացուեցան միշտ ու գոցուեցան,

Աներեւոյթ ոգիներու հըպատակող լուսընկաներ,

Որոնց հըզօր լոյսն ըստուերներ հալածելով կը խարանէր

Ու կը ցըցէր շատըրուաններ ու ջրվէժներ բիւրեղացան։

 

Երեսուն մերթ ճերմակ, մերթ սեւ եւ մերթ կապոյտ, աստեղաշող

Պատերով, լայն, լիճերու պէս հայելափայլ դահլիճներ ջինջ՝

Ուր ամէն ինչ կը բուրէր յոյս, անդորրութիւն, անուրջ ու նինջ,

Վարագոյրներ եւ կերոններ եւ գոհարներ գանձեր արժող,

 

Եւ դարերու յուշեր դիւթիչ եւ ծովու պէս՝ սէր, կիրք ու վախ

Իրեն ներքեւ թաղած՝ անցեալ խորհուրդներու շունչ մը խաղաղ,

Հրեշտակներու ձեռքով գծուած առասպելներ գոյներով ճոխ…

 

Տըղան առաւ սիրտը ձեռքին, գանձի մը պէս՝ որ կը փայլի։

Հետեւեցաւ կանչին, որ միշտ կը հեռանար ամէն քայլի։

Եւ ան քալեց տըղու մը պէս երազներու խորը շրջող։

Ե

Քալեց։ Ոչ ոք, եւ սակայն զինք կը հսկէին կարծէք աչքեր

Հաւատաւոր։ Եւ ան կեցաւ։ Հըպարտաբար ուզեց բանալ

Սիրտն իր, երգել ոգիներուն, ըլլալ անոնց շընորհակալ,

Յայտնել գալն իր այս երկրէն ներս, ուր միշտ մընալ կը փափաքէր։

 

Բացուեցաւ նոր դուռ մը կրկին խորհրդասոյզ անհուն եդեմ։

Ու զարմացաւ, շըփոթեցաւ. ոչ մէկ ապրող շունչ կը գտնէր։

Լոկ քընարի լարերու պէս կը հնչէին ճառագայթներ։

Կը դողային շատըրուաններ, կը հոսէին ձայնով մը թաւ։

 

Կասկածն ինկաւ իր մէջ։ Սակայն կասկածին հետ լոյս մը վըսեմ

Կ’ողողէր իր ուղեղն ու ան հպարտութեամբ կը զօրանար։

Կեցաւ, կեցաւ ու նայեցաւ հայելիի մը ծովն ի վար.

Երիտասա՜րդ, հոգին հասուն… Օ՜ յարութիւնն այս՝ սեմէ սեմ։

 

Եւ ան քալեց… Եւ պատերուն ետեւէն ան քայլեր յստակ,

Բառեր, սրտի բաբախումներ ու մերթ լացեր, մեկնութիւններ

Անմեկնելի, ցաւեր լըսեց։ Մերթ ըստուերներ ան կը տեսնէր,

Շրջող ջահեր՝ որ կ’երթային անհետանալ գմբէթին տակ։

 

Մեծցաւ, մեծցաւ կասկածն իր մէջ ամէն մէկ նոր սեմէ անդին։

Դիւթա՞նք, պատրա՞նք երջանկութեան… Եւ կը ցանկար դառնալ ան ետ։

Եւ լուսեղէն դուռն իր ետին վայրկենաբար կ’ըլլար անհետ,

Կը բացուէր նոր դուռ մը խորէն կախարդական իր այդ բանտին։

 

Զղջումն ինկաւ իր սրտին մէջ ի լուր ձայնի մ’որ կը խօսէր.

«Անցար անդին ըսպասումէն, փափաքեցար հասնիլ տենչիդ,

Խաւարն անհուն պիտի պատէ, պիտի թաղէ հոգիդ վըճիտ։

Լոյս ուզեցիր, պիտի տեսնես… վիրաւորուած որքան յոյսեր…

 

«Ոչ սէր, ոչ խինդ եւ ոչ հանգիստ… պիտի հաշուես, պիտի հաշուես,

Եւ շարունակ, եւ յաւիտեան, դուն՝ խաղալիք յաւէտ անմիտ՝

Քու կորովիդ մշտանորոգ եւ զուր եւ խեղճ զոհն ինքզինքիդ՝

Պիտի հաշուես պիտի գտնես նոյն սխալին առջեւ միշտ քեզ…»։

 

Մեծցաւ իր վախն։ Ամէն սեմի կը նուազէր լոյսը քիչ-քիչ։

Մարմարներուն տեղ, պատերէն կը ցցուէին դեղին քարեր

Գանկերու պէս։ Սըրահէն ներս դեւի ըստուեր մը կ’երկարէր։

Անուշ երգին կը յաջորդէր հեւք մը խենէշ ու սահմըռկիչ։

Զ

Բայց ան լըսեց ոգեւորող ձայն մը ուրիշ. «Անցի՛ր, անցի՛ր,

Եղիր խիզախ։ Չգոհանաս անոնց նըման՝ որ լոյսն առին

Լոյսի մը տեղ, ոսկին առին ոսկիի տեղ, չմօտեցան մեծ խաւարին

Բանագողներ մըտածումի, սիրոյ, խինդի եւ թախիծի…

 

«Եղի՛ր խիզախ, արժանանաս խորունկ վիհին, ուր պիտի դուն

Ճանչնաս ըզքեզ, տեսնելէ վերջ դըժոխքն ամբողջ եւ կեանքը սին,

Պիտի տեսնես ինչպէս կուտայ մըտածումն իր լոյսը՝ լոյսին,

Եւ ոսկիին՝ իր ոսկին ջինջ… Եղի՛ր խիզախ, եղի՛ր արթուն…

 

«Պէտք է ճանչնաս դուն իրերուն, էակներուն հոգին անյայտ,

Նիւթը կերտող ուժը գաղտնի։ Համբերութիւն, համբերութիւն…

Հաւատք ու ճիգ… պէտք է ելլես, պէտք է իջնես եւ իջնես դուն

Ցեխը մինչեւ, առանց լացի։ Ոչ մէկ զղջում եւ ոչ մէկ խայթ…

 

«Լո՞յսը… Անշուշտ։ Բայց եթէ դուն գոհ վերջապէս անով՝ մընաս

Պիտի ամուլ ծառի նըման լինելութեան ճամբուն եզրին,

Լաւ է որ ան միշտ ուշանայ եւ դուն անոր ըլլաս գերին։

Հաճոյքն հոդ է… Անցիր մեր խեղճ երազանքէն անդին, տըղաս»:

Է

Ձայնը լըռեց։ Հեռուն, հեռուն, ձիերու պէս քառասմբակ՝

Ձիեր յանկարծ արշաւեցին։ Որոտացին դաշտ ու ծըմակ։

Խաւար էր խոր։ Տըղան կառչած վերջին դուռին, լուռ՝ կը հսկէր։

Կ’արշաւէր իր արիւնն արագ, տալով սրտին պայտի զարկեր։

Կ’անհետանար քիչ-քիչ առջին երազային աշխարհը ճոխ։

Ու կը լըռէր նըւագը՝ զինք տարիներու խորէն կանչող։

 

Ձիերն անցան։ Շարունակեց ձայնը կրկին. «Օ՜, կը դողա՜ս,

Պիտի իյնաս, պէտք է իյնաս, բախտըդ այս է, անբախտ տըղաս,

Բախտը անոնց՝ որ տքնաջան կը բարձրանան խեղճերէն վեր։

Տքնէ՛, տքնէ՛… դառնութիւնն է որ պիտի տայ քեզի թեւեր։

Պիտի ապրիս երկար ու մութ ճամբաներու տատասկներով։

Նայէ՛, ահա կեանքի արքան, կառքն իր սրտեր ճզմող… կորո՛վ»:

 

Ու ան լըսեց ինկող ժայռեր։ Ու ան տեսաւ։ Երկինքն ի վար

Բորոտներու մարմնէն հոսող շարաւի պէս լոյս մը խաւար

Հողերուն վրայ կը տարածուէր։ Կը շողային հոս-հոն ծառեր՝

Դիերու պէս շուքեր կրծող դըժոխային քիմերներ [1] ծեր։

Կը փայլէր լեռ մ’ոսկորի գոյն, դեւերու բոյն վիհ մը հեռուն,

Որուն մէջ՝ լուռ՝ կը սուզուէին լուսէ քողերն իր յոյսերուն։

 

Ամբոխ մը ծով կ’ալեկոծէր այդ լոյսին տակ պողպատային,

Գիշերին մէջ՝ ուր կայծերու կայծոռիկներ կը տեղային։

Գազանակերպ ժայռերու տակ, ձորի մը մէջ - անհուն կրկէս,

Կը գալարուէր ամբոխ մը մեծ, արնածարաւ ու տռփակէզ։

Հառաչ ու լաց, ծիծաղ ու ճիչ… Չհասկըցաւ տըղան, պոռաց,

Դողդըղագին ձեռքը վերջին անհետացող դուռին դըրած։

 

Ու ան ճըչաց նաւը քարին կապող պրկուած որպէս պարան։

Պիտի փրթէր կարծէք հոգին։ Դեւ մը նետեց թեւը վըրան՝

Փոթորկայոյզ ալիքի պէս։ Քաշեց, տարաւ զայն իր վերջին

Երազներէն անջատելով։ Յայտնուեցան փերի ու ճին,

Մարմիններ հաստ, կանաչ, դեղին, սոսինձի պէս թոյլ, իրարու

Կառչած անձեւ, անողնայար միսի կոյտեր էգ ու արու։

Ը

«Մարդու զաւա՛կ…» Դեւերն եղան

Զարմացական։ Դըրին տըղան

Վանդակի մէջ ու վանդակին

Շուրջ հաւաքուած՝ ըզմայլագին,

Դիտեցին զայն եւ վիճեցան։

Եւ հրճուեցաւ ամէն մէկ դեւ,

Աստուածակերպ մարդէն ատուած

Ամէն մէկ դեւ՝ որ դարատեւ

Վըրէժ մ’ունէր աստուածներուն

Դէմ, ամէն դեւ՝ որ անհամբեր

Էր իր բաժնին, որ փրփըրուն

Երախին մէջ պիտի ծամէր։

 

Հեռուներէն եկող գուժկան

Ձայն մը կ’իշխէր, կ’ուռէր՝ թումբեր

Ծեծող, ցնցող, երազ մը միշտ

Հետապնդող ձայն մը, նըման

Մեծ ալիքի՝ որուն մէջ վիշտ

Կար եւ անհուն անգըթութիւն։

 

Լախ, լախ ուլախ, բուլախ, բուլախ։

Թ

Լուսին մը՝ ծեր եզան պէս,

Կ’որոճար ծառ ու մացառ,

Երբ «Ո՞ւր եկայ, ո՞ւր եմ ես»,

Մարդն ըսելով կ’արթննար։

 

Թմբուկ մը մերթ չար ու վէս՝

Գիշերին մէջ կը թնդար,

Վիրաւորուած զերթ աղուէս՝

Կը թաւալէր անդադար։

 

«Ո՞ւր բերին զիս, ո՞ւր եմ ես»,

Կ’ըսէր, կ’երթար վեր ու վար

Մարդն՝ որուն քունը կարծես,

Խորունկ՝ տեւած էր հինգ դար։

 

Եւ իր բանտին մէջ, այսպէս,

Յիշելով գիւղն իր ու վառ

Դահլիճներուն լոյսը հեզ,

Ան կը տխրէր, կը վախնար։

 

Ան կը զղջար։ Սիրտն իր կէս

Կ’ընէր ձայնը վիհն ի վար

Խոռոչն ինկող ջուրին պէս

Թռչունին ձայնը խաւար։

Ժ

Հսկայ բոյսեր, խոտեր կարմիր՝

Աչքերու պէս մեռած ձըկան,

Պաղ նայուածքներ զահանդական։

Ու լըռութիւն, քուն ու թմբիր։

 

Կեանք մ’այլանդակ, զառանցագին։

Լոյս մը սերմի պէս կը յորդէր։

Կը ծընէին միլիառ որդեր։

Ու խաւարը, մահը կրկին։

 

Տարածութեան մէջ անսամհան՝

Աղի ժայռեր կը շողային,

Բանտի դռներ մետաղային։

 

Մարդն անձկութեամբ մը մեծ՝ նըման

Մահապարտի՝ կը մրմնջէր

Լքուած հոգին, լքուած տենչեր,

 

Տըգեղութիւնն իր քայքայման.

ԺԱ

«Հազիւ թէ լոյս մը կուգար, կ’ողողէր ծովը կեանքիս։

Կը քողարկէր ամէն ցաւ,

Եւ ես զերթ բոյրը հոգւոյս, կ’օրրէի զայն զերթ նարկիս,

Ան թօշնեցաւ, թափեցաւ։

 

Ես մեղրն հազիւ կ’ըմպէի անմահութեան այդ արդար,

Ան ցամքեցաւ։ Յոյսէ յոյս՝

Անդորրութիւն մը հազիւ գըտած՝ հոգիս կը խայտար,

Ինկայ ի սպառ խորասոյզ։

 

Իմաստութիւն, աւելի դուն նենգ քան նենգ սիրուհին՝

Զիս հիւսեցիր, քակեցիր,

Զիս խաբեցիր, ցոյց տալէ վերջ ինձ գանձերն աշխարհին

Եւ իմ գանձերըս անծիր։

 

Ըրիր զիս մերկ՝ վատ՝ կեանքին, մահուան առջեւ նաեւ վատ։

Հայելիէ հայելի՝

Քայքայեցիր դուն, ըրիր զիս ինծի դէմ անհաւատ,

Զիս ինծի դէմ ատելի։

 

Ո՛չ սէր փառքի, ո՛չ փափաք յաղթանակի… իմ հըպարտ

Անձըս բերիր ցանուցիր։

Բացիր դուն վիհ մը մըթին, այդ վիհին մէջ թշուառ մարդ

Մ’ըրիր դուն զիս, լըքեցիր…»։

ԺԲ

Ներկերու խորէն տեղ տեղ յայտնուող ֆոնի գոյնի պէս,

Միագոյն ու պաղ ձայնը թռչունին,

Ճազի մը բոլոր ձայներուն մէջէն

Աքլորի նըման քալող թաւսըրինգ։

Ողբը թռչունին՝ թանձըր, տիրական,

Տըխուր ու խաւար՝

Ինչպէս իրական,

Մեզի անծանօթ մթին մեր հոգին՝

Որ կը լսուի միշտ

Մերը չեղող մեր մըտածումներուն, ձայներուն խորէն։

Հողերը ցնցող՝ մետաղէ, դանդաղ ձայնը թռչունին՝

Որ ալիքի պէս կ’երթայ ու կուգայ

Երազի մը նոյն ծովափին վըրայ

Թափելով փրփուր։

Բողոք մը յոխորտ՝ ամպեր գըլորող կայծակի մը պէս,

Կարօտի մը պէս՝ որ յուսալքման

Մեր մութ երկնքին ծոցը կը նետէ լոյսեր դիւթական։

Բաղաձայն ու պաղ ձայնը անվախճան ինքն իրեն խօսող

Թռչունին յամառ։

Ճռոց մը՝ գիւղի արեւէն չորցած սայլի մը եզան,

Ծոյլ ու միակերպ, կուպրոտ ու տըխուր կըռինչ մը յուզիչ։

Թաւջութակի հաստ լարերը կրծող

Ճպոտի խռպոտ ճիչ մ’անասնային։

ԺԳ

Երբ քամին աշնան, հսկայի խռկոց,

Իր փորը պարպող ծովու մը կոծով կ’երթար ու կուգար,

Եւ յիմարատան խուցերէն խուժող աղմուկ մ’արտառոց

Կ’որոտար բանտին պատերուն ետին.

Երբ գազաններու ձայներու նըման կը փայլակէին ճիչեր խելագար,

Եւ կը ճանկէին ճիրաններ վագրի հողերը մթին,

Մարդը կը փակէր թրջած աչքերն իր,

Ձեռքերը տարած՝ իր ականջներուն։

Իր կեանքը ամբողջ կը թողէր իրեն զառանցանքներու հեղեղ մը կարմիր,

Իր հոգին ահեղ աշխարհ մը դեւի,

Եւ չէր ըմբռներ իր ցաւը՝ որուն

Ներքեւ կ’արթննար ան այսպէս յանկարծ։

Եւ չէր ըմբռներ… իր հոգին իրեն՝ թոյն մը անծանօթ,

Իր հոգին իրեն՝ յոյս մը անսահման։

Եւ չէր հասկընար խորհուրդը ներքին իր այդ քայքայման…

Ժա՞մն էր գերագոյն։

Բայց ինչպէ՞ս զատուիլ հոգին՝ քաղցր թոյն…

Երբ կը թափէին տերեւները թաց,

Իրեն կը թուէր, թէ ձեռքեր ցրտին

Կ’որոնէին զինք, զինք կը հսկէին աչքեր թշնամի եւ կը շողային,

Կը փըչէին սեւ երախներ իրենց շունչը դիւային,

Օձ մը կը սողար իր ոտքերուն քով…

Եւ ան կը գրկէր իր անձը վախով։

ԺԴ

Հեքիաթ է, պատմեմ հեքիաթի նըման։

Դեւերը եկան, տարին մորթելու

Մարդը, որ անոնց հետ քալեց հըլու։

Չոր ոսկորներու ծով մըն էր ճամբան։

 

Զայն ծունկի բերին, գըլուխը դրին

Տապալած ծառի մը բունին մամռոտ։

Բերին դիզեցին մացառ ու չոր խոտ,

Կաթսան կախեցին դէզին կատարին։

 

Դահիճը սըրեց դանակը, լեզուով

Թրջեց զայն, կեցաւ։ Հեքիաթ է, պատմեմ

Հեքիաթի նըման։ Դեւ մը եկաւ բեմ

Եւ աղաղակեց հեւասպառ ու խռով.

 

«Ջուր չըկա՛յ, չըկա՛յ, երաշտ է չորսդի։

Աղբիւրին գլխին վիշապն է բազմեր։

Կոյս կ’ուզէ, կ’այրէ արիները մեր,

Կը մատնէ զանոնք անվերջ փախուստի։

 

«Ա՛լ քաջ չմընաց՝ որ համարձակի

Մօտենալ անոր։ Ան ջուրն է բռնած,

Կը սպասէ զոհին։ Բերաւ սուգ ու լաց։

Աչքերն են նըման մէյմէկ կայծակի։

 

«Վիճակ ձըգեցինք ճարահատ սրտով։

Բախտն աղջիկն ուզեց արքային մեր մեծ։

Արքան զայրացաւ, զայրոյթը թափեց։

Չգըտաւ դարման իր հոգին վրդով։

 

«Հանեց մունետիկ, գանձեր խոստացաւ

Անոր՝ որ պիտի փրկէր աղջիկն իր։

Մունետիկն անցաւ երկիրէ երկիր,

Թմբուկը զարկաւ… Երաշտ է ու ցաւ։

 

«Թմբուկը զարկաւ, հրաւէր մը ճչաց.

-Ով որ սպաննէ վիշապը հուրէ

Մեր վըրայ իշխան՝ ան պիտի տիրէ…

Չգըտաւ խիզախն հոյլին մէջ քաջաց։

 

«Թմբուկը զարկաւ. - Ան կ’ունենայ կին՝

Աղջիկն արքային, պալատ, գլխուն թագ,

Ձիեր, գերիներ, հարճեր օժանդակ,

Կիներ տռփավառ՝ որ իր հետ պառկին…

 

«Բայց ոչ ոք ուզեց զոհել կեանքն իր սուղ…

Թմբուկ, մունետիկ հոս հիմա կուգան՝

Որ տաք դուք գիւղին ձեր է՛ն մեծ հըսկան։

Ան զարնէ օձին, հանէ բուք ու ծուխ…

 

«Փրկէ մեր պատիւ, ջուր բաշխէ մեզի,

Այլապէս մեռնիլ բոլորս ալ կրնանք…»

Որոտաց իսկոյն թմբուկն ահազանգ։

Դեւերը եկան երես երեսի։

 

Տրտմութի՛ւն, սարսա՛փ… Ծառերուն ճօճուող

Կատարներուն վրայ գըրաւի եկան

Ագռաւները սեւ։ Ձայներ հեգնական,

Ճիչեր բողոքող… Շըւարում եւ ոխ։

ԺԵ

Իսահակի հեզ զաւակին նըման

Մահուան ըսպասող մարդը յուսաբեկ,

Որ այդ այլանդակ ամբոխը երբեք

Չուզելով տեսնել, տըգեղ եւ անբան

 

Դէմքերէն վախցած՝ աչքերն էր փակեր,

Մարդը, որ խոնարհ՝ ինքզինք կ’ուրանար,

Արթնցաւ յանկարծ, ելաւ, առնաբար

Նայեցաւ չորսդին - խեղճութեան պատկեր։

 

Խուժած էր իր մէջ կորով մը յանկարծ։

Հեքիաթ է, պատմեմ հեքիաթի նըման։

Հաւատքով մը մեծ, խանդով մ’անսահման,

Խոստացաւ զարնել օձին, դըրաւ հարց։

 

Եթէ ըսպաննէր… «Եթէ ըսպաննես…»

Կարճ կապեմ, պատմեմ մօրըս պէս բարի։

Մարդն ինկաւ ճամբայ, ձեռքին տապարի

Պէս զէնք մը հսկայ, մարդն ելաւ այսպէս

 

Վճռական ու սէգ, կեցաւ աղբիւրին

Առջեւ դիրք բռնած այդ վիշապին դէմ։

Ամբոխը երկչոտ, հեռուն, դալկադէմ

Կը դիտէր ապշած՝ այդ օտար արին։

 

Կը սպասէր վախով։ Արին էր մըժեղ

Հըրէշին առջեւ՝ որ եօթը գըլուխ

Ունէր եւ պոչ մը՝ կայծակ երկնամուխ.

Արին գեղեցիկ, հսկայ մը ուժեղ՝

 

Հազիւ կ’երեւար այդ լեռնակուտակ

Ճիւաղին առջեւ՝ որ հուր էր, կ’այրէր

Իր շուքը շուրջի, ծառեր ու ժայռեր՝

Ալեկոծ մարմնոյն փայլակներուն տակ։

 

Ամբոխը վախով կը սպասէր լըռին։

Եթէ մէկ զարկով ճիւաղը չիյնար,

Կրնար, իր վէրքին ցաւէն խելագար՝

Զայրանալ, ոռնալ, կուլ տալով արին։

 

Նետուիլ աջ ու ձախ, տապալել աշխարհ։

Արքան կը նայէր գահին կատարէն։

Ու աղջիկն իր կոյս կուլար դառնօրէն։

Ան չէր ըմբռներ - հեզ էր ու խոնարհ,

 

Ան ունէր երկար մոխրագոյն մազեր, -

Թէ սէ՞րն էր այդպէս զինք փրկող քաջին,

Թէ մա՞հը անոր, կամ վա՞խը առջին

Ցցուած ճիւաղին՝ որ զինք կը յուզէր…

ԺԶ

Կը շողար սուրը քաջին

Ու շողն աշխարհ կ’ողողէր

Հրդեհի պէս երկնային։

Խաւարէն դուրս կ’իյնային

Աւերակներ եւ հողեր,

Կը մեծնային դեւ ու ճին։

 

Խաւարին մէջ վերահաս՝

Կը շարժէին սեւ ծառեր,

Ծովուն խորը տարուբեր՝

Ջուրէն շարժող խիճ, աւազ։

 

Ճիւաղն յանկարծ կը թափէր

Իր տասնըչորս աչքերուն

Բոցերն անհուն, ու կարծես

Երկինքն այրիլ նաւու պէս

Կը սկսէր, լուռ՝ եւ հոսիլ,

Յորդիլ զերթ ծով, մաս առ մաս՝

Զինքը խուզող փարոսի

Լոյսերուն տակ սեւեռուն։

 

Մարդ ու ճիւաղ, դէմ դիմաց

Կեցած՝ իրար չափեցին։

Հրեշտա՞կն արդար, երկնածին

Մա՞րդը բարի եւ կեանքին

Գլխուն թառած սատանան,

Ինչպէս մայրըս ողորմած

Կ’ըսէր ինձ թէ՞ դէմ դիմաց՝

Բանաստեղծն ու չար ոգին

Իր հոգեկան ամլութեան։

 

Կեցած իրար կշռեցին -

Թշնամիներ՝ որ վաղուց

Կարծէք իրար կը փնտռեն։

Կ’արձագանգէր դառնօրէն

Հեռուն ձայնը թռչունին

Չարագուշակ ու խըռով։

 

Հրէշն իր վիզերն ուռեցուց

- Լաւաներու եօթ յորձանք՝

Որ իրարու քըսուելով,

Գալարուելով սահեցան

Որպէս քալող ցեխի ծով -

Բարձրացուց իր այլանդակ

Եօթ գըլուխներն, որ առին

 

Կամաց-կամաց մեր արին

Իրենց հուրին, ծուխին տակ.

Խըրեց իր պոչն ամպերուն,

Երկարեց զայն փրփըրուն,

Արեւավառ՝ զերթ նեղուց։

Մարդն իր կացինը վերցուց։

* * *

Եւ չափուեցան անոնք՝ ինչպէս

Հոգիին մէջ բանաստեղծին

Համեստութիւնն ու հըրակէզ

Գոռոզութիւնը կը չափուին։

 

Մարդն այրելով, ընկղմելով

Ալեկոծման մէջ օձերուն,

Կը սահէր դուրս, կ’առնէր կորով,

Ետին ձըգած վէրք ու արիւն։

 

Ծառի մը պէս կացինահար՝

Ճիւաղն ամէն հարուածի տակ

Կը ցնցըւէր, կը զայրանար,

Կ’արձանանար լեռնակուտակ։

 

Պողպատակուռ պայթած փուռ մ’էր

Իր ամէն մէկ վէրքը կարծէք,

Ուրկէ հուրեր, հալած կուպրեր

Կը հոսէին եւ ծուխեր շէկ։

 

Մարդը կտրեց, ձըգեց գետին

Վեց գըլուխներն անոր։ Տեսաւ

Զանոնք, ոռնաց գլուխը յետին՝

Ու թափեց թոյն, նեխած շարաւ։

 

Գլուխը վերջին, դաժան, յամառ՝

Ակռաներով մէյմէկ նիզակ,

Առաջացաւ կատաղաբար,

Երկու բոցեր ռունգերուն տակ։

* * *

Բարձրացաւ ամպ, յորդեցաւ ծուխ։

Անհետացան մարդ ու ճիւաղ։

Փայլակումն էր մերթ երկնամուխ

Շէկ երախին այդ անսըւաղ։

 

Մերթ կացինին՝ որ կը սուրար

Որպէս լուսին խելագարած,

Կը պատռէր ծուխ, փոշի խաւար,

Խոյանալով կը նետուէր ցած։

 

Օդն որոտաց։ Թաւալեցան

Հոս-հոն ժայռեր անդնդավէժ։

Վեր պոռթկաց հողն, երկնակործան

Տարափ թաղեց մարդ ու հըրէշ։

 

Քար լըռութիւն։ Ըսպասեցին

Դեւերն հեռուն մեծ անձկութեամբ։

Ու լսուեցաւ ողբը կրկին

Սեւ թռչունին, կըռինչը բամբ։

 

Կը նայէին դեւերը լուռ,

Հողն արգանդի պէս կը շարժէր։

Զայն նետելով բըլուր-բըլուր՝

Մէկը քիչ-քիչ կը սահէր վեր։

 

Վըրան քրտինք, արիւն ու կաւ՝

Յայտնըւեցաւ մարդը քիչ-քիչ։

Ամբոխն անդին ուշքի եկաւ

Ձայնն առնելով ջուրին փրկիչ։

 

Մարդն եկաւ վեր անոր նման՝

Որ կուգայ դուրս ծովուն խորէն,

Հըրելով ջուրն յորձանըման,

Բարձրացաւ վեր ան յամրօրէն։

ԺԷ

Ջուրն յորդեցաւ ժայռերէն դուրս՝

Ծիլ-ծիլ, անզուսպ՝

Ափերու մէջ ճզմըւող քաղցր ողկոյզներու հիւթին նըման,

Ծորեցաւ վար, հասուն, ճաթած նուռերու պէս շէկ քարերու արանքներէն։

Ծաւալեցաւ կաթիլ-կաթիլ՝ մեղուներու թըռիչքներով։

Ջուրն յորդեցաւ, ջուրն յորդեցաւ։

Տարածուեցաւ ճիւղի մը պէս բիւրեղային,

Ու ծաղկեցաւ թիթեռաթիռ ծաղիկներով։

Ջուրն յորդեցաւ երամի պէս թռչուններու սատափի գոյն

Ու բարձրացաւ ու թափեցաւ վար՝ թեւաբախ՝

Հազարաւոր կըտուցներու փայլակումով։

Ջուրն հոսեցաւ գոհարներու պէս շողարձակ

Փռեց լիճեր, հայելիներ, որ խորհուրդներ ցոլացուցին,

Դողացուցին խաւար ու ծուխ։

Ջուրը պոռթկաց ու ժայթքեցաւ, եղաւ անձրեւ,

Եւ եղաւ լոյս եւ լուսեղէն փոշիներով քող, ծիրկաթին,

Վերացական ոլորտի մէջ ծըփուն հոգի,

Բարձրացող միտք,

Բեմի վրայ դարձող հուրի։

Խոյացաւ վեր եւ ինկաւ վար, եղաւ փրփուր ու պղպըջակ,

Վերադարձաւ հողին, ջուրին։

Ջուրն արշաւեց ալիք-ալիք՝ կուտակուելով, քալեց անցաւ

Բաշերն հովին՝

Արաբական նըժոյգներու հպարտութեամբ,

Զարնելով իր պայտերն արծաթ արեւակէզ անապատին։

Փայլատակեց ելեկտրական բոցի նըման։

Որոտացուց ամբարտակներ…

Ու հողն իր տակ եւ օդն իր շուրջ՝

Լարերու պէս թրթըռացին ու պայթեցան,

 

Մրմնջեցին որպէս անուրջ, դղրդացին կամուրջներու պէս տախտակէ…

Բըռընկեցան վին ու ջութակ։

Ջուրն հոսեցաւ, ինչպէս ամէն ինչ կը հոսի,

Բերաւ բոյր մը խոնաւ ու կոյս քարայրներու։

Եւ եղաւ յոյս, կենդանութիւն, եղաւ հըրաշք շշմեցընող,

Խոր լռութեան նըմանող իր ահեղագոչ, մեծ ժըխորով։

Յաւերժութի՜ւն…

Ջուրն յորդեցաւ, ջուրն յորդեցաւ առատութեամբ,

Աղեղուեցաւ ինքն իր վըրայ,

Թաւալեցաւ անիւի պէս պողպատակերտ,

Մռընչելով ու նետելով լոյսեր շերտ-շերտ։

ԺԸ

Եւ մեծ արքան, խոստումին տէր՝ կուտար մարդուն ոսկի ու գահ՝

Որոնց առջեւ պիտի իյնար յագեցումէն ամէն ագահ։

 

Կին ու պալատ՝ երաժշտութիւն, ուտելիքներ ու գինիներ,

Ամբողջ երկիր մ’իր բերքերով սրտանց նուէր անոր կ’ընէր։

 

Աղջիկն իր թարմ կուտար անոր, զայն կ’անուանէր աւագ փեսան։

Ադամանդներ աստղերու չափ, կուտար գանձեր դեռ այլազան։

 

Բայց մերժելով մարդն ամէն ինչ, ինկաւ խորունկ տխրութեան մէջ։

Ճանչցաւ գանձերն այդ գողցըւած, տեսաւ աշխարհն այդ սընամէջ։

 

Թափառեցաւ ան ծագէ ծագ՝ նստած իր ձին արքայական։

Վերադարձաւ անմխիթար, ու տխրեցուց կոյսն ու արքան։

 

Իշխանուհին կուլար ցաւէն։ Մարդն ըսած էր իր միտքն անոր.

«Դուն նըման ես այն երազին՝ որ կ’ընէի ես ամէն օր։

 

«Կ’ուզէի քեզ եւ քեզ գըտայ։ Կը սիրէի խենթի պէս քեզ,

Բայց քեզի հետ այս մութին մէջ ապրիլ երբեք չանցաւ մտքէս։

 

«Կը սիրէի քեզ չճանչցած։ Քեզ չեմ կրնար սիրել երբեք…»

Իշխանուհին լացաւ հօրը։ Արքան ծամեց սեւ թոյն ու մէգ։

 

Թեւն երկարեց գոռոզաբար ու ցոյց տուաւ մատով՝ մարդուն

Կայսրութիւնն իր ծովածաւալ. «Պիտի զղջաս, երբ օր մը դուն

 

Անդրադառնաս այս բոլորին, որ կ’անտեսես հիմա այսքան»,

Ըսաւ իր հաստ շրթներով ան։ Կ’ոռնար թռչունն հեռուն գուժկան։

 

«Աշխարհի մեծ, ամենէն մեծ իմաստութիւնն անգամ յիմար

Պիտի թուի օր մը քեզի երբ ծերանաս անոր համար։

 

«Պիտի ըսես. «Վա՛խ, չապրեցայ…»։ Զայն կը հերքէր կարծես իր պաղ

Կըռինչներով թռչունը միշտ՝ - լա՜խ, լա՜խ, բուլախ… բուլախ՝ բուլա՜խ…

 

«Պիտի ըսես. «Կենդանութիւն, վայելք ու դրամ, սեղան ու կին».

«ՊԻտի նայիս դուն դառնութեամբ քեզ քայքայող երազանքին…

 

«Ի՞նչ լոյս… Առատ կե՛ր, ա՛րբ, ցանկա՛, ուզէ՛, խըլէ՛ ու յագեցի՛ր։

Ահա կիներ եւ քաղաքներ եւ պարտէզներ անծայրածիր…

 

«Յագենալէ վերջ դե՛ռ ուզէ։ Ի՞նչ լոյս… Հաճո՜յք, հաճո՜յք միայն…»։

Թռչունն ողբաց - Մատով դըպուած լարէ մ’ինկող, կաթկըթող ձայն։

 

Արքան հեռուն ցոյց կուտար մեծ գերեզմաննոց մ’եղերերգակ

Կիներու պէս քամիներէն վշտագալար ծառերու տակ։

 

«Ի՛նչ խեղճութի՜ւն… Ո՞ւր են անոնք՝ որ ունէին խորհուրդ ու լոյս։

Հողը մարսեց զանոնք քիչ-քիչ։ Անոնք եղան խաւարասոյզ

 

«Ոսկոր ու կաւ եւ դարձան բոյս, խաղող, գինի… կրկին հողին

Վերադարձան, եւ եղան հող… Եկան, գացին եւ ի՞նչ թողին,

 

«Հոգի՞… ոչի՛նչ, ոչի՛նչ։ Յիմար, պէտք է տըխմար ըլլալ՝ մահէն

Ըսպասելու համար աշխարհ մ’ու երազներ, որ չըխաբեն։

 

«Պարապութի՛ւն… Պարապութեան համար եղած զուր տառապանք…

Ո՛չ, ո՛չ փոխուէ՛, կոտրէ՛ ընդմիշտ սին մտածման ամէն կապանք։

 

«Ապրի՜լ, ըլլա՜լ, ահա է՛ն մեծ իմաստութիւնն արարչական։

Սէր՝ կրնալու համար ապրիլ յիմարութեանց ներքեւ այսքան։

 

«Գընա՛, գընա՛ աջղիկիս քով, գըլուխդ դի՛ր անոր կուրծքին։

Ան տայ քեզի խանդ, դուն ապրիս… մնացեալն է ցնորք զառանցագին։

 

Ըսի…», ըսաւ արքան ճարպոտ, որ կեանքն էր յաղթ, ունէր պեխեր,

Մեռելներով սընած մարմին, նայուածք մը բիրտ, անգութ ու խեռ։

 

Մարդը սակայն, միշտ անտարբեր, յաղթանակէն իր յուսախաբ՝

Հրէշին վերջին ցնցումներուն կը հետեւէր մերթ տրտմութեամբ,

 

Կը դիտէր մերթ կասկածանքով գեղեցկուհին դըժոխային.

-Շրթներ հուրէ, աչքեր՝ որ սեւ ածուխի պէս կը շողային։

 

Մազեր աւազ, լուսնակավառ, որ անոր մերկ իրանն ի վար

Կը սփռէին լոյս ու սարսուռ, ծիծերն անոր հրդեհավառ…

 

«Ի՜նչ խեղճութիւն. ո՞ւր են անոնք՝ որ ունէին տռփոտ կուրծքեր,

Մատներ սաթէ, լեցուն զիստեր եւ ակռաներ մարգարտակերտ

 

Եւ անառակ ճիչեր կրքի եւ ժըպիտներ, որ չքացան

Ընդմի՛շտ, ընդմի՛շտ…»։ Ան կը նայէր մերըթ ցիր ու ցան

 

Հոս-հոն պառկած գինովներու եւ զոյգերու էգ ու արու՝

Որ շուքերու տակ դողացող եւ քողերու տակ բոցերու՝

 

Կը խըմէին իրար տենդով… Ան կը նայէր մերթ մեծ ու ճոխ

Սեղաններուն արքայական եւ բազմութեան որոճացող,

 

Որսի միսով ճարպ կապած լայն իրաններուն անասնային,

Եւ մերթ անոնց՝ որ ըզգլխած՝ կը պարէին, կը դառնային

 

Ծուխերու մէջ սեռագրգիռ… Խորհո՛ւրդ միսի, սեւ պատարագ։

Նուագը մեղմ զանոնք սուզող անուշութիւն մըն էր վայրագ։

 

Գուշակեց միտքն արքան մարդուն. «Կեր՝ որ որդեր պիտի ուտեն։

Բայց դիերուն մէջ լողացող որդերէն մեծ որդ մը արդէն

 

Քեզ կը կրծէ - սէր քայքայող կամ դառնութիւն քու անձիդ դէմ,

Քեզ կը սպառէ որդ մը արդէն…», ըսաւ արքան խոժոռադէմ։

 

Միշտ անտարբեր սակայն ու լուռ` կը հետեւէր մարդը նժդեհ

Հրէշին վերջին ցնցումներուն, անոր արեան` հոսող հրդեհ:

 

Եւ այդ արեան լոյսին ներքեւ ան կը տեսնէր մղձաւանջներ,

Որ կ’անցնէին արձակելով կաղկանձիւններ եւ քրքիջներ։

 

Կաղեր, կոյրեր եւ հիւանդներ կը քալէին մեծ խումբերով,

Յուսալով միշտ օր մը հանգչիլ, եւ գտնել հաց, սէր ու գորով։

 

Եւ վոհմակներ կ’անցնէին դեռ - խենթեր, գողեր, ոճրագործներ

Մէյմէկ մերկ կին թեւերնուն տակ՝ սարսռատեսիլ արարածներ։

 

Եւ կ’անցնէին անոնք՝ որոնք, գինով իրենց երազէն սին,

Գոռոզ, մերթ հեզ կ’երգէին միշտ, վիշտն ըրած ջահն իրենց յոյսին։

 

Կը քալէին անոնց քովէն, հագած սեւ ցեխ, արիւն ու մաղձ՝

Ողորմելի յաւակնութեամբ՝ խեղճ վիժածներ համբաւաբաղձ։

 

Եւ կ’անցնէին, կ’անցնէին դեռ անոնք՝ որոնք ձեռքով դողդոջ՝

Կ’երկարէին արնածոր սիրտ մ’իրենց պաշտած անգութ կընոջ։

 

Եւ տակաւին անոնք՝ որոնք կը ծախէին պատիւ ու կին,

Անոնք՝ որոնք կը կառչէին ոսկիներու իրենց պարկին…

 

Եւ կը նայէր մարդը տըխուր՝ եւ կ’երազէր ան դառնօրէն.

«Ո՞ւր ես լուսէ, ազատ աշխարհ, հեռո՜ւ, հեռո՜ւ, այս բոլորէն՝

 

Որոնք կ’ապրին կեանք մը ուզուած եւ կեղծ՝ իրենք իրենց դիմաց,

Իրենք իրենց զոհ, կոյր իրենց այդ կեղծիքին դէմ անիմաց։

 

Ո՞ւր ես, աշխարհ, ուր ես ինծի պիտի ըլլամ՝ ես ինքըս ես,

Ես՝ փրկելով զիս ուրիշին գերի տանող սին իմ Եսէս…»

ԺԹ

Հրէշը մեռաւ։

Հրեշտակ մը փող հնչեցուց։

Եւ այդ հրեշտակը թռչուն մ’էր հսկայական։

Անոր անունն էր Հըրահաւ։

Հրէշին արեամբ կազմըւեցաւ լիճ մը կարմիր։

Եւ այդ լիճին մէջ կղզի մ’էր թռչունը մեծ,

Կղզի մը՝ որջ ոճիրներու,

Եւ ովասիս նոյն ատեն։

Կը շառայլէր արմաւենւոյ մը նըման։

Եւ նաւ մ’էր ան՝ ազատութեան հովերէն

Ուռած փարթամ առագաստով։

Իր անունն էր Մըտածում։

Եւ ցըռուկին կողերէն կախ

Զոյգ խարիսխներն աչքերն էին իր մետաղէ։

Փետուրներն իր մէյմէկ գըրիչ՝

Կը շարժէին աներեւոյթ ձեռքերու տակ։

Իր կըտուցը միջնադարեան նաւու գլխին

Նաւեր ճեղքող երկաթ մ’էր ցից։

Եւ այդ թռչունն այլանդակ

Վեցհազարեակ կարդացողի առջին ցցուած մեծ ուրուական՝

Կրնար թըռչիլ մինչեւ երկինք,

Թառիլ պայծառ լոյս աշխարհի ժայռերուն մէջ։

Եւ ան հզօր, ամենազօր՝ կրնար կըրել իր կռնակին

Այն՝ որ իրեն մինչեւ երկինք պիտի տար միս իր միսերէն,

Եւ արիւն՝ տաք իր արիւնէն…

Ի

Մարդը վազեց արքային քով,

Տեսիլք տեսած մարդու նըման։

Պատմեց անոր ըզմայլանքով,

Զայն պահանջեց անկէ՝ փոխան

Կոյսին, թագին ու գանձերուն։

Ուզեց թռչունն այդ մեծ՝ որուն

Վըրայ նստած՝ պիտի երթար,

Կատարներուն, լոյսին արդար

Տանող թռչունն այդ վիթխարի,

Գանձը միակ մութ աշխարհի…

Գա՞նձը միակ… մերժեց արքան։

Դեռ հըրաշքներ կային այնքա՜ն,

Հրաշալիքներ տեսակ-տեսակ…

Մարդը ուզեց թռչունը մեծ։

Արքան մերժեց, ցաւ մը ծամեց։

Կ’ուզէր ըլլալ խոստումին տէր։

Կը յորդէր ջուրն, երկիրն էր դրախտ։

Ժողովուրդն իր կ’ապրէր ուրախ։

Այդ բոլորը ան կը պարտէր

Մարդու զաւկին այդ անձնըւէր։

Մերժեց, ունէր խղճի խայթեր.

-Աղջիկն իր կոյս, աղջիկն անբախտ…

Ու համոզեց, լեզու թափեց.

Հրաշալիքներ տեսակ-տեսակ-

Խօսող թռչուն բիւրեղէ, ցուպ՝

Իրագործող ամէն փափաք…

Մարդը ուզեց թռչունը մեծ,

Եւ յուսահատ՝ լըռեց արքան,

Շոյեց մօրուքն իր ալեծուփ,

Տուաւ հրամանն իր դըրական։

ԻԱ

Կոյսը նստած՝ աչքերն արիւն՝

Կ’երգէր։ Ողբ մ’էր իր երգը հեզ։

Ժայռ մ’իր կողքին, վըհուկի պէս

Գովքը կ’ընէր վըհուկներուն։

 

Բայց ինք գիտէր, ա՛լ յոյս ու ճար,

Դիւթանք չկար։ Սիրածն արդէն

Կը հեռանար։ Խորխորատէն

Թռչունն ահեղ կը բարձրանար։

 

Կը սփռէր իր թեւերուն յաղթ

Հովն, որուն տակ զառանցագին՝

Կը դողային հող ու երկիր,

Քարեր խումբ-խումբ կ’ընէին գաղթ։

 

Դեւերն հեռուն կուտային խոյս՝

Ձըգած խնջոյք, սեղան ու պար,

Լուսինին տակ, հալած կապար՝

Անիծելով թռչուն ու լոյս։

 

Հազարաւոր ջահերու բոց

Պարգեւող ջահ՝ կը թեւածէր

Թռչունը սեւ։ Երկինքն ի վեր

Կը հրդեհէր խորհուրդն ամպոց։

 

Կոյսը կ’ողբար. «Ինչպէ՜ս սիրէր,

Ան քաջ, ես խեղճ աղջիկ ճինի,

Ի՞նչպէս ըսեմ՝ ան սիրտ չունի,

Ան մարդ կտրիճ ու անվեհեր…։»

 

Ու նայեցաւ կարմիր լիճին։

Ելաւ ոտքի։ «Զիս չէր՝ որ ան

Կ’ուզէր փրկել…։» Եւ անվարան՝

Քալեց, յառած աչքերն առջին

 

Թափուած արեան։ «Փրկելով զիս,

Ան ինքզինքն էր որ կը փրկէր…

Ա՜խ ըլլայի ճիւաղին կեր,

Չճանչնայի հուրն այս սրտիս…։»

 

Քալեց։ Իր շուրջ կը դառնային

Չղջիկներ, մինչ խիճեր ճիչեր

Կ’արձակէին։ Զինք կը կանչէր

Կարծէք լիճը դըժոխային։

 

Ու մըխացող, հայելավառ

Լոյսն արիւնին կարմիր՝ կ’այրէր

Դէմքը կոյսին, ոտքերն ի վեր

Կը սողար մերթ ու կը հեւար։

 

Եւ թռչունին կըռինչը երբ

Լռեց, եւ պաղ եւ զայրագին

Ձայնն աղբիւրին եկաւ կրկին,

Եկան դեւերն հըրէշակերպ,

 

Փառք ու գոհար՝ իշխանուհին

Ատեց, ինկաւ դառնութեամբն իր՝

Մեծ լիճին մէջ արեան կարմիր,

Կ’ըսէ ցաւով հեքիաթը հին։

ԻԲ

Կը բարձրանար թռչունը մեծ՝ միջոցն ի վեր ըստուերակոծ,

Ուր կը հնչէր որպէս մետաղ, կը թրթըռար քամի մը պաղ։

Տարածութեան մէջ անսահման արձագանգող իր ձայնն էր կոծ։

Իր ամէն մէկ թեւն էր շուքեր, շողեր մաղող յաղթ կաղամախ։

 

Կը բարձրանար մարդն անոր հետ, ան հըպատակ իր մեծ կամքին,

Ինք զոհ անոր՝ որուն կուտար ամէն վայրկեան կըտոր մը միս,

Որ կը կտրէր սուրբ դաշոյնով մ’իր մարմինէն, կուտար արիւն։

Ինք քուրմ մը պիրկ, ան սրբազան, հընադարեան վայրագ իպիս [2] ։

 

Կը կտրէին ու կանցնէին եօթը լեռներ, մինչ երկինքներ

Հայելափայլ՝ կ’արշաւէին, կը թափէին փայլակ ու բով

Կսկըծացող վէրքերուն մէջ մարդուն, որ մերթ կը տատանէր,

Մերթ կը ցցուէր ինքզինք ժխտող տերվիշներու արբեցումով։

 

Եւ անոնց հետ, լուռ՝ կ’արշաւէր ըստուերն անոնց, սեւ ուրուական.

Կը մագլցէր կատար մը մերթ կը ցատկէր մերթ ձոր մ’ի վար

Մելանի գոյն, մերթ կը սահէր լոյսի մը մէջ կախարդական,

Դաշտերն ի վար, գետերն ի վեր՝ ան կը ծըփար երազավար։

 

Կը սուրային անոնք, կարծէք շարժումն ըլլար մեր անկայուն

Հոգիներուն իմաստը մեծ, կշռոյթ մը լոկ աշխարհն ըլլար։

Կը թեւածէր թռչունը հուր, պահանջելով միս ու արիւն,

Հարուածելով իր թեւերով մերթ ոգիներ օձագալար,

 

Մերթ քամիներ՝ որ խոյերու պէս կուգային բախիլ իրեն,

Հալածել զինք շուներու պէս… Կը պատըռէր ծով մը, կ’երթար։

Կը հակէր իր մարդը, առաջ կ’իյնար, կառչած փետուրներէն

Անոր, աչքերն հեռուն՝ որպէս ափ մը փնտռող խոնջ թիավար։

 

Ու կը մեծնար հրճուանքն իր միշտ քանի ետին ան կը ձգէր

Անցեալն իր սեւ, որ կը սուզւէր տարածութեան մէջ մոռացման,

Քանի իր շուրջ կը փրթէին կապեր, կ’աճէր անդորրաբեր

Ցաւի մը մէջ իր անձն այսպէս՝ ազատութեան ճամբուն վըրան։

ԻԳ

Հեքիաթ է, փակեմ հեքիաթի նըման։

Անվախճան էր այդ երկնքի ճամբան։

Տարիներ գընաց ու կ’երթայ դեռ ան,

Ինքզինք զոհելով իր այդ բարձրացման։

 

Կը սուրար ան վեր ու չէր սուրար ան,

Զենոնի [3] կախարդ, խենթ նետին նըման։

Եւ որքան կը զգար բարձրանալն՝ այնքան

Կ’ունենար գլխու պտոյտ մը անկման։

 

Թռչունն էր խարդախ, իր ձայնն էր անբան,

Անբան եւ սակայն իմաստուն նոյնքան -

Անոնք՝ որ իրենց հոգւոյն ծայրն եկան,

Տեսան, թէ իրենց կատարը չէր ան։

ԻԴ

Եւ սուրացին անոնք այսպէս, կարծէք ըլլար այդ անըսպառ

Շարժումը մեր իմաստը մեծ։ Ելան միլիառ աստղերն ի վեր,

Որ ձեռք մ’անյայտ կը ցանէր միշտ, կը հրդեհէր ու կը ցրուէր։

Արշաւեցին եւ բարձրացան անոնք այսպէս, յաջորդաբար

 

Վառող, մարող լոյսերն ի վեր, որոնց հասնիլ ամէն անգամ

Կը յուսային, հազիւ հասած՝ կը գտնէին փրփուր մը լոկ։

Անոնք գացին նորի մը միշտ, որ պատրանք մ’էր նոր, անողոք։

Կը խոյանար թռչունը միշտ, կը ցցուէր յար մարդն արնաքամ։

 

Նաւարկեցին անոնք ահեղ ժըխորին մէջ՝ բազմապատկուող

Ու քայքայուող աշխարհներուն լուսաթաւալ, որ հեգնական

Աչքերու պէս կը նայէին ու կ’անցնէին։ Ելան, ինկան

Աւելի խօլ ոլորտի մէջ, ուր կը տիրէր սարսափ ու ոխ։

 

Բարձրացան հոն մինչեւ՝ ուր մերկ ծիծերն իրենց ցցած հովեր՝

Ըսփինքսներու պէս կուգային խօսիլ կեանքին գաղտնիքներէն,

Ուր հոգիներ կը հիւսէին աստղերն անվերջ թաւալելէն։

Միջոցն արնոտ բեմի մը մեծ վարագոյրին պէս կը բացուէր։

 

Եւ մարդն յոգնած, սարսափահար` աղերսեց սէր, կանչեց, պոռաց

Անոր՝ որ տէրն էր ցաւերուն տարածութեան այդ անսահման,

Ուր ան լքուած կը զգար ինքզինք։ Պատմեց տանջանքն իր բարձրացման,

Ան խնդրեց գութ ու բարութիւն, աղաղակեց սրտով մ’այրած.

 

-Մարդացեալ Տէ՛ր, մարդացո՛ւր զիս, մարդկային Լոյս, Մարդոց Աստուա՜ծ…

ԻԵ

Մինչ իր ճիչով խըռովիչ, որմէ վախցած՝ մահիճին

Մէջ թաղուելով կը դողան տըղաներ խեղճ, իր հսկայ

Թեւերով, խօլ ծառերու փոթորկումով մը կուգայ

Թռչունը մութ ամպերուն կիրճերէն դուրս, եւ վերջին

 

Ըստուերներուն լիճէն վեր՝ կը դիմէ կոյս եւ արդար

Եւ ադամանդ կատարին լոյս աշխարհի մը ծաւի,

Կը նըւաղի կիսամեռ՝ հռընդիւնով մը ցաւի՝

Մարդն, որ հեծած զայն, անոր կեր իր միսերը կուտար։

 

Առաւօտեան դառնութի՜ւն։ Կը սահմռկիմ տըղոց պէս։

Կարօտ լոյսի, արնաքամ այդ մարդուն պէս կ’իյնամ ես,

Խոյանքիս մէջ փրկութեան իմ այդ տուրքէս ուժասպառ։

Բայց ցասումով օր մ’անոր պիտի դաշոյնըս կոխեմ։

 

Անոր - իտէալ, - որ կուտայ ճշմարտութիւն մը դըժխեմ,

- Գեղեցկութիւն՝ որ ունի հրէշի մը սիրտը կապար։

Պիտի ձգեմ ըզմեզ վար, վա՛ր, վա՛ր, աւա՜ղ, զղջումէս

Խենթեցած՝ վա՛ր, ուր կ’ապրի ամբոխն իր կեանքը խաւար։

ԻԶ

Ուզեցի միշտ՝ որ դուն գաս, գեղեցկութիւն, ուղեղէս

Ծնունդ առած, հսկեցի, եւ յուսացի եւ նըման

Անոր՝ որ հողն աւետեց ծովերէն վերջ անսահման,

Գաս եւ ինծի բերկրութիւն, անդորրութիւն մը բաշխես։

 

Գաս մահիճիս քով՝ անձայն, քայլովն այգի մը վըսեմ,

Զիս հաւատքով, բարութեամբ, գեղեցկութեամբ ոռոգես։

Ըզգամ՝ թէ չեմ խաբուած ես նախընտրելով քեզ կեանքէս,

Բերես շնորհներս իմ, որոնց տարիներով կը սպասեմ։

 

Բայց եթէ դուն, սրբութիւն իրագործման, ինծի՝ իմ

Գոհացումիս հետ պիտի տաս ամլացում մը եւ ես,

Նըման անոր՝ որ հասաւ, պիտի ընդմիշտ զրկըւիմ

 

Քենէ, ինէ, ըլլալու քաղցրութենէս, ծարաւէս,

Բիւրեղացած, խաղաղած՝ պիտի փակեմ ապագաս,

Լաւ է որ միշտ ուշանաս, ըսպասեմ, զիս խըռովես,

Չըգա՛ս, քանի որ իմ մէջս այդպէ՛ս է լոկ որ միշտ կաս…



[1]            Քիմեր. - Առասպելական անասնակերպ էակ: Փոխաբերաբար` մտացածին պատկեր, հոմանիշ ցնորքի:

[2]            Իպիս. - Թռչուն, Հնադարուն սրբացուած` եգիպտացիներու կողմէ:

[3]            Զենոն. - Յոյն հնադարեան փիլիսոփայ, սոփեստ: Ծանօթ` շարժման գոյութիւնը ժխտելու ձգտող իր նետի միթոս-օրինակով