Միջնաբերդ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՍԱՍՈՒՆՑԻ ԴԱՒԻԹ

I

Երկիրն էր չոքած տիրողին առաջ,

Որ հարկեր կ’առնէր, գերիներ, կիներ։

Զօրքն իր կը գողնար, կ’այրէր, կը սպաննէր,

Կ’աղարտէր պատիւ, սրբութիւն ու խաչ։

 

Մելիքն էր զարկած։ Պարսիկ զօրքն անհետ

Ըրած՝ Հայաստան մըտած՝ ցիր ու ցան

Բերած էր ուժերն հայ, որ կռուեցան

Իր դէմ՝ միացած թշնամիին հետ։

 

Զարկած ու մեկնած։ Բանակներ պահակ

Ձգելով։ Սով էր։ Գայլերը գիւղեր

Կ’իջնէին։ Մայրն իր տըղան կը ծախէր։

Մարդիկ կ’ուտէին խոտ, հող ու դիակ։

 

Նախանձը կ’ոռնար։ Երկիրն էր անտառ

Ցիցն ելած մարդոց։ Հայեր, մոլեգին՝

Կողմնակից ու դէմ հըզօր Մելիքին։

Կեանքն էր քայքայուած։ Կիրքը կ’որոտար։

 

Ու հողն էր խըռով։ Սուրերու նըման՝

Գիշերն անվերջ՝ գիսաւոր աստղեր

Կը ճեղքէին զայն։ Հուր, ծուխ կը փսխէր

Հողն Հայոց՝ բացուած որպէս գերեզման։

 

* * *

Հայ կին մը, կ’ըսեն, հըպարտ, դառնադէմ

Ան կ’ապրէր մինակ՝ սարսափին մէջ այդ

Հազար այդ թըւին, ծագումն էր անյայտ, -

Հռչակեց կըռիւ բըռնակալին դէմ։

 

Իր ցասումն էր մեծ ընդդէմ անօրէն

Զօրքին. որոշեց հանել քաջ մ’այնպէս

Որ ելնէր զարնէր Մելիքին ընէր կէս,

 

Ան պիտի ընէր այդ հերոսն արդար,

Աղքատին հասնող, գեղջուկին պաշտպան՝

Հոգի մը վըսեմ… Ձիրքեր անսահման

Եւ անմահութիւն անոր պիտի տար։

 

Մըտաւ ներս աւեր ու մութ խրճիթէն։

Հանեց սնտուկէն հընաւուրց գանձեր։

Սկըսաւ գործի։ Կանչեց սուրբեր ծեր։

Հին ծիրանիներ փըռեց դէս ու դէն։

 

Հին յիշատակներ… Այդ անցեալն էր վիշտ,

Ցաւով կը յիշէր - ոճիրներ, դաւեր

Հայրենակործան… Բայց մեղքն էր քաւուեր։

Այդ անցեալն էր սուրբ զօրութիւն մը միշտ։

 

Դարձաւ ու նետեց նայուածքն իր կըրակ։

Վառեց չոր խոտեր, խունկեր եւ մոմեր,

Որոնց սուրբերու սուրբ ձեռքն էր դըպեր,

Խառնեց աղօթքներն անէծքին վայրագ։

 

Դառնամ ողորմիս տամ մեր լոյս Պապին,

Պապ թագաւորին, դառնամ եւ փառք տամ

Թորոս արքային, Գագկի, Մարութայ

Սուրբ Աստուածածնի… Սուրբերուն մէն մին։

 

Ու բռընկեցան եւ նետեցին լոյս

Իր գանձերն այդ հին, խեղճ այդ յարկին տակ,

Մասունքներն այդ սուրբ - թագ, սուր ու կըտակ

Լուսաւորեցին տունն իր մըթասոյզ։

 

Ու կինն այդ ելաւ իր հուրն արձակեց։

Տէր էր ան անթիւ թաքուն զօրութեանց։

Լծուեցաւ գործի, նետեց բոցէ ցանաց.

Քաջ մը՝ որ ընէր Չարը գահընկէց…

 

Սոխակ մը երգեց լուսինին դիմաց։

Եւ արբեցում էր իր այդ երգն ու հեծ։

II

Ու հեզ հովիւ մ’էր ան՝ որուն եկաւ դըպաւ ուժն այդ բոցին։

Արիւնն անոր տրոփեց յանկարծ որպէս հրաշքի լուսեղէն ձին։

 

Որբ ու անգիր Դաւիթն էր ան։ Մեռեր էր իր հայրը՝ Մըհեր։

Մեռեր էր զինք աշխարհ բերած օրն իսկ յանկարծ մայրն ալեհեր։

 

Ան մեծցեր էր հօրեղբօր քով։ Հօրեղբայրն էր Ձէնով Յովնան,

Թշնամիի դէմ մաքառած, յոյսը կտրած Հայոց իշխան։

 

Հովիւ մ’էր ան՝ դեռ պատանի, գեղեցկադէմ ու յաղթիրան։

Իր կեանքն եղաւ խորհուրդ մը մեծ՝ ոսկի, արնոտ էջի մը վրան։

* * *

Ժայռին կատարէն կը նայէր Դաւիթ։

Լուռ, կ’արիւնէին ծառ, դաշտ ու հովիտ։

Իր յոխորտ հոգին թախիծը կ’ատէր,

Արցունք չէր հոսած իր աչքերէն դեռ։

Բայց ան կը լեցուէր ձայներով անյայտ։

Իրիկուան կախարդ արեւին տակ այդ՝

Աշխարհ կը փոխուէր եւ զինք կը յուզէր։

Ծիծառ մը անցաւ պատռելով լոյսեր։

Գառնուկ մը մայեց։ Կը լողար հեռուն

Արծիւ մը ծովուն մէջ շէկ ամպերուն,

Կուգար, կը դառնար, կը սահէր ան՝ պար

Եկող հարսի պէս, հանդարտ կը ծըփար։

Եւ ան պարի պէս դառնալով՝ կ’ուզէր

Կարծէք յայտնել միտք, անծանօթ յոյզեր։

Դաւիթ կը նայէր։ Կը խօսէր իրեն

Հողն Հայոց անցնող փառքի դարերէն։

Դաւիթ կը նայէր՝ մատներով սեղմած

Կապոյտ ուլունքն իր կուրծքին լայնաբաց։

Կը ճախրէր վըրան արծիւը նըման

Աղեղներ գըծող գրչի՝ եւ խոպան

Ժայռերուն մէջէն կը սահէր մերթ վեր,

Կը սուրար, կ’անցնէր, կտրելով հովեր,

Արծիւը մանգաղ՝ թեւերով իր մեծ։

Արեւով գինով ճըպուռ մը թափեց

Հուրն անդրաշխարհիկ ճինի մը ջութին։

Խոտերն յորդեցան, փըռուեցան գետին,

Որպէս հողն աւլող քըղանցք մը երկար։

Ու Դաւիթ անյայտ շունչ մ’իր շուրջ կը զգար։

Կը լեցուէր վախով, յոյզերով մըթին։

Ձեռք մը կը զարնէր կարծէք իր սըրտին։

Եւ Դաւիթ թշուառ իր բախտը կը զգար։

Ոչ ուլ կ’ուզէր ա՛լ, ոչ այծ եւ ոչ գառ։

Իր կեանքն էր փոխուած, լոյս մ’էր ինկած իր

Հոգւոյն մէջ՝ որպէս հրդեհ մը անծիր։

Տենչ մը մեծութեան զինք կը խըռովէր։

Ան դողաց յանկարծ։ Կի՞ն մը, թէ՞ ըստուեր…

 

Դաւի՛թ, ըսաւ ան, դուն մեծ հօր որդի՝

Քու կեանքդ է յիմար գլխիկոր հորթի։

Պէտք է սուր առնես, փրկես հողն ու մեզ,

Վըրէժը լուծես քու հօր ողջակէզ…։»

Տըղան շշմեցաւ։ Կի՞ն մը, թէ՞ ըստուեր՝

Որ իր դէմ յանկարծ այսպէս կը ցըցուէր։

Ու կինը թաթխեց մատն իր շրթներուն,

Օծեց այդ մատով ճակատը տըղուն։

Հեռացաւ իսկոյն, եւ Դաւիթ ճակտին

Ըզգաց կընիքն այդ խորհուրդին մըթին։

Հալածեց, կոտրեց հօտն իր ու դարձաւ

Քաղաք, տէրերուն տուաւ ահ ու ցաւ։

Ան դարձաւ ըմբոստ ու դարձաւ խիզախ։

Արթնցուց զարմանք ու տարածեց վախ։

-Իմ հայրս էր իշխան, զայն ըսպաննեցին,

Կ’ըսէր հօրեղբօր Դաւիթ Սասունցին…

Յովհանն յուզուեցաւ ու մընաց խըռով.

Ո՞վ բացաւ անցեալն այդ չար խօսքերով

Եւ դարձուց այսպէս տըխուր ու շողուն՝

Եղնիկի աչքերն այդ անմեղ տըղուն…

* * *

Սասունն ունէր վեց ամիս ձիւն, սառէ պարիսպ իր շուրջ ու բուք՝

Որ կ’արձակէր վիշապներն իր ու կը զարնէր մահուան թմբուկ։

 

Սասունն էր լեռ ու զերծ սովէն։ Թշնամիին կուտար միշտ հարկ։

Պիտի քանդէր խենթ Դաւիթ զայն, պիտի խախտէր ան ամէն կարգ։

 

Տրտնջացին քծնող ջոջեր - Դաւիթն էր ծուռ ու անխոհեմ,

Պիտի խռովէր ան թշնամին, պիտի հանէր զայն իրենց դէմ։

 

Ու զայրացաւ կինն Յովնանի ու բողոքեց գիշեր-ցերեկ.

Հողին կառչած՝ հոգի կուտար, որ ունենար ափ մը կորեկ։

 

Դաւիթն էր ծոյլ եւ շատակեր։ Ինչպէ՛ս հասնէր։ Դաւիթն օտար

Մարդու զաւակ։ Ինչո՞ւ պահէր։ Յովնան այդ բեռն իրեն կուտար։

 

Ձէնով Յովնան կախեց իր ծեր ու մըտատանջ գլուխը, խոկաց։

Գիշերն ամբողջ ան մտմտաց։ Առտուն, արեւն՝ առիւծ Մոկաց

 

Լեռներուն վրայ՝ կեցաւ, կանչեց։ Ձէնով Յովնան դողաց, տեսաւ

Կարծէք եղբայրն Առիւծ Մըհեր, որ կը տեղար հուր ու պարսաւ։

 

Ան Դաւիթին տուաւ աղեղ եւ նետ, տըւաւ ձի մը անոր,

Որ ան երթար ու թափառէր՝ քանի գործի չունէր շընորհ։

Դաւիթ առաւ աղեղն, ոտքին իր առաջին մուճակն անցուց,

Հեծաւ իր ձին, ըզգաց իր մէջ՝ փոփոխութիւն մ’ը զգայացունց…

* * *

Այդ կինն էր բարի, Դաւիթ չէր կրնար

Մոռնալ դէմքն անոր, գեղեցիկ՝ խորհուրդ։

Հարցուփորձ ըրաւ ամբողջ ժողովուրդ։

Մարդիկ մընացին լուռ, սարսափահար։

 

Դաւիթ շրջեցաւ դաշտ, անտառ ու ձոր,

Ո՞ւր էր այն ճամբան՝ ուրկէ կինն եկաւ։

Երազ էր եւ լոյս, քաղցրութիւն եւ ցաւ՝

Իր ճակտին վըրայ մատին հետքն անոր։

 

Մերթ զայն կը տեսնէր բերդի մը աւեր

Պատերուն վըրայ, մերթ ան կ’երեւար

Խաչքարերու շուրջ - իրեն կը թըւէր, -

 

Իր շունչն ամէն տեղ, բայց ինք հողմավար՝

Ուրու մ’էր կարծէք՝ անտեսանելի՝

Ցոլքեր արձակող որպէս հայելի,

Որ կը շըրջէր միշտ ու չէր երեւար…

 

Այդ ցոլքերն եկան զինք ջրդեղեցին

Մըկան ու հոդ, - ցնցեցին իր ձին։

Սրբութիւն սուրբի եւ ոյժն առիւծին

Բերաւ խորհուրդն այդ դիւթական բոցին։

* * *

Գիշեր մը, Դաւիթ, բաց դաշտի մը մէջ,

Կ’երթար, կը նայէր լուսնին, աստղերուն։

Հեքիաթ մը կարծէք կը բացուէր էջ-էջ։

Իր սիրտն էր տրոփուն, իր միտքն էր հեռուն,

Վառուած սրբազան հուրով մը անշէջ։

 

Կը յիշէր տեսած պատկերներ տըխուր.

Ամայի գիւղեր, տուներ լուռ, դատարկ,

Դէմքերու վըրայ վախ, արիւն ու մուր։

Եւ այս յուշերուն վըրայէն շարք-շարք

Կ’անցնէին զօրքեր կիրքին անձնատուր…

 

Իր սիրտն էր յուզուած ցաւով ու ցասմամբ,

Բայց հեքիաթ մը միշտ լուռ՝ կը ծաւալէր

Եւ կուտար իրեն տեսիլներ փարթամ,

Ու կ’ողողուէին դաշտ, անտառ ու լեռ

Լոյսով մը կախարդ, հող, երկինք ու ամպ։

 

Եւ կ’երթար Դաւիթ, կէս-քուն, կէս-արթուն։

Եւ քանի կ’երթար լոյսը կ’աւելնար,

Կը փայլէր որպէս սուրբ աւանդութիւն,

Որպէս զրահ ու զէնք, պալատ ու տաճար։

Կը հետեւէր հեզ՝ ձին իր քայլերուն։

 

Բաբախեց յանկարծ սիրտը Դաւիթին,

Բացուեցաւ, ծըփաց դրօշակի նըման։

Կը տեսնէր խրճիթ մ’որ լոյս իր չորս դին

Կ’արձակէր՝ որպէս սըրբազան խորան։

Կը տեսնէր անթիւ քաջեր՝ հայորդին։

 

Մօտեցաւ, ճանչցաւ. - Մուշեղ եւ Աշոտ,

Վարդան եւ Թորոս։ Անոնք կուգային

Առնական ու վեհ ու գերմարդկային,

Կռուէն, զէնքերով արնոտ ու փոշոտ,

Աչքերուն մէջ կամք եւ ցաւ եւ կարօտ։

 

Կուգային իրենց զօրքերով՝ ամէնքն

Ալ արնոտ ու խոնջ, բայց հըպարտ ու քաջ։

Պաշտպանելէ վերջ հող, կըրօնք, օրէնք,

Կ’արձակէին ողբ, բողոք ու հառաչ՝

Թէ մահը կռուէն զրկած էր զիրենք։

 

Ու սիրտը Դաւթի աւելի ուժգին

Բաբախեց դարձեալ, կը տեսնէր յանկարծ

Զինք յեղաշրջող այդ կինը կրկին,

Եւ ան գեղեցիկ՝ կուգար բոցարծարծ

Քայլերով, ունէր եռանդ մը դէմքին։

 

Եւ ան ողջ էր դեռ մեռելներուն քով՝

Որոնց ան կ’իշխէր, եւ ան կ’իշխէր դեռ

Սերունդներու նոր։ Դաւիթն հրճուանքով

Ճիչ մը արձակեց։ Սիրտն իր կը պայթէր,

Կը վառէր դէմքն իր ուրախ ու խըռով։

 

Կինն այդ տարիքոտ, որ երիտասարդ

Տեսք ու կեանք ունէր նոյն ատեն, իրեն

Ցոյց կուտար ամբոխն այդ, կ’առնէր զինք արդ

Ներս իր դիւթական խրճիթին դուռէն.

Դաւիթ, սուր վերցո՛ւր, քու հայրդ էր քաջ մարդ…

 

Եւ աչքերուն տակ դարերու գալիք

Մարդոց, անցեալի քաջերուն առաջ՝

Կը յորդէր Դաւթի կեանքն ալիք-ալիք։

Եւ ամէն բողոք եւ ամէն հառաչ

Եւ խօսքերն անմահ շունչով մ’էին լիք։

 

Ներս մըտաւ Դաւիթ խրճիթէն, գըտաւ

Իր դէմ մարդ մը յաղթ - տեսիլ մ’այլանդակ,

Հըզօր, բայց տըժգոյն՝ որպէս հին կըտաւ,

Երկու սեւ փոսեր իր կոպերուն տակ,

Ձեռքերը կըտրած, կուրծքն արնաթաթաւ։

 

Կինն ըսաւ իրեն. - Դաւի՛թ, հայրըդ. ան

Չի կրնար խօսիլ, լեզուն են կտրած,

Աչքերն են փորած, իշխանաց իշխան

Հայրըդ՝ որ յաղթեց թշնամի զօրաց,

Բարութեամբ իշխեց մեր երկրին վըրան։

 

Ու քաջ կինն ըսաւ հօր կամքը տըղուն.

Վըրէ՜ժ։ Ծունկ եկաւ Դաւիթ գլխահակ։

Կը ցնցէր սիրտն իր զըրահը շողուն

Իր հօր, կը սըփռէր արնավառ կըրակ։

Ծունկ եկաւ Դաւիթ արցունքն աչքերուն։

 

Վերացած՝ ըրաւ երդումն իր վայրագ։

Սոխակը երգեց լուսնին տակ հեռուն։

III

Դաւիթ կ’անցնէր Սասուն, կեցուց յանկարծ իր ձին։

Կը ծաւալէր ճիչ մը տըխուր-բողոք ու ցաւ։

Եկաւ յարկ-յարկ ժայռերն ի վեր արիւնեցաւ։

Ու քրքիջներ ու ծիծաղներ որոտացին։

 

Իջաւ ձիէն, գընաց անցաւ քարի մ’ետին,

Հակեցաւ վար, տեսաւ ինկած գեղջուկ մը ծեր։

Զինուոր մ’արաբ զայն դաշոյնով կը հարուածէր։

Ուրիշ մ’արագ կը խուզարկէր անոր գօտին։

 

Դաւիթ նետեց նետերն։ Ելաւ դահիճը վեր,

Ձգեց արնոտ դաշոյնն, ոռնաց, տապալեցաւ։

Երկրորդն հեծաւ նըժոյգն իսկոյն՝ որ սըրարշաւ

Փախչի, աչքին նետ մը՝ թամբէն վար կը կախուէր։

 

Վար կը կախուէր գլուխը Դաւթի։ Ան կը դողար։

Իր առաջին զոհերն էին։ Ան կը վախնար իր ուժէն այդ՝

Որ կը մընար անմեկնելի - զօրութիւն մը, ձեռք մը անյայտ…

Փոխուած էր ինք ու կը փոխուէր իր շուրջ աշխարհ։

Հեծաւ իր ձին։ Ձին արշաւեց կայծակնացայտ…

***

Ամառ։ Կըրակ։ Կը թրթըռար

Օդը։ Կ’առնէր թեւ ամէն ծառ։

Անտառ մըտած՝ որս կը զարնէր

Դաւիթ, ելան չորս Արաբներ։

Իր աղեղն ու նետն ուզեցին։

Տըղան չանսաց, քըշեց իր ձին։

Անտառն Հայոց անտառ, օտար

Զօրքն այդ որո՞ւ հրաման կուտար։

Նետերն եկան իր ետեւէն։

Դաւիթ ըրած ծառ մ’ապաւէն՝

Կեցաւ, նետեց նետերն իր վառ։

Անտառն այդ մեծ կը դղրդար,

Կը ճչային ծառերը ծեր,

Կը սուլէին թռչող օձեր,

Կը խոցէին ճիւղեր, հովեր։

Անտառն ամբողջ կ’ալեկոծուէր։

Կը փախչէին եղնիկ ու լոր

Բազմաղաղակ… Զինուոր մ’ինկաւ։

Զինուոր մ’ինկաւ արնաթաթաւ,

Լուրը գընաց։ Ոլոր-մոլոր՝

Տերեւ մ’իջաւ, կախուեցաւ վար

Սարդի թելէ մը լուսավառ։

* * *

Երեկոյ մը, երբ երկինք կը փայլէր

Սուրի մը նըման,

Բըխեցաւ գետնէն փոշի մը հսկայ, թաղեց սարերուն ամայի ճամբան,

Նետելով վայրագ պողպատի փայլեր։

Թռչող ձիերով եօթ զօրքեր եկան, բարձրացան Սասուն։

Եւ եղաւ յուզում։

Սարսափած՝ փախան երեխայ ու կին,

Գերաններ զարկին

Իրենց դռներուն ետին ամրափակ։

Եզներն ու գառներն իրենց գոմերուն առջեւ խռնըւած՝

Հանեցին տըղու աղեխարշ ձայներ։

Հաւեր ու սագեր թռան բակերու հաստ պատերն ի վեր,

Մոլար՝ ճչացին վառեակներ լքուած։

Հաջեցին շուներ։

Արաբներն եկան, իջան ձիերէն

Ձէնով Յովնանի տան դրան դիմաց։

Փոշին կը ծածկէր քողի պէս՝ պըղինձ ճօշաններն իրենց

Որոնց փայլակներն՝ արեւին ներքեւ՝

Կը թրթըռային օձերու արագ լեզուներու պէս,

Կը վրընջէին ձիերն անհանգիստ՝ ձայնով հըրավառ։

Արաբներն եկան ու բերին պարգեւ՝

Հայհոյանք, պարսաւ, ոխ, թրիք ու մէզ…

* * *

Զօրքերն եկան ու Յովնանին

Խոնարհ վըզին սուրը դըրին։

Խութին տէրը երդում ըրաւ.

Դաւիթէն լուր չունի բընաւ։

 

Յովնան ծունկի՝ գլուխը ցնցեց։

Գանկին մէջ կար Սաղմոս մը մեծ։

Սուտ կը Խօսէր, մեղք կը գործէր,

Բայց կը փայլէր իր դէմքը ծեր։

 

Տանելէ վերջ լուտանք ու ծեծ,

Յամառութեամբ վիզն իր ցցեց։

Կը մըտածէր. ծեր էր, դարձեալ

Չէր գար այլեւս իր փառքն անցեալ։

 

Կըրնար մեռնիլ. Դաւիթ մընար։

Ան նոր յոյս մ’էր ցեղին համար։

Յամառ ու պիրկ ու անվարան՝

Երդում ըրաւ սըրբոց վըրան.

 

Դաւիթէն լուր չունիմ բընաւ…

* * *

Բայց նետ մը յանկարծ՝ սուլելով ուժգին՝

Եկաւ գամուեցաւ այդ սուրը բռնող անխընայ ձեռքին։

Ու ձեռքը դողաց,

Ձգեց զէնքը ցած։

Զօրքերը դարձան, տեսիլ մը տեսան,

Եւ վէս եւ վայրագ եւ կախարդական,

Հրեշտակ եւ գազան՝

Որ կ’ըսէր իրենց.

—Դաւիթն ուզեցիք, ահա ան, քաջե՛ր։

Դէ՛ բռնեցէք զայն՝ թէ սիրտ ունիք դեռ։

Ինչո՞ւ կը սպաննէք դուք այդ մարդն անտէր։

Ինչո՞ւ ողջ քաղաք մէկ տըղու համար

Կը մատնէք այսպէս դուք ահ ու կոծի։

Եկէ՛ք քաջաբար,

Բռնեցէ՛ք, տարէ՛ք զիս ձեր Մելիքին…

Զօրքերն ապշահար, անշարժ մընացին, լուռ՝ մէյմէկ արձան,

Եւ երբ արթնցան,

Տեսան՝ կը ցատկէր ան ձիուն վըրան։

Նախատուած այսպէս՝ պոռացին ուժգին,

Վազեցին իրենց ձիերը հեծան,

Հալածեցին զայն։

 

Դաւիթն էր ճըկուն, ունէր հըզօր վիզ եւ լայն-լայն ուսեր։

Իր նետն էր անվրէպ։

Եւ իր նետին պէս արագ ու թեթեւ՝

Կը հասնէր ան, երբ

Ոչ ոք կը սպասէր։

Ու զինք հալածող զինուորներն ինկան

Ետեւէ ետեւ՝

Դիերը ինկան անդունդներն ի վար,

Ձիերը փախան սանձարձակ, մոլար…

Դաւիթ սուզուեցաւ ձիով անտառէն ներս, եղաւ անհետ,

Երբ կը բարձրանար կարմիր լուսնկան։

IV

Ու հրաշքն աճեցաւ, մեծցաւ օրէ օր,

Դարձաւ յոյս եւ երգ, մանուկին օրօր։

 

Դաւիթն էր կարմիր՝ ծովուն մէջ կանաչ

Հայ բարտիներուն երկնամուխ ու ծեր,

Կարմիր՝ որպէս հուր, որ կ’ալեկոծէր։

Ոսկի էր իր ձին կեցած կողքին աջ։

 

Եւ հուրն այդ անոր կը լուսաւորէր

Իր շուրջ հաւաքուած հալածուած մարդիկ

Կոյս աղջիկ ու կին, երեխայ, մարտիկ-,

Կը շողացընէր հողեր ու ծառեր։

 

Շաւիռն հայերնի՝ բիւրեղ՝ կը խօսէր։

Անտառն էր պալատ։ Դաւիթն էր իշխան։

Ան կ’առնէր աւար ու կուտար սեղան։

Բոլոր խեղճերուն կուտար յոյս ու սէր։

 

«Այս հողը ձերն է, կ’ըսէր ան, ժառանգ՝

Ձեր մեծ պապերէն»: Ամէն ոք կուլար,

Ու կ’օրհներգէին ճիւղերը դալար։

Վիշտ ու բիրտ ցասում, ժըպիտ ու բերկրանք։

* * *

Նետի նըման աստղ մը սուրաց, գընաց ծակեց սարը խաւար։

Խաւարին մէջ լոյս մը շողաց, փըռեց կարմիր ու կանաչ բոց։

Սարսըռացին հըսկայ ծառեր դեւերու պէս աղօթահար։

Գալարուեցան շուքեր երկար՝ իրար շրջող մէյմէկ մեծ օձ։

 

Լոյսը մեծցաւ ու աճեցաւ ու բարձրացաւ եւ իջաւ ցած,

Թափահարեց թեւերն իր շէկ ու դարձաւ խաչ խորհրդավառ։

Ան կը բըխէր հողէն, քարէն, ու հող ու քար՝ անըրջացած՝

Կը շողային, կը դողային, կը մըխային որպէս բուրվառ։

 

Դաւիթ ինկաւ իսկոյն ծունկի, պագաւ հող, քար սեղմեց կուրծքին։

Աղօթքն ըրաւ, ելաւ ոտքի, յատակագիծ մը քաշեց իր

Նետին ծայրով, փըլած վանքին աւերներուն մէջ ցանուցիր,

Ամբոխն եկաւ եւ բարձրացուց Սուրբ Մարութայ վանքը կրկին։

 

Դաւիթ տեսաւ՝ երկնէն կ’անցնէր իր հօր հանգչած հըպարտ հոգին։

Կը հնչէին գետափի պէս ձայներն անյայտ կընոջ ոտքին։

Վանքին քարերն՝ հողէն ելած ոսկորներ սուրբ նախնիքներու՝

Կը ցցուէին, բարձրանալով լոյս կուտային մօտ ու հեռու…

* * *

Արշաւասոյր ձին կը նետուէր

Կատարներէն բարտիներուն

Մեծ անտառին, որ լեռն ի վեր

Բարձրացող ծով մ’էր փրփըրուն։

 

Կը յայտնըւէր, կ’անհետանար

Արեւածուփ ճիւղոց ետեւ,

Կը բարձրանար՝ պատգամատար՝

Զայն մտրակող մարդը պարթեւ։

 

Ելաւ, մըտաւ Հայոց դիրքեր։

Իր ձին կեցուց Դաւիթի դէմ.

-Դաւի՛թ, ըսաւ, զօրքերը մեր…

Ցըռան Վերգօն այդ շընադէմ…

 

«Խաբեց, խաբեց…» Ան կը հեւար։

«Վերգօն մատնեց ըզմեզ, տարաւ…»

Ան կը հեւար, խօսքն իր դժուար

Կ’ելնէր բերնէն անոր ծարաւ։

Տըւին իրեն ջուր, ան խըմեց,

Ու շունչ առաւ ու պատմեց ան.

«Պաշարում մը, կըռիւ մը մեծ…

Անակընկալ յարձակեցան…

 

Վերգօն լըքեց մեզ, անցաւ դէմ…»

Դաւիթ լըսեց, տըւաւ հրաման.

Երթանք։ Ես իմ ձեռքով նետեմ

Անդունդ՝ գըլուխն այդ դաւաճան։

* * *

Եւ Ցըռան Վերգօն չորս կողմ կը մուրար

Սէր, փառք, հիացում իր խելքին հանդէպ։

Չէր գտներ զանոնք, ու տըխուր ու չար՝

Կ’այրէր նախանձէն, կ’ոռնար դառնադէմ.

 

Ի՞նչով եմ պակաս Դաւիթէն, Դաւիթ

Ի՞նչու սիրուի միշտ, այդ տըխմար տըղան՝

Եւ ոչ ես, Երկի՛ր, երբ կ’ուզեմ ցաւիդ

Վերջ տալ… Ես Սիւնեաց ճշմարիտ իշխան»:

 

Ու կ’ըսէր Վերգօն. «Փրկութիւնը մեր…

Թըշնամին է մեծ, զայն սիրաշահինք…»

Մարդիկ կ’անցնէին խուլ եւ անտարբեր։

Եւ ան կ’անիծէր երկիր եւ երկինք։

 

Կ’ատէր, կը դաւէր, արիւն կը թափէր,

Կը փախչէր Դաւթէն՝ որ կը փնտռէր զինք։

Կ’ապրէր դըժոխքի որպէս սեւ քիմեր։

Բերնէն կը հոսէր թոյն, ցեխ, նախատինք։

* * *

Ձիւնն էր հրեշտակ։ Ան պաշտպանեց լեռ, դաշտ, անտառ։

Տարին անցաւ։ Տարի մը նոր։ Գարունը նոր կեանք մը կուտար

Սեւ օրերու վիշտն էր աղբիւր յոյսի մը վառ։

Կը բռընկէր ամէն նայուածք, որ իր ետին ունէր ցաւեր,

Ամէն հոգի՝ որ լերկ, պատռած ժայռի նման կը ցցուէր վեր։

Ոգիներու բերնէն հոսող երկրին թրթռուն լոյսը կուտար

Թըռիչք ու թափ, հրաշք եւ անուրջ։

Դաւիթն էր քաջ, սուրբ, խստամբեր,

Տեսիլ մը նոր։

Կը լըսէին մարդիկ անոր ձիուն պայտերն հովերուն մէջ։

Ցասումը լոյս պսակ մըն էր իր գլխուն շուրջ,

Բարկութիւնը պատմութեան մեր։

Ու փոթորկոտ մեր կամքը բիրտ, որ ոչ մէկ տէր կ’ուզէր ճանչնալ,

Կը խոնարհէր սրտածաւալ՝

Առջին անոր։

Ան խորհուրդ էր, արդարութիւն եւ ուրուական սպառնագին։

Լուրը գնաց մեծ Մելիքին.

-Դաւիթ ելեր, իշխան եղեր, կ’իջնէ գիւղեր,

Իր շուրջ ժողված հայ իշխաններ,

Կը ջարդէ մեզ,

Կը դառնայ տէր իր հողերուն, դատ կը տեսնէ,

Կը սերմանէ ըմբոստութիւն։

 

Մելիք ճամբեց կուզ Կոզբադինն։

* * *

Կոզբանդինն էր շիլ ու տըգեղ, գոռոզ ու բիրտ։

Սասունն, ըսաւ, մեր կայսրութեան վրայ նետուած

Ճնճղուկի ծի՛րտ։

Քա՜հ-քահ խնդաց։

Ու զօրքն առաւ ու հեծաւ ձին,

Խոստանալով վանքեր քանդել ու ժողվել հարկ,

Բերել Հայուն ոսկին պարկ-պարկ,

Բերել կիներ, հայ ըմբոստներ,

Դաւիթը ողջ բերել Պաղտատ,

Յանձնել զանոնք իր արքային արդարադատ։

Ամբոխը զայն ճամբու դրաւ փողով, երգով։

Թափօրն այսպէս առքով-փառքով

Անցաւ սահման, վըրան զարկաւ Սասունի քով։

* * *

Անտառն անվերջ կ’ալեկոծէր

Մեծ խարոյկէն, որ ծառերէն

Դուրս կը քաշէր շուքեր՝ սանձեր

Դըրած անոնց, կատաղօրէն

Զանոնք մութին մէջ կը վարէր։

 

Ճառագայթներ կը պոռթկային

Նիզակներէն պահակներուն,

Որ՝ զերթ աչքեր հրեշտակային՝

Կը փայլէին հոս-հոն, հեռուն։

Կը հսկէր մեծ սիրտը Հային։

 

Ամբոխն հողին՝ կը քընանար։

Դաւիթ նստած՝ կը մըտածէր։

Կոզբադինն է եկեր՝ աւար

Առնել, ջարդել, տանիլ գանձեր։

Սիրտն էր տըխուր, միտքն էր խաւար։

 

Դաւի՛թ, ինչո՞ւ կը մտմտաս,

Ձայն մը ըսաւ յանկարծ իրեն,

Օրը եկաւ ուր՝ մաս առ մաս՝

Մենք մեր հողին պիտի տիրենք.

Մո՜ւշ, Վա’ն, Անի՛, մինչեւ Կովկա՜ս…

 

Դաւիթ ելաւ ոտքի։ Կինն էր

Որ կը ցնցէր միշտ իր հոգին։

Ունէր հուժկու, մեծ բազուկներ,

Նայուածք մ’ունէր մօր կաթոգին։

Կը բերէր սուր մ’իրեն նըւէր։

 

Դաւիթն ելաւ ոտքի։ Կ’ուզէր

Հարցաքննել ան կինն այդ մեծ,

Որ քաղցր էր, սուրբ, եւ որ յոյսեր

Տալով միշտ զինք կռուի ճամբեց,

Դողաց իր սիրտն հայրենասէր։

 

Ան կը նայէր անոր դէմքին

Ու կը տեսնէր դաշտեր, լեռներ,

Ծովը Վանայ, փայլն Արաքսին,

Ու շունչն անոր կ’արբեցընէր

Զինք։ Օ՜ խորհուրդն այդ անմեկին։

 

Ձեռք մը զօրեղ զինք թօթափեց,

Մինչ միշտ գինով կը նայէր ան.

Դաւիթ, կուգայ թշնամին մեծ,

Սուրերն անոր սուրէդ սարսռան…

Տա՛ս վախ անոր, պատիժ ու ծեծ…

 

«Դաւի՛թ, ժամն է մեծ հըրաշքին,

Օրերն հրաշքներ պիտի բերեն…»

Ըսաւ, գընաց։ Ըստուե՞ր, թէ՞ կին…

Լուսինն ելաւ դուրս ամպերէն։

Փչեց անցաւ հով մը ուժգին։

 

Ու նայեցաւ Դաւիթ սուրին։

Ան աղբիւրի պէս կը հոսէր,

Կը թրթըռար որպէս ուռին,

Ու կը խօսէր, ձայներ, լոյսեր

Կը տարածէր ան իր չորս դին…

* * *

Ու Կոզբադին մտաւ Սասուն,

Յովնան բերաւ ոսկին։ Ոսկի ժպիտ բերին կեղծաւորներ։

Բերին կիներ։ Բերին պահուած կոյս աղջիկներ։

Ու Կոզբադին, բոլորն առած՝ ուղղուեցաւ դաշտ։

Սազերը զինք ողջունեցին։

Սեղան նստաւ, սպասելով լուսաբացին։

Որ Դաւիթի վըրայ քալէ։

Ան իմ ձեռքիս մէջն է արդէն,

Հրաման տըւի, որ զայն յանձնեն,

Թէ չյանձնեն՝ ես կը սպաննեմ հազար այրեր,

Հազար այրեր կը կուրցընեմ վառ շամփուրով,

Երկու հազար ձեռք կը կտրեմ։

Հազար մանուկ հուրերուն մէջ ես կը նետեմ…

Եհէ՜, եկայ, պոռաց յանկարծ ձայն մը խիզախ։

Սարսափն ինկաւ բանակին մէջ։

Դարձան, տեսան ձիաւորներ կը պաշարեն։

Շշնջացին «Դաւի՛թ, Դաւի՛թ…»

Դաւիթն եկաւ սուրը ձեռքին, ջահերուն տակ.

-Տէ՜ր Կոզբադին, ուզեցի՞ր զիս…

Զօրավարին լեզուն չորցաւ։

Դաւիթ տեսաւ անոր կողքին աղջիկ մը բիրտ, ազնուական,

Եւ սեւեռեց աչքերն անոր ու նայեցաւ աղջիկն իրեն։

Իսմիլ ծըռեց գլուխն իր, երբեք չէր տեսած քաջ նըման նայուածք,

Քաջ ու անուշ, անուշ ու խիստ։

Մեր Մելիքի աղջիկն է ան, պոռաց կատղած մեծ Կոզբադին։

Բարով եկաւ, մենք կը պատուենք զայն քըրոջ պէս։

Զօրավար մը քաշեց իր սուրն՝ որ յարձակի Դաւթի վըրայ,

Պաշտպանէ իր կոյսը պաշտած,

Ու Դաւիթ իր սուրով զարկաւ,

Ու թռցուց սուրն անոր ձեռքէն,

Ու խօսեցաւ Դաւիթ այսպէս ահաբեկած Կոզբադինին.

Կը ձգես հոս ինչ որ առիր, ոսկի ու կին,

Զէնք ու զըրահ, ու ձի, պաշար, ինչ որ ունիս,

Հրաման կուտաս՝ զօրքերն արաբ մեկնին երկրէն։

Կ’երթաս Պաղտատ եւ կը պատմես քու Մելիքիդ…

-Իմ հայրս է խիստ, ամենազօր, հա՛յ աւազակ,

Պոռաց Իսմիլ, գեղեցկութեան նման վայրագ։

Բայց հիացում ու սէր մը կար

Աչքերուն մէջ իր ցասմնավառ։

Դաւիթ բռնեց անոր ձեռքէն։

Աղջիկն ուզեց ձեռքը քաշել, ան կը փակչէր Դաւթի ձեռքին։

Ու Դաւիթ զայն տարաւ, տարաւ, ցոյց տըւաւ ան իր վէրքը մեծ.

Մերկ ու բոպիկ, շղթայակապ հայուհիներ,

Ամբոխ մը խեղճ ու անօթի՝ որ ծունկ կուգար

Դաւթի առջեւ։

Դաւիթ տարաւ ու բարձրացուց իշխանուհին սարի մը վրայ։

Իսմիլ տեսաւ ծուխի սիւներ, աւերակներ՝

Լուսաբացի լոյսերուն տակ,

Եւ ան լըսեց.

Աւազա՞կ է այն՝ որ կ’ուզէ երկիրն իր այս տեսնել շէնշող,

Ու ժողովուրդն ազատ ու կուշտ…

Ո՛չ, շշնջաց աղջիկն յուզուած։

Դարձաւ բարի դէմքն իր գոռոզ։ Ժպիտն եկաւ աղուորցուց զայն։

Ինչո՞ւ կ’ատեն ցեղերն իրար, ըսաւ Իսմիլ դողդըղագին։

Դաւիթն էր լուռ ու մըտածկոտ։

Իջան անոնք այդ սարն ի վար։

Ինչո՞ւ կ’ատեն ցեղերն իրար, կը մըտածէր Դաւիթ նոյնպէս…

Երգեց, երգեց սոխակն յուզուած, պարպեց սրտին

Բիւրեղն՝ որ զերթ մեղր կը հալէր ու կողողէր երկինք, գետին։

* * *

Եւ կը քաշուէին հագարացիք բիրտ՝ տեղատըւող ծով։

Ու կը փախչէին դաւաճան հայեր՝ ոխով ու կոծով։

Դուրս կուգար հայոց Հոգին յաղթական։

Դաւիթն էր արեւ այդ Հոգւոյն վըրան։

Ան օծուեցաւ տէր երկրին՝ մեծ իշխան։

Եւ երբ համբուրեց խաչը Սուրբ Գիրքին,

Իր դէմքը դարձաւ վեհ ու երկնային։ Պատարագն էր վեհ։

Մարդիկ ծունկ եկան, ըզմայլած լացին։

Կ’անցնէին հսկայ քայլերով սուրբի՝ զանգերը երկրին։

Դրօշներ հընամեայ կը ծածանէին բերդերու ճակտին։

Գողթան երգիչներ կ’երգէին նորէն յաղթական երգեր։

Յոյսը կը ծաղկէր։

Ու կը տարածուէր բոյրն անուշ հացին։

Մարդիկ ծունկ եկան՝ Դաւիթն օրհնեցին։

Գաւառէ գաւառ՝ փողերն հնչեցին, ցնցեցին չորսդին։

Բացուեցան բանտեր։

Եւ գարունն եկաւ, բաց դաշտերն ի վեր պոռաց բարձրաձայն,

Բերաւ մանիշակ, հիրիկ ու քրքում, մեխակ, ահրիզան։

Կըռունկներն եկան։ Ցուլերն արթնցան ու պոռացին սէր։

Սասունցին անցաւ

Սիւնեաց աշխարհէն։ Ան մտաւ Դըւին։ Ու գնաց Ախլաթ։

Դէմ առ դէմ կեցաւ, խօսեցաւ խօսող Վանայ վառ ծովին։

Ան դարձաւ Տարօն, զօրքեր հաւաքած բարձրացաւ Սասուն։

Զէնք, զըրահ ու զօրք, օրհնէնք ու համբաւ։

* * *

Ու Կոզբադին՝ ցեխերու մէջ՝ հասաւ Պաղտատ։

Ան՝ առարկայ մարդոց ծաղրի։

Պատմեց տիրոջ ուժը Դաւթի.

-Հայաստանն է երկիր մը բիրտ, ժայռ ու անդունդ,

Լերկ ու դաժան, Սասուն-Ցասում, մրրիկ ու թունդ,

Օտար զօրքին դէմ չար, ժըլատ,

Հուրի վրայ շինուած երկիր, լեռ ու անձաւ…

Մելիք գոռաց ու զայրացաւ։

Եկան, եկան փախստական զօրքեր գունդ-գունդ,

Մերկ, պարտասուն եւ անօթի։

Մելիք պոռաց ու որոտաց։

Չէր հասկընար

Անկումն այս իր յաւերժայաղթ, աշխարհ ցնցող արի զօրաց։

Իսմիլ ելաւ իր հօր դիմաց,

Հըրաշք տեսած աչքերով վառ։

Դաւիթն էր մեծ, դատն էր արդար։

Մելիք դողաց, պիտի զարնէր իր աղջկան։

Պատիւ ու փառք կը փըլէին կարծէք իր շուրջ։

Թագ երազող Վերգօն եկաւ՝ մեռելային՝

Ու համբուրեց ոտքն արքային։

Դաւիթ մեռնէր, ան տէր դառնայ իր աշխարհին։

Մելիք գոռաց կայծակի պէս փոթորկային,

Հրաման տուաւ պատրաստութեան։

V

Ծովահէններն եկան։ Ելան հորիզոնէն։

Գոյն-գոյն վրաններ՝ որպէս ուռած եւ հողմակուլ առագաստներ։

Կը փայլէին նիզակ ու սուր ու վահաններ արեւաշէն։

Կը ծածանէր մարգարէին դրօշը կանաչ։

Կը ծըփային սիւներէ կախ՝ ձիու պոչեր պատուանըշան։

Ձէնով Յովնան կը նայէր ձախ, կը նայէր աջ։ - Հագարացիք,

Ջոջեր եկան կեցան կողքին -

Ստուերներ լուռ, դէմքեր տըխուր, տառապագին։

Կեցան երկչոտ ու յարգալիր։

Վարը՝ բանակ մը անհամար վայրագ ու լիրբ։

Վերը՝ յուզում բարի մարդոց։ Փսփըսացին.

Հագարացի՜ք…

Յովնան բերաւ ջոջերը ժամ,

Բերաւ ծունկի Սուրբ Խաչին տակ։

Գիշերն եկաւ, սուրբերն իջան երկնքէն վար,

Արծարծեցին սրտերն՝ յոյսի կանթեղ միշտ վառ։

Յովնան ուզեց մելան, փետուր,

Մագաղաթի կտոր մը, վրան խաչ մը գծեց։

Կանչեց իր քով վարդապետներ, տէրտէրը ծեր աւագերէց։

Գիր մը գըրեն Բիւզանդիոնի քըրիստոնեայ թագաւորին,

Քըրիստոսի սիրուն ելլէ, ան օգնութեան գայ խաչապաշտ Հայաստանի,

Ու լըռութեան մէջ այդ խորին՝

Դողդըղացող շուքերուն տակ, խորանին դէմ, մոմերուն տակ,

Հելլենագէտ վարդապետն իր գիրը գըրեց,

Զայն թարգմանեց - աղօթք, խնդրանք, երախտագէտ մաղթանք մը մեծ։

Ձէնով Յովնան տակն աւելցուց երկաթագիր

Անունը իր։

Աւագերէցն իր ձին հեծաւ՝ մագաղաթն իր մօրուքին տակ՝

Ու խաւարին մէջ սուզուեցաւ քառասմբակ։

* * *

Կը յորդէին հորիզոնէն

Կարաւաններ բեռնաւոր՝ յաղթ, յոխորտավիզ ուղտերու,

Որ կուգային մեծ Մելիքի վըրանին մօտ, կը նստէին ծնկածալ։

Կը հասնէին հսկայ կառքեր քաշող դանդաղ,

Կուպրով ծեփուած ու շողշողուն եղջիւրներով սեւ գոմէշներ,

Եւ ջորիներ փոշեթաթախ։

Կը բերէին ոմանք աւար,

Ոմանք՝ ինչ որ կռուող արքան պէտք ունէր իր վրանին համար,

Որ ան ըլլար պալատ մը ճոխ։

Հարիւրաւոր խափշիկներ վար կ’առնէին այդ բեռներն անվերջ։

Կը ճչային բիրտ հսկիչներ, ձիերն հեծած՝ կ’արշաւէին,

Կը զարնէին մտրակներով փայլակնացայտ ու շառաչող։

Օդն էր կարմիր, երկինքն էր փուռ։

Կը յորդէին պոռչըտալով ամպերն հեռուն,

Խոյանալով արեւին վրայ կախարդական լուսաբացի։

Օդն էր սասռուն

Ու հեղձուցիչ որպէս ծըծումբ, ու ծանր ու տաք՝ որպէս կապար։

Հորիզոնն էր գիւղերն այրող հսկայ շամփուր։

Հողն հայելի՝ լոյս կը նետէր, փայլող ծովու պէս կը ծըփար։

Ու կ’արշաւէր բլուրէ բըլուր

Քամին՝ տալով եղջիւրի զարկ եւ աքացի։

Երամ-երամ կը գաղթէին թռչուններ լուռ։

Մինչ կը սուրար կռունկն ողբալով, դառն՝ հայրենի ջութակին պէս։

Կը խոյանար արծիւը վէս՝

Գինով՝ բոցէն փոթորիկին, ժայռերուն վրայ կը սաւառնէր։

Կը փայլէին լիճեր հեռուն, կ’արձակէին վառող գոյներ

Եղէգներուն հեղեղին վրայ։

Աղջամուղջ, հուր, քրտինք ու լոյս ծառերուն վրայ ու փոսուռայ։

Կը նայէին հագարացիք վըրաներուն առջեւ կեցած։

Առասպելն իր ձիով կ’անցնէր փապարներէն ու կ’իջնէր ցած։

Կը տեսնէին տեսիլքն այդ. ան՝

Դաւիթ՝ կ’անցնէր բլուրէ բըլուր, սըլանալով շանթի նըման։

Կը շարժէին զօրքեր անձկոտ՝ երէներուն պէս անտառին,

Որ կը լսեն քամիին հետ իրենց հասնող ձայնն առիւծին։

Անխոցելի ոգի մը մեծ, բարձրահասակ՝ հեծած իր ձին,

Բանակներու դէմ առանձին կռուող, յաղթող այդ սուրբ արին։

Կը զայրանար Մելիք։ «Յիմար պատմութիւն է, կ’ըսէր ցասմամբ,

Որոտացող, կայծակներու տակ պատռող ամպ»։

Իսմիլ կը զգար սէր ու խըռովք, աչքերն յառած սարերն ի վեր,

Հովին տակ տաք, որ իր մարմնոյն կը փաթթըւէր։

Եւ կը լըսէր ան՝ սրտին մէջ կախարդական տրոփիւնն ուժգին։

Եւ կը դողար ողբերգութեան առջեւ կեցած անոր հոգին։

* * *

Օրերն անցան։ Շղթան կտրած՝ լեռ բարձրացան

Հայ ռազմիկներ, լուրեր բերին։

Կըռիւ ամէն գաւառի մէջ ու ժողովուրդ մը ցիր ու ցան։

Ու Մելիքի կողմը անցած զօրավարներ հայ դաւաճան։

Կը տանէին կամքը վերին.

Ամէն գաւառ մընայ ըմբոստ, պիտի իջնէ Դաւիթ վերէն,

Հայ իշխաններ, միշտ կռուելով գան, թշնամին Սասուն բերեն։

Ու Մելիքի ուժը ամբողջ գայ Սասունի շուրջ հաւաքուի՝

Ռազմադաշտը վերջին կռուի։

Օրերն անցան, լեռներն ի վեր մագլցեցան հայ խլեակներ։

Ամէն մէկը սարսափ մ’ապրած, զայն կը պատմէր ու կը մեկնէր։

Օրերն ացան, Մելիք ուժեր կը հաւաքէր,

Ու կը սպասէր, որ նըւաճուած նահանգներէն բերէր զօրքեր։

Բերէր իր ծով ուժին խառնէր ծով մը ուրիշ, զանոնք դընէր Սասնոյ առջին՝

Ռազմադաշտը կռուի վերջին։

Ու կը սպասէր, ճամբաներուն գլուխը բռնած՝

Որ լեռներուն մէջ չմընար խմելու ջուր, պաշար ու հաց։

Պատուիրակներ ատեն-ատեն կը ճամբէր վեր.

Ձէնով Յովնան Դաւիթն առնէր՝ գար յանձնըւէր,

Ժողովուրդն ալ իր տուրքը տար, մընար հանդարտ։

Կին ու տըղայ՝ զէնքերն առած՝ պատուիրակին դէմ կուգային։

Ոչ տուրք, ոչ մարդ։

 

Մելիք պէտք էր մեկնէր երկրէն, քաշէր իր զօրքն անմարդկային։

Օրերն ացան, սովը տիրեց, մեռան ծերեր, երեխաներ։

Վերջին պաշար՝ չամիչ ու մեղր վերջ կը գտնէր։

Գիշերները՝ սովէն հալած՝ խելագարներ կը նետուէին սարերն ի վար…

* * *

Սովն էր եկած, ճանկը կուտար

Այս ցասմապինդ հոգիներուն։

Աչքերուն դէմ վառ, սեւեռուն՝

Երազ մը կար - լաւաշն արդար։

Կիներ՝ մութին մէջ թոնրատան,

Գերաններուն տակ սեւ, թափուր,

Կ’երազէին կաթ, թանապուր,

Մածուն, պանիր, իւղ ու չորթան։

 

Ա՜խ եղինձն ան կորեկին, ա՜ն,

Հարս մը կ’ըսէր։ Սարսափ էր, սով։

Կը նայէին ծըռած վիզով

Կիներ փըլած տըղոց վըրան։

 

Քաղցն էր եկած, ճանկը կուտար։

Պառաւ մ’յանկարծ՝ բիրտ ու վայրագ՝

Բիրը վերցուց անգըթաբար.

Ձայնըդ կտրէ՛, Չարի տոպրակ…

* * *

Դաւիթ՝ գացած Մարութայ վանք՝ ծունկի եկած աղօթք կ’ընէր։

Ու կ’աղօթէր իր քով ծունկի՝ վարդապետը գլխուն վեղար,

Տէրտէրն՝ ուսին կարմիր շուրջառ, խաչ մը արծաթ՝ որ կը շողար,

Կուրծքին՝ կըտուց կըտուցի մէջ՝ երկու արծաթ աղաւնիներ։

 

Դաւիթ աղօթքն ըրաւ փըլած վանքին դիմաց։ Ելաւ յստակ

Ջուր մը տեսաւ՝ որ կը բըխէր քարին տակէն սուրբ խորանին։

Տեսաւ լուսին մ’այդ ջուրին մէջ եւ պայտեր՝ լոյս կ’արձակէին,

Կ’ալեկոծէր դէմք մը կընոջ, աչքերն էին մէյմէկ կըրակ։

 

Դաւիթ տեսաւ դէմք մը ուրիշ - Իսմիլ, - լուսին՝ որ կը ծըփար,

Եւ ծըփալով ան կը բանար բիւրեղավառ վիշտ մը, զերթ վարդ

Ան կը թափէր թերթեր, ջուրին մէջ կը զարնէր սիրտ մը հըպարտ.

Դաւիթ կախեց գլուխն, որ խըմէր ջուրն այդ՝ խորհուրդ հըրաշափառ։

 

Ու ցցուեցան կողքին իսկոյն, ու խօսեցան հայ կին ու ձի։

Կինը կ’ըսէր. «Հողը տանի քեզ, ծուռ Դաւիթ, կըռւի չերթա՞ս,

Յովնանն է խոնջ ու յուսահատ, կիներ տանի, ոսկի թաս-թաս…»

Ձին արձակեց վրընջիւնն իր՝ ծնծղայ, հնչող ճիչ պըղինձի։

 

Ու ձայնն ըսաւ ալիք-ալիք. «Թոյն է, Դաւիթ… թոյն, մի՛ խըմեր։

Հայու զաւակ՝ Հռոմի արքան, փարատի իր գլուխը դեւի,

Մեզ զօրք կուտայ՝ երբ ուրանանք մեր խաչն ու ժամ, աչքը փորուի.

Դաւիթ, տըղա՛յ, դուն չուրանա՛ս, դուն չուրանա՛ս սուրբերը մեր։

* * *

Խարուկավառ խաւարն, հեռուն,

Դուրս կը նետէր հսկայ շուքեր,

Կը զարնըւէր ան բոցերուն։

Ձայն մը ծովի՝ լեռ կը հասնէր։

 

Պայտերու կոծ, խրխինջներ խուլ,

Պարեր, սիրոյ կանչեր արու,

Ու ջուրերու պէս եկող փուլ

Ձայներ սազի, թմբուկներու։

 

Ու ծովէն վեր այդ անսամհան՝

Կը ժայթքէին բռնաբարուող

Աղջիկներու ճիչեր, մահուն

Աղաղակներ ու վիշտ ու ոխ։

 

Նետ մը անյայտ ձեռքով նետուած՝

Ատեն-ատեն խարոյկներուն

Լոյսին կ’երթար, շանթող նայուածք

Վրէժի, կ’իյնար մարդ մը սարսռուն։

 

Ու ջահակիր ու կատաղի

Պահակներու վազք աջ ու ձախ։

Եւ աղաղակ ցասման, վախի։

Կը վառէին մացառ ու ցախ։

 

Տեսնեն, գտնեն։ Դաւիթն էր ան՝

Որ բանակին մէջ կը շրջէր։

Սասափ։ Ոչ ոք։ Կիրքեր կ’եռան,

Կը բարձրանան կրկին ճիչեր։

* * *

Մելիք իր հետ բերած էր հոն ճոխութիւնն իր արեւելեան։

Թեւն երկարեց, որոտացին սիւներէ կախ հսկայ սաներ։

Վառել տուաւ խոտեր անուշ, խունկեր բուրեան,

Հնդկաստանի անգին խէժեր, թուխ ալհեննան իր աշխարհին։

Վառել տուաւ ջահեր, փըռել տըւաւ գորգեր մետաքսավառ,

Ու մուշտակներ արծաթ, ոսկի։

Թեւն երկարեց, զօրավարներն եկան բոլոր,

Եկաւ մոլլան փաթթոցաւոր, հաստ ու կըլոր, փաթթոցաւոր

Իր գիտուններն եկան, առջին խոնարհեցան,

Նստան շարք-շարք, տարածելով փէշերն իրենց մետաքսահիւս պարեգօտին։

Վըրանէն ներս մտան հարճերն ու պարուհին,

Նուագողներն ու պատմիչներն իր պալատին, Ցըռան Վերգօն։

Թեւն երկարեց, երգն սկըսաւ,

Բերին արծաթ, մեծ սաներով խորոված լոր, հաւ ու կաքաւ,

Փիլաւ ու չիր, մեղր ու պաստեղ, եւ օղիներ աստեղակիթ։

Մելիք հանդէս կուտար, առտուն Դաւիթի դէմ պիտի կանգնէր։

Աչքերն էին կոպիճներուն մէջ թաւալող, փայլող սնդիկ։

Նետել տուաւ ան փիղերուն ոտքերուն տակ

Գերի ինկած հայ մարտիկներ ու սէր մերժող կոյսեր սիրուն։

Վերգօն գտաւ պատիժն՝ արդար։

 

Թեւն երկարեց Մելիք կրկին. վար ձըգեցին վարագոյրը վրանին հսկայ։

Վերըսկըսան նուագները ժիր։ Տաքցաւ իսկոյն խնջոյքը զեխ

Ու պարուհին եկաւ պարել,

Ու ափսէներ բերին նորէն ու ղոլամներ լուր տալ եկան։

 

Մելիք կերաւ ու ծանրացաւ, լուսաբացին պիտի ելլէր։

Իր մարմինն էր միսերու լեռ։

Երազասոյզ կը յօրանջէր, տեսաւ՝ Իսմիլ կ’արտասուէր լուռ։

Սեւեռեց իր նայուածքն ահեղ։ Շուտով պատիժն իր պիտի տար։

Դուն թշնամի՞ս, կը սիրես, խեղճ մըժեղն այդ հայ։

Կ’ունենաս դուն գըլուխն անոր վաղ իրիկուն։

Զիս կը զարնեմ, ըսաւ Իսմիլ։

Քեզ կը զարնե՞ս…

Մելիք խնդաց, խնդուքն էր դառն։

Փակեց կոպերն իր հաստ, ուռած վէրքերու պէս։

Իսմիլ ելաւ, յայտնեց կասկած.

Երազին մէջ իր հօր աստղն էր մարած, ինկած։

Մելիք խնդաց. Դաւիթն էր խեղճ։ Որոտացուց վրանն իր ձայնով։

Ու պարուհին արձանացաւ։ Զօրավարներն ելան ոտքի։

Արքան առաւ մատներուն մէջ մօրուքն իր սեւ,

Հրաման տուաւ։ Նըւագ ու պար վերսկսան։

Ու ցնցեց դափն ադամանդներն իր թրթըռուն շատըրուանին։

Բզէզն ելաւ սրինգին մէջէն ու բզզալով ըրաւ շրջան,

Գընաց մինչեւ տրցակն երկար նիզակներուն՝ արիւնէն թաց։

Սըրինգ մը սեւ, պառաւի պէս, հարեմներու սէր մը ողբաց։

Թափահարեց դափն աքլորի թեւերն ոսկի։

Երգն սկըսաւ՝ կողկողագին՝ դժոխայած սիրահարի բերնէն բըխած.

Ու նըւագեց սրընգահարն՝ երկար սուր մը կախած կուշտէն՝

Երգն արիւնող գըլուխներուն…

Արմաւենւոյ խարշափին պէս իր սըրինգին ձայնն հոսեցուց

Պատանին նուրբ, խռովեց արքան

Ձայն մը անուշ՝ որ կը յուզէր ոսկոր ու ծուծ։

* * *

Ու պարուհին սեւ մազերուն

Բոցն արձակեց՝ որ բաբախէ

Սիրտն արքային, ու սարսըռուն

Բաշերու պէս՝ իր մետաղէ

Մազերը թափ տըւաւ, պարեց։

Կախարդական հայելիէ

Ցոլացող լոյս, պայքար մը մեծ,

Հուր, որ կ’ըսէր՝ սիրելի է

Ինչ որ չունինք եւ ինչ որ կար

Եւ ալ չըկայ, ինչ որ կ’ըղձանք

Եւ չենք գտներ։ Պարն էր պայքար,

Հոգիի լուռ, խոր հեծեծանք։

* * *

Ու կինն էր ալիք։ Ինքզինք կը ցցէր։

Կը ցրուէր հոգին, ու կը սարսըռար.

Կը բանար սրտի անծանօթ խոցեր,

Զանոնք կը գոցէր մերթ կատաղաբար։

Ան կ’ապրէր հողէն եւ աշխարհէն վեր,

Ան՝ աննիւթական։ Իր պարն էր աղօթք,

Կը դառնար, կ’անցնէր։ Ան կը խըռովէր

Մխացող ջահին ծուխն ու լոյսն աղօտ։

Կ’ելլէին ծուխեր։ Կինը կը պարէր։

Կը մտնէր սրտեր։ Հուր, բոյր եւ անուրջ։

Իր իրանն ունէր դիւթական բառեր։

Կը նետէր թելեր հոգիներուն շուրջ։

* * *

Մարմինն էր մեղր։ Իր պարն էր սէր։

Ամէն նայուածք զայն կը լըզէր։

Ան կը ծըփար երաժշտութեան

Վըրայ տռփոտ արեւելեան,

Ու կը ծըփար քողն իրեն հետ,

Որ ծուխի պէս կ’ըլլար անհետ

Ու կը ժայթքէր կրկին՝ որպէս

Լոյս, բզզացող հազար բըզէզ։

Իր մարմինն էր ճըկուն ուռի,

Անյայտէն դուրս եկող հուրի։

Ան նուրբ, հպարտ եւ անողոք՝

Որուն դըպչիլ կրնար ոչ ոք։

Ու խանդավառ, գինով ու բիրտ՝

Կը բըզկտէր հոգի ու սիրտ։

Կուգար, կ’անցնէր ու կը բանար՝

Թեւեր որպէս փղոսկրէ քընար։

Սուրէն ինկող գըլուխին պէս՝

Կը նետուէին կոնքերն իր վէս։

Իր պարն էր կիրք վայրի, խըռով,

Փախուստ ու կանչ սիրոյ, գորով։

Կուգար, կ’անցնէր կատաղաբար,

Ու կը սփռէր քրքում, յամպար։

Եղունգներուն տակ իր կարմիր

Կը պայթէին բամբիռներն իր։

Կը հնչէին օղերն օրրուն,

Օղակներն իր ժիր ոտքերուն։

Մանեակն իր սաթ կ’ալեկոծուէր

Տաք ծոցին վրայ։ Արմուկէն վեր՝

Կը նիզակուէր, կը դառնար բոց

Ապարանջանն իր ոսկի օձ։

 

Եւ ան կ’անցնէր ու կը ճանկէր

Օդը, լոյսը անյայտ լարեր։

Ու կը փակչէր իր մատներուն

Խէժ մը կարծէք, որ ան թրթռուն

Բամբիռներուն հետ կը թօթուէր։

Ան կը քակուէր ու կը հիւսուէր։

Ու կ’աղեղուէր, կը սարսըռար՝

Թափած երկար մազերը վար՝

Սեւ, լուսավառ ձիւթի նըման,

Սրունքները բաց որպէս Լետան [1],

Իր բաբախուն կոկորդը վեր՝

Որուն վըրայ կը փշրըւէր

Տըռփագալար լոյսը ջահին։

Կը փայլակէր դեղին ոսկին

Իր ծիծերուն։ Ըզգայագիրկ՝

Ան կը դողար, վայրագ ու պիրկ։

 

Մարմար, լուսին, լուտաս, աւազ՝

Ջուրերու տակ արագավազ։

Դաշունող ջուր՝ աչքերն իր ժիր։

Ոստրէ՝ ճերմակ ակռաներն իր։

Հուր էր, էակ դըժոխային։

Ու տենչավառ կը դողային

Օղին, գինին խըմած՝ գինով

Մեծ ռազմիկներն արքային քով։

Մահուան պատրաստ ասպետներն այդ

Կը նայէին լուռ, դառնացայտ

Եւ կախարդուած որպէս գազան՝

Այդ միսին մերկ, հոգեսասան…

Կինը պարեց, գընաց ինկաւ

Ոտքը տիրոջ։ Եւ արքան թաւ

Ձայնով յայտնեց հրճուանքն իր մեծ։

Իր հարճն առաւ կուրծքին սեղմեց։

Ան փայփայեց միսերն անոր

Տաք, բաբախուն ու քրտնաթոր։

 

Իսմիլ դաւեց այդ իրիկուն,

Պարկերով հաց ճամբեց Սասուն։

Գընաց ննջել մորթերուն մէջ,

Շըրթներուն վրայ հուր մը անշէջ։

 

Հայրն իմացաւ, եկաւ, կեցաւ,

Յայտնեց ցասումն եւ յայտնեց ցաւ։

Աղջիկն ելաւ, վագրի նըման,

Պատասխանեց հօր։ Անսահման

Լեռներէն սեպ, ալեկոծ ծով՝

Փըչեց քամին ոխով, կոծով։

* * *

Իշխանուհի՞, թէ՞ կին մը խեղճ…

Կին մը՝ բոլոր կիներու պէս։

Պալա՜տ, ոսկի՜ եւ գերիներ։ Բայց չե՞ս տեսներ, որ կ’ապրիմ ես

Մինակ, տխուր։ Մայրըս՝ մեռած, դուն՝ կայսըր, մեծ երազներուդ,

Երկիրներուդ, հաճոյքներուդ, աղիճներուդ։ Իմ կեանքս է մութ։

Ի՞նչ բանով ես զրկեցի քեզ, ի՞նչդ էր պակաս, Իսմի՛լ, հո՛գիս։

Ո՛չ մէկ պակաս։ Բայց կեանքս է մութ։ Տէրը չեղայ երբեք կամքիս։

Եղար օտար ինծի։ Ըսե՞մ, կ’երազեմ սէր, մնացեալն է սին։

Բայց իշխաններ հաւատարիմ բերին այդ սէրն, եկան, ըսին

Եւ մերժեցիր դուն զանոնք յար։ Չեմ ըմբռներ, չեմ ճանչնար քեզ։

Չսիրեցի։ Գըտայ ես զայն եւ անկէ զիս արդ կը զրկես։

Այդ հա՞յը վատ, այդ ի՞ժը։ Չէ՛, մեզ կ’արգիլէ մեր մարգարէն։

Եթէ փարէր հաւատքին մեր…

Անկեղծ եւ վեր՝ Վերգօներէն

Ըստրկացող… Դաւիթն է վէս։ Ան չի փարիր հաւատքին մեր։

Իսմի՛լ, երբեք չէի խորհեր, թէ Հայ մը քեզ պիտի կապէր։

Չգիտէր իսկ այդ սէրըս…

Դուն կ’իյնաս ահա եւ զիս կ’ատես։

Չէի յուսար։ Դուն խելացի եւ նըւաճող, բարի ու հեզ…

Եւ ես, ահա, կատարներէն թաւալ եկող մարդու նըման

Հաւատավէժ՝ կ’իյնամ, Իսմիլ, կը պզտիկնամ։ Եւ այս անկման

Ցաւերն են ցաւ, որ չըտըւաւ ինծի ոչ մէկ ճակատամարտ։

Իսմի՛լ, ի՞նչպէս այսքան ցածցար։ Կը կարծէի ես քեզ հըպարտ։

Չնայեցա՞ր կայսրութեան մէջ՝ որ նըւիրեց մեզի Ալլահ:

Աշխարհի մէջ չմնաց մեծ` որ իմ գերիս, ծառաս չըլլայ։

Արծիւի պէս՝ կամքըս կ’երթար երկրէ երկիր եւ ծովէ ծով։

Դուն խաբուեցար, նըսեմացար, զիս ձըգեցիր մէկ հարուածով։

Ի՜նչպէս չատեմ Դաւիթն այդ, ան…

Հա՛յր, մեզի չափ հըպարտ է ան։

Ու մեզ կ’ատէ, կ’արհամարհէ։ Կը հիանամ ես իր վըրան։

Ան զի՞ս կ’ատէ, լա՛ւ, կը տեսնէ…

Ո՛չ, ո՛չ, ի զուր կը խորհիս, հա՛յր,

Դեռ այդ կռուին։ Հըրաժարէ՛։ Հողեր ունիս անհուն, անծայր։

Ձգէ՛ երկիրն այս իր տիրոջ, վերադառնանք աշխարհը մեր։

Ես կը վախնամ…

Որ կը մեռնի՞…

Կը սպաննէ քեզ…

Զիս մի՛ խաբեր։

Չես սիրեր զիս այդ շունին չափ…

Կը սիրեմ քեզ։

Չե՞ս տեսներ, թէ ի՛նչ ցաւի մէջ այս կռուով դուն զիս կը ձըգես։

Ձգե՞մ, մեկնի՞մ որպէս պարտուած։ Անկարելի։ Ելայ եկայ

Ես զօրքերով, պէտք է տեսնեմ զիս անպատուողն այդ սրիկայ։

Չսպաննե՛ս զայն…

Աղջիկ, կ’ատեմ քեզ, կը սպառնաս

Մահովդ ինծի… Ես չեմ շեղիր որոշումէս այս ոչ մէկ մազ։

Եթէ գործես յիմարութիւն, պիտի դառնաս աչքիս օտար,

Եւ անարժան եւ թշնամի իբրեւ՝ քու դիդ պատառ պատառ՝

Բերել կուտամ իմ շուներուս եւ ուղտերուս։ Կը ճանչնաս զիս։

Եւ դուն, նոյնպէս, կը ճանչնաս ուժն յամառ կամքիս։

* * *

Առտու չեղած՝ Մելիք գոռաց, իր բանակներն արձակեց վեր։

Բոցերն ելան, մէյմէկ թռչուն հսկայ՝ բացած կարմիր թեւեր,

 

Կուպրով օծուած եւ հրկիզուած մէյմէկ օձեր՝ որ կը սուրան,

Կ’իյնան յանկարծ գալարուելով, թաւալելով՝ լերան վըրան։

 

Երկնակարկառ ժայռերն ելան ոտք, շողացին, բարձր ու խիզախ։

Ու բացուեցան որպէս վագրի կըրակ ծամող, արնոտ երախ։

 

Առտու չեղած՝ Իսմիլ պոռաց երազ մը դառն, ահ մը մըթին,

Իր հօր աստղն էր մարած՝ Դաւթի հսկայական աստղին ետին։

 

Ու գիսաւոր ջահերուն տակ, բանակին մէջ ժխոր մը կար։

Կուգային վար հայերն որպէս լեռնէն փրթող, արշաւող քար։

 

Խռովք, շարժում ու հըրաման, աղաղակներ գազանային։

Կը հընչէին սուր ու վահան, իրարու դէմ կը շողային։

 

Կ’որոտային երկինք, գետին։ Կը փախչէին հոս-հոն ուղտեր

Ու զայրացած փիղեր ահեղ։ Կ’արշաւէին ձիեր անտէր։

 

Հայոց նետեր կը սուլէին, կը թափէին տեղատարափ։

Ու թշնամի նետերն անթիւ կը սուրային երամ-երամ։

 

Կը կռուէին իրար գրկած՝ բոցերու տակ անրջային։

Ժայռերէն վար թաւալ եկող վիրաւորներ կը ճչային։

 

Կը ժայթքէին շուքեր հողէն, կրկին հողին կը դառնային,

Բախելէ վերջ մէկըզմէկու՝ խոյանքներով հեղեղային։

 

Կը գոռային արնաթաթախ ինկած ձիեր վըզակարկառ,

Ահաբեկած մեծ ամպրոպէն, որ սարերէն դուրս կը պոռթկար։

 

Ու շունչն անոնց պինչերէն դուրս թափող եռուն շոգի մըն էր։

Կիցեր տալով կը նետէին զէնքեր, դիեր ու գըլուխներ։

 

Կը փայլէին սաղաւարտներ առատաբաշ, սաղաւարտներ

Գմբէթաձեւ, մահիկակիր՝ լոյսի մը տակ, որ կ’արիւնէր։

 

Դրօշներն էին բզըկտըւած առագաստներ, փոթորիկէն

Ճօճուող կայմեր, որ բազուկներ կացիններով կը խորտակեն։

 

Հագարացիք, հըրաժարած կողոպուտի իրենց յոյսէն,

Զէնքերը վար դըրին, կեցան։ Պատուհաս էր Սասնոյ բազէն։

 

«Դաւիթ չունի աչք մեր ինչքին, կ’ուզէ դառնալ տէր իր հողին։

Իրաւունքն է։ Վերջ տանք կըռւին»: Բարեւ տըւին մեծ յաղթողին,

 

Որուն ոչ մէկ նետ կը դըպէր, որ հըրաշք էր, հանճար կըռւի։

«Եթէ Մելիք կըռիւ կ’ուզէ, թող ելլէ գայ, հետըդ կըռուի»:

 

Դաւիթ լըսեց։ «Ճի՛շդ է, ըսաւ, դուք բոլորդ ալ զոհ՝ արքային,

Թո՛ղ գայ իմ դէմ»: Ճամբայ տըւին հայ հսկային այդ լեռնային։

 

Ու հիացան անապատի հովէն կոփուած, արեւակէզ

Ձիաւորներ բիրտ ու դաժան։ Չէին տեսած նժոյգ մ’այսպէս։

 

Ձի մը՝ որուն կուրծքն էր հընոց, ալեկոծող ծով, բոցերով՝

Հողին խորէն աշխարհ նետուած անդրաշխարհիկ ոգի մը խռով։

 

Պայտերն անոր կը փորէին, կը քաշէին վեր հողը՝ որ

Կը վերածէր լոյսի՝ արեւն՝ հայելիի մը պէս բոսոր։

 

Ան կը կանգնէր, կը սարսըռար։ Կը զսպէր թափն իր խոյացման։

Ան՝ ալեկոծ ծովու վըրայ ելեւէջող նաւու նըման։

 

Ան՝ հողէն վեր թըռչիլ ուզող հողմակոծ ծառ՝ վեր կը քաշէր

Զինք կաշկանդող կապեր, գըլխով տարածելով յորդող բաշեր։

 

Տեսան Դաւիթ՝ երիտասարդ ու գեղեցիկ ու յաղթիրան։

Իր շուրջ կեցած՝ զայն դիտեցին, ըմզայլեցան անոր վըրան։

 

Դէմք մը տըղու, տխուր, աղու, քաջ։ Նայեցան. կար բարութիւն,

Հպարտութիւն այդ առնական դէմքին վըրայ վառ եւ արթուն։

 

Նայուածքն անոր սէգ ու խիզախ։ Մազերն անոր լոյս կը ծորեն

Արեւին տակ լուսաբացի, որ կուգար վեր արնոտ ձորէն։

 

Իր Սուրն էր լոյս անմահական։ Մահամերձներն անգամ բացին

Աչքերն իրենց, որ զայն դիտեն, լոյս մը նըման լուսաբացին։

 

Ու բարբարոս դէմքերն օտար, մօրուսաւոր, բիրտ ու արու,

Հարիւր կըռիւ տեսած, կերտած մեծ պատմութիւնն իրենց դարու,

 

Ըզմայլեցան, գըտան Դաւիթն իր դիցական խամբաւէն վեր։

Անոր նըման հերոս մը մեծ իրենց դիմաց դեռ չէր կըռուեր,

 

Ու հիացան զըրահակիր հերոսներուն անոր քովի։

Լերան ազատ զաւակներն հայ՝ մեծամեծներն յաղթ, կորովի,

 

Նախարարներն ու սեպուհներն ու իշխաններն առիւծավիզ

Նայեցան վառ վահաններուն, տեսան արծիւ, առիւծ, Մասիս…

* * *

Մեծ ճիգ կ’ընէր Մելիք ու դուրս չէր կրնար գալ

Մեղրի ծովէն երազներուն, կիներու մերկ, մեղկ միսերէն։

Նայեցաւ ան պահ մը անոնց՝ որ հեշտանքն իր կը խըռովեն։

Տեսաւ Իսմիլ գլխուն կեցած՝ խորհրդայոյզ՝

Վրանին առջեւ մարդ մը ձիով, թէ՛ մարդ, թէ՛ ձի արնաթաթախ։

Մեծ ճիգ ըրաւ, դարձաւ մերթ աջ եւ դարձաւ ձախ՝

Որ կենայ վեր, լսէ կտրիճ պատգամաբերն իր յաղթութեան։

Կայծկլտացին զմրուխներ մորճ ու սուտակներ, յասմաքարեր։

Դաւիթն է, տէ՛ր, ըսաւ Վերգօն, առիթն է՝ որ զայն ըսպաննես։

Իմ զօրքերս բոլոր մեռան, բանակըդ վար դրաւ զէնքերն։

Իսմիլ նետեց ատելութեան նայուածքն իր վառ՝ դաւաճանին։

Ու նայեցաւ հօրը, հայրը յիշեց խօսքերն իր աղջկան։

Խաւարեցաւ դէմքն իր դաժան։

***

Ու Մելիքն էր նենգ՝ երկիրներ կերտող մեծերու նըման։

Ան ելաւ ոտքի, փառքով, ժպիտով Դաւթին ընդունեց։

Դաւի՛թ, յաղթեցիր, քու կամքըդ ըլլայ, դուն բարով եկար…

Արքայ, քեզ կ’ատեմ, դուն ըսպաննեցիր իմ հայրըս արդար,

Աչքերն հանեցիր ու բերդիդ վրայ ճակտէն գամեցիր։

Դուն բերիր մեզի գերութիւն ու սով»:

Մհերն էր ան, ճակտին վըրայ կ’երեւար հետքն երկաթ գամին։

Նոր կեանք առած մեռելն էր ան ատելավառ։

Մելի՛ք, զօրքդ էր քաջ, մեծ զոհեր տըւաւ,

Ա՛լ չ’ուզեր կռուիլ, կռուի՛նք դէմ առ դէմ։

Կռուինք մենք, Դաւի՛թ, եկո՛ւր՝ նախ նստինք…

Մելիքն էր քըսու։ Հերոսն էր մանուկ։ Մանուկ ու վեհանձն։

Դաւիթ ներս անցաւ ու տեսաւ Իսմիլն, յուզուած՝ քարացաւ։

* * *

Դաւիթն էր նըման ցուլի մ’որ գարնան՝

Ռունգերը բացած՝ կը շնչէ անյայտ

Ուժ մը խըռովիչ. ու կ’արբենար ան

Ու կը վերանար գեղեցկութեամբ այդ,

Կը լըքէր ձեռքէն սուրն իր հըրացայտ։

Ուժ մ’էր նաեւ ինք՝ մեծ ու գերբնական։

Իսմիլ կը նայէր, Դաւիթին դիմաց

Կեցած՝ խըռոված ու գինով նոյնքան։

Սէրն էր գեղեցիկ խորհուրդ մ’անիմաց,

Բարութիւն։ Անոնք իրար հասկըցան։

Ու մահը կուգար։ Իսմիլ խօսեցաւ.

Դաւի՛թ, ընդունէ՛ դուն հաւատքը մեր։

Եւ յոյս էր այդ ձայնն, երազ էր ու ցաւ,

Մահուան դէմ նետուած վճռական ճիչ մ’էր։

Դաւիթ կ’երազէր։ Ու վըրանն էր նաւ…

Եւ երբ ան ծարաւ՝ կը նայէր, ինկան

Իր վըրայ յանկարծ յաղթ հագարացիք,

Բերին հաստ կապեր, կապեցին հսկան։

Ու ոռնաց Վերգօն, իր ժպիտն էր չար։

Ու խընդաց արքան. -Դաւի՛թ, մենք կռուինք։

Կ’ատե՛մ քեզ, կ’ըսէր Դաւիթ։ Կը ճըչար

Իսմիլ ու տարին, բանտարկեցին զինք։

Եւ երբ մեկնեցան Վերգօն եւ Մելիք,

Ու Դաւիթ ինկաւ պարտասուն՝ գլխուն

Պահակներ՝ լսեց ձայն մ’ալիք-ալիք.

Մայր մ’որ կը ցնցէր սիրտն ինկած տըղուն։

* * *

Հայոց իշխա՞ն, թէ՞ մարդ մը խեղճ…

Մարդ մը բոլոր մարդերուն պէս,

Միս ու ոսկոր…

Դաւի՛թ…

Աւա՜ղ, միս ու ոսկոր։ Մե՞ղք կը սեպես

Մարմինը մեր, որ Աստուած մեր հոգիին հետ մեզի կուտայ։

Մեղք՝ երբ անոր կը յանձնըւիս եւ կը մոռնաս սէր Մարութայ,

Երկիր եւ ազգ, հաւատք ու սուրբ, երբ անասուն ան կ’ընէ քեզ։

Այդ կինն է կիրք։ Դաւի՛թ, գիտցի՛ր՝ զօրութենէդ քեզ կը զրկես։

Չեմ ճանչնար քեզ։ Ի՞նչպէս խաբեց քեզ թունաւոր այդ օձն օտար։

Խոնջ էի ես, կեանքը՝ յիմար։ Սէրն ինծի խինդ ու լոյս կուտար։

Գեղեցկութիւն մըն է անհուն,

Դաւի՛թ, ոչ մէկ գեղեցկութիւն

Հասաւար է գեղեցկութեան՝ որուն պիտի հասնէիր դուն։

Կը մըտածե՞ս… կեանքն է յիմար եւ անցաւոր եւ խեղճ եւ սին՝

Երբ երկնքի լոյս, սուրբերու սէր մեր սրտին մէջ կը պակսին։

Սուրբ է, բարի եւ գեղեցիկ…

Այդ կի՞նն օտար։ Մեղա՛յ, մեղա՛յ,

Այդ անհաւա՞տն՝ որ ճոխութեանց եւ արիւնի մէջ կը լողայ…

Կը սիրէ զիս, կ’երազեմ սէր, մնացեալն է սին…

Չա՛րն առնէ քեզ։

Դաւի՛թ, Դաւի՛թ, ո՞ւր ձըգեցիր սուրն՝ որ առիր դուն իմ ձեռքէս։

Ես կռուեցայ, խոնջ է հոգիս։ Ըլլամ աղքատ, աննշան մարդ,

Սիրե՜մ միայն,

Դաւի՛թ, դուն վատ եւ հայրուրաց եւ մեղապարտ…

Անիծուին սիրտ ու միտք կապող սիրոյ շնորհներ այդ անշընորհ՝

Որ կ’աղարտեն։ Ի՜նչ շուտ մոռցար հայրըդ, արդար վիշտը անոր։

Եւ յուսահատ…

Գլուխըս կ’այրի…

Եւ ընկրկում՝ որ չճանչցաւ

Մեր ցեղն երբեք, եւ խեղճութիւն՝ կնոջ մը համար…

Կասկած ու ցաւ…

Ի՞նչպէս փրկուիլ այս կըրակէն, հարցումներէն հակասական։

Ինչո՞ւ կռուիլ։ Ի՞նչ է Աստուած, հա՞յ թէ՞ արաբ, ինչո՞ւ այսքան

Գերիդ ըլլամ, Արիւն ու զոհ…

Պիտի ելլես Մելիքի դէմ,

Պիտի մոռնաս դուն սէրն անոր այդ աղջըկան՝ որ քեզ չատեմ։

Պիտի կիսես Մելիքը մեծ, որուն զրահն է դըժոխքի բոց,

Իր հոգւոյն պէս չար, ահաւոր՝ որ խըլեց կեանքն անթիւ մարդոց։

Զինք կ’անիծէ իր երկիրն իսկ ու զինք կ’ատէ իր զօրքն անգամ։

Պզտիկցաւ միշտ, կը պզտիկնայ, կը փըլի իր աշխարհն հսկայ,

Ու մեր պզտիկ երկիրն է մեծ՝ կայսրութենէն այդ անսահման։

Ան ապրեցաւ եւ դեռ կ’ապրի… Դաւի՛թ, եղի՛ր երկրիդ նըման։

Եղիր արու երկրիդ նըման։ Պիտի յիշես դուն սրբութիւն,

Պիտի պաշտես Աստուածը մեր։ Կուլա՞ս…

Քեզ չեմ ճանչնար, ցընորք ես դուն

Գուցէ, բայց զիս միշտ կը վարես…

Ցընո՞րք, ցընո՞րք… դարերով դեռ

Հայ մը նըման խօսք մը բերնէն, իր ուղեղէն դուրս չէր նետեր։

Ցընորք կ’ըլլամ այն ատեն ես՝ երբ ողջ աշխարհ կը դառնայ հեզ։

Չլըսէ քեզ հայրըդ, Դաւի՛թ, երդումդ այսպէ՞ս դուն կը պահես։

Քաջերըդ հոն լըքուած, խաբուած, հայրըդ խաբուած, լուսաբացին

Կը հեռանար, սեւ արցունքներ աչքերուն մէջ՝ որ այրեցին։

Վերգօն…

Բա՛ւ է, կը խենթենամ, կը խոստանամ։ Հանգի՛ստ թող զիս…

Ապրի՛ս, տըղաս։ Սիրտդ է ոսկի. գիտեմ, գիտեմ, ոսկի՛ հոսիս։

Կը խոստանամ, պիտի ըլլամ ես հընազանդ, ես քու ծառադ՝

Որ քայլ առ քայլ կամքըդ ըրի, եւ կամքն երկրին իմ անարատ։

Կ’ըսեմ, կ’ընեմ, ես՝ Ծուռ Դաւիթ, որ Տէրն ընտրեց իշխաններուն

Մէջէն երկրիս, որ թշնամին հալածեմ դուրս, նետեմ հեռուն։

Ըսի, կ’ընեմ։ Այս ճիգէն վերջ, կըռիւներէն վերջ այս ահեղ,

Անմարդկային՝ կը բաղձայի, որ ամէն ոք, որ տուն ու տեղ

Ձըգած՝ պայքար կը մըղէր, գիւղ վերադառնար, արտը ցանէր,

Հնձէր, քաղէր, երգէր, հրճուէր եւ Աստուծոյ տար ընծաներ.

Վերադառնար ե՛ւ թըշնամին՝ կընոջ, զաւկի ու ցաւի տէր,

Ես կ’ուզէի եւ խաբուեցայ։ Թո՛ղ կամքդ ըլլայ, վատ մը չեմ դեռ։

Պիտի կռուիմ։ Եւ խաբուելէ վերջ Մելիքէն, ա՛լ աւելի

Զայն կ’ատեմ արդ։ Եւ սիրոյս չափ ատելութիւնս է ահռելի։

Ըսիր, կ’ընեմ։ Պիտի կըռուիմ Մելիքի դէմ։

Սուրբ Անուն Հօր,

Եւ Որդւոյ…

Ի՜նչ ճակատագիր,

Դաւի՛թ, ըսէ՛…

Սուրբ Անուն Հօր…

* * *

Տրեխն ոտքերուն, Ձէնով Յովնան

Կը քընանար, գըլուխին տակ

Մորթ մ’ոչխարի, վըրան կապան՝

Ելաւ յանկարծ, կեցաւ շիտակ։

 

Երազին մէջ ձի մը կու գար,

Ձի մը առանց իր հեծուորին,

Քամակին վրայ հուր ու արիւն։

Վիշտ մը՝ տնկած վիզը երկար։

 

Եւ վիշտ, ցասում ըզգաց Յովնան,

Զայն կը ճանչնար, Դաւիթի ձին։

Ի՞նչ խաղ խաղցան իր առիւծին։

Պոռաց յուզուած իր ձայնով ան։

 

Ես զընոնց հէ՛րն ու մէ՛րն… ըսաւ,

Գընաց հանեց զրահներն իր հին,

Հայհոյելով արաբ գահին,

Մրթմրթալով ոխ ու պարսաւ։

 

Եւ զինուեցաւ եւ ան պոռաց.

Իմ ձեռք ու ոտք կը բռնեն դեռ,

Դաւի՛թ, եկայ… Հուր կը նետէր

Իրիկնամուտն արնատարած։

 

Կ’ալեկոծէր ծեր կուրծքն ուռած։

VI

Քըշեց դէպի դաշտ

Տեսաւ խորամանկ Վերգօն սընափառ քարոզ կը կարդար.

Դաւիթ, կ’ըսէր, հաշտ

Ա՛լ կ’ուզէ ապրիլ, զիս ճամբեց ձեզի իբրեւ ղեկավար»:

Եւ կը համոզէր, որ զէնքերը վար

Դընեն եւ հանգչին եւ ըլլան անհոգ գալիքին համար։

Ու Յովնան տեսաւ՝ Մելիք զօրքերով

Կ’անցնէր հայերուն ետին. իր խըռով, մեծ ձայնն արձակեց.

Տըղե՛րք, չըխաբուի՛ք,

Շան ձագ Վերգօն ձեզ կ’ընէ դասալիք,

Որ ջարդել տայ ձեզ…»

Սըրարշաւ անցաւ, թռցուց գլուխն անոր։

Վերգօն էր խաբած։ Յանկարծ տեղացին

Նետեր, շողացին լախտեր ու սուրեր, տապարներ, տէգեր։

Մելիքն հայերուն վրայ կ’արձակէր զօրքերն իր բոլոր։

Ու հայերն իսկոյն խուժեցին դէպի եկող թշնամին։

Եւ հասան դուրսէն ուժեր օգնական։

Եկան Հաշտենից գաւառէն, Սիւնեաց երկրէն, Խորձեանքէն,

Կիրճերէն, ձորէն եւ քարայրներէն

Բարձրացան յանկարծ երկրին զաւակներն՝

Որպէս լեռներէն դուրս նետուած լաւայ։

* * *

Դաւիթ վերցուց գլուխն իր այրող։ Ան Յովնանի ձայնը կ’առնէր։

Վրանին վրայ կը շողային, կը տեղային հուրէ խաչեր։

Փրցուց կապերն ու առաւ սուր, պահակներուն գլխուն տըւաւ։

Բայց երբ՝ կայծեր աչքերուն մէջ՝ դուրս կը սուրար,

Ու կը գտնէր Յովնանն իր լեռ,

Նետ մը արդէն զայն կը խոցէր։

Ան կը կախուէր նըժոյգէն վար,

Դեղին՝ որպէս ակօսուած կաւ։

Յովնան կ’իյնար։ Բայց կը ժպտէր։ Ժպիտն էր մեծ։

Դաւի՛թ, ըսաւ սուրբ հողը մեր…

Մելիք խաբեց, ողջ չձըգե՛ս, ան մեզ խաբեց,

Դաւիթ ուզեց խօսիլ, ի զուր, կը կափկափէր։

Յաղթանակն այդ սուգ մ’էր իրեն։

Ձին էր անշարժ արձան, տխուր՝ անհունօրէն։

* * *

Մեռած էր արդէն ծեր տէրը Խութին։

Վար առին ձիէն, զայն դըրին գետին։

Տէրտէր մը ռազմիկ խաչ հանեց, փըռեց վըրան ծիածան։

Գլուխներն հակեցան։

Եկաւ կինն անյայտ եւ իր հետ բերաւ վեհութիւն, սարսուռ։

Քաջերն հանեցին սաղաւարտ ու սուր։

Ու Դաւիթ թափեց իր արի կեանքին արցունքն առաջին։

Ձին՝ տըխուր՝ ճչաց։ Իր ձայնն էր նըման կարապին ճիչին։

Անտոքն էր խըռով։ Երկինքն էր հագած շապիկ մը կարմիր,

Որպէս աղօթող, ծունկ եկած դըպիր։

* * *

Կը ճօճուէր գըլուխն   արնածոր պըտուղ

Ցըռան Վերգոյին՝ մացառէ մ’առկախ՝

Վիհի մը վըրայ, կը ճօճուէր ու թուխ

Դէմքն այդ կը դառնար մերթ աջ եւ մերթ ձախ։

 

Առուն կը հոսէր։ Քամի մը կուգար։

Կ’ալեկոծուէին մացառ ու սեւ ցախ՝

Փրկուելու համար գըլխէն խելագար՝

Որ՝ իրենց կառչած՝ կ’երթար աջ ու ձախ։

 

Զոհուած օտարին, ատուած իր ագզէն,

Ցաւ ու դառնութիւն կար դըժոխային

Այդ դէմքին վըրայ, խայթ, զայրոյթ ու քէն,

Եւ աչքերն իր փակ կարծէք կուլային։

 

Ու բերանն արնոտ կ’ուզէր խօսիլ, ճիգ

Կ’ընէր։ Այլանդակ էր ան՝ զերթ քացախ

Խըմած մարդ, ճիւղէն վար կախուած չղջիկ։

Իր քունն էր խըռով։ Կ’երթար աջ ու ձախ։

 

Կը ճօճուէր անվերջ գլուխն այդ դիւային։

* * *

Մելիք եկաւ շրջապատուած հայ զօրքերով։

Սիրտն էր պղտոր, նայուածքն էր սեւ։

Կ’ատէր բանակն իր դասալիք, որ Դաւիթին զինք կը յանձնէր։

Եւ կ’ափսոսար մեռած քըսան զօրավարներ։

Եւ ան կ’ատէր աղջիկն Իսմիլ։

Սիրտն էր գոռոզ, չէր հաւտար դեռ իր պարտութեան այս առաջին։

Ան կը ժպտէր ու կը նայէր միշտ իր առջին։

Ու կը խորհէր. կռիւն էր միակ փրկանքն իր այս նըւաստացման։

Պիտի կռուէր Դաւթի հետ ան։

Ան զայն կ’ատէր։ Չէր ընդուներ ուժը անոր։

Ու գոյութիւնն անոր՝ իրեն համար ամօթ ու վիշտ մ’էր խոր։

Աղջիկն եկաւ, վազեց առջին։

Մելիք ըսաւ՝ հըրելով զայն քովէն անդին.

Կա՛մ սիրածիդ, կա՛մ հօրըդ դին։

Ահա ինչ որ կրնաս յուսալ ա՛լ երկնքէն   դժբախտութիւն։

Ո՛ր դիակն ալ առջիդ բերեն, պիտի զրկուիս քու սէրէդ դուն…

Իսմիլ դրաւ ձեռքը խղճին։

Ու լաց մը զինք ցնցեց՝ ինչպէս հովը նոճին կ’ալեկոծէ։

VII

Մելիք կեցաւ դիակներով ծածկըւած լայն դաշտին դիմաց,

Աղօթեց իր մարգարէին, իր Աստըծուն եօթն հեղ պոռաց։

 

Դաւիթ «Յիշամ»ն ըրաւ ծունկի. իր քաջերն իր շուրջ յուզուեցան։

Ան՝ խոնարհող բարութիւն, իր մազերը՝ լոյս հողմածածան։

 

Եւ ան ըսաւ. «Խա՛չ Յիսուսի, դուն օգնական Սասմայ Դաւթին։

«Մարութա՛յ Բարձր Ասպարածին՝ իյնայ ըզքեզ քանդողին դին։

 

«Յիշամ ըզքեզ, սո՛ւրբ Տիրամար, տաս Դաւիթին բազուկին ուժ։

Սո՛ւրբ Նըշան, քեզ յիշամ։ Յիշամ գինին երկրիս, հացը անուշ։

 

Յիշամ Աստուած, արիւն թափեմ, արիւնին մէջ չըտեսնէ մեղք։

Սուր-կէծակին զարկ չիմանայ, Դաւիթի թեւ չըդառնայ մեղկ։

 

Յիշամ քեզ, հա՛յր, Առիւծ-Մըհեր, քու դահիճիդ արիւնը ես

Քո կոյր աչաց քըսեմ, զաւկիդ՝ Դաւթի առած վրէժը տեսնես»:

 

Երկուքն ըրին աղօթքն իրենց, վերացումէն նետուեցան դուրս։

Եւ ընտրեցին զէնքերն իրենց   Դաւիթը՝ թուր, Մելիքը՝ գուրզ։

 

Հեծան ձիերն իրենց՝ որոնք արօրի պէս հող փորեցին,

Մէկը՝ ահեղ ծընունդ դեւի, միւսն՝ երկնատուր ու ջըրածին։

 

Բոց կը թափէր Դաւթի սուրէն, Մելիքի գուրզ հրէշ էր կատղած։

Արնոտ խոտերն՝ ալեկոծուած՝ փայլակեցան։ Դաշտը դողաց։

 

Դիակներու մէջէն անգղեր գանգատելով բարձրացան վեր։

Արեւն ելլող փոշիներուն, թանձր ամպերուն տակ կը թաղուէր։

 

Ձիուն վըրայ նըստած՝ Մելիք փարատեց մեծ պարտութիւնն այդ

Իր զօրքերուն, ու նայեցաւ ան աչքերովն իր բարկացայտ…

 

Տեսաւ իր դէմ կիներն իր թարմ՝ կը դողային իրեն համար։

Նայուածքն անոնց նետեց, անցաւ անոնց դիմաց գոռոզաբար.

 

Կը հասկընամ, ի՞նչ ընէք դուք արու մը՝ որ արու չէ դեռ։

Դուք ի՞նչ յուսաք պատանիէն այս ծոմապահ, շողգամակեր,

 

«Եւ ի՞նչ նըւէր ըսպասէք դուք անկէ՝ որուն ձին չունի թամբ…

Դուք մի՛ տխրիք. Մելիք կ’ապրի, ետ կը դառնայ հպարտութեամբ,

 

«Ճորտին արնոտ գլուխը ձեռքին։ Մելիքն է մեծ, չի մեռնիր ան,

Յիսուն երկիր մոխիր ըրաւ, կուգայ եւ ան կրկին արեան

 

«Մէջ կը խեղդէ թագաւորներ   ճահիճներու որդ ու մըժեղ՝

Ու կ’աւերէ, կը հրդեհէ, Մելիքն է ահ, հըզօր, ուժեղ՝

 

«Իր կրօնքն եղաւ պատերազմիլ, այրել, ջարդել, ոտքի տակ տալ

Մարդկութիւնը խոնջ ու տըխմար, իր հողն ընել ծովածաւալ…»

 

Ըսաւ Մելիք ու քըշեց ձին՝ որ սանձ մ’արծաթ, ճակտին ունէր

Մահիկ մ’ոսկի ու թամբ՝ որմէ կը բըխէին մարգըրիտներ։

 

Ձին արշաւեց ու չորսի տեղ ճիւաղի եօթն ոտք ունէր ան։

Գընաց հեռու։ Գայ, խոյանայ ուժով՝ Դաւթի ձիուն վըրան,

 

Որ կ’արշաւէր հեւիհեւ միւս ծայրը դաշտին՝ կատաղաբար

Սաւառնելով ու սահելով՝ միշտ կրկին ետ գալու համար։

 

Կափկափեցին հոս-հոն ինկած գլուխներն՝ իրենց աչքերը բաց։

Մեռած Յովնան շունչ մը քաշեց, Դաւիթն օրհնեց։ Իսմիլ ողբաց,

 

Իր օծանուտ մազն արձակած, վիզին մանեակ, թանկագին քար՝

Թշուառի պէս կ’աղերսէր գութ, ան խելագար՝ կը հեկեկար։

 

Պոռաց սարէն իջած հայ կինն՝ աւանդապահ կորեկարտի.

Դաւի՛թ, ըլլայ թուրըդ կայծակ՝ Արբու գլխուն ընկող բարտի։

 

«Ես չեմ ըսեր քեզ էրիկ-մարդ, թէ չըսպաննես այդ մարդը դուն,

Որ ոխն առնեմ մեր աղջըկանց, կենամ փառք տամ եւ Աստուծուն։»

 

Պահն էր խորունկ. նըժոյգներն ետ դարձան, թափով տըրոփեցին։

Մելիք ահեղ լուտանքն ըրաւ, արհամարհեց ան Սասունցին։

 

«Ոտքի ոջի՛լ» պոռաց, նետեց յանկարծ գուրզն իր, որ որոտուն

Կայծակ՝ օդին մէջ փըլուզում բերաւ ու շարժ ու խըլըրտում։

 

Գընաց, ինկաւ, բարձրացուց ամպ։ Դաւիթ ու ձի կորսըւեցան։

Արքան կեցուց ձին, հառաչեց։ Կարծեց յաղթել։ Բայց իսկոյն ան

 

Արնոտ աչքերն իր ապշահար յառեց, տեսաւ՝ երազավար

Ոգիներու պէս՝ երկնքէն Դաւիթն ու ձին կուգային վար։

 

Սոսկաց, քաշեց կատաղութեամբ սուրը կողքին, դըրժելով ան

Գուրզէն ուրիշ զէնք իր ձեռքին մէջ չառնելու խօսք ու պայման։

 

Ու ամպն եկաւ եւ մօտեցաւ։ Կը կայլակէր թուրը Դաւթին։

Ձին մերթ թըռիչք կ’առնէր եւ մերթ խոյանալով կ’իջնէր գետին։

 

Ամպը հասաւ, առաւ իր մէջ Մելիքն ու ձին, ա՛լ աւելի

Մեծցաւ, մըթին փոշիի ծով դարձաւ։ Պայքարն էր ահռելի։

 

Սուրերն իրար կուգային մերթ։ Լոյս մը կ’ելլէր խաչանըման։

Կը բացուէին, կը թափէին պայտերը մերթ՝ հուրէ շուշան։

 

Ձիերն երկու՝ ըստուերային՝ կը ցցուէին   երկու ալիք։

Կը բարձրանար Դաւիթ երկինք, կը խոյանար նաեւ Մելիք։

 

Ամպն էր՝ ոլոր եղջիւրներով՝ զայրացած սեւ խոյերու մարտ։

Կը կռուէին հող ու փոշի, հով ու երկինք, նըժոյգ ու մարդ։

 

Հողը թընդաց յանկարծ, կարծէք ծառ մը հըսկայ տապալեցաւ։

Վիշապ մ’ինկաւ կարծէք պատռած, թեւերուն մէջ կըրակ ու ցաւ։

 

Պահն էր խորհուրդ, խորհրդաւոր, ամպը ցըրիւ եկաւ, սուրաց

Դուրս ձիաւոր մը հըրեղէն ու վրնջեց ձի մը փրփրած։

 

Ձիաւորն էր երիտասարդ մ’աստուածային հըպարտութեամբ,

Տըխուր՝ սեղմած սըրունքներուն մէջ կողերն իր ձիուն անթամբ։

 

Կ’արիւնէին ձի մը ինկած, կիսուած մարդու գլուխ ու փայծաղ։

Դաւիթ ունէր աջ ձեռքին սուր, արիւնող միս՝ ձեռքին մէջ ձախ։

 

Ու սուրն էր թաց։ Կարմիր էր հողն իրիկնային ցոլքերուն մէջ։

Կռուի դաշտին վըրայ լըռին՝ սոխակն երգեց վիշտ մը անշէջ։

 

Իսմիլ ծածկեց դէմքն ափերով, նըւաղեցաւ, ինկաւ գետին,

Երբ յաղթական կինը հըպարտ, գոհ՝ կ’արձակէր ճիչն իր խինդին։

1946



[1]            Լետա. - Դիցաբանական կերպար, հոմանուհի Զեւսի: