Բաբախումներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
3. ՓՈՒՆՋԵՐԸ
       Գ. Շահինեանի յիշատակին
       Դեռ չողջունած երազներու ջինջ առտուն`
Հովէն փչուած մոմի մը պէս շիջար դուն:
Տերեւին հետ հովերն ըզքեզ ալ տարին
Միացընել մահուան ահեղ շրջպարին:
       Յիշատակի ծաղիկներու փունջեր թարմ
Քու շիրիմիդ վըրայ սըփռել կ'ուղարկեմ.
Փունջեր` ցօղուած արցունքներուս շիթերէն,
Զոր հեռաւոր բարեկամէդ կը բերեն:
       1903, Յունուար