Բաբախումներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
13. ԱՆԴԱՐՁ
       Գիւղին արեւը կը հատնի լռին.
Նեղ արահետէն, մօտէն բլուրին,
Կապուտ-Դարն ի վեր դագաղ կը տանին.
Հոն կը նիրհէ խոր, դժբախտ պատանին,
Ճերմակով հագուած անդա՜րձ ուղեւոր:
       Ճերմակով հագուած անդարձ ուղեւոր,
Կը թողու հայր մ'ու մայր մը սըգաւոր.
Սեւ օճախի մը մէկ հատիկ բոցն ալ`
Ցուրտ հովէն փչուած պիտ' չըշողայ ալ.
Խրճիթն ալ պիտի մխայ օրէ օր:
       Խրճիթն ալ պիտի մխայ օրէ օր,
Ինչպէս գիշերն որ կը խոկայ տխուր,
Արագ խուսափումն արեւին փարփառ`
Զոր ուրուականներ տարին անբարբառ,
Բոց դրօշներով, ցնծումով կարմիր:
       Բոց դրօշներով, ցնծումով կարմիր,
Այգուն կը տօնեն սէգ վերադարձն իր,
Ու սեւ պրկումներ զայն շուտ կը թողուն:
Բայց կսկիծը սուր, սուգը վրդովուն,
Ճերմակ պատանքն ա՜լ չեն քակուիր տղուն:
       [1]903, Փետր. 15