4.
ՆՈՐ
ՏԱՐԻՆ
Այս
գիշեր
հագուած,
սգուած
նոր
տարին
Առտուան
լոյսին
կըսպասէ
տենդոտ.
Ոգիներ
անդարձ
կորզեցին
տարի՜ն
Մեր
գրկէն
հինին
ձայները
ծանօթ:
Նոր
տարւոյ
ընծայ
պայծառ
լուսինկան
Սազեր
է
գիւղին
լեռները
բոլոր.
Երգերը
ծերին,
ճիչերը
մանկան
Կ'արձագանգեն
թունդ
խազերով
մոլոր:
Իղձերու
շարք
մը
պլլուած
սրտինª
Վառ
յոյզերու
մէջ
կ'օրրէ
զայն
ուժգին.
Բորբոքած
հուրքովն
յոյզերու
անշէջ
Կը
ծփան
սիրտերն
ըղձանքներու
մէջ:
Գիշերուայ
վերջին
պահերուն
լռին
Ձայներն
ու
լոյսեր
յանկարծ
կը
մարին.
Եւ
բեհեզներովն
կապոյտ
կամարին
Պճնըւած
աշխարհ
կու
գայ
նոր
տարին:
1902,
Դեկտեմբեր