Բաբախումներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
6. ԱՐԵՒԱԳԱԼԸ
       Հորիզոնէն վար լոյսի պար մը կ'իջնէ,
Ընդելուզուած` ճաճանչներով ոսկեհիւս.
Շուտ կ'անհետի մութն, ու խաւար կու տայ խոյս,
Աշխարհ արփւոյն հուր գալուստը կ'ողջունէ:
       Կենդանութիւն կը հագնին դաշտ ու լեռներ,
Զուարթ երգերը միշտ կը լսուին գեղջուկին.
Ու զմրուխտի, ադամանդի երանգներª
Կը փողփողին մէջը լոյսի վառ գըրկին:
       Խորհուրդներու մըռայլը շուտ կը մարի,
Բընութեան այս հըրատ զարթօնքին հանդէպ,
Ու կը հրճուի յուսահատ սիրտը կարի՜:
       Կը սրբըւին թօնուտ աչքերը տըխուր,
Ուրախութեան ժպիտներուն տակ անհուն.
Ցնծուն երգով կը լեցուի սիրտը թափուր:
       <1901, Յունիս>