ԼՈՒՍՆԻՆ
  
 
   
    Ճերմակ 
   
    լուսին, 
   
    ո՞ւր 
   
    կ'երթաս…
 
   
    –«Հիւղակներուն 
   
    խաւարին
 
   
    Կը 
   
    տանիմ 
   
    շողը 
   
    լոյսին»:
 
   
    Գընա՛, 
   
    լուսին, 
   
    դիւր 
   
    կ'երթաս:
  
 
   
    Գոհար 
   
    լուսին, 
   
    ո՞ւր 
   
    կ'երթաս…
 
   
    –«Դոյլերուն 
   
    մէջ 
   
    արծաթի
 
   
    Կը 
   
    տանիմ 
   
    կաթ 
   
    հիւանդի»:
 
   
    Գընա՛, 
   
    լուսին, 
   
    դիւր 
   
    կ'երթաս:
  
 
   
    Լըռիկ 
   
    լուսին, 
   
    ո՞ւր 
   
    կ'երթաս…
 
   
    –«Կ'երթամ 
   
    բերել 
   
    ես 
   
    քեզի
 
   
    Յարիդ 
   
    խոստումը 
   
    կոյսի»:
 
   
    Լուսի՛ն, 
   
    լուսի՛ն, 
   
    զո՜ւր 
   
    կ'երթաս:
  
 
   
    Բերա, 
   
    28 
   
    մայիս, 
   
    1913