Այլ բանաստեղծութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԾԱՂՐԱՆԿԱՐ

Ծաղրանկարդ է։ Ես գըծեցի զայն
Դեւի ներշընչմամբ՝ երբ զիս խաբեցիր։
Ո՜վ ցասումի խաղ. ոգին հեգնութեան
Կարծես անոր մէջ կը խընդայ զազիր։

Դիմագիծդ ամբողջ ճըմըռթկեցի հոն՝
Ինչպէս օր մ՚ըրաւ ան սիրտս անձնատուր.
Արդ բիբերըդ ցից, կոպերդ լերկահոն
Ծաղրով են լեցուն, շնորհքէ թափուր։

Վարդի մը հանգոյն ճըմլուած աքացի
Տուի քեզ այտեր, ունչեր՝ միսէ գուշ.
Հաստ հաստ գիծերով դէմքըդ տափկեցի.
Արդ լիալուսին մ՚ես անոր պէս ապուշ։

Շըրթունքներըդ զոյգ կեռասներ են գէջ՝
Զառամ քերթողի մ՚ճաշակին յարմար.
Որովայնդ է մե՜ծ. մեր զատուելէն վերջ,
Ո՛վ կոյս, յըղի՜ ես դու ինծի համար։

Արդ՝ ա՛լ գոհ եմ ես, ես որ օր մ՚ըզքեզ
Կարծեցի Ժոգոնտ մը՝ կենդանացած
Վինչիի վըրձնով, կամ Եւա մ՚հրագէս
Զոր ստեղծած ըլլար իր կողէն Աստուած։

Ո՜վ յաղթանակ. ա՛լ կըրցայ զիս դիւթող
Այնքա՜ն կատարեալն՝ անկատար ընել։
Վրէժն երբ ծաղրէ (գիտցի՛ր, ո՛վ Դրժող)
Աստղիկը կըրնայ խափշիկի փոխել։